+ Կատարել գրառում
Էջ 3 4-ից ԱռաջինԱռաջին 1 2 3 4 ՎերջինըՎերջինը
Ցույց են տրվում 21 համարից մինչև 30 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 37 հատից

Թեմա: Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

  1. #21
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ազգային խնդիրների վերաբերեալ...

    ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ԱԶԳԻ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷ
    Ա. ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ
    ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՏԱՆՈՒՄՆԵՐԸ
    Ժամանակ առ ժամանակ իրենք զիրենք փնտռող կամ իրենց ինքնութիւնը սահմանելու պահանջ զգացող հայ անհատներ կ՚արտայայտուին, վերջնական եւ վարդապետական կարծիքներ կը յայտնեն, որոնց առանցքին կը գտնուին իրենք: Երբ հայը, կամայ կամ ակամայ, կը թաթխուի իր հայրենիքէն դուրս գտնուող ընկերութիւններու եւ մշակոյթներու մէջ, զանազան կացութիւններու եւ յարափոփոխ աշխարհին պատշաճելու համար, կը դիմագրաւէ իր ինքնութեան պարզ-բարդ հարցը: Պահ մը կանգ առնենք «կամայ-ակամայ» եզրին վրայ, որ հին եւ նոր ձեւաւորուող սփիւռքը բացատրելու եւ հասկնալու համար էական է:
    Առաջին աշխարհամարտի փոթորիկէն ետք, հայրենահանման հետեւանքով ծնունդ առած սփիւռքը «ակամայ»ով կը բացատրուի: Հայրենահանուածներու սփիւռքն է ան, ճնշող մեծամասնութեամբ՝ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ բնիկներ: Հայաստանի Հանրապետութենէն տեղի ունեցած արտագաղթը, ինչ որ ալ ըլլան այդ երեւոյթը բացատրելու միտող պատճառները, ծնունդ տուաւ նոր սփիւռքի մը, որուն անդամները հայրենահանուածներ չեն, այս կամ այն ձեւով անոնք ընտրած են հայրենիքէ հեռանալ, «կամայ» հեռացում մը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութիւնը «խորհրդային մարդուն», «հոմո սովետիկուս»ին ծնունդ տալու քաղաքականութեան հետեւած էր, նոյնիսկ եթէ ըսենք` պարտադրաբար, այդպէս եղած էր երեք սերունդի համար: Ճկոյթի ետին թաքնուելու խուսանաւումը ոչ թէ հարց կը լուծէ, այլ հարցերը կը խճճէ:
    Հակառակ զգացական եւ հայրենասիրական համարուած ճառերու՝ երկու ձեւի սփիւռքները հասարակ յայտարար չունին: Զգացական եւ հայրենասիրական թափծու խօսքերը հազիւ թէ գինարբուքի ընթացքին արտասանուած բաժակաճառ կամ անբովանդակ աղմկարար երգ են: Հետեւաբար հայու ինքնութեան սահմանումը նոյն արժեչափերով չի կրնար առաջնորդուիլ:
    Այս բարդ կացութեան դէմ յանդիման, ազգային իրաւ ենթահողէ զուրկ անհատներ, անոնք ըլլան արհեստաւորներ, առեւտրականներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ, քաղաքական գործիչներ թէ օտար համալսարաններէ վկայեալներ, յաճախ ինքնարդարացման համար կ՚առաջարկեն ինքնութեան սահմանումներ, որոնց առանցքին չեն գտնուիր ազգային գաղափարախօսութեան հիմնարար սկզբունքները: Հայ ժողովուրդը ո՛չ ֆրանսացի ժողովուրդն է, ո՛չ ճափոնցի, ո՛չ Ամազոնի նամպիքուարա կամ հիւսիսային սառուցեալ շրջաններու ինուիթ:
    Ազգի մը ինքնուրոյնութիւնը կը բխի տարբերութեան գիտակցութենէ, եւ ինքնութիւնը սահմանելու համար այդ մեղանչում չեղող տարբերութիւնը պէտք է բացատրել: Այլապէս երկու, տասը, հարիւր եւ աւելի ազգեր գոյութիւն չեն ունենար: Նոյնիսկ եթէ կարգ մը գաղափարախօսութիւններ խօսած են եւ կը խօսին անդասակարգ ընկերութեան, սահմաններու վերացման եւ միակ լեզուի մը որդեգրման մասին, կը տեսնենք, որ իրականութիւնը չէ հետեւած նման երազանքներու: Փոքր եւ նոյնիսկ հզօր ազգեր անհետացած են որպէս այդպիսին, զանազան պատճառներով, ովկիանոսին մէջ անհետացող առուակի եւ գետի պէս, ոչ թէ փոխըմբռնումով միութիւն մը կազմելու համար, այլ պարզապէս տեղի տուած են ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ինքզինք պարտադրող ուժին:
    Ընկերատնտեսական ազդակներ եղած են եւ կան, որոնք ինքնուրոյն մշակոյթներու վրայ ազդած են՝ անոնց հոլովոյթին պարտադրելով նոր հոլովոյթ, կամ պարզապէս զանոնք ջնջած են, երբ անոնք չեն ուզած կամ չեն կրցած դիմադրել: Լեհաստանի հարիւր հազարաւոր հայերը ջնջուած են առանց արիւնահեղութեան, բայց Քեպեքի ֆրանսացիները կը դիմադրեն արտակարգ նախանձախնդրութեամբ եւ կը մերժեն լուծուիլ Քանատայի եւ անմիջական դրացի Միացեալ Նահանգներու անկլօ-սաքսոն հզօր շրջապատին մէջ, կը կառչին իրենց լեզուին եւ մշակոյթին, նոյնինքն իրենց մայր երկրի՝ Ֆրանսայի բնակիչներէն աւելի յամառութեամբ թումբ կը կանգնեն օտարացման եւ լեզուի խաթարման դէմ, տալով ինքնութիւն պահելու գիտակցութեան փաստը: Ի հարկէ, մէկ հաւաքականութենէ միւսը կան տարբերութիւններ, նոյնիսկ երբ հասարակական գիտութիւնները բաղդատական եզրեր կը գտնեն, զանոնք կը վերածեն գիտական «օրէնք»ներու, կամ, ինչպէս կ՚ըսուի, օրինաչափութիւններու:
    Իւրաքանչիւր ազգ կամ ազգութիւն՝ իրեն յատուկ լինելութեան ճանապարհի հետեւած է, տեւած է կամ՝ անհետացած: Միացեալ Նահանգներու ինքնութիւնը եւ մշակոյթը, մեծաւ մասամբ, բրիտանական աւազանի կրկնութիւնն է կամ շարունակութիւնը: Իսլանտայի ժողովուրդը դանիական աւազանի շարունակութիւն է՝ որպէս մշակոյթ եւ արիւնակցութիւն: Պետութիւնները քաղաքական եւ տնտեսական համակարգ են, իսկ այլ համակարգ է ազգային ինքնութիւնը, ապրուած գաղափարախօսութիւն, որ կը պահուի եւ ազգը կը տեւէ, կամ կը կորսուի, եթէ ան չապրուի, իրեն հետ տանելով տուեալ հաւաքականութեան տարբերութեան գիտակցութիւնը, բնականօրէն անհատները կը տեւեն որպէս արտադրող եւ սպառող, բայց ինքնութիւնը կը մեռնի, անհատական մակարդակի վրայ կը ծնի նոր ինքնութիւն:
    Խորհրդային համակարգը կը յաւակնէր տեւել հազար տարի եւ այդ կարենալ ընելու համար պէտք էր որ ստեղծէր «նոր մարդ», «սովետամարդ»ը, հասարակաց քաղաքական կառոյցով եւ հասարակաց լեզուով, բոլորին տալով նոր ինքնութիւն, հետեւողականօրէն, բազմակողմանի միջամտութիւններով, հարկ է յիշեցնել՝ երեք սերունդ: Առաջին օրէն յայտարարուած էր, Լենինէն Պրեժնեւ, որ իւրաքանչիւր «սովետ քաղաքացի» պէտք էր որ սորվէր «ռուս մեծ լեզուն», մանաւանդ որ համախորհրդային եւ գիտական վերելքի համար այդ լեզուն էր հասարակ յայտարարը, միջոցը. հետեւանքը այն կ՚ըլլար, որ ազգային լեզուները կը դատապարտուէին շրջանային կամ տեղական լեզուի մակարդակի վրայ մնալու, կը խճողուէին ռուսերէն եզրերով եւ շարահիւսութեամբ: Հայերէնի պարագային հետեւանքը տեսնելու համար մեծ լեզուաբան ըլլալ անհրաժեշտ չէ. արեւելահայերէնը դարձած է սովետահայերէն՝ իր ուղղագրութեամբ, օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու ներխուժումով, որուն հետ կը թուի ստուար մեծամասնութիւն հաշտուած է, ընդունած է որպէս անդառնալի:
    . ՀԱՐԱԶԱՏ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ՞
    Այս տուեալներու արագ թուումէն ետք, մշակութային տարբերութեան եւ անոր անմիջականօրէն առնչուող ազգային ինքնութեան՝ հարցին դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Արցախ, նախկին ներքին սփիւռքի եւ աշխարհատարած սփիւռքի մէջ, զայն դասական թէ նոր համարենք:
    Բազմերանգ սահմանումներ կը տրուին հայու ինքնութեան՝ մեկնելով անհատական կացութիւններէ, ստացուած ուսումէ, միջավայրէ: Ո՞վ չի գիտեր, որ սփիւռքի մէջ մանաւանդ, որ հայրենիք չէ, ուր հետեւաբար ո՛չ հողէն եւ ո՛չ բնութենէն ինքնութիւն չի ստացուիր, չենք կրնար բաւարարուիլ այն հաստատումով, որ շրջապատը մեզի կը պարտադրէ պատշաճեցումներ, հետզհետէ աճող համեմատութիւններով եւ արագութեամբ, կրծելով այն տարածութիւնը, ուր ինքնութիւն կրնար պահուիլ եւ կամ զարգանալ: Զարգացած երկիրներու մէջ կը սորվեցնեն երկրորդ եւ նոյնիսկ աւելի լեզուներ: Ի՞նչ է մեր կացութիւնը. հայերէնը բախտաւոր պարագային դատապարտուած է, կամ կը դատապարտենք երկրորդ լեզուի վիճակին, եւ յաճախ՝ ոչ իսկ այդքան, քանի որ տեղական լեզուին կողքին կը նախընտրենք, որ նորերը սորվին միջազգային այլ մէկ կամ երկու լեզուներ: Հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ հայերէնը կը վերածուի խոհանոցի կամ կիրակնօրեայ լեզուի: Եւ հայը կը դառնայ ծագումով հայ: Արտայայտութիւն մը, որ թութակաբար կը կրկնուի՝ որպէս իբրեւ ընդունուած եզր կամ յարգելի եւ ընդունելի ըլլալու միտող քաղաքական կապկում… Բայց ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ծագումով հայը հա՞յ է, թէ՞ է այլ բան: Այս անփառունակ կացութիւնը կ՚ընդհանրանայ, կ՚ընթանայ գործնապաշտութիւններու հունով, եթէ հեռանկարային վերաբերում չունենանք, ինչպէս ֆրանսացին կ՚ըսէ, եթէ ցուլը կոտոշներէն չբռնենք՝ յանձն առնելով վճարել նման յանդգնութեան գինը:
    Ազգային ինքնութիւնը կորսնցուցած եւ կորսնցնող հայեր կան, երեւոյթը անգիտանալ ոչ մէկ դրական արդիւնքի կը հասցնէ: Բայց հարց կայ, եւ զայն հարկ է քննել առանց սեթեւեթի:
    ա. Լուսարձակի տակ առնել հայկական իւրայատուկ կացութիւնը, անցեալին եւ ներկայիս, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ, բայց մանաւանդ՝ բազմերանգ սփիւռք:
    բ. Սահմանել ինքնութեան յառաջացման եւ պահպանման նախատարրերը:
    գ. Սահմանել այն ռազմավարութիւնը, որ կրնայ կանխել տեղատուութիւնները, որոնք ինքնութեան կորուստի կ՚առաջնորդեն:
    դ. Սահմանել համահայկական վերականգնումի իրականացման հանգրուանները եւ միջոցները:
    ե. Ընդհանուր ծրագիր մը մշակել եւ ստեղծել անոր կենսագործման համար իրաւ միջոցները՝ նիւթական եւ մարդկային:
    Ինչո՞ւ համահայկական եւ հրապարակային վիճարկումի բեմ մը չստեղծել այս հիմնական հարցադրումներուն պատասխանելու համար, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ քաղաքական գործիչները, ո՛չ վկայականներու ընձեռած իրաւունք-չիրաւունքով խօսողները վերջնական ճշմարտութեան բանալին ունին:
    Մանաւանդ հարկ է խօսիլ ժողովուրդին, անոր, որ կը կոչուի լուռ մեծամասնութիւն, որուն անունով կը սիրենք բարբառիլ: Չըսել, որ անոր համար այս հարցերը բարդ են, որ ան չի հասկնար, չի հետաքրքրուիր: Լուսաբանուած մեծամասնութիւնը, ժողովրդական բնական ողջախոհութեամբ, առանց զիկզակներու, կրնայ թերեւս ցոյց տալ ճամբան, եթէ չենք ուշացած, զանգուածները դատապարտած ըլլալով… «ծագումով հայ»ու վիճակին:
    Մամուլը կը բանա՞յ թղթածրարը, կոչ կ՚ընէ՞ համեստներու, տեղ կու տա՞յ անոնց գրութիւններուն, նամակներուն, կարծիքներուն, որոնք լեզուական-ոճական գեղեցկութիւն կրնան չունենալ, ինչ փոյթ, բայց գիտենք, որ ինքնութիւն պիտի պահուի (կամ պիտի չպահուի) անոնցմով: Զարմանալի կրնայ թուիլ, սփիւռքի նորաստեղծ նախարարութեան առաջադրանքներուն մէջ այս հիմնահարցին չհանդիպեցանք, իսկ ան հայրենասիրական-բարեսիրական-զբօսաշրջային խարխափումներէ եւ զուարճութիւններէ տարբեր որակ կը պահանջէ:
    Ըսե՛լ ժողովուրդին, որ իր ճակատագրի եւ իր վաղուան շրջանակը ո՛չ վկայականի մը եւ ո՛չ ալ քաղաքագէտի մը լանկ տը պուայի կարկինով, փայտեայ լեզուով, պիտի չգծուին, այսինքն` հարկ է մերժել շահախնդրական-դիրքապաշտական ամբոխավարութեամբ անվաղորդայն որոշումները, որոնք կը տնտեսեն կործանման առաջնորդող տեղատուութիւնները:
    Յաջողելու եւ տեւելու համար անհրաժեշտ է զանգուածը դուրս բերել կրաւորականութեան ճահիճէն: Մտքի մարզանք ընելով՝ ըստ աշխարհագրական գօտիի եւ մշակութային շրջապատի «ինքնութիւններ» սահմանել, ճամբայ կը հարթէ «ծագումով հայ» ըլլալու անհետացման առաջնորդող անձնատուութեան, որ հականիշն է սեփական ինքնութեամբ տեւելու միակ ազգային իմաստ ունեցող գաղափարախօսութեան:
    Այս արդէն ապագայակերտ ղեկավարումի խնդիր է, ո՛չ հաշուապահութիւն, ո՛չ վարչութիւն, ո՛չ ալ ընդունելի ըլլալու համար գունագեղ հրաժարումներու «էստեբլիշմընտային» բեմադրութիւն:

    Յ. ՊԱԼԵԱՆ
    Յունիս 2009

    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #22
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ՊԻՏԸՐ ՍԵՄՆԵԲԻՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒՄ Է՝ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՅԵՏՔԱՅԼ Է ԿԱՏԱՐԵԼ
    ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ Ե՞ՐԲ ԵՆ ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՒ, ՈՐ ՊԷՏՔ Է ԺԱՄ ԱՌԱՋ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԾՈՒՂԱԿԻՑ


    Հայ-թուրքական «ֆութբոլային դիւանագիտութեան» մեկնարկից ուղիղ մէկ տարի անց արեւմտեան բարձրաստիճան դիւանագէտներից Պիտըր Սեմնեբին խոստովանել է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնեցնելու հարցում Թուրքիան յետքայլ է կատարել: Հարաւային Կովկասում Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Սեմնեբին յոյս է յայտնել նաեւ, որ «Թուրքիայի կողմից կատարուած մարտավարական յետքայլը վերջնական շրջադարձ չէ»:
    Այս յայտարարութիւնը բաւարար կը լինի՞, որպէսզի Երեւանում իշխանութիւնները գիտակցեն, որ Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններում տարւում է սխալ քաղաքականութիւն եւ քանի դեռ ուշ չէ, պէտք է եթէ ոչ ամբողջութեամբ փոխել, ապա գոնէ սրբագրել եւ վերանայումներ կատարել: Սրա պատասխանը կը տայ միայն ժամանակը: Նախկինում, երբ տարբեր քաղաքական գործիչներ, կուսակցութիւններ, վերլուծաբաններ քննադատում էին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու արտաքին գործերի նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ձախաւէր թուրքական քաղաքականութիւնը, հետեւում էր պատասխանը՝ մի քիչ էլ սպասէք եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները կը կարգաւորուեն:
    Ուղիղ մէկ տարի առաջ՝ 2008-ի յունիսի 23-ին Մոսկուայում նախագահ Սերժ Սարգսեանը համաձայնութիւն յայտնեց հայ-թուրքական պատմաբանների համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկութեանը, որը 2005-ի ապրիլին նամակով ուղարկել էր Թուրքիայի վարչապետ Ռեջեբ Թայիբ Էրդողանը, բայց նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը մերժել էր այդ առաջարկը: Ճիշդ է, հետագայում մի շարք առիթներով նախագահ Սարգսեանը յայտարարեց, որ պատմաբանների յանձնաժողով ստեղծելու անհրաժեշտութիւն չկայ, սակայն այլ յայտարարութիւններ հակառակն են ապացուցում:
    Այսպէս, մէկ շաբաթ առաջ՝ յունիսի 16-ին, Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարարը տեղակալ Ֆիլիփ Գորդոնը Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցիչների տան արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովում կայացած լսումների ընթացքում յայտարարեց, որ նախագահ Օբամայի վարչակազմը կողմ է հայ-թուրքական պատմաբանների յանձնաժողով ստեղծելու գաղափարի հետ: Գորդոնի խօսքերից հասկանալի է դառնում, որ հայ եւ թուրք պատմաբանների յանձնաժողովի ստեղծումը նախատեսուած է ապրիլի 22-ին Հայաստանի եւ Թուրքիայի կողմից համատեղ ստորագրուած «ճանապարհային քարտէզում», այդ չգաղտնազերծուած փաստաթղթի կէտերից մէկն է:
    Արտաքին գործերի նախարարի տեղակալը բառացիօրէն ասել էր. «Հայ-թուրքական յարաբերութիւների բնականոնեցման գործընթացը, մեր կարծիքով, հնարաւոր է դառնայ պատմական, քանի որ երկու երկրները համաձայնել են յարաբերութիւնների կարգաւորման համապարփակ շրջանակի շուրջ, որով նախատեսւում է բացել արդէն չափազանց երկար ժամանակ փակուած սահմանը, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել եւ յանձնաժողովներ ստեղծել մի շարք առանցքային բնագաւառներում, այդ թւում՝ պատմութեան»:
    Անշուշտ, Հայաստանի պաշտօնեաները կարող են մեզ մեղադրել նրանում, որ մենք հաւատում ենք ամերիկացի դիւանագետին, բայց չենք հաւատում Հայաստանի նախագահին: Բայց դրա համար նախ եւ առաջ Երեւանը պէտք է պաշտօնապէս հերքի, որ օրինակ, Գորդոնի ասածները չեն համապատասխանում իրականութեանը: Երկրորդ, մենք թերահաւատօրէն ենք վերաբերում ընդհանրապէս բոլոր յայտարարութիւններին՝ արուեն դրանք հայ, ամերիկացի, առաւել եւս՝ թուրք պաշտօնեաների կողմից: Մենք մեր վերլուծութիւններում հակուած ենք հաւատալու ոչ թէ անհատների, այլ գործընթացի, տուեալ դէպքում՝ Հայաստան-Թուրքիա վերջին մէկ տարուայ յարաբերութիւնների զարգացման տրամաբանութեանը: Իսկ այդ տրամաբանութիւնը յուշում է, որ Թուրքիան շահեց շատ բան, իսկ թէ ինչ է շահել Հայաստանը, յայտնի չէ:
    Օրինակ, մէկ տարուայ ընթացքում երկխօսութեան պատրանք ստեղծելով (եւ սրանում իր մեղքի մեծ բաժինն ունի նաեւ Հայաստանը)՝ Թուրքիային յաջողուեց ի սպառ դադարեցնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, հասնել նրան, որ Բարաք Օբաման հանգիստ խղճով չկատարի ամերիկահայութեանը տուած նախընտրական խոստումը՝ վկայակոչելով հայ-թուրքական ընթացող «խոստումնալի երկխօսութիւնը»: Աւելի՛ն. թուրքերին յաջողուեց լուրջ տարաձայնութիւններ մտցնել Հայաստանի գործող իշխանութիւնների եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններում: Այսօր սփիւռքեան մամուլը լի է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները քննադատող յօդուածներով:
    Այս մէկ տարուայ ընթացքում մեծապէս փոխուեց նաեւ Թուրքիայի դիմագիծը Հայաստանի ներսում, քանի որ մէկ տարի շարունակ իշխանութիւնները եւ նրանց տեսակէտներն արտայայտող աւելի քան տասը հեռուստաընկերութիւններ լծուել էին Թուրքիան նախ եւ առաջ հարեւան երկիր ներկայացնելու քաղաքականութիւնը: Այսօր Երեւանի փողոցները ողողուած են մեծածաւալ պաստառներով, որոնցում հայերին առաջարկւում է հանգիստն անցկացնել հէնց Թուրքիայում:
    Մայիսի վերջերին Կոմիտաս պողոտայի վրայ (յետոյ պարզուեց, որ ամբողջ քաղաքն է լիքը նման գովազդներով, պարզապէս ես չեմ տեղեակ) առաջին անգամ տեսայ, որ մեզ առաջարկում են ամառնային հանգիստն անցկացնել Թուրքիայում: «Գրողը տանի», ինքս ինձ հետ խօսում եմ 45 համարի աւտոբուսում, «գոնէ կոտորածներից խելագարուած Կոմիտասի փողոցի վրայ չլինի նման առաջարկութիւն»: Մի քանի օր յետոյ, երբ որոշ լրատուամիջոցներ դատապարտեցին Թուրքիա հանգստանալու կոչող գովազդների տեղադրումը, զբօսաշրջային-գործակալութեան տէրը կամ տէրերը կարկատեցին գովազդը. Թուրքիա բառը հանեցին եւ տեղը գրեցին Անթալիա: Կարծես Անթալիան Թուրքիայում չէ:
    Ի՞նչու Անթալիա՝ գրէիք Բիւզանդիա, չէ՞ որ այսօրուայ Թուրքիան վեր է յառնում մի շարք քաղաքակրթութիւնների վրայ, որոնցից մէկը, թերեւս՝ ամենահզօրը, հէնց Բիւզանդիան էր: Ու այս ամբողջ գլխացաւանքից ու որոշ լրատուամիջոցների աղմուկից կ՚ազատուէիք, եթէ ձեր գովազդներում առաջարկէիք հանգիստն անցկացնել Բիւզանդիայի տաք ափերին:
    Պէտք չէ առաջինը դատապարտել զբօսաշրջային-գործակալութիւնների ղեկավարներին: Պէտք է նախ եւ առաջ դատապարտել Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւններին, որոնք մէկ տարուայ ընթացում՝ ֆութբոլային կոչուող դիւանագիտութեան շրջանակներում, հասցրեցին հայերի հաւաքական յիշողութիւնը ջախջախելու անսքող քայլեր կատարել՝ արժանանալով արտաքին աշխարհի քաջալերանքին:
    Սեպտեմբերի 6-ին նախագահ Աբդուլլա Գիւլը ժամանեց Երեւան՝ ընդունելով իր հայ գործընկերոջ առաջարկը՝ միասին դիտել ֆութբոլային հանդիպումը: Ապա հետեւեցին նախագահների եւս մէկ եւ Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարների բազմաթիւ հանդիպումներ: Գրեթէ իւրաքանչիւր հանդիպումից յետոչ վարչապետ Ռեջեբ Թայիբ Էրդողանը յայտարարում էր, որ հայերը բռնագրաւողները են, զաւթել են ադրբեջանական հողերը, ուրեմն՝ սահմանը չի բացուի, իսկ հայկական կողմը՝ նախագահ Սարգսեանն ու արտաքին գործերի նախարար Նալբանդեանը լաւատեսական յայտարարութիւններ էին անում, թէ ուր որ է՝ սահմանը կը բացուի:
    Հայկական կողմը այդպէս էլ համարձակութիւն չունեցաւ գոնէ մէկ անգամ Էրդողանին պատասխանելու՝ այդ մե՞նք ենք բռնագրաւողը, այդ ո՞վ է զաւթել ողջ Արեւմտահայաստանն ու Արեւելահայաստանի կէսը: Մերոնք խիզախ են երկրի ներսում՝ մարդկանց զնդանելու, հարկային ահաբեկչութիւն ու պետութեան կայունութիւնը պահպանելու նման կեղծ-հայրենասիրական նախաձեռնութիւններում: Յունուարի կէսերին արտաքին գործերի նախարար Նալբանդեանը մամուլի ասուլիս էր տալիս: Հարցրեցի՝ ո՞րն է այն գինը, որ պատրաստ է վճարել Հայաստանը յանուն հայ-թուրքական հարաբերութիւնների բարելաւման: Յարգարժան Նալբանդեանի մօտ պոռթկաց ազգասիրութեան վեհ զգացումը, եւ նա բառացիօրէն ասաց, թե վերջերս եղել է Պոլսում ու այնտեղ հենց նոյն հարցը իրեն տուել է մի թուրք լրագրող:
    Հասկանում է՞ք` նուաստս ու մի թուրք լրագրող նոյն հարցն ենք տուել, իսկը նոյն հարցը, որը ցնցել է ու ապշեցրել մեր թիւ մէկ դիւանագէտին: Յաջորդ օրը բացում եմ թերթերը, որոնցից առնուազն երկուսը պաշտպանել են մեր արտաքին գործերի նախարարին ու առանց անունս տալու ամօթանք տուել` այդ ինչպէ՞ս է լինում, որ հայ եւ թուրք լրագրողը նոյն հարցն են տալիս: Այս երկու թերթն էլ այն օրաթերթերի մէջ էին, որոնք սեպտեմբերի 6-ին մի ամբողջ էջի վրայ «Բարի գալուստ» էին մաղթել Աբդուլլա Գիւլին:
    Ապրիլի 23-ի առաւօտեան մենք բոլորս իմացանք, թէ որն է այն գինը, որ պատրաստ է վճարել ու վճարում է Հայաստանը: Հայաստանը եւ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնից մէկ օր առաջ ստորագրեցին համատեղ փաստաթուղթ, որը աւելի յայտնի է «ճանապարհային քարտէզ» անունով:
    Մէկ տարուայ ընթացքում Հայաստանի գործող իշխանութիւնները երկրում ստեղծել են մի մթնոլորտ, որը պարարտ հող է նախապատրաստում հայ-թուրքական երկխօսութեան, Հայոց ցեղասպանութիւնից խելագարուած Կոմիտասի անուան փողոցում Անթալիա մեկնելու առաջարկ անող պաստառներ եւ նմանօրինակ նախաձեռնութիւնների համար: Եւ գրեթէ անիմաստ է պայքարել զբօսաշրջային-գործակալութիւնների դէմ: Նրանց գաղափարները աճում են մի մթնոլորտում, որի եղանակային պայմանները թելադրւում են Հայաստանի նախագահականից ու կառավարութիւնից:
    Հայաստանն ու Թուրքիան, անշուշտ, պէտք է հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ, Անկարան պիտի վերջ տայ սահմանը փակ պահելու թշնամական քաղաքականութեանը: Ես անձամբ կողմ եմ յարաբերութիւնների հաստատմանը, բայց նախ եւ առաջ ուզում եմ դրա գինը իմանալ:

    ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
    Յատուկ «Ազդակի» համար
    Երեւան


    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #23
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ
    «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԱՆՋ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ, ԻՍԿ ՊԱՀԱՆՋԸ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՑՈՒՄՆ Է՝ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆ ՈՒ ՀՈՂԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ, ՈՐՈՆՑ ՄԱՍԻՆ ՊԷՏՔ Է ՄՏԱԾԵԼ, ԾՐԱԳՐԵԼ ՈՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ԴԻՄԵԼ»։
    ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ




    «ԱԶԴԱԿ».- Հայ-թրքական յարաբերութիւններու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք վերջին դէպքերն ու զարգացումները։
    ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ապրիլ 22-ի յայտարարութենէն ետք, բանակցութիւնները գրեթէ «ջուրը ինկած են» եւ յառաջխաղացք չկայ, որովհետեւ թուրքերը Արցախի վերաբերեալ վերակենդանացուցին իրենց նախապայմանները։ Անոնք ամէն օր կը կրկնեն նոյն յանկերգը, թէ սահմանը պիտի չբանան, մինչեւ որ չլուծուի Արցախի հարցը եւ հողերը չվերադարձուին ազերիներուն։ Իսկ Հայաստանի պետութիւնը միշտ ըսած է, թէ անընդունելի են նախապայմանները։ Մեր սկզբունքներէն զիջելէ ետք, եթէ սահմանը բացուէր, նուազագոյնը կ՚արդիւնաւորուէր։ Այդ մէկն ալ չիրականացաւ։ Այս հանգրուանին շահողները եղան թուրքերը, որոնց միջազգային վարկը բարձրացաւ, եւ անոնք բանակցութեան մթնոլորտ ստեղծելով՝ յաջողեցան կասեցնել Օբամային «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելը։ Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Հայաստանի վրայ ճնշումներ բանեցնելը, որպէսզի Արցախի վերաբերեալ զիջումներ կատարուին, եւ եթէ օր մը հարցը հասնի այնտեղ, որ Մինսկի միջնորդութեամբ Հայաստանն ու Ադրբեջանը որոշ կէտերու շուրջ համաձայնին, ապա այն ատեն պիտի վերակենդանացնեն սահման բանալու հարցը։
    «Ա.».- Չէ՞ք կարծեր, որ Արցախի հարցը լուծուելէ ետք, Թուրքիոյ պետութիւնը իբրեւ նախապայման պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։
    Յ. Ս.- Ցեղասպանութեան հարցը թուրքերը կը հետապնդեն միջ-պետական յանձնախումբերու ընդմէջէն։ Այդ հարցը արդէն իրենց ի նպաստ ընթացք առած է։ Մինչ Արցախի հարցը թուրքերուն համար լուրջ հարց է, քանի որ իրենց եղբայր հանրապետութիւնը՝ Ադրբեջանը կը կատարէ ամէն տեսակի սպառնալիքներ՝ կապերու խզում, գազի գիներու բարձրացում… Վերջին ամիսներուն Ալիեւը նոյնիսկ փակել տուաւ թրքական երեք մզկիթներ, ինչ որ շատ ծայրայեղ քայլ մըն էր։ Ալիեւ նաեւ արգիլեց Ադրբեջանի հեռատեսիլի կայաններէն թրքական ժապաւէններու եւ երաժշտական ցուցադրութիւնները։ Թուրքերը շատ լուրջ կերպով ի մտի կ՚ունենան ադրբեջանական հակազդեցութիւնները, եւ անոնք շարունակ կ՚ուզեն, որ Ադրբեջանի իշխանութիւնը գոհ մնայ։ Ուրեմն, անոնք Ցեղասպանութեան հարցով այդքան ալ մտահոգ չեն, քանի որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-չճանչնալը որեւէ խաչաձեւում չի յառաջացներ։
    «Ա.»- Արդէն նշեցիք, թէ Հայաստանի իշխանութեան Ֆութբոլային քաղաքականութիւնն ու Ապրիլ 22-ի միացեալ հաղորդագրութիւնը շահ ապահովեց միայն Թուրքիոյ։ Այս գծով Հայաստանին կողմէ սխալը ո՞ւր է։ Արդեօք հոն քաղաքական հասունութեան խնդիր կա՞յ, ամբողջական Հայաստանի տեսլականին մէջ հարց կայ, թէ տագնապը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել։
    Յ. Ս.- Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան մէջ քաղաքական մտածողութիւն չէ ունեցած, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը քաղաքականօրէն ընդհանրապէս անփորձ են, եւ այստեղ ես տեսլականի տարբերութիւն չեմ տեսներ։ Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի մեր ժողովուրդը նոյնքան նախանձախնդիր է Հայ դատի պահանջատիրութեան գծով, որքան որ է սփիւռքահայութիւնը։ Մէկ ժողովուրդ ենք եւ բոլորս ալ նոյն պահանջները ունինք։ Չմոռնանք, որ Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդէն աւելին Ցեղասպանութեան ժառանգորդներն են, որոնք փրկուած են եւ գաղթած՝ Արեւելահայաստան։ Եթէ մենք քաղաքական հասունութիւն ունենայինք, ապա այս բոլոր հարցերուն նկատմամբ տարբեր մօտեցում կ՚ունենայինք։ Բայց քանի որ այդ մէկը բացակայ է, հազարումէկ այլ խնդիրներ երեւան կու գան, որոնցմէ կարելի է նշել անկազմակերպ ըլլալը, տնտեսական եւ քաղաքական ուժ չունենալը, ներքին պառակտումները, յետոյ՝ աշխատանքային բաժանմունքներ չունենալը։ Հայաստանի պետութեան եւ գաղութներուն միջեւ Հայ դատի աշխատանքներուն վերաբերեալ համապատասխան գործնական համադրումներ գոյութիւն չունին։ Եթէ մենք համազգային մարմին մը ունենայինք, որ այս բոլորը փակ դռներու ետեւ քննէր, եւ եթէ նոյնիսկ հոն չհամաձայնէին, ապա նուազագոյնը միտքերը կը զարգացնէինք, եւ կը ստեղծուէր փոխադարձ հասկացողութիւն։ Պարզապէս դուրսէն քննադատութիւններ կատարելը միայն կը պառակտէ ու կը յառաջացնէ յաւելեալ բաժանումներ։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ընթացքին միակ դրական բանը այն էր, որ Ալիեւը զայրացաւ թուրքերէն, եւ եթէ մենք քաղաքականօրէն հասուն ու խորամանկ ըլլայինք, ապա կը խորացնէինք այդ ստեղծուած ճեղքը։ Մենք փոխանակ շահագործելու ազերի-թրքական լարուածութիւնը, հիմա կը խորացնենք Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ ճեղքը։ Մենք համախմբումի կարիքն ունինք, որովհետեւ ճակատումները կը տկարացնեն ժողովուրդն ու դատը։
    «Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վերջին դէպքերուն պատճառով որքա՞ն հարուած ստացաւ, երբ երրորդ կողմը՝ միջազգային ընտանիքը արդէն հեռացաւ գործընթացէն։ Իսկ այսօր որքա՞ն պէտք է ճանաչումին վրայ գրաւ դրուի, երբ այդ մէկը արդէն ժամավաճառութեան կը վերածուի։
    Յ. Ս.- Վերջին տարիներուն տարբեր առիթներով յայտնած եմ, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն իրագործուած է, եւ Ցեղասպանութիւնը փաստուած պատմական ճշմարտութիւն է։ Երկար տարիներ պէտք ունէինք այդ ճշմարտութիւնը հաստատելու, որուն համար լաւ աշխատանք կատարուած է Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ վերջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Այսօր տեղ մը հասած է, որ ճանաչումը փաստելը ժամավաճառութիւն է։ Այո՛, պէտք չէ մոռնանք, որ մեր պատմութեան ամէնէն աղէտալի դէպքը կը մնայ Ցեղասպանութիւնը, բայց մենք պէտք է մեր իսկական պահանջներուն վրայ աշխատինք։ Ցեղասպանութիւնը պահանջ չէ, այլ իրողութիւն է, իսկ պահանջը հետեւանքներու վերացման հոլովոյթն է, հատուցումն է ու հողերու վերադարձն է, որոնց մասին պէտք է մտածել, ծրագրել ու գործնական քայլերու դիմել։ Ուստի, պէտք է կազմակերպուինք եւ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մեր իսկական պահանջներուն վրայ...
    «Ա.»- Ուրեմն, կրնա՞նք հաստատել, թէ ճանաչման հոլովոյթը՝ «Ցեղասպանութիւն» բառը «ըսել-չըսելը», նոյնիքն թրքական քաղաքական ու դիւանագիտական խաղ մըն է, ժամանակ կորսնցնելու ու յետաձգելու հոլովոյթ է։
    Յ. Ս.- Այո՛, վստահաբար թուրքերը կը շահագործեն, բայց վստահ եմ, որ պատճառը մենք ենք։ Եթէ հայ ժողովուրդը լաւ ձեւով չի գիտեր իր դատը լաւագոյն ձեւով պաշտպանել, ապա ինչպէ՞ս կարելի է մեղադրել թուրքերը, որոնք այդ առիթը ամբողջովին կը շահագործեն։ Մենք անընդհատ կը պնդենք, որ ցեղասպանութիւն եղած է, իսկ իրենք ոչ կ՚ըսեն, ու այս ընթացքով յաջորդ քայլին պիտի չանցնինք։ ՄԵնք պէտք է գիտակցինք, որ այս ոճիրի ճանաչումը հատուցում չի բերեր։ Եթէ Օբամային «Ցեղասպանութիւն» ըսելը մեզի օգուտ ունենար, նախագահ Ռիգընը 1981 թուականին հռչակագիր ստորագրած է, որ 28 տարի ետք տակաւին որեւէ օգուտ չէ բերած։
    «Ա.»- Այսինքն հարցը հո՛ն է, որ մեզի համար Ցեղասպանութիւնը նպատակ եղած է, հակառակ անոր որ պէտք է միջոց ըլլայ...
    Յ. Ս.- Ճիշդ հոն է հարցը։ Ճանաչումը պէտք չէր նպատակ ըլլար։ Այդ մէկը կարեւոր միջոցառում մըն էր, որ երկար տարիներ առաջ անհրաժեշտութիւն էր։ Անցեալին միջազգային ընտանիքը չէր գիտեր, թէ ցեղասպանութիւն պատահած է, բայց վերջին տարիներուն աշխարհը շատ լաւ ճանչցաւ իրողութիւնը, եւ հիմա այլեւս անիմաստ է փորձել Ցեղասպանութիւն փաստելը։ Ասիկա վնասակար է, քանի որ ցեղասպանութեան ճանաչում հետապնդելը կը նշանակէ, որ մենք կ՚ընդունինք, թէ ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած, ինչ որ այդպէս չէ։ Պէտք չէ փորձենք փաստել բան մը, որ արդէն իսկ փաստարկուած է։ Իսկ երկրորդ կէտը այն է, որ երբ մենք ճանաչումով կը զբաղինք, ապա մեր պահանջատիրութեամբ չենք զբաղիր, քանի որ մենք ունինք յստակ մարդուժի, նիւթական եւ ժամանակի խնդիրներ։ Դէմ չեմ, որ արծարծուի հարցը, բայց պէտք է կեդրոնացնել միջոցները, որպէսզի կարենանք մեր դատը յառաջ մղելով՝ հասցնել յաջորդ հանգրուանին։
    «Ա.»- Վերջերս շատ կը խօսուի հատուցման անցնելու կարեւորութեան մասին, բայց ինչպէ՞ս, ծրագիր կա՞յ, թէ՞ պարզապէս ձգտում մըն է։ Այս առնչութեամբ ի՞նչ ըսելիք ունիք, եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր առաջին քայլը։
    Յ. Ս.- Հատուցման ծրագիր գոյութիւն չունի, քանի որ ծրագրողներ չկան, քանի որ բոլորս զբաղած ենք ցեղասպանութիւն փաստելով։ Նախ պէտք է, որ մարդիկ՝ մասնագէտներ, իրաւաբաններ, պատմաբաններ, ներկայացուցիչներ, բոլորն ալ քով-քովի գան, սերտեն, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսիլ եւ որո՞նք են առաջնահերթութիւնները։ Հարցերը պէտք է քննել դատարաններուն մէջ, ուր հաւանականութիւն գոյութիւն ունի դատեր շահելու, բայց հոն պէտք է լաւ պատրաստուածութիւն, կազմակերպուածութիւն, այլապէս, եթէ դատը կորսուի, ապա նոյնինքն դատը կործանման կ՚ենթարկուի։ Պէտք է կատարել մասնագիտական ու հետեւողական աշխատանք։ Կան շատ մը գործնական քայլեր, օրինակի համար կարելի է Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանին առջեւ դատ բանալ, հաստատելու համար՝ թէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող մեր եկեղեցիները, որոնք մզկիթի, բնակութեան վայրի, պահեստանոցի կամ կործանման ենթարկուած են, պէտք է դրուին Պոլսոյ պատրիարքութեան հովանաւորութեան տակ։ Հոս կարելի է շեշտել, թէ պատրիարքութիւնը թրքական հաստատութիւն մըն է, եւ Թուրքիոյ պետութիւնը իրաւունք չունի իւրացնելու ոչ պետական կառոյցները։ Մենք պէտք է դատ բանանք Թուրքիոյ եկեղեցիներուն եւ փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Կրնանք դատ բանալ Թուրքիոյ թիւ 301 յօդուածին դէմ։ Տակաւին կարելի է քննել անհատներու կալուածներու խնդիրը, Օսմանեան դրամատան մէջ հայերու հաշիւները, եւ երկար ցանկ մը կայ, որ կարինքը ունի լուրջ ծրագրաւորումի ու աշխատանքի։
    «Ա.»- Վերջին խօսք...
    Յ. Ս.- Ուրախ եմ, որ անգամ մը եւս Լիբանան կը գտնուիմ՝ շնորհիւ պրոֆ. Հրայր Տեքմեճեանի հետ ունեցած ծրագիրիս։ Հոս ունիմ շատ մեծ եւ հոյակապ յիշատակներ, քանի որ Լիբանանի մէջ լիբանանահայերը զիս անցեալին շատ ջերմ կերպով ընդունեցին եւ գնահատեցին։ Միշտ առիթ մը կը փնտռէի, որ օր մը վերադառնամ Լիբանան եւ անգամ մը եւս այցելեմ համայնքին հաստատութիւնները, եւ այդ մէկը այսօր իրականացաւ։ Վերջապէս, օրական հերթականութեամբ կը հետեւիմ «Ազդակ»ի կայքէջին, որովհետեւ հոն շատ մը տեղեկութիւններ կան, որոնք կարելի չէ ուրիշ տեղ գտնել։ «Ազդակ»ը կարեւոր աղբիւր է մըն է, ուր գաղութը իր բոլոր երեսներով կը ցոլացուի:

    Հարցազրոյցը վարեց՝
    ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #24
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ազգային խնդիրների վերաբերեալ

    ՔԱՐԻՒՂՈՎ ԵՒ ԲՆԱԿԱՆ ԳԱԶՈՎ ՀԱՄԵՄՈՒԱԾ ՀԵՐԻՍԱ՞



    Եւրոպա բնական գազի իր կարիքներուն բաւարարման համար կախեալ է Ռուսիայէն, ինչ որ բնականաբար քաղաքական գետնի վրայ անհանգստութիւն կը պատճառէ, մանաւանդ որ Ռուսիա չի վարանիր այդ կախեալութիւնը շահագործելու։ Աւելի՛ն. Ուկրանիոյ նման բնական կազի տարանցիկ երկիրներու հետ Ռուսիոյ վէճերը պատճառ կը դառնան, որ Եւրոպա ձմրան եղանակին յանկարծ զրկուի ջեռուցման համար անհրաժեշտ ուժանիւթէն։
    Ռուսիոյ կամքէն կախեալ ըլլալու անախորժ կացութենէն փրկուելու համար, Եւրոպական Միութիւնը ձեռնարկեց Կասպից ծովէն բնական կազի փոխադրման «Նաբուկո» խողովակաշարի ծրագիրին։ «Նաբուկո»ն կը շրջանցէ Ռուսիան, եւ Վրաստանէն ու Թուրքիայէն անցնելով կը հասնի Եւրոպա։
    Բնականաբար, Ռուսիա իր շահերուն սպառնացող ծրագիրի մը ի տես ձեռնածալ պիտի չմնար։ Ան «Նաբուկո» ծրագիրը առաջին անգամ հարուածեց, երբ օգոստոս 2008-ին հնգօրեայ պատերազմին ընթացքին Վրաստան ներխուժելով հասաւ մինչեւ Թիֆլիսի դռները։
    Մոսկուա երկուշաբթի օր «Նաբուկո» ծրագիրին ծանր հարուած մը եւս հասցուց, երբ Ադրբեջանի հետ «Ադրբեջանական գազի առաքման եւ վաճառքի հիմնական պայմանները» խորագիրով փաստաթուղթ մը ստորագրեց՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով Ադրբեջանէն գազ գնելու՝ հազար խորանարդ մեթրը 350 դոլարի մրցանշային գինով։ Եւրոպական Միութեան հասած հարուածը այնքան ծանր էր, որ Եւրոպական Միութեան նախագահ, Շուեդիաի վարչապետ Ֆրեդերիկ Ռէնֆելդ յայտարարեց, որ նոր մարտահրաւէրներու պատճառով Եւրոպական Միութիւնը ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրը, որուն մաս կը կազմեն Ադրբեջան, Հայաստան եւ Վրաստան։ Ըստ Ռէնֆելդի, Եւրոպական Միութիւնը հարկադրուած է յետաձգելու ծրագիրի իրականացումը։ Աշխարհաքաղաքական ծրագիրին տապալումէն ետք անոր տնտեսական-քաղաքական յենարանը բնականաբար անիմաստ կը դառնայ։
    Աւելի՛ն. Ռուսիա «Նաբուկո» ծրագիրին կենսական մէկ այլ գործընկերոջ՝ Թուրքիոյ կ՚առաջարկէ մաս կազմել «Նաբուկո»ի մրցակից իր «Սաութ Ստրիմ» ծրագիրին։
    Ռուսիա-Ադրբեջան համաձայնութիւնը անշուշտ դժգոհ կը ձգէ Թուրքիան, որ իր ուժանիւթի կարիքներուն ապահովման կողքին կ՚ուզէր «Նաբուկո» ծրագիրէն տնտեսական եւ քաղաքական շահ ապահովել։ Այդ ծրագիրի բացակայութեան, Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութեանց մէջ կարեւոր խաղաքարտէ մը կը զրկուի։ Անկարան կատարուած իրողութեան մը առջեւ դնելէ ետք, Ռուսիա Թուրքիան հրաւիրելով արտասովոր «վեհանձնութիւն» կը ցուցաբերէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ «Նաբուկո» ծրագիրին դագաղին վերջին գամը գամել։
    Թուրքիա Բաքուի «սիրոյն» Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման բանակցութեան մէջ ետդարձ կատարեց։ «Եղբայրական» Ադրբեջանի «երախտագիտական» սոյն քայլը արդեօք թրքական ի՞նչ հակազդեցութեան պիտի արժանանայ։
    Վերոնշեալ զարգացման կողքին վերջերս յաճախակի դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ լուծելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ամէնէն մտահոգիչը Ռուսիոյ նախագահ Դմիթրի Մեդվեդեվինն էր։ Վերջինս Բաքուէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան մէջ կը տեսնէր, այլ նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած ոչ հայանպաստ որոշումներուն մէջ։ Այդ յայտարարութիւնը կարելի չէ Երեւանի կողմէ Վրաստանի նախագահին ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան վերագրել, այլ՝ «Նաբուկո» ծրագիրը իր սաղմին մէջ սպաննելու Կրեմլինի մարմաջին։ Սահակաշվիլիի Հայաստան այցելութիւնը Մոսկուայի կողմէ ընդամէնը կարելի է իբրեւ ինքնարդարացման պատրուակ օգտագործուիլ։ Կրեմլինի համար այդ այցելութիւնը, բաղդատմամբ խնդրոյ առարկայ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող բուն հարցին, մանրուք մըն է։
    Հայաստանի ռազմավարական գործընկերոջ նախագահին կողմէ Բաքուի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահին, թէ վերջերս այլ ղեկավարներու ոչ հայանպաստ յայտարարութիւնները մտածել կու տան, թէ քուլիսներուն ետին բնական գազով եւ քարիւղով համեմուած ինչ որ բան կը պատրաստուի։
    ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

    «Ազդակ»
    Մի քանի օր առաջ, Ռումանիոյ նախագահի, երեկ Լեհաստանի նախագահի եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահ՝ Դորա Բակոյեանիի յայտարարութիւնները յուսախաբիչ են:
    Իբրեւ թէ սրանք մեր բարեկամներն են:
    Արդեօ՞ք խօսք են, ու կը մնան դրա սահմանին:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #25
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԹԱԿԱՐԴ

    Անցեալ տարուայ աշնանը Պօլ Գոբլը Բաքուի դիրքորոշման համապատասխան, առաջարկեց երկկողմ բանակցութիւններ՝ հրաժարուելով ԵԱՀԿի Մինսքի խմբից. «Միջնորդական այս եռակողմ ձեւաչափը ոչ մի տեղ չի տանում»։ Դրան հակառակ շարունակեց, որ Ստալինը «...սահմաններ գծելիս աշխատում էր վառ պահել ազգային հակամարտութիւնների կրակը... Հիմնականում հայերով բնակեցուած Լեռնային Ղարաբաղի ընդգրկումը Ադրբեջանի տարածքում դրա ամենայայտնի, սակայն ոչ միակ օրինակն է… Քարտէզի գծերից առաւել ես կարեւոր եմ համարում մարդկանց իրաւունքները։ Ազգերի ինքնորոշման իրաւունքն աւելի կարեւոր է... մի կողմ դնելով այս սկզբունքը Միացեալ Նահանգների արտաքին քաղաքականութեան օրակարգից, մենք հիմա խիստ դժուարին խնդրի առաջ ենք կանգնել։ Այժմ մենք պէտք է սկսենք բանակցային ճանապարհով լուծումներ գտնելու շօշափելի մեքանիզմների մասին, ոչ թէ թոյլ տանք, որ որոշ «պայծառ» ուղեղներ որոշեն հակամարտութիւնները լուծել ռազմական ճանապարհով» («Ասպարէզ», 12 Սեպտեմբեր, 2008)։
    Մեր իմացած առաջին եւ «ամենապայծառ» ուղեղը ԼՂՀ խնդիրը բազմիցս պատերազմով վճռել սպառնացող Իլհամ Ալիեւն է։ Ասես կրկնելով Լ. Տէր Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն...» յօդուածի «Ղարաբաղը շահել է ոչ թէ պատերազմը, այլ ճակատամարտը» ձեւակերպումը, Ալիեւը հերթական անգամ յայտարարեց. «Հայաստանը չի շահել պատերազմը։ Պատերազմը աւարտուած չէ։ Աւարտուել է պատերազմի առաջին փուլը» («Նոր Հայաստան», յունուար 23, 2008)։ Բայց որովհետեւ թուրքերը դիւանագիտութիւնում անգերազանց գետնառիւծներ են, Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարարի տեղակալ Արազ Ազիմովը վերջերս չքմեղանքով ասաց. «Հզօր բանակ ունենալը լաւ է, սակայն աւելի լաւ է այն չօգտագործելը։ Մենք երբեք չենք ասել եւ չենք ասում, թէ պատերազմ պիտի սկսենք Հայաստանի հետ։ Մենք ամէն գնով պիտի վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»։ («Ասպարէզ», մարտ 17, 2009)։ Ենթադրելով, թէ «ամէն գնովը» իբր բացառում է պատերազմը, ընդունում միայն «խաղաղ» լուծումներ, «մի ազգ երկու պետութիւնում» կը հանդիպենք արտառոց նախապայմանների։
    Օրինակ, Թուրքիայի մշակոյթի նախարար Էրտուղրուլ Գիւնայը Հայաստանի իր պաշտօնակցին կոչ անելով համագործակցել վերականգնելու Անիի աւերակները, միաժամանակ աւելացրել է, որ նախ ԼՂՀ հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի։
    Պօլ Գոբլի ակնարկած զէնքի դիմող «պայծառ» ուղեղները հարկաւ իր սիրելի Ալիեւն ու դրանիկները չեն, այլ «դրա ամենաթարմ, սակայն ոչ վերջին վկայութիւնը», յատկապէս՝ Հարաւային Օսեթիայի վրայ յարձակուած Վրաստանի դէմ ելած Ռուսաստանը։ Դրանով համոզուեցին, որ նման իրադրութիւնում Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան, Թուրքիան չեն գնայ Ռուսաստանի դէմ, քանզի դա կարող է նոր համաշխարհային պատերազմի սկիզբ դառնալ։ Ուստի ռազմամոլ ազերները ստիպուած խաղաղութեան կաչաղակի փետուրներ հագան եւ այժմ փորձում են այլ երգեր կղկղալ։
    Մի՞թէ ադրբեջանական դիւանագիտական ակադեմիայի ղեկավար Պօլ Գոբլը, որի նախատեսած քարտէսով Մեղրին Ադրբեջանին նուիրելով Հայաստանը Իրանից կտրելը չիրականացաւ, բայց իրականացաւ Շահումեանի շրջանը, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջանների մասերը Ադրբեջանին յանձնելու ցանկութիւնը, քարտէզի գծերից (տուեալ դէպքում՝ Ադրբեջանի «տարածքային ամբողջականութիւնից») աւելի կարեւորում է «Հիմնականում հայերով բնակեցուած» ԼՂ հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։ Եթէ իրօք, երկար-բարակ բանակցութիւնների կարիք չի լինի, քանի որ ժողովուրդը հանրաքուէով ինքնորոշուել է եւ արդէն 18 տարի ապրում է իր անկախ բնօրրանում։ Կը մնայ ընդունել իրողութիւնը։
    Ադրբեջան-Հայաստանի «երկկողմանի բանակցութիւնների» վերահսկողի դերը Գոբլը նախատեսում է յանձնել Միացեալ Նահանգներին՝ շեշտելով. «Միացեալ Նահանգները պէտք չէ դառնան Ստալինի որդեգրած քաղաքականութեան երաշխաւորը...» եւ այլն։ Ի՞նչ նպատակ է հետապնդում Գոբլը, կարծես թէ՝ պաշտպանելով ԼՂՀ ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը։
    Հրաժարուելով ԵԱՀԿի-Մինսքի խմբից, մնալով Ադրբեջանի հետ դէմ առ դէմ Միացեալ Նահանգների վերահսկողութեան տակ, Արցախի Հանրապետութիւնը ստիպուած կը լինի ընդունել «մէկ միլիոն» փախստական ազերների վերադարձի եւ ինքնորոշուելու իրաւունքը։ Յօրինովի մէկ միլիոնի մէկ երրորդն էլ մտնի Արցախ, ինքնորոշման խնդիրը կը լուծուի սովորական հանրաքուէով՝ Ադրբեջանի օգտին։
    Բնորոշ է Կոսովոյում կատարուածը, որտեղ ալբանացիների ինքնորոշման իրաւունքը հաստատուեց Սերբիայի վրայ Միացեալ Նահանգների եւ դաշնակիցների «մարդասիրական յարձակումով»։ 2000ի ընտրութիւններին Միացեալ Նահանգների նախագահութեան թեկնածու, «Արեւմուտքի մահը» նշանաւոր գրքի հեղինակ Պատրիկ Բիւքենենը նշում է. «Սերբիան... մեր բարեկամը, մեր դաշնակիցն էր երկու համաշխարհային պատերազմներում։ Սերբերը փրկել են հարիւրաւոր ամերիկեան օդաչուների, երբ մենք մարտնչում էինք նացիների դէմ... Սերբիան չի յարձակուել Նատո-ական ոչ մի երկրի վրայ։ Արդ, ինչու Նատո յարձակուեց Սերբիայի վրայ»։ 100 հազար ալբանացիների զանգուածային ջարդերը համարելով հարիւրտոկոսանոց քարոզչութիւն, Բիւքենենը ճշտում է՝ 2000 դժբախտ պատահար, 95 հազար կոսովեան ալբանացիների արտաքսում. «Մինչդեռ, մեր քաղաքացիական պատերազմի մի օրուայ ընթացքում… զոհուել է 10 հազար մարդ։ Ընդ որում, մեզ ոչ ոք չմեղադրեց ցեղասպանութեան մէջ... պատերազմի վերջին արդէն գազանութիւններ էին արւում սերբերի դէմ՝ 250 հազար սերբեր ստիպուած էին լքել հայրենի վայրերը։ Ինչքա՜ն ուղղափառ եկեղեցիներ աւերուեցին... հարկաւոր էր հեռու մնալ ռազմական գործողութիւններից եւ աշխատել այնպէս անել, որ կոսովեան ալբանացիները աւելի շատ անկախութիւն ունենային բայց առանց տրոհելու Հարաւսլաւիան... Կոսովոյում սերբական արմատները գնում են դարերի խորքերը. այդ ժամանակ Ամերիկան յայտնագործուած էլ չէր։ Կոսովոն սերբերի օրրանն է... «Մեծ Ալբանիայի ստեղծմանն ուղղուած շարժում կայ... եթէ դա կատարուի, բալկաններում պատերազմները վերջ չեն ունենայ» (Պ. Բիւքենենի հարցազրոյցը տես «Ավանգարդ», Լ. Ա., մարտ 18, 2002)։
    Կոսովոյի տարածքը 10,887 քառ. կմ է բնակչութիւնը 2.1 միլիոն, 92 տոկոսը ալբանացի, մահմեդականների 90 տոկոսը սիւննի, մնացածը՝ շիի։ 1966-ին ալբանացիների թիւն աշխարհում 3 միլիոնից աւելի էր, Ալբանիայում՝ 1,885,000։ Բնական մեծ աճ ունեցող այդ ժողովուրդը այժմ միայն Կոսովոյում հասել է շուրջ 2 միլիոնի։ Թուերը, կարծում եմ, պերճախօս են՝ յաջողուի անգամ Կոսովոն պահել Սերբիայի կազմում, չափազանց բարդ, թերեւս անհնարին կը լինի կառավարել տեղի 2 միլիոն բնաւ էլ ոչ խաղաղ բարքի տէր ալբանացիներին։
    Կոսովոյից աւելի մեծ տարածքով Արցախի Հանրապետութիւնում շուրջ 140 հազար հիմնականում հայ բնակչութիւն կայ։ Ադրբեջանի համար օրերի խնդիր է այնտեղ դրա առնուազն կրկնակի ազերիներ լցնելը։ Ազերի փախստականների վերադարձի նրանց «մարդասիրական» պահանջի իրագործումը կ՚աւարտուի Արցախի վերջնական հայաթափումով։
    Այդ վտանգին դիմագրաւելու հիմնական միջոցը Ադրբեջանից հայ փախստականներին ապաստանելու խնդիրն է։ Բացայայտ է, որ ազերիների եւ հայերի համատեղ գոյակցութեան որեւէ փորձ աւարտուելու է արիւնահեղութեամբ։ Եւ քանի որ հայ փախստականները երբեք չեն վերադառնայ Ադրբեջան, ապա ազերի փախստականները պիտի մնան այնտեղ նրանց փոխարէն, իսկ հայ փախստականները՝ վերաբնակեցուեն Արցախում։ Ընդգծենք, որ յարաբերակցութիւնը ի վնաս Ադրբեջանի է։

    Ըստ փախստականների գծով գերագոյն յանձնակատարի 1997-ի զեկոյցի, միայն Հայաստանում գրանցուած էր Ադրբեջանից բռնագաղթուած աւելի քան 340 հազար փախստական, 14 հազարը տեղափոխուել էր Ղարաբաղից։ Ադրբեջանը որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրել հայերի կոտորածների համար, վարձահատոյց չի եղել փախստականներին պատճառած վնասների դիմաց։ Մինչդեռ, ինչպէս հաստատել է Հայաստանի սոցիոլոգների ասոցիացիան Ընկերաբանների ընկերակցութիւն, 1989-1991-ին Հայաստանը լքած 170 հազար ադրբեջանցիներին հնարաւորութիւն է ընձեռուել վաճառել իրենց տներն ու բնակարանները։ Հայաստանը նրանց մօտ 110 միլիոն տոլարի համարժէք դրամական փոխհատուցում է տուել։
    Սումգայիթում սկսուած հայերի ցեղասպանութիւնից յետոյ (որը միջազգայնօրէն չի դատապարտուել) հայ փախստականների ո՞ր մասը հիմնաւորուեց Արցախի Հանրապետութիւնում։ 1976-ին ԼՂԻՄ-ի 157,2 հազար բնակչութեան 80,5 տոկոսը հայեր էին։ Անկախութեան անցած տարիներում բնակչութիւնը գրեթէ չի աճել, յատկապէս վերաբնակեցման ծրագրի իրագործման ցածր մակարդակի պատճառով։ Եթէ Կոսովոն մօտ 2 միլիոն ալբանացիների համար կենսատարածք է, ապա Արցախի ժողովրդի պատմական բնօրրան, որի ամրապնդման համար բնակչութեան տասնապատիկ աճը հազիւ բաւարար կարող է համարուել։ Վերաբնակեցումն այսպիսով, եղել եւ մնում է Արցախի Հանրապետութեան թիւ մէկ խնդիրը։
    Այն, որ Ադրբեջանական դիւանագիտական ակադեմիայի ղեկավարը գերադասում է ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը, նշանակում է, որ եթէ տարածքային ամբողջութեան եւ յարակից պահանջները արդիւնք չտան, կարող է գործի դրուել այդ հիմնարկում մշակուած, Հայաստանի եւ Արցախի դիրքորոշումը թակարդող տարբերակը։ Քո զէնքով քեզ ծնկի բերելու տարբերակ։
    ՍՏԵՓԱՆ ԹՈՓՉԵԱՆ

    «Ազդակ»

    Թւում է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստւում էին այս օրերին, յատկապէս երբ Արցախը չվերաբնակեցրին:
    Չեմ հասկանում: Ե՞րբ մեր հողը պիտի համարենք. երբոր սկուտեղի վրայ մեզ այդ հողի սեփականատիրութեան վկայագիր՞ը տան:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #26
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ազգային խնդիրների վերաբերեալ...

    ԼԱՒ Է ՈՒՇ, ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ
    ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ «ՖՈՒՏԲՈԼԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՄՏԵԼ Է ՓԱԿՈՒՂԻ


    «Ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» մեկնարկից աւելի քան մէկ տարի անց Հայաստանի իշխանութիւնները կարծես գիտակցում են, որ Թուրքիան բոլորովին էլ չի շտապում վերջ տալ թուրք-հայկական սահմանի շրջափակումը եւ Հայաստանի հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Երկուշաբթի օրը Երեւանում Կիպրոսի նախագահի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսում Հայաստանի նախագահը յայտարարել է, թէ՝ «մտադիր չենք Թուրքիային թոյլատրել օգտագործել բանակցային գործընթացը միջազգային հանրութեանը մոլորութեան մէջ գցելու համար»:

    Անշուշտ լաւ է, որ հայկական իշխանութիւնները գիտակցել են, որ սխալներ են թոյլ տուել Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններում: Այդ սխալները նրանք չեն ընդունի եւ ամէն ինչ կը փորձեն բարդել Թուրքիայի վրայ, ինչպէս դա փորձեց անել նախագահ Սարգսեանը մամուլի ասուլիսում: Ո՞վ է ասել, որ Թուրքիան միջազգային հանրութեանը մոլորութեան մէջ է գցել: Թուրքիան այս մէկ տարուայ ընթացքում իրականացրել է իր ազգային-պետական շահերից բխող քաղաքականութիւն՝ հրաշալի օգտագործելով հայկական կողմի ի սկզբանէ անտրամաբանական նախաձեռնութիւնը: Այդ հայկական կողմն է արդէն մէկ տարի մոլորութեան մէջ:

    2008 թ. յունիսի 23-ին նախագահ Սարգսեանը Մոսկուայում յայտարարում էր, որ դէմ չէ հայ եւ թուրք պատմաբանների համատեղ յանձնաժողովի ստեղծմանը, եթէ Թուրքիան բացի սահմանները: Այդ յայտարարութիւնն արդէն իսկ կոպիտ սխալ էր, որովհետեւ սահմանը փակել է Թուրքիան եւ պէտք չէ այն բացել տալու համար համաձայնուել պատմաբանների համատեղ յանձնաժողովի ձեւաւորմանը: Այս յայտարարութիւնը իսկը նուէր էր Թուրքիային, ով տարիներ շարունակ Հայաստանին կամ հայ պատմաբաններին առաջարկում էր «1915 թ. դէպքերը» ուսումնասիրելու նպատակով յանձնաժողով ստեղծել:

    Երկրորդ կոպիտ սխալը 2009 թ. ապրիլի 23-ի համատեղ յայտարարութիւնն էր, որ ստորագրեցին Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնները Շվեյցարիայի միջնորդութեամբ: Հասկանալի է` Միացեալ Նահանգները լուրջ ճնշումներ էին բանեցրել Հայաստանի վրայ, որ հէնց ապրիլի 23-ին ստորագրուի այդ «ճանապարհային քարտէս» կոչուած թուղթը` նպատակ ունենալով «փրկել» Բարաք Ոբամային, ով արդէն հանգիստ խղճով կարող էր ապրիլքսանչորսեան ուղերձում օգտագործել այլ բառապաշար:

    Մէկ տարուայ ընթացքում հայկական կողմը` արհամարհելով բոլոր քննադատական տեսակէտները, շարունակում էր «ֆուտբոլային դիւանագիտութիւնը», այդ ընթացքում թոյլ տալով այլ սխալներ: Փոխարէնը՝ իշխանութիւնների վերահսկողութեան տակ գտնուող ելեկտրոնային լրատուամիջոցները շարունակում էին մի կողմից հայկական իշխանութիւնների «նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութեան» գովքն անել, միւս կողմից` եթեր չտալ այն տեսակէտները, որոնցում քննադատւում էր հայ-թուրքական երկխօսութեան ընթացքը:

    Սխալը գիտակցելը դեռ փրկութիւն չէ հայ-թուրքական այս փակուղուց դուրս գալու համար: Շատ կարեւոր է, որպէսզի Հայաստանը իր իսկ նախաձեռնած քաղաքականութիւնից դուրս գայ հնարաւորինս նուազագոյն կորուստներով: Անկախ նրանից՝ նախագահ Սարգսեանն ու արտաքին գործերի նախարար Եդուարդ Նալբանդեանը կ՚ընդունեն իրենց թուրքական քաղաքականութեան ձախողումը, պէտք է նրանց օգնել: Այդ հարցում նրանց կարող են օգնել ինչպէս կուսակցութիւնները, այնպէս էլ՝ հասարակական կազմակերպութիւնները, Սփիւռքը, նախկին դիւանագէտներն ու Թուրքիայի հարցերում մասնագիտացած փորձագէտները:

    Բայց մինչ այդ Սարգսեան-Նալբանդեան զոյգը պէտք է ընդունի (պարտադիր չէ հրապարակաւ եւ բարձրաձայն), որ այլեւս չի շարունակի կրկնել մէկ տարի կրկնուող սխալները: Մասնաւորապէս պէտք է անյապաղ իջեցնել հայ-թուրքական երկխօսութեան մակարդակը եւ այն դարձնել աւելի շատ խորհրդապահական, ինչպէս եղել է նախկինում: Լաւ կը լինէր, եթէ Երեւանը կարողանար գոնէ ժամանակաւորապէս սառեցնել գործընթացը, սակայն դա չի կարող անել, որովհետեւ նրա ձեռքում չեն այլեւս սանձերը: Կարելի է նաեւ կատարել արտաքին գործերի նախարարի փոփոխութիւն: Քաւութեան նոխազներ փնտռելը լաւագոյն տարբերակ չէ, սակայն պէտք է ընդունել, որ Հայաստանի թուրքական քաղաքականութեան ձախողման համար պատասխանատու է նաեւ Նալբանդեանը:

    Հայաստանի գործող իշխանութիւնները պէտք է հաւաստիացնեն (կրկին` պարտադիր չէ հրապարակաւ եւ բարձրաձայն), որ յանուն իրենց դիրքերի ամրապնդման երկրի ներսում, այլեւս չեն օգտուի Թուրքիայի հետ երկխօսութեան խողովակից, ինչը բաւականին մեծ պաշարներ էր նրանց ապահովում դրսում: Արեւմուտքը, ի՛ր շահերից ելնելով, գովք էր շռայլում եւ խրախուսում նախագահ Սարգսեանի խիզախ քաղաքականութիւնը Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններում:

    Եւ ամենակարեւորը. որքան հնարաւոր է շուտ, նախագահը պէտք է փորձի, ուղղակի կամ անուղղակի, միջազգային հանրութեանը հասկացնել տալ, որ ինքը չի մեկնի Թուրքիա` նախագահ Աբդուլլա Գիւլի հետ դիտելու ֆուտբոլային պատասխան հանդիպումը, եթէ առաջիկայ շաբաթներին Թուրքիան վերջ չտայ շրջափակմանը կամ գոնէ չբացի Կարս-Գիւմրի երկաթգիծը: Անկասկած, Թուրքիա չմեկնելու մեղքը ջարդուելու հայկական կողմի վրայ, բայց աւելի լաւ է ընտրուած սխալ ուղուց կէսճամբին ետկանգնելը, քան՝ մինչեւ վերջ մոլորութեան ճանապարհով գնալը:

    Դիւանագիտական քայլ կամ նախաձեռնութիւն կատարելուց առաջ անհրաժեշտ է մի քանի քայլ առաջ եւ մի քանի տարբերակներ հաշուարել, կամ՝ դիւանագիտութեան մէջ ճատրակ խաղալ: Հայաստանը յատկապէս Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններում այսուհետ պէտք է աւելի հաշուարկուած գործի: Անցնող մէկ տարուայ ընթացքում մերոնք թուրքերի հետ ոչ թէ ճատրակ (շախմատ-Տ.), այլ նարդի էին խաղում:
    ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
    Յատուկ «Ազդակ»ի համար
    Երեւան
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. #27
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    «... ՉՊԷՏՔ Է ԼՌԵԼ»

    Վերջին քանի մը ամիսներուն, մտահոգիչ զարգացումներ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի ու Արցախի շուրջ, առանց մոռնալու Ջաւախքը, եւ սակայն, պետական, կազմակերպութեանց ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ պատմական այս պահուն համապատասխան արթնութիւնն ու հակազդեցութիւնը չի տեսնուիր։
    «Ֆուտբոլային մարտավարութենէն» ասդին, մինչեւ Հայաստան-Թուրքիա հարցերու լուծման «Ճամբու քարտէս»ն ու անոր յաջորդող հանդիպումները, մինչեւ իր ենթադրեալ խոստումներէն ետդարձի Թուրքիոյ «խուսանաւումներ»ն ու Ադրբեջանի իշխանաւորներու «բացայայտումները», այլ խօսքով՝ նուազ քան մէկ տարուան ժամանակամիջոցին, ամիսէ ամիս, շաբաթէ շաբաթ եւ օրէ օր կը ձեւաւորուի ընդհանուր պատկեր մը, որուն մէջ հայութեան ու իր արդար իրաւուքներուն ի նպաստ շատ բան չ՚երեւիր։ Ու եթէ այդ բոլորին վրայ աւելցնենք Մոսկուա-Բաքու եւ Մոսկուա-Անկարա գիծերուն վրայ շահակցական նորութիւնները, որոնք սկսած են զուգահեռներ գծել Թուրքիոյ ու Ադրբեջանի հետ Միացեալ Նահանգներու եւ առհասարակ Արեւմտեան աշխարհի շահո՛ւ գործակցութիւններուն հետ, ուրուագծուող պատկերը կարծէք թէ աւելի եւս կը մթագնի։
    Այս զարգացումներուն դիմաց, հայկական՝ մե՛ր ճակատը ընդհանուր առմամբ որդեգրած է կրաւորական, հաշտուողական, չըսելու համար՝ տեղի տուողի դիրք։ Գոնէ այդ է երեւցողը։ Կարգ մը կենսական գործընթացներու վրայէն չէ վերցուած «գաղտնապահութեան» քողը, որ յաւելեալ շեշտ մը կը դնէ մտահոգութեանց վրայ։ Ադրբեջանէն արձակուող նորագոյն «փամփուշտները», թէ՝ արդէն իսկ համախոհութիւն կը գոյանայ հայերու «բռնագրաւած հողեր»ուն պարպումին մասին, այլ երանգ մը կը գումարեն մտահոգութիւններուն վրայ։
    Ցանկը կարելի է երկարել...
    Զարմանալին ու անընդունելին, ինչպէս նշեցինք, հայկական ճակատին վրայ տիրող ընդհանուր լռութիւնն է։ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի յայտարարութիւնը պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուած հազուադէպ հակազդեցութիւններէն եղաւ եւ իր կարգին գումարուեցան մամլոյ, առաւելաբար Դաշնակցական մամուլի ընդվզողի արձագանգներուն վրայ։ Մէկ խօսքով, բողոքի, իրաւատիրութեան, պահանջատիրութեան ու Թուրքիա-Ադրբեջան անարդար զուգերգին դէմ դնող ձայները, մանաւանդ՝ պաշտօնական Երեւանէն ու հայրենի քաղաքական շրջանակներէ, չունին պահուն պահանջած ուժգնութիւնը, հնչեղութիւնը. համապարփակ չեն։ Կարծէք թէ Արցախն ու որոշ շրջանակներ պէտք է ըլլային միակ մտահոգուողը, կարծէք թէ մարտահրաւէրները համահայկական չեն, ու տակաւին, կարելի է անոնց շուրջ քաղաքական խաղեր ալ խաղալ, իբր թէ ասոնք ըլլային ընթացիկ ու անցողակի կացութիւններ, վիճակներ...
    Ի՞նչ կը սպասենք, ինչո՞ւ կը սպասենք ի հեճուկս Հայաստանի, Արցախի ու ընդհանրապէս ողջ հայութեան իրաւունքներուն դէմ նիւթուող թակարդներուն դէմ ծառանալու, բողոքող բռունցք դառնալու համար։
    Մենք այն ժողովուրդը չե՞նք, որ շուրջ երկու տասնամեակ առաջ, ա՛զգովին, Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի, առանց երկրորդական հաշիւներու ոտքի կանգնեցանք ի պաշտպանութիւն Արցախին, ի խնդիր Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումին...։
    Ինչո՞ւ այս կրաւորականութիւնն ու անտարբեր վիճակը՝ այսօր։ Յետոյ, ինչո՞ւ մատնուիլ այնպիսի վիճակի, որ թրքական ու ազերիական աղբիւրներ ու պետական դէմքեր ըլլան բացայայտողները մե՛ր հայրենիքին ու ժողովուրդին վերաբերող ճակատագրական իրականութիւններուն (նման բացայայտումներու հաւաստիութեան կասկածելու շատ պատճառ ունինք, այլեւ կը յարինք հաւատալու, որ նման բացայայտումներով Անկարա ու Բաքու հետամուտ են յաւելեալ ճեղքեր յառաջացնելու հայութեան դաշտին մէջ)։
    Շիրազի բառերով՝ «Ո՛չ, բաւակա՛ն է, չպէ՛տք է լռել...»։
    Հրամայական է, որ ձայնակցինք Արկադի Ղուկասեանի ու նմաններու բողոքի, դատապարտումի ու մանաւանդ իրաւուքներու պաշտպանութեան ձայներուն, նաեւ՝ անցնիլ գործի, դուրս գալ կրաւորական հանդիսատեսի կացութենէն։ Անդրադառնանք, որ մեր հայրենիքին ու ազգի ճակատագի՛րն է խաղի դրուողը։
    Բանիւ եւ գործով շարժելու համար կը սպասենք, որ Հայաստանին ու հայութեան ի վնաս զարգացումները հասնին դժուար դարմանելի կամ անդառնալի հանգրուանի՞, որպէսզի շարժինք պետականօրէն, դիւանագիտականօրէն, քաղաքականապէս ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ։
    Կամ՝ արդեօք սկսած ենք կասկածի՞լ մեր (թէեւ սահմանափակ, բայց ոչ բութ) կարողութիւններուն վրայ։ Մոռցա՞ծ ենք, որ միայն 20-22 տարի առաջ Երեւանի հրապարակները ողողուած էին պահանջատէրերով, ու համապատասխան արձագանգներ կը բարձրանային սփիւռքի մէջ։ Մեր յիշողութեան դաշտէն դո՞ւրս ձգած ենք Արցախի բարձունքներուն ու հովիտներուն մէջ արեան գնով մղուած ճակատամարտերը, հայկական հողերու կորուստն ու վերաշահիլը, գունդ-գունդ նահատակները, որոնք այսօր անժամանցելի պատգամներ կ՚ուղղեն մեզի՝ Եռաբլուրէն, Ծիծեռնակաբերդէն, Սարդարապատէն, Շուշիէն ու Ստեփանակերտէն...
    Կանգնինք ոտքի՛, կարելի բոլո՛ր միջոցներով յիշեցնենք մեր ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Ըսե՛նք մեր պետութեան, որ պայքարով ու իրաւունքի հիմամբ շահուածը սակարկելի չէ. յայտարարե՛նք բոլորին, որ հայութիւնը, Հայաստանի մէջ ու աշխարհի տարածքին, միաձայն է իր պահանջատիրութեան մէջ, կը կանգնի ու պիտի կանգնի իր պետութեան կողքին, որ մարմնաւորումն է, պէ՛տք է ըլլայ մարմնաւորումը ժողովուրդի կամքի՛ն ու պահանջատիրութեան։
    Մանաւանդ յիշենք ու վերյիշեցնենք, որ առաւելաբար նիւթական շահակցութիւններով կառավարուող այսօրուան աշխա՛րհն անգամ իրաւունք չունի անտեսելու, չի կրնար արհամարհել արդար ու անսակարկելի իրաւունքերը, իրաւատէրը, ան ըլլայ հայ թէ այլ։
    ... Մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի իրականութիւնները յուշարար են, որ մե՛նք ալ ունեցած ենք եւ ունինք պատմութեան անիւին ուղղութիւն տալու կարողութիւնը։
    Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  8. #28
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ՄԵՂՐԱԶՕԾ ԹՈՅՆԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է

    Մեր իրաւունքներուն իրազեկ ոեւէ հայ վստահաբար քաղաքական իր կամքին արտայայտութիւնը գտաւ Արցախի նախագահ Բակո Սահակեանի այն հաստատումին մէջ, որ կ՚ըսէր, թէ Արցախի անկախութիւնը անդառնալի վիճակ է ու չի կրնար առկախ մնացած հարցերու մասին բանակցութեանց սեղանին դրուիլ։
    Արդարութեան ուղիէն չշեղելու իրողական այս կոչը գօտեպնդող է եւ բարացուցական, յատկապէս այն պահուն, երբ Արցախի ու առհասարակ մեր՝ հայութեան իրաւուքներուն շուրջ տղմուտ ու պղտոր հոսանքներ ստեղծուած են՝ ողողելով մինչեւ անգամ Հայաստանի պետական կարգ մը ոլորտները, ինչ որ ջլատող ներգործութիւն կ՚ունենայ մեր անսակարկելի իրաւուքներուն ու պահանջներուն ճանաչողութեան գիծին վրայ։ Յայտարարութիւնը բարացուցական է մանաւանդ այն իմաստով, որ դարձեա՛լ Արցախէն կը բարձրանայ իրաւատիրութեան ձայնը, այս ուղիին մէջ աննահանջ մնալու կամքի արտայայտութիւնը, ինչպէս եղած էր աւելի քան քսան տարի առաջ, երբ նոյնինքն Արցախը անհաւասար մարտի ելած էր իրաւազրկող Ադրբէջանին ու անոր լծակից-գործակից՝ խորհրդային Վոլսկիներուն դէմ, եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու, նուաճեց արդարութեան ուղին, ձեռք բերաւ իր ոտնակոխուած ու արհամարհուած իրաւունքները։
    Այո. Արցախի անկախութեան իրականութիւնը անդառնալի է ու անդառնալի ալ պէտք է պահուի, որովհետեւ այս վիճակէն որեւէ ետդարձ համազօր է հաւկուրութեան, մինչեւ իսկ եթէ Մինսկի խմբակին կողմէ ատիկա ներկայացուի իբրեւ խաղաղութեան երաշխիք ու յարմարագոյն լուծում։
    Լուծումներու մանրամասնութիւններուն մասին գաղտնապահութեան քաղաքականութիւնը» արդեօք պերճախօս ապացոյց չէ՞, որ՝ «նեխած բան մը կայ Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»...։ Եթէ այդպէս չէ, ո՞վ եւ ինչէ՞ կը վախնայ յստակօրէն ըսելու, թէ «բոլորին համար բաղձալի լուծման տարազը եւ կայուն խաղաղութեան մեկնակէտը» ի՞նչ կ՚ըսէ բոլոր կողմերուն, յատկապէս Արցախին ու Հայաստանին։
    Մօտիկ ու միջին հեռաւորութեամբ անցեալի իրականութիւնները իրաւատէր հայուն կու տան արդար իրաւունքը բացարձակ ՈՉ մը արձակելու լուծումի որեւէ ընտրանքի դէմ, որ կը փորձէ Արցախը վերադարձնել Ադրբէջանի իշխանութեան ու անոր կը խոստանայ լայն ինքնավարութիւն։ Հայն ու Արցախը արդարօրէն կ՚ըսեն. «Ո՛չ, պարոններ, նման լուծում ո՛չ միայն անարդարութիւն է, այլ՝ փորձուածը կրկնելու տխմարութիւն, որմէ զերծ ենք մենք՝ հայերս, մանաւանդ արցախեան մեր հատուածը»։ Արցախը ինչպիսի՜ դառն փորձառութիւններ ապրեցաւ ամբողջ եօթանասուն տարի՝ Ադրբէջան կոչուած շինծու երկրի կազմին մէջ իբրեւ ինքնավար մարզ։ Եւ թող ո՛չ ոք ինքն իրեն իրաւունք տայ մեզ որակելու «խաղաղութեան ուղին խափանող կողմ», որովհետեւ հայը զոհն էր անասելի անարդարութիւններու եւ իր տարրական իրաւուքն է մերժել զոհի դերակատարութեան կրկնումը։
    Ո՛չ Մինսկի խմբակը, ո՛չ ալ Բաքու ու իր համախոհները կրնան մեզ համոզել, որ Ստալինի գործած անարդարութիւնը տարբեր անունով հրամցնելը լուծման կ՚առաջնորդէ, ինչպիսի՛ մեղրով ու շաքարով ալ օծեն թոյնը։
    Այս իմաստով ալ, հայութիւնը անգամ մը եւս մէկ բռունցք պիտի դառնայ ու ամուր կերպով պիտի կանգնի Արցախի կողքին, որ մէկ մասնիկն է մեր ամբողջական Դատին, կը մարմնաւորէ նոյնինքն ԴԱՏը։
    Յետոյ, չենք մոռցած քաղաքական այն վճիռը, որ Արցախի բարձունքներէն արձակուեցաւ քսանամեակ մը առաջ. «Եթէ Հայաստանը իրեն պիտի չմիացնէ Արցախը, Արցախը պատրաստ է իրեն միացնելու Հայաստանը», կ՚ըսէր ազնիւ մարտահրաւէրը։ Անիկա այժմէական է այսօր եւ նո՛յնքան իրական։
    Աւելի՛ն. անոր արձագանգները այսօր ալ պիտի կրկնուին Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա ու Աւստրալիա, մէն մի հայու արդարատենջ կամքին մէջ, առանց տարիքի ու պատկանելիութեան տարբերութեան։
    Վերջապէս, նման խաղեր պիտի չկարենան մեր ուշադրութիւնը շեղել մեր հիմնական ու առանցքային պահանջներէն՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դարմանումի պայքարէն, որ ահա, ինչպէս կ՚երեւի, դարձեալ սկսած է մղուիլ երկրորդ բեմ։
    Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  9. #29
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

    Հայաստանի եւ Ադրբէջանի նախագահներու յուլիսեան հանդիպման ձախողութենէն ետք արդե՞օք Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնը անդրադառնալու սկսած է այսպէս կոչուած «ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» ձախողութեան: Նախագահը ակնյայտօրէն կարծրացնելու սկսած է հայկական կողմին կեցուածքը, ընդհուպ մինչեւ յայտարարելով հայկական զինուած ուժերու պատրաստակամութիւնը՝ կասեցնելու ադրբէջանական որեւէ յարձակում:
    Շատ չի պատահիր, որ հայկական կողմը հաստատակամութիւն ցոյց տայ հրապարակային իր կեցուածքներուն մէջ, ի տարբերութիւն Ադրբէջանի, որ ե՛ւ իր պաշտպանութեան բիւջէն կաւելցնէ, ե՛ւ զէնք ու զինամթերք կը դիզէ, ե՛ւ այդ մասին շատ բացայայտօրէն կը յայտարարէ: Պարզ է, որ ադրբէջանական իշխանութիւներուն, նոյնինքն Ալիեւի վարչակարգին, հրապարակային յոխորտանքներն ու սպառնալիքները ե՛ւ արտաքին, ե՛ւ ներազգային ոլորտներուն մէջ պատգամներ յղելու կը ծառայեն: Ադրբէջանական պատգամը պէ՛տք է լուրջի առնել որպէս պատերազմի այլընտրանքի առկայութիւն՝ Արցախի հիմնախնդիրը ի նպաստ Ադրբէջանի չլուծուելու պարագային, եւ ոչ միայն լոկ քարոզչութիւն: Բայց այդ պատգամը ունի նաեւ, ու յատկապէս, ներազգային ուղղուածութիւն, կը ծառայէ Ալիեւի մենիշխանութեան յարատեւման եւ ծայրայեղ ազգայնականութեան հիման վրայ իր ժողովուրդի հաւատարմութեան ապահովման:
    Մինչեւ այսօր հայկական կողմը կը նախընտրէր հրապարակային կերպով համոզում յայտնել, որ Բաքուի ռազմատենչ յայտարարութիւնները ունէին յատկապէս ներազգային դրդապատճառ: Անշուշտ սխալ, կամ դիտումնաւոր, պիտի ըլլայ ենթադրել, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար Ադրբէջանի սպառազինումը մտահոգութեան առարկայ չէ եղած, կամ չէ, կամ ալ հարեւանի այդ առաւելութիւնը դիմակայելու ռազմավարութիւն չէ մշակուած: Աւելի՛ն, եթէ Ադրբէջան մինչեւ հիմա կասկած չունենար իր արագ յաղթանակին վրայ, շատ հաւանաբար արդէն յարձակումի անցած կےըլլար: Թէ ինչո՛ւ Հայաստանի իշխանութիւնները ցարդ դիւանագիտական արշաւի չեն դիմած Ադրբէջանի սպառազինման անօրինականութիւնը միջազգային օրակարգին դնելու համար, ապա այդ ուրիշ հարց է: Տակաւի՛ն, դիւանագիտական այս այլընտրանքին բացակայութիւնը շատ հաւանաբար առնչակից է դեռեւս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերէն նուիրականացած քաղաքական ոճի մը, ըստ որուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններու թղթածրարը կը մնայ խորհրդապահական եւ կےըլլայ բացառապէս նախագահին եւ իր ամէնէն մօտիկ շրջապատի մենաշնորհը: Եթէ նման ոճ մէկ կողմէ դիւանագիտութեան կےապահովէր անհրաժեշտ ճկունութիւն առնուազն ներքին ճնշումներու ազդեցութենէն հեռու մնալու համար, միւս կողմէ սակայն, այն նաեւ պետական քաղաքականութիւնը կը զրկէր կարեւորագոյն գործօնէ մը, որ ժողովուրդի զօրակցութիւնն է: Բայց, նման նախկին խորհրդային միւս երկիրներուն, Հայաստանի մէջ երկրի հարստութեան տէր դարձած եւ տնտեսական ուժին հիման վրայ իշխանախաւ ստեղծած դրամատէր դասակարգին համար ժողովրդային զօրաշարժը կը հասկցուի միայն կա՛մ որպէս ընտրական ձեւականութիւնը շարունակելու կոչուած գործօն իշխանութեան վրայ գտնուող դրամատէր հատուածին համար կամ ալ ընդդիմադիր դրամատէր հատուածին համար իշխանութեան հասնելու միջոց: Արցախեան շարժման երանելի օրերէն ի վեր հայրենի իրականութեան մէջ, դժբախտաբար, տակաւին չէ հաստատագրուած քաղաքական ուժ մը, որ ե՛ւ ազգային, ե՛ւ ընկերային հիմնախնդիրներու հիման վրայ ժողովրդական ամուր խարիսխ կառուցելու եւ ապա հասարակարգի արմատական բարեկարգումի յանձնառութեամբ իշխանութեան հասնելու խնդիր դրած ըլլայ իր առաջ:
    Բայց եթէ նախագահ Սարգսեանի վերջին յայտարարութիւնները պատահական ու պայմանական ելոյթներ չեն միայն, եթէ իշխանութիւնները իսկապէս անդրադարձած են իրենց քաղաքական ուղիի ձախաւերութեան եւ այն շտկելու առաջին քայլերն են, որ կ՚առնուին, ապա եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ձեւով մը վերահաստատել ժողովրդային զօրաշարժի ու զօրակցութեան գործօնը՝ դիմագրաւելու համար անմիջական ապագայի վտանգաւոր ժամանակները:
    Արդարեւ, երբ Սարգսեան հրապարակային կերպով արդէն կےարտայայտուի ադրբէջանական ռազմատենչութեան եւ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, ապա եւ այդ մէկը, պէտք է ենթադրել, զուտ ներազգային ենթատեքստ պէտք չէ ունենայ: Հաւանական է, որ Հայաստանի նախագահը յստակ պատգամ մը կےուղղէ Մինսկի խումբին, որուն ճնշումներուն այլեւս կարծես տեղի տալու պատրաստ չէ: Պատահական չէ նաեւ, որ նախագահ Սարգսեան միաժամանակ հրապարակային կերպով յուսախաբութիւն արտայայտելու սկսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մասին: Երեւան ճիգ կےընէ երկու գործընթացները, արցախեան հիմնախնդիրն ու հայ-թրքական յարաբերութիւնները, իրարմէ անջատ պահելու: Սակայն, նախագահը իրերայաջորդ օրերու ընթացքին կےարտայայտուի երկու խնդիրներուն, եւ երկուքին պարագային նկատելի է առնուազն ոճի փոփոխութիւն արդեօ՞ք այս անուղղակի փաստ չէ, որ հակառակ Երեւանի կամքին ու ճիգին՝ երկու հիմնախնդիրները արդէն զուգորդուած են, թրքական դիւանագիտութիւնը, օգտագործելով «ճանապարհային քարտէս»ի ապիկարութիւնը, արդէն յաջողած է նախ զօրաւոր հարուած հասցնել Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան, ապա՝ կեդրոնանալ արցախեան հիմնախնդրին վրայ: Պատահակա՞ն է, որ «ճանապարհային քարտէս»ը ստորագրող թուրք արտաքին գործոց նախարարին, Ալի Բաբաջանին շատ շուտով փոխարինեց նախկին օսմանեան արտաքին քաղաքականութեան ջատագով Դաւութօղլուն, որ, ի տարբերութիւն իր նախորդին, այնքան ալ կարեւորութիւն չտուաւ Ցեղասպանութեան խնդրին եւ կեդրոնացաւ թուրք-ադրբէջանական ճիգերու համակարգումին վրայ՝ նպատակ ունենալով ճնշումը աւելցնել արցախեան ճակատին վրայ...
    Սարգսեան եւ Ալիեւ համաձայնագիր չստորագրեցին, եւ անոնց հանդիպումէն ետք Մինսկի խումբի անդամներուն կողմէ եղան յայտարարութիւններ, որոնք կարծէք աւելի հայանպաստ էին: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները բանակցային գործընթացին մասնակից դարձնելու հեռանկարին: Խօսքը կը վերաբերի, աւելի յստակ, բանակցութիւններու սեղանին վրայ անոնց տեղ տալու պատրաստակամութեան: Յայտարարութիւնը, բնականաբար, դիւանագիտական ամբողջ անյստակութիւնը կը պահէ եւ կրնայ մեկնաբանուիլ որեւէ ձեւով: Աւելի՛ն. այն կրնայ նոյնիսկ թակարդ մը ըլլալ՝ պարտուողական համաձայնագրի մը տակ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը ապահովելու հեռանկարով: Միւս յայտարարութիւնը կը վերաբերի Մինսկի խումբի Ֆրանսայի ներկայացուցիչի կեցուածքին՝ արցախեան հիմնախնդրի գործընթացին թրքական մասնակցութիւնը բացառելու վերաբերեալ: Այն, որ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը ըրած է այդ յայտարարութիւնը ինքնին հետաքրքրական մանրամասնութիւն մըն է: Բայց, դժբախտաբար, թրքական դերի մերժման այս յայտարարութիւնը, հազիւ թէ խորհրդանշական բնոյթ ունենայ: Թուրքիա անուղղակիօրէն այնքան ներգրաւուած է բանակցային գործընթացին մէջ, որ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ ներկայացուցիչ ունենալը պարզապէս լուսանկարի համար պիտի ըլլայ:
    Զոյգ յայտարարութիւնները այնքան ալ իրական բարեփոխութիւն չեն բերեր իրավիճակին: Ադրբէջան հարցը կրկին ՄԱԿ-ի ոլորտ պիտի տանի: Հայաստանի դիւանագիտութիւնը նոյնիսկ չյաջողեցաւ գործընթացը սահմանափակել Մինսկի խումբի ոլորտին մէջ, ինչ որ գրեթէ իրողականօրէն երկկողմանի յանձնառութիւն պէտք է ենթադրէր: Այսինքն պարզապէս ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ այս զոյգ յայտարարութիւններուն հիման վրայ կարծել, որ հայկական կողմի վրայ ճնշումը թեթեւցած է: Հայաստանի իշխանութիւնները այլեւս պէտք է անդրադառնան, թէ ի՛նչ են «ճանապարհային քարտէս»ի իսկական հետեւանքները, այն, ինչ որ թրքական կողմը արդէն նախատեսած էր: Քաղաքական գործընթացի փոփոխութիւնը, հետեւաբար հրամայական մըն է հայկական կողմին համար: Նախագահ Սարգսեանի քանի մը յայտարարութիւնները ինքնին փոփոխութեան համազօր պէտք չէ ըլլան: Պարզապէս՝ անոր ազդանշանը:
    Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  10. #30
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «Չարցանագրութիւններ...»

    ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ «ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ» ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

    ՀԱՅԱՍՏԱՆ 0 - ԹՈՒՐՔԻԱ 14



    ՀԱՅԱՍՏԱՆ 0: Որովհետեւ Հայաստանի դէպի Թուրքիա ճամբաները փակուած են Թուրքիոյ կողմէ եւ անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի բացուին, նկատի առնելով, որ այդ «սահման»ը միակ փակ սահմանն է Եւրոպայի տարածքին, եւ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան չի կրնար անդամակցիլ փակ «սահման»ով, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ բնական գազի միջազգային խողովակաշարերը Հայաստանէն պիտի անցնին՝ Հայաստանի ֆուտբոլի կազմը չարձանագրեր որեւէ կոլ։

    ԹՈՒՐՔԻԱ 14: Նկատի առնելով Թուրքիոյ հզօրութիւնը եւ իր ֆուտբոլի դիւանագիտութեան բարձր մակարդակը, Թուրքիա կը յաջողի տիրապետել դաշտին վրայ եւ արձանագրել 14 կոլ, այսպէս՝

    1.- Ընդունելով այսօրուան «սահման»ը որպէս վերջնական՝ Թուրքիա վերջնականապէս տէր կը դառնայ Արեւմտեան Հայաստանին, եւ հայերը կը կորսնցնեն իրենց պատմական երկիրը։
    2.- Թուրքիա կը յաջողի ազատիլ մեծ գլխացաւէ մը, որ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն։ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կանգ կ՚առնէ. ամերիկեան իշխանութիւններն ալ շունչ կ՚առնեն...
    3.- Թուրքիա կը ձերբազատի ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներէն, այլեւ կը ջնջուի Արեւմտեան Հայաստանի 95 տարիներուն օգտագործումի վարձքն ու հայկական հարստութեանց եւ մշակութային կոթողներուն ոչնչացման պատասխանատուութիւնը։
    4.- Թուրքիա «սահման»ը բանալով՝ Հայաստանի վրայ ճնշումներ բանեցնելու նոր լծակներ ձեռք կը ձգէ։ Որեւէ պատրուակով Թուրքիա կրնայ փակել «սահման»ը ուզած ատեն...
    5.- Հայաստան իր համաձայնութիւնը յայտնելով «սահմաններու անխախտելիութեան» սկզբունքին՝ անուղղակիօրէն կրնայ նեղ կացութեան մատնուիլ՝ Արցախն ալ Ադրբէջանի սահմաններուն մէջ ընդունելու...
    6.- Թուրքիա գետին կը շահի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գծով. փաստօրէն Թուրքիա անդորրագիր կը ստանայ՝ չէզոքացնելու անդամակցութեան նախապայմանները։
    7.- Թուրքիա աշխարհին կը ներկայանայ «խաղաղասէր»ի պատմուճանով եւ կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը Միջին Արեւելքի մէջ, որովհետեւ ամէնէն դժուար կարծուած հայկական թնջուկն ալ լուծելու պատրաստակամութիւն ունի, ինչպէս պատրաստ է լուծելու Սուրիոյ եւ Իսրայէլի, Իրանի եւ Արեւմուտքի, Կիպրոսի, Պաղեստինի, Իրաքի, քիւրդերուն եւ նոյնիսկ հեռաւոր ույղուրներուն հարցերը։
    8.- Թուրքիա անմեղ կը յայտարարուի 1993-էն ի վեր իր դրացիին հետ «սահման»ը փակելուն համար, եւ կը ջնջուի այս պատճառով արձանագրուած աւելի քան 1 միլիառ դոլարի Հայաստանի վնասուց հատուցումը։
    9.- Հայաստանի հետ պրոտոկոլի ստորագրութեամբ, Թուրքիա կը յաջողի շեշտել իր անփոխարինելիութիւնը ուժանիւթային խողովակաշարերու որպէս կարեւոր հանգոյց՝ ապահովելով նաեւ Նաբուքոյի ծրագիրը...
    10.- Թուրքիա կը յաջողի ճեղք ստեղծել հայրենիքի իշխանութեանց եւ սփիւռքահայութեան միջեւ, որ կը տկարացնէ հայութեան ուժը, կը խաթարէ միասնականութիւնը... (Էրդողան կը թելադրէ՝ «Հայաստան պէտք է ազատի Սփիւռքի ազդեցութենէն»)։
    11.- Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելով՝ Թուրքիա կը յաջողի յուսալքում յառաջացնել սփիւռքահայութեան մէջ, տկարացնել սփիւռքահայութեան կապուածութիւնը հայրենիքին, որ ինքնաբերաբար կը նուազեցնէ Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնները։
    12.- Նախաստորագրուած փաստաթուղթերը կրնան վաւերացուիլ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ, որմէ ետք Թուրքիոյ խորհրդարանը կրնայ զայն վաւերացնել՝ արձանագրելով, թէ այս պրոտոկոլը ի զօրու կը դառնայ Արցախի հարցին լուծումէն ետք...
    13.- Թուրքիա նկատելով, որ ամէնէն դժուար հարցերուն մէջ այսպիսի յաջողութիւն կրնայ արձանագրել, պիտի գինովնայ եւ այսուհետեւ շատ աւելի ծանր գոլեր պիտի արձանագրէ Հայաստանի բերդէն ներս։
    14.- «Սահման»ի բացումով Թուրքիա շատ աւելի դիւրին եւ ազդու կերպով կրնայ թափանցել Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ եւ նոր լծակներ ձեռք բերել՝ տնտեսութեան, ապահովութեան եւ մշակոյթին վրայ ի նպաստ իր երկրի շահերուն միջամտութիւններ կատարելու։

    Յ.Գ.- Կանխատեսելի այս արդիւնքը կրնա՞յ որեւէ կերպով փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Այո՛, եթէ հայ մարզիկները, կողք-կողքի, ուս-ուսի միանան եւ բերդին դիմաց պարիսպ կազմեն, թրքական հարուածները չեն կրնար խորտակել Հայաստանի բերդը։ Թուրքիա չի կրնար արձանագրել որեւէ գոլ։

    Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ
    7 հոկտեմբեր 2009
    Այնճար


    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

+ Կատարել գրառում
Էջ 3 4-ից ԱռաջինԱռաջին 1 2 3 4 ՎերջինըՎերջինը

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

     

Համանման թեմաներ

  1. Հոդված. Վերլուծումների նոր շարան, ազգի օրակարգային խնդիրների վերաբերյալ:
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, վերլուծություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 41
    Վերջինը: 03.11.2011, 22:54
  2. Լուր. Ազգային, օրակարգ
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, վերլուծություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 50
    Վերջինը: 28.10.2010, 20:51
  3. Ազգային հոգեբանութիւն
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, տեղեկություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 16.04.2010, 20:36
  4. Տեքստ. Աղօթք Ազգային
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Հայ գրականության բնագրեր
    Գրառումներ: 1
    Վերջինը: 17.06.2009, 12:43
  5. Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 16.12.2007, 12:19

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները