ԱՍՊԵՏԱԿԱՆ ԿԵՆՑԱՂԻՆ
Փա՜ռք մեծազօր կենցաղին ասպետական դարերուն
Ուր պաշտուեցաւ Գեղեցիկն ու Զօրութիւնը արբուն՝
Եւ խորհրդանիշը անմահ Գեղեցիկին, Զօրութեան
Փըրփուրներու Դիցուհին ըստինքներով ռոշնական:
Փա՜ռք ձեզի միշտ, գանգրահեր ո'վ ասպետներ արդընկէց,
Որոնց զրահով վերտըւած լանջքերուն տակ բաբախեց
Սիրտ մը յաւէտ անձնըւէր տըկարներուն, ընկճուածին,
Եւ գեղանի կիներուն, անոնց մարﬓոյն բիւր գանձին:
Փա՜ռք ձեզի միշտ ձիամարտեր, մըկունդախաղեր շանթասըլաց
Որոնց օդին մէջ նետուող տէգերն յանկարծ բըռընկած՝
Կայծակներու խաղն եկան երկրիս վըրայ փոխադրել.
Վիշապասպան սուսերներ, ժանգոտելու անընդել,
Կառարշաւներ փոշեմուղ, գուպարապայթ ոգորներ
Շառափնաթափ տէգ տէգի, կումբ կումբի դէմ ոսկեյեռ.
Փա՜ռք ձեզի միշտ, ո՛վ որսեր թըրթըռուն ձայնով շեփորին,
Երբ լըճին քով վիրաւոր կ’իյնայ եղնիկն ողբագին,
Եւ վարազներ արդնահար կը թաւալին մարգին վրայ
Որոնց կողէն արիւնն յորդ կըրակի պէս կը մըխայ:
Փա՜ռք ձեզի միշտ աւարներ, հափափումներ կիներու
Որոնք տըւին իրենց տարփն ու համբոյրները աղու
Առիւծներու քաջութեան, եւ ո՛չ ոսկի հորթերուն,
Որոնց սըրտերն առաւ լոկ սուրերու ծայրը փաղփուն:
Փա՜ռք ձեզի միշտ, ո'վ դարեր ասպետական կենցաղին
Ուր մարդիկ հզօր եւ անկեղծ էին նման գինիին.
Առաքինի քաջութեան տեղ նենգն այսօր կը տիրէ,
Փոխան տէգին հոլանի՝ պատեանին մէջ դաշոյնն է՝
Որ կը շողայ մութի՛ն մէջ, ժանգոտի արեւին,
Ոճիրներն արդ խաւարի լռութեան մէջ կը դարբնուին
Մըխոտ ճրագի լոյսին տակ ծըռած գունատ մարդերէն.
Երբ արեգակը ննջէ՝ մեղքերն յայնժամ կը գործեն:
Չեն պաշտեր կնոջ մարմինին դաշըն ձեւերն հըրահրուտ
Լոգցըւած բիւր ջահերու շառայլներով հոսանուտ.
Կինը մարդուն միացնողը Աստղիկի սիրայօդ
Լուսեղ մատերը չեն բնաւ, այլ շանսըխուրը ցեխոտ:
Գեղեցկութիւնը ծընունդն է Զօրութեան յորձանքին՝
Ինչպէս մարգրիտն ովկիանի անդունդներուն մոլեգին:
Բայց այսօր չե՛ն քանդակեր սուսերներով կորովի
Գեղեցկութեան սուրբ բագինն՝ ու իգութիւնը խընկուի:
Բաւական է լի գաւաթ մը Միւնիխի գարեջուր՝
Որ աճուրդի հանուած սէրը գնեն մարդիկ քրէիքուր.
Սէր վաճառուա՜ծ, ո՛չ նուիրուած՝ ինչպէս պսակ սարդենի
Զոր հերոսին համար սուրն աստուածներէն կ’ընդունի:
Եւ այժըմ մարդն այս դարուն, մարդն ըղեղին տակ կըքած,
Ո'վ ասպետներ հեթանոս, եթէ բախէ ոտքն յանկարծ
Ձեր բազուկի մեկ ոսկրին՝ որ հողին տակ ճերմկած է,
Անոր հըսկայ զանգուածէն կը սարսափի, կը կարծէ
Ձեզ առասպել դարերու առասպելեան գազաններ,
Ո'վ ասպետներ հեթանոս, ո'վ ասպետի ոսկորներ:
Բրգնիկ, Սեպտ.1910 Դանիէլ Վարուժան
Հատուած մը ՀԱՐՃԸ դիւցազնավէպէն



Մեջբերել