Էջ 1 4-ից 1 2 3 ... ՎերջինըՎերջինը
Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 10 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 33 հատից

Թեմա: Թուրքապատում

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Ուշադրություն Թուրքապատում

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=14695

    ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՄԵՐԺԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԻՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄԸ
    «ԵՍ ՀԱՅ ԵՄ... ԱԼ Ո՛Չ ՄԷԿ ԲԱՆԷ ԿԸ ՎԱԽՆԱՄ»

    Մալաթիոյ մէկ ատեանը մերժեց Քեազըմ Աքսէս անունով ծանօթ երգիչին խնդրանքը, որ կ՚ուզէր իր անձնաթուղթին մէջ Քեազըմ Աքընճը արձանագրուած անունը փոխել եւ վերադառնալ իր հայկական բուն անուան՝ Սարգիս Ներսէսեանին եւ կրօնը՝ քրիստոնեայ:
    Քեազըմ Աքընճը կը բնակի Մալաթիա, իր մօր հետ: Ընտանիքին հայկական ծագումը մինչեւ վերջերս խնամքով ծածուկ կը պահուէր: «Հայ ըլլալը ամօթ չէ», կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ, թէ իր շրջանակին մէջ սիրուած է եւ կը սիրուի ո՛չ թէ Քեազըմ կամ Սարգիս ըլլալուն համար, այլ կը սիրուի իր անձին համար: Ան իր ապրուստը կ՚ապահովէ իր ձայնագրած ձայներիզներն ու սկաւառակները վաճառելով:
    Աքընճը վերջերս դիմում կատարած էր Մալաթիոյ դատարանին մօտ՝ պահանջելով, որ իր անունը եւ կրօնը սրբագրուի որպէս Սարգիս Ներսէսեան եւ քրիստոնեայ:
    Դատարանին վերջին նիստին որպէս վկայ ներկայացաւ 82-ամեայ անձ մը Հ. Էօ. անունով, որ յայտնեց, թէ Քեազըմ Աքընճըն իր ընկերն է, զայն կը ճանչնայ 15-20 տարիէ ի վեր եւ իր ընկերոջ փափաքն է, որ ան ստանայ իր բուն անունը, որ Սարգիս Ներսէսեան է:
    Անձնագրային բաժանմունքի տնօրէնութիւնը իր քննութիւնները կատարելէ ետք յայտարարեց, որ անուան եւ կրօնի փոփոխութեան մասին օրինական որեւէ արգելք չկայ եւ դատարանն է, որ պէտք է արձակէ վերջնական վճիռը:
    Թղթածրարը այս անգամ յանձնուեցաւ դատարան, եւ դատախազութիւնը երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին, մերժեց առաջարկը՝ յայտնելով, որ պէտք է իրաւացի կամ բանաւոր պատճառ մը ըլլայ անուան փոփոխութեան համար, եւ քանի որ այդպիսի պատճառ մը չկայ, կարելի պիտի չըլլայ ընել այդ փոփոխութիւնը:
    Դատարանի նախագահը այս կերպով վճռեց, որ ներկայացած թղթածրարը քննարկուած է եւ՝ դատը փակուած: Քեազըմ Աքընճըն այս որոշումէն ետք յայտնեց, որ պիտի դիմէ վճռաբեկ ատեան եւ պիտի պահանջէ իր իրաւունքը: Ան ըսաւ. «Ես հայ եմ: Չեմ ծածկեր ատիկա: Հրանդ Տինքի մահէն ետք, ես ալ այլեւս ինքզինքս կ՚ուզեմ այդպէս տեսնել: Անոր մահէն ետք այլեւս ո՛չ մէկ բանէ կը վախնամ: Անունս վերստանալու մէջ որեւէ անպատեհութիւն չկայ: Կը փափաքիմ իմ բուն անունս ստանալ»:
    Ան ըսաւ, որ այսուհետեւ իր նոր պատրաստելիք ձայներիզներուն մէջ պիտի գործածէ Սարգիս Ներսէսեան անունը:
    Ան իր գանգատը յայտնելէ ետք տրուած վճիռին մասին, Մալաթիոյ դատարանի շէնքին առջեւ, որպէս բողոք, երգ մը երգեց:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  3. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Թուրքապատում

    ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ

    Անոնք, որոնք արդի Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն պաշտպանել կ՚ուզեն, կը ջանան, փոխան Թուրքիոյ հանրապետութեան, որ մինչեւ 1923 չէր հիմնուած, այպանել Օսմանեան կայսրութեան Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը։
    Եթէ այդպէս է, մարդ կը զարմանայ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնները հերքելու իրենց ջանքին ընթացքին ամէն խաղի դիմած թուրք պաշտօնատարները ինչո՞ւ դիւրին ճամբան ընտրելով՝ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը չեն շեղած դէպի շատոնց գոյութենէ դադրած Օսմանեան կայսրութիւնը։
    Յաճախակի կերպով տրուած բացատրութիւնն այն է, որ թուրքերը, իբրեւ հպարտ ժողովուրդ, չեն կրնար ընդունիլ, որ իրենց նախահայրերը ամբողջ ազգ մը բնաջնջել ջանալու հրէշային ոճիրը գործած ըլլան։ Ուրիշներ առարկած են, որ եթէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան համար օսմանցիները այպանէ, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ՝ ան կրնայ արդարադատական գետնի վրայ հաշուետու նկատուիլ։
    Բայց եւ այնպէս, վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար թուրք մասնագէտ Թաներ Աքչամի դժուար հետազօտութեան ճամբով յստակ դարձած է, որ ներկայ թուրք պաշտօնատարներու իրենց պատմութիւնը անկեղծօրէն դիմակայելու եւ իրենց օսմանցի նախնիները այպանելու պատրաստ չըլլալուն գլխաւոր պատճառը այն է, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իսկութեան մէջ օսմանեան պետութեան շարունակութիւնն է։ Իրողապէս, թրքական հանրապետութեան սկզբնական շրջանի բազմաթիւ ղեկավարներ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան անձնապէս մեղսակից բարձրաստիճան օսմանցի պաշտօնատարներ եղած են։ Ղեկավարութեան առանց ընդհատումի այսպիսի փոխանցում մը ապահովեց օսմանցիներուն հակահայ քաղաքականութեան շարունակումը։
    Յետադարձ ակնարկով՝ յստակ դարձած է, որ սկսելով 1894-96-ին 300 հազար հայերու սուլթան Ապտիւլ Համիտի ջարդերէն անցնող, 1909-ին Ատանայի մէջ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան կողմէ 30 հազար հայերու սպանութենէն անցած, 1915-23-ին 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան գագաթնակէտին հասած եւ հետագային Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ բռնի թրքացման եւ տասնեակ հազարաւոր հայեր տեղահանած այս ցեղասպանական քաղաքականութիւնները կէս դարու վրայ երկարած են։
    Միացեալ Նահանգներու արխիւներէն կարեւոր փաստաթուղթ մը, որ մինչեւ հիմա միայն սակաւաթիւ մասնագէտներու ծանօթ էր, վերջերս զետեղուեցաւ հայ-թրքական կայքէջի մը վրայ։ Ան անվիճելի փաստը կու տայ, թէ հայերը մինչեւ 1930-ական թուականներ պարզապէս ցեղագրական պատճառներով Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ իրենց ծննդավայրերէն արմատախիլ եղան եւ աքսորուեցան։
    Խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթը Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Փ. Սքինըրի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած 2 մարտ 1934 թուակիր «Խիստ գաղտնի» նամակ մըն է, որ «Անատոլուի խորքէն դէպի Պոլիս» 600 հայերու տեղահանութեան մասին տեղեկագրութիւն մըն է։
    Դեսպանը կը գրէր. «Տեղահանուածներուն մեծամասնութիւնը կ՚ենթադրէ, որ Անատոլուի մէջ իրենց տուներէն վտարումը մաս կը կազմէ Անատոլուն զուտ թրքական գաւառի վերածելու կառավարութեան ծրագրին։ Անոնք կը պատմեն, որ հայերու բնակած քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ թրքական ոստիկանութիւնը փորձած է տեղւոյն իսլամ բնակչութիւնը դրդել հայերը վտարելու։… Հայերուն ըսուած է, թէ անմիջապէս Պոլիս պէտք է մեկնին։ Անոնք իրենց ինչքերը ծախած են եւ՝ անոնց համար աղէտալի գիներ ստացած։ Ինծի ըսուեցաւ, որ իւրաքանչիւր կովը քանի մը հարիւր լիրա արժող նախիր մը ծախուած է իւրաքանչիւր կովը մինչեւ հինգ լիրայի։ Զիս տեղեակ պահողը յայտնեց, որ հայերուն իրենց կալուածները ծախել արտօնուած է, որպէսզի անոնցմէ ոչ մէկը կարենայ ըսել, որ զանոնք լքելու ստիպուած են։ Բայց եւ այնպէս, այս պայմաններուն տակ ծախելը գործնականին մէջ լքելու համազօր է»։
    Դեսպանը նաեւ հաղորդեց, որ «հայերը ստիպուեցան իրենց գիւղերէն մինչեւ շոգեկառքի կայարան քալել եւ ապա շոգեկառքով Պոլիս ղրկուեցան։… Այս տեղահանութեան իսկական պատճառը անծանօթ է։ …Բայց հաւանական է, որ անոնց վերացումը Անատոլուն զուտ կերպով թրքական վերածելու կառավարութեան խոստովանած քաղաքականութեան մէկ քայլն է»։
    Իսկապէս, 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն Ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր հայեր Անատոլուի մէջ իրենց տուներէն դուրս, Թուրքիոյ մէջ կամ դրացի երկիրներուն մէջ այլ վայրեր մղուեցան։ Այս ցեղապաշտական քաղաքականութիւններուն հետեւեցաւ 1940-ական թուականներու վարիլիք վերկիսին՝ հայերու, յոյներու եւ հրեաներու վրայ հարստութեան այլանդակ տուրքերու հաստատումը, եւ 1955-ին Պոլսոյ սպանդը, որուն ընթացքին բազմաթիւ յոյներ եւ որոշ թիւով հայեր ու հրեաներ սպաննուեցան եւ անոնց կալուածները քանդուեցան։
    Ջարդերու, ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան այս բարբարոսական շարունակականութիւնը կու գայ ընդգծելու 1890-ական թուականներէն մինչեւ վերջերս Հայկական հարցը մէկ անգամ ընդմիշտ լուծելու համար իրերայաջորդ թրքական վարչակարգերուն գործադրած երկարատեւ ռազմավարութեան մը գոյութիւնը։
    Հետեւաբար, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը օրինականօրէն պատասխանատու է իր, ինչպէս նաեւ օսմանեան իր նախնիներուն կողմէ գործուած ոճիրներուն համար։
    ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
    «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=14689
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  5. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Թուրքապատում

    ԱՐԱՏ ԴԻՆԿ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ԳեՈՆԻՒԼԸ
    Հրանտ Դինկի զաւակը՝ Արատ Դինկ, թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ անցեալ ուրբաթ օր լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ անդրադառնալով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեջդի Գեոնիւլի վերջերս կատարած յայտարարութեան, կը գրէ, որ եթէ յոյներն ու հայերը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Թուրքիոյ մէջ մնային, երկիրը նոյնը պիտի չըլլար, անիկա շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար։
    Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Պրիւքսելի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ արտասանած իր ճառին ընթացքին հարց տուած էր, որ «եթէ յոյները շարունակէին Եգէականի մէջ եւ հայերը շարունակէին Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ վայրերու մէջ ապրիլ, արդեօք այսօրուան ազգ-պետութիւնը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր»։ Յունական լրատուամիջոցները այդ լուրին անդրադարձած էին «ցեղային մաքրագործման յանցանքի ընդունում» խորագիրով։ Թրքական քաղաքացիական խմբակներ եւ ազատական լրատուամիջոցներ դատապարտած էին այդ յայտարարութիւնը։
    Արաթ Տինք իր յօդուածին մէջ յայտնեց, որ Կէօնիւլ պարզապէս իրողութիւն մը նշած էր, բայց եւ այնպէս, իր արտայայտուելու կերպը ցոյց տուաւ, որ ան Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յոյներու բացակայութիւնը իբրեւ պետութեան կառուցման գործընթացի մէկ դրական բաժինը կը նկատէ։
    Պատասխանելով Կէօնիւլի հարցադրումին՝ Արաթ Տինք կը գրէ. «Ո՛չ, երկիրը նոյնը պիտի չըլլար։ Անիկա հոյակապ պիտի ըլլար։ Նոյնիսկ եթէ ոչինչ փոխուէր, առնուազն դուն պաշտպանութեան նախարար պիտի չըլլայիր։ Եթէ ըլլայիր, քու ըսածիդ մասին նոյնիսկ պիտի չմտածէիր։ Եթէ մտածէիր, պիտի չհամարձակէիր զայն արտայայտել։ Եթէ արտայայտէիր, երկար ատեն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ պիտի չմնայիր»։
    Տինք կը նշէ, որ Կէօնիւլ յոյներու եւ հայերու բացակայութիւնը դրական երեւոյթ մը կը նկատէ։ Ան կ՚աւելցնէ. «Նաեւ հետաքրքրական եւ յաճախ մոռցուած իրողութիւն մը գոյութիւն ունի։ Տակաւին հոս ենք։ Քիչ ենք, սակայն հոս ենք։ Արդեօք նախարարը ըսել կ՚ուզէ, թէ մե՞նք եւս պէտք է մեկնինք»։
    Տինք կ՚ընդգծէ, որ այն իրողութիւնը, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Անատոլուի մէջ բնակող յոյներն ու հայերը երկրին լաւագոյն հողերուն սեփականատէրն էին՝ իբրեւ պատրուակ չի կրնար օգտագործուիլ։ Ան կ՚աւելցնէ. «Այս տեսութիւնը զիս առաւել եւս շփոթի կը մատնէ։ Տեղահանուեցան, որովհետեւ լաւ հողե՞ր ունէին, թէ անոնց տեղահանումը ապահովական հարց մըն է»։
    Ան ըսաւ, թէ ամէն շաբաթ նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ արտասանուած՝ իրենց գոյութիւնը երկրին նուիրող երդումը փոքրամասնութեանց դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն համար պէտք է փոխուի։ Անոնք պէտք է գոչեն. «Իմ անյայտացումս կը նուիրեմ երկրին»։

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15886
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  7. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Թուրքապատում

    ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՕՐԷՆՔ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ

    Թրքական իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութեան բանբեր «Միլլի Գազեթէ» օրաթերթը 4 նոյեմբեր 2008-ի իր թիւին մէջ կը հաղորդէ, որ թրքական կառավարութիւնը կը ծրագրէ որդեգրել «Ազգային արխիւներու վերաբերեալ» օրէնք մը, որուն հիմնական նպատակը «ցեղասպանութեան հայկական պնդումներուն դէմ Թուրքիան ինքզինք պաշտպանելու կարող դարձնելն է»։ Յօդուածը կը կրէ «Ցեղասպանութեան դէմ օրէնսդրական զրահ» խորագիրը։
    «Ազգային արխիւներու վերաբերեալ օրէնքի բանաձեւ»ը կը բաղկանայ չորս հատուածներէ ու 39 յօդուածներէ, եւ որդեգրուելու պարագային թրքական պետական արխիւներուն վերաբերեալ առաջին օրէնքը պիտի ըլլայ։ Ան մեծ մասամբ կը վերաբերի վերակազմակերպման ենթարկուած Ազգային արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութեան կազմակերպման, պաշտօնին ու պարտաւորութեանց։
    Օրինագիծը վերոնշեալ վարչութեան մէջ չորս բաժանմունքներ կը ստեղծէ, որոնց ամէնէն կարեւոր երկուքը «Հանրապետական արխիւներու բաժանմունքն» ու «Օսմանեան արխիւներու բաժանմունքն» են։ Մնացեալ երկու բաժանմունքները կը վերաբերին օտար արխիւներու բաժանմունքներուն հետ առնչուող փաստաթուղթերուն եւ յարաբերութեանց։
    Օրինագիծի 25-րդ յօդուածի չորրորդ պարբերութիւնը կը նշէ. «Արխիւային նիւթեր, որոնք գաղտնապահութեան որոշ մակարդակի նշումով դասուած են կամ անոնց հրապարակումը կրնայ վնասել պետութեան ապահովութեան եւ շահերուն, երկրին արտաքին յարաբերութեանց, կամ անհատներու իրաւունքին, ընդհանուր վարչութեան փոխանցուելէ ետք պիտի պահեն իրենց այդ բնոյթը եւ զանոնք կարելի չէ մասնագիտական հետազօտութեան համար բանալ։ Ընդհանուր վարչութիւնը կարգ մը արխիւային փաստաթուղթերէ կրնայ գաղտնապահութիւնը վերացնել՝ խորհրդակցելէ ետք արխիւային փաստաթուղթի աղբիւրը եղող գործակալութեան հետ եւ օրէնքի շրջագիծին մէջ»։
    Կը նախատեսուի, որ վերոնշեալ բանաձեւը քննարկման եւ վաւերացման համար ներկայացուի խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանին ընթացքին։
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15887
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  8. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  9. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Թուրքապատում

    ԷՐԴՈՂԱՆ ՈԲԱՄԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈԲԲԻԷՆ

    Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Ուաշինկթընի «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ անցեալ ուրբաթ օր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մասին տրուած զեկուցումը Միացեալ Նահանգներու «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի» ղեկավարման եւ Եւրոպական Միութեան դէմ նկատառելի քննադատութիւններ կը պարունակէր։
    Էրտողան նաեւ ըսած է, որ նախքան Իրանէն պահանջելը, որ հիւլէական զէնք չպատրաստէ, հիւլէական զէնքերու տէր ուժերը պէտք է զինաթափուին։ Ան նաեւ զգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին կրնայ վնաս հասցնել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։
    «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ իր արտասանած ճառին մէջ Թուրքիոյ վարչապետը ամերիկեան յաջորդ վարչակազմը զգուշացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վնաս պատճառելու կարողութիւն ունեցող հարցերէ, եւ հաւատք յայտնած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն բարելաւուիլ։
    Էրտողան յայտնած է, որ «Հայաստանի հետ նախաձեռնուած երկխօսութեան պահպանման համար Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը կենսական է։ Նոր ժամանակաշրջանին ընթացքին առնուած քայլեր պէտք չէ մեր ջանքերուն արգելք հանդիսանան»։
    Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիին՝ ան յայտարարած է. «Լոպիները միջազգային վէճերու լուծման պէտք չէ մասնակից դառնան»։
    Էրտողան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Քսաններու խմբակի ժողովին, որուն ծիրին մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի պատուիրակներուն հետ։ Օպամայի պատուիրակներէն Ճիմ Լիչ յայտնեց, որ հանդիպումը «կատարեալ էր»։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նորընտիր նախագահը Էրտողանի պատգամ մը փոխանցա՞ծ է, Լիչ նշեց. «Մենք մտիկ ըրինք»։
    Էրտողան իր ճառին մէջ անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ Կիպրոսի հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ կեցուածքին՝ նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը այս երկու հարցերով Թուրքիոյ նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները չէ կատարած։
    Ան շեշտած է, որ 2004-ին Կիպրոսի հարցով «արդարութիւն» խոստացուած էր, սակայն հակառակ Թուրքիոյ՝ լուծումի մը հասնելու միակողմանի ջանքերուն, Հիւսիսային Կիպրոսը տակաւին կը պատժուի։
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15924
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  10. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  11. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Հալածանք նոյնիսկ Հանրապետութեան տարիներին

    ԱՅՇԷ ՀԻՒՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԽՈՒՐ ԷՋԵՐԸ
    ՔՍԱՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԷ ԶԻՆԱԿՈՉՈՒԱԾ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՐԾԱԾՈՒԵՑԱՆ ՈՐՊԷՍ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐ

    Յայտնի հրապարակագիր Այշէ Հիւր 26 հոկտեմբեր 2008-ին «Թարաֆ» թերթի իր էջը յատկացուցած էր «Ազգային ապահովութեան պետութեան կառուցումը» խորագրեալ յօդուածի մը, որուն բաղկացուցիչ հատուածներէն մէկն ալ կը վերաբերէր 1941 թուականին փոքրամասնութիւններէն քսան դասակարգի զինուորագրուած ըլլալու պատմութեան: Ինչպէս յայտնի է, այդ թուականին քսան դասակարգէ այր փոքրամասնութիւնները բանուորական աշխատանքի պատրուակով զինուոր հաւաքուած էին անբնական պայմաններու տակ:
    Այշէ Հիւր զանազան աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկութիւններով կը պատմէ, որ 22 ապրիլ 1941 թուականին խորհրդարանը կրակոտ նիստէ մը ետք ընդունեց պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկը եւ որոշեց 1896-1913 ծննդեան թուական ունեցող բոլոր այր փոքրամասնութիւնները զինուորագրել շինարարական նախարարութեան հրահանգին տակ աշխատցնելու նպատակով: Պատճառաբանութիւնը այն էր, որ գերմանացիները Յունաստանն ալ գրաւած էին ու հասած էին Թուրքիոյ սահմաններուն: Կը վախցուէր, որ գերմանացիները Թուրքիոյ վրայ կը յարձակէին: Լա՛ւ, եթէ վտանգը այնքան լուրջ էր, ինչո՞ւ միայն փոքրամասնութիւնները կը զինուորակոչուէին: Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, պետութիւնը վստահութիւն չունէր փոքրամասնութիւններուն վրայ:
    Որոշումին լոյսին տակ մայիս ամսուան մէջ 25 տարեկանէն մինչեւ 42, 10 հազար փոքրամասնականներ զինուորակոչուեցան: Որովհետեւ այս գործողութիւնը կը կատարուէր գաղտնապահութեան մէջ, զինուորական պարտականութեան կոչուածները այս լուրը կ՚իմանային իրենց դուռը զարնող ու զանոնք բռնի ուժով տանող պաշտօնեաներէն:
    Յովհաննէս Կառավարեան, որ այդ շրջանին 5 տարեկան էր, սրտաճմլիկ արտայայտութիւններով պատմած է, թէ ինչպէս իր հայրը իր աչքերուն առջեւ առած ու տարած էին: Յետոյ հայրն ու նմանները արգելափակուած էին փշաթելերով շրջապատուած ճամբարի մը մէջ: Երրորդ օրը, երբ գացած էր, տեսած էր, որ հոն մարդ չէր մնացած: Ո՞ւր տարած էին իր հայրը: Ո՛չ մէկը բացատրութիւն կը ստանար: Մնացած էր առանց հայրիկի, ասիկա իր մանկութեան ամէնէն սեւ օրն էր: Յետոյ լսած էր, որ հայրն ալ առնուած էր շինարարութեան աշխատաւորներու ջոկատին մէջ ու կ՚աշխատէր շինութիւններու եւ քարահանքերու մէջ: Այս լուրը շատ երջանկացուցած էր զինք, որովհետեւ հասկցած էր, որ հայրը ողջ էր: Տարի մը վերջ հայրը վերադարձաւ: Երբ իր գլխուն եկածները կը պատմէր, այլեւս ամէն մարդ կը խնդար:
    Այշէ Հիւր ապա կը պատմէ, որ զինակոչուած այս զինուորներուն հագցուցած էին երկրաշարժի պատճառով օգնութեան համար Յունաստանէն ղրկուած աղբահաւաքներու տարազները: Այս զինուորները ղրկուեցան խոնաւ, ցեխապատ, ճախճախուտներով եւ մժեղներով լեցուն այնպիսի տեղեր, որ բոյն էր զանազան հիւանդութիւններու: Անոնք աշխատեցան այնպիսի գործերու մէջ, ինչպիսիք էին Անգարայի Երիտասարդական այգիի կառուցումը, կամ՝ Աֆիոնի, Գարապիւքի, Գոնիայի ու Գիւթահիայի քարահանքերուն մէջ քար կոտրելու գործը: Բայց ամէնէն գէշն այն էր, որ անոնք կը ծաղրուէին որպէս «կեաւուր զինուորներ»: Այն ատեն հասկցուած էր, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը այդ շրջանին ընդունած էր, որ փոքրամասնութիւնները փրկագին վճարելու պայմանով վեց ամիս զինուորութիւն ընէին՝ փոխանակ 18 ամիս զինուորութիւն ընելու: Որովհետեւ պետութիւնը չէր ուզեր փոքրամասնութիւններ տեսնել բանակին մէջ:
    Արդարեւ, 1941-ին պահեստի սպայից քննութեանց մէջ ո՛չ մէկ փոքրամասնական յաջողութիւն արձանագրած էր: Իսկ քսան դասակարգի զինուորները այսպէս կամ այնպէս հաւատացած էին, որ իրենք հաւաքուած էին բնաջնջուելու նպատակով: Ինչպէ՞ս չհաւատային, երբ իրենց յիսնապետները անոնց բացած փոսերուն քով կանգնած կ՚ըսէին, որ այդ փոսերը անոնց գերեզմանը պիտի ըլլային:
    Քսան դասակարգի զինուորները արձակուեցան 27 յուլիս 1942 թուականին: Կարգ մը պնդումներու համաձայն, զանոնք փրկող եւ տուն վերադարձնողը եղաւ մարաջախտ Ֆեւզի Չաքմաք, որ իսլամ կրօնի հաւատացեալ մարդ էր: Այդ շրջանին հաւաքուածներէն մէկն ալ Վիթալի Հաքքոն էր, որ կ՚ըսէր, թէ ամէն բան կը վերջանայ, բայց տայ Աստուած, որ նորը չսկսի: Արդարեւ, քսան դասակարգերու տուն վերադառնալէն միայն 3,5 ամիս վերջ, 11 նոյեմբեր 1942-ին, այս անգամ ալ երկրի փոքրամասնութիւններուն համար Ունեւորութեան տուրքի օրէնքը պիտի ընդունուէր խորհրդարանին մէջ...


    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=16190
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  12. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  13. #7
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Թուրքապատում

    ԹԻՒԶՄԵՆ. « ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉԲԱՑՈՒԻ, ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԱՒԱՂԵԼԷ ՉՀՐԱԺԱՐԻ ԵՒ ԱԶՐԲԷՋԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ»
    Ռուսական «Ինտերփաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Քիւրշատ Թիւզմեն երէկ Բագուի մէջ թուրք-ազրբէջանական առեւտրական համախմբումի մը յայտնած է, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կրնայ բացուիլ, եթէ Հայաստան պատմութիւնը աղաւաղելէ հրաժարի եւ Ազրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը վերականգնէ։
    Ան ըսած է, թէ «մենք դրական կ՚ընկալենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, սահմանները բանալը եւ առեւտուր զարգացնելը»։
    Թիւզմեն յայտնած է, որ «մենք դէմ չենք առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ շրջանի զարգացման վրայ, բայց եւ այնպէս, անկէ առաջ պատմաբաններ պէտք է կարգ մը հարցեր լուծեն եւ Ազրբէջանի հողային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի»։

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=16549
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  14. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  15. #8
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Թուրքապատում

    ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԻԻ ՄԷՋ ԱՆԳՈՅ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀԱՅՈՑ ԱՆՈՒՆՆ ՈՒ ԱՆՑԵԱԼԸ

    Թրքական «Ռադիքալ» թերթը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը Անիի աւերակներուն վերաբերող համացանցի կայքէջ մը հաստատեց։ Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ քաղաքակրթական այլ յուշարձաններու մասին եւս համացանցի կայքէջեր պիտի բացուին, բայց առաջին քայլին համար ընտրուեցան Անիի աւերակները։ «Ռատիքալ» դիտել կու տայ, որ այս կայքէջին վրայ Անիի հայկական անցեալին մասին ոչ մէկ խօսք կայ. ըստ երեւոյթին, Անիի հետ կապուած հայկական տեղեկութիւնները ուշադրութեամբ ջնջուած ու դուրս ձգուած են։ Այլ խօսքով, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան համաձայն, Անիի մէջ հայ չկայ, մինչդեռ ամբողջ աշխարհը գիտէ, թէ Անին ի՛նչ է հայերու պատմութեան տեսակէտէն։
    Այս բողոքէն մեկնելով՝ «Ռադիքալ», մասնաւոր բաժինի մը մէջ, եւ իբրեւ օրուան գլխաւոր մանշէթներէն մէկը, անցեալ շաբաթ հրատարակեց Անիէն աւելի քան երեսուն լուսանկարներ, ուր կ՚երեւին Անիի ամէնէն կարեւոր հայկական կառոյցները։ Լուսանկարներուն քով ամփոփ տողերով կը տրուին մանրամասնութիւններ այն մասին, թէ տուեալ յուշարձանը ե՞րբ եւ ո՞ր հայոց թագաւորին կամ ճարտարապետին կողմէ կառուցուած է։ Լուսանկարները շատ գեղեցիկ են, եւ աւելի եւս կը հարստացնեն անոնց մասին տրուած տեղեկութիւնները։
    Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ բացուած կայքէջին կարելի է հասնիլ հետեւեալ հասցէով. www.ani.gov.tr

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=16526
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  16. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  17. #9
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Թուրքապատում

    ԲԱԹՄԱՆԻ ՀԱՅԵՐԸ ԵՏ Կ՚ՈՒԶԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
    Բաթմանի մէջ Սասունի հայոց միութեան նախագահ Ազիզ Դաղջը, այսօր «Միլլիյէթ»ի մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, կը պատրաստուի Եւրոպայի Մարդկային միութեան ատեանին դիմում կատարելու՝ ետ պահանջելու համար հայոց պատկանող եկեղեցին, որ գրաւուած ու արձանագրուած է որպէս սեփականութիւն պետական գանձին։
    «Բաթմանի կալուածոց վարչութեան խմբակ մը մեր գանգատներէն ետք, գիշեր ժամանակ մեզ գիւղ տարաւ եւ ուզեց, որ քննութիւններ կատարենք։ Կոզլուքի Ակչալը գիւղին մէջ գիշերուան մութին մէջ ձեռքի լապտերներով պատմութեան հետքերը փնտռեցինք։ Գիշերուան այդ ժամո՞ւն է, որ կը քննարկուի պատմութիւնը։ Եթէ եկեղեցին մեզի չվերադարձուի, պիտի դիմենք Եւրոպայի Մարդկային իրաւունքներու ատեան», ըսաւ Ազիզ Դաղջը։

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=16528
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  18. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

  19. #10
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Թուրքապատում

    «1915-Ի ՄԵԾ ԱՂԷՏ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒԻՆ ՀԱՐՑԸ ՓՈԹՈՐԿԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ

    Կիրակի օր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ փոթորիկ յառաջացաւ, երբ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութենէն Սղերդի երեսփոխան Օսման Էօզչելիք պնդեց, թէ 1915-ի դէպքերուն համար հայերէն ներողութիւն պէտք է հայցուի։
    Էօզչելիք յայտնեց, որ հայկական կոտորած ըսուածը իրականացած է օսմանեան շրջանի սուլթանին նախաձեռնութեամբ կազմուած ու քիւրտերէ բաղկացած Համիտիէ խումբերուն կողմէ։ Ան այս խումբերը նմանցուց ՔԱԿ-ի դէմ կազմուած անդապահներու խմբակներուն։
    Երեսփոխանը նշեց, որ Համիդիէ խումբերը մեծ թիւով հայեր սպաննեցին։ Անոնք շատ անգամ հայերը մէկ գիծի վրայ կը շարէին ու անոնց կուրծքերուն վրայ կը կրակէին։ Մարդինի բոլոր հայերը սպաննուեցան։ Մէկ մասը մեռաւ, մէկ մասն ալ ստիպուեցաւ Սուրիա փախչիլ։ Կարգ մը ընտանիքներ, որոնց կարգին՝ իր մեծ հայրը, իրենց պաշտպանութեան տակ առած են հայերը եւ փրկած անոնց կեանքը։
    Խորհրդարանի նիստին նախագահող Նեւզադ Փաքդիլ միջամտեց եւ չարտօնեց, որ երեսփոխանը շարունակէ իր խօսքը, եւ ըսաւ, թէ հայերու կուրծքերուն կրակ եւ այլն չէ բացուած։ Ան ըսաւ.«Կը պախարակեմ ձեզ, ձեր պատկանած հաւաքականութեան դէմ զրպարտութիւն մի՛ ընէք։ Ձեր մեծ հօր ալ զրպարտութիւն կ՚ընէք։ Այսպիսի պատահար մը չկայ»։
    Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սըռը Սաքըք քննադատեց Փաքտիլի կեցուածքը։ «Բարոն նախագահ, դուք Մարաշի երեսփոխան էք եւ շատ լաւ գիտէք, թէ ինչպիսի՛ սպանդ մը իրականացաւ», պոռաց ան։ Այն ատեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն Բայրամ Էօզչելիք քալեց դէպի Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան նստարանները եւ պոռաց.«Մարդու պէս խօսեցէք, մեր ջիղերը մի՛ խանգարէք»։
    Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութենէն Շըրնաքի երեսփոխան Հասիփ Քափլան իր կարգին ուղղուեցաւ դէպի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նստարանները։ «Ճշմարտութեան մասին չխօսի՞նք։ Մէկ հատ իսկ ասորի չմնաց», պոռաց ան։
    Մթնոլորտը շիկանալով կռիւ ծագեցաւ, եւ Փաքտիլ 10 վայրկեանի դադար յայտարարեց, որպէսզի մթնոլորտը մեղմանայ։
    Նիստէն ետք Փաքդիլ ցաւ յայտնեց Էօզչելիքի ելոյթին համար եւ ըսաւ, թէ «մեզի վայել չէ այս ժողովուրդը նախատելով կարգ մը շրջանակներէ ծափահարութիւն սպասելը։ Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, որ այս ամպիոնը մեր ժողովուրդը նախատելու տեղը չէ»։ http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=17163
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  20. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Sufi (25.12.2008)

Էջ 1 4-ից 1 2 3 ... ՎերջինըՎերջինը

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •