Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 1 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 1 հատից

Թեմա: ՔՆԱՑԱՑ ԱՏԵՆ ՄԱՐԴՈՑ ԱՌԱԾ ՀՈՏԵՐԸ Կ՚ԱԶԴԵ՞Ն ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ...

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՔՆԱՑԱՑ ԱՏԵՆ ՄԱՐԴՈՑ ԱՌԱԾ ՀՈՏԵՐԸ Կ՚ԱԶԴԵ՞Ն ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ...

    Սեպտեմբերի կէսերուն Գերմանիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկուն համաձայն, քունին մէջ մարդոց առած տարբեր հոտերը կրնան ազդել երազ տեսած ատեն անոնց ունեցած զգացումներուն վրայ։
    Այսուհանդերձ, երբ հետազօտողները քունին մէջ երազ տեսնող մարդոց քիթին վարդի հոտ փչած են, արթննալէն ետք անոնք յայտնած են, որ հաճելի երազներ տեսած են։ Միւս կողմէ, սակայն, երբ անոնք նշեալ մարդոց քիթին նեխած հաւկիթ մօտեցուցած են, ապա անոնք անհաճոյ երազներ տեսած են։
    Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնները գլխաւորող գերմանացի մասնագէտ Պորիս Սթաք բացատրած է, որ տարբեր հոտերը ազդած են անոնց տեսած երազներուն զգացական բաժինին վրայ։
    ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԶՕՐԱՒՈՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
    Ծանօթ է արդէն, որ հոտի զգացումը սերտօրէն միացած է ուղեղին այն բաժինին, որ կը հակակշռէ զգացումն ու վարուելակերպը։
    Մասնագէտ Սթաք նշած է, որ եթէ հոտը այդքան զօրաւոր ազդեցութիւն ունի մարդոց զգացումներուն վրայ՝ անոնց արթուն վիճակին մէջ, ապա անիկա տրամաբանօրէն զօրաւոր ազդեցութիւն պէտք է ունենայ նաեւ անոնց քնացած վիճակին մէջ ունեցած տարբեր զգացումներուն վրայ։
    Մասնագէտ Սթաք ու անոր գլխաւորած հետազօտական խմբակը վարդի ու նեխած հաւկիթի հոտերուն ունեցած ազդեցութիւնը ուսումնասիրած են քնացած վիճակի մէջ եղող տասնհինգ առողջ երիտասարդուհիներու վրայ, որոնց տարիքը քսանի շուրջ եղած է։ Նախքան ուսումնասիրութեան սկսիլը, մասնագէտները չափած են անոնց հոտառութեան տարողութիւնը եւ գտած են, որ բոլորն ալ զօրաւոր հոտառութիւն ունեցած են։
    Ապա անոնք բարակ խողովակներ տեղադրած են այդ երիտասարդուհիներուն ռունգերուն մէջ։ Նշեալ խողովակները միացած են հոտառաչափերու, որոնք շարունակ օդ փչած են անոնց քիթին մէջ, որպէսզի քնացած ատեն այդ խողովակներուն միջոցով քիթին հասած որեւէ հոտ չարթնցնէ անոնց։
    Մասնագէտները այլ սարքերու միջոցով հետեւած են նաեւ ուսումնասիրութեան մասնակցողներուն ուղեղին աշխատանքին։ Այսուհանդերձ, երբ անոնք նկատած են, որ երիտասարդուհիները քունին մէջ հասած են «աչքի արագ շարժում» կոչուած հանգրուանին, որ յատկանշուած է կոպերու շարժումներով, եւ որուն մէջ կը յայտնուին երազներուն մեծամասնութիւնը, մօտաւորապէս տասը երկվայրկեան հոտառաչափին միջոցով յատուկ հոտ մը փչած են անոնց ռունգերուն մէջ տեղադրուած խողովակներուն մէջ։
    Մասնագէտները սպասած են, որ հոտը ռունգերուն հասնի, որմէ ետք թոյլ տուած են, որ երիտասարդուհիները մէկ վայրկեան եւս քնանան, եւ ապա արթնցուցած են անոնց եւ խնդրած են անոնցմէ, որ նկարագրեն իրենց երազը, ինչպէս նաեւ զգացականօրէն արժեւորեն զայն՝ իբրեւ դրական կամ ժխտական երազ։
    Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւններուն մէջ իւրաքանչիւր մասնակցող երեք տարբեր օրեր քունի անցած է մասնագէտներուն հսկողութեան տակ։ Մասնագէտները մէկ օր վարդի հոտ փչած են անոնց ռունգերուն մէջ. այլ օր մը՝ նեխած հաւկիթի հոտ, իսկ մէկ օր ալ՝ ոչ մէկ հոտ։ Իւրաքանչիւր անգամ անոնք հարցաքննած են մասնակցողները՝ անոնց արթննալէն անմիջապէս ետք։
    Հարցաքննութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուած են, որ վարդի բոյրին ներկայութեան, գրեթէ բոլոր մասնակցողներն ալ դրական մթնոլորտի մէջ եղող հաճելի երազներ տեսած են, իսկ նեխած հաւկիթին հոտը ժխտական մթնոլորտ մը յառաջացուցած է բոլորին երազներուն մէջ։ Ինչ կը վերաբերի քնացողներուն ռունգերուն հասած ոչ մէկ հոտ պարունակած պարզ օդին, ապա անիկա որեւէ յատկանշական փոփոխութիւն չէ յառաջացուցած անոնց երազներուն մէջ։
    ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
    Քանատացի մասնագէտ Թոր Նայլսոն, որ պարզապէս հետեւած է վերոնշեալ ուսումնասիրութիւններուն, հետաքրքրական գտած է, որ տարբեր հոտեր անուղղակիօրէն ազդած են երազներուն զգացական բաժինին վրայ՝ փոխանակ ուղղակիօրէն առնչուած ըլլալու այդ երազներուն հետ։
    Ան նշած է, որ երազներուն վրայ հոտերուն ունեցած անուղղակի ազդեցութիւնը կրնայ որոշ գաղափար մը տալ նաեւ երազներու կազմութեան գործընթացներուն մասին։
    Մասնագէտ Նայլսոն աւելցուցած է նաեւ, որ նախապէս մասնագէտներ յայտնած են հոտառութեան ու յիշողութեան միջեւ եղած կապին մասին։ Իսկ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ուղեղին հոտառութեան եւ քունին վրայ հսկող կեդրոններուն միջեւ եւս որոշ կապ մը գոյութիւն ունի։
    Բժշկագիտական էջը պատրաստեց՝
    Ս. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
    (Օգտագործուած աղբիւրներ՝
    «ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»,
    «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ», «ՀԵԼԹ ՏԷՅ» եւ
    «ՍԱՅԸՆՍ ՏԷՅԼԻ»)
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15115
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Առողջագետ (30.10.2008)

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Տեքստ. Հռովմէական ազդեցութիւնը Հայերէնի վրայ
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Գիտություն
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 12.02.2009, 00:20

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •