Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 5 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 5 հատից

Թեմա: ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ, ՀԱՐՑԱՐԱՆ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ, ՀԱՐՑԱՐԱՆ

    ՀԱՐՑԱՐԱՆԸ, ՈՐ ԶԱՏԻԿ Է ԱՄԷՆՈՒՆ...
    POETA NASCITUR, NON FIT.

    Զարեհ Խրախունիի նորագոյն հատորէն՝ «Հարցարան» խորագրեալ խոհաքերթողագիրքը փակող «Ոսկեայ պայտերու դարբնոցը» երկարաշունչ վիպերգութենէն քաղուած լատիներէն սա ծանօթ ասոյթը, որ թարգմանի՝ «Բանաստեղծը ծնած կ՚ըլլայ, յետոյ չ՚ըլլար», որքա՜ն կը պատշաճի յորովայնէ բանաստեղծ ծնած եւ իր քերթողական յագեցումներով հայ արդի բանաստեղծութիւնը իմացական լիացումներու երկնամերձ բարձունքներուն հետ պսակած այս եզակի քերթողին։ Յունահռոմէական քաղաքակրթութեան ուսանելի թելադրանքներով ստեղծագործ անհատին բազմակողմանի զարգացման անհրաժեշտութիւնը շեշտագրող վերոնշեալ ստեղծումը, որ պերճախօս նորագոյն արտայայտութիւնն է պատմական ծանօթ նիւթերը իրենց նեղ շրջանակէն ու սահմանափակ ժամանակէն վեր կարկառելու Զարեհ Խրախունիի խոր հմտութեան ու գեղագէտ բանաստեղծի ընտիր որակին, յաւերժալոյս աստղերու խաղընկեր Վիրգիլիոսի կենսափորձին ալիքներով կը բացուի բացարձակ ժամանակի անվերջակէտ հորիզոններուն՝ դառնալու համար դիւցազնավէպը բոլոր ժամանակներու բոլո՛ր Վերգիլիոսներուն։ Եւ, ինչո՛ւ ոչ, նաեւ այլաբանական կենսագրավէպը Արթօ Ճիւմպիշեան անունով 16 հոկտեմբեր 1926-ին լոյս աշխարհ եկած եւ Զարեհ Խրախունի զուարթ գրչանունով արդէն վաղուց անմահացած այն անկրկնելի բանաստեղծին, որ իր ստեղծագործական ինքնադրոշմ յաւելումներուն ծանրակշիռ վաստակով ո՛չ միայն նոր գանձեր գումարեց հայ քերթողութեան գանձարանին վրայ, այլեւ հայ բանաստեղծութեան կողմնացոյցը միշտ լարեց դէպի նոր հորիզոններ՝ ստեղծելով իր քերթողական ինքնուրոյն դպրոցը, զոր ամենայն իրաւունքով կոչեց «առարկայական խորհրդանշանապաշտութիւն» կամ symbolism objectiv։
    «Հարցարան»ը կատարելագոյն բարձրակէտն է վեց տասնամեակներու վրայ երկարող այս արուեստագէտ բանաստեղծին քերթողական հարուստ կենսափորձին եւ պայծառ ցոլարանը՝ Զարեհ Խրախունիի տեսական այն համոզումներուն, որոնց համաձայն՝ «ախորժալուր ձայները չեն որ կը շինեն երաժշտութիւնը, քաղցրահունչ բառերը չեն որ կը կազմեն բանաստեղծութիւնը, գեղատեսիլ գոյները չեն որ կը կերտեն նկարը։ Իմաստն է որ կը բնորոշէ արուեստը։ Իմաստը յարաբերութիւն մըն է ձայներու, բառերու, գոյներու, ձեւերու, շարժումներու, եւ այլն»։
    Պիտի աւելցնէինք՝ նաեւ պատասխանները իրենց մէջ քողարկած բազմախորհուրդ հարցումներու, որոնք Զարեհ Խրախունիի նորագոյն քերթողագիրքին «Հարցարան», «Մեկնաքերթուածներ», «Տարերք գիտութեան», «Երկդիմի աշխարհ» եւ «Ոսկեայ պայտերու դարբնոցը» անուն իրերայաջորդ հինգ բաժիններուն մէջ քերթուած առ քերթուած նոր պատասխաններ կը յուշեն եւ ստեղծումներուն ըմբոշխնումը կը վերածեն բառին ամբողջական եւ ազնուագոյն առումով քերթողական յամեցող խրախճանքի։
    Այսպէս, թիթեռնիկին, արծիւին, ճային, սոխակին, ճանճին, աղաւնիին, կռունկին, բազէին, արագիլին, աղաւնիին եւ թեւաւոր այլ ծնունդներու յարաշարժ թեւերուն ուղղուած հարցումները կը կտրեն իմաստային նորանոր տարածքներ, շարժումը կը թափանցէ առուին եւ կաթիլին, աղջամուղջին ու մակոյկին, ամպին ու քարին, ձիւնին ու նշոյլին, լապտերին ու հայելիին, երաժիշտին ու պարուհիին, որմնադիրին ու գրաշարին, մղձաւանջին ու ընդվզումին, յուշերգին ու առասպելին եւ իր ապրումներն ու խոհերը մարմնաւորած շնչաւոր ու անշունչ միւս բոլոր ներկայութիւններուն անլսելի ներքին համանուագներուն ոլորտներէն ներս, կը նոյնանան երաժշտական ծանօթ ստեղծումներու մշտաբորբոք կշռոյթ-հարցադրումներուն հետ եւ մեկնաքերթուածները կ՚առաջնորդեն դէպի 20-րդ դարը յատկանշող բաբախուն ու տարօրէն այժմէական իրողութիւններ։ Սակայն միշտ դէպի զուսպ, կուռ, պարզ, կարգապահ, անմիջական, ներամփոփ եւ բազմաշերտ խոհուն բանաստեղծութիւն մը, որ ընթերցողը աժան ու հնամաշ զգացականութեամբ մը տպաւորելու փոխարէն՝ երկխօսութիւն կը հաստատէ անոր բանականութեան հետ եւ պատկերներով, խորհրդանշաններով, այլաբանութիւններով, փոխաբերութիւններով ու զուգորդութիւններով բանաստեղծութեան հետ նոյնանալու արարքը կը վերածէ գերազանցապէս իմացագեղարուեստական բացառիկ վայելքի։
    Հրամեցէ՛ք,
    «Վաղը արդէն տօն է՝ Զատիկ ամէնուն...»։
    Ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ճշմարիտ ու ճշմարտախօս բանաստեղծութեան Զատիկը...
    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ, ՀԱՐՑԱՐԱՆ

    ԽՐԱԽՈՒՆԻԻՆ ՀԱՐՑԱՐԱՆՆԵՐԸ
    Բանաստեղծ Խրախունի մեր սեղանին վրայ կը դնէ իր նորագոյն հաւաքածոն. «Հարցարան»: Լայնաշունչ ու բազմատեսակ ներշնչումներու հաւաքածոյ մը բանաստեղծութեան. ինչպէս նաեւ փիլիսոփայական մտածումի: Եւ քանի որ փիլիսոփայական ամէն մտածում ընդհանրապէս հարցում ուղղելով կը սկսի, բանաստեղծը այստեղ ունի անհամար հարցումներ, որոնք նախ բացայայտօրէն կ՚ուղղուին թռչուններու, թիթեռնիկներու, եւ այլն, ապա սակայն ծածուկ կերպով իրենց հասցէն կը փոխեն ու կ՚ուղղուին դէպի աշխարհի ինչ ինչ խորհուրդները:
    Այնուհետեւ հարցում ուղղելու կարգը պիտի գայ ընթերցողին: Ընթերցողը երբեմն պահանջքը պիտի զգայ բանաստեղծին հարցնելու թէ ի՞նչ խորհուրդներ կան բառերու ու տողերու. նոյնիսկ էջերու ու ամբողջ հատորին ետին: «Հարցարան»ը այսպէս պիտի դառնայ երկու կողմերէն փոխադարձաբար իրարու ուղղուած հարցումներու հաւաքածոյ ու կրնանք անվարան ըսել որ հարցումներուն կարեւոր մէկ մասը պիտի մնայ անպատասխանի, կամ պիտի ունենայ դժուար հասկնալի պատասխաններ:
    Խրախունի իր այս նորագոյն գործով իր արուեստը կը տանի դէպի ոճի ու արտայայտութեան, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի գործածութեան գագաթնակէտը: Այս ոճը այլեւս շատ հեռացած է Խրախունիի անդրանիկ հատորի. «Քար Կաթիլներ»ու ոճէն: Խրախունիի արուեստը արդէն տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր նոր գիրքով զգալի դարձուցած էր այդ մագլցումը եւ այս հատորին մէջ այդ մագլցումը հասած է, եթէ ոչ վերջակէտին, գոնէ բաւական բարձր ու բարդ մակարդակի մը: Միայն ոճը չէ. կամ միայն բառերու ճոխութիւնն ու անսովոր բնոյթը չէ որ Խրախունիական բանաստեղծութեան շահեցուցած են այս նոր նկարագիրը, այլ մտաւորական ու փիլիսոփայական մտածումն ալ, մշակուած նիւթերու մասին կատարուած խորհրդածութիւններն ալ շատ կարեւոր իրենց նպաստը բերած են այդ ոճի ձեւաւորման: Խրախունի բանաստեղծ ըլլալէ առաջ, փիլիսոփայ է: Եւ Խրախունիական արուեստին վրայ փիլիսոփայութիւնն է որ տասնամեակներու ընթացքին հետզհետէ տիրապետող դարձուցած է իր ազդեցութիւնը, անդին հրելով բուն իսկ բանաստեղծութեան ու ստեղծագործական գրականութեան դրոշմները: Բայց այսքան ալ չէ: Փիլիսոփայական մտածումն ալ իր պարտէզին դռները լայնօրէն բացած է գիտական ու գեղարուեստական աշխարհէ ստացուած գիտելիքներու ովկիանոսի մը, ծանօթութիւններու շտեմարանային պաշարի մը, որ Խրախունիին մասնայատկութիւնը կը կազմէ: Կենդանական աշխարհէն մինչեւ դասական երաժշտութեան կամ հիւլէական թեքնիքագիտութեան ամենաբարձր ոլորտները, ոլորտներ՝ որոնք անհասանելի են սովորական արուեստասէրներու ու մշակութասէրներու, կը կազմեն Խրախունիի իմացականութեան խարիսխը ու այս կերպով բանաստեղծը մերթ երկխօսութիւններ կը հաստատէ թռչուններու հետ, մերթ ալ թափ կու տայ Պէթհովէնեան, Շոբենեան կամ Վակներեան նուրբ կամ բարդ երաժշտութիւններէ ստացուած ներշնչումներու։ Հոգ չէ թէ ընթերցողը ըստ երեւոյթին կապ մը պիտի չկարենայ գտնել Շոբենեան նոքթիւռնի մը ու այդ նոքթիւռնի ներշնչումով գրուած բանաստեղծութեան մը միջեւ, բայց այդ կապը կայ բանաստեղծին մտքին մէջ եւ մենք իրաւունք պիտի ունենանք ըսելու, որ երկրորդը պիտի չգրուէր, եթէ յօրինուած չըլլար առաջինը։
    Խրախունի, ինք եւս երաժիշտ, թէեւ բնաւ բեմ չէ ելած իր երաժշտական կարողութիւնները ցոլացնելու համար, նախընտրած է այդ կարողութիւնները ցոլացնել երաժշտութենէ ստացուած ներշնչումներու ընդմէջէն։ Այս պատճառաւ ալ ան այս հատորով ի լոյս աշխարհ կը բերէ Պախին Թոքաթայէն ներշնչուած իր անդրանիկ բանաստեղծութիւնը, «Յաղթականը», որ 1948-ին հրատարակուած էր Մխիթարեան Սանուց միութեան «Սան» գրական հանդէսի առաջին թիւով եւ անկէ վերջ ալ պատիւը չէր ունեցած մաս կազմելու Խրախունիական որեւէ հաւաքածոյի։ Այդ անդրանիկ բանաստեղծութիւնն է, որ Խրախունին հրաւիրած է մտածելու երաժշտական այն հրաշալիքներուն մասին, որոնց հաւատարիմ ունկնդրողը եղած է միշտ եւ որոնցմէ հիմա կը քաղէ բանաստեղծական տպաւորութիւններ ու մտածումներ։
    Բայց Խրախունի նաեւ սիրահար է դասական գրականութեան ու հին Հելլէն ու Հռովմէական մշակոյթի ժառանգութեան, անսպառ աղբիւր՝ ուրկէ առատ ջուր խմած է համալսարանական իր տարիներուն ու որմէ ազդուած է ամբողջ կեանքի մը համար։ Այս հաւաքածոյին վերջին մասը այդ գիտելիքներու ու մտային պաշարի լոյսին տակ ստեղծուած վիպերգութիւն մըն է, որ կը կարդացուի հետաքրքրութեամբ ու հին մշակոյթներու կարօտով։ Խրախունի հոս կրկին կը փաստէ, թէ պատմական անցքերու մասին բանաստեղծական վիպերգութիւն կամ դիւցազներգութիւն գրելու մեծ վարպետութիւն ունի, ինչպէս փաստած էր իր նախորդ գործերէն «Արի Արքայ»էն ասդին։ Այստեղ Խրախունիին ոճը բաւական տարբեր է միւս բանաստեղծութիւններուն մէջ գործածուած ոճէն։ Եւ կարելի է ըսել՝ աւելի հաղորդական է։ Բայց այլեւս դիւրին չէ Խրախունին կարդալը։ Ինք ալ կը խոստովանի։ «Հաւանաբար ցանցառ ընթերցողներ, որոնք գրքիս մինչեւ այս վերջին բաժինը հասնելու համբերութիւնն ու հաստատամտութիւնը ունեցած պիտի ըլլան, համբուրելի վերջին ճիգով մը» պիտի կարդան այս վիպերգութիւնն ալ, կը գրէ ան իր վերջին բաժնի սկիզբը, յատուկ բացատրագրի մը մէջ։
    Կը ձայնակցինք իրեն։ Եւ այժմէն կ՚ազդարարենք, որ ընթերցողը սխալ կ՚ընէ, եթէ մէկ շունչով կարդալ փորձէ Խրախունին։ Կարելի չէ։ Քիչ մը ժամանակ պիտի տրամադրէք, երկար պիտի մտածէք ձեր կարդացած տողերուն մասին, երբեմն քանի մը անգամ պիտի կարդաք զանոնք, եւ այդ իսկ յաճախ պիտի չբաւէ ու էջը պիտի դարձնէք «Հարցարան»ին վրայ նոր հարցումներ աւելցնելով։
    Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15028
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ, ՀԱՐՑԱՐԱՆ

    ԵՐԿԴԻՄԻ ԱՇԽԱՐՀ
    ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
    Առաւօտուն
    Աչքերս դժուար, ցաւով ճիգով կը բանայի
    ընդունելու խայթանշոյլ համբոյրը տաք արեւուն.
    Ակնաբոյժը գրեց դեղ մը նորելուկ
    «Արուեստական Արտասուք»
    Կ՚երեւի թէ աչքերս ի սպառ յոգներ էին
    Ժամանակով չորցեր էին շատ լալէն
    Առանց յայտնի արցունքի:
    6 մարտ 2006
    ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ
    Քառասնակ չէ, Յիսնակ չէ -
    Եօթանասո՛ւն տարի մենք
    Պահք ենք բռներ լուծի տակ
    Լոկ ծամելով գաղտնօրէն
    որպէս ծամօն օտարաշէն ու յարգի
    Ազատութեան սուրբ անունը տեսլահամ...
    Իսկ երբ երկար ձմեռէ ետք տխրամած
    Յանկարծահաս գարունն իբրեւ ժպտավառ
    ոսկի ալիքն իր ծիծաղին՝
    Շաղ է տուեր Ազատութեան արեգակը մշտափառ,
    Հեգնոտ շրթունք
    փտած ակռայ
    թթու լեզու ենք ցուցադրեր
    Լքեր գացեր
    ծախեր ցրուեր ենք ինչ որ կայ - անխնա՛յ
    Գետին թքեր
    ծամօնն հիմա դարձած ճաշակ հաղորդութեան
    - Սրբութիւն -
    Այդ ալ սակայն որպէս աւանդ նուիրական
    ի մէջ այլոց
    արդէն վաղուց մոռցուած...
    Մինչդեռ հիմա
    Մեզի համար
    Միլիոնաւոր ճրագալոյց աչքերու մէջ ցոլացող
    Նաւակատիք է ամէն օր.-
    Հրամեցէ՛ք պատրաստ սեղան
    ճերմակ սփռոց ասեղնագործ
    վրան բանուած երեք գոյնով ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
    Եւ ամէն ինչ դրուած այնտեղ
    ինչ որ այնքան երազած
    փափաքած ենք ունենալ
    ամէնուն պէս ամէնուն հետ համտեսել...
    Ալ չի՞ բաւեր սպասարկել սեղաններու
    օտար, հեռու
    Փոխարէն փոր մը ճաշի
    այն ալ աժան, պատրաստի...
    Հրամեցէ՛ք՝ ազատ սեղան
    վրան սփռոց, առատութի՛ւն -
    Մեծ պահքն ի սպառ վերջացաւ
    Դո՛ւք եփեցէք, դուք կերէ՛ք
    եւ բաշխեցէք բոլորին -
    Վաղը արդէն տօն է՝ Զատիկ ամէնուն...:
    9 մարտ 2006

    ՀԱՐՑՈՒՄ՝
    ԹԻԹԵՌՆԻԿԻ ԹԵՒԵՐՈՒՆ
    Թիթեռնիկ մը նաշխուն սիրուն
    մէկ վեր մէկ վար
    մէկ հոս մէկ հոն կը թռչի
    Ու չի թառիր ո՛չ մէկ տեղ -
    Չենք գիտեր թէ ա՞յստեղ ա՞յնտեղ
    կ՚ընտրէ ո՞ր մէկն՝ այս թէ այն
    Թէ իրապէս կը թռչկոտի ան միայն...
    Թառելու պէս կ՚ընէ մերթ մերթ, սրտերը վեր կը հանէ
    Բայց կը մեկնի, կը հեռանայ, կը կորսուի աչքերէ
    Յետոյ յանկարծ կը յայտնուի համարձակ
    Կու գայ վարդի կամ չոր փայտի կամ աղբիւսի կը թառի...
    Թիթեռնիկը սիրուն նաշխուն
    բախտին քմա՞յքն է արդեօք
    Թէ ծաղրանքն է մեր յոյսերու վրիպանքին անողոք...:
    25 դեկտեմբեր 2005
    ՀԱՐՑՈՒՄ՝ ԿՌՈՒՆԿԻ ԹԵՒԵՐՈՒՆ
    Այս տարիքիս
    Ես դեռ կռունկ չեմ տեսած
    - բացի անշուշտ երկաթէ... -
    Ձայնն ալ երբեք չեմ լսած.
    Կ՚երեւի թէ պայմաններու բերումով
    Շատոնց է որ ան այս կողմերն այցելութեան չէ եկեր,
    Կամ թէ իրեն
    Ձրիօրէն
    Վերագրուած բարդ պաշտօնն է փոխանցեր
    Հեռախօսին ձայնասփիւռին հեռուստատես գործիքին...
    Սակայն այսպէս թէ այնպէս
    Ան հարազատս է թանկագին
    Քանի որ ան փիւնիկին պէս անմահութեան սեւեռուած
    Վեհամատոյց խորհուրդն ունի իմ ազգին,
    Եւ անոր պէս
    Անպատմելի տառապանքով
    ու նոյնքան մեծ տաղանդով մը կնքուած
    Իր մէկ զաւկին հրաշաձայն մատներով
    Յաւերժին է բեւեռուած:
    Միայն հարցում մը ունիմ
    Օր ու աշխարհ, դար ու հանճար տեսած անցած
    անհամեմատ իմաստնացած թեւերուն.
    - Կռո՛ւնկ, դուն որ ամէն ինչ
    Մեր վրայէն ու շատ վերէն
    Կամ գրեթէ երկինքէն
    Արդար աչքով սրատես
    Կը դիտես եւ կը դատես՝
    Սփինքսի պէս կը լռես.
    Շատ լաւ գիտե՛ս թէ մենք ի՜նչ...
    Ըսէ՛. ե՞րբ
    Պիտի խօսիս, պիտի երգես, պիտի կանչես ետեւէդ...:
    ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
    16 յունուար 2006
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՆԱԽԵՐԳ

    ՆԱԽԵՐԳ

    Ինչպէս պատմեմ քեզ որ հեքիաթ չըլլաս
    Ինչպէս պատուեմ քեզ որ մօր պէս ըլլաս
    Ինչպէս պաշտեմ քեզ որ կուռք չդառնաս
    Ինչպէս պահեմ քեզ որ մասունք դառնաս

    Ինչպէս սիրեմ քեզ որ երազ չըլլաս
    Ինչպէս երգեմ քեզ որ հերոս ըլլաս
    Ինչպէս յիշեմ քեզ որ յուշ չդառնաս
    Ինչպէս ըսեմ քեզ որ աղօթք դառնաս

    Ինչպէս տեսնեմ քեզ որ տեսիլք չըլլաս
    Ինչպէս շնչեմ քեզ որ ազատ ըլլաս
    Ինչպէս բռնեմ քեզ որ հող չդառնաս
    Ինչպէս պագնեմ քեզ որ երկիր դառնաս

    Ինչպէս գրկեմ քեզ որ գերիս չըլլաս
    Ինչպէս կրեմ քեզ որ իմ խաչս ըլլաս
    Ինչպէս գրեմ քեզ որ ձօն չդառնաս
    Ինչպէս գովեմ քեզ որ քայլերգ դառնաս

    ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
    12. 2. 1976

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Հեղինակ (18.04.2009)

  6. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ, ՀԱՐՑԱՐԱՆ

    ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ



    Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
    Եթէ գիտնամ
    Թէ վերջընթեր Կաղանդին
    Պիտի նուէրս ընդունիս
    Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
    Ամէնէն լոյս
    Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած

    Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
    Նուէրներուն ամէնէն կոյս
    Ամէնէն լոյս
    Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
    Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
    Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ երկարած

    Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս
    Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
    Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
    Ամէնէն լոյս
    Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
    Պիտի գաս

    Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ - սիրելիս
    Գիտնամ միայն
    Թէ անպայման
    Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
    Ամէնէն լոյս
    Եւ ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
    Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
    Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
    Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին

    Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
    Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս։

    ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •