Էջ 1 3-ից 1 2 3 ՎերջինըՎերջինը
Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 10 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 23 հատից

Թեմա: Հալէպ-Սիրիա

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Հալէպ-Սիրիա

    http://www.periotem.com/
    Խնդրեմ ծանօթացէք Հալէպի Առաջնորդարանի կայքին:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    http://www.armenews.com/article.php3?id_article=37114

    Թէ ինչպէ՜ս տեղաւորուել է արեւմտահայութիւնը Հալէպում: Նորագոյն նկարը 1986ին արձանագրուել է:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    «Ազդակ» օրաթերթ, 16 Յունուար 2008, մէջբերում՝
    Սուրիա յաւելեալ ջուր կը պահանջէ թուրքիայէն
    ԱՖՊ լրատու գործակալութիւնը իր տեղեկութիւնը «Անադոլու» լրատու գործակալութիւնէն քաղելով հաղորդեց, թէ Սուրիոյ փոխ վարչապետ Աբդալա Դարդարի թուրքիա իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին թուրք պաշտօնատարներէն պահանջած է արտօնել, որ Եփրատ գետի ջուրի Սուրիոյ յատկացուող համեմատութիւնը բարձրացուի, նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ ջուրի պակաս գոյութիւն ունի:
    Նշենք, թէ Սուրիա եւ Իրաք յաճախ կը բողոքեն, թէ թուրքիա Եփրատ ու Տիգրիս գետերը «սեփականացուցած» է, սակայն թրքական կողմը կը հերքէ այդ մէկը: Աւելի'ն. Թրքական կողմը կը փաստարկէ ըսելով, որ հակառակ այս տարուան երաշտին թուրքիա կը շարունակէ 1987ի համաձայնութեան հիման վրայ իւրաքանչիւր երկվայրեան 500 խորանարդ մետր քանակութեամբ ջուրի հոսանք արտօնել դէպի Իրաք եւ Սուրիա:
    Թուրքիոյ կենսոլորտի նախարար վէսել երողլու այս հարցին անդրադառնալով յայտարարեց, թէ թուրքիա բնականաբար պիտի չարգիլէ ջուրի հոսանքը դէպի Իրաք եւ Սուրիա:
    Նշենք, թէ Դարդարիի թուրքիա այցի գլխաւոր նպատակն էր երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապը բարելաւել: Ան տեսակցութիւններ ունեցաւ թուրքիոյ նախագահ աբդուլա գիւլի եւ վարչապետ ռեջեբ տայիբ երդողանի հետ:
    Պէտք է յիշեցնել, թէ թուրքեւսուրիական կապերը տասնամեակներու լարուածութենէ ետք բարելաւուիլ սկսան 1998 թուականին երբ թուրքիա ստիպեց, որ երկար ժամանակ Սուրիա ապաստանած աբդուլա ոջալան դուրս գայ երկրէն ու աւելի ուշ ձեռքակալուի Քենիոյ մէջ: Վերջ մէջբերման

    - Սուրիա-թուրքիա քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերանքը անհամեմատ զարգացան, Ամերիկայի Իրաքեան արկածախնդրումէն ետք: Երկրիս ղեկավարութիւնը իրաւացիօրէն վտանգ տեսաւ, «հոգեւոր» տաւարաբոյծներու նոր խաչակրական արշաւանքն ի տես:

    - Հալէպի միջով հոսող, սակայն տասնամեակներէ ի վեր ցամաքած, աւելի ճիշտ՝ կոյուղիի վերածուած Կուէկ գետը «վերակենդանացաւ»: Արդարեւ թուրքիան անջատած էր Այնտափի մօտակայքէն հոսող գետի ընթացքը: Կառավարութիւնսպեղելով* ջրանցք, մօտաւորապէս հարիւր կիլոմետր անդին գտնւող Եփրատէն ջուր հասցուց Կուէկին: Այժմ կոյուղիի-գետը մի քիչ աւելի «ջրալի» է:
    Ժողովրդային մաղթանքն ասում է. «ջուրի պէս մուրազ ունենաս»: «Մուրազ» թուրքերէն չէ, արաբերէն է եւ նշանակէ «փափաք»:
    Ծանօթ.
    * «պեղել» բայը այստեղ գործ եմ ածել Արարատեան (Ուրարտական) բառարանային իմաստով:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    http://www.azg.am/AR/2008011931
    Հայերէնի ուսուցիչս՝ Յակոբ Չոլաքեանի նորահրատարակ գիրքի մասին գրախօսական «Ազգ»ում:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ ԿԱՐԱԴՈՒՐԱՆԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
    «Եկայք շինեսցուք Սուրբ զխորանն Լուսոյ»
    (Շարական)

    Կիլիկիոյ հարաւ արեւմտեան կողմը, Կասիոս (Ջեբել Ակրա) լերան դալարազարդ կողերուն վրայ կը գտնուի Քեսաբը, որ արեւմտահայութեան բնաշխարհէն մնացած մասունք մըն է, միակը, որ փրկըւած է հայաթափութենէ, Քեսաբի հարազատ զաւակին՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բացատրութեամբ, «պատառ մը Հայաստան», Հայաստանէն դուրս։

    Քեսաբցիք երկիւղած ու կրօնասէր ըլլալով, հայօրէն կը գոյատեւեն, պահելով իրենց լեզուն ու նկարագիրը, հնամենի աւանդութիւններն ու տաղանդները, որոնք իրենց գոյութեան հարազատ արտայայտութիւններն են։

    Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2008-ի կէսօրին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեան իր շքախումբով ճամբայ ելաւ դէպի Քեսաբ, Կարադուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Հիմնարկէք»ի արարողութիւնը կատարելու։ Այս պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արժ. Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան, Ազգ. Քաղաքական Ժողովի ներկայացուցիչներ՝ Տեարք Սահակ Օհանեան եւ Զարեհ Փօլատեան, Ազգ. Իշխանութեան Գաւառական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Յովսէփ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կալուածոց Հոգաբարձութեան անդամներ։


    Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Քեսաբի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Քհնյ. Սարգիսեանի եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ։ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մէջ կատարեց «Գոհաբանական» աղօթքը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Քեսաբի արեւմտեան կողմը Կարադուրան, որ Քեսաբի նաւահանգիստն է։ Կարադուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն եւ ճարտարապետին ներկայութեան՝ կատարեց «Նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողի օրհնութեան» արարողութիւնը։ Մուրճի առաջին հարուածներով՝ ազդարարեց եկեղեցւոյ կառուցման հողային աշխատանքներուն սկիզբը եւ փորուեցան հիմնօրհնութեան տեղերը։ Արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը ներկաներուն բացատրեց հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետական աւանդութեան համաձայն «Հիմնօրհնէք»ի արարողակարգը։


    «ՀԻՄՆՕՐՀՆԷՔ»ի Աւանդական Արարողութիւն
    Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2008-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամանեց Կարադուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հողաշերտը, ուր հոծ բազմութիւն մը (Ազգ. Իշխանութեան պատուիրակութիւնը, Քեսաբի, Լաթաքիոյ եւ Կարադուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու թաղականութիւնները, Քեսաբի Քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ կարգի ուսանողութիւնը, շինարարական յանձնախումբը, Քեսաբի Օգնութեան Խաչի «Գետաշէն» եւ «Մեղրի» մասնաճիւղերը, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմը) ակնածանքով կը սպասէին հոգեպարար արարողութեան։

    Եկեղեցւոյ յատակագիծի արեւմտեան դրան առջեւ ոչխարի զենումէն ետք «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, յատակագիծի արեւմտեան կողմէն առաջնորդուեցաւ դէպի խորանի վայրը, ուր յատուկ աղօթքներու, Սաղմոսներու, Մարգարէական, Առաքելական եւ Աւետարանի ընթերցումներով ու շարականներու երգեցողութեամբ, նախ ջուրով լուացումը կատարեց 16 հիմնաքարերու, յանուն առաքեալներու եւ աւետարանիչներու՝ Պետրոս, Անդրէաս, Փիլիպպոս, Բարթողիմէոս, Սիմոն Կանանացի, Մատաթիա, Թադէոս, Յակոբոս Ալփեան, Թովմաս, Յակոբոս Զեբեդեան, Պօղոս, Մատթէոս, Յովհաննէս, Ղուկաս եւ Մարկոս, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ հաւատքի հայր եւ երկրորդ լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, ապա անապակ գինիով սրբեց եւ յանձնեց կնքահայրերուն, որոնք խոնարհութեամբ եւ երկիւղածութեամբ սրբատաշ հիմնաքարերը վարշամակով գրկեցին, որմէ ետք Սրբազան Հայրը զանոնք մէկ առ մէկ շարեց նշանակուած համապատասխան փոսերուն առջեւ։

    Այս արարողութենէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բուրվառով շրջեցաւ ամբողջ եկեղեցւոյ տարածութիւնը՝ խնկարկելով կնքահայրերն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, որոնք ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէին։ Սրբազան Հայրը միւռոնաթափ աղաւնիէն սրուակին մէջը հոսեցուց «Առաքելոյ Աղաւնւոյ» շարականի երգեցողութեամբ Ս. Միւռոնը եւ մօտեցաւ կնքահայրերուն, օրհնութեամբ օծեց սրբատաշ հիմնաքարերը, զանոնք վարշամակով փաթթուած զետեղեցին փորուած հողաշերտին մէջ։



    Հոգեպարար արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը։ Նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակներուն ու յատկապէս Քեսաբահայութեան պարգեւեց օրհնաբեր այս օրը, հաւաքուելու նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ հիմքին վրայ, յանձնառութեամբ ու հաւատքով սկըսելու շինարարական աշխատանքները, գնահատեց հաւատացեալ ժողովուրդը՝ «Ողորմեա՜ եկեղեցի շինողաց» մաղթանքը մէջբերելով եւ հայ շարակնոցէն քաղուած բնաբանի հետեւեալ բառերով. «Եկայք շինեսցուք Սուրբ զխորանն լուսոյ», շնորհաւորեց ներկաները ըսելով. «Մենք այստեղ հաւատքի տուն կառուցելու համար համախմբըւած ենք, որպէսզի մեզի փոխանցուած նիւթական բոլոր տեսակի ճաշակելիքներէն վեր, հոգիի ու հաւատքի լոյսի քաղցրութիւնը կարենանք ճաշակել։ Մենք սովորական շէնք մը չէ որ պիտի կառուցենք Ամենակալին օրհնութեամբ։ Մենք Իր ներկայութեան տեսանելիք տաճարը պիտի կառուցենք, անխտիր բոլորիդ մասնակցութեամբ։ Այս իմաստով ալ կ’աղօթեմ եւ կը խնդրեմ Երկնաւորէն, որ այս եկեղեցին մեր ժողովուրդին, յատկապէս սուրիական հայրենիքին մէջ, Քեսաբ աւանի Կարադուրանի այս տարածքին վրայ, նոր լուսաւորութեան ու հոգեւոր ցնծութեան յաղթական նշանը ըլլայ, եւ ամրապնդէ ու հաստատէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, ինչպէս նաեւ դառնայ մեր հոգեւոր թէ ազգային արժէքներու հոգեկան կապին եւ հաղորդակցութեան լուսաշող փարոսը»։ Ապա, կոչ ուղղեց բոլորին (մասնաւորաբար ներկայ թէ բացակայ Քեսաբահայերուն) սրբազան պարտականութեան գիտակցութեամբ նորոգել իրենց ուխտն ու յանձնառութիւնը Աստուծոյ եւ մեր եկեղեցւոյ հանդէպ, արթնութեամբ լծուելու եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքին, չվախնալու նիւթական ներդըրումներ կատարելէ եւ «այրի կնոջ լումային» նման կարողութեանց ներած չափով «դնէք արծաթը կը ստանաք ոսկին, դնէք ոսկին կը ստանաք հոգին»։ Վերջաւորութեան, Սրբազան Հայրը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթոսիկոսին, որուն հայրական օրհնութեամբ կը կառուցուի այս սրբազան եկեղեցին։ Յատուկ երախտագիտական խօսք ուղղեց սուրիական հայրենիքի վսեմաշուք նախագահ՝ Դոկտ. Բաշշար Հաֆէզ Ալ Ասադին, որ այս կարելիութիւնն ու արտօնութիւնը կը ստեղծէ սուրիահայերուս, ինչպէս նաեւ տեղւոյն պետական պատասխանատուներուն։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Գաւառական Ժողովը, Ազգ. Իշխանութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները, Քեսաբի թաղական կազմերը, շրջանի պատկան մարմինները, ժողովուրդի բոլոր զաւակները, եւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բաշխեց բոլոր անոնց, որոնք ստանձնեցին իւրաքանչիւր հիմնաքարի կնքահայրութիւնը։ Հիմնարկէքի այս պահը օրհնաբեր նկատեց, որովհետեւ Ամենակալը խորհրդանշական կերպով երկինքէն Իր առատ օրհնութիւններու բաշխման ի նշան բարեբեր անձրեւ պարգեւեց։ Հուսկ, կոչ ուղղեց անմահ պահել մեր նահատակներու անթառամ յիշատակը։

    Եկեղեցական հոգեպարար երկօրեայ այս արարողութիւնները եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները լիացուցին հաւատացեալներու հոգիները եւ առաւել չափով հաւատքի ուռճացման մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցին Քեսաբահայութեան սրտերուն մէջ։

    Յուզիչ եւ տպաւորիչ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը ամբողջացաւ «Պահպանիչ»ով եւ ներկաներու միասնական «Տէրունական Աղօթք»ի երգեցողութեամբ։

    Յիշենք, որ Կարադուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առաջին հիմնարկէքը տեղի ունեցած է 1889-ին, Մկրտիչ Կաթողիկոս Քէֆսիզեանի ձեռքով, իսկ շինութիւնը աւարտին հասած է 1890-ին։ Սակայն, 23 Յունուար 1942-ի առաւօտեան կանուխ պատահած գետնասահքը հիմնայատակ կործանած ու անհետացուցած է եկեղեցին։ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդներէն՝ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեան, 4 Սեպտեմբեր 1960-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարած է, նախկինէն 50 մեթր հարաւ, որուն շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1961-ին։ Ժամանակին հետ այս եկեղեցին եւս աստիճանաբար վտանգուած է։ Առ այդ, Թեմիս ներկայ Առաջնորդին ու Ազգ. Իշխանութեան որոշումով, նախաձեռնութիւնը առնուեցաւ նոր մը կառուցելու, որ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի իրագործուի մօտիկ ապագային, հեռաւոր ու մերձաւոր հարազատներու առատաբուխ նուէրներով եւ ջանադրութեամբ։
    Kaaraduran.jpgSaint Mary Armenian church, Karaduran, Kesab.jpg

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    Երեկ, վաւերագրական ֆիլմ մը կը դիտէի, որ կը խօսէր կլիմայի փոփոխութեան մասին:
    Ամբողջ օրը փոշիի մէջ էինք, քսան մետրէն անդին յստակ տեսնել հնարաւոր չէր: Լսած էի՝ թէ վերջին մի քանի տարիներուն, քաղաքս պատող փոշիի ամպերը Ափրիկէէն կուգան:
    Վաւերագրական ֆիլմը քարտէսներով կը բացատրէր, թէ ի'նչպէս Ափրիկեան ցամաքամասի ջրային պաշարը պակսած է անցնող քսան տարիներու ընթացքին: Նախապէս ջուրով ծածկուած տարածքներ, այժմ մշակման հողեր դարձեր են: Զարմանալին այն էր, որ վաւերագրական ֆիլմը կը զրուցէր այդ փոշիի ամպերուն դէպի Կարայիբեան կղզիներ ճամբորդութեան մասին, որ անհամեմատ աւելի հեռու է Ափրիկէէն, քան Մերձաւոր Արեւելքը, ուր կը գտնուինք: Մանրամասն զեկուցելով, օդի ջերմացում պատճառող գործարանային ծուխերու, հիւսիային բեւեռի հալող սառցալեռներու եւ վերջինիս պատճառով քամիներու արագութեան եւ ուղղութեան փոփոխութեան մասին, վաւերագիրը կարայիբցի կենսաբանի բերնով տագնապ կը հնչեցնէր: Ան կըսեր, թէ կեանքին մէջ երբէք Ափրիկէ չէր գացած, այսպիսի երեւոյթ չկար նախապէս, իսկ ինչ կը տեսնենք այժմ, կը վկայէ թէ մենք բոլորս կը պատկանինք նոյն աշխարհին, անոր որեւէ կողմին պատահածը՝ կազդէ միւս կողմերը ապրողներուն:
    Կարայիբցի մանրէաբանը կը զննէր Ափրիկեան փոշին, ստուգելու՝ թէ ի՛նչպիսի ժահրեր կրնան պարունակել եւ ի՛նչ հիւանդութիւններ կրնան պատճառել: Երեխաներու մօտ շնչառութեան խնդիրներէն մինչեւ քաղցկեղ մասին խօսուեցաւ:
    Այսօր երկուշաբթի է, առտու՝ գործիս ճանապարհին, պահ մը կարծեցի ուրբաթ է, քանզի քաղաքապետութեան պաշտօնեաներու արձակուրդի օր ըլլալով, ինչպէս նաեւ որպէս հինէն մնացած աւանդ եւ անգիր օրէնք, ուրբաթ օր կարելի է ջուրի խողովակով պատշգամ լուալ, փողոց ջուր թափել եւ այլն:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. #7
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՍԿԵՏԲՈԼ
    ՀԱԼԷՊԻ ՀՄԸՄ-Ի ՏՂՈՑ ԽՈՒՄԲԸ ՇՌՆԴԱԼԻՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ՝ 115 - 111 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ԻԹԹԻՀԱԴԸ


    Հալէպի ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը
    Կիրակի, 16 նոյեմբերին Հալէպի «Ասադ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը (ախոյեանութեան գծով), որուն ընթացքին Հալէպի ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 44 տարուան սպասումէ մը ետք 115 - 111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիոյ լաւագոյն խումբերէն մէկը նկատուող Իթթիհատը։
    Առաջին վայրկեանէն իսկ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ իշխել իր մրցակիցին վրայ եւ մրցումին ղեկը ձեռք առնելով յաջող յարձակումներ կազմակերպել՝ խմբապետ Նժդեհ Շատոյեանի եւ ամերիկացի Թայրըն Անտերսոնի գլխաւորութեամբ, իսկ Երուանդ Չերքեճեանի եւ Լուէյ Իբրահիմի ներկայութեամբ խումբին պաշտպանողական գիծը մնաց ամուր։ Ճիշդ այդ պատճառով Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի՝ 43 - 42 արդիւնքով։
    Բ. կիսախաղին ճակատումը շարունակուեցաւ նոյն թափով, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելիով փորձեցին հեռուէն կէտ նշանակել։
    Նախքան չորրորդ քորթըրին աւարտը, Երուանդ եւ Լուէյ հինգ ֆաուլ կատարելով մրցումը չկրցան շարունակել։ Անոնց փոխարէն ՀՄԸՄ-ի մարզիչը դաշտ ներկայացուց Իսկենտեր Կիրակոսեանը, Սեպուհ Խարաճեանը եւ Նժդեհ Չամսաքեանը, որոնք լաւապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը՝ ունենալով բացառիկ խաղարկութիւն։
    Կը կարծուէր, որ Իթթիհատ ինք պիտի ըլլայ մրցումին յաղթականը՝ նկատի ունենալով, որ աւարտէն չորս երկվայրկեան առաջ անիկա կը յառաջանար 81 - 79 արդիւնքով։ Սակայն Զայիմ Հադդադ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել եւ պարտադրել երկարաձգում։ Երկարաձգման ընթացքին, թէեւ Հատտատ հինգ ֆաուլ կատարելով մրցումը չկրցաւ շարունակել, սակայն նկատի ունենալով, որ մրցումը աւարտեցաւ 93 - 93 արդիւնքով, դիմուեցաւ երկրորդ երկարաձգման։ Այդ միջոցին եւս Անտերսոն հինգ ֆաուլ կատարելով իր կարգին մրցումը չկրցաւ շարունակել։ Հիմնական կազմէն մնաց միայն Նժդեհ։ Ան իր խմբակիցներուն հետ պայքարելու կորովը չկորսնցնելով, մինչեւ մրցումին աւարտը պայքարեցաւ՝ այս ճակատումէն անպայման յաղթական դուրս գալու նպատակով։ Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրականացուցին մրցումին ներկայ գտնուող հարիւրաւոր համակիրներու փափաքը՝ տանելով վերջնական յաղթանակը՝ 115 - 111 արդիւնքով։
    Մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտ նշանակողը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի արհեստավարժ մարզիկ Թայրոն Անդերսոն, որ նշանակեց 43 կէտ։
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15939
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  8. #8
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    Յուշեր անցեալից
    Ի՞նչ էր Հայաստանը մեզ համար: Մի քերթուած, հայրենասիրական երգ, բանաստեղծի անուն, պահանջատիրութիւն, ֆեդայու կենսագրութիւն, կապոյտ Սեւան ու անպայման նրա հետ յիշատակուող համեղ իշխան ձուկ եւ նման բաներ: Տեղեկանքը՝ տպագիր ու պահածոյացուած վիճակում էինք ստանում Հայաստանից: Առաջին անմիջական կապս, երեւի թէ, ձայնասփիւռից որսացածս «Ազատութիւն ռադիոկայանի» ալիքն էր: Դա եղել է 1987-ին, կամ 1988-ի սկիզբը, երբ ողջ Խորհրդային աշխարհը, նրա հետ եւ Հայաստանի անցուդարձով հետաքրքիր սփիւռքահայութիւնը, ցնծում էր Կոմկուսի նոր քարտուղար Գորբաչովի առաջ բերած ժողովրդավարութեամբ, թափանցիկութեամբ եւ վերակառուցմամբ: Հայաստանի հետ Սփիւռքի յարաբերութեան նոր որակ ու մակարդակ էր սպասւում:
    Հպարտանում էինք հանրահաւաքներում բռնցքուած հայութեան տեսքով: Խնդիր չէ, թէ ի'նչ պահանջներ են ներկայացւում. գործադուլ, Նայիրիտի եւ Մեծամօրի փակում եւ այլն: Արցախի ինքնորոշման խնդիրն էր ներկայացուած, ու մտածում էինք, վստահօրէն, նոյն հանրահաւաքում բարձրացած բոլոր պահանջները հաւասարապէս արդար են:
    Դեռ դեկտեմբերեան երկրաշարժը տեղի չէր ունեցած: Հալէպի թանգարանում, ցուցադրուելու էր Խորհրդային Հայաստանի արդիւնաբերութիւնը. արտադրանքը:
    Այստեղ մի փակագիծ բանալով ասեմ. 4-7/12/2008-ին, Հալէպի Սուկ Ինտաջ «Արդիւնքի Շուկայ» ցուցահրապարակում, տեղի է ունենալու Հայկական Արտադրութիւնների Ցուցահանդէս, որի դրդապատճառով էլ գրում եմ սոյն գիրը:
    Նայում եմ ցուցադրուելիք ապրանքատեսակներին, տամ օրինակներ.
    Cognac, Juices, Beer, Mineral water, Dried fruits, Baby food, Biscuit, Cigarette, Carpets, Cosmetic oils, Generators, Small electric equipments, Instruments plucking made of diamond, Gold things, watches, Garments, Dental equipment, Gynecologic instruments for one time use, Embroidered and handicraft works, Souvenirs (wood, obsidian, pottery).
    Նորութիւն են. beer, gynecologic instruments for one time use, cosmetic oils եւայլն:
    Սիրելի Հայրենիք, ե՞րբ օդանաւեր, հրասայլեր, թնդանօթներ... եթէ շատ եղաւ՝ ինքնաշարժներ (աւտո) պիտի ցուցադրես: Այլ խօսքով՝ ե՞րբ ենք ականատես լինելու Հայաստանի ծանր արդիւնաբերութեան արտահանման:
    Հօրս փոքրագոյն քեռին, «ընկ. Միկոյեան» մականունով, խնդրեց որ իրեն տանեմ ցուցահանդէսի: Երկրի ծնունդ էր, դարբին, ութսունի մօտ, աչքի անհանգստութիւն ունէր (կատարակտ): Ողջ կեանքը ապրել էր ժուժկալութեամբ, ու որպէս իսկական կոմունիստ. յաճախորդից վերցրել է ինչքան որ պէտք է ապրելու համար: Օրերով աշխատել է քրդերի գիւղերում, նորոգելով նրանց խոփերն ու այլ երկրագործական իրերը, ստանալով լոկ մի փոր ճաշ ու գիւղական մթերք: Սարսափելի յամառ էր: Վաստակած գումարով, ողջ կեանքում, գնել է գրքեր, գրքեր ու գրքեր: Դարբնութիւնից կոշտացած մատներով երբեմն նուագածում էր իր ստրադիվարիուս (?) ջութակով, որ ձեռք էր բերել Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնից ետք երկրից փախած, Սանկտ Պետրոգրադի կայսերական նուագախումբի անդամ ռուս ջութակահարից, որն երկար տարիներ ապրել ու ուսուցանել էր Հալէպում: Ի՜նչ հակադրութիւն: Իր ժամանակի սովորութեան համաձայն՝ ընկերներով իրար են զարգացրել ու սովորեցրել տարբեր շնորհքներ ու ձիրքեր:
    Թանգարանում՝ ցուցահանդէսներին յատկացուած սրահում, քաղաքիս Հայութեան տարբեր «հոսանքների» ներկայացուցիչների դէմքերն ու աչքերը փայլել ու կուրծքերը ուռչել էր հպարտութիւնից: Արցախեան պահանջատիրութեան սկզբնական շրջանն էր ու բոլորիս սեւեռակէտը Արցախ անուն Հայաստանի ազատութեան խնդիրն էր: Հին ճեղքերն զօդուած թւում էր, նորերը դեռ չէին առաջացել: Ահա մեր սիրելի Հարենիքը աչքի առաջ էր, իր արդիւնքով, բարով ու բանով, ներկայացուցիչներով, որոնց գորշ եւ մոխրագոյն տարազները (կոստիւմ) չէին սազում հայկական գինու ու գորգի վառ գոյներին:
    Շափշափ շօշափում էինք, ու ինքնասիրահարուած նայում «Հայաստանին»: Մի ոմն տաքարիւն համաքաղաքացի, այլոց ներկայութեան, ցոյց տուեց վերեւից կախ Խորհրդային Հայաստանի քարտէսը, որին անպայման պիտի միանար ԼՂԻՄը: համոզուած էինք դրան, չէ՞ որ արդար ենք: Ցուցահանդէսը կազմակերպողի ներկայացուցիչները ձայն չէին հանում. դեռ Խորհրդային Միութիւն էր:
    Քեռիս կարպետներն ու գորգերն էր զննում իր տկար տեսողութեամբ: Նա հպարտանալու մի առիթ եւս ունէր: Մօտեցաւ գրքերի տաղաւարին ու հարց տուեց՝ Կարլ Մարքսի «Կապիտալ»ի մասին: Չի գիտեմ հայաստանցիներն ի'նչ մտածեցին: Ես մտածեմ իւրեանց տեղ. «Ա'յ մարդ, էդ կարմիր կազմով գրքից ազատուել ենք ուզում: Մեզ պէտք չի Կարլ Մարքս ու Լենին: Մեզ իսկական ու շօշափելի կապիտալ է պէտք ու մի քիչ էլ ազատութիւն»:
    Ինչեւէ, նրանցից մեկը մեծահոգաբար պատասխանեց քեռուս:
    Ասանկ բաներ: Tigris
    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 27.11.2008, 22:58:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  9. #9
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Հալէպ-Սիրիա

    ABBA-Ի ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ՍՈՒՐԻԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ՋԱԽՋԱԽԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ ԵՒ 72 ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՎ


    Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը (ՍՀՍԳՄ) իր մասնակցութիւնը բերաւ Քոնկ ֆու Ուու Շուի արաբական աշխարհի հաւաքականի եւ ակումբային կրտսերներու (7-18 տարեկան) առաջին մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 13-էն 17 նոյեմբեր 2008-ին, Ամմանի (Յորդանան) մէջ։
    Սոյն մրցաշարքին Սուրիա իր մասնակցութիւնը բերաւ նախ իբրեւ հաւաքական, ապա ակումբ՝ մասնակցելով իբրեւ ՀՄԸՄ-ABBA, նշենք, որ Սուրիոյ առաջին դիրքի վրայ եղող մարզիկներն են, որ իրաւունք ունեցան այս մրցաշարքին Սուրիան ներկայացնելու։
    Հինգշաբթի, 13 նոյեմբեր 2008-ին, Ամման ժամանեց Սուրիոյ պատուիրակութիւնը։ Սուրիոյ հաւաքականը կը ներկայացնէր Ահմետ Պարուտի, իսկ վարչական ներկայացուցիչ՝ Աւօ Գաթըրճեան։ Հալէպի ակումբները կը գլխաւորէր Սուրիոյ եւ Հալէպի ֆետերասիոններուն կողմէ նշանակուած խումբի ներկայացուցիչ Աւօ Գաթըրճեան, իսկ իբրեւ ընդհանուր մարզիչ Ճորճ Տուռնայեան, փոխմարզիչ՝ Ուսամա Ղաթղութ, իրաւարար՝ Մոհամետ Մուհիօ, ինչպէս նաեւ Սէէր Աուատ։
    Առաջին օրը թէեւ հանգիստի եւ մրցաշարքի վայրին ծանօթանալու օր էր, սակայն այս բոլորը իրագործելէ ետք, մարզիկները ABBA-ի վարչութեան յատուկ կարգադրութեամբ եւ Ամմանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմի ընդառաջումով, Ամմանի քանի մը ՀՄԸՄ-ական նուիրեալներու ինքնաշարժներով իրենց պանդոկէն ուղղուեցան դէպի Ամմանի ՀՄԸՄ-ի ակումբ։ ABBA-ի մարզիկները ՀՄԸՄ-ի վարչութեան եւ Ամմանի հայ գաղութի փոքրաթիւ հանդիսատեսին յատուկ ցուցադրութիւն մը կատարեցին՝ Ոու Շու Քոնկ ֆուն ծանօթացնելու նպատակով։
    Մարտարուեստի ցուցադրութենէ ետք, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Ամմանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմը ABBA-ի մարզիկները պատուեց ընթրիքով մը։ Ամմանի ՀՄԸՄ-ի ակումբ այցելութիւնը խթան հանդիսացաւ, որ մեր մարզիկները իրենց կենսունակութիւնը վերագտնեն եւ ոգեւորուած՝ յաջորդ օր մրցումի իջնեն։
    Քոնկ ֆու Ուու Շուի արաբական աշխարհի մրցաշարքին կը մասնակցէին 9 երկիրներու հաւաքականներ եւ 22 ակումբներ։
    Բացման հանդիսութեան ներկայ էին արաբական աշխարհի Քոնկ Ֆու, Ուու Շուի ֆետերասիոնի անդամ ներկայացուցիչներ, արաբական երկիրներու դեսպաններ, հիւպատոսներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ ժամանած լրագրողներ եւ չին մարզիչներ։
    Մրցաշարքը ընթացաւ բուռն մրցակցութեամբ։
    Ինչպէս վերը նշեցինք, հաւաքականի եւ ակումբայինի մասնակցող ABBA-ն իր մասնակցութիւնը բերաւ 20 մարզիկներով, որոնք արձանագրեցին պատուաբեր ու հպարտալի արդիւնքներ՝ տիրանալով 72 մետալներու՝ Թաու Լուի եւ Սանտայի մարզին մէջ ձեռք ձգելով 15 ոսկի, 33 արծաթ եւ 26 պրոնզ մետալներ։
    Մրցաշարքի աւարտին, յատուկ արարողութեամբ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ձեռամբ յանձնուեցան առաջնակարգ դիրքերուն արժանացած մարզիկներու մետալները եւ վկայագիրները։
    Նշենք, որ ABBA-ի բոլոր մարզիկները թէ՛ հաւաքականի անունով եւ թէ՛ ակումբայինի անունով կրցան մէկէ աւելի մետալներու տիրանալ՝ նկատի առնելով, որ իւրաքանչիւր մարզիկ իրաւունք ունի 3 մարտարուեստի ձեւ ներկայացնել։
    Սուրիոյ հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման մէջ հանդիսացաւ երկրորդ եւ ստացաւ արծաթէ բաժակը։ Իսկ ակումբայինի մէջ Եգիպտոսի «Զուհուր»ը՝ առաջին, Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ABBA-ն յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին։
    Մրցաշարքի 4 օրերու տեւողութեան Սուրիոյ պատուիրակութեան նախագահ Աւօ Գաթըրճեան հանդիպումներ ունեցաւ կարգ մը երկիրներու ֆետերասիոններու եւ ակումբներու պատասխանատուներուն հետ։ Արաբական աշխարհի ֆետերասիոնի համագումարին Գաթըրճեան խօսք առնելով կրցաւ ներկաներուն համակրանքը շահիլ եւ նիստի ընթացքին դիմում ներկայացուց, որ յաջորդ մրցաշարքը տեղի ունենայ Սուրիոյ մէջ։ Տեղին է յիշել, որ նոյն առաջարկը ներկայացուց նաեւ Պաղեստինի պատուիրակութիւնը։
    Միւս կողմէ, Սուրիոյ Քոնկ ֆու Ուու Շուի ընդհանուր մարզիչ մասթըր Ճորճ Տուռնայեան ընդհանուր իրաւարարներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ գնահատանքի արժանացաւ՝ իր աչալուրջ հսկողութեամբ կատարած մարզումներուն եւ մարզիկներու մակարդակի արագ ոստում արձանագրելուն համար։
    Ահաւասիկ քանի մը տարիներու հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքի արգասիքն է, որ Սուրիոյ ABBA-ն, իր կարգապահութեամբ եւ մարզական բարձր ոգիին շնորհիւ, օրէ-օր իր տիրական դրոշմը կը դնէ Սուրիոյ, արաբական աշխարհի եւ միջազգային բեմերու վրայ։
    Հետեւաբար, հակառակ նիւթական ծանր պայմաններուն, Սուրիոյ հայ սեւ գօտիներու միութիւնը վստահելով իր սեփական ուժերուն ու մանաւանդ միշտ սատար կանգնող յարգելի ծնողներուն եւ բարերար համակիրներուն, կրցաւ դժուարին գործը յաջողութեամբ պսակել՝ բարձր պահելով միութեան անունը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի 90-ամեակին վայել ձեւով մղելու իր մարզիկները, որպէսզի ամէնէն շատ մետալները բերեն անոնք։
    Ահաւասիկ, Սուրիոյ հայ սեւ գօտիներու միութիւնը այս տարի կը փակէ իր մարզական գործունէութիւնը՝ տիրանալով աւելի քան 120 մետալներու՝ խլելով զանոնք Սուրիոյ, արաբական եւ միջազգային դաշտերէն։
    Այս բոլորը իսկապէս գնահատանքի արժանի երեւոյթներ են։ Գնահատանքի արժանի են նախ մեր մարզիկները, որովհետեւ իրենց ճակտի քրտինքով ապահովուած վաստակին է, որուն տիրացան։ Ապա՝ անոնց ծնողները, որոնք քաջալերեցին զանոնք, եւ վերջապէս բոլոր անոնք, որոնք ուրիշին ուրախութեամբ կ՚ուրախանան, յաջողութիւններով կը հպարտանան, որովհետեւ վերջաւորութեան մեր գլուխը բարձր կը պահեն միայն հպարտալի երեւոյթներ, միջազգային, արաբական ու մանաւանդ Սուրիոյ տարածքին՝ իբրեւ հայեր ու մանաւանդ սուրիացի՝ քաղաքացիներ։
    ՍՈՒՐԻՈՅ ABBA-Ի
    ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=16298
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  10. #10
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «ՏԱԹԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»

    «ՏԱԹԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»

    (ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ, ԹԻՒ 1)
    ՀԱԼԷՊ - 2008
    Իրապէս աննախադէպ ու զարմանք պատճառող հրատարակութիւն մը։
    Սուրիահայ պարբերական մամուլի հարիւրամեայ երկար ցուցակին մէջ՝ զուտ հայագիտական անդրանիկ հրատարակութիւնը։
    Ձեռնարկին մտայղացումն ու իրագործումը կը պատկանի Բերիոյ հայոց թեմին։ Ու այս յանդուգն քայլով Հալէպ եւս կը փորձէ իր համեստ լուման բերել Սփիւռքի հայագիտական հայալեզու ուսումնասիրութիւններու այն հարուստ գանձարանին, որուն մէջ այնքա՛ն թանկագին աւանդ ունին Վենետիկը իր «Բազմավէպ»ով, Վիեննան իր «Հանդէս Ամսօրեայ»ով եւ Պէյրութը իր «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ով ու «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ով։
    «Տաթեւ» անունով տարեցոյց մը Հալէպի մէջ հրատարակուած էր անցեալ դարու 20-ական թուականներուն՝ թեմին համբաւաւոր առաջնորդ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Սիւրմէեանի հեղինակութեամբ։ Ան իր տարեցոյցին առաջին համարը 1925-ին Պոլիս տպագրելէ ետք, շարունակած էր զայն հետեւողականօրէն լոյս ընծայել Հալէպի մէջ, մինչեւ 1930։ Ուրեմն, «Տաթեւ Տարեցոյց»էն հրատարակուած էր ընդամէնը վեց թիւ, ընդհանրապէս՝ կրօնական-պատմագրական-յուշագրային բովանդակութեամբ։
    Հին «Տաթեւ»էն շուրջ 80 տարի ետք, հիմա մեր սեղանին վրայ է նոր «Տաթեւ»ը, այս անգամ՝ իբրեւ զուտ հայագիտական տարեգիրք։
    Տարեգիրքին այս առջինեկ թիւը արդէն իսկ բաւական ծաւալուն ժողովածու մըն է, կը հաշուէ 575 էջ։ Լոյսին բերուած է ազգապատկան «Արեւելք» տպագրատունէն, հալէպաբնակ Կարապետեան ընտանիքին մեկենասութեամբ։
    Ժողովածուին մէջ ընդգրկուած են 18 ուսումնասիրութիւններ, նոյնքան թիւով աշխատակիցներով։ Այս աշխատակիցներէն 12-ը սուրիաբնակ են, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ տարեգիրքը ճգնած է ապաւինիլ առաւելաբար տեղական ուժերու վրայ։ Այլ հաշուարկով մը՝ ուսումնասիրութիւններուն 50 տոկոսը ուղղակի կ՚առնչուի սուրիահայոց պատմութեան կամ հայ-արաբ դարաւոր յարաբերութեանց, ինչ որ կ՚արդարացնէ տարեգիրքին այն առաջադրանքը, թէ տեղ պիտի տրուի «նախընտրաբար սուրիահայութեան առնչուող նիւթերու» (էջ 571)։
    «Նախաքայլ» խորագրեալ իր յառաջաբանին մէջ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան կ՚աւետէ տարեգիրքին երեւումը եւ կը մաղթէ, որ անիկա ստեղծէ հայագիտական լուրջ մթնոլորտ ու բեմ։ Հաւանական տրտունջներու ալ առաջքն առնելու համար ան կանխաւ նկատել կու տայ, որ «Տաթեւ» իր աւագ ու երկարակեաց պաշտօնակիցներէն «յաճախորդներ» (իմա՝ աշխատակիցներ - Լ. Շ.) գողնալու» դիտաւորութիւն չունի։
    Այս յառաջաբան խօսքէն այնպէս կարելի է ենթադրել, թէ տարեգիրքին խմբագրական պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ինք՝ Շահան եպիսկոպոս (թէեւ այս մասին չկայ որեւէ նշում)։ Նոյն յառաջաբանը մեզի կը յուշէ նաեւ անունը Միհրան Մինասեանին՝ «խմբագրական աշխատանքին իր բերած աջակցութեան» համար։
    Տարեգիրքին մէջ երեւցող առաջին գրութիւնը (էջ 11-37) կը պատկանի նոյնինքն Շահան եպիսկոպոսին։ Կրօնագիտական այս ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ ենթադրաբար Ժ. դարուն հարեւանութեամբ ապրած Տիմոթէոս հայ վարդապետի մը Ս. Գրային «Արարածոց մեկնութիւն»ը։ Տիմոթէոս, ինչպէս կը նշուի, հայ մատենագրութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ յայտնաբերուած է Մխիթարեան վարդապետներէն հ. Ներսէս Ակինեանի կողմէ, 1952-ին («Հանդէս Ամսօրեայ»)։ Տիմոթէոս սերտած ու մեկնաբանած է Հին կտակարանի «Արարածոց» գլուխները՝ նմանողութեամբը Ե. դարու Եղիշէ պատմիչին ու ԺԳ. դարէն Վարդան Արեւելցիին, որոնք, իրենց կարգին, հանրածանօթ մեկնութիւններ ունին «Արարածոց»ի վերաբերեալ։ Արդ, Շահան եպիսկոպոս կը կատարէ Տիմոթէոսի մեկնութեան բնագիրին «քննական» հրատարակութիւնը՝ նշելով, որ ատիկա մէկ մասն է միայն համալսարանական աւարտաճառի մը, որ տակաւին ամբողջացած չէ։
    Բնագրային հրապարակում մըն է նաեւ Թամար Տասնապետեանի (Լիբանան) յօդուածը, ուր կը ներկայացուի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կողմէ Աստուածածնին ձօնուած «Ներբողեան» մը։ 47 էջ գրաւող այս գրաբար բնագրին մասին շատ հակիրճ բացատրութիւններ տալով՝ Տասնապետեան կը յիշեցնէ, որ՝ «նոյն ճառի վերլուծումը կատարած ենք Սորպոնի մէջ մեր ներկայացուցած տոքթորականին ընթացքին՝ նախագահութեամբ Ժան-Փիեռ Մահէի, եւ ֆրանսերէնի թարգմանած ենք իր հետեւողութեամբ»։ Կը նշուի նաեւ, թէ խնդրոյ առարկայ «Ներբողեան»ը արդէն իսկ տեղ գտած էր Թ. Տասնապետեանի 2003-ին Անթիլիաս տպուած մէկ գիրքին մէջ։
    Միջնադարեան հայ մատենագրութիւնը տարեգիրքին մէջ գրաւած է երկու յօդուածներով։
    Առաջինը կը պատկանի Զուլալ Գազանճեանին (ֆրանսահայ, այժմ՝ Հայաստան հաստատուած), որ մեզի կը ներկայացնէ ենթադրաբար ԺԲ. դարուն ապրած հոգեւորական քերթողի մը՝ Վարդան Անեցիի ուշագրաւ մէկ «Ներբող»ը։ 19-րդ դարու նախաշեմէն սկսեալ՝ այս «Ներբող»ին մասին մեծ խանդավառութեամբ ու դրուատիքով արտայայտուած են հ. Միքայէլ Չամչեանի, Ալիշանի, Արշակ Չոպանեանի, հ. Բարսեղ Սարգիսեանի, Ասատուր Մնացականեանի նման դէմքեր։ Անոր հմայքին տակ մնացած է նաեւ Զուլալ Գազանճեան, որ զայն գեղեցկօրէն գրաբարէ աշխարհաբարի վերածելով՝ հրատարակած է իր «Հատընտիր հայ հին բանաստեղծութեան» ժողովածուին մէջ (Վենետիկ, 1995)։
    Արդ, «Տաթեւ» հիւրընկալած է Զ. Գազանճեանի այդ թարգմանութիւնն ու անոր կցուած գրական վերլուծականը (էջ 109-143), այս վերջինին մասնակի վերամշակումէն ետք։ Իր այս վերլուծականին մէջ Գազանճեան կը նշէ, որ «ներբողին նիւթը հիմնուած է Եզեկիէլ մարգարէին տեսիլքին վրայ եւ կը ներկայացնէ մարդը, առիւծը, եզն ու արծիւը՝ լծուած աստուածային կառքին»։ Ըստ իրեն, Մարդը կը խորհրդանշէ բանականութիւնն ու իմաստութիւնը, Առիւծը՝ ազնուականութիւնն ու վեհութիւնը, Եզը՝ ուժն ու բեղմնաւորութիւնը, իսկ Արծիւը՝ արագութիւնն ու սլացքը։ Ան կը շեշտէ, որ Վարդան Անեցիի այս բարդ ու ինքնատիպ «Ներբող»ը միջազգային կրօնական գրականութեան մէջ կը գրաւէ եզակի տեղ մը՝ իբրեւ քերթողական յանդուգն եւ բարձր նուաճում։
    Միջնադարեան հայ մատենագրութեան առնչուող միւս յօդուածը ստորագրուած է Վարդի Քէշիշեանի կողմէ (Հալէպ)։ Իր սեւեռումին առարկան է ԺԷ. դարու տաղասաց Յովհաննէս Ղալամքեար Հալէպցին (էջ 338-359)։ Հեղինակին համաձայն, հալէպահայ միջնադարեան մշակոյթի պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ տաղերգութիւնը, որուն հետեւորդներէն մին եղած է Յովհաննէս Ղալամքեար Հալէպցին՝ քահանայ, ծաղկող եւ գրիչ միանգամայն։ Կը թուի, թէ նախ Հալէպի մէջ գործած է, ապա այրիանալէ ետք, հաստատուած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքկ, ուր գրչագրուած են իրեն վերագրուող ձեռագիրները։ Ասոնց մէջ շատ ուշագրաւ է տաղարան մը (նկարագրուած՝ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի «Ցուցակ Հալէպի ձեռագրաց»ին մէջ), ուր մէկտեղուած են իր հայերէն ու հայատառ թրքերէն բանաստեղծութիւնները։ Հետագային Երուսաղէմի մէջ եպիսկոպոսական կարգ ալ բարձրացած այս հետաքրքրական տաղասացին կեանքին մասին կարելի տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, յօդուածագիրը նմուշներ կը հրամցնէ անոր տաղերէն։ Կը շեշտուի, թէ՝ «անոր քնարը ամբողջութեամբ թաթախուած է թանձր թախիծով եւ այդ թախիծը անձնական եւ ընդհանրական հիմքեր ունի»։
    Հայ-արաբ առնչութիւնները շօշափող գրութիւն մըն է փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Արաբալեզու աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին» համառօտ ակնարկը (էջ 38-58)։ Յօդուածագիրը ներկայիս կը վարէ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը։ Իր յօդուածին խորագիրը անմիջապէս մեզի յուշեց հայրենի անուանի պատմագէտ ողբացեալ Արամ Տէր Ղեւոնդեանի անունը, որ բարձրարժէք ուսումնասիրութիւններ ունի այս կալուածին մէջ։ Փոլատեան ինք ալ երախտագիտութեամբ կը յիշէ արդէն Ա. Տէր Ղեւոնդեանը, բայց նաեւ անկէ առաջ՝ արաբագէտ Յակոբ Նալպանտեանը, որոնք Խորհրդային Հայաստանի մէջ թէ՛ պրպտեցին հայոց վերաբերեալ արաբական հին աղբիւրները, թէ՛ ալ թարգմանութիւններ կատարեցին ատոնցմէ։
    Ըստ դեսպան Փոլատեանի, արաբական միջնադարեան պատմագրութիւնը այնքան առատ նիւթեր կը պարունակէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին մասին, որ անհնար է զանոնք շրջանցել՝ պատմութեան կնճռոտ դրուագները լուսաբանելու ընթացքին։ Օրինակ, Ալ-Պալազուրին, Ալ-Եագուպին, Ալ-Թապարին, Ալ-Մասուտին, Իպնուլ Ասիրը, Իպնուլ Հաուկալը, Եաքութ Ալ-Համուին (բոլորն ալ՝ Թ. - ԺԳ. դարու հեղինակներ) շատ հարուստ եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեր են հայոց մասին՝ իրենց ստուարածաւալ երկասիրութիւններուն մէջ։
    Նմանապէս, հայ-արաբ կապերուն կ՚առնչուի բժ. Ալեքսան Քեշիշեանի (Հալէպ) գրութիւնը. «Մահմետական ականաւոր հայուհիներ եւ հայեր՝ իսլամ-արաբական պետութեան ծառայութեան մէջ» (էջ 291-307)։ Յօդուածագիրը, որ վաստակաւոր անուն մըն է պատմագրական երկերու հայերէնէ արաբերէն թարգմանութեան կալուածին մէջ, բացառաբար արաբական սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուելով՝ կը խօսի ծագումով հայ տասը դէմքերու մասին, որոնք յիշատակարժան դերակատարութիւն ունեցեր են արաբական խալիֆայութեան պալատներուն կամ բանակազօրքերուն մէջ։ Ասոնք մեծաւ մասամբ գերեվարուած երեխաներ կամ պատանիներ եղած են, որոնք դաւանափոխութեան կամ ազգափոխութեան ենթարկուելէ ետք բախտն ունեցեր են տիրական դիրքեր գրաւելու արաբ աւագանիի անմիջական շրջանակին մէջ։ Շատ նշանաւոր է, օրինակ, Մուսուլի (Իրաք), սուլթան Պատրէտտին Ապտալլա Լուլու Ալ-Արմանին (13-րդ դար), որ շիի իսլամ մըն էր, եւ որ 45 տարի անընդմէջ իշխած է գրեթէ բովանդակ Միջագետքի վրայ։ Կ՚ըսուի, թէ «այսօրուան Մուսուլ քաղաքի ամենագեղեցիկ եւ շքեղ իսլամական կառոյցները՝ մզկիթներ, դամբարաններ, մետրեսէներ եւ այլն կը պատկանին Լուլուի շրջանին»։
    Մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը վերընթերցելու եւ անոր անյայտ ծալքերը բանալու փորձ մըն է Պերլինի Ազատ համալսարանէն Էլքէ Հարթմաննի (հաւանաբար գերմանուհի մը) 60 էջանի ուսումնասիրութիւնը, որ նուիրուած է 1877-ին բացուած օսմանեան առաջին խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն։ Գրութեան բնագիրը անգլերէն է եւ զայն հայացուցած են Վահէ Թաշճեան եւ Նանոր Միքայէլեան։ Հիմնուելով այդ շրջանի խորհրդարանի ատենագրութիւններուն, Պոլսոյ երբեմնի «Մասիս» թերթի լրատուութիւններուն, ինչպէս նաեւ օտարալեզու բազմաթիւ հրատարակութիւններու վրայ՝ յօդուածագիրը կը պատմէ, որ 1877-ի օսմանեան խորհրդարանի առաջին նստաշրջանին կային 119 երեսփոխաններ (մեպուս), որոնց 12-ը հայեր էին։ Երկու հայեր ալ կային ծերակոյտին մէջ։ Յօդուածագիրը ափսոսանքով նկատել կու տայ, թէ այսօր, շատ դժուարացած է գտնել կենսագրական տուեալները մանաւանդ ա՛յն հայ մեպուսներուն, որոնք կը ներկայացնէին ներքին նահանգները։ Յայտնի է սակայն, որ անոնք կու գային դրամատէրերու եւ վաճառականներու դասէն, յաճախ ալ պետական նախկին պաշտօնեաներ էին։ Ան զարմանալի կը գտնէ, որ հայ պատմագրութիւնը անիրաւօրէն գրեթէ միշտ ջանացած է լուսանցքի վրայ թողուլ այս երեսփոխանները, ստորագնահատել, նոյնիսկ «ազգային» զգացումներէ պարպուած նկատել զանոնք...։
    Մեր մօտիկ անցեալին կ՚առնչուի նաեւ Պարտիզակի մասին այն գրութիւնը, որ ստորագրած է Արա Ստեփան Մելքոնեան (էջ 471-495)։ Յօդուածագրին նախահայրերը Պարտիզակէն են, ինք սակայն ծնած է Անգլիա։
    Ինչպէս գիտեն շատեր, Պարտիզակ զուտ հայաբնակ մեծ գիւղ մըն էր Նիկոմիդիոյ շրջանը, շուրջ տասը հազար բնակիչներով։ Անիկա ծննդավայրն եղած էր հ. Արսէն Ղազիկեանին, Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանին, Մինաս Թէօլէօլեանին, Հրաչ Քաջարենցին...։ 1915-էն ասդին այլեւս լրիւ հայաթափ է, վերակոչուած է Պահճեճիկ։
    Արա Մելքոնեան, որ 1969-ին կրցեր է այց մը տալ հոն, հիմա իր սոյն յօդուածով կ՚ուզէ վերականգնել Պարտիզակի մասին իր տեղեկութիւնները։ Կ՚օգտուի առաւելաբար երկու գիրքերէ. Գրիգոր Մխալեանի «Պարտիզակն ու պարտիզակցին» (Գահիրէ, 1938) եւ Յակոբ Տէր Յակոբեանի «Պարտիզակը խատուտիկ» (Փարիզ, 1962)։
    Մասամբ երաժշտական ու մասամբ ալ պատմագրական բնոյթ կը կրէ հալէպաբնակ Ժիրայր Ռէիսեանի հետաքրքրական ընդարձակ յօդուածը (էջ 418-470), որ նախ կը խօսի հայկական Ս. պատարագի ձեւաւորման ընթացքին մասին, այնուհետեւ մի առ մի կանգ կ՚առնէ անոր քսանի չափ տարբերակներուն կամ մշակումներուն վրայ։ Ըստ յօդուածագրին, հայկական պատարագը իր վերջնական ձեւը ստացած է 17-րդ դարու վերջերը։ Իսկ անոր առաջին ձայնագրութիւնը կատարուած է 1873-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, պոլսահայ երգահան ու երաժշտապետ Նիկողոս Թաշճեանի կողմէ։ Ս. պատարագի ամէնէն յայտնի (եւ ընդհանրացած) քառաձայն մշակումները կը պատկանին Մակար Եկմալեանին ու Կոմիտասին։ Նուազ կիրարկելի կը մնան հ. Արսէն Այտընեանի, Արա Պարթեւեանի եւ Խորէն Մէյխանաճեանի տարբերակները։ Դեռ ընդլայնումի ու պեղումի կարօտ նիւթ մըն է ներկայացուածը, քանի յօդուածագիրն իսկ կը յիշեցնէ, թէ կան պատարագի դաշնաւորումի այլ տարբերակներ ալ, որոնք միայն անունով ծանօթ են իրեն։
    Ինչպէս դիտել տուինք հեղ մը, «Տաթեւ»ի մէջ լայն տեղ գրաւած են սուրիահայոց առնչուող նիւթերը։ Այս մերձեցումը, կը խորհինք, տեղին է ու քաջալերելի, եւ շարունակուելու պարագային՝ անիկա կրնայ ամէնէն ուշագրաւ յատկանիշը դառնալ «Տաթեւ»ին (ի տարբերութիւն հայագիտական միւս տարեգիրքերուն) ու զայն վերածել գաղութին պատմութեան վստահելի մէկ աղբիւրին։
    Այս ծիրին մէջ Հուրի Ազեզեանի (Հալէպ) ուսումնասիրութիւնը 50 էջերու երկայնքին սեւեռումի կ՚ենթարկէ հայերու հնագոյն ու վաղնջական ներկայութիւնը պատմական Սուրիոյ մէջ (Սելեւկիա), Ն. Ք. առաջին քանի մը դարերէն մինչեւ Մեծն Տիգրանի շրջանը։ Բայց ասիկա իրական իմաստով «ներկայութիւն» մը չէ եղած, այլ առնչութիւններու շղթայ մը դրացի ազգերու եւ պետութեանց միջեւ՝ տնտեսական, առեւտրական, ճանապարհորդական եւ այլ երեսակներով։
    Բաւական արտասովոր նիւթ մը կը շօշափէ Մ. Նահանգներէն Էլիզ Սեմերճեանի յօդուածը (էջ 257-290), որ վերնագրուած է՝ «Հայկական կեանքը արդի Հալէպի վաղ օսմանեան ժամանակաշրջանին. ուսումնասիրական փորձ մը՝ հայ ընկերային կեանքի պատմութեան համար իսլամական աղբիւրներու օգտագործման առնչութեամբ» (թերեւս ըսել կ՚ուզուի «... աղբիւրներու օգտագործման ՃԱՄԲՈՎ»)։ Կ՚ենթադրենք, որ սոյն գրութեան բնագիրը անգլերէն է, քանի խմբագրութիւնը կը նշէ, որ անիկա հայերէնի թարգմանուած է Լենա Փալանճեանի կողմէ։ Յօդուածը երեւան կը հանէ անունները նախաեղեռնեան շրջանին (17-19-րդ դարեր) Հալէպ հաստատուած այն հայերուն, որոնք իրենց դատական տարաբնոյթ հարցերուն լուծում փնտռած են տեղական շարիա (իսլամական օրէնքի հիման վրայ գործող) դատարաններուն մօտ, «արդար դատավճիռ»ներու ակնկալութեամբ։
    Երեւոյթը առաջին ակնարկով անբնական կը թուի, քանի օսմանահպատակ հայերը պաշտօնապէս ճանչցուած էին իբրեւ առանձին միլլեթ եւ ունէին իրենց համայնքային դատարանները։ Բայց Է. Սեմերճեան շարիա դատարաններու պաշտօնական արձանագրութեանց (որոնք պահպանուած են Դամասկոսի Պետական արխիւատան մէջ) հիմամբ կը փոխանցէ վստահելի տեղեկութիւններ ու կը կատարէ երեւոյթին ընկերաբանական վերլուծումը, մասնաւորաբար՝ հայ-մահմետական յարաբերութիւններու տեսակէտէն։
    Նորա Արիսեան (Դամասկոսէն) կանգ կ՚առնէ սուրիացի համբաւաւոր գրող Մոհամետ Քուրտ Ալիի (1876-1953) երկերուն մէջ հայոց վերաբերեալ հատուածներուն վրայ։ Արաբ գրողը, ինչպէս յայտնի կը դառնայ Արիսեանի յօդուածէն, ընդհանրապէս վեր առած է հայերու ապրած արհաւիրքին դիմաց արաբներու ցուցաբերած վեհանձնութիւնը։
    Հալէպաբնակ բանասէր ու բանահաւաք Միհրան Մինասեանի յօդուածը խորագրուած է «Հայն ու հայկականը՝ հալէպցիներու բերնին մէջ» (էջ 360-388)։ Ինչպէս ինք կ՚ըսէ, այս ուսումնասիրութեամբ տրուած են «Հալէպի արաբ տարրին մէջ գործածուած եւ հայութիւն «բուրող» բոլոր ժողովրդական առածները, խօսակցական լեզուին մէջ տեղ գտած ըսելաձեւերը, տեղացի արաբ քրիստոնեաներուն կողմէ որդեգրուած եւ հայկական ծագում ունեցող անձնանուններն ու ազգանունները, հայերէնէ [արաբներուն] փոխանցուած բառերուն ստուգաբանութիւնները, [արաբներու կողմէ] հայերու մասին պատմուող մանրապատումները... եւ այլն»։ Իր այս շահեկան աշխատանքին համար Մինասեան առաւելաբար ուղեցոյց ունեցած է գործերը հալէպցի երկու անուանի բանասէրներու՝ Խէյրէտտին Ալ-Ասատի (1900-1971) եւ հայր Եուսուֆ Գուշակճի (1913-1995)։ Երկու հեղինակներն ալ ահագին նիւթ ամբարած են իրենց տպագրեալ գիրքերուն մէջ՝ Հալէպի ժողովրդային բանահիւսութեան եւ ազգագրական արժէքներուն մասին։
    Հիւսիսային Սուրիոյ հայկական երբեմնի փոքր գաղութներու պատմութեան գրառումին համար իբրեւ ատաղձ կրնայ ծառայել Անի Ֆիշենկճեանի (Հալէպ) 25 էջնոց աշխատասիրութիւնը՝ Թել Պրագ գիւղին մասին։ Գիւղը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը, Գամիշլի եւ Հասիչէ քաղաքներուն միջեւ։ 1930-ին գիւղն ու անոր շրջակայ հարթ տարածութիւնները կը գնուին հայոց կողմէ՝ իբրեւ «ազգային կալուած», այնտեղ նորեկ հայ գաղթականներ տեղաւորելու նպատակով։ Տարածքին վրայ կը շինուին երկու գիւղակներ՝ Մեսրոպաշէն եւ Սահակաշէն անուններով։ Երկու գիւղակները միասնաբար կ՚ունենան մօտ 650 բնակիչ։ Բայց անգործութիւնը, ջուրի ու խնամատարութեան չգոյութիւնը եւ... բանկալային վէճերը յուսահատութեան կը մատնեն գաղթականները։ Գիւղը կ՚ամայանայ։ Երկու տարի ետք՝ 1933-ին քսան հայ ընտանիքներ կրկին կը հաստատուին հոն, պատ. Ահարոն Շիրաճեանի նախաձեռնութեամբ։ Յօդուածագիրը կը պատմէ այս բոլորը՝ միաժամանակ հրատարակելով տեղեկագիր-նամակներ, որոնք լոյս կը սփռեն դէպքերու հոլովոյթին վրայ։
    Հանրայայտ դէմքերու նամականին միշտ հետաքրքրութիւն առթած է ընթերցողներուն մօտ ու գրական-բանասիրական մամուլն ալ տեւաբար հաճոյքով հիւրընկալած է զանոնք։ «Տաթեւ» իր առաջին թիւով տեղ տուած է հալէպահայ յայտնի ակնաբուժ եւ մշակութային գործիչ տոքթ. Ռոպեր Ճեպեճեանի (1909-2001) նամականիին։
    Նամակները հրատարակութեան տուած է ողբացեալ բժիշկին կողակիցը՝ Լուիզա Խապայեան-Ճեպեճեան (էջ 389-417)։ Նամակներէն հինգը հասցէագրուած են փարիզաբնակ ականաւոր բիւզանդագէտ փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեանին, երկու նամակ ալ՝ փարիզաբնակ վիպագիր Վահրամ Կաքաւեանին (Վիկտոր Կարտոն)։ Ասոնց կցուած են ստացուած պատասխան-նամակներն ալ։ Զարմանալի է սակայն, որ նամակները լոյսին բերուած են գրեթէ առանց հարկաւոր ծանօթագրութիւններու կամ ճշդումներու, եւ այս զանցառումը, դժբախտաբար, բաներ մը պակսեցուցած է անկասկած նամականիի «գիտական» արժէքէն։
    Տարեգիրքին գրականագիտական միակ յօդուածը Նիւ Ճըրզիէն բանիբուն բանասէր Վարդան Մատթէոսեանի «Կարսի անկումին սուգը»ն է, որով վերլուծումի կ՚ենթարկուի Եղիշէ Չարենցի նշանաւոր «Երկիր Նայիրի» վէպը։ 30 էջանի այս գրութեան մէջ Մատթէոսեան կը շեշտէ, որ Չարենցի նշեալ վէպը «հակազդեցութիւն մըն էր Կարսի երկրորդ անկումին (հոկտ. 1920) եւ Կարսի դաշնագրին (հոկտ. 1921)»։ Ան վերլուծումի կ՚ենթարկէ վէպին գործողութիւններուն ընթացքը, լուսարձակի տակ կ՚առնէ հերոսները։ Դասական իմաստով գրավերլուծում մը ըլլալէ աւելի՝ մատենագիտական յորդահոս տուեալներով յագեցած գրական պատում մըն է Վարդան Մատթէոսեանի այս գրութիւնը, հարազատ՝ հեղինակին ընկալեալ ոճին ու «արդիաշունչ» մերձեցումին։
    «Տաթեւ»ին վերջին երկու յօդուածները կը կրեն տեղեկատուական բնոյթ։ Սալբի Գասպարեան (Հալէպ) ամփոփ գիծերով ներկայացուցած է Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ գործող հայագիտական հիմնարկները, հիմնուելով «Association International Des Etudes Armniռnnes»ի համացանցի կայքէջին հրապարակած պաշտօնական տուեալներուն վրայ։ Իսկ Բեկի Էքմանեան (Հալէպ) սեղմ տողերով անդրադարձած է 2007-ին լոյս ընծայուած հայագիտական բնոյթի երկվեցեակ մը նորատիպ հրատարակութիւններու։
    * * *
    «Տաթեւ Հայագիտական Տարեգիրք»ին ընթերցումը աւարտեցինք գոհունակ տրամադրութեամբ։
    Լուսանցքի վրայ կ՚արձանագրենք սակայն քանի մը նկատումներ կամ նշումներ, «ազնուական վեհանձնութեամբ ու անաչառութեամբ», ինչպէս կ՚ակնկալէ Շահան եպիսկոպոս իր յառաջաբանին մէջ.
    1.- Դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ նկատումներով «Տաթեւ» քողարկեալ պահեր է իր խմբագրին անունը։ «Պատասխանատու խմբագիր»ի կամ «Խմբագրական կազմ»ի մը անունները անհրաժեշտ են նման հատորի մը պարագային՝ թէ՛ պատասխանատուութեան ստանձնումի հարկադրանքով, թէ՛ ալ աշխատակիցներուն կամ ընթերցողներուն հետ իբրեւ հաղորդակցութեան իրաւական ուղի։
    2.- Պէտք է ուշադիր ըլլալ լեզուական կամ քերականական խորթութիւններուն, որոնք երբեմն աչքի կը զարնեն մանաւանդ թարգմանածոյ գրութիւններուն մէջ։ Օրինակ՝ «... ան կը նախագահէ Պոլսոյ Բարձրագոյն Բժշկական Յանձնաժողովը» (էջ 151, գրել՝ «կը նախագահէ... Յանձնաժողովին»), կամ՝ «անոր կը ծանօթացնէ ժամանակի ամենակարեւոր հայ բարենորոգիչներուն» (էջ 157, գրել «...բարենորոգիչները»)։ Եւ դեռ՝ ո՛վ ի՛նչ կը հասկնայ այսօրինակ նախադասութենէ մը.- «մեծ դեր ունէր այս թոյլ մեկնաբանութեան ամրապնդումին ու արդէն իսկ նօսրացած հայկական պատմագրութիւնը պատանդ պահելու փաստարկումի մը ենթադրեալ անհրաժեշտութեան անվերջ շրջանակին մէջ»... (էջ 188)։
    3.- Հարկ է նոյնքան եւ աւելի ուշադիր ըլլալ ուղղագրական վրէպներու նկատմամբ, որոնց գոյութիւնը բնաւ չ՚արդարանար «հայագիտական» հրատարակութեան մը էջերուն մէջ։ Օրինակ՝ երբէք (էջ 59), շրջաբակ (168), ամենուրէք (292), հրապարակախոս (337), ամենուր (339), հանգ (357), խառոյկ (369) եւ այլն։
    Շփոթ մը առկայ է նաեւ բայերու ժխտական խոնարհումի կալուածին մէջ, քանի տեղ-տեղ գլուխ կը ցցեն խոնարհումի սխալ ուղղագրաձեւեր, ինչպէս չի նշանակէր (էջ 146, 171, 202), չի գիտէր (184), չէին արձանագրուէր (270), չեն բերէր (357) եւ այլն (բոլոր ընդգծումները մերն են - Լ. Շ.)։
    4.- Թիւով քիչ իսկ ըլլան, նկատելի են տեղեկատուական որոշ սխալներ։ Նշենք մէկ քանին.
    - Էլքէ Հարթմաննի գրութեան մէջ յիշատակուած ականաւոր հայ բժիշկը՝ «Գասպար Սնապեան» պէտք է ըլլայ Գասպար Սինապեան (էջ 151)։
    - Նոյն գրութեան մէջ, ակնարկելու առթիւ օսմանեան արքունի փողերանոցի վարիչ Տիւզեան ընտանիքի պատմական աղէտին, կ՚ըսուի, թէ անոնք «կը գլխատուին 1819 փետրուար 5-ին, զոհ երթալով Գազազ Արթին Պէզճեանի եւ ուրիշներու նախաձեռնած դաւադրութեան» (էջ 152)։ Այս վարկածը հիմնովին ժխտուած է Պոլսոյ պատմագիրներուն կողմէ։ Զորօրինակ, Օրմանեան կը գրէ որ «բոլորովին ձրի զրպարտութիւն կը գտնենք Պէզճեանն ալ Տիւզեանց թշնամիներուն մէջ դասելը», յետոյ կ՚աւելցնէ.- «թէ՛ արկածէն առաջ, եւ թէ՛ արկածին ատեն, եւ թէ՛ արկածէն ետքը միշտ Տիւզեանք եւ Պէզճեան բարեկամական յարաբերութեանց մէջ մնացին» (տե՛ս «Ազգապատում», Գ. հատոր, հմ. 2363)։
    - Հ. Ազէզեանի գրութեան մէջ պատմական Հայաստանի սահմանները ներկայացուած են՝ «հիւսիսէն՝ Կովկասի լեռները, հարաւէն՝ Անդիտաւրոս ու Պոնտոս, արեւելքէն՝ պարսկական սարահարթը...» (էջ 207, ընդգծումը մերն է - Լ. Շ.)։ Որքան գիտենք Պոնտոսի երկրամասը, Սեւ ծովու եզրին, բոլոր ժամանակներու մէջ ալ գտնուած է Հայաստանի հիւսիսային կողմը...։
    - Ժ. Ռէիսեանի յօդուածին մէջ կ՚ըսուի, թէ Էմի Աբգարի դաշնաւորած հայկական պատարագը 1917-ին արժանացած էր «Գէորգ Զ. կաթողիկոսին» գնահատանքին ու կոնդակին (էջ 444)։ Ճիշդը՝ Գէորգ Ե. կաթողիկոս (Սուրէնեանց), որ գահակալած է 1912-1930։
    Դիւրաւ սրբագրելի սխալներ են ասոնք։ Ու պէտք է յուսալ, որ «Տաթեւ» իր յաջորդ թիւով, թօթափած պիտի ըլլայ արդէն նմանօրինակ թերիները։
    «Տաթեւ»ի երեւումը յուսալից եւ ոգեպնդող երեւոյթ մըն է Սփիւռքի նահանջողական պայմաններուն մէջ։ Հալէպի «ճիտին պարտք»ն է հաստատուն հիմերու վրայ դնել այս գնահատելի նախաձեռնութիւնը եւ երաշխաւորել անոր հետեւողական ու կանոնաւոր հրատարակութիւնը։


    ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
    Հալէպ
    «Ազդակ»
    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 19.03.2009, 23:12:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Էջ 1 3-ից 1 2 3 ՎերջինըՎերջինը

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •