«Արարատից Սիոն» խորագրով մի ֆիլմ հրատարակուեց վերջերս. ներկայացուեց եւ գրախօսուեց: Չդիտեցի: Սակայն տխրայոյզ ափսոսանքս յայտնեցի այդ վաւերագրական ֆիլմի անուան մասին, որ հոյակապ նկարագրում է հայութեան ընթացքը՝ գահավիժում, կորուստ, ուծացում եւ ձուլում:
Պաղեստինահայերից գիտեմք խմբավար եւ երաժիշտ Օհան Դուրեանը (Խաչատուրեան), ով հայրենիք ներգաղթելով, իր եւ իր սերունդների ապագան կապեց Պատմական Հայաստանի տասը տոկոսը կազմող Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայի հետ, քանի որ միայն համախումբ եւ պետական միաւորներով կազմակերպուած հայութիւնը հայ կը պահուի ու հայօրէն կը զարգանայ:
«Սիոն» գնացած հայերը կրօնական դրդապատճառներով են գնացել, բայց վերջին հարիւր-հարիւրյիսուն տարիներում գնացել են փախչելով հայի համար թուր սրող թուրքերից:
Մարգարէների հայրենիքում եւ Տիրոջ գերեզմանին ու ծննդավայրին վրայ այնպէս էլ համերաշխ ապրել չկարեցող միաստուածութիւն դաւանող կրօնների եւ նոյն կրօնի տարբեր յարանուանութիւնների ներկայացուցիչ ժողովուրդներն ու համայքները ի վերջոյ յանգեցան պատերի ու պատուարների կառուցման: Հայեր հեռացան, ի Լոնդոն եւ այլուր: Ոչ միայն հայեր, այլեւ միւս ազգերի ներկայացուցիչներ: Հետեւաբար սրբատեղի երկիրը այնքան էլ օրհնուած ու աստուածահաճոյ դրութեան մէջ չէ: Պակասողը արդարութիւն է, որ խաղաղութեան գաղտնաբառն է:
Ստորեւ մէջբերում եմ այս տարուայ «Գանձասար»ի Օգոստոս Գ. Համարից մի կարճ լուր: Ընթերցենք «Արարատից Սիոն» տանող ճանապարհի «աւարտ»ի աւարտը «աւետող» լուրը:
,,,Այս խորագրով լուր մը կատարած է Ռոյտերզ, Յունիս 29-ին, անդրադառնալով երուսաղէմի հայ համայնքի մտահոգութիւններուն: Հոն ըսուած է, թէ քաղաքին հայկական թաղամասին գրախանութներէն մին բծախնդրութեամբ պահպանած է յիշատակներ, որոնք մնացած միակ հետքերն են Թուրքիոյ քարտէսէն հարիւր տարի առաջ ոչնչացուած հարիւրաւոր հայկական համայնքներէն:
,,,Դար մը ետք, այսօր Երուսաղէմի հայերը նոյն վախը ունին իրենց իսկ համայնքին գոյատեսման առնչութեամբ, համայնք մը, որ 1500 տարուան պատմութիւն ունի: 97-ամեայ Արշալոյս Զաքարեան կը խոստովանի, թէ 2000 հոգինոց համայնքը մահամերձ է, եւ միայն եկեղեցին է, որ կը համախմբէ հայերը: Հայկական պատրիարքութեան պատասխանատուներն ալ համոզուած են, որ իսրայէլեան պետութեան վարած կեցութեան եւ բնակարաններու շինութեան ընդհանուր քաղաքականութեան հետապնդած նպատակն է Երուսաղէմէն հեռացնել ոչ հրեայ բոլոր քաղաքացիները: Այսպէս, պատրիարքարանի նախկին քարտուղար, պատմաբան Ջորջ Հինդլեան վկայած է Ռոյտերզի թղթակիցին, որ անցեալ ամիս հինգ հայերու կեցութեան արտօնութիւնները յետ առնուած են, որոնք ծնած են Սրբազան Քաղաքին մէջ: Նշենք, որ ոչ հրեաները, որոնք կը կազմեն Երուաղէմի 75000-անոց բնակչութեան մեկ երրորդը, կրնան միայն կեցութեան արտօնութեան դիմում կատարել, բայց ոչ Իսրայէլի քաղաքացիութեան, 1967-էն՝ Արեւելեան Երուսաղէմի հրեաներու կողմէ գրաւումէն ի վեր:
,,,Նոյնիսկ եթէ իսրայէլացիներու մեծ մասը կը համակրի հայութեան՝ ճակատագրի հասարակած գիծերու պատճառով, հայերը կը շարունակեն մնալ վերապահ ու մտահոգ: Ըստ Ռոյտերզի. «Իսրայէլացիներուն համար մենք ցեղասպանութենէն վերապրածներ ենք, բայց իսրայէլեան վարչակազմի աչքին՝ ամէն բանէ առաջ պաղեստինցիներ ենք» կ’ըսէ Հինդլեան: Մեծ է թիւը այն հայերուն, որոնք քաղաքի հին մասին մէջ նախատեսուած տարածքային ծրագիրներուն անձկութեամբ կը հետեւին: Ու հաշիւը շատ յստակ է: Հայերու ապրած շրջանը ընդգրկող այդ ծրագիրներով կը նախատեսուի շատ քիչերը ընդունիլ այն 40000 բնակիչներէն, որոնք այսօր հոն կ’ապրին: Այդ թաղամասերուն մէջ աւելի քան 16000 հայ կ’ապրէր 1940-ականներուն:
,,,Ռոյտերզ կ’ըսէ, թէ Հայց. Եկեղեցին, որ տէր է Սրբազան Քաղաքին մէջ մեծ կալուածներու, յատուկ պատճառ մը չունի իր ապագային նկատմամբ մտահոգ ըլլալու, մանաւանդ որ ունի Սփիւռքի նեցուկն ալ: Բայց բուն հարցը կը վերաբերի հայերու պակսող թիւին. այն ալ այլ հարց, որ երբ հայեր կը մեկնին ու կ’ուզեն վերադառնալ, իսրայէլեան պետութիւնը արգելք կը հանդիսանայ: Եւ ըստ Հինդլեանի, նուազող այս թիւն ալ իսրայէլացի շատ մը դիւանագէտներու ըսել կու տայ. «Նայեցէք, հայերը ահագին տարածքներու տէր են, մինչ շատ փոքրաթիւ են»: