PDA

Դիտել ողջ տարբերակը : Մարդկութիւն՝ առանց սահմանի



Էջեր : [1] 2

Tigris
15.01.2010, 15:42
Նոր տարի՝ նոր թեմա: Թոյլ տուէք տամ նրան «Մարդկութիւն՝ առանց սահմանի» խորագիրը՝ «բժիշկներ առանց սահման»ի լոզունգի հետեւութեամբ:
Ինքս գրածիս չեմ հաւատում՝ Ի՜նչ մարդկութիւն, ի՜նչ առանց սահմանի... յուսանք եւ աշխատենք:

Եւրոպական Միութեան անդամ բազմաթիւ երկրներ սահման են դնում Թուրքիայի առաջ՝ ԵՄ անդամակցութեան ուղու վրայ: Մարդկութիւն՝ առանց սահմանի: Սահման՝ անմարդկութեան, սահմանել անմարդկութիւնը:



ù


Երբեմն Պուտին-Մեդվեդեվ երկուորեակի դիրքորոշումները հաւանում եմ՝ դուրըս են գալիս: Ընկեր Պուտինը, թէ՝ Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները կապ չունեն Արցախի խնդրի հետ (ես կասէի՝ փաստացի անկախութեան ճանաչման):

Մեր ռուսասիրութիւնը: Քսաներորդ դարի առաջին տասնամեակին, ցարական Ռուսիան հալածում ու բանտարկում էր հայ ազատագրական պայքարի գործիչները: Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, այդ պետութիւնն ազատ արձակեց ու զինեց նրանց՝ ստեղծելով Հայ Կամաւորական Բանակը: Հայ ժողովրդի արեւմտեան հատուածի մեծ մասի բնաջնջումից յետոյ, երբ Հայ Կամաւորների Բանակը ազատագրել էր ամայացած Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը, Ռուս բանակի հետ միասին, կազմալուծուեց՝ աւարտած համարելով նրա առաքելութիւնը: Մեր ռուսասիրութիւնը:



ù


Խաղաղապահ առաքելութիւն: Հայ զօրքը շատ է եղել Քուշանների երկրում: Օգտակար են մարզումները եւ փորձ ունենալը:



ù


«Եթէ լեզուները եւ ազգութիւնները վերանան, մարդկութիւնը կապրի խաղաղօրէն» ասուեց:
Ես ձեզ քանի՞ անձի անուն տամ, մարդիկ՝ որոնք իրենց եղբօր հետ կռուի մէջ են: Նոյն ծնողքէ ծնած եղբայրներ կամ քոյրեր, նոյն լեզուն ու սովորոյթը ունին, սակայն անհաշտ են:



ù


«Թուրքերին ատո՞ւմ ես» հարցը հնչում է: Մարդիկ՝ նախնական, պրիմիտիւ հարցեր սիրում են տալ: Ընդհանրացնելը սիրում են: «Սփիւռքահայերը միամի՞տ են» հարցը հնչեց անցեալին:
Ես ատում եմ թրքութիւնը, ա՛յն թրքութիւնը որ տեսան անմեղ մանուկները: Ես ամէն օր թուրք կը տեսնեմ գործատեղիիս մէջ՝ ի՞նչ է խնդիրը: Մենք խնդիրներ չունենք թուրքերի հետ: Նրանք ունեն:
Խնդիր ունեն՝ ի սպառ վերացնել Հայաստանը՝ նրա հետ միատեղ հայութեան մնացորդացը, որպէսզի վերջնական աւարտին հասնի բնիկների գոյութիւնը, որ նրանց յիշեցնում է իրենց ոճիրը, զաւթումները: Մեկ-երկու թուրք տեսնելով, Իստանբուլի շուկան ման գալով չեն պատկերացումներս, ինչպէս շատերինն է: Ժամանակը ցոյց թող տայ թէ՛ սխալ եմ: Եթէ սահմանը բացուի՝ Թուրքիայի փոփոխութեան մասին կարելի է մտածել՝ դրականօրէն:



ù



Զուլուները ծագել են հայերից, որովհետեւ օգտագործում են կոմպիւտեր բառը: Մենք այդ բառը, արդէն, քսան տարի է օգտագործում ենք, իր զանազան բարբառային ձեւերով՝ քոմպ, կոմպ: Կեցցէ՛ ճշմարիտ պատմաբանութիւնը:

Tigris
18.01.2010, 13:03
«Մահանա Մահմուդ»
Կիլիկեան արմատ ունեցող հայը գիտի այս թեւաւոր խօսքի իմաստը: Իր թերացումների համար անհիմն պատճառաբանող ոﬓ Մահմուդի մասին խօսքը:
Այսօր, Մահմուդը շրջափակել է փոքրիկ Հայաստանը՝ պատրուակելով իր հետ կապ չունեցող մի բան: Խորապէս վիրաւորական է այն, որ այսօրուայ բանտապահը երեկի ցեղասպանն է:
Մահմուդը երկդիմի է, կեանքում էլ դերասան. նա հանգիստ կարողանում է երկու թելի վրայ խաղալ՝ ձեւացնել արաբների բարեկամ, պաղեստինեան դատի պաշտպան, նոյն ժամանակ ամուր զինուորական-դաշնակցային յարաբերութիւն պահել, նաեւ զարգացնել, արաբների թշնամի Իսրայէլի հետ:
Նա, եթէ այսքանը կարողանում է անել, կարող է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ «բարիդրացիական» կապ հաստատել ՝ Ադրբէջանի հետ նրա ունեցած «եղբայրական» յարաբերութեան առընթեր:
Եթէ ժամանակը ցոյց տայ, որ Մահանաջի Մահմուդը չի անելու այդ, ցաւօք սրտի մեր մտահոգութիւնները արդար համարելու իրաւունք ունենալու ենք, քանի որ այդպիսով ապացուցուելու է, որ Թուրքիան ի՛նք խնդիր ունի հայերի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, եւ այդ խնդիրը ցեղասպան իթթիհադականների գործի շարունակումն է, բայց քաղաքակիրթ ձեւերով՝ շրջափակելով, զարգացումը արգելակելով:

Tigris
18.01.2010, 17:00
Անպատասխան հարցերու աշխարհ


Կ’ապրինք աշխարհի մէջ. ուզենք-չուզենք կ’առնչուինք քաղաքական դէպքերու: Այդ դէպքերը տնտեսական եւ կենցաղային ազդեցութիւն կը թողուն մեր վրայ: Հետեւաբար, կ’ուզենք հասկնալ, վերլուծել, իմանալ՝ դէպքերու ընթացքը, մեր վրայ ազդող իրադարձութիւններւ ներքին ծալքերը, դերակատարներու ինքնութիւնը, գործողութիւններու ընթացքի տրամաբանութիւնը, մարդկութեան ու խաղաղութեան թշնամիները:

29 տարի անցած է այդ օրէն, երբ Մեհմետ Ալի Աղջա անուն ահաբեկիչը կրակեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին վրայ, դէպք մը, որուն պատուիրատուն մինչեւ այսօր չբացայատուած մնաց (այս դէպքը մեզի կը յիշեցնէ ուրիշ մը, որ ազդեց):
3 տասնամեակ է հարց կու տան իրեն, թէ՝ ո՞վ դրդեց քեզ այս ոճիրը գործելու: Պատասխան չկայ, կամ մեր լսել ուզած պատասխանը չկայ:
Մինչ այդ կրակոցը, Աղջան ահաբեկած էր թուրք յայտնի լրագրող, ձախակողմեան գաղափարի կրող, Աբդի Իպեկջին, բանտարկուած ու յաջողութեամբ փախած:
Իտալիոյ մէջ բանտարկուելէ ու պատիժը ստանալէ ետք, յանձնուեցաւ Թուրքիոյ, ուր իր պատիժը շարունակելու համար դարձեալ բանտարկուեցաւ: «Սխալմամբ» մի քանի օր ազատ արձակուեցաւ, դարձեալ բանտարկուցաւ, ու այսօր ան ազատ կ’արձակուի՝ լրացնելով պատիժի միջոցը:
Ահաբեկիչէն հարցազրոյց առած լրագրողները (եւ այլք),- տարբեր առիթներով,- նշած են Աղջայի չափազանց խելացի ըլլալը, քանզի ան գիտէ յերիւրել՝ առանց կեղծիքի բացայայտման հնարաւորութեան:
Վերլուծութիւն մըն ալ թէ՝ հռչակաւոր անձ ըլլալ կը սիրէ:

Հիմա, ան պատրաստ է պատմել իր «սխրանքը» եւրոպական լրատուամիջոցի մը, որ պատրաստ է վճարել 3 միլիոն դոլար: Լրատու գործակալութիւնները մտավախութիւն ունին, որ Աղջան իրականը պիտի չի հաղորդէ, երբէք, մանաւանդ որ անոր վերջին առաջադրած թեզի համաձայն, իբրեւ թէ առաքուած մեսիա մըն է ինք: Ուստի, այդքան գումար չարժէր վճարել, ունենալու համար կեղծարարի մը «անեկդոտը», կամ անպէտք տեղեկութիւնները:
Աղջան հիմա կը մտածէ մեկ քարով երկու թռչուն որսալ: Ողջ մնալ՝ 30 տարի պահածը դարձեալ պահելով, եւ բան մը ծախել լրատուամիջոցի մը, որ մինչ այդ իր պատմածներէն աւելի հետաքրքիր ու իրական թուայ:

Յետ գրութիւն. օրին Յովհաննէս Պօղոսը Պապը այցելեց Աղջային, բանտը, ներեց զինք ու հարց տուաւ ահաբեկութեան պատճառի մասին: Աղջան ալ երբ ազատուեցաւ իտալական բանտէն, այցելեց Պապին, որ արդէն ներողամիտ եւ սուրբ անձի համբաւ վաստակած էր, եւ ներում հայցեց անորմէ՝ կատարուած դէպքի առնչութեամբ:

Tigris
23.01.2010, 18:52
Ռուսերը մեզի վերջերս շատ կը շփացնեն: Աստուած վերջը բարի ընէ:
Ամէնայն Հայոց Հայրապետը Ուղղափառ ազգերու համերաշխութեան (լաւ չլսեցի) շքանշան ստացած է: Անշուշտ ուրախանալի է եւ հպարտառիթ՝ մանաւանդ որ երկրի քաղաքական առաջին անձը ներկայ եղած է:
Չեմ գիտեր՝ Երուսաղէմի անհաճոյ դէպքե՞րն են, թէ՞ Գիւմրիի ռուսական գերեզմանի բարեկարգման դէպքն է պատճառը:
Մեկ օրէն միւսը շքանշանի չենք արժանանար: Երկար եւ փորձուած բարեկամութեան արգասիք է: Քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ կարելի է, եւ մենք՝ ոչ քաղկեդոնական Ուղղափառներս (աւելի ճիշտ՝ Առաքելականերս) վրացիներէն՝ իսկական ուղղափառներէն աւելի բարով ընդունուած ենք Բիւզանդիոնի ժառանորդ, երկգլխանի արծիւը խորհրդանիշ ընդունող կայսերական Ռուսիոյ մէջ:
----
Նախկին լրտես ընկեր Մեդվեդեվը հարիւր տոկոս հայ է, ադանացի, Բագրատեան ազգանունով՝ թէեւ այդ ազգանունը աւելի շատ արեւելահայոց յատուկ է: Ակնյայտօրէն ոչ լուրջ արտայայտութիւնը, որ ունեցած է Ռուսիոյ նախագահը (եթէ ճիշտ են լրատուամիջոցները) ունի երկու հասցէատէր: Առաջինը Թուրքիոյ ղեկավար խաւն է, որու անդամները երբեմն իրար կ’ամբաստանեն, կամ կը զրպարտեն «հայ» անուանարկումով: Միւսը, կը կարծեմ, ռուս սափրագլուխներն են: Կամ ալ, անլուրջ հարցին անլուրջ եւ դրուագահիւս պատում տալու պատրաստաբանութեամբ օժտուած է Դիմիտրի Մեդվեդեվը:
----
Այն «թիւրիմացութիւնը», որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, հիմա, չի կրնար հրաժարիլ ռուսական զօրքէ: «Թիւրիմացութիւն» է, որովհետեւ մեր երկու դրացիները՝ Ադրբէջան եւ Թուրքիա, չեն ուզեր յարաբերիլ՝ թշնամաբար տրամադրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ: Մենք պէտք է լրիւ ոչնչանայինք, կոտորուէինք, Սարդարապատ չկերտէինք, որպէսզի տարածաշրջանը իր բնական ընթացքը ունենար: Անբնական է Հայաստանի վիճակը: Աւելի անբնական են այնպիսի մարդիկ՝ հայ կամ զանզիբարցի, որոնք այս անբնական իրավիճակը անտեսելով կը պահանջեն ռուսական զօրքի հեռացումը: Զօրք մը, որ գրեթէ համալրուած է հայաստանցի տղաներով: Անբնականութեան մրցանիշ է նաեւ, երբ այս անբնականութեան համար կը մեղադրեն Հայ ժողովուրդը: Մենք, մարդավարի ապրելու ձգտում պէտք չէ ունենայինք Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, Սեֆիան Իրանի մէջ, եւ ստրկութեան շղթան մեր վզին՝ քիչ-քիչ պէտք է ուծանայինք, պարբերաբար կոտորուէինք, կրօնափոխուէինք, հայրենազրկուէինք: «Թիւրիմացութիւն» էր մարդավայել կեանք ապրելու հայկական ազատագրական պայքարի նպատակը. «թիւրիմացութիւն» է անկախ պետութիւն ստեղծելու դաշնակ շուներու աւանտիւրիստական եւ իմպերիալիստական ակտը...
Մեր ռուսամէտութիւնը կախեալ է մեր կամքէն եւ Հայաստանի վիճակէն, որ սակայն կախեալ չէ մեր կամքէն: Ինչպէս ըսի. մեր գոյութիւնը «թիւրիմացութիւն» է, հրաշք է, եւ այդ հրաշքը պէտք է ապրի:
Երբ որ ան իր թաթը վերցնէ, այդ ժամանակ շատ բան կը վերանայ: Բացը գոցող կրնայ չգտնուիլ՝ մանաւանդ որ՝ «Ամերիկեան նաւերը թերեւս չկրնան Արարատ բարձրանալ», Միջերկրականի ջուրը տաք է եւ բաց աշխարհին:
*---*
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը որոշած է դեսպանատուն բանալ Ստեփանակերտի մէջ՝ նշանակելով Ալի Ռըզա Խորդադ անունով մեկը:
Կը ցաւիմ, որ Ապրիլի մեկը չէ:
Միամիտ ենք, եթէ կը կարծենք Իրանը չունի Արցախեան քաղաքականութիւն: Արցախը, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ այժմ Ադրբէջան կոչուող պետութենէն բացի ունի դրացի մը եւս. այդ Իրանն է, որ Ազատ եւ Անկախ Արցախին կից է՝ Մեծ Հայքի Վասպուրական եւ Փայտակարան նահանգներուն մաս կազմած եւ այժմ Իրանին պատկանող տարբեր Իրանեան գաւառներով:
Իրանը երբէք պիտի չի ուզեր, ոչ-տարածաշրջանային զինուորական ուժի մը գոյութիւնը իր գլուխին վրայ: Երկու կողմը արդէն կան իրեն համար ոչ այնքան բարեհամբոյր Նատոյական կամ Ամերիկեան զօրքեր, երրորդ կողմը պիտի չի ուզեր ըլլան:
Այսինքն, խաղաղութիւնը վերջնական դարձնելու, պահպանելու համար, Արցախի շուրջը, Իրանը համամիտ չէ ոչ-տարածաշրջանային խաղաղապահ զօրքի տեղակայումը՝ որ բնական շարունակութիւնը կ’ըլլայ ոչ-տարածաշրջանային միջնորդութեան մը: Այլ խօսքով՝ նախընտրելի է այսպէս՝ ոչ-խաղաղութիւն-ոչ-պատերազմ դրութիւնը պահել, քան թէ դուրսէն մարդիկ քան եւ Իրանը հիւսիսէն շրջապատէն: Անշուշտ, Ռուսիան Իրանի բառապաշարին մէջ ոչ-տարածաշրջանային երկիր չէ:
Կասկածէ վեր է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը փափագի Արցախի գծով տարաձայնութեան վերացումը, եւ խնդրի վերջնական լուծումը:
Իրանի ղեկավարութիւնը, կը կարծեմ, աչքով կը տեսնէ, ակաջով կը լսէ, ձեռքով կը շօշափէ Թուրքիայի ադրբէջանամէտ թուրանական քաղաքականութիւնը: Հետեւաբար՝ «տարածաշրջանային» լուծում մը, որու մասին ակնարկ եղաւ Ն. Նախագահ Քոչարեանի այցի ժամանակ, շատ հեռու է, եթէ անտեսանելի է չըպիտի ըսենք:

Ուրեմն՝ եթէ տարածաշրջանային երկու հզօր երկիրներու շահերը կը պահանջեն պահել իրադրութիւնը ինչպէս որ է, այդպէս ալ կ’ըլլայ:
---
Օրուայ պատգամը՝
Երբէք չասէք «թուրքերին ատում եմ», սակայն ինչքան ուզում էք ասէք՝ «իշխանութիւններին ատում եմ»:

Tigris
04.02.2010, 10:49
Որքան շատ կը գրեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող քրէական տարրերու, փտածութեան եւ պաշտօնական դիրքի չարաշահման մասին: Երեկ գրեցի՝ սերեալներներն էին դրդապատճառը:
Աչքի գերանը չտեսած ուրիշի աչքի փուշը նկատել է այս: Ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուր կայ ազատ կամ կիսազատ մամուլ, հրապարակայնութիւն, ժողովրդավարութիւն, Սփիւռքի տարածքին, աւանդական, չկայ այդպիսի բան: Ամէն ինչ փակ է, ներամփոփ, մէջ-մէջի: Իհարկէ կայ մամուլ, սակայն կուսակցական է, որտեղ կարելի չէ տառ տառի կողքին շարել, բառ կազմել, բառերով նախադասութիւն կազմել եւ հրապարակել: Կուսակցութիւնները՝ քաղաքական ու կրօնական կազմակերպութիւները իրար գործին չեն խառնուիր, լռելեայն համաձայնութեամբ՝ ամէն կողմ իր զանգուածով կզբաղի: Ըսելու համար, որ մեկը միւսին ալ չի քննադատեր, որպէսզի ազատ մամուլի չգոյութեան բացը լրացուի: Եւ որմնադիրներ:

Tigris
04.02.2010, 12:56
Ինքնապաշտպանութիւնը ազգայնականութիւն եւ ծայրայեղականութիւն չէ
Մի քանի տարի առաջ՝ տարիներ ի վեր, հայկական ֆորումներու, օրաթերթերու եւ այլ լրատու միջոցներով կը բարձրաձայնուէր Թուրքիայի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւն հաստատելու անհրաժեշտութեան մասին, եւ թէ՝ անիրական է «ազգայնական» հայերու հնչեցուցած պահանջները՝ Հայ Դատ, Ցեղասպանութիւն, կորուսեալ հայրենիք եւ այլ «մանրուքներ»:
«Ռէալ պոլիտիկի» հետեւորդները կը քննադատէին ազգայնականները, այն բանի համար, որ անիրապաշտութեան պատճառով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը զրկուի իր արեւմտեան դրացիին հետ յարաբերութիւն մշակելէ՝ բան մը որ օր մը պիտի հասցնէ աւելի արեւմուտք, Եւրոպա, այդ համայնքին Թուրքիայի անդամակցութեամբ, որուն դէմ չեն, չէին, ռէալ պոլիտիկի հետեւորդները՝ տարբեր քաղաքական գունաւորումներէն:
Կուզեմ գաղտնիք մը բացայայտել քնացած մնացածներուն, կամ քունը սիրողներուն: Թուրքիան թշնամի է, այսինքն՝ դուշման, այլ խօսքով՝ enemy, այնքան ժամանակ, որ հայերը խմբուած են ու կազմակերպուած կառոյց ունին (պետութիւն, երկիր, քաղաքական կուսակցութիւն): Անհայրենիք հայ անձերու հետ խնդիր չունի Թուրքիան:
Հայերը՝ իշխանութիւնն ու ընդդիմութեան զգալի հատուածը, անիրական համարելով «ազգայնականներու» անիրականանալի պահանջները, փորձեցին փորձել՝ հազար անգամ փորձուածը անտեսելով, ու Թուրքիայի բերանը լեզու դնելով: Նախապէս ըսածներուս մեծ մասը ճիշտ դուրս եկաւ: «Նախապայմաններ չունինք» ըսինք ու հիմա, Թուրքիան, փոխանակ հայերէն պահանջելու մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, մոռնալ Սեւրը, կը պահանջեն մոռնալ Արցախը: Մենք Թուրքիայի գործը դիւրացուցինք, «արձանագրութիւններով» ցոյց տալով, որ մենք կրնանք պայման չդնել Թուրքիայի առջեւ, կրնանք մոռնալ մեր իրաւունքները՝ յանուն սահանի բացման եւ յանուն դեսպաններու փոխանակման: Կրկնեմ՝ ազնւութիւննիս ցոյց տալով զինք ազնուացնել կարելի չէ, չեղաւ, ընդհակառակը՝ աւելի լկտիացած է, ու իր տան գործին պէս, կարծես իր խոհանոցի խնդիրներն են, թեւերը սոթթելով մտած է Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը ջնջելու, ինչպէս ժամանակին ջնջեց իր քաղաքացի հայերը:
Հայաստանի քաղաքական դաշտի, քաղաքական մտածելակերպի ապիկարութեան պատճառներէն կարեւոր մեկն է խորհրդային կոմունիստական տասնամեակներու քարոզչութիւնը, խորհրդահայ կողմնակալ պատմագրութիւնը, որ ոչ ճշգրիտ եղաւ, եւ ոչ միշտ արդարացի եղաւ, պատմական դէպքերու եւ դէմքերու նկարագրման գործին մէջ: Արդիւնքով՝ խորհրդահայ կրթութեամբ դաստիարակուած այժմու քաղաքական գործիչները, ովքեր կը հաւատան վերոգրեալ «իրապաշտ քաղաքականութեան», ունեցան հետեւեալ համոզումը.—
Իրողապէս կարելի էր լաւ լինել թուրքերի հետ, խնդիր յարուցողները ազգայնականներն են եղել, կամ ռուսական, ֆրանսիական, բրիտանական, մասոնական եւ տունգուս-մանչուրական գաղտնի գործակալները:
Ինչպէս կըսուի միշտ՝ վտանգաւոր է այն կեղծիքը, որու մէջ ճշմարտութեան բաժին կայ՝ թէկուզ փոքր: Հետեւաբար կը մտածեն՝
-Նոր էջ պէտք է բանալ թուրքերի հետ, նոր սկիզբ դնել, ազգայնականների սխալները չկրկնել, «Ծովից Ծով Հայաստան» չպահանջել, եսիմինչ չանել, Արարատի պատկերը հանել, Ծիծեռնակի բերդը մթնացնել, եւ այլն եւ այլն:
Այս ամէնը եղաւ, ըրինք, թուրքը մարդ չեղաւ:
Թուրքը հաւատարիմ մնաց իր պահանջներուն, մենք հաւատարիմ չմնացինք մեր պահանջներուն: Թուրքը կը հաւատացնէ իր հաստամտութեամբ եւ հաստատակամութեամբ, մենք այլեւս չենք հաւատացնէր, այլեւ չենք հաւատար մեր իսկ հաւատամքին, «շնորհիւ»՝ մեր լպրծունութեան եւ զիջելու, «մարդ դառնալու» մեր պատրաստակամութան: Մնացինք կարօտ, գեր, գէր ու նիհար պետութիւններու բարեացակամութեան, որ գուցէ համոզեն յարգարժան թուրք պետութիւնը՝ բանալու բանտի դուռը:
Թուրքական առած՝ Հայու վերջին խելքը ունենայի

Tigris
08.02.2010, 17:27
Հանճարեղ բաներ եմ գրում, վերջին մի քանի օրերում, ու այդ «հանճարեղ» բաներից շատ շուտ յոգնելով ջնջում եմ, նախքան ֆորումում արձանագրելս: Ընթերցողս, ինքս ինձանից ձանձրացել եմ, միթէ՞ դու ինձանից չես ձանձրացել:
Մինչեւ ցնոր հանդիպում:

Tigris
13.02.2010, 18:22
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լոնդոնեան ճառից յետոյ Ադրբէջան կոչուածի արտգործնախ-ից պատասխան է տրուել: Առաջին նախադասութիւնը կարդացի, թէ՝ «Ադրբէջանը չի կարող 15-20 տարի եւս սպասել»: Մնացեալը չտեսայ՝ անկապութեան պատճառով:
Ինչի՞ն չի կարող սպասել: Հայերը կոտորելո՞ւն, բնիկ հայկական տարածքը հայաթափելո՞ւն: Մի սպասէք յարգարժան հարեւաներ: Արի՛ք բարեկամանանք, ու կտեսնենք թէ որքան փուճ է աշխարհի բանը՝ սա իմն է, սա քոնն է: Հող շատ ունէք, բնական հարստութիւն՝ շատ-շատ. ձեր ժողովրդին կարող էք կերակրել, հանգիստ ապրեցնել, երկրին զարգացում պարգեւել: Միայն թէ իմանայիք՝ թէ որքա՜ն աշխարհը ընդհանրապէս, եւ տարածաշրջանը մասնաւորապէս, աւելի ապրելիք տեղ կլինէր, եթէ հրաժարէիք ձեր պանթուրանական ցնորքներից ու գաղափարներից:

Նախագահի ելոյթը շատ-շատ հաւանեցի: Լաւ է՝ որ Մասիս լեռան սարին հանգրուանած Նոյի տապանի մասին չհնչեց: Թագուհին խորհրդանիշ է, այդ պատճառով, թւում է, նրա անունը տառադարձուել է «աստուածաշնչեան» քարացած, դասական հնչիւնաբանութեան կարգով: Եղիսաբեթ: Թէ Դշխուն լինէր՝ ի՛նչ:
Բայց Տիկին Կարոլայն-Քերոլայնի անունը տառադարձւում է, այնպէս, որ արտասանում են անգլերը, կամ անգլիացիները, մարդիկ:
Ես, Տիկին Կարոլինի պատուին յոտնկայս կսպասեմ ժամերով...: Նա ամենադժուարին տարիներին սիրտ տուեց՝ տարածքում ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան լոյսի ջահակիրներին պարտադրուած պատերազմում:

Հայ-ֆրանսիական զինուորական համաձայնագիրը վրդովեցրել է Զրադաշտ Ալիզադէին, որ յայտնի է իր չափաւորական դիրքորոշումներով: Հայերից մի՛ վախեցիր Զարդուշտ: Վախեցի՛ր քո ազգի վայրագ բնաւորութիւնից, վախեցիր՝ նուաճելու, տիրելու, արիւն հեղելու ազգակիցներիդ բնոյթից, որ լաւ բան չի խոստանում քեզ, քո ազգին եւ ամէնայն մարդկանց:

Հայաստանեան քաղաքականութեան ձայնը լսւում է մեկ Դէր Զօրից, մեկ Լոնդոնից ու Մոսկովից, Թեհրանից, Վաշինգտոնից ու Կոստանդնուպոլսից: Թւում է աշխոյժ, համարձակ ու գործօն մասնակցութիւն կայ ամենուրէք: Թւում է գերտէրութիւնները ուշադիր են Հայաստանի ու Հայ ժողովրդի հանդէպ: Կրկնեմ՝ թւում է: Յուսամք այդպէս է:
Մենք մարդ ենք. մարդը բանական ու ասուն կենդանի է: Մարդը ունի յիշողութիւն: Յիշողութիւնն օգնում է (ոչ միշտ) չընկնելու նոյն ծուղակը, չգործելու նոյն սխալը:
Օրինակ՝ մեր յիշողութիւնը օգնում է մեզ՝ յիշելու, որ այս եւրոպացի ու տարբեր տեղացի մեր դաշնակիցները քացի են տուել ի մեզ, բազմաթիւ անգամ եւ իրերայաջորդ առիթներով: Այդ քացիներից մենք գլխիվայր ընկել ենք: Դա եղել է ամէն անգամ, երբ իրար հետ համաձայն չեն եղել, իրենք, եւրոպացիք, եւ երբ թուրքը խոստացել է նրանց զիջումներ, հայերին խորտակելու ու պանթուրանական ծրագիրների իրականացման ուղում մի քայլ եւս առնելու համար:

"Ասպետական Սեւ Սատանայ" անուանեց հայը, ֆրանսիային, երբ տակաւին մի քանի տարի առաջ «դաշնակից» էր ու օգնում էր նրան, Տէր Զօրից ու արաբական անապատներից մի կերպ ազատելով՝ գրաւելու նախկին «Օսմանեան» երկրները:
Եւրոպական քաղաքականութիւնը նման է հանրային կնոջ, որ մի օր աստ, ու մի օր անտ է օթեւանում: Բայց նա անհամեմատելի ազնիւ ու բարոյական է եւրոպական քաղաքականութիւնից, վասնզի նրա դէմքը բացայայտ է, մենք ճանաչում են նրան, ու ի հարկին գնահատում՝ նրա բարձրարուեստ ու անթաքոյց ինքորոշումը:
Ամէն դէպքում, Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներից երկուսի հետ փոխօգնութեան ռազմական համաձայնագիր ունենալու փաստը ինքնին ուրախանալի է: Բայց մենք չպէտք է հանգիստ զգանք ու տրուենք ծուլութեան ամպի քուլաներին՝ օրօրուելով ծաւի, պայծառ եթերում:
Պատմութիւնը մեզ յուշում է, որ թշնամին գիտէ սպասել, երկար, ինչպէս բորենու վոհմակը համբերատար սպասում է ծառի վրայ թառած եւ իր ազատութիւնն ու կեանքը վաստակած յովազին: Այդ սպասողական վիճակը ոմանց կարող է թուալ խաղաղութիւն:
Ծովերից այն կողմ բարեամներ ունենալը լաւ է: Աւելի լաւ է բլուրներից այն կողմ բարեկամ ունենալը: Երբ չկար քրիստոնէութիւն ու մահմեդականութիւն, Հայաստանը սթափեց ու ինքնահաստատուեց շնորհիւ իր եւ Հարաւ արեւելեան հարեւանի հետ միջեւ գոյացած համաձայնութեան: Հայ-իրանական առաջին դաշինքն էր դա: Մեզ աւելի է հետաքրքրում երբեմնի Սարմատիայի, իմա՝ Ռուսաստանի դիրքորոշումը: Եւ եթէ մենք այսօր ունենք Արցախ, դա ռուսների չեզոքութեան շնորհիւ է:Գուցէ բառի ընտրութիւնը թերի է, սակայն բոլորս գիտենք, նոյնիսկ քաղաքականութիւնից բան չհասկացողս, որ եթէ ռուսները ուզեն, կարող են Հայաստանին պարտադրել օրհասական զիջումներ: Ուրեմն՝ պայմանների ու ժամանակի հրամայականն է, որ հայերս պարտադրուած ենք պարտադրել մեր երկու հարեւաններին, Ռուսիային ու Իրանին ՝ եթէ ոչ հայամէտութիւն, ապա գոնէ անկողմնակալութիւն:
Մեր պարսիկ համշահրիները, կամ համաշխարհացիները, յոյժ գիտեն թուրանականութեան մասին: Նրանց բարձրաստիճան քաղաքագէտների ու դիւանագէտների յիշողութիւնից ջնջուած պէտք չէ լինի այն, որ ինքզինք Պահլաւի համարողը Շահը Թուրքիային զիջեց Նախիջեւանի հետ սահանագիծ՝ տալով նրան այն, որ չունէր, սահման՝ Ադրբէջանի Սովետական Սոցիալիստական Ռեսպուբլիկայի հետ [Հաւանաբար Արեւմուտքի հակասովետական ուժերի թելադրանքով]:
Անշուշտ՝ Թուրքիան չէր կարող միջամտել Սովետ Միութեան ներքին գործերին, բայց յոյս ունէր, որ մի օր դա անելու հնարաւորութիւն կունենայ: Եւ այդ եղաւ, երբ նոյն հակասովետական Արեւմուտքի ջանքով, կամ մասնակցութեամբ, Սովետ Միութիւնը անցեալ կատարեալ եղաւ:Յովազն ընկաւ վայր. նրան շալակող ճիւղը կոտրուեց: Նախիջեւանըհիմա, փաստօրէն, արտաքին աշխարհի հետ յարաբերում է շնորհիւ Թուրքիայի եւ Իրանի:
Իրանը քաջ գիտակցում է, իսկ եթէ չի գիտակցում՝ պէտք է գիտակցի, որ կեղծանուն Ադրբէջանն ու Թուրքիան աշխատելու են մի օր թուրքացնել Բուն Ադրբէջանի, այն է՝ Ատրպատականի թուրքալեզու ժողովրդին, ովքեր աւելի շատ Իրանցի են զգում, քան թուրք: Կեղծանուն Ադրբէջանի թուրքականութիւնը նպաստում է Իրանի չեզոքութեանը՝ Արցախի կապակցութեամբ: Մինչ եթէ Բաքուի վարիչները լինէին այլ, գուցէ Իրանը լինէր այլ՝ հանդէպ Հայաստանի ու Արցախի:

Ուզում են խառնել Իրանը՝ պատրուակելով ուրանը: Հռոմէական արժէքների կրող հոլիվուդեան Արեւմուտքը, իր ժողովրդավարութիւնը չի կարող կիրառելի անել Իրանեան բարձրավանդակում: Դա չկարողացաւ անել Ալեքսանդրը՝ Մակեդոնացին: Չինաստանի չկիրառեց սովետական կոմունիզմը, ու յաջողեցաւ տնտեսական զարգացման մէջ: Իրանը կարող է ունենալ ի՛ր ժողովրդավարութիւնը, որ բխում է իր ազգային ու պետական շահերից: Թերեւս արժէ յիշել հայ եւ ադրբէջանցի (պարսիկ ատրպատականցի եւ թուրքախօս ատրպատականցի) յեղափոխականների փորձը՝ Իրանեան ժողովրդավարութեան եւ սահմանադրական կարգի հաստատման գործում, որ վերջ տուեց Շահի միապետութեան: Մինչեւ այսօր այդ կարգն է գործում եւ այդ օրերի պայքարի ժողովրդավարական պտուղն է վայելում Իրանը, որ ունի Զրադաշտական, Մովսիսական, Հայ եւ Ասորի պատգամաւորներ՝ Իրանի Ազգային ժողովում:
Իրանեան Սահմանադրութիւնը չծնեց այնպիսի մի վարչակարգ, ինչպիսին ծնեց Օսմանեան Սահմանադրութիւնը: Իրանում ի յայտ չեկաւ Իթթիհադ եւ Թերաքքի: Իրանեան սահմանադրութեամբ Հայկական Ցեղասպանութիւն չսեւագործուեց Իրանում, մինչ Օսմանեան սահմանադրութեամբ, անուղղակիօրէն, սեւագործուեց Հայկական Ցեղասպանութիւն: Սրանից մեկնելով հասկանում ենք, որ բնիկ իրանցին այլամերժ չէ, ինչքան միւսը, որ մինչ այսօր դժուարանում է ընդունել իր զինակից սուննի Քուրդը՝ նրա լեզուն, նրա ազգային զարթօնքը, նրա ինքնաճանաչումը եւ այդ ճանաչումով ճանաչուել ուզելը: Իրանի աշխարհագրութեան մաս է կազմում Քուրդեստան նահանգը, եւ այդպէս է առանց քրդական քաղաքական պահանջքի: Մինչ Թուրքիայում, մինչեւ այսօր, 301-եան ոճիրի համազօր ոճիր է Քիւրդիստան անունով կոչելը՝ Թուրքիայի արեւելեան նահանգները: Իհարկէ՝ «Թուրքերը փափկանկատօրէն խնայում են մեզ» ասելը սուր երգիծանքի փայլատակում կլինի:

Իրանը հետաքրքիր երկիր է: Մուսուլմանական, սակայն ջրի պէս հոսում է գինին Շիրազում. Մահմեդական, սակայն կինը ցոյց է տալիս իր մազի փունջը տիւ-ցերեկով. Իսլամական, սակայն մազդէզական կրակը բոցավառւում է Սասանեան սրբավայրերում՝ հիմա: Այսպիսի բան չի կարող լինել Թալիբների Քաբուլում, կամ Վահաբիների երկրում (ասենք):

Կարո՞ղ էք պատկերացնել, թէ որքա՜ն անտանելի կլինի Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը, եթէ Իրանը իսկապէս անկառավարելի երկիր դառնայ, Սիոնական շրջանակների ձեռնհասութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բարձրաստիճան այրերի շրջագայութիւնը, իհարկէ, չի կարելի վերագրել մերոնց բացառիկութեանը: Դրան նպաստում է Էրդողանի, ու նրա նմանների հակասիոնական վարքագծով: Մարդիկ՝ ովքեր քաղաքական դրամագլուխ են կուտակել, տարիների ընթացքում, գլխաշորորոշումային լոզունգներով ու դիրքորոշումներով: Այնուհանդերձ, սրանց հակադրուելով՝ ճիշտ չի լինի հակառակ ճամբարի մանկլաւիկը դառնալ:

Հայաստանում բոլորը հաշտ պէտք է լինեն՝ Արեւելքը, Արեւմուտքը եւ կողմնացուցային բոլոր ուժերը: Որեւէ գերտէրութիւն չպէտք է Հայաստանը իր խաղում շախմատի զինուոր դարձնի: Դա կլինի Հայաստանի վերջը:
Ի վերջոյ, բոլորը պէտք է հասկանան, որ պանթուրանիզմը իսկական վտանգ է ներկայացնում, իր տարբեր գունային ենթամասերով, ո՛չ միայն Իրանին եւ Ռուսիային, այլեւ «հակաահաբեկչական» պայքար մղող Արեւմուտքին:
Հայաստանը հակաթուրանական պայքարի առաջատարն է՝ միաւորելով աշխարհը:
Այս առթիւ յոյժ կարեւոր է բարեկամանալ եւ ուժեղ կապեր հաստատել բուն թուրքական երկրների հետ, օրինակ՝ Ղազախստանի, որի հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դաշնակից է ՀԱՊԿ-ում: Շատ կարեւոր է Իսլամական երկրների հետ հասկացութեան գալը, գործակցելը: Եգիպտոսի եւ Սիրիայի նման երկրների հետ Հայաստանը օրինակելի յարաբերութեան մէջ է:
Ուրեմն՝ ինչու ոմանք, հայախօսներ, փորձում էին համոզել մեզ, որ Հայաստանը աշխարհին հակադրւում է, եւ չունի բարեկամ, եւայլն: Փաստօրէն, Հայաստանը այն հազուագիւտ երկրներից է, որը լաւ յարաբերութիւն ունի թէ՛ Արեւելքի եւ հա՛մ Արեւմուտքի հետ: Բացառութիւն են՝ Թուրքիա, Ադրբէջան, ՈՐՈՆՔ ՀԱԿԱԴՐՒՈՒՄ ԵՆ Հայ ժողովրդին ու Հայաստանի Հանրապետութեանը, քանի որ նստած են նրանց տանը, ու տանտէրը յիշում է՝ յիշողութեան կորուստ չունի, քանզի նրան անընդհատ յիշեցնում են՝ շրջափակելով, սպառնալով, կացնահարելով, հայհոյելով, խաչքար ջարդելով:

Tigris
15.02.2010, 15:02
H2O



Աբդուլ Համիդ համար երկուսի մասին ֆիլմ է պատրաստւում Եգիպտոսում: Այդ երկիրը Համիդից փախչող արաբ մտաւորականների համար ապաստան է եղել, որտեղ հրատարակել են իրենց թերթերը, գրքերը, ունեցել են իրենց քաղաքական գործունէութիւնը:
Եգիպտոսը ձեւականօրէն Օսմանեան, սակայն իրողապէս բրիտանացիների հովանաւորութիւնը վայելող ալբանացի խդիւների (եգիպտացի թագաւորների) իշխանութեան ներքոյ է եղել: Այդ թագաւորական տան հիմնադիր Մուհամմեդ Ալին պիտի կործանէր Սուլթանական Թուրքիան, հասած էր Պոլիսի դռները, սակայն նոյն եւրոպացիները, ովքեր տնտեսական ու դրամատնային շահեր ունէին Թուրքիայում, պաշտպանեցին նրան:
Մուհամմեդ Ալին արդի Եգիպտոսի հիմնադիրն է: Ինքզինք շրջապատել էր հայ, յոյն, ֆրանսիացի, իտալացի, եգիպտացի ու Սիրիացի-Լիբանանցի արաբ քաղաքական ու մշակութային գործիչներով: Եգիպտոսում զօրեղ հայկական համայնքի առկայութիւնը, մինչեւ վերջերս, այդ թագաւորական տան վարչակարգի տարիներին է պարտական:
Արաբ գրականութեան մէջ, կրթական ծրագրերում, իրերն ու դէմքերը կոչւում են իրենց անուններով: Նոյնիսկ Թուրքիայում, ընկերվարականների ու ձախակողմեանների շրջապատում, Աբդուլ Համիդը արեան կարմրի հետ է առնչւում: Նա կազմեց «Համիդիէ» քրդական գնդերը, իր իշխանութիւնը անսասան պահելու համար, ու կոտորեց քառորդ միլիոնից աւելի հայեր՝ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերում:
Համիդը պատկանում է այն իշխանաւորների դասին, ովքեր վախենում են իրենց շուաքից՝ իշխանութիւնը կորցնելու մտահոգութեամբ: Նա խստիւ արգելեց օգտագործել Ազատութիւն, Հայաստան բառերը, մամուլով, նոյնիսկ քիմիագիտութեան դասագրքերից վերցնել տուաւ ջրի քիմիական բաղադրութիւնը նշող H2O համառոտագրութիւնը, որը կարծում էր «համիդ երկու = զրո» է նշանակում:
Արաբական Թերակղզու երկրները, Յորդանանը, Իրաքն ու Սիրիան երկրներ լինելու կարգավիճակ ստացան շնորհիւ Բրիտանիայի, որ Ֆրանսիայի հետ միատեղ նուաճեց Օսմանեան այդ նահանգները ու սահմաններ գծելով՝ ապագայ արաբական անկախ երկրների համար պայմաններ ստեղծեց:
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, արաբ Հաշիմեան իշխանները հիասթափուեցին անգլիացիներից, քանի որ այն անկախութիւնը, որ խոստացուել նրանց, արաբական ապստամբութեան նախօրէին, ի չիք էր դարձել, դեռ մի բան էլ աւելին, արաբական Պաղեստինում հրեայ գաղթականների հոսք էր իրականացւում, պաղեստինցի բնակիչներ էին կոտորւում:
Այնումենայնիւ թրքական տիրապետութիւնը արաբական երկրներում յիշում են որպէս դաժան ու յետադիմական տարիներ, երբ հալածւում էին լոյսն ու զարգացումը, ազատութիւնն ու մարդկային տարրական իրաւունքները: Իսկ Իթթիհադի տարիները յիշատակւում են որպէս թրքացման տարիներ, երբ հալածւում էին արաբերէնն ու արաբական ինքնութիւնը

Այս ամէնով հանդերձ, օսմանցիութեան հանդէպ համակրանքի հովեր է թեւածում, թրքասիրութեան սաղմեր են պատրաստւում արաբական ժողովրդային մակարդակով՝ նրա մտածողութեան տարածքներում: Պատճառը՝ Պաղեստինում ամէն օր իրաւազրկուող ժողովուրդի անպաշտպանութիւնն է, որի պաշտպանութիւնը կարծես ստանձնել է վերջերս, Թուրքիայի իշխող վարչակարգը: Արաբ մի շարք վարչակարգեր, չեն կարողանում պաշտպանել պաղեստինցիերը, ու դիմադարձել Հրէական պետութեան. չեն բաւարարում արաբ զանգուածների տասնամեակներ շարունակ կուտակուած զայրոյթի լիցքաթափումը: Ինչպէս գիտենք, ամէն ինչ սեւ ու սպիտակ չէ, նաեւ Աբդուլ Համիդ երկրորդի կերպարը, որ պաղեստինցիների համար հերոսական է: Քանի որ նա, լինելով Իսլամների խալիփ, կրօնական պատճառաբանութեամբ մերժեց սիոնականների առաջարկը, որ Պաղեստինում հրեաներին հող վաճառելն էր: Ինչպէս գիտենք, Երուսաղէմի Ակսա մզկիթը իսլամական երեք սրբութիւններից մեկն է համարւում, ու նրա տարածքին է վերագրւում 1940 տարի առաջ քանդուած Սողոմոնի տաճարի վայրը:
Այդուհանդերձ, Թէոդոր Հերծելն ու նրա ընկերները կարողացան, մեծ դրամական գումարների շնորհիւ, որոշ կալուածներ գնել ու փոքրաթիւ հրեաներ բնակեցնել Պաղեստինում:

Ծրագիրը առաջ չէր ընթանում: Պէտք էր կործանել կայսրութիւնը Օսմանեան: Կայսրութիւնը կործանեցին Իթթիհադականները՝ պարտուած եւրոպական Թուրքիայի «երիտասարդ թուրքերը», կամ սելանիկցիները՝ Թեսաղոնիկէի մասոնական օթեակի հետ սերտ համագործակցութեամբ: Կայսրութեան կործանումը, բաժան-բաժան դառնալը միայն կարող էր նպաստաւոր պայման ստեղծել՝ Պաղեստինում հրէական պետութիւն ոչինչից ստեղծելու համար:
Ծրագիրներ կան, եղել են, որոնց համար գործակցել են բազմաթիւ ու տարաբնոյթ ուժեր, սակայն ոչ բոլորը համարժէք օգտուել են այդ ծրագիրների հետեւանքից: Չարն են քաղել:

Ուրեմն՝ թուրք օսմանցի Աբդուլ Համիդը, հայաստանցի քուրդ Սալահուդդինի նման, Երուսաղէմի իսլամական աստուածապարգեւ հողը պաշտպանողի համբաւ ունի:

Tigris
15.02.2010, 17:34
,,,,Մարդասպանութիւնը ընդհանրապէս երկու կարգի է լինում՝ ինքնապաշտանական եւ կանխամտածուած:
Կանխամտածուած մարդասպանութեան ծանրագոյն պարագան է հաւաքական ջարդը: Այդպիսի ջարդեր գործողներ, ինչպիսին է Թիմուրլենկը (http://www.dnforum.am/showpost.php?p=14781&postcount=3), ունի շիրիմ՝ փառաւոր ուխատեղի (http://asianhistory.about.com/b/2008/07/02/wordless-wednesday-tamerlanes-tomb-before-and-after.htm), եւ ի պատուի է Ուզբեկստանում: Այդ երկիրն այցելողին, նաեւ զբօսաշրջային հաղորդումներում, պարծանքով ցոյց են տալիս «աշխարհակալ» այդ ճիւաղի գերեզմանը:
Ամէն ազգ իր յատկութեամբ կը հպարտանայ: Ազգերի միջեւ խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն հաստատելիս, աչքերը պէտք է փակել Թիմուրի գերեզմանի կողքով անցնելիս:
Հայ-թուրք յարաբերութեան գալով: Մենք չենք կարող նրանց յարգել՝ յարգելով նրանց ցեղասպանները, աբդուլհամիդները, թալեաթները:

Tigris
16.02.2010, 14:30
Հայ-թուրք յարաբերութեան գործում Ամերիկայի գործը, տիկին Կլինտոնի առաքելութիւնը, հետզհետէ դժուարանալու է, քանզի հիմա, Իրանի հանդէպ պատժամիջոցներ կիրառելու համար ԱՄՆ պէտք ունի Թուրքիայի աջակցութեանը, ինչը շատ աւելի կարեւոր է, քան հայ ժողովուրդի իրաւունքները, ինչպէս միշտ եղել է:

ԱՄՆ, Ռուսիան եւ միւս տէրութիւնները չեն կարողանում համոզել ամբարիշտին, որ Հայ-թուրք յարաբերութիւնը եւ հայ-թուրք բաց սահմանի խնդիրը կապ չունին Ազատ Արցախը կեղծանուն Ադրբէջանի զոհասեղանին դնելու հետ:
Որքա՜ն վստահելի են սոյն միջնորդները, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ ներկայացնում են իրենց պետական, քաղաքական եւ տնտեսական կազմակերպութիւնների շահերը:

Էրդողանի Թուրքիան «կոտրելը» հեշտ չի թւում, ու պատմութիւնը ցոյց է տուել, որ Իրաքի վերջին պատերազմում, այս Թուրքիան. նատոյական դաշնակցի նման չի վարուել ԱՄՆ-ի հանդէպ, ու իր վրայ պարտք դրուած Ամերիկեան յանձնառութիւնները չի կատարել: ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները գերտէրութիւն-փոքրտէրութիւն յարաբերութիւն լինելուց աւելի՝ երկու մրցակից պետութեան յարաբերութիւն է յիշեցնում:
Այսինքն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ամերիկեան խնդիրների համար իսկ, երբեմն, չի կարողանում միջնորդ հանդիսանալ Թուրքիայում, ու իր քաղաքականութիւնը պարտադրել նրան, էլ ի՜նչ պիտի պարտադրէ հայ-թուրք յարաբերութեան նման կնճռոտ խնդրի համար: Ասացի, որպէսզի շատ յոյս չտածուի Ամերիկեան «հրաշքին»:
Շվեյցարեան զգաց գործի՝ իր «գլուխից» մեծ լինելը, ու որոշեց վերադառնալ ժամագործութեան:
Յանձինը Էրդողանի, գործ ունենք մի օսմանցու, որն ինքզինք կարծում է Սուլթան Սուլեյման, եւ ոչ թէ Սուլթան Վահդեդդին:

Ամերիկայի հակաիրանեան գործունէութիւնը, ինքնաբերաբար, իրար են մօտեցնելու Թուրքիան եւ Իրանը: Վերջին 20 տարիներում աշխարհի խաղաղութիւնը խանգարողը ԱՄՆ է եղել: Նա, որպէս գերտէրութիւն, ոչ միայն չի խաղաղեցրել աշխարհն ու հակամարտող կողմերը, այլեւ կողմնակալ քաղաքականութեամբ, անարդարութեան սերմեր է ցանել Բալկաններից մինչեւ Միջին Արեւելք:

Տնտեսական ճգնաժամը, որը հարեց աշխարհի բնակիչներիս, ԱՄՆ-ի անբարոյական դրամատիրութեանը եւ անհարկի պատերազմների հետեւանքն է:
Իսլամական ծայրայեղականութիւնը այնքան վտանգ չի սպառնում աշխարհին, որքան սպառնում է Ամերիկեան աշխարհակալութիւնը: Օբաման բեմ ելաւ բարոյախօսութեամբ: Հիմա նա պաշտօնի վրայ է, սակայն ոչինչ լուծուած է այն խնդիրներից, որ ժառանգ մնաց իւրեան՝ նախորդներից: Ինքը իրողապէս չի կարող Ամերիկեան տնտեսական ու ռազմաքաղաքական համակարգից դուրս գալ ու գործի դնել իր ուսանողական տարիների խաղաղասիրական տեսլականը: Իրական աշխարհը, իրական կեանքը, շօշափելին, չի համընկնում մարդասիրական ու խաղաղասիրական գաղափարախօսութիւններին, որոնցմով «վարակւում» են ընդհանրապէս երիտասարդները:

Չեմ կարծում, որ Ռուսիան կը հանդուրժի իրեն վտանգ սպառնացող մի Իրան: ԱՄՆ ուղղակի չի պատերազմել Իրանի դէմ, սակայն նրան ժառանգ է մնացել Բրիտանիայի հակառուսական մղումով առաջացած Իրանեան քաղաքանութիւնը:

Tigris
22.02.2010, 20:42
Որոշ ժամանակ առաջ գրել է «Արբանեակային հեռուստատեսութիւն» թեմայում քաղաքական զրոյցների բացակայութեան մասին, եւ որ հայերս չենք կարողանում հանդուրժել իրար մտքերը ու բանավիճել: Այդ գրառումը որոշ չափով հնացաւ, քանի որ Արթուր Բախտամեանի նախագիծը «Հանրայինում», որոշ չափով գոհացրեց տարատեսակ կարծիքներ լսելու փափագը, սակայն՝ եթեր սփռուելու ժամանակը յարմար չէ ինձ:
Եղիշէ Չարենից մասին եղած բանավէճը անկատար լսեցի, վախճանեալ կաթողիկոսի մասին եղածն էլ: Գարեգին Նժդեհի մասին՝ մի քանի նախադասութիւն:

Երեկ նիւթը Մեծն Տիգրանն էր: Լրիւ չհետեւեցի: Ուզմում եմ նշել մի քանի կէտ՝ հնչած խօսքերի վերաբերեալ:

«ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒ»
Յայտնի դաշնակցական լոզունգը հնչեցնողը կարկառուն մտաւորական Աշոտ Բլեյանն էր:
Իր նախորդ ելոյթներում հետաքրքրութեամբ լսել եմ նրան: Հետաքրքիր բաներ է ասում, ու ճշմարտութիւն որոնողը, պարտաւոր է, միշտ լսել բոլորին:
Այնումենայնիւ, ինձ թւում է, թէ նրան թւում է, թէ Հայաստանը Իսլանդիա է:
Ի՜նչ լաւ է այսպէս անջատուած լինելը, իրականութիւնից կտրուած լինելը:
Իհարկէ խաղաղութիւն՝ միայն թէ մեր ընտրութիւնը լինէր:


Ծովից Ծով Հայաստան
Հայաստանը նա է, ուր նախահայկական ցեղերը միանալով կազմել են հայ ժողովուրդը: Դա Հայկական Լեռնաշխարհն է: Կիլիկիան, ուր հայեր բնակել են փախչելով սելջուկ թուրքերից, սկզբնապէս Բիւզանդիայի հրաւիրեալները եղել են, հետագայում նաեւ՝ անտէրութեան տարիներին, որպէս երկրի տէրեր:
Բնականաբար՝ հայերն ապրելով հազարաւոր տարիներ, պիտի ուզէին անկախութիւն: Իրողապէս մեզ «Ծովից Ծով» ազգ դարձնողը թուրքերն են, ու այլ ազգի այլազգեր, տաճիկներ, որոնք նուաճելով Հայաստանը, ուղղակի ու անուղղակի պատճառ եղել են հայ ժողովրդի սփիւռքացմանը:

Ծովից Ծով Հայաստանը քննադատելով, մոռացւում ու մոռացութեան է տրւում բուն Հայաստանը, որի 90 % տարածքը զաւթուել է, իսկ մնացեալ 10 % տարածքը ապրել-զարգանալու պայմաններ չունի:
Հայաստանը լաւապէս ճանաչող անձը, ումից չի օտարուել այն, երբէք չի ասի՝ «Ծովից Ծով Հայաստան», որովհետեւ չկայ ու չի եղել երբէք այդպիսի բան: Տիգրան Մեծը բազմազգ կայսրութիւն է հիմնել, մի քանի տարի, որի «մարզերից» մին եղել է Մեծ Հայքը: Հայոց Արքան Կիլիկիան (ու միւս երկրները) նուաճելով այն Հայաստան չի արել:
Հայրենասիրութիւն չէ աբեղ-ցբեղ պատմութիւն յերիւրելը:
Տիգրան Մեծի գրաւած երկրներում անշուշտ հայեր եղել են նախապէս ու յետոյ էլ բազմացել են, սակայն դրան երբէք Հայաստան անուանելը ճիշտ չի լինի, ինչպէս որ Բեռլինը՝ Թուրքիա:

«Եթէ Տիգրան Մեծով ենք դաստիարակուել, ինչո՞ւ փոքրացել ենք»
Փոքրանալու կամ մեծանալու համար Տիգրան Մեծը օգնութեան կանչելու հարկ չկայ, ու բոլորովին անհեթեթ է հնչում միամիտ ու մակերեսային վերլուծումները:
Երբ մեր հայերը խօսում են, կարծես աշխարհը կարկանդակ է, ու մենք միայնակ նստել ենք այդ կարկանդակի դիմաց ու չենք կարողանում այն իւրացնել: Բոլորովին անտեսւում է թուրք տարրի գոյութիւնն ու հակահայկական գործունէութիւնը: Դեռ աւելին՝ ամաչում են թշնամի բառի օգտագործումը, օգտագործելով «քաղաքակիրթ» հակառակորդ բառը:

Գոյութիւն ունի մի իրականութիւն, որ անտես է արւում: Դա հզօր Իսլամն է, նրա սուրը: Իսլամ հաւաքականութիւնը խաղաղ տարիներին ու մանաւանդ պատերազմներից յետոյ, մարդկային աճի պայթիւն է ունենում, դա մեկ «պապայով» ու բազմաթիւ «մամաներով» կազմուած իսլամ ընտանիքի շնորհիւ է, ուր այրերի պակասումը, նուազումը, երբէք չի ազդում յաջորդ սերնդի թուաքանակի վրայ, ընդհակառակը՝ պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած թշնամու կանանց արգանդները լինում են նոր զինուորների, նոր մուջահիդների «հնոցներ»: Միջին Արեւելքի պատմութիւնն ուսումնասիրողը ոչ ճիշտ եզրացութիւնների կը հասնի, եթէ չճանաչի Իսլամը:
Թուրքերը երբէք չէին լինի թուրք, եթէ չլինէին իսլամ: Իսլամը իր քուրայում հալեցրեց նոյնիսկ ամենահզօր մոնղոլները: Վերացան նրանք, հալուեցին, մահմեդական ազգերի ու պետութիւնների մէջ:

Tigris
25.02.2010, 13:12
Ասում են, թէ այս տարի Օբաման պիտի արտասանէ Ջենոսայդ. նրա՝ Ամերիկայի շահը դա է պահանջում: Անցեալ տարի նա չարտասանեց Ջենոսայդ, նրա՝ Ամերիկայի շահը դա էր պահանջում:
Ո՛վ գիտէ՝ ի՜նչ է Ջենոսայդ ապրած ժողովրդի շահը: Ինջիրլիկ պահե՞լ. Իրանի դէմ պատիժ միջոցե՞լ. թալիբներ հետապնդե՞լ:


«Աստուած ամէն տեղ է» ըսաւ կրօնի դասատուս, բայց ես կ’ըսեմ՝ տեղ մը քիչ մը աւելի է, այնտեղ ուր աստուծոյ որդիները իրար կը ծեծեն: Որովհետեւ այնտեղ է ուշադրութիւնը մարդոց, գրպաններով մարդոց: Հոս՝ Պօղոսը նստած է, հոս՝ Պետրոսի գահանիստն է, հոստեղէն Մարկոսը անցած է, հոս՝ Թումասը մեռած է, իսկ հոն՝ Աստուա՜ծ յայտնուած է:




Մի գեղեցիկ պատահեցաւ ինձ յանկարծ,
Չհասկացայ՝ ի՛նչ ցեղից էր նա ծնւած




Ստալինը կոտորեց իր ընկերներին, որպէսզի ստանայ ու լինի փրկիչ առանձին:
Ստալինը կոտորեց իր ընկերներին, դժուարութեամբ նա փրկեց առանձին:


Ապրիմ-չապրիմ ծաղիկի կը նմանի մեր Դատը: Կը սիրէ, չի սիրեր, կը սիրէ, չի սիրեր, թերթերը մեկ-մեկ կը փրցնենք, մինչեւ վերջինը, որ չենք գիտեր որու կը սիրէ՝ մեզի՞ թէ անոնց: Այդ վերջը թող չգայ, վասնզի «կը վախնամ» մեզի չսիրէ: Սիրոյ իմաստը մթնեց՝ այո-ոչ հեգելով: Մեր Դատը Աստծուն տանք, աւելի արդար է Աստուածն անարդար, քան մարդը արդար:

Tigris
01.03.2010, 12:51
Կարեւոր է մեր խօսքի արդար ու լուսաւոր լինելը: Նոյնքան կարեւոր է մեր լսածը: Ակամայ լսում ենք խօսքեր, կամաւոր խօսում ենք խօսքեր: Ակամայ լսումների նման, երբեմն, ակամայ խօսքեր...

Որքան վեր ես կանգնում, այնքան փոքրանում են: Որքան վեր չես կանգնում, այնքան անյաղթահարելի խնդիրներ են երեւում:

Ճշմարտութիւնը մեր ապրած կեանքերն են, որ շատ ենք ուզում թաղել մոռացութեան ծալքերի տակ՝ կենդանացնելով այլոց ճշմարտութիւնները, ուրիշների ապրած կեանքերը, պատմութիւնը, դատերը, խնդիրները եւ քաղաքականութիւնները:

Յուզիչ է մեր ապրած կեանքերը, ոչ թէ տառապալից լինել-չլինելու պատճառով, այլ՝ այն պատճառով որ միակ վկաները մենք ենք:

Մեր ապրած կեանքերը յուշերն են, կարեւոր-անկարեւոր, թերեւս անկապ մի թախիծ. անցեալ դարձած փոշեհատիկներ, եւ մեր կամքից անկախ բախում են յիշողութեան դռները՝ մոռացութիւնից փրկուելու աղերսով: Յիշում ենք, յուզւում ենք փոշեհատիկների համար եւ ասում ՝ մենք էլ փոշեհատիկներ ենք դառնալու, ինչո՞վ մխիթարենք:

Երբեւէ չափսոսալ չապրուած ապրումի համար, որովհետեւ այն ինչ չի ծնւում, չի էլ մեռնում: Ցաւօք բոլոր ծնունդները նաեւ մահուան բօթեր են:

Խանդը:
«Միայն ես կարող եմ անկեղծ սիրել էս երաժշտութիւնը, էս կինը, էս մշակոյթը, էս հայրենիքը: Ես էս բանի մարդ եմ»:
Լաւ ախպերս, լաւ, դու ես դու, հանգիստ կա՛ց:

Որքան ծաղիկի անուն գիտենք, բուրմուքը ճանաչում ենք, տասնապատիկ անգամ տարբեր ու անհասանելի, անճանաչելի ու օտար ծաղիկներ պիտի ծաղկեն ու բուրեն: Գիտենք մեր իմացածը: Երբէք պիտի չիմանանք մեր չգիտեցածը, որ լինելու է միշտ, ամենուրէք, մեզանից անկախ:

Tigris
05.03.2010, 18:49
Դու ի՞նչ կարող ես անել:
Յաճախ դատապարտում ենք նախորդ սերունդները, անցեալում պատահած դէպքերը վերլուծելիս, և պատմութեան դերակատարներին իրաւացի ու անիրաւ մեղադրում:
Նիկոլ Դոմանը գիտէր: Նա իր զուցակցին, Ռուբէնին ասաց՝ «Աշխարհը մի դանակ է, մենք դմակ, թուրք ն ու քուրդը, ռուսն ու անգլիացին, ամէն ոք մեր դմակից մի կտոր պիտի պոկէ, իսկ նա, ով չի կարող պոկել, գէթ մի անգամ իր դանակը պիտի փորձէ»:
Հրայր դժոխքը, -բուն անունով Արմենակ Ղազարեան,- տարօնցիների սիրելին, քաջ գիտէր հայութեան ուժը, ու դէմ էր մասնակի ապստամբութեան: Ժողովուրդը պէտք է պատրաստ լինի, ժամանակը յարմար պէտք է լինի, ապստամբութիւնը համընդհանուր պէտք է լինի, քանի որ հայութիւնը սփռուած է եւ ոչ ամէն տեղ զինուած ու ինքնապաշտպանութեան դիմելու կարող:
Սակայն, ամէն ինչ գիտենալով հանդերձ, դէպքերն ու իրադարձութիւնները քեզ բերում ու դնում են խաղի ճիշտ մէջը, խաղացող են սարքում քեզանից, անկախ քո կամքից:
Սիսի կաթողիկոսը համոզեց զեյթունցիներին զէնքերը վայր դնել, յանձնել, քանի որ իր հօտի մնացեալ մասը անզէն է ու հեշտ թիրախ: Հետեւանքը՝ զինեալն ու անզէնը զոհ դարձան նոյն դահճին:


Լինելիքը պիտի լինէր: Հանգամանքներ եղան ու լինելիքը աւելի խիստ ու դաժան պատահեցաւ:
Երեւանում է Էմիր Կոստուրիցան: Սերբ ազգի զաւակները, մակեդոնացիները, բուլղարները, յոյները, բուլղարների բանակում Անդրանիկն ու Նժդեհը, ուժեղ ջարդ տուին օսմանեան բանակին, իթթիհադական Թուրքիային, ու փախցրին Բալկաններից, այնտեղից, ուր դարեր շարունակ ապրել էր օսմանցին:
Կարդում եմ Յովհաննէս Թումանեանի սերբական ժողովրդական աւանդազրոյցների հայերէն վերարտադրումները: «Մարկոն վերացնում է ամուսնութեան հարկը», «Մարկոն խմում է Ռամազանին»: Մենք գիտենք Թումանեանի ազգամիջեան կապերը, նրան յարգում ու սիրում էին տարբեր ազգերի ներկայացուցիչներ: Նա երբէք ազգայնամոլ չի եղել, ազգայնամոլական երկեր չի արարել: Գրել է, պարտադրաբար, եղելութիւնները, որովհետեւ դրանք ապրուած ու ապրուող ճշմարտութիւններ են եղել:
Սերբ ազգը, դարեր ապրած բացասական վերաբերմունքի հակադարձութիւնը տուեց հազար ինն հարիւր տասներկուքին: Եկան գաղթականներ, իրենց հետ բերելով այն ամէն ատելութիւնը, որ թափուած էր իրենց գլխին: Թուրքիայում ապրող մահմեդականները, իշխող վերնախաւը, եթէ մինչ այդ բարեացակամ են եղել, արդէն տեսնելով բալկանցի թուրք ու ոչ թուրք մահմեդական գաղթականների պատմածները, խստացան քրիստոնեաների հանդէպ, իսկ եթէ խիստ էին՝ աւելի խստացան:
Միամիտ մարդիկ, ընդհանրապէս ոչ հայերից, յաճախ հարցնում են, թէ ինչո՛ւ թուրքերը կոտորեցին այսքան հայ: Ամէնաճիշտ, հակիրճ ու ամփոփ պատասխանը կլինի «գողութիւն» բառը:
Այո՛, գողացան, վերջնական, որպէսզի չկրկնուի բալկաներում տեղի ունեցածը: Տէրը տակաւին կար, ու գողացուածին տիրանալու ձգտում ունէր: Տէրը վերացնել՝ վերատիրանալու հաւանականութիւնը վերացնել: Իսպառ վերացնել՝ վերացածի մշակոյթը, պատմութիւնը, հնավայրերը իւրացնել ու սեփականը համարել:


Աշխարհը կլոր է, ու գունդ, ու գլոբալիզացուած, համաշխարհայնացած, դեռ հնուց, ոչ մի շարժում, ոչ մի ակտ առանց ազդեցութեան չի անցել՝ Հայաստանի երկնակամարի վրայից:


Հիմա դու, ես, նա, ի՞նչ կարող ենք անել, ամէն օր մեզ սպառնացող ազերաթուրք ու թուրքին ի լուր, մենքզմեզ ու Հայրենիքը պաշտանելու համար: Պատմութեան դերակատար մեր նախնիքը դատապարտողներս, ձեզ եմ ասում, տա՞նք թշնամու ուզածը:
Մենք, եթէ հաւակնում ենք ասել, որ նրանցից աւելի խելացի ենք ու բանգէտ, ի՞նչ կարող ենք անել մի բուռ մնացած հայ հողի ու Հայաստանի համար:
Մի՞թէ պարզ չէ, տեսանելի չէ, որ փտածութիւնը, կաշառուածութիւնը, ընկերային անարդարութիւնը աւելի սուր կերպարանք է ստացել Հայաստանի Հանրապետութիւնում, թրքական շրջափակման պատճառով: Շրջափակումը շնորհ չէ, որ ասեմ՝ թրքական շրջափակման շնորհիւ:
Ո՞ր խելամիտը կարող է մերժել, որ բաց սահմաններով երկիրը աւելի աշխոյժ տնտեսութիւն չի ունենում:
Կրկնեմ՝ աւելի սուր է դառնում տնտեսական ճգնաժամը, միջոցների սղութիւնը, թրքական ոճրային շրջափակման, ամբարգոյի (էմբարգո գրե՞նք) պատճառով:


Էմիր Կոստուրիցան լաւ չի ճանաչում Հայաստանը: Սա իր խօսքն է: Մենք լաւ ճանաչում ենք Հարաւսլավիան, Սերբիան:


/-/-
Երեկ անհետաքրքիր բաներ պատահեցաւ Ամերիկեան կոնգրեսին մէջ: ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը նմանին կռուարար զոյգի մը յարաբերութեան: Կինը սրտնեղելով հօրը տուն կ’երթայ, այրը քիչ մը կը զիջի, կինը կը մոռնայ վիրաւորանքը, ու յետ կը վերադառնայ ամուսնոյն:
Ես միշտ ձաղկած եմ այն չափազանցողները, որ ամէն ինչի մէջ մասոնիզմ ու սիոնիզմ կը տեսնեն:


Մեր դատը հայկականիզմով պէտք է շահինք: Այն յաղթանակը, որ ուրիշի ձեռքով կը կերտուի, ուրիշն ալ կը վայելէ: Այն հորը, որ ուրիշի պարանով կ’իջնենք, ուրիշի բարեխղճութեամբ կ’իջնենք: Բազմաչարչար հարցը կրկնեմ՝ մեզի «Սեւր» նուիրեցին, թղթի կտոր մը, մենք ի՞նչ կարեցանք անել:
Գրածներս կարդացողը, -նոյնիսկ ինքս,- պիտի մտածէ թէ հակառակ եմ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ամերիկացի կոնգրեսականներու գործունէութեանը: Այդպէս չէ: Կատարուածը փաղաքշանք մըն է, քնքուշ հպում մը: Մեզի վերջնական հայանպաստ լուծումներ պէտք են:


«Դարերով ապրել ենք կողք կողքի»
ՀԱ՛:
Ես ալ կ’ըսեմ այդպէս, ինչպէս մակաբոյծը կը փարի մարմնին, որպէսզի սնանի անոր արեամբ: Կողք-կողքի, մինչեւ արիւն մատակարարողը, իր միտքը, ֆիզիկականն ու աշխատանքը նուիրաբերողը, անդրադառնայ իր ճորտութեան ու հաւասար մարդկային պայմաններ պահանջէ՝ մակաբոյծէն, որպէսզի մակաբոյծին հետ ապրի, դարձեալ կողք-կողքի:


Մակաբոյծը սովոր է արիւն ծծելու: Արիւն չտուող ճորտ պէտք չէ իրեն, մանաւանդ երբ այդ ճորտը հաւասար ապրուստի պայմաններ կը պահանջէ իրմէ: Ուստի՝ կը ջնջէ, մէջտեղէն կը վերցնէ:


Մեր թշնամիներուն մեծ թշնամիներ պէտք է գտնուին: Ինչպէս Չըրչիլը Գերմա նացիներուն ապահովեց Ստալինի թշնամութիւնը, կամ Ստալինին ապահովեց նացիներու թշնամութիւնը:
Այնքան մեծ ու վտանգաւոր, որ մեզի մոռնան:

Tigris
05.03.2010, 20:22
,,,,Հարեւանների հետ զերո խնդիրներ ունենալու ձգտող Թուրքիան, Հայաստանի հետ Ցեղասպանական խնդիր ունի: Հայաստան անունով հարեւան ունես, ո՛վ ...ասուն, ասա՛, անտեսե՞լ կուզես:

Քաղաքակրթուել:
Թուրքիան քաղաքակրթուելու համար քաղաքակիրթ ազգերը իրեն ծառայեցրեց, յետոյ ջնջեց նրանց, որպէսզի իր անքաղաքակիրթ որդիները, թոռներն ու ծոռները, մինչեւ 8 սերունդ, խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքի պայմաններում քաղաքակրթուելու հնարաւորութիւն ունենան, «ջերմոցային», դրախտային, նպաստաւոր պայմաններում: Աշխարհը պատերազմի մէջ էր, անցեալ դարի 39-45 տարիներում: Թուրքիան չպատերազմեց:

Այսպէս է եղել երբեմն: Քաղաքակրթուելու համար անհրաժեշտ է պատերազմել, նուաճել, կոտորել, քաղաքակիրթներին ու բարբարոսներին, ովքեր նուաճողների նման չեն բարբառում, նոյն բարբառը չեն խօսում: Այս ամէնը անելուց յետոյ, մերժում են իրենց կատարած ոճիրները, այնքան ժամանակ, որ զոհերի հրաշքով փրկուած ժառանգները ներկայ են եւ կարող են յուշել կատարած անմարդկային ոճիրները: Իսկ երբ զոհերի ժառանգները անհետանում են երկրի թատերաբեմից, դահիճները առաջինները լինում են, ովքեր շտապում են մոմեր վառել, նահատակ «նախնիների» համար:

«Հայ եւ թուրք ժողովուրդների միջեւ խնդիրներ չկան» ասողներ կան: Անշուշտ թուրք ժողովուրդը հայ ժողովուրդի հետ խնդիր չունի, քանի որ թուրք ղեկավարութիւնը, թուրք ժողովուրդի համար ապահոված է ամէն բան, հայերից խլած է հող ու հայրենիք, տուն ու այգի, գիւղ ու քաղաք, ծով ու գետ, գաւառ ու նահանգ, լեռ ու տափ ու նուիրած իր ժողովրդին:
Խնդիրը թուրք իշխանութիւնների եւ հայերի միջեւ է: Թուրք ժողովրդի տարածուելու, բազմանալու, իշխելու, ընդարձակուելու, կողոպտելու, գողանալու, ջնջելու եւ անհետացնելու մարմաջն ու խնդիրը իրականացած է, ուստի թուրք ժողովուրդը խնդիր չունի հայ ժողովուրդին հետ: Ամէնը այս օտար պետութուններն են սիրտ խառնողը: Նրանք են հայ եւ թուրք ժողովուրդների միջեւ դարեր շարունակ տեւած բարեկամութիւնը խաթարողը: Բարեկամութեան մի այնպիսի իւրօրինակ դրսեւորւում, որ յատկանշւում է հայի սիրատենչ անձնազոհասիրութեամբ:
Հայ իշխանութիւնները ի՞նչ են արած հայերի համար:
Հայ իշխանութիւնները վաղուց անհետացել են: Հայաստանի ամբողջականութիւնը վերացաւ, երբ հագարացիք, իսմայէլացիք եկան ու գաղութացրին Հայաստանը: Անիի թագաւորութիւնը մի գաւառական թագաւորութիւնից աւելին չէր: Համահայկական չէր:
Բիւզանդացիք ու պարսիկներ 30 տարի պատերազմեցին, իրար թուլացրին. հարաւից եկան խոստացուած դրախտին ձգտող եւ հուրի-փերիների կարօտով տանջուողների բանակները եւ նրանց ջախջախեցին: Պարսիկների քաղաքական անկախութիւնը իսպառ վերացաւ, իսկ յոյների վերջի սկիզբը դրուեց, մինչեւ որ դարեր ետքը վերստին կանգնեց:

Երբ թուրքական ու յետոյ մոնղոլ-թաթարական հորդաները եկան, Հայաստանը վաղուց դադարել էր ձոյլ ու ամբողջական երկիր լինելուց: Հայաստանը պատրաստ չէր դրանց: Բիւզանդիոնը, ժամանակի խային ռոմը, օսմանցու հոգեհարազատ նախատիպարը, արել էր ամէն ինչ, ձեռք-ձեռքի հագարացիների հետ միասին, Հայաստանը թուլացնելու համար:

Անմարդկութիւն՝ առանց սահմանների:

Tigris
09.03.2010, 14:10
Անցեալին, երբ քրդական ազատագրական պայքարի բուռն ժամանակներն էին, ու հայ ազատագրական զինեալ պայքարը նոր աւատած էր, 85-90 տարիներուն միջեւ, քուրդ սպասեակները խօսելու առիթ կը փնտռէին հայ յաճախորդներէն:
Երկրիս լաւագոյն սպասեակները քուրդերն են՝ արագաշարժ, ծառայասէր, համեստ եւ այլն:
Ի տարբերութիւն հայ զարթօնքին, որու սկիզբը տասնեւիններորդ դարի վերջին քառորդին է, քուրդ ժողովուրդի ազգային զարթօնքը, ազգային գիտակցութիւնը, շատ ուշ սկսած է:
Անշուշտ ապստամբութիւններ, յեղափոխութիւններ պայթեցուցած են, սակայն դորանք ժայթքած են գաւառական ու ցեղապետական հարթակներու վրայ, ու երբէք ընդհանուր չէ եղած:

Քուրդ ժողովուրդի ազգային կազմը այդպէս եղած է՝ ցեղապետական: Բեգերը, աղաները, շէխերը՝ ամէն ինչ են, քուրդ ժողովուրդի ներկայացուցիչները: Չկային աշխատաւոր դասակարգի ներկայացուցչութեան հասկացութիւն, բուրժուազիա (քաղքենիութիւն), հասարակական ու քաղաքական կազմակերպութիւններ: Այն ամէնը, ինչով յատկանշւած է եւրոպական ու հայկական զարթօնքը, չկար քուրդ իրականութեան մէջ: Քուրդ ռայան, որ նոյնքան կեղեքուած էր հայի նման, ներկայացուցչութիւն չունէր...իր ներկայացուցիչը բեգերու դասակարգն է, կամ ինչպէս վկայւած է հայ գրականութեամբ՝ թոռուններ: Համեմատելով հայ ժողովուրդին, որ գրեթէ մեծաւ մասամբ ռայա էր Պատմական Հայաստանի քրդակոխ գաւառներուն մէջ, քուրդ ռայան աննշան ներկայութիւն էր, քանի որ քուրդերու ազգային կազմը, հիմնականօրէն, ցեղապետական էր: Այսինքն ցեղեր էին ընդհանրապէս (նախապէս եւ երբեմն թափառաշրջիկ), եւ ոչ թէ նստակեաց, տեղացի, կեղեքուած ռայա: Հայ տարրի գոյութիւնը, որպէս ռայա, բաւարար էր քուրդ ցեղերուն:

Դարեր տեւած այլակրօն իշխանութիւններու ներկայութիւնը Հայաստանի հողին վրայ, չքացուց, անէացուց, սրբեց տարաւ հայ իշխանապետական հասարակարգը: Հայ նախարարներ, քրդական թոռուններու նման, չկային այլեւս. Հայը կամ քաղաքացի էր, կամ եկեղեցի, կամ լէ ռայա: Բացառութիւններ էին, աննշան, Վասպուրականի, Աղձնիքի եւ Կիլիկեան Տաւրոսի լեռնային մի քանի կէտերու հայկական համայնքերու իրավիճակները:

Հայ նախարարական իշխանութեան տեղ եկած եւ բռնած էին օտար «նախարարներ»: Ասողներ կան, իբր որոշ քրդական ցեղեր հայկական (նախարարական) ծագում ունին: Քրդերէն լեզուի չիմացութի՞ւն, թէ՞ ցանկութեան արտայայտում: Օրինակ՝ Արեւմտահայաստանի խոշորագոյն քրդական ցեղին, Հայդարանցիներուն (Haydaran) կը վերագրեն հայկական ծագում՝ իբր Հայ Տէրանց: Մինչ մենք պարզ գիտենք, Ալի խալիփի թոռ, Հայդարի անունը, եւ մի ոմն ուրիշ Հայդարի միջոցով փոխանցուած է հայդարանցիներուն: Կայ նաեւ ցեղերու միացման դէպքեր: Այսինքն մի քանի մանր ու աննշան ցեղեր կը միանան աւելի խոշոր ցեղի մը՝ պաշտպանութեան նկատառումով: Ահա թէ ի՛նչ հայկական ջիղի մասին է խօսքը: Գրուած է նաեւ Մամըքան ցեղի մասին, իբր հայկական: Մինչ մենք գիտենք որ մամ արմատը կարենայ նաեւ քրդական բառ մը ըլլալ, ինչպէս նաեւ –ըքան ածանցը իրանեան –ական ածանցի քրդաբարբառային դրսեւորումը: Այստեղ մատնանշենք, որ քուրդերը, լեզուաբանօրէն, իրանեան են:
Բալակցիներուն մասին ալ կը խօսուի իբր հայկական ծագումով, կամ հայախառն...չեմ գիտեր: Ղափանցեանը կը խօսի հայ ժողովուրդը կազմողներէն բալա ցեղի մասին: Հայոց Մեծ Եղեռնի մասին գրող Բալակեան արքեպիսկոպոսի ազգանունը, ինչպէս նաեւ գերմանացի ֆուտբոլիստի ազգանունը...: Չեղաւ: Անկապ բաներ են:
Արաբ հզօր բագգարա ցեղի մասին ալ ասողներ եղած են, իբր բագրատունի ծագմամբ: Իբր անոնց մօտ գտնուած է հայկական եկեղեցական իրեր եւայլն: Իրողապէս արաբերէն բագգարա կը նշանակէ տաւարաբոյծ, կովապան: Գրական արաբերէն բակարա, որ բեդուինի բարբառով կ’ըլլայ բագարա, կը նշանակէ կով: Սա նոյն հայերէն պախրէ բառն է, որ հայերէնին անցած է ասորերէնէ: Ասորերէնը արաբերէնի հօրեղբօր տղան է՝ սակայն ոչ տարեկից: Բագգարա կը նշանակէ «կով պահողներ»:
Հայկական յիշողութիւնը այդ ցեղերու երէցներուն քով, ամէնայն հաւանականութեամբ առաջ եկած է Հայաստանի տարածքին անոնց անցեալ ժամանակ մը գոյութեամբ: Պատմութեամբ գիտենք, որ շատ անգամ արաբական ցեղերու իշանութիւնը փոխարինուած է քրդականով: Արաբներ գաղթած են հարաւ, կամ տեղի տալով՝ քրդացած կամ թրքացած են: Մինչեւ այսօր, Թուրքիայի հանրապետութեան հարաւ արեւելեան գաւառներուն մէջ, որ է՝ Մեծ Հայքի Աղձնիքի հարաւային դաշտային տարածքը, ինչպէս նաեւ աշխահագրական Սուրիոյ հիւսիսային տարածքը՝ Ասորական Միջագետք եւայլն, կը բնակին արաբական ցեղեր, արաբախօս:
Արաբները երբ գրաւեցին տարածքը, բնիկ արաբական ցեղեր եկան եւ բնակեցան այստեղ: Ամիդ քաղաքի արդի անունն ալ, որպէս Դիարբեքիր, առաջ եկաւ այդ օրերուն, իբր «Բաքր ցեղի տուն» (դիար «տուն» եւ բաքր): Բուն Տիգրանակերտը, Տիգրանի մայրաքաղաքը, ինչպէս կը վկայեն գիտունները, Ամիդէն հիւսիս արեւելք՝ Սլիվան եւ Մուֆարղին աւաններուն մօտ տեղ մը հնավայր է:

Վերադառնանք քուրդ սպասեակներու հետ մեր բազմաթիւ ու ակամայ խօսակցութեան: Քսան տարի առաջուայ սպասեակները աւելի շատ քաղաքական գործիչներ կը յիշեցնէին:

- Մարհաբա խալո (բարեւ քեռի),
□ Մարհաբա
-Մենք ազգակիցներ են, բոլորս արի ցեղին կը պատկանինք:
□ Հա. ճիշտ է,
- Պիտի ազատագրենք Քուրդիստանը, Թուրքիային ծունկի պիտի բերենք,
□ Կրնայ ըլլալ:
Քիչ անց, չբաւարարուելով հայ յաճախորդի կարճ ու կտրուկ պատասխաններով, դարձեալ ոգեւոր սպասեակը կու գայ եւ զրոյցի առիթ կը փնտռէ:
- Երբոր «Քիւրդիստանը» ազատագրենք, դուք ալ կը վերադառնաք եւ մեզի հետ կ’ապրիք...
(կարծես յաղթանակը գրպանն է)
□ Մեր ֆիդայապետերը շատ փորձեցին ձեզի հետ լեզու գտնել, պայքարը միասին տանիլ, սակայն ձերինները գործիք դարձան թուրքերուն ձեռքը եւ մասնակցեցան հայոց կոտորածին: Ձեր էշութեան պատիժը կը կրէք այժմ:
Այստեղ կը միջամտենք, թէ հա՜յր, պէտք չկայ այդպէս խօսելու: Ան կը պատասխանէ՝
□ Ձգեցէք խօսիմ, պատմեմ իրենց էշութիւնը:
Քուրդ յեղափոխական ու ընկերվարական գործիչ սպասեակը չի վիրաւորուիր: Խոհուն ու տրտմոտ է:
- Ճիշտ ես վարպետ, ատոնք քուրդ ցեղապետերը, աղաներն ու բեգերն էին, որոնց դէմ այժմ ալ մենք պայքար կը մղենք, որովհետեւ Թուրքիոյ խամաճիկներն են:
Այստեղ զրոյցները կը դադրին: Ուրիշ ըսելիք չէինք գտնէր: Բայց հիմա, իմ մտքիս մէջ ըսելիք կայ:

Անշուշտ պետութեան վատ արարքը աւելի մեծ պատասխանատւութիւն կ’ենթադրէ, քան ազգային հաւաքականութեան մը վատ արարքը: Սակայն մենք ճիշտ ենք, երբ կ’ըսենք, թէ քուրդերը մեզի ջարդեցին, քանի որ այդ ժամանակ չկային ՔԱԿ եւ որեւէ այլ քաղաքական կազմակերպութիւն, կամ ուրիշ հաւաքական գիտակցութեան դրսեւորում: Այդ ժամանակուայ քուրդ ազգի հաւաքական գիտակցութիւնը խտացած էր քուրդ ցեղապետի թալանելու ու տիրանալու գիտակցութեան մէջ, եւ կը ներկայացնէր ողջ ցեղի քաղաքական հայեցողութիւնը. ցեղապետերու միութեամբ՝ քուրդ ժողովուրդինը:

Ցեղապետի անձով շատ բան կը փոխուէր: Եթէ բարի մարդ էր, հայը լաւ կապրէր իր իշխանութեան տակ:


Յաղթուած ազգերու խօսակցութիւն է: Մեկը անյոյս, հայրենահանուած, միւսը հողին վրան է, յոյս ունի՝ այնքան ատեն որ Հայկական Ցեղասպանութեան նման վատ արարք մը չի գործուիր իրեն հանդէպ: Ժամանակները փոխուած են: Հիմա ֆեյսբուկի դարաշրջանն է: Տանդ նստած գիտես բարեկամդ ինչ վիճակի է՝ ծովեր անդին:
Ի դէպ այդ կայքն ալ համակարգչային խաղի կը նմանի: Ժամանակին խաղ մը հանեցին՝ Բեն Լադեն որսալ, յետոյ՝ Բուշին Բ.-ին կօշիկ նետել: Բեն Լադենը, կամ Բուշը, անակնկալ տեղերէ կը յայտնեն իրենց գլուխները՝ «ես հոս ե՜մ», որ խաղացողը զարնէ:
Ժպտուն, ուրախ դէմքերով լուսանկարներ կը տեղադրուին, մենք հոս ենք: Այդ ալ հնութիւն եղաւ, հիմա թղթախաղի արշաւ մը համակած է բոլորը, ուր որ երթաս, համակարգիչը ֆեյսբուկ ունի, փոքեր կը խաղցուի: Օրը կէս ըրինք՝ պարապ-սարապ բաներ գրելով:

Ծանօթ.

«Քեռի» բառը առանձնակի հաճոյքով եւ հպարտութեամբ կ’արտասանեն, եւ իրենց կարծիքով մեզ կը յարգեն, կը պատուեն այդ տիտղոսով, վասնզի մօրեղբօր հանգամանքը աւանդապահ ընտանիքին մէջ բարձր է:

Tigris
10.03.2010, 11:48
Երեկ որոշեցի համակարգչին շատ չնայել՝ աչքիս ցաւ է պատճառում. համակարգչային խաղերից էլ հեռու մնալ: Ի՛նչ խօսք, շատ եմ սիրում ճատրակ:
Չեմ նայելու յօդուածներին ելեկտրոնական: Չեմ կարդալու մտքերը, չեմ որոնելու տողատակեր: Մինչեւ իսկ գրածս չեմ խմբագրելու, թող սխալ լինի: Այս առաւօտ յօդուածների վերնագրերը ընթերցեցի: Տիար Էրդողանը պատասխան քայլ է առնելու՝ ամերիկացիների առած քայլին հանդէպ:
Լիբանանցի մի շեյխ մեղադրել է հայերին սիոնականների հետ գործակցութեան մէջ:
Հաւատա՛ շեյխ ջան, հայկական հարցերը սիոնականների հետ աղերս չունին: Մեր իշխանութիւնը խնդիր էր դրել բացել սահմանը, սահմանի միւս կողմից էժանագին փալաս-փուլուսով հետաքրքիր քաղաքացիների պահանջներին անսալով: Ու եղաւ ինչ կայ հիմա: Սահմանը չբացուեց, ու տարբեր ուժեր իրենց խնդիրներ են լուծում իրար հետ, ու այս իրարանցման մէջ չի լսւում կեանքից զրկուած անմեղ հայերի կանչը:
Ես յիշում եմ՝ երեք տարի առաջ գրւում էր մեղադրանք օրուայ Հայաստանի Հանրապետութան իշխանութեան հանդէպ, իբր թշնամական յարաբերութիւն ունի Թուրքիայի հետ, չի բարելաւում, սահմանը բանալ չի աշխատում, Ղարաբաղի խնդիրը չի լուծում, տարածաշրջանային տնտեսական խոշոր նախագծերից դուրս է մնում:
Պատուէրով խօսք: Լաւագոյն դէպքում՝ կուլ տրուած պատուէրով խօսք: Մարդ ինչքան միամիտ, տկարամիտ պէտք է լինի, որ այս ամէնում մեղադրի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հայ իշխանութիւնը, Հայ ժողովուրդը: Կարծես մեր թշնամիները այդ են ուզում, իսկ մենք մերժում ենք:
Այդ ծախուածների պատուիրուած խօսքերն էին, որ մեզ ստիպեցին մի անգամ եւս փորձել Թուրքիայի հետ:

Երեկ «գնացի» թուրքական մի կայան, որ գիշերները սփռում է պատմական նիւթերով հաղորդումներ՝ հրաւիրելով թուրք պատմաբաններ: Չկարեցայ նայել աւելի քան րոպէ: Նշանեան եւ Հալաջողլու: Հալաջողլուն հայ կոմիտաջիներին մեղադրեց 120 հազար թուրք կոտորելու մէջ: Նրանք, մինչեւ 1914 թուականը, արդէն հասցրել են կոտորել այդքան թուրք՝ Օսմանեան կայսրութեան տարածքում:
Այդ որքա՜ն ուժեղ են եղել կոմիտաջիները:
Նշանեանը ընդմիջեց նրան՝ սուտ, yalan, բառով: Նշանեանը ջղայնանում էր, իսկ Հալաջողլուն՝ սուտասանութեամբ մեադրուելուց յետոյ չէր ջղայնանում:
Հայ-թուրք արձանագրութեամբ նախատեսուած պատմական ենթայանձնախմբում, երեւի թէ, նման իրավիճակներ են ստեղծուելու:
Հաղորդավարը վանեցի թուրք է: Նշանեանը զարմանում ու քրթմնջում էր, քանի որ հաղորդավարը իր պապից չի լսել որեւիցէ բան, հայերի կապակցութեամբ: Խեղճ հայ, քեզ հրաւիրել են նսեմացնելու համար ճշմարտութիւնդ:
Այսպիսիների հետ լրջութեամբ պիտի չզբաղիլ, պիտի ծաղրել ու կատակերգութեան վերածել նրանց տեսակէտները՝ այնքան ժամանակ, որ նրանք այդ են փորձում անել:
Դաշնակցութիւնը չկարողացաւ տիրութիւն անել հայ ժողովրդին, հայ ժողովուրդը կոտորւում էր, ի միջի այլոց եւ կոմիտաջիները, դաշնակցականները, կաթոլիկը, բողոքականը, անհաւատը, հեթանոսը, լուսաւորչականը, բոլորը: Դաշնակցութիւնը ինքը հայ ժողովուրդի մի մասն էր, նրա նման խոցելի, անզօր, մենակ, շրջափակեալ եւ անզէն:

Ազգային գիտակցութիւնը կազմուած է եղել հայ պետականութեամբ: Պետականութիւնը, օրէնքով ու ուժով, ի մի է բերել ազգը: Պետականութեան բացակայութեամբ, ազգային գաղափարի կրողն ու ազգութիւն պահողը եկեղեցին է եղել, սակայն նա Պետութեան հաւաքածն է փորձել պահել, քանզի ուժ չունէր մոլորեալներին իր հօտ բերել: Պապ թագաւորին նուիրուած Արթուր Բախտամեանի «Մենք Հայ ենք»-ից դա եզրակացրեցի:
Պետականութան բացակայութան պայմանում, ամէն նախարար իր ազգն է կազմում: Այդ «ազգը» հեշտութեամբ ուրիշ պետականութիւն ունեցող մի ազգին կարող է մերուել, միանալ: Այսօր, պատմական Համշէնում ապրող թուրքախօս մահմեդական համշէնցիները, այդ անջատուած «ազգերի» վերջին օրինակն է: Ուրիշներ վաղուց անջատուել ու մոռացել ենք մենք նրանց մասին հիմա:
Հայ պետականութեան արժէքը՝ մի պետութիւնը պետութիւն դարձնող կոպիտ, բռնի ուժն է:
Չեմ կարծում ազգային հասկացողութիւն են ունեցել հին հայերը, թէեւ հայ են եղել: Խօսքը մեծամասնութեան մասին է, ինչպէս հիմա: Նայեցէք ձեր շուրջը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռք, եւ փորձեցէք զրուցել ազգային խնդիրների մասին, եւ պիտի նկատէք:

Օրինակ մեր մօտ, սփիւռքեան այս կայանում, շատ հայերի ազգային գիտակցութիւնը կայանում է ուտեստի, թրքական հեռատեսիլից սփռուող զուարճալիքների, նորաձեւ զգեստների ու նորաբաց զբօսավայրերում ուրիշ ագզակիցներին երեւալու ձգտումի մէջ:
Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը ազգային չէ, ինչպէս Պապ թագաւորի ժամանակն էր:
Այո, ազգը կազմաւորուել է սեփական թագաւորութեան տիրոյթում:
Ու ազգերը կազմաւորուել են պատահաբար: Բոլորը: Չկայ մի ազգ, որին աստուած կամ ալլահ, ասել է՝ «Միացէք՝ ազգ կազմէք»:
Սա չի արձանագրւում, նսեմացնելու համար այդ պատահականութիւնը: Այդպէս եմ մտածում, զի չեմ հաւատում արեւելեան թամբալամտութեան «դպրոցի» ծնունդ ճակատագիր բառին: Պատահականութիւն եւ ձգտում, բայց ոչ ճակատում գրուած մի գիր:

Tigris
12.03.2010, 11:36
Երեկ չորս ժամ «ջիգյար» թուրքերը դիտեցի: Հազարումեկ կարծիք յայտնուեց: Կարեւոր չեմ համարում իրենց ասածը վերյիշել եւ գրել: Մեզ պէտք է խաղաղութիւն եւ մի քիչ արդարութիւն, որպէսզի Հայաստանը ապրի:
Նկատի առի, որ առաջուայ նման Արցախի մասին չեն խօսում՝ արդէն աւելի հրատապ եւ կարեւոր խնդիր ունեն խօսելիք: Մեռելները օգնում են ողջերին:
Մեզ մնում է յուսալ, որ եւրոպացիք եւ ամերիկացիք, հերթական անգամ չեն տապալուիր թուրքին առաջ, ընկրկելով՝ չորրորդական շահերի համար: Մեզ մնում է յուսալ, որ Ռուսիան այս անգամ չի դաւաճաներ փոքր դաշնակցին՝ հակառակելու համար Արեւմուտքի «իմպերիալիստներին»: Մնում է մեզ յուսալ, որ հայերին փաղաքշելով չեն պարտադրեր խաղաղութիւն, այլ՝ արդարութիւն: Մնում է մեզ յուսալ, ուր արեւելեան եւ արեւմտեան թուրքերը ի վերջոյ կը խելօքանան, ու Հայաստանի հետ վերջնական խաղաղութեան հասնելու համար կը լրջանան: Մնում է մեզ յուսալ, որ տարածաշրջանը գերտէրութիւների շահերի բախման խաչմերուկ չի լինիր: Մնում է մեզ յուսալ, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը սերունդներ շարունակ հայ կը մնայ, խառն ամուսնութիւններով չի ձուլուիր, որպէսզի միշտ հետամուտ լինի հայութեան խնդիրներին: Մնում է մեզ յուսալ, չգիտեմ ինչպէս եւ երբ, բոլոր հայերը կը վերադառնան Հայաստան: Մնում է մեզ յուսալ, կունենանք այնպիսի մի Հայաստան, որ ինքուրոյն կարող է պաշպանուել եւ բարգաւաճել:

Tigris
15.03.2010, 20:21
Anan mı güzel, baban mı?

Կարգ մը պարագաներ կարելի է ճիշտ բնորոշել միայն ժողովրդային ասացուածքներով:
«Թուրքիա կ’ուզէ թրքական ուժեր տեղակայել Լաչինի միջանցքին վրայ»- ահա այս լուրը խթան հանդիսացաւ յիշելու թուրքերէն վերոյիշեալ ասացուածքը: Güzel բառը, նոյն արեւելաթուրքերէն gözal բառն է (աչքառու), որ այստեղ եկած է «խելացի» իմաստով: Վերոյիշեալ հանճարեղ միտքը յայտնող թուրք դիւանագէտին պէտք է հարց տալ՝ «Քու խելացութիւնդ որո՞ւ պարտական ես, որմէ՞ ժառանգած ես խելքդ»:

Tigris
16.03.2010, 16:05
Երեկ հայ հոգեւորական մը հեռատեսիլէն կը գանգատէր աղանդաւորներէն: Իրաւացի է՝ խոպան դաշտ գտած են աղանդաւորները: Մրցակցութիւն կայ: Սփիւռքի մէջ այդպէս չէ. իւրաքանչիւր հովիւի հօտը յայտնի է, իսկ եթէ ոչխարներու հովւափոխութիւն տեղի պիտի ունենայ, այդ կ’ըլլայ խաղաղ, լուռ, առանց աղմուկի:
Տեղափոխումը ընդհանրապէս դարձ եղած է բողոքականութենէ եւ կաթոլիկութենէ դէպի լուսաւորչականութիւն: Շատ «ազգասէր» հայեր զգացած են այդ եկեղեցիներու շատ «ազգային» չըլլալը, ու արդէն անցած ըլլալով ալիւրի ժամանակները՝ un bitti, din bitti, դարձած են մօր տաքուկ գիրկը:

Խօսքը Հայ Աւետարանական եւ Հայ կաթոլիկ եկեղեցիներու մասին է: Պապ թագաւորի մը չհանդիպելու դժբախտութիւնն է որ ունեցած են: Այս է անոնց «ապազգային» ըլլալը: Մեկու անկենտրոն (?) ըլլալը, միւսի Պօղոսի աթոռին փարած ըլլալը, զանոնք դարձուցած է ապազգային՝ ազգի ոչխարութենէն դուրս ոչխարութիւն մը:

Հետաքրքրական էր երեկ հայ հոգեւորականի ակնարկը վերոյիշեալ եկեղեցիներու մասին՝ դասելով զանոնք աղանդաւորներու՝ մորմոններու ու Եհովայի վկաներու կարգին:
Ես առաքելական եմ, փառք աստուծոյ, մկրտութիւնս ու պսակս անոր սուրբ խորանին ներքոյ կատարուած է, հոգեհանգիստս ալ, աստուծոյ կամքով, հոն պիտի կատարուի:
Կը ցաւիմ որ ազգի հերոսներէն շատեր առաքելական չեն եղած՝ ինչպէս Սողոմոն Թեհլիրեանը:

Երբեմն մարդիկ մեղքանալիք ըլլլալու համար երեւակայական թշնամիներ կը շինեն, իրենց պայծառ միտքերուն մէջ, որպէսզի շահին ուրիշներու համակրանքը, մանաւանդ երբ աչքէ ընկած ըլլալու մտավախութիւնը ունին:

Tigris
22.03.2010, 18:54
«Եւրալուր»-ի թղթակցուհի Դափնի Դաւիթենցը իրաւացիօրէն հարց է տալիս՝ «Եթէ ձեզ համար էական է ցեղասպանութիւնների ճանաչումը, ապա ինչո՛ւ Արիաց Արքային, ով չի ընդունում սաղակիզումը, Երեւանի համալսարանի պատուոյ վկայական տուեցիք»:

Laura-ին կը պատասխանէի.
Ցեղասպանութեան ճանաչում եւայլն, այս բոլորը մանր դրամն են, որ գործածւում են ճանապարհի քարտէսում, կամ կածանի գծում: Իրողապէս մենք պատրաստ ենք մոռանալ, մոռանալ ամէն ինչ, բայց մեր սիրասուն հարեւանները չեն թողնում մոռանալ, ներել:

Ենթադրեմ Դաւիթենցը հարց է տալիս այսպէս՝
- ինչպէ՞ս չեն թողնում մոռանալ...

Ուստի կը պատախանէի՝
- Ինչպէս ասացի վերեւ, թէ պատրաստ ենք մոռանալ ու լոկ ծէսի կարգի վերածել Ապրիլի 24-ը: Արեւմտեան հարեւան երկրի ղեկավարութիւնը ամէն օր Արցախի մասին է խօսում, մենք կարծում էինք ներքին սպառման համար է այդ, սակայն հետագայում հասկացանք, որ այդպէս չէ. նրանք իրողապէս խանգարում են Հայ-ադրբէջանական բանակցութիւնները, խանգարում են Արցախի անկախութեան ճանաչումը, խոչընդոտում են Ադրբէջանում քաղաքական կրքերի մեղմացմանը, եւ այլն:

Ենթադրեմ Դափնեվարդը այսպիսի հարց էլ տալիս է՝
- Իսկ ինչո՞ւ է Ձեր արեւմտեան հարեւանը այդպէս վարւում:

Կպատասխանէի՝
- Որովհետեւ առիթը ունի, հնարաւորութիւն ունի, կարողութիւն ունի նախապայմաններ թելադրելու, եւ թելադրում է, քանի որ ինքը մեզ այնքան պէտք չունի, որքան մեք իւրան՝ իւր ցամաքային ու ջրային ուղիներին:

Եթէ հարցնէր՝
- Այսինքն, նրա վերջին ատելավառ արտայայտութիւնները պատմական ու հոգեբանական գետին չունեն:

Կը պատասխանէի՝
- Անշուշտ ունեն, բայց եկէ՛ք չմոռանանաք, որ նա վաճառական մարդ է, ինչպէս շատերը, ու նրա համար մեկ առաւել մեկ ու կէս՝ երկուք ու կէս է. հետեւաբար նա նկատի ունի վերեւում՝ Բարձեալի շնորհած նաւթի ու գազի պաշարներն ունեցողի շահը, քան թէ ինչ որ փոքր ու աղքատ երկիրը որպէս բարիդրացի հարեւան ունենալը:

Եթէ հարցնէր՝
- Թէ այդպէս է, ինչո՞վ է պայմանաւոր երկրների խորհրդարաններում Եղեռնը ճանաչելու թափը. ինչո՞ւ են անում դա:

Կպատասխանէի՝
-Ինչպէս ասացի, վաճառականութիւն է: Երբեւէ գնաք արեւելեան բազար, վաճառականները սպառնալիք են տալիս ու ստանում՝ առեւտուրը կատարում են ուժի եւ սպառնալիքի ցուցադրութեան առընթեր՝ խոյանալով իրար վրայ: Յետոյ, գալիս է ձեռք թափթափելու պահը, առեւտուրը կատարուած է համարւում, ու ամէն մարդ իր ճանապարհին է գնում:

Իսկ եթէ հարցնէր՝
- Բայց չէ՞որ խօսքը թեւ առած սաւառնում ու գնում է արեւմտեան քաղաքակրթութեան ներակայացուցիչ երկրների եւ խորհրդարանների մասին:

Կատասխանէի՝
- Ճիշտ էք: Նրանք ուսումնասիրել են արեւելքը, այդ թւում Թուրքիան, ուստի խօսք չի կարող գնալ-գալ ինչ-որ պատահականութիւնների մասին: Մի ամբողջ գիտութիւն կայ մշակուած արեւելքի ուսումնասիրութեան վերաբերեալ, որ կոչւում է օրյենթացիագիտութիւն:
Եթէ հարցնէր՝
- Այսինքն թացը չորից զանազանելո՞ւ գիտութիւն:
Կպատասխանէի՝
-Հարկաւ, եւ օրէնքի սահմանում:

Tigris
22.03.2010, 21:13
Ի՜նչ ուրախ եմ հայ ըլլալուս

Ne mutluyum Ermeniyim diyene

,,,,,,,,Ըստ հաջի Էրդողան էֆենդիի, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց վարժարաններու աշակերտները, ամէն աստծու առաւօտ, կրնան փառք տալ արարիչին, որ հայ են:
Ինչպէս գիտենք, արդի Թուրքիոյ հիմնադիր թեսաղոնիկէցի Մուստափան թրքութեամբ հպարտանալու լոզունգ մը շարադրած է, զորս պարտադիր պէտք է արտասանուի ամէն թուրքիացի երեխայի բերնով, քանի որ նոյն Մուստափայի դաւանանքով՝ թուրք է իւրաքանչիւր թուրքիացի:
,,,,,Էրդողան հաջի էֆենդին, իր վերջին լոնդոնեան կոնդակով, իր քաղաքացիներէն մաս մը հայ անուանակոչեց՝ բան մը որ աթաթուրքեան քաղաքացիական սկզբունքին կը հակասէ:

Մի քանի օր յանդիմանութիւն լսեց, լսեց՝ իր համերկրացիներէն ու աշխարհէն: Հանդիմանութեան պատճառած բարկութիւնը հիմա կը թափէ սփիւռքահայութեան վրայ, քանի որ իբր անոնք են Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ընթացող բարեկամութիւնը խաթարողը, անհարկի եւ անտեղի ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծերով:
Վախ աման, աման, ույ աման: Այսինքն անպայման բարկութիւն ուտողը հայ մը պիտի ըլլայ, կարեւոր չէ կապ ունի, թէ չունի: Եթէ 2000 կամաւոր կը գործէ Ռուսաց բանակի մէջ, Պրուսայի, Սեբաստիայի բնակիչ հայ երեխան պէտք է մորթուի: Եթէ Ադրբէջանի եւ Թուրքիայի նաւթագազային հաշիւներով սահմանը չի բացուիր՝ սփիւռքահայութիւնն է մեղաւոր:

Tigris
25.03.2010, 13:58
Երկու խօսք չեմ կրնար չըսել ֆրանսախօսութեան մասին: Վերջերս շշուկներ լսեցի թռչունէ մը, իբր Ֆրանսայի մէջ հայախօսութեան օրեր պիտի տօնուի: Ֆրանսայի լաւագոյն երգիչները՝ «Ռանգդ փրանկի ատլաս է, մուրւաթով յարի նման իս» պիտի երգեն: Ֆրանսախօսութեան առթիւ կատարուած երաժշտական հանդիսութեան երեւոյթ էին Մանուչարեան ազգանունով երգչուհի մը եւ Միստեր X-ը: Ոմանց ֆրանսերէնը ֆրանսացիի հայերէն է:
Ո՞վ լսած է ֆրանսահայ երգչի այս երգը.

Հայորդիք, որ կ’ապրիք դուք հեռուն,
Մի մոռնաք մեր հայոց մայր լեզուն,
Երգեցէք, եւ միշտ խօսեցէք,
Կը տեսնէք, թէ որքան է անոյշ,

Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ,
Չմոռնանք մեր մայրենի լեզուն,
...միշտ ձեռք ձեռքի տալով,
Մեր ազգը մի բարձր պահելով:

Բարձր ենք միշտ բարձր մենք մնանք,
Չլուծուինք՝ իրար սիրենք...

Բառերը լրիւ չեմ յիշեր: Երգի երաժշտութիւնը յօրինած է, կարծեմ, Enrico Macias-ը: Բառերը եւ երաժշտութիւն չօգնեցինք անոնց, որ սիրեն իրար, եւ հայախօս մնան:

Մշակոյթները ուժեղ են քաղաքական կացոյթով: Բարձրի, ցածրի հարց չկայ այստեղ: Մարդիկ, ընդհանրապէս, թուլութիւն ունին հարուստի եւ շատւորի հանդէպ: Ուստի, խառն ամուսնութեան առընթեր, ու բացի այդ, երբ հայ ծնողները իրենց զաւակները կուզեն նմանեցնել երկրի մնացեալ քաղաքացիներուն՝ տալով անոնց շաղլ, Ջեկ, Հանղի, Մայքլ եւ նմանատիպ անուններ, խօսելով անոնց հետ երկրի լեզուով, այստեղ ինքն է պատասխանատուն՝ հայը, որ կուզէ իր կաշիէն դուրս գալ, ու չտարբերիլ ուրիշէն:
Արիզոնացի ծանօթիս հարցուցի՝ «ինչո՞ւ զաւակիդ հետ անգլերէն կը խօսիս»: Երեխայի մայրը հայախօս է Հալեպէն, հայրը հայախօս՝ Հալեպէն: Պատասխանեց թէ՝ չի գիտեր: Գիտէ՝ անգիտակցութեամբ, իբր նոր մարդ կը պատրաստէ, նոր քաղաքացի, ազատ՝ բոլոր հնամաշ հագուստ կապուստէ: Աւելի ճիշտ՝ հայութիւնը չի պայմանաւորէր հայախօսութեամբ. թողած դեղնորակ անգլոսաքսունուհիները, չքնաղ սպանուհի-մեքսիկուհիները, հայի հետ ամուսնացաւ, ու իր ազգի հանդէպ ունեցած պարտքը հատուցած համարեց: Հայը որքան լեզուն լաւ իմանայ, այդքան լաւ, բայց առաջին իմացածը հայերէնը պէտք է ըլլայ. ո՛չ որպէսզի աննպատակ հայերէնը հնչէ աշխարհի չորս ծագերուն, այլ որպէսզի երեխան, պատանին, երիտասարդն ու հասուն մարդը հաղորդակից ըլլայ իր հայրենակիցներու խօսքին, գիրին, անցեալին՝ կարդալով հայերէն: Ինչիսի՜ խզում կ’առաջանայ, երբ չգիտէր հայերէն կարդալ, խօսիլ: Ինչքան ալ թարգմանուած կայ հայ գրականութիւն ու պատմութիւն, դարձեալ կմնայ քիչ ու ոչ հաղորդիչ:

Tigris
25.03.2010, 15:28
Ես ըսեմ 500, դուք հասկըցէք 1500, անգամ լսած եմ այս խօսքը՝ «Ամերիկայի առաջին քարը դնողին մայրը...»:
Ազատութեան եւ ճոխութեան երկիր երթալու համար հոգի կուտան, հարիւր հազարներ կը ծախսեն անցագիր ստանալու համար, տարբեր ճկունութիւններ կը ցուցաբերեն հոն՝ կանաչ տոմսի համար, վերջն ալ կուգան ծննդավայր ու կը հայհոյեն Ամերիկային: Հին մտայնութիւն ունեցող, Արեւելք ապրելու վարժ հայը, չի կրնար համոզուիլ նոր կեանքին: Նոյնը կարելի չէ ըսել անոր զաւակներուն մասին: Անոնք հոն ծնած են, այդ թաղարին մէջ ծլած ու մեծցած են: Վարժ են Ամերիկեան կեանքին՝ ես ինծի դուն քեզի համար: Յաճախ անձնական ու ընտանեկան դժբախտութիւններն ալ կը վերագրեն Ամերիկային, այդտեղի կենցաղին ու ապրելակերպին, մինչ երկիրը մեղք չունի, եթէ անձը ճիշտ կեանք ապրիլ կուզէ ու կ’ապրի, ո՛վ կը խանգարէ:



Խօսքի տակ մնալը երբեմն լաւ է, բայց ընդհանրապէս լաւ չէ: Պատասխանելը արուեստ կ’ուզէ: Կարելի է թշնամին բարեկամ դարձնել, օձը ծակէն հանել, իմաստուն ու ապագայ կերտող խօսքով: Յուսանք մեր թշնամիները օձի չափ կրնան ըլլալ:
Նախագահ Սարգսեանի Դէրզօրեան ճառը հաւանեցի, յատկապէս հագուստ փոխելու դրուագը: Փորձելու պարագան անհասկանալի էր: Ի՞նչպէս անգամ մը եւս փորձենք, երբ հազարամեայ փորձութիւնները մեզի փորձառութեան ահռելի գումար ժառանգ թողուցին:


«CNN-թիւրք» կոչուած կայանը միւսներէն տարբերակիլ եւ տարբեր երեւիլ կուզէ, իբրեւ ամերիկեան կայան, մարդասիրական ու աւելի ժողովրդավար: Երեկ հին վայրկեանէն աւելի չկրցայ դիտել եւ լսել թուրք դուրսի գործերու բաշխան Ահմետ Դաւութօղլուն: Ես կ’ըսեմ՝ կարկտան քաղաքականութիւն: Այս է Թուրքիոյ քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան նկարագիրը: Իրենց ամօթը գոցելու համար չիթեր կը բերեն ու կը կարկտեն պատռուած մասերը: Երեկ Դաւութօղլուն դուրսի գործերը թողած ներսի գործերով կը զբաղէր: Կարկտուած հագուստի չիթերը երբեմն այնքան անճոռնի տեսք կուտան, որ աւելի մեծ ամօթ ու այպ կը պատճառեն, քան մինչ այդ ունեցած ճեղքերն ու մաշը:
Ժամանակին Սուլթանը իր ծաղրածուին կը հրամայէ այնպիսի յանցանք մը գործել, որու արդարացումը աւելի մեծ յանցանք ըլլայ: Կ’անցնին օրեր, եւ մտատանջութեան մէջ ինկած ծաղրածուն չի կրնար գտնել Սուլթանին ուզածը: Օր մ’ալ, վերջապէս, մեր ծաղրածուն կը տեսնէ Սուլթանը աստիճաններէն վեր կը բարձրանակոր. արագ մը կը մօտենայ եւ յետոյքը խիստ կը կսմռթէ: «Ծօ, քարաթա, գլուխդ պիտի թռցնեմ հիմա, ի՛նչ կ’ընես»: «կը ներես Փատիշահս, Խանըմ Սուլթանն է կարծեցի»- կ’ըլլայ պատասխանը:
Արդարեւ թուրք լրատուամիջոցները սկսած են լուրջ վերաբերիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, ու աւելի ինքնավստահօրէն քննադատել այն գործողները: Ինքնախարազանման այս գործընթացը կ’անհանգստացն է դուրսի գործերու նախարարը, այդ անհանգստութիւնը թուրք նախարարին ըսել կուտայ .«Հայերը կ’ըսեն գաղթ էր...եթէ այդպէս չըլլար՝ մենք չէինք ըլլար»:
Էրդողանի ոչ դիւանագիտական արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած առաջադիմական յօդուածները շփոթեցուցած ըրած են թուրք արտգործնախարին միտքը, ու այն մեկ կարթով մի քանի ձուկ որսալ կը կարծէ իր բուլանըխ մտածողութեամբ:
Արդարեւ, ան, յստակ, արագ, հատիկ-հատիկ արտասանած բառերով ու ինքնավստահ առոգանութեամբ ճիշտ խօսող ու դիւանագէտ մարդու տպաւորութիւն կը թողու: Նախ՝ հայերու անունով խօսելով ըսաւ թէ մենք «գաղթ» անունը կուտանք: Հայախօսութեան տարածման վառ օրինակներէն մեկն ալ «մյեծ էգերն» բառակապակցութիւնն է, զոր սորվեցան Օբամայէն մինչեւ Էրդոգան: Ինչեւէ, կարծես գաղթեցնելը, անապատին մէջ, անջրդի, սովամահ ընելը, հայրենիքէն, տունէն, ապահովութենէն ու պատիւէն զրկելը թեթեւ յանցանքներ են: Երկրորդ քաջագործ միտքը, որ փչեց Դաւութօղլույի շունչը, իբր թուրքեր ու Թուրքիա չէին ըլլար, եթէ ցեղասպանութիւն չգործուէր, Խանում Սուլթանի փարթամ զանգուածը կսմռթելու ծաղրածուի օրինակին կը նմանի: Այսպիսով թուրք արտգործնախարարը, իր եւ թուրք ժողովուրդին խիղճը կը հանգստացնէ՝ արդարացնելով Հայոց Ցեղապսանութեան իրագործումը, այլապէս հայերը պիտի ցեղասպանէին թուրքերը: Մարդիկ կան, ինչպէս որ են իրենք, այդպէս ալ կը կարծեն դիմացինները: Դաւութօղլուն, իր այս արտայայտութեամբ, թուրքի ցեղասպանական պահուածքը իր բերնով կը բեռցնէ հայ ժողովուրդի ճիտին՝ մեղադրելով զայն՝ կանխակալ, առանց մեղքի մէջ գտնելու, իբր հայերը պիտի ոչնչացնէին Թուրքիան ու թուրքերը, ուստի ճիշտ ըրին իթթիհադականները: Աշիրեթական, gangster-ական մտածելակերպ է ասի, պարոն չիթճի Դաութօղլու, ու եւրոպաբար զգեստաւորի օրինակը խիստ սազական է քեզի:
Խնդիրն այն է, որ շան կաղկանձը անտեսելու նման կարելի է անտեսել հտպիտի ծամածռութիւնը, բայց լուրջի չես կրնար չառնել զօրեղ երկրի մը բարձրաստիճան պաշտօնեայի խօսքը:

Tigris
25.03.2010, 22:36
Թուրքիոյ վարչապետ Էրդողանի սպառնալիքը՝ հայերը վտարել, նորութիւն չէ: Սպառնալիքին հետեւած թրքական արձագանգներէն յիշենք մի թուրք գործիչի ասածը, թէ պէտք է թողնենք հայերը ապրեն Թուրքիայում, որպէսզի տարբեր երկրների քաղաքագէտները տեսնեն, թէ ինչպէս Թուրքիայում 100 000 հայ է ապրում՝ թուրքերի հետ միասին:
Նոյն թուրք գործիչին պէտք է ասել, այո՛, այսօր Թուրքիայում 100 000 (մօտ 60 հազար) հայ է ապրում, սակայն, նոյն ժամանակ, այսօր, Թուրքիայում, առնուազն 14900000հայ չի ապրում, եւ որ պիտի ապրէր, եթէ գործուած մեծ ոճիրը չգործուէր, այն ոճիրը որ այժմ դուք կը մերժէք ընդունել: Այդ հայերը որ նշեցիք, ձեր Թալեաթի խոստացած թանգարանային նմոյշն են: Պիտի բոլոր քաղաքներում հայեր լինէին: «Մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց» չկայ. ոճիրը ոճիր է: Ընդհակառակը՝ այն պատրուակները, որ կը մէջբերուին, խոստովանանքի են նման, քան արդարացման:

Tigris
27.03.2010, 20:37
,,,,,Քաղաքական եւ կրօնական կազմակերպութիւնները ստեղծւում են մարդկութեան, երկրի եւ հայրենիքի համար՝ ինչպէս ասում են: Յետոյ անցնում են տարիներ, մոռացւում է ստեղծման հիմնական պատճառն ու նպատակը, գործից անցում է կատարւում աւանդ պահելուն, -որսացած եղջերուի գլուխ զմռսելու պէս,- ու իրենց գոյութիւնը արդարացնելու համար՝ զարկ են տալիս ինքնագովասանքին: Ինքնագովասանքի խնդիրը լուծւում է տօներով, յոբելեաններով, ծէս ու կարգով:
Յետոյ գալիս է ծէսն ու կարգը պահպանելու խնդիրը, քանի որ մարդիկ դրանցից էլ են յոգնում:
Ու որպէսզի չյոգնեն, փառաբանման ենթակայ ու առարկայ դէմքերն ու դէպքերըպատմական լինելուց դադարում են կարծես, ու ներկայի ժամանակներին առնչուելով ՝ վերագրւում են աւանդուածը պահպանողներին՝ հերոսացնելով ու փառաբանելով տօնախմբութեան մասնակիցներին:
Հերոսական դէպքն էլ դառնում է հենց նոր կատարւող ծէսը, տօնը կամ յոբելեանը:
Մարդիկ, իրենց են վերագրւում կատարուած հերոսութիւնները եւ յաջողութիւնները՝ ձրիօրէն վերցնելով ուրիշներից, երգում, խաղում ու խմում են իրենց կատարած (չկատարած) քաջագործութիւնների տարեդարձներին, որոնց հետ նրանց առնչութիւնը մի անուն է կամ վերնագիր:
Նոյնը չի կարելի ասել անցեալի ձախողութիւնների մասին:
Ժամանակն է մեկդի դնել բոլոր հանդիսութիւները, յոբելեանները, տօնակատարութիւնները եւ ձեւական բնոյթի ժամանակասպառ միջոցառումները, եւ անցնել գործի, աշխատանքի:
Աշխատանքն է հերոսութիւնը: Ծոյլ-ծոյլ նստելը ամօթ է նոյնքան, որքան գողանալը:
Եթէ վճարովի չգտար, ձրի աշխատիր. աշխատիր ինքդ քեզ ծառայելով, իսկ թէ քո գործերը աւարտել են՝ շրջապատիդ ծառայիր: Կողքիցդ անցնող անշահախնդիր մարդիկ պիտի գովերգեն գործդ եւ ոչ թէ դու պիտի շնորհաւորես ինքդ քեզ, քեզ թուացող կատարած քո գործի համար:
Անցեալի հերոսները ոգեկոչելով, նրանց ուսերին ամբառնալով դու չես կարող ազատուել: Դու ներայացնում ես ինքդ քեզ: Եւ ընդհանրապէս, ամօթ նրան, ով իր համար կեանքի նպատակ ու կենսակերպ է դարձրել ինքնագովասանքը:
«Ինքզինքը գովողը, կ’իյնայ աղբին կողովը»
Ծափ տալուց առաջ պէտք է իմանալ ճիշտ գնահատելը. անգիր անելուց առաջ պէտք է սովորել ընկալելն ու հասկանալը. լռել սովորելու հետ միատեղ պէտք է իմանալ խօսելը. կրկնօրինակ ու պատճեն լինելուց առաջ պէտք է սովորել անհատ ու ինքուրոյն լինելը:

Tigris
29.03.2010, 22:17
Արեւելքում անգիր օրէնքները աւելի են գործում, երբեմն նաեւ՝ միայն, քան արձանագրուած օրէնքները: Ահա թէ ինչո՛ւ չգործեցին «արձանագրութիւնները», անգիր օրէնք էին թուրքական նախապայմանները, որոնցից Արցախին առնչուող բաժինում զիջում չկատարուեց:

Իթթիհադ եւ Թերաքքի կուսակցութեան հիմնադիր «երիտասարդ թուրքեր»ը խօսում էին հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ արդարութեան մասին, սակայն հաւասարապէս, եղբայրաբար եւ արդարութեամբ չմորթեցին Օսմանեան բոլոր քաղաքացիները, այլ՝ միայն հայերը:

Ստացուել է այնպիսին, որ «հայ-թուրքական յարաբերութիւնները» աւելի կարեւոր են, քան Արցախի անկախութեան եւ ամբողջականութեան ճանաչումը:

Ադրբէջանը վնասում է Թուրքիային, եւ Թուրքիան Ադրբէջանին:
Թուրքիայի նապայմանները, այն է՝ հայ-ադրբէջանական խնդիրները հարթել, եւ յետոյ բնականոն դրացիական յարաբերութիւն հաստատելը Հայաստանի հետ, ըստ էութեան, հայասիրական են: Կարելի է ընդունել թուրքական բանաձեւը՝ նախապայմանի առնչութեամբ, բայց կարդալով հակառակը:
Իմաստի փոփոխութիւն չի լինի, եթէ ասենք՝ «Արեւը փայլուն է», փոխանակ ասելու՝ «Փայլուն է Արեւը»:
Անսալով Թուրքիայի պահանջին, ու ընդունելով բանաձեւը, կարդում ենք հակառակը՝ Մինչեւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները չկարգաւորուեն, Արցախի մասին ոչ մի առաջընթաց լինել չի կարող:

Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները կը կարգաւորուեն, երբոր Թուրքիան կը կարգաւորի նաեւ Սփիւռքահայութեան հետ իր ունեցած խնդիրները: Սփիւռքահայութիւնը մերժում է ցեղասպանուելու թրքական որոշումը, ուստի կոչ է անում, յետս կոչել որոշումը, ու եթէ չի կարելի այդ անել, կոչ է անում վերացնել ցեղասպանութեան հետեւանքները, որ, ցաւօք, դարձեալ չի կարելի անել:

Թուրքիան ապագայ հարիւր տարիների ընթացքում, բաւարար ժամանակ կունենայ ցոյց տալու իր բարի կամեցողութիւնը, մինչ այդ Ադրբէջանը թող սպասի հայ-թուրք յարաբերութիւնների կարգաւորումը:

Tigris
30.03.2010, 13:53
ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ


Հայերից ոմանք բարկանում են, որովհետեւ զիջումներ անելու տրամադիր չեն այլ հայեր: Հարց են տալիս, թէ ինչպէ՛ս ենք գնում բանակցութեան, առանց զիջման պատրաստ լինելու, եւ թէ ազատագրուած Հայաստանը հետագայում զիջելու համար չէին գրաւուել:
Այսպէս ուղղամիտ կարող է լինել հայը: Ասում ենք դիւանագէտ չենք, սխալ չենք:


Զիջիլ < իջանել, իջնել, խոնարհիլ:
Ադրբէջանը, խոնարհութեան, համեստութեան, խաղաղասիրութեան, զիջման, իջեցնելու որեւէ նշոյլ ցոյց չտուաւ: Ուրեմն՝ ինչո՛ւ մերկանալ եւ զիջման մասին խօսել: Ընդհակառակը՝ պատերազմասէր յայտարարութիւնները այդ երկի պաշտօնէութեան, բաւարար պատճառ է, բանակցութիւնները սառեցնելու:


Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում հարեւանների հետ վաղուց կուզեմ, բայց ցանկութիւններն ու իրականութիւնները չեն համընկնում:


Որեւէ երաշխիք չկայ, որ զիջումից յետոյ նոյնը չի լինելու: Իջանելու համար առնուազն երկու երկիր պէտք է զինաթափուի: Այսօր նրանք ակռաները սրած սպասում են: Եթէ խաղաղութիւն ենք ուզում, կռուելու պատրաստ լինելը միշտ պէտք է ունենանք:


Ի՛նչ ասել է, Հայաստանը 20 տարի անկախ է, բայց նրա հարեւան երկիր Թուրքիան շրջափակել է նրան: Այդ նշանակում է, ինչպէս որ վկայում են այդ երկրի վերին աստիճանի պաշտօնեայք, որ նրանք, երկուսը, Ադրբէջանն ու Թուրքիան, մեկ են՝ հայաջնջութեան սեւ գործում:
Այդպիսք, առաջին անգամ պէտք է ապաշխարեն, ծնրադրեն, իջանեն, յետոյ բանակցութեան սեղան հրաւիրեն «զերո» խնդիր յարուցանելու:


Երբ նեղն են ընկնում, ու ճշմարտութիւնից ցաւում են, այդժամ սկսում են խօսել իրենց զօրութիւնից, թէ՝ իննսուն միլիոն են, Նատոյում երկրորդ մեծ բանակը ունեն, մեծ տնտեսութիւն ունեն եւայլն:


Ապագայից են սարսափում, հակառակ նրան, որ մեկ միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ երկիր են: Ընդամէնը մի 5-10 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի համար աշխարհը իրար խառնում են: Այստեղ տեսնում ենք թիւրքական ընչաքաղցութիւնն ու գրաւել-գողանալու հիւանդագին տենչանքը, եւ Հայաստանը խեղդելու իր դարաւոր սեւագործութեան շարունակումը:
Հայաստանը պէտք է վերանայ, որպէսզի գողի գողացածը, ցեղասպանածը մի անգամ եւս միջազգային բեմերում զրոյցի առարկայ չլինի՝ թէեւ գողացուած իրաւատէրը բարոյական եւ չնչին նիւթական հատուցումից աւելին դժուար թէ ստանայ: Դա էլ մերժում են:
Սխալ չէ կարծել՝ իշխանութիւնները, վարչակարգերը փոխւում են, սակայն պետութեան ընդհանուր ուղեգիծը մնում է նոյնը:


Հայերս տատանւում ենք, մերթ պապից աւելի պապականի եւ մերթ չգիտեմ ինչի միջեւ: Քաղաքականութեան շարունակականութիւն չկայ:


Կարծում եմ, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող վարչակարգը հիանալի առիթ ընծայեց գողերին, որպէսզի հայութեան առաջ իրենց ունեացած վատ դիմագիծը, գուցէ որոշ չափով, սիրունացնեն:
Եթէ բացէին սահմանը, ազգի մէջ խիստ երկպառակութիւն պիտի լինէր: Թուրքերը փրկեցին մեզ հայամիջեան յաւելեալ թշնամանքից: Բայց ոչ, մենք կը լինէինք բաւարար իմաստուն՝ հասկանալու պետութեան եւ ազգի շահերի առաջնահերթութիւնները: Երեւի թուրքերը տեսան, որ սահման բացելով ազգը՝ Սփիւռք եւ Հայաստան պառակտում ու խզում չի լինելու: Ես չեմ ասում, իրենք են շատ ասել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բարիդրացիական յարաբերութեամբ կարելի է «ծայրայեղական» (իմա՝ պահանջատէր) հայերը անջատել Հայաստան պետութիւնից եւ արգելել Ցեղասպանութեան բանաձեւերի ընդունումը:


Ուրեմ կայ աւելի մեծ շահեր, քան բանաձեւերի եւ ցեղասպանութեան յիշատակումը:


Հայաստանից ամէն զիջում, մեղմացում, թուրք քաղաքագէտներից ընկալւում է որպէս թուլութիւն: Այդպէս են արտայայտւում վերլուծաբաններն ու քաղաքագէտները, որ՝ Հայաստանը անմարդաբնակ է, անգործ են մարդիկ, անհրաժեշտ պէտք է նրան սահմանի բացում, որպէսզի տնտեսական արիւնը գործէ նրա երակներում, ուրեմն պէտք է կարելի եղածին չափ զիջում պոկել նրանից: Այդպէս ասաց Ռեջեբը, lux ֆրանսերէն բառը գործածելով, թէ իրենք իրաւունք չունենք լինել անքան շռայլ (lux) եւ չպարտադրեն Հայաստանին զիջումներ Արցախի առնչութեամբ, քանի որ առաջարկը Հայաստանից է գալիս եւ նա պէտք ունի Թուրքիային:
Ուրեմն ինչո՛ւ բանալ սահման ու ապրեցնել փոքրիկ Հայաստանը:


Նախաձեռնող լինել, սակայն Հայկական իրաւունքների պաշտպանութեան շրջանակում:
Հայաստանը դատապարտուած է Թուրքիա եւ Ադրբէջան անուններով դրացիներ ունենալու: Բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելը-չհաստատելը հայութեան կամքով չի թելադրւում, այլ անցեալի դիրքաւորումների եւ ներկայի շահերի թելադրանքով, այնպէս որ հաւի նման երազում կորկոտ տեսանելով չենք կարող հայ-թուրք խաղաղութիւնը եւ բարեկամութիւնը տեսանել եւ իրականացումը ուզել:


Այստեղ հակաճառում են միամիտները, թէ ինք գնացել է Թուրքիա եւ յարգանքի է արժանացել: Այսպիսիների քաղաքագիտութիւնը սահմանափակւում է թուրքական քյաբաբի, հագուկապի, Միջերկրականի ծովափում լողանալու սահմաններում: Թող իրենց մարդասիրական գաղափարները պահեն մտքերումը: Մի քանի անգամ ասել եմ, այն, որ Թուրքիան անհատ հայերին յարգում ու պատւում է, իսկ կազմակերպուած հայութիւն չի հանդուրժում, որովհետեւ կազմակերպուած ու համախումբ հայը հայ մնալու ու շարունակուելու ընդունակութիւն ունի, իսկ անհատ հայը, անհաաբար մտածող հայը, եսակենտրոն ու մորթապաշտ քաղքենի հայը, մի օր կը ձուլուի, կուծանայ՝ մսասէր աշխարհում:



Թուրքը ճիշտ է մտածում ու գործում՝ թուրքական դիտանկիւնից:

Tigris
31.03.2010, 18:53
Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ձախողած են կարծես, Թուրքիայի թերացումով, քանի որ Տիկին Կլինտոնը պիտի համոզէր ամերիկահայերը այդ ուղղութեամբ, սակայն արձանագրութիւններու վաւերացման ձախողմամբ, պէտք չմնաց համոզել ամերիկահայերը:

Համոզելու առաքելութիւնը, հիմա, Թուրքիան իր վրայ առած է:
Թուրքերը չեն հասկընարկոր, որ աշխարհասփիւռ հայութեան գիտակից շարքերը ահաւոր սիրով կապուած են Հայաստանի Հանրապետութեան:
Արդեօ՞ք անոնք ալ իրենց տեղեկութիւները քաղած են, միակողմանի, ապազգային ու որովայնասէր՝ «ուր հաց հոն կաց» տիպի մարդոցմէ, ինչպէս երբեմնի հայաստանեան լրատուամիջոցները քաղեցին իրենց տեղեկութիւնները՝ ներազգային քաղաքական պայքարի յորձանուտի ընթացքին:
Անցեալին, հայկական պատասխան-ահաբեկչութեան տարիներուն, նիւյորքաբնակ կէս-ասորի կէս-հայ մը կը ցուցադրէին թրքական հեռատեսիլէն, մարդ մը, որ աբեղ-ցբեղ կը խօսէր, թրքութիւնն ու Թուրքիան կը գովէր: Ան, օր մը ալ խօսեցաւ հայկական ցեղասպանութեան տարիներուն իր ծնողներուն կրած տառապանքի մասին: Ատկէց վերջ չտեսանք զինքը:

Գիտակից սփիւռքահայը ազգային գետնի վրայ ունի մի սէր, ոչ երկուքը, դա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Ուստի՝ թուրք դիւանագիտութիւնը, որ այս անգամ պիտի փորձէ «սիրաշահիլ» ամերիկահայութիւնը, սկիզբէն ինքզինք ձախողութեան պիտի մատնէ, եթէ չգիտակցի, թէ Սփիւռք կը նշանակէ Հայաստան, այնպէս որ Հայաստան կը նշանակէ Սփիւռք:

«Թէ այդքան սիրում ես, արի՛ տուն» կասէր պարզամիտը, առանց տարբերելու ծնունդով հայաստանցին, արիւնով հայաստանիից: Ես տունս չեմ թողել ու գնացել Չինումաչին: Իմ տունը սփիւռքեան այս գաղութում է. հայրենիքի սէրը ինձ մտածել է տալիս քանդել տունս, գալու համար Հայաստան:

Սփիւռքի ամերիկեան հատուածը, որ առաջամարտիկն է հայկական հարցերու միջազգային ճանաչման ու հետապնդման անվարձ գործին մէջ, չի կրնար համակերպիլ այն մտքին, որ կարելի է բարեկամանալ կամ հաշտուիլ երկրի մը հետ, որ շրջափակած ու բանտարկած է հայապահպանման օրրան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Հետեւաբար, ինչպիսի միամտութիւն է ցուցաբերուած թրքական արտաքին գործոց նախարարութենէն, թէ ինք հայ-թրքական հակամարտութեան հանգոյցի կծիկը սփիւռքէն պիտի փորձէ քակել: Թէ՞ այս ալ թուրքական օյինբազութեան մեկ այլ տարբերակն է՝ ժամանակ շահիլ, խուսանաւել, ձեւացնել աշխատանք, բայց ընել ոչինչ:

Խորհրդային Հայաստանը կարիքը ունէր հայութեան ներկայութեան` Երկրորդ Աշխարամարտէն ետք: Միկոյեանը կազմակերպեց աննախընթաց ներգաղթ մը: Հայաշատ ու հայատրոփ միջինարեւելեան գաղութներ հայաթափուեցան. ամբողջ հայկական թաղամասեր ամայացան: Մարդիկ, իրենց տուները ջուրի գինով ծախեցին Հայրենադարձութեան կոմիտէի կարգ մը ճարպիկ անդմաներուն: Պիտի երթային՝ յետաձգել չըլլար: Օրին, ոմանք, դէմ դրին հայրենադարձութեան, ատոր մէջ տեսնելով ժողովուրդի կորուստ: Շրջաբերականներ շրջեցան հայրենադարձութեան դէմ: Իրաւացի էր հախորհրդային այդ դիրքորոշումը՝ մարդկային գետնի վրայ, քանի որ մարդիկ կը կարծէին լիութեան մէջ պիտի ապրին՝ ինչպէս կը քարոզուէր: Ազգային գետնի վրայ ճիշտ էր հայրենադարձումը, որովհետեւ Խորհրդային Հայաստանը լուծարելու վտանգ կար, պատերազմի հետեւանքով խստիւ նուազած բնակչութեան պատճառով: Կամ ալ այդպէս կը վախցնէին սփիւռքահայերը, որ՝ եթէ չերթաք Հայաստան, Վրաստանին պիտի միացնեն զայն:
Մեր ազգականներէն շատերը գացին: Բոլորը հիմա ԱՄՆ կապրին: Չեմ գիտեր ես ինչ կընէի, թերեւս Մարքսիզմ-Լենինիզմի տեսաբան կըլլայի, կամ կոլխոզի չոբան, կամ ուսմասվար (J): Չէ, եթէ պիտի լքէին Հայաստանը, աւելի լաւ չէ՞ր երբէ՛ք չերթային հոն, ու մնային Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին՝ հայրենամերձ երկիրներու մէջ:
Ամէն պարագային չենք կրնար մեղադրել, ամէն մարդ իր կեանքը պիտի ապրի: «Հայրենիք-Հայրենիք» երազելով եկան Հայաստան, ու իրենք զիրենք գտան Ալթայի երկրամասին մէջ՝ Սիբիրը շէնացնելու: Չէ՞ որ Խորհրդային Հայաստանը Խորհրդային երկրի մի մասն է, ու խորհրդային քաղաքացին երբեւէ չպիտի խտիր դնէ հանրապետութիւններու եւ մարզերի միջեւ: Նրա համար միեւնոյնը պիտի լինի:
Գիրք մըն ալ ունիմ՝ «Ես Յանցանք Գործեցի», ուր նկարագրուած է ռուսահայ երկրաբանի մը ոդիսականը: Արդարեւ ան աւարտելով համալսարանը, գործ գտնելու համար դիմած է համապատասխան մարմիններ: Զինք ուղարկած են ծայր աստիճան հետամնաց, սոված ու անիրաւութիւներով հարուստ գիւղական համայնք մը: Գանգատելով տեսած իրականութեան մասին, ինքզինք Ճամբար ճամփելու տոմսի սակը ձրիօրէն ճարած է: Բժիշկներ, մտաւորականներ, նկարիչներ, հայրենադարձ հայեր եւ ովքեր ու ովքեր ճամբարին մէջ՝ մահուկենաց պայքար կը մղեն: Ծառ պիտի հատեն, որ փոր մը ապուր խմեն, որ ապուրէ զատ ամէն ինչի կը նմանի: Այս գիրքը եւ «Հայոց Դանթէականը» չեմ կրցած մինչեւ վերջ ընթերցել:

Սփիւռքի տարածքին, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, հայագիտական ու հայրենագիտական մեր ծարաւը կը յագեցնէինք հայկական մշակութային միութիւններու կազմակերպած դասախօսութիւններուն ներկայանալով: Օր մըն ալ, դասախօսը պատանիներուս կը պատմէր իսկական դաշնակցականի յատկանիշներու մասին– ընկերասիրութիւն, համեստութիւն, անշահախնդրութիւն, ծառայասիրութիւն, եւայն, եւայլն, եւ վերջապէս ու ամենակարեւորը՝ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ:
Ու տուաւ օրինակը, թէ հակառակելով իր պատկանած կազմակերպութեան որոշումին, մի ոմն դաշնակցական, հայրենասիրութենէ մղուած ներգաղթեց Խորհրդային Հայաստան (1946 ՞):

Փուճ է ամէն ձեւի ու կերպի հայկականութիւն, եթէ իր մէջ չունի եւ չէ խմորուած ամուր հայրենասիրութեամբ: Հայրենասիրութիւնը հայրենիքի ճանաչումն է, ու այդ ճանաչումէն բխած հայրենանուիրումը: Հայրենիքը իր զաւակներուն պէտք ունի, երբոր բացուին եւ երբոր չբացուին դռներն յուսոյ: Մենք իրաւունք չունինք սպասելու ձմռան փախուստին, ու յետոյ երթալ հայրենիք: Հայրենիքի կլիման միայն գարուն չէ: Ահա թէ ո՛ւր է հայրենասիրութեան չափերու բաժանարար գիծը:

Ունիմ գիրք մը, «Հայրենի հողին վրայ», որ խորհրդահայ քարոզչական մեքենայի հրատարակածն է: Գիրքին մէջ տեղ գտած է Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած եւ բացառիկ յաջողութիւններու հասած տարբեր մասնագիտութիւններու տէր հայերու մասին տեղեկութիւն: Մի քանին՝ խնամի-ծանօթ-բարեկամ-ազգական են: Անոնցմէ մեկը, որ իմ ազգականն է, հեռացած է Խորհրդային Հայաստանէն, որովհետեւ մերժած է անդամկցիլ Կոմկուսին: Իսկ Կոմկուսի մարդիկ միշտ հետապնդած են զինք, քանի որ չեն հանդուրժած բարձր դիրքի հասած մեկը Կումկուսէն դուրս: Այսինքն ամէն ինչ վարդագոյն չէ: Մարդէ մարդ՝ տարբեր ու բարդ: Մարդ կայ կը դիմանայ, մարդ կայ՝ ոչ:

Այս ամէնով հանդերձ, Հայաստանը կայ ու կմնայ ամէն հայու սրտին մէջ սիրելի անուն մը: Այդ անունի տիրոջ եւ անոր մանուկին՝ Արցախին հետ Թուրքիան յարգանքով պէտք է վարուի: Այլապէս Սփիւռքի մէջ կը հանդիպի հայանուններու, բայց ո՛չ հայերու:

Tigris
31.03.2010, 23:04
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յան Գիլանի Հայաստան կատարած այցի մասին էի մտածում, միտքս ընկաւ Պետրոս Դի Գիլանենցը. նա ինձ տարաւ Հայ վաճառականութեան ոսկեայ դարաշրջանը: Ո՛վ ասաց բրիտները չեն եկել Հայաստանից: (J)

Մտածում եմ՝ Հնդկաստանում, Պարսկաստանում, Հնդկաչինում, Ռուսաստանում, Իտալիայում, Հոլանդիայում, Լեհաստանում, Ռումինիայում եւ Օսմանեան Թուրքիայում հայերը վաճառականական բարձր դիրքի վրայ են եղել: Ի՞նչ է նրանց յաջողութեան գրաւականը: Ինչո՞վ են տարբերել մնացած ազգերից:

Որեւէ վաճառականութիւն չի կարող գործել, շարունակուել, բարգաւաճիլ, եթէ չի հովանաւորւում պետութիւնից՝ մանաւանդ այդ ժամանակներում: Հայ վաճառականութիւնը բարգաւաճել է պետութիւնների հովանաւորութեան շնորհիւ: Հայ վաճառականների նիւթական աջակցութեան շնորհիւ, մենք ունեցել են կանուխ տպագրութիւն, լուսաւորութիւն եւ եւրոպական կրթութիւն:

Վաճառականները սկզբից կարեւորել են եւրոպական լեզուների տիրապետումը:
Քրիստոնեայ տէրութիւնները հովանաւորել են հայ վաճառականներին, իրենց տիրութիւնների զարգացման սկզբնական շրջաններում, Լեհաստանում, կամ Ռուսաստանում եւ այլուր, քանի որ հայ վաճառակաները եղել են Արեւելեան տէրութիւնների հովանաւորալները: Արեւելքում հովանաւորել են հայ վաճառականերին, քանի որ հայերը գիտակ են եղել եւրոպական լեզուներին ու վաճառականական ցանց են ունեցել աշխարհում: Մահմեդական ազգերի պետերը, սկզբնապէս խորթ լինելով եւրոպական կրթութեանը, քանի որ այդ քրիստոնեայ կրօնական հաստատութիւններին էր պատկանում, հայերին էին գտնում որպէս միջնորդ իրենց եւ Եւրոպայի միջւե:
Նրանք թաղուած են եղել տգիտութեան թանձր մշուշի տակ, դեռ մոնղոլ-թաթարական աւերիչ ասպատակութիւներից իվեր: Խոտոր է եղել, նրանց, իսլամական ուսուցումից դուրս որեւէ օտար գիտութեան ուսուցումը:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը, հրեաներն ու յոյներն էին երկրի վաճառականութեան տէրերը: Յետոյ ժամանակներ փոխուեցին, մուսուլման ազգերի որդիները ուսում ստացան եւրոպական կրթարաններում, Թուրքիայում եւ Եւրոպայում, բայց դարձեալ վերոյիշեալ երեք ազգերի ներկայացուցիչներն էին գլխաւոր առեւտրականները Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Դարերի փորձը, ինչպէս նաեւ տարբեր կապերն ու յարաբերութիւնները գործում էին:
Սրանք, հայ դրամատէրերը, մեծ ներդրում են ունեցել հայ մշակոյթի զարգացմանը գործում, բացած լինելով վարժարաններ, տպարաններ, այլեւայլ մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններ: Հովանաւորեալ լինելով պետութիւնից, ինչպէս նաեւ փոխշահաւետ գործակցութեան մէջ լինելով նրա հետ, բնականաբար, ազգի բարերարի կարգավիճակի հետ միատեղ, հակամարտութեան մէջ կարող էին լինել բուն Հայաստանի ժողովուրդի ազատագրական ձգտումների հետ՝ բացառութիւնները յարգելով:
Եւ մենք տեսնում ենք, հին Պոլսում, թէ ինչպէս ամիրաների դասակարգը, պայքարել է իր իշխանապետական իրաւունքների պահպանման համար՝ համայնքի կրօնական թէ միւս հաստատութիւնների մէջ, ընդդէմ արհեստաւորների եւ աշխատաւորների իրաւունքներին:

Նրանք չէին կարող զգալ գաւառացի հայի տառապանքը: Զգալ թէ կարող էին՝ նրանց շահը թելադրում էր ընդդիմանալ ազատագրական պայքարին:

Հիմա արեւելեան եւ մահմեդական ազգերի զաւակները մեզանից լաւ գիտեն եւրոպական լեզուներ, միջնորդների պէտք չունեն: Հիմա առանձնայատկութիւններ չունենք, որ մեզ շնորհած լինի մեր դիրքը, բնութիւնը կամ պայմանները, ուստի մեզ մնում է հպարտանալ դուդուկով, որ անշուշտ կար՝ Ջուղայեցի խոջաների եւ Պոլսեցի ամիրաների վաճառաշահ գործունէութիւնների ժամանակ:
Այսինքն այն դերը, որ կատարել է Հայաստանը, դեռ Բիւզանդիայի եւ Աբբասեան Խալիֆայութեան ժամանակ, միջնորդելով երկուսի միջեւ վաճառականութիւնը, յետոյ նաեւ այն դերը որ կատարել է հայ համարձակ վաճառականութիւնը, աւարտել է: Աւարտել է, քանի որ վաղուց չքացել է կրօնական աստուածապետութիւնների հովանաւորութիւնները: Ուստի, երբ հպարտանում ենք հայ վաճառականութեան արձանագրած յաղթանականերով, եկէք չմոռանանք որ այդ յաղթականների համար պարտական ենք արեւելքցիների տգիտութեան:

Tigris
02.04.2010, 16:52
Մենք խօսում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան հին եւ նոր իշխանութիւնների ձախողած քաղաքականութիւնների մասին՝ իրաւացիօրէն կամ անիրաւ, բայց չենք խօսում ԱՄՆ-ի նման մի մեծ տէրութեան ձախաւեր քաղաքականութեան մասին՝ գոնէ հայ-թուրք յարաբերութիւնների կապակցութեամբ:

ԱՄՆ-ի վարչակարգը անցած տասնամեակների ընթացքում փորձել է մի քանի անգամ հաշտեցնել, հարթել կամ արդուկել հայ-թուրք կնճիռը, սակայն ձախողել է, քանի որ թեթեւի առել է այն:
Աշխարհի մի շարք երկրների ղեկավարներ հրաւիրուել են Վաշինգտոն, մասնակցելու ինչ-որ միջուկային հարցի քննարկման, որը այնքան էլ հայերին եւ թուրքերին չի հետաքրքրում՝ կարծում եմ:

Մի ձեռքով երկու ձմեռուկ շալակել չի լինի: Մենք, որպէս հայ, խորապէս հիասթափուած ենք Օբամայի վարչակարգի լպրծուն, անյստակ, առաձգական եւ շահադիտական քաղաքականութիւնից:

Մենք գիտենք Թուրքիայի դիրքորոշումը Իրանի միջուկայինի առնչութեամբ. կարծում եմ Հայաստանը եւ Հայ ժողովուրդը պակաս հարեւանասէր չպէտք է լինեն Վաշինգտոնում, որքան որ Թուրքիան ցոյց է տալիս Իրանի նկատամբ:

Իրանը այն երկիրն է, որ խստիւ անհանգստանում է նատոյականների ուժեղացումից Անդրկովկասում: Արցախի փաստացի հայապատկանութեան հանդէպ նրա դրսեւորած մի քիչ կրաւորական քաղաքականութիւնը բխում է իրավիճակը եղածին պէս պահելու, եւ ոչ միջազգայնանալու, դիրքորոշումից:

Մենք ոչ Ամերիկայի, ոչ էլ ուրիշ մի երկրի ունելին, ակիշը կամ աքցանը չենք: Մեր խնդիրները մեր ուսերի շալակածից էլ ծանր են: Հրաւիրող երկիրը մեզ տառապեցնող ո՛չ մի խնդրից չկարողացաւ փրկել, որպէսզի մենք էլ մեր ստրուկավարի ծառայասիրութեամբ ու անձնազոհութեամբ մեր եղբայրական հարեւանի հանդէպ դիրք ու որոշում ընդունենք:

Տեսանք Վրաստանը, մի քիչ իր, մի քիչ էլ Արեւմտեան կայսերապաշտութեան նկրտումներին տուրք տալով կորցրեց վարկ ու յարգանք, հող ու բարեկամ:

Tigris
02.04.2010, 17:54
Աչքը «սիրեմ» թուրք դիւանագիտական խելքին:
Մեհմետ Ալի Բիրանդը Երեւանի մէջ հարց տուած է ուսանողներուն, թէ ի՛նչ հարց պիտի առաջադրեն հայերը, եթէ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը:
Սա այն Բիրանդն է, որուն կը պատկանի «Հայկական ցունամի» բառակապակցութեան «copy rigհt»-ը:

Աչքը սիրեմ թուրք դիւանագիտութեան, որ շուկայիկ «բազարի» նստած է հայ երիտասարդներուն հետ:
Երիտասարդութիւնը չէ կրցած պատասխանել՝ ըստ Բիրանդի:
Հարցը ինքնին նոր հարցադրումներու դուռ կը բանայ:
«Իսկ դուն, Բիրանդ բեյ, ինչո՞ւ նախապայմանով Ցեղասպանութիւն պիտի ընդունիս» հարցին հարցով հարց տուող մը չէ եղած երիտասարդութեան մէջ:
«Մի՞թէ ձեր խիղճը պիտի դատէ ու դատապարտէ՝ ըստ մեր տալիք պատասխանին» հարց տուող մը չէ եղած:
«Մի՞թէ ձեր ընդունումը քաղաքական ակտ է, եւ ոչ ապաշխարում ու ներման հայց, Բիրանդ էֆենդի» ըսող մը չէ եղած:
Նախքան ձեր հարցին պատասխանելը, բարոն Բիրանդ, եկէք համաձայն ըլլանք, այն հարցին շուրջ, որ «Կարաբաղ» եւ «Ազարբայջան» բառերը ձեր խօսակցութիւններու ընթացքին, հայ-թուրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ, վարակիչ ու մահացու վիրուսինման կը խափանեն ծրագիրները ու կ’առկախեն սկսած որեւէ գործընաց: Դուք ոչ միայն չպիտի արտասանէք այդ բառերը, այլեւ չպիտի մտածէք այդ բառերը նշող երեւոյթներու մասին: Bir

Երկու. Դուք ցեղասպանութիւնը ինչո՞ւ պիտի ընդունիք: Երբոր պատասխանէք, այնժամ ձեր հարցին պատասխանը կը տրուի: Եթէ օտար միջամտութիւններու, օտար երկիրներու խորհրդարաններու որոշումներու թափը, կամ հայկական Ցունամին կասեցնելու համար է, ապա չարաչար կը սխալիք բարոն Բիրանդ: Այդ ճանաչումներու թափը կասեցնելու համար, առաջին հերթին պիտի ընդունիք ձեր ոճիրը, յետոյ՝ պիտի մաքրէք ձեր թափած աղբը:

Tigris
05.04.2010, 18:16
«Խնձորին լաւը արջերը կուտեն»

Tigris
06.04.2010, 16:12
ԹՒԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՉԵՄ ՀԱՒԱՏՈՒՄ

- 40 միլիարդ դոլար,
- 10 միլիոն հայ:

Առաւելագոյնը՝ 8,5 միլիոն հայ կարող է լինել:
Բայց մենք սիրում ենք «կլոր» թիւերը, ու անվնաս խօսքի ընթացքում կարելի է պայմանականօրէն մէջբերել կլոր թւեր: 40 միլիարդը միայն կլոր չէ, այլեւ՝ պոչաւոր աստղ է, գիսաստղ՝ չասելու համար պոչաւոր սուտ:
Մենք չենք ասում թւեր չկան, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան նման փոքր, քարքարոտ երկիր, չի կարող այնքան փող ունենալ, որի մի մասը՝ «ապառիկ» տայ սրան ու նրան, ու նրանցից մէկն էլ, առանձին, «վեկալէ» 40 միլիարդ դոլար: Դուք հասկանո՞ւմ էք ի՛նչ թիւ է 40 միլիարդ դոլարը:

«ԱՐԻ՛ ՏՈՒՆ»

Չեմ գայ տուն: Խոնարհս կարծում է, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է զբաղի նաեւ ընկերային արդարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան հարցով, վասնզի այն սփիւռքահայերը, որոնց հետ զրուցում էինք Հայաստան գնալու մասին, հիասթափուել էին իրենց անձնական փորձից:

Կրիմինալ սերիալների «հերոս»ների մասին էր խօսւում, թուաց ինձ: Թաղային «հեղինակութիւններ», հովանաւորեալներ եւայլն:

Տեսնում ենք «Հռոմէական» պալատները (ռեստորաններ, առանձնատուներ), քշուած մեքենաները, աչքը ճոխութեան մէջ բացած որդիների զեխութիւնը, ու՝ մտատանջւում:
Բնական, նորմալ, հայրենասիրական, օրէնքի սահմաններում, մարդավարի գործարարութեամբ այս ամէնը մէջտեղ չեն գալ: Երկինքից մանանայի նման դոլար չի թափիր:

Հայը իր մշակոյթից, Արարատից, Հայ Դատ ու Ապրիլ 24-ից բացի ունի արդարութեան հանդէպ սէր, պաշտամունք:

Ոչ բոլոր հայերը Հայաստանում փափագում են ունենալ ԽԾԲ, հովանաւորներ, կռնակ կամ թիկունք: Ուզում են թիկունքը լինի օրէնքը, որի առաջ բոլորը հաւասար են:

Արարատը, Հայ Մշակոյթը, «Արի տուն» կարգախօսին հետեւող սփիւռքահայի համար երկարաժամկէտ կեր չեն մնայ. ի վերջոյ հայը մարդ է, ու եթէ Հայրենիք պիտի վերադառնայ, մարդավարի երկիր պիտի վերադառնայ:

Tigris
06.04.2010, 16:56
- 40 միլիարդ դոլար,



Նկատի ունէի 4 միլիարդ, երբ կգրէի վերեւի բաները:
Եթէ երկիրը, ամբողջ, զարգացող ըլլայ, չքաւորութիւնը ընդունելի մակարդակի հասնի, օրէնքը բոլորին համար նոյնը ըլլայ, այդ ժամանակ մենք միայն կուրախանանք հարուստ հայեր տեսնելով:
Նախանձ չունինք, ընդհակառակը, նախանձը՝ հիւանդութիւն, եւ նախանձ անձը ատելի կհամարենք:
--
Հրեշտակներու քաղաքին մէջ, հայ մը խուժած է ճաշարան, ու սպաննած 4 հայ:
Տեսէ՛ք, արբանեակային հեռուստատեսութիւններու տնօրէն-տէրեր. մեր իրականութեան հայելին կը ցուցադրէք կրիմինալ սերիալներով, ճիշտ էք, սակայն մի՞թէ դուք ազնուացնելու, դաստիարակելու, կրթելու կոչում չունիք:
Ձեր աստուածը դրա՞մն է: Դրա՞մ կը պաշտէք, rating-ի յետեւից էք ընկել:
Իմ մէջ էլ կրիմինալը արթնացնում էք, կներէք, քանզի էդ սերյալների «հերոսներին» ... անելու մեծ ցանկութիւն է առաջանում, կամքից անկախ՝ հենց որ ակամայից նայում եմ նրանց պատկառելի դէմքերին:

Tigris
06.04.2010, 22:22
Անունով՝
Նժդեհական, սոցիալիստ, յեղափոխական, քրիստոնեայ:

Tigris
07.04.2010, 18:53
Ազգի ղեկավարները, կուսակցապետերը, եւայլնները, չեն ուզեր միասին աշխատիլ, որպէսզի մեկուն կամ միւսին աստղը չմարի – չէ՞ որ իւրաքանչիւր խորոզ իր բակին մէջ կը կանչէ:
Միասնականութեան վրախնդալական ցուցադրութիւն է Ապրիլքսանչորսեան սգահանդէսի կազմակերպումը:
Յանկարծ մեկը աւելի փայլի, իր անհատականութեամբ, գործունէութեամբ, կարողականութեամբ, կազմակերպական տաղանդով ու յարաբերական կապերով: Ո՛Չ, կտրուկ ոչ, քանզի ու վասնզի, ու որովհետեւ: Ի՛նչ ասեմ:

Եւ կը յիշեմ հայ պետականութեան գահավէժ ընթացքը՝ Մեծ Հայքի տարածքին: Եսակենտրոն նախարարներ, իրարամերժ իշխաններ, պալատական խարդաւանքներ, թագաւոր դառնալու հիւանդագին մոլուցքներ եւ այլն:

Մեր ղեկավարները ազգը բաժանել են, ասելով՝ դու այս ձեւի հայ ես. նրանցից չենք մենք. մենք ենք իսկական հայերը: Մեզ մօտ ծնւում է, պատանի դառնում, առանց մտածելու, թէ ինչպէս պէտք է մտածէ ու ի՛նչ մտածէ. նախօրօք մտածւածը բերում ու յանձնում են նրան, հրամայելով՝ համի՛ր, ահա սրանք ենք քո դեռ չմտածած խնդիրների պատասխանները ու եզրայանգումները: Մեզ մօտ պատրաստում են ծափահարողներ եւ ոչ քննադատ մտքեր, պատրաստում են հետեւորդներ եւ ոչ առաջնորդներ, պատրաստում են կրկնողներ եւ ոչ երկնողներ, պատրաստում են լսողներ եւ ոչ խօսել իմացողներ: Հօտաղի եւ հօտի այս յարաբերութիւնը խիստ օգտակար է մեր ղեկավարներին, քանզի աւելորդ գլխացաւանք ու քննադատանք չեն ունենում սեփականշնորհուած քաղաքականութեան բակում:

«Ժառանգութիւնը» հրաւէր է կարդացել:

ԱԶԳի իսկական արժէքները, արժէքներ են բոլոր հայերի համար: Երբ որ սովորենք իրար արժէքները գնահատել, իրար թերիները առանց սրտնեղութեան ասել, քննադատել եւ կարելիութեան պարագայում սրբագրել, երբ որ բոլորը ազգի համար եւ ոչ միայն սեփական հատուածի համար աշխատելն իմանայ, երբ որ բոլորը միասին աշխատելն իմանայ, եւ այդ աշխատանքը չսահմանափակուի ձեւական, ծիսական, ցուցադրական հանդիսութիւններով, ահա այն ժամանակ մարդկութեան արագընթաց զարգացման մրցավազքին մի կերպ կը մասնակցենք, թէ չէ՝ մեր գաւառամտութեամբ եւ բոշայութեամբ նոյնը կը մնանք:

Tigris
09.04.2010, 12:41
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ

Այսօր օդը անուշ է՝ ջինջ, մաքուր, անապակ, զով եւ օդասուն: Միշտ որ կը գանգատիմ փոշիէն, նշոյլն իսկ չկայ. գարնանային առաւօտէն յագենալ չունիմ: Շնչեցի հանրային պարտէզի անուշաբոյր օդը, որ օծուած էր ծաղկուն ծառերու եւ թուփերու տտիպ քաղցրութեամբ: Փառք մայր բնութեան:

Տեղ մը կարդացի՝ հայասէր եւ հայրենասէր անձ մը երազին մէջ տեսեր է, թէ ինք թուրք կնոջմէ ծնած է:
Ինչո՛ւ այս ներքին ցանկութիւնը անգիտակցականի:

Փոքր էի, չեմ յիշեր քանի՛ տարեկան՝ ո՞ւթ, թէ՞ տաս, մեր տան գրադարանէն գիրք մը առի ու կարդացի: Դէպքերը Հալեպի մէջ պատահեր են, Եղեռնի տարիներուն: 3 օր լացի, չկերայ, չքնացայ: Ծնողքս ետքը հասկցաւ «հիւանդութեանս» պատճառը եւ գիրքը հեռացուց հասողութենէս:
Դպրոցական էինք, նախակրթարանի աշակերտներ, մեզի կը տանէին Եղեռնի վերաբերեալ ցուցահանդէսներու: Եւ մենք կը դիտէինք ջարդի տեսարաններ ու խեղւած հայերու նկարներ:
Մեր մանուկ հոգիներուն մէջ խորապէս ազդած է մեր ժողովուրդի մատաղացումը...
Չեմ ուրանար, չեմ մոռնար, սակայն, տեղ մը, մարդկային բնական ու առողջ ինքնասիրութիւնը կ’ըմբոստանայ ու կը պահանջէ ըլլալ ահաբեկիչ՝ քան զոհ, ջարդարար՝ քան ջարդ կերած:
Մեր սիրտը յաղթութեան կարօտ էր, ու այդ յաղթանակի բերկրանքը զգացինք, երբ տեսանք հայկական մեքենաներու շարասիւնը Գորիս–Լաչին ճամբան կը հատէր` եռագոյնները պարզած պատուհաններէն:

Թուրք ազգը յաղթական ազգ է, ու թուրք կնոջ արգանդէն ծնած ըլլալ, երազի մէջ, կը նշանակէ յաղթական ազգի ծոցէն ծնած ըլլալ, ուժեղ ըլլալու պահանջք զգալ:
Զօրաւոր այրեր, զօրաւոր կիներէ կը ծնին, նմանապէս զօրաւոր կիներ՝ զօրաւոր այրերէ:

Tigris
09.04.2010, 18:48
Թուրքիան շատ սուղ կը ծախէ Հայաստանին ու հայերուն սահմանի բացումը, մինչ 200 միլիոն ու մի քիչ աւել բնակչութիւն հաշուող Ռուսիոյ հետ առանց անցագիրի դրութիւն հաստատեց: Գրած էի՝ հայութեան շունչը երկար պէտք է լինի: Մենք այս նախաձեռնողականութեամբ, որի ակունքը պէտք է փնտռել ՀՀՇ-ական գաղափարախօսութեան մէջ, թուրքերին տուինք սխալ նամակներ՝ տպաւորութիւն (մեսի՞ջ պիտի գրէիք):

Որոշ պետական մարմիններ կրնան իրավիճակը շտկելու համար տարբեր նամակներ արձակել: Օրինակ՝ «Հայաստանի ազգային շահը պահանջում է, որ Թուրքիայի հետ սահմանը փակ մնայ՝ առնուազն 25 տարի», կամ՝ «Թուրքիայի հետ սահմանի բացումը վնասում է Արցախի գծով բանակցութիւններում հայանպաստ լուծմանը»:
Յաջորդ օր Թուքիան կը բացէ սահմանը: Չէ, չի բացի, բայց այս ոգով պէտք է մօտենալ նրանց, որպէսզի ախորժակները չբացուեն զիջումներ կորզելու:
Շա՜տ թեթեւի ենք առնում թուրքերին, նրանք յագուրդ չունեն: Աւելի լաւ էր երբէք թուրքերին հետ չնստել, նրանց հետ չխօսել: Աւելի լաւ էր երբէք յարաբերութեան մասին չխօսելը:
«Շառից հեռու մնայ, ու նրան «երգիր»», «Ընձի չդիպչող օձը թո՛ղ հարիւր տարի ապրի»:

Ի վերջոյ, ինչքան էլ տարբեր պետութիւնների ղեկավարներ ասում են հայ-թուրք արձանագրութիւններում նախապայման եւ Ղարաբաղ չկայ, այդուհանդերձ թուրք ղեկավարների ղալմաղալը ահագին խթանեց Արցախի բանակցութիւների հանդէպ միջազգային ընտանիքի՝ Մինսկ-Չինսկ, եւայլնի ուշադրութեանը եւ հետապնդմանը:

Եւ նրանք պիտի շարունակեն կանչել, գոռալ, աղաղակել՝ «Ղարաբաղ ազերի թորպախը դըր»: Այսպիսի երկրի հետ ես ոչ յարաբերութիւն ոչ էլ սիրաբերութիւն կանեմ:

Tigris
09.04.2010, 19:36
Խաղատուն (խումարխանա) ունեցող երկիրը բարոյական իրաւունք չունի ուրիշ երկրներից դրամ խնդրել, որովհետեւ խաղատների յաճախորդների մեծ մասը քաղաքացի է, եւ բախտախաղը անբարոյական է, խաղատան յաճախորդներն էլ ձրի դրամ գտնողներ, քանի որ այդ դրամները ձրիօրէն նուիրում են խաղատների տէրերին:

Գիշերային ակումբներ (ոչ ընտանեկան), խաղատուներ, բաղնիքներ, եւայլն, սա չէ այն Հայաստանը, որի համար սփիւռքահայը իր օրապահիկը որդիներից կտրելով տալիս է «Համահայկական հիմնադրամներին»:

Tigris
10.04.2010, 14:05
ԲԱՌԱՄԵԿՆՈՂԱԿԱՆ

Վերեւ գործ ածեցի ղալմաղալ: Ղալ «ասաւ, ասաց» եւ մա՛ղալ «չասաւ, չասաց»: Ղալ-մաղալ՝ ասաց-չասաց. արաբերէն է:
Չեմ սիրում նման բառեր գործածել, սակայն տաճիկների մասին խօսելիս, ինքնաբերաբար միտքը վերյիշում է տաճկալուր բառեր: Ո՛ւմ, ի՛նչ եմ ուզում փաստել... այն, որ նրանց լեզո՞ւն գիտեմ:
Մի՞թէ տաճկաթուրքական բառերը ուժեղ են հնչում: Մի՞թէ նրանց մասին խօսելիս, պէտք է հնչէ նմանօրինակ բառեր: Ահա օրինակ, մեզ, Արեւելքում, կոչում են baron տիտղոսով: Արդեօ՞ք ճիշտ է, նրանց, նորօսմանցիների անուան սկիզբում դնել baron, seigneur, monsieur եւ նման բառեր, թէ՞ աւելի սազական է հաջի, բեգ, էֆենդի, փատիշահ, սադրազամ, խան եւ նմանները:
Զուտ լեզուական հարց եմ առաջադրում, ազգային թշնամանք չունեմ որեւէ ազգի հանդէպ, մանաւանդ սիրելի թուրքերի հանդէպ: «Իսկապէս»:Վերջապէս, ապրում ենք այնպիսի դարում, ուր ամօթ է այլեւս ազգեր ատելը, թրքութիւն անելը, երկիր շրջափակելը, խաղաղ մարաղացիներ կոտորելը:

Tigris
14.04.2010, 13:08
Մայր Հայաստան, գեղանի դուստրերդ Սփիւռքի մայթերուն վրայ կը տողանցեն: Լուռ են, անխօս, մենակ, փաստ չկայ հայութեան: Չէ՛, չեմ կրնար չճանչնալ Արարատեան ցեղի նշաձեւ աչքերը, կամար կապած յօնքերը, իգական նրբութեամբ քթիկ մը Հայկեան, ու բալ բերան՝ կեռասի նման:

Հայաստանից դուրս հայերը իրար ինչպէ՞ս են ճանաչում: Ներկայ են լինում հայկական միջոցառումներին, կրում են հայկական խորհրդանշաններ, իրար հետ խօսում են հայերէն (երբ մի քանիսն են), լսում են հայկական երաժշտութիւն իրենց կառքում, ու...զգում են:

Tigris
14.04.2010, 14:46
Արդեօ՞ք պէտք է գրեմ Վաշինգտոնեան հանդիպումների մասին:
Չեմ կարծում, ասելու բան չկայ:
«Գործի մէջ է ճաղատ Հասանը»: Էրդողան կոչեցեալը ստացաւ հայկական մի շնորհ եւս, սիրուն-սիրուն լուսանկարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հետ, հայկական եւ թուրքական դրօշների առջեւ՝ աշխարհին ցոյց տալով, թէ որքա՜ն բանակցող ու խնդիրները բարեկամաբար լուծող ղեկավարութիւն ունի Թուրքիան, մի երկիր, որ 700 օր է խաբում է հայերին, ու աշխարհին՝ բարեկամաբար լուծելով ոչինչ, եւ չարակամաբար արծարծելով ադրբէջանամէտ դիրքորոշումներ:

«Մինչեւ Ապրիլը»
Ո՞ւր են մեր վերլուծարարները: Կարծես պէտք է յետաձգենք Ապրիլ 24-ը մինչեւ Մայիս 24, որպէսզի «աստղագէտ»ների կանխատեսումերը արդարանան:

Սահմանը բացելուց յետոյ փակելը րոպէի հարց է, մինչ հող տալուց յետոյ հող առնելը դարերի հարց:
Կոյր գրիչից մի թանաքատում բաւարար է այսքան չարչարանքը ի զուր անելու, իսկ երկիր ունենալը իրերայաջորդ սերունդների զոհաբերումներ է պահանջում:
Թուրքիայի ղեկավարութիւնը կամ չի հասկանում հայերին, կամ էլ չի ուզում «զրո խնդիր» Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Թուրքիայի հաստամտութիւնը բախւում է հայկական հաստատակամութեան:
Գուցէ իրենք էլ նոյնը խօսում են հայերի մասին:
Այսպէս կարող է ընդմիշտ շարունակուել՝ անվերջ բանակցել եւ յավերժ բանախցել: Ապագայի հանդէպ մեծ յոյսեր են տածում թուրքերը. զարգացող տնտեսութիւն եւ բխող սեւ հեղուկ:

Վերյիշենք մի բան, որ յաճախ մոռանում ենք: Հայ-թուրքական դարաւոր պայքարի վերջին քսան տարիներին, յաղթել է հայութիւնը, վտարելով անկոչ վերաբնակները Հայկական Լեռնաշխարհի կանաչապատ Արցախ աշխարհի մեծ մասից, Սիւնեաց աշխարհի արեւելեան գաւառներից եւ նրանց արեւելեան մասերից (Աղահեճք, Հաբանդ, Բաղք, Կովսական), այս յաղթանակը վայելում է ողջ հայութիւնը, ու որքան գիտակից լինի Ազգը՝ այս յաղթանակի մեծութեանը, այնքան լաւ կօգտագործէ նրա պտուղները:
Ոմանք ասացին՝ «ի՜նչ փոյթ թէ հող է ազատագրւել, եթէ երկիրը երկիր չէ, ու չի զարգանում ու չի բնակւում, ու չի..., ու չի..., ու չի....»:
Գուցէ մոռանում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան ամէնախիտ բնակեցւած երկիրն է եղել՝ մի քառակուսի կիլոմետրի վրայ 120 մարդ: Շրջափակուած, համայնավարական կարգից միանգամից ազատ տնտեսութեան փոխանցւած Հայաստանի Հանրապետութիւնը սրանից աւելի լաւ բնակեցւած լինել չի կարող:
Համոզուած եմ, որ այսօր էլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Արցախ Աշխարհ հետ միասին, միջին հաշւով, տարածաշրջանի ամենախիտ բնակեցւած երկիրն է՝ մեկ քառակուսի կիլոմետրի առումով:
Ազատագրուած Հայաստանը չի կարող հայաբնակ դառնալ, եթէ այն վերահսկէ թուրք-ադրբէջանական զօրքը:

Գրելիքս կէս մնաց, դասընկերոջ եղբայրը եկաւ. Ամերիկայից Հայաստան է տեղափոխւում՝ եղբօրը մօտ: Բոլորս, եթէ ոչ մենք, ապա մեր որդիները, մեր թոռները, պիտի տեղափոխւինք Հայաստան, հատիկ-հատիկ, երամ-երամ, կարեւորը պիտի գանք, թէ պոկւել կարենանք, պիտի գանք, վաղ թէ ուշ, պիտի գանք, պիտի գանք՝ մնալու պիտի գանք:



-/*\-

Շատ ճամփորդող մարդը վերեւից կնայէ աշխարհիկ կենցաղային խնդիրներին, որոնք մեզի խոշոր են թւում: Ամէն մարդ գոնէ տարին երեք շաբաթ պէտք բացակայի բնակութեան մշտական վայրից:
Հայերս ասում ենք՝ «Գլուխս առնեմ երթամ»: Շատ կարեւոր է, չպէտք է մոռանալ գլուխը, որպէսզի հանգստեան վայրում թօթափուի նրանից ծանր բեռը:

Tigris
17.04.2010, 13:38
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
http://www.dnforum.am/showthread.php/5686-Մարդկութիւն՝-առանց-սահմանի?p=15493&viewfull=1#post15493



ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Բարի լոյս: Կը յիշեմ մեր երէցները՝ հին սերունդին պատկանող մարդիկ, երբ մի բան պիտի սղագրէին, թղթի կտորի վրայ, որ չմոռանան, հայերէն էին գրում: Ասենք շուկայից առնելիք կանաչին, մարդու անուն, հասցէ, եւայլն:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ամէնալաւ լեզուն, որ գիտէին, հայերէնն էր:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նրանց ժամանակ ուսուցումը լրիւ հայերէն է եղել սփիւռքի այս գաղութում: Թուաբանութիւն, պատմութիւն, գիտութիւն, բոլորը, բոլորը հայերէնով են սովորել: Ահա օրինակ՝ հայրս գիտէր բազմապատկում, նուազում, տասնորդական, առ հարիւր, ապառիկ եւ նման հաշուապահական բառեր: Յաջորդող սերունդները՝ երբ կրթութիւնը ազգայնացուեց, սովորեցին հայերէնը որպէս գրականութիւն եւ որպէս կրօն: Միայն: Հիմա, մեր հայերը, եթէ պիտի գրեն մի բան, թղթի կտորի վրայ, որ յետոյ չմոռանան, գրում են այն լեզուով, որմով ամէնաշատ պարապել են ուսանողութեան տարիներին: «Հայերէն թերթ կարդացող չկայ» ասելու չափ քիչ է: Հայերէն գրքեր չեն վաճառւում: Հայկական գրադարաններում գրքերը երկար սպասում են յաճախորդներին, ովքեր գրեթէ չկան:
Մանկութեանս տարիներին, շրջիկ գրավաճառներ կային՝ պատկերացնո՞ւմ էք: Կիրակի օրերը զանգ էին տալիս ընթերցողների դռները, առաջարկելով հայերէն գրքեր:

Մի բան է՝ օտար լեզուն իմանալը, եւ այն սովորելը լոկ որպէս լեզու, մի ուրիշ բան է աշխարհը ճանաչել օտար լեզուով եւ մայրենիին յատկացնել օտար լեզուի կարգավիճակ՝ այն ուսումնասիրելով որպէս լեզու և գրականութիւն:

Քանակով փոքր ազգերի ջանասէր զաւակները պարտաւոր են լեզուներ իմանալ, աշխարհին բացուելու եւ աշխարհը իրենց բերելու համար: Օտար լեզուների իմացումը կարելի է լինում մօր լեզուի կատարեալ կամ բաւարար իմացումից յետոյ: Մայրենի լեզուն լաւապէս չտիրապետողը, չի կարող հասկանալ, այլեւ թարգմանել սովորելիք նոր լեզուն: Շատ կը տանջուի:
Լեզուի դիրքը ուժեղանում է երբ պետութիւն է սատարում նրան: Կապակցուած է՝ ուժեղ պետութիւն, զարգացող տնտեսութիւն, առողջ կառավարում, գիտութիւն եւ կրթութիւն՝ հետեւաբար այն կրողների հանդէպ հետաքրքրութիւն:
Բաւարար չէ սիրել մայրենին, պէտք է սիրել հայրենիքն էլ:

Tigris
19.04.2010, 18:39
Հայաստանը ճանաչո՞ւմ է Կիպրոսի թրքական գրաւումը: Եթէ ոչ, ապա այն պիտի կոչուի՝ «Կիպրոսի բռնագրաւուած տարածքի ինքնակոչ նախագահ», կամ՝ «Այսպէս կոչուած՝ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական նանրապետութիւն», եւ ոչ թէ՝ «Կիպրոսի թրքական բաժնի նախագահ», ինչպէս հնչեց «Հ1»ի լրատւութեամբ:

Հիմա պիտի ասէ, ընթերցողը, թէ ի՜նչ փոյթ, մի՞թէ մեր ճանաչումը կամ մերժումն է կարեւոր:
Իսկ ինչո՞ւ մեզ համար կարեւոր չէ հայ մարդու գիտակցումը: Ձրիօրէն նուիրե՞նք Հայաստանը շրջապատող ու ցեղասպանող երկրին մեր անտարբերութիւնը, Կիպրոսի գրաւման ու կիպրացիների կոտորման առնչութեամբ, մինչ ի՛նք, ցեղասպան Թուրքիան, առիթ չի փախցներ Հայերն ու Հայաստանէն մնացած այս մի կտոր հողի վրայ վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեւացնել աշխարհի առաջ, եւ շրջափակել զայն՝ քաջալերելով Ադբէջանի նկրտումները:
Անտարբերութիւն՝ ոչ միայն Կիպրոսի, այլեւ Հայաստանի հանդէպ:

Դատաւորի առջեւ չենք կանգնած, որ ասէ մեզ, թէ՝ «դուք էլ Արցախ ունէք»– եթէ այս է «Հ1» լրատւութեան բաժնի մտահոգութիւնը:

Խի՞ղճ: Թէ խղճի ատեան լինէր, ու այդ ատեանի առջեւ կանգնած լինէի, կհարցնէի՝ Դատաւո՛ր, այդ ո՞ր խղճի արքայութեամբ պիտի իշխես մեզի. այն խղճի մարդկային իշխանութեա՞մբ, որ արտոնեց ամբողջ երկրի մը զոհաբերումը: Ի՞նչ երեսով կանգնած ես բարձր ամբիոնիդ վրայ, ու կը հաւակնիս ըլլալ դատաւոր, մինչ դուն լռութեամբ օրհնեցիր ամբողջ երկրի մը կողոպուտը, ամբողջ ժողովուրդի մը խողխողումը: Միթէ քու չգոյ արդարադատութիւնդ չէ՞ մերօրեայ մարդոց դասատուն ու դասը, միջազգային ու իրաւական ամբողջ ապուշաբանութիւններուն հիմքը:

Եթէ պէտք է, իրաւաբանական դաշտին վրայ ալ կը մարտնչինք, սակայն հիմա բաւականանք հայկական լրատւութեան թոյլ տուած «անտեղեակութիւնը» սրբագրել:
Եւ ոչ միայն սրբագրուի, այլեւ բազմալեզու դառնայ եւ աշխարհին լուր տայ, թէ ինչպէս Հայաստանը իր բնական, պատմական սահմանները կորսնցուց, թէ ինչպէս այսօր Թուրքիա կոչուածը կոխած է անթաղ հայ մեռելներուն դիակներուն վրայ, թէ ինչպէս Փոքր Ասիան, կամ Անատոլիան Անադոլու դարձաւ, իսկ Ստրաբոնը՝ ամասիացի թուրք աշխարհագէտ՝ որուն համար ալ արձան կանգնեցուցած են օսմանցի արքայորդիներու արձաններուն կողքին: Թէ ինչպէս ի՛րը կը համարէ Թուրքիան, այն ինչ որ աշխարհի խիղճը արտոնեց անոր գողնալ:
Պէտք է այս ամէնը մանրամասն պատմուի, տարբեր լեզուներով, «թաքթաքէն մինչեւ մնաք բարի», այնպէս որ թոշակառուն իր այցելութիւնները կը պատմէ իրեն պէս թոշակառուներուն, ձանձրացնելու չափ երկար ու բազմազանօրէն, զզուեցնելու չափ տեւականօրէն ու պարբերաբար. պէտք է ողջ աշխարհը լսէ, իմանայ, տեսնէ, որ Թուրքիան որո՞ւ ինչը կը վայելէ եւ ովքերու տան մէջ նստած է:
Ասորիներու, հայերու, պոնտական եւ անատոլիական յոյներու տան մէջ:
Ցեղասպանութեան պտուղը՝ ցեղասպանուած ժողովուրդներու տարածքներն են, որոնք Թուրքիայի ձեռքը զէնք դարձած, հիմա ալ կը գործածէ փոքրիկ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ:

Եթէ այս ամէնը պիտի չի խօսուի՝ ըլլանք շարքային պատմութիւն խեղաթիւրողը եւ ըսենք՝ «Հալալ է թուրքին»: Հալալ է՝ քանի որ մեզի պէս թշնամիներ ունի: Մարդկութիւն՝ առանց սահմանի:

Tigris
20.04.2010, 13:43
Քաղաքականութեան մէջ, ռեալ պոլիտիկի, զպատմութիւն դեր չունի- կըսեն: Ինչպէ՞ս թէ: Եթէ մեկը կը կարծէ ինք աստուած է, ու իր խօսքը միակ ճշմարիտն ու արդարն է, ինչպէ՞ս բանակցիլ անոր հետ:

Պէտք է բուժուի ան, մտային ու հոգեկան հիւանդութիւններէ, որոնցմով վարակուած է՝ խաբեբաներու յօրինած կեղծ պատմագրութեամբ: Ան չի կրնար գիտնալ իր տեղը իր երկրի ու աշխարհի մէջ, քանի դեռ կը կարծէ՝ անիրաւուած է, բռնագրաւուած է եւ այլն:
«Վեցերրորդ զգայարանք» շարժանկարի հերոսի՝ Bruce willis-ի ֆիլմին մէջ պատահածի պէս՝ ան կը կարծէ ողջ է, մինչ մեռած է, ոգի է:
Ահա այսպիսին է Նորին Սինափառ, Համահան, Իլհամ Ալիօղլին, ով համը հանեց իր կեղծապատումներով: Ան մաքեթ է, կրկնօրինակը, պատճէնը, շարքային ազարբայջանլուին, որ կը կարծէ, թէ իր դատը արդար է:


Պէտք է ասել «Մինսկ»ին ու Օբամային, Մեդվեդին ու բոլորին, որ Արցախի գծով խաղաղութիւն չի լինիր, եթէ մեր սիրասուն արեւելեան հարեւանացողները չբուժուեն բանակցութիւնները խանգարող ախտերից, առաջին հերթին՝ բունիաթովների ստապատիր կեղծարարութիւններից, որոնց զոհն է հենց Ադրբէջանի քաղաքացիները:
Ո՞վ կարող է համաձայն չլինել խօսքի ուժին: Կեղծարարների խօսքը փականք է դրել ադրբէջանցիերի խելամտութեան առջեւ: Փականքը փակել է խաղաղութեան տանող կածանը: Ուստի վերապատրաստման ու վերաընտելացման ճամբար պէտք է ուղարկել ալիզադէ իլհամները, format անելու նրանց ախտահար մտային բջիջները, զի ձուկը գլխից կը հոտէ, ու նրանից պիտի սկսել ատխահանումը:

Tigris
21.04.2010, 11:50
Բարի օր: Երեկ, առջի օր, օրեր շարունակ, կը մտածեմ Թուրքիայի աշխուժ քաղաքականութեան մասին: Երեկ ընկերս ասաւ՝ «Շատ խելացի կը վարուինկոր, այս կառավարութիւնը շատ վտանգաւոր է»:

Իմ սիրելի արաբ, գիտեմ հիասթափուած ես «Արեւմուտքէն», քանի որ այն քեզի պատառ-պատառ ըրաւ, տարբեր պետութիւններ կազմեց. Պաղեստինը բաժնեց ու հրեաներուն նուիրեց. գաղութարար են, բռնագրաւող են, կեղեքող են, վատ են, այս ու այն են:

Սակայն թոյլ տուր ասել, որ այդ վատի հետ միասին եկաւ քու ինքիշխանութիւնդ, պետութիւն ունենալու առիթդ: Ճիշտ է, որ այն ցանկալի մակարդակի չէ, սակայն նոր գաղութարարներէն զզուած ըլլալդ չի նշանակեր թէ հին գաղութարարները լաւն էին:
Այո, մենք տեսանք թէ ինչպէս ֆիլմի վերածեցիր Օսմանեան ժամանակշրջանի պայքարդ, նմանապէս տեսանք ֆրանսացիներուն դէմ ունեցածդ պայքարդ. երկուքն ալ ազատութեան, ինքնիշխանութեան ու պետականութեան վերականգման պայքար է՝ մեկը միւսին չի զիջիր կարեւորութեամբ:

Իրաքի գրաւումը, Պաղեստինի մէջ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն ունենալու բացակայութիւնը, քեզ մղեց հիանալու Թուրքիոյ վարչապետի ցուցական-քարոզչական կերպարով:
Այսօր, նորօսմանցիներու հանդէպ հիացմունքը, եթէ այն նաեւ մոռացութեան պիտի տայ անոր դէմ ունեցած բազմադարեայ պայքարդ, Մայիսի 6-դ, ազատութեան, ինքիշխանութեան ու իւնքուրոյնութեան համար նուաճուած բարձունքները կը մշուշէ, բարձունքներ, որ նուաճուեցան, հաւասարապէս, օսմանեան եւ բրիտանաֆրանսական գաղութարարներուն դէմ պայքարով:

Բրիտանացիներն ու ֆրանսացիները սատարեցին արաբական ազգայնականութեան գաղափարախօսութեան տարածումին, որպէսզի օսմանցիական հայրենասիրութիւնը սրբեն քաղաքացիներու միտքերէն: Այդ վկայեց իրաւաբանը, որ այդ տարիներուն ուսած էր Ֆրանսիա:

Իհարկէ՝ արաբ ազգայնականութիւնը կար, նախքան բրիտանացիներն ու ֆրանսիացիները, սակայն այն, նաեւ միւս լաւ բաները,, օրինակ՝ ազատուիլը՝ Օսմանեան կայսրութենէն, ունենալը՝ ազգային պետութիւններ, մի՞թէ վատ բաներ են, սիրելի արաբ եղբայր, նոյնիսկ եթէ եկած են վատի հետ միասին ու անոր ժամանակ:

Չեմ կարծեր մոռացութեան տրուած են այս ամէնը: Պահի թելադրանքներ են մեր տեսածները: Ու կը կարծեմ, ամէն արաբ համաձայն է գրածիս, որովհետեւ չկայ աւելի բարձրը, քան ազատութիւնն ու ինքիշխանութիւնը, եթէ ոչ բարձրեալը՝ այս ամէնի տէրն ու արարիչը:

Tigris
23.04.2010, 11:08
Անդրանիկը ի պատուի էր Խորհրդային Հայաստանում, քանի որ նա համաձայն չի եղել Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարների գործունէութեանը: Հարցս սա է՝ արդեօ՞ք նա բախտակիցը չէր լինի Համազասպին ու միւս ազգի հերոսներին, ովքեր կացինահարուեցին բոլշեւիկեան բանտում, եթէ կանխաւ չհեռանար Հայաստանից:
Ի նկատի ունիմ այն, որ կացինահարուողները, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի օրհասական պահերին մասնակցել են ինքնապաշտպանութեանը: Չլինի՞ հայ բոլշեւիկները կատարում էին իթթիհադականների, քեմալականների եւ մուսաւաթականների պատուէրները: Հայ ազատագրական պայքարի հերոսների կացինահարումը ընդհատուեց, շնորհիւ Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ Նժդեհի «Լեռնահայաստանին»՝ Ազատ Զանգեզուրին:
Այսինքն՝ Խորհրդային Հայաստանում ի պատուի էր նա, ում կացինահարելու առիթը չեն ունեցել խորհրդայինները:

Tigris
23.04.2010, 11:10
Ազգն ու հայրենիքը ամէն կուսակցութիւններից բարձր են:

Ի մտի ունենալով, որ բարեկարգութեան, արդարութեան, ազատութեան եւ մարդավայել կեանք ունենալու համար կռիւը արդար է, մի արդարութիւն, որի կռւի պատճառով արդար չէ ժողովուրդներ ոչնչացնելը, երկրների դիմագծերը փոխելը, հետեւաբար ոչ մի ձեւով չի արդարացւում ամբողջ մի ժողովուրդ ոչնչացնելը՝ մեծով փոքրով
Իսկ ժողովուրդի մեծ մասը հաւատարիմ է եղել Օսմանեան ստրկատիրական իշխանութեանը, հետեւելով Քրիստոսի պատուէրին՝ «Կայսրինը Կայսրին տուր, Աստծունը Աստուծոյ»: Հայի պետաանասիրութեամբ, տիրասիրութեամբ եւ օրինապահութեամբ միայն կարելի է բացատրել հլու հնազանդ մահուան կարաւանների հերոսական երթը դէպի սպանդանոցներ (Իհարկէ պատճառները շատ են): Հայը եղել է հաւատարիմ ազգ, իր որդիները անուանակոչել է Դեւլեթ-Դեովլաթ (պետութիւն)՝ պետութեան հանդէպ ունեցած այսպէս թէ այնպէս ստրկամիտ համարումին եւ ակնածանքին պատճառով:

Tigris
23.04.2010, 11:15
Հայոց Ցեղասանութիւնը ահռելի տարողութիւն ունեցաւ, քանի որ միակ Խոցելի քրիստոնեայ մեծ ազգն էր Հայութիւնը՝ Օսմանեան երկրում: Միւս քրիստոնեայ ազգերը, այսպէս թէ այնպէս ունեցել են տէրեր, հովանաւորներ, եղել են Եւրոպայում, մեր դժբախտութիւնն էր լինել Ասիայում՝ Հայաստանում:
Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ ահռելի տարողութեամբ, քանի որ թուրքերը, -երիտասարդ թէ ծեր,- գիտէին հայ ժողովուրդի խոցելիութեան մասին: Գիտէին՝ որ Հայը Անգլիացու համար այն չէ, ինչ Յոյնը նոյն Անգլիացու, գիտէին որ Հայը Ռուսի համար այն չէ, ինչ Բուլղարն ու Վալախը նոյն ռուսի համար:
Հետեւաբար՝ սկզբից ընկած ու ձախողած է թուրքի այն թիւր կարծիքը, իբր հայերը կործանում էին Օսմանեան Պետութիւնը: Հայը տարածուած էր ողջ Կայսրութեան տարածքում՝ արեւելքից արեւմուտք, ու եթէ ուշադիր նայես հայ յեղափոխութեան ծրագրերին, այն եղել է բարեկարգում, ազատում կարգերից: Այսինքն ընկերային (սոցիալական) ուղղուածութիւն է ունեցել: Այս յեղափոխականները, որոնք սոցիալիստներ են եղել միաժամանակ, չէին կարող հիացած լինել Ցարի վարչակարգով, կամ լինել նրա գործակալները, մի բանով, որմով մեղադրւում են հիմա թուրք եւ թրքամէտ հայ խօսնակների գրիչով: Արեւելքի՝ Հայաստանում ու շրջապատում բնակող բոլոր ժողովուրդների բարեկրթութիւնն ու արթնացումն են ուզեցել առաջին յեղափոխականները: Սակայն ինչ օգուտ, երբ իրական գետնի վրայ կրօնական մոլեռանդութիւնն ու ասիական դաժանութիւնը, արմատացած դարաւոր ստրկատիրական լուծն ու ազգային խտրականութիւնը, նաեւ վերջապէս՝ վոհմակային մտայնութեան պետականութիւնն են իշխել հայ ժողովուրդի կեանքը տնօրինող երկրում: Ու կամայ-ակամայ յեղափոխական սոցիալիստական շարժումները դարձան ազգայնական:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ, քանի որ թուրքերին պէտք էր վերջնական հայրենիք, Փոքր Ասիայում, Հայաստանի վրայով նաեւ դէպի Անդրկովկաս ու Միջին Ասիա ճանապարհ, մանաւանդ որ Բալկանեան ընդարձակ տարածքներ կորցրել էին: Այս էր ասում նաեւ թուրք պատմաբան Հուսեին Չելիքը, երեկ, Կանալթիւրք հեռուստակայանից: Օսմանեան Թուրքիան իր ներդրումներն ու հիմնական շինարարութիւնները կատարել էր Բալկաններում, Ասիական Թուրքիան նրա համար յետամնաց ծայրագաւառ էր, ու հանդիպեց կատարուած իրողութեան առաջ, հիւսիսային կովկասցի գաղթականներ, յետոյ բալկանեան գաղթականներ, ուրեմն պէտք է հայը վերանար, որպէսզի թուրքը երկիր ունենար:

Tigris
23.04.2010, 11:17
Սա մեծ յանցագործութիւն է, ցածոգի բորենու գազանութիւն: Մինչ այրերը, 18-45 տարեկան այրերը պաշտպանում են երկիրը՝ ծառայելով բանակին, նրանց ընտանիքները մորթւում են նոյն բանակի հրամանատարութեան վարձած մսագործերի ձեռքով:
Միայն կարող եմ վստահ ասել, որ հայաջինջ քաղաքականութիւնը եղել բոլոր թրքական իշխանութիւնների քաղաքականութիւնը Հայաստանում: Թուրքիան միշտ ձգտել է հայ գիւղացիները տարբնակեցնել կայսրութեան տարբեր վայրերում ու նրանց հողերը բաժանել տեղացի եւ օտար մահմեդականներին, ուժեղացնելու համար թուրք-քուրդ տարրը եւ Հայաստանը դադարեցնելու լինել ինչպիսին որ եղել է միշտ:
Պատմական դէպքերը քննելիս, չմոռանանք որ այժմ մեզ, ամէն ժամանակից աւելի, պէտք է ազգային համերաշխութիւն: Ականջ տանք մեր ազգի ու հայրենիքի կանչին, փոխանակ պաշպանելու մեր կուսակցական կամ հատուածական արժանապատւութիւնները:

Tigris
23.04.2010, 11:21
Թուրքն ասում է՝ «Կարշըլըկլը մուկաթելէ» («փոխադարձ կռիւ»): Այս փոխադարձը կարող է լինել երկու ըմբիշների, բռնցքամարտիկների, բանակների միջեւ: Մարդկանց ուղեղային կարողութիւնների հանդէպ այդքան թերահաւատ մի՛ եղէք, կեղծարար թուրքեր, փորձել մեղմելով ձեր նախենեաց յանցանքը: Դա արեց Համիդը, գրգռելով բաշիբոզուկներն ու թալանչիները, զինուած զանգուածները գրգռելով հայութեան դէմ, բայց 15-ին եղածը նաեւ պետութան բացայայտ մասնակցութիւնն էր, ո՞ւր կը թաքցնենք ձեր արիւնոտ մռութը:

Tigris
23.04.2010, 11:22
Քրիստոնէութիւնը, որ համարում են հայութեան հասցուած չարիքների աղբիւրը:
Նախքան քրիստոնէութեան մուտքը, հիմքեր ունինք կարծելու, որ Հայաստանը պարսկանալու ընթացքի մէջ էր: Մեր ազգը դեռ հնուց, թագաւորով ու իշխանական դասով, այլասիրութեան մէջ ախոյեան է եղել՝ չեմպիոն: Քրիստոնէութեան մուտքից՝ նաեւ պարտադրումից հարիւր տարի ետք, Եկեղեցին զինւեց հայութեամբ, հայ դպրութամբ, որպէսզի երկրի անկախութիւնը գէթ մշակութային առումով անկախ պահէ: Քրիստոնէութեան ընդունումը քաղաքական միջոցառում էր, գրերի գիւտը եւս, իսկ յոյն եկեղեցուց անջատւելը՝ առաւել եւս: Ամէն գնով ձգտել ինքնուրոյնութեան, ահա թէ ինչպէս պիտի վերլուծել պատմական դէպքերը: Մեր հայ լինելը պարտական ենք Սասանեան ընտանիքին, որ իշխանութեան հասնելով Իրանում, պատճառ հանդիսացաւ Հայ Արշակունիների առաւել եւս հայացմանը, Հայ մշակոյթով հետաքրքրմանը, Հայ դպրութեամբ զբաղելնուն, մշակութային անկախութեան զարկ տանելնուն: Այլապէս մենք կլինէինք ա՛յն ընթացքի վերջաւորութեան, ինչին գնում էինք ուրախ զուարթ, հեթանոսաբար, միջազգային հեթանոսութեան յորձանուտում:

Tigris
23.04.2010, 11:27
Խորապէս համոզուած եմ՝ քաղաքականութիւններն են որոշում ազգերի հաւատալիքները, կրօնները, կողմնորոշումները, արեւելումները (օրիենտացիաները):
Մեր դարաւոր պարտութիւնները դարերով կուտակուած քաղաքական սխալների գումարման հետեւանքներն են: Մեր կործանումը չսկսեց 19-րդ դարում: Սկսեց երբ Հայաստանը բաժանեցին, յետոյ մի անգամ եւս բաժանեցին, յետոյ հայութիւնը բաժանեցին, էլի բաժանեցին, ու այսպէս անընդհատ պատառ-պատառ ենք լինում, որպէսզի աւելի դիւրին մարսուենք Հայաստանի թշնամիների ստամոքսներում: Ազգի մեծամասնութեան Հայաստանի Հանրապետութիւնից դուրս լինելը այդ թշնամութեան հետեւանքն է: Եկէք չթշնամանանք իրար հանդէպ, որպէսզի մեր իսկական թշնամուն` Հայաստանի թշնամիներին արժանին մատուցենք:


Երբ սրբացնում ես մի բան, այդ բանը, առարկան կամ գաղափարը անձեռնմխելիացնում ես, ու խափանւում է միտքը, առողջ քննադատութիւնը, դատողութիւնը: Գաղտնաբառի նման անքննադատելին պաշտպանող «սրբութիւն» բառը գալիս ու անջատում է զարգացումը՝ նպաստելով ճահճացմանը:
Եթէ սրբացնենք լեհերի օդանաւի օդաչուն, սրբապղծութիւն կլինի օդանաւի սեւ տուփի վկայութիւնը, վասնզի սրբացուածը չի կարող սխալ լինել: Ուստի՝ արիք չսրբացնենք այն ինչը, որ բուն սրբութիւններին ծառայելուն է կոչուած:

Tigris
23.04.2010, 12:33
Անհատ թուրքերու ապաշխարանքը լաւ բան է: Նրանց հաւաքական խիղճն էլ՝ թուրք պետութիւնն ու հասարակական կազմակերպութիւնները, պէտք է ապաշխարէ: Դա օգնում է նրանց, թուրքերին, առաւել քան մեզ՝ հայերիս: Խղճի եւ մտքի հանգստութիւնը մաքրում է նրանց՝ անցեալի ամօթալի էջերից, ու մի կերպ արդարացնում ներկան:
Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդի օգուտը այն է, որ ցեղասպանութեամբ դատապարտուած Թուրքիան նուազ վտանգաւոր է լինում: «Նուազ վտանգաւոր» չի նշանակում ապահով:

Մեզ պէտք չէ նրանց խիղճ մաքրելը, ապաշխարանքը, եթէ դրանց չի յաջորդում բուն խնդրի լուծումը:
Այդ խնդրի համար ողջակիզուեց Հայ Ժողովուրդս: Հիմա, մի քանի կաթիլ թուրքական արտասուքով մենք չենք հրաժարիլ մեր խնդրից, իզուր չզոհուեցին մեր նախնիքը:
Բուն Խնդիրը՝ ՄԵՐ ԵՐԿՐՈՒՄ ԱՊԱՀՈՎ ԵՒ ՄԱՐԴԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է:

Tigris
28.04.2010, 14:08
,,,,Ադրբէջանը վերջերս դժգոհ է ԱՄՆ-ի թուացեալ հայանպաստ դիրքորոշումներից: Բաքուի գահին նստողի եւ նրա բարձրաստիճան «արքայազունների» խօսքերում հնչեցին բազմաթիւ քննադատութիւններ ԱՄՆ-ի հանդէպ:Ռուսական «ծառայութիւնների» ականջները արթուն հետեւում են: Առիթը յարմար է՝ Ադրբէջանի պարանը ձգելու (ձիգ քաշելու) դէպի Մոսկով, ինչի համար գործուղուեցին հոգեւոր առաջնորդութիւնների քաղաքական յանձնակատարները:


,,,,

WWW

,,,,
«Խնձոր գցի՝ ֆըռֆըռաց, հեյ ջան, հեյ ջան, Նարէ՜», Հայկական ժողովրդային առակ:

Ամբողջատիրական (տոտալիտար) վարչակարգի վարիչ Ալիեվ Իլհամը տոլերանտութեան (ներողամտութիւն, հանդուրժողութիւն) շքանշան ստացաւ բոլոր ռուսերու Պատրիարք Կիւրեղից:

Կիւրեղը, կամ Քիրիլը, կարճ ժամանակ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնում էր: Մեզանից շատերը, նաեւ ես, թէեւ վերապահութեամբ, շոյուեցինք ազգայնօրէն (ընթերցի՛ր սոյն թեմայի առաջին գրառումներից մեկը): Քիրիլը, եւ իր խօսնակ աբեղաները խօսում էին՝ Երեւանում Ռուս Ուղղափառ եկեղեցու հիմնարկէքի առթիւ:
Խաղաղութեան հետապնդումը քրիստոնէավայել գործունէութիւն է, ու անսալով նաեւ Քրիստոսի՝ «Կայսրինը տո՛ւր կայսրին» խօսքին, կարելի է գովաբանել կայսրը, տուրք տալով նրա ինքնասիրութեանը, սակայն խիստ պահելով նաեւ Քրիստոսի խօսքի երկրորդ մասի պատգամը՝ «Աստծունը տո՛ւր Աստուծոյ»:
Աստուած մեզանից՝ մեր հաւատացալի կեանքում, անկեղծութիւն է պահանջում: Փարիսեցիութիւնը խստիւ դատափետուեց Աւետարանում՝ Աստուծոյ Որդիի առակներով, կեանքով եւ խօսքերով:

Հիմա, մենք, Քիրլի ո՞ր խօսքին հաւատանք: Այն որ հնչեց Երեւանո՞ւմ, թէ՞՝ այն որ Բագաւանում: Երկուսն էլ ճշմարիտ չեն կարող լինել, քանի որ Իլհամ Հայդարովիչ Տոլերանտովը քնացող մարդուն կացինահարողը հերոսացրեց, իր իսկ ժողովրդին* դէմ ամէն օր պատերազմելու սպառնալիքներ է հնչեցնում, սպանում է, ու էլի շատ բաներ:

«Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս»

Կրօնի ուսուցիչներս ինձ սովորեցրել են, որ եկեղեցին հաւատացեալների հաւաքն է, ժողովատեղին եւ նոյնինքն ժողովը:
Բագւում հայկական եկեղեցի չի մնացել: Խաչը հանել են, ձեւափոխել, քառորդ միլիոնանոց բաքուեցի հայերին փախցրել են, եկեղեցականներին վախեցրել ու քշել են, ու նրանց մայր տաճարը ադրբէջանական գրադարանի են վերածել:
Իլհամ Հայդարովիչին տոլերանտութեան շքանշան տալու պէս, մենք չենք կարող ընդունել, որ Բաքւում հայկական եկեղեցի է մնացել: Եղածը տաճարի շէնքն է, որ դարձել է գրադարան, որ պարունակում է Վաղարշապատն ու Երեւանը «Արեւմտեան Ադրբէջան» համարող կեղծապատումներ:

Հաւատքով եղբայրութիւնը՝ փոքր, մի՛ ասա, ինչե՜ր է պարտադրում: Կեցցէ՜ ռուս-հայկական դարաւոր բարեկամութիւնը:
Showbusiness

Ծանօթ.-
* Ադրբէջանական հասկացողութեամբ Արցախի բնակիչները ադրբէջանցիներ են:

Tigris
28.04.2010, 14:33
Մամուլով փողահարւում է Բաքուի՝ ադրբէջանական գրադարանի վերածուած նախկին հայկական եկեղեցիի նորոգման մասին, որն այրուեց, քանդուեց, անցեալ դարի ինիսունականների սկզբին:
Դէ թող նորոգեն Ջուղհայի հազարաւոր անկրկնելի եւ շքեղ խաչքարերը, որոնց քանդումի համար տոլերանտութեան շքանշան ստացաւ Իլհամ Ալիեվը՝ Ամէն Ռուսերի Պատրիարք Քիրիլից:
Սուզորդներ կարելի է ճարել Եւրոպայից, Ռուսաստանից, քանի որ խաչքարերի փշրանքները Երասխի հունումն են՝ ջրի տակ:
Դէ լաւ, շատ չշատախօսեմ. թող խաղաղութիւն լինի, թէկուզ ոտքի տակ ճզմելով արդարութիւնը:
Յուսամ խաղաղութիւն կարծուածը ադրբէջանաթուրքական քարոզչութեան հերթական արարը չէ:

Tigris
29.04.2010, 14:13
Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելիս, միանգամից աննկատ պէտք է ասենք, թէ ի՛նչ նպատակ են հետապնդել իրագործողները, որպէսզի ՅԵՏՈՅԻ մասին մեր ասելիքի վերաբերեալ կանխաւ տրամադրութիւն ստեղծենք՝ բարեկամի եւ թշնամու մտքում:

«Հայկական ինչքերու իւրացման դարաւոր քաղաքականութեան վերջին արար՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն»

Այսինքն միանգամից, առանց բառերը ծամծմելու, առանց յետին միտք ունեցողի կասկածներ արթնացնելու, առանց աննպատակ ողբասացի տպաւորութիւն թողնելու, առանց տարակուսանք պատճառելու ունկնդիրի մօտ, թէ ինչո՛ւ է տեղի ունեցել:

Որովհետեւ շատ եմ ստացել, ու տեղեկացել եմ ուրիշների ստանալու մասին, այս հարցը, թէ ինչո՛ւ տեղի ունեցաւ Եղեռնը, կամ Աղէտը, կամ Ցեղասպանութիւնը, կամ կանխամտածուած ու ծրագրուած կոտորածները:

Այսինքն մարդիկ չեն կոտորել պարզապէս կոտորել սիրելու պատճառով. այն նաեւ ուրիշ դրդապատճառ է ունեցել եւ մենք միանգամից ասում ու մեկնաբանում ենք այն՝ վերեւ գրուած բանաձեւի նման խօսքերով:

Ուրիշ խօսքով՝ միայն մարդիկ չեն զոհուել՝ մեծով փոքրով ու անկատար մնացած երազանքներով, այլեւ երկիր է ոչնչացել, ուրոյն քաղաքակրթութիւն, իրար հիւսուած պատմական ու մշակութային ամբողջութիւն՝ ներկայացուած հայկական համայնքներով՝ գիւղով ու քաղաքով, երգ ու պարով, անյիշելի ժամանակներից ժառանգուած ժողովրդային բանահիւսութիւններով: Ոչնչացել է անկախ երկիր ու պետութիւն դառնալու մեծ հաւանականութիւն ունեցող ազգային տարածք, ինչը չենք տեսնում, երբեմն, ուրիշ պարագաներում:
Ոչնչացուել է տնտեսական ցանցեր կազմող ու տարբեր աշխարհագրական իւրայատկութիւններով իրար ամբողջացնող ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄ, կամ երկիր: Անասնապահ նախալեռնեցին, հացահատիկ մշակող դաշտեցին, երկաթ ձուլող հանքագործ լեռնցին, ձկնորս լճափեցին, միջազգային առեւտրական կապեր ունեցող ծովափեցին, արհեստաւոր քաղաքամէջացին, սրանք բոլորը իրար ամբողջացնող, իրար հետ տնտեսական, մշակութային ու հոգեւոր սերտ կապեր ունեցող մարդիկ էին, ու կազմում էին հիմնասիւները ապագայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ:

Ահա թէ ինչ է եղել Հայոց Ցեղասպանութեամբ, որ պէտք է համառոտ բանաձեւենք, ամէն անգամ, երբ յիշում ենք ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ:

Tigris
03.05.2010, 13:11
«Արտոյտների Ագարակը»


Ֆիլմը երկու մասով դիտել եմ: Իտալերէնով՝ գրաւոր անգլերէն թարգմանած, ու հայերէն բանաւոր թարգմանած:
Իտալական ֆիլմ է. նրանք սիրում են արգելուած սիրոյ մասին մագդաղենացիական ֆիլմեր պատրաստել:
Paz Vega-ի խաղացած մի ուրիշ ֆիլմ էլ դիտել եմ, ամերիկեան, ուր նա դրսեւորել է իր կանացի ողջ հմայքը:
Մի քանի նկատառումներ՝
- Հայը որքան էլ թուրքին բարեկամ լինի, եթէ թուրքի քաղաքական ոճրաշահը պահանջէ, հայ ընտանիքի թուրք «բարեկամ» լինելը անգամ չի խանգարի որ նրա դահիճը լինի միաժամանակ:
- Հայը միամիտ է եղել, ընդհանրապէս, մանաւանդ տանտէրը, որ չի հաւատում իր հիւրասենեակում կանգնած թուրք սպան պիտի կտրէ իր գլուխը, ու յետոյ ընտանիքի մնացեալ անդամներին...
- «Կը ներեք՝ հրաման եմ գործադրում»,- այս եւ նման խօսքերը մի քանի անգամ հնչեցին, մինչ մենք գիտենք, թէ նոյնիսկ ցածրաստիճան պաշտօնեան, եթէ իսկապէս խղճով մարդ է, կարող է ընդդիմանալ հրամանին, չգործադրել, եթէ ներքուստ համոզուած չէ դրան: Մինչ մեր «հերոս» թուրք բարձրաստիճան սպան արդարանում է, թէ ինք հրաման է գործադրում:
(Հիմա էլ արդարանում են, որ Իթթիհադվէթերաքքին էր, ու նա մասոնական էր, ու մասոնականութիւնն էլ, եթէ որոնէք, չէք գտնի, օդում կախուած փուչիկի նման մի բան է: Բանից դուրս է գալիս, որ մեղաւոր չկայ, այն վերացական մի բան է, գաղափար է, փուչիկ է: Չէ՛՝ մեղաւոր կայ, այն հայ բանաստեղծն է)


- Հայազգի պրոֆեսորի որդիները՝ ծնած իտալացի մօրից: Երբ հասնում են ջարդի լուրերը, երեխաները սարսափում են ու նրանց մայրը հանգստացնելու համար վախեցող իր երեխաներին, ասում է. «մի՛ վախենաք, դուք հայ չէք», այսինքն՝ «ձեզ վնաս չի կարող հասնել»: Ահա թէ նաեւ ի՛նչ պատճառով մարդիկ մերժել են իրենց իսկական ազգութիւնը:


Ֆիլմը թերի է՝ ընտրուած վայրերի եւ դերասանների արտաքինների առումներով: Թուրքերի մէջ շատ են եւրոպացուն նմանող մարդիկ, սակայն, արդեօք պատահական է Նունիկի սիրած թուրք զինուորականի ու մուրացկան-դերվիշ Նազըմի աչքերի ծաւի գոյնը կապտաթոյր: Նաեւ «վեհանձն» թուրք զինուորական Յուսուփը, որ կտրեց Նունիկի գլուխը՝ գործադրելով զինւորական «սուրբ» հրահանգները:
Ֆիլմում կրօնական «մոթիվների» աղքատութիւնն էլ է ուշագրաւ, քանի որ այն, ուզենք թէ չուզենք, կար պատմական այդ դէպքերի ընթացքում:
Ֆիլմի թեմայի առանցքը Նունիկն է, եւ նրա փրկութեամբ զբաղ թուրք տղամարդիկ, ինչի պատճառով ցեղասպանութիւն ապրող մարդկանց հոգեկան ու մարմնական տառապանքը, բուն արհաւիրքը, երկրորդական նշանակութիւն է ունեցել:


Վերջին տարիներին շատ է բարձրաձայնւում հայեր փրկած թուրքերի մասին: «Միւս թուրքի» մասին, որպէս մութին մէջ մնացած մարդկային կերպար, ուզւում են տեղեկութիւններ, յիշողութիւններ:


Ֆիլմը պատրաստողները, նաեւ ԶԼՄ-երը, լրագրողական շահախնդրութեամբ, ցանկանում են ջրի երես հանել, բացայայտել թաքուն մնացածը, որպէսզի մարդիկ ասեն. «Wow, մենք չգիտէինք որ այսպէս ազնիւ թուրք ու քուրդ եղել է»:
Լաւ կլինի ճանաչել, եւ այն շեշտայիշել, որ նրանք, ազնիւ թուրքերը, ի՛նչն են փրկել՝ հոգի՞ն, թէ՞ մարմինը: Փրկուածներից քանիսը, որպէս հայ, որպէս հայ ընտանիքի անդամ, հայութիւնը շարունակելու հնար ու առիթ ունեցողներ են եղել:
Եթէ 1915ի դէպքերը Հայոց ցեղասպանութիւն է եղել, ապա փրկուածները որպէս հայ մարդ չեն փրկուել, որպէս մարմին մարդ են փրկուել, սիրունագոյնները՝ ծառայելու թուրք ազգի վերարտադրմանը:
Յետոյ նրանցից ոմանք փախչել են, ու փախչողներից ոմանք միացել են հայութեանը, ու մեզ թւում է, հիմա, որ թուրքերն են փրկել նրանց:
«Փրկուածների» մեծամասնագոյնը թրքաքրդաարաբաեւրոպացել է: Այսինքն՝ Հայոց ցեղասպանութիւն է տեղի ունեցել: Այդ Ցեղասպանութիւնը շարունակւում է մինչեւ հիմա, օտար երկրներում ամէն օր մի քիչ ուծացող հայութեամբ: «Նահանջ առանց երգի»: Ուծացումն ու օտարացումը դանդաղ է լինում, այնպէս որ մարդիկ չեն զգում դա: Այլ մարդիկ զգում են, սակայն թւերով չեն կարողանում խօսել, քանի որ վիճակագրութիւններ չկան: Կան փակուած հայկական վարժարաններ եւ հայերէն թերթերի տպարաններ:


Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին մարդիկ զոհուել են հայ լինելու պատճառով, ու փրկութիւնը նրանց Հայոց ցեղասպանութիւնից փրկութիւն կլինէր, եթէ փրկարարները վերադարձնէին նրանց հայ դպրոցին ու հայ տաճարին, հայ մարդուն ու հայ ընտանիքին:


Այդպիսի դէպք, մասամբ, մի հատ եմ իմացել: Բեդեւին իր մեծացրաց որբ տղան ամուսնացնում է մի որբ հայ աղջայ հետ, ու նրանց յորդորում՝ վերադառնալ ազգութեան:

Tigris
03.05.2010, 22:58
Ինքնախաբէութեամբ տարւող հայեր

Քուրդստանի Սովետական Սոցիալիստական Եղբայրական Հանրապետութիւն, եւ, Թուրքիայի Սովետական Սոցիալիստական Եղբայրական Հանրապետութիւն կլինէր, եթէ Ստալինը մուտք գործէր Արեւմտեան Հայաստան եւ Թուրքիա:

Խօսում են հայ վերլուծաբանները, իբր Ստալինը, եւ Սովետ ղեկավարութիւնը ուզեցել են, սակայն «ճակատագիրը» չի թողնել ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը:
Կամենալ նշանակում է կարենալ: Մանաւանդ երբ խօսքը Սովետ Միութեան նման հսկայի մասին է: Նա չի ուզեցել, յարմար չի տեսել:
Եթէ այդքան հայասէր էին ու Հայաստանի լաւութիւնն էին ուզեցել, բա խի՞ չեն միացրել հայաբնակ հայկական Արցախը՝ Հայաստանի Սովետական Սոցիալիստական Ռեսպուբլիկային:

«200 000 հայեր ի զուր չեն զոհուել: Հապա՜: Վասնզի Սովետական ժողովուրդների Հայրը, Ստալինը, հայ նահատակների հետնորդները վարձատրելու էր պատմական հայրենիք նուիրելով, սակայն անբարտաւան «ճակատագիրը» չի թողնել, Ստալին Հօր, այդ սրբազան գործը ի կատար ածելու»:
Ահա՛ թէ ինչպիսի ստրկամտութիւն ունենք:
Ասելիք չկայ, հայերը պիտի կռւէին, սակայն գոյութիւն չունեցող հայասիրութիւն ու հայամէտութիւն չվերագրել մարդակեր, նաեւ հայակեր, մի հրէշի, ինչպիսին է Ստալին կոչուածը:

Ժամանակին գործածուած քարոզչական այս առարկան, որ աշխարհի հայերը սիրաշահելու համար էր, իր կիսասուտ ու կիսաճշմարիտ իրականութեամբ դեռ գործածելը անիմաստ է, մանաւանդ, որ այն կատարել է իր դերը:

«ԵՍ ՈՒԶՈՒՄ ԷԻ ՔԵԶ ՓՐԿԵԼ, ԲԱՅՑ ՉԵՄ ՓՐԿԵԼ»
«ԵՍ ՈՒԶՈՒՄ ԷԻ ՔԵԶ ԿԵԱՆՔ ՏԱԼ, ՍԱԿԱՅՆ ՉԵՄ ՏՈՒԵԼ»

Էհ, Շնորհակալ եմ բարի ցանկութեան համար:

Tigris
05.05.2010, 14:54
«Հայ-թուրք յարաբերութիւն» բառակապակցութիւնը կը գործածենք, սակայն սխալ է: Ճիշտը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա» բառակապակցութիւնն է:

Հայերը, ի տարբերութիւն ուրիշ ազգերու, հայ են ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեամբ, այլեւ ինքնաճանաչումով՝ աշխարհի բոլոր երկիրներու տարածքին:

«Ղարաբաղեան Հակամարտութիւն» բառակապակցութիւնն ալ սխալ է, ըսի նախապէս. կրկնելով բան մը չենք վնասեր: Արցախի Ամբողջականութեան եւ Անկախութեան ճանաչման հարց է, այնպէս որ բոլոր երկիրները անկախանալով ճանչցուած են հիմա:

Տիար Վազգէն Մանուկեանը ըսած է՝ «Թուրքիան երբէք պիտի չի ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:




Կարծեմ ճիշտ է, որովհետեւ Գերմանիան ճանչցաւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը, միայն երբ ծնրադրեց զինուորական պարտութեամբ: Գերմանիայի պէս ոչ մեկ երկիր ճանչցած է իր կատարած ոճիրը, քանի որ երկիրը գրաւուեցաւ թշնամի բանակներով ու անոնք պարտադրեցին ընդունումը: Երկար տարիներ Գերմանիան մնաց ամերիկեան նիւթական օգնութեան ենթակայ: Հոգեբարոյական ճնշումը, նիւթական ակնկալիքը խթանեցին Գերմանիոյ կանցլեր Վիլի Բրանտին կատարելու իր պարտքը:

Հրեաներու հետ պատահած յաջողութիւնները մենք կանկնալենք ունենալ, ինչ որ ճիշտ չէ. պարագաները տարբեր են:

Կարծեմ գիտուն Վահագն Տատրեանէն լսած եմ առաջին անգամ, որ եթէ Թուրքիան զինւորապէս չպարտուի, չի ընդունիր իր մեղքը:
Այդպէս ալ եղաւ, կարճ ժամանակով մը, երբ Օսմանեան Պետութիւնը իր մայրամուտին ընդունեց իր մեղքը, սակայն Քեմալի առաջընթացը, ինչպէս նաեւ դատերը հովանաւորով Դաշնակից պետութիւններու անվճռականութիւնը, պատճառ հանդիսացան որ չշարունակուի Նիւրենբերգը կանխող «հայկական Նիւրենբերգը»:

Թուրքերը կընդունէին, զզուած ըլլալով ապրիլքսանչորսեան խայտառակութիւններէն, եթէ գիտնային թէ կրնան տալ բան մը:
Սակայն գիտեն, որ տալիքը շատ-շատ է, գրեթէ անհնար բան է, ուստի հայերու միտքերը կը շօշափեն, թէ՝ «Յետոյ ի՞նչ, եթէ ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը»:

Համոզուած եմ, որ եթէ Արցախը տրուի ազերիներուն, Ցեղապանութեան զոհերուն համար ալ 1,5 կամ 150 միլիոն գանձէ հայութիւնը՝ փակելով այդ էջը, դարձեալ արեւելեան եւ արեւմտեան թուրքերը հանգիստ պիտի չի կենան: Պիտի փորձեն գաղութացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վերջնականապէս լափելու համար զայն:

Ոմանք ըսին, հայերու շրջապատէն (ես ալ ըսի), որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը աղտոտ նպատակներու համար քաղաքականութեան մէջ կը գործածուի:
Հայոց Ցեղասպանութեան ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ է, եւ բոլորովին կապ չունի քաղաքականութեան հետ, հետեւաբար անիմաստ է թուրքերու պահանջը մեզմէ, որովհետեւ այն մեր իրականութեան մաս կը կազմէ:
Ահա, օրինակ, կը խօսէր ընկերներով պարտիզագնացութեան մասին, թէ ինչպէս հօրեղբօր, այլեւ հօր հօրեղբօր որդիներով պարբերաբար կը հաւաքուին եւ կերուխում կը կազմակերպեն:

Զարմացանք: Հօր հօրեղբօ՞ր: Արեւմտահայ ընտանիքները, բացարձակ մեծամասնութեամբ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ճողոպրած միայն մեծ հայր եւ մեծ մայր ունին: Այդ սերունդի մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը մինակ մնացեր են: Եւ պատմեց թէ ինչպէս հայրը կրնայ հօրեղբայրներ ունենալ:
(Եւ այսպէս, այգի գնալով քէֆ անելու թեման փոխուեց եւ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւն)

Չանակկալէ (Դարդանել) պատերազմին, Օսմանեան հայրենիքին հանդէպ պարտականութեան գիտակցութեամբ ծառայող մեծ հայրը ռումբի պայթիւնէն կը վնասուի, հիւանդանոց կը վերցուի եւ հոն բուժման ընթացքին պատահաբար կը լսէ թուրք սպաներու զրոյցը, որոնք չմտածելով հայ հիւանդի մը գոյութեան մասին, կըսեն թէ՝ "ermenileri keseceyiz" («հայերը պիտի մորթենք»):
Կը փախչի հիւանդանոցէն մինչեւ գիւղաքաղաք, ազգականներուն եւ ընտանիքին լուր տալու: Անոնք կը պատասխանեն թէ ո՛ւր եւ որո՛ւ պիտի թողուն տուն, տեղ, այգի, կալուած: Ի վերջոյ, դեռ «գաղթի» հրամանը չելած, կը փախչին Հալէպ, եւ Սուրիոյ հարաւը՝ Հաւրան: Այնտեղ գերդաստանէն ոմանք կը բռնուին եւ կը մորթուին: Ի վերջոյ, երկար դեգերումներէ ետք իրար կը հանդիպին եւ կը միանան, համեմատաբար քիչ զոհ տալով, բաղդատած գիւղաքաղաքի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միւս վայրերու բնակիչ հայերուն:

Հիմա, ես, այս տղուն պատմածի՞ն հաւատամ, թէ՞՝ Հալաջողլուին:

Tigris
05.05.2010, 16:05
Չանակկալէ (Դարդանել)

Չանակկալէ (Գալիպոլի)

Tigris
07.05.2010, 18:17
Դաւութօղլուն գիշերները չքնանալուց մտածում է յաջորդ օրուայ հնարելիք «նորութեան» մասին: Եւ ընդհանրապէս, որպէսզի հանգիստ քնի, մտածում է իրեն դուր գալիք բաներ:
Յաջորդ առաւօտ, խորացած լինելով իր ասելիքների մէջ, յանձնում է հանրութեանը՝ առաջինը ինք հաւատալով ասածներին:



Դաւութօղլուն ցանկանում է եռակողմանի հանդիպումներ կազմակերպել՝ հայ, թուրք եւ ազերթուրք, որպէսզի չհասկացող եւրոպացիները հասկանան, որ իր նպատակը բարի է, ու սահմանը չի բացում՝ միայն տարածաշրջանում մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու նախանձախնդրութեամբ: Այս առթիւ էլ նա միջնորդի պատմուճան է հագնում, ի՛նչն է վատ:

Դաւութօղլուն մտահոգ է նաեւ իր «Զրո պրոբլեմ»ի զրոյութեամբ, ու չի ուզում ձախողած անգործի տպաւորութիւն թողնել, ու հետեւելով սոյն ասացուածքին՝ «Alam bizi işte görsün» («Աշխարհը մեզ թող տեսնէ աշխատանքում»), հնարել է նաեւ «լուռ բանակցութիւն» բառակապակցութիւնը՝ քօղարկելու համար ասելիք չունենալը, ձախողութիւնը եւ անգործութիւնը:

Եթէ նրանք «Մեկ ազգ երկու պետութիւն են», եւ այդ տրամաբանութեամբ կապում են հարցերը, ուրեմն մենք էլ կարող են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով մեղադրել Ադրբէջան կոչուածը: Եւ այդպէս է, քանի որ նրանք միասին են փոխել Հայաստան երկրի ազգագրական դիմագիծը:

Կատակը մի կողմ՝ ես սիրեցի Դաւութօղլուի լռութեան առաջարկը, վասնզի ինչքան քիչ խօսի նա, այդքան մարդկութիւնը երջանիկ եւ առողջ կլինի:

Իր լռութեան մէջ էլ գիտենք ի՛նչ է մտածում նա, քանզի էնքան շատ է խօսել մինչ այդ, որ 700 տարի պէտք է անցնի, որպէսզի տարբեր բաներ խօսի, եւ ոչ թէ 3 ամիս՝ ինչպէս ասել է նա: Երեք ամսուայ ընթացքում որեւէ մարդու գաղափարները չեն փոխւում, բացառութեամբ խաբեբային, որ կարող է մտածել մի բան եւ ասել հակառակը, կամ ուրիշ մի բան:

Tigris
11.05.2010, 12:18
Եւրոպական ինչ-որ յանձնախումբի ատենապետ՝ Չաւուշօղլու կոչեցեալ անձ, Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի գայ: Լրագրող ըլլայի եւ իրեն հարցնէի՝
 Չաւուշօղլու, Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը մերժող, ու ատոր հետեւանք, հայերու սեփականութիւնը իւրացնող Թուրքիա՞ն կը ներկայացնես, թէ՞ Եւրոպան:

Մեկ ամսուայ ընթացքին երկու անգամ Ռուսիայէն գովասանագիր թուրքերուն: Մօտ երեք շաբաթ առաջ Ռուսիոյ հոգեւոր պետ Կիւրեղը tolerant «հանդուրժող, ներողամիտ» շքանշանեց Ադրբէջանի նախագահին, իսկ երէկ՝ Թուրքիա կատարելիք այցի նախօրէին, Ռուսիոյ նախագահ Մեդվեդը «բարի» անուամբ յորջորջեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջափակող, առնուազն այսքանը ընող, թուրք իշխանութիւնը:

Արձանագրեցինք եւ անցանք առաջ:

Tigris
11.05.2010, 22:15
Չհասկըցայ: Ռուսիոյ պէս խոշոր երկիրի մը ղեկավարը ի՞նչ պէտք ունի գովաբանել Թուրքիայի անցեալն ու ներկան՝ վիրաւորելով իր դաշնակիցը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն աշխարհի հայութիւնը, պետական այցի մը նախօրէին:
Դաշնակից բառը փակագիծի մէջ առնե՞նք:


Մեդվեդեվը հիացած է Մուստափա Քեմալի անձով եւ ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ իր երկիրը՝ Բոլշեւիկեան Ռուսաստանը, առաջինը ճանչցած է զայն, եւ օգնած է ռազմական եւ նիւթական միջոցներով,- ըստ հայաստանեան «Կապիտալ (http://www.cdaily.am/home/paper/2010_05_11/news/19210/)» թերթին:


Մեր կողմէ աւելցնենք, որ Բոլշեւիկեան Ռուսաստանը տուն կանչեց Թուրքիան (Արեւմտեան Հայաստանը) գրաւող ռուս զինւորները, ճակատը բանալով Օսմանեան բանակին առջեւ, ինչի հետեւանքով թուրքերը հասան Սարդարապատ, Ապարան եւ Վանաձոր:
Երկիր վերադարձած հայութիւնը կրկին գաղթեց, անցաւ Պարսկաստան, Հիւսիսային Կովկաս եւ այլուր:


Ռուսաստանի օգնած Միլլիական թուրքերը նոր ջարդեր գործեցին Կիլիկիոյ մէջ՝ Հաճըն, Մարաշ, Զեյթուն, ու վերագրաւեցին ֆրանսացիներէն Կիլիկիան: Ուրֆան, Քիլիսը, Այնթապը, Հայաբնակ Կիլիկիան վերջնականապէս հայաթափուեցաւ, Զմիւռնիան՝ Իզմիրը այրեցաւ, քրիստոնեաները ծով թափեցան: Ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը կատարողները հանգիստ շունչ քաշեցին բոլշեւիկներու օգնութեամբ Քեմալականներու յաղթանակով:


Արեւելեան Հայաստանի մասին չխօսիմ. Նժդեհի պայքարի մասին՝ Զանգեզուրը հայապատկան պահելու ուղղութեամբ:


Կեցցէ՛ Հայ-ռուսական «եղբայրութիւնը»: Փորձեմ հասկնալ Մեդվեդեվի «մեծահոգութիւնը» Թուրքիայի հանդէպ: Եթէ ըսեմ Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ գծով Թուրքիայի չեզոք դիրքն է պատճառը, հաւանաբար շատ միամտական պիտի ըլլայ:


Այս է այն Ռուսաստանը, նոյնինքն Մեդվեդեվի բառերով, նոյնն է, նորութիւն չկայ:


Մեզի համար այսքան անարդարութիւն շատ է: Մեղք են մեր նեարդերը:

Tigris
18.05.2010, 12:42
,,,,Եթէ նկատեցիք, մի քանի օր է չեմ գրեր. «սիրտ չկայ», տրամադիր չեմ. ասելիքս սպառած է. քաղաքականութիւնը եւ նրանով զբաղելը հայի համար անիմաստ է:


Հիմա կը գրեմ, քանի որ գրելը մոլութիւն դարձեր է: Ուստի՝ նորութիւն, հրաշալի միտք, կամ հոգեպարար խօսք մի՛ սպասեր ինձնէ, ընթերցո՛ղ:


Մի քանի հին միտքերու վերարտադրում, վերախմբագրում կարող եմ անել:


Վերջապէս մենք պէտք համոզուենք որ մեր երկրի միակ տէրն եք, եւ նրան տիրութիւն անելու իրաւունքը մեր արեամբ, մեր պայքարով նուաճած ենք: Որեւէ կողմ, որեւէ պետութիւն, երախտաւորի դիրքով չի՛ կարող ներկայանալ ի մեզ:


Մեր կեանքերը մեր կեանքերով նուաճած ենք, գայլի երախէն պոկած ենք ապրելու մեր իրաւունքը:
Ես չգիտեմ աշխարհի վրայ մի պետութիւն, որ շահած է իր անկախութիւնը, տալով այնքան զոհաբերութիւններ, ինչքան տուաւ Հայ Ազգը՝ արեւելքէն արեւմուտք, արեւմտահայութեամբ ու արեւելահայութեամբ՝ ունենալու համար ներկայի Հայաստանը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:


Ազգի լաւագոյն որդիները, ազնուագոյնները, այդ ճանապարհին կորուսին իրենց անձնականը՝ շահեցնելու համար համայնականը, ապագայի Հայաստանը:


Հարիւր հազարաւոր քառակուսի կիլոմետրով հայաբնակ հայկական գաւառներ դատարկեցան՝ ունենալու համար արդի, ամփոփ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:


Հայաստան ունենալը, որպէս պետութիւն, որպէս անկախութիւն, Հայկական ծրագիր էր:


Մարդիկ երգում էին Հայաստան, Հայոց Թագաւորութիւն՝ երբեմն առանց գործելու այդ ուղղութեամբ, լոկ վերյիշելով պատմական անցեալը փառաւոր:
Այդ ծրագիրը պատմական յուշերի վերաբեմականացման միտում ունէր:


Այդ ծրագիրը խանգարողներ եղան աջէն ու ձախէն, անժամանակ միջամտելով, կամ ժամանակէն շուտ յայտնուելով:


Մինչ ուրիշներին անկախութիւն ու երկիր նուիրեցին, նոյնիսկ իրենց չպատկանող երկրների վրայ, մենք մեր Երկրի իւրաքանչիւր մատնաչափը արիւնք-քրտինքով ազատեցինք:


Հայաստանը փոքրացուցին, այն դարձնելով ձեռք մեկնող, մուրացկան՝ իր տարածքով ու շրջափակուածութեամբ:


Հայ ազգը նուիրեալների պակաս չունի: Ազնուագոյն, վսեմագոյն անհատականութիւնների բացակայութիւն չունի:


Սակայն այդ հազարաւորների լուռ անձնուիրութիւնը ի զուր է գնում, ուրիշ հազարաւորների անզգոյշ, անպատասխանատու, մորթապաշտ, անհոգ վերաբերմունքով:


Մի ոմն գեղեցկութիւն է կառուցւում, մի ուրիշը գալով խծբծում է պատին ու իր անունը գրում՝ որպէս խծբծող:


Մի ձեռքով ծափ չի լինի, մի ծաղիկով գարուն չի գալ:
Հայրենիքները կերտում են հայրենասէրները: Հայրենիքները քանդում են անձնապաշտները:


Ոչ մի օրէնք, ոչ մի խստութիւն, կարողութիւն չունի պաշտպանել երկիրը, հայրենիքը, պետութիւնը, օրէնքը, եթէ այն պաշտպանւած չէ հայ մարդու գիտակցութեան մէջ:


Ազնիւները, բարիները, ընդհանուրի շահը մտածողները, համայնական գիտակցութիւն ունեցողները ի՛նչ կարող են անել, երբ իրենց անձերից բացի այլոց չտեսնող եղբայրներ ունեն: Եղբայրներ, որ խլում են աշխատաւոր ժողովուրդի տասնեակ տարիների վաստակը, դեռ չեկած սերունդների ունեցուածքը՝ երկրի ազգային հարստութիւնը:


Ընկերվարական հին-նոր խօսքերը վերի, չէի գրի, եթէ Հայաստանը այսօր չտառապէր շրջափակուածութեամբ, պատերազմի սպառնալիքով, երկրաշարժի եւ պատերազմի հետքերով:


Ամօթանք ու պատասխանատւութիւն զգո՞ւմ են, նրանք, ովքեր իրենցը համարելով կողոպտել են երկիրը:
Ամօթանք ու պատասխանատւութիւն զգո՞ւմ են, նրանք, ովքեր խոստացան պատժել գողերը, ու վերադարձնել ժողովրդին պատկանածը, սակայն իրենք էլ նոյնը արեցին՝ դիրք ապահովելուց ետքը:


Պետութիւն ունենալը հռչակագիրներով չի լինում, ոչ էլ ՄԱԿում դրօշ ծածանեցնելով: Դրա քննութիւնն ենք տալիս ամէն օր, անցած քսան տարիների ընթացքում, գալիք տարիներում:


Ազատ, հպարտ քաղաքացին առիւծի նման կը պաշտպանէ իր երկիրը:


Ապահով չեն այն հայրենիքները, որոնց քաղաքացիները հաւաքական պատասխանատւութեան գիտակցութիւն չունեն: Անհատը համայնքի, եւ համայնքը անհատի զարգացման մասին պէտք է մտածէ:


Հայապահպանում բառը սկսում եմ չսիրել: Կոնսերվացուած լինելն է դա:
Ուզում եմ լինի ՀԱՅԱԶԱՐԳԱՑՈՒՄ:


Իսկ եթէ ընթերցողը մտածում է՝ «ինչո՞ւ հայ, հայ, հայ, հայ»


Որովհետեւ ռուսը՝ «ռուս, ռուս, ռուս, ռուս», թուրքը՝ «թուրք, թուրք, թուրք, թուրք», ուրեմն մենք էլ պիտի մտածենք մեր գոյութեան գրաւական ԵՐԿՐԻ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Հայերի հաւաքաբար բնակած պատմական տարածքի մասին:


Կարող ենք նաեւ չմտածել, մոռանալ-հեռանալը շա՜տ դիւրին է: Հայ մնալը, հայ լինելը նաեւ արդարութեան խնդիր է:


Նա, ով արդարութեան ծարաւ է զգում, չի կարող չմտահոգուել անարդարութիւնների յորձանուտում թիավարող Հայաստանի ու Հայութեան ապագայով:


Նա ով արդարութեան հանդէպ պաշտամունք ունի, չի կարող ձաղկումի սիւնին չմեխել անարդարը, անարդար խօսքը, անարդար գործը, անարդար մարդը, անարդար որեւէ բան:

Tigris
18.05.2010, 18:08
«Արարատից Սիոն»

Իհարկէ չեմ կարող գրել մի ֆիլմի մասին, որը չեմ դիտել,-թեմայի մասին մօտաւոր գաղափար կազմել եմ,- սակայն կարող եմ գրել նրա վերնագրի մասին, որ տխուր է:

Տխուր է, որովհետեւ կապուած է քաղաքական մի շարժման հետ, որ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներին դժբախտութիւն բերեց, պատերազմներ, ինչի հետեւանքով նօսրացաւ այս երկրներում ապրող հայերի թուաքանակը՝ գաղթեցին Արեւմուտք: Հայրենամերձ, հայաստանամերձ տարածքների հայ բնակչութեան թուաքանակը կտրուկ նուազեց: Ոմանք, մեզանից, այս իրականութեան մէջ թուրք-սիոնիստական դաւեր տեսան: Դաւ կայ կամ չկայ, կարեւորը հետեւանքն է, որ հայանպաստ չէր: Երբէ՛ք:
Սա՝ որպէս արաբական երկրում ապրող ազգութեամբ հայ քաղաքացի:


Իսկ որպէս Հայաստանի մասին խորհող հայ, դարձեալ տխրութիւն գտայ ֆիլմի վերնագրին մէջ:
Ի՛նչ կը նշանակէ «Արարատից Սիոն» եթէ ոչ արտագաղթ, հայրենալքում, հայաթափում, դասալքութիւն, դրամագլուխի արտամղում, ուծացում, ձուլում, ինքութիւնից հրաժարում:

Լեո պէտք կարդալ, հասկանալու համար թեման:

Հայ իշխաներն ու նախարարները այնքան շատ փող են ունեցել, որ բանակը զօրացնելուց ու համալրելուց, երկրի սահմանները ապահովելուց, բերդեր ու ամրոցներ կառուցելուց յետոյ ոսկի ու արծաթ է աւելացել, ու գնացել են այդ կողմերը, իրենց հոգիների փրկութեան համար տաճարներ ու վանքեր, իջեւանատներ ու ուխտավայրեր են կառուցել:

Տխուր է, որովհետեւ Հայաստանը փրկողը (կամ Կիլիկիան) հայ բանակներն ու ամրոցները կարող էին լինել, եւ ոչ թէ աւազուտներում կառուցուած վանքերն ու մատուռները:

Իսկ որպէս քրիստոնեայ (կարեւոր չէ) կարելի է ասել, որ նրանք՝ հայ իշխաններն ու նախարարները, երբ կառուցին տաճարներն ու վանքերը, այդ կողմերը քրիստոնէական էին:

«Արարատից Սիոն» – տխուր, անհրապոյր, անհոգի, մռայլ, մթին մի իրականութիւն, քանի որ Սիոն անուան տակ կը հասկնանք օտարութիւն:

Ինչո՞ւ յարգարժան աստուածը փնտռել այնտեղ: Չէ՞որ նա արարիչն է բոլորին, հետեւաբար կարող ենք պաշտել զինք ո՛ւր որ կուզենք: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի Յիսուսի ծննդավայրը: Մի՞թէ յարգելիս ասած է, թէ իր ծննդավայրը պէտք է ուխտատեղի լինի, կռուախնձոր, զբօսաշրջային օբյեկտ:

Ֆիլմը պատրաստողներին է խօսքս: Արդեօ՞ք հետաքրքիր չէ Ալեքսանդր Շիրվանզադէի ծննդավայր Շամախին, այլ նշանաւոր հայերի ծննդավայր կամ նրանց ծնողների ծննդավայր Գողթն գաւառը, Ագուլիսը, Ջուլֆան, Ցղնան, Նախճաւանը: Հետարքրիր չէ՞ Սարդարապատի հերոս, ու Բ Աշխարհամարտի մասնակից Յովհաննէս Բաղրամեանի ծննդավայր Չարդախլուն:

Ամէն տեղ աստուած կայ: Աստուած կայ գրիչիս մէջ, ձեր աչքերում, մարդկանց սրտերում:

Աստուած կայ բոլորի վրայ՝ չարին ու բարիին. նրա արեւը ճառագայթում է մանկապիղծի ու սրբալոյս մանկիկի դէմքերին հաւասարապէս: Դժբախտաբար:
Թէ մի օր ֆիլմը դիտեմ, աւելի առարկայօրէն կը յայտնեմ կարծիքս:

Կը ճանչեմ մի անձ, որ Երուսաղէմ ուխտի չգնալուց հաւատացեալ մարդ է եղել եւ եկեղեցում շապիկ հագնող դպիր: Վերադարձել է կատարեալ անհաւատ: Նա լաւ մարդ էր:

Tigris
19.05.2010, 12:20
Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցու հնավայրում արարողութիւն, կամ «Գնա՛ մեռիր, ե՛կ սիրեմ»

Ինչպէս գիտենք, շրջանառութեան դրուած է Աղթամարի մէջ հայ եկեղեցական արարողութիւն կատարելու յետաձգման լուր մը:
Կը խօսուի գմբեթին խաչ դնել-չդնելու մասին: Եթէ խաչ դրուի, ուրեմն եկեղեցի է, այն ալ հայկական:

Ես այդպէս կը կարծէի: Ո՛չ, խաչով եկեղեցի չ’ըլլար: Եկեղեցին հայկական խաչով է, կառոյցով եւ ժողովուրդով:
Ուրեմն բարի եղէ՛ք վերականգնել Վասպուրականի Հայոց եկեղեցական թեմը:

Առանց ժողովուրդի ի՛նչ եկեղեցի: Ձեր սպանած ժողովուրդի ամայացած գերեզմանին տիրութիւն կ’ընէք, կը նորոգէք, որպէս քարոզչական եւ զբօսաշրջային զէնք գործածելու նոյն ժողովուրդին դէմ:
Մեր գերեզմանները մի՛ նորոգէք, մեր տուներն ու օրօրոցները նորոգեցէք, ժողովուրդը վերաբնակեցուցէք. ահա այն ժամանակ կը հաւատամ ձեր բարի կամեցողութեան:

Որո՛ւ պիտի ծառայէ նորուգուած Ս. Խաչ մը, եթէ ոչ տեղացի Քուրդին, Թուրքիային, տնտեսական, քարոզչական ու բարոյական բարենիշեր տալով անոնց:

Այսօր Ազեր կոչուող թուրքը հողին հաւասարեցուց Նախիջեւանի շրջանի հայկական պատմական յուշարձանները, մինչ Թուրքիան նորոգեց: Այս կը նշանակէ թէ ազերին վախ ունէր հողը հայկական համարուելէն, վախ ունէր Նախիջեւանի Հայոց Պետականութեան վերադարձէն, վախ ունէր Նախիջեւանի ազատագրումէն ու Արցախի նման Հայաստանի Հանրապետութեան միանալէն:

Ահա՛ այդ պատճառով քանդեց փճացուց Ջուղհայի աննման ու անգին խաչքարերը:
Թուրքիան վախ չունի մեզմէ: Այս լաւ չէ: Ան ինքնավստահ է, եւ չի մտահոգուիր, թէ օր մը հայեր կրնան դառնալ եւ ապրիլ ցեղասպաններու ժառանգներուն մէջ. Ցեղասպանութեան կատարուած իրողութիւն ըլլալը մերժող թուրք պետութեան հովանիին ներքոյ:

«Իմ հայերս»
5000 հայեր պիտի մասնկացին, իբրեւ, վերոյիշեալ յետաձգուած արարողութեան: Անտարակոյս Պոսլոյ Պատրիարքարանն ու անոր ժողովուրդը, եւ Էջմիածինէն պատուիրակութիւն:

Կը զարմանամ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներկայացողներու տրամաբանութեան:
Քեզ շրջափակող, քեզ խեղդող, տնտեսութեանդ արդէն քսան տարի է ահագին վնաս պատճառող, որդիներուդ արեամբ ազատագրած հայրենիքդ քեզմէ խլել ուզող թուրք պետութեան քարոզչական հանդիսութեան ներկայութիւնդ պիտի բերես, բարձր հանգամանքովդ օրհնելով ողջդ խեղդող ու մեռելդ իր շահին ծառայեցնող թուրք պետութեան քաղաքականութիւնը:

Թէ՞ այս ալ Կրեմլէն եկած հրահանգ է: Այդ Կրեմլի մարդիկ եթէ շատ ռազմավարեն թուրքերուն հետ, ապա անոնց անկողմնակալ մինսկեան միջնորդութիւնը լուրջ կասկածի տակ կ’ըլլայ, եւ բանակը թուրք բանակի դաշնակիցը Հայոց հողի վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին:

Ցանկամ տեսնել Ռուսիայի մէջ բնակող ազգակիցներս այնքան զօրաւոր, ինչքան ամերիկահայերը մեր, որ կարենան Ռուս կառավարութեան դէմքին նետել հակահայկական վերջին զարգացումները:
Թող չփորձուի Ռուս կառավարութիւնը, մեր վիզին փաթթել թուրքական ազերամէտ միջնորդութիւն Արցախի ուղղութեամբ:

Թուրքը գոհ է Մեդվեդ-Պուծինէն, վասնզի նոքա ամէն Ապրիլին չեն խայթեր՝ թէկուզ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ բառակապակցութեամբ:

Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ կատարուելիք արարողութեան ներկայացող հայեր նկարելով, հակահայ թուրք իշխանութիւնը արար աշխարհին ցոյց պիտի տայ հայոց հետ ունեցած իր համերաշխութիւնն ու հաշտութիւնը:
Այսպիսով թուրք պետութիւնը արդէն ունեցած կըլլայ իր հայերը, որոնք պատրաստ են ներկայանալու եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու գերեզմանացած Արեւմտահայաստանի որեւէ նոր թրքածնութեան օրհնանքի:

PS . Այսօր արեւմտահայերէն գրեցի:

Tigris
21.05.2010, 17:34
Մասխարա կամ զավզակութիւն

Թող ներեն հայերէնի անաղարտութեան ջատագովները՝ կոչել տեղեկատւութեամբ հաղորդուած լուրերը որպէս խեղկատակութիւն՝ ալաթուրքա բառերով:

Տեղեկատուները, քաւ լիցի, ճշմարտախօս են, ասելիք չկայ. լուրերն են շատ տարօրինակ, այնքան, որ տրամաբանութիւնն ու դատողութիւնը անզօր այլեւս հասկանալ ու ընկալել:

«Իսլամական Խորհրդաժողովը» կը պահանջէ յարգել, այսպէս կոչուած՝ «Ադրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը»: Որքան փորձեցին համոզել տալ այն իրականութիւնը, որ Արցախի ազատամարտը կրօնական գունաւորում չունի, բայց դարձեալ օգուտ չունեցաւ:
Իսլամները համերաշխաբար իրար կը սատարեն, մանաւանդ որ այդ կազմակերպութիւնը կը գլխաւորէ մի թուրք:

Սրան հակադիր ՉԿԱՅ այն «Եւրոպական Միութիւնը», որին երբեմն կպցնում են «Քրիստոնէական Ակումբ» մակդիրը, և, որ իր համերաշխութիւնը յայտնէ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան:

Ընդհակառակը՝ այդ կազմակերպութեան «ԵԽ» թեւը, որը չգիտեմ ինչպէս է կարդացւում, «եւրոպացի խիգարնե՞ր» թէ ուրիշ բան, ասում է թէ՝ «Հայկական զօրքը պէտք է դուրս գայ Արցախից»:
Չաւուշի որդո՞ւ գործն է: Չգիտեմ:

Եւրոպան իրաւունք չունի մեզ բան ասելու, քանի որ շովինիստական, ֆունդամենտալիստական եւ նացիստական «Միութիւն» լինելը փաստեց՝ թուրքերի առջեւ սահմանը փակ պահելով այսքան տարի:
Թուրքիան պէտք է մուտք գործի Եւրոպական Միութիւն. մզկիթների ու իսլամական հագուստների հանդէպ արգելքները պէտք է վերանան: Թող լիաթոք, լիաշունչ ու կենակցին եւրոպացիները, թուրքերի հետ, իրենց «քաղաքակրթութեան» գոգում:

Մէկ ուրիշ խիգարութիւն: Վուդրո Վիլսոնի անուան շքանշան Դաւիթի որդուն, այն բանի համար, որ, իբր, Դաւութօղլուն չգիտեմ ի՛նչ է արել:
Չէ՜, անբնական է:
Ընթերցողը գիտէ հանդիսութիւններին ու արարողութիւններին նշանակութիւն չտալս: Բայց դարձեալ կուզեմ հասկանալ եղածը: Ինչի՞ համար է շքանշանը: Հակաամերիկեան աշխատանքի՞ն, որ վարում է Դաւութօղլուն, թէ՞ թուրք-հայ սահմանը չբանալուն:

Չէ՜, առաջուայ պէս չեմ տագնապում: Որովհետեւ վերոյիշեալ կազմակերպութիւնները ՄԱԿ-ի նման են:

Երբ ասում եմ ՄԱԿ, դուք հասկացէք մի պառաւ, որ անընդհատ շաղակրատում է, չգիտես ինչից: Գլխի ցաւի՞ց, թէ՞ ծերութիւնից. ու բոլորը ներողամտութեամբ հանդուրժում ու ակամայ լսում են նրան, մտածելով՝ որ այսօր կայ վաղը չկայ, թո՛ղ խօսէ:

ԱՄՆ-ի ահաբեկչական վարչակարգը, Բուշի ղեկավարութեամբ, գրաւեց մի ամբողջ երկիր, պատրուակելով կորիզը. գրաւելուց ու հարիւր հազարների կեանքերը վերջ տալուց յետոյ ասաց «սխալուել ենք. կորիզ-մորիզ չկայ»: Այս ընթացքում «ՄԱԿ» կոչուած կեղծիքը փորձում էր ընդդիմանալ, յետոյ երբ տեսաւ կարելի չէ՝ փորձեց օրինականացնել Իրաքի գրաւումը: Մասխարա, Բարեկենդան, կառնավալ:

Նոյն ՄԱԿ կոչուած խեղկատակութիւնը ինչ-ինչ որոշումներ է ընդունել Պաղեստինի վերաբերեալ, սակայն ինքզինք ծիծաղելի դարձնելուց բացի այլ բան չի արել այդ որոշումներով, քանի որ դրանք մնացել են արխիւներում, որպէսզի յետոյ նորերը չափուեն, ձեւուեն, ճանապարհների քարտէզների համեմատ, զի յարմարի մեծ պետութիւննների ծրագրերին:

Միջազգային ընտանիք կոչուածն էլ բորենիների այն ընտանիքն է, որի անդամները՝ ուժեղ պետութիւնները կայսերական, շնաբար մօտենում են որսին, սողաբար քսվրտելով գլխաւոր բորենու ոտքերին, ունենալու համար մսի իրենց բաժինը:

Եզրակացութիւն
Այն ինչ խօսւում ու գրւում է, բոլորովին նշանակութիւն չունեն:
Կայ Արցախի Հանրապետութիւն. կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն. կայ իր իրաւունքին գիտակից եւ հետամուտ Հայ Ժողովուրդ:
Մնացեալը ձմռան վառելիք:
….նրանք են, ովքեր կայնած էին Zürich-ում: Ո՞ւր են նրանք, ի՞նչ եղաւ սահմանի բացումը:

Նրանք դերակատարներ են, Laurel & Hardy, խամաճիկներ, տիկնիկներ:

Իսկակական դերը, պատմութիւն կերտողը շքանշաններին նշանակութիւն չտուող ազատամարտիկն է, և հայրենասէրը` ճակատագրական պահին դիրքորոշում ունենալով «օրէնքը» ազգին համար «խախտողը»: Ազատամարտիկը:

Երբ գրում եմ այս հակահայկական լուրերի մասին, ընթերցո՛ղ, չունենաս այն տպաւորութիւնը, որ իբր «Միջազգային ընտանիք» կոչուածը բան ու գործ թողած մեզնով է զբաղւում: ՉԷ:
Հետապնդուած ու հալածուած լինելու զգացում չուենանք:

Երբ որ զիջանենք մեր դիրքերը Հայկական Լեռնաշխարհի Սիւնիք եւ Արցախ աշխարհներում, ահա այն ժամանակ ճնշումները կը սաստկանան մեր վրայ:
Հիմա, մեզ, եթէ բանի տեղ են դնում, այն ժամանակ բանի տեղ դնող էլ չի լինի:

Աշխարհի մնացեալ լրատուամիջոցները չեն էլ խօսում Հայաստանի ու Ադրբէջանի մասին: Միայն մենք ենք նկատում ու լսում՝ «ամաչկոտ», տեղ տեղ ամպրոպից յետոյ սունկի պէս յայտնուած հայկական թեմաներով լուրերը:

Մեր կեանքերը ապրենք ու նշանակութիւն չտանք ախմախ-ախմախ լուրերին: Օրինակ Վուդրո Վիլսոնի անուան շքանշան Դաւութօլուին տալու լուրին:
Մասխարա:
Ժամանակին աթաթուրքի անուան շքանշան պիտի տային Մանդելլա Նելսոնին: Մերժեց՝ ասելով՝ «իր ժողովրդին հալածող պետութիւնից շքանշան չեմ ստանայ»: Նկատի ունէր քուրդերը:

Այսպիսի շքանշանները, հաստատութիւնները, կազմակերպութիւնները կորցնում են իրենց նշանակութիւնը: Ահա՛, օրինակ, չէք գտնի մի նոբելեան խաղաղութեան մրցանակակիր, որը չի կոտորել առուազն տաս հազար մարդ:
Բացէք կայքը եւ կարդացէք անունները:
Կոտորում են, յետոյ դադարեցնում են կոտորածը ու դառնում հերոս խաղաղութեան:

«Ո՛Վ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԹՈՂ ԵՍ ԹՔՆԵՄ ՔՈ ՃԱԿՏԻՆ»

Tigris
21.05.2010, 21:28
Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, թուրքական փարայով Կիրիլլովի ներկայացուցած յայտարարութիւնը՝ «Արցախի տարածքէն հայ զօրքի հեռացման անհրաժեշտութեան մասին», անգամ մը եւս մեզի կը յուշէ, որ մեր Տան մէջ խաղցուած ժողովրդավարական տուն-տունիկ խաղէն1 դուրս մնացած քաղաքական կոյսերը2 ի՛նչ մարմինի հետ գործ ունին, երբ կ’երթան հոն եւ կը գանգատին՝ «Մեզի խաղէն դուրս հանեցին»:

Ուրեմն, սիրելի հայ պատգամաւորներ ԵԽ-ի: Գիտցէ՛ք որո՛ւ կը գանգատիք ձեր ներհայաստանեան խնդիրները՝ արդար կամ անարդար: Դուք կը գանգատիք կառոյցի մը, որ կոչ կ‘ուղղէ3 Արցախի հայութիւնը նոր ջարդերու դէմ հանդիման դնելու՝ զրկելով զայն ինքնապաշտպանութեան միջոցէ:
Հետեւաբար՝ նախընտրելի է գտնէք ուրիշ ատեան մը, ձեր գանգատները փոխանցելու համար:

Գանգատէք պատերին, ձեր ստեղծած կուռքերին, կամ գիւղամիջեան հրապարակում նստած թոշակառու նահապետներին. ո՛ւմ որ ուզէք, սակա՛յն այդ ԵԽ-ի անբարոյականներին չգանգատէք: Ումի՞ց էք փնտրում արդարութեան հաստատում:

Ծանօթ.
1 - «Խաղ» բառը չէի գործածէր, եթէ այդքան շատ գործածական չ’ըլլար հայաստանեան քաղաքականութեան բառապաշարին մէջ: «Խաղից դուրս մնաց», «խաղի կանոնները» եւ այլ բառակապացութիւններ, ամէն օր կը լսենք բարձրաստիճան հայաստանցի պաշտօնեաներու ձայնով:
Ուրեմն խաղ է քաղաքականութիւնը:
2- Կոյս բառն ալ կը նշանակէ «կողմ»: Կուսակցութիւն = կողմնակցութիւն:
3- Բարեբախտաբար «կոչ» ընելէն բացի ուրիշ բան ընելու իրաւասութիւն չունի Արցախի գծով:

Tigris
28.05.2010, 14:12
Այսօր Մայիս 28-ն է: Կայր ժամանակ, երբ անկախութեան, ազատութեան եւ պետականութեան խորհրդանիշը համարւող եռագոյնը եւ Մայիսի 28-ն արգելուած էին՝ դաշնակցական կը համարուէին, քանի որ Խորհրդային սնամէջ իշխանութիւնը այդպէս էր ներկայացնում. Սփիւռքում միայն դաշնակցական հատուածը պահում եւ գուրգուրում էր Եռագոյնի եւ Մայիս 28-ի գաղափարները:
Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ՀՀՇ-ի ղեկավարութեամբ, իմաստնութիւնը ունեցաւ վերականգնել դրանք. հիմա բոլորինն են:

Այսօր, կարծեմ Մայիս 28-ի անմար յիշատակի առթիւ, հայաստանեան «Երկիր» հ/ը-ը սկսեց արբանեակային սփռում: Բարի երթ եմ մաղթում՝ ձեւով եւ բովանդակութեամբ որակաւոր:




●●

Թեմայիս վերնագիրն է «Մարդկութիւն առանց սահմանի»: Մարդկութիւնը անսահմանօրէն դաժան է: Իրար յետեւից, փոսը ընկած տուարի վրայ դանակ սրողների պէս, մեծ պետութիւնները յայտեր են արարում, թէ չեն ճանաչում Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանականների ընտրութիւնը:

Եղբայրնե՛ր ջան գերպետութիւններ: Ամէնից շատը դուք նկատեցիք Արցախում կատարուած ժողովրդավարութեան յաղթական արշաւը: Անսահման շնոտհակալ եմ ձեզանից, զի տեսաք եւ յայտնեցիք ձեր տեսանելը:

Հայաստանեան մի լրատու երգիծում է «Դո՞ւ էլ Բրուտոս»՝ ակնարկելով Գաղղիան: Բրուտոսը մենք ենք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայերը, զի մինչ օրս չենք ճանաչել մեր հայրենիքի ամենասրբազան աշխարհներից ազատագրեալ Արցախ եւ Սիւնիք (Աղահեճք, Հաբանդ) երկրները: Հայրենաճանաչման, հայրենատիրութեան օրինագիծերը մերժւում են Նժդեհեան Հայաստանի Ժողովարանում: Ինչպիսի՜ երգիծանք:

Հայ ժողովուրդը, մի մարդի նման, 8-9 միլիոն անհատնում հոգիներ, չկարեցաւ ոտքի կանգնել, գոռալ, գոչել, աղաղակել եւ օրինագիծի ուժ տալ, ա՛յն, որ ճանաչում է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Եւ այդ Հանրապետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կազմում է ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. մեկի հանդէպ ոտնձգում, ոտնձգում է հանդէպ միւսի: Մեկի չգոյութիւնը չգոյութիւնն է միւսի: Չկայ Հայաստան առանց Արցախի. չկայ Հայութիւն առանց Արցախի:

Պատմական հպանցիկ վերյիշում: Քանիցս իմաց ենք տրուել, որ ազգային հերոս Անդրանիկն իր բանակով ուզում էր մտնել Արցախ, սակայն անգլիացիները չեն թողնել, ինչի հետեւանքով վէճի առարկայ է եղել պատանելիութիւնը, ու դժուար պայքարից յետոյ կարողացել է միայն որպէս խօսքով ինքնավար մարզ լինել Խորհրդային Ադրբէջանի կազմին մէջ:

Չհասկացայ: Մի՞թէ Անդրանիկը անգլիական սպայ է եղել, նրանցից է ստացել իր ռոճիկը, մթերքը:
Ժամանակի հեռուից, տաք տեղից հեշտ է խօսել: Բայց ի վերջոյ մարդկային գործօնն էլ շատ բան կարող է փոխել: Ես չգիտեմ մանր մասնիկները, բայց ինձ թւում է ինչպէս այլուր, այստեղ էլ կարելի էր հայաստանել:

Ես, Անդրանիկս, ո՞ւմ զինւորն եմ: Թողնեմ գնամ, յուսահատ. հայրենի Շապին-Կարահիսարը փրկել չկարողացայ: Ազգիս զինուոր եղայ, անմիջական ազգս, ազգականներս փրկել չկրցի:




●●

Ընթանում է հոգեբանական պատերազմ: Եփում են գալիք «լուծումը», հանդարտ կրակի վրայ: Հայ ժողովրդի տրամադրութիւնն են շօշափում, ինչպէս մսի կտորները՝ եփելի՞ք է թէ ոչ: Ու ինչքան կարծր ու չուտելի նկատեն, այդքան զմեզ եփելու մտքից կը հրաժարւեն ու կորոնեն աւելի յարմարը:

Յիսուս, խաչի վրայ, Երկնաւոր Հօր ասաց. «Ներէ՛, Տէր իմ, վասնզի չգիտեն ինչ են անում»:
Մեծ պետութիւնները չգիտեն ինչ են անում, տրամադրութիւն քանդող յայտարարութիւններով, Հայ ժողովրդի նուաճած իրաւունքը չճանաչելով: Նրանք չգիտեն, չեն անդրադառնում, որ Հայութիւնը խոցող նետը յետոյ ուղղուելու է նրանց դէմ:

Երեկ ընթերցեցի՝ Աբդուլլահ Վարդը յայտնել է, որ եթէ երկու տարուց Արցախի խնդրին լուծում չգտնուի՝ տասը տարի չի գտնուի:

Մարդիկ հասկանում են, որ ինչքան ուշ լինի, այդքան նուշ կլինի: Դրա համար էի ասում՝ «Շուտափոյթ լուծում բառակապակցութիւնը չեմ սիրում»: Ինչքան ուշ լինի լուծումը, այդքան լաւ կլինի: Երբէք լուծում չլինի, շատ շատ աւելի լաւը կլինի: Սահման չբացուի, հրաշալի կլինի:

Եթէ սրանք են մեր հարեւանները, մեզ պէտք չեն՝ սահման, լուծում, բարեկամութիւն, հաշտեցում:

«Սպիտակ» մարդիկ թող դաս չտան մեզ, քանի որ իրենք չեն տեսել մեր տեսածը, քանի որ իրենք չպիտի ապրեն մեր տարածքում, քանի որ իրենք չպիտի քնեն մեր հարեւանների հարեւանութեամբ:
Մեր վիշտը միայն մենք են հասկանում: Կրակը ընկած տեղը կայրի:

Գոյութիւն ունի մի ուրիշ Միջազգային Հանրութիւն, որ ճանաչում է Արցախի նուաճած արդար իրաւունքը: Դա ցեղասպանուած ազգերն են, անհետացած ժողովուրդները, Պատմական Հայաստանի աշխարհների ժողովրդային կամքերը, ԲՈՒՆ ԱՍԻԱՅԻ բնիկները: Իհարկէ, նրանց ձայները չեն լսւում, քանի որ ուրիշ աշխարհների են պատկանում հիմա:




◊◊


Երեկ, Եւրատեսիլի «չգիտեմ-ինչ»ն էր: Ազարբայջանը, Թուրքիան Եւրոպայում էին: Մեր «սիրասուն» արեւելեան հարեւանը «լիքը աղջկերք էր ուղարկել»: Թիւրքիյէն էլ ուղարկել էր ռոքային խումբ:
Ինչ լա՜ւ կլինէր եթէ Պակիստանն ու Ինդոնեզիան էլ մասնակցէին: Ոչ պակաս եւրոպականացած «էստրադա» ունեն նրանք: Աֆղանստանի մեղքն ի՛նչ է. եթէ նա Եւրոպայում չէ, ապա Եւրոպան նրանում է:
Եւրոպացին տեսնում է թուրքերին՝ ռոք անողներ, սիրուն ասմար աղջիկներ:
Եւրատեսիլում հոգիներ չեն կարդում: Այդ կազմակերպութիւնը կեղեւ կարդալու համար է:
Եւրատեսիլում չկայ հոգի, էութիւն, միջուկ:
Պէտք է նուաճել Եւրոպան ու նրան վերադարձնել մարմնացած հոգի: Պէտք են էութիւն կարդացող եւրոպացիներ, եւ ոչ սենեկային փողկապաւոր մկնապարոններ: Եւրոպան կոյտ է, կուտուած մարմիններ. նրա թուացեալ միութիւնը յաջողութեան փաստ չէ: Եւրոպան ձախողած է նոյնինքն Եւրոպայում: Եւրոպան սնանկ է: Եւրոպայում կայ մի ազգ– Դրամատիրութիւնն է դա:

Նախագահը Բելգիայում էր: Այսպէս, հարեւանցի, լսեցի Բելգիայում հիմնուած մի ինչ-որ «երկխօսական» կազմակերպութեան հայազգի շէֆի արտայայտող միտքը, թէ կարող է թուրքական մշակոյթի մասին էլ ձեռնարկեն: Մի իսկական եւրոպացի է, որ տոլերանտութեան մրցանակը Ալիեւից խլելու միտում ունի:

«Արեւելք-Արեւմուտք քաղաքակրթութիւնների երկխօսութիւն» կոչուածը եւրոպացի գաղութարարների հնարածն է, որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հետ կապ չունի: Ունի կապ քողարկմանը հետ եւրոպացիների ընչաքաղցութեան:

Քաղաքակրթութիւն ասածը, նախ, արդարութեան հանդէպ մարդկային հաւատքին, պահանջքին եւ յոյսին կը պատկանի: «Լուծումներ» որոնող «քաղաքակիրթ» Եւրոպայի բառապաշարից վերացել է արդարութիւն բառը, կամ՝ իմաստափոխուել: Հետեւաբար նրա երկխօսութիւնը փոշի շաքար ցանելն է
խաբէական, սուտ, կեղծաւոր Եւրոպայի:


□□

□□□□

Վերջին մի քանի օրերում, երկու անգամ բախտն ունեցայ «Հ1»-ից տեղեկանալու Հայաստանի պատմութեան մասին, որ, անշուշտ, սկսում է Մասիս վրայ թառած Նոյի Տապանով:
Երբոր Նոյի մասին է խօսւում, յուսահատութիւնն է կարծես շրջում, եթերում, խորհրդածութեան թանձր մառախուղում ընդկողմանեցնելով սեփական պատմութեան հանդէպ նախանձախնդիրին, որ ուզում է լինել, ինքը, ժամանակակիցը եւ միաժամանակ իր իսկական պատմութիւնը որոնողը:

Հին Կտակարանի Ծննդոցը, Մարդկութեան, ինչպէս նաեւ Հայութեան պատմութեան սկզբնաղբիւրը չի կարող լինել: Այն գրուել է իր ժամանակների բենլադենների ձեռամբ: Յետամնաց, ցնդաբանական պատումները մեր պատմութեան սկիզբ դեռ ընդունելը մեղանչում է առողջութեան հանդէպ:
Արցախը հայկական հող է. Նոյը Մասիս չի բարձրացել. Ծխելը վնաս է առողջութեան:

Tigris
07.06.2010, 20:57
Վերջերս քաղաքական բաժնից հեռացել եմ, ինքնաքսորման եմ ենթարկուել:
Այսօր մի միտք ծագեց՝ թիրախ չլինել: Եթէ թիրախ ենք, այն շեղել է պէտք:

Պաղեստինեան արդար դատի վերաբերեալ «օրէնքով» ցեղասպան երկրի միջամտութիւները նպատակ ունի այս կողմերի երկրներում ամրապնդուած ներկայութիւն ունենալ: Հիմնականում՝ տնտեսապէս:

Մենք՝ հայերս, այսպէս ենք խօսում՝ արդարը արդար, անարդարը անարդար պիտակելով: Կրօնական հակակրութիւն կամ համակրւթիւն չենք անում: Պաղեստինը նաեւ պաղեստինցի քրիստոնեաների հայրենիքն է՝ այդպէս պէտք է լինի եւ այդպէս է:

Այդպէս է Սիրիան, Լիբանանը, Եգիպտոսը, ուր բնակչութեան 40, 15, 20 տոկոս քրիստոնէութիւնը հայրենիքում է զգում, մասնակցել է անկախութեան ու պետութիւն կերտելու պայքարին եւ մասնակցում է առ այսօր՝ զբաղեցնելով բանակից մինչեւ անտ որ ուզես՝ պետական վարչական շրջանակներում:

«Օրէնքով» ցեղասպան երկիրը այդպէս չէ, ուր մարդիկ (ովքեր ժառանգել են ցեղասպանուած բնիկների շարժական եւ անշարժ գոյքը) հպարտօրէն նշում են, թէ երկիրը 99,9999 մուսլիման է: Հպարտօրէն նշում են, քանզի դորա առաջամարտիկները լինելով, արմատից կտրել են քրիստոնեաներին:

Մենք, հայերս, ունենալով ազգութիւն եւ ազգային մշակոյթ, հայրենիք, գիր ու գրականութիւն, կրօնական ուղղուածութիւնը չորրորդական մակարդակով ենք ընդունում, զի մեզի համար ազգն է եւ ոչ կրօնը եւ ուրիշ ազգերի կրօնական պատկանելիութիւնը: Իհարկէ ազգային մշակոյթի մէջ քրիստոնէական կրօնի հայաստանեան տեսակը իր գոյնն է տուել, բայց մենք կրօնական ազգ չենք, ինչպէս որ են ուրիշները: Չթուեմ:

«Օրէնքով» ցեղասպան երկիրը, որին դատապարտելն անգամ ոքի, հաւատակից կամ ոչ, մտքից չի անցնում, փղշտացիների կամ պաղեստինցիների կամ արաբների արդար դատի համար չէ ճգնում, այլ՝ իր ապրանքը շուկայելու:

Յիրաւի, գովազդուած «Հայկական Աշխարհ» ծրագրի առթիւ արժէ յիշել, որ ոչ թէ հայկական ապրանքը չի կարողանում մրցել, այլեւ ընդհանրապէս այն գոյութիւն չունի, «Օրէնքով» ցեղասպանի ի կատար ածած քսանամեայ անարդար ու անմարդկային շրջափակման պատճառով:

Որքան ծիծաղելի է արդարութիւն ու մարդկութիւն բառեր տողելը՝ «օրէնքով» ցեղասպանի անուան հետ:

Tigris
08.06.2010, 17:11
Արեւմտահայութիւնը չկրցաւ դառնալ «եւրոպացի», չկրցաւ դիմանալ ու չցեղասպանուիլ 100 տարի մըն ալ եւս, որպէսզի Յեխըխըյի երջանիկները օրինագիծերով կամ կոչերով պաշտպանէին Արեւմտեան Հայաստանի վրայ ապրող հայի մարդկային իրաւունքները:

Ապրեցաւ թաթարը, շնորհիւ իր ցեղակից թուրքին, ու ահա Յեխըխըյականները, մեկ Մալթայէն մեկ չեմ գիտեր ուրտեղէն, կը պաշտանեն, այսպէս կոչուած՝ Ադրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը:

Պէտք է որդեգրել թուրքական ձեւաչափը, այդ, որ Արցախի խնդիրը կապակցուած է հայ-թուրքական սահմանին: Որովհետեւ գոյութիւն ունի նոյն թշնամին, որ ձգտած է ու մասամբ յաջողած, ու կը ձգտի տակաւին ոչնչացնել մնացեալ հայութիւնը իր իսկ պատմական հողին վրայ:

Երբոր Արցախի գծով բանակցութիւնները վերսկսին, հին կամ նոր մադրիդներով, Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի հայրենազրկման ու պատուազրկման, ինչքազրկման ու պատմական բնականոն ընթացքի կորստեան դատերը պէտք է կցուին Արցախի խնդրին:

Մեկ ամբողջական փաթեթով պէտք է դատապարտուին Ռուսիան, Եւրոպան, իր բոլոր բաղադրիչներով, վասնզի անոնց աչքերուն առջեւ, անոնցն մեղաւոր օգնութեամբ տեղի ունեցաւ երկրի մը ոչնչացումը: Այդ երկիրը Հայաստանն էր, Արեւմտեան Հայաստանը:

Եթէ Եւրոպան տղամարդավարի կամ կնավարի կարողութիւնը չունի արդար ըլլալու, ապա հայութիւնը պէտք է դիմէ այդ պոռնկաբարոյ կառոյցին, յետ առնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւրոպական Խորհրդարանի օրինագիծը, վասնզի այդ կառոյցը բարոյապէս իրաւունք չունի կրելու Ցեղասպանութիւն դատապարտող օրինագիծաստեղծի անունը, երբ միեւնոյն ժամանակ ցեղասպանուած ժողովուրդի մնացորդացի դէմ հաշուեյարդարի նստած է՝ սատարելով ցեղասպան թուրքը:

Հրեաները: Պէտք է ոչնչացնել ամէն կարգի սիոնասիրական իսրայէլասիրական նկրտումներ՝ Հայ ժողովուրդի խաւերուն մէջ, վասնզի Իսրայէլ կոչուածի ու ԱՄՆ կոչուածի շնորհիւ այսօր Թուրքիան թուք ու մուր կը փչէ չորս բոլորը: Մոռցա՞ք ով փրկեց Թուրքիան Աբոյէն: Մոռցա՞ք ով կառուցեց թուրքիայի զինական ճարտարարուեստը: «Երես տուինք Ալիին, եկաւ քա,եց խալիին»:
Աճեցուցին, զօրացուցին, սնուցին ու հիմա անկէ՞ կը գանգատին:
Թող երթան ու լիարժէք վայելեն թուրքի թրքութիւնը: Անուշ լինի:

Եթէ վաղը միւս օր, Իսրայէլի եկեղեցին (Քնեսեթ-Ժողովարան) փորձէ ու համարձակի Հայոց Ցեղասանութեան ճանաչման օրինագիծ մը անցնել, այդ ժամանակ հայութիւնը միահամուռ պէտք է դատապարտէ Իսրայէլը, վասնզի ինչպէս ուրիշը, ան եւս մանրուք դրամի վերածել պիտի փորձէ մեր տանջուած նահատակներուն արիւնը:

Արեւմտահայաստանի ճամփան կանցնի մեր տան ու աշխատավայրի ճամփայէն: Եթէ ճիշտ ապրինք, ճիշտը շինենք ու կառուցենք, կը հասնինք հոն:

Tigris
10.06.2010, 13:51
Հայաստանը, հայաշխարհը, բռնկած է օտարալեզու դպրոցներ բանալ-չբանալու վէճով: Թէ բացուի, ո՞վ պիտի յաճախէ: Անշուշտ մերոնք, մեր հարեւանները, ազգականները, հարազատները: Պատրաստ մարդիկ կան մեր շրջապատին մէջ, հոգեպէս եւ մտովին, իրենց որդիները յանձնելու անգլիական, ամերիկեան, ռուսական կրթութիւններուն: Օտարալեզու դպրոցներուն դէմ պայքարը չի կրնար ջնջել մտքով ու հոգիով օտարասէր հայի այլասիրութիւնը: Այդ կը տեսնենք նաեւ Սփիւռքի մէջ – համայնքային, ազգային կամ հասարակական գործիչը, նոյնիսկ Հայաստան (Խորհրդային) կրթութիւն ստացածը, իր զաւակը կ’ուղարկէ (կամ՝ կը խռկէ) ամերիկեան կամ ֆրանսական վարժարան, հոգ չէ թէ զաւակին ընկերները այլազգիներ պիտի ըլլան, հոգ չէ թէ ան պիտի կտրուի իր հայկական միջավայրէն, հոգ չէ թէ ան նամակ մը պիտի չի կրնայ գրել հայերէն: Կարեւորը՝ այդ երեխայի այլասէր ու օտարամոլ ծնողներուն համար, զաւակի ԼԱՒ անգլերէն սորվիլն է, ու հոգ չէ թէ ան իր ուսումը եւրոպաներու մէջ շարունակելով, ու զուրկ ըլլալով ազգային դաստիարակութենէ, ի սպառ կորսուած պիտ’ ըլլայ հայութեան համար, քանի որ «Մերոնք» հաղորդումով ազգը պիտի պանծայ օր մը իրմով, նոյնիսկ եթէ հայերէն չի խօսիր, նոյնիսկ եթէ խառնածին է ան, անոր զաւակը, թոռնիկը. կարեւորը՝ Ազգը գնահատել գիտէ օտարախօս հայերն ու հայկական կրթութեան եւ հայ գիրի հանդէպ նողկանք ունեցողները, որովհետեւ անոնք իրենց նոր ու օտար միջավայրերուն մէջ քիչ մը փայլիլ գիտցած են, թէկուզ մոմի պլպլոցով, թէկուզ աննշան դիրքով, կարեւորը մեր ինքնաթերարժեւորող ինքնութիւնը կը բաւականանայ օտար շրջապատի մէջ հայի մը կիսայաջողութեամբ:

Այս ի՜նչ նախանձխնդրութիւն է, հայե՛ր, հայկական դպրութեան հանդէպ: Հաւատա՞մ: Թէ այսպէս ըլլայինք՝ բոլոր քաղաքական ու քաղաքակրթական հարցերու մէջ, այսօր Հայաստանը 300 հազար քառ. կիլոմետր, բարգաւաճ, եւ դրացիներուն յարգանք պարտադրող երկիր մը կ’ըլլար:

Մենք միշտ օտարասէր եղած ենք: Միշտ: Նայեցէք անձնանուններուն, քանի՞ հատ հայերէն, հայկական ծագումով անուն կը գտնէք:
Այսօր սփիւռքահայ մայրը իր զաւակը կը կնքէ Ժագ (Jaques), Գառլո (Carlo), Մարիո (Mario), Ճո, Ճոյի կամ Ճոյստիկ (Joe), Ալէն (Alain, Alan, Allen), Սթեֆանի (Stephanie) ու նմանօրինակ ալաֆրանկա անուններով, ու հոգ չէ թէ «Ստեֆանի» անունը նոյն Մուստաֆա-ն է, Աբու Ստեֆի կամ Ումմ Ստեֆի եբրայական տարբերակի ալաֆրանկա թխուածքը, կարեւորը իր զաւակը, թէկուզ իր ասիական դիմագծերով, երբեմն նաեւ Կորդուաց Լեռներու բնակիչներու դիմագծերով, ունենայ նրբահունչ, քնքշահունչ, քնարական, եւրոպական, քաղցրաւենիքի նման անուշահամ ու անուշաբոյր անուն: Ու ինչքանով սազական է այդ, կը վայելէ այդ, ալ կարեւոր չէ: Կարեւորը ի՛նքը կուզէ իր զաւակը նմանեցնել ա՛յդ ալաֆրանկաներուն, եւ ոչ իրեն՝ քրիստոնեայ միջինարեւելքցիին, գռեհիկ հային, գեթոյաբնակ յետամնացին:

Արամ անունը կը կարդացուի Էյրըմ, այրանի պէս, մեր Ամերիկայի մէջ. Անգլերէնի հնչիւնաբանութիւնը յանցաւոր չէ, յանցաւորը մեր անցաւոր ազգութիւնն է. ուստի ընդունելի անուն մը կ’ընտրուի՝ Պիլ, Պիլմա, Ֆրետի, Ճերեմի (Երեմիա), Ճոշ, Ճաշ, ճոշուայ, Ճորճ (Գէորգ), Ճերալտ, Քեն, Քիմ, Պեն, Սեն, Օ, Պոպի, հաֆհաֆ:
Օտար կրթութիւն ստացածի համար ուրիշ ճշմարտութիւն ալ չկայ. ան աշխարհին կը նայի իր կրթութեան ակնոցով, վասնզի այն բարձունք է իրեն համար, աւելի բարձրը չկայ, որովհետեւ ինք հրաժարած է իր ստոր շրջապատի կրթութենէն եւ նուիրուած նոր, ժամանակակից կրթութեանը, ուստի ան լատինական A տառը կը կարդայ էյ, հետեւաբար Էյրըմ, որովհետեւ ուրիշ ճշմարտութիւն չի ճանչնար, ոչ ֆրանսականը գիտէ, ոչ լատինականը, ոչ յունականը, ոչ գերմանականը ու ոչ ալ հայկականը. պէտքն ալ չունի գիտնալու, վասնզի ամենամեծ ճշմարտութիւնը իր տգիտութեան քովն է, ամփոփուած իր ստացած կրթութեան սահմաններով, որ իրեն համար Այբէն Քէն է, ու բացարձակը, ու միակը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 25 հազար Արթուր, 35 հազար ալ Համլետ կը ճարուի: Բրիտանական կղզիներուն մէջ ծայրէ ծար չափես ու չափչփես, այսքան Արթուր ու Համլետ չես գտներ: Եղբա՛յր, կարդացիր Շեյքսպիրը, կամ չկարդացիր, շատ բարի, անցի՛ր առաջ:
Սփիւռքի մէջ Արթուրը Արթիւր է. յատուկ շեշտ տալով Արթիւրի –թիւր վանկի վրայ: Սակայն այդքան զօր տալով հանդերձ ֆրանսաբանութեան, մեր տիկինները տակաւին ր կը հնչեն հայերէն, չեն հնչեր ղ:

Օտարալեզու դպրոցներուն հակառակողները, ինծի պէս մտածող մարդիկ, Հայութեան փոքրամասնութիւնն է՝ գոնէ սփիւռքի մէջ:

Եթէ այդպէս չըլլար, եկեղեցի կառուցելէ առաջ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ հայկական դպրոց կը կառուցուէր աշխարհի չորս ծագերուն:

Հայութիւնը հայկական կրթութիւն կը ստանար իր Պատմական Հայրենիքին եւ յարակից շրջաններուն մէջ: Մեզի թուրքերը ցեղասպանեցին, քանի որ հայ էինք:

Դպրոցը եկեղեցի կը բերէ, սակայն եկեղեցին դպրոց չի բերեր: Այնպէս որ խանութը, գործատեղին, աշխատանոցը օրապահիկը ապահովելով տուն կը պահէ, սակայն տունը առանձին չի կրնար ինքիրեն պահել:
Կրկնեմ: Հայ Դատի պայքար տանելէ առաջ, սորվինք ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ հայկական վարժարան հիմնել, պահել, որպէսզի յաջորդելիք հայ սերունդները հայերէն բարբառեն, հայերէն գրեն, հայերէն ձաղկեն ու հայերէն կրակեն:

Օտարամոլութիւնը եւ այլասիրութիւնը կապ ունին Օտարալեզու դպրոցներուն հետ: Մեկը միւսին կը լրացնէ, կը մատակարարէ, կը սնուցանէ, յաճախորդ կ’ապահովէ:



**

*

Հայաստանի Հանրային ռադիոն Բոդրում զբօսավայրի գովազդն է կատարում՝ սփռելով Թուրքիա կատարելիք այցի բարեմասնութիւնները՝ ի Սփիւռս եւ ի Հայս:
Թուրքերը շրջափակում են Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն հայերը չեն շրջափակում Թուրքիան եւ ամէն ինչ որ թուրքական է:

Tigris
12.06.2010, 21:14
Բարի օր: Ընթերցողը, ընդհանրապէս, սովոր է լուրջ բաների մասին գրելուս: Այսօր յատուկ ասելու բան չունեմ: Օդի ջերմաստիճանը բարձր է, շոգ է, ծանր նիւթեր խօսելու տրամադիր չեմ:

Ժամանակից շուտ հասան պտուղները՝ ձմեռուկը, սեխը, կեռասը:
Փառք Աստուծոյ անգործութիւն կայ. լի եւ առատ ժամանակ ունեմ թերթելու հայաստանեան լրատու էջերը: Աշխարհը տակնուվրայ է եղել. մեր փոքր Հայաշխարհն էլ հետը: Մի լաւ խօսք ասեմ, շտկեմ չի՞լինի:



Մենք սփիւռքում գոռ-գոռ գոռում ենք, նայեմ, աստուած մի՛ արասցէ, մեզանից քանիսը՞ կը թողնի տուն, տեղ, ապահով կեանք, նիւթ ու հանգիստ, ընտանիք ու երեխայ, ու կգայ պաշտպանելու հայրենի եզերքը:
Երեւի մի քսանից հարիւր հազար մարդ, կամ երկուսից երեքը:
Դարձեալ գալիս է նոյն հարցումը, ու ցցւում է հայ մարդու դիմաց. «Ի՞նչ է հայրենիք քեզ համար»:
Տո՞ւնը, գործատեղի՞ն, ընկերները՞, Անթալիա գնալը՞, հագնուել-զուգուել-զարդարուելը՞, օղիի սեղանին երկու բաժակաճառ արձակելը՞, թէ՞՝ հայրենասիրական երգերով խորովածը մարսելու գործողութեան սատար կանգնելը:

Վերջերս վրացիների հետ ջերմացում է նկատւում: Ես ընդհանրապէս թշնամական խօսքեր չեմ գրել այդ ժողովուրդի ու պետութեան հանդէպ: Նախ մանրացնելով մեր միջեւի խնդիրները, ու յետոյ խոշորացոյցով նայելով նրանց, պիտի նկատենք վերեւից, որ Հայաստանը Վրաստանի համար սնուցող երակ է. Վրաստանն էլ Հայաստանի համար շարժելու բնական տարածք: Հայերը վրացիների համար վտանգ չեն, նմանապէս վրացիք հայերի համար վտանգ չեն:

Վերջերս սովորութիւն է դարձել ստուգել ռուս եւ միւս այլազգի բարձրաստիճան պաշտօնեաների յայտարարութիւնները, որոնք տեղ են գտել թուրքադրբէջանական տեղեկատւութեան մէջ: Ուրախանում ենք, երբ երկու բառ աւելացած է լինում թուրքադրբէջանցիների միջամտութեամբ: Մինչդեռ բոլորը, բոլորը, բոլորը, չեն ճանաչում Արցախի անկախութիւնը:
Կուրախանամ երբ այդ այլազգիները հրապարակում կը կանգնեն ու կասեն՝ «Մենք ճանաչում են Արցախի ժողովուրդի կամքը՝ ազատ ու անկախ պետութեամբ եւ ապահով սահմանով»: Այսքան:

Օտարալեզու դպրոցների առթիւ:
Շատ անգամ հեռուստատեսութեամբ հեռարձակւում է ռուսերէն, քանի որ հաղորդման հրաւիրեալը չգիտէ հայերէն. նոյնիսկ հանգուցեալ հայ գրողի այրին, հայ բանակի հրամանատարը, հայ երգիչն ու երգչուհին: Իսկոյն փոխում ենք կայանը, մենք, ռուսերէնի հանդէպ խորթութիւն ունեցող սփիւռքահայերս, ու որոնում մի հայի, որ խօսում է հայերէն:

Աշխարհի բոլոր ծագերում կենող հայերի համար միջանկեալ լեզուն, հաղորդակցութեան միջոց լեզուն, պէտք է լինի հայերէնը, որ մեկ է, իր կողմնացուցային բոլոր տարբերակներով:

Առանց հայերէնի Հայաստանի էլ պէտքը չկայ, լուծարէք ու գնացէք Թանզանիա. ափսոս չէ՞ այսքան կռւում ենք թուրքերի դէմ, արիւն ենք հեղում մի կտոր հող պահելու համար:

Անկիրթ մարդը անկիրթ էլ կմնայ, իթէ ինքը սովորելու, իմանալու մարմաջ չունենայ: Հայերէնի առումով անկիրթ է նաեւ այն հիանալի ռուսերէն կամ անգլերէն խօսող հայը: Թէ մենք չենք արժեւորում մեր լեզուն, ու կրթութիւնը այդ լեզուով չենք պայմանում, էլ ո՞վ պիտի արժեւորէ այն, իր լեզուն մոռացող իռլանդիացի՞ն, ազգութիւն ու ազգային լեզու չունեցող ամերիկացի՞ն, նենեցը՞, թէ՞ նեմեցը:

Օտարալեզու դպրոցների դէմն են կանգնում գրեթէ բոլորը (ՀՀԿ-ից բացի): Երեւի ընդդիմութիւնը աւելի ուժգին կլինէր, ուղղագրութեան սովետիզացիայի դէմ, եթէ 1922-ին լինէր ա՛յն ժողովրդավարական կարգը, որ հիմա կայ Հայաստանում: Ի~նչ տարօրինակ, որ այդ խեղումը ընդունում են, հիմա, օտարալեզու կրթութեան հակառակողների մեծամասնը: Ինչո՛ւ: Որովհետեւ ժամանակը գալով ջնջել է անարդարութեան, զուլումի, անիրաւութեան ենթարկուած լինելու զգացումը: Հիմա բոլոր աբեղեանականները հանգիստ սրտով ու խղճով պաշտպանում են սովետական ուղղագրութիւնը, -որ խեղել ու այլանդակել է լեզուն,- քանի որ ուղղագրութեան խեղումը հնացած խնդիր է, խեղուածին մեր կամքը, սիրտն ու միտքը ընտելացել է, մեզանից մի մաս է դարձել եւ մենք մեզ քննադատել ու շտկել չենք ուզում:
Հայերէնի հանդէպ այս անարգալից վերաբերմունք ունեցողների ակունքում պիտի որոնել ուղղագրութեան հանդէպ կիրառուած ոճիր գործողներին: Կարելի է մի գրչի հարուածով բոլոր յ-երը դարձնել հ, բոլոր է-երը դարձնել ե: Գրչի մի հարուածով, մարքսիստ-լենինիստի մի դոկտրինով, անգրագէտները գրագէտ դարձնելու համար ուղիղ գրողները դարձնել անգրագէտ: Ոճիր է, որ այսօր չի գիտակցւում: Չի գիտակցւում, որովհետեւ մեր Լենին «պապիկները» օրհնել են այն, բառը տառ են ճանաչել, տառը միւսին են կցել, կցուածը մոռացել ու սրբել են:

Մի յօդուածագիր ահազանգում է, թէ քարոզչական պայքարում տանուլ ենք տալիս: Տիկին Կարոլին Կոկսը ասում է, թէ ինչու չենք խօսում ճշմարտութիւնը Խոջալուի վերաբերեալ: Տիկինը երեւի չգիտի յատուկ կայք է բացուել, թուրքադրբէջանական կեղծիքը քողազերծելու համար:

Մարդիկ կը հաւատան իրենց ձեռնտու եղածին: Օրինակ մեկին դուր է գալիս X քաղաքական գործչի ասածը, վասնզի նա յաւերժահարս է խոստանում երկնքի արքայութիւնում: Միւսին ձեռնտու է հաւատալ իւղ վաճառողին, ուստի՝ աճուրդի դրած իր վարձու հաւատքով նա կարողանում է ունենալ այդ իւղը սեւ: Եւ այսպէս, հաւատալու, հաւատացնելու համար օգնող օգտակար իրեր են պէտք. խթանիչ դեղի նման, սատարիչ, մղիչ օգտակար նիւթեր, որպէսզի հաւատքը ուժեղ լինի, այս պարագայում՝ քաղաքական, քարոզչական պայքարում: Ու մարդիկ պիտի հաւատան մեզ, եթէ ճշմարտութիւնը որոնեն. պիտի հաւատան մեզ կամ ընդհանրապէս նրանց, երբ շահեր որոնեն:

ՀԱԼԱԲԻԱ
Ոտնագնդակի աշխարհի բաժակի խաղեր տեղի կ’ունենան: Անգոյն ու անազգ մարդիկ իրենց պատշգամներուն շարած են տարբեր գոյնի եւ գծագրութեան լաթի կտորներ: Կառքերու դուռերուն ալ կայմած են դրօշակ, բայց մեկ հատ, երեւի աւելին դնել չի յաջողիր:
Հայաստանը չի մասնակցիր այդ խաղերուն, այդուհանդերձ քաղաքացի ազգակիցներէս ոմանք, այս առթիւ, հպարտօրէն իրենց պատշգամներուն կամ կառքերուն վրայ դրած են Հայաստանի եւ Հայութեան եռագոյնը՝ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ ծիրանագոյն:
Ասելիք ունեմ համաքաղաքացիներուս: Ծո՛ դուն, որ դրած ես Անգլիայի դրօշակը, կամ Գերմանիայինը, արդեօք քեզի չե՞ն վռնտեր այդ պետութիւններու հիւպատոսարաններէն կամ դեսպանատուներէն, եթէ երթաս ու դիմես անցագիրի համար: Ծո քեզի ի՛նչ՝ այդ երկիրներու դրօշները կը պանծացնես, ո՛վ ես դուն իրենց համար: Մի՞թէ քու աժան գոյութիւնէդ տեղեակ են: Դո'ւն՝ Երրորդ Աշխարհի քաղաքացի, դուն՝ յետամնաց ասիացի մը անոնց համար, մի՛ թեթեւցներ ինքզինքդ այսպէս՝ գլխուդ վրայ դնելով անոնց ազգային դրօշակը:

(*) Հայաստանում «անկիրթ» բառը նշանակում է «տգէտ», «անուսում», իսկ արեւմտահայութեան շրջապատում նշանակում է «անդաստիարակ», «կոշտ», «կոպիտ», «չտաշուած», «անբարոյական»: արեւելահայերէն իմաստն եմ գործածել:

Tigris
21.06.2010, 11:18
ՅՈՐՁԱՆՈՒՏ


,,,,Յորձանուտը տարաւ վերջին գրածս:


ԱՐՑԱԽ


,,,,Թուրքերը յարձակեր եւ 4 հայ զինւոր սպաներ են Արցախի մէջ: Ո՛ւր է Միջազգային Հանրութիւն կոչուածը: Ո՛ւր են անոնք, որ մեզի դաս կուտան՝ դրացիներու հետ լեզու գտնելու կապակցութեամբ: 4 հայ զինւորի արեանը ուշ կամ կանուխ պիտի վճարեն, հաշիւ պէտք է տան, բարեկամներն ու թշնամիք:



ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ


,,,,Թուրքիա կոչուած բռնապետութեան տարածքին, աւելի ճիշտ՝ Պատմական Հայաստանի հարաւային լեռներու տարածքին, եւ այլուր, 11 թուրք զինւոր տուրք տուած են իրենց բռնագրաւողի դիրքին: Ըստ երեւոյթին, ոմանք, Թուրքիա կոչուածի ներսէն ու դուրսէն, գոհ չեն «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան վարած ներքին եւ կամ արտաքին քաղաքականութենէն: Դրացիներու հետ «զերո խնդիր» թիւրախին ձգտող թուրք կառավարութիւնը, նախ իր բռնագրաւած տարածքին մէջ ապրող Քիւրդ ժողովուրդին հետ «զերո խնդիր» թող հաստատէ, յետոյ թող գայ ու տարածաշրջանի միջազգայնացած խնդիրներուն մէջ իր դունչը խոթէ:


Վիլսոն եւ Դաւութօղլու


,,,,Առաջին հայեացքով տեսանելի է այս երկու անձնանուններու իրար չհամապատասխանելը: Առաջինը՝ կայսերական Թուրքիան մասնատող քարտէսը գծող ամերիկացի նախագահի ազգանունն է. եւ երկրորդը՝ Թուրքիայի այժմու արտաքին գործոց նախարարի ազգանուն է:
,,,,Երբ առջի հեղ լսեցի Դաւութողլուին Վիլսոնի անուան մրցանակ տալու լուրը, ջղայնացայ, յետոյ մտածեցի՝ երեւի ջղայնացողը Դաւութօղլուն պէտք է ըլլայ, ու, կարծես թէ, փաղաքշական ապտակ մըն է այս մրցանակը անոր տալը, քանի որ Վիլսոնը մեռած է, ու հազիւ թէ անդի աշխարհէն փոխէ իր միտքը, ու յետս կանչէ իր գծած Վիլսոնեան Հայաստանը: Ուրեմն, փաստօրէն, Էրդողանի վարչակարգը ներայացնողը, աշխարհին առջեւ կ’ընդունի Վիլսոնը՝ անոր կատարած գործերը, եւ ընդունելով Վիլսոնը, կընդունի նաեւ անոր անուան մրցանակը:
,,,,Իհարկէ՝ ո՛չ Էրդողան, ո՛չ ալ Դաւութօղլու կ’ընդունին Սեւրի դաշնագիրն ու այդ դաշնագիրին մէջ տեղ գտած Վիլսոնեան Հայաստանը: Վերադառնալով առաջին անգամուայ տպաւորութեանս, կրկնեմ գրածս՝ մասխարա, խեղկատակութիւն, ծամածռութիւն, կապիկութիւն: Թուրքը այնքա՛ն կապիկագէտ է (դիւանագէտ չըսելու համար), որ կրնայ իրեն ուղղուած արհամարհանքը ժպիտով եւ տօնական մթնոլորտով ընդունիլ: Պահ մը երեւակայեցէ՛ք մեր մեկ քաղաքական գործիչին տան Աբդուլհամիդի անուան մրցանակ՝ Հայկական աշխարհը տակնուվրայ կ’ըլլայ:
Կարծես թէ զօրութիւնը մարդուս ինքնավստահ կը դարձնէ: Թուրքը զօրաւոր է, այդ պատճառով ալ իրեն դէմ ուղղուած հրացանի եւ խօսքի փողը առանց տագնապի կընդունի:


,,,,ԻՆՖՈՐՄԱՑԻՈՆ ՏԵԽՆՈԼՈԳԻԱՆԵՐ


,,,,Հայերէն չհասկացողներու համար յատուկ դասընթացք պիտի կազմակերպեմ: Ահա օրինակ, հայեցի եւ հայալեզու կրթութիւն չստացածներու համար անհասկանալի է «ինֆորմացիոն տեխնոլոգիա» բառերը, որոնք, մեր՝ նուաստներուս լեզուով, կը նշանակեն «Տեղեկատուական ճարտարարուեստ»: Չշփոթել Deformazion Suchchumologia գերմաներէն բառերու հետ: Ihr das nicht sprache deutche. Suchchumologia ist über alle.



ԿՕՇԻԿ


,,,,Կօշիկ մը գտնուած է Սիւնեաց Վայոց Ձոր գաւառի մեկ այրէն: Հայաստանի Հանրապետութեան գիտական հասարակութիւնը կը փորձէ հասկանալ կօշիկի տէրը, որ ապրած է յիսունհինգ հարիւր տարի առաջ, իգակա՞ն, թէ՞՝ արական սեռին կը պատկանի: Ինձի կը թուի կօշիկին տէրը նոյնինքն կօշիկը գտնող օրիորդն է, վերածնած, քանի որ հնագէտներու ըսածին պէս՝ անձաւի բնակիչները հնդեւրոպացիներ էին: Հետեւաբար, ամենայն հաւանականութեամբ, ան է:
,,,,Քաղաքական դաշտը հանգիստ թող մնայ, որովհետեւ ըստ նոյն հնագէտներուն, կօշիկը կուսակցական պատկանելիութիւն չունի, այսինքն որեւէ քաղաքական դիրքորոշում չունի առայժմ:
,,,,Ուրիշ հետաքրքիր մանրամասնութիւն մը՝ կօշիկը եգիպտական բուրգէն հազար տարի աւելի հին է:
,,Աշխարհի տարբեր վայրերում գտնուել են տարբեր չափսի ու ձեւի ածխացած օրգանական նիւթեր: Օրինակ Հինդուքուշստանում գտնուել է ֆոսիլ, որ կօշիկից յիսուն տարով հին է:
Իտալիան իր քարտէսը պէտք է փոխէ:


v

Tigris
22.06.2010, 12:18
ՍՓԻՒՌՔ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ

,,,Այսօր հպանցիկ լուր մը լսեցի՝ Սփիւռքի նախարարութիւնն ու Պաշպանութեան նախարարութիւնը, համատեղ արեւմտահայերէնի դասընթացք պիտի կազմակերպեն Հայրենիքի մէջ՝ փափագող սփիւռքահայ երիտասարդներու համար: Նախարարները ապրած կենան: Ողջունելի եւ ճիշտ մտածուած ծրագիր է:
,,,Մաշտոցի ստեղծած տառերը նաեւ զինատեսակներու ձեւեր ունին – հրացան, դաշոյն, տէգ, նիզակ, աղեղ, վահան, նռնակ եւայլն: Այս նկատառումով ճիշտ ընտրութիւն էր ՊՆ-ը: Հայերէնաճանաչումը պայմանաւոր է նաեւ հայրենաճանաչումով եւ հայաճանաչումով:
,,,Մարդ կայ, Հայաստան ըսելով կը հասկանայ՝ թանգարան, վանք ու խաչքար: Մարդ կայ՝ կը հասկանայ «էլիտար նկուղներ», գիշերային «զբօսավայրեր»: Մարդ ալ կայ, որուն համար Հայաստանի ու Հայրենիքի գաղափարները կ’ամբողջանան հայկական զէնքի ու զինւորական համազգեստի հանդէպ իր սէրով. անոր երակներուն մէջ կը պտըտի զինւորի արիւն, որ ժառանգած է զինւոր նախահայրերէն՝ իր կամքէն անկախ:




ՄԵՒԼՈՒԴ

,,,Չկրցայ սորվիլ այս Եւրոպայի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի պաշտօնը նշող համառօտագրութիւնը: Ովքե՞ր են այդ վեհ ժողովին նախագահի պաշտօնատարը ընտրողները:
«Արդեօք ովքե՞ր են, հե՜յ, ի՞նչ կտրիճներ են, հե՜յ
Մասիսը վկայ, կայ-կայ, Հայոց քաջերն են, հե՜յ»
,,,Ո՜վ Վեհ Ժողով, ցեղասպան թուրքը բերած ու նախագահ կարգած ես, ու ան, Արցախի հարց պիտի քննարկէ իր ոճրագործ ուղեղով: Ա՞յս է վեհութիւնդ, Եւրոպա: Եթէ Մեւլուդը չի ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անզէն ու անմեղ մարդոց խողխողիլը, իր իսկ ներկայացուցած երկրի ձեռքով, ապա ի՞նչ բարոյական իրաւունքով նստած է եւրոպական այդ վեհ Ժողովի նախագահի պաշտօնին, Ժողով մը, որ նախապէս դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
,,,Երկիր մը, որ շրջափակած է ու տնտեսապէս կը ցեղասպանէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած մնացեալ Հայութիւն-Հայաստանը, ի՞նչ բարոյական իրաւունքով Արցախի անուն կրնայ հնչեցնել իր նեխած արիւնախում դունչով:
,,,Ե՞րբ պիտի դատապարտուի Թուրքիան, որ հատուցէ իր ոճիրներուն համար: Ե՞րբ ամբաստանեալի աթոռին պիտի նստին թուրք պետութեան պաշտօնատարները, քանի որ տասնամեակներով կ’ուշացնեն արդարութեան հաստատումը:
,,,Ահա թէ ինչու դժուար կը հաւատամ: Ինծի արդարութիւնը երկրի վրայ պէտք է, եւ ոչ թէ երկինքի մէջ, որուն ի՛նչ ըլլալը ոչ ոք գիտէ: Թող կրօնաւորները լռեն՝ այդ կըլլայ իրենց ամենամեծ առաքինութիւնը, քան թէ ինծի դեռ քարոզեն երկնայինը: Հաւատացեալ ժողովուրդս «Աստուա՜ծ», «Աստուա՜ծ» կանչեց, յետոյ խողխողուեցաւ: Դահիճի որդին ալ, հիմա, Մեւլուդ կամ Դաւութ կոչւած, Եւրոպայի գահին նստած ինծի արդարութիւն պիտի բաշխէ:
,,,ԱՍՏՈՒԱԾ, Է, նաեւ այն զէնքը, որ պայթելու պատրաստ է: Մին կեանք կը ստեղծէ, մի եւսը կեանք կը վերջացնէ:
,,,Ուրիշ հայրենիք չունինք, ուրիշ երկիր չունինք, փոխհատուցում ուրիշով չենք ուզեր: Մեզի մեր հայրենիքը պէտք է:

Tigris
22.06.2010, 18:59
Transcaucasian version of King Kong

Multidemocrat Khan of Baku


,,,,Խորագիրը հոլիվուդեան նոր ֆիլմի մը չի պատկանիր: Օրեր առաջ կը կարդայի «Հայ Ժողովրդական Հեքիաթներ» հատորներու շարքի «Հարք-Ապահունիք» հատորի ժողովրդական հեքիաթներէն մին, երբ նկատեցի՝ ջուրի ակունքին, աղբիւրի գլխին նստած վիշապի բազմատարբերակ հայկական պատմութիւնը "King Kong" ֆիլմի համար սկզբնաղբիւր եղած է: Վիշապը նստած է ջուրի ակունքին, ու բաց չի թողուր զայն, մինչեւ գեղանի օրիորդի մը մատուցումը: Ու՝ Քաջն Հերոսը, երբ կ’իմանայ եղելոյթի մասին, յարձակելով մեկիկ-մեկիկ կը գլխատէ վիշապի գլուխները եօթ:
,,,,Ի տարբերութիւն հայկական հեքիաթներու, իրական կեանքի մէջ վիշապները եօթէն աւելի գլուխներ ունին: Մինչեւ եօթանասուն եւ աւելի գլուխներ ունին այժմու վիշապները, այնպէս որ, հեքիաթներու մէջի հերոսներուն գործը աւելի դիւրին է, քան իրական կեանքի մէջ:

,,,,Վիշապի թեման անսպառ է. շարժանկարի վարպետներուն համար միշտ ալ ներշնչանքի եւ եկամուտի աղբիւր եղած է: «King Kong»-ի առնուազն երեք տարբերակը տեսած եմ: Վերջինը՝ ես ու տղաս դիտեցինք:
Շարժանկարը դիտելու ընթացքին, վերջաւորութեան մօտ, ինքնաբերաբար կը համակրիս մարդակերպ ճիւաղ-կապիկին, քանի որ մարդկային զգացումներու դրսեւորումներ կը ցուցաբերէ: Այն չէ, ինչ կը կարծուի. ընդունակ է սիրելու, ինքզինքը զոհաբերելու:

,,,,Էական տարբերութիւն կայ King Kong-ին կամ աղբիւրի գլուխին նստած եօթ գլխանի վիշապին եւ իրական կեանքի մէջ գործող վիշապի միջեւ: Եթէ վիշապը զոհ կուզէ ժողովուրդին ջուր տալու համար, ապա իրական կեանքի վիշապը մատաղ կեանքեր կուզէ զոհել իր թագաւորական գայիսոնը պահելու համար: Եթէ King Kong-ը կրնայ սիրել եւ մարդկային վերաբերում ունենալ խարտեաշի տեսքին ի տես, ապա իրական կեանքի վիշապը արդէն հազար տարի է ո՛չ մարդացաւ, ո՛չ ալ մարդանալու հակում ցոյց տալու յոյսեր տուաւ:

Tigris
22.06.2010, 20:11
Թուրքերը յարձակեր եւ 4 հայ զինւոր սպաներ են Արցախի մէջ: Ո՛ւր է Միջազգային Հանրութիւն կոչուածը: Ո՛ւր են անոնք, որ մեզի դաս կուտան՝ դրացիներու հետ լեզու գտնելու կապակցութեամբ: 4 հայ զինւորի արեանը ուշ կամ կանուխ պիտի վճարեն, հաշիւ պէտք է տան, բարեկամներն ու թշնամիք:


Մեր ռազմավարական դաշնակիցի՝ Ամենայն Ռուսաց Պատրարք Կիւրեղը ամիսներ առաջ հանդուրժողականութեան շքանշան տուաւ Բաքուի Խանին: Այդ ժամանակ շատ ջղայնացայ: Հիմա հասկացա՞ք ինչու ջղայնացայ: Որովհետեւ այսպիսի ոճրագործները պարգեւատրելը աւելիով կը խթանէ ոճրագործութիւնը: Չորս հայ երիտասարդներուն մահուան մեղքը Քիրիլի եւ անոր նմաններուն ճտին է:
Արդէն նշած էի՝ մեծ ջարդարարներն են որ շքանշան կը ստանան, քանի որ կը դադրին սպանելէ: Մեր պարագային՝ Ալիեվ Խանը՝ ոչ թէ դադրեցաւ, այլ աւելիով կատաղեցաւ սպանութեան իր գործին մէջ:

Tigris
30.06.2010, 11:26
,,,Աւստրիացի պաշտօնեայ մը եկած է Հայաստան: Մենք կը գանգատինք իրեն մեր արդար դատը: Ան ալ, պաղ-պաղ՝ «Ես եկել եմ, գինետուն, դարդերս մոռանալու, եւ, բոլոր կողմերի տեսակէտները լսելու. ես գործընկերներիս արտայայտութիւնները չեմ դատում. դատաւոր չեմ, հայ-ադրբեջանական կոնֆետը համտեսելու չեմ եկած»:
,,,Պահ մը մտածեցի՝ Անդրկովկաս եկող դրսեցի պաշտօնեաները երեք հանրապետութիւններն ալ կայցելեն՝ Իբլիսի, Բաչի շյահրը եւ Երեւան:
,,,Հաւաքաբար կայցելեն: Երբեւէ եղե՞ր է այցելեն միայն Երեւան, միայն Բաքու, միայն Թիֆլիս: Շատ քիչ: Մեկուն այցելեն եւ միւսին ոչ՝ նեղութիւն կը ստեղծուի, խաթրին դիպած կըլլան: Ֆրանկեստանի մէջ Հայաստանի տարի կը հռչակուի, յաջորդ տարին Թուրքիան կը վարձէ մեյդանը, որ այս անգամ իր տարեդարձը տօնուի: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարը չեմգիտեր ո՛ր երկրի պաշտպանութեան նախարարին հետ համաձայնագիր կը ստորագրէ, 48 ժամ չանցած չեմգիտերիստանի պաշտպան նախարարը կը տեսնենք Բաքու, որ կըսէ՝ «Ես ալ կուզեմ, ես ալ կուզեմ»:
,,,Մեղք կ’ըլլակը այս օտարերկրացի պաշտօնեաներուն՝ երկար ճանապարհորդութենէ ետք երեք մայրաքաղաք այցելելով: Աւստրիացի նախարարը կըսէ, թէ՝ «Բոլոր կողմերուն տեսակէտները կուզենք լսել» : Ես ալ իւրեան ասեմ՝ Ո՛վ արժանապատիւ եւրոպացի, ի զուր մի՛ դեգերիր իմանալու բոլոր կողմերի տեսակէտները, մեք հիանալի գիտենք մեր ազեր հարեւանների տեսակէտները, որոնք ի ձեզ մատչենք այնպէս որ են՝ «20 տոկոս», «մեկ միլիոն», «հողային բողջայականութիւն»: Իսկ եթէ այնտեղ էք ,նրանք կարող են ձեզ փոխանցել մեր տեսակէտները, որ ի զուր չգաք երկիրն Արարատեան:
,,,Կամ ալ համաանդրկովկասեան կենտրոն մի կորոշուի, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ադրբէջանի սահմաններու հատման կէտին վրայ, ուր կը կենտրոնանայ երեք ազգերու քաղաքական կամքերը, այնպէս որ պէտք չըլլար ձեւականութեան կամ իրականութեան համար ամէն տեղ այցելելը:
,,,Աւստրիացին եկած է Նաբուգո դոնոսորի համար, մենք ալ իրմէ արդարամէտ դիրքորոշում կը սպասենք:
,,,Դաշնակից, կիսադաշնակից, բարեացակամ երկրներ մի՛ մուրայ, Հայաստան ջան: Ամենամեծ դաշնակիցդ որդիներիդ սրտերում կուտակուած զայրոյթը, սէրն ու ատելութիւնն են:
Տգեղ սակայն դիպուկ մի խօսք կայ հայերէնի արեւելեան տարբերակի մէջ— մեծամասնութիւնը թքած ունի: Ափսոս, ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուածներու թոռները փոխանակ ցաւելու եւ մտածելու Արցախի եւ Հայաստանի համար, տարուած են թուրքական ֆիլմաշարի մը հերոսուհիի կերպարով, կամ ամռան արձակուրդը Թուրքիայի այս կամ այն ծովափը անցկացնելու մտածումով: Մի՞թէ այս ալ ցեղասպանութեան հետեւանքներէն չէ: Մի՞թէ հայրենասիրութեան չգոյութիւնը ցեղասպանութեան պատճառով չէ: Մի՞թէ Դէր Զօրի անապատները հասած մեր ժողովուրդը այսպէս էր՝ անհայրենիք, անտարբեր: Մի՞թէ «փրկիչ» թուրքէն փախչող եւ գնդակահարութեան համար շարքի կանգնած ծնողներուն միացող խարբերդցի աղջնակը այսպէս էր: Մի՞թէ Եփրատ նետուող աղջիկներն ու կիները այսպէս էին: Մի՞թէ խաչուած հայուհիները այսպէս էին: Մի՞թէ վախէն, սարսափէն լացող եւ լացէն անարցունք մնացած մանուկները այսպէս էին: Մի՞թէ իր մօրը ցնցելով արթննալը ակնկալող ու տապարի հարուածով կիսամեռ մանուկը այսպէս էր: Իհարկէ այսպէս չէր:
ժողովո՛ւրդ, ինդո՞ր կուզես քեզ յարգէ թուրքը, երբ դուն քեզի չես յարգեր:
Ես կը հիանամ շիիներու կրօնական «հայրենասիրութեան»: Երկու անձի համար իրենք զիրենք կը խարազանեն, արդէն հազար եւ չորսհարիւր տարի է, ու ատելութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ պատրաստակամութեամ կը լիցքաւորուին: Մենք 2 միլիոն զոհ ունինք, որոնք այսօր քսան միլիոն պիտի ըլլային, ոչ կերդնունք հաւատարիմ մնալ եւ պատրաստակամ ըլլալ անոնց յիշատակին, ոչ ալ մենք մեզի կը խարազանենք՝ որ անոնց չկրցանք պաշտպանել:



25/6/2010

Tigris
30.06.2010, 11:27
Արցախի հանդէպ վերջին ադրբէջանաթուրքական յարձակումը, ինչպէս նաեւ անընդմէջ կատարւող հրաձգումները կը նմանեցնեմ 11րդ դարուն Հայոց Աշխարհ յայտնուած առաջին սելջուկ թուրքերու յարձակումներուն: Այդ ժամանակ Երկիրը մասնատուած էր՝ մանր եւ միջին թագաւորութիւններ, Հայաստանը արեւմուտքէն ճնշող քրիստոնեայ Բիւզանդիա եւ այլն: Հայաստանը անտէր թողուցին՝ սեփական, բնիկ տէրութիւնները փոխարինելով բիւզանդականով, Հայաստանը անպաշտպան թողուցին Հայ զօրքը փոխարինելով վարձկան բիւզանդական բանակով: Հայաստան-բերդը քանդեցին եւ թուրքական յորդացող բանակները հասան ուր որ հասան:
Մի քանի շաբաթ առաջ գրած էի՝ «թիրախ չլինել»: Հիմա, միտքս եկած «կախարդական» բառը «ժամանակ»ն է: Ժամանակ ունենանք, հարիւր-երկու հարիւր տարի, մեր վէրքերը ամոքելու, առողջ սերունդներ առաջացնելու, պետութիւն կերտելու: Ամէն 25-50 տարին մեկ փորձանքի կը հանդիպինք: Ափսոս է այս ժողովուրդը:
Մեր Դատը աւելի երկարակեաց է, տոկուն եւ անժամանցելի, քան այդ երեք նախագահները՝ Մեդվեդ, Ոբամա եւ Սարխոշի: Այնքան ժամանակ որ պատերազմով մեզմէ չեն կրնար խլել մեր իրաւունքի այն փոքրիկ մասնիկը որ ունեցանք Արցախով, անոնց բոլոր խօսքերը «պարապ վախտի խաղալիք» են ու կը մնան:


29/06/2010

Tigris
30.06.2010, 19:45
Օրերս յօդուածներու վերնագրերը կ’ընթերցեմ միայն: Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի բռնագրաւուած Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիի մէջ տեղի ունենալիք արարողութեան մասին տեղեկութիւն կայ մամուլով: Այստեղ կարեւոր բան մը յիշեցնեմ (ընթերցէ՛ «Հայերէն» շարանը). «Տեղեկութիւն»ը լուրն է, մինչ «տեղեկատւութիւն»ը լուրերու հոսքը, լուրեր հաղորդելու ընթացքը: Իմաստի հսկայական տարուբերութիւն կայ:
Այս առիթով «Մեծ» Պետութիւններու փոքրամիտ ղեկավարներէն կը պահանջեմ Աղթամարի բռնագրաւման պատճառով բանաձեւ մը յայտարարեն: Օրինակ այսպէս- «Մենք՝ Մինսկի համանախագահ երկիրներու նախագահներս յուսախաբ ենք Թուրքիայի ղեկավարութեան հակամարդկային ու ցեղասպանական գործունէութիւններէն, ու խստիւ կը պահանջենք վերադաձնել հայապատկան հողերը, ծնրադիր ներում հայցել Հայ ժողովուրդէն եւ հատուցել անոր նիւթաբարոյական վնասներուն համար»:

Ո՞վ չի գիտեր, ո՛վ, որ Ադրբէջան կոչուած պետութիւնը իր հակահայկական քաղաքականութեան համար սնած է, սնուած է, Թուրքիայէն: Ըլլայ Մուսաւաթականը, ըլլայ էլչիբեյ-ալիեւականը: Ով չի գիտեր, թող իմանայ, որ Թուրքիան, իր օսմանեան եւ քեմալական տարբերակներով ազգամիջեան խնդիրներ ստեղծած է Բալկաններէն մինչեւ Անդրկովկաս: Ո՛վ չի գիտեր, թո՛ղ իմանայ, Արցախի միջազգային խնդիր դառնալը, այն ազատագրելու համար պատերազմիլը, Նախիջեւանի թրքանալը, հայկական շքեղ հնութիւններու քարուքանդ դառնալը Թուրքիայի դրդումով, քաջալերանքով կամ պատճառով է: Դուք այս Թուրքիայի հետ «բարի դրացիակա՞ն» պիտի ընէք: Ո՛վ չի գիտեր, թող իմանայ, որ Թուրքիան հայեր կոտորած է ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, այլեւ Արեւելեան Հայաստան տարածքին ու այժմու Իրանի տարածքին գտնուող Սալմաստ, Խոյ, Մակու, Ուրմիա նախկին հայաշատ գաւառներու տարածքին:

Ով չի գիտեր, թող իմանայ, իսկ նա ով իմանում է մի քիչ էլ թող խորանայ, իսկ նա ով խորացել է, թող հասկանայ ու ուրիշներին հասկացնէ, որ Թուրքիան, նոյնն է:
Թուրքիան տեսաւ Իրանը նորոգեց վանքը Թադէի, ու աշխարհը տեսաւ, որ այդ իսլամական «յետամնաց» երկիրը գիտցաւ գնահատել պատմական արժէքը, թէեւ «Իրանեան եկեղեցի» անուան ներքոյ: ԱՔՓ-ի Թուրքիան ինչո՞վ պակաս պիտի ըլլայ Խոմեյնիի Իրանէն: Իհարկէ Թուրքիան ալ կրնայ նորոգել ու ուխտագնացութիւն շինել-սարքել: Ու հայ ժողովուրդի երամները պատրաստ են շարան-շարան երթալ ու Թուրքիայի տոլերանտութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը «փաստող» տօնական հանդիսութեան մասնակցիլ:
Այդ ուխտագնացութեան մասնակցող հայերը, ովքեր Թուրքիա կոչուող ցեղասպանապետութենէն չեն, ովքեր Պատմական Հայրենիք այցի հրճուանքը պիտի ունենան, թող ի մտի ունենան, այն, որ իրենց հիւրընկալող Թուրքիան կրնայ հանդուրժել միայն Գերեզմանահայաստան՝ այնտեղ ուր Ս. Խաչն է, իսկ Ողջ-Առողջ ու ապրող Հայաստանը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը ամէն օր ենթակայ են թուրքական զինւորական, տնտեսական ու հոգեբանական պատերազմին: Այն պետութիւնը որ ձեզ պիտի հիւրընկալէ, արդէն քսան տարի է շրջափակած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զինապէս ու քաղաքականպէս կը սատարէ Ադրբէջան կոչուածի հակահայկական թշնամական քաղաքականութիւնը: Դուք ի՞նչ սրտով՝ մոռցած ձեր նախնիներու արիւնը՝ կը մոռնաք նաեւ ներկայ հայաբնակ Հայաստանը:
Հայաբնակ Հայաստանը, կամ Հայասանի Հանրապետութիւնը, ի՛նքը, կանաչ լոյս տուաւ ողջ Հայութեան, իր հին ու նոր լիդերներով, որ կարելի այդպէս ըլլալ: Աւելին չըսեմ:

Ու այս Թուրքիան «հարստացնել» «չհարստացնելու» վէճին չմասնակցելով, միայն կարելի ըսել, որ Թուրքիան Հայութիւնը եւ միւս ժողովուրդները ոչնչացնելով իրենց բնիկ տարածքներուն մէջ, ունեցաւ ընդարձակ տարածք, խոշոր պետութիւն. տնտեսութենէն քիչ-շատ հասկցողը կամ չհասկցողը գիտէ, որ մեծ շուկայ ունեցողը կունենայ նաեւ աժան գիներ, էժան գներ: Այստեղ զանց առնենք Հայաստանի շրջափակուած ըլլալը թուրքերով, -որ կ’ազդէ գիներուն,- ու զանց առնենք անզգամ ու անհայրենիք գողականներու մենաշնորհը:

Այս կրօնաւոր-կղերականներուն համար կարեւորը իրար վրայ շարուած քարերն են, որուն կուտան «եկեղեցի» անունը: Ահա օրինակ Բաքուի Խան Ալիօղլուին Կիւրեղը շքանշան տուաւ, քանի որ Բաքուի մէջ օրթոդոքս եկեղեցի կայ, ու հոգ չէ թէ Ալիօղլու Խան Բաքինսկին հայ երիտասարդներ կոտորել կուտայ: Անցանք Արցախ ու այնտեղ ալ օրթոդոքս եկեղեցի տնկեցինք՝ թէեւ իրար գումարելով, վերիվարոյ, հազիւ երկուքուկէս օրթոդոքս կարելի է հաշուել Արցախի մէջ. հոգ չէ, Մոսկովի Ամենայնը փող շատ ունի: Գացինք Վան. այնտեղ ալ եկեղեցի նորոգուեցաւ, ու հայութիւնը ուրախ-ուրախ, որ հայկական եկեղեցի կայ՝ եկեղեցիի շէնք կայ, թէեւ հայութիւն չկայ:

Ըսի չէ՞, այս կղերականները մարդուն արժէք չեն տար, ՄԱՐԴԸ,- իր ազգային ու մարդկային գոյութեամբ,- արժէք չունի կղերականներուն համար: Անոնց համար արժէքը քարաշէն կառոյցն է, թէկուզ անմարդաբնակ: Վճարող կայ՝ հոգիի փրկութեամբ մտահոգ հարուստ թեթեւամիտներ, Ցեղասպանի ու ֆաշիստի բիծը իր վրայէն սրբել ուզող քաղաքական-պետական գործիչներ, հանդուրժողի ու խաղաղասէրի խանական դափնեպսակ հագնիլ ուզողներ:

Tigris
01.07.2010, 22:21
Քլինթոնին կուտայի այս հարցերը--

Լինելով Հայաստանը ողջակիզող, այն է՝ ցեղասպանող Թուրքիայի դաշնակիցը, որ պնդում է իր եւ Ադրբէջանի ազգային խնդիրների նոյնութիւնը, ի՞նչ կարող էք ասել, չշպարուած խօսքերով, որ պիտի անէք, արգելելու համար Հայաստանի մնացած մասի ողջակիզումը:
Դուք կարո՞ղ էք պատկերացնել տարածաշրջանը առանց Հայաստանի Հանրապետութեան: Եթէ ոչ, ապա չէ՞ք կարծում որ Թուրքիան եւ Ադրբէջանը ձգտում են դրան: Եթէ ոչ, ապա ի՞նչ երաշխիքներ ունէք, թղթի վրայ կամ այլ տեղ գրուած, որ կարող է փոխարինել գետնի վրայ կանգնած երաշխիքին, որ Հայ բնակչութիւնը պաշտպանող Հայ զօրքն է:
Ինչո՞ւ Կոսովոն ճանաչեցիք, Արցախը ոչ: Արդեօ՞ք այն բանի համար, որ եօթանասուն օր ամերիկեան ռմբակոծիչները Բաքուն ռմբակոծելու հնարաւորութիւն չունին:
Do you trust in God? Whose God is he?

Tigris
03.07.2010, 14:55
Մեւլութ Չաւուշօղլուն հայ լրագրողին կը գանգատի, թէ հայերը կ’ապատեղեկացնեն ԵԽԽՎ-ի առընթեր Արցախի գծով յանձնաժողովի մը կազմման կապակցութեամբ, եւ թէ իր թուրք լինելը խոչընդոտ կը համարեն, եւ թէ իր առաքելութիւնը ԵԽԽՎ-ի մէջ հայերու եւ ադրբէջանցիներու միջեւ երկխօսութեան ծաւալումն է, ինչպէս ռուս-վրացականը:
Լաւ բան չէ այլատեաց լինելը, թուրք կամ որեւէ այլ ազգի պատկանողին ատելը՝ ազգութեան պատճառով: Ուստի, թօթափելէ ետք կանխակալ որեւէ զգացում կամ մտածում, որոշ ազգի պատկանողի հանդէպ, ասեմ որ Չաւուշօղլուի կեցուածքները, դիրքորոշումներն ու գործունէութիւնն է մեղաւոր հայկական կասկածամտութեան մէջ: Նախ ինք ընտրուած եւ ներկայացած է Թուրքիայէն, որու իշխող կառավարութիւնը (նաեւ չիշխող կուսակցութիւնները) առիթը չտուին մեզի, հայերուս, որպէսզի մոռացութեան տանք, ու խաբենք մենք զմեզ, որ թուրքը կրնայ փոխուիլ եւ հայաջինջ ըլլալէ դադրիլ:
Ընդհակառակը, ամէն օր՝ տիւ ու գիշեր, մեկը միւսին հետ մրցեց ադրբէջանամէտ, ադրբէջանական դիրքորոշումներ յայտարարելով: Այդքանով ալ չբաւականացած, Արցախի «հարցը» կարծես Թուրքիայի ազգային խնդիրն է, նոյնինքն ադրբէջանցիներէն աւելի հետամուտ եղաւ այդ հայապատկան հողի Ադրբէջանի տրուելուն: Մենք տեսանք պատմութեամբ, որ Ադրբէջանի մուսաւաթական հանրապետութիւնը, յետոյ որպէս Սովետական Ադրբէջան, չէր ունենար Նախիջեւան ու Ղարաբաղ, եթէ Օսմանեան եւ յետոյ հանրապետական Թուրքիան չմիջամտէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբէջանի միջեւ սահմանազատման ապաշնորհ ու հակահայկական գործին: Ուրեմն Թուրքիան խնդրի արմատին կանգնած է ու մինչեւ հիմա, որպէս իր ազգային գործը, ինչպէս ըսաւ Մեջլիսի նախագահը, կը միջամտէ կողմակալութեամբ:
Ուրեմն, Մեւլութօղլու, ոչ թէ հայերն են ապատեղեկացնողը, այլ դո՛ւ: Դու կը ներկայացնես պետութիւն մը որ շրջափակած է հակամարտող կողմերէն մեկը, սա պատերազմական կեցուածք է, ուրեմն դու(ք) պատերազմի մէջ ես Հայութեան վերջին ոստան Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ երկիրներու դէմ:
Հարց կուտան հայերը, թէ ինչո՛ւ այսքան հակահայ են թուրքերը: Ասեմ: Թուրքը որպէս հոգեբուժութիւն, որպէս իր գոյութեան առհաւատչեայ, պէտք է հակահայ լինի, այլեւ մեղադրէ հայերը, որէսզի իր խղճի ու հոգու խորքում, ուր կարող է աստուածային մի խղճի ջիղ լինի, արդարացնէ իր նախնիքի կատարած անմարդկային սեւ գործերը՝ մի ողջ ժողովուրդի ոչնչացումը: Թուրքը գիտէ ում հողին է նստել, նա չի խոստովանում: Նա գիտէ ինչ է կատարուել, բայց չի ուզում պատասխանատու լինել, եթէ լինի՝ կը հիւանդանայ: Կը հիւանդանայ հոգեպէս, մտովին, քաղաքականութեան մէջ եւ ամէն ինչով: Նա ապրում է այդ ստով, նա սնւում է կեղծիքով, ինչպէս թոյն, որից եթէ կտրուի, անհաւասարակշութեան կարող մատնուել ու կործանուել: Գիրս ակամայից դառնում է արեւելահայերէն: Խմբագրելու սիրտ չունեմ, թող խառը լինի:
Հետեւաբար, Չաւուշօղլուին ասել է պէտք, մի բան որ ինքը քաջ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս է ուզում հայերը վստահեն ԵԽԽՎ-ի իր նախագահութեանը, երբ իրենց պատմութեան ամէնասարսափելի էջը, Հայոց Մեծ Եղեռնը չի ճանաչուել Չաւուշօղլուի ներկայացրած պետութեան կողմից. հատուցման մասին էլ չեն խօսում:
Չաւուշօղլուին պէտք է ասել, թէ ի՛նչը ինչին ես նմանեցնում: Ռուսիայի եւ Վրաստանի միջեւ եղած խնդիրները ինչպէ՞ս նմանեցնել Հայ-թուրք հազարամեայ կռիւին: Քո ազեր եղբայրը քեզանից սովորելով այնքա՛ն է թաղուել կեղծիքի մէջ, որ բացառւում է ամէն կարգի երկխօսութիւն եւ հագուցալուծում՝ իրական հաշտութիւն: Չաւուշօղլուին պէտք է ասել, որ եթէ իսկապէս հետամուտ էք հաշտութեան, դու, Անկարայում նստած քո վարպետները եւ Բաքուի ձեր աղբրտիքը, ապա վերախմբագրէք ձեր պատմութեան էջերը, որոնք արգելում են խաղաղութիւնը, նդացնում են ձեր յամառութեան ջիղերը, հայատեացութեամբ եմ լցնում ձեր որդիները: Ազեր-թուրքը, (եւ թուրք-թուրքը), որ լսում է պատմութեան դասին, թէ Արցախը եւ Երեւանը բնիկ ադրբէջանական հող են, եւ թէ հայերը բռնագրաւել են ադրբէջանցիների հայրենիքը, երբէք չեն կարող հաշտուել հայ մարդու հետ, հետեւաբար նրանց կազմած պետութիւնը երբէք չի կարող խաղաղ ու հաշտ ապրել հայերի կազմած պետութեան հետ:
Ուրեմն պիտի սկսել մանր ու աննշան թուացող հարցերից, որոնք մանր ու անշան մարդու հետ մեծանում են, երբ մարդն է մեծանում:
Ուստի, Շաւուշօղլու, քո գանգատը թէ հայերը անհանդուրժող են քո թուրք լինելուն, կարող ես վերագրել քո անհանդուրժող թրքութեանը:

Tigris
03.07.2010, 17:24
ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անջեյ Կասպրչիկ կը պահանջէ արագ լուծել Արցախի «հակամարտութիւնը», որովհետեւ վերջին մարդկային զոհերը (հայեր) այդ կը յուշեն:

Ուրեմն Եւրոպայի Ապահովութիւնն ու Համագործակցութիւնը խափանողը Արցախի լուծուած չըլլալն է, եւ ոչ թէ Իլհամ Ալիեւի ոճրագործ յարձակումը:

Այս միջնորդները երբեմն կը պահանջեն քաջ ըլլալ՝ խաղաղութեան հասնելու համար, որովհետեւ դժուար որոշումներ ընդունիլը քաջութիւն կը պահանջէ հակամարտող երկիրներու ղեկավարներէն:
Արդեօք ե՞րբ իրենք բաւարար քաջ պիտի ըլլան, կարենալ ըսելու համար իրականութիւնը՝ տալով դէպքերուն իրական անունները:

Սփիւռքահայ գործածար մը յայտնած է, թէ սփիւռքահայ գործարարը միայն շահէ դրդուած Հայաստան չի գար, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործի շահը քիչ է, բաղդատաբար, եւ վտանգը շատ: ճիշտ է:
Բացառենք այն գործարարները, որոնք դրամ լուալու գործողութեամբ զբաղ են՝ կամ ուրիշներու «սեւ գործերը» հասցէատէրափոխող:
Կը ճանչնամ ոմանք, որ մերժած են գործ ընել ընդ մէջն Հայաստանի Հանրապետութեան, որովհետեւ վարժ են օրէնքով աշխատիլ:

Լաւատես ըլլանք որ ամէն ինչ լաւ ըլլայ:

Tigris
03.07.2010, 17:58
UNESCO կազմակերպութիւնը յայտնեց որ 2012 թուականին Երեւանը գրքի համշխարհային մայրաքաղաքն է: Կեցցէ՛ Երեւանը եւ Գիրքը:
Իմ սիրտը նեղուած է UNESCO-էն: Կը հաշտուիմ, եթէ 2013 թուականին Ջուղայի մէջ տօնէ խաչքարաթաղման տարի:

Յաճախ մենք մեր մասին կըսենք որ դիւանագէտ չենք: Բերէ՛ք Ափրիկեան Սահարայէն ուղտապան մը, եւ ձեզի համար անորմէ «շինեմ» փայլուն դիւանագէտ մը, բայց նաեւ բերէ՛ք երկու-երեք նաւթի հոր, ու քիչ մը բանակ:
Ինչպէս հարուստ տգէտին կը յարգեն ճաշարանին մէջ, իր դրամին համար, նմանապէս կարգ մը քաղաքական գործիչներուն «կը յարգեն» իրենց ունեցածին համար, եւ ոչ թէ ունեցածին համար՝ իրենց վերին «տոպրակ»ի մէջ:

Այսօր Հայաստանը եթէ ունենար քիչ մը ծով, քիչ մը նաւթ, քիչ մը նեղուց, հաստատօրէն, ինքնաբերաբար, այսինքն աւտոմատ, հայաստանցի քաղաքական գործիչները «քիչ մը աւելի» դիւանագէտ պիտի ըլլային:

Tigris
06.07.2010, 18:06
«Իստանբուլի Հայ ճարտարապետները»

Հրանտ Դինքի անուան կապուած կազմակերպութիւն մը վերոյիշեալ վերնագիրով ձեռնարկ («միջոցառում») մը պիտի կազմակերպէ:
Իստանբուլի Հայ ճարտարապետներու գոյութեան ժամանակ կար Հայաստան՝ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Կային նաեւ հայաշատ Գաղատիա, Բիւթանիա, Կիլիկիա, Թրակիա, Լիդիա եւայլն, նոյն Օսմանեան իշխանութեան ներքոյ:
Ինչո՞ւ «Իստանբուլի Հայ ճարտարապետներ»... Երբ քաջաբար ու հերոսաբար գիտեն բոլորը, որ այդ «Իստանբուլ»ի ճարտարապետները ծնած են կամ սերած՝ Կեսարիա, Ամասիա, Եւդոկիա, Մարզուան, Վան, Ուրֆա քաղաքներէն:
Պատշաճութիւնը կը պահանջէ, - որպէսզի թուրք ազգի ինքնասիրութիւնը չվիրաւորուի,– չյիշել Հայաստանի Հայութիւնը՝ կարծես երբէք չէ եղած այդպիսի գոյութիւն, հետեւաբար, Հայութիւնը իր ամբողջ մտաւոր, հոգեւոր, տնտեսական ու մշակութային գոյութեամբ կայ ու «եղած» է «Մեծն» Մեհմետ Ֆաթիհի «բացած» Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր վերջինս Հայութեան «շնորհեց» պատրանքութիւն ունենալու բախտն ու պատիւը, կեդրոնացնելով, կենտրոնացնելով, դէպի իրեն ձգող, ձգտող, Հայութեան տարատեսակ ներուժները: Այսպիսով՝ մեկ կողմէ Յունաց Տիեզերականը առանձին չի մնար իր պատրանքութեան փառքին մէջ, միւս կողմէն ալ հայութիւնը սուլթանի թաթին տակ աւելի կառավարելի կը դառնայ:
Անշուշտ պէտքը չկայ նշելու, որ որեւէ հակակրանք չկայ Պոլսոյ, անոր Հայութեան եւ Պատրիարքութեան հանդէպ: Թուրքերու պէս ալ մեղրածոր կեղծութեամբ սիրոյ խօսքեր արձակելու հարկ չեմ տեսներ: Այստեղ ես կը մեկնաբանեմ, միայն, թուրք իշխողներու քաղաքականութիւնը եւ ատոր մեր կամայ-ակամայ մասնակցութիւնը:
Ուրեմն հայութեան արտօնուած է հայօրէն ապրիլ միայն Իստանբուլի մէջ: Մնացեալ վայրերու մէջ՝ "Yasak":
Մինչեւ իսկ Հրանտին բարեկամները, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, տուրք տալով Թուրքիոյ հինաւուրց քաղաքականութեան, մոռցան որ Հայութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մեկ ամբողջութիւն է, այսինքն չկայ յստակ սահմանազատումը Պոլսոյ Հայի եւ, օրինակի համար, Նիկոմեդիոյ Հայի:
Ի՛նքը, Հրանտը, չկրցաւ գործել Արաբկիրի մէջ, կամ այդ քաղաքին մօտ եղող Մալաթիոյ մը մէջ, կամ նոյնինքն Անկարայի մէջ: Ինչո՛ւ: Որովհետեւ Yasak- հայերէնը, հայօրէնը, հայութիւնը:
Թուրքին, այժմ, լաւագոյն պարագային պէտք է նմոյշ հայութիւն մը, թանգարանային, որպէսզի մեր այս կողմերու կամ միւս կողմերու հայերը երթան, տեսնեն, եւ ըսեն.- «Վա՜յ այս ինչ քաղաքակիրթ են թուրքերը իստանբուլի. Վա՜յ, այս ինչ աղուոր կեանք կապրին մեր հայերը»:
Վա՜յ, միայն Իստանբուլի մէջ՝ աչքառու նմոյշ մը, ինչպէս Ս. Խաչը Աղթամարի:

Տիկին Քլինթոնը, կամ եթէ կուզէք՝ Կլինտոնը, այցելած է ազերիներու գերեզմաննոցը: Այցելեց Ծիծեռնակաբերդը՝ ուրախացանք. այցելեց «Շեհիդլեր մեզարը»՝ տխրի՞նք: Ինչո՞ւ: Մի՞թէ պարզ չէ, որ Ամերիկեան քաղաքականութիւնը այդ կը պահանջէ:
Մենք, կարծես աշխարհը ընտանիք մըն է, կը սպասենք մեծերէն, որ գան ու մեզ պաշտանեն: Քաղաքականութեան մէջ չկան «պապաներ» ու «մամաներ», որպէսզի անոնց փարինք ու զգանք արդարութեան հսկիչի մը գոգին մեջ երանելիութիւն:
Դեռ երկու-երեք գրառում առաջ նշած էի «ես ալ կուզեմ - ես ալ կուզեմ»ի դրուածքի մասին, որ առկայ է երրորդ աշխարհի երկիրներու հոգեկերտուածքը ունեցող կովկասցիներու, կամ ասիացիներու մասին:
«Հա, տեսէ՛ք Տիկին Հիլարին մեզի ալ այցելեց»:
Չմոռնանք, որ Հիլարին Քլինթոնեան չէ...
Իրեն համար այս այցելութիւնները նրբանկատութեան, քաղաքավարութեան, քաղաքականութեան եւ պատգամաբերութեան շրջագիծին մէջ կ’իյնան: Իրեն համար, զգացական գետնի վրայ նոյնն են՝ Հայը, Վրացին, Ուդմուրդը: Հետեւաբար նոյնն է վշտակցումի ձեւակերպումները:
Տարածաշրջան այցերը սկսեցան նմանիլ զբօսանքի, զբօսաշրջիկներու այցի: Ցերեկը Վանքեր ու մշակութային կեդրոններ, գիշերը՝ ուրիշ տեսակի մշակոյթ: Տիկին Քլինթոնը բոլորին սրտին համեմատ տուաւ: «Շեհիդներու Բոստան», Մեծ Եղեռնի Յուշարձան եւ Վրաստանի Հողային ամբողջականութիւն: Մինչդեռ, թերեւս, ան ալ, ինչպէս միւս «մեծերը» մեր՝ փոքրերուս վրայ կը խնդայ ու իր գիտցածէն ետ չի մնար:
Ի՜նչ ապուշ է իրավիճակը, երբ օտարէն յարգանք կը պահանջենք, մինչ մեր հայերէն շատին համար ալ այլեւս Ծիծեռնակաբերդն ու անոր խորհուրդը նշանակութիւն չունին:
Մեռնողերուն քսակներէն կորսուեցան կեանքերը, մնացածը ապրողներուն խաղն է:
Քլինթոն, կամ նոյնն է ինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը, այդքան սերտացումով հանդերձ, Ռուսիոյ հետ, պաշտպանեց Վրաստանի ամբողջականութիւնը:
Միայն Արցախի գծով երեք հրացանակիրները՝ Օ’բամիա, Սարխոզի եւ Մեդվեդ համամիտ գտնուեցան: Բոլորը քաջին դէմ: Այդ երեքի կոչին ալ շատ հաւատ չունիմ: Ձեւականութիւն է: Դերասանները կը սիրեն բեմին վրայ հասարակութեան ցոյց տալ, որ «Միջազգային Ընտանիքը» համերաշխ է:

Եղբօրս տղան երբ փոքր էր, «համբուրգեր» ուտելիքը կ’անուանէր «հաբըգըմ»: Հաւաքական Անվտանգութեան և Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւնն ալ «հաբըգըմ»ի պէս բան մըն է: Տաւուշի (Հայաստանի Հանրապետութիւն) վրայ կը յարձակին ազերինը, ձայն-ձիւն հանող չկայ: Հաբըգըմի անդամ Ղազախստանը այդ «կոնֆերանսին» մէջ կը պաշտպանէ յարձակողապաշտ Ազերբայջանը: Մեր մեծ աղբեր Ռուսը Ս-300 (կամ չեմ գիտեր ինչ) վերջին նորոյթ հրթիռներ կը վաճառէ իր դաշնակիցի թշնամի Թուրքիային: Զինւորական դաշինք ըլլալէ աւելի Ռուսիոյ կայսերական փառքը վերակերտելու կը ծառայէ, կարծես թէ, Հաբըգըմը: Ու այդ փառքի վերակերտման համար ունելիներ պէտք են, քաշելու համար տարածաշրջանի փուշ-պետութիւնները, ինչպէս Ադրբէջան կամ Թուրքիա:
Պատկերացուցէք Գերմանիան զէնք ու զինամթերք վաճառէ Թալեբանին, որ կը կռուի Գերմանիոյ նաթոյական դաշնակից ԱՄՆ-ի դէմ: Այստեղ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն ալ, որպէս Նաթոյի անդամ երկիր, հաբըգըմական է: Նաթոյի գոյութիւնը այլեւս արդարացուած չէ, քանի որ Թուրքիան 180 աստիճան տարբերելով հանդերձ Նաթոյէն չի վտարուիր: Այդպիսի կանոնակարգ, չեմ գիտեր, թերեւս չկայ:
Ինծի չի խառնուիր, բայց չեմ կրնար չնշել Ռուսիոյ անբարոյական պահուածքը իր ցեղակից, կրօնակից, դաւանակից, անուանակից, դրկից Բելոռուսիոյ հանդէպ: Երբ «աշխարհը» երես թեքած էր Ռուսիայէն, ու Ուքրանիայէն մինչեւ Չեչնիա նախկին Սովետը կը վազէր դէպի Նաթո ու Ամերիկա, Ղուկասենկոյի Բելոռուսիան միակն էր, որ իր նախկին ռուսական արեւելումը (օրիենտացիա) չփոխեց:
Ռուսիոյ նաւթագազային եւ տնտեսական բռնամիջոցները Բելոռուսիոյ հանդէպ կը յիշեցնեն Ադրբէջանի նոյնանման քաղաքականութիւնը: Եւ ինչ հեգնանք, Լուկաշենկոյի պարտքը փակողը Ադրբէջանի միատէրն եղաւ: Սա, որպէսզի բացակայ արդարութիւնը չփնտռենք «Մեծերէն», ովքեր միշտ պատրաստ են ցոյց տալ իրենց հոգեւոր փոքրոգութիւնը:
Ռուս ազգայնականութիւնը կայսերական իշխանութեան փառքին վրայ հիմնուած է: Բելոռուսերը լեհերու իշխանութեան տակ ապրած ռուսեր են, իսկ ռուսերը թաթարներու իշխանութեան տակ ապրած ռուսեր են: Մեծ տարբերութիւն չկայ երկու ազգերուն միջեւ:

Ռուսիայի համար այնքան ուժեղ Հայաստան մը պէտք է, որքան որ այդ ուժը չբաւէ ինքուրոյն, անկախ ու ինքորոշ ըլլալուն: Հայաստանը միշտ Ռուսիոյ օգնութեան կարօտ պէտք է ըլլայ, միշտ պէտքը զգայ անսալու Կրեմլի հրահանգին: Հայաստանն ու Հայութիւնը Ռուսիոյ համար կրակի վրայ դրուած խորովածի շիշեր են. անոնք միշտ պէտք է խորովին, ճենճերին եւ երբէք չազատին Ռուսական քաղաքականութեան խորովիչ կրակէն, որպէսզի Ռուսիան ալ գայ, ատենը մեկ, որպէս փրկիչ, խորովողները հովելու եւ իր «կարգաւորող» դերը կատարելու՝ ի փառս աշխարհին Ռուսաց:

Tigris
13.07.2010, 12:57
«Թուրքիան կպայքարի էթնիկ զտումների դէմ» խորագիրով յօդուած մը կայ հայկական թերթի մը մէջ:
Մարդ ո՞րքան կեղծաւոր կրնայ ըլլալ: Կեղծիքի ծայրագոյն աստիճանը, երկդիմութեան եւ անբարոյականութեան վերջին աստիճանը, ու քիչ մըն ալ աւելին, թուրքն է՝ ներկայացած իր պետութիւններով:

Գիտենք որ Սերբիան ներողութիւն խնդրեց մահմեդական 8 հազար այրերու սպանդին մէջ իր ցեղակիցներուն ունեցած մասնակցութեան մեղքին համար: Թուրքիան կը յայտարարէ, ըսել կուզէ՝ «թէկուզ սերբերը ներողութիւն խնդրած են, սակայն մենք պիտի չի մոռնանք»:

Մինչ Թուրքիան, իր ներկայի սահմաններով, կազմուած է էթնիկ զտման հետեւանքով: Թուրքիայի ամբողջ քրիստոնէութիւնը, որ բնակչութեան զգալի տոկոսը կը կազմէր, ոչնչացուեցաւ:
Ոչնչացումը գաղթով չէր, միայն: Տարօն գաւառիի (Դուրան), Բաղէշի շրջանի (Սալնոյ Ձոր) հայութիւնը, օրինակի համար, տեղւոյն վրայ սպանուեցաւ:

Հարց կ’առաջանայ.- Չե՞ն ամչնար, աչքերնուն գերանները տեսնելով եւ մերժելով իրենց ոճիրները, միաժամանակ ուրիշին աչքին փուշը կը ցուցնեն: Թուրքիան ոչ թէ վերջին խօսողը պէտք է ըլլայ, էթնիկ զտումներու մասին, այլ ընդհանրապէս խօսելու իրաւունք պէտք չէ ունենայ: ԱՅԴ ԻՐԱՒՈՒՆՔԷՆ ԶՐԿՈՒԱԾ Է, ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ ՅԱՒԻՏԵՆԻՑ:

Թուրքերը բիւզանդացի յոյներուն հայրենիքը գրաւեցին, հասան մինչեւ Կիպրոս՝ գրաւեցին կէսը: Կիպրացիք եւ բիւզանդացիք դիմեցին էնկաներու կամ մայաներու կարկառուն ներկայացուցիչ դուստր Ջենիֆըր Լոպեզին, որպէսզի չշէնացնէ թուրքական գրաւումը իր ներկայութեամբ: Լոպեզը ընդառաջեց, սակայն թուրքերը սպառնացին Ջենեֆըրի գրպանին, որ ամէնացաւատանջ տեղն է:
Հայ-թուրք, յոյն-թուրք կռիւը առնչութիւն չունեցողներուն կը փոխանցենք: Ե՞րբ հայերս եւ յոյներս միասնաբար պիտի աւլենք մեր բակերը, եւ ազատենք էնկաներն ու մայաները, իրենց հետ հեռուէն-մօտեն կապ չունեցող խնդիրներէն:

«Ոսկէ Ծիրանը օրհնուեց»
Մենք գիտենք Ոսկէ Ծիրանի ինչ ըլլալը: «Հեթանոսական» նիւթերով ֆիլմեր կը ցուցադրուին, եւ եկեղեցին չի զլանար իր հայրական օրհնանքը բաշխելէ՝ յաւիտեանս ադամական մեղքով ապական որդիներուն: Կարեւորը՝ եկեղեցին ներդնէ իր Սուրբ Աջը, մեր՝ անարժան որդիներուս կեանքին մէջ:
Ըսի չէ, հայկական կազմակերպութիւնները վերածուեր են ծէսի եւ արարողութեան հանդիսավարներու:
Առօրեայ հարցերու մասին խօսող չկայ եկղեցւոյ մէջ: (Քանի որ Աւետարանի մէջ չեն գրուած)

«Կանաչ-կարմիր շորերս»
Դուրսէն դիտողի պէս: Դիտած եմ վաւերագրական ժապաւէններ, ուր ցոյց կուտան Խազիրական (Աշքինազի՞) հրեաներու շուրջպարերը, ուրախութիւնները, սկաւառակի նմանող գլխարկներով՝ եզերքը բրդոտ, ծոպաւոր, երկար ոլորուն հիւսքաւոր մազերով: Ուրախ են, քանի որ եկած են «Աւետեաց Երկիր», ուր մեկ անգամ եկած էին արդէն նախապէս: Հիմա ետ եկած են, թէեւ երբէք են յիշեր իրենց այդտեղ ըլլալը:
Այդ ֆիլմերուն մէջ պարողները կը նուագեն Մանէ Յակոբեանի հեղինակած կարգ մը երգերուն նման: Կամ Մանէ Յակոբեանը կը յօրինէ Աշքինազի հրեաներու ժողովրդային երաժշտութեան նմանողութեամբ: Կամ ազդուած է անկէ: Գրեցի՝ առանց տեսահոլովակի դերակատարներուն մասին մտածելու, ովքեր աշքինազի հրեաներ եւ հայեր են՝ ակամայ խնամիացած:

Tigris
14.07.2010, 21:56
ՀԱՅԵՐԸ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ

Վերնագիր մը ընտրեցի, բայց ես ալ չեմ գիտեր ինչ պիտի գրեմ: «Արեւելք» բառը այստեղ պայմանականօրէն հասկնանք ա՛յն Արեւելքը, որ կազմուեցաւ վերջը:
Կրօնական ազգ ենք: Թէեւ բարեփոխութեամբ ժողովրդավարական դարձած է, սակայն միագլխանիութիւնը պարզ է: Ֆրանսայի մէջ արգիլուեցաւ վերէն վար սեւ տոպրակով ծածկուիլը, մեր սիրելի Պարսկաստանի մէջ ալ հայ աղջիկներ կը ծածկեն իրենց գլուխի մազը: Չէի գիտեր՝ նկարներով տակաւին նոր տեսայ Հալեպ այցելած եւ Իրանէն եկած հայուհիներու մարզական խումբի մը նկարը:
Արեւելքի մէջ մարդը ի նկատի չի առնուիր, որքան՝ մարդ-աստուածը: Հետեւաբար դասուած ենք մարդ-աստուծոյ ենթական: Այսպէս, Պոլսոյ մէջ, Հայութեան բախտը «կը վճռուի» մեկ մարդու կարգավիճակով: Հայերու վիճակը հարցնելու համար, եւրոպաամերիկացիք, անոր կը դիմեն. եթէ ըսէ՝ «լաւ ենք», ուրեմն լաւ ենք: Այդ պատճառով Թուրքիայի համար յոյժ կարեւոր է ընտրելիք մարդ-աստուծոյ բարեհամբոյր ըլլալը: Այսինքն խիստ խօսող մեկը պէտք չէ ըլլայ:

Թուրքիան եւ Ադրբէջանը միտք ունին Հայաստանը շրջափակել նաեւ Վրասանէն՝ գնելով գազատարի բաժնետոմսերը: Վրաց-ռուսական թշնամութիւնը շատ վնասեց մեզի:

Ձաղկեցին, կը ձաղկեն ու կը քննադատեն «յարատեւ կռիւ» հաւատամքը: Թոյլ տուէք ասելու, որ բոլորս, «շնորհիւ» թուրքերուն, իրենց արեւելեան եւ արեւմտեան տեսակներով, կը պարտադրուինք յարատեւ կռուի հաւատամքին դաւանիլ, որովհետեւ վաղուայ խաղաղութեան մասին յոյս չկայ, որովհետեւ նոր թշնամութիւններու եւ յարձակումներու սերմերը կը ցանուին թուրք նոր սերունդներու միտքերուն մէջ:

Եթէ Թուրքիան սահմանը բանար, անցեալ տարի, Հայութեան «մեղմ» հատուածը պիտի հրճուէր ու քննադատէր «կարծր» հատուածը: Թուրքիան նոյնիսկ այդ «մեղմ» հատուածին սիրաշահիլ չփորձեց: Թուրքիան այդ անդատ գոյութեան հետ նոյնիսկ չուզեց համակերպիլ: «Արցախը տուէ՛ք» - ըսաւ:
Արցախը կուտաք, Ցեղասպանութիւն ու Արեւմտահայաստան արդէն մոռցած ենք, չեմ գիտեր ինչ կուտաք, որպէսզի ապագայի հայ պատմաբանները,- եթէ ըլլան այդպիսի հասկացողութեամբ գոյականներ,- շարադրեն, թէ որքան ծայրայեղօրէն միամիտ եղած են քսանմեկերորդ դարու հայերը, եւ համեղ պատառներ՝ թրքական նուաճողականութեան:

Թուրքիան այնքան սպասեցուց մեզի, սահմանի բացման հարցով, որ այդ բացումը կարծես պիտի ըլլայ չտեսնուած իրադարձութիւն, որուն ականատես պիտի ըլլան Հայաստանն ու Հայութիւնը, եւ արար աշխարհ պիտի շնորհաւորէ Թուրքիան, իր քաջ գործին համար: Կարծես թլփատման ենթարկուելու պատրաստուող սան մը ըլլայ, որուն քաջալերանք է պէտք, եւ խրախուսում: Իսկ այդ գործողութենէն վերջ թագադիր պիտի շրջի հրապարակը, արդէն որպէս «տղամարդ» դարձած օրուան հերոս: Մենք ալ, հայերս, «թեմաննահ» պիտի ընենք այդ առթիւ:

Սահմանի բացումը, իրողապէս, ոչինչ շնորհ է կատարուած, եւ հայ-թուրք դարաւոր պայքարին մէջ ոչինչ զիջում՝ թուրքէն: Սահմանի բացումը իրաւունք է, միջազգային համաձայնագիրներ ստորագրած Անկարայի վարչակարգին ՊԱՐՏՔՆ է:
Գալով դիւանագիտական յարաբերութեան, ապա այն Հայութեան զիջումն է, քանի որ զիջած պիտի ըլլանք «դիւանագիտել», ընդունիլ յարաբերութիւն, Ցեղասպանութիւն գործած եւ չապաշխարած եւ չհատուցած գոյութեան հետ, որ «Թուրքիա» կոչուածն է:
Թուրքիային նոյնիսկ այս հայկական զիջումը չի փափկացներ: Այսինքն Հային հետ յարաբերիլը (արեւելահայերէն՝ շփուիլը) իրեն համար ո՛րքան շնորհ է, չի անդրադառնար: Մինչ այդ մեր ձեռքերը պէտք է համբուրեն, որպէսզի ներենք իրենց եւ յարաբերինք:


ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ինչո՞ւ նկատի կ’առնուին այդ մեծ պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու խօսքերը: Արդեօ՞ք այն բանի համար, որ պերճախօս ու իմաստուն են: Արդեօ՞ք այն բանի համար, որ արդարամիտ են: Արդեօ՞ք այն բանի համար, որ լուծումներ կը բերեն բազմամեայ խնդիրներուն:
Ո՛Չ:

Նկատի կ’առնուին, որովհետեւ իրենց ետին կան հզօր բանակներ:
Մի քանի գրառում առաջ նշած էի դիւանագիտութեան մասին, որ՝ տուէք նաւթահոր, բանակ ու նեղուց, որպէսզի ուղտապանը դիւանագէտ դարձնեմ:

Մուստափա Քեմալ կոչուածը շրջեց Սեւրը, պարտուածը յեղաշրջեց եւ դարձուց Լօզան: Իր դիւանագիտութեան առաջատար պաշտօնատարները թուրք զինուորներն էին, միլիջի չեթէները, ասկեարները, որոնք յաղթեցին յոյներուն, հայերուն, անգլիացիներուն եւ ֆրանսացիներուն:

Փա՜ռք աշխատաւորութեան հայր Լենին Պապուն, որ ընկեր Քեմալը մինակ չթողուց իմպերիալիզմի եւ կապիտալիզմի դէմ: Այսպէս՝ թուրքը գիտէ աշխատաւոր ըլլալ, ու Լենին Պապի հետ աշխատաւոր խաղալ, օգտուիլ, ուրիշ տեղ մը եւրոպացի խաղալ, ու Օբամիային համոզել տալ, որ եթէ ինք Եւրոպա չմտնէ ապա դժուար թէ դուրս գայ մտած միւս տեղէն, որ եղբայրներն են: Մինչ այդ ամէն տեղ ալ կը մտնէ, ամէնէն ալ կ’օգտուի՝ հրեայէն, արաբէն, եւրոպացիէն, ամերիկացիէն, Լենին Պապէն:

Հիանալի իւրացուած է Օսմանեան պարանաձգողական քաղաքականութիւնը: Բրիտանիան կը շփացնէ, որ Ռուսիոյ չթեքի: Ռուսիան կը շփացնէ, որպէսզի Ֆրանսային չթեքի:
Այսքան ազգեր ու միջազգային կազմակերպութիւններ ձեռքի մատներու վրայ խաղցնել գիտցող թուրքը, չի՞ գիտեր խաղցնել բուռ մը Հայութիւնը՝ «սահման կը բանամ-սահման չեմ բանար» խաղերով:

Այսօր, եթէ քիչ-շատ մեզի հաշուի կ’առնեն, քանի որ «տալիք» բան մը ունինք, առնելիքնին առնելնէն ետքը ոչ ալ պիտի տեսնեն մեզի:
Մեծ ազգի պատկանիլ կուզեմ: Ազգս պիտի չի փոխեմ, ուրեմն փոքրութիւնս պիտի փոխեմ: Ինչպէ՞ս մեծնանք, երբ մեզմէ կը պահանջեն գաճաճ ըլլալ, ու աւելի խեղճանալ:

Պահ մը զանց առնենք Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտահայաստանը, Նախճաւանն ու պատմական մնացեալ տարածքները, եւ մտածենք՝ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր կազմուած ազգի մը կենսատարածքը ըլլար, եւ այդ ազգ-պետութեան հինադիր հայրը 2010 թուականին ապրող Արտաշէս մը ըլլար, արդեօ՞ք պիտի բաւականանար եւ գոհանար 30 կամ 40 հազար քառակուսի կիլոմետրով, թէ՞՝ պիտի մտածեր այդ կենսատարածքի փոքրութեան տալիք թուլութեան մասին, եւ պիտի չի ուզէր փոքր ու ենթակայ ազգ պետութեան մը հիմնադիր ըլլալ: Ո՞ր հայր-մայրը կուզէ անկար երեխայ մը ծնիլ:

Փառք՝ մեր ունեցածին համար, սակայն, ապագայի համար՝ որպէսզի ապագայ սերունդները չխեղճանան, ազատ, հպարտ քաղաքացիներ ըլլան, Հայաստանը պէտք է մեծնայ՝ ամէն տեսակի չափերով:

Ալփասլանը, Ֆաթիհը եւ Քեմալը այդպիսի կենսատարածք մը ստեղծեցին թուրք ազգին համար:

Ապագայի հայերը ներկայի հայերէն աւելի բախտորոշ օրեր պէտք է ապրին, եւ այդ մեկը թուրքը դաստիարակելով ու կրթելով պիտի չի ըլլայ (ինչպէս կը կարծեն երազկոտները): Այդ մեկը մեր հզօրութեամբ կրնայ ըլլալ, որ լաւագոյնն ու միակը, ու անժամանցելին է՝ բոլոր ժամանակներու միակ դեղամիջոցը: Ես ալ ուրիշ տեսակի երազող մըն եմ: Երազս աւելի օգտակար է:

Tigris
15.07.2010, 13:19
ԸստԱբդուլլահ Գիւլի, Սլովենիոյ եւ Խորվաթիոյ միջեւ առկայ խնդիրներու կարգաւորումը կրնայ օրինակ ծառայել ուրիշ երկրներու միջեւ խնդիրներու լուծման համար, ինչպէս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի:
Առաջին հեղ, բարի կամեցողութիւն եւ խաղաղասիրութիւն բուրող Գիւլի խօսքերը յոյսեր կրնան ներշնչել: Բայց հետաքրքիր է գիտնալ Խորվաթիոյ եւ Սլովենիոյ միջեւ եղած խնդիրներու մասին, որոնցմէ տեղեակ չէ տողերուս հեղինակը, քսանհինգ տարի քաղաքական լուրերու հետեւողս:
Մեկ նախադասութեամբ Թուրքիոյ վարչապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանի Թուրքիա դառնալը նմանեցուց Խորվաթիայի եւ Սլովենիայի, երկու եղբայր սլավոն երկիրներու, միջեւ առկայ համեմատաբար աննշան, անկարեւոր խնդիրներուն:

Tigris
16.07.2010, 13:57
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Հայերը կարողանում են պաշտպանուել երբ համախմբուած են: Հայերը կարողանում են հայերից պաշտպանուել երբ հրապարակայնութիւն լինի: Կրկնում եմ թեմայիս սկզբում ասածս՝ Սփիւռքում չկայ համախմբուածութիւն, չկայ հրպարակայնութիւն: Ժողովուրդը քննադատում է իր ղեկավարներին: Քննադատութիւնը մնում է երեք թէ չորս հոգու շրջապատում: Առաւելագոյնը երեք-չորս հարիւր հոգի: Օրինակ՝ որեւէ թերթ կամ լրատւամիջոց չի կարող քննադատել Կաթողիկոսը, որն աստծու փոխանորդն է երկրի վրայ: Սակայն շատերը խօսում են շռայլութեան, զեխութեան եւ Աւետարանի քարոզած ՝ սակայն բացակայ ժուժկալութեան մասին: Սփիւռքի փտած ղեկավարութիւնը, ազգային ջոջերը նմանօրինակ կազմուածք ունեն հայաստանեան փտած ղեկավարութեան հետ, քանի որ բոլորի աշխարհայեացքը նոյնն է՝ սեփականի ապահովումը: Սպառուած են՝ մտաւորականի, հոգեւորականի, քաղաքական գործչի «դրամագլուխները» նրանց: Չկայ առողջ, շարժուն, դինամիկ երիտասարդութիւն: Աւելի ճիշտ՝ չի կարող լինել այդպիսինը, որովհետեւ մեզ այստեղ դեռ մանկուց սովորեցնում են լռել՝ «ամօթ է», «մի խօսիր»:
Սա ընդնահրապէս, որովհետեւ չեմ ուզեր մատնանշել դէպքեր եւ դէմքեր:

Վերոյիշեալ գրութեան խթան հանդիսացաւ «Երկիր-մեդիա»-ից ցուցադրուող սփիւռքահայ մի ոմն «գաղափարական ընկեր», որի հնչեցրած մաղթանքը՝ աշխատանքի վրայ բռնուած, կրկնուող բառերով եւ աղքատ բառապաշարով յիշեցնում է քարոզելու կոչուած կղերականի ճառը: Խթանեց, եւս, ազգային ջոջերի բամբասանքները, իրենց կատարած նուիրատւութիւնների հասցէտէրերի մասին: Ազգային ջոջերը մի ձեռքով տալիս են, միւս ձեռքով էլ բամբասում են, մի բան, որ հակաքրիստոնէական է:
Սփիւռքում երեք կարգի մարդիկ կարող են պաշտօնների հասնել:
1-գետնաքարշ սողացողներ,
2-դրամատէրեր,
3-հայերէնին լաւ տիրապետողներ եւ ուսեալ մարդիկ, ովքեր անհրաժեշտ են:

Իրաւունք չունի՞մ այսպէս գրելու: Որպէս հայի, հայկական կրօնապետական կազմակերպութեան մէջ իմ ո՞ր ժողովրդավարական իրաւունքն է պաշտպանուած: Ոչ մեկը: Նշանակում են՝ եւ վերջ:

Հետեւաբար՝ ես նախանձով կնայեմ Հայաստանում չաշխատող ժողովրդավարութեան եւ չյարգւող օրէնքին, որովհետեւ, եթէ Հայաստանում դրանք չեն աշխատում կամ չեն յարգւում, ապա Սփիւռքում դրանց մասին հետաքրքրուողներ չկան՝ մոռացուած հեքիաթներ են:

Tigris
20.07.2010, 12:15
Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծումը և տարածաշրջանային մյուս հակամարտությունների ճակատագիրը կախված են Ռուսաստանի դիրքորոշումից։- Շեւարդնաձէի խօսքերից




Փորձառու կագեբեական աղուէս Շեվարդնաձէն, որ Վրաստանից է, մի երկիր որ մղում է ազատութեան պայքար, պէտք է ասեր «Արցախի խնդրի լուծումը կախուած է Արցախից եւ Ադրբէջանից»: Առնուազն, իբր անկողմնակալ, չեզոք դիրքում գետնուող քաղաքական գործիչ, այդքանը կարող էր ասել:
Ինչպէ՞ս է համատեղում, Շեվարդնաձէն, ազատութիւն եւ ինքուրոյնութիւն գովերգող Վրաստանի քաղաքացի լինելը, եւ դրսեցուց՝ կայսերական պետութիւնից լուծում խնդրելը: Իրար չե՞ն հակասում: Ինչպէ՞ս կարող ես ազատ լինել եւ նոյն ժամանակ քո ամենաազգային խնդիրները, Աբխազիայի եւ Օսիայի հետ մարտդ տեղափոխել Մոսկուայի «լուծողական տարրալուծարանները»: Մի՞թէ դու ինքդ չես տալիս ռուսական միջամտութեան համար բաւարար ենթահող:
Ռուսը միշտ պիտի իշխէ, քանի որ վայրենի եւ վայրենիի հոգեբանութիւն ունեցող մի շարք կովկասցիներ հաւակնում են իւրացնել ուրիշ կովկասցիների տուներն ու մշակութային հարստութիւնները:

Tigris
20.07.2010, 13:58
«Մենք միմեանց սկիզբն ու վերջն ենք»,- ասել է Մուսա Իսհակողլուն... Միխայէլ Սահակաշվիլին:
Ժողովրդավարութիւնից ու ազատութիւններից բարբաջող Միխայէլը, Բաքուի բուխերիկների հոտը առած, ինքնամոռաց գովաբանում է Ադրբէջանը՝ նրա ինքնակոչ բռնատէրի ներկայութեամբ:

Իսկական ցաւողը ես եմ, եղբայր եւ հնամենի վրաց ազգի համար՝ եթէ վերջը այս է լինելու:
Բոլորս գիտենք Ադրբէջանի ու ադրբէջանցիների նոր պետութիւն ու «ազգութիւն» լինելը տարածքում. ուրեմն սկիզբը վրացիքն են, ու վերջը՝ Վրաստանի թուրքացումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին փառապանծ նախագահի ելոյթներում հնչած խօսքերը ընթերցելը միշտ էլ անկատար եմ թողնում: Չեմ կարողանում: Այդ պատճառով զրկւում եմ լիանալ նրա մտքի հարստութեան ճոխութիւնից: Մի քանի օր առաջ կարդացել էի երկու երեք տող:
Սակայն՝ ոչ միայն չեմ կարողանում հաղորդակցուել նրա մտքերին, այլեւ նրան քննադատողների մտքերին, քանի որ վերջիններս,- ուզեն չէ չուզեն,- մէջբերում են յարգարժանիս մտքի փայլատակումները: Ուստի բաւականանում եմ «Ազգ»ում հրատարակուած այս վերնագիրը կարդալով՝ «Հոգեբանական գրոհ՝ Սեփական ազգի դէմ»

Կարճ եւ կտրուկ:

Նա էլ հիանալի գիտէ իր ասածի անիրականանալի լինելը, հետեւաբար հայաստանեան քաղաքական դաշտի մէջ իր մրցակիցներին թակարդի մէջ է լարում՝ դնելով անիրագործելի ծրագիրների բաւիղում:

Խորհրդային ժամանակները չեն, որ մարդս մտածէ խոշոր կայսերական պետութիւնների փափագները գոհացնելը: Մենք անկախ պետութիւն ենք, վաղուայ ազատ հայ քաղաքացիների համար ապահով հայրենիք պէտք է ստեղծենք, եւ այդ ապահովութիւնը ԼՏՊ-ի կամ թուրք գործիչների խոստումներով չեն լինում: Լինում են ամրապնդուած սահմաններով:




●●

Այս տարի, մինչեւ հիմա, մօտ վեց ու կէս հազար մարդու Հայաստանի քաղաքացիութիւն է շնորհուել: Հայաստանը ինքն իրեն ազատում է շրջափակումից, հայերին քաղաքացիութիւն շնորհելով: Անպայման կը նպաստեն Հայաստանի Հանրապետութեան շէնացման, այսպէս թէ այնպէս: Աստուած տայ, բոլոր հայերը լնեն քաղաքացի, լինեն հայրենիքում ամէն տարի, գործ ստեղծեն եւ անգործ մարդկանց աշխատանքով ապահովեն:
Նախապէս, մօտ քսան տարի առաջ, Ամերիկայից, Ֆրանսիայից, Աւստրալիայից նախկին հալեպահայեր էին գալիս իրենց ծննդավայրը՝ հարազատներին տեսնելու: Հիմա աւելի շատ եւ գլխաւորապէս Երեւանից են գալիս նախկին հալեպահայերը՝ գնումներ կատարելու կամ հարազատներին տեսնելու: Ջուրը հոսում է իր հունով:

Tigris
20.07.2010, 18:49
...Որովհետեւ օսմանցի փաշաների եւ թուրք աւազակապետերի վերջնագրերին է նմանւում՝ «կամ զէնքերը վայր կը դնէք ու ուրախ, երջանիկ եւ ապահով կապրենք միասին, կամ «այսպէս» ու «այնպէս» կանենք ձեզ»:
Հայաստանը արդէն զիջել է, զիջել է իր պատմական տարածքի ինսուն առ հարիւրը, իր զաւակների արիւնը:
Այդ ոմնը լաւ կանէր եթէ լինէր թուրքագէտ, որպէսզի լաւ իմանար, որ թուրքը հայկական զիջումներով չի խաղաղիր: Այդ է վկայում պատմութիւնը եւ ներկան:

Մատ թափահարելով ձեռքը վեր ու վար անելն էլ տգեղ երեւոյթ է:

Tigris
22.07.2010, 23:23
Ադրբէջան կոչուած կեղծանուն եւ արհեստական պետութեան նախագահ կոչուածը, որ իրողապէս խաքան է, Հայաստանի վրայ յարձակում գործած իր զինւորին յետմահու հերոսի կոչում է տուել:

Ադրբէջանի մէջ, հերոսանալու եւ հերոսի կոչում տալու խիստ ձգտում կայ, բայց նոյն ժամանակ շփոթ ընկած է մտքներումը եւ հերոսի կոչում են տալիս հրոսակներին: Քնացած մարդուն կացինով սպանողը. ապուշ-ապուշ Հայաստանի տարածք խուժող խուժանը, հերոսի հռչակ է ունենում՝ մթագնեցնելով բառի տակ հասկացուած բուն իմաստը:

Tigris
23.07.2010, 21:48
Շրջուն վաճառորդներ կան, կը ծանուցեն իրենց ներկայացուցած ընկերութեան լուացքի դեղը, կամ լոգանքի հեղուկ օճառը, որոնք գունաւոր մածուցիկ նիւթէ բաղկացած կրնան ըլլալ: Դեռ վրայ խնդալու պէս կը յայտարարեն, թէ դուն բախտաւոր դուրս եկած ես հազարաւորներու մէջ, քանի որ համակարգիչը քեզ ընտրած է: Տակաւին բան մըն ալ աւելին, ան քեզի համար յատուկ զեղջով պիտի տայ իր ապրանքը՝ 500-ի փոխարէն 200-ի:
Մարդ որքան միամիտ պէտք է ըլլայ, որ հասկնայ, գլխի ընկնի, որ ապրանքի գինը յայտնի ընկերութեան մը արտադրութեամբ իսկ արդէն 200 կարժէ, եւ աւելի պակաս: Սակայն շրջուն վաճառորդ քեզի առիթ չի տար մտածելու, վասնզի իր պերճախօս լեզուով իրեն վերապահած է առիթները բոլոր:


Հայաստանեան քաղաքականութեան մէջ այսպիսի անձով մը հմայուած են, եւ անոր բերնէն կախ ընկած, լորձնաշուրթն հայեր, անհամբեր կը սպասեն թէ ինչ լուծումներ պիտի բերէ ան: Բայց ան, փոխանակ ազնիւ եւ վեհ անձ մը ըլլալով տկարը պաշտպանելու, զոհը պաշտպանելու, ուժեղին կողքին կանգնած է:


Մովսէսի գաւազանը կայ ձեռքին, կը խփէ պատին եւ աղբիւր կը բխի, կը դիպչի ծովին եւ ծովը կը ցամքի:
Այնինչ ազգովին մենք չենք կրնար լուծել, ի՛նք կրնայ լուծել: Այնինչ մենք չենք հասկնար, ինք կրնայ հասկընալ: Յատուկ դասընթացքներու պէտք է հետեւիլ, ըմբռնելու համար անոր դասախօսութիւններուն մտքի թռիչքը՝ խորանալու համար այնտեղ «անթեղուած» ծով գիտութեան մէջ:


Յետոյ ի՞նչ: Խորհրդային կարգերուն ապրուած բռնի եղբայրութիւնը անցեալ կատարեալին կը պատկանի: Դեռ այդ օրերու կարօտախտով ապրող նորբոլշեւիկները կը կարծեն, եթէ արգելափակուին ազգայնական հայերը, հայդատականները, «ծայրայեղականները» (այսինքն թուրքերուն ուզածը ըլլայ), այն ժամանակ մեղր ու կարագի պէս հայն ու ադրբէջանցին (եւ թուրքն ալ հովանաւոր) ջան-ջիգարի պէս կըլլան:
«Կամ-կամ» մօտեցումներով հարցերուն մօտեցողներու բառերով կարելի է ասել− Կամ Հայաստանը տիրող ուժ կը դառնայ տարածաշրջանին մէջ, կամ ալ կամաց-կամաց կը վերանայ քեզի պէս հայերու շատուորութեան պատճառով:
Եթէ Պետութիւն (թագաւորութիւն թէ հանրապետութիւն) կերտող բոլոր ղեկավարները քեզի պէս մարդիկ ըլլային, մենք «կունենայինք» Հայաստան:


Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպուած է (առանց իմ, քո, նրա ուզելուն) կրել անցեալից եկած իր պատիժը, զոր կոչի թուրք: Չենք կարող մտածել Եւրոպայում ենք, եւրոպական ազգերի խաղաղ գոյակցութեան գրկում: Մենք թուրքերի մէջ ենք, ա՛յս է Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը:
Հետեւաբար ամէն ինչ, ամէն ինչ պիտի անել մտածելով աշխարհագրական դիրքը, աշխարհագրական դիրքում ամրապնդուելով: Այսօր եթէ ժողովրդագրական խնդիրներ կան, ապա դրանում մեղաւոր է վայրենի ազատականութիւնը, որ ուզուեց գործի դնել նորանկախ Հայաստանում, անցնելով պետութեան ինչքի սեփականացմանը: Պետութիւնը երբոր չի կարողանում սանձել իր գողերը, զսպել իր ձրիակեր պաշտօնեաները, վաճառքի է հանում ազգի ու հանրութեան (Պետութեան) սեփականութիւնը, եւ մասնաւոր անձինք «խնամիական» կամ այլ կապերով ձեռք են բերում իրենց չպատկանողը:


Այստեղ իշխող վարչակարգը սխալը սխալով է շարունակում: Չի զսպում իր գողերին (լաւագոյն պարագայում «պաշտօնից ազատուել» հեղհեղուկ «պատիժն» է տրւում), չի արգելում կառոյցների կազմաքանդումը, եւ վաճառում է հասարակական ունեցուածքը իր մերձաւորներին՝ յաճախ նոյն կառոյցներում աշխատող, սակայն աշխատեցնել չուզող «տնօրէններին»:


Դեռ մի բան էլ աւելին, պետական ինչքի ու հարստութեան տիրացածներին պաշտպանում են դրսից եկող հաւականական մրցակիցներից, ինչը պահում եւ պահպանում է շահագործումը:


Այսպէս հիմնուեցաւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը: Յուսանք եւ ցանկանք ասկէ ետք կը շտկուի ծուռը:


Գողը նաեւ նա է, ով չարաշահում է իր պաշտօնը, իր սեփականին, իր քմահաճոյքին համար ծախսելով պաշտօնի ընդձեռած հնարաւորութիւնները:

Tigris
26.07.2010, 16:32
Այսօր տեղեկացայ Աֆղանիստանի մէջ ԱՄՆ-ի եւ նատոյական իր դաշնակից ուժերու կրած պարտութեան վերաբերեալ հանրութեան տրամադրուած տեղեկագիրի մասին:


Կատակ բան է կարծեցին ժողովրդավարութեան արտածումը: «Նամակի բովանդակութիւնը կը կարդացուի վերնագիրէն»-, կըսէ արաբական յայտնի առածը: Թուրքերը կրցան գրաւել եւ տիրապետել Հայաստանին, պարբերաբար ջարդելով ու ի վերջոյ ցեղասպանելով բնիկ բնակչութիւնը: Աշխարհի այս կողմի իրավիճակէն անլուր ամերիկացիք, ժողովրդավարութեամբ պիտի իշխեն ու աշխարհաքաղաքական գոյութիւն պահպանեն…Աֆղանստանի մէջ:


Ամերիկացիները չհասկցան, այն ինչ հասկցաւ Ալեքսանդրը, որ յունական դեմոկրատիայով Արեւելք չի կառավարուիր: Ուշ կամ կանուխ, գլխարկները հազիւ գլուխներուն վրայ պահած եւ յիշելով Վիեթնամն ու Սոմալիան, պիտի փախչին Աֆղանստանէն: Թէ այդ փախուստը որքանով հանդիսաւոր ու պատուով կը սարքեն, այդ ալ հանդիսավարներուն հեշտ գործն է:


Եւրոպացիներն ու ամերիկացիները չհասկցան, որ գառան մորթի հագնող գայլը երբէ՛ք իր դաշնակիցը չի կրնայ ըլլալ, ան օր մը ցոյց պիտի տայ իր շնատամը: Եւ ցոյց տուին շատերը:


Ուրիշ արաբական առած մըն ալ կըսէ՝ «խեղճացի՛ր մինչեւ ամրանաս»:


Թուրքիան ինքն իրենց դաշնակից ձեւացուց, մինչեւ ամրացաւ, մինչեւ իր բանակը զօրացուց ու զինական ճարտարարուեստը զարգացուց, ու հիմա ան արդէն բռունցք կը ճօճէ Քլինթոնի դէմքին:


Ով որու ինչ կը ճօճէ իր գիտնալիքն է: Կարեւորը մեր Հայաստանին սպառնացող վտանգները չքանան, վերանան, անհետանան, կորչին, անկցին ու ջնջուին երկրի ու երկնքի վրայէն: Ամէն:

Tigris
29.07.2010, 14:41
Բարի օր,
Երէկ ունկնդրեցի իմ յարգած գրողներէն մեկու զրոյցը՝ Հայ-թուքական յարաբերութեան վերաբերեալ: Ասաւ − «Ղարաբաղի խնդիրը կը խանգարէ...Թուրքիան սրտանց կը փափագի յարաբերիլ, սակայն չի կրնար նեղացնել Ադրբէջանը...»
Թուրքական պատրուակի պատճէնումը հայ մտքի մէջ:
Թուրքիան իր կրկնախօս խօսնակներու բերանով համոզել տուաւ աշխարհին, որ ինքը բարի է, լաւ է, սակայն ինչ կրնայ ընել երբ կապկուած է իր ձեռքերը՝ «Ղարաբաղի խնդրով»:

Մենք մոռցանք արար աշխարհին յիշեցնել, որ մենք ալ խնդիր ունինք Թուրքիային հետ, որ Ծամնդաւի, Ծապլվարի ու Խորգոմի հարցն է, եւ թէ այդ տարածքները պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն հայկական են, եւ թէ տեղի հայութիւնը վայրենաբար կոտորուած է:
Մոռցանք յիշեցնել արար աշխարհին, որ Թուքիան անամօթաբար այդ հարցերը լուծուած համարելով, իր կատարած ցեղասպանութեան զոհ գացած ազգը դեռ մեղաւոր կը նկատէ երրորդ կողմի մը հետ ունեցած խնդրի կապակցութեամբ:

Պարոն գրող, յարգարժանս,
Ցաւ ի սիրտ Հայ եւ թուրք չարաբերութեան միակ չլուծուած խնդիրը Հայաստանի եւ Ադրբէջան-կոչուածի միջեւ առկայ լուծուած-չլուծուած խնդիրը չէ, այլեւ Ծապլվարի, Ծամնդաւի եւ Խորգոմի հարցն է, որ մենք մոռցանք ու մոռացութեան տուինք, տուրք տալու համար մեզի «ծայրայեղական» կոչող հայերուն, որպէսզի ազատինք վերջապէս հայկական շրջանակներէ արձակուած վիրաւորական ու անարգական շանթերէն:
Ուրեմն մենք «նացիոնալիստ», «աւանտիւրիստ», «ծայրայեղական» եւ «պահանջատիրական» չենք այլեւս: Թող այդ հայերը ուրախանան, որ մոռցանք եւ մոռացութեան տուինք «յարատեւ պայքարը», «Հայ Դատը», «արդարութեան պահանջքը»: Թող ուրախանան նաեւ որ հայկական զիջողականութեան առընթեր մեր «սիրելի» եւ «խաղաղասէր» ցեղասպանը նոյնն է տակաւին, եւ չի պիտի հանգիստ թողու մեզ:

Թուրք-բոլշեւիկեան բառապաշարը մի՛ ողղէք իրաւազրկուած ազգի որդիներուն: «Ծայրայեղական», «նացիոալիստ» եւ նման բառեր հայու հանդէպ չի կրնար ուղղուիլ:
Երբոր Արեւմտահայաստանը Հայութեան վերադարձուի, երբ որ հայութեան ապրած դաժան օրերու հատուցումը տրուի՝ նմանօրինակութեամբ, այդուհետ կարելի է օգտագործել նմանօրինակ բառեր հայու հանդէպ:

Գալով մեր տանը նստած են, մեր անմեղ ընտանիքները բզիկ-բզիկ ըրած են, ու մեր պատուախնդրութիւնը (Հայ Դատ, Պահանջատիրութիւն) ծայրայեղականութիւն եւ նացիոնալիզմ կը համարեն: Եւ ովքե՞ր: Հայեր եւ թուրքեր:

Ազգի ինքնապաշտպանական զգացումը ջլատող ներքին հակահայ քարոզչութիւնը սիրտ կը ցաւցնէ:
Ակամայ կը մտածես.- «Ի՛նչ կուզեն թող ընեն եւ ինչ կուզէ թող ըլլայ»:

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ 3000 հայկական գիւղերը կը պահանջեմ ես եւ կ’արգիլեմ որեւէ մեկու, արտասանել «Ղարաբաղ» բառը, իբրեւ հայ-թուքական յարաբերութիւնը խոչընդոտող հիմնահարցի վերնագիր:

թուրքերը լաւ գիտեն, նոյնիսկ մեր մտաւորական յորջորջւող վերլուծոսներէն աւելի, որ Հայ-թուքական չարաբերութեան հիմնահարցերու հիմնահարցը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆ Է:

Բոլշեւիկեան հակահայ ու աշխարհաւեր քարոզչութեան ցանած որոմները տակաւին նոր ծլող ծիլեր պիտի արձակեն, դժբախտաբար:

Հայ ժողոիվուրդէն կը խնդրեմ քիչ մը արժանապատւութիւն ունենալ: Ազատ Հայրենիքդ շրջափակած թշնամիիդ երկիրը չերթալ՝ չլծուիլ անոր «հայասիրական» եւ «մարդասիրական» քարոզչութեան մեքենայի լուծին: Աղթամարը Արեւմտեան Հայաստանի Այա Սոփիան պիտի ընեն՝ զբօսաշրջութեան օբյեկտ-առարկայ:

Ի տարբերութիւն Այա Սոֆիային, որ երկար դարեր մզկիթ եղած է, Աղթամարը երբէք մզկիթ չէ եղած, հետեւաբար ես յոյսեր կրնայի ունենալ եթէ ան վերադարձուեր Հայոց Եկեղեցիին:

ԼՈՒԾՈՒՄԸ Ի՞ՆՉ Է
Ամէն մարդու միտքին մէջ այս հարցումը կայ, եւ կը փորձէ պատասխանել: Ես այս բառը չեմ սիրեր, քանի որ Արցախի կապակցութեամբ լուծուած հարցը վերստին լուծելը կը նշանակէ խեղագրել սրբագրուած անարդարութիւնը: Ովքե՞ր են լուծողները: Ջուղհայի խաչքարերու տապալումն ու փշրտումը օդը ցնդեցուցին թուրքի բանակցային վստահելիութիւնը: Ամէն օր հայեր թիրախող թուրք հրձիգները ծովասոյզ ըրին լուծման հայանպաստութեան եւ խաղաղաշինութեան հանդէպ տածուած յոյսը: Անամօթաբար քնացող մարդուն կացինահարողին նոյն անամօթութեամբ հերոսացնելը այրեց դրացնութեան կանաչ ճամբու մը հանդէպ աշխատելու տրամադրութիւնը: Համաթուրանական նկրտումներով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ տարատեսակ ճնշում գործադրելն ու Արցախը անպայման նախիջեւանացնելու ձգտումը փոշիացուցին «ծայրայեղական հայերը» դատապարտելու ամէն «իրաւացիութիւնները»:
Եթէ հարցեր ունին հայերը, ապա պէտք է տան Մեծ Հայքը կառավարող նախարարներու հոգիներուն, քանի որ թոյլ տուին, անմիաբանութեամբ, Հայաստանի տաճկացումը:
Թուրքի ծրագիրը նոյնն է, հետեւաբար լուծման մասին խօսիլ կը նշանակէ Հայաստանի ստրկացում, հայկական արդար պահանջներու չքացում, եւ աւելի վատը...
Պէտք չէ լուծուիլ, պէտք է պնդանալ, ամրանալ, կարծրանալ:

ՄԱՐԴՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ

Սեւ Ծովի հարաւային ափի թուրք բնակիչները իրենց ճանական կշռոյթներով տարիներ շարունակ երգեցին «Նաթաշա-նաթաշա»: Նաթաշաները «զարդարեցին» Տրապիզոնի, Պոլսոյ եւ Լաս Վեգասի ետեւի փողոցները, ու հիմա կը կարդամ, ինչպէս կարդացի տարիներ առաջ, թէ Ռուսաստանը կը դիմագրաւէ ժողովրդագրական աղէտ: Ամբողջ սերունդ մը փճացաւ՝ Արեւելեան եւրոպայի ընկերվարական երկիրներու՝ փոխանցուելով ամբողջատիրութենէ «ազատատիրութեան», եւ իվաններ ծնելու փոխարէն թուրք պետական որբանոցներու մէջ դրուեցան լքուած ապօրինածին երեխաներ: Մինչ անդին բազմակինը կանուխ տարիքէն ամուսնանալով արդէն բանակ մը հասցուց՝ ապագայի համար: Եւ ապագան շուտ կուգակոր:
Հիտլերի նացիզմն ու Լենինի բոլշեւիզմը եւրոպական ցեղերուն մայրերը լացուցին. բառիս բուն եւ ոչ բուն իմաստներով:

Tigris
29.07.2010, 21:45
http://www.tert.am/am/news/2010/07/29/incident/ (http://www.tert.am/am/news/2010/07/29/incident/)

Ըստ Արթուր Սաքունցի ունեցած ոչ պաշտոնական տեղեկության՝ դեպքի զոհ է դարձել 5 անձ` մեկ զինվոր և չորս սպա: Զինվորը պահակետում քնած է եղել և 4 սպաները գալով պոստ և նրան տեսնելով այդ վիճակում, արթնացրել են ու սկսել են նրան վիրավորել, արժանապատվությունը ոտնահարող արարքներ թույլ տալ, ինչի հետևանքով զինծառայողը վերցրել է զենքը և գնդակահարելով չորս սպաներին՝ ինքնասպան է եղել:


Հերթական նահատակները:
Այո նահատակներ, քանի որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար էին կանգնած այնտեղ: Հնչած քննադատութիւնները՝ նախապէս կատարուած թրքական յարձակումի կապակցութեամբ, սպաները մղեցին զգօնութեան եւ աչալրջութեան, ինչ որ վերածուեցաւ ջղաձգութեան եւ ... հայհոյանքի (?):

Քնացողը չպիտի քնանար, հայհոյողը եւ վիրաւորողը չպիտի վարուէր այսպէս: Նախ զինւորը կը փոխարինես ուրիշով, յետոյ կը զինաթափես, յետոյ կը պատժես՝ առանց պատիւն անարգելու:

Տխուր է:

Tigris
30.07.2010, 18:20
Բարի օր,
Յիշենք ինչ գրեցի ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանի հանդէպ նրա դաշնակից Ռուսաստանի եւ միւս երկրների անտարբեր վերաբերմունքի մասին: Երեկուայ լուրերով տեղեկացանք Ռուսաստանը Ադրբէջան-Կոչուածին տրամադրում է C-300 համակարգեր: Սրանք Միջ-ցամաքային հրթիռների դէմ պաշտպանական հրթիռներ են: Ուրիշ տեղեկանքով, այդ հրթիռների տրամադրումը Ադրբէջան-Կոչուածի՝ սուտ է, կամ՝ իրականութեանը չի համապատասխանում:
Շրջափակուելիք Իրանն ու շրջափակուած Հայաստանը, յուսամ, իրար լաւ կը հասկանան:
Ռուսաստանում ողջ եւ մեռած հայերի դէմ հալածանքներ են կատարւում, Ռուս իշխանութիւնները հարկ եղած միջոցները, խստագոյն հետապնդումները չեն կատարում: Հայաստանին սպառնացող Ադրբէջան-Կոչուածին արդիական զէնքեր են տրամադրւում: Մի կողմից կարող ես մտածել սրանք Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ պատիժներ են Ռուսաստանից, մեկ էլ մտածում ես սա Ահմադի Նեջադին դէմ առնուած զգուշացման քայլ-սպառնալիք է, քանի որ վերջինս սկսեց յանդիմանել ռուսներին ուրբաթօրեայ քարոզներում: Ինչեւէ, ԱՄՆ-ի ճկոյթ մատն է խառն այս ամէնի մէջ. նա էր Ռուսաստանը անխոնջօրէն համոզողը, որ մասնակցի Իրանի դէմ պատժամիջոցների խստացման համար:

Ինձ անհանգստութիւն է պատճառում ռուսների այն ամրացած համոզմունքը, իբր հայերը ուզեն թէ չուզեն մնալու են Ռուսաստանի ստորադաս «դաշնակիցը»:

Ստորեւ ասելիքս որեւէ մեկին մեղադրանք չէ: Հայկական վաւերագրական ֆիլմերում տեսնում ենք այս կամ այն գիտնականը մեծ ներդրում է ունեցել Սովետ գիտութեան, ռազմական արհեստագիտութեան զարգացման գործում: Վերոյիշեալի առթիւ մտածում ես, թէ այդ զինական արհեստագիտութիւնը այժմ վայելելու են թուրքերը, մանթաշովների փորած նաւթահորերի դրամով:
Ուրեմն. սիրելի հայեր, որքան կարեւոր է ունենալ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱԶԱՏ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, որպէսզի հայը չհերկէ ուրիշի արտը:
Որքան կարեւոր է լինել հայամէտ, փոխանակ լինելու ռուսամէտ, ֆրանսամէտ կամ իրանամէտ:
Հայամէտ լինելու համար հարկաւոր են լաւ մարդիկ, ովքեր հաստատելու են հայկական ուժեղ պետութիւն: Դժուա՞ր է գտնել:

Tigris
02.08.2010, 14:49
Աստուծոյ անունը կարեւոր չէ ինչ է, ինչպէս կը հնչուի:
Մահմեդական մեր եղբայրները աստուծոյ անուն կը համարեն միայն «Ալլահ» բառը, որն անթարգմանելի է: Մնացեալ անունները՝ ուրիշ ազգերու լեզուներում, կը թարգմանուեն «իլահ» («դիք») եւ այլ պատկառելի եւ անպատկառ անուններով: Վասնզի Ալլահի սիրեցեալ եւ վերջին մարգարէի լեզուով՝ արաբերէնով իջան երկնային կամքի սրբազան արձանագրութիւնները, Ղուրանը:

Միաստուածութեան գաղափարը առաջին անգամ Հին Եգիպտոսի մէջ ընդունում գտաւ, ինչքան գիտեմք: Փոյթ չէ թէ անունը Ամոն էր կամ Մնացական: Կարեւորը միաստուածութեան գաղափարն է, որ առաջին անգամ պետական ճանաչում գտաւ, որպէսզի աստուածները իրար չհակասեն: Մեկ նախարար կրթութեան... չի կարող լինել երկու իրար հակասող նախարարներ. մեկ նախագահ, մեկ Պատրիարք, մեկ հայր: Խօսքը մեկ պէտք է լինի, զիշխանութիւն մեկին պէտք է պատկանի:

Սակայն աստուծոյ խօսքը մարդկանց բերաններում, նոյն գրքում եւ տարբեր գրքերում արդէն դարձել է բազմիմաստ եւ իրար հակասող, ինչի պատճառով միաստուածութեան գաղափարի արարումը դարձել է անիմաստ:

«Պապաս այսպէս ըսաւ»
Աշխարհի ամենասարսափելի մարդկային ոճիրները գործուած են «Պապայի կամքի թելադրանքով», եւ մարդիկ այսպիսով՝ Պապա-աստուծով են արդարացրել իրենց քստմնելի ոճիրները:
Վասնզի նրանց է տրուել բջիջային անխափան կապ Աստուծոյ հետ, եւ ոչ ուրիշներին, հետեւաբար նրանք են միայն իմացել աստուծոյ կամքի թելադրանքը, թէ ո՛ւմ կարելի սպանանել, ո՛ր երկիրը կարելի է նուաճել, ո՛ւմ մարդկային արժանապատւութիւնը կարելի է պղծել:

Լեզուի Ժողովրդական Տեսչութիւն անունով մի կազմակերպութիւն է առաջացել, բռնելու համար տեղը անշարժութեան եւ անդամալուծութեան մատնուած Լեզուի Պետական Տեսչութեան: Վասնզի ըստ բազմաթիւ ականատեսների վկայութեան, Տեսչութիւնը Պետական չի տեսնում Լեզուի մասին օրէնքի խախտումը: Ուրեմն ինչի՞ համար է օրէնք ու օրէնսդրութիւն, Խորհրդարան ու խորհուրդներ: Թող լուծարեն ու երկիրը ղեկավարուի մի անձով, որպէսզի գանձարանից օգտուող ձրիակերները քչանան:

Հայերէնի հանդէպ ոտնձգութիւնների մասին դարեր շարունակ խօսուել է: Խօսուել է Անկախ Հայաստանի տարիներին եւս: Անտարբերութեան եւ օտարասիրութեան ահռելի գիտակցութեան հասած մեր ժողովրդից այլ բան չի կարելի սպասել:

Մի քանի օր առաջ մի բարեկամ ասաց. «Եթէ անգլերէն գիտնայի այլեւս հայերէն չէի խօսեր»: Այս նախադասութիւնը հնչեց համացանցում տեղ գտած կայքերից օգտուելու մասին զրոյցի ընթացքում:
Հարցրի թէ ինչո՞ւ,- «Տես ազգիդ ղեկավարները ինչպիսի մարդիկ են»:
«Այդ քու չգիտցած անգլերէնդ աշխարհի ամենազզուելի լեզուն է, ամենահասարակ մարդոց գործածած լեզուն, ու հայախօս չես եղած քանի որ Ազգային Իշխանութեանդ անդամները հայերէն կը խօսին»,- պատասխանեցի:

Ես էլ չափազանցեցի՝ վիրաւորուելով բարեկամիս օտարասիրութիւնից: Սա արդէն օտարասիրութիւն չէ, ինքնամերժութիւն է: Շարունակեցի. «Օր մըն ալ անգլիացիներէն կը զզուիս, կ’անցնիս ֆրանսերէնին, ու ֆրանսացիներէն զզուելով կ’անցնիս սպաներէնին»: Ժպտաց:

Tigris
14.08.2010, 03:12
…Հայաստանեան կարգ մը լրատւամիջոցներ արձակուրդի գացած են. յատկապէս ազգայնական մամուլը: Մինակ կը զգամ «պատերազմի դաշտին» մէջ...հետս կռուող զինակիցներ չկան:

Գիշերուայ ուշն է, քունս փախցուց աշխարհի հետ ունեցած քէնս: Կը գրեմ ընդհանրապէս երբ խիստ բողոքական եմ: Սակաւ կը պատահի ցանկութիւն գրելու, երբ գոհ եմ առօրեայէս, դէպքերու ընթացքէն եւ ապագայի հանդէպ հաւատքէս:

Հազար ինն հարիւր 15ին, քայլող կարաւանները սրտակից էին իրենց վիշտով: Հիմայ հայութիւնը սրտակից չէ իրար:

Գլենդէլի մէջ սատանայապաշտ մը ջարդեր է սքանչելի նորակերտ խաչքար մը: Աւելի գեղեցկացաւ եւ հինի տպաւորութիւն թողուց: Թող ջարդեն, ինչքան կարեն, մեր գեղեցկութիւնները ջարդուած ու քանդուած լինելով են յայտնի: Մեկն ալ աւելացաւ:

Աբդուլլահ էֆենդին կ’ըսէ՝ մօտ է գարունը: Ուրիշ տեղ մը կ’ըսուի՝ Մեդվեդը պիտի վերջակէտ դնէ: Ամէն մեկը իրեն կը վերագրէ հազարամեայ խնդիրներու հանգուցալուծումը: Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի նախագահները մի քանի անգամ «աւարտած է» ըսին, Իրաքի պատերազմի մասին: Երբ սպասող հանրութիւնը հարց կուտայ իր ղեկավարին, կամ քաղքիկական գործիչին, ան ալ կը պատասխանէ՝ թէ հաց չկայ, բլիթ կուտենք: Ինչքա՜ն դիւրին է իրենց համար միլիոններու ճակատագիրին հետ խաղալը: Յոյս տալը քաղաքական գործիչին անսպառ դրամագլուխն է, անհատնում պահուստային «վառելիք»ը:

Թուրքիա կոչուած երկրի հայութիւնը «պատանդ է»,- կ’ըսեն: Մինչ ստիպուած չէ պատանդ լինել: Անոր գլուխը, պետարքան, կրնայ ըսել՝ մեք մեկ ազգ ենք ու հայութիւն: Թէ չէք յարգեր բովանդակ հայութիւնը, անոր ապրելու եւ շնչելու իրաւունքը, մենք ալ չկանք քո բեմադրած թեատրոյի մէջ: Ի՞նչ կըլլայ: Պիտի ըլլա՞յ աւելին, քան ինչ եղաւ անապատը մինակ մնացած երախաներուն: Թող բոլորս ալ կոտորուինք եւ վերջանանք, ազգովին, եթէ այս է մեր նորօրեայ քաղքենի քաղաքականութիւնը, զոր կոչուի վախ:



Թուրքը կրցաւ պառակտել եւ մեզ դարձնել թուրքի հայ, ռուսի հայ, չգիտեմ ինչի հայ, անթալիայի հայ, բոդրումի հայ, ղարաբաղցի...:



Մի քանի օր առաջ բեխաբար քախանայ մը կը խօսէր եւ հայ աւետարանական եղցին «քոյր» չէր համարեր: Միթէ ան տեղեակ է սփիւռքահայութեան այդ հատուածի թւի, քանակի եւ նիւթաբարոյական կարողութեան մասին: Եւ թէ ի՜նչ ներդրումներ կը կատարուին Հայաստանի Հանրապետութան մէջ անոնց միջոցաւ: Անոր համար քոյրն ու եղբայրը ասորի եւ ղպտի եկեղեցին է: Տեղեակ չէ, չի գիտեր: Հայախօս, հայանուն հայարիւն հայերը քոյր ու եղբայր չի համարէր, մինչ 1700 տարի առաջ եղբայր հռչակուած, սակայն դարերու եւ մղոններու հեռաւորութեամբ անջատուած այլազգիները քոյր ու եղբայր են: Ահա թէ ուրկէ կուգայ մեր պառակտուիլը, պատառ պատառ դառնալը: «Եթէ մեկ ազգ ենք ուրեմն մեր բոլորը մեկ փադիշահի պէտք է խոնարհի» ասաւ քահանան: Աւատապետական մտայնութիւնը հայ ազգայնականութեան թշնամին է:

Աւետարանականութիւնը (պորտըստանները) մեյ մը մտեր են մեր ազգին մէջ, անոր դէմ պայքարիլդ անիմաստ է, Առաքելական եղցի: Եթէ վիրահատես, մարմնէդ զգալի հատուած մի միսի կտոր դուրս կուտաս:

Օր ցերեկով Արցախի հայաբնակ հողին վրայ ուռուսներու համար եկեղեցիի շէնք կը տնկուի, հանդիսաւորութեամբ, եւ նոյն պահուն աւետարանական հայերը չեն ողջունուիր:

«Հասցէ եւ կենտրոն չունի» ըսուեցաւ: Թերեւս ճիշտ է, քանի որ ժողովրդական եկեղեցի է: Կիրակի օրերը, երբ Կիրակոսը տունն է, քիչ մը եկեղեցի կերթան, քիչ մը ոտքի կը կանգնին, քիչ մը կը նստին, հայերէնով ուրախ եւ զուարթ երգեր կերգեն, վերջն ալ եկմալեանի եղանակով՝ «Հայր Մեր»: Ձեր կշիռքով ուրիշները չէք կրնար կշռել: Օտար կենտրոններու գործակալ ըլլալու հաւանականութեան կապակցութեամբ, անշուշտ մտահոգիչ է: Բայց եկէք չխօսինք եւ չկշռենք թուացեալ հայակենտրոնութեան եւ թուացեալ հասցէ ունեցողներու մասին:

Անգամ մը եւս յիշենք, որ Թալեաթը սատկեցնողը բողոքական հայ էր: Ֆեդայիներու մէջ կային ֆրանկ սահակներ: Կայր ժամանակ, երբ մխիթարեանները կը հալածուէին առաքելականներէն: Այդ ապուշութիւններու օրերը անցան-գացին, բայց երեւի նոր մուտք կը գործեն քրիստոնէութեան նոր ծանօթացած սովետահայ մեր եղբայրներու միտքերուն մէջ:

Գրառումներէս գիտեք որ ես ոչ այս կողմէն եմ ոչ ալ այն: Ես միշտ բողոքող եմ: Բոլորէն:

***

Դէպքերը այնքան արագ կը թաւալին, որ չես հասցնէր մտածել, վերլուծել, դիրքորոշուիլ: Այդ պատճառով արագ դէպքերով դիրքորոշուիլը պահ դրած, կը դիրքորոշուինք հազարամեակներու պատմութեամբ, ու հարց կուտանք «Օտար լեզուով կրթութեան» հակառակող հայութեան, թէ՝ ե՞րբ պիտի հրաժարիս ռուսաբանութիւններէ, ակաձեմիաներէ, ինֆորմացիաներէ եւ կոռուպցիաներէ: Մի՞թէ քո լեզուն, հայս սիրելի, արդէն օտար լեզու ջամբող կրթարան չէ:

Մի քանի օր առաջ տղուս ըսի՝ երկու բառին մէջ «հա» մը մի՛ դնէր: Լաւապէս մտածէ ըսելիքդ, յետոյ փամփուշտի պէս արձակէ խօսքդ:

Հայաստանի Անկախ եւ նոյն ժամանակ Ազատ Հանրապետութեան արբանեակային հեռատեսիլի կայաններէն ամէն օր 3էն 4 հազար «հա» կը լսեմ: Խօսողը, իր բառ որոնելով գտնելու դանդաղկոտութիւնը եւ ապ ուշութինը կը քողարկէ՝ դիմացինին վերագրելով անոնք, եւ հարց կուտայ իր դժուարախօսութեան դադարներուն- հա՞: Այսինքն՝ հասկացա՞ր այ դեբիլ, ուղեղիդ մէջ մտա՞ւ: Կամ՝ հասկացա՞ր բալես, թէ ինչի մասին եմ խօսում, հա՞, եղա՞ւ, շարունակե՞մ՝ եթէ հասկացար:

Tigris
20.08.2010, 20:01
Երեկ օրաթերթիս մէջ (ԱԶԴԱԿ) հետաքրքրական լուր մը կար: Լուրը չհաստատեցի այլ աղբիւրէ, քանի որ կարելի էր: Տարիներ առաջ, իսրայէլեան ջոկատ մը յարձակեցաւ Թունուզ տեղակայուած պաղետինեան նշանաւոր ղեկավարի մը բնակավայրը ու սպանեց զինք: Երեկուայ լուրին մէջ, իսրայէլեան ջոկատը յարձակեր է Իրանի հարաւ արեւմուտքը բնակող պարսիկ գիտնականի մը բնակարանը, եւ սպանած է զինք, ընտանիքին անդամները (կին եւ երկու երեխայ) եւ հիւր մը: Պարսիկը, առանց օդաչուի օդանաւ հնարող եւ ստեղծող գիտնական մ’էր:


Դաձեալ մի քանի օր առաջ, ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան եւ cowboy-ի առոգանութեամբ խօսող Ջոն Բոլտոնը ազդանշան տուաւ (http://www.worldtribune.com/worldtribune/WTARC/2010/me_iran0785_08_16.asp)Իսրայէլին՝ խրախուսելով զայն, որ մինչեւ 8 օր պայթեցնէ Բուշեհրի ատոմակայանը, քանի որ ութ օր ետք Իրանը հարստացուցած պիտի ըլլայ ուրանը, հետեւաբար այդ ժամանակ ուշ պիտի ըլլայ որեւէ կանխարգելիչ միջոցառում մը կիրարկելը: Զի Իրան միջուկայն զէնք ունեցող երկիր պիտի ըլլայ:


ԱՄՆ-ի վարչակարգերը ահաբեկչութեան դէմ կանխարգելիչ ու պատժիչ արշաւանքներ կը կազմակերպեն, տարածելով իրենց կռուող ու մարդ սպանող մեքենաները ծովերէն ու ովկեաններէն անդին: Կ’արդարանան, թէ պիտի չի սպասեն որ թշնամին գայ ու իրենց տան մէջ ահաբեկէ իրենց, հետեւաբար, ահաբեկչութեան որջերը դեռ ահաբեկիչներ չուղարկած,- ամերիկեան բառապաշարով,- պէտք է ոչնչանան եւ չորանան իրենց ճահիճին մէջ իսկ:


Մեր վրայ, հայերուս հայաստանաբնակ, ամէն օր սպառնալիք եւ կրակ կը թափուի ահաբեկիչ երկու երկիրներէ: Մենք ի՞նչ կանխարգելիչ միջոցառում կը տեսնենք, որպէսզի ապագային անոնք մեր վրայ լայնածաւալ ու մեծ վնաս պատճառող յարձակում մը չգործեն: Ոչինչ:
Մեր դաշնակից Ռուսաստանը ի՞նչ խրախոյս կուտայ, որպէսզի ոչնչացնենք հաւանական թշնամական լայնածաւալ գործողութիւն մը: Ոչինչ: Եւ ամէն օր, քսանէն հարիւր գնդակոծում դէպի հայկական դիրքեր:
Մեր դաշնակիցը փոխանակ մեզ խրախուսելու, որ վերջնականապէս ընկճենք թշնամիի յոխորտացող պատերազմասիրութիւնը, C- 300 կոչուած հակահրթիռային եւ հակաօդանաւային զէնք կուտայ անոր, պաշտպանուելու համար հայկական պատժիչ հաւանական գործողութիւններէ:
Այսինքն, մենք զմեզ կրնանք պաշտպանել Մուղանի դաշտին մէջ, սակայն Բաքուն գրաւել եւ օձը գլուխէն բռնել չենք կրնար:
Բայց չէ՞ որ Բաքուն անսպառ սպառնալիքի աղբիւր է Հայաստանի Հանրապետութեան համար, եւ դեռ չստացած իր ստանալիք C-300-ը, յարձակումներ կը գործէ Հայաստանի հանդէպ: Հապա եթէ ստանայ ու աւելի զօրանայ, ո՛վ գիտէ ի՜նչ սրիկայութիւններ պիտի գործէ:

Tigris
21.08.2010, 12:17
43 աստիճան տաքութիւն, անքնութիւն: Չէ, ես պէտք է չուեմ հիւսիս:
Նախորդ գրառմանս մէջ քանդեցի Բաքուն, այրեցի նաւթահորերը: Յետոյ յիշեցի սոյն երգի բառերը.

Ստամբոլը պիտի լինի արեան ծով
Ամէն կողմից կռիւ կսկսի շուտով...

Կային երջանիկ ժամանակներ, երբ գրառումներիս մէջ տեղ չէր գտներ «թուրք» բառը: Մոռացել էի: Թուրքը յիշեցուց՝ Խաչքար ջարդելով, Հայաստանի վրայ կրակելով: Թող խաղաղութիւն լինի, ոչ ոք կարող է գերադասել կռիւը խաղաղութիւնից: Բայց խաղաղութիւն սիրողները, ինձ նման, սիրում են երկարատեւը, ամուրը: Ի՞նչ անել երկարատեւ խաղաղութեան համար, եթէ ոչ վերացնել խանգարիչ «հանգամանքները»:

Խաղաղութեան համար ուժերի հաւասարակշռութին է պէտք: Ահա օրինակ՝ թուրքը չպէտք է նեղի հային, այնքա՛ն, որ վերջինս լիապէս յանձնուի ռուսական պաշտպանութեան:

Հակադրութիւն է, կարծես, թուրք-ռուս անգիր համաձայնութիւն– «Դու վախեցրու հային, հայը կգայ իմ մօտ»: Անտեսե՞նք՝ սիրալիր շփումները, միլիարդների հասնող առեւտուրը, զէնքի վաճառքը, ռազմավարական գործակցութեան մասին խօսքերը, թէ՛ ռուս, եւ թէ թուրք դիւանագէտների լեզուով:

Սա էլ ռուսական «կոմպլիմենտարութիւն» է, երեւի, բոլորի հետ «ռազմավարական դաշնակից», եւ այժմէական շահերի համար ապագայի մթագնում՝ ոտնակոխ անելով փոքր ազգերի զարգացման հնարաւորութիւնը:

Ռուսները անհաւասարակշիռ ժողովուրդ են, տարւում են վերացական գաղափարներով ու քանդում դարերով իրենց կերտածը: Վերջին հարիւր տարիների ընթացում երկու անգամ ինքնաքանդեցին:
Չեն իմանում ի՞նչ են ուզում. ինչպիսի՞ պետութիւն ու հասարակական կարգեր:

Մի օր էլ մի նոր Լենին կգայ, ու կքանդի եղածը, ինչպէս քանդեց Գորբաչովը: Անշուշտ չեմ ափսոսում, որքան ափսոսում եմ ռուսական անփոփոխ այն քաղաքականութեան համար, որն ուղուած է հայերի հանդէպ՝ Հայաստանն առանց Հայի:
Ընթերցի՛ր «Ասլան Ստեփանեանի Յուշերը» յուշագրութեան վերջին գրառումս՝ «Վասպուրականի մեծ գաղթը» վերտառութեամբ: Ռուսները գնում-գալիս են, ճակատը թողնում հեռանում են մի երեք-չորս անգամ, մինչեւ որ Վասպուրականի հայերը լքում ու հեռանում են կովկասներ ու այլուր, այդ ընթացքում, անվերադարձ թանկագին ժամանակում, հայ կամաւորներից ու ռուսներից յաղթուած խալիլ փաշաները գնում են արեւմուտք ու հանգիստ կոտորում են Տուրուբերանի ու Բարձր Հայքի հայերը, ովքեր ռազմաճակատին մօտ են, միւսներին էլ քշում են անապատները որպէսզի հալուեն, մաշուեն ու ի վերջոյ կոտորուեն: Այս ընթացքում հայ կամաւորական զօրքերը ռուսական հրամատարութեան (քաղաքական վերնախաւի) հրահանգով պարտադիր հանգստանում են՝ ամիսներով:

Այս դասերից ելնելով մտահոգւում ես Հայաստանում գտնւող ռուսական զօրքերի առնչութեամբ: Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ պատերազմ լինի, ումի՞ց պիտի ստանան պատերազմել-չպատերազմելու հրահանգը: Մոսկվայի՞ց, թէ՞ Երեւանից:
Ասլան Ստեփանեանը պատմում է վասպուրականցի գաղթականների թշուառ վիճակը, հիւանդութիւնների պատճառով մահացածները, երկար ճանապարհը, քրդերի յարձակումներն ու գետն ընկնողները:
Անշուշտ վշտալի է, սակայն համեմատութեան եզրեր չկան անապատ քշւող հայերի վիճակի հետ: Այնտեղ քշւողները ընտանիքներ չեն այլեւս. այրերը վաղուց տարանջատուել ու կոտորուել են: Մենակ կանայք, երեխաներն ու քայլելու կարող ծերունիներն են: Այնտեղ չկան հսկող հայ կամաւորներ. կան խարազանող թուրք ասկեարներ եւ ամէն կայանում ու հանգրուանում յարձակող քուրդ-թուրք-չեչեն չեթէներ: Այնտեղ չկայ յոյսն ապրելու, որ պիտի հասնեն ապահով վայր:
Մի բան էլ նկատեցի, Ասլանի պատմածից, Ռուս հրամանատարութեան կարգադրութեան կապակցութեամբ: Կամուրջից անցնում են ռուս զօրքերը, յետոյ հայ կամաւորները, յետոյ ժողովրդին թոյլատրւում է անցնել, ինչի պատճառով ենթարկւում են քրդերի յարձակումին ու զոհեր տալիս:
Սրտցաւ մի հրամատարութիւն, ազգից ու ժողովրդից դուրս եկած մի հրամանատարութիւն այսպիսի կարգադրութիւն չի տեսներ:
Այս առթիւ յիշենք Գետաշէնի ինքնապաշտպանութիւնը, որ կատարուեց հայ ազատամարտիկների շնորհիւ: Չթողին, չլքեցին, չհեռացան մինչեւ ժողովուրդը ապահով դարձաւ: Անշուշտ այնտեղ էլ զոհեր պատահեցին, սակայն ոչ Բերկրիի կամուրջից անցնող ու քուրդ հրոսակներին ենթարկուող վասպուրականցի հայերի զոհերի նման:

Tigris
24.08.2010, 20:06
Հերոսական Մուսալեռցիները ընդունեցին Հերոս Արցախի նախագահութիւնը:
Հայութիւնը ճանաչում է ԼՂՀ:

Tigris
24.08.2010, 22:36
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Ֆրանղուլիսը կը սիրէ հայերը, ըստ անոր: Ես ալ կը սիրեմ Հելլադան: Բայց ի՞նչ կապ ունի հայերը սիրելն ու Նատոյին անդամակցիլը: Իբր իր երկիրը կրնայ սատարել Հայաստանի անդամակցութիւնը, եւայլն:

Երկրորդ Աշխարհամարտին, Նացի Գերմանիային դէմ արժանապատիւ դիմադրութիւն ցոյց տուող Յունաստանի հպարտ որդիները արժանի էին ազատ եւ ինքնիշխան երկիր ունենալու: Ունեցա՞ն:

Անդամակցեցան կառոյցի մը, որ հաճէպ իր շարքը ընդունեց նոյն Նացի Գերմանիոյ մտերիմ երկիր մը, որ ջնջեց սրբեց յունական Անատոլիան, Իսաւրիան, Պոնտոսը, Կապադովկիան, Բիւթանիան եւ Լիդիան:

Այդ կառոյցը ընդունեց այդ երկիրը,- որ ոչ մեկ կապ ունի Նացի Գերմանիոյ դէմ աշխարհի պայքարին հետ,- միմիայն որպէսզի չթեքի Կարմիր Աշխարհին կողմը:
Այսպէս է եղած Ֆաթմայի հալը: Միշտ սպառնացեր է թեքիլ այս կամ այն կողմը՝ իրեն ձգելով (քաշելով) բոլորին:

Tigris
25.08.2010, 16:42
…Սիրտս գրել կուզէ: Կը ներէք, ձեզ դարձեալ պիտի ձանձրացնեմ անկարեւոր եւ կարեւոր բաներով:
…Գիտէինք, այդուհանդերձ թարմացրինք մեր տեղեկութիւնը, թէ վտանգաւոր է Թուրքիոյ քաղաքացի լինելը թլիփով: Ուստի, առա՛ջ, դէպի ղասաբ-բաշու դուքանը:
…Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ հաւակնող մի Թուրքիա՝ նրա փոխ վարչապետի համոզումով, մարդիկ պէտք է լինեն անթլիփ:
…Բանն այն է, որ բազմաթիւ հայեր կարող են զրկուած լինել իւրեանց թլիփից, տուրք տալով վախին եւ սին սովորութեանց, յարմարուելով տեղին եւ ժամանակին, հետեւաբար ի՞նչ միջոց պէտք է, որ ի գործ դնեն, հաջի էֆենդի փոխանը վարչապետի, ջոկելու համար քուրդ «ահաբեկիչը» հայ «ահաբեկիչից»:
-,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,--,-
…Արցախ-Հայաստանի նախագահի այցը Լիբանան, ինձ յիշեցնել տուաւ Ադրբեջան-Կոչուածի ցաւագար գազազելը, ամէն անգամ, երբ մի օտարերկրացի պաշտօնեայ այցելում է Արցախ: Վասնզի դա համարւում է կեղծանուն Ադրբէջանի սահմանների բռնաբարում: Քանի որ Արցախը համարում են ադրբէջանական, ուրեմն պէտք է Բաքուից առնել, կամ վերցնել հրաման, յետոյ մտնել Արցախ:
…Ես գիտեմ բազմաթեւ սփիւռքահայեր, ովքեր քանիցս բռնաբարել են Ադրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը՝ այցելելով Արցախ: Ուստի, եթէ չի ձանձրացել, թող շարունակի համարել Արցախը ադրբէջանական (իմա՝ թուրքական) հող, ամենայն դէպս սփիւռքահայերն ու հայերը, ընդհանրապէս, շարունակելու են անցնել այդ սահմանը, որ էապէս սահման էլ չէ այլեւս:
…Արցախի նախագահի այցը Լիբանան, պատգամ է փոխանցուած բոլորին, որ հայութիւնը մեկ է, իր քաղաքական կամքով, ժամային բոլոր գօտիներում: Թող ինչքան ուզեն չճանաչեն, խնդիր չկայ, քանի որ Արցախը իր պետական ու ժողովրդական ներկայացուցչութեամբ, ճանաչող ունի իւրաքանչիւր հայի սրտում, որի տուներն ու գործատեղիները Արցախի դեսպանատուներն ու հիւպատոսարաններն են արար աշխարհում:
…Զարմանալի են մեր հարեւանները՝ իրենց պահանջներով, քանի որ դեռ ճամբայ ունինք, ու պիտի հասնինք:
,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,: ,:,:
…Երբ մեկը յուսախաբ է անում, նրանից խլում են վստահելիութիւնը. կառքը, կամ աւտոն վարելու իրաւունքը, կառավարելու իրաւունքը: Քանի՞ անգամ պիտի խփես կառքը, մեքենան, աւտոն, ինքնաշարժը: Դու վտանգում ես հասարակութիւնը քո ձախ գործով:
…Քանի՜ վերլուծաբան, քաղաքագէտ, մասնագէտ ու թուրքագէտ,- յիշո՞ւմ էք,- ասում էին «Մինչեւ Ապրիլը»: Ո՞ր ապրիլը: Նրանք նման են սրինգի, փչում ես, նուագում է:
…Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական ու կիսապաշտօնական կառոյցները դէմ են արտայայտւում, հակառակում են Աղթամարում կատարուելիք թուրքական հանդիսութեան մեծաթիւ հայկական ներկայութեան: Միանգամից ազգայնական, հայրենասիրական ու արժանապատիւ կեցուածք դրսեւորեցին հայ քաջերը:
…Որովհետեւ թուրքերը նրանց բանի տեղ չեն դնում: Մի հրաւիրատոմս էլ չեն ուղարկել: Վերջին պահին, գուցէ, բերանի ծայրով մի հրաւէր կարող են շնորհել, այն ինչին, որ կը կոչուի Հայոց Պետութիւն:
…Ես ուրախ կլինեմ, եթէ իսկապէս մեր հայերը հասկացել են թուրքական խաղերը եւ Թուրքիան իր էութեամբ: Թուրքիան չի հանդուրժում հայկական կազմակերպուածութիւն՝ մարմնաւորուած պետական, քաղաքական, կազմակերպական կամ կուսակցական էութեամբք, որք կարող են առաջ տանել հայութեան ծրագիրները: Թուրքիայի համար սրտամօտ ու հանդուրժելի են լոկ քաղաքականութեան մէջ թերաճ հայեր, թեթեւսոլիկ հայեր, որոնք դեռ կարող են շոյուել սուլթանի մի ակնարկից, կամ նրա փէշին քսուելուց:
Վերջապէս ես չեմ հասկանում, թէ ի՛նչն է հետաքրքիր, ներկայ լինելով պատմութեան կեղծարարների մի թանգարանում, ուր վխտում է քեմալի սըֆաթը եւ օսմանեան դրօշը:
Առանց քեմալի եւ օսմանեան դրօշի, առանց պատմութեան կեղծարարների թանգարանի՝ սիրուն է Աղթամարը, Վասպուրականի խնկելին:

Tigris
25.08.2010, 22:18
Սանկ լաւ լուր մը ստանալ չկայ, մեկը միւսէն սիրտ ճմլող: Ծաղկաձորի մօտ ուրարտական հնավայրի վրայ խաղատուն, որպէսզի փողով յղփացածները սնանկանան. 30000 հաշուող Մարտունիի համայնքը ջուրից զրկել, որպէզի հոսանք ստեղծուի, եւ ինչ-որ բաժնետէրեր փող աշխատեն:

Tigris
26.08.2010, 12:28
,,,Երէկ «Շանթ»ի «Հորիզոնը» դիտեցի: Միայն թուրքերն են որ կարողանում են կապ գտնել՝ հայ-թուրք յարաբերութեան եւ այլ հարցերի միջեւ: Մենք հայերս կապ չենք գտնում, յանձինս արժանապատիւ Աբեղայի: Վասպուրական-հայրենակցականի ղեկավարը փորձում էր Կոնգրեսում անցկացուելիք օրինագիծը մէջբերել, որպէս կապ, չգնալու համար:
,,,Իրողապէս Կոնգրեսի քուէարկութիւնը չորրորդական նշանակութիւն ունի: Թուրքիան փորձում է չեզոքացնել հայկական գործոնը, շրջափակման ենթարկելով հայոց հաւաքական կամքը, պառակտելով, եւ մտքերի շփոթ ստեղծելով: Ահա՛, փաստօրէն եկեղեցին կապ չի գտնում Արցախը Ադրբէջանին տալ ուզող եւ Ադրբէջանի ազգային հարցերը իր ազգային հարցերը համարող Թուրքիայի, եւ Աղթամարում պարզերես երեւիլ ուզող Թուրքիայի միջեւ: Մենք, որ պէտք է փորձենք ցոյց տալ մեր միասնականութիւնը եւ դարերից եկող (Ցեղասպանութիւն) թուրքական հայաջինջ քաղաքականութիւնը աշխարհին,- Արեւմտահայաստան, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակում, Արցախի գծով Ադրբէջանի զաւթողական վայրագութիւնների սատարում,- ընդհակառակը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոտնակոխ անելով գնում ենք Թուրքիա: Այստեղ առաջին եւ վերջին արհամարհւողը հայ ժողովուրդն է իր պետութեամբ: Պետական ազգ լինելնիս չի ուզւում: Պէտք է լինենք ռայա, հօտ, միլլաթ:


,,, «90 տարիների ընթացքում, մեզ առաջին անգամ առիթ ընծայուեց գնալ եւ պատարագ մատուցանել. պէտք է գնանք եւ մեր եկեղեցուն տէր կանգնենք»,- ասուեց:


,,,Ցեղասպանութեան օրերում նկարուած մի լուսանկար կայ: Թուրք պաշտօնեայն մի քանի չոր հացի փշրանք ունի ձեռում բռնած, ու վեր-վեր բռնելով չարչարում է սովահար հայ երեխաներին, ովքեր փորձում են ունենալ այդ հացի փշրանքը, իրենց ձեռքերը մեկնելով նրան:
Ահա այդ հացի փշրանքն է տրւում մեզ եւ մենք շատ թանկ ենք գնահատում, քանի որ 90 տարի չենք ունեցել: Իրողապէս մենք գնում ենք հիւրախաղի, որպէս թատրոն, որպէս դերասանական կազմ, մաս կազմելու Թուրքիայի զբօսաշրջային ու քաղաքական համբաւը փայլեցնող հանդիսութեան՝ հայերի եւ աշխարհի առաջ: Եւ մենք չենք գնում մեր եկեղեցիին տէր կանգնելու, քանի որ մեր եկեղեցին չէ, թուրքական թանգարան է: Ինքնախաբէութիւն է ասել մեր եկեղեցին է, այսպիսով: Ընդհակառակը՝ մենք մեր ներկայութեամբ օրհնում եւ շնորհաւորում ենք Հայաստանի կործանումն ու չկործանած Աղթամարի թուրքացումը, եւ թուրքական թանգարան օծուել-մկրտուելը:


,,,Եկեղեցին քարէ շէնք չէ միայն, այլեւ ժողովուրդը: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի տէր կանգնի Աղթամարի ժողովրդին եւ քարաշէն կառոյցին հաւասարապէս: Պէտք է վերականգնին հայ ժողովուրդի, այն է եկեղեցւոյ իրաւունքները թէ՛ քարէ շէնքով եւ թէ շէնք յաճախող ժողովրդով:
Ի՞նչ տիրութեան մասին է խօսքը, երբ հայոց տէրութիւնը, պետութիւնը բացակայ է:

Tigris
26.08.2010, 13:37
,,,Երէկ «Շանթ»ի «Հորիզոնը» դիտեցի: Արժանապատիւ Աբեղան արդարացնում էր օսմանեան դրօշի «հովանու» ներքոյ պատարագի մատուցումը, քանի որ Օսմանեան եւ Սեֆեան Իրանում հայերը այդ երկու մահմեդական պետութիւնների դրօշներով զարդարուած եկեղեցիներում պատարագ են մատուցել:

,,,Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխատանքային հողից օրինակներ բերեմ, որպէսզի ասելիքս պատկերաւոր եւ հասկանալի լինի:
,,, Ինչպէս գիտենք, զԱստուած արարեց բնութիւնը եւ մարդը: Նա, իր պատկերը դրաւ մարդուս մէջ, եւ իր «պատկերով», էութեամբ, զարդարեց, արարեց, կերտեց եւ շինեց Մայր Բնութիւնն ու նրա կենսագործումը, որի միտք բանին շարունակականութիւնն է՝ մարմնաւորուած ինքնապաշտպանութեան Բնազդով: Աստուծոյ պատկերով արարուած Բնութիւնն ու այդ Բնութեան զարդը՝ մարդը, աստուածային է իր ինքնապաշտպանութեան բնազդով, որպէսզի կատարի Աստուծոյ կամքի թելադրանքն ու պատգամը, որ անմահութիւնն է, ինչպէս անմահ է զԱստուած: Ու այն ինչ որ յաւիտենութեան հակառակ է, Աստուածային արարչական կամքին հակառակ է: Յաւիտենութեան Աստուածային կամքը մահ տանող անփութութիւնններից խորշում է: Ինքնապաշտպանութիւնը Աստուծոյ ԽՕՍՔՆ է:
,,,
,,,Աստուծոյ խօսքը, ինչպէս գիտենք քրիստոնեաներս, մեկ գիրքով է ներկայացուած մեզ, որ Աստուածաշունչն է: Սակայն այդ գիրքը, իր մեկ լինելով հանդերձ, ինչպէս թուրքական եւ օսմանեան դրօշի մեկութիւնը, հիմնական երկու մասի է բաժանւում– Հին Ուխտ (հին կտակարան) եւ Նոր Ուխտ (Նոր Կտակարան): Միացրել են՝ որպէսզի հինը նորի մեկնիչը լինի, եւ նորը հնի լրացնողը:
Հինը նորից սահմանազատողը Քրիստոսն է, Փրկիչը՝ իր վարդապետութեամբ: Եւ այսպէս, մենք, մեր եւ Աստուծոյ յարաբերութիւնը սահմանազատուած ենք համարում Քրիստոսով՝ նախքան Քրիստոս եւ յետ Քրիստոս: Նմանապէս հայերի եւ օսմանեան-թուրքական դրօշի յարաբերութիւնը սահանազատուած է Հայոց Ցեղասպանութեամբ (Համիդեան, Ադանա եւ Մեծ Եղեռն), ուստի չի կարելի մեր եւ այդ դրօշի յարաբերութիւնը, նախքան Ցեղասպանութիւնը, համեմատել յետ ցեղասպանութեան յարաբերութեան հետ: Ինչպէս Քրիստոսը մեծ երեւոյթ է քրիստոնեայ Աբեղայի համար, նմանապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեծ երեւոյթ է հայ իրականութեան մէջ, քանի որ մինչ այդ եղած իրադարձութիւնները նման չէին Հայոց Մեծ Եղեռնին, որ փոխեց մեր ժողովուրդի Աստուածահաճոյ ինքնապաշտպանական կեանքի ընթացքը:

Tigris
26.08.2010, 14:10
http://www.dnforum.am/showthread.php/5686-Մարդկութիւն՝-առանց-սահմանի?p=15784&viewfull=1#post15784

Tigris
26.08.2010, 18:03
,,,Ժամանակին, բարի մարդ մը, իր բարեկամին վարկ կուտայ, անսալով վերջինիս խնդրանքին, որպէսզի վար ու ցանք ընէ եւ լիանայ:
,,,Մի քանի տարի ետք կը հանդիպի ծանօթ հողագործին: Վերջինս թէ՝ ցանքը փճացաւ, մարախը կերաւ, կարկուտ տեղաց, եւն, եւն: Համբերէ, կուտամ պարտքս:- Իսկ այն հարցին, թէ,- «ինչպէ՛ս», կը պատասխանէ-
- Կը տեսնե՞ս հեռուն արածող ոչխարները: Աշնան այդ ոչխարները ա՛յս ճամբայէն կ’անցնին. ճամբուն վրայ փուշ շատ կայ. ոչխարներուն բուրդը կ’անցնի փուշին. կինս կը հաւաքէ. թել կը մանէ եւ ես թելը շուկայ կը տանիմ, կը ծախեմ եւ դրամդ կուտամ:
,,,Մարդը թուլցած խնդալու կը սկսի: Հողագործը կը յարէ-
- Կը խնդաս յա՜, իրաւունքդ գրպանդ եղաւ:
,,,
,,,«Երկիր» հեռուստատեսութեան մեկ հաղորդման ընթացքին, արուեստագէտ մը,- պատասխանելով հաղորդավարուհիի հարցին,- ըսաւ թէ ինք ազգայնամոլ չէ, ազգասէր է, եւ թէ ինք թշնամի չի համարեր թուրք ազգը, եւ օրինակ բերաւ իր ճանապարհորդութիւնը «Թուրքիայի» տարածքով, ուր հանդիպեր է ազնիւ թուրքի մը, որ կը բնակի տունը թուրքին «յանձնած» հարուստ հայի մը տան մէջ, եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի տան բանալին, հօրմէ որդին, միմիայն որ «ամանաթը» (պահ տրուածը) ապահով ըլլայ եւ տանտիրոջ հայի սերունդին վերադարձուի օր մը:
,,,Մեր արուեստագէտը կը հաւատայ թուրքի ըսածին, որ լաւ գիտէ տան տիրոջ ջարդուած ըլլալը, եւ իր ազգին կատարած ոճիրով, բարի մարդու համբաւ կը վաստակէ միամիտ հայ արուեստագէտէն:
Քանինե՜ր, իմ դրացի-հարեւանները, ունին կալուածագիրեր: Ոչ հող տուող կայ, ոչ ալ տուն:


,,,Անգամ մը քիլիսցի թուրք մըն ալ ինծի ըսաւ,- միայն գիտնամ բնակած տունս որո՛ւ կը պատկանի, վալլահի դրամը կու տամ:
Ինքն ալ, ես ալ, գիտենք, որ բնակած տունը որու պատկանիլը մենք չենք կրնար որոշել, հետեւաբար թուրքի աժան քարոզչութիւն համարւող «պարտաճանաչութիւնը», ու տուն վերադարձնելու պատրաստակամութիւնը, կը նմանին արտաքապէս սիրուն սակայն մէջը փուճ խնձորին, որ կը վաճառուի մեզի:
,,,Ինչպէս Թալեաթը, մեկ գիշեր առաջ բարեկամաբար կը վարուէր Գրիգոր Զօհրապի հետ, ու յաջորդ օր անոր գլուխը ուտելու հրամանը կ’արձակէր, նմանապէս բարի թուրքեր կ’երեւին, տուն դարձնելու պատրաստակամ, սակայն նոյն ժամանակ իրենց կազմակերպութիւններուն ու պետական կառոյցներուն մէջ (կուսակցութիւններ, Խորհրդարան, կառավարութիւն, լրատուամիջոցներ) աշխատանք կը տանին ձախողեցնելու թուացեալ հաշտութիւնը, հայ-թուրք յարաբերութիւնը: Տակաւին կը սպառնան այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեանը:
,,,Թուրք ազգը հայ ազգի թշնամին չհամարող հայ արուեստագէտը, եթէ չի գիտէր անցեալն ու պատմութիւնը, արդեօք ներկա՞ն ալ չի գիտեր:

Tigris
27.08.2010, 17:42
,,, Թէ ինչո՛ւ երբեմն արեւմտահայերէն, երբեմն ալ արեւելահայերէն կը գրեմ. մտածեցի: Միտքիս մէջ, եթէ կայ, այն որ կարդացողս արեւելահայ է, ինքնաբերաբար արեւելահայերէն կը գրեմ, եւ ոչ թէ կը դժուարանամ այս կամ այն տարբերակով արտայայտուիլ:
,,, Արդեօք արեւմտահայերէն կարդացողներ կա՞ն: Մնա՞ց մարդկային այս տեսակը: Արեւմտահայ շատ կայ, սակայն արեւնմտահայերէն կարդացող եւ գրելն իմացո՞ղ...
,,,Արդեօք սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ ստեղնաշարով հայերէն գրել կը սորվեցնե՞ն, թէ՞ դասապահերը խճողուած են, ու ժամանակ չկայ մանրուքով զբաղելու: Քիլոներով մատիտ ու թուղթ կայ տանը... Ձմեռնամուտին, աշակերտներուն համար որպէս գրենական պիտոյք, մեկական ստեղնաշար (keyboard) եւ համակարգիչ գնել սխալ չէ: Արդեօք պէտք չէ՞ հայերէնի դասապահին լեզուն ստեղնաշարով գրելը վարժեցնեն:


-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*-*

,,,
,,,Ոմանք, մեր արեւմտահայերէն, արեւելահայերէնի համար կը պատճառաբանեն, իբր անհասկանալի լեզու է: Եթէ խօսքը գրական արեւելահայերէնի գրեալ եւ արտասանեալ վիճակի մասին է, բոլորովին արդարանալի չէ, քանի որ ամէն օր արեւմտահայերէն կարդացող արեւմտահայը, հաստատօրէն կը հասկընայ իբր անհասկանալի գրական արեւելահայերէնը: Իրողապէս, այդ արեւմտահայի՝ արեւմտահայերէնի բառապաշարի, եւ ընդհանրապէս լեզուի տիրապետումն է կաղ, այլեւ ան նոյնիսկ գրական արեւմտահայերէնը դժուար կը հասկընայ, որովհետեւ առնչութիւն չունի անոր հետ, եւ «արեւմտահայերէն գիտեմ» ըսելով նշել կուզէ՝ «խօսակցականը գիտեմ», անոր աղքատ եւ պարզունակ բառապաշարով ու խօսքի ձեւերով:
,,,Սփիւռքի տարածքին, հայաշատ գաղութներուն մէջ, ո՞րքան է ամէնաշատ տպուող թերթի տպաքանակը: Եօ՞թ հարիւր, հազա՞ր: Եւ հրատարակութեան մեծամասնը կը հանգրուանէ աստղերն ու ծանուցումները կարդացողներու ձեռքերուն մէջ: Սեղանիս վրայի թերթը վերցնողներուն մեծամասնութիւնը (երկու հոգի) նայեցաւ աստղերուն: «Ի՞նչ կըսեն աստղերը»: Ո՛վ մարդ, նայի՛ր ինչ կ’ըսեն մտաւորականները, յօդուածագիրները, քաղաքագէտներն ու մշակութաբանները. իմացի՛ր աշխարհի բանը, հասկըցի՛ր շրջող իրադարձութիւնները, գիտցի՛ր ազգիդ վիճակը:


,,,--//--//--//--

,,,Այսօրուայ լուրերուն մէջ, Ահմեդը, Դաւութօղլուն՝ «Սահմանը նոյնիսկ ժամանակաւոր չի բացուելու»:
Ծո քեզի ալ, սահմանիդ ալ անէ՛ծք: Տեղ մը գրած էի, խնդրողի դերի մէջ պէտք չէ ըլլանք: Ասիկա, առաջին հերթին շառաչուն ապտակ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ անոր վարչակարգի երեսին, շրա՛խ:
,,,Ամերիկան էր, որ ուզեց, առաջին հերթին, Թուրքիոյ միջոցաւ մտնել Անդրկովկաս. «հաշտեցնել», հարթեցնել, արդուկել միտքերն ու գլուխները, գիծ բանալ, ճամբայ բանալ, գործել ու աշխատեցնել:
,,,Ամերիկան, յետայսու, որեւէ կարծիք կամ կամք թելադրողի դիրքին մէջ չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ իր հովանաւորեալ շփացած «երախան», թռչունլանդը, այսպիսի խոչընդոտող դերի մէջ է, մարդկութեան ու անոր անսահման յարաբերութեան մէջ: Բրաւո՛ սենյոր Ահմեդ, շատ խելամիտ «զերո պրոբլեմջի» ես:


**--**--**

,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,, ,,,Կուռքերն ու Հայոց Պատմութեան դասերը
,,,Ինչպէս գիտենք, դաստիարակուած ենք, որ Աստուած չի սխալիր, անսխալական է: Նոյն տրամաբանութեամբ, կուռքի վերածուածներն ու դիցերը անսխալական համարելու հակում ունեցած ենք եւ ունինք:
Կը կարծեմ թէ Հայ ժողովուրդի անհայրենիք մնացած զանգուածը, որ մեր ազգի 60 տոկոսէն աւելին է, ,,,իրաւունք ունի քննելու Հայոց Պատմութեան կուռքի վերածուած հերոսներն ու դերակատարները, ովքեր ուղղակի եւ անուղղակի պատճառ հանդիսացան Հայոց Պետութեան թուլացմանն ու կործանմանը:
,,,Ո՛չ թէ պետութիւնը վերականգնել ուզողները, ովքեր ոչինչ ունենալով վաղուց կորսուածը վերադարձնել ուզեցին (դարձեալ քննելի է), այլ՝ եղածը ձեռքէն փախցնողն ու կորսնցնողը:
,,,Ո՞րքան է իտալացիներուն թուաքանակը. ութսո՞ւն միլիոն, հարիւր քսա՞ն միլիոն: Իտալիայէն դուրս 70 միլիոն իտալացի չկայ: Իտալիոյ 90 տոկոս տարածքը ուրիշները չեն բռնագրաւած. իտալացիները կրնան եւ կրցան մոռնալ օտար իշխողներու պատճառած զուլումները (ցեղասպանութիւն չեն), քանի որ համախումբ իրենց հայրենիքին մէջն են: Ջենովա, Ֆլորենցա, Ուդինեզէ, Բոլոնիա, Նեապոլ, Վենեցիա, բոլորը, բոլորը իրենց տեղն են: Ազգային գետնի վրայ այնքա՜ն հանգիստ են, որ սկսան ազգը, երկրային ազգութիւնը փոքրացնել եւ դարձնել քաղաքային ազգութիւն, ճղճիմութեան հասնելով, եւ ահա՛ Հռոմն ընդդէմ Ֆլորենցայի, յանուն սին փառութեան, վասն արձանի Դաւթին, Միքելէ Անջելոյի: Իտալացին թախծելու իրաւունք ունի միայն գեղանի կորուսեալ իտալուհիին համար (Չնայած այս դարուն շատ ալ թախծելու պատճառներ չկան):
,,,Ճիշտ չէ նաեւ մտածել, որ հայոց արքաներն ու իշխանները, նախարարներն ու ազատները, ունեցած են ա՛յն ազգային գաղափարախօսութիւնը, ա՛յն ազգային մտածելակերպն ու զգացումները, զորս ունինք մենք հիմա: Այդ ժամանակ, երբ չկային մշակութային շատ մը արժէքներ, որ ունինք հիմա, երբ դեռ չէինք կրած այն հալածանքները ու չէինք ունեցած այն կորուստները, մարդոց ազգային գաղափարները աւելի նախնական էին, հարուստ չէին հայրենասիրական ու ազգասիրական եւ քաղաքական մտային աշխատանքի արդիւնք գրականութիւնն ու հասկացութիւնները: Ժողովուրդին հասու գրականութիւնը բանաւոր էր: Կը կարդանք հին պատմագիրներու եւ արքաներու գրածները, օրինակի համար, որպէս նմոյշ՝ «Ես, Սալմասարս, Նինուէի Տիրակալը, Աշուրի եւ Բելի ծառան, գացի, կտրեցի, բերի, ջրեցի... »: ,,,Կամ հռոմէացի պատմագիր մը՝ «Տիրանը պատերազմեցաւ Ներոնի դէմ»: Ժողովուրդներու մասին չէ խօսքը, չկան անոնց կամքերը, ազգային նպատակներն ու իղձերը, Երկիրը կը պատերազմի, սակայն մեկ անձի կամքն է թելադրողը: Անհատներն են, եւ այդ անհատներով է պայմանաւոր պատմագրութեան մէջ տեղ գտած ժողովուրդներու եւ ազգերու ներկայի աշխարհայեացքները: Հայաստանի թագաւորն է, հայերու թագաւորն է, սակայն բռնակալ է, -այժմու հասկացողութեամբ անշուշտ,- եւ ինքն է եւ իր աստուածները, իր արարքներու դրդապատճառներն ու մղիչ ուժերը: Մենք որեւէ պատճառ չունինք մտածելու, որ այդ ժամանակուայ արքաներն ու թագաւորները սրտցաւ եղած են ժողովուրդին հանդէպ եւ գիշերը ցերեկին խառնելով մտատանջուած ու աշխատած են ժողովուրդի՝ ազգի անվտանգութեան, բարօրութեան եւ զարգացման համար: Ազգի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնն ու զարգացումը խիստ կապակցուած է իշխող նախարարի կամ թագաւորի անվտանգութեան, բարօրութեան եւ զարգացման հետ: Չկայ արձանագրութիւն մը, ուր ժողովուրդն է որոշողը կամ ժողովուրդի պահանջն է թելադրիչը, այս կամ այն քաղաքականութեան, պատերազմին կամ խաղաղութեան:
,,,Հետեւաբար ոչ ճշգրիտ է տալ «հայրենասէր», «ազգասէր» տիտղոսները: Թագասէր, աթոռասէր, իշխանութիւն սիրող... թերեւս: Այլապէս ինչո՞վ բացատրել Վասպուրականը Սեբաստիայով փոխելը. Տարօնը թողլով Բիւզանդիայի ծառայութեան մէջ մտնելը. Երուանդունիները հարելով Սելեւկեացիներու ենթակայ թագաւորութիւն հաստատելը, որ հետագային, բարեբախտ պայմաններու բերումով, ինքզինք արդարացուց: Ամբողջ նախարարութիւններ, մեծով-փոքրով, արուով եւ էգով բնաջինջ կը դառնային, անոր գլխաւոր նախարարի դաւաճանութեան պատճառով: Դաւաճանութիւն մը, որ այժմեան դաւաճանութիւններուն չի նմանիր, այլ թագաւորի կամքին հակառակիլ կը նշանակէ, վասնզի թագաւորն է երկրի վրայի սկիզբն ու վերջը, օրէնքն ու ժողովուրդը, խիղճն ու ազգութիւնը: Եւ մենք տեսանք Վահեվահեաններու եւ Սլկունիներու ոչնչանալը: Այսօր ասանկ բան չի կրնար պատահիլ: Յաջորդ օրը ամէն համացանցային կայքերը կը տեղեկացնեն, եւ ոչնչացնողը կը խայտառակեն՝ սաստելով եւ անկումը պատրաստելով:
Եւ մենք մեր կռապաշտութեամբ, կուռքեր շինելու հակումով, քառասուն կոյսերը սպանողը, բռնաբարողը, Սուրբ հռչակել կրնանք: Քաղաքական շահը այդ կը պահանջէ, քանի որ ան զղջացած է եւ դարձի եկած, եւ Աստուծոյ խօսքը տարածողի դերին մէջ մտած:

Tigris
31.08.2010, 11:21
Այսօր կանուխ արթնցայ: Թարմ օդով ու ջուրով հաղորդուեցայ: Տաքը անցաւ, մեղմ ու անապակ հով կը փչէ արեւմուտքէն: Մայր մը իր երկու դուստրերով կը քալէր: Բարեձեւ, բարձրահասակ, ձիգ, քնքուշ եւ սիրուն էր առաւօտը: Երեք հոգի «բարիլոյս» ըսին: Չորրորդի մըն ալ ես ըսի: Կը մտածէի, թէ ինչի՞ մասին մտածեմ այսօր: Պատասխանը եկաւ – օրերնիս բարի եւ լոյս: Այսօր որոշեցի պարզ ու յստակ ըլլալ, որովհետեւ բնութիւնս բարի է, զով եւ ջինջ:

Tigris
07.09.2010, 19:26
Մի քանի օր գիւղ գացի: Երբեմն կը լսէի հայերէն: Չկայ հայ մամուլ, հայ հեռատեսիլ:
Մեր քաղաքի մասին յաճախ արտայայտուած եմ, թէ կորուսած է անցեալի բոյրը. այդուհանդերձ, թաղերն ու փողոցները, տուներն ու միջավայրը, խօսակցութիւնն եւ մթնոլորտը հայկական է:
Եթէ ամէն օր հայերէն չընթերցեմ, չլսեմ հայկականը, չտեսնեմ հայկական հեռատեսիլը, օրս օր չեմ համարեր:
Տունի մը պատուհանէն՝ «Մա՛մ»: Պատանի մը, իր մօր կը կանչէ: Ուրիշ լեզուներու մէջ չկայ «պա՛պ», «մա՛մ» բացականչութիւները, թէեւ միջազգային բառեր կը համարուին, այդուհանդերձ երանգը հայկական է: Փողոցը հայ երեխաները հայերէն խօսելով կը քալեն: Ամուսնացած զոյգեր թեւանցուկ կը քայլեն, հա՛յ են, կ’ուզեմ բարեւել, շնորհակալութիւն յայտնել իրենց, քանի որ կան, ու այստեղ օտարութեան մէջ փունջ մը հայութիւն պարգեւեցին ինձի, կը յուզուիմ եւ կը յանդիմանեմ ինձի յուզականութեանս պատճառով, քանի որ, ո՛ւր որ է, այսօր-վաղը, պիտի դառնամ հոծ հայութեամբ բնակուած քաղաք եւ օտարութեան մէջ զգացածս օտարութիւնը մոռնամ, մոռնալով շնորհակալութեան զգացումս, որ ունէի հայութեան հանդէպ, քանի որ կան: Ամէն ինչ «սովորական» կը դառնայ այդժամ:
Որո՛ւ հետ որ խօսած եմ, նոյնը պատմած են: Հայը հայուն օտարութեան մէջ սրտանց ընկեր է, մաքուր բարեկամ է:
Ընկերս Արմենակը, որ Հայկական Տաւրոսի հարաւային լանջերու մեկ հայաշատ քաղաքէն սերած է, Ուքրանիոյ մէջ՝ օտար ամայի ճամբու մը վրայ գաւառական, կէս գիշերին հանդիպած է թիֆլիսեցի հայ կառավարի մը, տաքսիի վարորդ մը, եւ հոգեպէս ու բարոյապէս ապահով զգալով հասած է տեղ, ընթացքին, ինչպէս ի՛նք պատմեց, ինչպէս երբ հայը հայուն կը հանդիպի, կը բամբասեն ուրիշ ազգերու մասին:


*-*-*-*

Ադրբէջանը ՄԱԿի մէջ հակահայկական բանաձեւ պիտի անցնէ: Թերթերը կը գրեն, թէ ո՛ւր են մեր դիւանագէտները, եւայլն: Ամէնամեծ դիւանագէտն ու դիւանագիտութիւնը պատերազմի մէջ յաղթելն է: Այս սորվեցուց մեզի պատմութիւնը, ուր կը կարդանք՝ օտարները եկան, նուաճեցին, հազար տարի հայութեան արիւն-քրտինքը քամեցին, տաճկութիւն շատցուցին ու հիմա թեւ-թիկունք եղած կուզեն հաշիւ տեսնել ազատ եւ իր իրաւունքին տիրացած յաղթած Արցախ-Հայաստանի հետ:
Ապագան ոչ ոք կրնայ գիտնալ: Գուշակել՝ թերեւս: Անիմաստ է խուճապի մատնուիլը:
Վարժ ենք հովանաւոր քեռիի սուրով հաստատած անդորրի բերած թուացեալ խաղաղութեան, որ թաղած է խորը, թուրքի նուաճելու եւ կոտորելու մարմաջն ու բնական-բնազդային քաղաքականութիւնը: Ու հիմա անակնկալի եկած ենք, թէ ինչո՛ւ թուրքը լաւ չէ, ի՛նչ կուզէ մեզնէ եւ հանգիստ չի թողուր:

Պէտք է իմանալ ապրելու եւ կենսագործելու մեր իրաւունքը նուաճել:

Թուրքը հայէն շատ կը վախնայ: Այժմու այն տարածքը, որ պայմանականօրէն կը կոչուի Թուրքիա, անցեալ դարու 16-17-18-19-21 թուականերուն գրաւուած էր հայ, յոյն, ֆրանսացի, անգլիացի եւ ռուս բանակներով: Քեմալը ամէնուն մոռցաւ եւ իր ուժը կեդրոնացուց հայերուն դէմ: Լենին սիրեց զՔեմալ: «Եւրոպացին», «արիացին», «քրիստոնեան», «սպիտակամորթը», «քաղաքակիրթը», թուրքին տուաւ զէնք ու մթերք, քանի որ միւս «Եւրոպացին», «արիացին», «քրիստոնեան», «սպիտակամորթը», «քաղաքակիրթը» կը նուաճէր:
«Եւրոպացիները», «արիացիները», «քրիստոնեաները», «սպիտակամորթները», «քաղաքակիրթները» իրար կերան, ու օգտուեցաւ թուրքը, ու յառնեցաւ Թուրքիան: Ոտքի տակ գնաց փոքր «դաշնակիցը», մեծերու ոտքի տակ գնաց փոքրը:
Մի՛շտ պիտի յիշենք պատմութիւնը: Մենք մեծ ազգ ու պետութիւն պէտք է ըլլանք, որպէսզի անգամ մըն ալ ոտքի տակ չերթանք, որպէսզի անգամն մըն ալ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն չմուրանք:

Tigris
10.09.2010, 16:54
ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻ ՆՄԱՆ ԿԸ ԳՆԱՆՔ, ՈՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻ ՆՄԱՆ ՅԵՏ ԿԸ ԳԱՆՔ


Ինչքան էլ սուր շեշտով ասեմք, թէ մե՛րն է, մենք ենք տէրը, վանեցի ենք ու մշեցի. Ճշմարտութիւնը մնում է, ինչպէս է՝ թուրքական. եթէ ամէն չնչին բանով ուրախանանք, ու մոռանանք իրաւատիրութիւնը:
Թուրքը պէտք է իմանայ, լաւապէս, որ հայկական խիղճը վաճառքի ենթակայ, առարկայ չէ, եւ որ չի կարող բարի կամեցողութեան ցոյց սարքել, հայերի հանդէպ, քրիստոնեաների հանդէպ, մինչ թշնամական շրջափակման է ենթարկել ու ամէն գնող Արցախն ուզում է թուրքացնել:
Պատարագին՝ այդ թուականին մասնակցելու հակառակողները չեն նշում մի կարեւոր հանգամանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումն ու Արցախի ուղղութեամբ թուրք-ադրբէջանական թշնամական քաղաքականութիւն է:
Մենք պէտք է յստակ ասենք ու հասկացնենք, որ Կենդանի ու Ապրող, ապրելու կարիք ու պահանջք ունեցող Արցախ-Հայաստանն ու Հայաստան-Արցախը շրջափակողդ, Հայոց Պետութիւնը նկատի չառնողդ, արհամարհողդ, հայկական գոյութեան միակ գրաւական Հայոց Պետութեան հետ երկխօսութիւն խափանողդ, մի պատարագով չես կարող պառակտել զմեզ ու «բարի վարուց վկայական» ստանալ մեզնից ու արար աշխարհից:
Մենք էլ պէտք է հասկանանք վերջապէս, որ Հայոց Պետութիւնը մեր բոլորինն է. ոչ միայն իշխանութեանն է, այլեւ բովանդակ ժողովրդինն է: Եւ թուրք պետութիւնը խափանելով յարաբերութիւնը, իրողապէս հայութեան հանդէպ իր թշնամութիւնն է ցուցաբերում՝ եւ ոչ թէ միայն իշխող վարչակարգի հանդէպ:
Մենք կարող ենք Աղթամարին տէր կանգնել միայն եւ միայն, միայն եւ միայն, ու միայն, Հայոց Պետութիւնը հզօրացնելով: Հենց այդ պատճառով թուրքը ուզումը է շրջանցել հայոց հաւաքական կամքի այդ բռունցքը, ու հօտի վերածելով մեզ տանել իր կածաններով. ինչպէս Այա Սոփիան դարձել է մումիա, զմռսուած շինուածք. անկենդան քրիստոնէութեամբ, նմանապէս Աղթամարում հայի կենդանութիւնը չի ուզւում, թէկուզ կրօնական հանդերձանքով: Հայութիւնից ուզւում է լինել լոկ թանգարանային նմոյշ, զբօսաշրջային օբյեկտ, իր ու առարկայ, աքսեսուար ու զարդ: Մինչդեռ կուզենայինք վերադառնալ ու ամոքել մեր վէրքերը, շինել ու վերականգնել հայի տունը...գոնէ առժամապէս կղզում:
Ազատամարտիկ լրագրողը ասում է, թէ՝ «2007-ին երբ որպէս թանգարան բացուեց ու Հայաստանի Հանրապետութիւնից պաշտօնատար անձինք ներկայացան, այսքան աղմուկ չբարձրացաւ»:
Ընկեր ջան, բարեկամ,
2007-ից մինչեւ 2010, մօտ մեկ ու կէս միլիոն անգամ թուրք ղեկավարներից լսեցինք, թէ. «Արցախը Ադրբէջանին պէտք է տրուի»: Մենք, ինձ նման սովորական մարդիկ, հաւատում էինք հայրենի պետական այրերի քաղաքականութեան, որ, եթէ մի բան ձեռնարկում են, հարկաւ գիտեն ինչ են անում: Հարկաւ մենք նրանցից աւելի խելօքը չենք: Մտածեցինք՝ առիթ տանք, թող յարաբերութիւններ լինեն, մինչեւ ադրբէջանցի կոչուածների հետ մեր հարցերը լուծենք:
Սակայն ցաւ ի սիրտ, ի յայտ եկաւ որ հայրենի պետական այրերը խօսում էին իրենց ցանկացածը պատկերացնելով, եւ ոչ թէ իրականը նկատի առնելով: Իրականն այն էր, որ թուրքը ոչ մի ձեւով չէր ուզում ապաշխարել: Ապաշխարանքը մի կողմ թող. խանգարում էր Արցախի բանակցութիւններին. սատարում էր Ադրբէջան կոչուածի բանակցութիւններում ու յայտարարութիւններում դիրքորոշումների կարծրացմանը: Արցախը միլիոն հատ Աղթամար կարժէ, քանի որ հայաբնակ է: Հասկանո՞ւմ էք ինչ եմ ասում. Թուրքիան սիրայօժար կը նորոգէ Աղթամարը, կը կազմակերպէ պատարագ ու հանդէս, քանի որ քաջ գիտէ Աղթամարի Թուրքիա լինելը, բայց նոյն ժամանակ թշնամաբար կը վերաբերի Հայաբնակ Հայաստանի Հանդէպ, Արցախ ու Հայաստանի Հանրապետութիւն, քանի որ սրանց գոյութիւնն է իրեն անհանգստացնողը եւ ոչ թէ հայաթափուած Վասպուրականը:
Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնն են, որ կարող են Հայութեան վերադարձնել Աղթամարը, եւ ոչ թէ պատրանքները, աղերսագրերն ու հեռախօսազանգերը:
Ես շատ ուրախ եմ հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան դիրքորոշման համար, քանի որ վերջապէս հասկացանք, որ մեր սոյն պա՜րզ ժողովրդային-զգացական (էմոցիոնալ) պահուածքով թուրք նենգ պետութեան գլխին կանգնողներին կարողացանք զգացնել տալ, որ հայը չի ծախուիր, որ հայ ժողովուրդը վիրաւորուած է. թէ հայ ժողովուրդի ներկային հետ հաշուենկատ ու փափկանկատ վարուել չիմացող պետութիւնը, ո՞նց կարող է նոյն ժողովրդի անցեալին հետ փափկանկատ ու հաշուենկատ վերաբերուել: ԶԳՈ՛ՅՇ, թո՛ւրք պետութիւն. հայ ժողուվուրդը զգօն է:

Վերջապէս թէ՛ մենք եւ թէ՛ թուրքերը պէտք է հասկանանք, որ Հայի Իրաւունքը անքակտելի եւ անտարտղնելի ամբողջութիւն է. չի կարելի մի տեղ, մի փշրանքով զուարճացնել հայութիւնը, մի ուրիշ տեղ հարիւր հազարներին անտուն դարձնել, գաղթական դարձնել ու մի ամբողջ Արցախ աշխարհի բախտը ի վայր շրջել: Վասպուրականը Արցախով է զօրաւոր, Արցախը՝ Վասպուրականով: Հայութեան մի հատուածի նուաճումները նուաճումներն են ամբողջ հայութեան: Արցախը իր լաւագոյն զաւակները նուիրաբերեց Արեւմտահայութեան դատին: Արցախը կայ, Արեւմտահայաստանը հայաթափ է: Արեւմտահայաստանի համար նորից Արցախ է պէտք:

Tigris
11.09.2010, 14:45
Հետաքրքրւում էի Աւետարանական եկեղեցու կազմակերպական կառոյցի մասին: Զրուցակիցս պատմում էր. ես էլ մտաբերում էի հայաստանեան իրականութեան մէջ շրջանառւող լուրերը, իրադարձութիւնները՝ աղանդաւորների գործունէութեան վերաբերեալ: Ցաւալիօրէն մի շարք իրողութիւններ շուաք են գցում եկեղեցու վրայ: Եկեղեցին հազար ու մի թելերով կապուած է աշխարհում գործող ուրիշ ազգերի պատկանողների եկեղեցիների հետ, նաեւ ոչ օրինաչափ «ստանդարտ» Աւետարանական եկեղեցիների հետ (աղանդներ):

Զրուցակիցս պատմեց պենտեկոստէ աղանդին մասին (Հոգեգալստականներ): Աւետարանականները ասում են, թէ Աւանդական եկեղեցիները ծէսերի յետեւից են ընկել: Ճիշտ է, բայց ինչ որ պատմեց զրուցակիցս, պենտեկոստէակաների «պաշտամունքի» մասին, ուր ներկայ է եղել նա մի անգամ, ինձ յիշեցրեց սատանայապաշտ դիւահարների հեթանոսական ծէսերը:

Ինչպէս գիտենք. Յիսուս իր աշակերտներին առաքեալ դարձրեց. աւետած Հոգեգալուստով, երկնքից սուրբ հոգին իջաւ եւ թերուս ու անուս աշակերտները սկսեցին խօսել բազմաթիւ լեզուներ. Սուրբ Հոգիով իջած աստուածային շնորհքով, բացուած լեզուներով, առաքեալները Քրիստոսի խօսքը քարոզեցին տարբեր ազգերին:

Այստեղ մի փակագիծ բանալով, յիշենք մահմեդական-սուֆիական որոշ աղանդների մասին: Սրանք հրապարակային «պաշտամունք» են կատարում, իրենց մարմիները խոցելով թուրով ու շամփուրով, եւ հանդիսականների շրջանում ստեղծում են զարմանքի ու ապշութեան պահեր: Չեմ տեսել, սակայն ականատես հայեր են պատմել. ալլահայ-ալլահայ («ալլահը ողջ է») հեգելով նրանք շրջանաձեւ ու տարբեր ձեւերով պտոյտներ են անում, ժամերով, մինչեւ չգիտեմ ինչի ազդեցութեամբ ինքնամոռաց են դառնում ու սուր՝ կտրող գործիքներով խոցոտում են իրենց մարմիները, առանց արիւնոտելու:

Արիւն է գալիս միայն, երբ մի հաւատացեալ քրիստոոնեայ «Հայր Մերը» աղօթում է մտքով, սկսելով վերջից ու աւարտելով սկիզբով (Քշելով սատանան):
Այդ ժամանակ, վիրաւոր ընկած սուֆին բարձրաձայն հարց է տալիս՝ եթէ երբէք քրիստոնեայ կայ հանդիսակաների մէջ: Խնդրում-աղաչում է որ այս անգամ էլ ճիշտ աղօթի, որպէսզի արիւնահոսութիւնը դադարի:
Այսպէս են պատմել ինձ Միջագետքում (Ջազիրա) ապրած հայերը: Հաւատացեալ քրիստոնեայի հակառակ կարդացած աղօթքի մասին չգիտեմ, վստահ չեմ, բայց մարմիններ խոցելու արարողութեան մասին շատ եմ լսել, թէ հայերից եւ թէ այլազգիներից, ուրեմն՝ հաւանաբար իրականութիւն է: Պաշտօնական մահմեդական կրօնաւորները հակառակում են այս աղանդաւոր մահմեդականների գործունէութեանը:

Ուրեմն պատմեցի, քանի որ Պենտեկոստէականների ստորեւ պատմելիքս պաշտամունքը ինձ յիշեցրեց վերոյիշեալ սուֆիների ինքնմոռացութեան ծէսը:

Զրուցակիցս պատմում է, թէ պաշտամունքի աւարտին մեր հայ հոգեգալստականները գլուխները օրօրելով, դիւահար խենթի ձեւեր անելով սկսել են անհասկանալի բառեր ու ձայներ արտաբերել,- ինչը զրուցակցիս շատ է վախեցրել, կամ ասենք՝ զզուեցրել:
«Ճշմարիտ» պենտեկոստէական պաշտամունքը, իբրեւ թէ, ինչպէս վկայել է եւրոպացի մի պենտեկոստէական, այսպէս չէ, պաշտամունքից յետոյ պիտի բացատրես ու մեկնաբանես արտաբերածդ բառերի ու խօսքերի իմաստը:
Իսկ այստեղի պենտեկոստէակաները, առանց հասկանալու թէ ինչ են դուրս տալիս, իբրեւ նմանակելով ամերիկեան մոդելի պենտեկոստէական «պաշտամունքը», յիմար-յիմար բաներ են ասում, իրենք իրենց խաբելով՝ իբրեւ թէ Սուրբ Հոգին է իջնում իրենց վրայ ու խօսում են անհասկանալի Հոգեգալստական լեզուներով:
Անշուշտ, դերասանական այս «պաշտամունք»ը կատարողների ինքնախաբէական ծէսը կարող է խաբել միայն իրենց նման յիմարները:

Tigris
14.09.2010, 13:14
Թուրքիայի հանդէպ գովասանքն ինձ անհանգստութիւն է պատճառում: Հնչում է՝ նրա, նրան բաղկացնող մասերի, օդի, ջրի, գիտեմ ինչի մասին գովասանք, մերթ ընդ մերթ:
Թուրքիայում «ռեֆերանդում» է եղել: Օբամը, Եւրոպը եւ շատեր ուրախ են այն բանի համար, որ ֆաշիստ համաթուրանականը գնաց. Համաթուրանական-համաիսլամականը եկաւ: Թուրքիան նոյնն է, գեներալները կը դատուեն, փոխարէնը կգան փադիշահներն ու մոլլաները: Ժամանակին մեր հայերը ուրախացան. յաղթեցին սուլթանին: Սուլթանը յաղթուեց. առաջացան սուլթաններ, մեկ մեկ ճիւաղ իթթիհադականներ: Թուրքիայի գոյութիւնն է ինձ անհագստացնողը: Ի՛նչ էլ լինի նա, թէկուզ ուղղափառ քրիստոնեայ, նա կայ ու մնում է Հայ Ժողովրդի ցեղասպանը, հայրենիքը գողացողը, որի մասին չեն խօսում նրա գովքը հիւսելիս: Թուրքիան չպէտք է երկար վայելէ իր գողօնը:

Սակայն ո՛վ պիտի պահանջէ նրանից:
Երէկ, մեր հայկական թաղամասում, թնդում էր թուրք երաժշտութիւնը: Հա՛յ է: Մի հայ, որ չի տեսել, չի լսել, չի դաստիարակուել: Իսկ եթէ լսել ու իմացել է, ապա. «օ՜ֆ, ինծի ինչ. ես թուրքերուն չեմ սիրեր, բայց երգը ինչ կապ ունի, ծովը ինչ կապ ունի»:
Կօշիկի կապ ունի:

Երբ հազար մի թուրքական բանի հետ կապ ես ունենում, ինքնաբերաբար թուրքանման ես դառնում: Մնում է ասելդ՝ «ի՜նչ ուրախ եմ, որ թուրք եմ»: Բայց դա էլ կարեւոր չէ, քանի որ թէեւ նախահայրերդ կոտորողը, քեզ այստեղ անապատային շրջանն ուղարկողը քո թշնամին ես համարում, բայց ոչինչ ես անում ցուցադրելու, գործադրելու՝ քո դիրքից բխելով: Նա յաղթել է քեզ արդէն, քանի որ դու կամաց-կամաց մոռանում ես, յիշողութեանդ մէջ քիչ բան է մնացել, եւ ահա արդէն ասում ես՝ «ինծի ի՛նչ. ոհ՜, հարիւր տարի առաջ եղեր է. ե՞ս մնացի Հայաստանը փրկող, գնա՛, նայիր, «ակումբի» տղաքը ամէնն ալ նոյնը կընեն..., ես մարդ եմ» ու նման բաներ:

Ի՞նչ կարող ենք անել, բացի յիշեցնելուց եւ ցոյց տալուց, որ մենք չենք մոռացել, քանի որ մեր այսօրուայ կարգավիճակը այդ մեծ ոճիրից է վիժուել: Դա՞ էլ չանենք:

Ի՞նչ կարող ենք անել, բացի մեզ մնացած հայրենիքին սատարելուց, քանի որ մենք նրանով ենք ու նա մեզնով է: Քանի որ ընտանիքդ ցեղասպանողին խանգարում է նրա գոյութիւնը:
Քաղաքական խակութեան դրսեւորումներ են ցոյց տալիս, այսպէս կոչուած՝ կուսակցական շարքայիններից մինչեւ արհեստաւորներն ու բանւորները: Չգիտեն, չեն կարդում, չեն հասկանում, դատում են Հայրենիքը մի տգեղ օրինակի հանդիպելով, ընդհանրացնում են ամբողջը մի դէպքով կամ դէմքով:
Հայրենիքը կարծում են օդանաւակայան է, կամ հրապարակ, կամ ինչ-որ մեկը:
Ցաւալիօրէն տգէտ է մեր ժողովուրդը: Տգէտ է՝ ամէն ինչում:
Ընթերցել չսիրող, չիմացողը մարդը, իհարկէ տգէտ է լինում: Իսկ ինձ ամէնաշատ ցաւ պատճառող տգիտութիւնը նրանց՝ հայրենիքից տգէտ լինելնին է:
Մարդիկ էլ կան, նրանց համար սրբութիւն սրբոց է մի ոմն սրբակենցաղ օտարազգի ճգնաւոր, կամ մի սրբուհի, վասնզի նրանց համար հայրենիք չկայ, կրօնն է նրանց հայրենիքը: Ցաւալիօրէն մեր ազգասէր ժողովրդի մէջ էլ կան այսպիսիները: «Հայ ֆիդայիները թողած ո՞ւմ էք երկրպագում»,- երբեմն կատակում եմ, քաջ գիտենալով որ տարբեր տարածքների են պատկանում: Մենք մի-մի քրիստոսներ ենք, քանի որ Քրիստոս մի անգամ խաչուեց, մենք Նրա խաչի համար հազար տարի է խաչւում ենք: Մենք մի-մի աստուածներ ենք, թուրքե՛ր, իմացէ՛ք, դուք աստուածներին էք սպանում:

Հայրենիքը այն նիւթաբարոյական տարածքն է, այն օրօրանը, ուր հայ մարդը իր մտաւոր, մարմնաւոր եւ հոգեւոր հայեցի սնունդն ու աճն է ստանում:
Ապահով Հայրենիք՝ հայ մարդու համար, կարող է լինել Պատմական Հայաստանի այն տարածքը, ուր հայ զինւորն է կանգնած:
Խօսում եմ մարդկանց հետ, լսում եմ նրանց ակամայ եւ զարմանում՝ թէ քիչերն են անմնացորդ հայրենասէր, կամ եթէ «հայրենասէր» բառը շատ եղաւ՝ ասենք հայրենիքի արժէքն իմացող:
Գրում եմ, ակամայ լրագրողի նման եմ դարձել, նոյն ժամանակ անհանգստանում եմ, որ մատնում եմ մարդկանց՝ հնարաւորինս չնշելով նրանց: Բոլոր լրագրողներն էլ մատնիչ են. մատնում են իրենց ու շրջապատի մտքերն ու լուրերը: Յուդան էլ մատնիչ է. բայց մատնիչ կայ՝ փողի համար է ծախում իր մերձաւորին. մատնիչ էլ կայ, ինձ նման, սրտի ու մտքի խօսքն է գրում ազատ ժամերին, մի քիչ թեթեւանալու համար:
Բայց նորից ասեմ, չեմ սիրում բամբասելը, մի օր ուզում եմ դադարել այն ամէն ինչից, որ ինձ մղում է գրել... անտարբեր պիտի անցնեմ... Պարզապէս պիտի ապրեմ այն ժամանակը, որ ինձ տուած է կեանքը:

Tigris
15.09.2010, 17:52
Տեղ մը գրած եմ. «Պատմական Հայաստանը ի՞նչպէս օտարացաւ մեզմէ»: Այսօր, մենք, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, Պատմական մեր Հայրենիքը կը ճանչնանք թուրքերու տուած անուանումներով, որքան ալ անհեթեթ ու շինծու ըլլան անոնք: Յաճախ պատմական խեղաթիւրում պարունակեն. քաղաքական յետին նպատակ հետապնդեն այդ անուանումները, այդուահանդերձ, քանի որ մենք չենք գիտեր ի՛նչ անուն պիտի տանք լրատուամիջոցներու կամ ցուցանակներու հաղորդածի հայկական տարբերակին, եղածին պէս անուանումը կը փոխանցենք հայ ընթերցողին եւ հանդիսատեսին:
Հետեւաբար հարց կը ծագի, ո՞ւր են հայագէտներն ու ազգագրագէտները, աշխարհագէտներն ու պատմաբանները. ինչո՛ւ անոնցմէ հարիւրաւորները անբան նստած տանը՝ լոկ լրագրութիւն ուսած մարդիկ պիտի վարեն լրատւութիւնը:

Քանի անգամ տեղեկացած ենք, թէ «Արեւելեան Անատոլիա» աշխարհագրական անունը չի կրնար վերաբերիլ Հայկական Լեռնաշխարհին, մանաւանդ Աղթամարի եղած վայրին: Հակագիտական է: Անատոլիա անունը Փոքր Ասիան է՝ Արեւելք իմաստով յոյներու տուած անունը Յունաստանէն արեւելք գտնուած հողակտորին համար:
Փոքր Ասիան, կամ Բուն Ասիան (Ասիա ցամաքամասին այս անունը յետոյ տրուեցաւ) Սեւ եւ Միջերկրական ծովերու միջեւ եղած ցամաքն է: Պատմական Հայաստանը այդ ցամաքամաս թերակղզիին արեւելքն է: Արեւմտեան Եփրատի դէպի հարաւ ընթացող գիծէն արեւելք արդէն Մեծ Հայքն է: Աշխարհի բոլոր աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ այդ տարածքը ճանչցուած է, որպէս Հայկական Բարձավանդակ: Հպարտութեամբ արաբերէնով կ’ուսանէինք, որ՝ «Եփրատն ու Տիգրիսը կը բխին Հայկական Բարձավանդակէն»:

Լուրին մէջ՝ «Հայ ասպետները «Արեւելեան Անատոլիա» ձեռնարկած պտոյտի ընթացքին, Աղթամարի մէջ, ենթարկուած են թուրք ոստիկաններու...» եւայլն:
«Արեւելեան Անատոլիա» անուան շինութիւնը նպատակ ունի մեկ աշխարհաքաղաքական եւ մշակութային տարածք համարել՝ Եգէականէն մինչեւ Արարատի լեռները, եւ անտեսել Հայաստան անունը: Մինչ այդ, Վենետիկի Սուրբ Ղազարին թանգարանին մէջ (կարծեմ) եւ այլուր (անպայման) կան օսմանեան քարտեսներ, ուր Էրզրումի վիլայեթը եւ յարակից շրջանները բառացիօրէն արաբատառ նշուած են որպէս Հայաստան (Արմանստան):
Յետոյ Սուլթան Աբդուլ Համիդ երկրորդը արգիլեց «Հայաստան» բառը:

Նոյնպիսի անհեթեթութիւն է Սուրիայէն պոկուած Ալեքսանդրեթի շրջանը «հաթայ» շինծու անունով կոչելը. ինչպէս յերիւրեցին թուրքերը: «Թայ», թուրքական ածանցով՝ Ալթայ տեղանունէն ընդօրինակելով, եւ «հաթ», իբրեւ թէ հնամենի Հաթ ժողովուրդի յետնորդ են իրենք եւ Ալեքսանդրեթի շրջանը անոնց ժամանակներէն կազմուած է:


Հայ գուսանի մը մասին ալ, թէ՝ «Ծնուել Իրանի Սալմաստ քաղաքի Փայաջուկ գիւղում»:

Պատմականօրէն՝ Մեծ Հայքի Պարսկահայք նահանգի Առնա գաւառի Սաղամաս քաղաքի մերձակայ Փայաջուկ գիւղում:

Tigris
16.09.2010, 16:31
……Երկու «ժողովրդավար» երկիրներու ղեկավարներ՝ «տոլերանտ» Իլհամ Ալիեւ եւ «հանդուրժող» Ռեջեբ Էրդողան, այսօր իրար քով կանգնած էին: Պարոն Էրդողանը՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցին, «իրաւացիօրէն» կը գանգատէր, թէ՝ «Ինչո՛ւ Ակդամարի մէջ տեղի ունենալիք պատարագի առթիւ Թուրքիոյ ցուցաբերած հանդուրժողականութիւնը չի գնահատուիր», եւ թէ «թուրքին հանդուրժողականութեան վառ օրինակն է Ակդամարի մէջ տեղի ունենալիք պատարագը»:

Պարոն հաջի էֆենդի Էրդողան կոչուած,
Շատ ճիշտ ես հայու անհադուրժողութեան վերաբերեալ ակնարկովդ՝ հակադրելով թուրքիդ հանդուրժողութեան: Օրինակ, քովդ կանգնած Ալիեւ կոչուածի՝ Շաբաթը տասը հազար փամփուշտ արձակելուն անհանդուրժող ենք: Հայրենի ազատագրուած Արցախ-երկիրը գրաւելուդ եւ անոր ժողովուրդը սփիւռքացնելուդ անհանդուրժող ենք: Ցեղասպանելուդ անհանդուրժող ենք: Պատմութիւնը նենգափոխելուդ անհանդուրժող ենք: Մեր Երկիրը՝ Հարիւրէն տասը մնացած հրաշք երկիրը շրջափակելուդ անհանդուրժող ենք:

Tigris
20.09.2010, 12:07
«ԱՅՍՕՐ, ԵՍ ԻՄ ՅԱՐԻՆ ՏԵՍԱՅ»



Երեկ, առջի օր, տեղեկութեան հեղեղի ենթարկուեցի: Հայկակական հեռուստակայաններ՝ «Երկիր», «Հ1» եւ «Շանթ», անդրադարձան մեր ազգային թեմաներին: Ամենաշատ հետաքրքրւողը, Աղթամարի պատարագով, «Երկիր»ն էր:



«ՀՈԳԻՍ ՔԵԶՄՈՎ ԿԸ ԽԱՅՏԱՅ»

Պատարագի ընթացքին, քիչ մը զղջացի այդքան խիստ գրելուս: Մտածեցի՝ ահա՛ հայկականը, ահա՛, թէկուզ մեկ օրուայ համար, մեր Աղթամարը Հայաստան դարձաւ՝ հոգեթով պատարագով, հայ հոգեւոր երաժշտութեամբ: Վա՞տ եղաւ:
(Սովահար երախաներին վերեւից տրուած հացի փշրանքը)

Մինչ այդ, հասցրի դիտել տարբեր հայկական խմբերի այցերը Արեւմտեան Հայաստան. վաւերագրական ֆիլմերով, ուր մեծ տեղ էր տրամադրուած Վասպուրականի Մարգարիտին:
Ջիգեարս, անուշս, քաղցրս: Ասացի,- չէ՛, ինք պէտք է ասի, տաճարը, այս խօսքերը, քանի որ իր որդիներն են եկել մօտը, ու հարիւր տարուց ի վեր չլսուած աղօթք ու շարական են բարձրանում՝ պատերն ի վեր, գմբեթ ու երկինք: Նա վաղուց չէր լսել՝ արձագանգի արձագանգն էր մնացել:
Նա պիտի արտասուէր. աչքեր չունէր: Նա պիտի գորովէր, պիտի գգուէր. լեզու չունէր:
Իր պատկերին մէջ արձանացած, կար գորով ու գգուանք եւ ամէն խանդաղատանք:

Յետոյ սթափեցի յուզման թմբիրից, ու տեսայ, որ չկան հայեր, ամայի է տարածքը: Վերադարձաւ նոյն իրավիճակը:

Հայեր Ծիծեռնակաբերդումն էին: Հաւատարմութիւն:
Ինձ շատ դուր է գալիս հայի թարսութիւնը, ծուռութիւնը: Նրան այս բնաւորութեամբ եմ ճանաչել: Հնցելու ենթակայ խմոր չէ:

Եկող տարի, Սուրբ Կարապետի տօնին, Հայոց Հոգեւոր եւ Քաղաքական ողջ ներկայացուցչական կազմով, Հայ Ժողովրդեան հոծ զանգուածներով, պատարագ մատուցանենք Հայ Աշխարհի երկրորդ մեծագոյն ու նշանաւոր սրբավայրին մէջ: Թող աշխարհը տեսնէ, թէ ի՜նչ շքեղ ու հրաշափառ տաճարներ ունենք: Մշոյ Թագաւոր Սուրբ Կարապետի վանքը, իր պատմական եւ մշակութային կենսագրութեամբ, Հայ ժողովուրդի կեանքում Էջմիածնից յետոյ երկրորդ տեղն ունի: Արեւմտահայաստանի Էջմիածինն է եղել:

Հարեւան երկրի բարեխնամ ու հանդուրժող իշխանութիւնը, թող բարեհաճ լինի՝ վերակառուցել Սուրբ Կարապետի վանական համալիրը:
Վանքից շատ բան չի մնացել, բայց հայերը կարող են տրամադրել վանքի լուսանկարը, որպէսզի նոյնութեամբ, կամ նմանը վերակառուցեն:
Մտածեցի, Աղթամարի Սուրբ Խաչը գոյութիւն ունի, քանի որ կղզում է եղել: Անին, թէեւ աւերակ, փրկուել է, քանի որ ռուսական իշխանութեան տակ է եղել այդ սեւ տարիներին: Իսկ մնացեալ սրբավայրերը, իրենց որդիների ողջակիզման սենեակներ են եղել, ու իրենք էլ միասին են «ողջակիզուել», քանդուել ու փճացել: Ժողովուրդը՝ անյոյս, իբրեւ վերջին յոյս ու ապաստան, դիմել է Աստծուն՝ Նրա տուն, ու այնտեղ էլ այրուել է, ածուխ ու մոխիր է դարձել:

Թող «Ալջազիրայի» խեղկատակ լրագրողներն ու մեկնաբանները տեսնեն, թէ ինչ է իրենից ներկայացնում «նոր թուրքիան», յանձինս նրա քաղաքականութեան նոր «մշակները»: Իսլամական ձեր եղբայրասիրութիւնը կուրացնում է ձեր աչքերն ու առողջ դատողութիւնը: Կրօնական եղբայրասիրութիւնը չքացնում է ձեր միւս սէրերը՝ ճշմարտասիրութիւնն ու արդարասիրութիւնը:
«Այսպէս կոչուած՝ հայկական ջարդերը», ինչպէս ասացիք, ձեր աչքերի առաջ է տեղի ունեցել, ձեր անապատներում– թուրքից աւելի թուրքասէր դարձածներ: Թուրքական հեռուստակայանները, ձեզ նման չգովերգեցին Էրդողանն ու Դաւութօղլուն, քանզի ճանաչում են նրանց: Իսկ դուք, նոր փրկիչներ գտածի նման, սրտանց ուզում էք հաւատալ Դաւութօղլուի երազին, թէ՝ «Մինչեւ 2023, Թուրքիան լինելու աշխարհի տասը մեծագոյն երկրների ցանկում»:
Ինչպէս ասում է արաբական ասացուածքը.– Ամալ Իբլիս ֆիլ Ջաննա («Սատանայի յոյսը Դրախտում»):



*

**

Մի հարիսա հարող, արժանապատիւ մի հայ, ճիշտ էր ասում, երբ խօսում էր զէնքով փրկուող հայութեան մասին: Նա ասաց. «Այնտե՛ղ, ուր հայը ինքնապաշտպանութեան է դիմել, Շապին Գարահիսարում, Վանում, Ուրֆայում, Մուսա լեռում, փրկուել է»:

Այստեղ թոյլ տուէք ճշտել:
Շապին Գարահիսարում չեն փրկուել, Ուրֆայում չեն փրկուել: Շապինը ծովից հեռու է եղել: Ուրֆան էլ Ռուսական սահմանից:
Շապին Գարահիսարցիները, ուրֆացիները, հաճընցիները եւ զեյթունցիները աւելի հերոսական կռիւներ են մղել, աւելի երկար տեւողութեամբ, աւելի մեծ ուժերի են դիմադրել, աւելի շատ զոհեր են ունեցել: Ծով չեն ունեցել, փրկարար նաւեր չեն եկել, հայկական կամաւորական զօրաբանակներ չեն հասել օգնութեան, ռուս կոզակներ չեն մօտեցել նոյնիսկ այդ տարածքներին: Նրանք դաժանութեամբ մորթուել են: Քչերին է յաջողուել՝ լեռները փախչել: Ում յաջողուել է իր ընտանիքի անդաներին թունաւորել եւ սպանել, սպանել է: Ում չի յաջողուել՝ նրանց խողխողումն է դիտել:
Բախտ:

Tigris
20.09.2010, 21:31
Կարծում եմ, հայկական ընդվզումն իր պտուղները տուաւ: Այս անգամ չկային աստղ ու կիսալուսին, չկար քեմալ: Թուրքիան պէտք է իմանայ, որ թէեւ մեզ համար մեծ նշանակութիւն ունի Աղթամարը, հայկական պատարագը, այնումենայնիւ մեծ զիջում չէ կատարուածը. մի ողջ երկիր, մի ամբողջ ժողովուրդ կորցրածի հանդէպ: Պիտի բոյկոտել, մինչեւ թանգարանի կարգավիճակից եկեղեցւոյ կարգվիճակն ստանայ: Հայկական ընդվզման շնորհիւ, թերեւս, եթէ այսպէս շարունակուի, անպայման խաչն էլ կը բարձրացուի, ու կը դառնայ լիիրաւ եկեղեցի:
Կրկնեմ, Թուրքիան փորձում է սիրաշահել հայերին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ սփիւռքում, որպէսզի հայկական իրաւատիրութեան պայքարը խափանուի:
Մի եկեղեցի նորոգելով, այն թանգարան դարձնելով, Թուրքիան չի կարող ձերբազատուել իր ոճրագործի պատասխանատւութիւնից: Մենք պէտք է օգնենք նրան, մեզնից ոմանք բոյկոտելով, ոմանք բարեխօսելով եւ խաչ ուզելով, ոմանք էլ պահանջելով ու դատարան դիմելով, որպէսզի ուժեղ ներկայութիւն լինենք Թուրքիայում:
Թուրքիային շարունակ ճնշման տակ պահելով, թէ մեր արեւմտահայկական իրաւունքներն ենք հետապնդած լինում, եւ թէ Արցախին ենք պաշտպանած լինում՝ Թուրքիայի ադրբէջանամէտ դիրքորոշումներից:
Խաղին խաղալիք չլինելը, խաղը ի շահ մեզ փոխելը, կամ նոյնիսկ խաղն աւերելը, հայկական գործօն է ու նախաձեռնութիւն: Մենք երբէք գոհ չենք կարող լինել Թուրքիայից, քանի որ նա մարդկանց կեանքն է գողացել, նրանց կեանքի բնական ընթացքն է գողացել, որ, ցաւալիօրէն, հատուցելի չէ:
Թուրքիան նոյնիսկ եթէ իրեն նուիրաբերի Հայութեան ու Հայաստանին, դարձեալ նա, ցաւօք սրտի, պարտական է մնում մեզ:

Թուրքիային օգնելով, մարդասիրաբար, առաջին հերթին խրախուսում ենք նրան որ իր թշնամական վերաբերմունքը փոխէ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ: Երկրորդ, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններում, եւ միջազգային ատեաններում, նա իր ադրբէջանամէտ դիրքորոշումներից պէտք է հրաժարուի: Այլապէս, մենք հայերս ամէն պատճառ ունենում են յիշելու նրա ցեղասպանի դիմագիծը, հետեւաբար՝ Աղթամար նորոգելն ու պատարագի առիթ տալը ի դերեւ է լինում, անհետանում ու չքանում է այդ առիթի բերած հրճուանքն ու ուրախութիւնը: Ի զուր կլինի Կիրակի օրուայ մեր ուրախութիւնը, եթէ այսօր կամ վաղը, Էրդողանը կամ Դաւութօղլանը մի ապուշ բան ասեն, մի վիրաւորական բան ասեն, Արցախի, Հայաստանի ու Հայութեան հանդէպ:
Արցախը կայ ու մնում է հայկական: Թուրքիան պէտք է ճանաչի Արցախի անկախութիւնը:

Քանի որ Աղթամարի Սուրբ Խաչի նորոգումն ու Արցախում հայկական պետականութեան նորոգումը նոյն շղթայի օղակներ են կազմում: Օղակներ, որոնք սրբագրում են թուրքական ոճրագործ անցեալի սխալները:

Tigris
23.09.2010, 18:32
Ինչպէս քրդերը, այնպէս էլ զազաները Ատրպատականից կամ նրան մօտակայ կողմերից վերաբնակած իրանախօս ցեղեր են Հայաստանում: Զազաների ալեւի լինելը, օսմանցիներից հալածուած լինելը, փոքրամասնութիւն լինելը որոշ չափով օգնեց հայ-զազայական բարեկամութեան: Երկու ժողովուրդներն էլ վերջին հարիւրամեակներում նոյն թշնամու դէմ են պայքարել:

Բայց ի՛նչ կլինէր, եթէ օսմանցի-սուննի-թուրք իշխողը չնուաճէր զազաներին:
Զազաները ի՞նչպէս բնակել են Հայոց Աշխարհի Ծոփք եւ Բարձր Հայք նահանգների լեռնային վայրերում:

Եթէ օսմանցիք զօրաւոր լինելով զազաներին նուաճած չլինէին, վստահաբար զազա ցեղախումբերը նոյն բռնակալ եւ կեղեքիչ այլազգինեը պիտի լինէին հայերի հանդէպ, այնպէս որ քրդերն են եղել:
Զազաները Հայաստանում տարածուել եւ բնակել են, մեծ հաւանականութեամբ, նոյն բռնութեամբ եւ նոյն դաժանութեամբ, ինչպէս որ բնակել են միւս այլազգիները: Հաւանական է նաեւ, որ երկարատեւ պատերազմների պատճառներով ամայացած եւ նօսրաբնակ վայրեր են գտել եւ բնակել:
Պատմութիւնը եւ միջնադարեան գրականութիւնը վկայում է, թէ նախքան օսմանցների նուաճումը, Արեւմտահայաստանում դաժան եւ անտանելի իշխանութիւններ են եղել, յանձինս մահմեդական վերաբնակների:

Անհեթեթութիւն է, անիմաստութիւն, տգիտական մտային զբօսանք է՝ զազաների ծագումը փնտրել նոյն տարածքում, ուր բնակում են հիմա:

Քուրդ ազգը դեռ չէր կազմաւորւել, չկար միասնական քրդական պետութիւն, այդ պատճառով էլ պատահաբար եւ պայմանաբար շատ իրանական լեզուներ խօսող արիական ցեղերին տրուեց քուրդ անունը: Բոլորն էլ Իրանական բարձավանդակից եկած վերաբնակներ են եղել:
Այդպիսիք են եղել լորիները, զազաները, սորանիները, քուրմանչիներ, ովքեր տարբեր լեզուներ են խօսում՝ իրանական: «Քուրդ» անունը, ինքնին, օտարների կողմից նրանց տրուած նոր բնակավայրի անուան նմանակութեամբ տրուած անուն կարող էլ լինել:

Նրանք, սելջուկ թուրքերից, եւ յետոյ մոնղոլ-թաթարներից փախչած եւ հետագայում Հայկական Բարձավանդակում բնակած արիական ցեղեր են եղել: Աւելի նոր ժամանակներում, Իսլամի երկու ուղղութիւնների՝ սուննիութեան եւ շիիութեան իրար դէմ տարած պայքարի տարիներում, սուննի քրդերը օսմանցիների քաջալերանքով աւելիով տարածուեցին Հայաստանի տարածքում: Շիի թուրքերն էլ Իրանի շահերի գրաւման տարիներին հաստատուեցին Հայաստանում: Ահա թէ ինչպէս Ատրպատականը դարձաւ թուրքախօս Ադրբէջան. թուրքերից փախչելով փլուեցին հայերի գլխին:

Արիական քրդերին սուննի թուրքերն էին հովանաւորում: Մոնղոլական թուրքմեններին էլ Արիաց (Իրանի) Շահը, որ դարձեալ թրքացեղ էր:


Ովքեր որ բնակում են Հայաստանի հողին վրայ, որպէս օտարազգի նուաճող եւ իշխող, հաւանական թշնամի են: Քրդերն ու Զազաները եթէ դաշնակից չլինեն՝ ապագայ Հայաստանի տարածքում, նոյն նուաճող թշնամիները կարող են լինել:
Հայ մշակոյթն ու լեզուն, գրականութիւնն ու գիտութիւնը, հայ տարրն ու պետականութիւնը, Պատմական Հայաստանի տարածքին, միակն ու գերազանցն է: Զազաներն ու քրդերը չունեն պետութիւն: Թուրքերի գոյութիւնը պայմանաւոր է Թուրքիայի արեւմտեան տարածքի թրքութեամբ:
Այս իմաստով՝ յոյժ կարեւոր է հայերէնի, հայկական կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի տարածման ու զարգացման խնդիրը, որպէս ապագայի Հայաստանի՝ նրանում բնակող դաշնակից ժողովուրդների հաղորդակցութեան լեզու եւ գիտութեան միջոց: Ո՛չ՝ օարալեզու դպրոցներին:

Առանց տեսլականի ու երազի, մարդը հարց է տալիս ինքն իրեն՝ «Ի՞նչ է կեանքի իմաստը»: Երազից զրկելով՝ կեանքը իր իմաստից ես զրկում՝ ո՛վ անիմաստ գոյատեւող աներազ մարդ:


-

--

Կան հայեր, որ անպայման ուզում են դժգոհ լինել: Դժգոհ են Ամերիկայի «Հայ Դատ»ի աշխատանքներից՝ ընդդէմ Մաթոս Բրայզայի:
Նրանք միշտ դժգոհ են իրենց հայ ազգակիցներից ու իշխանութիւններից, ինչպէս որ ես միշտ դժգոհ եմ ցեղասպան ու բռնագրաւող Թուրքիայից:
Մարդիկ ինչքա՜ն կարող են միամիտ լինել, մտածելով որ խնդիրը Բրայզայի կողակիցի ազգութիւնն է, եւ ոչ թէ նրա գործունէութիւնը:
Ու որպէս բացթողում, հայ դատականների, նշում է թէ զգոզալն Քիմբըրլի Քարդաշենցը կարող էր լինել Բրայզայի կինը, եթէ ամերիկահայերը լաւ լոբբիստական աշխատանք տանէին Քիմը Բրայզային մատուցելու գործում:
Բայց չէ՞ որ «Հայ Դատը» չի վերահսկում Քիմի տարածքային ամբողջականութեան, որպէսզի մի մասը, կամ ամբողջը զիջի:
Ճղճիմ-ճղճիմ ու անմակարդակ գրութիւններ: Ահա՛ ընդդիմադիր մամուլը:

Ես վստահ եմ, որ եթէ վաղը Հայաստանը նուաճէ տիեզերքը, դարձեալ քննադատողներ պիտի լինեն, քամահրանքով ու ծաղրով, անկապ ու ապուշ արտայայտութիւններով պիտի «սեւացնեն». իրենց կարծելովը:
Ծաղրն ու երգիծանքը մեծ հմտութիւն եւ խելացութիւն կը պահանջեն, որպէսզի անհեթեթ թուացող միտքը խոր իմաստ արտայայտէ: Ամէն մարդու գործը չէ հեգնելը:


*-

*-

Պոլսահայ մի խմբագիր, դժգոհ է հայերից, քանի որ չեն ընդառաջել պոլսահայերի հրաւէրին եւ չեն միացել ուխտագնացութեան:
Սրտնեղելու տեղիք չկայ, յարգարժան խմբագիր. մենք իրար պէտք է հասկանանք: Ահա օրինակ, ոչ թրքահպատակ հայերս չենք սրտնեղում թրքահպատակ հայերից, քանի որ վերջիններս Արցախը Ադրբէջանին տալ ուզող մի իշխանութեան հետ համատեղ անխաչ Սուրբ Խաչ են կազմակերպում:

Յարգարժան խմբագրուհի, եթէ 1915-ին, լինէր Հայաստանի Հանրապետութիւն, ապա թրքահպատակ հայերը չէին ենթարկուի ցեղասպանութեան, այնպէս ինչպէս ենթարկուեցին ամէնադաժան եղանակներով: Աչքի առաջ ա՛ռ յոյներն ու բուլղարները: Յունաստանի եւ Բուլղարիայի, այն է՝ յունական եւ բուլղարական պետութիւնների գոյութիւնը զսպեց նմանօրինակ ջարդերի ու ցեղասպանութեան կիրառումը յոյների հանդէպ, - ասաց Վահագն Տատրեանը,- որ պարզ եւ յայտնի իրականութիւն է:
Հիմա, որ Տիրութիւն ունի Հայութիւնը, յանձինս Հայոց Պետականութեան, որ ուղղակի-անուղղակի երաշխաւորն է նրա անվտանգութեանը, նոյնը նոյնութեամբ չի կարող լինել:

Թուրքիայում ապրող հայերի դիրքի ու հանգամանքի ամրացումը՝ սփիւռքի Հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեամբ է: Ինչքան էլ թուրք ոճրագործ պետութիւնը փորձէ օգտագործել պատանդի կարգավիճակ ունեցող հայերին, ապա նրանց գոյութեան ամրացումը ողջ Հայութեան սատարով կարող է հակառակ ազդ թողնել Թուրքիայի քարոզչական նկրտումներին: Սա պէտք է իմանան (եւ գիտեն շատերը) մեր սիրելի պոլսահայերը:

Խոշոր հարցերը, որ առկայ են երկու կռւող ազգերի՝ թուրքերի եւ հայերի միջեւ, մանրացնելով եւ մեկական փոքր նմոյշների վերածելով՝ Աղթամարի Սուրբ Խաչ (Հող) եւ Հրանտ Դինք (Ցեղասպանութիւն), եւ տեսնելով այդ երկու նմոյշ-հարցերում Թուրքիան ո՛րեւէ հանդուրժողութիւն եւ իրաւաճանաչութիւն չի ցուցաբերում, տեսնում ենք այդ պետութեան իրական դէմքը:
Սուրբ Խաչը, ո՛չ որպէս եկեղեցի, եւ ո՛չ էլ որպէս թանգարան, չվերադարձուեց իրաւատէր հայութեան, թէկուզ թրքահպատակ հայութեան: Դինքը սպանուեց եւ չարդարցուեց Թուրքիայում. միմիայն ԵՄ ճնշումով որոշ սխալներ ընդունուեցին մասնակիօրէն:

«Թոռների պատասխանը» ֆիլմում (նման մի խորագրով, եթէ սխալ եմ), մի թուրք լուսաւոր միտք յայտնեց, թէ թուրքերը պատրաստ են մեծամասնութեամբ ընդունել Մեծ Եղեռնը, միայն թէ իմանան դրան չի յաջորդելու հատուցումը: Թուրք քաղաքագէտներ հարց են տալիս,– «Յետոյ ի՞նչ է լինելու, հայերը պահանջներ ունեն Թուրքիայի նկատմամբ. Ցեղասպանութեան ճանաչումով չեն բաւարարուելու»:
Բրավո՛, մաշալլահա խելացի են:
Իսկ ես հարց ունեմ տալու լուսամիտ թուրքերին ու լուսամուտ հայերին: «Հայե՛ր՝ ներեցէք մեզ» նախադասութիւնը ո՞ր շուկայում ծախել կարելի է: Ի՞նչ է բորսայում դրա փոխանակման արժէքը: 5 փարայի վաճառել կարելի՞ է:
Մեկ ուրիշ հարց՝ լուսաւորուած հայերին ու աչքաբաց թուրքերին: Մեր պապերը երբ որ մորթւում էին, երբոր յոշոտւում էին, արդեօ՞ք յոյսեր էին փայփայում, որ փրկուած հայերի սերունդները իրենց վրէժը պիտի լուծեն, իրաւունքն ու արժանապատւութիւնը վերադարձնեն, թէ՞՝ մի սիրուն նախադասութեամբ պիտի փակեն էջը:
«Որդինե՛ր, մենք հիմա կոտորւում ու բռնաբարւում ենք, վաղը միւս օր, եթէ թուրքերը ներում խնդրեն, ներեցէ՛ք նրանց»:
Մեկ այլ հարց՝ իմաստուն թուրքերին եւ մարդասէր հայերին: ինչո՞ւ հայերը՝ մեծով փոքրով, կոտորուեցին: Արդեօ՞ք այն բանի համար, որ հայի մարդաբանական տիպը թուրքերը չէին հաւանում:
Պատասխանեմ վերջին հարցին: Հայերը կոտորուեցին, ամենաանմարդկային ձեւերով, քանի որ այժմու թուրքիայի տարածքում նրանց գոյութիւնը կազմում էր ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Նրանց գոյութիւնը Արեւմտահայաստանում, Հայաստանի գոյութիւնն էր: Ուրեմն խնդիրը, միակ խնդիրը հողն է, հայրենիքը:
Բուն խնդիրը մոռանանք, Հայաստանը Թուրքիա դարձնող թուրքերի Մեծ ոճիրն էլ ներենք, հալալ անենք, ու ապրենք՝ խելօք-խելօք, պարզապէս այն պատճառով, որ գողը ընդունեց իր կողոպտելը, մարդասպանը ընդունեց կատարած նախճիրը:
Այս որքա՜ն միամիտ ենք, այս որքա՜ն պարզամիտ ենք, այս որքա՜ն բարի ենք, հայե՛ր: Թուրքի մի անուշ խօսքը, մի ներման հայցը մեզ ինքնամոռացութեան է տանում, ու սկսում ենք մտահոգուել մնացեալ թուրքերն էլ մեղր ու կարագ խօսեցնելու մասին: Որ ի՞նչ, որ անուշ-անուշ խօսե՞ն: Ի՞նչ արժէն խօսքերն այդ ամէն:
Մենք չենք ասում՝ գնանք երէկի ոճիրը այսօրուայ չափերով՝ 35 միլիոն թուրք կոտորենք, բայց գոնէ խնդրի բուն առարկան իմանանք ի՛նչ է: Դա Հայաստանն է, որին թուրքերը իւրացրին:
Եթէ չպիտի հատուցեն, այդ «Հայեր՝ ներեցէ՛ք մեզ»ն էլ մեզ պէտք չէ, որովհետեւ հայրադրուժ որդու զգացում է հաղորդում մեզ:
Այո՛, թուրքերին պիտի ասել, որ տեղի ունեցածը յափշտակում է կեանքի եւ գոյքի: Մարդասիրաբար կեանքերի դիմաց կեանքեր չենք պահանջում, սակայն կայքն ու գոյքը անպայման պահանջում ենք, այլապէս՝ «Թուրքե՛ր՝ չպիտի ներենք ձեզ»:

Աւելի որոշակի՝ Թուրքիան երբէ՛ք թող չճանաչէ Ցեղասպանութիւնը, եթէ հողային հատուցում չպիտի կատարէ: Թուրքիան երբէ՛ք թող չնորոգէ վանք ու եկեղեցի, եթէ իրաւատիրոջ պիտի չվերադարձնէ:

Tigris
27.09.2010, 14:37
Իսլամական խորհրդաժողովի երկիրները հակահայկական յայտ արարած են: Չկարդացի. պէտք չկայ. իսլամական «եղբայրասիրութեան» հերթական դրսեւորում է:
Սիոնական գաղութարարութիւնն ու խաչակրական արշաւանքները իրենց նախընթացները ունեցեր են:

Դեւլեթ Բահչելին Անիի մայր տաճարին մէջ պիտի աղօթէ: Ի դժբախտութիւն հայերուս, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազատագրուած Հայաստանի մէջ չկայ շէնք-շնորհքով թուրքական մզկիթ մը, ուր արժէր հայու հաւատով աղօթել: Թուրքերը վրան լարելէն բացի ուրիշ բան չեն գիտցած շինել:
Պոլսոյ օսմանեան մզկիթները Սինանի, Այա Սոփիայի կրկնօրինակումներն են:

Իլհամ Ալիեւ անունով մեկը ՄԱԿի ամբիոնէն գանգատի, թէ «Հայերը պիտի չի վերադարձնեն գրաւեալ հողերը»:
Այս գանգատով, այդ անձը, հաստատեց թուրքական ստաբանական հերթական արձանագրումը վերադարձնել եւ գրաւեալ բառերուն:
Սուտը կեանք կուտայ կուտը պակաս բռնատէրին: Բռնատէր անձի նմանողութեամբ կան, եւ եղած են, բռնատէր ժողովուրդներ:
«Ձայնն բազմաց՝ ձայնն աստուծոյ» խօսքը, անշնորհքութեան մեկ հնչիւնային ձեւ է:
Ուրեմն «աստուած», վոհմակային տրամադրութեամբ շնացող կաղկանձողներու մէ՞ջ գտած է իր դրսեւորումը: Որո՞ւ «աստուածը»:

Ձեր բորենիատիպ բազմութիւնները անզէն բնակչութիւն կրնայ յոշոտել միայն, մեկ ալ քեզի զինւորագրուած քաղաքացի հայ պատանիները: Քաջասրտութիւն եւ համարձակութիւն ստանալով անմեղ երեխաներու սպանդով, բանակի վերածուած իջաք դաշտ, հաշուեյարդարի ենթարկելու հայ զինւորութեան: Խարդախութեամբ, յետեւէն կրակելով ունեցած յաջողութիւննիդ ձեր քաղաքացի հայերուն հանդէպ, չունեցաք հայ զինւորութեան առջեւ, ու չարաչար պարտուեցաք, քանի որ դիւրին ու աժան ձեւերով յաղթելու վարժ էիք, ո՛վ բորենի բազմութիւններ:


Ես այս բառերը (վերադարձնել եւ գրաւեալ) շատ սիրեցի: Կուզեմ վերադարձուի հայկական գրաւեալ տարածքները: Եւ թուրքերը, իրենց արեւելեան եւ արեւմտեան տարբերակներով, պէտք է ներում խնդրեն, այն բանի համար, որ գրաւած պահած են տարիներով:

Թուրքական եւ թուրքադրբէջանական սուտն ու կեղծիքը, յաւելեալ (բայց ոչ կարեւոր) դրդապատճառներ են, որ մենք հայերս ազատագրուած Հայաստանը չզիջինք:

Վերադարձնել բառը սխալ է: Երբ կ’ըսես.- «վերադարձնել գրաւեալ տարածքներ», ուրեմն բան մը իր նախկին տեղը (իրավիճակին) բերել:

Սխալ է վերադարձնել բառը, քանի որ Սովետ Միութիւն չկայ: Արցախն ու Սիւնիքը երբէք Ադրբէջան անունով պետութիւն յիշեցնող գոյականի մը մաս չեն կազմած:

Թիւրիմացութիւն է «ՄԱԿ» կոչուածի՝ մեկ ուրիշ թիւրիմացութիւն-գոյակցութեան մէջ ամրագրուած «սահմանները»: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ, ի՛նչ դրդապատճառով զուիցերիացիները այդ անկապ կազմակերպութեան վերջերս անդամագրուեցան (մի՞թէ):
Ինչեւէ, ՄԱԿի մէջ սխալ արձանագրուած սահմաններու սրբագրումը իրենց խնդիրն է: Որքան ուշ-ուշ աշխարհին հետեւին, այդքան կեանքէն կտրուած կ’ըլլան ու կը վերածուին ճահճացած վարչական կառոյցի, որ բեռ է մարդկութեան եւ աշխարհին, սակայն լաւ գործիք ու քող է՝ իր կատարելիք ոճիրները շղարշելու ու շպարելու պատրաստ ոճրագործ գերպետութիւններուն:

Tigris
28.09.2010, 11:52
Ի՛նչ եւ ինչպէս պիտի խօսինք, չենք գիտեր: Յաճախ թուրքերն ու քուրդերը, այսինքն ցեղասպանութիւն սեւագործած ժողովուրդներու քաղաքական եւ ռամկական դէմքերը հարցեր կու տան, մեր հարցերուն եւ բողոքներուն կը պատասխանեն. խիստ բարոյախօսական դարձուածքներով, ասացուածքներով եւ հռետորիկ հարցերով: Ահա օրինակ՝ «Ծնողներու մեղքերուն պատճառով որդիները պէտք չէ պատժուին»: Եւ մենք գետնին տակը կ’անցնինք, կ’ամչնանք, կը կարմրինք ամօթէն, որ այս խաղաղ ապրող մարդոց հանգիստը կը խանգարենք, իրենց նախնիներու սեւագործած ոճիրներուն պատճառով:

Կեանքին մէջն ալ այդպէս է, շատ մայրեր եւ հայրեր վատաբարոյ համբաւ թողուցած են, սակայն մենք, անոնց որդիները չենք մեղադրեր, եւ կը վերաբերինք այնպէս որ կը վերաբերինք ուրիշներու հետ:

Քրիստոնէական հաւատքի մէջ գոյ է մկրտութեան խորհուրդը, որու մասին մեր ուսուցիչները պատմեցին, թէ այն կը սրբէ ադամական մեղքէն: Ինչպէս գիտենք, Ադամ նախահայրը մի քանի միլիոն տարի առաջ Եւային տեսաւ, սիրահարուեցաւ, եւ համայնքի կարծիքն ու Պապա աստուծոյ օրհնութիւնը չառած՝ զուգուեցաւ անոր հետ:

Եւ մեզմէ ծնած իւրաքանչիւր երեխայ, այնպայման կղերի միջոցով օրհնած ջուրին մէջ կը թաթախուի, կը մկրտուի, որպէսզի ազատուի ոճրագործ եւ անբարոյական Ադամի գործած մեղքերէն:

Ճշմարիտ խօսք է Բիւրակնի քաղաքապետի ըսածը, որ հովանաւորած է Ճապաղջուրի մասին օսմանեան արխիւներու մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններ:

Ճիշտ է նրա խօսքը, եթէ վերաբերում է ցեղասպանի զոհերի որդիներին, ովքեր գոյութեան խնդիր ունեն, գործի խնդիր ունեն, ազգապահպանման խնդիր ունեն, մի քանի լեզու սովորելով մի քանի մշակոյթ կրելու խառնիճաղանճութիւնն ունեն, անվտանգ հայրենիք ունենալու խնդիր ունեն, Ապրիլին յիշելով ցաւելու եւ վիրաւորուելու պատիժն ունեն, սփռուած օտարութեան մէջ միշտ կարօտով ապրելու եւ օտարութիւն ապրելու պատիժն ունեն, բռնազաւթուած հայրենիք ունենալու պատիժն ունեն, իրենց սեփական հայրենիքը որպէս զբօսնող գնալու պատիժն ունեն, իրենց ծնողների դահիճ պետութեան մերժողականութեան հանդիպելու պատիժն ունեն: Ունեն եւ ունեն:

Շատ ճիշտ ես քաղաքապետ: Մեր որդիները ձեր ծնողների կատարած մեղքերի պատիժները չպէտք է կրեն: Իսկ դուք, եթէ իսկապէս, անկեղծօրէն, չէք ուզում կրել նրանց ոճիրների ժառանգութիւնը, ապա ազատուէք նրանց բարոյական եւ նիւթական աւանդներից:
Նիւթական ու բարոյական աւանդներից հրաժարուելը կը փրկէ ձեզ, սակայն մեզ համար դրանք պարզապէս ձեզ ներելուն է ծառայում, բայց ոչ մեր վիշտը ամոքելուն: Մեր վիշտը մնում է վիշտ, Արեւմտահայաստանով ու առանց Արեւմտահայաստանի, քանի որ այն ինչ տեղի ունեցաւ, չպէտք է տեղի ունենար եւ ոչ մի ապաշխարում, ոչ մի չքմեղանք ու մատաղ չի դարմանում բացուած խոր վէրքը: Այդ վէրքը պիտի տանջէ մեզ յաւիտեան, քանի որ ձեր հատուցելիքը (կամ չհատուցելիքը) չի բաւարարում կատարուածին, չի լցնում բացուած պարապութիւնը, յետ չի դարձնում ժամանակը ու չի վերականգնում կորսուած հայ գաւառական մշակույթային կեանքը, չի վերականգնում բարբառները, կեանքի չի կոչում մոռացուած հազար ու մի ընկերային, պատմական ու ժողովրդագրական կապերը: Չեն վերականգնուելու Մեծ Հայքի նահանգների ու գաւառների ցեղային, մշակութային եւ ազգագրական կազմուածքը: Դուք աւերել ու փճացրել է հազարամեակների ընթացքին արարուածը: Դուք սպանել էք հազար ու մի զոհողութիւններով ու դարերով կեանք տրուած հայ մարդուն, հիւանդութիւնից ու տապից փրկուած հայ պատանուն, ում համար աղօթում էր ողջ գիւղը: Ձեր մի սրիկայի դանակի հարուածով նրա կեանքին վերջ էք տուել, նրա ծնողների աչքի առաջ: Ի՛նչով ու ի՛նչպէս կարելի է հատուցել այս ամէնին, քաղաքապետ յոլդաշ: Ո՛չ մի բանով:

Tigris
30.09.2010, 21:53
Կ’արտատպեմ Ասլան Ստեփանեանի յուշերը (http://www.dnforum.am/showthread.php/5691-Ասլան-Ստեփանեանի-Յուշերը?p=15846#post15846): Բոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ տուն կանչուեցան ռուս զինւորները: Մինչ այդ, որպէսզի Հայաստան մը չկազմուի՝ ռուսեր մի քանի անգամ ել ու մուտ ըրին հայկական նահանգներ, մինչեւ որ թուրքերը հանգիստ ցեղասպանեցին հայերը: Ռուսերը չուզեցին անկախ եւ ուժեղ Հայասատան, բայց նոյն ժամանակ իրենք ալ չմնացին այնտեղ: Արդիւնք՝ քաշւող ռուս բանակին տեղ բռնեցին ռուսերու կազմալուծած Հայ Կամաւորական բանակի մնացորդացը եւ ռուս բանակի հայ զինւորները:

Ես չեմ գիտեր ռուսական միտքը հիմա ինչպէս կը դատէ այս դաւաճանութիւնը՝ կայսրութեան ծայրամասային ազգերու եւ նոյնինքն ռուս ազգին հանդէպ: Եթէ չի տար ճիտ անուններն ու նկարագրութիւնը, ապա ուրեմն այդ ազգը մտային խոր մղձաւանջի մէջ է:

Մենք չկրցանք շատ մը հայերու բացատրել այս իրողութիւնը, որ Լենինն ու իր արկածախնդիրները դաւաճանեցին պատերազմի մէջ գտնւող հայրենիքին, որու հսկողութեան յանձնուած էր մեր հայրենիքի արեւմտեան մասը: Այդ հայրենիքին մաս կը կազմէր մեր հայրենիքի արեւելեան հատուածը:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ կումունիստ ըլլալը դեռ հասկընալի էր, իսկ Սփիւռքի՞ մէջ...Ի՞նչով բացատրել Արեւմտահայաստանն ու արեւմտահայութիւնը անպաշտպան թողած, սակայն պաշտպանելու կարող եւ ատակ ռուս պետութեան «նորափթիթ ծաղիկները»՝ բոլշեւիկները դաւանիլը:

Հին ու նոր ռուսերը, սպիտակ թէ կարմիր ռուսերը չուզեցին Հայաստան՝ Արեւմտահայաստանի տարածքին: Չուզեցին նաեւ ուժեղ Հայաստան՝ Արեւելահայաստանի տարածքին, ու Շարուր-Նախիջեւան-Ջուլֆա-Գողթն ու Արցախը նուիրեցին Քեմալի սրտին մօտիկ նորաստեղծ Ադրբէջանին:

Իրարայաջորդ հարուածներ՝ հայ ժողովուրդին ու անոր բազմաչարչար հայրենիքին: Ի՞նչպէս փրկիչ համարել մեկը, քաղաքական ուժ մը, որ նաեւ մեր կորստեան պատճառը եղած է: Ահ թէ ուր է մեր թշուառութիւնը: Խեղդուողի եւ լողացող թունաւոր օձի դրուագն է:

Մեր թշնամիները շատ վատ են: Մեր բարեկամներն ալ շատ վատ են:
Մտածելու եւ հասկընալու մեր կարողութիւնն ալ շատ վատ է, նոյն վերեւի վատութիւններուն պատճառով: Հայ մարդը չկրցաւ տրամաբանել, թէ այսքան ձախորդ բախտ մը ինչպէս կարելի է ունենալ, հետեւաբար սկսաւ ձախորդութիւնը իր մէջ փնտռել, որ անշուշտ նորութիւն չէ: Բայց մեր ձախորդութիւնները համեմատած մեր ձախաւեր բախտին, չնչին ոչնչութիւն են: Յիրաւի բախտ:

Եւ հրաշք, որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Հրաշք մը եւս՝ Հայկական Արցախ:

Շա՜տ մեծ ձեռքբերում է, եթէ արժէքը գիտենք:

Tigris
01.10.2010, 14:06
«Ազգի» աշխատակից Յակոբ Չաքրեանի սղագրութեամբ եւ վերլուծութեամբ՝ ընթերցեցի Ահմեդչիկի հրապարակախօսութիւնը՝ կարդացուած Հարվարդի կամ Հարուըրդի դահլիզին մէջ:
Մինչ այդ, օրաթերթս մանրամասն՝ ամբողջ էջ մը տրամադրած էր Վիլսոնի հոգեզաւակ, զերո աստիճանի խնդրայարոյց Դաւիթի որդւոյ ելոյթին, առանց ունենալու ինձմէ կարդացուելու հրապոյրը, վասնզի գիտեմ՝ արջը քառասուն երգ գիտէ, քառասունն ալ տանձի ու մեղրի մասին է: Մեր խոջան ալ քառասուն երգ գիտէ, քառասունն ալ խաղաղասէր եւ խնդիր լուծող Թուրքիայի՝ Արցախն ու արցախահայութիւնը թուրքական լուծին ենթարկողի մասին է: (Hoca bildiğini okur)

Այնքան աղէկ բաներ ըսած էր. թուրք-հայկական բարեկամութեան ալիքը հասնցել մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գաղութները, բազմաչարչար Արեւելքին պարգեւել խաղաղութեան բարիքը, կառքով Կարսէն Երեւան, անտէն ալ Բաքու ուղեւորուիլ՝ բաց սահմանով:

Մարդ խղճահար կ’ըլլայ, իր չարամտութենէն ամչնալով, թէ այսքան բարի ու ազնիւ դրացիներ ունինք, ովքեր մտահոգ են Հայաստանի Հանրապետութեան աղքատացումով, խաղաղութեան եւ գործակցութեան հաստատումով, ու դեռ կ’արծարծենք հնամաշ խօսքեր եւ հարցեր:

Լալդ կուգայ, եթէ ոչ արտասուքդ, ի տես տառապող եւ տանջուող եւ բարին ցանկացող քաղաքական գործիչի ճգնանքին, որ համապատասխան վերաբերում չի գտնէր:

Երկար թուելէ ետք իր բարի ցանկութիւնները, ապագայի արուշ տեսիլքն ու սպասուած դրախտային կեանքը, յուզումնալից ու սրտառուչ մթնոլորտ ստեղծելով դահլիճին մէջ եւ մէջը ներկաներու հոգիներուն, տարածաշրջանի առաջատար երկրի առաջատար քաղաքականութեան ճարտարապետ՝ պարոն Ահմեդ Դաւութօղլուն նշեց նաեւ այն խանգարիչ հանգամանքը, որ արգելք կը հանդիսանայ իր ելոյթին մէջ հնչած տեսլականի իրագործման, որ հայերու բռնագրաւած 20% է՝ Ադրբէջանի տարածքին:

Ինծի կը թուի, որ հանդիսատեսները ազդեցիկ ֆիլմ մը դիտածի պէս դուրս պիտի գան ճարտասանի հանդիսութիւնէն, ու սուրերն ու գուրզերը շալակած պիտի զինւորագրուին Ահմեդի բանակին, ընդդէմ խաղաղութեան թշնամի չարքերուն:
Այդքան հաճելի էր կեանքը, ա՜խ, մինչեւ որ հայերը եկան եւ Արցախը «բռնագրաւեցին»:

Tigris
04.10.2010, 13:42
Բոլորս էլ կարող են խելամիտ գաղափարներ ի լոյս բերել: Կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ առաջացել են լաւ գաղափարները կեանքի կոչելու համար, իրականութիւն եւ գործադրելի դարձնելը յաճախ է դժուարացել եւ այդ կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները պահպանելը մի կերպ դարձել է ինքնանպատակ. ինչ-որ աւանդոյթ պահելու համար, պապերի ու հայրերի սկսած գործը «կիսատ չթողելու համար» եւայլն: Նպատակը յետին կարգ է մղուել է ու միջոցն է դարձել նպատակ:

Միշտ գործն է դժուար եւ ոչ թէ ծէսն ու արարողութիւնը, տօնակատարութիւնն ու հանդիսութիւնը:
«Հայկական Աշխարհ» ծրագիրի վերաբերեալ խօսակցութիւններին երբեմն ականջալուր եմ լինում: Այստեղ ոմանք պիտի քննադատեն ու ծաղրեն... քանի որ գաղափարը առաջացել է իշխանութեան ներկայացուցիչից: Թող Դաւութօղլուից առաջացած լինի, եթէ հայանպաստ գաղափար է, ուրեմն կեանքի կոչենք:

«Հայկական Աշխարհ» են մեր համայնքները, եկեղեցական կառոյցները, կուսակցութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, մեր ընկերական հանդիպումները, գրական երեկոներն ու հայկական համացանցային տարածքները (եւայլք):

Յստակօրէն այս նոր կազմաւորւող կառոյցի, որ սաղմնային վիճակի մէջ է տակաւին, հիմնական ուղղութիւնը տնտեսական ու նիւթական է, որն անշուշտ միջոց է՝ ծառայելու կենսամակարդակի բարձրացման եւ կրթութեան եւ բարեկեցութեան համար ի վերջոյ:

Զրոյցներին մասնակցում են տարբեր աշխատանքային մարզերում եւ տարբեր ոլորտներում աշխատող մարդիկ, հայեր, ովքեր խօսում են իրենց ընդհանուր պատկերացումների մասին, առանց որոշակի նիւթեր շօշափելու եւ իրար հետ քննարկելու: Ընդհանուր թեմաներով այս զրոյցներն են որ պիտի բիւրեղանան մի օր, եւ հիմը դնեն մասնագիտական ուղղութիւնների յստակեցմանը՝ Հայկական Աշխարհի համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտադրուած ապրանքն ու Սփիւռքում հայի տնօրինութեամբ արտադրուած ապրանքի շուկայ հասցնելն ու մրցակցային պայմաններով յաճախորդին վաճառելու գործն է զբաղեցնում մեզ:

Հայաստանում արտադրուած ապրանքը անշուշտ որ եկամուտ պիտի ապահովէ թէ հայի երկրին եւ թէ հայ աշխատաւորին: Իսկ Սփիւռքում արտադրուած հայ գործատատէրը մի քիչ ազգային ընկերվարական հակումներ ունենալով՝ գործով պէտք է ապահովէ սփիւռքահայ աշխատաւորին, որպէսզի «Հայկական Աշխարհը» իմաստ ունենայ եւ չսահմանափակուի «Հայկական Ջոջեր»ով:
Այստեղ առարկութիւնները տեղին են, օտարազգի աշխատաւորի թէ համեստութեան եւ թէ աժան աշխատավարձի գրաւիչ լինելու կապակցութեամբ, որոնք անշուշտ ազդում են արտադարուած ապրանքի որակի ու գնի վրայ:

Լսում եմ, Հանրայինի ռադիոյով, Պարոն Վարդանեանի զրոյցները՝ «Հայ Իրազեկում» հաղորդումով: Արդարացիօրէն նա մեր ապագայի յաջողութիւնները առնչում է հոգեւոր եւ բարոյական արժէքների վերադարձին: Հայը ճանաչուել է որպէս պարկեշտ, աշխատասէր, ճշտապահ մարդ:
Ինչ-ինչ պատճառներով հայկական վերոյիշեալ արժանիքները տեղ-տեղ կորցրել ենք: Աւանդական հայ «աշխատաւորի» եւ աշխատաւորի պատրաստումն ու դաստիարակութիւնը կարելի է սկսել դեռ նախակրթարանից, երեխաներին բացատրելով աշխատասիրութեան բարիքները, եւ վարժեցնելով դրանց մէջ:

«Հայկական Աշխարհի» մէջ հայկական գործը, որին բիզնես են ասում ոմանք, շահը յետին կարգ պէտք է մղուի: Հիմա շահի մասին մտածելու ժամանակը չէ: Հիմա, ինչպէս չինացիք արեցին տասնեակ տարիների ընթացքին, համբաւ ու շուկայ գրաւելու ժամանակն է:

Ամենամեծ դրամագլուխը, որին պէտք է ձգտի «Աշխարհը Հայկական», բարի համբաւը պէտք է լինի:
Իմ նախասիրած լրագրողներից մեկը՝ «Ազգ» օրաթերթում, իրաւացիօրէն քննադատում էր Հայկական զբօսաշրջութիւնը: Նա եւ ուրիշներ, այլուր, պատասխանելով՝ ինձ նման «Անթալիա գնալ չսիրողներին», իրաւացիօրէն բողոքում են հայաստանեան զբօսաշրջային շուկայի ծառայութիւնների եւ գների ոչ մրցակցային լինելը:
Հայաստանում հանգստանալ չնախընտրող հայաստանցուն վաղը պիտի հետեւի սփիւռքահայը, եւ հետեւում է: Մի, երկու, երեք եւ չորս անգամ հայրենասիրութեամբ Հայաստանի հանգստավայրերում լինելուց յետոյ հայը՝ հայրենաբնակ եւ սփիւռքահայ, այլեւս որոնում է ծառայութիւններ, ժպտուն երես, գրաւիչ սակեր եւ անշուշտ փոփոխութիւն:

Ուստի, ձայնակցելով Մարիետա Խաչատրեանի այդ յօդուածի մտքերին, կրկնում եմ նրա ասածը, որ հայրենասիրութեամբ տնտեսութիւն զօրացնելու եւ տարածելու միտումները յաջողութիւն չեն ունենալու, քանի դեռ շուրջներս նայելով չենք անդադառնում կատարուածին:

Tigris
05.10.2010, 12:17
Քանի մը օր առաջ կը մտածէի, թէ բոլոր արեւմտահայերս, որ գիտենք մեր պատմութիւնը, թուրքագէտ ենք: Այսինքն պէտք չկայ Արեւելագիտութեան այս ճիւղը ուսանելու, որպէսզի թուրքագէտ յորջորջուինք:

Պապս թուրքագէտ էր, մենք՝ բոլորս, թուրքագէտներ ենք:
Բայց այսօր կը մտածեմ տարբեր ձեւ, այն՝ որ թուրքագէտ կոչուելու համար հարկաւոր է, մասնաւոր կրթութիւն ստանալ թուրք քաղաքական հոսանքներու գործունէութիւններու առաձգականութիւններուն մասին: Թէ ինչ-ինչ պատճառներով ազգայնականները ինչ ըրին, քեմալականները ինչ ըրին, կրօնասէրները ինչ ըրին, թէ մենք հայերս ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի աւելի մեղմ վարչակարգ մը հաստատուի, թէ որու պէտք է սատարենք՝ Ալիի՞ն թէ Վելիին, եւ Ալին Վելիէն աւելի լաւ է մեզի համար, զի զնա հարիւր տարի չտեսածնիս մեզ ցոյց տալու պատրաստ է, եւ պէտք է հասկանալ Ալիի յետին միտքը, որ Քեմալիզմի դէմ է, հետեւաբար պէտք է օգնել Ալիին, թէկուզ չտեսնելով մեր անցեալի եւ ներկայի իրաւունքները ու անտեսելով Ալիի հակահայկական կոչերը Արցախի կապակցութեամբ:

Անցեալները, Կիրո Մանոյեանը հետաքրքիր բան մը ըսաւ, մօտաւորապէս այսպէս. «Մեր խնդիրը չէ Թուրքիայի ներքին հարցերը, մենք գիտենք մեր իրաւունքները...»:
Մենք՝ Թուրքիայի քաղաքացի չեղող հայերս այսպէս կը մտածենք:

Այսինքն, մոռանալով մեր իրաւունքները, Թուրքիայի ներքին քաղաքականութեան ամենանրբին ու ամենամանր խնդիրներով ենք զբաղում, մտահոգուելով քաղաքական այս կամ այն ուժին օգնել-չօգնելու հարցով՝ մեր դիրքորոշումով:

Այսպիսի մտահոգութիւն ունէր, երէկ, ինձանից յարգուած մշակոյթի գործիչ մի հայ, որ խօսում էր հայկական մի հեռուստաալիքով:
Վկայակոչելով Օրմանեան սրբազանը՝ Նա խօսքը բերեց Բանք Օթոմանի դէպքին, եւ թէ հայերը հակադարձել են քրդերի կեղեքումներին ու յարձակումներին՝ փոխադարձ յարձակումներով, յուսալով, որ Եւրոպան կանդրադառնայ մեր իրավիճակին ու օգնութեան ձեռք կը մեկնի:

Ասել ուզեց, որ Եւրոպայի ուշքը եւ խղճմտանքը եւ օգնութիւնը գրաւելու համար սխալ էր յեղափոխութիւնը: Եթէ սխալ եմ հասկացել, ուրեմն յաջորդիւ գրելիքս թող անտեսուի:

Բանք Օթոմանի դէպքի մասին ժամանակին մի ստուարածաւալ յօդուած եմ կարդացել «Ազգ»ում: Դրամը, փողը, այն տկար թելն է, որի կտրուելուց սարսափում են եւրոպացիները:

Բանք Օթոմանը տեղի ունեցաւ Համիդեան 250 000-անոց հայկական կոտորածներից յետոյ:

Լաւ, ի՞նչ անէին, ոչի՞նչ, պարզ այն պատճառով՝ որպէսզի հարիւր ու հինգ տարի ետք մարդիկ չասեն՝ «սխալ էք արել հակադարձելով թուրքական ոճիրներին, քանի որ եւրոպացիների հոգը չէ քրիստոնեաների դրութիւնը»:

Իսկ ինչո՞ւ զուտ ինքնապաշտպանութիւն չհամարել, եւ բռնատիրութեան դէմ ճնշում գործադրելու պատճառաբանութեամբ չարդարացնել հայկական յեղափոխութիւնը: Չէ՞ որ նոյն յեղափոխութիւն քննադատողները երբեմն նաեւ քննադատում են արեւմտահայութիւնը, որ չեն կարողացել պաշտպանուել, ոչխարների նման կոտորուել են:

Եւրոպայի ուշադրութիւնը գրաւել են թէ ոչ, դա երկրորդական է, հիմնականը ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը չէ՞:

Եւրոպայի միջամտութիւնից խրտչողները միշտ թուրք պետական պաշտօնեաներն են եղել: Եւրոպայի միջամտութիւնից գարշելը միշտ թուրք պետութեան մտածողութեան մէջ առկայ է:

Բայց դա մեր խնդիրը չի եղել: Ինքնապաշտպանութիւնից ու իրաւունքներից հրաժարուե՞լ, պարզ այն պատճառով որ հայեր ու թուրքեր, հարիւր տարի առաջ ու հիմա չասեն թէ՝ «հայերը եւրոպայից փրկութիւն են սպասել ու խաբուել են, քանի որ եւրոպացիք անտարբեր են»:

Ինքնապաշտպանութիւնը, մարդավայել ապրելու իրաւունքը, ամէն մարդու իրաւունքն է, անկախ նրանից թէ ով ինչ է ասում: Գուցէ եւրոպայից չեն սպասել օգնութիւն, պարզապէս կռուել են վրէժխնդրութիւնից դրդուած կամ Սուլթանը վախեցնելու համար, քրդերին զսպելու համար:

Ինչո՞ւ միշտ Թուրքիայում մարդկային իրաւունքների հետապնդումը առնչւում է դրսի վատ ուժերի տգեղ միջամտութեան հետ: Հիմա, 2010 թուականին, դեռ նոյնն են ասում ամէն անգամ որ ժողովրդավարական բարեփոխման պահանջ ն ներկայացնում ոչ-թուրք ազգային փոքրամասութիւնների ներկայացուցիչները:

Ուրեմն լաւ քաղաքացի, պարկեշտ մարդ լինելու համար, ըստ այսպիսի մտածողների, պէտք է հաւատարիմ մնալ թուրք բռնակալ վարչակարգի իշխանութեան: Սրանց համար (հայեր եւ թուրքեր), թուրք ազգի ներկայացուցիչների ազատասիրական ու ժողովրդավարական փոփոխութիւնների պահանջը արդարացուած է (քանի որ Օսմանի տնից են), իսկ նոյն փոփոխութիւնների պահանջը՝ հայերի կողմից արուած՝ մերժելի եւ պարսաւելի է, եւ Եւրոպային ձեռքին խաղալիք դառնալ է նշանակում: Միշտ թուրքը, պետութեան մէջի թուրքը պէտք է բարեփոխէ երկրի դրութիւնը, պետական վարչակարգը, յետոյ է որ հայը (սադըղ միլլաթը, հաւատարիմ ազգը) կարող է հետեւել նրան, անցնել նրա բացած ուղիով, միշտ հետեւելով թուրքին, այլապէս նա դաւաճան է, օտար ուժերի ձեռքին խաղալիք:

Այսպէս են լինում իսլամական հասարակարգում ապրած մարդիկ, դարերի ստրկութեան լծի տակ ապրելով: Շղթաները լծի, ժամանակի ընթացքում անտեսանելի ու թեթեւ են թւում, քանի որ նրանցով են ծնւում ստրուկների որդիները, որդիների որդիները:
Ընդհանուրից, ստրկամտութիւնից զարտուղի մտածողները համարւում են բաշիբոզուկներ, խառնակիչներ, յեղափոխականներ, արկածախնդիրներ եւայլն:
Բոլոր պետութիւնների հիմնադիրները այս վերջիններս են եղել:

Պետական մտածողութեան բացակայութիւնն է: Հայերս սովորել ենք լինել հօտ, կառավարուող եւ ոչ թէ կառավարող, ռայա եւ ոչ թէ իշխող, ստրուկ՝ առք ու վաճառքի ենթակայ եւ ոչ թէ ազատ մարդ:

Ազատ ենք եղել ուսման եւ վաճառականութեան մէջ, ու դրանցում խիստ փայլատակել ենք, քանի որ այլ մարզերում մեր գործունէութիւնը մեզի թոյլատրուած չի եղել: Ստիպուած ենք եղել մշակ, վաճառական, ուսեալ մարդ:
Խօսում եմ ընդանրապէս, նկատի առնելով Օսմանեան դարաւոր խաւարամիտ շարիաթական օրէնքների գործադրութեան ազդեցութիւնն ի նկատի ունենալով:

Tigris
05.10.2010, 17:44
Վուշաձէն չէ լսած Ջաւախք անունը, որուն ճանապարհին, Կարսի մօտ, հալեպցի 30 երիտասարդ հանրակարգով արկածի ենթարկուեցան:

Պէտք է ըսենք «Ջաւախեթի», որ մեզի խէթ աչքով չնային՝ ընկերները մեր վրացի: Թիֆլիսը ըրած ենք արդէն թբիլիսի. մեր սրտին ոչինչ ըսող ձայներու շարան մը: Ժամանակին Տփղիս էր, նայինք յետոյ ինչ պիտի կոչուի:

Վրացոց խելքով մենք պէտք է դժգոհինք թուրքօղլիներէն, վասզնի անոնք «Էրիվան» կը կոչեն Երեւանը մեր:

Վուշաձէն հիմա Վրաստանի մէջ առաւել նիշեր ստացաւ, վրացի գոռոզներէն, Երեւանի մէջ ունեցած իր յայտարարութեան շնորհիւ: Երեւի Վրաստան երկրի անունն ալ Սաքարտվելո՞ ձեւով պէտք է արտասանենք, որ վրացի մեր բարեկամները հասկընան ինչի մասին կը զրուցենք:
Ուրեմն մենք ալ բողոքենք «Արմինիա», «Արմենիա» անուններու գործածումէն՝ վրացական խելքով:

Տեղացի թուրքի կօշկակարի մը հետ կը խօսէի, տարիներ առաջ. հայազգի վարպետին հետ Հայաստան գացած էր, եւ ինծի պատմեց՝ "Hayastana gittik" (Հայաստան գնացինք) ըսելով:


///

Հին հայկական ֆիլմերը որքան դիտեմ, չեմ կշտանար: «Հարսնացու հիւսիսից» անունով ֆիլմը երէկ նորէն դիտեցի, մասամբ: Ամենաշատ սիրածս պատկերը տղու հօր հպարտառիթ պահուածքն է, երբ իր հնարաշատ կինը կը մեղմացնէ կովին անհանգստութիւնը եւ ռուս կնոջ ընել չկրցածը կ’ընէ հայ կնոջ յատուկ ճարտարութեամբ: Առիւծ մը ըսեմ, թէ արծիւ, մեր մարդը կը յորդի պարծանքով՝ հազիւ զսպելով , իր շուրջը կը դիտէ՝ քիչ մը թաքցնելով եւ քիչ մըն ալ ցոյց տալու համար իր թաքցուցած հպարտութիւնը: Ջա՛ն:

Մեր այս անմեղ, միամիտ եւ քիչ մընալ համով հոտով հայկական գաւառական հպարտութեան տգեղ եւ քաղաքականացած տեսակն է Վուշաձէի սնապարծութիւնը, թէ ինք իր մեծագոյն ու հնագոյն փոքրամասնութեան բնակած վայրի հայկական տարբերակով արտասանուած տեղանունը չիտէ:

Ռուսերէն չեմ գիտեր, սակայն Նիկոլայ-ջանի դէմքի ծամածռութիւնները շատ բան կը խօսին, հասկընալի են եւ համամարդկային:
Սակայն կան կարծես զուտ հայկական շարժուձեւեր, դէմքի, աչքի եւ մարմնի արտայայտութիւններ, որոնք կապուած են հայկական հոգեկերտուածքին: Քանի որ մեր քաղաքի հին սերունդի հայերն ալ, հօրս տարեկից մարդիկ, նոյն ձեւերը, նոյն շարժումները՝ "Ջիգարխանեանի", Ազատի, Երուանդի եւ միւսներու, կը կատարեն անգիտակցաբար: Անոնց դիտած ատենս կը մտածէի. «Մեր փողոցի նարդի խաղացող հայերն են կարծես»:

Բացառիկ արուեստագէտներ եւ բծախնդրօրէն մտածուած եւ պատրաստուած գործ:

Tigris
06.10.2010, 12:32
Ալիեւը ձերբակալել տուաւ մի հայ հովիւ, եւ Կիրիլից կամ Կիւրեղից ստացած տոլերանտութեան շքանշանի տուած ինքնավստահութեամբ՝ ցուցադրեց հովիւը արար աշխարհին եւ յետոյ սպանեց, Աստուած գիտէ ի՛նչ ձեւով:

Ալիեւը կրակում է Հայաստանի վրայ, ամէն րոպէ ամէն պահ: Շաբաթը հասնում է հազար կրակոց եւ աւելի: Մերոնք եւ ուրիշներ ասում են թէ՝ Ադրբէջանը եթէ կարողանար պատերազմել, կը պատերազմէր արդէն: Ճիշտ է: Սակայն ի՞նչ է անում այդ չինգիզխանական պետութիւնը, անվերջ գրգռելով հայերին. հազարաւոր խաչքար ջարդելով, խաղաղ քնացող հայ սպային կացինահարելով, սահանապահ հայ զինւորին սպանելով, ճանապարհը կորցրած հայ հովւին սպանելով:

Ալիեւստանի վարիչները վախկոտ լինելով հանդերձ քաջ գիտեն, որ Հայաստանն էլ չի ուզում պատերազմել: Ոչ պատերազմ ոչ խաղաղութիւն դրութիւնը Ադրբէջանին ձեռնտու չէ, քանի որ փաստօրէն 15 տարի է այդպէս է (հրադադարի խախտումով) եւ Հայաստանը կամաց-կամաց աշխարհին համոզում է Արցախի Հայաստան լինելը, կամ Արցախի հայկական լինելը:

Ադրբէջանը փորձում է Հայաստանը հանել իր հունից, գժուեցնել, կատաղեցնել (բլթակների վրայ մատ ունեցողներին), որպէսզի պատժիչ գործողութեամբ կամ ինչ-որ յարձակումով վրէժխնդիր լինի Ադրբէջանի գրգռիչ գործունէութիւնից: Ադրբէջանը վստահ է, որ աշխարհի՝ տարածքում խօսք ունեցող պետութիւնները չեն թոյլատրելու Հայաստանին, որ պատժէ Ադրբէջանը: Աւելին՝ եթէ ոչ բոլորը Հայաստանին տալիս են «ագրեսոր»անունը, ապա հայկական յարձակումից յետոյ բոլորը տալու են այդ անուանումը եւ աշխատելու են ճնշումներ գործադրել ադրբէջանամէտ լուծման հասնելու համար:

Ադրբէջանը փորձում է ջղայնացնել հայերին, որպէսզի Հայաստանը իր պատժիչ յարձակումով պարզէ իր «յարձակողական» դիմագիծը ու Արցախի բանակցութիւններում չունենայ ինքնարդարացում:

Այստեղ Հայաստանի դիւանագիտական շահը պահանջում է լինել «բարի», խաղաղասէր:

Tigris
06.10.2010, 19:08
Ինչո՞ւ կը սիրենք մեր ֆեդայիները, մեր հերոսները, մեր ազատամարտիկները: Այստեղ յոգնակի եղանակը եթէ շատ թուաց, թող ըլլայ եզակի: Ինչո՞ւ կը սիրեմ:


Որովհետեւ կը գանգատինք «ԵԱՀԿ»էն, որ միայն «ադրբէջանցի» գաղթականներով կը զբաղի, կը գանգատինք Ռուսիայէն, կը գանգատինք Եւրոպայէն ու Ամերիկայէն: «Վաճառւող են», «կաշառակեր են», - ընթերցեցի այսօր թերթին մէջ ԵԱՀԿ-ի «Մինսկի» առաքեալներուն մասին:
«Ժառանգութիւնն» է բողոքողը: Եթէ ԵԱՀԿ-ի փոքրաստիճան պաշտօնեաները կաշառակեր են, մանր նաւթադոլարով վաճառւող, ապա ԵԱՀԿ-ի անդամ հեղինակաւոր երկիրները մեծ կաշառակերներ են:
Բանն այն է, որ դեռ վերջնական առեւտուր չէ կայացած՝ Նաբուքո-մամուքո-ի, «հիւսիս-հարաւ կապոյտ վառելիքի», եւ չեմ գիտեր ինչի:


Մեք, հայերս, միշտ յոյս եւ հաւատ ունենալով արդարութեան հանդէպ, միշտ հանդիպած ենք մեծ պետութիւններու վաճառուածութեան: Վաճառուածութիւն, որ մեր աչքին այդպէս է, բայց իրենց տեսանկիւնով՝ սեփական շահ է:


Կրկնելով՝ չկայ ազգերու ընտանիք, որու հայրը սիրելով իր զաւակները, բոլորին համար եւ բոլորին հանդէպ որպէս հաւասարի կը նայի: Ովքե՜ր են կուգան այստեղ օգնութեան, պահելու արդարի, գեղեցիկի, լոյսի եւ ճշմարտութեան հանդէպ մեր հաւատքը, եթէ ոչ ազատութեան մարտիկները:


Մեր ազատութեան մարտիկները, ֆեդայիներն ու անանուն հերոսները, նման չեն կայսերապաշտական պետութիւններու «հերոսներուն»: Անոնք բռնակալութիւններու պահապանները եղած են, ժողովուրդներու բանտերուն բանտապահները եղած են:
Մեր հերոսները այդ «հերոսներուն» դէմ կռուած են:


Իսկական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ, երբ որ թուրք երեխաները ուխտի երթան Գէորգի գերեզմանին- որ պէտք է նորոգուի Էրդողանի վարչակարգի հանդուրժողականութեամբ եւ զերո-խնդիրութեամբ:
Գէորգը, Արաբոն, Սերոբն ու միւսները վասն մարդկային վեհ նպատակներու զէնք բարձրացուցած են, եւ այսօրուայ թուրք վարիչներու բարբաջածը՝ լաւ ու ազնիւ նպատակները, դեռ 130 տարի առաջ մեր յեղափոխական ֆեդայիները հետապնդած են:
Անոնց դէմ պայքարեցաւ Էրդողանի հոգեհայր Օսմանի տունը, քանի որ հա՛յ էին: Ճիշտ այդ պատճառով կըսեմ, երբ որ Արցախեան Ազատամարտի նահատակներու Պանթէոնին ուխտի գան ալիեւները, այդ ժամանակ անկեղծ եւ վերջնական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել:
Հայ հերոս նահատակները արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար նահատակուեր են: Արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ թուրքերը կրնան գոյակցիլ մեզի հետ նոյն տարածաշրջանին մէջ, հետեւաբար, թուրքերը պէտք է յարգեն մեր ազատամարտիկներն ու 19րդ դարի հայ ազատագրական պայքարի ֆեդայիները:

Tigris
08.10.2010, 12:59
Մեր քաղաքի խանութներու ցուցափեղկերուն վրայ աւելցած են թռչունլանդ կատարուելիք զբօսաշրջային ազդերը: Ոչ-ծովային պտոյտներու հիմնական թիրախը Ղազիանթեպ կոչուած մօտակայ ամենամեծ քաղաքն է, ուր կը հասնին քաղաքիս հայ եւ ոչ հայ քրիստոնեայ զբօսնողները: Ղազիանթեպի հետաքրքրելին՝ մեծ մօլերն են (հանրախանութները), ուր կը վաճառուին թուրքական հիւսուածեղէն, հագուստ-կապուստ, եւայլն: Քաղաքը յայտնի է քաբաբի, լահմաջիւնի (մսաշօթ) եւ այլ տեսակի խմորեղէններու համեղ պատառներ համեցնող ճաշարաններով: Կենդանաբանական այգի չունեցող քաղաքիս բնակիչները կը փափագին տեսնել նաեւ թուրքիայի անասունները, այցելելով հայվանաթ բախչեսին:
Նոյն զբօսնողները մեր այն ժողովուրդն է, որ կը պահէ եկեղեցի, դպրոց եւ աւանդոյթներ: Նկատի չեն առներ, որ թռչունլանդը շրջափակած է ՀՀ-ը: Թերեւս չեն ալ գիտեր դորա մասին:

Այս ամառ տեղեկացայ, որ համաքաղաքացիներուս մէջ կան թուրքիա երթալը մերժող հայեր: Թէեւ քիչ են այդպիսիք, այդուհանդերձ այդ քիչերը մտածել տուին ինձի, եզրակացնել տալով անոր մասին, որ որեւէ տեսակի մեկնողական բացատրութիւն՝ թռչունլանդ երթալը արդարացնելու համար, տեղին չեն գտներ: Անոնք չեն երթար, եւ վերջ:

Չեն երթար, քանի որ այդ երկիրը ներկայացնող պետութիւնը սպանած է իրենց ցեղը եւ գողացած է իրենց հայրենիքը:

Tigris
09.10.2010, 22:12
Ծանօթներիս կհարցնէք իմ մասին. կասեն Տիգրիսը քարտէսներին նայել շատ է սիրում:
Եղբայրս Վաղարշապատից բերել էր մի շատ որակաւոր, գիտական պատրաստութեամբ քարտէս՝ ՀՀ-ի եւ ԼՂՀ-ի վերաբերեալ:
Երէկ, Վաղարշապատի ծննդեան տարեդարձն էր: Կոչւում է նա եւ Էջմիածին:

Միշտ նայում եմ սահմանից այդ կողմ մնացածը իմանալու – կարծես մեր ունեցածը բաւարար գիտեմ: Նայում էի այժմ «Թուրքիա» անունով ներկայացած՝ ՀՀ-ի անմիջական հարեւան տարածքը գրաւող երկրում եղող բնակավայրերի անուններին: Քարտէսը պատրաստողները յատուկ խնամքով ներկայացրել են այդ տարածքի հայաշունչ եւ հայերէն անունները: Նոյնը ակնկալում էի տեսնել Իրանի տարածքում, ուր չտեսայ հայերէն ու հայաշունչ շատ անուններ:

Արաքսի հովտի հարաւային ափով անցնում էի, մինչեւ հասայ Խուսափերինի կամուրջը, որից յետոյ գտայ Լարիջան անունը, սրանից յետոյ մի քանի գիւղաւաններ, յետոյ՝ Արցախի Հադրութի ուղիղ հարաւը էլի գտայ Լարիջան:

Պարսկերէն տեղանուանական –աջան ածանցի պահլաւերէն եւ հայերէն ձեւն է –ական ածանցը: Լարիական > Լարիկան:
Լարիջան տեղանուան ջան մասը, ջան-ից («հոգի») առաջացած չպէտք է լինի, այլ՝ -աջան-ից:


◦◦◦

Երէկ լսում էի Ռագըբ Զարակօղլուն: Ռագըբ անունը ուրիշ առթիւ չեմ լսել: Հաւանաբար արաբական ռակիբ անունն է: «Զառաակ» արաբերէն նշանակում է ծեփող, սուաղող:

Մի քանի օր առաջ ընթերցեցի Չաքրեանի յօդուածը՝ իսլամի գաղափարախօս եւ գրող Աբդուռահման Դիլիպակի յօդուածի մասին, ուր յօդուածագիրը ձաղկում է Դեւլեթ Բահչելին:

Դեւլեթ բառը ինձ յիշեցրեց թուրքի պետականասիրութիւնը: Մի օր հետեւում էի «Մեծ Միութեան Շարժում» կուսակցութեան պետի1 հարցազրոյցին, երբ ասում էր .«Ջանս ֆեդա լինի պետութեան համար»: Խօսում էր իր բանտային չարչարանքների մասին, ու այդ տխուր առիթով զրուցավարը ակնկալում էր նրա պարսաւանքը պետութեան հանդէպ: Բայց նա դեւլեթչի է, պետականասէր, պետականապաշտ: Առնուազն այդպէս ասաւ. Յազըջըօղլու Մուհսինը, որի կուսակցութեան երիտասարդական մի թեւը, կարծեմ, մեղադրւում է մեր Հրանտը սպանողների հետ կապ ունենալու մէջ:
Նա այժմ չկայ:

Հիմա, մակերեսային մարդը կարող է մտածել, որ պետականասէր լինելը վատ բան է, այսպիսի ոճրագործների բանն է: Կապ չունի:
Թալեաթ փաշա կոչուածը, օրինակ, սիրում էր ջուր խմել, ինչից հետեւելով չենք կարող ասել, թէ ջուր սիրողները վատ մարդիկ են անպայման: Յետոյ՝ ջուրը սիրելու կերպերն ու տարբեր դրդապատճառները կան: Ջուրը գործածելու օգտակար եւ վնասակար ձեւերն էլ կան: Բոլոր ձեւերով սիրողներն էլ ջուրը սիրում են եւ նոյն ջրասէր «կուսակցութեանն» են պատկանում:

Մեր հայերն էլ օգտագործել՝ անուանակոչուել են այդ անուանբ: Դեովլեթ (անձնանուն), Դեովլեթեան (ազգանուն), Ամիրդովլաթ (պետութեան իշխան– արաբերէն):

Դեհ, երեւի հասկացած կինէք, որ խուսանաւում եմ, մանեւրում եմ բուն ասելիքիս շուրջը, որ Աբդուռահմանի միտքերի մասին է:
Խոշոր գլուխով այս մարդը միշտ ինձ մօտ թողել է ոչ «նորմալ» թուրքի տպաւորութիւն: Լեզուն նրա, օգտագործած բառերը, արտայայտչաձեւը կարծես մատնում են նրա ոչ տեղացի լինելը: Բայց անշուշտ նա թուրքիացի է: Երբ զգուշանում եմ բուն ասելիքս ասելուց, խուսանաւում եմ: Այժմ զգուշանում եմ, քանի որ վստահ չեմ, թէ ճիշտ բառերով, յստակ մեկնաբանութեամբ պիտի մատչելի դարձնեմ ասելիքս:

Երբ մահմեդականութիւնը տարածուեց, տարբեր ազգեր, ցեղեր եւ ժողովուրդներ մուտք գործեցին նրա տարբեր պետութիւնների մէջը: Ամենաշատ գործածւող լեզուներ խօսող ժողովուրդները իրենց մէջ ձուլեցին փոքր ժողովուրդներին:
Ռուբէնն ասում է, թէ Պոլսոյ հասարակ տաճկին եթէ ասես, թէ «նա թուրք է», խստիւ կը զայրանայ, քանի որ նա, թէեւ թուրք է մեծ հաւանականութեամբ, կամ թրքացած, ինքն իրեն համարում է մուսուլման, մուսուլման օղլի մուսուլման: Հին ժամանակներում այսպէս է եղել. ազգութիւնները կամ պատկանելիութիւնները ճանաչուել են պատկանած կրօնով եւ կամ կրօնի այս կամ այն յարանուանութեամբ:

Մենք, հաւասարապէս տառապել եւ կեղեքուել ենք իշխող այլազգիներից՝ ինչ գաղափարարի էլ պատկանած լինեն: Ես այստեղ չեմ ասում ո՛րն է քաղցր:

Մեր ժամանակագիրները, պատմագիրները, նրանց համար գործ են ածել «տաճիկ» բառը: Սկզբնապէս այդ անունը տրուել է առաջին մուսուլմաններին, յետոյ վերջիններս ձուլուել են նոր եկող մուսուլմանների մէջ եւ առաջինների տրուած անունը փոխանցուել է երկրորդների, երրորդների եւ չորրորդների վերայ:

Շատեր այժմ զգում են որ իրենք թրքացեղ չեն, բայց նաեւ ուրիշ բան էլ չեն կարող լինել՝ բացի մուսուլման-թուրքիացի լինելուց, քանի որ մոռացել են նախապապերի լեզուն, որ, գուցէ մին չի եղել:
Յստակ էլ չէ, թէ ի՛նչ են եղել, թրքացեղ, սեմացեղ, արիացեղ, կովկասացեղ, բալկանցի եւայլն: Ինչո՛ւ չէ՝ նաեւ վերը յիշուածի բոլորը միատեղ: Հետեւաբար, նրանց համար աւելի հարազատ եւ տրամաբանական է լինել իրենց այսպէս լինելու դրդապատճառ հանդիսացողի ձեւած կաղապարին մէջ, որ է՝ լինել օսմանցի, նոր-օսմանցի: Անշուշտ միջուկն ու շարժիչը թուրք ցեղն է, որ հզօր իսլամի գաղափարախօսութեան եւ պետական մտածողութեան մէջ չի երեւում:

Կերտուելիք նոր թուրքիան, ըստ երեւացածին, Օսմանեան Կայսրութեան արդիականացած յաջորդն է լինելու, եւ ոչ թէ Քեմալական Թուրքիայի: Անտարակոյս, Քեմալի աւանդը նոր օսմանեան թուրքիայում երեւալու է լատինատառ թրքերէնի եւ եւրոպական զգեստի մէջ:

Օսմանի տան նոր ներկայացուցիչները խորշում են երիտ-թուրքերի կասկածելի ինքնութիւնից եւ գործունէութիւնից: Բայց այստեղ չի գործում «թշնամուս թշնամին բարեկամս է» օրէնքը:

Չմոռանալ՝ որ Օսմանի տնից են աբդուլհամիդները: Նրանց դարաշրջաններում են դատարկել հայաբնակ գաւառները, կրօնափոխել մնացողները՝ մինչեւ որ, որպէս ուտելու յարմար՝ պատրաստի պատառ, յանձնել են երիտ-թուրքերին:

Մեր դատը, դատի արթած զայրոյթը, զայրոյթից ծնած վրէժխնդրութեան զգացումն ու ցասումը նմանեցնում եմ սոված վիշապի արածին, որ իր սովից դրդուած չի նկատել կուլ տալիք եղնիկի չափերը ու «ընդունել» է նրան իր մէջ, ինչի պատճառով պայթել է:
Քաղցածութիւնը միանգամից յագեցումով փոխարինելը առողջութեան վնաս է, եթէ ոչ մահացու:

Մածունը որ չորանում է, չորթան է լինում. նրան ոլորելով գցում են ուղեւորի տոպրակին մէջ:
Մածունի նման կը կծկուեն ընդարձակ չափեր ունեցողները, ուշ կամ կանուխ, ու կը վերածուեն չորթանի՝ կուլ տրուելու համար վերցնողներից: Կարեւորը, երբ գայ օրը, վերցնողներից մեկն էլ մեք լինենք: Ահա այդ ժամանակ, այս անգամ իրաւ ծովերի այն կողմից պիտի գան արմենները. Կալիֆոռնիայից ու Աւստրալիայից, Մարսիլիայից ու Աթենքից, ու պիտի կայք հաստատեն պապերի բնօրրանում:

Մարդիկ կան, սիրում են երազը պահել այդպիսին, որպէսզի միշտ անհասանելի «երազ» լինի: Մարդիկ էլ կան, մտածում են երազը կեանքի կոչելու ձեւերի մասին, մեքենայութիւններ ստեղծելով, կազմակերպուելով՝ երազը իրական դարձնելու համար:
Որքան հետեւողական լինես երազդ կեանքի կոչելու գործում, այնքան դրան մօտ կլինես, ու եթէ կեանքը քեզ երկար կեանք պարգեւի՝ կհասնես անձական այդ երազ-նպատակիդ իրականացմանը:
Որքան հետեւողական լինես, ու որքան ժամանակ ունենաս երազդ իրական կեանքին բերելու գործում, այդքան ցնորք լինելուս հեռանում ու իրականին մօտենում է:

Ազգերն էլ մարդու նման՝ որքան երկար կեանք ունենան, հետեւողական լինեն, նրանց հնուց եկած, բայց ոչ հնացած երազները իրականութեան մօտ եւ նոյնիսկ իրական են դառնում:

Առանց ազգային գաղափարախօսութեան, ազգերը չեն կարող հնուց եկած անկատար երազները պահել եւ յաջորդ սերունդներին աւանդել: Ազգը ազգ պահող, եւ նրա գոյութեանը իմաստ հաղորդող կարեւոր գործօն է ազգային գաղափարախօսութիւնը:
Ինչպէս մարդը, նմանապէս Ազգը, հարցադրում է իր գոյութեան իմաստը, որոշում է անելիքը եւ փնտրում ապագան:
Ազգային գաղափարախօսութիւնը, որ ազգի հին ու նոր գաղափարախօսների մտքերի վերիվարոյ ամփոփումն է, օգնում է ազգային պատկանելիութիւն ունեցող մարդուն՝ գտնելու իր դիրքն ու որոշումը: Այստեղ, ըմբոստ ու յեղափոխական ոգին, հայ մարդուն, խորհում է, թէ ինք պարտադրուած չէ պատրաստի գաղափարներ ունենալ ու կաղապարների մէջ մտնել: Փորձում է գտնել ուրիշ ուղիներ, դաւանում է ուրիշին, ստեղծում է իրենը.. ի վերջոյ, պատահաբար թէ ինչ, գալիս է ու կանգնում նախորդների կանգնած տեղը, տեսնում է նրանց տեսածը ու խորհրդածում.- «Մօտ եմ Մասիսին, բայց կարօտ եմ Մասիսին» (օրինակի համար),- եւ յիշում է, կամ յայտնաբերում, որ նոյն խօսքը իրենից առաջ ուրիշն է ասել, նոյնն է մտածել, իսկ ինք անգիտակցաբար նոյնին է եզրակացել՝ անկախաբար, ազատ կամքով ու մտքով:

1. Բանտարկուել է 80-ականներին՝ Մարաշի դէպքերում ալեւի թուրքեր եւ արաբներ կոտորելու մեղադրանքով:

Tigris
11.10.2010, 21:11
Ինչպէս գիտենք, սերբ բեմադրիչ եւ երաժիշտ Էմիր Կոշտուրիցան Թուրքիայում ենթարկուեց այդ պետութեան մշակոյթի նախարարի եւ այլոց խիստ քննադատանքին, պարզ այն պատճառով, որ Էմիրը վերադարձ է կատարել պապերի հաւատքին եւ ժողովուրդին:

Բոսնիայի մահմեդական սերբերի եւ թուրքերի սպանդի համար պիտի անուանարկել Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութիւնը, որ որոմ ցանեց, սեպ խրեց, թունաւորեց տարածքի եղբայր ժողովուրդների միջեւ: Եւ սերբ քրիստոնեայն հալածուեց եւ ջարդուեց իր ցեղակից սերբ մահմեդականից: Հարեւան երկրից մահմեդականացած ալբանացիներ բերուեցին եւ բնակեցուեցին սերբերի երկրում:

Չարիքի արմատը օսմանցիներն են, ովքեր լինելով եկւոր, իրենց հետ բերել են ուրիշ եկւորներ, որպէսզի ոտները ամուր լինեն նոր նուաճուած երկրի վրայ:
Նոյնը կատարուեց Հիւսիսային կովկասում: Քրիստոնեայ չերքեզներին (ադըղեններին), չեչեններին, աբազաներին եւ դաղստանեան տարբեր ժողովուրդներին իսլամացրին, տաճկացրին, տարբեր վայրենաբարոյ ձեւերով ու ճնշումներով: Այդ ժողովուրդները երկար ու տաժանալից պայքար են մղել պաշտպանուելու համար օսմանցիներից, ինչը չի յաջողուել ու ի վերջոյ դարձել են «օսմանցի» (մահմեդական)՝ տարբերելով ու օտարանալով հարեւան ազգերի մշակոյթներից. օսերից, վրացիներից ու հայերից:
Ժամանակ առ անց, շուտով մոռանալով իրենց հայրերի պայքարը նուաճողների դէմ, դարձել են նրանց զինւորագրեալները, ու մ ինչեւ հիմա այդպէս են:

Նոր կրօնը մոռացնել է տալիս ազգը, ազգային պայքարը, ազգակից ու ցեղակից ժողովուրդների հետ հոգեւոր ու մշակութային միասնութիւնը: Ահա թէ ինչով է զօրաւոր օսմանականութինը, իր մէջ ձուլող, միագոյն միատեսակ քաղաքակրթական դաշտ ստեղծող:

Սրեբրենիցայի կոտորածը՝ Հայաստանում կատարուած հարիւրաւոր կոտորածներից մեկի նման մեկը, դարաւոր օսմանեան բրտութեան պատասխանն էր, թէեւ մերժելի:
Օսմանցիք ի վերջոյ վտարուելով իրենց հայրենիք դարձնել ուզած երկրներից, Բալկանեան թերակղզուց, 1912ին, ի վերջոյ եկան այն կուռ համոզման, որ Ասիան. Անատոլիան եւ Հայաստանն են լինելու օսմանցի թուրքերի վերջնական հայրենիքը ու Միջինասիական Թուրքեստանի շարունակութիւնը: Ու որոշեցին վերջնականապէս բնաջնջել հայութիւնը, ամենայարմար առիթին, որպէսզի հայութիւնը սերբերից, մակեդոնացիներից ու բուլղարներից օրինակ վերցնելով չվտարեն օսմանցի թուրքերը, ու չկերտեն անկախ Հայաստան:

Այս տեսարանի վրայ, թւում է, Թուրքիան լինելու է վերջին բարոյախօսը, վերջին միջամտողը. իր հարեւան երկրների վերաբերեալ: Սակայն տեսնում են հակառակը՝ չի լռում ու բարոյախօսական դասեր է տալիս:
Մտածում եմ՝ գուցէ չգիտեն պատմութիւնը, գուցէ չեն ճանաչում իրենց նախկին հպատակ ազգերի պատմութիւնը: Միւս կողմից, մտածում եմ, զարգացած մարդիկ են Թուրքիայի վարիչները, հետեւաբար երեւի գիտեն պատմական ճշմարտութիւնը: Եթէ այդպէս է, ուրեմն ինչո՞ւ իրաւախօսի եւ իրատէրի դիրքերից են յայտնւում:
Սրա պատասխանը, կարծում եմ, զարգացող տնտեսութիւնն է, եւ աւելի կարեւորը՝ իշխողների գաղափարական պատրաստուածութիւնը:

Ինչպէս գիտեմք, Կոնստանտինի Պոլիսը գրաւող թուրքը կոչւում է Մուհամմեդ Ֆաթիհ: Ֆաթիհ արաբերէն նշանակում է՝ բացող: Նա բացել է դռները քաֆիրների երկրի, աստծու որդիների առաջ,- ըստ նրանց:
Նրանք, իրենց գրաւումները կոչում են բացում: Հետեւաբար, լինելով մովսիսականութեան հոգեւոր զաւակները, եւ իրենց եհովայից ունենալով աւետեաց երկրներ բացելու հրամանագիր, նրանք այդ բացելու արարքը շատ բնական եւ արդար են համարում: Տեղացի ժողովուրդներին էլ իրենց ուզածի պէս «բացուած» պահելը երկնքից տրուած իրաւունք են համարում:
Ուստի, շատ բնական է, որ այս գլուխներով իշխանութեան եկած թուրքերը միջամտեն հարեւանների գործերին եւ հանդիմանեն, չնայած վերջիններիս ազգային ու մարդկային խնդիրների ակունքում կանգած են հենց օսմանեան թուրքերը:

Մեծամտական հիւանդութեամբ են վարակուած թուրքերը, ու դեռ շատ պիտի չարչարուեն այդ հիւանդութեամբ, ու ապշեն, քանի դեռ առասպելախառն համոզումներն ու ճշմարտութիւնը միախառնուած է իրենց մտքերում:


€€}ƒƒ

…‡‡ˆ†

Վերեւի սեպագրերը հայկական հեռուստաալիքների երեկուայ լրահոսի առաջին լուրի մասին է, առ այն, որ Արգիշտի թագաւորը որոշեց բերդ կառուցել. Արարատեան դաշտի մի բլուրի վրայ: Լուրը հաղորդող մի հաղորդավարուհի ժպտում էր, ուրախութեամբ, եւ ոչ թէ ծաղրանքով, իր հետ ուրախացնելով մեզ, կարծես խօսում էր ինչ-որ պետական օտարերկեայ պաշտօնեայի այցի մասին ի Հայաստան, կամ ինչ-որ պետական միջոցառման մասին:
Արգիշտիի մասին լուր հաղորդուեց, կարծես նոր է իջել օդանաւից ու պիտի մասնակցի արարողութեան: Լրատւութեան ձեւը եւ նրա առաջինը լինելը, Արգիշտին կենդանացրեց մեր աչքերում եւ իմացականութեան մէջ՝ մեր այդօրուայ առօրեայում:
Երանի քեզ թագաւոր, որ բախտ ես ունեցել ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքի հիմնադիրի համբաւը, քո կատարած անմահ գործով, որն ըստ իս, հիմնադրելուց աւելի, այդ հիմնադրութեան վկայումն է արձանագրութեամբ:

Շատ կարեւոր է արձանագրութիւն պահելը: Արձանագրութիւնների շնորհիւ ազգերն ու ունենում են յիշողութիւններ: Յիշողութեամբ պահւում, պահպանւում եւ գոյատեւում են դարեր շարունակ: Հրեաները լինելով ծագումով հովիւ ժողովուրդ, շրջապատուել են իրենց ժամանակի ամենազարգացած ժողովուրդներով: Վերցնելով նրանց գիտութիւնները, իրենց զաւակներին են սովորեցրել՝ լինել յիշողութեան տէր. հաստատելով դպրութեան հաստատութիւնը: Ու հրեայ մանուկը, դպրելով իր գլուխն ետ ու առաջ է տանում, սովորելու համար հազարաւոր տարիներ առաջ արձանագրուած արձանագրութիւնները՝ պահելով հրէականը եւ պահուելով հրեայ:
Շատ ազգեր չունենալով գիր ու գրականութիւն, դպրանոցներ ու դպրոցական հաստատութիւն, կորչել են կեանքից ու դարձել պատմութիւն: Խառնուել են դպրութիւն ունեցողների մէջ:
Երբեմն ունենալով հանդերձ գիր ու գրականութիւն, տեղի են տուել ուրիշ ազգերի գիր ու գրականութեան, քանի որ վերջիններիս դպրութիւնը,- նուաճող լինելով հանդերձ,- աւելի զարգացած ու աւելի գործնական է եղել: Այսպէս Փոքր Ասիայի ժողովուրդները հելլենացան, Եւրոպայում լատինացան գալլերը:
Մեր հայերէնում կան բազմաթիւ բառեր, որ միայն մենք ունենք եւ մեր նախնիք արարատցիները: Իրանական եկամուտ բառապաշարից բացի, հայերէնը բառապաշարի երկու շերտ ունի, հնդեւրոպական եւ ոչ հնդեւրոպական: Ոչ հնդեւրոպականը Ուրարտուի ցեղերի բարբառներից է աւանդուել: Յաճախ, բռնազբօսիկօրէն հնդեւրոպականը սահմանազատել են խուռիականից, չնայած ակնյայտ նմանութեան:
Հիմա լեզուաբանական մթնոլորտի մէջ չեմ, պատրաստուած չեմ գրում, սակայն ինչ որ յիշում եմ, լեզուաբանից մէջբերելով՝ –ախ-ով վերջացող բառերը մեծ հաւանականութեամբ Ուարրտուից ենք ժառանգել, եւ միայն մենք. միայն մեր լեզւում կան այդքան ուրարտական բառեր:
Բառեր չստուգաբանուած՝ քանի որ այժմ չկան խուռիական լեզուանտանիքին պատկանող լեզուներ խօսող ժողովուրդներ, չկայ այդ լեզուաընտանիքի բառապաշարը լիարժէք ուսումնասիրած կատարեալ գրականութիւն, շատ բաներ անյայտ կորել են պատմութեան մէջ: Կան մեր լեզւում պահպանուած բառերը, որոնք չկան ուրիշ լեզուների մէջ:
Ձախ, թարախ, ոսոխ, խիզախ…

Խուռիական ժողովուրդները երեք ազգերի մէջ են մտել, եւ ապագայում այդ ազգերից կազմուած նոր ազգերի մէջ: Հայերի, մարերի եւ ասորիների մէջն են խառնուել խուռիական ցեղերը: Առաւելաբար ասորիների:

Հայկը՝ ներկայացնում է հայերի արարատեան նախահայրը, որ կռւում էր ծայրագոյն հարաւից եկած եւ Միջագետքի բերրի դաշտերում բնաւորուած սեմացիների դէմ՝ ապաստանելով լեռներում: Նա իր շուրջը հաւաքեց «իրենից առաջ եղածներին», որոնց պայմանականօրէն ուզում եմ տալ հնդեւրոպացի-հայ անուանումը: Եւ կազմուեց արդի հայ ժողովուրդը:

Վերջին չորս տողը առասպելախառն ենթադրութիւններ են: Չպէտք է ցանկութիւններից դրդուած պատմութիւն յօրինենք եւ նմանուենք քրդերին եւ թուրքերին:

Tigris
12.10.2010, 17:57
Անցեալ շաբաթ օրը Թարգմանիչներու տօնն էր: Մեր բնակած երկրի հայկական վարժարանները այդ օր փակ են՝ տօնելու Թարգմանչած տօնը: Իւրաքանչիւր ոք, որ կը գրէ ազգային լեզուով, մեր պարագային՝ հայերէնով, թարգանիչ է: Թարգմանիչն է սեփականին, ներանձնականին:

Սակայն տօնը կը վերաբերի ուրիշ լեզուներէ թարգմանողներուն: Ուստի նա պէտք է իմանայ լեզուներ: Թարգմանիչ չէ նա, ով չի թարգմանում բառերը, հասկացութիւնները. համարելով դրանք անթարգմանելի, քանի որ «միջազգայնացած են» եւ պէտք է իմանանք այնպէս որ կան:
Երկու տեսակի թարգմանիչներու շնորհիւ մենք ունինք «քրիստոս» եւ «փրկիչ», «եպիսկոպոս» եւ «տեսուչ»:

Անձնանուններն ու տեղանունները թարգմանելը սխալ է, եւ արդէն չեն թարգմանուած, սակայն ածականներն ու ընդհանուր հասկացութիւնները, ինչպէս՝ «մկրտութիւն», «յարութիւն», «առաքելութիւն» եւայլն, պարտին թարգմանուիլ, այլապէս թարգմանութիւն չի լինի կատարուածը:


**

Երէկ թուրքական արբանեակի ալիքներին գնացի, հետեւելու այդ երկրի հակահայ քաղաքականութիւնը: Ամերիկեան անուն ունեցող ալիք էր, թուրքալեզու, թուրքական, եւ բոլորովին ուրիշ աշխարհների մասին էր զրուցում:
Մարդը՝ իսպանացին, չորս օրով այցի է գնացել այլմոլորակայինների մօտ: Աւելի ճիշտ՝ նրանք են առել եւ մեր ժամանակով 15 րոպէ տարել են Հրատ, չորս օր պահել, հիւրասիրել ու յետ են դարձրել:
Ինձ մնում էր «տեսնել», քանի որ երկրի վրայ գործող օրէնքները չեն գործում նրանց հետ. նրանց կառուցուածքներն ու յարաբերութիւնները տարբեր են: Յիշեցի «Առասպել եւ Գիտութիւն» շարանս: Եթէ այլմոլորակայինները չեն բարձել տապանը Նոյի, եւ տեղադրել Մասիսի գագաթին, ապա ջուրը երկրի օրէնքներով չի բարձրանում 5000 մետր: Խօսք եղաւ Ինդիգո մանուկների մասին: Յիշեցի մեր ֆորումակիցի գրութիւնները, ու նոր հասկացայ, թէ ինչի մասին էր խօսում:

Հեռու գնալով իսպանացուն հաւատալ-չհաւատալու խնդիրը երկրորդական է լինում, քանի որ երկրի վրայ էլ «հրաշքներ» է պատահում. Chris Angel-ը եւ միւսները նկատի ունիմ: Բանն այն է, որ աշխարհը ճանաչում ենք մեր թերզարգացած, կամ ասենք՝ մեր մարդկային զգայարաններով ու կառավարելու թոյլ կարողութիւններով: Մինչդեռ կարելի է, որ լինեն շատ աւելի զարգացած զգայարաններ եւ կարողութիւններ ունեցող էակներ, մարդակերպ եւ այլակերպ: Եթէ բոլորս նոյն էութիւնից ենք, ապա նոյն էութեան մասնիկները ունինք մեր մէջ, պարզապէս մեր ստացած կերպերն են խանգարում, կամ մեր ապրելակերպն ու կամքի պակասը:


◦◦◦

Շրջանառութեան մէջ է դպրոցական ծեծ նկարագրող տեսաֆիլմ: Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար համացանցի կապս չի թոյլատրում ֆիլմեր դիտելը: Միշտ այսպէս է՝ աչքով տեսածդ տարբեր է լինում լսածիցդ...Հապա եթէ ցեղասպանութիւնը նկարագրող ֆիլմեր լինէին: Հաւանաբար դիտելուց ու դիտելուց մեր զգացումները բթանային, սովորական դառնային: Ուրեմն լաւ է, որ չենք տեսնում մարդկային դաժանութիւնը ներկայացնող իրական ֆիլմեր: Երեխաները սրբութիւն են:

Ես ցեղասպանութիւնը լաւապէս պիտի չհասկանայի, եթէ ցեղասպանատիպար ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի չունենայի մանկապարտէզում եւ նախակրթարանում: Ուրեմն առաջ. դէպի ծեծ ու ջարդ, դէպի մարդկային արժանապատւութեան նուաստացում, որպէսզի «հասկանանք» Մեծ Եղեռնը:

Երբեմն բարկանում եմ, խիստ է ձայնս. որոտացող: Լաց է լինում տղաս: Սիրտս չի դիմանում, փաթաթւում եմ ու ներողութիւն խնդրում:

Tigris
13.10.2010, 17:47
Այս աշնան օդը բացառիկ է` համեմատած նախորդ աշուններուն: Փոշին նուազագոյնի իջած է. օդը կարմիր փոշիի ամպեր չկան: Աչքս «չդպնայ»:

Ձուկս չի գիտեր, որ իր մասին մտածեցի երէկ: Փոքրիկ ու սեւ է, ապակէ սափորին մէջ միայնակ կը լողայ: Քիչ մը վեր, քիչ մը վար, աջ ու ձախ, ետ ու առաջ: Հասնելիք տեղ մը չունի: Չհարցուցի իրեն, թէ ինչո՛ւ կը լողայ. որպէսզի աննպատակ չթուայ կեանքը ու շարունակէ լողալը: Ինքը ձուկ է, պիտի լողայ:

Արդեօք կը յիշէ՞, որ զինք սափորիկին մէջ դնելէս առաջ կը լողար քիչ մը աւելի մեծ «ծովի» մէջ:

Համացանցի կապս կը նմանի հետզհետէ նուազող մաքուր ու քաղցր ջուրի աղբիւրներուն:
Վերը գիւղ մը կայ, որուն աղբիւրը միակն է գիւղին մէջ: Ամբողջ գիւղը կ’որոգուի այդ ջուրով եւ կը խմէ զայն: Աղբիւրի ակը գիւղի երիտասարդութեան եւ տարիքաւոր երիտասարդութեան հանդիպման վայրն է: Ակէն ջուրը բարակ թելի մը պէս կը հոսի: Անց ու դարձ ընող ճամբորդներ, տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ այդտեղ կը կանգնին. աղբիւրէն ջուր լեցնելու:
Ջրամանը վերցնողը մեյ մը կերթար` ակէն ջուր լեցնելու:
Համացանցիս կապն ալ այդ կաթիլ-կաթիլ ծորացող ջուրին պէս զիս կը հասկըցնէ, կարծես, որ չարժէր կանգնիլ եւ սպասել «ջրամանին» լեցուիլը:


Ամէն ինչ նուազելու ընթացքին մէջն է: Միայն մարդն է որ հետզհետէ կը բազմանայ: Հակառակ մարդու տեսակի բազմացման, այդ տեսակի հայ ենթատեսակը նուազելու միտում ունի, ըստ հետազօտողներու, քանի որ մեր գործածած սնունդի որակը, մեր շնչած օդի մաքրութիւնը դէպի վատը փոխուած են: Ի՞նչ ընենք:
Տեղէ տեղ կը փոխադրուիս, երբեմն, ու նոյն պտղատեսակն ու նոյն կանաչին համեղ է, կը նկատես: Մեր ուտելիքները, ամէնն ալ, կարծես սպունգ են ուռած, մէջը փուճ ջրածխանիւթերով, որոնք կը սպառենք, որոնց համար կը ծախսենք:
Մեր մեծերը կ’ըսէին, թէ պտուղներն ու կանաչեղէնը նախկին համն ու հոտը չունին: Այդպէս խօսելնին կը վերագրէինք անոնց քիմքի փոփոխութեան՝ տարիքի բերումով: Մինչդեռ այդպէս չէ, ուտելիքները իրապէս անօգտակար դարձեր են՝ գիրցնող առեւտրական ապրանք:

Անցեալ շաբաթ հայ հոգեբանները գանգատում էին, թէ հայ մարդը չի սիրում՝ չի գնում հոգեբանի մօտ բուժուելու:
Ի՞նչ թող անի հայ մարդը, երբոր հոգեբանն էլ, կամ հոգեբոյժը, տառապում է նոյն «հիւանդութիւնից» — որ անգործութիւնն է:
Ամերիկացիին կողը կցաւի, կվազէ հոգեբոյժի մօտ:
Այստեղ պէտք է միջամտեն կառավարիչները՝ գործ ու աշխատանք ապահովելով հայ մարդուն, որպէսզի հոգեկան ախտէ չտառապի, որպէսզի երեխային չծեծի:
Ընդէ՞ր պիտի բուժեն հոգեբանները, հրաբուխի բերանին կանգնած հայ մարդուն, որ մշտապէս ահի ու վախի մէջ է՝ մտածելով՝ որ որեւէ պահի կարող է հրաբուխը ժայթքի ու իր երեխաները որբանան:
Սին են այստեղ հոգեբանի ու հոգեբոյժի առաջարկները, դեղամիջոցները, որոնք կարծես, կախաղան բարձրացող մարդուն սովորեցնում են ժպտալով բարձրանալը:

Մեր ազգի հիւանդութիւնները գիտենք ինչ են. լուծումները քաղաքական ու քաղաքակրթական են:

Tigris
14.10.2010, 12:50
Արժէքներ ունենք, որ համայն մարդկութեանն են պատկանում, այլեւս, ու մեզ համար դարձել են սովորական երեւոյթ, ինչպէս Նիագարա ջրվէժին մօտ բնակող անձին համար ջրվէժը, կամ եգիպտական բուրգերի մօր ուղտապանութիւն անող եւ զբօսաշրջիկներ «որսացող» բեդուինի համար բուրգերը:

Երէկ, հարեւանցի նայում էի «Երկիր« հեռուստաալիքի մի հաղորդումը, որում ներկայացւում էր հոլլանդիացի մի արուեստագէտի տպաւորութիւնները Հայաստանից. ի մասնաւորի՝ հայկական ճարտարապետութեան մարմնացումը եղող հայկական տաճարներից:

Ի դէպ, չգիտեմ ուր եւ ումից տեղեկացայ, թէ «Երկիր-մեդիա»ն փակուելու վտանգին է ենթակայ. տխուր կլինեմ:

Աշխարհի շատ ժողովուրդների կերտած տաճարներն եմ տեսել. շքեղ, վեհ, փառահեղ, թագաւորական ճոխութեամբ ու նրբագեղ ձեռարուեստներով զարդարուն. երեւոյթներ, որոնցում գերազանցում են հայ ճարտարապետութեան նմոյշներին:

Սակայն հայկականը իր մէջ ունի մի ուրիշ երեւոյթ, որին չեմ տեսնում այլոց մօտ: Հարազատութիւնից բացի հայկականի մէջ անուշութիւն կայ. բարեհամբոյր է. մարդամօտ. երկնային եւ երկրային միաբար. հողից ու ընդերքից՝ բնութեան հետ ընդելուզուած: Զգում ես սրբակենցաղ վանականների, գիտնականների ու լոյսի մարդկանց ճգնանքը վանքերի բակերում. քարերի վրայ հետք են թողել կարծես նրանց հոգեպարար աղօթքները, խաչքարերի զարդանախշերը մաշուել են նրանց մատների ակնածալից հպումներից:

Միւսներինը՝ գունաւոր ապակիներով, ոսկիով ու ոսկեջրով են սլացիկ ու գեղեցիկ, իսկ մերինը՝ հայ մարդու քարի հետ ունեցած պարի, երգի ու թռիչքի համակեցութեանը պտուղն է:

Երբեւէ զգացե՞լ էք այն, զոր պիտի ասեմ: Տեսնել մի կին, զգալ քո կէսն է եւ կէսութեանդ բաւարար ներկայացուցիչը, նրան տենչալ այնքան շատ, որից սարսափ զգաս՝ խուսափես, քանի որ մտածում ես ժամանակը հերիք չէ՝ ապրելու, սիրելու, ծանօթանալու նրա բոլոր հրապոյրներին ու հրաշքութիւններին, այլեւ ապրեցնել ինքդ նրան, ու համապատասխան հրաշալիք պարգեւել. արժանի երկրպագութիւն, հոգատարութիւն եւ յարգանք տածելով նրան:

Ամէն անգամ որ լինում էի հայկական մի վանքում կամ տաճարում, լեռներում, ունենում էի վերոյիշեալ տենչանքն ու ակամայ խուսափումը: Ա՜խ, ժամանակը հերիք չէ, որ ապրեմ նրա հետ, շօշափեմ իւրաքանչիւր որմնագիրը, նախշը, նոյնիսկ ստացած վէրքը. ընկեր լինեմ իւրաքանչիւր քարին ու գոյնին, մէգով քողարկուելն ու պայծառ արեւի տակ պարզուելը տեսնեմ-հիանամ. ոչ թէ պարզապէս աղօթեմ, այլ աղօթքը շնչեմ ՝ նրան կենակցելով:

Tigris
19.10.2010, 21:40
Մի քանի անգամ ձեռքս գրիչը առած եմ, արձանագրելու միտքերս. ու հրաժարած եմ: Պիտի գրեմ մամուլի ու քաղաքական դաշտին մէջ տեղ գտած «աւելորդ-պակաս» խօսակցութիւններու մասին, ու այդպէս ընելով յաճախ, գրածս ալ դարձած է «աւելորդ-պակաս» խօսակցութիւններու աղմուկին մէջ աղմուկ մը:
Քաջագործութիւն է կարծես՝ տեսակցիլ ազերի-թուրք քաղաքական, կամ ինչ-որ գործիչի մը հետ, եւ ցոյց տալ հայաշխարհին եւ ամէնուն, թէ տեսէ՛ք ինչքան ճկուն ենք մենք, ու անլուծելի եւ անելանելի թուացող անելէն դուրս ելանելու գաղտնաբառը ունինք:
Այդպիսի քաջագործութիւն բոլորս ալ կրնանք ընել, եւ տակաւին համաձայնագիրներ ստորագրել՝ կապոյտ երկինքի, զուլալ ջուրի, անապակ օդի եւ լաւ երաժշտութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Սակայն երբ որ դիւանին հասնինք, ու պատասխանատու որոշումներ ընդունելու անդունդի եզրին գտնուինք, նայիմ մեզմէ ովքեր պիտի համարձակին Ազատագրուած Հայաստանն ու ազատագրուած նախկին ԼՂԻՄԻ տարածքները՝ այսինքն ԼՂՀ-ի տարածքները թուրքին տալու որոշում մը ստորագրել:

Մեծ խօսիլը լաւ չէ, ապագայի ի՛նչ ըլլալը մեզմէ ոչ ոք գիտէ, եւ ատոր հայանպաստ ըլլալէն ալ վստահ պէտք չէ ըլլանք: Բայց եւ այնպէս կը ձգտինք:

Քաղաքական աժան շուկայութիւն է՝ դրացիներու հետ հազարամեայ պայքարի պատմականովը եւ ներկայովը զզուած ժողովուրդին յայտարարել՝ լուծման բանալիներ ունենալը:
Այդ ի՞նչ կախարդական բանալիի մասին է խօսքը, ինչի ինչ ըլլալէն տեղեակ չենք:
Քանի որ տեղեակ չենք, ստիպուած կը մտածենք՝ խաղաղութեան հասնելու եւ խնդիրներ լուծելու այս ինքնավստահութիւնը կը բխի անընդունելի զիջումներ կատարելու ինքնավստահութենէն:

Եթէ այդպէս ալ չէ, ապա բազմաչարչար ժողովուրդին համբերութիւնը եւ վստահութիւնը շահարկելով անոր պայծառ ապագայ խոստանալը, հիմք ունենալով Ադրբէջանի եւ Թուրքիայի հետ կերտուելիք բարեկամութիւնը, կը նմանի ջուրին մէջ լողացող ձուկն ուտելու համար հիւր կանչել:

Քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ամէն նոր օրը նոր ծլող համախմբումներու կոչերը կը նմանին Գիքորին պարտադրուած «էստի՜ համեցէք»-ներուն: Էստի համեցէք. «մեր ապրանքանիշը որակաւոր է»:

Կիլիկեցի հայերու յայտնի ասացուածքը կըսէ՝ «Ամուրիին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է»:

Աղուոր-աղուոր խօսիլ ամէն մարդ կրնայ, կարեւորը խօսքը գործի վերածելու համակարգ ունենալն է. մարդուժ եւայլն: Եթէ համակարգը նմանեցընենք ժամանակավրէպ համակարգիչի գործիքի մը (hardware), եւ աղուոր խօսքերը նմանեցնենք ժամանակակից ծրագիրի մը (software), ապա ամէն ինչ հասկընալի կլինի: Նոր ծրագիրը հին սարքով չաշխատիր:

Հին սարքը ի՞նչ է, եթէ հարցադրենք, ապա իրար իրաւունքները ճանչնալն է,- կըսենք: Մեկս միւսին իրաւունքը ճանչնալը: Երբ որ քաղաքացին իր քաղաքակիցին իրաւունքը չի ոտնահարեր, վերջինս հովանաւոր չի փնտռէր իր գործունէութեան համար, հետեւաբար փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը կը վերնան Հայոց Աշխարհէն:

96-ին օդանաւակայանն էի, պիտի վերադառնայի ծննդավայր: Մեկը հերթս առաւ, խախտեց կարգը, առարկեցի, ընկերս այդ ժամանակ կռուազան էր.-
«Դու ո՛վ ես»,- «դո՛ւ ով ես արա՛»,- «արա դու ով ես»: Իրար հարցուցին ով ըլլալնին եւ ընկերս ըսաւ, որ Ձէնով Օհանեանի բարեկամի ծանօթի ընկերոջ դրացիին գործակիցն է. եւ վերջ գտաւ հերթի «վէճը»:

Աղէկ խօսքեր:
--
Այսօր Վրաստանի մասին «Ազգի»ն մէջ յօդուած մը ընթերցեցի: Վերնագիրէն չանդրադարձայ կատակ-գրութիւն ըլլալը. յօդուածի կէսին հասայ ու սկսայ մտածել՝ թէ այս որքա՛ն փոփոխութիւն կայ մեր անմիջական դրացիի հայերու հանդէպ քաղաքականութեան մէջ, զոր չեմ անդրադարձած՝ ամէն օր լուրերուն հեւ ի հեւ հետեւողըս: Կամ ուզեցի հաւատալ, այո՛, կուզեմ հաւատալ այդ երազին, տեսիլքին, որ ի շահ բոլորին է:

Միշտ զարմացած եմ, թէ ինչպէ՞ս վրացիք պատմութեան ամէնադժնդակ տարիներուն չեն կորսնցուցած իրենց պետականութիւնը: Ուսանելի՞ է իրենց փորձը. չեմ գիտեր. վրաց պատմութեան ծանօթ չեմ, թէեւ հայերէն թարգմանութիւնը կայ:

Մինչեւ ուրիշ պատասխան մը գտնեմ, նախապէս գտածս պատասխանը ի զօրու է:

Հայաստանը ծովեզերքն է. Վրաստանը ծովեզերեայ քաղաք: Ցունամի, ալեկոծ ծով ու փոթորիկներ, մրրիկներ սպառնացեր են քաղաքին: Քաղաքը ինզինք պաշտպանելու համար ծովեզերքի քարերը, խիճերն ու աւազը հաւաքել-կուտելով իր շուրջը թումբ կազմած է: Ալեկոծ ծովը փշրած է թումբերը, քանդած է ծովեզերեայ խիճերով սարքուած ամբարտակները, որոնք իրենց գոյութեամբ՝ քանդուելով, փրկած են քաղաքը:
Ատոնցմէ մեկն ալ Մելիք Աբովն էր, որու նմաններու շուլավերները, նոր-խաչենները պաշտպանական թումբի կարգավիճակ ունեցած են Վրաստանի համար:
Վրացիք հիմա իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնեն շուլավերցիներուն, բոլնիս-խաչենցիներուն, նորոգելով անոնց տուները, դպրոցներն ու կենցաղային շինութիւնները:
Երազ մըն ալ ինձմէ:
Բորչալուեցիները անոնց համար աւելի «ձեռնտու» են:
Եւ իմանան-թող, որ ծովեզերքը շատ աւազ ու խճաքար չմնաց, եթէ ատոնք ալ վերջանան, քաղաքը պիտի շրջապատուի ալիքներով եւ ջրասոյզ ըլլայ:


Ամէն ժողովուրդ բանով մը գոյատեւելու յաղթանակը ունի: Գոյատեւել կայ, գոյատեւել ալ կայ: Ամէն ժողովուրդ գոյատեւման իր յաղթանակը փիլիսոփայական, իմաստասիրական բանով մը կ’արդարացնէ:
Մեր ազատներու՝ տոհմիկ հայերու տեսակը բնաջնջուելու չափ նուազեցաւ Աբբասեան խալիփայութեան ժամանակ:

Ամէն ժողովուրդ իր բնոյթովը համբաւ կը թողու: Այս քաղաքի արաբերէնով՝ զազա կը նշանակէ այն. ինչ որ սկայորդիները իրենց համբաւով տուած են հայերէն հսկայ՝ տիտան, վիթխարի իմաստը:

Tigris
20.10.2010, 19:26
Հաղարծնի վանքը տեսայ չնորոգուելէն. տեսայ զայն նորոգման ընթացքին եւ տեսայ հեռատեսիլէն՝ նորոգումէն ետք:
Մայր եկեղեցւոյ գմբեթի ծածկը (ի՞նչ կըսեն՝ թաղածա՞ծկ) անհրապոյր բան մը եղած է, գաղթականներու թիթեղէ հիւղակներու ծածկին պէս բան մը:
Վանքի գեղեցկութիւնը մայր եկեղեցին է, անոր ալ «դէմքը» գնբեթն է, որուն տուած են տարօրինակ տեսք մը:

Tigris
21.10.2010, 14:03
«ԹՌՆԻ ԱԼ ԷԾ Է»

,,, Երբեմնի հայկական Ուռհայից (Եդեսիա) աւանդուած մի զրոյց այսպէս է աւարտւում: Մարդիկ փորձում են համոզել. «Էծ է» ասողին, որ այծը չի թռչում, բայց նա, իր հայկական հաստամտութեամբ պնդում է իր ասածը, որ «էծ է», նոյնիսկ «եթէ թռնի»:
Հայաշխարհը յուզողներից մեկն էլ շարունակում է պնդել, որ պէտք է՝ պիտի միասին աշխատել՝ «թռնող էծ պատրաստելու համար»:

Հայաստան տեղանունը ամէն հայի համար անուշ, քնքուշ մի յուշ եւ հարազատութիւն է զարթնեցնում: Այսօր առաւօտեան հայկական մի հեռուստակայան ցոյց էր տալիս Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէսը: Հայաստանը նշելիս, Ազատագրուած Արցախի քարտէսը մթարուեց՝ զանազանելու համար Հայաստանից:
Մի տեսակ անիրաւութիւն է կատարւում, զգացի, ազատագրուած հայաստանեան տարածքի հայ բնակչութեան հանդէպ, ով ապրում է Մեծ Հայքի Սիւնիք, Արցախ եւ Ուտիք նահանգներում:

Ինչ-որ միջազգային չգիտեմ ինչ նրբանկատութեան եւ ինչ-որ դիւանագիտական հաշուենկատութեան սիրոյն, մենք զրկում ենք ինքներս մեզ Հայաստան կոչելու: Այո, Հայաստան անունը աւելի ճիշտ է, քանի որ մարդիկ հայ լինելու պատճառով ազատագրական պայքար մղեցին, եւ ոչ թէ արցախցի լինելու կամ ղարաբաղցի:
Կգայ մի օր, շուտով, եւ Ղարաբաղի բարձավանդակը եւ Ղարաբաղի Լեռնաշղթայի արեւելքում գտնւող Արցախը, կանուանակոչուեն ամենաճիշտ անուանումով, որ Հայաստանն է: Հայաստանում Արցախի մարզ (նահանգ):

Վերջերս Վրաստանի մշակոյթի եւ գիտութեան ռուսազգի նախարարը Երեւանում վրացագիտութեան ուսումնական հաստատութիւն հիմնեց. գործակցելով իր հայաստանցի համապաշտօն նախարարի հետ:

Աշխարհը ճանաչել եւ ինքորոշուել մայրենիով, յետոյ աշխարին բացուել ուրիշների մայրենիներով՝ ներկայացնելու մեր աշխարհն ու աշխարհհայեացքը. մեր հայեցողութեամբ:

Վարարակնում երկու հարիւր հայ լրագրող ժողովուեց. աշխարհի տարբեր երկրներից ժամանելով: Խօսուեց աշխարհին մեր խօսքը հնչեցնելու մասին: Մեր խօսքը աշխարհին, նրա բաղադրիչ տարբեր հոգեմտաւոր կերտուածք ունեցող ազգ ու ժողովուրդներին, պիտի հասանելի դարձնել անուղղակի:
Արաբը, վրացին, պարսիկն ու թուրքը, եւ միւսները, պիտի սիրեն ունկնդրել, դիտել եւ ընթերցել հայկական ծագում ունեցող լրատուամիջոց՝ առանց անդրադառնալու նրա հայանպաստ գործունէութեան:
Լրատուամիջոցի արծարծած նիւթերը այդ ժողովուրդներին հետաքրքրող, նրանց իմացականութեան յարմարող պէտք է լինեն: Իսկ մեր խնդիրները, մեր դատն ու ասել-խօսել-բացատրել ուզածը աննկատելիօրէն պիտի սպրդի ու սողոսկի լուրերի միջեւ, տողատակով, շրջանցիկ մեկնաբանութիւններով, որպէսզի 21-րդ դարի արթուն օտարազգի քաղաքացին չզգայ քարոզչութեան
ենթարկուած լինելը՝ ինչը հակառակ ազդեցութիւն կարող է տալ:

Օրինակի համար. արաբին չի կարելի ասել. «Մահմեդականները եկան ցեղասպանեցին հայերը, քանի որ նրանց մարգարէն այդպէս է թելադրել»: Նրան պիտի ասել «Թուրքերն եկան եւ գաղութացրին Հայաստանը՝ այնպէս որ սիոնիստներն արեցին Պաղեստինում»: Նրան աւելի հասկանալի կլինի «գաղութացնել» բառի տակ արձանագրուած միտքը, քանի որ նա ամէն օր դրան է առնչւում. ապրելով տեսնելով, լսելով ու իմանալով: Նրան պիտի ասել «Թուրքերն ու ադրբէջանցիները շրջափակել են Հայաստանը»,- նա լաւապէս հասկանում է «շրջափակում» բառի տակ եղած հասկացութիւնները, քանի որ նա ինքն է շրջափակուել Գազայում, ուր մարդիկ տառապում են շրջափակման հետեւանքներից:

Նրան պիտի ասել՝ «Արցախը ազգային ազատագրական պայքարով է որ ապրելու իր իրաւունքն է նուաճել, ինչպէս Հարաւային Լիբանանում և Պաղեստինում արաբներն են արել եւ անում են, սակայն իմպերիալիստ եւ սիոնամէտ արեւմտեան վարչակարգերը գործակցելով Նաթոյի անդամ Թուրքիայի հետ եւ Իսրայէլեան զինւորական համագործակցութիւն ունեցող Ադրբէջանի հետ. չեն ճանաչում Արցախը»:

Իւրաքանչիւր ժողովուրդի հոգեբանութիւնն ու նրան տրուած կրթութիւնն առանձին-առանձին պիտի ուսումնասիրել եւ դրանց համեմատ քարոզչութիւն եւ հակաքարոզչութիւն մեքենայել, ինչպէս ասի՝ աննկատ:
Ուրիշ խօսքեր հնչեցնել ուրիշ մարդկանց տարբեր պատուհաններից՝ նրանց հասկացած բառերով ու ըստ նրանց աշխարհընկալութեան:
Խօսքի նպատակը մեկ պէտք է լինի, սակայն տարբեր լեզուների թարգմանութիւնը տարբեր հոգեբանական, իմաստաբանական եւ քաղաքական վերլուծութեամբ պէտք է լինի:

Tigris
22.10.2010, 14:55
Մարդիկ կան ընկած՝ ինչ որ մի տեղ, ուր չկայ ծառ, որպէսզի իմանան ո՛ր ծառից են ընկել, ո՛ւր են իրենց արմատները: Ասենք՝ ինքը գիտի խնձոր-պտուղ է, բայց ո՛ր ծառից է ընկել եւ ինչո՛ւ, ոչ գիտէ:
Դրացիս, թէեւ հայկական միջավայրի ծնունդ երիտասարդ հայ, ֆուտբոլասէր, հայկական վարժարան աւարտած նորասերունդ, դերսիմցու թոռ, բայց հայկական մտաւոր եւ քաղաքական դիրքերից մղոններով հեռու է:
Ինչո՞ւ հեռու է: Հեռու է, քանի որ իր շրջապատում մինչ օրս չի եղել մի մարդ, մի վարժապետ, փողոցային մի մուրացիկ, որ նրան բացատրէր վերջին հարիւր տարիների Հայոց Պատմութիւնը:
Այսպիսիք զինւորագրւում են ուրիշին, օտարին, այլազգին. ինչ-որ մի անհեթեթ ու տխմար կապ գտնելով իրենց հայութեան եւ այդ օտարին միջեւ:
Մինչ եթէ ինք իմանար հայոց գոնէ վերջին հարիւրեւյիսուն տարուայ պատմութիւնը, այդ թուացեալ կապը ինքն իր ձեռքով կը կտրէր:

Շատ եմ խօսել մեր սիրելի քրդերի մասին, ովքեր հպարտանում են «Գերմանացիների հետ նոյն արիական ծագումն ունենալու համար»: Շատ են նաեւ հայեր, ովքեր հպարտանում են որ հայ են, միմիայն այն բանի համար, որ գերմանացիների ցեղակից «արիացի են»:
Հպարտանալու ուրիշ բան չեն գտել խեղճերս:
Պէտք է խոստովանել, որ Հիտլերն իր քացիական գաղափարախօսութեամբ ուժեղ ազդեցութիւն է թողել:

Խօսում էինք ֆուտբոլի մասին: Հարց տուինք, թէ ինչու նրա գովքն ես կատարում, ընդ մէջը համացանցի: Մի քանի անկապ պատասխաններ տալուց յետոյ. կարծեց որ գտաւ ճիշտ եւ արդարացուցիչ պատասխանը եւ ասաց. «Քանի որ մենք ալ արիացի ենք, գերմանացիներուն պէս»:

Տեսած կլինէք, կամ ձեզ (կամ ինձ) հետ պատահած կլինի, կեանքում գոնէ մի անգամ, որ մտազբաղ, մտամոլոր քայլում եք փողոցում, մայթի վրայ, եւ բախւում եք մի ցուցանակի կամ ծառի, ելեկտրասիւնի:

«Քանի որ մենք ալ արիացի ենք, գերմանացիներուն պէս»,- ասելուց յետոյ դրացիս չանդրադարձաւ, թէ ինչի բախուեց, պա՞տի թէ ինչի, եւ ենթարկուեց երկարատեւ հրացանաձգութեան: Կարմրեց ինչպէս պատին խփւողը, կակազեց եւ լռեց: Մեղքացայ նրան, քանի որ գիտեմ որքան դաժան եմ...

«Դուն ո՞վ ես, հա՞յ թէ գերմանացի, եւ երբ կըսես հայ ես, ապա հայոց պատմութիւնն իմացիր նախ, որպէսզի ատորմով կողմնորոշուիս, գիտցիր թէ ինչո՛ւ հոս կը գտնուիս, եւ ոչ թէ հայրենիքիդ մէջ: Գիտցիր որ այդ արիացիներդ օսմանեան բանակները հրամանատարեցին, ղեկավարեցին, Վանի մէջ թէ այլուր, գիտցիր որ պապերդ կոտորող Էնվերը դաստիարակուած է այդ արիացի գերմանացիներուդ քով՝ անոնցմէ «ոգեշնչուելով», գիտցիր որ գերմանացի ցածրաստիճան թէ բարձրաստիճան սպաները մասնակցեցան հայկական կոտորածներուն եւ յետոյ Հիտլերի բանակին մէջ ծառայեցին, արդէն որպէս գեներալներ, բան մը որ խթանեց զինք. գործելու նոյն ոճիրները՝ ազատ զգալով, քանի որ իրմէ առաջ ուրիշները ըրած էին եւ ոչ ոք կը յիշէր: Գիտցիր որ գերմանական զէնքով ցեղասպանուած ենք մենք: ազգային հպարտութիւն ունեցիր: Հպարտ եղիր հայութեամբդ: Հիտլեր չէր բողոքէր, որ հայերը չեն յիշուիր, այլ կարդարանար, որ յիշող պիտի չըլլայ իր կատարելիք ոճիրը: Եւ դուն, ես, եւ մեր միւս ընկերը, եթէ ըլլայինք հիտլերեան Գերմանիայի իշխանութեան տակ, եթէ չողջակիզուէինք իսկ, ապա պիտի ստրկացուինք մեր մութ գոյնի մազերուն եւ աչքերուն պատճառով: Դուն, դրացիս, դուն որ հպարտ ես արիականութեամդ, հիմա, նացի գերմանացիներուն համար ստոր արարած մըն ես՝ քու ոչ-գերմանական «արիական» տեսքին պատճառով: Նացի գերմանացին ինքզինք բոլորէն բարձր կը նկատէ, «մաքուր արիացի» կը կարծէ, Դոյչլանդ իշտ իւբեր ալլէ (Դոյչլանդը այլոցմէ վեր է), եւ այդ գերմանական արիականութիւնը չի վերաբերիր մեզի եւ միւս արիացիներուն, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, հիտլերդ չէր պատերազմէր միւս արիական երկիրներուն դէմ, ինչպէս են Անգլիան եւ Ֆրանսան, եւ չէր սպանէր միլիոնաւոր արիացի երիտասարդներ՝ միւս ազգերէն:
Հիտլերն ու իր նացի գաղափարախօսութիւնը արիական (եւրոպական) ժողովուրդներուն պատճառեցին այնքան վնաս, որ մինչ այդ ոչ ոք կրցած էր պատճառել: Եւրոպայի՝ եկամուտ տարրերուն հետ ունեցած մշակութային խնդիրներուն ծագումը «արիացի» Հիտլերիդ պատճառով է. ան սպանելով եւրոպացի (նաեւ գերմանացի) միլիոնաւոր երիտասարդներ, պատճառ հանդիսացաւ որ պատերազմէն ետք Եւրոպան կարիք ունենայ օտար աշխատուժի:

Tigris
22.10.2010, 17:10
Սովորութեանս համաձայն, օրագիրի նմանող թեմաս յետին շարք մղել եմ ուզում. ստեղծելով նորը: Միշտ նորը, նորին հետամուտ լինելը մարդուս թարմացնում է: Հինը կը թափես, նորին կանցնես՝ մաքո՜ւր, սպիտակ էջի վրայ կարձանագրես նորացած հին մտքերդ եւ նոր գտածներդ:

Չգիտեմ ի՛նչ անուանեմ՝ «Տմարդի սահմաննե՞ր», «Սահման նամարդա՞ց», «Սահման քաջաց՝ զէնն իւրեա՞նց», թէ՝ «Սահմանումն անսահմանութեան»:
Դէ ինչ, Իմաստասէրի ֆորումում իմաստասիրական կայծեր մեկ-մեկ առկայծւում են:

Ամենալաւ զրուցակիցս ես եմ: Համբերատար սպասում ու լսում եմ ինձ, մտածելու եւ պատասխանելու առիթ եմ տալիս ու պատասխանում եմ հարցերիս ու ակնարկներիս: Նոյնիսկ ներողամտաբար խմբագրում ու վերախմբագրում եմ գրածս, առանց բացայայտելու կատարածս ուղղագրական եւ քերական(ական) սխալները:

Երէկ, լրահոսից իմացայ, որ գտնուել է, առայսօր յայտնի, մեզանից ամենահեռու գալակտիկան: 14 միլիարդ տարով լոյսի հեռաւորութիւն ունի, այսինքն, այսօր մենք տեսնում ենք նրա 14 միլիարդ տարի առաջ արձակած լոյսը:
Ժամանակը որքա՜ն խաբուսիկ է: Մեկը մտքի հեռաւորութիւնը չափէ... եւ տեսնէ՝ որքան սեղմ ժամանակի վերաբերող խնդիրների մասին մտատանջւում ենք:
Միտքը ճամբորդող, սլանում է հեռուն, իրեն ամփոփող ձեւոյթից շատ հեռու, ու խղճում է իր հագուստի տեղայնութեանն ու ժամանակաւորութեանը:

Tigris
23.10.2010, 14:24
Այսօր անեկդոտ մը կարդացի հայկական կայքէ մը: Անեկդոտի հերոսներն են հայաստանցին, ադրբէջանցին եւ ղարաբաղցին: Վերջը ղարաբաղցին կուրախանայ, քանի որ դեւը հայաստանցին ու ադրբէջանցին կը վերացնէ երկրի երեսէն:

Մանումենտ
Յաղթանակի Այգիում վերստին պէտք է տեղադրեն Յոսիփ Ստալինի արձանը, քանի որ նրա գաղափարները, նրա գործը (Արցախը Հայաստանից կտրելը) եւ մտածելակերպը դեռ յաղթական են Մայր Հայաստանի գաղափարի հանդէպ:

«Երկիր-Մ.» հեռուստաալիքից դիտեցի Ալլա Լեւոնեանի եւ Արտաշէս Աւետեանի կատարմամբ մի երգ: Արտաշէս Աւետեանի ձայնն ու կատարողութիւնը շատ հաւանեցի:
Չզարմանա՞ս, որ մարդիկ 50ը, 60ը անցնելուց յետոյ որոշում են երգիչ լինել, եւ այսքան լաւն են լինում:
Ահա մի յայտնութիւն, որը պէտք է մեր եթերում լինի:
Մեկ էլ ուրիշ նոր երգիչ նկատեցի, դարձեալ 50ի մօտ տարիքը, որ յայտնուեց անցեալ օր եթերում: Կարծեմ անունը Պապին Պօղոսեան էր: Հիանալի քաղցր եւ ուժեղ ձայն ունէր: Նորից զարմացայ, քանի որ փորձառու վարպետի նման էր երգում:
Դէ լաւ, մեր եթերում սպասում ենք այս որակի կատարումներ եւ կատարողներ:
Ի՛նչ է պատճառը, որ նմանօրինակ արուեստագէտներ տեսահոլովակներ ու նոր կատարումներ չեն անում, եւ եթերով չեն յայտնւում:

Երկիրը այսպիսի գանձեր ունի, եւ ինքիրեն զրկում է նրանց արուեստից:
Յարգարժան տիարք եւ տիկնայք, մի անգամ եւս համոզուեցինք, որ անկախութիւնից յետոյ մեր երգ-երաժշտութեան գործին ու եթերին տիրողները պարապ բողկի գործունէութիւն են ունեցել:
Անչափ եւ անսահման շնորհակալ ենք ձերդ մեծապատւութեան՝ հասցրած «շնորհաշատ աստղերի» համար: Բաւարար են անցած քսան տարիներում փայլատակած «աստղ»երը. հիմա մի քիչ երգիչներին ունկնդրենք:

Tigris
25.10.2010, 13:13
Ադրբէջանցի դարձած մեր կովկասեան թաթար-թուրք հարեւանի խեղամտաբանութիւնը մեզ մտմտանք է պատճառում:
Գործ ունենք մի մանուկի հետ, ում չենք կարող դաստիարակել, բայց նաեւ ստիպուած ենք նրան հասկացնել սուտը իրաւից զանազանելը:
Քիչ առաջ նայում էի «Ամէնուն Տարեցոյցը» մատենաշարի 1922 տարեթիւի հատորը, որում տեղադրուել էր պատերազմից առաջ գոյութիւն ունեցող աշխարհագրական պատկերը մեր տարածաշրջանի:
Պատրսատողը արեւմտահայ է: Իրանի հիւսիս արեւմուտքը նշուել է՝ Ատրպէյճան (Ատրպատական):

Իրանեան Ադրբէջան նահանգի անունը փոխառնելուց յետոյ, մեր սիրասուն հարեւաները սկսեցին ստաբանական գիտութեան զարգացմանը, որը որքան էլ զարմանալի թուի. բուռն ծաղկում ապրեց Սովետ Միութեան ժամանակ:
Հայ-ադրբէջանական աշխատաւորական եղբայրութիւնը, սովետսկի սայուզի ռաբոչիական ախպերութիւնը, ինչպէս նաեւ «դաշնակ ազգայնականների» դէմ միացեալ ճակատ կազմելու հայ-ադրբէջանական գաղափարախօսական միասնութիւնը խթանում էր սովետական Բաքուի ստագիտութեան:
Սկիզբը այդպէս է դրուել. իմպերիալիստ Անգլիայի գործակալ՝ բուրժուական-դաշնակցական Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժառանգող Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Ռեսպուբլիկան պէտք էր համահունչ ընթանար Արեւելքի ժողովուրդների աշխատաւորական ծաղկոց Բաքուին:
Եւ այդպէս էլ եղաւ, Ադրբէջանը կեղծում էր, Հայաստանը չէր բողոքում:
Ադրբէջան դարձած թուրքական այդ պետութիւնը այնքան խորացաւ, որ իր փորած խորութիւնից դուրս գալու ուղիները մոռացաւ:
Ադրբէջանցի դարձած մեր արեւելեան-թուրք հարեւանները անդրադառնալուց յետոյ, որ եկած ճանապարհից յետ դառնալը աւելի դժուար է, քան նոր ճանապարհ բացելը ուղիղ վերեւ՝ դէպի գետնի մակերես, որոշեցին այդպէս էլ անել. դուրս գալ ուրիշ ճանապարհով, որ կարճ է:

Այսպէս՝ ադրբէջանցի դարձած մեր հարեւան ազգի ուսանողն ու երեխան տեսնում են, որ իրենց նախնիների ստեղծած տաճարներն ու հնութիւնները, խաչքարներն ու ամրոցները նոյնութեամբ գոյութիւն ունեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում, ու հարց է տալիս, թէ ինչպէ՞ս կարող է լինել այդպէս, որ թշնամի Հայաստանում իր նախնիների ստեղծած մշակութային արժէքների ու հնավայրերի, կոթողների ու յուշարձանների նմանները կան:
Ադրբէջանցի դարձած մեր հարեւան ազգի ուսուցիչն էլ հարց է տալիս իր անկրթութեան եւ տգիտութեան նախարարութեան, թէ՝ «Մեր ուսանողների առջեւ խայտառակ ենք լինում, ի՛նչ պատասխանենք:
Տարածքը ամբողջ, Եփրատից մինչեւ Կուր ու աւելին, պատկանում է նման ու համանման ու նոյն ու նոյնանման քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին: Եթէ այդ տարածքի մի մասի պատմութիւնը հայերին պատկանի՝ հնավայրերով հանդերձ, ուրեմն մնացեալ մասի հայկականութիւնը հաստատած կլինենք»:
«Ուսանողները հարց են տալիս,- էս հայերը որտեղի՞ց են յայտնուել, մի՞թէ տիեզերանաւով իջել են Էջմիածին, 1918-ին, ու տէր են դարձել մեր ադրբէջանական պատմական հայրենիքին: Դեհ, հիմա ասէք, ի՞նչ պատասխանեմ»:

Պարտուած բանակի գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնն ունեցող Իլհամ Խան Ալիօղլին իր վրայ վերցնելով նաեւ իր խանական պետութեան անկրթութեան եւ տգիտութեան գլխաւոր եւ ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնը, գտել է պատասխանը՝ կթելով իր վերջին մտային զինամթերքը, թէ ամէնը ադրբէջանական են, Երեւանով ու Գիւմրիով, Սիսիանով ու Արցախով: Վսյո: Հիմա ադրբէջանցի դարձած մեր արեւելեան հարեւանները հանգիստ կարող են քնել որպէս կայացած ազգ, որ ունի անցեալ եւ պատմութիւն, մշակութային արժէքաւոր հնութիւններ եւ հնամենի պատմութիւն: Բայց մի բան է խանգարում նրանց՝ զգալու գերերջանիկ ու գերհպարտ իրենց անցեալով. դա հայերի գոյութիւնն է:

Գողը չի սիրում նայել զոհի դէմքին, քանի այն յիշեցնում է ի՛ր դէմքը, ոճրագործ դէմքը:

Tigris
28.10.2010, 17:20
Երեբունին դարձաւ Երեւան: Թաթարն ինչպէ՞ս դարձաւ ադրբէջանցի:

Ինչպէս գիտենք, Շահ Աբբաս կոչուած բռնագրաւողը հայաթափեց Հայաստանի միջուկը: Ծայրամասերը մնացին գերազանցապէս հայկական: Նրա եւ ռուս-թուրքական պատերազմների պատճառով հայաթափուած, բայց եւ այնպէս վերջնականապէս Հայաստան լինելուց չդադարած Կենտրոնական Հայաստանը չկարողացաւ պատշաճ օգնութիւն ցուցաբերել գերազանցապէս հայաբնակ Աղձնիքի լեռնային մասին (Սասուն), Վասպուրականին եւ Արցախին:

Այժմ Ադրբէջան կոչւող պետութիւնը ժառանգել է Իրանի դարաւոր հայահալած քաղաքականութիւնը: Այդ քաղաքականութեան պատճառով են այժմ Արեւելեան Հայաստանի տարբեր գաւառները թուրքաբնակ:
Իրանի պետութիւնը, այժմ, կարող է սրբագրել իր նախնիների գործած աւերները, քանի որ Հայաստանը նրա պատուարն է՝ ընդդէմ թուրանական միութեան: Իրանը երբ թուրքացնում էր Հայաստանը՝ թրքութիւնը գիտակցուած չէր Իրանեան թուրքերի մօտ: Երբ որ պետութիւն ունեցան Անդրկովկասի թուրքերը (Կովկասեան թաթարները), այդ պետութեամբ ժառանգեցին Իրանի հակահայկականութիւնը:
Հիմա, կարծում եմ մեր հարաւի հարեւանը պէտք է շտկի դարեր շարունակ իր կործանած յարաբերութիւնը հայերի հետ, քանի որ Իրանն էլ չի կարող լինել թրքութեան սատար Անդրովկասում՝ Օսմանեան պետութեան ժառանգորդ Թուրքիայի թուրքանալով եւ նրա նմանի կազմուելովը Անդրկովկասում:

Տեղեկացանք Թեհերանում տեղի ունեցող միջազգային ցուցահանդէսի մասին: Ադրբէջանցի պատուիրակները ցուցահանդէսին, յարձակել են հայկական տաղաւարի վրայ, քանի որ «Պապիկն ու Մամիկը» նկարի տեսքով ներկայ են այդ տաղաւարում:
Այսպիսի դէպքերի հակադարձումը ի՛նչպէս պիտի լինի՝ չգիտեմ: Երեւի արեւելեան մարտարուեստի մասնագէտներ պէտք է ուղարկուեն միջազգային ցուցահանդէսներ, որպէսզի պատշաճ ու համապատասխան պատասխան տան բռնագրաւիչ ցեղասպանների ոտնձգութիւններին:
Բեթհեղեմում կատարուած կղերականների կռիւներին պիտի նմանուեն ցուցահանդէսները, բայց ոչինչ, կարեւորը հայ մարտական ոյժի պատիւը բարձր պահելն է: Ինչ որ է: Խմոր պէտք է, որպէսզի նրանով լիցքաթափուենք:
Հումոր պիտի ասէի:
Ինչ կըլլի-չըլլի, նեղ օրի համար, մեկ-մեկ Իլհամի սիրասուն լուսանկարներն էլ կարող են տանել հայ մասնակիցները: Երբ որ ադրբէջանցիները սրտնեղին «Պապիկ-Մամիկ»ից՝ նրա փոխարէն ուղղակի կը ցուցադրուեն Իլհամը եւ նրա ընտանիքի անդամները:
Կամ այսպէս, կամ էլ կը ջարդես մի քանի հոգիի քիթ ու բերան ու կը ցուցադրես բարիդրացիական վերաբերմունքը:

Երեւակայութիւն պէտք է՝ իմանալու համար ամերիկեան վերջին տեսաֆիլմի դրդապատճառը: Կարծում եմ հայ-իրանեան սերտ տնտեսական յարաբերութիւնն է:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կոչուած պետութեան յիմար վարիչները տասնամեակներ շարունակ թիկունք կանգնեցին իսլամական մոջահիդներին, մինչեւ սովետ բանակը հեռացնեն Աֆղանիստանից ու տապալեն Աֆղանստանի ընկերվարական ու աշխարհիկ իշխանութիւնը:
Հիմա, ամերիկացիները, չեն կարողանում, արդէն x տարի է, մի շնորհքով պետութիւն հիմնել Աֆղանստանում, ու էլի ռուսների օգնութիւնն են խնդրում:
Ամերիկան հանդիմանում է Թուրքիան՝ Իրանի հետ նրա սերտ գործակցութեան պատճառով. երեւի սրա նման է տեղադրուած վիդէոն՝ վարչապետ Տ. Սարգսեանի Իրան կատարած այցի կապակցութեամբ:

Հայաստանը ազատ է, մանաւանդ որ Ամերիկայի դաշնակից Թուրքիան չի լսում դաշնակցի յորդորը՝ բանալու սահմանը, որ գծել են ցեղասպան քեմալն ու Ռուսիոյ պատմութեան մեծագոյն դաւաճան Լենինը:

Ես կը ցակնանայի այսպէս արտայայտուել Աստրախանում.
«Քանի որ ամէն օր գնդակոծում ես մեր երկիրը, սպանում ես մեր երիտասարդները, գողանում ես մեր երկրի անցեալն ու մշակոյթը, ջարդում ես մեր (բայց իբր քո ազգի) խաչքարերը, սպառնում ես պատերազմով՝ մենք քո նմանի հետ բանակցելու ոչինչ ունենք- մանաւանդ որ Բագուն Արեւելեան Հայաստանի անբաժանելի մասն է կազմում»:
Մինչեւ ե՞րբ սպառնալիքի տակ պիտի ապրել:

Մի քանի պատճառ կայ, որպէսզի թուրքերին չզիջենք.
- ա. Ես այդպէս եմ ուզում,
- բ. Ընկերոջս տատիկը այդպէս է ուզում,
- գ. Թուրքը չի գոհանալու՝ ոչ մի զիջումով,
- դ. Ոչ մի երաշխիք չկայ՝ որ միջազգային իրաւունքից բարբաջողներն հերթական անգամ մեզ «Լոզանով» չեն փոխարինելու մեր «Սեւրը»,
- Աշխարհը նոյնինք վայրենութիւնն է, wild world, իսկ քաղաքականութեամբ զբաղողները գայլեր են,
- Գայլերի մէջ գայլեր պիտի լինես, որ իրաւունքից խօսես եւ ապրես:
Եւայլն:

Tigris
29.10.2010, 13:11
Նախկին հալեպահայ մի այցելեց: Խօսք հնչեց Ամերիկայի մէջ ամբաստանուած հայերի՝ զեղծարարութեան խնդրի առնչութեամբ:

Ասացի. Ամերիկայի մէջ պզտիկ գող ըլլալ արգիլուած է, բայց մեծ գող ըլլալ արգիլուած չէ: Օրինակ կարելի ամբողջ երկիր մը գրաւել, -եղբայրութեան գործը առաջ տանելու համար,- քանդել ենթակառուցուածքները՝ մինչեւ վերջ, յետոյ նորոգելու կապալառուն դառնալ, ու ամերիկացիներու վճառած տուրքերով ու Միջագետքի բարեբեր նաւթահորերու եկամուտով նորոգել քանդածը. խելքէ միտքէ վեր գումարներով: Այդպիսիները ինչո՞ւ չեն դատուիր, Դիկ Չենի, Ջորջիկ Բուշ եւ միւսները:

Ամերիկացի հայ ազգականս ասաց. – Հա՛, զինւորի կերած մեկ համբըրգըրը 35 դոլար արձանագրուած է հաշուեցոյցին մէջ:

Մարդը համբըրգըրով հասկանում է չափը գողութեան, բայց արի ու տես երկրի ենթակառուցուածքների նորոգութեան ծախսերը:
Մենք, հայերս, եթէ պիտի զարգացնենք պիղծնեսի այս մարզը, ապա շատ բան ունինք սովորելիք ամերիկեան վերնախաւից:

«Շանթ»ը սիրելի մեր, գործակցում է լիբանանահայ մի լրատուամիջոցի հետ: Ողջունեմ: Նրանից առաջ մի ուրիշ սիրելի հայրենի հեռուստակայան, իբր ունենալով սփիւռքում սեփական լրագրողներ, ներկայացնում էր ցանկալի գոյնն ու տեսարանը. զանց առնելով ամբողջի մաս կազմող կարեւոր մի բաժինը:

Մեր տիգրանակերտցիների 99 տոկոսը չգիտի, որ իրենց հայրենի քաղաքի անունը սխալմամբ ու դիւրիմացաբար անուանուել է Տիգրանակերտ՝ հայերից: Հին անունով՝ Ամիդ. նոր՝ Դիարբաքր (Թարգմանաբար՝ արաբական Բաքր ցեղախումբի հայրենիք- իսլամական նուաճումներից յետոյ այսպէս է անուանուել):
Բուն Տիգրանակերտը մայրաքաղաք, Ֆարղին քաղաքի մօտակայքում աւերակ է:

Գէորգի կինը, Եղսոն, Ֆարղինում անցկացրեց իր կեանքը: Նրան ազատել ուզեց մի հին ֆիդայի սուրհանդակ, (որ Եղեռնի տարիներին թաքնուել էր քուրդ բարեկամի տանը) սակայն նա տարբերութիւն չտեսաւ հայ լինելու եւ մոլլայի կին լինելու միջեւ:
Տասնոցը քաշեց, սակայն իմաստ չտեսաւ նրա համար բանտարկուելը: Չդիմացաւ հայ գիւղացիների՝ հողի վրայ ապրող հայի հանդէպ թուրք հանրապետական վարչակարգի բանեցրած խտրականութեան եւ հալածանքին: Բայց տնտեսական հալածանքը՝ «ոչինչ», եղեռնագործների շրջապատում ապրելն էլ ոչինչ. Ֆիդայու նամուսի անպատւըւելը եղաւ վերջին կաթիլը՝ որ յորդեցրեց համբերութեան բաժակը: Ու նա հեռացաւ հայրենիքից եւ գաղթեց ազգականների մօտ՝ Սիրիա:


Ուստի, Դիարբաքրի քաղաքապետ Օսման Բայդեմիրի աչքերում տեսնում եմ անկեղծութիւն:
Թուրքիան մի խանութ է, որում երկու վաճառորդ կայ՝ խստաբարոյ եւ հեզաբարոյ: Հեզաբարոն յաճախորդ է գրաւում իր հանդարտութեամբ եւ քաղցր բնաւորութեամբ, իսկ խստաբարոն սակն է որոշում եւ գանձում: Թուրքիայի իսկական տէրը այդ խստաբարոյ վաճառական է, որին էլ պատկանում է վերջին խօսքը:

Բռնադատողները երբ հանդիպում են իրենցից աւելի ուժեղ բռնադատողների եւ բռնադատւում են, հասկանում են իրենց բռնադատածին ու ջերմագին զգացումներ են տածում նրանց հանդէպ, հանդէպ իրենց նախկին զոհերին:

Օսման ջան, ախպեր ջան, ի՜նչ փոյթ քո գութը հայերի հանդէպ, քո նախնիք պիտի գթառատ լինէին եւ թոյլ տային տասնեակ հազարաւոր տիգրանակերտցիների գոյութիւնն ու ապրուստը:
Հիմա, որքա՜ն էլ ցանկանաս քաղաքումդ տեսնել քրիստոնեայ համայնք ու հայութիւն. ասորիութիւն եւ քաղդէացիք, փողոցներում ճեմող հայեր. չի լինելու: Քո նման մի ուրիշը ցանկանում է Սեբաստիայում տեսնել հայութիւն, ինչպէս նախօրօք կար:
Հայութիւնը ծաղկաման չէ, որ մի տեղից ուրիշ տեղ փոխադրելուց յետոյ եթէ դատարկութիւն զգաս, նախկին տեղը բերես ու դնես: Հայութիւն մարդեր են, ովքեր ուզում են իրենց երեխաների համար ապահով կեանք ստեղծել: Հասկացա՞ր Օսման ջան, Դիարբաքրի եւ Սեբաստիայի հայերը Եղեռնից յետոյ, Հանրապետական Թուրքիայում, անապահով զգալով գաղթեցին նոյն Թուրքիայի մաս կազմող Կոստանպոլիս քաղաք: Նրանց հետապնդեցին գաւառից եկած լակոտներ ու կռնակից հարուածելով սպանեցին:
Արդարութեան խօսքը սպանեցին: Ու պետութիւն կոչուածը, ահա ուր որ է՝ ազատ է արձակելու այդ լակոտներին:

Ի՞նչ են անում միջնորդները, կամ՝ ի՞նչ է միջնորդական առաքելութիւնը:
Դիտեցի մի ֆիլմ, ուր մի «առաւ-փախաւ» փորձում է խաբել մի ուրիշ «առաւ-փախաւ»ի՝ վաճառելով նրան զեղծուած մի հին թղթեդրամ: Միլիոններով գումար է:
«Գործարքը» տեղի է ունենում մի հիւրանոցում: Գործարքի հետ կապ ունեցող ամէն ոք, ովքեր այս կամ այն կերպ օժանդակում են «առաւ-փախաւ»ին՝ կատարելու իր պիղծնեսը, բաժին են պահանջում. 20%, 15% եւայլն:
Զգում եմ որ մեր միջնորդները, իբր մեր եւ ադրբէջանցիների միջեւ գտնւողներ, մեր նեարդերով են խաղում, իրենց ներկայութիւնը ապացուցելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Եթէ իսկապէս նրանք միջն-որդ լինէին, ապա կը կանգնէին ադրբէջանցի դիպուկահարի եւ հայ պատանի զինծառայողի միջեւ, ու իրենց վրայ կը կրէին գնդակները:
Մենք մեռնում ենք, իսկ նրանք էլ ողջոյններ եւ քաղաքական «առաւելներ» են արձանագրում:

Tigris
03.11.2010, 12:56
ՕԳՆԵՑԷ՛Ք ՀԱՅԵՐ

Այսօրուայ մտորումներս վերնագիրով սկսիմ: Ամենեւին չի վերաբերիր խօսքը հեռաձօնին, թելեթոնին, որ անշուշտ կարեւոր է եւ կը նմանի եկեղեցւոյ մէջ պնակ պտտցնելուն, մոմի համար լումայ տալուն: Խօսքը կը վերաբերի ճիշտ որոշումներ եւ օրէնքներ ընդունելուն, որակով եւ ճիշտ ձեւով գործադրելուն:
Այսօր նոր Սարդարապատի ճակատամարտ մը կը մղենք. այսօրուայ մեր թերացումները ճակատագական ազդեցութիւն պիտի թողուն վաղուայ Հայաստանին համար, ուստի խաչագողի կայան մը չէ Հայաստանի հանրապետութիւնը, անոր կառավարման վերեւի եւ ներքեւի յարկերը: Հայաստանին պիտի նայիլ որպէս յաւերժական Տուն եւ ոչ որպէս հերթական գաղթավայր, կայան կամ գոյատեւման հանգրուան:
Կը խօսինք վերամբարձ, կը դարձնենք խօսքը, որ կը դառնայ մեկ բանի շուրջ. դրամի:
Պետութիւնը իր ծախսերը հոգալու համար դրամի պէտք ունի: Երկիրը պաշտպանելու համար մատակարարուած պաշտպանութիւն պէտք է, զարգացած տնտեսութիւն պէտք է: Այդ պէտքին համար ճիշտ կառավարումն է պիտանի:
Որքանո՞վ նպատայարմար է ձախողած գիւղատնտեսութիւն ունենալ, ցածր բերքատւութիւն ունենալ՝ սերմնացուի վրայ հարկ դնելով:
Որքանո՞վ նպատակայարմար է ոստիկանին հետ ձեռք ձեռքի տալով ծեծել ու կողոպտել օտարազգի գործարարը:
Շրջափակուած, կամ կիսաշրջափակուած Հայաստանը ինքնզինք կրնայ ապաշրջափակել՝ ընդունելով քաջալերող օրէնքներ:
Հայ ժողովուրդի մեծ մասը Հայաստանէն դուրս կապրի: Հայաստանի քաղաքացիներէն շատերն ալ օտար երկիրներ տեսած ու այնտեղ ապրած մարդիկ են: Ամէն մեկ երկրէ, եթէ մեկ լաւ օրէնք կամ օրէնքի գործադրման եղանակ բերենք ու «ներմուծենք» Հայաստան, մեր հայրենիքը աշխարհի առաջատար բարեկարգ երկիրներէն մեկը կրնանք դարձնել: Ինչպէս գիտենք, լաւ կառավարումն է երկիրը երկիր դարձնող:
Օգնեցէ՛ք հայեր՝ լաւ օրէնքներ ընդունելով եւ ճիշտ գործադրելով:
Ընդունեցէք այնպիսի քաջալերող օրէնքներ, որ մարդիկ ձգտին գալ ու ապրիլ Հայաստանի մէջ, որ հայաստանցին չմտածէ փախչիլը, որ օտարազգի գործարարը ձգտի դրամ ներդնել Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, որ օտարազգի եւ հայազգի սփիւռքահայ վաճառականը արտահանէ Հայաստանի բերքը:
Երէկ, դամասկացի մը կը պատմէր. Գերմանիոյ մէջ ցուցահանդէսի ներկայացած է որպէս վաճառական: Գերմանացիք պատուելու, քաջալերելու, սիրաշահելու համար օտարերկրացի վաճառականը, ցուցահանդէսին որպէս հիւր, որպէս դիտորդ ներկայացողի տոմսին կցած են ձրիաբար փոխադրուելու կարգավիճակ՝ Գերմանիոյ տարածքին: Ան կրնայ ձրիաբար օգտագործել հանրակարգեր, մետրո, գնացք եւայլն: Արժէքը բան մը չէ, սակայն գործարարը գոնէ բարոյապէս քաջալերուած կը զգայ:
Մենք ի՞նչ կընենք: Մենք պետութեան հրաւիրած սփիւռքահայ գրչի ու մտքի մարդէն, ուսուցիչէն ու խմբագիրէն ելքի ու մուտքի հարկ կը գանձենք օդանաւակայանի մէջ:
Յարգանք եւ վարչակալական դիւրութիւններ բոլոր օտար ներդնողներուն հանդէպ, որ կը զարգացնէ տնտեսութիւնը, կը զօրացնէ պետութիւնը՝ հետեւաբար պաշտպանութիւնը:

Tigris
05.11.2010, 14:12
Հայոց Պատմութեան դասանիւթ չկար: Կրօնի անուան ներքոյ կը ստանայինք Հայերէն եւ Հայոց Պատմութիւն:
Հայաստանցի մեր ուսուցչուհին, -ծայրաստիճան մի ազնիւ, ազնուական ու բարի տիկին (համբուրում եմ նրա ձեռքերը),- մեզ կը դասաւանդէր Հայոց վերջին հարիւրամեայ պատմութեան դէպքերը: Եւ կը խոստովանէր, որ այս նիւթի դասաւանդումը կը մաշեցնէ, կը հալեցնէ եւ տանջէ իր հոգին:
Ընդհանրապէս այսպիսի դասախօսութիւնները, դպրոցը կամ երիտասարդական-մշակութային ակումբը, կը սկսէր Բերլինի վեհաժողովով ու կ’աւարտէր Հայոց Մեծ Եղեռնով: Նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրումով:
Թէ ինչպէս գոյացաւ ՀՀ, նաեւ մեր արեւելեան հարեւան՝ սիրելի ազարբայջանը, մանրամասներ չէինք գիտեր: Գիտենք որ եղան, եւ վերջ:
Որպէսզի չտանջուինք մեր Հայոց Պատմութեան տխուր պատահարներու արձանագրումով եւ յիշատակումով, զայն կը համեմենք զուարթախօսութեամբ:

Տեղ մը գրած էի, թէ շատ չեմ գիտեր դէպքերու յաջորդականութիւնը՝ 1916-1921 տարիներու պատմութեան, որպէսզի կարենամ տեսնել՝ ով ով է, ինչ սխալ գործած է, ո՛վ է ճիշտը- հայկական պատմագրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հակադիր ճակատներուն մէջ:

Լաւագոյն՝ համակարգուած ու պատճառաբանուած սուտը, կեղծիքը, կարող է ներկայացնել պետական հովանաւորութիւն ունեցող պատմաբանութիւնը: Սփիւռքի ցանուցիր կենտրոններու մէջ ծուարած ու իրարմէ անտեղեակ յուշագիրները չէին կարող համակարգուած ու մեկ խօսքով ներկայանալ պատմագրութեան հայկական հրապարակին:

Ութսուն ո՞ւթ, թէ 89 էր: Ներկայ էինք, ընկերներով, հայ համայնավարներու ակումբը: Սեղանի թենիս կը խաղայինք այնտեղ: Այնտեղէն կը ստանայի սովետահայ գրականութիւն- պարբերականներ, հանդէսներ, օրաթերթ-շաբաթերթեր: Հայրենիքի մասին տեղեկութիւն ունենալու համար կ’երթայի «Դար էլ Նուր» գրախանութը, ուր կը վաճարուէր միա՛յն սովետական գրականութիւն եւ գրական հանդէսներ: Արաբներու համար հրատարակուած պարբերաթերթերէն կը յուսայի գտնել Խորհրդային Հայաստանի յաջողութիւններու մասին քարոզչական հրապարակումներ, յօդուածներ: Որպէսզի ուրախանայի եւ հպարտանայի: «Կը որսայի» Ազատութիւն Ռադիոկայանը, Երեւանի Ռադիոն: Մեկ խօսքով՝ 1985էն ի վեր, մօտաւորապէս, ամէնօրեայ տեղեկութիւն ստացած եմ Արեւելեան Հայաստանի մասին:

Մեր հայերէն շատերը, ովքեր կը յաջողէին 12-րդ դասարանի քննութիւններուն (բակալաւրիա), կը փորձէին գտնել բարեկամ հայեր, առաջադիմական հատուածէն, որպէսզի բարեխօսէին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցչութեան մօտ, ուսանելու համար Հայաստանի որեւէ ուսումնական հաստատութեան մէջ: Ձրի է, ուտելիքը առատ, ուսումը՝ որքան ուզես ուշացիր, մի քանի տարի ետք վկայականով կու գաս ու կը գրաւես բարձր դիրք. համայնքին մէջ ու երկրին վրայ՝ լուրթ երկնի տակ:
Վերադառնանք համայնավարներու ակումբ, զոր կոչուէր «Ազգային Մշակութային Միութիւն»:
Արմանք զարմանքով կը նայէին նորայայտ երիտասարդներուն: Ղազարը՝ բալաբեխ, շատ հեռու էր «յառաջդիմական» ըլլալէ:
Սեղանի թենիս խաղալու համար հերթս կը սպասէի, երբ ականջալուր եղայ կողքիս սեղանի շուրջ նստողներու զրոյցին: Մարդիկ հաւատացեր են այն ինչ որ լսեր են՝ տասնամեակներ շարունակ սրսկուած խորհրդային քարոզչութեամբ:
Արցախը ազատելու սկիզբն էր տակաւին: «Ղարաբաղը մերն է», ցոյցեր, հանրահաւաքներ, գործադուլներ եւայլն: Մեր այստեղի վարպետ մեխանիկներն ու նարդի խաղացողները, ովքեր քիչ-շատ գրոց բրոց են, ամէն առաւօտ եւ ամեն երեկոյ, ճամբիդ սպասելով յար՝ հաւաքւում ու զրուցում էին օրուայ ու շաբաթուայ անց ու դարձերու մասին, տալով գնահատականներ եւ ստանալով գուշակութիւններ: Օրինակ մեր բարեկամ պարոն XXը մի քանի անգամ ազատագրուած յայտարարեց Նախիջեւանը, քանի որ մեր լաւ բարեկամը չէր լսած Իջեւանի մասին, եւ այնտեղ տեղի ունեցող մարտերն ու հայերու ինքնապաշտպանութիւնը դարձած էր Նախիջեւանի ազատագրութիւն:
Ուրեմն, կողքի սեղանի «բնակիչները» կը խօսէին ռուս-հայկական դարաւոր անարատ իստակ կաթի նման սպիտակ ու մաքուր բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մասին: Եւ թէ՝ ռուսերը միշտ եղած են հայ ժողովրդի փրկիչները եւ ոչ թէ սրբիչները:

(Դէ լաւ, վնաս չունի: Գիւմրիի մէջ ռուս զինւորներու յիշատակին տեղադրուած յուշարձանին հակառակ չեմ: Պատմական ճշմարտութիւն է: Լաւ կլինի եթէ յետայսու իրական ու իսկական դաշնակից լինենք)

Սակայն երբ սկսան խօսիլ Սարդարապատի ճակատամարտի մասին, ուր հայերը վերջնական կուրուստէ փրկուած են՝ կարմիր բանակի կատարած միջամտութեան շնորհիւ, համբերութեան բաժակս յորդեցաւ եւ մոռցայ ակումբին մէջ հիւրի կարգավիճակս եւ միջամտեցի խօսակցութեան, առարկելով, թէ Սարդարապատի ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 1918ին, բովանդակ հայ ժողովուրդի ուժերով, մինչ Կարմիր Բանակը Անդրկովկաս եկաւ 20էն ետք:

Ձայնս բարձր էր, միջամտութիւնս խիստ էր, առարկութիւնս անհեքելի էր, կեղծիքի դէմքը անակնկալօրէն ճղած էր, սառը լռութիւն տիրած էր: Ընդդիմախօսիս հակաճառեց սեղանակիցներից մեկն էլ, ով մինչ այդ, նրա խաթեր երեւի, չէր ճշտում ռուսակարմիրասիրամոլութիւնից ծնուած մտային շօշանքը:
Այդ մոլութեան «սկզնաղբիւրը» վախն է, որ որոշ չափով հասկանալի է: Գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ արտացոլում է մեր երակներում հոսող փառաւոր նախահայրերի արիւնը, նաեւ մեր ստրկացած ու հալածուած, վախեցած ու նուաճուած նախահայրերի արիւնը:
Մեր Ազգը լուսասէր է եւ ոչ թէ ռուսասէր:

Հա, ինչի՞ մասին էի խօսում. Առաջին Հանրապետութեան տարիների մասին ընթերցումներս ու մտորումներս:
Մեր այժմու ղեկավարները սիրում են կրկնել, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւնն (կամ հարուածաբերութիւն) ու Ղարաբաղի հակամարտութիւնը (աւելի ճիշտ՝ Արցախի հայապահպանութիւնը) կապ չունեն իրար հետ: Ի հարկին ասել պիտի այնպէս որ է պիտանի:
Բայց իրողապէս Ադրբէջանի գոյութիւնն ու նրա ընդարձակ սահմանները քաջապէս առնչուած են Օսմանեան եւ Հանրապետական Թուրքիայի միջամտութեան:
Մենք կարող էինք Բաքուից մինչեւ Սուրմալու ու Իգդիր Հայաստան ունենալ, եթէ Թուրքիան չմիջամտէր յօգուտ կովկասեան թաթարների:
Սարդարապատում ճակատամարտ յաղթեցինք, բայց ընդհանուր պատերազմը չյաղթեցինք, եւ համաձայնագիր ստորագրեցինք, ընդունեցինք պարտադրաբար, որ թուրք գործակալներն ու բանակները գնան Բաքու՝ հաշուեյարդարելու Հայկական Բաքուն:
Նմանապէս կովկասեան թաթարները բռնել-գրաւելով եկաթուղագիծի կայարանները, արգելք ենք հանդիսացել Եւրոպական ճակատից վերադարձած հայ զինւորներին, որ գնան եւ պաշտպանեն Արարատեան Հայաստանը:
«Ասլան Ստեփանեանի յուշերը» գրքում Անդրանիկը ուզում է օգնել Ատրպատականի եւ Պարսկահայքի հայերին, ովքեր օրհասական կռիւներ են մղում վասպուրականցի 25 000 գաղթականութիւնը հալածող օսմանեան բանակին դէմ: Ասլանը չի գնում: Օսմանեան բանակը եւ տեղացի քուրդ-թուրքերը, Սալմաստում, Խոյում, Մակւում, եւ Հարաւային Իրան գնալու ճանապարհին...կոտորում են (Այս դէպքերի մասին ուրիշ մի գրքում եմ կարդացել):
Սասունցիի թոռ մեր բարեկամը պատմեց: Հայրը հրաժարւում է իր ընտանիքից, դուստրերից. նա չի կարող շալակել մեկից աւելին՝ փախուստի ճանապարհին: Եւ այդ մեկը լինում է ուստրը՝ արու զաւակը:
Ասլանն էլ անում է նոյնը. մեծամասնութեան համար Արարատեան, հրաժարւում է օգնել փոքրամասնութեանը Ատրպատականեան:
Թշուառ վիճակ:

Tigris
05.11.2010, 20:03
Խաղաղութիւն Ձեզի,
Մարիամի որդին, Յիսուսը, այսպէս կ’ողջունէր արամերէնով:
Սեմական ժողովուրդները, լինելով «պատերազմասէր», այսինքն շարունակ պատերազմի մէջ գտնւող, իրար հանդիպելու ժամանակ բաց ձեռքը վեր անելով խաղաղութեան կոչ էին անում, նշելու, որ պատերազմելու չեն եկել:
Արաբները՝ եւ յետոյ մուսուլման ազգերը արաբներից սովորելով, գործածում են Սալամ Ալէքոմ («Խաղաղութիւն [իջնէ] ձեր վրայ», հայերէն՝ Խաղաղութիւնն ընդ Ձեզ):
Այսքանը՝ բարեւելու համար ընթերցողը:


Այսօր քաղաքագէտ մը, կամ մեկնաբան, կը բողոքէ գերիի դիմաց դագաղ ստանալնիս: Լաւ, ի՞նչ ըսենք: Վաղը, միւս օր, պատերազմ եթէ ըլլայ,- շատ կը ներէք գռեհիկ արտայայտութեանս- բոլ-բոլ կը սատկացնենք (հայ գեներալներու բառերով): Հիմա խաղաղութիւն շինելու ժամանակն է:
Երբ որ պատերազմ ըլլայ, այդ ժամանակ ձեր (մեր բոլորի, իմ) բոյը տեսնեմ: Այդ ժամանակ հին ու նոր անմեղ զոհերու արեան հատուցումը կը գանձենք:
Խաղաղութիւն շինելը՝ շինենք, բայց ընթացքին կարելի է ինքնապաշտպանուիլ. չէ՞ որ նոյնինքն հաւատացեալ քրիստոնեան երկու ապտակէն աւելի չընդունիր իր երեսին:


Մեր քաղաքը զբօսաշրջային ուղիներու վրայ չի գտնուիր. թէեւ հին եւ վաճառաշահ տեղ եղած է:
Մի քանի տարի առաջ էր՝ կը քայլէի հայաշատ փողոցէ մը, ուր տեսայ 10-12 ծայրագոյն արեւելքցի երիտասարդ: Վա, վու, հի-հի, նի-նի՝ ծնծղուն գանչերով, վառվռուն եւ կենսախինդ երիտասարդներ էին: Ամէնն ալ տգեղ եւ բշտիկոտ:
Քայլերս արագացուցի, որ շուտ անցնիմ. եւ ահա անոնցմէ մեկը հարցուց հայերու մասին - «Այստեղ հայեր կա՞ն»:
Հաստատեցի, եւ ըսի թէ հայ եմ: դարձեալ ուրախ բացականչութիւններ, աւելի բարձրը, օդը ցատկելներ, ծիծաղ ու խինդ- մանաւանդ աղջիկները, կարծես այլմոլորակային մը յայտնաբերած են: Շրջապատեցին զիս եւ սկսան հարցուփորձ ընել: Կարծեմ սխալ անձ գտած էին, քանի որ նա մի քիչ ամաչկոտ է:
Հարցրի- «ճափոնացի՞ էք»: Պատասխանեցին որ կորէացի են եւ համալսարանից գործուղղուել են ընկերաբանական ուսումնասիրութիւն կատարելու:
Ես վստահ եմ, որ կորեացիները զզուել ու ձանձրացել են իրենց ճափոնացիներին նմանեցնելուց, քանի որ երկու ժողովուրդները, ըստ մեզ, իրար են նմանւում:
Առհասարակ ժողովուրդները գնահատում ենք իրենց ներկայի յաջողութիւնները գնահատելով: Կորեացիներն ու ճափոնացիները յաջողած ժողովուրդներ են, իրենց Սամսունգով ու Հյունդայով, Տոյոտայով եւ Սուզուքիով եւայլն:
Նոյնը չենք կարող ասել հիւսիսի Քիմ-Իլ-Սունկի սնկաբանութեան, Վիետնամի ձկնկիթաբանութեան ու Թայերու երկրի պոռնկազբօսարջութիւն-ճարտարարուեստի մասին:
Ճափոնացիները, կորէացիները եւ չինացիները աշխարհին ցոյց տուին, որ աշխատասէր եւ «վագր» ժողովուրդներ են:
Այսօր մենք չենք լսում, շատ, նեպալցիների, կամբոջիացիների, յոյների յաջողութիւնների մասին: Յունաստանը, այդ հին քաղաքակրթութիւն ունեցող երկիրը սնանկ է, նրա հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանները իրարայաջորդ կարգով փակւում են: Այսօր մենք չենք լսում Յունաստանի Ձայնը: Աշխարհը «խօսում է» յունարէն՝ օգտագործելով գրեկ բառեր. Աշխարհը սովորում է յունական ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան փորձառութիւնը, սակայն յոյները չկան կարծես, վերջացել են, յոգնել ու հեռացել են կռւի դաշտից:
Կորէացիներին ասացի, որ մաղթեմ միանան եւ պայծառ ապագայ ունենան: Շատ ուրախացան՝ Կորէայի միութեան մաղթանքիս համար: Խնդրեցին հայերէն մի բառ արտասանեմ. միտքս եկած առաջին բառը հնչեցրի՝ Arev:
-Ի՞նչ է նշանակում:
- Արեւ:
Չմտածուած բառ էր՝ այնպէս որ հային ասես «մահիկ»: Ես այդ պահին շփոթած էի, ու գիտէի որ արեւի սկաւառակին նման է կորէական դրօշի խորհրդանշան-կլորը: Նոյն կլորն է, որ ունի կայսերական Ճափոնիայի դրօշը, ճառագայթներով...
Երիտասարդների խանդավառութիւնը կէսի իջաւ: Կարծեմ:

Tigris
09.11.2010, 18:50
Այսօր դատարկութիւն է էջս. գրելու բան չունեմ՝ բացի թուրքերի մասին ու հակահայ վրացիների:
Շատ բնական է թուրքերի թշնամութիւնը, զի թուրքը ուրիշ քաղաքականութիւն չգիտէր:
Մեզ՝ ինձ նման մտածողներին ոմանք մեղադրում են ազգայնամոլութեամբ գուցէ ցեղապաշտութեան կողքով անցնող եւ մօտեցող անձ:
Վերստին յիշենք, խմբագրենք վերջին հազար տարիների մեր գահավէժ ընթացքը: Տաճիկները եկան եւ գրաւեցին Հայքը. բաժանեցին երկու-երեք մասի: Մի քանի անգամ մեծ գաղթ կազմակերպեցին, մի քանի անգամ էլ մեծ կրօնափոխութիւն: Մի քանի անգամ մեծ ջարդեր տեղի ունեցան ու մի քանի անգամ իրար դէմ կռուելով՝ մեծերը, ոտքի տակ առին Հայքն ու հայքը:
Աստուծոյ երկնքի տակ, Հայկական Բարձրավանդակի մի անկիւնը սեղմուելով, Երկրի վրայ մի հողակտոր ունեցանք: Յետոյ Սովետը եկաւ ու կարմրեցինք նրա մէջ՝ համատարած պաշտպանութիւնը ունենալով նրա, բայց նաեւ նրա կամքի կատարիչը եղանք:
Սովետական վրանը վերցուեց մեր վրայից ու ահա հայ մարդը դէմ հանդիման գտնուեց նոյն հին թշնամուն:
Թշնամին նոյնն է, բայց ունի մի քանի մարմին: Դա նոյն տաճկութիւնն է՝ մի տեղ ակկոյունլու, մի տեղ կարակոյունլու: Նրանք գործում են համահունչ:
Թուրքիան, յանձինս նրա նախագահի, ասում է, որ չպէտք է մոռացուի Արցախը (ինքը գործածում է Կարաբաղ բառը):
Իրաւունք ունի Գիւլը, քանի որ հայերը, հայոց որդիները մոռացան Համիդեան Կոտորածները, մոռացան Ադանան, մոռացան Մեծ Եղեռնն ու Նախիջեւանի հայափաթումն ու կոտորածները, մոռացան եւ Լեռնային Գանձակը՝ Ղազախը, Շամախին, Բագուն:

Երբ որ դու կը մոռանաս քո Դատը, թուրքը կը յիշեցնէ քեզ իր «դատը»: Թուրքի դատը հայութիւնը ոչնչացնելն է:

Մտածում եմ, չպէտք է սրտնեղացուցիչ բաներ գրեմ, պէտք են ուրախալի բաներ: Նայում եմ թերթերին, լրատուներին, բոլորն էլ տխուր ու պարտութիւններ արձանագրող լուր են հաղորդում:
Մի տեղ որբեւայրին տնանկացրել են, մի տեղ անտառ են հատել ու գեղեցիկ կանաչ երկիրը լեռնային անապատ են դարձրել, մի ուրիշ տեղ ազգի ապագան կասկածելի դարձնող ուրանի հանք են պեղելու, մեկ այլ տեղ նենգափոխւող եկեղեցիներ ու պարտադրուած լռութիւն՝ յանուն բաց ուղիների:

Եթէ ես լինէի Հայաստանի Հանրապետութիւն, մի անկեան մէջ սեղմուած, վայրի յովազի նման կը ճանկէի աջ ու ձախ, սպառնալով բոլորին: Բայց ի՞նչ օգուտ: Համբերենք, ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կերթան, բայց ժամանակի տեւողութիւնն էլ չի օգնում, քանի որ չկայ բարեփոխում, կտրուկ յեղափոխական բարեփոխում չկայ: Ինքներս մեզ չենք օգնում: Հին խնդիրները չլուծուած նորերն են գլուխ ցցում: Սփիւռքը օրսըստօրէ ուծանում է, հին պայքարող սերունդները չկան. Հասարակական կազմակերպութիւնները նախկին թափը չունին, մարդկանց սրտերն են վիրաւոուել հայ-թուրքական ֆուտբոլով, որ ի չիք դարձրեց եօթանասուն տարիների Հայ Դատի պայքարը, եւ ահա թուրքը փոխանակ մտածելու հատուցման մասին, մտածում է Արցախը թուրքացնելու բանակցութիւնները հովանաւորելու մասին:
Մի աւել ունենայի, այդ բանակցութիւնները հովանաւորողներին մեկ մեկ աւլէի, դնէի աղբաման, կափարիչն է վրան դնէի ու աղբահաւաքին յանձնարարէի տանել-թափել մի անյայտ տեղ:
Բոլոր աշխարհի դէմ քէն ունիմ: Աշխարհը չի ճանաչում Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայութեան հայրենազրկումը: Աշխարհը ոչ միայն չի ճանաչում մեր Արեւմտահայոց դատը, այլեւ մեր գոյութիւնը կասկածի տակ դնող համաձայնագրեր է պատրաստում, Գիւլի խօսքով՝ հեգնական, «լուռ բանակցութիւններ»:
Լռութեան մատնեց մեզ այդ լուռ բանակցութիւնները: Պարապ, բոշ բան է հայ-թուրք յարաբերութիւնը:

Հա, չմոռանալէս ասեմ, եթէ Արցախը տանք, հետն էլ Զանգեզուրը, մի քիչ էլ Տաւուշից ու Արարատեան դաշտից, հոյակապ բարի դրացիական յարաբերութիւն կլինի: Սա էին ուզում բոլոր նրանք, ովքեր մեզ մեղադրում էին հարեւանների հանդէպ թշնամական վերաբերմունք ունենալու մէջ:
Նրանք չգիտեն, որ քաղաքական յարաբերութիւններում զգացմունք գոյութիւն չունի, շահեր են գոյ:
Բոլոր անկեալ եւ անկենալու հաւանականութիւն ունեցող տկարների եւ թոյլերի հանդէպ թշնամաբար են վերաբերում: Սա բնագիտական օրէնք է: Ուստի, չկարծել՝ բարի լինել նշանակում է բարի դրացիական յարաբերութիւն ունենալ: Կապ չունի: Մեր ունեցածով մեր բաւարարուելը չի օգնելու մեզ, որ թուրքերի հետ հաշտ ու խաղաղ ապրենք: Սահմանը հսկող պատանին է խաղաղութիւն ապահովում:
Այդ պատանուն պիտի տալ պաշտպանուելու իրաւունք, կրակելու իրաւունք:
Հայ մարդը իր երկրում ապահով պէտք է զգայ, պէտք է զգայ իր պետութեան հովանաւորութիւնը, որպէսզի երկիրը շարուանակէ գոյութիւն ունենալ եւ զարգանալ:
Պետութիւն ունենալու համար պետական մտածողութիւն ունեցող մարդիկ են պէտք, եւ ոչ թէ. «Այսօր կամ վաղը չկամ այստեղ»- մտածողներ:

Tigris
11.11.2010, 12:46
Երէկ գրեցի-գրեցի յետոյ ջնջեցի: Բազմաթիւ գրառումներ կապի անկապութեան պատճառով յետաձգած եմ արձանագրել, ֆորումինմէջ, յետոյ վերստին կարդալով` ջնջած եմ: Ես ինձմէ՝ գրածներէս սկսայ ջղայնանալ: Լալկան գրառումներ, ըսենք՝ թուրքն այսպէս ըրաւ ու այսպէս ըսաւ: Իրողապէս այսքան լալկանութիւն չեմ սիրեր, լալկան ալ չեմ: Հիմա սիրտս. կրկնեմ՝սիրտս սրբել կուզէ: Սրբեմ այն ինչ որ ինձի նեղութիւն կուտայ: Սիրտս քանդել, ջարդել ու տրորել կուզէ՝ ճամփիս վրայ կանգնած ամէն ինչը:


Սիրտի մասին խօսելէ ետք քիչ մ’ալ խելքի մասին խօսինք: Սիրտը անխելք բաներ կուզէ, իսկ խելքն ինչո՞ւ անխելք բաներ կուզէ:
Արեւմտեան Հայաստանն ու Արեւելեանի արեւմտեան մասը Գերեզմանահայաստան դարձաւ: Հայութիւն չի շնչեր մարդկութիւնը հոն: Քարերը տեղ տեղ, որպէս գերեզմանաքար, կը յուշեն անցորդին, որ այստեղ մարդու մը, ժողովուրդի մը յուշը թաղուած է:
Թուրք ասկեարը գալով այդ քարին վրայ նստած է, ու մեզմէ դրամ կը պահանջէ, որպէսզի կարենանք խունկ ծխել ու մոմ վառել, աղօթել՝ մեր հօր-նախահօր ու մեռած նախահայրերու հոգիներուն:


Ինչո՞ւ միշտ վարժ ենք թուրք ասկեարին տալ դրամ, բայց ոչ հայ զինւորին: Չէ՞ որ այդ զինւորը փաստեց, որ կրնայ մեզի վերադարձնել ոչ միայն հայու տունը, այլեւ Հայոց Տունը:
Տարօրինակ մարդ արարած:

Tigris
12.11.2010, 01:41
Բարի գիշեր,

Չխօսիմ՝ չըլլար:

Ուքրանիոյ մէջ ամէն ինչ թաւշային ու փափուկ է: Յեղափոխութիւնը նարնջագոյն ու թաւշային, բողոքը՝ ստինքային: Բաւական քաղաքակիրթ, բարեկիրթ եւ քնքուշ բողոքի ձեւ է:

Պարսիկները իրենց երկրի վերաբերեալ ցուցահանդէս մը կազմակերպած են Ուքրանիոյ մէջ: Մահուամբ դատապարտուած պարսկուհիի մը առնչութեամբ բողոքի ցոյց կազմակերպած են ուքրանուհիները՝ ցոյց տալով իրենց կանացի իրանը. բոլոր բարեմասնութեամբ:

Մեր նախարարը Հնդկաստանի մէջ է: Հինդուները դիցուհի մը ունին (չաստուածուհի կասեն ոմանք), կարծեմ անունը Շիվա է: Այս տիկինը մարմնացնող արձանիկները միշտ ստինքաբաց են: Բայց նա ուրախ կ’երեւայ, բողոքի նշոյլ մը չկայ դէմքին արձանիկի:

Մեր ազգի առաջինը Գրիգորը՝ Լուսաւորիչը, քանդեց Հայաստանի արձանները՝ համարելով զանոնք կուռքեր: Այսօր շատ հանգիստ ձեւով մենք կը կանգնեցնենք արձաններ, որոնք կուռքեր չենք համարեր, այլ՝ խորհրդանշաններ: Կարինի Առաջնորդ Սրբազանի արձանն ալ կանգած է Նոր Քաղաքի մէջ, շատ հանգիստ, ու ոչ ոք զայն կուռք կը համարէ:

Մինչ այդ՝ մեր եկեղեցիներու մէջ եւ շուրջը, բովանդակ Հայաստանի տարածքին, ամէն Լուսաւորչական աշխարհին մէջ արձան ունենալը, դնելը, կերտելը համարուած է կռապաշտութիւն եւ նզովեալ:

Այդ պատճառով արձանագործութիւնը մեռած է Հայաստանի եւ Ուղղափառ Յունաստանի մէջ: Ու նախկին գրեկ արձանագործները գացած եւ շէնցուցած են Կաթողիկէ աշխարհի արձանագործութեան արհեստը:

Մինչդեռ եթէ մեր Գրիգորը ինքնավստահութիւն ցոյց տար եւ հանդուրժեր Օրիորդ Աստղիկի, Տիկին Անահիտի ու Պարոն Վահագնի արձաններու գոյութիւնը, ու անոնց «հեթանոսական մասերը» զգեցուցանէր, ու մարդոց ըսէր ՝ «Ժողովուրդ, յետայսու ասոնց պիտի չի պաշտէք», ու մարդիկ անցնէին անոնց կողքով, առանց երկիրպագանելու, ի՞նչ կըլլար:

Մեր նախորդ սերունդի հայերը քիչ մը միամիտ ու պարզամիտ էին: Ասանկ միամիտ հարցեր կու տային. «ի՞նչ կըլլայ. ինչո՞ւ համար»:

Հիմա ասանկ միամիտ հարցեր տուող չմնաց, քանի որ միամիտ մարդ չմնաց. մարդիկ բարի, մարդիկ նահապետական:

Գրիգորը պէտք է քանդէր իրեն նախորդողը, որպէսզի ամուր հաստատէր եկեղեցին: Ամուր հաստատուելէն ետքը՝ 1700 տարի յետոյ, երբ ոտքդ ամուր է, նամանաւանդ որ նորաձեւութիւն է, ինչքան կուզես արձան կանգնեցուր, խնդիր չկայ, բոլորը մերոնք են ու մերոնցից են:

Միայն մեկ բանի համար կարելի ափսոսալ, որ Մեծն Ներսէսի, Ներսէս Շնորհալիի եւ Յովհան Օձնելիի արձանները չեն կերտուած: Կ’իմանայինք տեսքը անոնց եւ ի հարկին մեր յարգանքը կը մատուցանէինք:

Երեւի այդ ժամանակ արձանագործներ չկային Հայաստանի մէջ:

Tigris
13.11.2010, 03:31
Օրուայ ընթացքին հազար մի բան անցաւ մտքիցս ու որոշեցի գիշերը գրել, քանի որ գիշերը գրելը աւելի գրաւիչ է դարձել. տանը՝ լռութեան մէջ, ռադիոն նուագում է խափշիկուհու երգը եւ ես անպատասխանատու եմ գրածիցս, քանի որ արդէն գիշեր է եւ քնելու ժամն է:

Օրուայ ընթացքին մտածածներիցս բան չի գալիս միտքս, որ գրեմ: Աւելի ճիշտ՝ կարծես անիմաստ են դարձել ինձ համար, քանի որ վայրկեանին չգրեցի:

Մտածեցի մեր քաղաքի հայութեան երաժշտական նախասիրութեան մասին: Խենթի պէս սիրում են ազգային-յեղափոխական-հայրենասիրական երգը:

Ոմանք գրաքննութիւնից ազատելու համար երգերի բառերը փոխել են, ու մինչեւ հիմա տուրք են տալիս փոփոխութեանը՝ չայած Խորհրդային Միութեան փլուզումին: Բայց այդ բառերը պատմական հաստատուն ճշմարտութիւն են, եւ բոլորին են պատկանում:

Մտածեցի, որ առաջին յեղափոխականները հնչակեաններն էին: Ֆեդայիները՝ անխտիր, բոլորն էլ հնչակեան են եղել: Մեր ժողովուրդը սիրում է մեղադրել եւ յուսախաբուել: Սասնոյ առաջին ապստամբութեան ձախողութիւնից յետոյ ժողովուրդը յուսախաբուեց Հնչակեան կենտրոնից, քանի որ հարկ եղած օգնութիւնը չհասաւ (Մեր հեռաւոր եղբայրներ, չեն կենար միշտ անտարբեր): Բոլոր ֆիդայիները՝ առաջին սերունդը հայի այդ հայ դիւցազուն տեսակին, փոխեցին «ազգի» հասցէն, եւ ճանաչեցին Դաշնակցութիւնը...:

Եկաւ երկրորդ ապստամբութիւնը, արդէն դաշնակցական, բայց դարձեալ ձախող: Պարզ է, քանի որ ժամանակից շուտ եկաւ գալիքը: Ի տարբերութիւն Հնչակեան կուսակցութեան, որի «ձախողութեան» յաջորդեց նոր մի ոյժ, Դաշնակցութեան «ձախողութեան» չյաջորդեց մի նոր ոյժ եւ նոր «ազգ», հետեւաբար նոյնիսկ եթէ յուսախաբուէին, ուրիշը չկար:

Այստեղ մատնանշենք եւ շեշտենք, որ այդ ժամանակ կուսակցութիւնների եւ կուսակցականների միջեւ չկային յետոյ առաջացած այն հակակրանքը, որ հիմա գրեթէ վերացել է, բոլորովին ուրիշ պատճառներով: Մի խօսքով՝ չկար կուսակցականութիւն կոչուածը: Մարդիկ աւելի շատ գործի մարդ էին, քան թէ տարբերութիւններ գտնող եւ ուրիշներից տարբերակուել ուզող ցուցամոլներ:

Յուսախաբութեան մի ուրիշ եւ պատմական ահաւոր դէպք էր Մեծ Եղեռնը: Սա արդէն մեր ազգի հազարամեակների ընթացքում առաջին եւ վերջին անգամ պատահելիք դէպք եղաւ: Պատմական բացառիկ դժբախտութիւն:

Ժողովուրդը պիտի հիասթափուէր: Յաջորդեց Անկախ Հայաստանի Ծնունդը, որ կարծես, մի քիչ թեթեւացրեց

Ցեղասպանութեան պատճառած ահաւոր դժոխային ցաւն ու կորուստը:

Վերադառնանք երգին: Երգը անմեղ է, ներկայացնում է պատմական որոշ ժամանակաշրջանի ճշմարտութիւնը: Երգը նաեւ անկեղծ է: Ճանաչում եմ բազմաթիւ երիտասարդներ, տարբեր շրջանակներից, ովքեր սիրում ու լսում են ազգային հայրենասիրական երգը, որին հացի ու ջրի նման պէտք ունի հայը ղարիբութեան մէջ:

Անցեալին աւելի մոլի էինք: Հարսանիքները, խրախճանքները անպայմանօրէն պիտի աւարտէր (գոնէ մի ժամ) յեղափոխական երգերով: Կային նաեւ ոմանք, որ դժուար էին կրում բառերը երգի՝ ու թողնում հեռանում էին, կամ էլ կռւում:

Այդպիսիներից մեկը՝ փեսան, առաւ հարսն ու գնաց:

Հին պատմութիւններ են: Հիմա մարդիկ մոլեռանդ չեն, պարզապէս սիրում են հայկական ուժի ու հերոսութեան նկարագրութիւնը հիւսող յեղափոխական երգը: Ես զարմանում եմ, քանի որ կարծում էի ժամանակը մարդկանց պիտի փոխի, բայց փաստօրէն երիտասարդներն են որ սիրում են:

Բարի գիշեր

Tigris
13.11.2010, 12:19
Ադրբէջանական ֆիլմերի փառատօնի մասին տեղեկանում եմ: Ինչե՜ր են պատահել. օրին չեմ տեղեկացել:
ԱՄՆ-ը հայ-թուրք յարաբերութիւնը յաջողեցնելուց եւ հայերը թուրքերին հաշտեցնելուց յետոյ, հիմա էլ բարեկամացնում է ադրբէջանական «փառաւոր մշակութաստեղծ ազգին»:
Հայ եւ թուրք երիտասարդներին հանդիպեցնում են միմեանց, չգիտեմ ինչ: Որոշ գումար է տրամադրուած, որոշ կազմակերպութիւնների, որպէսզի խաղաղութեան աղաւնիներ թռցնեն հայերի եւ թուրքերի գլխավերեւում:

Բարի է, թերեւս, նպատակը: Ամերիկացիք եւ եւրոպացիք իրենց փորձառութեամբ են փորձում մեր փորձանքները վերացնել:
Պարզամիտ, միամիտ, յիրաւի պարզունակ ամերիկեան եւ եւրոպական միտքով` գերմանացու ֆրանսիացու, մեքսիկացու եւ ամընըյացու (...) միջեւ եղած թշնամութիւնները երբոր վերացած են, ապա ինչո՞ւ նոյնը չի կարող լինել աշխարհի բեբախտ այս տարածքում:

Գուցէ մի օր թշնամութիւնը վերանայ, չգիտեմ, բայց գիտեմ որ մեր խնդիրները ուրիշ խնդիրների լուծման փորձով չպէտք է գնահատուեն:
Ցեղասպանութիւն է եղածը այս տարածքում:
Ալզաս Լօրէնի կամ Տեխասի անապատի համար չէ հայ-թուրք հազարամեայ կռիւը: Գրինգոների եւ պանչո-ամիգոների միջեւ տաւարագողութեան հարց չէ մեր խնդիրը: Ռեդ Քիթի քիթով չմխրճուել չհասկացած հարցերի մէջ:
Շատ խոր եւ կենաց մահու հարց է մեր խնդիրը-- պարոններ ամերիկացիք: Ձեռ կշեռքով մի չափէք մեր ցաւը:
Մեզի արդարութիւն պէտք է, ահա թէ որն է ձեր տեսնել չուզածը: ԴՈՒՔ՝ Տիարք եւ տիկնայք քաղաքակիրթ եւրոպացիք եւ ամերիկացիք, ՎԱԽԵՆՈՒՄ ԷՔ արդարութեան գործը անելուց:



Դուք սիրում էք օգտագործել փոքր ժողովուրդների կենսական դատը ձեր կայսերապաշտական դատի համար, յետոյ ոտնակոխել նրա իրաւունքը, յետոյ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել փրկուածներին, որպէսզի յաւիտեանս երախտապարտ զգան ձեր արիւնռուշտ նկարագիրին:
--
Աղանդաւորների մասին
Տարիներ առաջ գիրք մը տեսայ մեր տանը: Ամերիկացի հայախօս ասորի չգիտեմինչ կարգավիճակ ունեցող հոգեւորի մը հրատարակութիւն է: Իր եւ ամերիկացի կրօնաւորներու գրածներն են մէջը գիրքին (հայերէն թարգմանած):
Օրին ըսի, թէ մենք ունին հազարմեակներու հոգեւոր գրականութիւն, որուն անծանօթ է գիրքը նուիրող անձը: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ տուեալ անձը չէ ծանօթացած: Ահա խրթին թուացող հարցի մը շա՜տ պարզ եւ ճշմարիտ պատասխանը: Չէ յաճախած հայկական վարժարան, իսկ եթէ յաճախած է, ապա այդ հայկական վարժարանը ազգային մշակոյթ չէ ջամբած անոր: Չէ սորված ծնողներէն՝ ըլլալ հպարտ ինքն իրմով, իր անցեալով ու մշակոյթով, իր պատմութեամբ եւ նախնիներու արժէքաւոր ժառանգութեամբ: Մեկ խօսքով՝ ՏԳԷՏ Է:
Բայց նաեւ կայ ուրիշ պատճառ մը– օտարինը հրապուրիչ է՝ Made in USA.

Tigris
14.11.2010, 18:39
Այսօրուայ մտորումներս յանձնեմ թղթին:

Հայկական սերիալները շատ նման են թրքական սերիալներին. մռայլ դէմքեր, դպրոցականի արտասանութեան նման արտասանութիւններ՝ անսիրտ ու անհոգի՝ անփորձ դերասաններից, խոժոռ պատկերներ, իբր լրջութիւն կայ խնդրում եւ «ժամեր» տեւող յուզական երաժշտութիւն: Նմանւում են նաեւ եգիպտական սերիալներին:

Հայ գեղեցկուհին աշխարհի ամենագեղեցիկն է: Նայում եմ հայուհիներին ու հիանում:

Top 10-ի յաղթող երգը, այս շաբաթ, Արմանի եւ Լուսինայի կատարումն է: Երգը տպաւորիչ է եւ մտքումդ մնում է նրա մեղեդին՝ երկար ժամանակ:

Արմէնի (-չիկի) հանդէպ շրջափակում կայ հայկական հեռուստաըկներութիւններում: Բացառութիւն է "Armenia-tv" հ/ը-ը: Հ1-ի ռուսերէն հաղորդումում նա յայտնուեց: Իհարկէ մտիկ չարեցի ռուսերէնը : Արմէնչիկը ինչո՞վ պակաս է Արմանից: Չեմ հասկանում՝ հայկական խա՞նդ է, նախա՞նձ է, թէ՞ յատուկ քաղաքականութիւն:

Արմէնը բացառիկ ձայն ունի: Տուէք նրան լաւ երգեր,- ինքն էլ է յօրինում, - ու նա կը նուաճի աշխարհը...

Հայկական Աշխարհի երեկուայ հաղորդումը, «Շանթ»ից, որոշ չափ դիտեցի: Ուշացել էի:

Մի օր՝

«Պիտի գանք Հայաստան,

վերաշինենք տուներ,

կորսուեցէք մեր երկրէն՝

Վատ չար թշնամիներ»:

(Մուսալեռցիական երգ)

Մինչեւ գանք, ինչո՞վ ենք զբաղում արտերկրում: Հեղ մի խօսենք սրա մասին: Մինչեւ գանք, արտերկրում էլ հայկական կեանքով ենք զբաղում: Մեր հայկական (հայաստանեան) կեանքն ենք ապրում օտարութեան մէջ:
Մեկը, համացանցում, հայերի հետ միասին թուրքերին է հայհոյում: Միւսը՝ օրաթերթ ու գիրք է կարդում: Մէկ այլը՝ հայկական կազմակերպութիւններում կամաւոր դրութեամբ է աշխատում: Չորրորդը՝ փողոցով անցնելիս հայերէն երգ է բարձրացնում իր մեքենայից: Եւայլն: Հայաստանում չենք, սակայն բուռ-բուռ Հայաստան ենք բերել ու տարածում ողջ աշխարհում: Կեցցէ՛ Հայութիւնը:

Tigris
15.11.2010, 03:20
Մենակութեանս հետ այնքան ուրախ եմ, գիշերուայ այս պահին, որքան ուրախ է դերվիշը, կամ վանականը, ինքն իր հետ: Սիրում եմ ձմեռնային գիշերները՝ ամպրոպոտ, կատաղի անձրեւոտ, տեղացող բարկութեամբ. որ ուշանում է, յուշ է դառնում:

Երկար տեւեցին ամառը, աշունը:

Թւում է ամէն ինչ ասուել է՝ լաւ խօսքերը, խելացի մտքերը, բոլոր իրավիճակների հետ կապուած վերլուծումները. բոլորից: Խօսքն աւելորդ է դառնում. կրկնւող ձայնասկաւառակ, շրջուն վաճառորդի հանկերգ:

Ուրեմն ինչո՞ւ եմ գրում: Մոլութիւն է դարձել: Մոլութի՞ւն թէ սովորութիւն. ի՞նչն է զանազանութիւնը: Լաւ մոլութիւնը նոյնինքն սովորութիւնն է: Օրինակ, ամէն առաւօտ մարմնամարզութեամբ ես զբաղւում, առանց դրան պակաս մի բան ես զգում: Լաւ մոլութիւն է:

Վաղը երկուշաբթի է. բոլոր երկուշաբթիներից մեկը, օրերից մեկը. նոյն գործերն ու պարտականութիւնները:

Ո՞րն է խորհուրդը: Լինել լաւ սովորութիւնների կրողը, ինքն քեզ գերազանցել՝ փորձել կատարել նախապէս կատարուածից լաւը: Շարունակ կատարելագործուել: Երեւի սա է կեանքի իմաստը:

Մարդիկ, նաեւ առաջ ինքդ, պիտի նկատեն առաջընթացդ:

Ո՞րն է մարդկային ամենամեծ, ամենաանփոխարինելի նուաճումը, որի համար արարիչը չի զղջալու իր արածից: Երեւի մարդկային ձայնն է դա: Ձայնը բառով, ձայնը մեղեդիով:

Ամէն ինչի սկիզբը խօսքն է: Ամէն ինչ խօսքով է: Խօսքն է մարդու հիմնական զէնքը: Խօսքը մտքի ծնունդն է: Միտքը խօսքի ծառն է: Կարող ենք ասել, որ միտքն էլ խօսք է՝ դեռ չհնչած ու չարձանագրուած:

Յառաջիկայում «թեժ» տօնական ամիսներ են: Իրար ետեւից քաղաքս են գալու հին ու նոր երգիչներ: Ովքե՜ր եկան՝ ու դեռ պիտի գան:

Դժուար է ասել, ե՛րբ է մարդս ձգտում իրեն երջանկութիւն տուող բաներին: Երջանկութիւնը նախ ներքին գոյակցութիւն է, որից յետոյ արտաքին երեւոյթները գալիս ու լրացնում են:

Աշխարհի բարիքը շատ է: Հաւաքի՛ր ու ամբարի՛ր: Աշխարհի գեղեցկութիւններն էլ շատ են, սակայն դրանք մի փորձիր «հաւաքել» ու «ամբարել», որպէսզի չնիւթականանան: Ծաղիկը թփի վրայ է գեղեցիկ: Նոյն տրամաբանութեամբ, երբ որ երջանկութեան ես ձգտում, շարունակ հալածելով, նա քո ձեռքում թառամում ու մաշւում է:

Բազում երջանիկ ու գերերջանիկ պահեր գալիս ու անցնում են կողքիցդ: Թոյլ տուր որ անցնեն. առանց սպասելու նորը, որը երբէք չի ասելու, թէ երբ է գալու:

Երջանկութիւնն արհեստականօրէն չի ստեղծւում: Լինում է պարզապէս:

Փիլիսոփայ լինելը «դժբախտութիւն» է, քանի որ չերիտասարդանալուց, չջահելանալուց սկսում ես տարիքն առած մարդու նման մտածել ու փիլիսոփայել: Այսինքն՝ փորձել, փորձանքի ու փորձառութեան մատնուել չի լինում: Միանգամից՝ քո մտածմունքով եւ քեզանից առաջ եղածների փորձառութեամբ, արդէն դու ապրած ես համարում փորձառութիւնդ: Չգիտեմ, դա լա՞ւ է թէ վատ:

Ինձ հարբեցողութիւն է պատճառում, գագաթային երջանկութիւն է պատճառում իմ սիրած երգիչների կատարողութեամբ մի շարք երգեր: Սրանք ա՛յն հարստութիւնից են, որ կարելի է հաւաքել, ունենալ տանը, գրպանում ու վայելել, լսել, ապրել, մտքով պարել ու չուել հեռու: Ես չգիտեմ շատը, ոմանք չգիտեն իմ իմացածը. թէեւ գեղեցիկն ու լաւը ինքզինք չի թաքցնում ու համամարդկային արժէք ու արուեստ է համարւում:

Վերանալ գետնից, ոտքդ կտրել գետնից՝ երկրային տաղտկալի մտահոգութիւններից ու ռութինից, ու լինել գտածդ արուեստի ու գեղեցկութեան աշխարհում:

Ոչ տխուր, ոչ ուրախ, առանց որեւէ արտայայտութեան քայլում ես, աշխարհի հետ առնելիք տալիքդ փակուած ես ուզում համարել: Բայց չի լինում: Մշտական պայքար է պէտք, որպէսզի միշտ փակուած համարես:

Այլապէս կը տանջուես անգործութեան պատճառած պարտութիւնից:

Աստուած վտարեց Ադամը դրախտից, որպէսզի չարչարուելով վաստակի իր երջանկութիւնը: Մարդը այսպէս է հաճոյք ստանում, նրա բնութիւնն է այս՝ որ գեղեցիկ մի եդեմական դրուագով փիլիսոփայել է «Ծննդոց»-ում:

Ուրեմն մեր արձակուրդն ու հանգիստը բաւարար համարելով պատրաստուենք երկուշաբթիին, աշխատանքին ու նոր քննութիւններին:

Tigris
15.11.2010, 11:51
Երէկ, գրառմանս վերջին պարբերութիւնը Աստծոյ մասին էր: Լաւ վկայութիւն էր, բայց ջնջեցի: Մի քանի րոպէ անց երկրաշարժ եղաւ: Առաւօտուն իմացանք՝ Ալեքսանդրեկում է կենտրոնը շարժի:
Գրել էի, որ Աստուած իրականցրել է իրենից խնդրածներս: Յետոյ ջնջեցի, քանի որ շատ «պառաւական» կամ «տիրացուական» հնչեց եւ հնարաւոր է ծաղրուի: Կամ աւելի ճիշտը՝ ընթերցողին չի հետաքրքրում իմ եւ Աստուծոյ միջեւ եղած բարեկամութիւնը:

«Սիրո՞ւմ ես հայաստանեան էստրադան»,- տուեց հարց, հարսը մեր աննման, երբ խօսում էի երգ ու երաժշտութեան մասին՝ ասպարէզը գրաւողների մասին:
Ինչպէ՛ս թէ չեմ սիրում, պիտի խօսել մասին լաւի, առանց տրտունջք ու ցաւի, այն, որ տարիները անպտուղ չեն եղել. ահա ունեմ երգն Արսէնի երգահան՝ զուգակից ձայնովը Նունէի անզուգական- «Միայն ես եւ դու»:

Ժամանակին, երբ կատուն ճոն էր, շունն էլ գլխին գդակ չունէր, խօսք եղաւ Մատենադարանի գրքերը թուայնացնելու մասին: Ի՞նչ եղաւ արդեօք:
Բոլոր երազող մարդիկ, ինձ նման, մարդկութեան անուղղակիօրէն փորձանք են պատճառել: Օրինակ Կարլ Մարքսը, իր իդէալական հասարակութեան մասին տեսութիւններով, մարդկանց զինւորագրել է իրեն, ու նրանք անպաման ուզեցել են իրականութիւն դարձնել: Պիտի ընդունել իրականութիւնը, կեանքի վայրենիութիւնը այնպէս որ է: Իդէալականը անբնական է:
Երազել եմ միլիարդատէր լինել, բոլոր վանքերը վերակառուցել եւ գրչութեան աշխատավայր դարձնել: Բայց արդէն անումը գրչութիւն չէ, թուայնացում է: Թող ալամ աշխարհ իմանայ, կարդայ, ի՞նչ կայ թաքցնելու:
Երազել եմ Ամբերդը վերակառուցել, մարդկանց ազգային տարազ հագցնել, գիւղերի տները, փողոցները նորոգել, պատերը ներկել, գեղեցկացնել գաւառը (ոչ միայն Գաւառը), զբօսաշրջային դրախտ դարձնել ու նստած բերդում, Մասսի ու Արագածի դիմաց, վայելեմ փառքը աշխատանքիս: Կծիծաղէք:

Ընթերցողը թող չզարմանայ պրիմիտիւ գրութիւններս ընթերցելիս: Երբեմն նորոգուելու համար պիտի վերադառնալ սկիզբ, նախնական, հնադարեան լինել, գուցէ միամիտ լինել, ու վերստին դուրս գալ ճանապարհ:

Յ.գ. Ի՜նչ լաւ է որ թուրքերի մասին չեմ գրում: Արդէն ազատուել եմ նրանցից:

Tigris
17.11.2010, 01:15
Երէկ խոստացէլ էի ինքս ինձ «գերազանցել»: Չեղաւ: Դանդաղ են քայլերս, ուշ արթնացայ, ուշ գնացի գործի: Համատարած «զատիկ» է: Սիրահարուելը եղանակային է երեւի. ամէն երեք-չորս ամիսը մի անգամ հարում է ինձ:

Ամէն օր երբ հանդիպում ենք, ընթերցո՛ղ, ձանձրալի է լինում՝ Դուք ինձանից: Ուստի ուրիշների գրածի ու ասածի մասին պիտի արձանագրեմ՝ եւ այն, որի մասին մտորեցի այսօր:

Այսօր ահագին ընթերցեցի: Դրկից ֆորումում արձանագրուած էր Նժդեհից: Ամէն անգամ որ Նժդեհ եմ կարդում, դադար եմ առնում, գնում դուրս՝ մի քիչ շնչառութեան փորձ՝ ու վերադառնում: Ծանր է եւ գերազանց գեղեցիկ: Ուզում եմ լաւ հասկանալ, հասկացածս նորից մարսել, տարբեր պահերով ըմբռնել: Նժդեհից յետոյ կարծես մարդամեքենայ ես դառնում՝ թէեւ համամիտ եմ ու հիանում: Արդէն մի քանի օր է մտորում էի կարգապահութեան եւ ազատութեան համատեղելիութեան մասին, թէ կարելի՞ է:

Անձնապէս մի քիչ «գերմանական-գեստապոյական» «կարգապահութիւն» ունիմ: Ամէն ինչ իր տեղը պիտի լինի, ճիշտ ժամին ճիշտ գործը պիտի անեմ, եւայլն: Սիրում եմ կոկիկութիւնը, պարտականութիւններում չուշանալն ու չթերանալը: Ինչպէ՞ս հաշտ է այս անձը՝ ի բնէ, ի ծնէ ազատապաշտին հետ: Չէ՞ որ «պարտականութեան» գիտակցումն ու գործադրումը կալանաւորում է ազատ լինելը և ազատութեան հանդէպ բնազդային ու հոգեկերտուածքային ամբողջութիւն ունեցողին: Ուրեմն յանուն կարգապահութեան յաղթւում է ազատութիւնը:

Յանուն ազատութեան յաղթւում է նաեւ կինը. այնպէս արեց թափառաշրջիկը, Աբուլալան, որ նախընտրեց անապատի անծայրածիր ամայութիւնը, անսահման Ազատութիւնը:

Հոգին անչափ է. չի տեղաւորւում կնոջ քաղցրութեան եւ բերկրանքի մարմնում: Ազատապաշտը չի ուզում իր սիրոյ ենթական, կամ էակը, դարձնել իր բանտապետը, որպէսզի նրան չկորցնի: Ազատապաշտը կամաւոր տանջահար է:

-*-*-

Լսել էի: Կարդացի բլոգը: Չէի հաւատում՝ մինչեւ եկաւ ֆրանսահայ գրականագէտն ու վճռեց բանավէճի արդիւնքը: Չեմ ուզում հաւատալ... Հաւատալ բառը տեղի՞ն է: Չէ՞ որ հաւատում են չտեսածին, իսկ այստեղ տեսնել է պէտք:

-*-*-*-

Այնպիսի տպաւորութիւն եմ ունեցել, որ հայաստանեան լրատուամիջոցները իշխանամէտ են կամ ընդդիմադիր: Այսօր ընթերցում էի վերին աստիճանի գեղեցիկ գրական լեզուով գրուած մի յօդուած, որ համեմուած էր սուր երգիծանքով: Նայեցի լրատուին՝ «Ազգ»ն է: Հալալ է գրչիդ, եղբա՛յր: Ձայնդ անսպառ:

Ուրանը Ուռ է:
ԱՄՆ (Այբ Մեն Նու), ՌԴ, ԵՄ եւ Իրանը ամէն տարի Հայաստանին պէտք է վճարեն հարիւրական միլիոն դոլար, քանի որ Հայաստանը խոչ-ընդ-ոտ է ասպատակողներին: (Նորի՞ց «պէտք է»-ներ)

Մտածում էի Վաչէ, Վաչակ(գ)ան անունների մասին: Աճառեանի Արմատականում «Վաչ»— վրան ծածկուած սայլ: Կարծւում է արմատը Վաչիկ է: -իկ մասնիկը ինձ յիշեցրեց «Ցեղանուն-յատկանիշ» յորջորջուած տափակ մի թեմա, որի հեղինակը սոյն տողի հեղինակն է:

Բառի ծագումը յայտնի չէ: Ինչո՞ւ վաչէ, վաչական անուններով էին կոչւում: Արդեօ՞ք սայլում ծնուած երեխաներ են եղել, թէ՞՝ այդ ժամանակ ոմանք ազգովին հօտաղութիւն էին անում: Ամրանը լինում են լեռները, ձմրանը՝ համեմատաբար տաք եւ ցածրադիր դաշտերը:

Կընթերցեմ նաեւ ընդդիմադիր մամուլը: «Հետք»ում մի յօդուածագիր բողոքում էր: Բողոքը գոնէ իմ մօտ տեղ չհասաւ: Գրել էր՝ «գնումա», «ասումա»– գոնէ օժանդակ բայը մի քիչ հեռացնէր: Շահ Էսմայիլի ժամանակից մնացած բառերն էլ աչք ու ականջ էին ծակում:

Հայաստանից վատ լուրեր ստանալիս ասում ենք,- «ասանկ պէտք չէ ըլլայ»: Մասիսը հեռուից սիրող ախպարներս (Չնայած մեր կեանքի արագընթաց քայլերին, երբեւէ չեմ գործածել «ախպար». թէեւ վատ բառ չէ, վատը աղբառն է, որ վատթար է եւ բեթարի պահլաւական տարբերակն է, միշտ՝ ոչ դիտաւորեալ, գործ եմ ածել եղբայր, կամ եղբօրս իր անուամբ եմ կոչել-կանչել) մտածում ենք, որ նման խնդիրներ պէտք է վաղուց լուծուած լինէին ու մենք արդէն ընկած լինէինք մեծ նպատակների իրագործման ճանապարհին: Սակայն ափսոս. ընկել ենք ու չենք շտկւում:

Գողը բռնողը այսօր մեղադրուեց կաշառակերութեամբ:

--օ—

Վրացիք այսօր Իմերելների մայրաքաղաքը դարձրին Վրաստանի հայրաքաղաք: Ճնշումը, ապականութիւնն ու խճողումը կը թեթեւանան, անշարժ գոյքի թանկացումը կը դանդաղի, երկրի զարգացումը որոշ չափով կհամաչափուի: Մեր չհաւանած Սահակաշվիլին մերթ ընդ մերթ խելաւք բաներ է անում:

---*-*---

Թուրքիայի նախագահը եւ չգիտեմ ո՛ր նախարարը, շքանշաններ են ստանում: Գնամ կաղապարագործին, մի քիչ շքանշան ապսպրեմ:

Սուլթանը առատ շքանշան էր բաշխում քուրդ ցեղապետերին: Երբ որ զգում էր, թէ չի կարող զէնքով նուաճել անզուսպ լեռնականները՝ սկսում էր շքանշաններ ու պատիւ բաշխել համիդէի գնդերի պետերին՝ նուաճելու համար նրանց հաւատարմութիւնը: Երբեմն օգտում էր, երբեմն ոչ: Սա լինում էր հայերի հաշւին՝ այնքան ժամանակ որ նրանք կային:

Շքանշան տալը աղերսանքի նման մի բան է երեւի,- «Խնդրում եմ մեզ հետ եղիր, մի՛ հեռացիր մեզանից, մեր ճամբարից եղիր, զի մենք գիտենք քեզ վարձատրել ու գնահատել»:

Պէտք է քաջալերել նորօսմանցուն: Մենք էլ մեր կողմից շնորհաւորենք՝ աւելիով կատակերգութեան վերածելու շքանշանաբախշութեան գործընթացը, որն սկսեց տոլերանտոտ Իլհամ խան Ալիօղլիով, շարուանակուեց Վիլսոնոտ Ահմետչիկով ու շարուանկւում է chatանեմոտ Գիւլով ու ուղղափառոտ Բաղըշով:

Tigris
21.11.2010, 22:30
Այսօր դարձեալ յօդուած մը ընթերցեցի՝ Արեւմտահայաստանի Ազգային Ազատագրական պայքարը քննադատող:

Բարոյական իմաստով, այս երեւոյթը նոյնն է, ինչ քննադատելը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, Սերբիայի, Յունաստանի և Մակեդոնիայի անկախութեան եւ ազատութեան պայքարը:

Բայց եթէ յաջողէր, պիտի չի քննադատուէր: Ուրեմն հարցը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ազատութեան իրաւունքը կասկածի տակ առնող, այլ, հաշուեկշռուած չկռւիլը:

Երկար խօսքին կարճը: Յեղափոխութիւնը չսկսաւ հայկական ուժի եւ կարողութեան յորդացման որպէս հետեւանք, թէեւ սկսաւ հայկական կեանքին թելադրանքով: Կեանքը, զուլումը կը թելադրէր, սակայն յեղափոխութեան մղիչ ուժը գոյ չէր՝ ազատութեան եւ արդարութեան կարօտ արեւմտահայ տարածքին մէջ:

Ճիշտ այդ պատճառով՝ առաջին յեղափոխականներէն շատերը ժամանակը յարմար չէին համարեր կռւելու համար:

Հայոց ցեղասպանութեան մեղքը հայ յեղափոխութեան վերագրելը նոյնն է, ինչ անդամագրուիլ թուրք (օսմանեան, իթթիհադական, քեմալական եւ արդի նոր օսմանեան) դիւանագիտութեան եւ պատմախեղաբանութեան:

Օտար մեկը չկայ մէջերնիս, մենք մեզի ենք, եկէք անկեղծ ըլլանք:

Բոլորիս համար ալ հայ ժողովուրդի անվերադարձ կորուստն ու անոր հայրենիքի մեծ մասի կորուստը չեն ստորադասուիր որեւէ բանի առջեւ: Սակայն, արդեօ՞ք յեղափոխութիւնը սկսաւ Հնչակեան եւ Դաշնակցական զինեալ խումբերու գոյութեամբ:

Վերադառնալով վերի մտքիս, այն է, որ մեր կամքէն անկախ սկսանք՝ ստիպուած եղանք կռւիլ, երբոր Արեւելեան Հայաստանի հիւսիսային մասը «ազատագրուեցաւ» ցարական Ռուսիայէն:

Սա ամենեւին չի նշանակէր թէ Ցարը կազմեց հայ յեղափոխական կազմակերպութիւնները: Թուրք-օսմանեան պետութեան դէմ կռւիլը սկսաւ այդ ժամանակ, որ վերաճելով՝ տասնամեակներ յետոյ, դարձաւ Հայ Յեղափոխական պայքար: Հայ ժողովւրդի հանդէպ թուրք-օսմանեան պետութեան եւ վերնախաւի վստահութիւնը խախտեցաւ այդ ժամանակ: Ահա թէ ինչ ըսել կուզեմ, երբ կըսեմ, թէ հայ յեղափոխութեան ակունքին կը գտնուի Անդրկովկասի ռուսական նուաճումը եւ թուրք-ռուսական պատերազմները:

Ահա հոս է, որ ծնունդ առաւ հայ յեղափոխութիւնը: 1828էն եւ միւս ռուս-թուրք պատերազմներէն ետք: Կարինի, Բայազեդի, ողջ ռուսական գրաւման տակ եղած եւ յետոյ Արեւելեան Հայաստան գաղթած Հայութի՛ւնը սկսաւ Հայ Յեղափոխութիւնը:

Անոնց զաւակները, արդէն այս անգամ «ազատագրուած» Կարսէն, Ախալքալաքէն, Նոր Բայազեդէն, զէն ի ձեռին գացին դէպի Հայաստան: Հայաստան բառը այդ ժամանակն կը տրուէր Տաճկահայաստանին: Չէ ո՞ր իրենց ծնողները այդտեղէն են եւ հոն մնացեր են իրենց եղբայրներն ու քոյրերը:

Ուրեմն, եթէ մեղադրելիք մեկը կայ Հայ Յեղափոխութեան գծով, մեղադրենք Հայ Ժողովուրդին, Իսրայէլ Օրիին, Խամսայի մելիքներին, ամբողջ Հայութիւնը, որ օր առաջ կը սպասէր ազատուիլ խանական իշխանութենէն: Արեւմտահայութիւնն ալ տեսնելով իր արեւելահայ եղբայրներու «ազատուածութիւնը», ցանկացաւ նոյնի կիրարկումը իր տարածքէն ներս: Անշուշտ ռուսերը արեւմտահայութեան սիրոյն չէ որ կը նուաճէին (ու ետ կը քաշուէին):

Հայութիւնը ի՛նչ ալ ընէր, նոյնիսկ եթէ զէնք չբարձրացնէր օսմանցիներուն դէմ (մեծամասնութիւնը չբարձրացուց), դարձեալ պետութեան աչքին անվստահելի տարր պիտի համարուէր՝ միայն եւ միայն ռուսի գոյութեան եւ մօտիկութեան եւ ռուս-թուրքական պատերազմին պատճառով: Ամենաթարմ օրինակը Բաղդադի պայթիւններն են՝ եկեղեցիներու, մարդիկ մեռան պարզ այն պատճառով, որ նուաճող Ամերիկայի հետ կը բաժնեկցին նոյն կրօնը: Եւ այլ հազարաւոր օրինակներ:

Ռուսերը «չազատագրեցին» Արեւմտահայաստանը, այնպէս որ «ազատագրեցին» Արեւելահայաստանը: Բոլոր խնդիրներու, հարցերու, թնջուկներու պատասխանը ա՛յս է:

Եւ, տարաբախտաբար, հայութիւնը տարածուած էր ամբողջ Օսմանեան Կայսրութան մէջ, այսինքն ի սկզբանէ վճռուած էր «չազատագրւողներու» կորուստը:

Ռուսերու գալովը հայերը ուզեն-չուզեն կողմ պիտի բռնէին եւ բռնեցին ռուսին: Կամքէդ անկախ կը կռւիս:

Իսկ եթէ ռուսը չգար (Անդրկովկաս), ի՞նչ պիտի ըլլար: Քիչ մը ատոր մասին մտածենք ու մենք մեզի հետ անկեղծութեամբ, խղճով դատենք:

Tigris
22.11.2010, 11:46
Բարի օր,
Շատ եմ կարդում, քիչ եմ ննջում: Մտածումներս թղթին յանձնեմ ու ազատուեմ նրանցից:
Էդ ինչքան շատ բան կայ կարդալու, որ զանց եմ առել:

Ի՞նչ է ազգը
Ազգը այն է, որի անդամներին ուրախութիւն եւ տխրութիւն, հպարտութիւն եւ վիրաւորանք են պատճառում միեւնոյն երեւոյթները:
Որքա՛ն խորանաս ու մանրամասնես տխրութեան եւ հպարտութեան, վիրաւորանքի եւ ուրախութեան առարկաները, խորագիրներ եւ վերնագիրները, այդքան ազգը «մանր ազգերի» է վերածւում՝ միեւնոյն «ընդհանուր ազգութեան» խորապատկերում:

Քրիստոնէութեան ընդունումով, Հայաստանի առաջին մեծ դեմք հանդիսացող հայրապետներից մեկը (կարծեմ Ներսէս Մեծը), ամուսնութեան նոր կարգ հաստատեց՝ արգիլելով եօթ պորտից աւելի մօտ ազգականների միջեւ ամուսնութիւնը: Նպատակը պարզ է. բազմաթիւ ազգութիւններից բաղկացած Հայաստանը դարձնել մի ազգութեան՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանու ներքոյ Հայ ազգութեան:

Մենք գիտենք, որ ազգ բառը այն ժամանակները, նաեւ այսօր՝ տեղ-տեղ, գործածւում է նշելու համար մարդու ո՛ր ազգականների խմբին պատկանելը՝ տոհմը, գերդաստանը:
Հին ժամանակ, նախարարական Հայաստանում, մարդիկ պատկանում էին, եւ դրանով հպարտանում, այսինչ նախահօր՝ նախարարութեան հիմնադիր մեծ մարդու ազգութեանը: Խոշոր եւ ընդհանուր ազգութեան պատկանելուգիտակցութիւնը թերեւս թոյլ էր, գուցէ թագաւորական պետական հաստատութիւնն (ինտիտուտը) էր դա:
Լեզուի մասին չէ խօսքը: Տարբեր ազգեր խօսում էին հայերէն:

Նոյն ազգից, նոյն տոհմից եւ մօտ ազգականից հարս առնել տալու սովորոյթը բխում էր նիւթաբարոյական ժառանգութեան՝ միեւնոյն ազգի մէջ պահպանելու նախանձախնդրութիւնից:

Հայոց հայրապետը փորձում էր թուլացնել նախարարական ազգութեան ամրութիւնը, զօրացնելու համար ընդհանուր՝ եկեղեցական, ժողովրդական ազգութիւնը: Շատ յաջողութիւն չգտաւ, քանի որ երկար ժամանակ նախարարութիւնները մնացին իշխող, սակայն ի վերջոյ, ուրիշ ազդեցութիւններով, չքացան ու անհետացան որպէս իշխանական տներ:

Հայրս երբեմն ասում էր, թէ մեր տոհմը ազնւական ծագում ունի. Անիից են գաղթել, Բագրատունի են եղել, մագաղաթ է մնացել մի տոհմակիցի մօտ, որ անհետացել է Եղեռնի տարիներին՝ մագաղաթի հետ միասին:
Ես ամաչում եմ նման թեմաներ արծարծելուց, քանի որ մագաղաթ չկայ, լինի էլ՝ ի՛նչ կփոխուի:
(Արդէն հայերը կամ Մամիկոնեան են լինում, կամ էլ Բագրատունի ու Արծրունի. չեմ լսել որեւէ մեկից որ ասի ինքը Հաւնունի է: Դասընկերուհիներիցս մեկը Ապահունի ազգանունն ունէր)
Մեր՝ արեւմտահայոց, ազգականական կապերը ու տոհմական յուշերը ահագին վնասուել-կորել են, գաղթի ու Եղեռնի պատճառով: Երէց (աւագ սերնդի) մարդիկ չեն մնացել՝ նրանք, ովքեր տոհմի «պատմաբաններն» են եղել, որ փոխանցեն նոր սերնդի անդամներին, տոհմաբանութիւնները մեր հին:

Արաբ ցեղախումբերը, բոլորն էլ, ունեն իրենց ցեղախմբային պատմաբանները, ովքեր գիտեն քանի՛ ճիւղի, ենթաճիւղի է բաժանուել ցեղախումբը:
Իրենց մարգարէից սերուած բոլոր ցեղախմբերի անդամներին տալիս են «Շարիֆ» տիտղոսը, որ նշանակում է ազնւական, պատւական: Նրանցից մեկն ինձ պատմեց (ուրիշ շատ «ոչ-շարիֆ»ներ եւս), որ տոհմաբան-պատմաբանը նրան ճանաչել է մարդաբանական կերպարին ուշի-ուշով նայելով: Վաւերագրական մի ֆիլմում, Ալ-Սաուդ ցեղախմբից երկու տոհմաբան-պատմաբան, պատմում էին բրիտանացի լրտես-գործակալ Լուիսի հետ նրանց ցեղախումբի կապերի և արաբական յեղափոխութեան մասին:

Այսքանը մտածելուց ու գրելուց յետոյ, փորձում եմ հասկանալ Մամիկոնեանների կազմակերպուելը:

Tigris
23.11.2010, 11:57
Երէկ ընթերցեցի հետեւեալ միտքը, որ շատ է հնչում, թէ՝ «Ինչո՞ւ թոյլ տուեցինք թուրքերին որ մեզ ցեղասպանեն»:
Պարզամիտ հարցին պարզամիտ մարդը կը մտածէ, թէ թուրքերը, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, հանրաքուէ են կազմակերպել. մեկ առ մեկ հարցրել են՝ դռները թակելով, թէ «ժողովո՛ւրդ ջան, կը ցանկանա՞ք ձեզ ջարդենք», եւ հայութեան մեծամասնութիւնը «այո» է ասել:

Հերթական անգամ համոզւում եմ, որ մեր ժողովուրդը, գրիչ շարժողները, պատմութիւն չգիտեն: Գիտեն սգատօն կազմակերպել ու սգահանդէսի մասնակցել: Գիտեն Ցեղասպանութիւն է եղել, բայց թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ են ապրել ու այդ ժամանակուայ մարդիկ, չգիտեն: Այսքան:


▪▪▪

Ընթերցում էի Դաշտենցի «Բրաբիոն ծաղիկ»ը: Դադարեցի ընթերցելուց:
Որքան էլ սովետական քարոզչութեան տուրք են տուել, այդուհանդերձ նրան զոհն են դարձել: Մնացել է գործը, որ բոլշեւիզմի քարոզչութիւնն է, ցաւօք: Չեմ հանդուրժում ճշմարտութեան դէմ մեղանչումը:
Մարդիկ չեն հասկանում, թէ ինչ պայմանի տակ են գրուել նման ստեղծագործութիւնները ու հաւատում են գրուածին: Ահա, երէկ, «Երգ երգոց»ում յայտնուեց, որ Գուսան Շահէնը հայրենասիրական երգերի երգարան է պատրաստել, սակայն չեն հրատարակել՝ մինչեւ Լենինը գովերգող մի երգ գրէ յանպատրաստից: Լենինը, որ մեր հայրենասիրական երգերի հերոսների եւ հայրենիքի թշնամին է: Առանց այլեւայլի:

Tigris
25.11.2010, 11:53
Վերջերս «Թերթ»ի բլոգը կարդամ կը(կոր): Էրզրումցին պիտի ասէր՝ ի՞նչ կըլլիկը:

«Թերթը» մի քանի ամսուայ նորութիւն էր, իսկ բլոգը, ամիսներուն այդ, անտեսած էի միշտ ու չէի թերթած: Վահանի ու Հրանտի գրութիւնները շատ հաւանեցի բայց ոչ բոլորին համամտեցի:

Ես կը սիրեմ ասանկ ըմբոստ ու «ծուռ» մարդիկ՝ ովքեր անվնաս են անշուշտ:
«Ազգ»ում տպագրուած մի յօդուածում, նորահրատարակ մի գրքի գրախօսական էր: Ազդուելով՝ գրեցի, սրբագրեցի, խմբագրեցի, «զուգեցի ու զարդարեցի», բայց ոչ փոստեցի: Գնացի ճաշի ու եկայ ջնջեցի:

(«Ձի-ձի, փայտէ ձի,
Ով որ ունի այսպէս ձի
Թող գայ ինծի հետ մրցի»)

Թէկուզ մի տոկոս, մի հիւլէ սխալ կայ, պէտք է ջնջել՝ ներհայկական քաղաքականութեան վերաբերեալ խօսքում: Ես ոչ մեկի հանդէպ պարտաւորութիւն ունեմ, որ այս ու այն կողմը պաշտպանեմ: Թող ժամանակը պաշպտանէ ու դատէ:

Պարապ-սարապ բաներ էլ շատ եմ գրում: Ջնջում եմ, քանի որ ուզում եմ, երբեմն, «վեհ» երեւալ:
Չէ, կեանքը ինչպէս որ է, այլապէս գրելու հաճոյքից կը զրկուենք:
Ի վերայ իմոյ (թոյլ տուէք ճիշտ-սխալ գրաբար գրեմ) ազդել է նշանաւոր երգահանի խօսքը, գրելու մասին, առ այն, որ գրելը մտային ստրիպտիզ է: Հեստապա՞ր են ասում: Շատ եմ վիրաւորուել, բայց չեմ արտայայտուել մինչեւ այսօր: Ժամանակի հեռուից հանգիստ կարող ենք խօսել՝ ցաւոտ դէպքերի, դժուար հարցերի եւ վիրաւորանքի մասին:

Մեր կեանքում ինչը՞ ստրիպտիզ չէ: Երբ հագնում ես կոկիկ, մազերդ յարդարում ու սանտրում, եթէ բեղ ունես՝ մկրատով կտրատում ես ծայրերը (այս որտեղի՞ց յայնտուեց մտքիս), քայլում ես մայթի վրայ, ստիպուած բարեւում ես ամէն օր նոյն մարդուն...եւայլն:
Այն ինչը, կեանքում, որ արտայայտիչ է՝ ստրիպտիզ է՝ վերոյիշեալի տրամաբանութեամբ:

Գրուածքներում, որոնք կարդում եմ, ասւում է, որ առաջին արհեստը մարմնավաճառութիւնն է (կանանց մասին է խօսքը):
Չհասկացայ. այդ ե՛րբ է որոշուել ու վճռուել: Մի՞թէ անձաւներում ապրող կանայք մարմնավաճառ էին:
Ըստ իս, առաջին մարմնավաճառը առաջին մարդ Ադամն է, քանի որ՝ ըստ Ածաշունչի, Եւան խնձոր տուեց նրան, որ հետը պառկի: Ադամը Եւային «չճանաչեց» մինչեւ խնձոր ստանալը:

Խտրականութիւն:

Tigris
25.11.2010, 18:27
Փորձենք զգացականութենէ զերծ վերլուծում մը կատարել: Էրդողանը Բեյրութ եկաւ: Փառաւոր ընդունելութիւն՝ ձեւականութեամբ ցըցուն, որ կը բխի ժողովրդային եւ իշխանական տրամադրութիւններէ:
Մենք կը փորձենք մեր համաքաղաքացի արաբները «արթնցնել», խօսելով Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ տեղի ունեցած անիրաւութիւներու մասին, Բեյրութի եւ Դամասկի հրապարակները կախուած արաբ մտաւորականներու մասին:
Մինչ այդ, մեր եւ արաբներու պարագան նոյնը չէ: Արաբները վերատիրացան անկախութեան եւ իրենց հողերուն վրայ պետութիւն են: Մենք զրկուեցանք մեր հողերէն, կեանքերէն եւ սփիւռք ենք: Հետեւաբար՝ սպասելի չէ ակնկալել շարքային արաբէն, որ ատէ թուրքը, ինչպէս մենք:
Իրողապէս այդ «ատելութիւնը» կար արաբ մտաւորականութեան և գրականութեան մէջ: Սակայն այդ ժողովուրդը այնքա՜ն յարձակումի ենթարկուեցաւ՝ պետութեամբ եւ հասարակութեամբ, որ հին ատելութեան տեղ եկան եւ բռնեցին նորերը:
Այսօր արաբ պետութիւնները չեն կրնար թշնամանալ Ֆրանսային, այնպիսի անմիտ բանի մը համար, որ կը կոչուի Ֆրանկ Խաչակիրներու արշաւանքներ:
Ուրեմն, թուրք-արաբ ամէն օր զօրացող բարեկամութեան եւ վստահութեան դէմ հայութեան տարած պայքարը անիմաստ է եւ անօգուտ՝ նման պատմական շրջապտոյտներով:
Փա՛ստ է՝ Թուրքիայի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնը այն չէ, ինչ էր Էրդողանէն առաջ:
Միամտութիւն է կարծել, նաեւ, որ Էրդողան, իր այդ սպանուած 10 թուրք նաւավարներուն համար կապը վատացուց Իսրայէլին հետ: Պարզ է, երեւելի, որ ան արաբներուն խտիղ կը պատճառէ, կը հաճոյանայ անոնց:
Արաբներն ալ ապուշ չեն, գիտեն ու կը հասկնան ամէն ինչ: Ասի կը կոչուի քաղաքականութիւն, փոխադարձ շահեր՝ մշակութային, քաղաքական, առեւտրական եւայլն:
Միամտութիւն է սպասել, որ մեզի համար իրենց մարտավարական (եթէ ռազմավարականը դեռ կոփուած չէ) շահերը անտեսեն, այնպիսի հզօր երկրի մը հետ, ինչպիսին է Թուրքիան, եւ այնպիսի սպառնալիքներու առկայութեան, ինչպիսիք են միջուկային Իսրայէլն եւ հանրապետական Ամերիկան:
Արաբ աշխարհը տեսաւ Իրաքը:
Ուրեմն, մեզի՝ հայերուս «գործ ստեղծողը» եղաւ ոչ թէ Էրդողանը, այլ՝ ամերիկաիսրայէլեան վայրենութիւնը:
Առջի օր թուրք մը հեռատեսիլէն կը պատմէր, որ Իսրայէլ սկսած է շրջապատել Թուրքիան՝ Բուլգարիոյ, Յունաստանի, Վրաստանի, Ռումանիոյ եւ նոյնիսկ Ադրբէջանի հետ զինւորական եւ քաղաքական ամուր կապեր հաստատելով: Հայաստանի անունը չտուաւ:
Անյոյս բաներ է ըրածը Իսրայէլի: Նոյն Թուրքիան, ուժեղ կապեր ունի այդ երկրներուն հետ: Բացառելի է թերեւս Յունաստանը:
Ուրեմն, տարածաշրջանի մէջ Թուրքիայի ուժեղացմանը անուղղակի նպաստեց ամերիկաիսրայէլեան սանձարձակութիւնները՝ հանդէպ արաբական ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն:

Ո՞վ բերաւ Էրդողանն իշխանութեան,– իսլամ թուրք ժողովուրդը: Ինչո՞ւ, – հակաամերիկեան եւ հակաիսրայէլեան զգացումներու պատճառով:

Ընթացքին՝ թուրք-արաբական նոր ձեւաւորւող բարեկամական հոլովոյթին կողմնակի կօժանդակեն Օսմանեան խալիփայութեան ժամանակ կառուցուած կամուրջ մը, ժամացոյցի կոթող մը, բաղնիք մը ու ինչ-գիտեմ ի՛նչ մշակութաբանական շռայլ գովասանքներ, որք մինչ այդ լսած չէինք:

Օր մըն ալ եթէ Կամչատկայի հետ բարեկամութիւն հաստատուի, հաստատօրէն կը գտնուին բաժնեկցելիք փոխադարձ արժէքներ, «որոնք երկու ժողովուրդները կը միաւորեն»:

Ասոնք պարապ բաներ են՝ հիմնականը քաղաքական շահն է, որ արաբները միացուց թուրքերուն, բան մը որ տեսնել չենք ուզեր, հայերս, բայց պէտք է տեսնենք յետայսու, եւ ըստ այնմ բան մը ընենք, կամ չընենք, որ նոյնպէս քաղաքական ակտի տարբերակ է:
Լռիկ մնջիկ աշխատանքը աւելի օգուտ է, քան թէ աղաղակը:

Tigris
26.11.2010, 14:01
Բարի լոյս,
Երէկ, «Ալ-Արաբիա» հեռուստաալիքը խօսեցաւ Լիբանանում ծնուած քաջարի ասպետներու մասին:
«Հայկական ջարդեր» անուանեց, բայց առանց «այսպէս կոչուած»ի: Երկու-երեք հայ երիտասարդ պատառեցին պատկերը՝ շատ մը արաբներու սիրելին դարձած Էրդողանի:

Ժողովրդավարական իրաւունք է ցոյց կատարելը, նկար պատռելը, լուզունգ արձակելը, մանաւանդ այնպիսի դատի առթիւ, ինչպիսին է մեր պատմութիւնը շրջող Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայրենզրկման ԴԱՏԸ:

Հազար ու մեկ ապուշ ու անյուշ բանի համար բողոքի ցոյց կը կատարեն՝ աշխարհի չորս անկիւնը բնակողները: Սա ալ պէտք է, բարձրաձայնել, աղաղակել, «հարամ անել ակցիա» անել:

Էրդողան կոչեցեալը, նախքան իր բարոյախօսական ճառն արտասանելը, նախքան լիբանանապաշտպան ու պաղեստինապաշտան իր դիրքերը մտնելը, լաւ կ’ըլլար որ երթար Բիքֆայա, ծնրադիր ներում հայցէր Հայ ժողովուրդէն, որպէսզի վաւերական դաձնէր իր մարդասիրութիւնն ու արդարասիրութիւնը:

Ներում հայցէր Հայ ժողովուրդէն, որուն հայրենիքը հայրենիք դարձնել որոշած են Էրդողանի նախահայրերը: Ներման հայցէն ետք, որքա՛ն ուզէր՝ թող մասնակցէր, իր դաշնակից Իսրայէլին դէմ կազմակերպուած հանդիսութեանց, որում արեան կարմիրով զգենած ֆեսաւոր երեխաներ կ’օրօրէին երբեմնի յիշատակը օրերուն Օսմանի:
«Ճշմարտութիւնը կուզենք» (بدنا الحقيقة)՝ արդէն երեք ու աւելի տարիներ գոռացող Լիբանանը պիտի տեսնէր ճշմարտութեան երեսները: Եւ տեսաւ:
«Ազատութիւն եւ անկախութիւն» (حرية و إستقلال)կանչող Լիբանանը, ինքն իրմով հպարտ Լիբանանը, Հարիրիի Լիբանանը ինչո՞ւ այսքան քծնող է օտարին՝ թուրքին:

Այնումենայնիւ գովելի է բողոքի ցոյց կատարելու իրաւունքի լիբանանեան ժողովրդավարութիւնը:
Հայկական Սփիւռքի համայնքները հայ-թուրք քաղաքական պատերազմի դիրքերու վերածուեր են:
Կ’ուրախանաս՝ բոլորովին անսպասելի դիրքէ ձայն մը կը հնչէ, որ սիրտ կ’ուտայ միւս դիրքերուն մէջ եղողներուն:
Հեռաւոր Արգենտինայէն ձայն մը կը հնչէ, ահասարսուռ, ռմբարկու... և մեծ վաճառական Էրդողանի այցը կը խափանի:
Նոյնքան հեռաւոր Աւստրալիան, որուն նմաններուն մէջ բնակող հայերով կը մտատանջուինք՝ թէ լեզու կը մոռնան, կ’ուծանան, կը հեռանան.... Ահա՛, երեսին կուտայ, զինւորը Հայ Դատի, ժողովրդավարութենէն խօսող փոխ նախարարին վրացի:

Հայութեան ցուցական և ձեւական քարոզչութեան հետ միատեղ յոյժ կարեւոր է լսել ձայնը արաբ եւ մահմեդական մտաւորականներու, գրողներու, ովքեր զերծ են հիւանդագին թրքամոլութենէ եւ չեն մոռցած ու կը տեսնեն տակաւին թուրք-սիոնական ռազմական ու լրտեսական կապերը: Ի հարկին նուէրի տակ:

Մենք՝ արաբական քաղաքացիութիւններ ունեցողներս, մեր բնակած երկիրներու պետութիւններով հանդերձ գտնուեցանք եւ կը գտնուինք միջազգային կայսերապաշտութեան տարատեսակ ու տեւական ճնշումներու ճիրանին, հետեւաբար, Էրդողանի կուսակցութեան եւ անձամբ անոր արաբամէտ-պաղեստինամէտ դիրքորոշումները եկան փրկարար լաստի պէս... առնուազն կրնանք հասկընալ սովորական շարքային արաբի զգացումները, հակումներն ու զգացական զեղումները:
Սակայն, մեր այս արաբական համընդհանուր խանդավառութեան վրայ շուք ձգեց Էրդողանի եւ իր նման մահմեդական մտածողութիւն ունեցող մտաւորական գրողներու, լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու խտրական վերաբերմունքը՝ արդարութեան եւ իրաւունքի հասկացութեանց եւ կիրարկման դաշտին մէջ, երբ խօսքն ու գործը վերաբերին քրիստոնեայ ժողովուրդի մը:
Արդ, Էրդողան (եւ իր նմանները), ով արդարացիօրէն արդարութիւն կը պահանջէ Պաղեստինի մէջ, նոյն ժամանակ կ’աշխատի բռնադատութեան, գաղթի ու կորստի մատնել Արցախ աշխարհը: Պատճառը պարզ է ու մեկ՝ արցախահայութիւնը քրիստոնեայ է: Ահա այս է որ չեն խոստովանիր եւ բացէ ի բաց չ’ըսուիր:

Խտրականութիւն է Էրդողանի ըրածը, ֆաշիզմ ու փանթուրքիզմ՝ Արցախի կապակցութեամբ:
Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ՝ այսօր չապրող՝ 1,5 միլիոնէն չծնած ու չապրած տասնեակ միլիոնաւոր հայութեան առնչութեամբ անոր անտեսումը՝ անամօթութեան եւ ուրացման ախոյանութիւններ նուաճած է: Ասացուածքը կ’ըսէ՝ «Եթէ չես ամչնար, ի՛նչ կուզես ըրէ»:
Ուրեմն, Էրդողանի ու իր նմաններուն համար աշխարհը այն մզկիթն է, ուր ինք եւ իր հարազատ գաղափարակիցները նստած են, իսկ մնացեալը մարդ չեն:

Նախորդ գրառմանս մէջ զգուշաւորութեան եւ լռիկ-մնջիկ աշխատելու մասին ակնարկ կար:
«Պատերազմին»՝ այս պարագային քաղաքական պատերազմին՝ ամէն հաւանականութիւն ի նկատի պիտի առնել: Թուրքիան որոշած է հայկական սփիւռքին դիմադրել իր սփիւռքով:
Կրնան գտնուիլ անհաւասարակշիռ տարրեր. ամէն տեղ, ովքեր պատրաստ են ծառայել թուրքին:

Պիտի բացատրել, կամաց-կամաց, ուրիշ ազգերու ու ժողովուրդներու պատկանողներու գրիչով, այն ծառայութիւններն ու քաղաքական նպաստները, որոնք Թուրքիան մատոյց արաբական աշխարհի ու դատի թշնամիներուն:

Կեցցէ՛ Հայութիւնը եւ բոլոր անիրաւուած ազգերը:

Tigris
27.11.2010, 21:19
Հերոսներու մասին


Շատ խօսուած է մարդկային այս տեսակի մասին:
Հերոսներ կան, նախքան աշխարհէն հեռանալնին, արդէն իրենց մասին խօսեցուցած են. մարդիկ ճանչցած են զանոնք որպէս հերոսներ: Փաստի, վկայութեան ու յետ մահու շքանշանի պէտք չունին: Ամէն մարդ գիտէ՝ հերոս են:
Հերոսներ կան, կարճ կեանքով եւ անակնկալ մահով, առիթ չեն ունեցած իրենց մասին խօսելու եւ խօսեցնելու, հետեւաբար յետ մահու կը պարգեւատրուին, կը յիշուին ու կը պատմուին:
Հերոսներ ալ կան, որ չեն գիտեր իրենց հերոս ըլլալը, մինչեւ մահանալը: Մահանալէ ետք կ’իմանան, թէ իրենք հերոս են՝ հերոսներու վայել յուղարկաւորութեամբ եւ թաղումով՝ միջազգային և լայնակարկին, ու կափսոսան, որ շուտ չեն մեռած:
Սակայն իր տարբերութիւն առաջին եւ երկրորդ տեսակի հերոսներուն, որոնց հերոսական գործի մասին կ’իմանանք՝ նախքան մահերնին ու յետ մահու, այս վերջին տեսակի հերոսի կատարածին անտեղեակ ենք-. Չենք գիտեր ի՛նչով հերոս է եւ բացառիկ, որպէսզի ոգեկոչենք զայն:
Հերոս է: Այսպէս որոշած է մեկը:
Մոռցայ, որ մտածելու ալ պէտք չունինք՝ մեր տեղ մտածողներ կան միշտ:


Ախմախաշէն, յամի տեառն 2010

Tigris
29.11.2010, 12:56
Բարի լոյս,
Այսօր նորից ուշ եմ ննջել, կանուխ արթնացել:
Երէկ, առաւօտուն, մի լաւ խնդացինք՝ «Շանթ»ի «X ֆակտոր»ը դիտելով: Ովքե՜ր են երգիչ դարձել, առանց անցնելու քննադատութեան x ֆակտորի մաղից. կարծելով որ երգիչ են, ձայն ունեն, կատարել գիտեն:
Երեկոյեան, «Հ1»ից «Երգ երգոց»ը դիտեցի:Լաւ էր, բացառութեամբ՝ ինքնիրեն Enrique Iglesias կարծող ոմն երիտասարդ, որ իր չունեցած ձայնով փորձում էր «ճղել» երգը վերջում: Դարձեալ ծափահարութիւններ ու գովասանք:
Լաւին էլ ծափում են, ոչ լաւին էլ: Ոչ ոքի խաթրն են կտրում: Կսկսես կասկածել լաւի լաւութեան, երբ որ արժանանում է այն ինչին, ինչ արժանանում է ոչ արժանին:

Մեր երիտասարդական տարիներին, Յարութն էր որ բերեց եւ ներկայացրեց հայ երգի տարբեր ոճերը սփիւռքում՝ իր կենդանի կատարումով եւ ներկայութեամբ: Ակամայ համեմատում ես Յարութի հետ, որի կատարումից բացի ուրիշից չեմ լսել՝ Ջուր ծախողի երգը, որ համեմատեմ: Յարութը Յարութ է, Յարութ էլ կմնայ ու իր Յարութութեան մէջ, դեռ իրեն գերազանցող չկայ: Զոր Օրինակ՝ «Օ՜ քամի քամի» երգը Յարութից բացի ոչ ոք թող երգէ:

«Շանթ»ից դիտեցինք նաեւ «Պարէ՛, եթէ կրնաս»ը: Հաճելի էին ներկայացումները:

Ընթերցեցի բլոգներում գրուածները եւ նկատեցի, որ նոյնիսկ հանրահռչակ բլոգերները, երբեմն, խարխափումների մէջ են ընկնում ու չեն կարողանում յստակ ձեւակերպել իրենց մտքերը, որպէսզի ընթերցողը հասկանայ բլոգերի ասել ուզածը:


*

-*-*-

Եռագոյնի մասին


Չլինելով հեթանոս, այսինք կռապաշտ՝լաթի, գոյնի եւ ձեւի երկրպագու, գիտեմ ու ասում եմ, որ մեր դրօշը մի լաթի կտոր է, շոր, որի արժէքը ներկայացուած խորհուրդն է:

Չեմ սիրում նման նիւթեր շափշափել, սակայն արծարծուեց մամուլով ու իմ միտքը, «անգործ» ու «անբան» մարդս զբաղեցնում է տեսած-լսածովը:

Խորհրդային տարիներին, Սփիւռքում, մեր եռագոյնը սիրողները, եթէ սիրում էին, քանի որ Դաշնակցութեան պահած-փայփայածն է, ապա արժանի չեն անկախ պետականութիւն եւ ազատ երկիր ունենալու:

Նոյն տարիներին, Սփիւռքում, մեր եռագոյնից գարշողները, նրա ներկայութիւնից զզւողներն ու նրա տակից անցնելը մերժողները, եթէ գարշում էին, քանի որ Դաշնակցութեան հետ է առնչւում, ուրեմն նրանք էլ արժանի չեն անկախ պետութիւն ունենալու, ազատ երկիր վայելելու:

Երկուսն էլ չեն հասկացել եռագոյնով փոխանցուած պատմական այն պահը, որ կոչւում է Ազատ եւ Անկախ Հայաստան՝ վեց դար յետոյ:

Երկուսն էլ, իրենց մտայնութեամբ, իրենց կուսակցականութեամբ, չեն կարող օգտել ներկայ Հայաստանին, նրա ժողովրդին, քանի որ նրանք իրենց համար ստեղծել են ուրիշ հայրենիքներ՝ ատելութեան, կարծրատիպերի եւ նախասիրութեան իրենց կուսակցական բաւիղներում:

Այսպիսիք մրցման մէջ են իրար հետ՝ փաստելու թէ ով է իրենցից աւելի հայրենասէր-հայրենանուէր: Հայրենասիրութիւնը նրանց, այլեւ հայրենաճանաչումը, սահմակափակուած է մրցման կանոններով և ընթացքով:

Եթէ ուզում էք մի գաղափար, մի խորհուրդ, մի միտք ու վարդապետութիւն նուաստացնել ու արժէզրկել, ապա տուէք անարժանին, որ կրի:

Ժողովրդավարութեան ջահակիրը կաշառակերութեան եւ զեղծարարութեան կնքահայրն է:

Նժդեհականութեամբ երդւողը, «Երկու Աստղ»ի ժիւրիի անդամը, երկրի ապագան չի տեսնում հայերէն կրթութեամբ, ու պայման է դնում լեզուանալ օտարին:

Յիսուսի եկեղեցիով ապրող ծխատէր քահանան, տնօրհնէքի իր աճապարող աճպարարութեամբ, բիզնեսմենութեամբ, հաւատք է խախտում հանդէպ իր կրած վարդապետութեան:


Թէ ինչո՞ւ աղանդներ են բուսնում, աճում, տարածւում ու սաղարթներ կազմում:
Սերմը կայ միշտ. պայման է պէտք, որ ծլի:

Ինչպէս գիտենք, ճաշարաններն ունեն delivery system, տարածման համակարգ, որպէսզի յաճախորդ գրաւեն, եղածը չկորցնեն, գործն ընդարձակեն ու տարածուեն:

Մեր հեթանոս կրօնը չունէր դելիվըրի սիստեմ: Բոլորը գալիս էին սրբակենցաղ ու աշխարհագէտ ու աստղագէտ քուրմին, որպէսզի նա թարգմանի աղայէ Արամազդի կամքը, կամ որոշի թէ ում արիւնն է հեղուելու արեւի օրը, կամ որպէսզի ասի, թէ քանի՛ գոմէշ պէտք է սատակ անել, որպէսզի Շանթի դիցը բաւարարութիւն ստանայ եւ մզէ:

Նոյն աւանդոյթը շարունակուեց քրիստոնէութեան ժամանակ: Վանքերում, մենաստաններում ճգնող ու աղօթքներ բարձրացնող վանականների ու սրբերի հրաշագործութիւնների մասին առասպելներ էին պատմւում: Գալիս էր ժողովուրդը, ոտքին կղերականի, որպէսզի ժամանակաւոր կեանքում չունեցածը ունենայ եւ յաւիտենական կեանք ունենալու մասին խոստումներ ստանայ:

Յետոյ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւն:
Շատ երեխայ չմնաց վանքեր ուղարկել-դնելու: Եղածներն էլ մեծանալուց յետոյ իջան քաղաք, խառնուեցին աշխարհիկ կեանքին՝ ժողովրդին ծառայելու: Եւ մարդիկ տեսան մարդը:

Ճգնարանից ու մենաստանից հեռացան, բայց չդարձան American style-ի կղերական, որ ունէր delivery system, յաճախորդին ոտքը գնալու ժողովրդավարական հրապոյրներ:

Tigris
03.12.2010, 12:19
Բարի լուս, տիկին Արուս,
Վաղուց է չեմ գրում, թեմա եմ փնտրում ու չեմ գտնում: Ու համոզուեցի, արդէն գիտէի, որ գրելու համար, պէտք չէ թեմա անպատճառ, այլ ներքին կարիք, պահանջք, մի պէտք ու ժամանակ յարմար:

Աստանայի (Իստանբուլ անուան գրական արաբերէն տարբերակը (իբրեւ թէ)), Վիքիլիքսի մասին ասելիք չունեմ: Զարմանալի է:

Կարեւորութիւն չեմ տալ:

Ղազախները մայրաքաղաքը Ալմա Աթայից փոխադրեցին հիւսիս՝ ռուսաբնակ Ղազախստան, որպէսզի երկրի ուժն ու ծանրութիւնը փոխադրուի հիւսիս՝ ռուսաբնակ Ղազախստան:

Ես հաւանեցի Նախագահի ելոյթը: Հայերէն խօսքը հնչեց: Փառք տանք Աստծուն այս օրուայ համար:

Աստուած մեր տեսած օրից յետ դարձ չկատարէ:
Մենք՝ սփիւռքահայերս, շատ ենք գործածում «աստուած» բառը. լեզուի պահանջքն է. խօսքային դարձուածք: Նոյնիսկ անաստուածները՝ եթէ լեզուն ժառանգել են հայախօս ծնողներից, գործ են ածում «աստուած» բառը բովանդակող մաղթանքներ ու դարձուածքներ:

Յոխորտալուց լաւ է փառք տալը. շնորհակալութիւն յայտնել այն բանի համար, որ ունենք ու չենք կորցնում՝ արդէն քսան տարի է (16 տարի):

Հայաստանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մասի տարածքում բնակող ժողովուրդը ահագին զրկանք ունեցաւ, ահագին տառապեցաւ՝ ունենալու համար այն ինչ որ ունինք ու կուզենք պահպանել: Գոնէ այդ զրկանքների համար, որ իզուր չլինեն, պիտի չի հրաժարել Ազատագրուած Հայաստանից՝ Արցախից:

Ի՞նչ ենք ուզում մենք՝ ահա թէ որն է կարեւորը: Աստանա-մաստանա, իլհամ-անհամ... կարեւոր են ու կարեւոր չեն: Կարեւորը՝ մենք ինչ ճանապահով ենք ուզում ընթանալ: Կորուստի տանո՞ղ, թէ հզօրանքի:

Մեր հարեւանները փակել են հզօրանք տանող ուղիները: Մենք ունենք կածաններ, պիտի քայլենք դրանցից ու լայնացնենք:

Մեր Դատը: Ես չեմ կարողանում հաշտուել Հայոց Ցեղասպանութեան դատի լուծման մռայլ ապագայի հետ: Դիմում ենք երկդիմի ու կաշառակեր դատաւորներին: Դիմենք միշտ, բայց դատաւորների ճիշտ հասցէն մեր որդիների մտքերն են, ու նրանք դատը պիտի տեսնեն յաւիտեան՝ 100, 200, 600 տարի շարունակ:
Ու յոյս ունեմ, որ էլ չենք ասելու՝ «կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյնն է ճիշտը, քանի որ Հայաստանում չկայ նարինջ»:

Ու մենք, 600 տարի ետք, պիտի ասենք՝ «Ո՛ւր էինք, ուր հասանք»՝ փառք տալով նոր օրերին:

Հասնելու համար նոր օրերին, պիտի անձնապէս ներդնել կարողութիւններ, որպէսզի ունենալ գործող ժողովրդավարական, տնտեսական եւ քաղաքական համակարգ: Շահախնդիր պիտի լինել հզօր երկիր ունենալով (գործող պետութիւն), մենք՝ Հայ անուան պահպանութեամբ շահախնդիր մարդիկս:

Մեկ էլ փառք տանք կայսերապաշտ Ամերիկային, որի բիլգեյցերը առիթ ընծայեցին մեզ արտայայտուել համացանցով, թէ չէ՝ դուք չէիք կարդայ տողերն այս, ես էլ չէի իմանայ քանի հոգի է թերթատել թեմաս:

Tigris
05.12.2010, 02:41
Քիչ առաջ նայում էի «Հայկական Աշխարհ» նախագծի շրջանակում իրականացուած Արեւմտահայերի Դատի վերաբերեալ Արտեոմ Երկանեանի իրականացրած հարցազրոյցը:

Կարիք չկայ ասելու՝ կողմ ենք: Կողմ ենք մեր հայրենիքի տիրացմանը, որի համար կազմակերպութիւնները աշխատում են 120 տարուց աւելի:

Անուններն են փոխւում, ի՜նչ փոյթ, բայց իրավիճակը չի փոխւում: Այսինքն՝ «ՄԱԿ» կոչւող սոյթարիների կազմակերպութիւնը եթէ լսի «Արեւմտահայ» բառը, կախարդուելով սկուտեղի վրայ մեզ չի ներկայացնելու Մեր Հայրենիքը:

Ընթացքում կարելի է մասնաճիւղեր ունենալ, որոնք էլ իրենց կարգին կը բաժանուեն ենթամասնաճիւղերի:

Արեւմտահայերի Կիլիկեան մասնաճիւղ. Կիլիկեան մասնաճիւղի Այնթապ ենթամասնաճիւղ. Այնթապի Օրուլ գիւղի մարզային ենթաենթամասնաճիւղ: Եւ այսպէս, որքան շատ անուններ լինեն, այդքան ՄԱԿ կոչուած գողերի եւ օրինախախտների անբարոյական կազմակերպութեան տեսողութիւնը կը շլանայ եւ շուտով մեր իրաւունքները կը փոխանցի՝ անշուշտ կազմակերպութեան դրամատնային հաշիւներին, որպէսզի նա էլ ազնւաբար բաժան է՝ մեկ առ մեկ, բոլոր գիւղերի ու աւանների, քաղաքների ու յայլաների արեւմտահայ ժառանգորդներին: Յետո՞յ: Յետոյ թուրքերը խիստ զղջալու են եւ ապաշխարանքով յետ են դարձնելու պապենական հողերը, չմոռանալով ասել, որ՝ ախպերներ ջան հայեր, իզուր զէնքով մի՛ փրկէք զհայրենիք ձեր, զի մենք մեր ազատ եւ անկախ յօժար կամքով յետ պիտի տանք բոլոր տներ ու հանդեր:

Մենք էլ կասենք՝ չէ, մենք երդուել ենք զէնքով պիտի վերկալենք, ի զուր մի փորձէք մեզ երդմնազանց անել:

Լաւ, չկարողացայ հրաժարիլ զաւզակութենէ:

Չեմ կարող հրաժարուել եւ չարձանագրել այն խոտոր մտքերը, որոնք հնչեցին հաղորդման ընթացքում:

Առաջին պատկերը կլոր թիւն է: Չենք սիրում կոտորակուած թւեր ասել, գործածել, քանի որ շատ ենք կոտորուել, մտածում ենք գոնէ թւերը չկոտորակուեն: ՏԱՍը միլիոն ենք: Ասուեց՝ սփիւռքը արեւմտահայ է եւ 7 միլիոն է հաշւում, իսկ ՀՀ-ի 2/3ը դարձեալ արեւմտահայ է ծագմամբ:

Երկու թւերն էլ սխալ են: Պիտի չի մանրամասնեմ՝ տուրք չտալով ու չհակաճառելով կլոր ու կախարդական թւեր սիրողներին:

Բայց մի գեղեցիկ ու պայծառ հարց կարող է առաջադրել մի ոմն Մեհմեդ էֆենդի, ՄԱԿի ամբիոնում: «Վա՜յ, թէ այդքան բաթը քեոքանլի էրմէնի վար, ովքե՞ր էին ցեղասպանւողները»: Մենք էլ վաղուց մոռացած լինելով իրար երեսին բիշ-բիշ նայելը, իրար երեսին բիշ-բիշ կը նայենք՝ խորհելով թէ ինչքան անհեթեթ բաներ ենք խօսել անտեղիօրէն:

Թէեւ բնական պայմաններում, այսօր, արեւմտահայ բնակչութիւնը 7 միլիոնից շատ աւելին պիտի լինէր:

Երկրորդը, որ չնշուեց, դա արեւմտահայի եւ արեւելահայի բաժանարար գիծն է: Ի՞նչպէս պիտի որոշուի Կարսից սերուած հայի կողմնացուցային պատկանելիութիւնը: Եթէ բաժանարար գիծը մինչ Առաջին Աշխարհամարտ գոյութիւն ունեցող ռուս-թուրքական բռնագրաւումների սահմանագիծն է, ապա Կարսը, Սուրմալուն, Օլթին, Իգդիրն եւ Արտահանը պատկանում են Արեւելեան կողմին: Հետեւաբար մի հատ էլ պէտք է ստեղծուի Արեւելահայերի Դատի պաշտպան կազմակերպութիւն՝ առ խաղարար ՄԱԿ:

Այլապէս Կարսի պայմանագրի դէմ, եւ ընդհանրապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ իրագործուած սահմանային ոճիրների վերաբերեալ պայքարն ու նրա գրականութիւնը փոխանցած ենք լինում Արեւմտահայերի Դատի թղթապանակին:

Թուրքիան բռնագրաւել է Ռուսական Կայսրութեան մաս կազմող տարածքներ (Առաջին Հանրապետութեան), որոնք պատկանում են Արեւելեան Հայաստանին: Սրանց մասին խօսելը, եւ պահանջելը, աւելի հեշտ է, -տարբեր հարթութեան վրայ է,- քան վաղուց բռնագրաւուած Վանի, Մուշի եւ Երզնկայի մասին խօսել ու պահանջելը (Սրանք էլ Սեւրի թղթապանակին են պատկանում- Խարբերդը չկայ Վիլսոն էֆենդու Հայաստանում, Մալաթիան էլ չկայ, Արաբկիրն էլ չկայ, Շապին Գարահիսարն էլ չկայ, Չնքուշն էլ չկայ, Հազզոն էլ չկայ...) :

Երջանիկ խօսք հնչեց Թուրքիայում ապրող հայութեան մասին, թէ սփիւռք չէ, ապրում է իր հողում:

Սա էլ թուրքերի խայծն է: Որովհետեւ թուրքերը, սկսած նրանց առաջին բացող Մեհմեդի, աշխարհին համոզում են, նաեւ մեզ՝ մինչեւ հիմա, որ հայերը թուրքիայում փայլո՜ւն ապրում են:

Մեղմ ասած՝ սխալ է: Ճիշտ կլինէր եթէ Արեւմտահայերի Դատով զբաղ կազմկակերպարանափոխութիւնները նպատակ ունենային Ստամբոլը դարձնել Ազատ եւ Անկախ, համ էլ Միացեալ Հայաստանի մայրաքաղաքը:

Իսկ եթէ այդպէս չէ, այսինքն Իստամպուլը Հայաստան չէ՝ ոչ պատմական, ոչ արեւմտեան ոչ էլ տակնուվրայական, ապա հայերը Թուրքիայում իրենց պատմական հայրենիքում չեն:

Որովհետեւ, տիարք եւ տիկնայք, հայ լինելը արգելուած է Թուրքիայի պատմական Հայաստանի տարածքում:

Հիմա էլ վիճենք թէ ո՛վ է հայը, ինչպիսին է նա, ֆալան ֆստան:

Պարապ սարապ բացառութիւներ եւ վերացական բաներ եթէ չխօսենք՝ հայը նա է, ով ապրում է կազմակերպուած հայկական համայնքում:

Իսկ մենք տեսնում ենք, Սասունից փախչելով, Դերսիմից փախչելով գնում են հայ լինելը չարգելուած էդ մեծ անառականոցը, որ կոչւում է Իստամբուլ,-«հողն ու ջուրը ոսկի»,- ու կազմակերպւում են այնտեղ՝ հայանալու եւ ինքնութիւն ապրելու:

Այլ խօսքով, իբր հայրենքում ապրող թրքահայը, պատմական Հայաստանում չունի մի հատ դպրոց, մի հատ թեմ, առաջնորդարան, մի հատ, ասենք՝ գրադարան, մի հայկական թաղամաս, պաշտօնապէս ընդունուած մի հայկական գիւղ:

Արեւմտեան Հայաստանում հայ լինելը արգելուած է: Այդպէս է եղել Իթթիհադի ժամանակ, այդպէս է եղել Քեմալի եւ Ինոնուի ժամանակ, այսպէս է եղել Դեմիրելի ու Օզալի ժամանակ: Ու այդպէս է մինչեւ հիմա:

Սրանից յետոյ կարող է արտօնեն, քանի որ վտանգը հեռացաւ՝ քիչ թէ շատ հայախօս եւ համայնքային կեանք կազմակերպելը իմացող տիգրանակերտցին, սեբաստացին, ամասիացին, թոխացին հեռացաւ Պոլիս, Պոլիսից Փարիզ, ու վերջ:

Բայց դարձեալ չեմ հաւատում ու չեմ ակնկալում, որ թուրքերը կարող է արտօնեն հայկական կեանքի կազմակերպում՝ Արեւմտեան Հայաստանում:

Ուրեմն եկէք չասենք, թէ Թուրքայի հայութիւնը ապրում է իր պատմական հայրենիքում: Հատ ու կենտ անհատ հայեր են ապրում եւ ոչ թէ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ:

(Չհասկացողների համար դարձեալ ասեմ, որ խօսքը Պոլսի մասին չէ, քանի որ Պոլիսը Արեւմտահայաստան չէ)

Վերջապէս՝ ամբողջ սրտով յաջողութիւն եմ մաղթում թէ՛ արեւմտահայերին եւ թէ՛ ադրբէջանահայերին:

Մի օր բոլոր –ահայերին միացնենք Արտաշէսի սահմաններում եւ մեր անունը կլինի պարզապէս հայեր, քանի որ միւսները շատ երկար են հնչում:

Tigris
06.12.2010, 05:56
Ժողովո՛ւրդ չնեղանաք վերեւի կիսածաղրական գրառման համար: Երբ թուրքի մասին եմ գրում՝ մեր կորուստների, չեմ կարողանում սանձել զայրոյթս:

Նորից մաղթեմ յաջողութիւն՝ Հայաստանը հզօրացնելու միտում ունեցողներին:

Շատ եմ մտածում այն մասին, որ գրածներս կարդում ու մտքերս վերարտադրւում են՝ աստ ու անդ: Այսօր արտայայտւում էին Դոմինգոյի ելոյթից դուրս եկողները, եւ ասում էին ճիշտ այն բառերը, որ ես ուզում էի գրել՝ թէ բախտաւոր ենք այս օրերի համար, որ Հայաստան են գալիս մեծ արուեստագէտներ: Չգրեցի, քանի որ մասնաւոր կարեւորութիւն չտեսայ «բախտաւոր ենք», «ուրախալի է» եւայլ մտքեր գրելու մէջ:

Այսինքն՝ յաճախ պատահում է, որ մարդիկ մտածեն եւ խօսեն ճիշտ նոյնը, նոյն միտքը, եւ կարծեն թէ մեկը միւսից է «բանագողել»:

Արդէն ո՛վ է բանագողում միւսից, եթէ ոչ նմանօրինակ մտածողն ու համամիտ եղողը: Այլ պարագայում հեղինակային իրաւունք չեմ պահանջում մէջբերուած մտքերի ու բառերի համար: Ուրախանում եմ որ տարածւում են, քանի որ մեկս միւսից ենք սովորում:

Այսօր մտորում էի, որ կրկնում եմ ինձ, էլ ասելիք չունեմ: Չպէտք է շատ գրեմ յետայսու եւ փոխարէնը ընթերցեմ ինձանից խելօք մարդկանց գրածները: Յիրաւի, հիանալի գրողներու ու գեղեցիկ արձանագրողներ կան, որոնց մի տողը արժէ ուրիշի մի ամբողջ յօդուածը:

Սանկ մի քանի տարի հեռանամ ու լիցքաւորուած ու աւելի հասունացած մտքերով վերադառնամ: Չի լինում:

Մի նշանաւոր երգահան, որին յարգում եմ, ասում է միշտ, թէ չի կարողացել վաճառել իր ստեղծած երգերը: Կասեմ նրան՝ վարպետ ջան, դու չես կարող վաճառել, դու վաճառական չես ծնւել, դա քո գործը չի, դու ծնւել ես նուիրելու եւ նուիրաբերուելու համար, ի զուր ես ինքդ քո դէմ դուրս գալիս, ի զուր ես գանգատւում, դու նա ես ինչ կաս եւ քո արժէքը դրանով է կայացել:

«Սարսափելի» անկեղծութիւն ունի նա: Տեսայ նրա տուած հարցազրոյցը: Ես երբեւէ չեմ տեսել նման հարցազրոյց, նման անմիջականութիւն եւ պարզութիւն:

Նա միշտ գանգատւում է ընկերային եւ դասակարգային անարդարութիւնից: Եւ բողոքը նրա, հնչում է բարի մարդու յորդորի նման, որ՝ մի՛ արէք այսպէս, վերածւում է երգի, հնչոյթի, ու թռչում բերնից բերան, լարից լար ու դառնում է արժէք:

Tigris
06.12.2010, 22:33
Վերջապէս եկաւ այնքա՜ն սպասուած արեւմտեան հովը եւ փչեց տարաւ գործարանային ծուխն ու փոշին, որ կքած էր մեր վրայ: Հիմա սիգարեթին հետ ուրիշ բան մը չեմ ծխեր, այլ մաքո՜ւր ու ջինջ ծուխը ծխախոտի…
Յոյները քառասուն երգ ունին սիգարեթի վերաբերեալ: Տեսնես ի՜նչ գովելի բան է, որ ծնունդ տուած է այդքան քնարական երաժշտութեան:
Ծխի քուլաների հետ ցնդում գնում են հոգսերը... բայց չի յանձնարարւում երիտասարդ սերնդին: Ապրէ՛ք, երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէք:

Tigris
07.12.2010, 14:18
Երկրաշարժի տարին, ամիսը, օրը, բոլորս խելագարուել էինք:
Եղբայրս սեղանի ապակին ջարդեց, երբ լսեց ադրբէջանցիների կողոպտած գնացքի վրայ գրուել է. «Շնորհաւոր լինի»: Աշխարհը տեսաւ նրանց դէմքը: Թուրքիան իր մարդասիրական օգնութիւնը ցուցաբերեց՝ մեկ ու կէս միլիոն դոլար արժող օգնութեամբ: Հին հաշիւը «մաքրեց»:
Հայութիւնը քաղաքումս մեկ սիրտ ու մեկ հոգի դարձած՝ բոլորիս ցաւը նոյնացած, իրար դէմքերին էինք նայում կարեկցանքով, վշտակցումով:
Ի՛նչին համար տխրիս, ո՛ւմ համար ցաւիս: 25 հազար հայ մարդ: Անին: Երե
Խօսք կար որբացած երեխաներ որդեգրելու մասին: Քոյրիկ չունէինք:
«Փախչում» էինք դպրոցից, որի պահակը չէր էլ հարցնում, թէ ո՛ւր ենք գնում: Գիտէր: Գնում էինք «Կենտրոն», օգնութեան իրերը փաթեթաւորելու: Բոլորը՝ հայ, քրիստոնեայ, մահմեդական, խնդրում էին ցոյց տալ օգնութիւն տանողների հասցէն, որպէսզի նուիրեն ինչ կարող են:
Յետոյ լսեցինք տհաճ բաներ: Ճանապարհը փակ է. մայրուղին խցանուած է. բաց երկնքի տակ կենսամթերքը փճանում է. գողանում են: Շատ բան էլ տեղ չհասաւ, մնաց գաղութում ու ծառայեց այլ նպատակի:
Այդ տարին, ողորմած հոգի Նախագահ Հաֆեզ Ալ Ասադը բեռնատար օդանաւերով յատուկ օգնութիւն ուղարկեց: Օդաչուները լուսանկարուեցին կաթողիկոսին հետ: Հարաւսլաւ, Սերբ մեր եղբայրները նահատակուեցին օգնութեան ճամփին: ցնցիչ էր:
Աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցներից լսում էինք Արմենիա անունը: Լեզուն հասկանանք կամ ոչ, գիտենք երկրաշարժի մասին է: Որքա՜ն քաղցր է Armenia անունը, ու որքան դաժան նրան բախտ վիճակուածը:
Գիշերը եկեղեցում ռադիոյով լսեցինք Վազգէն կաթողիկոսի ընդվզումը աստծուց, թէ՝ Տէ՜ր, մեր ո՞ր մեղքի համար ես պատժում: Աստուած պատասխան չունի, իսկ ով որ նրա փոխարէն պատասխանում է, խեղկատակ է, հերձուածող է, յիմար է: Թող ոչ ոք փորձի՝ լինի հաւատացեալ, լինի կղերական, լինի աղանդաւոր, պատասխանել աստծու փոխարէն, թէ մեր այս կամ այն մեղքի համար աստուած մեզ պատժեց: Հարցը պիտի հնչէ՝ առանց պատասխանի: Պատասխան չկայ:

Այդ տարին մտորում էի ժամանակի մասին. «Ա՜խ, մի քանի տարի անցնի, տաս-քսան տարի, որ թեթեւանանք, որ ամոքուինք. հանգստանանք»:

Tigris
07.12.2010, 19:28
Յուլիանո՛ս, ասանկ բան կ’ըլլա՞յ
Մի քանի օր առաջ, «Երկիր» հ/ը մի հաղորդման ընթացքում, հրաւիրեալ մի բլոգեր հարց էր տալիս, թէ՝ ինչո՞ւ մեր լրագրողները չեն անդրադառնում Վիքիլիքսից սպրդած տեղեկանքին:

Ես լրագրող-բլոգեր չեմ: Որպէս շարքային խծբծող՝ ֆորումային էջի, ուզում եմ գոնէ մի քիչ հասկանալ կատարուածը, որպէսզի ջուր լցնեմ չիմացածս կողմի ջրաղացին:

Այսօր Յուլիանոսը ձերբակալուեց, յանձնուեց, քանի որ Շվեդիայում մեղադրւել է բռնաբարութիւն գործելու յանցանքով:
Զարմանալի ու անհասկանալի չէ՞, այն, որ ուրիշ յանցանք չեն գտել նրանից ազատելու համար:
Ենթադրեմ, որ իւրաքանչիւր նշանաւոր ու վտանգաւոր մարդու մեկական սիրուհի են ուղարկում, ու նկարում, որպէսզի սեւ օրին շահագործեն, շանթաժ անեն:
Երբ որ ուզում են ազատուել մեկի գործունէութիւնից՝ սեռական ոտնձգութեան մեղադրանք են առաջադրում, թերեւս «զոհին» էլ շանտաժի են ենթարկում, որպէսզի «ցուցմունք» տայ:
Այդպէս եղաւ Վիլիամ Քլինթոնի հետ: Այդպէս է լինում շատերի հետ, ովքեր դուրս են գալիս գծուած ուղուց:
Էսիգ առաջին բանն է, ինչի համար չեմ ուզում կարծիք յայտնել Միքիմաուզի տեղեկագիրների մասին:
Երկրորդ բանը նա է, որ չորս (թէ՞՝ չորսԸ, ինչպէս սովոր է ասուել հիմա) տարի է կազմակերպութիւնը սփռում է տեղեկութիւն, եւ Շվեդիայում ունի լուրջ պետական հաստատութեան նման մի ընդյատակեայ կենտրոն, ցենտր տեղ, ինչը ենթադրել է տալիս, որ նրա ետին կանգնած է մի գերպետութիւն:
Ռուսաստա՞նն է դա, թէ նոյն ԱՄՆ:
Քրդերէն՝ ազ նա զանէ, ռուսերէն՝ նի զնայու, հայերէն՝ ոչ ծանեմ:

Ծանօթացանք տեղեկագրերին, սակայն չհասկացանք, թէ ի՛նչպէս կարող է պատահել նման բան աշխարհի գերհզօր պետութեան հետ: Սիրով էին ու յետոյ ամուսնալուծուեցի՞ն ու սկսեցին իրար խայտառակել:
Ներքին ամերիկեան հաշուեյարդա՞ր է, թէ ուրիշ մի պետութեան գործը: Ահա հարցերն այն, որ ինձ աւելի են հետաքրքրում, քան փոխանցուած տեղեկանքը:
Մի բան պարզ է՝ ԱՄՆ-ի ներկայ վարչակարգին վնաս հասցրեց:
Ոմանք պնդում են, թէ Ամերիկան այսպիսով աշխարհի կարգը խառնեց, քանի որ իր ուզածով չեն ընթանում քաղաքական գործընթացները:
Ստեղծել շինիչ քաոս...
Այսօր հետաքրքիր մեկնաբանութիւն է տուել եղածին՝ լիբանանեան Դուրզի համայնքի նշանաւոր ղեկավար Վալիդ Ջանպոլատը, Ամերիկեան դիւանագիտութեան անվստահելիութեան վերաբերեալ, թէ պէտք է վերադարձ կատարուի նամակատար աղաւնիների միջոցին, քանի որ գաղտնիք պահել չգիտեն ամերիկացիք:

Tigris
09.12.2010, 15:11
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ

ՈՒ

ԸՆՏՐԵԱԼԻ ԹՈՒՔԸ



Մեկ տոկոսից հասնելով չգիտեմ քանի տոկոսի՝ 1948-ին ՄԱԿը նրանց համար բաժանեց Պաղեստինը, երկու մասի, որպէսզի ունենան ազգային պետութիւն:
Այդ ազգային պետութիւնը գրաւեց Պաղեստինի միւս բաժինը 1967ին: Հիմա 2010 տարեթիւն ենք ու պիտի մուտք գործենք 2011-ը:
43 տարի է աշխարհը՝ իր ՄԱԿ-ով ու այլ ազգային ու միջազգային կառոյցներով, չի կարողանում ազատել գրաւեալ տարածքները Պաղեստինի:
Երէկ, լրահոսով իմացանք, որ Ամերիկան իր ձեռքն է լուացել այդ գործից: Այսինքն թեւաթափ է եղել, չի կարողանում «խօսք հասկացնել», յուսահատուել է կամ յուսահատեցնում է յոյս ունեցողին:
22 արաբական պետութիւն, մի միլիարդից աւելի բնակչութիւն ունեցող իսլամական երկրները եւ մնացեալ աշխարհը, չեն կարողանում դադարեցնել, գոնէ, բնակեցման վայրերի կառուցումը բռնագրաւուած Պաղեստինում:
Ունենալով հրեայ բնակչութիւն, 1948ի ՄԱԿի սահմանած Պաղեստինի արաբական գրաւեալ բաժնում, Իսրայէլը նպատակ ունի իրեն կցել այդ տարածքը:

Ես այս գրութեամբ նպատակ ունեմ մի մեծ հարցման նշան դնել օրէնքի, Միջազգային Իրաւունքի, ՄԱԿ ու ԵԱՀԿ-ի ու միւս կառոյցների հանդէպ:


?

Ուրեմն կարող են, մարդիկ, օրէնք կոչուածը շրջանցել, եթէ հովանաւորուած են Եհովայից, Հօբար Սամից, կամ ուրիշներից:

Օրէնքը տկարների համար է գծուած: «Միջազգային ընտանիքը» Սեւրում Միացեալ Հայաստանի Վիլսոնեան տարբերակը գծեց: Զո՞վ պաշտպանեց Օրէնքը:
Հայ զինւորի պաշտպանածը պաշտպանուեց: Իսկ այնտեղ ուր հայ զինւորը չպաշտպանեց, «օրէնքը» եկաւ եւ խլեց մեզնից:

Երբ Օրէնքի կիրառման ասպարէզում այսպիսի խեղկատակութիւն է տեղի ունենում, մարդիկ դիմում են յուսահատ պայքարի ձեւերի, ազգային ազատագրական պայքարի, որը ոմանք կոչում են ահաբեկչութիւն: Իսկ իսկական ահաբեկչութիւնը. արեւմուտքի սնած ու փայփայած գործակալների գործն է, ովքեր սեւացնում են ազգային ազատագրական պայքարը:
Եւ եղեւ ահաբեկչութիւն, յետոյ ի՞նչ, ում առաջ պատասխանատու են անիրաւուածները, երբոր օրինապահ չկայ, արդարութեան յոյս չկայ:
Եւ պատահեց, որ ահաբեկիչնեը լինեն մահմեդական: Ու բնական է, որ գաղափարապէս սնւեն Իսլամից:
Նրանք կարող էին լինել քրիսոնեայ, կարող էին լինել Թամիլ (օրինակի համար), Բասկ կամ Քաթալան:

Tigris
11.12.2010, 13:53
…Վրաստանն իր քաղաքական անկարութեան մաղձը կը թափէ հայ աշխատաւորին վրայ




…Կը կարդամ Արտաշէս Մելքոնեանին պատահածի մասին: Ռուսիա գացած է ու Վրաստանի ճամփով Հայաստան պիտի վերադառնայ: Կը կալանաւորուի Վրաստանի մէջ,- որու արժանիքը, կարծես, տարանցիկ երկիր ըլլալու մէջ կը կայանայ, առայժմ,- եւ 2,5 տարուայ բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ: Բանտարկութեան պատիժը 11 հազար ամերիկեան դոլարով կարելի է փոխել, ըստ դատաւորին:
…Մեղադրանքը՝ Աբխազիա մուտք գործելն է, սակայն որեւէ փաստ չունին վրացիք, Արտաշէսի Աբխազիա մուտք գործելու կապակցութեամբ:

…Երբոր քաղաքական դիրքորոշումը եւ արեւելումը, նաեւ ԼԵԶՈՒՆ, դարձան ազգայինի ու ազգերի բնորոշիչներ, այդ ժամանակ ճամփաբաժանումը տեղի ունեցաւ: Աբխազացիք ռուսամէտ են: Վրացիք «Արեւմտամէտ»:

…Մենք հայերս յաճախ ասում ենք՝ «Հպարտ եմ որ հայ եմ»:
Կարծում եմ, որ «Հպարտ եմ որ հայ եմ» ասողները պիտի շատանան, եթէ բոլորս՝ իշխանութեամբ եւ հասարակական կազմակերպութիւներով թեւ ու թիւկունք կանգնինք մեր քաղաքացուն, որին պաշտպանելու կոչում ունի պետութիւնը:

…Այսպէս են պետութիւն դառնում, մարդկանց վստահութիւնը շահում ու Ազգ-Պետութիւն նախագծին մարդկանց անդամագրութիւնը քաջալերում:
…Դիւանագիտական գիր, մի նշում, պետական կառոյցի մի ակնարկ, գուցէ բարերար ազդեցութիւն կունենան Վրաստանում հայերի հանդէպ վերաբերմունքի բարելաւմանը:

…Այսօր, մարդիկ կան, որ կուզեն դուրս շպրտել ռուս բանակը Հայաստանէն, ինչպէս վրացիք ըրին: Կը կարդաս անոնց գրածը, իրաւունք կուտաս, կը հասկընաս, կը բաժնեկցիս անոր մտահոգութիւնները: Սակայն, ցաւօք սրտի, անոնց առաջարկի իրագործումը վիժումն է յղի կնոջ: Քանի որ պարապ թողցուած տեղը պիտի գայ ուրիշը եւ լրացուի ուրիշ ուժով մը՝ չի կրնար դատարկ մնալ, քաշողական-ձգողական ուժերը դէպի իրենց քարշ կուտան թեթեւ մարմինները...
…Պիտի գայ Նաթոն, որուն անդամ է թուրքիան: Պիտի գայ պարսիկը, կամ չեմ գիտեր ով:
Հայաստանը, ինչպէս որեւէ փոքր երկիր, աշխարհի չորս կողմը եղածներուն պէս, չի կրնար առանց դաշնակիցի մնալ: Չենք կրնար չընտրել դաշնակից մը, եւ ըլլալ կատարելապէս ազատ, մեր ունեցաց ռեսուրսներով եւ «սիրասուն» հարեւաններով:

…Ռուսական զօրքը դուրս շպրտել ուզող մտաւորականները զարմանալիօրէն չեն անդրադառնար Թուրքիայի եւ Ադրբէջանի ռազմական վտանգաւոր գործօնին: Պիտի մղենք նոր Սարդարապատ, այս անգամ ԱՄՆ եւ Նաթոն պիտի գան եւ «խաղաղութիւն» հաստատեն՝ արդէն թուրք-ադրբէջանական սպառնալիքի պայմաններով: Ու կորուստներ պիտի ունենանք...
Վերջը գնայ գլուխդ պատէ պատ զարկ ու իրաւունք-միրաւունք հետապնդէ ...ոսպի աշխարհէն:
Գոնէ Մատենադարանի արժէքաւոր հնութիւններու սիրոյն այդպէս բան պէտք չէ ընել: (կատակ էր)

…Բոլոր երկիրներն ալ կը ձգտին միանալ ռազմական դաշինքի մը: Հայաստանի Հանրապետութեան ըրածը՝ միանալ ՀԱՊԿ-ին ու մասնակցիլ Նատոյի գործունէութիւններուն, կարելիութիւններու մէջ լաւագոյնն է:
Բոլոր երկիրներն ալ կը ձգտին մասնակցիլ ռազմական դաշինքի մը, որպէսզի անոր միջոցով եւ շնորհիւ ժամանակ եւ հզօրանք շահին եւ օր մը դառնան մեծ պետութիւն:

…Թուրքիան այսօր մեծ պետութիւն դառնալու ընթացքին մէջն է,- եթէ չէ արդէն,- քանի որ տասնամեակներ շարունակ օգտագործեց Նաթոյի հնարաւորութիւններն ու միջոցները, Ամերիկայի հետ իր ունեցած կապերը. երկրի, բանակի, ճարտարարուեստի եւ արդիւնաբերութեան զարգացման համար:

,,,Ռուս-հայկական դաշինքը աւելի առողջ կըդառնայ երբոր մենք որպէս ազգ ու ժողովուրդ մենք մեզի յարգենք, մեր մշակոյթին տէր կանգնինք ու ինքուրոյն քաղաքական որոշում առնենք: Դաշինքը բեռ պէտք չէ ըլլայ, ընդհակառակը՝ հանգիստ զարգանալու ազդակ:

…Թուրք անցագրային պաշտօնեան աչքիս հրեշտակ կ’երեւի՝ բաղդատելով վրացական իշխանութեան պաշտօնատարներուն, քանի որ մի քանի անգամ չճանչուած Արցախ այցելող հայերուն չեն ձերբակալեր: Իրաւունք չունին երկրորդ երկրի քաղաքացին ձերբակալել երրորդ երկիր մը այցելութեան համար:

Յատուկ հարցուցի Թուրքիա այցելող հայ համաքաղաքացիներուս, ովքեր նաեւ Արցախ գացած են:
…Կը տեսնեն Արցախի վիզան. կ’ակնարկեն թէ Արցախ այցելած ես: Միայն այսքան: «Երկու պետութիւն, մեկ ազգ» կարգախօսը հնչած երկրի անցագրային պաշտօնեան չի մերժեր Արցախեան անցագիր ունեցող հայը, ու իր դուռը լայն կը բանայ, որպէսզի երթաս եւ առեւտուր անես, փարա ծախսես:
Այսպէս խելամիտ քաղաքականութիւն կը վարեն թուրքերը, գործերնին գիտեն, սիրաշահիլ գիտեն, երկիր կառուցել գիտեն: Իսկ վրացիք՝ դեռ իրենց միջնադարը կապրին:

…Երէկ, ըննթերցեցի «Ազգ»ի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի տեղեկագիրը՝ Հայաստանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան Սիրիա կատարած պաշտօնական այցի կապակցութեամբ:
«Հայաստանը կը պատկանի այս տարածաշրջանին» ըսուած է: Ճիշտ է: Բայց սիրելիներս, այս տարածաշրջանի պետութիւններից թուրքականները չեն ուզում գործակցիլ Հայաստանի հետ, քանի իրենք են խորթը, ուրիշ տարածաշրջանից գալով բնակուել եւ զաւթել են այս տարածաշրջանին պատկանող հայ ժողովուրդի հայրենիքը: Հետեւաբար, բնական է եւ տրամաբանական, որ նրանք եւ մենք, որպէս հայկական պետութիւն, չկարողանանք գործակցել՝ արդէն նոյն տարածաշրջանում: Թուրքերը շարունակում են Հայաստանի զաւթման եւ հայ ժողովուրդի ամերիկաներ արտամղման գործընթացը, իսկ հայերի այն հատուածը, որ ուզում է տարածաշրջանում գոյատեւել՝ պայքարում է:
Կամ պիտի ընդունել իւրաքանչիւր կողմի յաղթանակն ու պարտութիւնը. ու կռւի էջը փակած համարել, կամ էլ կողմերից մեկը վերջնականապէս պիտի ոչնչացնել, որ էլ ազգային խնդիր չմնայ:
Երկուսն էլ չեն կատարւում:

…Արեւելեան պահպանողական տիպի ընտանիքներում, ներընտանեկան խնդիրները դուրս չեն ելնում, օտարները չեն խառնւում՝ այլեւ լուր չեն ունենում կատարուած իրադարձութիւնների վերաբերեալ: Ամուսինը կնոջ ծեծում է, օրինակի համար. մայրը որդուն ծեծում է: Տարբեր խնդիրներ կարող է ունենալ ընտանիքը: Կինը բարոյական իրաւունքը չունի, նմանապէս երեխան, դրսից մեկին ապաւինելու, քանի որ բռնութիւն գործադրողը հայրն է, ընտանիքի կամքն է, հետեւաբար դաւաճանութիւն է համարւում դրսին դիմելը, փախչելով դրսից ոստիկան կանչելը: Բացի այն, որ սա հայր չէ, բռնի՝ խորթ եկւոր է:

…Ու ի՜նչ դժբախտ են լինում այն ընտանիքները, որում տիրում է անհանդուրժողուոթիւնն ու բռնութիւնը, անհամաձայնութիւնն ու անիրաւութիւնը:

…Կինը, աղջիկը, որդին լռիկ մնչիկ տանում են բռնութեան լուծը. ընտանիքին «պատիւը» բարձր պահելու համար:
…Նոյնն է՝ տարածաշրջանի խնդիրները տարածքում լուծելու մասին խօսող իմաստուն, յիրաւի իմաստուն ղեկավարների առաջարկը: Օրինակ, այսպէս է մտածում Ահմադի Նաջադը: Դեհ ուրեմն որպէս առաջին քայլ հաշտութեան, թող ընդունուի Արցախի ազատութեան փաստը. փա՛ստ, որ մերժեց հայերի մի նոր ցեղասպանութեան, մի նոր գաղթականութեան ենթարկուելը:

Tigris
13.12.2010, 19:04
Ազգայնականներու ցոյց տեղի ունեցեր է Մոսկուայի մէջ Չերքեզի մը կատարած ոճիրի առթիւ: Ցուցարարները, ինչպէս միշտ, «Ռուսիան ռուսերուն» լոզունգը բարձրաձայնած են:
Մարդ ըսէ ասոնց.– շատ բարի, բայց չէ՞ որ կարելի է ըսել նաեւ Կաբարդինա–Բալկարիան կաբադինացիներուն, Յակուտիան՝ յակուտներուն, Ինգուշիան՝ ինգուշներուն, Դաղստանը՝ դաղստանցիներուն եւայլն:
Կայսրութիւն՝ մեծ պետութիւն պիտի չի կրնայ ըլլալ Ռուսիան, իր այս այլամերժութեամբ: Աւելի եւս պիտի փոքրանայ:

Ի՛նչն էր Ռուսիան միաւորուած պահողը, ցարերու ժամանակ, եթէ ոչ բիրտ ուժը: Բիրտ ուժն էր Օսմանի կայսրութիւնը պահողը: Երբ քաղաքակրթութեան, ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ալիքները եկան. երկուքն ալ կործանեցան: Թէեւ ոչ միշտ այդ կործանումները բերին ազատութիւն, բարեկրթութիւն կամ իրաւունքներ:
Երկրի ժողովրդավարացումը եթէ ներքին պահանջք չըլլայ, ներքին բարեփոխում չըլլայ, դուրսէն եկած բարեփոխումը, ժողովրդավարացումը եւ միւս «լաւ բաները» կրնան կործանել երկիրը: Այդ պատճառով բարեփոխումը ներքին՝ բայց խիստ եւ ուժեղ հետապնդուած նպատակ պէտք է ըլլայ:

Ռուսիան կազմող ժողովուրդներու մեծ մասը տարբեր աշխարհի մը կը պատկանին: Այդ աշխարհի ներկայացուցած գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը էապէս կը հակադրուին երկգլխանի արծիւով ռուսական բիւզանդականութեան: Եւ ինչպէս ԱՄՆ-ի մէջ վէճի առարկայ են քրիստոնէական նշաններն ու բարեմաղթանքները, որպէս խտրականութիւն, նմանապէս օր մը Ռուսիացի մահմեդականները պիտի վէճի առարկայ դարձնեն երկրի քրիստոնէական գաղափարախօսութիւնն ու ատորմէ սնած արտաքին քաղաքականութիւնը...
Ուշ կամ կանուխ պիտի հակադրուին անոնք «պետութեան շահին»: Այստեղ ոչ ժողովրդավարութիւնը պիտի փրկէ կացութիւնը, ոչ ալ ցարական բիրտ ուժը:
Ռուսական կայսրութեան Խորհրդային տարբերակը զսպած էր Կենտրոնական Ասիոյ հակառուսական ձգտումը: Ազգային պետութիւններու ձեւաւորումով՝ ուշ կամ կանուխ նորէն պիտի դառնան հակառուսական: Հիմա կը զսպուին միջ-համայնքանին ու միջ-միջինասիական անհամաձայնութիւններու գոյութեամբ (տաճիկ-ուզբեկ, ղըրղըզ –ուզբեկ եւայլն)

ՀԱՊԿ-ն առանց Ռուսաստանի գերակայութեան, դժբախտաբար, չի կրնար ըլլալ Հայաստանի համար վստահելի դաշինք մը, իրեն անդամագրուած թիւրքական պետութիւններու գոյութեամբ: Տեսանք Նախիջեւանի մէջ ինչեր խօսուեցաւ, ՀԱՊԿ-ի անդամ թիւրքական պետութիւններու պաշտօնական ներկայութեամբ եւ խօսափողներով: Կը տեսնենք նաեւ Իսլամական Խորհրդաժողովի մէջ ելոյթ ունեցողներուն խօսքը:
Թուրքիայի եւ Ադրբէջանի հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող Ուզբեկստան մը, Ղազախստան մը, Թիւրքմենիստան մը երբէք չեն կրնար ըլլալ Հայաստանի դաշնակիցը՝ Արցախի անվտանգութեան գծով:
Պէտք է կատարուի՝ եւ կը կատարուի, այդ երկիրներու հետ սերտ շփումներ, որպէսզի սուր հակադրութիւն չստեղծուի ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ մէջ Հայաստանի հետ անոնց ունեցած յաբերութեանց մէջ:

Սակայն որքա՞ն կրնան օգտակար ըլլալ շփումները, տուեալ ազգերու ընդհանուր տեսլականի, ազգային գաղափարախօսական ուղղութեան եւ համոզումներու փոփոխման համար:
Զարմանալի չէ, որ այդ երկիրներու զարգացումն ու հզօրացումը կը հակադրուի նոյնինքն Ռուսիոյ ազգային շահին:
Պատմութիւնը ցոյց կուտայ, թէ ինչպէս մեծ ազգեր եւ մեծ պետութիւններ ինքնասպան եղած են, ծովափ նետւող դլփիններուն պէս:

Կը կարծեմ Ռուսիան գիտէ իր ժողովրդագրական տկարութիւնը նոյնինքն Ռուսիոյ մէջ եւ դաշնակից երկիրներու՝ վերոյիշեալ Կենտրոնական Ասիոյ թիւրքական հանրապետութիւններու ոչ վստահելի դաշնակից ըլլալնին: Զանոնք սանձած պահելու համար պէտք է, երեւի, ՀԱՊԿ-ն: Ուստի, ՀԱՊԿ-ն երբէք չի կրնար լինել իրական ռազմավարական դաշինք՝ բխած զայն կազմող բոլոր երկիրներու ազգային տեսլականներէն:
Ինչպէս ՆԱՏՈ-ի շարժիչ ուժը ԱՄՆ-ն է, նմանապէս ՀԱՊԿ-ի շարժիչ ուժը Ռուսիան է:
Բայց ի հակասումն Նատոյի, որու միակ մահմեդական անդամը Թուրքիան է, եւ որ ցոյց տուաւ իր հականատոյականութիւնը շատ անգամ ու բազում տեղեր, ՀԱՊԿի անդամներու զգալի տոկոսը մահմեդական է, հետեւաբար Ռուսիան յիրաւի շատ գլխացաւանք ունի. մեկ ամբողջական գաղափարախօսական դաշտի մէջ պահելու համար զանոնք:
Իր գազին վստահող Ռուսիան կը նմանի իր միջուկային գլուխին վստահող Սիոնական պետութեան, որուն միջազգայնօրէն ճանչուած տարածքին, նոյնիսկ, մովսիսականութիւն չդաւանողներու բնական աճը մտահոգութիւն կը պատճառէ հրեայ պետութեան:
Ռուսիացի սակայն ոչ-ռուսազգի մահմեդական քաղաքական վերնախաւը Մոսկուայի, ապագային գլխացաւ պիտի պատճառէ Հայաստանին: Որքան բազմանան ու բարձր դիրքեր հասնին Մոսկուայի մէջ, այդքան վատ Հայաստանի համար: Անոնցմէ շատերուն խօսքը կը լսեմ «Այսօր Ռուսիա» հ/կ-ի հաղորդումներէն:
Ի վերջոյ կարծիք կը ձեւաւորեն, քաղաքականութիւն կը մշակեն, մթնոլորտ կը ստեղծեն Հայդար Ջեմալի պէս մարդիկ:
Այս առթիւ պէտք է յիշել, որ յոյժ կարեւոր է Ռուսիոյ հայ համայնքի մէջ վառ պահելը Հայաստանի ու հայութեան պատկանելիութեան զգացումը՝ կրթութեամբ, եւ խթանել, որ մասնակցին Ռուս քաղաքական գործունէութեան, այնպէս որ կը տեսնենք ամերիկահայերու պարագային:

Իթթիհադական Էնվերը Միջին Ասիոյ մէջ ղեկավարեց բասմաչիներու շարժումը, որ միտում ունէր Իսլամական-թուրքական խոշոր պետութիւն հիմնել այնտեղ: Ռուսիան, թէեւ կարմիր, հայուն վստահեցաւ զայն զգետնելը:
Ուրեմն, ՀԱՊԿ-ի մէջ ամենավստահելի դաշնակիցը Հայաստանն է: Նոյնիսկ արեւմտամէտ արեւմուտք ունեցող Ուքրանիան, Սեբաստոպոլի ռուս նաւահանգստային խարիսխն ունեցող Ուքրանիան, այդքան վստահելի դաշնակից չէ Ռուսիոյ, որքան Հայաստանը:
Այս տխուր հեռանկարին առջեւ Ռուսիոյ ազգային շահը կը պահանջէ ուժեղ եւ զարգացող Հայաստանի առաջացումը: Պիտի գայ օր եւ Ռուսիան աւելի պէտք պիտի ունենայ դաշնակից Հայաստանին: Այդ օրը չի կրնար գալ, եթէ Հայաստանը չզարգանայ: Հայաստանը չի կրնար զարգանալ, եթէ տնտեսապէս գաղութային վիճակի մէջ մնայ:

Ռուսիան նկատած պիտի ըլլայ Կաբալան հիւրընկալող Ադրբէջանի երերուն քաղաքականութիւնը...
Այս եւ նման երկիրները իր «գրպանին մէջն են» կարծող Ռուսիա մը ապագայ չի կրնար ունենալ, որպէս գերտէրութիւն:
Թէեւ Ալիեւստանը անդամ չէ, սակայն անոր Շահը ներկայ էր Մոսկուայի մէջ:

Հաճելի է լսել ՀՀ նախագահի սպառնալիքը, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Արցախը, եթէ Ալիեւստանը յարձակի անոր վրայ: Հաճելի է լսել, այն առումով, որ Մեղր ուտողի ներկայութեամբ, եւ յուսով եմ՝ անոր գիտակցութեամբ եւ յօժար կամքով հնչեց այս սպառնալիքը:

Դէ ըսէք կարեւոր չէ Ռուսիոյ կարծիքը:

Հայաստանի այս սպառնալիքը կէս-ճանաչում է արդէն: Այսինքն, ճանաչումի մը հաւանականութիւնը, այդ գաղափարի, մերժելի չըլլալը կը վկայէ. հասունցած է պահը Հայաստանի համար:
Անհանդուրժող, կեղծարար եւ անվստահելի Ադրբէջանի մը առաջանալը խթան կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի այն համոզումին, որ Արցախի գծով զիջողականութիւն ցուցաբերելը սխալ է:
Այս վայրենիներո՞ւն վստահինք Արցախը ու հողեր զիջելով՝ արցախահայութիւնն ու Հայաստանը դնենք վտանգաւոր կացութեան առջեւ:
Ուրիշ խօսքով՝ ալիեւներու ոչ տոլերանտ պահուածքը սատարեց հայ ժողովրդի մէջ Հայդատական մտածելակերպի խորացման ու տարածման:
Աննման ու անկրկնելի խաչքարադաշտը ոչնչացնող, քնացող հայ սպան կացինահարող ու հերոսանցող, հովիւն առեւանգող ու կախող Ադրբէջանը դժուարացուց Հայաստանի մէջ «խաղաղասիրական» քարոզչութիւն տանողներուն գործը:
Որքան ալ հակասական թւայ, այդ «աղաւնիները» եթէ յաջողէին, խաղաղութիւն պիտի չի բերէին:
Ոմանք պիտի առարկեն «ներքին թուրքը» վկայաբերելով. հազիւ կը խօսիս ազգային ռազմավարական հարցերու մասին, քեզ կը յիշեցնեն «ներքին թուրքը»: Ո՞վ մոռցաւ: Ով չգիտէր, որ ներքինը արտաքինի արտացոլացումն է:
Քանիցս աւելի դժուար է ներքին քաղաքականութեան մէջ յաջողիլը, քան արտաքինի մէջ: Բոլոր պետութիւնները վերացեր են ոչ-ճիշտ քաղաքականութեան եւ ոչ ճիշտ ապրելակերպի որդեգրումով:
Այդ յաջողութեամբ պիտի հերոսանայ հայ ժողովուրդը, կասկած չկայ, փախուստ չկայ, ուրիշ կերպ հայկական ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ չի կրնար ըլլալ:
Այսօր Սահակաշվիլին թերեւս հերոս է, սակայն յիսուն թէ հարիւր տարի յետոյ ապագայի վրացի պատմաբանները պիտի գրեն անոր մասին, թէ իր ապուշութեան պատճառով Վրաստանը վերջնականապէս կորսնցուց Աբխազիան եւ Օսիան, որոնք շահուած էին ժամանակին՝ «ռուսամէտութեան»՝ բոլշեւիզմի շնորհիւ:
Այս մասին՝ Աբխազիայի եւ Օսիայ մասին պարոն Մեդվեդը շատ կը յիշէ: Որո՞ւ համար արդեօք:

Հայաստանը ըլլալով Ռուսիոյ սերտ դաշնակիցը, երբեւէ չարժանանար այն սուր քննադատութեանց, որոնց կարժանանան կարգ մը նախկին խորհրդային ոչ-ժողովրդավար երկիրներ: Ամերիկահայ համայնքը, ինչէս նաեւ Հայաստանի իւրայատուկ իրավիճակը, հասկըցնել կուտան ԱՄՆ վարչակարգերուն, որ Հայաստանն այլ կերպ չի կրնար ըլլալ՝ քան ինչ որ է, իր ռազմավարական դաշնակիցով եւ Իրանի հետ յարաբերութեամբ:

«Ամերիկան Հայաստանի մէջ ռազմավարական տեղանքով մը չէ հետաքրքրուած» իմաստով տեղեկագիր մը սպրդեցաւ Վիքիլիքսէն: Իրողապէս, Հայաստանի եւ ԱՄՆ միջեւ միշտ ալ եղած է բարեկամական յարաբերութիւն: ԱՄՆ եւ Ռուսիան, Հայաստանի մէջ իրար հետ հաշտ են կարծես. Նկատի առնելով Հայաստանի իւրայատուկ վիճակն ու պատմական դժբախտութիւնները. ահա՛ թէ ինչպէս Հայաստանը մասնակից է Նատոյի խաղաղարար ծրագիրներուն՝ ի Կոսովո եւ ի Աֆղանստան, առանց հակադրուելու Ռուս-Հայկական բարեկամութեան:
Երկու գերպետութիւններն ալ կը մտածեն, որ Հայաստանը ճնշման «տեղ չունի», ափսոս է այս երկիրը, որուն Աստուած ճակատագրած է ըլլալ՝ դրացի անբարեկիրթներու:
Եւ Հայաստանը որքան ալ «ռուսամէտ» ըլլայ. Ամերիկայէն հասկացողութեամբ պիտի ընկալուի, նմանապէս Հայաստան-Նատո գործակցութիւնը Ռուսիայէն միշտ հանդուրժողութեամբ պիտի ընկալուի, քանի որ Հայաստանի դիրքն ու ներկայացուցած աղբիւրները այլընտրանք չեն թողուցած՝ քան գործակցիլ բոլոր համաշխարհային ուժերուն հետ, որու շնորհիւ Հայաստանի դիրքն ու նշանակութիւնը պիտի բարձրանան զինք շրջապատողներուն ի հեճուկս:

Tigris
14.12.2010, 13:36
Աղօթում ենք առաւօտուն եւ գիշերը՝ քնելուց առաջ, թէկուզ երկու բառով: Աղօթքը հոգու թելադրանքն է եւ նա մտքի յոգնութեան պահերին է արթնանում:
Ամբողջ տիւը, ցերեկը, միտքը արթնանալու ընթացքին մէջն է: Փորձում է զարթնել, աշխուժանալ, ջանադրել: Միտքը ամբողջ օրը հարց է առաջադրում, թէ ինչի՛ համար է էս ամէնը. ինչո՞ւ ենք զարթնում, ննջում, կանգնում ու պառկում, գնում ու գալիս:

Եւ օրերից մի օր հասկանում է, որ այս ամէնը միասնութեան համար է, միասին լինելու համար: Միասին ենք ուտում, ուրախանում ու տխրում, պայքարում ու յաղթում կամ պարտւում:

«Նախահօր» Ադամին նոյն հարցն է անհանգստացել: Աստուած նրա խաղաղ ու հանգիստ-ապահով կեանքին համար ամէն ինչ ստեղծել էր. Ադամ եղնիկների հետ ոստոստում էր դրախտում, կապիկների հետ ծառերի ոստերին էր բարձրանում, առիւծների ու ինձերի հետ ըմբշամարտում էր: Բայց մի միտք էր նրան տանջում ու չէր լքում երբէք, թէ ինչո՞ւ համար է այս ամէնը, ինչո՞ւ ինք է, բայց ոչ չէ:

Ու սկսեց երկխօսել անձին հետ իւրոյ ու երբ անդրադարձաւ, որ ինքը չի պատասխանում իր հարցերին, դիմեց, փնտրեց եւ գտաւ Տէրը՝ զԱստուած, որ արարիչն էր:

Եւ հասկացաւ, որ արարողն է պատասխանատուն իւր հարցերին: «Տէ՛ր իմ, ինչի՞ համար է էս ամէնը»:

Հարցը կրկնւում էր ու անհանգստացնում Աստծուն: Վերջինս սրտնեղած էր իր ստեղծած արարածից, քանի որ ապերախտը իր բոլոր ունեցածովը դեռ հարցական իրավիճակ ունէր. չէր գոհացրել նրան դրախտը ու «օդում կախուած» բաներից կառչելով հարցեր էր առաջադրում: Մի խօսքով՝ խնդրայարոյց անձ էր դարձել, հարցումներով՝ իրեն համար գծուած սահմաններից դուրս էր եկել եւ մուտք էր ուզում գործել անդրմարդկային տարածքներ. արարչագործութեան իմաստնութիւններ:

Ու որոշեց մի այնպիսի «պատասխան» տալ նրան, որ յաւիտեան զբաղեցնի նրա միտքը ու մոռանայ իր գոյութեան իմաստն ու պատճառը:
Եւ ստեղծեց կինը:

Դժուար հարցին յաջորդեց աւելի դժուարը, յաւիտեան թնջուկը, անխորտակելի առեղծուածը. ԵՒԱՆ:
Եւան Ադամից էր, նրա կողից, նրա արիւնից ու մսից, բայց տարբեր: Ադամ ապշեց, շշմեց, զարմացաւ, հիացաւ, հասկացաւ ու չհասկացած մնաց, ճանաչեց ու չլիացաւ, «նուաճեց» նրան. բայց աննուաճ մնաց նա:
Իր կէսն էր, որին կորցրած էր, առանց նախապէս ունենալու: Նա ինքն է, բայց նոյնը չէ: Երկուսը միասին մի ամբողջութիւն են, առանց ամբողջութիւն կազմելու:
Կատարեալ էր՝ սքանչելագործութիւն, եւ արարչագործութեան մէջ իր կատարելութեանը ախոյեան, մրցակից եւ յաղթական Թագուհի:
Աստուած պատժեց Ադամի հետաքրքրասիրութիւնը, ինքնիրեն խորհելով՝ «Ձանձրանո՞ւմ ես, դէ գնա զբաղուի, ահա քեզ մի գունագեղ, անվերծանելի ու յարատեւ հետաքրքիր «զբաղմունք»»:

Tigris
18.12.2010, 19:51
Մեկ շաբաթ է թերթս Դաշնակցութեան հարիւր քսանամեակի հանդիսութեանց մասին կը զրուցէ:
Շնորհաւոր ըլլայ, Պապո՛ւկ:

Այս մասին երկու օր առաջ պիտի գրէի: Գրեցի քիչ մը: Ջնջեցի: Մտածեցի՝ ի՜նչ անկարեւոր բաներ պիտի գրեմ, նորէն պիտի քննադատեմ, չհաւնողի դիրքորոշում պիտի ընդունիմ եւ այլն:
Գրեր էի, թէ հաճելի երեւոյթ է Նախագահի ներկայութիւնը հանդիսութեան մը, ուր կը քննադատուի ինք:
Մեր քաղաքական կեանքին մէջ հանդուրժողութիւն պէտք է:
Պիտի գրէի նորօրեայ դաշնակցական ղեկավարներու մասին, սակայն մտածելով, որ շատ բան չեմ գիտեր, չգրեցի:
Ինչպէ՞ս բաղդատէի հին դաշնակցականներուն հետ. զոր օրինակ՝ Կարսի կուսակցական «բանտը» պատժւողներուն:
Բանտը դուռ ունէր. պահակ ու կղպանք չունէր: Բանտարկեալներն էին հրամանի գործադրման հսկիչները:
Այս կազմակերպութիւնը Կարսի, կը կարծեմ, հայ պետականութեան վերականգման սաղմն եղաւ, որ աճեցաւ Վանի հայկական կառավարութեամբ եւ հանգրուանեցաւ յԵրեւան:

Ինքդ պիտի լինես ճշտի ու սխալի հսկիչը: Նման մարդիկ միայն կարող էին վերստեղծել վաղուց անհետացած պետականութիւնը: Ահա թէ ո՛րն է որեւէ պետութեան ոյժը:

Tigris
20.12.2010, 16:49
«Հ1» հեռուստակայանը մի հաղորդում ունի. չգիտեմ անունը, որ երբ տեսնում եմ, փոխում եմ ալիքը: Անցեալ անգամ նրա հիւրն էր Հայաստանի Գեղուհին: Այս անգամ զանց չառի հաղորդումը, որովհետեւ հիւրն էր Ազատ Գասպարեանը:
Սոյն դերասանը «չէի սիրում», քանի որ մարմնացրեց չեկիստի կերպարը. այնքա՜ն ատելի: Հաղորդման անունը եթէ դնենք «Վիսկիով հոգեբան», ապա շատ հետաքրքիր էր երէկուայ «Վիսկիով հոգեբանը»: (Ակնկալեցի մի բաժակ էլ հիւրին հրամցնէր: Զարմանալի)

Դերասանը ակնարկեց մի բանի, որի մասին մտածում էի վերջերս՝ Յաղթանակի:

Արդի Հայաստանում (այսպէս ենք երբեմն կոչում ներկայ Հանրապետութիւնը Հայաստանի), չկայ մի բնակավայր, որում տեղադրուած չլինի Բ. Աշխաարհամարտի նահատակներին նուիրուած յուշարձան: Ամէն ընտանիք յաղթանակի կերտման ու կորուստի-ցաւի իրեն բաժին հասած մասնակցութիւնն ունի:
Հետեւաբար, զգուշացել եմ ասել ճշմարտութեան այն բաժինը, որ ասուեց հաղորդման ընթացքում, թէ դա մեր յաղթանակը չէր:
Մերինը չէ հիմա, քանի որ մենք հիմա ուրիշ ենք:
Նախապէս մենք ուրիշ մենք էինք, հիմա ուրիշ մենք ենք:

Մենք նախապէս ԽՍՀՄ էինք, մեր պետութիւնը նրա յաղթանակի կերտման էր մասնակցում: Ճի՞շտ եմ: Աւելի ճիշտ՝ ԽՍՀՄ-ի տարածքին Հայաստանը պետական մարմին էր, սակայն Պետութիւն՝ որպէս այնպիսին չէր:
Զգուշացել եմ ասել ու գրել, քանի որ մեր ժողովուրդը ահագին կորուստ է ունեցել:

Եթէ մի պահ չարութեան դեսպանը լինեմ, ապա կասեմ, թէ շատ եմ ափսոսում, որ Թուրքիան չմասնակցեց այդ պատերազմին, չունեցաւ կորուստ, մարդկային եւ այլ, չունեցաւ պարտութիւն: Փոխարէնը՝ վայելեց խաղաղութեան բարիքը, աճեցաւ եւ բազմացաւ եւ օգտուեց պատերազմին մասնակցողների յոգնութիւնից:
Իսկ Հայ ժողովուրդը, իր Սովետական եւ Եւրոպական հատուածներով, դեռ Եղեռնից նոր սթափած (ի՜նչ սթափել), նորից ճաշակեց մի նոր մեծ պատերազմի արհաւիրք:
Թուրքերը այս անգամ խելացի վարուեցին, չգործեցին Իթթիհադի սխալը՝ մասնակցելով համաշխարհային պատերազմին:
Թուրքերը, Հանրապետութեան հիմնադրումից ի վեր, առնուազն երկու անգամ տարածք նուաճեցին. առանց մասնակցելու համաշխարհային կործանարար մի մեծ պատերազմի: Առաջինը՝ Սիրիական Ալեքսանդրետի շրջանի գողացումն է՝ երբ Սիրիան անկախացած չէր: Երկրորդը՝ Կիպրոսի հիւսիսի նուաճումը:

Խորհրդային Երկրի հայութիւնը մասնակցեց Մարդկութեանը յաղթանակին. փրկելով նրան մի այնպիսի չարիքից, որպիսին էր Նացի Գերմանիան:
Այսպէս ձեւակերպենք:
Ծառայեց մարդկութեան, աշխարհի լաւութեան ու բարօրութեան համար:

Երբ փոքր էի, Կիրակի օրերը հեռատեսիլից անհամբեր սպասում էի ամերիկեան cowboy-ական ֆիլմի ցուցադրութիւն: Ֆիլմի սկզբին ես ու եղբայրս որոշում էինք չար մարդն ու բարին: Մեր առաջին գործն էր լինում գտնելը, ֆիլմը դիտելիս, Բուն Տղան, the good guy:
Բուն տղան ընտրելուց յետոյ, որը դժուար չէր, աւելի հեշտ էր լինում ֆիլմը դիտելը, նրանում ընթացող դէպքերը հասկանալն ու դիրքորոշում ունենալը: Դիրքորոշմամբ հաճելի էր լինում ֆիլմ դիտելը՝ Բուն Տղայի յաղթանակով բերկրանալով:
Տարիներն անցան. ուրիշ ֆիլմեր դիտելով տեսայ, թէ բուն տղաները «մաքուր» բարի ու հարիւր տոկոս լաւ չեն:
Եւ ի՜նչ տարօրինակութիւն. նոր ժամանակներում արտադրուած ֆիլմերում բնիկ ամերիկացիք ու մեքսիկացիք էլ երբեմն լաւ, բարի ու բուն տղաներ եղան:
Ամէն ինչ սեւ ու սպիտակի բաժանումով չէ բաժանուած. գոյները խառնուել են իրար:

Նացի Գերմանիայի ժխտական, վատ, անմարդկային կերպարի դիմաց Խորհրդային Միութիւնը, մեր դիտած cowboy-ական ֆիլմերում եղածի նման, զտարիւն բարին ու մաքրամաքուր լաւը չի ներկայացնում:
Ուրեմն, ի զուր էի՞ն զոհերը հայութեան:
Չէի ասի, սակայն կասէի մեծ էր հայութեան զոհողութեան չափը, մարդկութեան համար, ով ժլատ եղաւ մեր կեանքի վերջին հազարամեակում:

Յաղթարշաւի մեր աւարը եղաւ յաղթել սովորելը, յաղթական կողմին պատկանելն իմանալը:

Իրողապէս, երկար դարերից յետոյ Հայութեան առաջին մեծ յաղթանակը կերտուեց Եղեռնի տարիներին. Արարատեան Հայաստանում, ուր հայութիւնը կարողացաւ կանգնեցնել իր պետութեան շէնքի հիմքը՝ կանգնեցնելով թշնամու յառաջացող բանակները: Այդուհանդերձ այս յաղթանակը անհատոյց չէր, զուգորդուեց մանր ու մեծ պարտութիւններով: Մանր պարտութիւնները շուաք գցեցին մեծ յաղթանակի վրայ, որի մեծութիւնը նրա երկար սպասուած եւ ճակատագրական լինելով է: Եւ պատմութեան մի կարճ ակնթարթում թիւրիմացաբար Չուխուր Սաադի դարձածը վերստին եղաւ Արարատեան երկիր:

Այսպէս կամ այնպէս, երկար դարերից յետոյ հայ ժողովուրդը վարժուեց լինել յաղթողների «ճամբարում»:
Հայրենական մեծ պատերազմի աւանդոյթները, ռազմական փորձառութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը ահագին ազդակ հանդիսացան մեր նորագոյն ազգային յաղթանակին: Չի կարելի ուրանալ: Ինչո՞ւ ուրանալ:
Հակում ունեմ կարծել, որ մեր զինւորներին խթանեց մեր պարտութիւնները: Արեւելեան Եւրոպայում մարտնչող հայ ռազմիկները հարկաւ մտածում էին իրենց ծնողներից լսած պատմութիւնների մասին:
Պարտութիւնների մասին մտածել-խորհրդածելը միշտ չէ որ վնասակար է: Գուցէ ռազմական վրէժխնդրութեան, յաղթելու վճռակամութեան, եռանդոտ պարտաճանաչութեան մղիչ ուժ են հանդիսանում:
«Եղեռնի քարոզչութիւն» չէ, ինչպէս բնութագրում են ոմանք, այլ՝ պարտութեան ճանաչում: Ճանաչում, որ իր հետ բերելու ճանաչման միւս առարկան՝ յաղթութիւնը:

Ուստի, մեր պարտութիւնների մասին խօսել-գրել-վերլուծելը բոլորովին անշնորհակալ գործ չէ: Ճիշտ չեն նրանք, ովքեր չեն ուզում դրանց մասին լսել ու ընդհանրացնելը:

Լինելով ուրիշ պետական մի կազմաւորման զինւորներ (ԽՍՀՄ), սովորեցինք կռւել ու յաղթել, որ մեզ օգտեց հետագայում մեր սեփական յաղթանակը կերտելուն:

Ազատ Գասպարեանը մեր ամենամեծ յաղթանակը Շուշիի ազատագրումն է համարում: Նկատի ունի, անշուշտ, Արցախն ամբողջովին:

Յաղթանակի մեծութիւնը, թերեւս, դեռ չենք ընկալում: Ապագային, ժամանակի հեռաւորութիւնից եւ խաղաղ մտքով վերլուծութիւններ անելիս, պիտի հասկանանք դա:
Դերասան-մտաւորականը խօսում է լրջութեան մասին: Լուրջ չենք: Գեղագիտական ու արուեստով յագեցած երգիծանքին, որմով փայլում է մեր ֆիլմարուեստը, տեղն է առել զաւզակութիւնը եւ գռեհիկ ծիծաղասիրութիւնը: Նորը «հայելին» է նոր մարդկային յարաբերութեան:

Մեծ յաղթանակը ճանաչելու համար լրջութեամբ մեծ պիտի լինել. մեծ յաղթանակին վայել մեծ ու արժանավայել պահուածք ու բարք պիտի ունենալ, որպէսզի բացառիկ առիթով ազատած իրաւունքի մեր այսօրուայ բաժինը արձանագրուի, հասատատագրուի:
Ունե՞ս, ունեցածիդ համահունչ պէտք է վարուես՝ մեծութեամբ ու ազնւութեամբ, արդարութեամբ եւ իրաւունքով, որպէսզի աշխարհը ճանաչի ունենալու իրաւունքդ եւ հաստատագրի՝ դե յուրէ ճանաչումով:

Tigris
27.12.2010, 15:43
Մեր հայերը նեղացած են, քանի որ Տիկին Փելոսին քուէարկութեան չդրեց ՀՑ ճանաչման օրինագիծը:
Պարտութիւն է,- կարելի է մտածեն ոմանք,- հայ-թուրքական քաղաքական պայքարում:
Ես կասէի չշահուած յաղթանակ է, բայց ոչ պարտութիւն: Թղթի կտորներ շահելու պայքարում ես նախապէս յայտնել եմ կարծիքս, որ սրանք աւելի շատ ճնշման միջոց են, քան կորուստի վերադարձ:
Թուրքերի սիրտը խառնելու, որ հանգիստ չքնեն:

Մենք կորցրեցինք ՕԿ տարածքում ապրող հայերի կեանքը, նրանցից չծնած հայերի կեանքը եւ նրանց կենսագործման համար ունեցած պապենական կալուածները: Ահա՛ թէ որն է պարտութիւնը:

Լեւոն Գաթրճեանի երգը՝

«Էլ բա՛ւ է, հայեր, այսքան տառապենք,
Անարդար աշխարհում արդար որոնենք...
.......
Խրիմեան հայրիկի խօսքը մեզ պատգամ՝
Երկաթէ շերեփով մեր հողեր կտան»

Մեկ ու քառորդ դար առաջ հնչած պատգամը Հայրիկի գործադրեցինք. երկաթէ շերեփով ապուր ուտելով: Բայց շերեփը ծակ-ծակ էր եւ ապուրը ծորեց կաթսայ...

Ծուռ նստինք, դրուստ խօսինք. Հայրիկի պատգամը ուժի մէջ է մնում. նա մեղաւոր չէ մեր անորակ շերեփի համար:

Հիմա Տիկին Փելոսիէն ապառիկ թեյի տարգալ կը խնդրենք, մինչ Հայրիկը մեզ պատգամեց սեփական շերեփ ունենալ: Ունեցանք սեփականը. ու պէտք է ամրացնենք խոհանոցային ուրիշ պարագաներով՝ տանկ, հրթիռ, ռազմական օդանաւ, առողջ տնտեսութիւն, ժողովրդավար կարգ եւայլ լաւ բաներ:

Եթէ Արեւմտահայաստան պիտի ազատագրենք, որի համար է օրինագիծ-մ’օրինագիծ, ապա հայկական բանակով պիտի անենք, բայց ոչ ամերիկեան տանկերի վրայ զբօսաշրջելով:
Ցեղասպանութիւնը ահաւոր բան է, հետեւաբար թող ոչ ոք մտածէ, հայ կամ այլազգի, որ ներման հայցով կամ ինչ-որ նիւթականով կարելի է հատուցել: Խնդիրը գոյութեան խնդիր էր. այդպէս ալ կմնայ:

Որոշ մարդկանց գոյութիւնը որոշ տարածքի վրայ: Տարածքի եւ մարդկանց անփոփոխ իրավիճակը եւ կապակցուածութիւնը խախտելու խնդիր է Ցեղասպանութիւնը: Մարդիկն ու տարածքը իրարով են ճանաչւում եւ ամբողջանում ու պահպանւում: Փուճ է ամէն փորձ, ազգութիւն պահելու, առանց տարածքային յիշողութեան եւ առնչութեան:

Դառնալով պարտութեան եւ յաղթանակի մասին մեր մտորումներին: Յաղթանակներ ամէն օր կերտւում են՝ պատրաստուելով նրան՝ յաղթանակի օրուան: Պարտութիւններ կրում են՝ ամէն օր չպատրաստուելով յաղթանակի եւ ունենալով պարտուած մարդու առօրեայ:

Փելոսի-մելոսի... սրանք յաղթանակներ չեն, կամ պարտութիւններ:
Յաղթելու կամ պարտուելու համար դարում մի կամ երկու անգամ է առիթ տրւում: Մնացեալ ժամանակում պատրաստւում են դրանց:

Իրական յաղթանակները իրական գոյութիւններ է ենթադրում ու պահանջում, իսկ մենք՝ արեւմտահայերս (եւ հայերս ընդհանրապէս), հեռու, սփռուած, ցիր ու ցան, իրական կուռ ուժ լինելուց հեռու ենք տակաւին: Վիրտուալ (կիսավերացական) գոյութիւններ ենք, թիւ ու նկար:
Վերջերս ինչպէս նշեց «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէնը, բազում անձեր միայն անուն են նուիրատու. եւ երբ զանգում ես նրանց խոստացած գումարը ստանալու՝ պարզւում է չկան:

Պայքարը պայքարողներ է ենթադրում: Վստահ եմ, լեզուի մասին Ժողովն Ազգային չէր համարձակի ընդունել օրինագիծ, եթէ բաւարար ժողովրդային դիմադրութեան հանդիպէր: Մեր ժողովուրդը...
Չգիտեմ, քէֆի է պատրաստւում, առջեւում Ամանորեայ տօնն է եւ մեր հեռուստաալիքները շարունակում են որակաւորն ու անորակը միասին մատուցել՝ ըստ Ամանորեայ քէֆերի ծանուցումների:

Մտքիցս խենթ-խենթ բաներ է անցնում: Յիսուն տարի քէֆ չանել, առատ միս չուտել, զեխ կեանքով չապրել, տօնակատարութիւնները նուազագոյնի մակարդակին իջեցնել, մինչեւ, մինչեւ երկիրը իր ամբողջութեամբ բարգաւաճի եւ աղքատութիւնը անցեալ դառնայ:

Ընտանիքներ կան մրսում են: Զինւորը: Ընտանիքներ կան սգաւոր են, վշտահար են: Նրանց ուրախացնելով՝ եթէ կարելի է, պիտի ուրախանանք:

Վերստին յաղթանակի մասին: Յաղթելու համար պատերազմի խաղին պիտի տիրապետել: Խաղի առաջին կանոնն է՝ անակնկալի բերելը: Թշնամին նախ պիտի մոռնայ վտանգը, յետոյ պիտի չիմանայ երբ ու ուստից է գալու այն:
Պատերազմում խարդախ են լինում, աղուէս են լինում, բորենի եւ գայլ են լինում: Պատերազմում բարոյական օրէնքներ չկան: Այդ օրէնքներին հետեւող պարտւում է: (Գիտեմ՝ Նժդեհն ասել է՝ յաղթի՛ր այնպէս, որ չամաչես քո յաղթանակից):
Սակայն յաղթում են նրանք, ովքեր անակնկալի են բերում, պատերազմում, անակնկալելի մարդկային անբարոյականութեամբ:
Թուրքերը պետութիւն էին ու շահագործեցին պետական կարգավիճակը, պետական օրէնքով ու կամքով՝ թելադրելով հայ քաղաքացուն, թողնել տուն ու տեղ ու բռնել գաղթի՝ լորուստի ճանապարհը:
Թուրքը՝ պետութիւնն այդ ոճրագործ, շատերի մտքով չանցածը արեց՝ տղամարդկանց կանչեց բանակ. Հայրենիքը պաշտպանելու, իսկ կանանց եւ երեխաներին քշեց տարաւ անապատ անջրդի տարածք, կրակին ու ծուխին, ալեկոծ ծովին ու հարեմին, դանակին ու խաչին:
Սա պետական պատերազմական-ոճրագործ խաբէութիւն էր՝ սեփական քաղաքացու հանդէպ:

Եւ նա տիրացաւ Հայի հողին ու ինչքին, արեան եւ սերունդներին, մշակոյթին ու հայրենիքին:
Ո՞վ է ասում ո՛չ: Ո՞վ կարողանում է դատապարտել ոճրագործը: Ոչ ոք:

Նրանք ամբողջութեամբ, պետութեամբ եւ ժողովրդով մասնակից են մեծ ոճիրին, այնքան ժամանակ, որ տիրում են Հայաստանի հողին (ինչի համար գործեց նա մեծ ոճիրը):
Նացի գերմանները հողի համար չողջակիզեցին եւրոպացի հրեաները: Դրամատիրութեան համար ողջակիզեցին: Հայերը ցեղասպանուեցան՝ առաւելաբար հողի համար, Հայաստանի համար, քանի որ ի տարբերութիւն Սաքսոնիա Անյաղթի, որ Հրէաստան չէր, Հայկական Բարձավանդակը Հայաստան էր՝ այսպէս կամ այնպէս:
Ուրեմն՝ հայ-թուրք անհամաձայնութիւնը ոչ միայն մարդկային ողբերգութեան հարց է, այլեւ հայրենիքի հարց: Ու որքան ծիծաղելի ենք, երբ մեր հայրենիքը ճանաչում ենք ա-լա-թուրքա անուններով:
Պիտի չի նշեմ աղբիւրները, այլեւ պէտք չկայ. փոխանակ գրելու Երզնկա (Երիզա)՝ գրում են Էրզինջան, փոխանակ գրելու Արեւմտեան Հայաստան կամ Անատոլիա կամ Փոքր Ասիա (յունարէն բառ)՝ գրում են թուրքերէն Անատոլու (արեւմտահայերէն արտասանութեամբ՝ anadolu` թուրքերէն անհեթեթ իմաստով՝ «մայրալեցուն») :
Սա ոչ թէ նոյն տեղանուան տարբեր անուններն են՝ ինչպէս Կարին-էրզրում, այլ իսկական տեղանուան թրքական խեղաթիւրուած՝ թրքացուածն է: Սկսեցինք գրել Ակդամար (սպիտակ երակ), Անը (յիշատակ), անուններ՝ որոնք բռնազբօսիկօրէն թրքացնում են նշեալների հայկականութիւնը:

Ուրեմն, հայեր, հայեր, հայեր ջան, հայեր ձեր հոգուն ղուրբան, Աստուած մեզի պահապան, եկէ՛ք երթանք Հայաստան:
Երթանք եւ ճանաչենք երկիրը մեր, զօրացնենք այն, քանի որ Վանի ճանապարհը Երեւանէն աւելի կարճ է, քան հնգաստղանիաձեւ այդ կառոյցէն կամ կարմրաղիւս շէնքերի հրապարակէն:

Եթէ սխալ եմ ասում՝ համարէք վերոյիշեալը չգրուած:

Ինչ լաւ կլինէր, եթէ Կոնգրեսի մէջ օրինագիծեր ընդունուէր, օրինակի համար, Հայաստան-ԱՄՆ արտօնեալ առեւտրի կապակցութեամբ, այսինքն մաքսազերծ հայկական ապրանքի մուտքն ապահովել ի ԱՄՆ:
Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացումով հայը իր հողին վրայ կամրանայ եւ կը քաջալերէ միւսների վերադարձն ու ներգաղթը: Հայաստանում մեծաթիւ հայկական ներկայութեամբ՝ Սիւնիքում ու Արցախում նոր «հայաստանների» հիմնադրումով՝ ապագայ Հայաստանի համար, ապագայի փորձութիւնների համար յաղթանակների կռուաններ կարելի է ստեղծել:
Առանց այդ կռուաների փելոս-մելոսի թղթէ շերեփները թռչունի ծիրտ չարժեն (որ հողը հարստացնում է) :

Tigris
31.12.2010, 14:19
Թղթի ու գրի հետ ընկերութեանս սառնութիւն է եկել:
Պատասխանատու եւ լուրջ գրառումներ անելու հակում ունենալով, ազատութեան եւ ընտրութեան տարածքը սեղմւում է:
Մենք չենք լինի, էլ քսան տարեկան, որ խենթ ու խելառ բաներ անենք ու ասենք: Բայց այդ տարիքում էլ, շատեր, լինում են այնպէս, ինչպէս որ է յիսուն տարեկանը: Պատասխանատու լինել. նշանակում է ազատութեան կաշկանդում: Ազատութեան ուրիշ տարածքներ եւ ասպարէզներ պէտք է գտնեմ:
Խառըխշտիկ ու անկապ բաներ գրելու իրաւունք եմ ուզում, որովհետեւ յոգնել եմ առօրեայ հոգսերից եւ կազմակերպուած լինել չի լինում. օրերը անցնում են եւ հոգսերը մեկը միւսին են յաջորդում:

«Այսօրուայ գործը վաղուայ մի թողուր» ասացուածքը իմ բնաբանն է եւ շատ է յոգնեցնում՝ նաեւ ձախողեցնում, քանի որ այն ինչ այսօր չի լինելու՝ չի լինելու, զօրով չես կարող ուզածդ պահում սեղմել անելիքդ:
Այսօր չկատարածդ պարտականութեան վրայ կուտուելու է ուրիշը, ամէն նոր օր նոր գործեր են յայտնւում եւ դու անընդնհատ յետաձգելով ու յետոյին թողնելով, դժուարացնում ես ապագադ:

Կազմակերպուած անձինք եւ ազգեր պատրաստ են լինում կեանքի ակնկալելիներին եւ անակնկալներին: Կարողանում են պատասխան տալ, դիմադարձել, ընդունել, սիրել կամ կռւել՝ ըստ հարկին:
Գնչուները, այդ սիրասուն եւ անյոգ թւացող ժողովուրդների տեսակը, ամէն ինչ յետաձգում են, տրւում են պար ու երգին, եւ յիրաւի՝ երբ նայում ես նրանց՝ ցիգաններին, այնքա՜ն ուրախ են, իրենց փնթիութեամբ եւ անպատասխանատւութեամբ: Ուրախ են՝ այսօր կան, տխուր են՝ լալագին երգում են եւ Արմենին երգ են տալիս... չեն մտածում երէկի ու վաղուայ մասին:
Կազմակերպուած ազգերը, եւ մարդը, մտածում են չորս հազար տարի ետ ու առաջ:

Եւ մարդը, կարծում եմ պէտք է լինի երկու անձ, ու իր անձը դիտէ՝ իր անձի խօսքը, գործը, վարմունքը գնահատէ դրսից. իր անձի վերացական գոյութիւնից եւ տարբեր ժամանակներից:
Ի՛նք, իր արած այս գործը ինչպէ՞ս է գնահատելու, ի՞նչ է մտածելու իր արածի մասին քսան տարի յետոյ: Կամ ի՞նչ կանէր ինք, տուեալ պարագայում, քսան տարի առաջ: Ժամանակի տարածութիւնը խորաթափանց եւ փորձառու վերլուծութիւն անելու հնարաւորութիւն է տալիս տեղում ու պահում օ՛րը ապրող գնչու-մարդուն:
Բոլորս քիչ-շատ գնչու ենք: Ահա՛ այսօր պիտի ցատկենք ու ցնծանք, մի ստից պահի համար, հանդիսաւորութիւն հաղորդենք պիտի պահին, անկեղծ ու կիսաանկեղծ լինելով, ամէն ինչ խառը, ամէն ինչ մարսողական փորաճարպակալային:

Չեմ ուզում խմել. ծխելը թողնելը արդէն տաս օրուայ հնութիւն է...

(Հարբելու բան շատ է, մի՞թէ խմիչքը օգնում է չտեսնել յիրաւի հարբեցնող գեղեցկութիւնները...)

Ահա երգում է հեռուստ.-ից՝ «Պտտւիր գարուսել»:

Իմ ամէն օրերը հանդիսաւոր են, իմ ամէն օրերը Ամանոր են, իմ ամէն պահերը կռւի, յաղթանակի, պարտութեան, աշխատանքի, սիրոյ կամ ատելութեան տօներ են: Ես ապրում եմ բոլոր օրերում, ես խնդիրներ ունեմ բոլոր օրերում: Իմ բոլոր տարին կարեւոր է ինձ համար: Յունուարի չորսն ու Յուլիսի 36ը... տարեթիւ ու ժամանակի մէջ չտեղաւորուած օրերը:

Ուզում եմ պատրաստ լինել ապագային, ակնկալելիին եւ անակնկալելիին: Չեմ ուզում թմրած, քնած, անքուն ու անառողջ ապրել տարիներս: Ուզում եմ պարտականութիւններս եւ գործերս տեղում եւ օրում կատարելու հնարաւորութիւն ունենալ, որպէսզի մի անգամով վերջանամ-պրծնեմ ատամնաբոյժից, օրինակի համար. ուզում եմ իր գործին վարպետ մարդու հանդիպել. ճշտապահ, ուղիղ եւ ճշմարտախօս: Ուզում եմ կեանքում ու աշխատանքում գործակիցներս լինեն յստակ մտածող ու պարզ խօսող մարդիկ:

Եւ իմ համար ուզածիս հազարապատիկը մաղթում եմ մարդկանց:

Tigris
03.01.2011, 20:22
Հին պարբերաթերթեր եւ հանդէսներ ունիմ: Բեռ են կարծես, ուզում եմ ձերբազատուել. կարեւորը արձանագրելով:
Սրանցից մեկի մի էջում Մարսիլիայի հայկական եկեղեցւոյ նկարը կայ: Շքեղ՝ մի գեղեցկուհի լինի կարծես. կապոյտ գմբեթով, սիրուն ու նրբագեղ: Ինչպէս մի ազնւական հայ իշխանուհի, իր նրբաճաշակ արտաքինով յայտնուել է Ֆրանսիայի միջերկրականեան սոյն քաղաքում, մեն-մենակ, տգեղ ու իւր հետ գեղագիտական առումով անկապ շէնքերի միջավայրում:
Ես ինչպէ՞ս թափեմ այս նկարը պարունակող հանդէսը:

Աշխարհի տարբեր հայաբնակ քաղաքներում՝ հայկական ճարտարապետական ոճով կառուցուած եկեղեցիները մի-մի հոգեւոր որբութիւններ են կարծես, մանաւանդ որ յաճախ կառուցւում են շէնքերին կպած՝ առանց ազատ տարածքի: Տաճարի շէնքը առանձին չես կարողանում դիտել-վայելել, անպայման կողքի տձեւ բնակարանային շէնքերը խանգարում են հայկական սրբավայրի կառուցողական գեղեցկութիւնն ու առանձնութիւնը, մինչ հայրենի բնաշխարհի տարրերը՝ լեռ ու ժայռ, ձոր ու ապառաժ պիտի լինէին նրա գեղեցիկ առանձնութիւնը «խանգարողները»:
Ահա թէ ինչու կսիրեմ լինել եւ աղաւթք բարձրացնել գիւղական-անապատային եկեղեցիներում:

Մենք ինչո՞ւ օտարութեան մէջ եկեղեցի կը կառուցենք: Մի ոմն հրեայ ասել է ժամանակին, թէ մենք` հայերս անխելք ենք, զի ահագին գումար կը ծախսենք մեզի չպատկանած ժամանակաւոր հայրենիքներում առաձնատուն ու եկեղեցի կառուցելով:

Երբեմն խանդով կը նայիմ խաչքարներ տեղադրելուն, սփիւռքեան գաղութներում, մտածելով՝ որ խաչքարը միայն Հայաստանում պէտք է լինի, ուրիշ երկրներում չպէտք է լինի:

Մեր «հայրենիքները»՝ խաչքար ու եկեղեցական շէնք, մեր հետ շալակած տանում ենք աշխարհի չորս ծագերը:
Հրեան գիտէ, յիշում է իր ազգի գլխուն եկածը, իսկ մենք կարծում են յաւիտեան ենք մնալու այնպիսին որ կանք հիմա սփիւռքում:
Յուսանք, Աստուած տայ, որ յաւիտեան մնանք հայ սփիւռքում եւ իզուր չլինի ազգապահպանման համար կառուցուած հայկական եկեղեցիների շինարարութիւնը:
Որ էլ չասենք՝ ո՛վ տիրութիւն պիտի անէ Երուսաղէմի հայկական շէնքերին, Սինգափուրի եկեղեցուն, Լեհաստանի....
Կամ էլ շինենք ու չմտածենք յետոն. ո՛ւմ ուզում է թող լինի, ահա Եւրոպայում եկեղեցական շէնքերը վարձու են տրւում, աղօթողներ չկան: Մարդկութեան նուիրենք: Սփռուած լինելով ողջ աշխարհում՝ մեր գեղեցկութիւնները սփռենք աշխարհով մեկ, փոխանակ ամփոփելու Հայաստանում:
Եղա՞ւ:

Մի բան պարզ է, որ գիտեմ՝ ոչ բոլոր հայերն ու հրեաները մտածում են վերոյիշեալ հրեայի նման:
Եթէ ես հայրենիքում չեմ՝ հայրենիքը կբերեմ մօտս: Գրպանումս փող կայ, այստեղ ապահով է, ծովը մօտ է, կամ Կազինոն, սահման պահելու խնդիր չկայ, վսյո:
Եւ կառուցւում ու կառուցւում են հայկական սրբավայրեր, -մեկը միւսից գեղեցիկ ու ծախսալից,- որոնցում հնչում է արդէն աշխարհաբարը, թերեւս անգլերէնն ու ֆրանսերէնը:

Ազատ ենք եղբայր. ո՛ւր որ ուզենք հոն կապրինք: Վա՛հ,– ասող կլինի հարկաւ:
Եւ ես չեմ մեղադրի նրանց, քանի որ մարդը ազատ է. ազատութիւնը իմ դաւանածներից մեկն է:
Ընտրովի կազմուած հաւաքականութեան կազմած ազգն աւելի ուժեղ է, քան հաւաքովի կազմուած ժողովուրդը:
Մենք բոլորս սիրում ենք մեր հայրենիքը, այս կամ այն չափով, ոչ ոքին չեմ ուզում բարոյապէս բռնանալ: Միայն ուզում եմ բացատրել, որ իր բնաշխարհում է գեղեցիկ ու բնական, այն, ինչ ծնունդ է առել այդ բնաշխարհից:
Հրաշալի խաչքարեր են կանգնեցուած սփիւռքում՝ որպէս ապրիլեան յուշակոթող, սակայն մի շատ կարեւոր հանգամանք է պակաս. Հայաստանի լեռներում չեն:

Տաք եւ խոնաւ օդը, օտար լեզուն եւ արմաւենին անյարիր են խաչքարային արուեստին:
(Ասածս գիտեմ տրամաբանական չէ, բայց էլի կասեմ՝ անյարիր են: Քրդի լայն շալվար հագած մարդը տանգո չի կարող պարել: Ռոք համերգի գնացողը փողկապ չի կարող կրել)

Խաչքարը պիտի լինի միայն Հայկական Բարձավանդակում, թէկուզ քանդուած, հողին հաւասարեցուած ու Երասխի յատակում:

Հայաստանի լեռները խօսում են հայերէն, նոյնիսկ եթէ աղօթողներ չկան՝ հեռու ամայի վանքերում, ծէս ու օծում չկան, երկրի բնութիւնը ծէս ու աղօթք, պատարագ ու օծում է:

Ժամանակի ընթացքում մի կարգ գաղափարներ մաշուեցին, ձեւափոխուեցին, զարգացան կամ երերալով ու տատանելով ջրասուզուեցին:
Հայրենաճանաչման՝ հայրենիքի տեղի, վայրի ու իմաստի գաղափարը միշտ մնաց նոյնը, չփոխուեց ժամանակի սլաքի հարուածներից:
Ինձ համար Հայաստան չի կարող լինել այնտեղ, ուր չկան հայկական գիւղեր եւ պատմական յիշողութիւններ:
Հարթ, տափարակ երկիրը չեմ սիրում: Ընկերս ասաց, որ արեամբ փոխանցուած յիշողութիւն է:
Հայաստանի հանրապետութիւնը 30 (կամ 40) հազար կիլոմետրից շատ աւելին է, իր լեռնային կտրատուած բնութեամբ. Ճմռթկուած թղթի նման, որը բանալով, հարթեցնելով՝ աւելի լայն տարածք է գրաւում:
30 հազար քառակուսի կիլոմետր հարթավայր երկիրը փոքր է տարածքով, քան նոյնի լեռնայինը, ըստ իս:

Tigris
04.01.2011, 15:18
ԿՈՂՄ ԼԻՆԵԼ
Երբեմն պարտադրւում ենք կողմ լինել: Առանց պարտադրանքին այդ, մարդիկ աւելի հանգիստ, խաղաղ ու երջանիկ են. մտածելու, ճգնելու, ընտրելու հարկադրանքին ենթակայ չեն:
Այդու հանդերձ, երբ կատարած իրողութիւն է՝ կողմ լինելու պահի թելադրանքը եւ դու չես կարող անկողմ լինել՝ մնալով տեղում ու չփախչելով, պիտի սահմանափակուես ընտրելիքդ կողմով: Պիտի նեղանայ տարածքդ՝ կուսակցութեամբ եւ գաղափարախօսութեամբ:

Հանդիպումներ...
Կեանք ենք ապրում եւ կեանքի մէջ կեանքիկներ: Մի ժամուայ մէջ սկսում ու աւարտում է կեանքիկը գտնելու, վայելելու եւ կորցնելու պահը:
Գնալու գործընթաց է մեր ընթացքը. եւ մենք գնում ենք յաւիտեան. չգիտեմ թաւա՞լք է դա, պտո՞յտ, թէ՞ ուղիղ ծիր: Դա՞ է պատճառը, որ ուզում ենք ունենալ տուն, տեղ, հայրենիք, մայր հող, կին ու անկիւն: Գիտենք՝ ճամբորդ ենք, կառչում ենք ամուր, չենք ուզում պոկուել...

Մի շաբաթ է հեռուստացոյցից երգ ու խնջոյք...թերթերում նոր գիր չկայ, մտածող մարդիկ չկան:

Սովորական մարդ լինե՞լ, թէ՞ չլինել
Մեր ո՛ր պատմութեան դասատուն, չեմ յիշում, ասաց, որ նախարարներն ու թագաւորները ամօթ էին համարում ծերանալ ու մահճում աւարտել կեանքը: Պիտի կերտեն «ճակատագիրն» իրենց, կռւելով, վէրք ստանալով ու ռազմի ասպարէզում աւարտելով ճամբորդութիւնը:
Ըմբոստ է մարդը, չի ուզում սպասել «ճակատագիր»-ժամկէտը:
Որոշ ճշմարտութիւն եւ գաղափարախօսութիւն կայ, բայց կը մտածեմ նաեւ, որ տեղ-տեղ սովորական մարդ լինել կարողանալն էլ մի ուրիշ տեսակ հերոսութիւն է. լինել շարքային զինւոր. չլինել հաւակնոտ:
Դա էլ է պէտք:
Ուրիշի ուսին չբարձրանալ, լինել հիմք ու սիւն մեծ կառոյցի. տաճարում լինել ոտնակոխ գերեզման:
Եթէ ուզում ես լինել արկածախնդիր, եղի՛ր, բայց ոչ ուրիշին վնաս բերելու գնով, եղի՛ր քո հաշւին արկածախնդիր,- ասենք եւ փակենք միտքը:

Tigris
05.01.2011, 11:18
ԱՄՆ-ի վարչակարգը, Բարակ Օբամյայի գլխաւորութեամբ, կը բողոքէ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին քրիստոնեաներու հանդէպ տեղի ունեցած հալածանքի առթիւ եւ կը պահանջէ հետապնդել եւ պատժել մեղաւորները:
Այս առաւօտ վերոյիշեալ լուրը լսեցի: Զարմանալի բան չկայ:
Կերկրորդեմ`աւելցնելով, որ Խաչակրական արշաւանքներէն ի վեր քրիստոնէից վիճակը վիճակ չէ Արեւելքի մէջ ու ահագին տուն-տեղ-գաւառ-հայրենիք ու հաւատք կորուսին քրիստոնեայք Արեւելքի տարածին, Արեւմուտքի քրիստոնեաներու պատճառով:
Չմոռնալէս, մեղաւորները փնտռելով դատարան յանձնելու գործին օգտեմ, նշելով յարգարժան Բարակին, որ իր կշտին են անոնք, Դիկ Չէնի, Վոլֆովից, Բուշ եւ նման դէմքեր:

Իրողապէս ձեռքերը շփելով կուրախանան անոնք, մտածելով՝ ահա մեր ուզածը եղաւ, միջհամայնքային կռիւներ կըլլան. սուննի-շիի, արաբ-պարսիկ, քրիստոնեայ-մահմեդական: Պաղեստինի խնդիրը յետին կարգ մղուեցաւ:

Tigris
06.01.2011, 18:14
------------------

Tigris
08.01.2011, 21:34
Ամանորեայ տօներուն մոռացայ քաղաքական իրադարձութիւնները: Կարծես չեղան այդպիսիք: Առանց քաղաքականութեան, առանց դորանց մասին զրուցելու կարելի եղաւ մեկ շաբաթ անցանել:

Արդեօ՞ք ընդհանրապէս քաղաքականութեան մասին զրուցելն ու հետաքրքրուիլը անցեալին պատկանող զբաղում է իմ համար այլեւս:

Արդեօ՞ք մինչ այժմ գրածս ու մտածածս եթէ չլինէին առօրեայիս մաս, ընթերցողի ուշադրութեան առարկայ, մենք այսօր նուազ երջանիկ ու նուազ ապահով պիտի լինէինք:

Չգիտեմ: Դադարն այս, այդ երկարատեւ գերքաղաքականացուածութեան հետեւանքն է թւում եւ կարծես միտում չունի աւարտելու: Մտածում եմ՝ հաւատք չունիմ այլեւս քաղաքականութեանը եւ կամ դորա վրայ ազդելու հասարակութեան կարողութեանը:

Օրինակ, ամանորեայ ուղերձն Անհամ խանի չազդեց ինձ: Ալիեւստանի «պատմական տարածքի» մասին նորա «քաջակորով» պատգամն ի՞նչ ազդ է թողում, արդեօք, հասարակ, շարքային ալիեւստանլը քաղաքացու վրայ:
Անկեղծօրէն մաղթեմ, ժողովրդին այդ, քիչ մի ժողովրդավարութիւն, որպէսզի իմանանք Անհամ խանից բացի այլ ալիեւստանցիների կարծիքը՝ եթէ կան այդպիսիք եւ այլոք, ովքեր կրկնօրինակները չեն խանական տան ներկայացուցչի:

Բայց ազդեց՝ կրակոցները սահմանում:

Մեր թաղամասը նոր էր կառուցւում. հողակոյտ ու ամայութիւն էր փողոցի ծայրամասը: Թաղի երեխաները մի շան լակոտ էին առել ու պահել: Լակոտի շուն մայրը ուրախ եւ երջանիկ էր իր լակոտի համար, քանի որ ապահով ձեռերում՝ սնւում էր եւ տաքուկ անկիւն ունէր թաղային շրջապատում: Ամէն տիւ գալիս ու նայում էր իր լակոտի ուրախ խաղերին ու երեխաներով շրջապատուած լինելուն:

Յետոյ լակոտը անհետացաւ: Չգիտեմ ո՛ւր տարին կամ ի՛նչ եղաւ նրան: Մայր շունն ամէն գիշեր կաղկանձում էր մեր շէնքի շէմին՝ ողբալով իր ձագի անհետացումը: Ցերեկները չէր համարձակում գալ եւ իր բողոքն արձանագրել մեր շէնքի երեխաների ատեանում: Գիշեր ժամանակ էր արթնանում նրա վիշտը. լակոտակորոյս մայր շուն լինելու զգացումը: Քունը չէր գալիս:
Կատաղած էր վշտից իւր:
Մի քանի ամիս հանդուրժեցինք, բոլորս, կաղկանձներն իւրոյ, զի հասկանում էինք կորուստի եւ ցաւի մեծութիւնը:
Յետոյ բոլորիս գիշերային անդորրի խանգարումը մղձաւանջի վերածուեց եւ մենք էլ շան նման անհագստացանք՝ ո՛չ թէ լակոտի անհետացման համար, այլ՝ հանգստի խանգարումի համար:

Մի օր էլ կրակոցի ձայն լսեցինք եւ մայր շունը (որին քած անունը տալ չեմ ուզում, զի անունն այդ ուրիշ իմաստ է ստացել) անօրինակ ոռնալով հեռացաւ: Շէնքի դրացին գնդացիրով կրակեց խեղճին, որն իր ցաւից մոռացաւ լակոտն ու դժբախտութիւնը. հեռացաւ վերջնականապէս, կամ սատակեց մի խուլ անկիւնում:

Կարծում եմ այդ քածը՝ բառի նախնական իմաստով, աւելի ազնիւ է իր վշտի ու բողոքի մէջ, քան Անհամ խան Ալի օղլին: Վերջինս չի կորցրել մի բան, որ իւրեան է պատկանել կամ ի՛նքն է ծնել: Նա պոլիտիկա է անում, ուստի՝ մարդկային սիրտս չի վշտակցում իրեն:

Tigris
10.01.2011, 13:46
Երէկ դիտում էի մի հաղորդում, արաբական կայանի, որում հրաւիրուել էր սուդանցի քաղաքագէտ:
Զարմանում ես նրանց ի տես: Հաշտ են կատարուածի հետ եւ իրար օգնում են կարծես, այլեւս, հիւսիսցիներն ու հարաւցիները, որպէսզի բաժանումը լինի բարեկամական, խաղաղ եւ ապագայի սերտ գործակցութեան համար ճամբայ հարթող:

Այս խնդրի մասնագէտը չեմ: Չեմ կարող ասել՝ որքանով են անկեղծ:

Հիւրը ծիծաղում էր Ջորջ Կլունիի վրայ, ասելով որ Հարաւում նա անծաօթ է, իսկ հիւսիսցիները՝ Ամերիկայից աւելի լաւ գիտեն Հարաւն ու հարաւցիները:

Հիւսիսի բնակիչները նուբիացիի եւ արաբի խառնուրդ են ընդհարապէս եւ համեմատաբար բաց գոյնի մաշկով, մինչ հարաւցիները մաքուր սեւամորթ են, սեաւն ածխագոյն: Հիւսիսցիները մահմեդական են, հարաւցիները՝ քրիստոնեայ եւ հեթանոս:

Ինձ թւում է, որ եթէ արաբները միակամ եւ ուժեղ լինէին, խաղաղութեամբ տեղի չէր ունենայ Սուդանի մասնատումը: Վաղուց բաժանուել է արդէն, բրիտանացիների գրիչով գծուած երկիրը, եւ մարդիկ խաղաղութիւն են տենչում:

Ինձ զարմացրեց, շատ, զրուցավարի հարցին տրուած պատասխանը, որ միանշանակ չէր, կարելի է հասկանալ մի քանի իմաստով: Այն հարցին, թէ, 70 մահմեդական կրօնաւոր, արաբ եւ ոչ-արաբ, կոնդակի(ֆաթուա) տակ ստորագրել են, որ՝ մահմեդականի համար խստիւ արգելւում է Հարաւի հետ առեւտուր անել,- հիւսիսցի մահմեդական քաղաքագէտը պատասխանեց հետեւեալը.

– Երբ որ արաբ մահմեդական բանակները գրաւեցին Եգիպտոսը, մեր քրիստոնեայ նախահայրերը՝ նուբիացիները խստօրէն պաշտպանեցին հայրենիքը, ինչպէս գիտէք Նուբիան քրիստոնեայ թագաւորութիւն էր: Մահմեդական նուաճողները («բացողները») չկարողացան նուաճել երկիրը, արձանագրուած էլ կայ, մահմեդական մատեաններում, որ նուբիացիք վարպետ նետաձիգներ են եղել: Յետոյ խելամտօրէն խաղաղութեան դաշինք կնքեցին նուբիացիների հետ, նշելով՝ ազատ առեւտուրի եւ փոխադրութեան մասին պայմաններ: Ու այսպէս, ժամանակի ընթացքին, բաց սահմաններով, խառն ամուսնութիւնով՝ որ միայն մայրերի առնչութեամբ է, մահմեդականութիւնն ու արաբերէնը տարածուեցին եւ երկիրը արաբացաւ եւ մենք եղանք: Հիմա, Հարաւի հետ խաղաղ գոյակցութեամբ մի գուցէ նոյնը պատահի, ինչ արել են իմաստուն արաբ նուաճողները՝ ժամանակի ընթացքում Հարաւը կը փոխուի ու կդառնայ մահմեդական: Թերեւս քիչերի գիտեն, որ Եթովպիայի բնակչութեան 50 տոկոսը մահմեդական է:

Մի կողմից պատմական ճշմարտութիւնն է ճօճում, միւս կողմից շոյում մահմեդականների վիրաւորուած ինքնասիրութիւնը եւ յոյս ներնչում, հնից օրինակ բերելով եւ ապագայի հանդէպ վստահութիւն սերմանելով:
Ինչպէս որ մենք ուրախ ենք մեր Հայք երկիրը «նուաճող» քրիստոնէութեամբ, նմանապէս նա ուրախ կը թւար իր երկիրը նուաճող մահմեդականութեամբ: Ուրախ չասեմ, քաղաքագէտները ուրախ կամ տխուր չեն լինում դատելիս, պարզապէս նշում են փաստերը ու վերլուծում:

Տարիներ առաջ մի գրութիւն եմ կարդացել բեյրութեան «Ազդակ» օրաթերթում: Գրողը այցելել է հարաւային Եգիպտոս (Սուդան միացեալ երկրի հիւսիւսային հարեւանը), ուր զարմանքով հանդիպել է հայոց եռագոյնը ծածանող մի առագաստանաւի: Նաւավարը եգիպտոսի քաղաքացի նուբիացի է, քրիստոնեայ, եւ եռագոյնն է ծածանել հայերի եւ նուբիացիների միջեւ քաղաքակրթական եւ պատմական նմանաութիւնը նկատելու պատճառով: Նեղոսի վրայ, Ասուանի ջրամբարտակի կառուցումից յետոյ բազմաթիւ նուբիացիներ գաղթական են դարձել, շատեր էլ մերժելով հեռանալ տներից պապենական, տան մէջ մնալով խեղդուել են...եթէ հաւատանք նաւավարին:

Գազով հարուստ Հարաւային Սուդանին ամերիկացում է սպասում: Բոլոր ղեկավարները ամերիկեան գլխարկ եւ զգեստ են հագնում. Եկեղեցին ամերիկեան է, օգնութիւնն ու պաշտպանութիւնը՝ եւս:
Հիւսիսային Սուդանը, ըստ իս, փորձում է նախկին սխալները ճշտել՝ սիրաշահելով հարաւցիները, որպէսզի ամերիկացման ընթացքը դադարի: Փրկել՝ ի՛նչ կարելի է փրկել:

Tigris
18.01.2011, 19:47
Հայկական պետականութեան ստեղծումից ի վեր հայրենաբաղձ հայը դէմ հանդիման է գտնւել «արի՛ տուն»-ին եւ «գնա՛ էստեղից»-ին: Եւ հարիւր հազարաւորներ խարխափել են գալու եւ գնալու ճանապարհներում եւ կորցրել են միամիտ հայրենասիրութիւնն իրենց (խօսքս անպայմանօրէն ողբացեալին չի վերաբերում):


Սոյն (http://www.dnforum.am/showthread.php/5785-Օհան-Դուրեան?p=16071&viewfull=1#post16071) գրառումս մէջբերել եմ Խորհրդային քարոզչական մի հրատարակութիւնից, որում միշտ սփիւռքահայերն իրենց երջանկութիւնն ու զարգացումը գտնում են Խորհրդային Հայաստանի մէջ:


Նրանից մեկը, ներգաղթած ազգականը իմ, սրտաբան, փախուստ տուեց դեռ Խորհրդային վարչակարգի տարիներին: Ծնողացս բոլոր հայրենադարձ ազգականները գաղթեցին ԱՄՆ:


Չեմ ուզում հայը ովկեանից այն կողմ անցնի: «Վախենալիք» բան է Հայկական Լեռնաշխարհից այդքան հեռու լինելը:


Չգիտեմ: Ուզում եմ ջնջել վերի հինգ-վեց տողերս... Ի՛նչը սխալ է, ի՛նչը ճիշտ է. ես էլ չգիտեմ այլեւս:
Ո՞վ է մեղաւոր– տարաբախտ պայմանների հանրագումարը ամբողջովին:


Մեկ էլ մտածում եմ. ես մի աւազի հատիկ այս անապատում, իմ մտատանջուելը կամ չմտատանջուելը ի՛նչ է փոխելու. ի զուր չե՞ն լացակումած՝ ողբաձայն երգերը մեր:
Թուրքին հայհոյեմ-չհայհոյեմ, հայհոյեմ-չհայհոյեմ... ո՞ւմ պարսաւեմ:


Յիսուս ասաց. «Մի դատիր, որ Տէրն էլ քեզ չդատէ»: Իսկ եթէ Տիրոջ դատաստանի ահը չլինէր, պիտի դատէի՞նք մեր եղբայրներին: Իրաւունք ունե՞նք ամէն պահ ու ամէն առթիւ դատաւորի սքեմ հագնել:


Կարդում են, Հ1-ից, սրտի խորքից խօսքը... մարդը մեղաւոր է ճանաչում ինքնիրեն եւ ամէն օր նոր մեղքեր է բարդւում,- ասում է Նա: Սա ոչ թէ ահաւոր մեղանչումների հետեւանք է, կարծում եմ, այլ՝ խղճի, ազնւութեան հետեւանք: Ամենաչնչինը, ամենամարդկայինը մեղք է համարում եւ տառապում, որով նա մեծանում է մեր աչքին եւ սրբանում:


Ամէն մարդ ինք իր անձի մեծագոյն «ոստիկանն» ու մեծագոյն «դատաւորն» է... ու նա իր անձի հետ անպայման անկեղծ է, քանի որ նոյնիսկ եթէ ուրիշներին խաբելը հանդուրժում է, իր անձը խաբել չի հանդուրժում: «Գոնէ ինքս ինձ չխաբեմ»- մտածում է նա, եւ իր կատարած անիրաւութեամբ տանջւում է: Որքա՛ն ազնիւ հոգի ունենայ, այդքան ինքնադատաստանը ահեղ կլինի:


Մարդն այսպէս է:
Մի քանի օր առաջ մեր նորագիրներից մեկը մի քանի օր առաջ հետաքրքիր մի թեմա էր ստեղծել, այն, որ քննարկումներում հարցերն առաջադրւում են առանց լուծման «բանալիներ» գտնելու: Ես էլ նոյնը արեցի. «չգիտեմ» ասելով, ընթերցողը շփոթի մատնելով: Հիմա կասեմ լուծումը:
Եղէ՛ք բարի, ազնիւ, խելօք, շինարար, ճաշակաւոր, բարեկիրթ, եղբայրասէր եւայլն: Ձմեռպապիական հնչեց, բայց այս է:
Բայց մի՛ եղէք խեղճ, մի՛ եղէք ստրուկ: Իմացէք զանազանել՝ հայրենիքի եւ անհատների շահերը, կուսակցութիւնների հետապնդած նպատակների եւ կուսակցապետերի շահերը:
Հայրենասիրութիւնը մի շահագործէք ձեր եւ ուրիշների անձնական նպատակների եւ փառքի իրականացման համար:
Եւ այս ամէնը մտորելուց յետոյ մի մեղսունակ միտք է ծագում. Արդեօ՞ք ՀՀ հայերի հայրենիքն է:
Աշխատենք այդ ուղղութեամբ:
Հայաստանաբնակ հայը տեսնում է իր աչքի առաջ իր երեխաների խաղավայրը, բնակչութեան այգին հատում ու գլուխտար շէնք են կառուցում: Սա հայրենասիրութի՞ւն է:
Ինչո՞ւ ամէն մարդ Երեւանում է ուզում բնակել: Անցեալ օր տեղեկացայ, որ Վայոց Ձորում Արատես անունով մի բնակավայր կայ, հրաշալի բնութեամբ, սակայն գիւղը ամայանում է, ամայացել է, երիտասարդները հեռացել են անգործութեան պատճառով: Հայրենասիրութիւն է այդտեղ կառուցել էլիտարը, թող սփիւռքահայերը այդտեղ բանակեն, թող հայրենի կառավարութիւնը այդտեղ ներդրում անէ, թող կառավարութիւնը իր վարչական շէնքերը Երեւանից փոխադրէ շրջաններ: Այս ձեւով մեր սիրելի երեւանցիներն էլ կհանգստանան դրսի հայերից (լսում-տեսնում եմ ելոյթ ունեցողները), կալուածների (չշարժող գոյքի) գներն էլ կանկենան եւ թէ երեւանցի երիտասարդը կկարողանայ (թերեւս) հայրենի քաղաքում ապրել, տուն-տեղ ունենալ:
Շրջանները երեւանացնել:
Ամերիկահայը, աւստրալահայը իրենց ազգականներին կէսօրուայ ճաշի հիւր գնալու համար քշում են 2,5 ժամ, իսկ Հայաստանում ամէն ինչ ուզում են իրենց քթի, ձեռքի տակ լինի:
Դե մեղաւորը սփիւռքահայն էլ չէ, մարդը տեսնում է ապրելու շնորհալի տեղ՝ Երեւանն է: Այս առթիւ ուրախալի է որ նախաձեռնութիւն առնում են նրանք, սփիւռքահայերը, եւ շրջաններում կառուցում են հիւրանոցներ, թաղամասեր, առանձնատուներ ու այգիներ:
Արի տունը չի իրագործւում: Հայը գնում է արտասահման. թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութներից եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնից: Եւ ամենամեծ տուժողը լինում են. Ազգը, Լեզուն, մշակոյթը, Հայ Ընտանիքը:
Ինչո՞ւ է այսպէս լինում: «Չգիտեմ»: Մեղաւորը(ները) թող իրենց իրենց խարազանեն, թող տանջուեն, սրտի խորքով ապաշխարեն ու մեղայի գան:


Թուրքերի մասին չեմ գրում, չգիտեմ ի՛նչ է թուրք: Չեմ տեսնում նրանց: Նրանք չկան իմ տեսադաշտում: Ես թրքերէն չեմ լսում, թուրք ղոչբաշիների տրտռոցները չեմ ունկնդրում, չեմ հասկանում նրանց ասածը, չգիտեմ ի՛նչ է թուրք: Ես փոխուել եմ սրա կապակցութեամբ:
Որովհետեւ եթէ լսեմ, շատ վատ պիտի զգամ ու նրանց նման պիտի վատանամ: Իսկ իմ վատութիւնը շատ վատ է. թէ ինձ եւ թէ թուրքի համար:
Խաղաղութիւնը արժէք է եւ լինելով փոքրաքանակ ու ցրիւ եկած ժողովուրդ, պարտաւոր ենք կարելի եղածին չափ պահել աշխարհի խաղաղութիւնը, որի համար պէտք է իշխենք աշխարհին... գոնէ մեր խօսքով:
Հայը, որ վճռել է հայ լինել, մեկ է ազգութեամբ ու ազգային շահով՝ աշխարհի որ անկիւնումն էլ լինի:
Հայի հանդէպ արուած ոտնձգութիւն եւ կամ վիրաւորանք, մանաւանդ ցեղասպանից, վատոգի արարք է իւրաքանչիւրիս հանդէպ. ով հայ է համարում իրեն:
Ամէն անգամ որ յիշում եմ, փորձում եմ մոռանալ: Որովհետեւ չափազանց վատ զգացում է իմանալ, յիշել եւ ոչինչ չանել: Պարզապէս յիշելը, բրդուճներից ճանաչում աղերսելը չի ամոքում:


«Հայը մեկ է»- ասացի, բայց հայը չի խօսում հայի հետ: Ռուսախօսներերը չեն խօսում անգլախօսների հետ, սպանախօսները չեն խօսում ֆրանսախօսների հետ, եւ բոլորը միասին չեն խօսում հայախօսների հետ: Մեր գաղափարները մնացել են այնտեղ, երբ բոլորս միասին էինք ու խօսում իրար հետ երկրում: Առանձին՝ գաղափարական, աշխարհաճանաչողական, քաղաքական եւ ազգային զարգացումներ են ապրում հայերը: Դրա համար մեզ քիչ բան է միաւորում այլեւս. Հայոց Մեծ Եղեռն, Խաչքար ու Պատմական Հայրենիք: Սրանք որքան էլ մեծ արժէքներ լինեն, դրանց հասնելու եւ դրանցով միանալու համար քիչ բան է հետամուտ լինել նշածներիս եւ սահմափակուել դրանցով:
Մենք մի լեզու չենք խօսում: Մի լեզու չխօսելով՝ իրարից հեռանում ենք: Հեռացումը լինում է դանդաղ, կրեայական, որի պատճառով զգալի չի լինում:
Հայկական լեռնաշխարհը նուաճողը յաղթել մեզ՝ այս մեր պարտութիւնով: Մենք յաղթուել ենք եւ ողբերգականը նա է, որ չենք անդրադառնում մեր պարտութեանը: Լեզուն, մշակոյթը, ինչո՛ւ չէ՝ նաեւ ազգային հպարտոութիւնը կորցնելով մենք պարտուել ենք:
Տգեղ բան է ազգայնամոլ լինելը: Շատ տգեղ: Բայց մենք ոչ միայն ազգայնամոլ չենք, այլեւ ազգասէր չենք:
Մենք ինչպէս ապագայ պիտի կերտենք միացեալ հայութեան համար երբոր իրար հետ չենք զրուցում: Չենք զրուցում, քանի որ տարբեր լեզւոներ ենք խօսում, այդ լեզուները խօսող ժողովուրդների հոգսերով, մշակոյթով, աշխարհհայեացքով ու ապագայով ենք ապրում: Հայերէ՞ն, ի՛նչ հայերէն:


Մեկ ալ կըսեն- Ի՞նչ կըլլայ: Բան մըն ալ չըլլար: Խնդիրը հոն է, որ բան մը չըլլար. ինչպէս փոշի, կուլ կերթանք փոշեկուլին եւ կդառնանք ինտերնացիոնալ ազգութիւն- բայց արաբախօս, տաճկախօս, ֆրանսախօս, անգլիախօս, ռսախօս, սպանախօս, բայց ոչ հայախօս-հայ:


Երբ հայերէն գրել-կարդալ չես գիտեր ու չես սիրեր իմ սփիւռքահայ եղբայր ու քոյր, երբ հայոց այբուբենով չես գրեր իմ սփիւռքահայ ընկեր, մնացած բոլոր ազգասիրական ու հայրենասիրական՝ նոյնիսկ կրօնասիրական գործերդ պարապ ու անիմաստ ու անարժէք են: Անիմաստ է ազգասիրական երգը, երբ կը գրես լատինատառ: Անիմաստ է Նժդեհ դաւանիլը, երբ կը ծուլանաս գրել մեսրոպատառ:


Հայերէնը կիրակնօրեայ՝ երկու-ժամուայ դպրոցի լեզու պէտք չէ ըլլայ: Տան մէջ հայերէն կը խօսինք, կըսուի: Իսկ ո՞վ տան մէջ կը մնայ հիմայ այլեւս, առաջուայ պէս, ժամերով, ու կը հաղորդակցի իր տնեկիցներուն հետ: Տան մէջ հայերէն խօսիլն ալ չի բաւեր, հեռատեսիլը, համակարգիչը, դպրոցն ու գիրքը, գիրքն ու պարբերաթերթը, պարբերաթերթն ու թերթը, թերթն ու լրատուամիջոցը եթէ հայերէն չըլլան, հայագիր չըլլան, երկու սերունդ յետոյ հայ չի մնար: Առանց լեզուի չկայ ազգութիւն: Առաջնահերթութիւնը հայերէնին պէտք է տրուի եւ «արի տուն» (այսինքն՝ տուն ե՛կ) ըսող հայրենի պետութիւնը չի կրնար երկդիմի ըլլալ իր կոչման մէջ:
Վերստին պէտք է արժեւորուի հայերէնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի մէջ. այս իմաստով յեղափոխութիւն պէտք է իրականանայ մեր մտածելակերպին մէջ, քանի որ ապագայի անկախ եւ ազատ Հայաստանը՝ բոլոր հայերու հաւաքատեղին ու հայրենիքն ինքը պիտի ըլլայ հայերէնի քարոզիչը:
Դպրոցով չէ միայն, այլեւ արժեւորումով: Եթէ դու յարգանք չունիս մայրենի հայերէնի հանդէպ, թէկուզ լաւագոյն հայախօս դպրոցը բանաս, միեւնոյնն է, երեխան առանց սիրելու պիտի յաճախէ:
Երեխան ինքնըստինքեան պիտի սիրէ հայերէնը, առանց դպրոցի էլիտար կամ վարիտար լինելուն: Հայերէնի ուսուցիչը՝ նախ Մարդ պիտի ըլլայ, որպէսզի իր մարդկայնութեամբ լեզուն եւ դասանիւթը սիրցնէ երեխայ, պատանի ու երիտասարդ ուսանողին: Մեր լեզուն միայն լեզու չէ, դատ է, պատմութիւն է, հայրենիք է, մշակոյթ է, աղօթք ու եկեղեցի է, օրօր ու պատարագ է, ապագայ ու անցեալ է, ազատամարտ ու հերուսական կռիւ է, դիւցազներգութիւն եւ արարչագործութիւն է:
Ո՞վ պիտի արժեւորէ հայերէնը եթէ ոչ պետութիւնը՝ հովանաւորելով լաւագոյն երգը, որ կը հնչէ հայերէն, կառուցելով գեղեցկագոյն շէնքը, որու որմին է հայերէնը, քաջալերելով աստղագէտը, որն իր գիտական յօդուածը կը գրէ հայերէն, խօսելով լաւագոյն խօսքը, որ հայերէն է, զարգացնելով գիտութիւն, մշակոյթ, արուեստ, որոնք հայերէն են:



Տ.

Tigris
21.01.2011, 01:31
Քիչ առաջ «Շանթ»-ից ցուցադրում էին նահատակ Հրանտ Դինքի մասին բացառիկ հաղորդում, մասնակցութեամբ՝ հեռուստակայանի սփիւռքեան գործընկերների:

Դեռ երէկ, նոյն հեռուստակայանի մի ուրիշ հաղորդման ընթացքում, խօսք եղաւ Հրանտի քրդախօս լինելու մասին: Պոլսահայ լրագրողը ուղղեց եւ ասաց թէ Հրանտ մալաթիացի է եւ այդ քաղաքը թրքախօս է: Մալաթիան Արեւմտեան Հայաստանի արեւմուտքում է, ուր այժմ բնակչութեան մեծամասնութիւնը թուրք է: Մալաթիան այն քաղաքներից է, որտեղ հայկական փոքրաթիւ համայնք է եղել հանրապետութեան տարիներին:

Նորից խօսք եղաւ այսօրուայ հաղորդման ընթացքում, իբր Հրանտ քրդախօս ընտանիքից է եղել:

Անշուշտ քրդախօս լինել որեւէ անձ չի նուաստացնում, սակայն ինչո՛ւ ճիշտը չասել:

Հրանտ չի՛ եղել այն ընտանիքներից, ովքեր մոռացել են ազգութիւն ու կրօն: Հրանտ ծնւել է քրիստոնեայ հայի ընտանիքում: Նա իր անունը՝ Հրանտ, ստացել է իր ծնողներից:

Լոս Անջելեսի գործընկեր՝ պարոն Յափունջեանը առնուազն երկու անգամ նրան շփոթեց Անդրէ Դանիքի հետ: (Եթէ սխալ եմ լսել. թող ներուի ինձ)

Անդրէ Դանիքը ամերիկահայ (ծագումով կարծեմ պարսկահայ) երգիչ է:

Ես թերեւս 30 թէ յիսուն անգամ Հրանտին լսել եմ թրքական հեռուստահաղորդումներում: Նա մասնակցել է բազմաթիւ «կլոր սեղանների», քննարկումների ու հարցազրոյցների: Տեսնել է պէտք՝ նրա վագրի պէս պաշտպանելը. իր գաղափարների եւ հայութեան հետ պատահածի ճշմարտացիութեան մասին: Նա լռեցնում էր ընդդիմախօսներին իր դիպուկ բնորոշումներով: Յատկապէս շատ էր ասում երբ բանավէճը թւի ու դէպքերի մանրամասնութեան մասին էր ընթանում, թէ՝ «նոյնիսկ ոսկեպատ օդանաւերով էլ փոխադրէին հայերը դէպի այլ վայրեր, նորից մեծ յանցանք է կատարուածը՝ տարածքում 4 հազարամեայ անցեալ ունեցող մարդկանց պոկել եւ փոխադրելը»:

Ասել ուզում էր՝ սպիտակ ցեղասպանութիւնն էլ նոյնքան յանցանք է. չկառչել ոճիրի մեղմացման կախիչներից՝ սին ու փուճ արդարացումներով:

Հրանտի մասնակացած այդ քննարկումներից մեկն ու մեկը թէ թարգմանուէր ու հայ հասարակութեան հրամցուէր, հաւանաբար շատ աւելի բան ասուած պիտի լինէր մասին Հրանտի, քան.... չգիտեմ ինչ:

Սա էլ ասեմ՝ իմ Հայ Դատի պաշտպան իմ լաւ ընկերներիս, ովքեր հիմա Հրանտի մասին են խօսում: Նա նախընտրում էր հարցը լուծել Թուրքիայում՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդների միջեւ:

Հրանտը Թուրքիան համարում էր իր հայրենիքը, այսինքն իր Հայաստանը: Ա՛յդ Հայաստանի համար ուզում էր Թուրքիայի բարեփոխուելը: Բարեփոխուելը, եւ ոչ թէ քանդուելը:

Հրանտի մասին խօսողների մեծ մասը, նրա յիշատակին մոմ վառողների մեծ մասը նրան լաւապէս չի ճանաչում:

Ահա թէ ինչու այսքան թուրքեր, քրդեր եւ զազաներ նրան յուղարկաւորեցին:

Tigris
21.01.2011, 14:13
(Աւելի լաւ կլինէր գրէի .«Հայութեան հետ կատարուածի իրողութիւնը»)

Հրանտը բողոքում էր Թուրքիայի ազգային քաղաքականութիւնից եւ չէր ընդունում իր ինքնութեան խլումը: Ինչպէս գիտենք, Թուրքիայում ընդունուած է իւրաքանչիւր քաղաքացի թուրք համարել- «Ի՜նչ երջանիկ եմ, քանի որ թուրք եմ» լոզունգը հանրապետութեան հիմնադիր Մուստեֆա Քեմալի գաղափարն է:
Հրանտը միշտ ասում էր, թէ ինք թուրքիացի ՀԱՅ է, երբ իրեն մեղադրանքի նման հարց էին տալիս՝ ասել ուզելով՝ որ նա հրաժարած է՝ դաւաճանած է պետական պաշտօնական քաղաքականութեամբ թուրք լինելուն:
Այդ ժամանակ այդպէս էր: Մարդիկ դժուարաւ էին արտասանում ոչ-թուրք մի ազգութեան պատկանելը. ամէն ոք, որ ծնւում էր այդ տարածքում, ծնած պահից թուրք էր ծնւում: Եւ թուրք լինելը չէր նմանւում ամերիկացի կամ շվեդացի լինելուն՝ երկրներ, որտեղ մարդը ազատօրէն ու ինքուրոյն կարող է ընտրել իր ինքնութիւնը, որտեղ քաղաքացիութիւնն ու ազգութիւնը անպայմանօրէն չեն նոյնացուել:
Թուրքիայում թուրք լինել՝ ազգութեամ ոչ-թուրքը՝ նշանակում է բռնանալ մտքի, հոգու, խղճի եւ արդարութեան վրայ. ահա թէ ինչպէս մարքսիստը դարձաւ ազգային ինքնութեան ազատ ընտրութիւնը կանչող բանբեր:

Բայց ի տարբերութիւն շատ հայերի, որոնք չեն ապրում Թուրքիայում, չունեն անտ ազգականներ եւ տնտեսական շահեր, հետեւաբար՝ մի գուցէ, ցանկանում են տեսնել այդ երկիրը բզկտուած, քանդուած, Հրանտը չէր ցանկանում դա, քանի գտնւում էր նոյն նաւի մէջ, նստած էր նոյն ճիւղի վրայ, կապուած էր նոյն բաներից, ինչից թուրքերը:
Եւ այսպէս, մենք, հայերս, ապրելով տարբեր երկրներում, ուզենք թէ չուզենք բաժնեկցում ենք մեր գտնուած երկրների քաղաքական շահերը:

Այսպիսի մի հայ, որպիսին էր խաղաղասէր Հրանտը, աչքի փուշ դարձաւ թուրքին, քանի որ ասաց թէ թուրքի արիւնը թունաւորուած է (այլատեացութեամբ):
Կարծում եմ որ նոյն բանը կասէր (եւ ասաց՝ երբ նրան սպառնացին), որ հայն էլ թունաւորուած է թուրքատեացութեամբ, բայց հազիւ թէ որեւէ հայի մտքից անցներ նրան սպանելը:

Թուրքիայի շահի՞ն է թէ՞ վնասին էր նրա սպանութիւնը,– հարցին, պէտք չէ ինչ որ ոստիկանական, կոմիսեր-բարեթթայական մտորումների մէջ ընկնել:
Իսկ ո՞վ ասաց, որ Թուրքիայի ազգայնամոլների արածները Թուրքիայի շահի համար են եղել միշտ:
Օրինակ՝ երիտ-թուրքերի արկածախնդիր պատերազմասիրութիւնը պատճառ հանդիսացաւ Օսմանեան Կայսրութեան փլուզման. նրա տարածքի ու բնակչութեան մեծամասնութեան՝ ուրիշների տնօրինութեան անցնման:

Հրանտ աւետարանչական չէր, նա Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ զաւակ էր, սակայն յուղարկաւորուեց, ինչպէս տեսանք, որպէս Առաքելական Հայ: Նրա բերանից երբեւէ չեմ լսել կրօնական թեմայով խօսք, կամ կրօնական զգացումների արտայայտում. թէեւ ստացել էր հաւատացեալի դաստիարակութիւն: Նա աշխարհիկ էր:

Հիմա, այս ամէնը հասկանալուց յետոյ, եթէ քիչ-շատ հասկացանք նրան... յարգենք նրա յիշատակը, այլապէս չկարծենք թէ նա մեր մարդն էր: Նա իր մարդն էր, իր անձի տէրն էր:
Նրան մի անգամ հարցրեց հայ լրագրողը, թէ՝ չի՞ ուզում Հայաստանի Հանրապետութիւնում բնակուել եւ ազատուել թուրքերի հալածանքից:
Նա մօտաւորապէս սապէս պատասխանեց. «Այստեղ մի տեսակ հալածանք, այնտեղ մի տեսակ հալածանք...»
Նրա կնոջ ընտանիքը, վարդոցիները ներգաղթել են Խորհրդային Հայաստան, եւ այնտեղ աքսորականի նման փակ, ազերի-թուրք զինւոր-պահակի հսկողութեամբ ապրել են ճամբարում: Յետոյ վերադարձել են Թուրքիա, յետոյ Եւրոպա: Այսինքն՝ բացայայտ հայ չդարձած ապրում էին պապենական երկրում, իսկ բացայայտ հայանալուց յետոյ ստիպուած եղան ապրել որեւէ տեղ, բացի Արեւմտեան Հայաստանից:
Այլ խօսքով՝ հայեր փրկելը նաեւ հայաթափում է Արեւմտեան Հայաստանը, քանզի արգելուած է այնտեղ հայօրէն ապրել: Հակասական իրավիճակ է:
Մանրամասն տե՛ս «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը» թեմայի վերջում արձանագրածս:

Հրանտին աւելի են ճանաչում նրա թուրք եւ թուրքիացի ընկերները, քան աշխարհի հայերը, քանի որ վերջիններս նրան ճանաչեցին ահաբեկիչի արձակած գնդակներից յետոյ, իսկ թուրք ընկերները մինչ այդ հասցրել էին նրան ճանաչել, տարիներից իվեր, քանի որ նա թուրքիացի էր, ապրում էր Թուրքիայում եւ իր ապագան ու բախտը կապել էր Թուրքիային:

Tigris
22.01.2011, 18:06
Նիւթ թէ չգտնամ գրելու, կերթամ «աղբանոց». հարկաւ բան մը կը գտնեմ որ արժանի է դեռ ապրելու: Եւ կը գտնեմ, կէս կեանքը ապրած բան մը, որ այդքան ալ արժանի չէ թափուելու:

Ահա այդպիսի նիւթ մըն է մեր ամերիկասիրութիւնը: Ինչո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ սիրեցինք Ամերիկան:

Փոքր տարիքէն Ամերիկան «սիրեցինք», այո՛, սիրեցինք այդ իմպերիալիստ երկիրը– շնորհիւ իր արուեստին:

Երէ՞կ թէ նախորդող օրը, Մարիա Յովանովիչը կը խօսէր հայ-ամերիկեան մշակութային կապերու մասին, զոր պիտի խթանէ երկու երկիրներու միջեւ տարբեր յարաբերութիւնները:
Այս տիկինը կարծես հայաստանեան մեկ գերատեսչութեան տնօրէնուհին է: Չեմ խրտչիր: Ամէն տեղ է. տեղ մը ծորակ շինուած է, տեղ մը խողովակ եւ Յովանովիչ դեսպանը համեստ-համեստ կանգնած է երկրորդ շարքը:

Իրողապէս ան քաջ գիտէ ամերիկեան մշակոյթի ազդեցութիւնը աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ եւ շատ ալ անոր մասին գովազդելու պէտք չունի, քանի որ առանց իր եւ իր կառավարութեան աշխատանքին ալ աշխարհը կապրի, այլեւ ապրած է, ամերիկեան մշակոյթով:
Յատկապէս կինոն եւ երաժշտութիւնը:

Ամերիկան լաւ գիտէ իր այս յատկութիւնը եւ լաւագոյնս կ’օգտագործէ զայն տարածելու համար իր գաղափարները, ապրելակերպն ու մանաւանդ քաղաքական դաւանանքը:

Այդպիսներէն մեկն է՝ իմ հաւանած դերասաններէն, Andy Garcia դերասանը, որուն խաղը «Մոդիլիանի» անունով ֆիլմին մէջ պատճառ հանդիսացաւ որ աւելի համարում ունենամ անոր հանդէպ, մինչ այդ ինչ ունէի՝ ոստիկանական ֆիլմերով տեսածովս:

Եւ կը տեսնենք. կը զբաղին ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը արդարացնող քարոզչութեան համար... եւ յաճախ արդարացիօրէն:

Այդպիսիներէն մեկն է կուբացի երաժիշտի մը կեանքը ներկայացնող ֆիլմը, որու մէջ վերոյիշեալ դերասանը կը ներկայացնէ երաժիշտ մը, որ հերոս է իր խիզախ դիրքորոշումներով, ազատասէր է, իսկ ուրիշ հերոս մը՝ արգենտինացի յեղափոխականը. կը ներկայացուի որպէս հասարակ աւազակ մը, որ կը տանջէ եւ կը սպանէ բանտարկեալները...

Ո՞ր կողմի հերոսն է իմին հերոսը: Ո՞ր կողմն է ինծի աւելի հարազատ: Ո՞ր կողմն է աւելի ստախօս, կեղծ ու զեղծարար― Չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ. որ կուբացիները դեռ կապրին փերուշանության մէջ, ուր դեռ ամենավերջին մոդել կառքը 55 թւականի Շեվրոլեթն է...

Ու լաւ գիտեմ՝ բժշկութիւնն ու կենսագիտութիւնը, սիգարագործութիւնն ու շաքարի արդիւնաբերութիւնը բաւականին զարգացած են: Բայց արդեօ՞ք այս ամէնը բաւարար են:

Ո՛չ կոմունիստական ինքնակամ աղքատութեան
Ո՛չ չկշտացող իմպերիալիստական ընչաքաղցութեան

Tigris
24.01.2011, 18:51
Ոմանց լռութիւնը ինձ շատ աւելի բան է ասում, քան այլոց անվերջ քարոզչութիւնը:
Ես էլ աշխատում եմ կարեցածիս չափ լռել, ոչ անպայման մի բան ասելու համար, այլ՝ այլեւս մի բան չասող կրկնութիւն չասելու համար:
Ես իմ կրկնութիւնից սարսափում եմ: Կրկնելով՝ թերեւս ինքս կասկածեմ ասածիս:

Ասում ենք՝ ա՛յս վատ է, այս լաւ: Եկէք շատ չասենք լաւի ու վատի մասին: Լինենք մենք այն ինչ ուզում ենք լինել, ու մարդիկ տեսնելով կճանաչեն չարն ու բարին, լաւն ու վատը: Լինելն աւելի դժար է քան ասելը:
Մեր լինելութիւնն աւելի շատ բան կարող է մարդկանց բան ասել, քան խօսք հնչեցնելը:

Ինչպէս մի ֆիլմ, իր դերասանական եւ այլ կատարողական գերազանցիկ պատկերներով, շատ աւելին կարող է ասել մարդկանց, քան թերթերի ամենօրեայ նոյն ու նման բովանդակութիւնը քարոզչական:

Արուեստն է դա, որ մարդկանց բան է ասում: Մարդիկ կարօտ են գեղեցիկին և հոգեւոր սնունդին:

Ամէն մարդ էլ գիտի ի՛նչն է վատը, ի՛նչն է լաւը: Վատն են կատարում, ու պաշտպանում իրենց ընտրութիւնը, որովհետեւ տուեալ պահին դա են կարողանում անել: Վատն անելը աւելի հեշտ գործ է:

Մի քանի օր առաջ խօսք եղաւ էականի մասին խօսել, մանրուքներով չցրուել:

Դե գիտէ՞ք ինչ ծանրակշիռ պատասխանտւութիւն է՝ Իմանալն էականը:

Այդ որքա՜ն ամբողջական մտածող պիտի լինես՝ ընդհանրական հարցերը միասին, որ կարողանաս էականը գտնել եւ նրա մասին խօսել և տարաձայնել:

Երէկ համբերութիւն ունեցայ մի քիչ ֆիլմ դիտելու, դարձեալ ամերիկեան, ուր իմ նախասիրած դերասաններից Քեվըն Սփեյսի, ստանձնել էր մի հոգեհիւանդի դեր, որ ֆիլմում ներկայանում է իբր այլմոլորակային խելամիտ անձ, որ ուսումնասիրում է Երկիր մոլորակն ու մարդկութիւնը:
Բժիշկն ի վերջոյ կը լուծէ հոգեհիւանդի հիւանդութեան պատճառը.– սարսափելի ոճիր, որին զոհ է եղել հոգեհիւանդի կինն ու փոքրիկ դուստրը:

Հոգեհիւանդը՝ բժշկի հարցին, թէ՝ ինչպէ՞ս է կառավարւում կեանքը ձեր մոլորակում, երբ չկայ օրէնք ու իրաւապահ. մարդիկ ինչպէ՞ս են զանազանում սխալը ճշտից:
- Ամէն մարդ գիտէ ճիշտն ու սխալը, իրաւաբանի կամ դատարանի պէտք չունենք, որ իմանանք:

Մարդու վշտի մեծութիւնը նրան հասցրել է անչափ՝ քրիստոսական, ներողամտութեան, որովհետեւ պատասխանելով բժշկի մեկ այլ հարցին, թէ՝ օրինազանցներին ո՞վ է պատժում, - ասում է, թէ երկիր մոլորակի բնակիչների ոխակալութեանն ու ագահութեանն իտես զարմանում է:

Էականը ի՛նչն է

Շիրին անունով մի եգիպտացի երգչուհի կայ՝ շիրին ձայնով: Մի լաւ, ուրախ երգ ունի պարի տեսահոլովակով: Այդ տարին մարդիկ իրենք իրենց շատ պայթեցնում էին, ուրիշ մարդկանց սպանելու համար: Հայրս, տեսնելով Շիրինի հետ երգող-պարողներին, ասաց .«Ծո այսպէս երգեցէք ու պարեցէք, ձեր կեանքը ապրեցէք...:

Կեանքը ընտրութիւնների շարան է: Ամէն պահ, ամէն րոպէ ընտրութեան առիթ, հնարաւորութիւն եւ պատասխանատւութիւն ունենք, որն աւելի ծանր է, քանի որ ընտրական անվերջ շղթայի մի անյետաձգելի օղակ է, տաղտկալի ու տաժան, քան՝ ինչ-որ քաղաքական պաշտօնի համար արուածը, որի ճշտի ու սխալի պատասխանատւութիւնը կրում ենք հաւաքականօրէն, որ թեթեւ է կշռում մեր ուսերին:

Իւրաքանչիւր բառ, քայլ, ուղի, որ ընտրում ենք, միմիայն մեր պատասխանատւութեամբ ենք կատարում եւ այդպիսով որոշում մեր հետագայ ընթացքը:
Այս որքա՜ն ազատ ենք, ընտրելու մեր հնարաւորութեամբ... միայն թէ տեսնել է պէտք ընտրելիների բազմազանութիւնը. միայն թէ չտարուել է պէտք սովորամոլութեամբ:

Սովորամոլ ենք լինում, երբեմն, երբ չենք սիրում աշխատել եւ աշխատեցնել, եւ միտքն ու նրա աշխատանքը ուղարկում ենք արձակուրդի:

Որքա՜ն սխալւում ենք, երբոր կարծում ենք հասել ենք հասունութեան, փորձառութեան եւ ճշտի ճանաչման:
Երեւի մի քանի մարդու կեանք պէտք է ապրել, նորից ու նորից տեսնել նոյն «ֆիլմը», նորից ու նորից փորձել, որ ճշտին ու գեղեցիկին, արժանիին ու կեանքին կարելի եղածին չափ մօտենալ:

Philosopher
25.01.2011, 19:17
Ոմանց լռութիւնը ինձ շատ աւելի բան է ասում, քան այլոց անվերջ քարոզչութիւնը:
Ես էլ աշխատում եմ կարեցածիս չափ լռել, ոչ անպայման մի բան ասելու համար, այլ՝ այլեւս մի բան չասող կրկնութիւն չասելու համար:
Ես իմ կրկնութիւնից սարսափում եմ: Կրկնելով՝ թերեւս ինքս կասկածեմ ասածիս:

Ասում ենք՝ ա՛յս վատ է, այս լաւ: Եկէք շատ չասենք լաւի ու վատի մասին: Լինենք մենք այն ինչ ուզում ենք լինել, ու մարդիկ տեսնելով կճանաչեն չարն ու բարին, լաւն ու վատը: Լինելն աւելի դժար է քան ասելը:
Մեր լինելութիւնն աւելի շատ բան կարող է մարդկանց բան ասել, քան խօսք հնչեցնելը:

Ինչպէս մի ֆիլմ, իր դերասանական եւ այլ կատարողական գերազանցիկ պատկերներով, շատ աւելին կարող է ասել մարդկանց, քան թերթերի ամենօրեայ նոյն ու նման բովանդակութիւնը քարոզչական:

Արուեստն է դա, որ մարդկանց բան է ասում: Մարդիկ կարօտ են գեղեցիկին և հոգեւոր սնունդին:

Ամէն մարդ էլ գիտի ի՛նչն է վատը, ի՛նչն է լաւը: Վատն են կատարում, ու պաշտպանում իրենց ընտրութիւնը, որովհետեւ տուեալ պահին դա են կարողանում անել: Վատն անելը աւելի հեշտ գործ է:

Մի քանի օր առաջ խօսք եղաւ էականի մասին խօսել, մանրուքներով չցրուել:

Դե գիտէ՞ք ինչ ծանրակշիռ պատասխանտւութիւն է՝ Իմանալն էականը:

Այդ որքա՜ն ամբողջական մտածող պիտի լինես՝ ընդհանրական հարցերը միասին, որ կարողանաս էականը գտնել եւ նրա մասին խօսել և տարաձայնել:

Երէկ համբերութիւն ունեցայ մի քիչ ֆիլմ դիտելու, դարձեալ ամերիկեան, ուր իմ նախասիրած դերասաններից Քեվըն Սփեյսի, ստանձնել էր մի հոգեհիւանդի դեր, որ ֆիլմում ներկայանում է իբր այլմոլորակային խելամիտ անձ, որ ուսումնասիրում է Երկիր մոլորակն ու մարդկութիւնը:
Բժիշկն ի վերջոյ կը լուծէ հոգեհիւանդի հիւանդութեան պատճառը.– սարսափելի ոճիր, որին զոհ է եղել հոգեհիւանդի կինն ու փոքրիկ դուստրը:

Հոգեհիւանդը՝ բժշկի հարցին, թէ՝ ինչպէ՞ս է կառավարւում կեանքը ձեր մոլորակում, երբ չկայ օրէնք ու իրաւապահ. մարդիկ ինչպէ՞ս են զանազանում սխալը ճշտից:
- Ամէն մարդ գիտէ ճիշտն ու սխալը, իրաւաբանի կամ դատարանի պէտք չունենք, որ իմանանք:

Մարդու վշտի մեծութիւնը նրան հասցրել է անչափ՝ քրիստոսական, ներողամտութեան, որովհետեւ պատասխանելով բժշկի մեկ այլ հարցին, թէ՝ օրինազանցներին ո՞վ է պատժում, - ասում է, թէ երկիր մոլորակի բնակիչների ոխակալութեանն ու ագահութեանն իտես զարմանում է:

Էականը ի՛նչն է

Շիրին անունով մի եգիպտացի երգչուհի կայ՝ շիրին ձայնով: Մի լաւ, ուրախ երգ ունի պարի տեսահոլովակով: Այդ տարին մարդիկ իրենք իրենց շատ պայթեցնում էին, ուրիշ մարդկանց սպանելու համար: Հայրս, տեսնելով Շիրինի հետ երգող-պարողներին, ասաց .«Ծո այսպէս երգեցէք ու պարեցէք, ձեր կեանքը ապրեցէք...:

Կեանքը ընտրութիւնների շարան է: Ամէն պահ, ամէն րոպէ ընտրութեան առիթ, հնարաւորութիւն եւ պատասխանատւութիւն ունենք, որն աւելի ծանր է, քանի որ ընտրական անվերջ շղթայի մի անյետաձգելի օղակ է, տաղտկալի ու տաժան, քան՝ ինչ-որ քաղաքական պաշտօնի համար արուածը, որի ճշտի ու սխալի պատասխանատւութիւնը կրում ենք հաւաքականօրէն, որ թեթեւ է կշռում մեր ուսերին:

Իւրաքանչիւր բառ, քայլ, ուղի, որ ընտրում ենք, միմիայն մեր պատասխանատւութեամբ ենք կատարում եւ այդպիսով որոշում մեր հետագայ ընթացքը:
Այս որքա՜ն ազատ ենք, ընտրելու մեր հնարաւորութեամբ... միայն թէ տեսնել է պէտք ընտրելիների բազմազանութիւնը. միայն թէ չտարուել է պէտք սովորամոլութեամբ:

Սովորամոլ ենք լինում, երբեմն, երբ չենք սիրում աշխատել եւ աշխատեցնել, եւ միտքն ու նրա աշխատանքը ուղարկում ենք արձակուրդի:

Որքա՜ն սխալւում ենք, երբոր կարծում ենք հասել ենք հասունութեան, փորձառութեան եւ ճշտի ճանաչման:
Երեւի մի քանի մարդու կեանք պէտք է ապրել, նորից ու նորից տեսնել նոյն «ֆիլմը», նորից ու նորից փորձել, որ ճշտին ու գեղեցիկին, արժանիին ու կեանքին կարելի եղածին չափ մօտենալ:


Երբևէ կարդացածս լավագույն մարդկային մտածումներից: Շնորհակալ եմ, Տիգրիս :)

Tigris
26.01.2011, 17:03
Կապի միջոցներու զարգացումով եւ հասանելիութեամբ՝ համաշխարհայնացումը արագ թափ ստացաւ:
Եւ լաւ եղաւ:
Ճանչցանք աշխարհը, զայն բաղկացնող ժողովուրդներու ստեղծածին, գեղեցիկին ու արուեստին:

Ճանչնալէ ետք, անոր մասը կը դառնաս եւ ան՝ քեզմէ մաս: «Լատինական աշխարհի» երաժշտութիւնը, զոր օրինակ:
Իմ աշխարհի՝ Հայաշխարհի գործը չէ այն, իմ նախնիք չէին ճանչցած զայն: Իմ այդ աշխարհի հետ ծանօթացումս ինծի չփոխեց, սակայն տարածեց թեւերս հորիզոնին...

Ես չտեսի պէս օտարինը տեսնելով չուրացայ իմինս, այն ինչի մէջ՝ որ ես կը փայլիմ իմ տեսակով, բայց տեսայ, թէ ինչէ՛ն զրկուած էին իմ եւ այլոց նախնիները՝ չճանչնալով իրար, աշխարհն ու անոր «գոյները»:

Եւ որքա՜ն լաւ կը տեսնեմ ու կը ջոկեմ սեփականի եւ ազգայինի լաւը՝ իմ սեփական ազգի ստեղծածը՝ տեսնելով ուրիշներու լաւը, որոնցով ենք արդէն:

Որքան կը սիրեմ ես աշխարհը, լաւ մարդոց ստեղծած լաւ բաները: Եւ իմ ազգային լեզուով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց.– Շնորհակալութիւն:

Որքան ճիշտ գնահատենք աշխարհի լաւն ու գեղեցիկը, այնքան աշխարհի մեր երազած երեսը մեզի կը պատկանի: Եւ մենք՝ անոր:

Եւ մեր մշակոյթը, զայն բաղկացնող տարբեր դրսեւորումներով, գեղեցիկի ու նրբաճաշակի այս մթնոլորտին մէջ ստանալով նոր խրախուսանք՝ կ’աճի ու կը ծաղկի. նայելով ու նայելով միւս ծաղիկներուն, եւ բնութենէն առնելով իր գոյնն ու բոյրը, կը յիշէ, որ ի՛նք ալ ծաղիկ է՝ գեղեցկատես ծաղիկներու աշխարհին մաս:
Բոյսը շոյանք կը սպասէ, ինչպէս ապրող ամէն արարած:

Շնորհակալութիւն համաշխարհայնութեան: Ես քու մէջ վտանգ չտեսայ երբէք, քու մէջ թշնամիներ չգտայ երբէք, քանի որ դուն միշտ իմ՝ եւ նախնիներուս հետ էիր, սակայն թեթեւանցիկ, հեռաւոր եւ թերազդեցիկ:

Ես հիմա քո շնորհիւ ոչ միայն չեմ կորսնցուցած ինքնութիւնս, այլեւ գտած եմ ինքնութեանս միւս դէմքերը՝ հայկական եւ ոչ-հայկական:

Գտայ արեւելահայ ազգակիցներս՝ քիչ մըն ալ ամբողջացնելով հայկականութիւնս: Եւ գտայ աշխարհը ու յիշեցի մարդը, որ այնքան նման է մարդուն՝ սիրոյ եւ ատելութեան, նրբանկատութեան եւ կոպտութեան մէջ:

Ծանօթ.
- «Լատինական աշխարհ»-ը փակագիծ մէջ առեր եմ, քանի որ անոր վրայ լատիներէնի եւ Հռոմի Աթոռի ազդեցութեան պատճառով մեկ ընդհանուր բնութագրական կը տրուի մշակութային եւ ազգագրական բազմազանութեամբ հարուստ այդ աշխարհին:

Tigris
26.01.2011, 19:35
Դաւութօղլու, Չաւուշօղլու եւ Լիթվանական Սեյմ


Թուրքիա, ԵԽ եւ ԵԱՀԿ


Մի քանի օր է խօսւում է Արցախի իրավիճակը փոխելու մասին:
Խաղաղութեան համար կոչուած քաղաքական գործիչներն ու տարածքային կազմակերպութիւների խօսնակները չարագուշակ նշաններ են տալիս, որպէս պատերազմի կոչնակներ:
Ո՛վ չգիտէ, որ համեմատական խաղաղութիւն է Հայաստանի այս փոքրիկ անկիւնում, եւ որ հասել է նրան ռազմական եւ քաղաքական հազիւ պահպանած հաւասարակշռութեան շնորհիւ:
Քաղաքական յայտարարութիւնները վերոյիշեալների, նաեւ Սեմնեբիի, եթէ ճիշտ է գրածը թերթի, քաղաքական նեցուկ է հաւասարակշռութեան կշռի նժարներից մեկին, ու յղի է դրա խախտումով, որ բերելու է պատերազմ:
Հարց է ծագում: Արդեօք «Միջազգային ընտանիքը» պատերա՞զմ է ուզում:


Լիթվանացին ասել է, թէ Արցախի փաստացի վիճակը չի կարող այսպէս մնալ, քանի որ բռնի ուժի հետեւանք է:
Հարց եմ տալիս յարգարժանին, լիթվանուհի քաղաքական գործչին, թէ՝ կա՞յ արդեօք մի սահման, երկրի երեսին եւ պետութիւնների միջեւ, որ չի գծուել բռնի ուժին տիրողներից:
Անշուշտ չկայ եւ չի կարող լինել, ուստի վերոյիշեալների ասածները տափակ ու անտեղի կատակից աւելին չեն:
Այո, խախտուել է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը
Այո, ցեղասպանուել եւ արտագաղթել է խախտուած ամբողջականի՝ Հայաստան երկրի բնիկ հայ ժողովուրդը
Այո, նոյն նուաճող ժողովորդներ են դա անողը, ադրբէջանցի դարձած թուրք-թաթարը եւ թուրք դարձած թուրք-օսմանցին:


Այո, Հայաստանի մնացած տարածքը վտանգի ենթակայ է. նոյն թշնամուց, որ իր հասած նորանուաճ դիրքերից աւելի ու աւելին է ուզում:


Այո, մի ուժ կայ որ զսպում է նրան: Ո՞վ է, ի՞նչ է – առանձին մտորենք:

Tigris
27.01.2011, 12:54
Որքան դժուար է անկեղծ լինել. մանաւանդ հանդէպ անձիդ:
Որքան դժուար է տեսնել անտեսանելին, այդպէս թուացողը. մենակ, առանձին:

Ամէն ճշմարտութիւն բարիք չի բերեր,- ասում էր հօրս բարեկամը:
Ո՞ւմ ասել ճշմարտութիւնը, եւ ե՞րբ: Ճշմարտութեան սերմին պատրաստել է պէտք հողը, այլապէս կը փճանայ աւազին մէջ ցամաք:

Երկխօսութիւնը՝ լսելու եւ մտածելու, լռելու եւ խօսելու արուեստն է:
Կեանքը ընկերանալ է: Ընկերութիւն՝ մարմնացած եւ անմարմին հոգիներին եւ մտքերին:
Ընկերութիւնը հասկանալն է:
Կեանքը անվերջ ուսում է եւ անբաւ՝ ուսանելու նրան:
Ես չպիտի հասցնեմ կարդալ գրքերը բոլոր: Վախենամ, նաեւ, որ չպիտի հասկանամ կարդացածիս մի մասը:

Tigris
30.01.2011, 05:56
Գիշերուայ այս ժամին երբ դրսում անձրեւն է տարափում եւ ներսում յոյզերն են իմ տեղում՝ մի բաժակ թեյի եւ երկու գաւաթ սուրճի պատճառո՞վ եմ արթուն, թէ՞՝ ծնունդ չտրուած իմ խենթութիւնն եմ երկնում:
Մտքիս է՝ մեծ զինւորի եւ մեծ իմաստասէրի խօսքը գռեհիկ հայրենասիրութեան մասին. եւ սարսափում եմ թէկուզ մի նշոյլից նրա:
Գուրգուրում եմ– աչքով չտամ: Մեծախօսիկ չլինեմ–շառից հեռու պահեմ:
Ասում է՝
«Ամօթ քեզի, հազար ամօթ
Որ զէնք չունիս քո ձեռքին
Սիրել գիտես, կռւիլ չգիտես
Դու անզգամ երիտասարդ»
Մինչ այդ սիրողը գիտէ կռւել. այդ ի՜նչ սէր է՝ թողնել սիրած անձերը՝ ընտանիք, զաւակներ, հանգիստ կեանք եւ գնալ, գնալ, գնալ...
Աւելի մեծ սէրին, աւելի՜, ինքնամոռաց, խենթի պէս, ինքնազոհաբերում....Բոլորին, Բոլորին, բոլորի համար, ծանօթին ու անծանօթին, հնին ու նորին, գրին ու քարին:
Երէկ երգում էին... ես էլ երգեցի... երգեցի ազատութիւնը, երգեցի մեր «ո՛չ» ասելու խիզախութիւնը, երգեցի մեր հպարտութիւնը, երգեցի մեր լինելութիւնը, երգեցի մեր Ոգին, որ ստրուկ չէ, որ վիզ ծռող չէ, որ մարտիկ է:


Ինձ չեմ արդարացնում...

Tigris
02.02.2011, 18:25
Այսօր, «Այսօր Ռուսիա» հ/կ-էն իմացայ, որ Ալյասքայի մէջ տակաւին ռուսական աւանդութիւնները, եկեղեցի եւ ազգագրական տարած, պահողներ կան. եւ տեսայ նկարները:





●●


Օգնում է ինձ դասական երաժշտութիւնը, յատկապէս Յ. Ս. Բախը, որ լաւ մտածեմ, հեզասահ իրար յաջորդեն խոհերը, թէկուզ ամենապարզ ու հասարակ բաների վերաբերեալ, որոնց մէջ նոյնիսկ, երբեմն դժուարանում եմ:


Այսօր տղաս իր հօրեղբօրորդիէն լսածը կը պատմէ: (Վերջինս Հայաստանի Հանրապետութիւնումն էր)
- Պապա՛, հայաստանցիները բան մը չեն գիտեր,
- Ինչո՞ւ, տղաս,
- Հացին լաւաշ (http://www.google.com/imgres?imgurl=http://euler.slu.edu/escher/upload/7/73/Logo_la_vache_qui_rit.jpg&imgrefurl=http://euler.slu.edu/escher/index.php/Self_Similarity_in_Advertisement_Exploration&usg=__SfZlSQz88Y9iEb-ZkbBzE6yT7DE=&h=191&w=187&sz=26&hl=ar&start=2&zoom=1&tbnid=PmecqPyK_cmijM:&tbnh=103&tbnw=101&ei=R2xJTcqMM9GahQeK8p27Dg&prev=/images%3Fq%3Dlavachequirit%26um%3D1%26hl%3Dar%26sa%3DN%26biw%3D1003%26bih%3D608%26tbs%3Disch:1&um=1&itbs=1) կ’ըսեն, կերակուրին ալ՝ հաց,
- Ո՞վ ըսաւ, տղաս,
- Մեծ Գէորգը:


Որքա՜ն կուզէի տղայիս փոխանցել գիտելիքներս: Նախ սէրս, յետոյ ընթերցասիրութիւնը՝ եթէ կարենամ փոխանցել՝ նրա համար մեծ գործ կատարած կլինեմ:


Արդեօք գալո՞ւ է մի օր, ժամանակ,
Մասիսի գլխին տեսնել մի դրօշակ,
Եւ ամէն կողմից պանդուխտ հայազգիք՝
Դիմեն դէպ իւրեանց սիրուն հայրենիք:



-*-


-*-



Չեմ կարծեր «ադամանդ» խօսք է, բայց նորէն՝ ասեմ. Շուկայի մէջ հացի գինը յայտնի է, սակայն յեղափոխութեան գինը յայտնի չէ: Ապառիկ վերցնողներն էլ միշտ պարտական են մնում «մաքսաւորին»:
Եւ մաքսաւորը դառնում է մեկ նոր բռնակալ:
Եւ մարդը կը շարունակէ գոչել՝ Ազատութի՜ւն, ազատութի՜ւն:


Յեղափոխականներն էլ իրար հետ չեն լինի համակարծիք, մեկը կը դառնայ տրոցկիստ, հակայեղափոխական, իսկ միւսը՝ «հաւատաւոր՝ սկզբունքներին»:
Եւ ներքին մաքրագործումներ, սիբիր-մսաղացին՝ մատաղացու կենդանի մարմիններ:


Ինչպէս մանուկը, իր մանկական թոթովանքներով անուշ է, նմանապէս յեղափոխութիւնը՝ իր սկզբնական շրջանին գեղեցիկ է եւ մաքուր:
Ինչպէս մարդը, մեծանալով կը տգեղանայ– անշուշտ ազդուելով շրջապատի տգեղութիւնից,– նմանապէս յեղափոխութեանը վրայով ժամանակ անցնելով՝ կը տգեղանայ, կը փճանայ նրա նախնական հմայքը՝ մարդկանց յուսախաբութեամբ:


Ազգային ազատագրական պայքարը «մղոններով» տարբեր է ընկերային գետնի վրայ կատարուած յեղափոխութիւնից: Ազգային ազատագրականը աւելի խոր է, եւ պատմական գետին ունի:
Յեղափոխութեան ամենալաւ տեսակը՝ մարդու ինքնայեղափոխումն է:


Մարդիկ չգիտեն, որ իրենց մեծագոյն թշնամին հենց իրենք են՝ սխալ մտածելակերպով, թիւր համոզումներով, վատ սովորութիւներով եւ ինքնաստրկացումովը դրանց հանդէպ:


Ի՜նչ փոյթ, եթէ օրէնքները պաշտպանում են մարդուն, սակայն մարդը չի պաշտպանում ինքն իրեն:


Մի պաղեստինցի երիտասարդ պատմում է՝ մի եգիպտացու հետ «ոտի վրայ» կատարուած հարցազրոյցի մասին: Եգիպտացին բողոքում է, թէ առաւօտից մինչեւ գիշերուայ ժամը 11-ն աշխատում է, սակայն չի կարողանում հասնել ընտանիքի կարիքներին...: Հարցնում են նրան.
- «Քանի՞ երեխայ ունես»,
- «Տասներեք»:
------
Թաղի աղբահաւաքը, որ արեւելահայերէնով հաւաքարար է, երբեմն էլ հաւաքում է, երբ ունէր 12 երեխայ՝ ուխտի գնաց Մեքքա եւ դարձաւ հաջի, յետոյ հաջի կարգավիճակով "հաւաքեց" ուրիշ երեխաներ էլ:


Կանուխ տարիքից ամուսնանում են. 17-19: Զոյգերը ազգական են՝ յաճախ եղբօր զաւակներ: Կրօնական պարտք է ամուսնանալ, երեխաներ ունենալ: Կինը ազատ ժամանակ չպիտի ունենայ, պիտի զբաղ լինի մայրանալով եւ մայրութիւն անելով:


Մեր մօտ սպասում են Ս. Սարգսին. երեխաներ ունենալու փոխարէն մոմ են վառում:
Չգիտեմ... ների՛ր ինձ, Ս. Սարգիս:


Կարեւորը մեր սահմանը լաւ պաշտպանենք, թէկուզ լազերային սարքով....

Tigris
22.02.2011, 19:46
Օրերս նորոյթ է խօսիլ Եգիպտոսի, Լիբիայի, յեղափոխութիւններու եւ նման բաներու մասին:

Իմ «մասնագիտութիւնը» Թուրքիան քննադատելն է, ուրեմն, գրեմ մասին նորա:

Թուրքերը չգտնելով որեւիցէ արդարացում, իրենց կատարած անմարդկային մեծ ոճիրի համար, ծիծաղելի եւ անհեթեթ արդարացումներ կը մէջբերեն, գտնելով աննշան եւ անիմաստ «փաստեր», որոնք իբրեւ թէ կը չքմեղացնեն իրենց ծրագրումն ու կազմակերպումը, իրագործումն ու ուրացումը՝ կատարուած մեծ ոճիրին:

Օրինակի համար, կը նշեն թէ Օսմանեան Սալթանաթի արտաքին գործոց վեզիրը հայ եղած է (հրաժարած), ինչ-գիտեմ-ով՝ հայ է, Պոլսի այս թաղը հայ է եւայլն ու եւայլն: Բոլորովին անհեթեթ բաներ:
Իմ պապն ալ հայ էր, Օսմանեան բանակի զինւոր, բրիտանական բանակի դէմ կռւող, սակայն այդ չխանգարեց, որ հայ զինւորներու եւ սպաներու ընտանիքները ուղարկուին սպանդանոց:
Ասկէց աւելի բորենիութիւն եւ սրիկայութիւն, ասկէց աւելի մեծ դաւաճանութիւն չի կրնար ըլլալ:

Գրեր եմ նախապէս, որ թուրքերը կը սիրեն յայտնել աշխարհին «իրենց հայերու» մասին, որ իբրեւ ոչ բոլոր հայերը համամիտ են եւ ոչ բոլոր հայերը դժգոհ եւ թէ կան թուրքասէր հայեր:

Ինչեւէ, եթէ կը յիշէք, Աղթամարի պատարագի նախօրեակին, Էրդողան կերպարը սպառնաց՝ այժմ Թուրքիա կոչւող տարածքին ապրող 100 հազար հայերը քշել, վտարել դուրս:
Այդ ժամանակ զինք քննադատողներ շատ եղան, ներսէն ու դուրսէն, մինչեւ որ վրայ հասաւ Պետրոս Քաղցրաորդի անուն մի ոմն տիպար, ամիրայացու, որ իր պաշտպանութեան տակ առաւ Էրդողան բեյը, անոր սայթաքումը իր սխալ հաղորդած տեղեկութեան վերագրելով:

Ամէն մարդ գիտէ, որ այժմ՝ ցեղասպանութեամբ Թուրքիա դարձած տարածքին հարիւր հազար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հայեր չկան, հետեւաբար պարոն Էրդողան կոչուած զաթը, իրողապէս մոռնալով պետութեան նախագահի իր հանգամանքն ու դիրքը, գործածեց իթթիհադականի կամ գորշ գայլի կամ ջիհադականի բառապաշար ու լեզուամտածողութիւն, վասնզի այդպիսիներու հոգեկերտուածքները կը ներկրէ իր մէջ, եւ սպառնաց արտաքսել Թուրքիայի Հանրապետութեան քաղաքացի հայերը, ովքեր ըստ աթաթուրքեան լոզունգի՝ «Ի՜նչ ուրախ եմ որ թուրք եմ», եւ թուրքական սահմանադրութեան՝ թուրք են:
Օրէնքի ու մարդկութեան պաշտպանութենէն դուրս հռչակելով ամբողջ բնակչութիւն մը՝ մեծով ու փոքրով, կինով ու երեխայով, հա՛յ, նո՛յն իթթիհադական մտածողութիւնն է որ դրսեւորեց էֆենդի Էրդողան կոչուածը՝ քշել սպառնալով տուն ու տեղէն, գործ ու միջավայրէն:

Եւ ինչպէս ըսի, Նախագահական պաշտօնէութեան եւ խորհրդականներուն մէջ մարդ չէ մնացած որպէսզի ճիշտ տեղեկութիւն տայ Էրդողանին, բացի Պետրոս Քաղցրաորդի-Շիրինօղլիէն Թուրքիա բնակող հայերու մասին:
Բայց ի դժբախտութիւն Էրդողանի, այս հայն ալ սխալ տեղեկութիւն փոխանցած է՝ պատճառ դառնալով որ Էրդողան՝ վտարելու մասին մտածէ պոլսահայը, հայաստանցի հայուն հետ միատեղ:

Եւ հիմա, իբրեւ թէ այս շիրինօղլիները կը ներկայացնեն հայութիւնը. առաջադրուելով իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական ընտրութեան թեկնածութեան մէջ:

Հայութեան մօտաւոր թէ հեռաւոր թւաքանակը չիմացող, Թալեաթի հոգի ու միտք ունեցող փաշային պաշտպանող հայը պիտի ներկայացնէ Թուրքիայի հայ համայնքը, եթէ ընտրուի որպէս Մեջլիսի անդամ:

Իմ գիտցած վերջին հայը, որ անդամ էր թուրքական մեջլիսին, ունեցաւ գլխու ջախջախում մը, Դիարբեքիրի կողմը:

Իսկ այն հայերը, ի սփիւռս եւ ի Հայս, ովքեր կը ներկայացնեն Հայ ժողովուրդի տարբեր հասարակական ու չգիտեմ ինչական կառոյցներու դէմքերը...իբրեւ թէ, արդեօք որքանո՞վ տարբեր են Շիրինօղլուէն, իրենց շահամոլութեամբ, աչքախուփութեամբ, անձնական պիղծնեսութեամբ:

Որքանո՞վ կճանչնան հայութեան պահանջները, պէտքերը, իրականութիւնները. որքանո՞վ հաղորդակից են հայ ժողովրդեան եւ որքանո՞վ խզուած են, անջրպետով, անկէ: Մտորել պէտք է:

Ես, ու ընդհանրապէս հայերէն գրողները, կը գործածեմ «ցաւօք սրտի» բառակապակցութիւնը, երբ որ տխուր ու անլուծելի մնացած հարցերու մասին կը գրեմ թեւաթափ: Բայց գիտեմ, որ իմ այս բառակապակցութիւնը գործածելս անտեղին է, եւ պիտի չի գրեմ այս ձեւով այլեւս, քանի որ լսելով ու լսելով նըւնըւան «ցաւօք սրտի»ն, եղած են անցաւ ու զգայազիրկ, ինչպէս խոհարարին մատները դիմացկուն տաքին, ու մշակին ափը կոշտացած հողին:


Եւ մի անեկդոտ.
Մուբարաքին կը շրջապատեն Աբդուլ Նասերն ու Սադաթը, վերին դրախտի մէջ, ու կը հարցնեն.
- Թունաւորումո՞վ, թէ՞ գնդակահարումո՞վ:
- Ֆեյսբուքով...

Tigris
23.02.2011, 03:07
Որեւէ ժամանակէ աւելի շատ լիբիացիներ տեսայ այս վերջին օրերու ընթացքին: Ամբողջ անցեալին այսքան լիբիացիներ տեսած ու լսած չէի հեռատեսիլէն: Ու նկատեցի, որ բնական մարդիկ են. երկու ձեռք, երկու ոտք, երկու ականջ ունին, որեւէ բնական մարդու նման:
Մինչ այդ տեսեր եմ միայն մեկ լիբիացի, յանձինս Կադդաֆիի, ու կարծեր եմ բոլորը կադդաֆի են:

Tigris
24.02.2011, 21:54
Օրը օրին, ժամը ժամին կը հետեւիմ լիբիական (http://www.dnforum.am/showthread.php/5019-Տեղանուն?p=16248&viewfull=1#post16248) իրադարձութեանց: Այսօր, երկու օդաչու, ջարդեցին իրենց ռազմական օդանաւները՝ ցատկելէ ետք, որովհետեւ չուզեցին անսալ Կադդաֆիի հրահանգին. ժողովուրդը ռմբակոծելու առնչութեամբ: Մի քանի օր առաջ, Մալթա վայրէջք կատարեցին երկու ուրիշ օդանաւներ:

Այսօր, այսքան բան պատահելէ ետք, յարգարժան տիարը, թագաւոր թագաւորացը, դեռ իր անիմաստ ու ժամանակավրէպ քարոզը կը կարդայ ժողովրդին, ձայնասփիւռով՝ խօսելով թոմաթեսի ու բադլջանի, անկապ-անկապ բաներու մասին:
Այս մարդը վարժ է լսեցնել իր խօսքը եւ ոչ ոքին լսել: Այս մարդը զոհն է իր սուտին:

Իմ համար աշխարհի կենտրոնը Հայաստանն է, որու բաղկացուցիչ մասն է Հանրապետութիւնը: Հետեւաբար ամէն ինչը Հայաստանով կը համեմատեմ ու կը բաղդատեմ:

Կը մտածեմ, եթէ ընկերային ելեկտրոն ցանցեր լինէին, տասներորդ դարուն, եւ եթէ հայ ժողովուրդը իր երկիրը պաշպանէր, ապստամբէր, ընբոստանար, կռւէր, ապա հազիւ թէ թուրք-թաթար-օղուզներ գային ու գաղութացնէին Հայաստանը եւ Փոքր Ասիան:

Հայ ժողովուրդը, իր երկրի պաշտպանութիւնը վստահած էր բանակին: Ժողովուրդ եւ բանակ, թեւ-թիկունք, հրաշքներ կը գործէր: Սակայն մեր մէջ շատ էին պետրոսգերադարձներ, վեստսարգիսներ, որոնց համար հայրենիք եւ ազգ կը նշանակեն պաշտօն, դիրք ու հանգամանք:

Անտարակոյս բերդերն ու քաղաքները պաշտպանուած են բնակչութեան դիմադրութեամբ, սակայն եղած են, անշուշտ, մարդիկ՝ որ նախընտրեր են ընդունիլ նոր եկողներու իշխանութիւնը, վասնզի իրենց համար միեւնոյնն է՝ ո՛վ է իշխողը, Աշոտը թէ Տուղրիլը:

Այնումենայնիւ, ինքնապաշտպանութեան դիրքերու եւ վայրերու միջեւ, պաշտպանւող տարրերու միջեւ կապ չէ եղած, եղածը՝ թոյլ, քանի որ համացանց չէ եղած:

Մարդիկ չեն կարեցած իրարմով տոգորուիլ, քաջալերուիլ, սիրտ առնել-տալ, գօտեպնդուիլ: Չեն կարեցած իրար օգնութեան հասնիլ:

Հայաստանի պատմութեան մէջ ամենակարեւոր ճակատագրական ու օրհասական պահը այն է, երբ օտար նուաճող ցեղեր եկան եւ բնակեցան հայոց բնօրրանին մէջ. առանց հայ պետականութեան ձուլող, հայացնող ուժի ներկայութեան:

Եւ այս ցեղերու յետնորդները յետոյ ցեղասպանեցին հայերը:

Հայաստանը դժբախտ է նաեւ իր ամբողջականութեան կորուստով, քանի որ առանց կորուստին այդ, տնտեսապէս աւելի բազմազան, հետեւաբար յաւելեալ հնարաւորութիւններով աւելի հարուստ կը լինէր:

Հայաստանի ամբողջականութեան կորուստը, օտար ցեղերով նուաճուած եւ բնակեցուած լինելը, դժուարացնում է Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքարելը:

Ուրեմն, Հայաստանի նուաճումն ու գաղութացումը ուղղակի անուղղակի կ’ազդէ տնտեսութեան զօրացման եւ ընկերային զարգացման ազնիւ նպատակներու իրականացման, որոնց հասնելու համար պակաս նուիրեալներ չկան Հանրապետութեան մէջ:

Աշխարհագրական չարիք է այս, որ պատահած է Հանրապետութեան, որ նոյն այդ աշխարհագրութեան ծնունդն է ներկայի իր սահմաններով:

Ուստի, փտածութիւնն ու ազգի թշնամիները բնական դաշնակիցներ են, առանց նախօրօք համաձայնութեան:

Փտածութեան դէմ պայքարը, պայքարի յաջողութիւնը, անկասկած գրաւականներն են հայրենասիրութան ամրացմանն ու երկրի հանդէպ նախնաձախնդրութեան եւ պաշտպանութեան աւելացման:



-*-*-*-*-

Վատիկանի մէջ կանգեցուած է Մարմարօնի արձանը:

Մարմարօն (նաեւ՝ մարմարուն) 5-րդ դարուն (վերիվարոյ) Հալեպի շուրջը բնակած ասորի վարդապետ մը եղած է: Ասորերէն մար – «տէր», «սուրբ». ուրեմն մարմարուն – սուրբ տէր օն (աւն), կամ Տէր Մարօն:

Հայացնելով զինք Տէր Օնիկ կոչենք:

Այս մարդուն հետեւորդները, դարեր ետք, իր անուամբ համայնք կազմեցին, կաթոլիկացան, եւ հիմա գլխաւորաբար կ’ապրին երկիրն Լիբանան:

Հիմքը ասորիութիւնն է, սուրիացիութիւնը: Սուրիացիներ, ասորիներ, արամէացիներ՝ նոյն իմաստներն են:

Մարօնի եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն ասորերէնն է, այսինքն՝ արամերէնը, այսինքն՝ սուրիական լեզուն:

Մասնագէտի մը հետ մանրամասնութիւներու մէջ կարենամ չհամաձայնիլ, բայց վերիվարոյ ա՛յս է եղածը:
Քրիստոնեայ Սուրիան, Սուրիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդը, այդ դարաշրջաններէն ի վեր բաժան բաժան եղաւ:

Պարսիկներու իշխանութեան տակ մնացողները Նեստորական եկեղեցին կազմեցին, իսկ Բիւզանդիայի իշխանութեան տակ մնացողները յոյն ուղղափառ եկեղեցիին միացան եւ մոռացան ասորիութիւնը: Ոմանք մնացին Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հօտի մաս, որն իր կարգին անցնող դարերուն ունեցաւ իր կաթոլիկ տարբերակը՝ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցին:
Ստեղծուեցաւ Քաղդէականը, Անգլիկանը, Բողոքականը...

Տէր Օնիկի հետեւորդները կազմեցին իրենց սեփական զանգուած-համայնք-եկեղեցին- «ազգութիւն»-«պետութիւնը»:
Այսպէս, Սուրիոյ ասորախօս ժողովուրդը այդ ժամանակուընէ ի վեր բաժնուելով մասերու, փոքրացաւ:
Բաժնուեցաւ մասերու, զի պետութիւն չունէր: Փոքրացաւ ու ցրւեցաւ, քանզի բաժան-բաժան եղաւ:
Հեռացած լինելով լեզուէ, հետեւաբար այդ լեզուին կապակցուած ազգութենէ, դարերէ ի վեր զրկուած լինելով ազգային պետականութենէ, սոյն քրիստոնեաներուն համար՝ ազգութիւն, պետութիւն, ինքնութիւն, հաւաքական հպարտութիւն, մշակոյթ եւ ամէն ինչ որ կը բնորոշէ զիրենք, կապուած է եկեղեցիին՝ նայած որ եկեղեցիին կը պատկանին:
Մարօնիներու պարագային այդ եկեղեցին Մարօնի եկեղեցին է, որ ունի սեփական Պատրիարք, սակայն որուն գլուխն է, ուզեն կամ չուզեն, Հռոմի կամ Վատիկանի կաթոլիկ Պապը:
Ուրեմն, արեւելքի քրիստոնէութիւնը բաժան-բաժան անող կայսրութիւններուն կենտրոններէն մեկը, Հռոմը, իր հեղինակութիւնը ունի արեւելքի քրիստոնէութեան կաթոլիկ հատուածի վրայ, այն հատուածը, որ իրեն բաժին դարձած է տարատեսակ ու բազմաոճ առիթներով:

Մինչ այդ, ոչ պակաս քրոստոնեական հեղինակութիւն էր սուրիական Անտիոքը, ընդհանրական եկեղեցիի ժամանակներուն:

Մեր Գրիգորը՝ Լուսաւորիչ, Տէր Օնիկը՝ ասորւոց. կը պատկանին Ընդհանրական եկեղեցիին, ահա թէ ինչու բախտ ունեցան կուռքի վերածուիլ եւ կանգնիլ Հռոմի սուրբ Պետրոսի անուան հրապարակին:
Լուսաւորիչն ու Մարմարօնը պիտի ջարդէին իրենց արձանները, մինչեւ վերջին փշուրը, եթէ տեսնէին կանգնած եկեղեցւոյ գաւիթին կամ բակին մէջ:

Գրիգորի եւ Մարօնի Ընդհանրական եկեղեցւոյ ժամանակին ապրած լինելը թոյլ տուաւ Հռոմի սուրբ աթոռին, որ զանոնք համարէ նաեւ ի՛րը եւ կանգնեցնէ անոնց արձանները:

Իսկ այն սուրբերը, որոնք հայ կամ ասորի եկեղեցիներու յետքաղկեդոնական ժամանակաշրջանին կը պատկանին, Վատիկանի մէջ արձանանալու բախտին չեն կարենար արժանանալ:

Արեւելքի քրիստոնէութեան համար դժբախտութիւն եղած են Կոստանտնուպոլսի եւ Հռոմի կայսերական սուրբ աթոռները, որոնք իրենց առաջնութիւնը ապահովելու համար բզկտած են իրար ու դաւեր լարած քրիստոնեայ արեւելքի սրբազան կենտրոններուն դէմ՝ գլխաւորաբար աֆրիկեան եկեղեցւոյ դէմ: Ասորի ժողովուրդը կոտորուած, փախչած կամ դաւանանք փոխելով յոյն օրթոդոք դարձած է:

Պատկերներ սրբացնելը կամ նզովելը, եկեղեցիի դաւանանքի այս կամ այն մանրամասնութիւնը՝ կապուած է եղած այս կամ այն կայսրի, կամ անոր կնոջ, տրամադրութեան եւ անձնական շահին հետ, որոնք, իրենց կարգին, փոխած, շրջած են տարածքի քաղաքական եւ ժողովրդագրական աշխարհագրութիւնը:

Ահա այս «գաղափարական» միջքրիստոնէական երկարատեւ եւ հոգեմաշ պայքարի դարաշրջանին, Արաբիոյ արեւելեան լեռնաշղթային թառած, վաճառաշահ Մեքքա քաղաքին տիրող Կուրայշ ցեղախումբի անդամ՝ վաճառական Մուհամմադը, մտածեց միացնել հաւատացեալները՝ մեկ, ընդհանուր եւ պարզ հաւատամքով՝ «Աստուած մեկ է եւ ինք անոր նամակաբերն է»:
Այս բանաձեւը աւելի հասանելի եւ հասկնալի է մարդոց, քան՝ յունական փիլիսոփայական կաճառներուն մէջ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն ճեմած, ուսած եւ «թրծուած» սուրբ հայրերուն բանաձեւերը:

Եւ ջարդուեցան թէ՛ Իրանի զօրքերը (Իրաքի մէջ) եւ թէ՛ Բիւզանդիայի (Սուրիոյ մէջ), քանի որ երկուքն ալ երկարատեւ կռիւներով հալումաշ եղած էին, իսկ տարածքի բնիկները՝ ասորիները՝ երկուքէն ալ զզուած էին եւ չէին ուզեր կռւիլ իրենց հոգէառները հանդիսացող կայսրերու կամ արքայից արքաներու համար: Բացառիկ՝ հատ ու կենտ վայրերու մէջ կռւեցան Մոհամմադի բանակին դէմ, իսկ ընդհանրապէս՝ անոր ուղարկած բանակները փրկութիւն համարեցին:
Հետագային, Բիւզանդական նոր արշաւանքներու եւ խաչակրական արշաւանքներու ժամանակ, տարածքը աւելի իսլամացաւ: Այսինքն՝ Փրկչի գերեզմանը փրկելու եկողները ցեղային ու կրօնական զտման պատճառ հանդիսացան:

Ահա այս է Հռոմը (Բիւզանդիայի հայելիին միւս կողմը), որ Գրիգորի եւ Մարօնի արձանները կանգնեցնելով մեզ կ’ուրախացնէ:

Իբր թէ Իտալիոյ Տորինո քաղաքը հիմնած են Հալեպի մօտակայ Տուրին՝ աւերակ քաղաքէն (մեռեալ) գնացողները:

Խաչակրական արշաւանքի պատճառ կը համարեն քրիստոնեայ ուխտաւորներու հանդէպ իսլամներու կատարած յարձակում մը, որ պատահած է ճանապարհին: Շա