Հայ Հօր խրատը
Սիրոյ ծաղիկ, իղձ հոգեթով, մտքիս անուշ ոլորտներով
Եկար ահա դուն մարմնացած, մոլորակներն անդին ձգած,
Արեւածին արիական, ընտիր ցեղէն արմէնական
Տունս քեզի տաք իջեւան, իմ հայ տղաս դուն պատուական
Հետդ բերիր խինդ ու հրճուանք, մերթ վարդ փշոտ, մերթ տուայտանք,
Շատ գիշերներ հոգի մաշող, քուն խանգարող լա՜ց սիրտ ճմլող,
Ամէն րոպէ հոգ մը առթող, բայց ես մօտդ եմ քեզ պարուրող,
Պաշտպանդ եմ միշտ հաշտ ու ներող, եւ անձուրաց, եւ համբերող:
Անմեղ, սիրուն քու աչերդ երբ կը դիտեմ, ի՜նչ գուշակեմ,
Կը մանկանամ պահ մը հոգւով, քեզի ընկեր կ'ըլլամ սիրո՛վ,
Քաղցր լուծդ ես կրելով՝ յար կ'ամբարեմ ուժ ու կորով,
Թեւ ու թիկունք պատրաստակամ, մինչեւ այն օրն՝ անկար դառնամ:
Այս բոլորը պիտի գիտնաս, ականջ որ տաս, լաւ հասկնաս,
Չկան մօտս արտ, ոսկիներ, ունիմ տալիք թանկ խրատներ,
Միշտ յիշէ որ դուն տիրացար շքեղ գանձին զուտ ու արդար,
Ազգէն ժառանգ հայ արիւնին, որ զայն պահես ուժեղ, անգին:
Այս նոր դարուն քեզ կը սպասեն շլացնող բիւր թակարդներ,
Թոյն սրսկող դաժան մտքեր, ապականող նորոյթ բարքեր,
Ազգ, ընտանիք քանդող ձեռքեր, պատուար կանգնէ դուն անվեհեր
Դրօշակակիր՝ պապենական անշեղ պատուին, սուրբ հաւատքին:
Հայութիւնդ քեզի աւանդ, ճակտիդ վրայ զարդ պարծանք
Մարդկութիւնն ալ յուզող տենդեր, քեզի թող տան խանդ ու խայծեր,
Ինչ որ առիր ինձմէ փոքրիկ՝ աւելցնես բիւրապատիկ,
Հուսկ դառնալով գործիդ վկան, օրհնութիւն տամ քեզ հայրական:
Յարութ Ճենանեան