Մէջբերում հայ մամուլից
13 դեկտեմբերին Կահիրէի համալսարանի բանասիրական բաժինին մէջ պաշտօնապէս կատարուեցաւ բացումը Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին, որ հիմնադրուեցաւ երկրին կառավարութեան յատուկ որոշումով: Կեդրոնը սկսաւ գործել Յունուարին: Հայոց լեզուի ուսուցման զուգահեռ, կեդրոնը պիտի ունենայ գիտական գործունէութեան յատուկ ծրագիր:
Բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ պրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեան «Հայ-արաբական պատմամշակութային յարաբերութիւնները» թեմայով, ուր ան անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութեանց, տարբեր ժամանակներուն մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի տնտեսական, քաղաքական, կրթամշակութային ասպարէզներուն մէջ հայերուն ունեցած դերակատարութեան, Ցեղասպանութիւնէն փրկուած հայ գաղթականներուն հանդէպ արաբ ժողովուրդին խնամատար եւ բարեգութ վերաբերմունքին:
Ելոյթի աւարտին Նիկոլա Յովհաննիսեանի յանձուեցաւ յուշանուէր մը:
Նշենք, որ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի համագործակցութեամբ տեղի ունեցած յիշեալ ձեռնարկը առաջին քայլն էր այս գործակցութեան:
Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան եւ պետական կազմաւորման ասպարէզներում հայեր բացառիկ դեր են ունեցել: Ուրախանալի է հայագիտական ամբիոնի հիմնումը՝ բարեկամ պետութեան հովանաւորութեամբ եւ միջոցով: Սա անկասկած տարբեր է, հալաջողլուի ստեղծած «հայկական ուսումնասիրութեանց» թրքական կեդրոնից: Վերջինս միտի հակահայկական թեզեր գտանել, հակահայ քարոզչութիւն կատարել հայ մատենագրութիւնից օգտւող «հայագէտ» թուրքերի միջոցով: