Ամէն ժողովուրդ պետական կազմ ստեղծելու մակարդակին կը հասնի. հասնելով քաղաքական ու քաղաքացիական բարձր գիտակցական մակարդակի:
Կը թուի թէ հայ ժողովուրդի ստուար մեկ մասին համար ազգային լեզուն, հայերէնը, ժամանակաւոր հագուստ կրնայ ըլլալ. անոր բացակայութիւնը արգելք չէ ազգային ինքնագիտակցութիւն դրսեւորելու եւ հանդէս գալու իբր հայրենասէր հայ մարդ:
Իռլանդացիներուն պէս՝ կարելի է ուրիշ լեզու խօսիլ եւ պայքարիլ ազգի եւ հայրենիքի ազատութեան համար:
Այսինքն՝ օր մը կարելի է թուրքախօս հայ ըլլալ, ուրիշ օր մը անգլախօս, ռուսախօս... եւ միշտ հայ ու հպարտ հայկական ինքնութեամբ:
Այս կերպ մտածողներուն համար ազգայիններ են նաեւ հայերէն չբարբառողները, քանի որ հայկական բանի մը հետ առնչութիւն ունին կամ ունեցած են հոս կամ հոն:
Ի պատուի են օտարախօսները, քանի որ օտար լեզուներով կը խօսին եւ հայ ըլլալնին կը յիշեն կամ կը յայտնեն:
Այսինքն՝ ով օտարախօս է եւ հայ ըլլալը կը նշէ՝ աւելի սիրելի է, քանի որ այլասէր հայու մէջի ստրուկը կը հրճուի ի տես «օտարի» հայասիրութեան եւ հայ ինքնութեան ընդունման:
Իսկ ով միշտ կը յայտնէ իր հայ ըլլալը՝ չխօսելով հայ ըլլալու մասին, այլ պարզապէս ապրելով իր հայկականութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւայլն, անտեսուած է:
Այլասիրութեան, օտարասիրութեան եւ ազգային թերարժէքութեան տեսակ մը արձագանգը՝ դրսեւորուած մեր լրագրողներու, հեռատեսլային աշխատակիցներու եւ հասարակական գործիչներու գործունէութեամբ, որ ամէն տեղ հայ փնտռել է, առանց տեսնելու իր «քթի տակի» հայը:
Կարեւորը մեր մարդը յաջողած է, գրպանը դրամ շատ, հարթակներ գրաւած եւ գուցէ ներդրում կատարէ ՀՀ-ի մէջ:
Անշուշտ երբ այս տողերը կը գրեմ՝ իմ մտի ունիմ այն, որ ես, եւ ընթերցողս, գիտեմ իմ մասին՝ չունիմ ընդհանրացնելու, բոլորը միագոյն ու միատեսակ դատելու եւ համարելու հակում:
Այսուհանդերձ, երբ կը խօսին ազգային հպարտութեան եւ հերոսական անցեալի մասին, ի՞նչ կը հասկընան, չեմ գիտեր, երբոր իրենց մէջ պարտուած ու յաղթուած է ազգային լեզուն՝ հայերէնը:
Մեր ազգային լեզուն հայերէնն է: Ո՛չ խոռերէնն է, ո՛չ խեթերէնը, ո՛չ ալ սպաներէնը:
Մենք ունեցեր ենք խայտառակ պարտութիւններ եւ հերոսական պարտութիւններ:
Մեր հերոսամարտերը հերոսական պարտութիւններ են: Պարտութիւն են, քանի որ հայրենիք յանձնեցինք: Ո՞վ կը հակասէ: Ո՞վ կը մերժէ հասկընալ հայ մարդու վիշտը, երբ կը թողուր անյիշելի ժամանակներէ ի վեր ապրած հայրենիքը: Պարտութիւն բերած կռիւի պատճառը հայ մարդու ունեցած դիրքն էր այդ հող-հայրենիքի վրայ:
Եւ լեզուն չպահպանելը, ուր որ ըլլայ, խայտառակ պարտութիւն է, քանի որ այստեղ հայ մարդն է միակ մեղաւորը, մեղքի մեծագոյն բաժինի պատասխանատուն:
Ոչ ոք քեզ կը ստիպէ, այլեւս, որ տան մէջ թրքերէն, քրդերէն կամ յունարէն խօսիս. ազատ ես, եւ լեզուդ կորսնցնելդ կամ պահելդ ու զարգացնելդ քու ընտրութիւնն է:
Հայ մտաւորականը, որ հայերէն չի գիտեր ու հայերէն չի գրեր, ըստ իս կա՛մ հայերէնի հանդէպ արհամարհանք ունի, կամ ալ կեղծ մտաւորական է, կեղծ գիտնական է, քանի որ իր ծուլութիւնը հայերէնի կապակցութեամբ տգէտ պահած է զինք:
Հայազգի գիտնականը, հայազգի ակադեմիկոսը կամ պատմաբանը, որ հայերէն չի գիտեր, ըստ իս ընտրած է հայ չըլլալ (թէեւ ատոր մասին չարտայայտուիր՝ թէկուզ ալ չգիտէր) քանի որ իր աշխատասիրութեան ընթացքին ժամանակ չէ յատկացուցած հայերէնին, օրական կէս ժամ, եւ հասած է գիտական ու մշակութային միջազգային կամ տեղական բարձր մակարդակի, սակայն մեկ նախադասութիւն իսկ հայերէն չի գիտեր գրել:
Սա կը նշանակէ արհամարհանք, կամ ալ հայերէնի ու հայախօս հայութեան հանդէպ հաւատքի չգոյութիւն:
Ինչպէս հրեան բարձր դիրքեր գրաւած է եւ Այնշտայն դարձած ՝գերմաներէնով ու անգլերէնով, նմանապէս հայը. բարձր դիրք ունեցած է ֆրանսերէնով ու անգլերէնով՝ Ֆրանսայի, Ամերիկայի, Մեքսիկայի համար, սակայն ոչ Հայաստանի համար, քանի որ միտքին մէջ Հայաստան չկայ, կամ յոյս ու հաւատ չունի անոր հանդէպ:
Ընդունելի ըլլալու ցանկութիւնն է ասոր պատճառը, նաեւ համակերպելու, ազգային ջիղը թոյլ հաւաքածոյ զանգուածին: Երբ իւրաքանչիւր ոք բնական կը նկատէ այս երեւոյթը, խօսողը կըլլայ յարձակման եւ անարգման ենթակայ՝ հաւաքածոյէն եւ անոր պետութիւն ընողէն:
Բարձրաստիճան կղերականը միշտ կ’ակնարկէ եկեղեցւոյ մէջ ըլլալու պատշաճ կերպը, յատկապէս կիներու համար, սակայն նոյն կղերականը չի վտարեր իր յանձնարարականին չանսացող հարսնաքոյրը (կնքամայրը), քանի որ յաճախորդ է՝ դրամ վճարող:
Նմանապէս մենք մերիններէն չենք պահանջեր ճիշտը, նշելով սխալը, քանի որ ազգային բարերար է, յաճախորդ, ջոջ կամ թաղական: Ի վերջոյ՝ մարդուժի պակաս ունինք, մեկ ալ անտեղի բաներու համար սրտե՞ր նեղացնենք: Հայերէն-մայերէն՝ ի՜նչ պարապ բան, կարեւորը արմինյըն ջենոսայդը ռիքոգնայզ ըլլայ, որպէսզի իր հայ ըլլալու բաւարարուածութիւնը զգայ: Եղբա՛յր, նախ ինքնութիւնդ ռիքոգնայզ ըրէ հայերէնով:
Եւ այս է իրավիճակը հայութեան, ամէն ինչի մէջ. մշակութայինէն մինչեւ կազմակերպական, քաղաքականէն մինչեւ յարաբերութիւններ: ԽԾԲ
Ես թշնամին չեմ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, բայց նման քաղքենի հայոց համար այն ծէս դարձեր է, ձեւով մը աննպատակ պայքար, բայց որո՞ւ համար: Հայերէնի հանդէպ արհամարհանք ունեցողներու սերունդներո՞ւն. Հայերէնի հանդէպ հաւատք չունեցողներո՞ւն. Հայերէնին նշանակութիւն չտուողներո՞ւն:
Երբ ինք պզտիկ ճիգ մը չի գործադրեր ամէն օր հայերէն սորվելու, գրելու, հասկընալու, ալ ի՞նչ կ’ըսպասէ խեղճ կոնգրեսականներէն, նոյնիսկ թուրք պետութենէն:
Թուրքը մեզ պիտի չի՞ ըսէ, թէ՝ դուք ամերիկացի դարձեր ու վերջացեր էք, գէշ-աղէկ կ’ապրիք նահանգներուն մէջ. ձեր ինչի՞ն պէտք է Հայաստան:
Ո՞ւր են նժդեհեան ցեղակրօնները Ամերիկայի: Ո՞վ կասեցուց կամ մարեց գործունէութիւնը անոնց:
Երբ մենք հայերս իրար հետ պիտի խօսինք, պիտի նամակցինք, ինչո՞ւ ուրիշ ժողովուրդի մը գիրը կամ լեզուն պիտի գործածենք:
Հետեւաբար՝ ի՞նչ յաղթանակներու մասին է մեր օտարախօս հայերու հպարտութիւնը, երբ որ յաղթանակի իրենց բաժինին մէջ իրենք վճռած են պարտուիլ՝ ըլլալ օտարախօս, ըլլալ օտարագիր, ըլլալ տգէտ հայութենէ.- չէ՞ որ լեզուն է հայութիւնը:
Հարց չէ բարձրացուած բարձրացնելու կոչում ունեցողներէն, քանի որ առկայ է յարմարելու, թշնամի չշահելու, «յաջող» ձեռնարկներու եւ դրամահաւաք կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը:
Գալով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք. մտաւորականներն ու գրողները, լրագրողներն ու հեռուստատեսային հաղորդավարները աւելի ծոյլ ու չկամ են, աւելի ահաւոր արհամարհանք ունին հայերէնի հանդէպ. աւելի այլասէր են եւ օտարասէր, քանի որ ի տարբերութիւն սփիւռքի այլասէրին, որ պարտադրուած անգլերէն ու ֆրանսերէն կը խօսի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրող եւ հայերէն գրողներն ու հաղորդավարները կարծես պարտադրուած Հայերէն կը խօսին ու կը գրեն...
Հետզհետէ կը կերպարանափոխուի արեւելահայերէնը: Առաջ այսպէս չէր:
Հայաստանի մէջ այդքան ճիգ ու աշխատանք պէտք չէ ճիշտ հայերէնի համար, եւ ընդհանրապէս՝ հայերէնի համար, որքան աշխարհի որեւէ կողմը: Այսուհանդերձ կը տեսնենք արեւելահայերէնի աղաւաղումը, ամէն օր, ամէն տեղ, ամէն առթիւ եւ անարգելօրէն: Մարդիկ կարծես դիտմամբ ռուսերէն բառեր կը գործածեն, քաջ գիտնալով հանդերձ այդ բառերու հայերէնը: Եւ որո՞ւ մեղադրես, երբ որ սովետագիր բառարաններու մէջ տեղ գտած են այդ բառերը, ու որեւէ մեկը չի հասկընար, չի մատնանշեր, որ ատոնք հայերէն չեն:
Նոյն տողին մէջ երկու-երեք մինչեւ հինգ ռուսերէն բառի գործածումը ոչ այլ ինչ է, քան հայերէնի հանդէպ բացարձակ արհամարհանք:
Նոմինացիա, միգրացիա եւ հարիւրաւոր ռուսերէն բառեր, որոնց հայերէնը անպայման կայ, եւ գիտենք բոլորս, սակայն, այս պարագային ամէն ինչ ընդունելու եւ ընկալելու հայկական ամենաթողութիւնը իր աւերը կը գործէ հայերէնի հանդէպ. դուրս մղելով հայերէնը՝ լեզուամտածութիւնը, ոճը, արտասանութիւնը, բառապաշարը, եւ ընդունելով օտարինը. լեզու կամ անոր բաղադրիչներ:
Այս հաղորդավարներէն ու բլոգագիրներէն կը պահանջուի վերոյիշեալ օտարախօս սփիւռքահայի գործադրելիք ճիգի 10 տոկոսը միայն, որ կը զլացուի:
Հայերէն կը գրեն՝ քանի որ պարտադրուած են. հայերէն կը խօսին՝ քանի որ կուզեն հասկընալի ըլլալ բոլորին: Նոյն այլասիրութիւնը, նոյն ծուլութիւնը հոս ալ կայ:
Լեզուն ասոնց համար միջոց է, պարզապէս հաղորդակցելու գործիք: Անոնք չունին պատմական, հոգեւոր, գիտական կամ գեղագիտական նախանձախնդրութիւններ:
Նոյն կերպ չկան նախանձախնդրութիւններ`ազգային ու պետական կեանքի միւս ասպարէզներուն մէջ:
Թեթեւը (գռեհիկ ոճը), դիւրինը (օտար լեզուն, օտար բառը) այսօր ընդունելի է, քանի որ արդի հայը ծոյլ է, չի սիրեր զարգանալ ու սորվիլ, չի սիրել մաքուր խօսիլ:
Եթէ մաքուր խօսի, Աստուած մի՛ արասցէ, 32 Ատամի կամ Վիտամինի տղայոց ծանակին կ’ենթարկուի:
Ան պէտք է գրէ՝ սենց, տենց, նենց, պէտք է ա-ախօսէ, որ տղերքը ընդունին զինք:
Նոյնն է պարագան հայախօս գաղութներուն մէջ:
Պատմական պատեհ կամ անպատեհ պահի թելադրանքի գերին է, գէթ մի բան փոխելու, մի բանով ընդդիմանալու ցանկութիւն չկայ: Ինք այսպէս է, եւ վերջ:
Նոյնն է ուղղագրութեան չարափոխումը, որ չհասաւ նպատակին, խօսքի եւ գիրի կապը չեղաւ այնպէս որ կուզուէր՝ տառ-հնչիւն. եւ ժողովուրդը չեղաւ գրագէտ: Գրագիտութիւնը անձնական ճիգ կ’ենթադրէ, մինչ եղածը հազիւ տառաճանաչում է:
Եղածը եղած է մտածողները, չարափոխուած ուղղագրութեան ջատագովները, վերեւի հոսանքի ենթարկուողներուն կը նմանին եւ չունին նախանձախնդրութիւն եւ ընդդիմանալու կորով, ոչ ալ նուազագոյն ճիգի ու աշխատանքի կամք:
Հացկերութային հայկական ժողովրդային գաղափարախօսութիւնն է այս ամենաթողութեան պատճառը՝ ըլլալ ուրախ. ըլլալ երջանիկ. ապրիլ թեթեւ. կենսավարել որպէս անպատասխանատու. եղածը ընդունիլ ինչպէս որ է. հոսանքն ի վեր չթիավարել. ձեւանալ պայքարող, բայց ըլլալ փոր կապող. ճիշտը համարել պարտադրուածը, բայց ոչ ճշմարիտը. ծուլութիւն: