+ Կատարել գրառում
Էջ 4 4-ից ԱռաջինԱռաջին ... 2 3 4
Ցույց են տրվում 31 համարից մինչև 37 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 37 հատից

Թեմա: Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

  1. #31
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

    ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

    ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ
    ՏԻԱՐ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
    ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
    ԵՐԵՒԱՆ
    Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 31 օգոստոս 2009-ին համաձայնեցուած երկու արձանագրութիւնները մեծ մտահոգութիւն պատճառած են համայն հայութեան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, քանի անոնց ընդունած կարգ մը կէտերու ընդմէջէն կը վտանգուին Հայ դատն ու հայկական արդար պահանջանտիրութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստացիութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման հրամայականը, յետ-ճանաչման հատուցումներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնախնդիրը՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի իրաւականութիւնը։
    Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ վերեւ յիշուած երկու արձանագրութիւններուն 10 հոկտեմբեր 2009-ին կայանալիք հապճեպ ստորագրութիւնը մեզ գիտակցօրէն պիտի դնէ անվերականգնելի եւ պատմական սխալի մը առջեւ, որ կրնայ խախտել հայ ժողովուրդի միասնակամութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ պառակտում յառաջացնել։
    Իբրեւ Կիպրոսի հայ համայնքը բաղկացնող կառոյցներ՝ եկեղեցի, Ազգային իշխանութիւն, քաղաքական ղեկավարութիւն եւ համայնքի կազմակերպութիւններ, մեր բողոքի ձայնը կը միացնենք մեր Հայրենաբնակ եւ սփիւռքահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ ահազանգ բարձրացնելու այս վտանգաւոր հաւանականութեան դիմաց։
    Հայաստան իրաւունք ունի բաց սահմաններ ունենալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, սակայն իբրեւ իշխանաւորներ պարտիք երաշխաւորել ցեղասպանութեան փաստը, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան ու Արցախեան հիմնախնդիրի իրաւացիութիւնը, աjլապէս, այսպիսի անընդունելի փաստաթուղթերու ստորագրութիւնը, ամբողջ հայութիւնը դրած կ՚ըլլայ անդառնալի, անվերականգնելի եւ խիստ վտանգաւոր կացութեան մը դիմաց։
    Արդ, պարո՛ն նախագահ, կը խնդրենք չաճապարել եւ խնդրայարոյց կէտերը լրջօրէն յստակեցնել, հարկ եղած սրբագրութիւնները կատարել եւ ապա միայն ստորագրութեամբ վաւերացնել։ Որեւէ փաստաթուղթ հիմնուած պէտք է ըլլայ պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ։
    Յոյսով ենք, որ նկատի կ՚առնէք մեր մտահոգութիւնները։
    Յարգանօք եւ լաւագոյն մաղթանքներով՝

    Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ
    Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ
    Կիպրոսի Հայոց Ազգային Իշխանութեան Թեմական Ժողով
    Կիպրոսի Հայոց Ազգային Իշխանութեան Վարչական Ժողով
    Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի կառոյց
    Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի կառոյց
    Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի կառոյց
    Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
    Հայ Օգնութեան Միութեան Կիպրոսի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
    Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղ
    Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն-Կիպրոս
    Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն
    Հ.Մ.Ը.Մ.-Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
    Լիմասոլի Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
    Լառնաքայի Հայ Ակումբ
    Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Երիտասարդական Միութիւն
    «Արձագանգ» Ամսաթերթի Խմբագրութիւն
    «Ազատ Ձայն» Ամսաթերթի Խմբագրութիւն
    «Կիպրահայեր» Ելեկտրոնիք Շաբաթաթերթի Խմբագրութիւն

    Նիկոսիա, 5 Հոկտեմբեր 2009
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=27294
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #32
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՌԿԱՅ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է ԱՅՆ, ՈՐ ՄԵՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՄԵԶ ՀԱՄՈԶԵԼ, ԹԷ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ՉԿԱՆ»
    Կ՚ԸՍԷ ՀԱՅԿԱԶ ԱԼՎՐՑԵԱՆ


    ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք Հայաստան-Թուրքիա վերջին արձանագրութիւնները։
    ՀԱՅԿԱԶ ԱԼՎՐՑԵԱՆ.- Հայաստան-Թուրքիա այս արձանագրութիւնները վտանգաւոր են։ Հասարակութեան մէջ քննարկում ծաւալած է այն մասին, որ այդ արձանագրութիւնները ի՛նչ կու տան մեզի, եւ հարցադրումները միշտ հետեւեալ կերպով կը դրուին՝ Հայաստանի տնտեսական շրջափակման վերացում, Հայաստանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացում, հաղորդակցութեան այլ ճանապարհներ եւ այլն։ Ասոնք բոլորն ալ ապակողմնորոշիչ են, որովհետեւ մենք բոլորովին դէմ չըլլալով այս բոլորին, որոնք բնականաբար կարեւոր են երկրին զարգացման համար, կը գիտակցինք, որ այս արձանագրութիւնները խորքին մէջ իրենց էութեամբ եւ բովանդակութեամբ պայմանագիր են եւ Հայաստանի, հայ ժողովուրդի ու հայոց պետականութեան հեռանկարին վերաբերող խիստ վտանգաւոր կէտեր կը պարունակեն։ Մենք տարիներ շարունակ կը խօսէինք նախապայմաններուն մասին եւ մեր հասարակութիւնն ու պետական բոլոր այրերը միշտ ալ կ՚ընդունէին, որ մեզի համար նախապայմանները անընդունելի են, եւ պարզ էր, որ այդ նախապայմանները ի՛նչ էին. այսօրուան թրքական պետութեան սահմաններու ճանաչում, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացէն հրաժարում եւ արցախեան տագնապի լուծում յօգուտ Ադրբէջանի։ Ասոնք բացայայտ պայմաններ էին, սակայն այսօր մեր հասարակութիւնը կը փորձեն համոզել, որ այս նախապայմանները չկան նախաստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ։ Խորքին եւ իսկութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորը այս նախապայմաններու քողարկումն է, որովհետեւ այնքան որ վտանգաւոր են այս նախապայմանները, որոնք բացայայտ կամ քողարկուած ձեւով առկայ են այս նախապայմաններուն մէջ, աւելի վտանգաւոր է այն, որ մեր պետական այրերը, եւ քարոզչական միջոցները կը փորձեն Հայաստանի եւ սփիւռքի ժողովուրդը համոզել, որ նման նախապայմաններ գոյութիւն չունին, այդ ալ՝ շատ պարզունակ դատողութեամբ, որ Կարսի պայմանագիր արտայայտութիւնը չկայ փաստաթուղթերուն մէջ, ցեղասպանութիւն բառը չկայ եւ Արցախի պահանջատիրութենէն հրաժարելու կէտ չկայ։ Սակայն իրականութեան մէջ այս երեքը կան, առաջին երկուքը՝ ընդգծուած, իսկ Արցախի հարցը՝ քողարկուած։ Ի՞նչ է այս քողարկուած նախապայմանը։ Առաջին. հոն կ՚ըսուի, որ երկու պետութիւնները կը ճանչնան ընդհանուր սահմանը՝ Թուրքիոյ սահմանը, իսկ այս սահմանը Կարսի պայմանագիրով վաւերացուած սահմանն է, այստեղ բոլորովին պարտադրուած չէ, որ Կարսի անունը յիշուի, երբ առարկայի մը անունը չեն տար, սակայն զայն մատնացոյց կ՚ընեն, առարկային էութիւնը չի փոխուիր, ո՛չ ալ անունը։ Երբ կ՚ըսենք՝ գործող սահման, ատիկա կը նշանակէ Կարսի պայմանագիրով հաստատուած սահման, որ նախապայման էր եւ այստեղ դարձած է պայմանագրային կէտ։ Երկրորդ. պատմաբաններու ենթայանձնախումբ հասկացողութիւնը որեւէ այլ հարց պիտի չքննէ, բացի Հայոց ցեղասպանութենէն։ Թերեւս հոս ես կը չափազանցեմ՝ ըսելով, որ որեւէ հարց պիտի չքննէ կամ ուսումնասիրէ, թերեւս արխիւային այլ նիւթեր ալ քննէ, սակայն նպատակը Ցեղասպանութեան հարցն է։ Հայութեան համար, համայն հայութեան համար Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որ քննարկման ենթակայ չէ, վերստին ապացուցուելու ենթակայ չէ, յատկապէս երբ այդ կասկածող կողմը Հայաստանի պետութիւնն է։ Ասիկա շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ ոչ միայն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կը կասեցուի, այլ նաեւ մեր գիտակցութեան մէջ, մեր էութեան մէջ ներքին մեծ ճեղք կը յառաջանայ, մեզ կը զրկեն մեր ինքնութենէն, համայն հայութեան ընկալումները, երազները, պայքարի տրամաբանութիւնը ո՛չ միայն կը խախտին, այլ կը դրուին մեծ հարցականի տակ, ուղղակի կը վտանգուին իսկ այս վտանգը, ցաւ ի սիրտ, կու գայ մեր պետականութեան պայմաններուն տակ, մեր պետական այրերու կողմէ նախաստորագրուած եւ ստորագրման ենթակայ այդ փաստաթուղթէն։ Եթէ ուրիշ որեւէ պետութեան, ուրիշ միջազգային որեւէ ուժի կողմէ այսպիսի քայլերու ձեռնարկուէին մեր պայքարին դէմ, մենք ազգովին այս բոլորին դէմ կը կանգնէինք, ինչպէս միշտ եղած է, բայց այսօր ո՛չ միայն կը ձեռնարկենք այս ուրացման գործընթացին, այլ նաեւ, ինչ որ աւելի վտանգաւոր է, մենք կը փորձենք մեր ժողովուրդին ապացուցել, խաբել զայն, որ ասոնք նախապայմաններ չեն պարունակեր։ Իսկ Արցախի վերաբերող քողարկուած հարցը հետեւեալն է. այս պայմանագիրով Հայաստանը պարտաւորութեան տակ կը դնեն հարեւան երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու։ Մենք ասով առաջին հերթին կը հասկնանք Ադրբէջանը, թէկուզ ատիկա միւս բոլոր երկիրներուն կը վերաբերի, սակայն Ադրբէջանը առաջնահերթութիւն է, եւ մենք անոր հետ հարց ունինք։ Պէտք չէ ջայլամի քաղաքականութիւն վարել, գլուխը թաքցնել աւազի տակ ու ըսել, որ եթէ ես չեմ տեսներ ու նկատեր, ուրեմն խնդիր չկայ։ Խնդիրը կա՛յ, անիկա այսօր աւելի վտանգաւոր հանգրուան կը թեւակոխէ, մանաւանդ՝ Մադրիդեան սկզբունքներով, որոնք արդէն իսկ մեծ հակահարուած են մեր բոլոր ձգտումներուն, նախաձեռնութիւններուն եւ համազգային ջանքերուն, որոնք այս վերջին քսան, քսանմէկ տարին ի գործ դրուած է Արցախի մէջ մեր ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, Արցախի մէջ մեր ժողովուրդի գոյատեւման հարցը լուծելու համար։ Այս իմաստով, այս արձանագրութիւնները պէտք է նկատել վտանգաւոր նոյնիսկ այն հանգրուանին, որուն մէջ կը գտնուին այսօր, այսինքն՝ նախաստորագրուած վիճակի մէջ, որովհետեւ այս հանգրուանին այդ նախապայմանները արդէն մեր ժողովուրդին մէջ ներարկած են պառակտման մանրէն, որուն առկայութիւնը օրէ օր կը շեշտուի եւ կը դառնայ վտանգաւոր։ Այս վտանգը, որ քողարկուած է, իսկ վաղը, միւս օր, ստորագրութենէն ետք պիտի դառնայ քաղաքականութիւն, կը հարուածէ ո՛չ միայն մեր ազգային ընդհանուր շահերը, այլ՝ մեր այսօրուան պետականութեան եւ պետութեան շահերը, որոնք ստեղծուած են մեր հայրենիքի փոքրիկ մասնիկին վրայ։ Իսկ այսօր, երբ մարդիկ հանդէս կու գան խօսելու պետական շահերուն մասին, անոնք չեն գիտակցիր, որ հայ ժողովուրդին համար ազգային եւ պետական շահը տարբեր հասկացողութիւններ չեն, այլ ասոնք հիմնական են մեր գիտակցութեան մէջ, մեր էութեան մէջ, մեր ինքնութեան ձեւաւորող հասկացողութիւններ են, պետականը ազգայինին հակադրելը կամ հակառակը ընելը հայ ժողովուրդին նման պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի պարագային՝ կա՛մ քաղաքական բոպիկութիւն է, կա՛մ կործանարար քաղաքականութիւն, որ մեր իսկ ձեռքով ստեղծած պետութեան հիմքերը կը խախտէ։
    Ոեւէ մէկը պէտք չէ մտածէ, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը նպաստաւոր է նախ եւ առաջ Հայաստանի համար, ասիկա քաղաքական մեր խաղ մըն է, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է Թուրքիոյ. հասկնալի է՝ Արեւմուտքի եւ Եւրոպական Միութեան ճնշման տակ, որպէսզի ան իր դէմքը կարենայ փրկել՝ իբրեւ տարածաշրջանին մէջ հարեւաններուն հետ խնդիրներ չունեցող ժողովրդավար երկիր, որ կը յաւակնի մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն։
    Անշուշտ մենք դէմ չենք, որ սահմանները բացուին, սակայն հետեւեալ կերպով պէտք է դիտել հարցը, որ ո՛չ թէ սահմանները կը բացուին, այլ Թուրքիան կ՚ապաշրջափակէ Հայաստանը, ան շրջափակած է Հայաստանը, ինչ որ ռազմական գործողութիւն է միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն, եւ ան հիմա պէտք է ապաշրջափակէ, ապա երկու երկիրներուն միջեւ զուտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին, որմէ ետք երկու հարեւան պետութիւնները, եթէ ցանկութիւն եւ քաղաքական կարողականութիւն ունին, կրնան բանակցութեան սկսիլ տարբեր հարցերու շուրջ։ Այս իրավիճակին մէջ պէտք է ըստ էութեան այս արձանագրութեան փոխարէն պէտք է սահմանուի քանի մը տողով համաձայնութիւն։ Թուրքիա կ՚ապաշրջափակէ Հայաստանը, եւ երկու երկիրները կը հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Ասիկա նուազագոյնն է, իսկ իմ համոզումս, մանաւանդ երբ գործընթացները զարգացան, հետեւեալը եղած է. երբ մեր հասարակութեան մէջ, քաղաքական դաշտին մէջ, մեր լրատուամիջոցները, մեր մտաւորականները եւ բնականաբար ու առաջին հերթին մեր քաղաքական-պետական գործիչները մնայուն կերպով կը խօսէին առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու հաստատման մասին, ես միշտ հակադրուած եմ անոնց, որովհետեւ պայմանները պէտք է առաջադրուէին, սակայն ո՛չ թէ Թուրքիոյ, այլ՝ Հայաստանի կողմէ։ Այ՛ս է մեր պայքարին տրամաբանութիւնը, որ ամրագրուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ։ Մենք կը նահանջենք մեր ազգային հայեցակարգէն, մենք կ՚առնենք հակասահմանադրական քայլ։
    Հ.- Շեշտեցիք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը քողարկեն արձանագրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող նախապայմանները եւ կ՚ուզեն այլ կերպարանքով ներկայացնել այս բոլորը։ Չէ՞ք կարծեր, որ քողարկումը գիտակցական քայլ է, գիտակցական շարժում է, ապա այս մէկը կարելի չէ վերագրել անոր, որ իշխանութիւնները դիւանագիտական հասունութիւն չունին, քաղաքական ուղղուածութիւն չունին եւ այլն։ Փաստօրէն անոնք գիտակցաբար այս ընթացքով կ՚առաջնորդուին եւ կը հակադրուին հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն։
    Հ. Ա.- Այն որ, իշխանութիւնները դիւանագիտական հասունութիւն չունին, կ՚ապացուցէ ձեր ըսածը, որովհետեւ երբ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ պարտութիւն կը կրեն, կը փորձեն իրենց դիւանագիտական պարտութիւնը քողարկել չհիմնաւորուած կարգախօսերով եւ յայտարարութիւններով։ Քիչ առաջ ըսի, նորէն կրկնեմ. Կարսի պայմանագիրի մասին խօսք չկայ կ՚ըսեն, սակայն ասիկա զաւեշտական է, որովհետեւ այս արձանագրութիւններով մենք կը հաստատենք այսօրուան առկայ սահմանը, որ Կարսով ամրագրուած է. այսինքն նոյնիսկ սուտը շատ պարզունակ է։ Երբ կը խօսինք յանձնաժողովի ստեղծման մասին, իշխանաւորները կ՚ըսեն, թէ ո՛չ, եղածը պարզապէս ենթայանձնաժողով է. անիմաստ է այս մօտեցումը, կրնայ միայն խմբակ մը ըլլալ կազմուածը, անունը ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի. ո՛չ Կարս անունին յիշատակումը կարեւոր է, ո՛չ ալ այն, թէ ի՛նչ կը կոչուի այդ խումբը, կարեւորը էութիւնն է, որ այս փաստաթուղթերուն մէջ թաքնուած է։ Առկայ սահմանները Կարսի սահմաններն են, իսկ արխիւային փաստաթուղթերը առաջին հերթին կը վերաբերին մեր ժողովուրդներուն միջեւ առկայ ամէնէն կնճռոտ հարցին՝ Հայոց ցեղասպանութեան։ Զիս ոչ ոք կրնայ համոզել, որ այդ յանձնաժողովը պիտի քննարկէ 17-18 դարերուն Օսմանեան կայսրութեան հարկային քաղաքականութիւնը, որ կիրարկուած էր քրիստոնեաներուն եւ հայերուն նկատմամբ։ Ասիկա անհեթեթութիւն է։
    Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք արձանագրութիւններու երկրորդ օրինակին՝ յարաբերութիւններու զարգացման բաժինին մէջ մշակութային արժէքներու պահպանման բանաձեւը, եւ այս գծով, այս կէտին նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն համամտութիւնը։
    Հ. Ա.- Որեւէ հարց կարելի է տարբեր դիտանկիւնէ դիտել։ Եթէ մենք կարենայինք երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրել այնպիսի փաստաթուղթ, որուն մէջ հայ ժողովուրդի ազգային շահը չէր ոտնակոխուեր, այս մեր թուարկած կէտերը բացակայ էին անկէ եւ հոնկէ ճառագայթէին բարի դրացնութեան իսկական տրամադրութիւնները, այս կէտը շատ լաւ կը գնահատուէր։ Սակայն այսօր Թուրքիան այս փաստաթուղթով կ՚ուզէ հայոց պետականութեան գերեզմանը փորել եւ հայ ժողովուրդի հեռանկարը հարցականի տակ դնել. ի՞նչ մշակութային արժէքի մասին է խօսքը, ի վերջոյ ազգերն ու պետութիւնները մշակոյթ կը ստեղծեն։ Երբ հայոց ազգի եւ պետականութեան ապագան վտանգուած է, միամտութիւն է մտածել, որ այդ մշակութային արժէքներու առնչուող կէտը իրագործելի ըլլայ։ Ես այցելած եմ Արեւմտահայաստան, շրջագայած եմ մեր հայրենիքին մէջ եւ տեսած եմ, որ Թուրքիան ինչպիսի՛ մշակութային աւերներ կը կատարէ։
    Հեռու չերթանք, ի վերջոյ Աղթամարի վանքը հանրայայտ երեւոյթ է, համայն աշխարհին յայտնի է իբրեւ հայկական մշակութային արժէք եւ հոգեւոր կեդրոն, կրօնական վայր, եկեղեցի, իսկ այսօր վերականգնելէ ետք անիկա վերածուեցաւ թրքական թանգարանի։ Խորքին մէջ վերանորոգուելէ ետք Աղթամարը պէտք է վերաօծուէր իբրեւ եկեղեցի, սակայն թուրքերը նոյնիսկ այս բարի կամեցողութիւնը չունին, անոնք նոյնիսկ զլացան խաչը՝ մեր հոգեւոր մշակոյթի ու էութեան խորհրդանշանը այնտեղ զետեղելու։ Ես չեմ հաւատար թրքական իշխանութեան որեւէ խօսքին, որովհետեւ թրքական իշխանութեան բացայայտ քարոզչութիւնը այսօր ընդգծուած կերպով հակահայկական է։ Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ զանգուածաբար տարածուեցաւ «Սարի գելին» ժապաւէնը, որուն մէջ հայ ժողովուրդը կը ներկայացուի իբրեւ բարբարոս ու ցեղասպան, իբրեւ թէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութիւն կատարած է հայութիւնը։
    Այս ժապաւէնը նկարահանուեցաւ եւ տարածուեցաւ հայ-թրքական գաղտնի բանակցութիւններուն ընթացքին՝ պետական ծրագիրով, պետական միջոցներով, կրթութեան նախարարութեան կողմէ։ Ի՞նչ կը կարծէք. Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններու սկսելու միտող պետութիւն մը կը պատրաստէ՞ այդպիսի յարձակողական, ազգայնամոլ, ֆաշիստական մտածելակերպով սերունդ. չի պատրաստեր, բայց Թուրքիա այսօր կը պատրաստէ այդ սերունդը, եւ մենք պէտք է հասկնանք, որ թրքական իւրաքանչիւր քայլի ետին նպատակներ ու միտումներ կայ Հայոց ցեղասպանութեան ոչնչացման։ Ասիկա անոնց վաղեմի ծրագիրն էր, որ բազում փաստաթուղթերու մէջ արտայայտուած եւ արտացոլուած է, իսկ այսօր անգամ մը եւս կ՚արտայայտուի։ Խնդիրը այն չէ, որ մենք թուրքերէն խնդրենք, որ իրենք վերջ տան իրենց քաղաքականութեան, այսպէս բան կարելի չէ. կամ մեր կողմէ պէտք չէ փորձեր կատարուին շինծու, չհիմնաւորուած, պարտուողական տրամաբանութեամբ փաստաթուղթերով կասեցնելու անոնք ընթացքը։ Հակառակը, մեզի հետ եւ իւրաքանչիւր ազգի կամ երկրի հետ հաշուի կը նստին այն ատեն, երբ այդ ազգը, երկիրը, պետութիւնը ի վիճակի է ո՛չ միայն գիտակցելու իր ազգային եւ պետական շահերուն, այլ այդ բոլորը պաշտպանելու եւ անոնց պաշտպանութեան համար միջոցներ ունի։ Մենք այսօր Արցախի մէջ ազգովին անգամ մը եւս քննութիւն յանձնեցինք եւ համոզուեցանք այն հնամենի, դարաւոր ճշմարտութեան եւ արդիականութեան։ Բայց ինչո՞ւ, ի՞նչ պատահեց, յանուն ի՞նչ բանի այսօր մենք կը փրկենք Թուրքիոյ դէմքը, որպէսզի Թուրքիան այս հակահայկական, հակահայաստանեան արձանագրութիւններուն միջոցով կարենայ աւելի աշխուժ քաղաքականութիւն վարել Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու կամ աշխարհի միւս երկիրերուն հետ իր բազում կնճռոտ հարցերը լուծելու։ Մեզի յաճախ կ՚ըսեն, թէ բնականաբար, երբ պետութիւնները պայմանագիր կը կնքեն անոնք անպայման կը ճանչնան մէկզմէկու սահմանները. դարձեալ սուտ է ասիկա, մեծ սուտ, աշխարհի մէջ մեծ թիւով պետութիւններ ունին տարակարծութիւններ, սահմանային վէճեր. այդպիսի պարագայ չկայ։ Ես ըսի նախապէս եւ նորէն կը կրկնեմ այս համոզումս. այս փաստաթուղթերուն մէջ Հայաստանը, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, Հայաստանի բանակցող կողմը կա՛մ մասնակից չէ դարձած կամ ալ անվերապահ կերպով՝ ինչ-ինչ ճնշումներու տակ ընդունած է այն ամէնը, որ իրեն մատուցուած է, իսկ թրքական կողմը կրցած է ասկէ մեծապէս շահիլ, որովհետեւ անոր նախապայմանները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ամրագրուած են արձանագրութիւններուն մէջ, իսկ մենք ո՛չ մէկ ձեւով կրցած ենք հակազդել։ Ինչպէս որ Թուրքիան կ՚ուզէ իր պատկերը փրկել այս արձանագրութիւններով, Հայաստանի պետութիւնն ալ կ՚ուզէ իր պատկերը փրկել՝ մեր ժողովուրդը խաբելով, իրականութիւնը քողարկելով մեր ժողովուրդէն, ըսելով, որ նախապայմաններ չկան։ Ինծի շատ կը սարսափեցնէ այն վիճակը, որ այս փաստաթուղթերու ստորագրութենէն ետք պիտի տիրէ մեր համազգային կեանքին մէջ, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի մէջ մեր հասարակական, քաղաքական համընդհանուր կեանքին մէջ պարզուելիք պատկերը մեծապէս կը մտահոգէ զիս։ Մենք փոխանակ մեր ուժերը համախմբելու՝ վերջին տարիներու մեր նուաճումները զարգացնելու, այսօր մենք պէտք է ուղիներ գտնենք այդ պառակտումը կասեցնելու, բան մը, որուն մեծապէս կը կասկածիմ։
    Այս խնդիրը միայն պետութեան եւ իշխանութեան չէ, այլ համազգային խնդիր է, ուրեմն իրենք իրաւունք չունին ասիկա առանձինն լուծելու։ Այստեղ ազգային բոլոր կառոյցները պէտք է իրենց ըսելիքը ըսեն, յատկապէս հայոց եկեղեցին, որովհետեւ անոր խօսքը միշտ կշիռ ունեցած է մեր ժողովուրդին մօտ։ Ես մեծ ուրախութեամբ կարդացի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կատարած յայտարարութիւններուն մասին, եւ ես կ՚ուզեմ, որ մեր բոլոր հոգեւոր իշխանութիւնները մասնակից դառնան ու չպատճառաբանեն, որ ասիկա քաղաքական հարց է, իսկ եկեղեցին նման հարցերու չի միջամտեր։ Ասիկա վաղուց դադրած է քաղաքական հարց ըլլալէ, ասիկա համազգային խնդիր է, որուն մէջ առաջին հերթին մենք վարժուած ենք տեսնել մեր եկեղեցին, մեր մտաւորականութիւնը եւ մեր քաղաքական-ազգային գործիչները։
    Հ.- Տարածաշրջանային հասկացողութեան եւ նոր զարգացումներու ծիրին մէջ ջաւախահայութեան խնդիրը որքանո՛վ կ՚ազդուի այս հայ-թրքական արձանագրութիւններէն։
    Հ. Ա.- Քիչ առաջ երբ խօսեցայ մեր ազգի տարբեր հատուածներու միջեւ պառակտման մասին նաեւ անդրադարձայ Ջաւախքին։ Այս զարգացումներու լոյսին տակ Ջաւախքի հարցը դուրս կու գայ հայոց պետականութեան օրակարգէն, թէեւ ցաւ ի սրտի հոն չէր ա՛լ եղած, այլ եղած էր հայ ժողովուրդը գիտակցութեան օրակարգին վրայ, սակայն ոչ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ։ Ինչպէ՛ս կարելի է նուաճուած, ձեռք բերուած յաղթանակներէն զիջիլ եւ չնուաճուածին տէր կանգնիլ։ Ես միշտ կ՚ըսեմ. ան, որ չի կրնար պաշտպանել իր նուաճումները եւ յաղթանակները, ուրեմն ապագայ յաղթանակներու մասին երազելու իրաւունք իսկ չունի։ Ջաւախքը այսօր մեր պատմութենէն մնացած այն հողային տարածքն է, որ հայաբնակ է. այդպիսի երեք կտոր ունինք բացայայտ կերպով հայութեամբ բնակուած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Ջաւախքը։ Եթէ մենք անկարող ենք Արցախի դատը պաշտպանել, արդէն մենք հոն կը փորձենք պարտուողական սկզբունքներով ահաւոր զիջումներ կատարել, ուրեմն չենք կրնար Ջաւախքը դարձնել օրակարգի խնդիր եւ այդ դատը պաշտպանել։ Բնական է, ես միշտ կ՚ըսեմ, որ հայաթափ հայրենի հողերուն դատը երբեք պիտի չկարենանք պաշտպանել, հայաբնակ Ջաւախքի հարցը լուծել չփորձողը ինչպէ՞ս հայաթափ Նախիջեւանի կամ Արեւմտահայաստանի տարածքներու հարցը լուծելու ցանկութիւն, յաւակնութիւն կամ կամք պիտի ունենայ։ Ջաւախքին կը սպասեն բաւական դժուար օրեր, եթէ մենք այս ճամբով ընթանանք եւ պարտութիւն կրենք։ Պէտք է գիտնանք նաեւ, որ Ջաւախքը կը մտնէ թրքական պետութեան ռազմավարական շահերու ծիրին մէջ, այդ տարածքով կ՚անցնին Թուրքիան եւ Ադրբէջանը իրարու կապող կարեւորագոյն ճամբաներ եւ գազատարներ, որոնց հսկողութիւնը Թուրքիոյ կամ Ադրբէջանի ռազմական դաշինքին եւ ծրագիրին մէջ կը մտնէ։ Կը նշանակէ, որ Թուրքիան այդ տարածքներուն մէջ կ՚ուզէ կիրարկել պանթուրքիզմական նոր ծրագիր, որով պիտի շրջափակուի Ջաւախքը եւ Վրաստանի կողմէ եւ Ադրբէջանի ու Թուրքիոյ հրահրմամբ ու քաջալերանքով պիտի պարտադրուի հայաթափ ընել այդ շրջանը։ Ի վերջոյ ազգային ու համազգային ճակատի վրայ իւրաքանչիւր պարտութիւն բացասական ազդեցութիւն եւ ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ. այս պարտութիւնը նոյն ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Ջաւախքի եւ Արցախի մէջ։

    Հարցազրոյցը վարեցին
    ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
    եւ ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
    Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #33
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ՍԽԱԼ ԲԱՌԵՐԸ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ ԿԸ ԹԱԿԱՐԴԵՆ


    Երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր Ցեղասպանութեան պատճառին մասին եւ Հայկական հարցը կը տանինք աւազախրման: Հարկ է նաեւ ընդգծել, որ դար տեւած էր Ցեղասպանութիւնը եւ ան չի սահմանափակուիր քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին մէջ, քանի որ ան կը շարունակուի որպէս մշակութասպանութիւն՝ իւրաքանչիւր օտարացող հայածնունդ անհատի հետ, ազգային լեզուին եւ մշակոյթին խորթացող իւրաքանչիւր հայու հետ:
    Այնքան սահմանափակեցինք Ցեղասպանութեան հարցը, զայն սեղմեցինք «ճանաչման» մը զսպաշապիկին մէջ, որ մոռցանք եւ մոռցուցինք, որ ան գործուած էր «հող»ի համար: Ամէնուրեք, ուր Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր քուէարկուեցան, կամ այդ կը պահանջեն, մէկ անգամ չյիշուեցաւ հայոց բռնագրաւուած հողը, զոր դեռ ոմանք, նաեւ բանիմաց համարուած հայեր կը կոչեն «պատմական Հայաստան», ինչպէս որ ներկայ Իրաքը պատմական Ասորեստանն է:
    Հիմա սկսած է չանհանգստացնող երկրորդ արար մը, հնարուած է վնասազերծուած «հատուցման» պահանջի բանաձեւը:
    Ի՞նչ հասկնալ այս «հատուցման» պահանջով:
    Հայ մարդիկ, անհատներ, բռնագրաւուած Հայաստանի մէջ տէր էին տուներու, արտերու, կալուածներու, ագարակներու, վաճառատուներու, անշարժ եւ շարժուն ինչքի: Ոմանք յաջողած են պահել կալուածագրեր, ուրիշներ չունին, բայց ապահովաբար այդ արձանագրութիւնները կան պետական արխիւներուն մէջ: Այս իրաւունք-հարստութիւններու տիրութիւնը եւ հատուցումը բնական պայմաններու մէջ, օրէնքի պետութեան մը պարագային, անշրջանցելի է, պէտք էր ըլլար, թէեւ թուրք պետութիւնը օրէնք սահմանած էր ինչ կը վերաբերի այդ գոյքին, իր կողմէ հայրենահանուած կամ ջարդուած մարդոց իրաւունքները յայտարարելով որպէս «լքեալ գոյք»: Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդողները եւ անոնք, որոնք որոշում կը քուէարկեն այդ ուղղութեամբ, պատահա՞ծ է, որ բառ ըսեն այս մասին: Այս իրաւունքի վերականգնումը որպէս այդպիսին կամ անոր համապատասխան հատուցումը անհատական բնոյթ ունին, կը վերաբերին քաղաքացիին, ո՛ր երկրին քաղաքացին ալ ըլլայ ան: Հայկական հարցի հետապնդման ճամբուն վրայ այս հատուցման պահանջը օղակ մըն է, հանգրուան է, բայց էապէս ազգային քաղաքականութեան նկարագիր չունի: Ո՛չ հայ անհատի միտքին մէջ, ո՛չ ալ թուրքին, շփոթ պէտք չէ ստեղծել:
    Միջազգային ընդունուած օրէնք է, որ հողի սեփականութեան շահագործման իրաւունք ունի անհատը, բայց այդ հողը անբաժանելի մասն է հայրենիքին, որուն տիրութիւն կ՚ընէ ազգին պետութիւնը: Այսպէս, հայ միլիառատէրեր վաղը եթէ միանան եւ Միացեալ Նահանգներու Մոնթանա նահանգի բոլոր հողերը գնեն, հոն չեն կրնար ստեղծել նոր Հայաստան մը, Մոնթանան կը մնայ որպէս այդ երկրի նահանգ, նոյնիսկ երբ կառավարիչը, խորհրդարանը, շերիֆը հայածնունդ ըլլան:
    Եթէ վաղը շռնդալից միջազգային ժողովներ յաջողին որոշումներու յանգիլ եւ բռնագրաւուած Հայաստանի գնահատումը ընեն տասնեակ հազարաւոր միլիոններով եւ այդ գումարով ուզեն վերջակէտ դնել Հայկական հարցին, հայ ժողովուրդը որպէս այդպիսին կրնա՞յ ընդունիլ հայրենիքի փոխարէն դրամ, այսինքն ծախել հայրենիքը: Պարտուողական ոգիով առաջնորդուող ղեկավարութիւններ, բիզնեսային անմիջական շահագրգռութիւններով, կրնան ընդառաջել, կրնա՞ն, պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը դիմաւորէ այդ անձնատուութիւնը: Հայրենիքը ո՛չ ալիւրի տոպրակ է ո՛չ ալ դրամատան մէջ պահ դրուած գումար:
    Հատուցման շուրջ սկսած եւ աճող աղմուկը, առանց ազգային իրաւունքի յստակացման, կը տանի անել: Նափոլէոն կրնար Միացեալ Նահանգներուծախել իր գաղութներէն Լուիզիանան, բայց ան հայրենիք չէր ֆրանսացիին համար, իսկ Վանը, Մուշը, Սասունը, Կարսը, Արտահանը, Բաղէշը հայոց հայրենիք են եւ առուծախի սակարկութիւնները անընդունելի են, այդ հատուցում չ՚ըլլար: Հատուցումը արդար կ՚ըլլայ այն պարագային, երբ վերականգնած հայոց հայրենիքի կրած աւերները դարմանելու համար յատկացումներ կ՚ըլլան:
    Ցեղասպանութեան ճանաչման անբովանդակ եւ անհեռանկար տարազներէն ետք, այժմ մտած ենք նոր հանգրուան մը, որ կը յատկանշուի դրամով եւ բիզնեսով: Զոյգ պարագաներուն ալ փակագիծի մէջ կը դրուին ազգը եւ հայրենիքը:
    Հայոց հայրենիքի ամբողջացումը անշրջանցելի հիմնահարց է, նոյնիսկ եթէ ան կ՚անհանգստացնէ նախ հայերու մեծամասնութիւն մը եւ ապա, անոնց իրաւ կամ կեղծ բարեկամները:
    Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցումներու պահանջ՝ Հայոց Ազգային Հարցը կը շեղեն իր ճշմարիտ ուղիէն, եթէ մոռցուի հիմնախնդիրը, որ հայոց ազգային հողն է, որուն համար միջազգային համայնքը պարտաւորութիւն ստանձնած է Սեւրի դաշնագրով:
    Այսքանը չմոռնալ հայրենասիրութիւն է եւ իրաւ քաղաքականութիւն, որ կը հակադրուի աղմկարարութեան:

    Յ. ՊԱԼԵԱՆ
    «ԱԶԴԱԿ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #34
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ,ՖՈՒՏԲՈԼԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆե ԳԻՆԸ
    ԿԱՄ ԱՅՆ ՄԱՍԻՆ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԵՑ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ



    Հայ եւ օտար փորձագէտներն ու քաղաքագէտները, ովքեր ժամանակին գովեստներ էին շռայլում հայ-թուրքական «ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» հասցէին, ժամանակին իրենց հարցազրոյցներով ու հրապարակումներով քաջալերում էին նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութիւնը, այսօր Հայաստանի գործող իշխանութիւններին քննադատում են այն բանի համար, որ նրանք համաձայնուեցին Գիւմրիում տեղակայուած ռուսական ռազմահանգրուանի տեղակայման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2044 թուականը, կամ ինչպէս հեգնանքով գրում էին ռուսական լրատուամիջոցները՝ մինչեւ 21-րդ դարի կէսերը:

    Հիմա կը հարցնէք՝ ի՞նչ կապ ունեն հայ-թուրքական յարաբերութիւնները, աւելի ճիշդ՝ դրանց ձախողումը, հայ-ռուսական ռազմական պայմանագրում անցնող օգոստոսին կատարուած փոփոխութիւնների հետ: Այդ կապը, որն իր մէջ ներառում է նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցում վերջին ամիսների փակուղին, աւելի ստոյգ` յունիսի 17-ին Ս. Պետերսբուրգից նախագահ Իլհամ Ալիեւի ջղային ու զայրացած վերադարձը Բաքու, ուղղակի է: Բայց նախքան այդ շղթան բացելը` հայ-թուրքական «ֆուտբոլային դիւանագիտութիւն», նախագահներ Սարգսեանի ու Ալիեւի պետերսբուրգեան հանդիպում եւ Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտի երկարաձգում, եկէք հակիրճ անդրադառնանք հայ-ռուսական յարաբերութիւններին:

    Հայաստանի առաջին նախագահը ճի՞շդ է արել, երբ 1992 թուականին համաձայնուել է, որ մեր անկախ ու ինքնիշխան երկրի տարածքում տեղակայուեն ռուսական ռազմական ուժեր, իսկ Հայաստան-Թուրքիա ու Հայաստան-Իրան սահմանի երկայնքով հայերի հետ հսկողութիւն իրականացնեն ռուս սահմանապահները: Հայաստանում եւ սփիւռքում գերիշխող է այն տեսակէտը, որ շրջապատուած լինելով ոչ բարեկամ մի քանի երկրներով, Հայաստանը միայնակ չի կարող ոտք ձգել թուրք-ադրբէջանական դաշնութեանը, հետեւաբար ռուսական ռազմական գործօնը զսպող ուժ է թուրք-ադրբէջանական ախորժակը չափաւորելու հարցում: Ընդհանուր առմամբ, հաւանաբար արդարացուած է ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանում, գուցէ արդարացուած չէ ժամկէտների առումով: Աւելի յստակ` գուցէ չարժէր 1995 թուականի մարտի 16-ին, երբ ստորագրւում էր Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանի մասին հայ-ռուսական պայմանագիրը, որպէս ժամկէտ նշել 25 տարին: Այսօր էլ նախագահ Սարգսեանին քննադատողները նշում են ոչ թէ այն, թէ ինչո՞ւ ռուսական զօրքեր կան Հայաստանի տարածքում, այլ թէ ինչո՞ւ է պայմանագիրը երկարաձգւում եւս 24 տարով, երբ նախորդ 25-ամեայ ժամկէտին դեռ 10 տարի ժամանակ կար: Եւ այստեղ տրամաբանական հարց է ծագում` ի՞նչ է ստացել Հայաստանը պայմանագիրը եւս 24 տարի երկարաձգելու դիմաց:

    Ահա այստեղ է, որ շատ վերլուծաբաններ ու քաղաքագէտներ, չտիրապետելով ողջ տեղեկութեանը, գրում են, թէ Հայաստանը ոչինչ չի ստացել: Իրականում Հայաստանը հէնց այնպէս չէ, որ երկարաձգել է այդ պայմանագիրը: Հայաստանը լաւ օրից չէ, որ շատերի, անգամ ռուսների համար անսպասելի, դիմեց նման քայլի: Այստեղ մենք կը տանք որոշ մանրամասներ, որոնք հաւանաբար առաջին անգամ են հրապարակւում մամուլում:
    Այս տարուայ յունիսի 17-ին Ս. Պետերսբուրգում Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ կայացած Հայաստանի ու Ադրբէջանի նախագահների հանդիպումից Իլհամ Ալիեւը խիստ դժգոհ էր վերադարձել Բաքու: Պատճառն այն է, որ Ռուսաստանի օգնութեամբ, փաստօրէն, բանակցութիւնների սեղանից մի կողմ դրուեց ղարաբաղեան կարգաւորման այն փաթեթը, որին տրուել էր «Նորացուած մադրիդեան» անունը, որը, որպէս բանակցութիւնների հիմք, ընդհանուր առմամբ ընդունելի էր Ադրբէջանի համար: Հաւանաբար յիշում էք` նախագահների յունուարի 25-ին Սոչիի հանդիպումից յետոյ, որի կազմակերպիչը կրկին Դիմիտրի Մեդվեդեվն էր, Բաքուն նախագահ Ալիեւի ու արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամեդեարովի շուրթերով բազմիցս յայտարարեց, որ հայկական կողմը յետ է քաշւում ձեռք բերուած նախնական պայմանաւորուածութիւններից եւ փորձում է ձգձգել ու ժամանակ շահել:

    Սոչիում տեղի էր ունեցել հետեւեալը. ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի միջնորդները ներկայացրել էին կարգաւորման նորացուած մի փաթեթ, որը անակնկալի էր բերել նախագահ Սարգսեանին: Այդ փաթեթը անընդունելի էր եղել Հայաստանի համար: Եւ ահա այդ օրուանից սկսած Հայաստանի ղեկավարութիւնը սկսեց տարբեր ճանապարհներով փորձել չէզոքացնել այդ փաստաթուղթը: Այդ նպատակով Մոսկուայում տեղի ունեցան բարձր մակարդակի հայ-ռուսական խորհրդապահական երկու կարեւոր հանդիպումներ, որոնց մամուլը տեղեակ չէ: Ռուսները խոստացան եւ օգնեցին հայերին` ղարաբաղեան բանակցութիւններում ստեղծուած վիճակից նուազ կորուստներով դուրս գալու: Ահա հէնց ռուսների ձեռնարկած քայլերի պատճառով էր, որ Ս. Պետերսբուրգից Ալիեւը հեռացաւ` իր յետեւից շրխկացնելով դուռը: Ահա հէնց այս օգնութեան համար էր, որ Հայաստանը երկարաձգեց հայ-ռուսական պայմանագիրը` հասցնելով 49 տարուայ: Միւս կողմից, սակայն, ռուսների համար էլ է անակնկալ եղել այն, որ հայերը, առանց երկար-բարակ սակարկութիւնների, համաձայնուեցին այդքան երկար ժամկէտին: Եթէ հայերը լաւ բանակցէին, ապա ռուսները թերեւս աւելի կարճ ժամկէտի եւս համաձայնուէին: Այսպիսով` ղարաբաղեան բանակցութիւններից նուազ կորուստներով դուրս գալու գինը հայ-ռուսական ռազմական պայմանագրի ժամկէտի երկարացումն էր: Ռուսները հայերին օգնեցին արցախեան կարգաւորման այս հանգրուանում, որի դիմաց ստացան եւս 24 տարի ժամկէտ՝ Հայաստանում ռազմական ներկայութիւն ունենալու համար:
    Իսկ ինչո՞ւ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացում Հայաստանը յայտնուեց նման ծանր վիճակում: Կարելի է նշել մի քանի պատճառներ, սակայն գլխաւորը հայ-թուրքական երկխօսութեան տապալումն էր: Եթէ յիշում էք, Հայաստանը ամենաբարձր մակարդակով պնդում էր, թէ հայ-թուրքական եւ ղարաբաղեան գործընթացները միմեանց հետ կապ չունեն: Իր հերթին Թուրքիան պնդում էր, որ դրանց կապն ուղղակի է, իսկ միջազգային հանրութիւնը բացատրում էր, թէ մէկ գործընթացում առաջընթացը կ'օգնի միւսին: Իրականում Թուրքիան Հայաստանի հետ երկխօսութեան մէջ էր մտել ոչ թէ նրա համար, որ հաւատում ու վստահում էր Հայաստանի գործող իշխանութիւններին (ինչպէս 2009թ. ապրիլեան մամուլի ասուլիսում ասաց Սերժ Սարգսեանը) կամ որոշել էր վերջ տալ իր հակահայ քաղաքականութեանը կամ էլ «ազատուել» Ադրբէջանի պատանդութիւնից, այլ որովհետեւ Թուրքիան հաւատում էր, որ Հայաստանը ղարաբաղեան հարցում կը գնայ տարածքային զիջումների, ինչը արդէն հնարաւոր կը դարձնէր թուրք-հայկական առաջընթացը: «Ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» ընթացքում Հայաստանը նշաններ էր ցոյց տալիս, որ ղարաբաղեան հարցում կը գնայ իրական փոխզիջումների հայ-թուրքական առաջընթացի հետ միաժամանակ: Սակայն երբ հայ-թուրքական երկխօսութիւնը փլուզուեց ու Թուրքիան հեռացաւ գործընթացից, Հայաստանը կորցնողի վիճակում յայտնուեց ղարաբաղեան հարցում: Եւ այս վիճակում ո՞վ պիտի օգնէր Հայաստանին: Օգնեց Ռուսաստանը: Բայց ամէն օգնութիւն, յատկապէս դիւանագիտութեան ոլորտում, անվճար չէ: Հայաստանը դրա դիմաց վճարեց Ռուսաստանին: Թանկ կամ էժան` այլ հարց է:

    ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
    «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի
    փորձագէտ
    «Ազդակ»

    Ծանօթ Տիգրիսի.
    Թւում է հակասութիւն կայ թուրք-հայկական արձանագրութիւնների սառեցման եւ այդ սառեցումով պայմանաւոր Արցախում զիջելու դրութեան միջեւ: Մինչեւ այսօր հաւատում էինք, որ հայ-թուրք յարաբերութիւնը վնասում է Արցախին, իսկ Թ. Յ. ասում է, որ այդ յարաբերութեան կասեցումը վնասեց Արցախի գծով բանակցութեան հայանպաստ ընթացքին: Ինչեւէ, հակաճառել չեմ կարող:
    Յոյս ունեմ, յաջորդ յօդուածի մէջ փորձագէտը աւելի մանրամասնելով մեզ հասու կը դարձնի իր մտքերին: Յոյս ունեմ նաեւ, որ ասուածը ճիշտ է, այսինքն ռուսները օգնել են մեզ «Նոր Մադրիդ» ը շրջանցելու գործում: Բայց չէ՞ որ «Նոր Մադրիդ», «Հին Մադրիդ» եւ բոլորի մէջ էլ ռուսները կան, յանձինս իրենց համանախագահութեան, հետեւաբար ինչո՞ւ «Նոր Մադրիդ» շինեն, յետոյ այն տապալեն: Մի՞թէ պարզունակ չեն վերլուծութիւները: Ինչո՞ւ հովանաւորեն հայ-թուրք ֆուտբոլայինը, Ցիւրիխում, յետոյ Հայաստանը փրկեն նրա ձախողման հետեւանք «Նոր Մադրիդ»ից:
    Ինչո՞ւ ազերաթուրքը հասնի մինչեւ խրամատ: Ինչո՞ւ ռուսերը անվերապահ չեն օգնում հայերին, ինչո՞ւ միշտ ուզում են ցոյց տալ, որ վերջին պահին հասան օգնութեան, փրկեցին վերջին հայը կոտորածից: Ինչո՞ւ: Չէ՞ որ այս ամէնը, ֆուտբոլ-մուտբոլ, սկսեց Ամերիկայի հովանաւորութեամբ եւ Ռուսիայի օրհնութեամբ՝ յայտարարուելով Մոսկուայում: Չեմ հասկանում:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #35
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ԱԶԱՏ ԽՈՀԵՐ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ


    Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մեծ ու պզտիկ հպարտութեան առարկան ունի. գեղեցիկ եւ պերճ բնակարան, ուշագրաւ եւ թանկարժէք հագուստ-կապուստ, հռչակաւոր մակնիշով ինքնաշարժ, ադամանդակուռ մատանիներ եւ մանեակներ, կամ՝ ջոջական հանգամանքներ, առաջին շարքի աթոռ եւ այդպէս բաներ… թուումը կարելի է երկարել:
    Անհատական ինքնահաստատման միջոցներ:
    Այս անհատականէն անդին, անձնաւորութեան իրաւ հպարտութիւն մը կայ, որ արտաքին պատկեր չէ, այլ՝ խորք, որ վաղանցուկ արժէքներու վրայ չի հիմնուիր եւ ինքնութիւն կը ճշդէ: Իսկ ինքնութիւնը վարձու սենեակ չէ՝ վարձու ինքնաշարժ չէ տեղէ մը առնուող ուրիշ տեղ ձգուող: Անհատական հպարտութիւնը պղպջակ է, եթէ անձնաւորութիւնը չի հարստացներ, երկրորդը կը ճառագայթէ նաեւ շրջապատին վրայ: Ընդհանրապէս առաջինի մակարդակին կ՚աւազախրինք:
    Ճշմարիտ գեղեցիկը շպարի պէտք չունի, ինքնախաբէութիւն է, կը ծառայէ ուրիշը խաբելու, այդ խաղին մէջ ինքզինք խաբելու: Եւ ի՞նչ ընելու համար: Ինքնախաբէութիւնը մեզ կը բանտարկէ մեզմէ դուրս, կը դառնանք ստրուկը այլոց մակերեսային դատումներուն: Նոյնիսկ եթէ պահ մը յաջողինք ուրիշները խաբել, կը խաբե՞նք մենք մեզ: Եթէ կապիկ մը նստի Ռոլզ Ռոյս կամ չորս անգամ երկարած լիմուզինի մէջ, կը դադրի՞ կապիկ ըլլալէ:
    Ինքնութեան հարազատութեան եւ իրաւ ինքնահաստատման ուղիղ ճամբան սեփական արժէքներու հանդէպ հաւատարմութիւնն է: Անձի հարստացում: Երբ այդ հաւատարմութիւնը բացակայի, հրաժարումներ, լքումներ, նահանջներ իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Մարդը կը դադրի ապրելէ, կը տեւէ արտադրող-սպառող անհատը, որ բռնկող-մարող երջանկութիւն կը փնտռէ, գինովին պէս, որ յաջորդական բաժակներուն մէջ կը կարծէ նոր երջանկութիւն գտնել՝ նախորդը արդէն անցեալ դարձած ըլլալով: Կը յառաջանան հոգեկան բարդոյթներ, որոնք կը շեշտուին, քանի կը մնանք անմիջականի եւ վաղանցուկի տարուբեր ալիքներուն վրայ: Այս երեւոյթները յատուկ չեն մեր ժողովուրդին: Բայց քանի որ փոքր ժողովուրդ ենք, երբեմն պարզապէս՝ համայնք, առաւել սա կամ նա ձեւով վտանգուած, կորսնցնելով լեզու եւ մշակոյթ, անդադար տարտղնուելով, խառնուելով բաբելական բոլոր ազգերուն, հաւատարմութեան նուազումը կը ստանայ մեծ համեմատութիւններ: Անձը կը կորսնցնէ հպարտութիւնը, սեփական արժէքներով, որոնք կը փոխարինուին կապկումներով, ուրիշին նմանելով արդիականանալու խարխափումներ, ձեւականութեամբ, մակերեսայնութեամբ, համագումար՝ թեթեւսոլիկութեամբ:
    Այս երեւութապէս մանրուք երեւոյթները, առանց փողի եւ թմբուկի, կործանարար են: Իբր թէ մարդ չխրտչեցնելու նոյնքան վնասակար խուսանաւումներով, չենք խօսիր, հրապարակաւ չենք քննադատեր, եկեղեցիներու բեմերէն կրկնուող աւուր պատշաճի քարոզները հարազատութեան վերականգնումի հրաւէրի չենք վերածեր: Թերթերը եւ այլ լրատուամիջոցներ, նուազեցնելով «այսինչը գնաց, այինինչը եկաւ»ի լուրերը, կորստեան եւ այլասերման մեծ ու պզտիկ նախայարձակումներուն առջեւ թումբ չեն կանգներ:
    Այս ձանձրացուցիչ նկարագիր ունեցող խօսքերը հաւանօրէն անհասկնալի պիտի ըլլան մեծամասնութեան, ոմանք պիտի ըսեն, թէ իրենց չեն վերաբերիր: Երանի ճիշդ ըլլայ այդ: Բայց դիմենք պարագաներու եւ դէպքերու, որոնք երեւութապէս ցնցող կրնան չըլլալ, վտանգի բնոյթ չունենալ, ըլլալով սովորական, ընդունուած, ընդունելի: Խօսինք եւ ազգային հաւաքականութիւնը, առանց կանխակալ կարծիքներու եւ թուքով կպցրած ինքնարդարացումներու, անկեղծութեան պահու մը, իրականութիւնները թող ճակտէն դիմաւորէ:
    Այս տողերը կը գրեմ, քանի որ հանդիպեցայ հայու աչքերով հինգ կամ վեց տարեկան մանչուկի մը, որ մօրը հետ եկած էր վերամուտի նախօրեակին մազը կտրել տալու: Հարցուցի անունը: Ըսաւ՝ «Քեւին»: Մօրը հարցուցի, որ ոչ հայկական վարժարան պիտի ղրկէ՞ր: Ըսաւ՝ «այո՛»: Շարունակեցի՝ «որպէսզի ապագայ երեսփոխաններ իրեն դասընկե՞ր ըլլան»:
    Այցելեցէք հայկական վարժարան մը եւ տասը- տասներկու տարեկաններու անուանացանկը ուզեցէք: Կարդացէ՛ք բարձրաձայն, որ մենք ալ լսենք: Աղջիկներուն իննսուն տոկոսը կը կոչուին սինեմայի աստղերու եւ իշխանուհիներու անուններով. Ճենիֆեր, Քարոլին, Լէա, Մարիլին, Քլոէ, Սդելա, Տոլլի, Այլին, Մարիէթթա, Սթեֆանի, Միրիամ, Փոլին... Փորձեցէք ցանկ մը գտնել եւ պիտի տեսնէք, որ իրականութենէն հեռու եմ: Տղոց ցանկերը նուազ «արդիականացած» են, քանի որ հայր կամ մեծ հայր անմահացնելու միտումը կայ: Բայց հոն ալ կան Ռիչըրտ եւ Ռիչի, Պոպ եւ Ռապըրթ, Քրիստիան, Քրիսթըֆըր, Մայք, Փասքալ, Արթըր: Երբեմն ալ՝ Միսաք, Արամ, Սեդրակ, Յովսէփ, մանուկներ՝ որոնցմով պիտի ապրին մեծ հայրիկները: Օտար անունով աղջիկները միթէ հրաշքով աւելի գեղեցիկ կ՚ըլլան, կամ իշխան մը անոնց ձեռքը պիտի խնդրէ: Այշէն կամ Ֆաթմէն, Ֆայրուզը կամ Ուարտէն նուա՞զ գեղեցիկ են: Թէեւ չեմ յուսահատիր: Օր մը կ՚ունենանք հայու աչքերով Այշէներ եւ Ֆաթմէներ:
    Անունը ինքնութիւն է: Երբ մանուկը օտարի անունով կը կոչենք, զայն կը մղենք օտարացման առաջին քայլին: Այսքանը մի՞թէ կարելի չէ բացատրել թերթով, միութիւններու մէջ, խորանէն, որպէսզի հարսանեկան հրաւէրի մը վրայ չկարդանք Քարլա եւ Սթիվ: Ինչ որ օտար իշխողներ չըրին, կեղծ արդիականացման անունով մենք կ՚ընենք:
    Ինքնութիւն է լեզուն, որ պատմութիւն եւ արժէքներ կը բերէ, տարբերութիւնը կը նշէ: Կարելի է օտար լեզուներ սորվիլ, խօսիլ, բայց ոչ ի հեճուկս հայերէնի: Ամէն անգամ որ օտար բառերով կ՚աղճատենք ազգային լեզուն, կ՚աղճատենք մեր ազգային ինքնութիւնը: Ինքզինք յարգող ժողովուրդը կը մերժէ իր լեզուին դէմ եղած նախայարձակումները: Մօտաւոր հայերէն մը խօսելով, կ՚ըլլանք մօտաւոր հայ, նոյնիսկ եթէ օտար լեզուներով գիրքեր գրենք, հռչակաւոր երգիչ դառնանք, ըլլանք բարերար, որ այս պարագային հայասիրութիւն է, մասնակցինք կարգ մը նախաձեռնութիւններու՝ կարգախօսներ կրկնելով, անոնց ետին եղածը անգիտանալով:
    Ընկեցիկի տխրեցնող հոգեբանութեամբ կը հիանանք, երբ հայածնունդ մը օտար լեզու մը կը խօսի «օտարէն լաւ», մանաւանդ՝ օտարներու առջեւ կամ միջազգային հանդիպումներու ընթացքին: Կը պատահի, որ լսէք, թէ ըսուի՝ «որքա՜ն լաւ հայերէն կը խօսի»… Յաւերժ հիացման առարկայ պիտի մնայ յիշատակը քսաներորդ դարու մեծ հայուն եւ եկեղեցականին, որուն «մայրենի լեզուն թրքերէն էր», բայց Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը, Թուրքիոյ մէջ, ո՛չ Անգլիա, ո՛չ Ֆրանսա, ո՛չ Զուիցերիա, ո՛չ Ամերիկաներ, «հեռատեսիլէն հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար», Թուրքիոյ նախագահին մօտ կ՚երթար եւ «հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար»: Թուրքիոյ մէջ: Ո՞ր բարդոյթէն կը տառապին բազմաթիւ հայեր, կարեւոր դէմքեր, ղեկավարութիւն խաղցողներ, երբ Շնորհք պատրիարքին շնորհքով չեն առաջնորդուիր, ազգը կը ներկայացնեն պլպլացնելով բաբելական լեզուները:
    Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հայ մարդիկ իրենց զաւակները կը յանձնեն օտարներու խնամքին, դաստիարակուելու համար օտարի արժէքներով, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կ՚ուզեն հիմնել օտար դպրոցներ եւ վաճառքի հանել հայու ինքնութիւնը:
    Զանազան բաներու համար ոգեկոչումներ կը կազմակերպենք, յոբելեաններ, տարելիցներ, եւ այլն:
    Իր յիշուած օրինակելի արժանիքին համար, սփիւռք, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ, համահունչ եւ համատեղ, հարազատ ինքնութիւն կրող օրինակելի կերպով քաջ Եկեղեցականի պանծացումը ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու մեր նախաձեռնութիւններուն լիցք կու տայ:
    Բարոյագիտութեան մէջ կը սորվեցնեն «օրինակի արժէքը»:
    Միթէ կը վախնա՞նք այս օրինակէն: Պիտի ըսե՞նք, որ կը վախնանք եւ... ինչո՞ւ:

    Յ. ՊԱԼԵԱՆ
    «Ազդակ»

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #36
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ


    Արդէն չորս տարիներ անցած են Պոլսոյ փողոցներէն մէկուն մէջ հայ լրագրող Հրանտ Դինքի սպանութեան օրէն, սակայն տակաւին չկրցայ հաշտուիլ «Բոլորս Հրանտ ենք, բոլորս հայ ենք» կարգախօսին հետ, զոր Դինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին կրկնեցին հազարաւոր մարդիկ, իսկ անկէ ետք՝ հարիւրաւոր գրողներ յաջորդող ամիսներուն եւ տարիներուն։
    Դինքի սպանութենէն քանի մը օր ետք Բոստոնի մէջ անոր նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին խօսք արտասանած պահուս պարզապէս ակներեւ բանի մը չէի մատնանշեր, երբ ըսի, որ ոչ ոք Հրանտ Դինք է։ Ես տեսայ միայն մէկ անձ, որ փամփուշտով տապալած էր այդ մայթին վրայ։ Ան առանձին էր։ ո՞ւր էին այն ատեն ո՞ւր էին միւս հրանտդինքերը։


    Այդ ճակատագրական օրէն ետք, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, թերեւս յանցանքի, ընդվզումի թէ բարկութեան իբրեւ դրսեւորում, Հրանտ Դինքը ճանչցող Թուրքիոյ քաղաքացիները առաւել համարձակ դարձան, իսկ շատեր, որոնք մինչ այդ ծանօթ չէին Դինքին, ճանչցան զայն եւ իրենց կեանքը մեծապէս ազդուեցաւ սպաննուած լրագրողէն։ Բայց եւ այնպէս, հակառակ զգացումներու եւ մելանի զեղումներուն՝ Թուրքիոյ մէջ ու անկէ դուրս, հակառակ «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանտ ենք» կարգախօսի բարձրագոչ կրկնութեան, կամ թերեւս պէտք է ըսել այդ իսկ պատճառով, Հրանտ այսօր նուազ առանձին չէ, քան էր չորս տարի առաջ այդ փողոցին մէջ։
    Ի վերջոյ, յանցագործները տակաւին չեն ձերբակալուած, իսկ գնդակը արձակողը կը հաշուէ օրերը՝ ազատ արձակուելու։ Աւելի՛ն. Հրանտ Դինքի անունը իր ծանօթներուն եւ պաշտօնակիցներուն կողմէ կ՚օգտագործուի իբրեւ արդարացում իրենց գրութիւններուն եւ արարքներուն։ Կարծես Հրանտը ճանչցած ըլլալը ազատ ասպարէզ կու տայ մտաւորականի մը, որ ուզածը ըսէ եւ ընէ՝ անտեսելով հրապարակային դէմքէ մը ակնկալուած պարտաւորութիւնները։
    Իսկ որպէսզի այս մտաւորականները իրենց խօսքին ու գործին տան անսխալականութեան կնիք, պէտք էր Հրանտ Դինքը եւս յետմահու անսխալական հռչակել։ Այդ պատճառով ալ ստեղծուեցաւ մթնոլորտ մը, ուր Հրանտ Դինքի խօսքերը քննադատելը այս շրջանակներուն կողմէ նկատուեցաւ անոր յիշատակին հանդէպ անարգանք եւ վարկաբեկում։ Քննական մօտեցումը պատուհանէն դուրս շպրտուեցաւ։

    Աւելի վատը այն էր, որ մտաւորականներ, գրողներ ու գործիչներ իրենց նախաձեռնութիւնները եւ արտադրութիւնները ներկայացուցին թուրքերու, հայերու եւ համայն աշխարհին՝ իբրեւ Հրանտ Դինքի օրհնութիւնը կրող ծրագիրներ, հետեւաբար՝ քննադատութենէ վեր։
    Ոչ ոք Հրանտ Դինք է, նոյնիսկ Հրանտ Դինք չէր կրնար ինքզինք ըլլալ երբեմն, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ամբողջովին ինքզինք ըլլալ՝ իբրեւ մտաւորական եւ յատկապէս հայ, եւ կարենալ գոյատեւել Թուրքիոյ մէջ, ուր ինքնագրաքննութեան ճնշումը անսահման է։
    Ուրեմն ոչ ոք Հրանտ Դինք է եւ ոչ ոք հայ է։
    Անցեալը դիմագրաւելու մասին զովացուած սրահներուն մէջ դասախօսելով Թուրքիոյ մէջ մտաւորական մը կամ գործիչ մը չի կրնար «բաժնեկցիլ», «զգալ» կամ «հասկնալ» հայութեան ցաւը, սգալ անոր բնաջնջումն ու իրաւազրկումը։ Ալ ուր մնաց թէ այդքանը բաւարար ըլլայ, որ այդ մտաւորականը ինքզինք հայ նկատէ։

    Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ մէջ մտաւորականներու եւ գործիչներու խումբի մը դիմաց խօսք արտասանած պահուս փորձեցի անոնց փոխանցել այն պատգամը, թէ հայու ցաւը բաժնեկցիլ, զգալ կամ հասկնալ անկարելիութիւններ են եւ խորքին մէջ այդ չէ իրենցմէ ակնկալուածը։ Թրքական ազգային տնտեսութիւնը մեծ տարողութեամբ հիմնուած է հայերէ բռնագրաւուած ինչքերու իւրացման վրայ։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուժերու անհաւասարութիւնը նոյնպէս արդիւնք է այդ բռնագրաւումներուն։ Ցեղասպանութեամբ հայութեան ընչազրկումը բաժնեկցելու, զգալու, հասկնալու արտայայտութիւնները անիմաստ կը դարձնեն, որքան ալ անկեղծ ըլլան անոնք։
    Կայ մէկ ելք։ Հայութեան հետ անկեղծ կամրջումը կը սկսի հոնկէ, ուր ամբողջացաւ հայութեան գերագոյն ընչազրկումը, այսինքն՝ Տէր Զօրի աւազներէն։ Ժամանակն է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները դուրս գան զովացուած սրահներէն եւ քալեն Տէր Զօրի մէջ՝ յիշելով եւ ոգեկոչելով։ Անկէ ետք իրենց կը մնայ փնտռել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները յաղթահարելու եւ հատուցելու ճամբուն վրայ իմաստալից քայլեր առնելու ձեւեր։

    ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
    (Անգլերէնէ թարգմանուած)
    «Ազդակ»

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Black Orchid (03.02.2011)

  8. #37
    Պանդուխտ Tigris will become famous soon enough Tigris will become famous soon enough Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,118
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Ազգային խնդիրների վերաբերյալ վերլուծություններ

    ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ


    Աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուր ամիս մը առաջ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանի «Վիվըման Դիմանշ» հաղորդման ժամանակ խօսած էր Ցեղասպանութիւն եզրին մասին եւ յայտնած հետեւեալը.
    «Անիկա բառ մըն է, որ կը խանգարէ, որ ի վերջոյ զիս կը խանգարէ: Այն, ինչ որ հիմա կ՛ըսեմ, թերեւս որոշ հայեր ինծի դէմ կը տրամադրէ, բայց սարսափելի չէ: Եթէ իսկապէս թուրքերը այնքան պարկեշտութիւն ունենան ըսելու, որ Ցեղասպանութիւն բառն է, որ զիրենք կը խանգարէ, մենք այլ բառ մը կը գտնենք, որպէսզի սահմանները բացուին, եւ որ թրքական կառավարութիւնը, չեմ ըսեր թուրքերը, այլ թրքական կառավարութիւնը մտածէ մեզի հետ երկխօսութիւն սկսելու մասին»:
    Օրին չկեդրոնացանք այս հարցազրոյցի խնդրայարոյց բովանդակութեան վրայ, որովհետեւ հերքումները չուշացան, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը նախընտրեց չմեկնաբանել իր դեսպանին կատարած հաստատումները:
    Վերադարձանք յայտարարութեան այս բաժինին` տրուած ըլլալով, որ աշխարհահռչակ երգիչը գրեթէ միեւնոյն իմաստով վերահաստատում կը կատարէ այս անգամ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող Նուվել դ՛Արմենի»ին եւ կ՛աւելցնէ. «Հայաստանը լուրջ վտանգի տակ է եւ բոլորը կեդրոնացած են Ցեղասպանութիւն եզրին վրայ: Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նման պայմաններու մէջ Հայաստանը զարգացնել: Այդ տրամաբանութիւնը մեզ ո՞ւր պիտի հասցնէ»:
    Հարցազրոյցը տակաւին բաժիններ ունի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ Արցախի հարցին վերաբերեալ: Կեդրոնանանք սակայն ցեղասպանութիւն եզրի շրջանցումի անհրաժեշտութիւնը ընդգծող Ազնաւուրի առաջարկին վրայ: Ամբողջ ըսուածին միտք բանին այն է, որ այդ բառէն հրաժարինք, եթէ խանգարիչ այդ եզրին պատճառով է, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը մնայ փակ, տնտեսութիւնը չի զարգանար, արտագաղթը կ՛՛աճի, կամ այլ խօսքով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կայանար:
    Ազնաւուրի պատկերացումով կարելի է համաձայնիլ ջարդեր կամ կոտորած կոչելու ամբողջ Ցեղասպանութիւնը, պայմանաւ որ անմիջապէս սահմանը բացուի, յարաբերութիւնները բնականոնանան, տնտեսութիւնը հզօրանայ եւ հանրապետութիւնը ամրակայուի: Տեղը չէ անշուշտ Ցեղասպանութիւն եզրին քաղաքական, իրաւական սահմանումները բացատրելու. պարզապէս նշենք ու անցնինք, որ Անկարայի կիրարկած նախապայմանային քաղաքականութիւնը այդ եզրին օգտագործումով կամ չօգտագործումով չի սահմանափակուիր:
    Այս սիւնակին նպատակը քաղաքական հիմնաւորումներով ջրելը չէ Ազնաւուրի առաջ քշած տեսակէտները: Դժուար չէ տուեալներու հիման վրայ նման տեսութիւններ հակափաստարկելը: Այստեղ ուրիշ լուրջ խնդիր գոյութիւն ունի:
    Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, կայացման համար ինչպէս այլ անհրաժեշտութիւններ կարեւորագոյն խնդիր է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կիրարկող հմուտ դիւանագէտներու պատրաստութիւնը. այդ առումով ողջունելի է դիւանագիտական ակադեմիայի հաստատումը արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Դիւանագիտութիւնը մասնագիտութիւն է եւ միայն համապատասխան պատրաստուածութեան տէր մարդն է, որ կրնայ ստանձնել դիւանագէտի բարձր պաշտօնը: Այլապէս, ոչ մասնագիտական, ոչ արհեստավարժ մօտեցումները հիմնովին կը հարուածեն արտաքին քաղաքականութիւնը եւ այդ ճամբով երկրի վարկն ու հեղինակութիւնը:
    Յիշեցման կարգով` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրներէն է: Իսկ Ազնաւուր դեսպանի իր պաշտօնով այդ քաղաքականութիւնը իրականացնողներէն մէկն է: Սկզբունքով եւ դիւանագիտական օրէնքով: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էվընզը պաշտօնանկ եղաւ, որովհետեւ ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործած էր, ինչ որ համահունչ չէր իր պետութեան որդեգրած կեցուածքին: Մեր պետութիւնը ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգերէն կը համարէ: Իր դեսպանը չի կրնար այդ բառը փոխարինելու հրապարակային առաջարկներ կատարել:
    Ազնաւուրը մեծ հայ է, աշխարհահռչակ երգիչ է, մեծ մարդասէր է եւ անգնահատելի նպաստ բերած է մեր հայրենիքին ու հայութեան, յատկապէս երկրաշարժի օրերուն իր կատարած կոթողական աշխատանքներով: Ազնաւուրը սակայն դիւանագէտ չէ: Իսկ առաջին սխալը այս պարագային այդ պաշտօնին նշանակումն է: Ի վերջոյ պէտք չէ ստեղծել այնպիսի կացութիւններ, ուր արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը չկարենայ մեկնաբանել իր դեսպանին կատարած մէկ յայտարարութիւնը:
    «Ա
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

+ Կատարել գրառում
Էջ 4 4-ից ԱռաջինԱռաջին ... 2 3 4

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

     

Համանման թեմաներ

  1. Հոդված. Վերլուծումների նոր շարան, ազգի օրակարգային խնդիրների վերաբերյալ:
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, վերլուծություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 41
    Վերջինը: 03.11.2011, 22:54
  2. Լուր. Ազգային, օրակարգ
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, վերլուծություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 50
    Վերջինը: 28.10.2010, 20:51
  3. Ազգային հոգեբանութիւն
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, տեղեկություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 16.04.2010, 20:36
  4. Տեքստ. Աղօթք Ազգային
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Հայ գրականության բնագրեր
    Գրառումներ: 1
    Վերջինը: 17.06.2009, 12:43
  5. Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 16.12.2007, 12:19

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները