Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 8 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 8 հատից

Թեմա: ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

    ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ
    Այստեղ տեղադրեմ, տարբեր սփիւռքահայերի տպաւորումները Հայաստանից
    ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ
    ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՄԻԱՅՆ ԵՐԵՒԱՆ ՉԷ

    Բազմաթիւ ընթերցողներ յաճախ ինծի կը գրեն, որ Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, եւ ես, աւելի անաչառ եւ արդար ըլլալու համար, պէտք է նաեւ գրեմ հեռաւոր ու մանաւանդ սահմանամերձ գիւղերուն մասին, որոնց վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէ, չըսելու համար՝ ողբերգական: Այս շաբաթ որոշեցի գրել այդ գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող ընտանիքի մը մասին՝ ոչ միայն բաւարարելու համար ընթերցողներուն պահանջը, այլեւ՝ ցոյց տալու, թէ որքան ճիշդ է, իրենց իսկ բառերով «Հայաստանը միայն Երեւանը չէ» նկատողութիւնը:
    Քանի մը օր առաջ կրթական եւ առողջապահական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու մասին մեր շատոնց սկսած ուսումնասիրութիւնը շարունակելու մտադրութեամբ, երեք գործընկերներով այցելեցինք Երեւանէն ընդամէնը 100 քիլոմեթր անդին գտնուող Բագարան գիւղը, որ Արմաւիր մարզի սահմանամերձ գիւղերէն է՝ աւելի քան 150 տուներով եւ 540 բնակիչներով: Եթէ առիթը ունենաք Երեւանէն ինքնաշարժ մը առնել եւ 70-80 վայրկեան քշելով այս գիւղը այցելել, պիտի անդրադառնաք, որ իրօք մայրաքաղաքէն եւ մարզկեդրոններէն քիչ մը հեռու գտնուող գիւղերը ոչ միայն չեն վայելեր վերջին տասնամեակի տնտեսական վերելքի բարիքները, այլ ընդհակառակը, բոլորն ալ կարծէք շարունակական անկումի մէջ են եւ ընդամէնը քանի մը տարիէն պիտի վերածուին «կոսթ թաուն»ներու:
    Գործընկերներուս հետ այցելեցինք Մարինէին բնակարանը, որ բնակարանէ զատ ամէն ինչի կը նմանէր: Փոքր այգիի մը մէջտեղը կառուցուած սենեակ մը, մերկ ու ցուրտ պատերով, իսկ տնակէն քանի մը մեթր անդին՝ փոքրիկ լուացարան մը, որ Մարինէն կ՚օգտագործէ ամաններ լուալու, լուացք ընելու, լոգնալու եւ այլ կարիքներ բաւարարելու համար: Ան ունի 4 տարեկան երեխայ մը՝ Արմէնը, որ իր կեանքի 4 տարիներուն ընթացքին միայն մէկ անգամ բժիշկի այցելած է: Արմէնը կամ Արմէնչիկը (այդպէս կը կանչեն զայն գիւղին մէջ) Մարինէին երրորդ զաւակն է, բայց ան մնացած է առանց քոյրիկի եւ եղբայրի, քանի որ անոնք, իր ծնելէն դեռ շատ առաջ, մահացած են տարբեր հիւանդութիւններու պատճառով: Արմէնը քիչ մը աւելի բախտաւոր կը թուի ըլլալ, քանի որ ան արդէն 4 տարեկան է եւ եթէ, մօրը խօսքերով, վատ բան չպատահի, եկող տարի արդէն պիտի սկսի յաճախել գիւղին վարժարանը: Արմէնչիկին հայրը մահացած է երեք տարի առաջ, երբ մանուկը դեռ մէկ տարեկան էր: Մայրը` Մարինէն, այգիի միրգն ու կանաչեղէնը վաճառելով եւ տարին քանի մը ամիս այլոց պարտէզներուն մէջ աշխատելով՝ հազիւ ի վիճակի է կտոր մը չոր հացի գումար վաստակիլ: Բարեբախտաբար Ռուսիա արտագնայ աշխատանքի մեկնած իր եղբայրը տարին մէկ կամ երկու անգամ քանի մը հարիւր տոլար կ՚ուղարկէ եւ կը թեթեւցնէ իր բեռը: Մարինէն բազմիցս դիմած է մարզպետարան եւ տարբեր նախարարութիւններ՝ պետական նպաստ ստանալու խնդրանքով: Ցարդ իր դիմումները մնացած են անպատասխան, թէեւ գիտէ, լսած է, որ աղքատներուն համար մեծ գումարներ եկած են դուրսէն եւ իր նմաններուն համար օգնութեան պետական ծրագիրներ գոյութիւն ունին: Իր միակ յոյսը եղբայրն է: Եթէ ան ուզէ, կրնայ իրեն եւ Արմէնչիկին Ռուսիա տանիլ: Արդէն մեծ թիւով գիւղացիներ մեկնած են ռուսական տարբեր քաղաքներ եւ բոլորն ալ հիմա աւելի լաւ են, քան էին Հայաստանի մէջ: Բայց լսած է, որ հիմա Ռուսիոյ մէջ ալ գործերը լաւ չեն, եւ արտագնայ աշխատանքի մեկնած բազմաթիւ հայեր յանկարծ կրնան գործէ արձակուիլ: Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ իր եղբայրն ալ անգործ դառնայ, ինք արդէն կորսնցուցած կ՚ըլլայ իր վերջին յոյսը: Միայն թէ եղբայրը գործէ չարձակուի: Ի վերջոյ, եղբօրը ուղարկած գումարներով էր, որ վերջերս գացած էր Երեւան՝ Արմէնչիկին բժիշկի տանելու համար: Նոյն գումարներով էր, որ ան կրցած էր գնել բժիշկին ճշդած դեղերը եւ քիչ մը աւելի սննդարար ուտելիք…
    Սա է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերէն` Բագարանի բնակիչ Մարինէի եւ իր ընտանիքին պատմութիւնը: Եւ դժբախտաբար, Երեւանի կեդրոնէն քիչ մը անդին, բայց մանաւանդ` հեռաւոր գիւղերուն մէջ, այսօրինակ պատմութիւններու պակաս չկայ:
    Այո՛, համաձայն եմ ընթերցողներու դիտողութեան, Հայաստանը միայն Երեւանը չէ:
    Գրեցէ՛ք ինծի:
    ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
    rafdoud@aol.com

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15242
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

    ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁԸ
    Այս շաբաթ որոշած էի գրել Հայաստան հաստատուած եւ վերջերս քաղաքացի դարձած լիբանանահայ ընկերներէս մէկուն հայրենական փորձառութիւններուն մասին, որպէսզի կատարած ըլլամ այս սիւնակով հայրենիք տեղափոխուած սփիւռքահայերու կեանքին եւ փորձառութիւններուն անդրադառնալու խոստումս։ Քանի մը օր առաջ, սակայն, Լոռիի մարզի Թումանեան գիւղ կատարած այցելութիւնս պատճառ դարձաւ, որ յետաձգեմ վերոնշեալ նիւթին մասին գրելու որոշումս։ Խոստմնադրուժ ըլլալուս համար լիբանանահայ ընկերոջմէս եւ ընթերցողներէն ներողութիւն կը խնդրեմ:
    Քանի մը օր առաջ գործընկերներուս հետ այցելեցինք Լոռիի շրջան։ Վերադարձին կանգ առինք անտառներու մէջ ծուարած Թումանեան գիւղը, ուր պիտի հանդիպէի քոյր Աննային՝ Լոս Անջելեսէն ուղարկուած ծրար մը յանձնելու նպատակով։ Քոյր Աննային ծանօթ էի իմ ծննդավայր Այնճար հայաւանէն։ Իմ յաճախած Աւետարանական վարժարանի գիշերօթիկի պատասխանատուներէն էր։ Երբ Լոս Անջելեսի ընկերներէս Վարդանը շաբաթ մը առաջ հեռաձայնեց եւ խնդրեց իր ուղարկած ծրարը հասցնել սիսթըր Աննային, «սիսթըր Աննան Հայաստա՞ն է», հարց տուի զարմացած։
    Քոյր Աննան գերմանացի մայրապետ մըն է, որուն կեանքը անքակտելի կապով մը հանգուցուած է հայութեան ու Հայաստանի հետ։ 1959-ին Հիլփըսբունդ միսիոնարութեան հրաւէրով 29 տարեկան քոյր Աննան կը թողու իր ծննդավայր Գերմանիան եւ կը տեղափոխուի Լիբանանի Այնճար հայաւանը՝ ծառայելու համար տեղւոյն վարժարանի գիշերօթիկին։ 22 տարի անդադար քոյր Աննան իր կեանքը կը նուիրէ Լիբանանի եւ այլ երկիրներէ Այնճարի գիշերօթիկ ուղարկուած, առ հասարակ կարիքաւոր ընտանիքներէ եկող հարիւրաւոր հայ երեխաներուն։ Կը լուայ, կը կերակրէ, կը հոգայ, կը խնամէ՝ մայրական գուրգուրանքով ու սիրով, ժպիտով ու խանդաղատանքով։ Կը դառնայ բոլորին քոյրը, յարգուած ու սիրուած բոլորէն անխտիր, գիշերօթիկի մէջ եւ գիշերօթիկէն դուրս։ 1981-ին սիսթըր Աննան հիւանդութեան պատճառով ստիպուած կը վերադառնայ Գերմանիա, ուր կ՚ենթարկուի վիրահատութեան։ Քանի մը ամիս չանցած, հազիւ ոտքի կանգնած, դարձեալ կու գայ Լիբանան եւ երեք տարի նոյն նուիրումով կը ծառայէ Բէրութի եւ Հալէպի հայկական ծերանոցներուն մէջ՝ խնամելով հայ մամիկներն ու պապիկները։ 1984-ին կը կանչուի Գերմանիա, ուր կը մնայ 12 տարի՝ ստանձնելով անգելանոցի բժշկական բաժնի պատասխանատուութիւնը։ 2006-ին հանգստեան կը կոչուի եւ իրեն կ՚առաջարկուի հանգիստ կեանք՝ իր ծննդավայր Գերմանիոյ մէջ։

    Հայաստանի մէջ քոյր Աննային հետ հանդիպումը հաճելի անակնկալ մըն էր ինծի համար։ Ողջագուրուելէ եւ ընկերոջս ուղարկած ծրարը յանձնելէ ետք, «Հայաստան ի՞նչ գործ ունիք», հարց տուի կատակով։ Պատմեց, որ հանգստեան կոչուելէ տարի մը ետք դարձեալ ուզած է վերադառնալ իր սիրած ժողովուրդին, բայց այս անգամ ոչ թէ Սփիւռքի, այլ Հայաստանի մէջ։ Երեք տարի աշխատած է Երեւանի եւ Արցախի ծերանոցներուն մէջ՝ օգնելով հիւանդին ու անկարին, մինակ մնացած ու անտեսուած ծերունիներուն։ Յետոյ մեկնած է Տաւուշ մարզի Բերդ քաղաքը, ուր հիմնած է աղքատներուն անվճար սնունդ տրամադրող խոհանոց մը՝ ամէն օր ճաշ տրամադրելով աւելի քան 100 մարդու։ Վեց տարի ետք նոյն աշխատանքով տեղափոխուած է Թումանեան, ուր կը մնայ մինչեւ այսօր եւ ամէն օր սնունդ կը տրամադրէ 75 քաղաքացիներու, մեծաւ մասամբ՝ հանգստեան կոչուած կարիքաւոր ծերունիներու։
    «Բայց ինչո՞ւ հանգստեան կոչուելէն ետք Հայաստան գալ» հարցուցի ես, մինչ հայաստանցի գործընկերներս հիացմունքով կը լսէին քոյր Աննային մաս-մաքուր արեւմտահայերէնը։
    «Աստուած զիս հայերուն մէջ ուղարկեց։ Ես ուրիշ երթալիք տեղ չունիմ», պատասխանեց քոյր Աննան։
    «Դուք իսկական հայրենադարձ էք։ Աւելի՛ հայրենասէր, քան՝ բոլոր նրանք ովքեր խօսում են, բայց խօսելուց էն կողմ ոչ մի բան չեն անում», ըսաւ քոյր Աննայով հմայուած գործընկերս՝ Արայիկը։ Քոյր Աննան բարի ժպիտով մը ներողութիւն խնդրեց եւ վերադարձաւ իր աշխատանքին։ Վերադարձին ընկերներս հետաքրքրուեցան քոյր Աննայի կեանքին մասին: Պատմեցի այն, ինչ որ գիտէի եւ միաժամանակ անդրադարձայ, թէ որքա՜ն ճիշդ էր Արայիկը:
    ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=16532
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք «ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԸ Ո՞ՒՄ ԹՈՂՆԵՆՔ...»

    Մոսկուայի միջազգային օդակայանը նախկին խորհրդային երկիրներու ամէնէն բանուկ եւ զբաղ օդակայանն է եւ, պէտք է խոստովանիլ, այդքան ալ հաճելի վայր մը չէ: Հանգստաւէտ պայմաններու բացակայութենէն զատ, շատ նեղացուցիչ են ապահովական եւ անվտանգութեան միջոցառումները: Բազմաթիւ ստուգումներէ եւ վերստուգումներէ ետք, օդանաւ չբարձրացած, անգամ մը եւս ճամբորդողներուն կը պարտադրուի հանել կօշիկ ու վերարկու, գօտի եւ դրամապանակ եւ խոշոր կամ լայն գրպաններ ունեցող որեւէ հագուստ: Օդակայաններու յատուկ այս «ստրիպտիզ»ը տեղի կ՚ունենայ կոշտ ու կոպիտ, ստալինեան բռնակալութիւնը յիշեցնող պաշտօնեաներու խիստ, գրեթէ թշնամական հայեացքներուն տակ:
    Քանի մը օր առաջ, «Շերեմետյեվո» միջազգային օդակայանի անվտանգութեան քաւարանը յաջողութեամբ անցնելէ ետք տեղաւորուեցայ Երեւան մեկնող օդանաւին մէջ ու խորունկ, երկա՜ր շունչ մը քաշեցի: Վայրկեան մը չանցած՝ քանի մը մեծ, ծանր տոպրակներ շալկած երիտասարդ մը, մեծ դժուարութեամբ իրերը նստարաններու վերեւը գտնուող պահարաններուն մէջ տեղաւորելէ ետք, բարեւեց ու կողքս նստաւ: Կարճ ժամանակ մը ետք ես ու երիտասարդը, որուն անունը Վաղօ էր, արդէն բարեկամներ դարձած, խօսեցանք աջէն ու ձախէն, մեզի հետաքրքրող բազմաթիւ նիւթերու մասին: Ես, սակայն, կուզէի գիտնալ, թէ 24 տարեկան Վաղոն, որ ծնած ու մեծցած էր Հայաստանի Գեղարքունիք մարզի Լուսակունք գիւղը, ի՞նչ գործ ունէր Մոսկուա եւ ինչո՞ւ այսպէս ուրախ, ձեռքերը տոպրակներով լեցուն տուն կը վերադառնար: Վաղոն պատմեց, որ 3 եղբարներ են, երեքն ալ 4 տարի առաջ գիւղին մէջ անգործ թափառելու փոխարէն, քանի մը ամսուան համար գացած են Մոսկուա՝ ճանապարհաշինական ընկերութեան մը մէջ աշխատելու: Հայաստանցի վարպետը գոհ մնացած է իրենց աշխատանքէն եւ չորս տարի շարունակ նորոգած է պայմանագիրները: Հայրն ու մայրը հանգստեան կոչուած ուսուցիչներ են, բայց ստացած թոշակներով նոյնիսկ սնունդի ծախսը չեն կրնար հոգալ: Երեք եղբայրներն ալ կ՚օգնեն իրենց ծնողներուն, մեծ հայրիկին ու մայրիկին: Ինք տան կրտսերն է եւ միակը, որ դեռ ամուսնացած չէ: Մեծ եղբայրը ամուսնացած է ռուսի մը հետ, միջնեկը, որ իրմէ երկու տարեկան մեծ է, տարի մը առաջ Հայաստանէն հարս տարած է Մոսկուա: Հիմա ինքն ալ, հօրը պնդումով, գիւղ կը վերադառնայ ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու: Տարի մը առաջ առիթ ունեցած էր ծանօթանալու հարսնցուին ու թէեւ իրարու հետ ընդհանրապէս ժամանակ չեն անցուցած, սակայն ինք վստահ է, հայրն ալ հաւաստիացուցած է, որ լաւ ընտրութիւն կատարած է:
    «Անպայման կը գաս հարսանիքիս: Սպասում եմ», պնդեց Վաղո եւ մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ բացատրել գիւղի ճամբան ու տան հասցէն: «Կը փորձեմ» պատասխանեցի ու հարցուցի, թէ ամուսնութենէն ետք ո՞ւր պիտի ապրին: «Ի հարկէ Մոսկուա: Մոսկուան չեմ սիրում, հարազատ չի, բայց գործս ընտեղ ա, էլի՛», պատասխանեց: Մտածեցի երեք երիտասարդ զաւակներ Մոսկուա ճանապարհած ծնողներուն մասին: «Իսկ հայրդ ու մայրդ Հայաստա՞ն պիտի մնան, թէ պիտի միանան ձեզի», հարցուցի: Վաղօ պահ մը լուռ մնաց: «Չէ՛, ախպէ՛ր ջան, չէ էլի: Ես յետ կը գամ: մեծ եղբայրս կարող ա չգայ, բայց ես յետ կը գամ: Իմ պապու պապը, նրա պապու պապը թաղուել են մեր գիւղի գերեզմանոցում, իմ հայրը ասում ա՝ ռուսի հող չի մտնի: Բա էդ գերեզմանները ո՞ւմ թողնենք», շատ լուրջ պատասխանեց Վաղո:
    Օդակայանէն դուրս գալու պահուն Վաղո դարձեալ պնդեց, որ ներկայ ըլլամ հարսանիքին ու ծանր տոպրակներն ու նուէրներով լեցուն ճամպրուկները քաշկռտելով անհետացաւ մարդկային բազմութեան մէջ: Քանի մը օրէն Վաղո պիտի ամուսնանայ: Ամբողջ գիւղով խնճոյք պիտի ընեն ու նորապսակներուն կենացը պիտի խմեն՝ ամենայն լաւն ու բարին մաղթելով անոնց: Ափսո՜ս, որ ներկայ պիտի չկրնամ ըլլալ ու կը ցաւիմ, որ մոռցայ կանխաւ շնորհաւորելու անոնց ամուսնութիւնը: Վաղոն շուտով հարսին հետ պիտի մեկնի Մոսկուա, հսկայ, բայց խորթ այդ քաղաքին մէջ կազմելու իր բոյնը: Պիտի վերադառնա՞յ արդեօք Լուսակունք, թէ՞ պիտի պիտի կտրուի իր հայրենի հողէն ու ջուրէն, իր պապիկին ու պապիկի պապերուն շիրիմներէն:
    ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=18560
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԳԻՒՂ ՈՒՇԻ

    ԳԻՒՂ ՈՒՇԻ

    . Մարտի երեքն է, չորեքշաբթի։ Առաւօտեան ժամը մէկին կը հասնինք Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան։ Առաջին անգամ ըլլալով, Երեւան չէ որ պիտի մեկնինք, այլ՝ ուղղակի Ուշի գիւղ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով հոն մեզի կը սպասէ արդէն կահաւորուած մեր նորակառոյց տունը։ Քիչ մը կը տխրինք, որ Երեւանի մեր յարկաբաժինը այլեւս կորսնցուցած է իր երբեմնի հրապոյրը, եօթը տարիներ մեր երազներու իրականացման կեդրոնն ու մեզ հայենիքին կապող մագնիսը ըլլալէ ետք. սակայն Ուշիի ձգողութիւնը այնքան աւելի հզօր է, որ զանց կ՚առնենք Երեւան հանգրուանելու մեր սովորութիւնը։
    Գիւղի մեր հարեւանները՝ Սարոն եւ Վալտերը, եկած են մեզ դիմաւորելու։ Կը բեռցնենք ճամպրուկները եւ անմիջապէս կ՚ելլենք ճամբայ։ Երեսունհինգ րոպէներ ետք արդէն մեր տունն ենք։ Թեթեւ ձիւն մը նստած է հողին վրայ՝ մեզի ծանօթ շրջակայքին տալով նոր տեսք։ Կ՚որոշենք անպայման առաւօտեան նկարել զայն, լաւ գիտնալով որ գարունը շատ շուտով պիտի հասնի։ Մութին մէջ արդէն նկատելի է, որ ծաղկանոցները խնամքով մաքրուած են։ Փետրուարը շատ լաւ եղանակ ըլլալուն՝ գիւղացիները իրենց այգիները, բանջարանոցները եւ ծաղկանոցները մաքրած են արդէն։ Մեր գիւղի երեխաները, հարեւան Սուսանի գլխաւորութեամբ, որոշած են մեր բակն ալ մաքրել։ Տուն կը մտնենք։ Սարոն արդէն ջեռուցած է զայն։ Հպարտութեամբ կ՚աւելցնէ, որ անցեալ աշնան ունեցած բոլոր «գանգատ»ներս սրբագրուած են։ Խոհանոցի տաք ջուրը աւելի ուժեղ կը հոսի, պատուհանները լաւ մը ամրացուած են եւ այլն… Սառնարանին մէջ են արդէն գիւղական հաւկիթը, կաթն ու մածունը։ Սեղանին վրայ է գիւղի հիւթեղ խնձորը։ Խոհանոցին անկիւնն է խոշոր պարկ մը «կարտոֆիլ»: Կարելի չէ գործածել գետնախնձոր հայկական բառը զայն փոխարինելու համար, որովհետեւ ան կը գործածուի այլ արմատ մը նկարագրելու համար։
    Ձմեռը շատ մեղմ եղած է այս տարի եւ բնակարանը ոչ մէկ կերպով չէ տուժած, կը բացատրուի մեզի։ Տանիքի ձիւնը մաքրելու հարկ չէ եղած։ Կը նստինք խոհանոցի սեղանին շուրջ եւ մեր չորս ամսուան բացակայութեան լուրերը կը փոխանակենք։ Սարոն առաւօտեան Աշտարակ աշխատանքի պէտք է ըլլայ, բայց տակաւին կը շարունակենք շաղակրատել։ Առաւօտեան ժամը չորսին կը մտնենք մեր բուրդէ վերմակներուն տակ եւ անմիջապէս կը քնանանք։ «Չեմ հաւատար, որ արդէն հոս ենք», կ՚ըսէ Մարգար քանի մը անգամ, քնանալէ առաջ։
    Կ՚արթնանք, որ կէսօր է արդէն։ Անմիջապէս կ՚երթանք պատշգամ՝ Արարատին աչք մը նետելու, բայց ուշ է արդէն։ Ամպերը ծածկած են զայն։ Ուշ է նաեւ նկարելու ձիւնածածկ հողը։ Պայծառ արեւը արդէն հալեցուցած է զայն։
    Քանի մը ժամուան քունն ու տաք ցնցուղը շուտով կը փարատեն երկար ճամբորդութեան հետեւանք եղող յոգնութիւնը։ Պատրաստ ենք հանդիպելու մեր համագիւղացիներուն, որովհետեւ գիտենք, թէ անմիջապէս որ նշմարեն, որ արթուն ենք, շուտով պիտի գան:
    Սուրճի մեր գաւաթները տակաւին ամբողջովին չխմած՝ ներս կը վազէ Արտակը, մեր հարեւանի ինը տարեկան տղան, որ մեր «որդեգրած» վեց երեխաներէն ամէնէն փոքրն է։ Դպրոցէն կանուխ արձակուած է իր դասարանէն եւ շիտակ մեզի եկած է։ Կը փաթթուի մեր վիզը եւ կ՚ըսէ, թէ որքա՜ն կարօտցած է մեզ։ Մէկ անգամ միայն, գիշերը լացի, կ՚ըսէ, որովհետեւ «շատ էի կարօտել ձեզ»։ Քանի մը րոպէ ետք կը հասնի տասներեքամեայ Ժասմինը, որուն բորբոքած ակռան քաշած են քանի մը օր առաջ, եւ այդ պատճառով դպրոց չէ գացած։ Կը պատմեն, թէ ինչպէս մաքրած են ծաղկանոցը, ամբողջացուցած՝ այգիին մէջ Մարգարին անցեալ աշնան սկսած ածուները։
    Շատ չանցած՝ ներս կը մտնեն հարեւան Սուսանը եւ Կորիւնը՝ տունը պատրաստուած կճուճի պանիր, բարակ հաց, հաւկիթ ու խնձոր շալկած։ «Ձեր ոտքը խերով է, երէկ գիշեր մեր Սեւուկ կովը ծննդաբերեց», կ՚ըսեն։ Սուսան կը բացատրէ, թէ որքա՛ն մտահոգ էր այս ծննդաբերութեամբ, նկատելով, որ այս Սեւուկին առաջին ծննդաբերութիւնն էր, որ միշտ ամէնէն դժուարը կ՚ըլլայ, բայց ուշ գիշերին գոմ մտած էր եւ՝ տեսած, թէ արդէն հորթուկը պառկած էր իր մօր մօտ: Ապա ան մանրամասնօրէն կը բացատրէ այն բոլոր քայլերը, որոնք մաս կը կազմեն այս գործընթացին, լաւ գիտնալով, որ մենք՝ «քաղաքացի»ներս բոլորովին անտեղեակ ենք գիւղի կեանքի անբաժան այս իրադարձութեանց:
    Շուտով կը հասնին մեր միւս «երեխաները», որովհետեւ արդէն արձակուած է դպրոցը։ Արփինէն, Վերգուշը, Դիանան եւ Արմանը կու գան մեզի բարի եկար մաղթելու։ Յուզիչ է դարձեալ տեսնել զանոնք։ Անցեալ նոյեմբերին, երբ դեռ նոր վերադարձած էինք Տորոնտո, անոնք մեր տարեդարձի օրերուն հեռաձայնով երգեցին ու արտասանեցին՝ շարունակելով ամառնային հանդէսներու շարքը, զորս Մարգարը կը կազմակերպէր տօնական առիթներով։ Շուտով կը բոլորուին ելեկտրոնային ալբոմին շուրջ, որ նոր բերած ենք Տորոնտոյէն, որուն մէջ զետեղած եմ թէ՛ Ուշիի եւ թէ՛ Տորոնտոյի զանազան առիթներու լուսանկարները։ Այսօր զանց առած ենք այն երկաթեայ օրէնքը, որ հաստատած էինք անցեալ տարի, ըստ որուն՝ կարելի չէր մեզի այցելութեան գալ առանց յաջորդ օրուան դասերու պատրաստութիւնը ամբողջացնելու։
    Ժամը չորսին տուն կը ղրկենք զանոնք՝ դասերը սորվելու եւ ժամը եօթին վերադառնալու պայմանով, ինքնաշարժով մօտակայ մթերքի խանութը այցելելու։ Երեկոյեան այս փոքրիկ պտոյտները անցեալ ամառ հաստատուած սովորութիւն մըն են, որ կը խանդավառէ զիրենք։
    Անոնք չեն մոռնար աւետելու, որ արդէն դաշտերը «լիքը» ձնծաղիկներ կան եւ հարց կու տան, որ ձնծաղիկ կը սիրե՞մ։ Այս զարմանալի հրաշք ծաղիկներուն ծանօթացած եմ կանուխէն, երբ Երեւանի փողոցներուն վրայ փոքրիկ փունջերով մարտին կը վաճառուին, մանուշակներու կողքին։ Անոնք իրենց գլուխները դուրս կը հանեն ամբողջական ձիւնհալէն առաջ, իւրայատուկ հոտ եւ տեսք ունին եւ իրենց խոնարհութեամբ աւելի յատկանշական են որպէս գարնանամուտի խորհրդանիշ, քան, օրինակ, հոլանդական կակաչները։ Կը վստահեցնեմ իրենց, որ շատ գեղեցիկ կը գտնեմ այս վայրի եւ արի ծաղիկները։ Կը բաժնուինք։
    Արարատը որոշած է պատուել մեզ եւ չպատժել առաւօտուն կանուխ չարթննալնուս համար։ Ան կը լեցնէ մեր տան հարաւային հորիզոնը ամբողջութեամբ։ Դժուար է կրկին եւ կրկին չհմայուիլ անոր տեսքով։
    Հապճեպ պատառ մը ուտելէ ետք, վերջապէս առիթը ունիմ պարպելու ճամպրուկները եւ դասաւորելու երեխաներուն նուէրները, որոնք գործնականի եւ հաճելիի խառնուրդ մը ջանացած եմ ընել, պիտանիին կողքին աւելցնելով ուրախացնողը։ Հազիւ ժամ մը չանցած՝ կը սկսին այցելել միւս հարեւանները։ Սրճեփը անդադար կը բանի եւ երբեմն ալ անոր կ՚ընկերակցի քոնեաքի շիշը։
    Եօթին երեխաները դեռ չեն եկած, որ շատ կը զարմացնէ զիս։ Տասնհինգ րոպէ ետք պարզ կը դառնայ պատճառը, երբ նուէր կը ստանամ վեց փունջ ձնծաղիկ։ Անոնք գիւղին շրջակայքի դաշտերը գացած են՝ այս գարնանային ծաղիկը իմ սեղանիս հասցնելու։ Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց։ Երեք հատ ալ արմատով բերած են, որ գալ տարի մեր պարտէզն ալ ձնծաղիկներ ունենայ։ Ժասմինը շուտով կը տնկէ զանոնք ցանկապատին մօտիկ։
    Երեկոյեան պտոյտէն վերադարձին անոնք կը ստանան իրենց նուէրները, եւ մենք կը ստանանք համբոյրներն ու մեծ ժպիտները՝ մոռցնելով Տորոնտոյի ցուրտ ձմրան շուկաները անցուցած տաղտկալի ժամերս եւ օդակայանի պաշտօնեաներուն տուած դժուարութիւնները՝ մեր ճամպրուկներու ծանրութեան նկատմամբ…
    Երեկոյեան այցելութեան կու գան ծնողները, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի մեր բարեկամներէն Օննիկը։ Տասնմէկին, առանց վերջին սուրճի գաւաթները լուալու կը մտնենք անկողին։
    Առաջին օրը կ՚անցնի առանց անակնկալներու, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՚երեւակայէինք Տորոնտոյի ցուրտ ձմրան ընթացքին։

    Հինգշաբթի, 5 մարտ, 2009
    Այսօր նոր բառ մը աւելցաւ մեր հայկական բառապաշարին վրայ, երբ Վալտեր ներս մտաւ դռնէն եւ ձեռքի փոքր կաթսան երկարելով՝ «ձեզի դալ եմ բերել», ըսաւ։ Դէմքիս արտայայտութենէն դատելով՝ անմիջապէս կռահեց, որ բան չհասկցայ։ «Հայերէ՞ն է», հարցուցի անմիջապէս։ «Մաքուր հայկական բառ է» ըսաւ ան, բացատրելով, որ նոր ծննդաբերած կովու կաթն է, որ կարելի չէ որպէս կաթ օգտագործել, որովհետեւ եռացնելու պարագային անմիջապէս կը կտրուի։ Կը դիմեմ բառարանիս։ «Զաւակը ծնելէն ետք մօր առաջին կաթը», կը կարդամ։ Վալտեր հպարտութեամբ կը շարունակէ բացատրել, որ այս թանձր, գրեթէ պանիրի նմանուող եւ «ծաղկած» բաղադրութիւնը, ոմանք շատ կը սիրեն։ «Գժւում են սրա համար», կ՚աւելցնէ ան։ «Ծաղկած» նկարագրութիւնը եփելու ընթացքին կաթին ծաղիկի նման ծալք ծալք եւ ծակոտկէն տեսքին կը վերաբերի։ Կը համտեսենք։ Համը իւրայատուկ է։
    Քիչ ետք Կորիւն ներս կը մտնէ՝ ձեռքին հազիւ երեք սանտիմետր տրամագիծով կլոր հաւկիթ մը բռնած։ «Ճնճղուկի՞ է», կը հարցնեմ։ «Ո՜չ, աշնան ծնած վառեակի ձու է, երբեմն այսպէս լինում է», կ՚ըսէ ան։ Մարգարը կը սկսի ծրագրել, որ ինչպէս պիտի կարենայ քանի մը ամիս պահել զայն հետը Տորոնտօ տանելու եւ զարմացնելու: Հիմա՞ խաշել, թէ երթալէ անմիջապէս առաջ: Գիւղին մէջ այսպիսի շատ կարեւոր որոշումներ առնելու հարկադրանքին տակ ենք անդադար:
    Ներս կը մտնեն Գեղեցիկն ու իր հարսը՝ Գոհարը։ Կաթսան, որ բերած են, «պասուց դոլմա» կը պարունակէ։ Աշնան թթու դրուած կաղամբի տերեւով պատրաստուած այս «դոլմա»ն լեցուած է լուբիայով, բրինձով եւ սիսեռով եւ պահքի յատուկ ճաշ է։ Հարեւաններս միշտ բաժին կը հանեն մեզի համար, երբ յատուկ ճաշատեսակ մը պատրաստեն։
    Նկատելով, որ բանջարեղէնները այս եղանակին հազուագիւտ են շուկան եւ կամ ալ՝ շատ սուղ, գիւղացիները ամրան ու մանաւանդ աշնան պահածոյի երեք լիտր մեծութեամբ շիշերու մէջ «փակած» են այդ եղանակներու առատ բերքը։ Մտահոգուած, որ ես նման պատրաստութեամբ չէի զբաղած անցեալ տարի, Սուսան կը յայտնուի իր փակած պէսպիսի պահածոներով։
    Լուբիա, կամ ինչ որ հոս սովոր են անուանել՝ «լոբի», լոլիկ, սմբուկ, ծիրանի հիւթ եւայլն կը պարենաւորեն խոհանոցի դարաններս։ Հիմա երկար ցանկ մը ունիմ այն բաներուն, զորս պէտք չէ գնեմ, որովհետեւ հարեւաններս այդ բաները ունին ամբարած, ու ես վիրաւորած կ՚ըլլամ զիրենք, եթէ համարձակիմ շուկայէն գնել զանոնք։ «Կարտոֆիլ», այսինքն՝ գետնախնձոր, ձու, այսինքն՝ հաւկիթ, կաթ, պանիր, խնձոր եւ այլն կը պատկանին այս ցանկին։
    Հարեւան Սոնիկի կովը դժուար ծննդաբերութիւն մը ունեցաւ այսօր։ Նկատելի վազվզուք մը կար դէպի իրենց տունը։ Այս մեր թաղի չորրորդ հորթուկն է մէկ շաբաթուան ընթացքին։ Կը յուսամ, որ գիւղին փորձառու կիները կը յաջողին փրկել մայր կովը…
    Արմէնի՝ գիւղի վարորդին փոքրիկ աղջիկները՝ Ֆենիան եւ Մերին, որոնք անցեալ աշնան մաս կը կազմէին մեր բակի անգլերէնի դասընթացքներուն, եկած են բարի գալուստին ձնծաղիկի նոր փունջերով։ Իրենց հետ եկած են նաեւ հարեւան Արմինէի երկու փոքրիկ տղաքը։ Կարծեմ «մեր երեխաներու» թիւը անդադար աճ կ՚արձանագրէ:
    Գիւղէն դուրս կ՚ելլենք Աշտարակի շուկան երթալու։ Գիւղին բերանը դէմ յանդիման կը գտնուինք մինչեւ ստորոտը բոլորովին ձիւնածածկ Արայի լերան։ Ծանօթ լեռ՝ նոր տեսքով։ Շատ գեղեցիկ է իսկապէս։ Մարգարը վերադարձին տանիք կը բարձրանայ՝ այս տեսարանն ալ նկարելով յաւերժացնելու համար։
    Շուկան թարխուն, կոտեմ եւ լոլիկ կը գնենք։ Ջերմոցային արտադրութիւնը բաւական տարածուած է հոս։ Անշուշտ ամառնային գիներով չէ, որ կը վաճառուին։
    Օրուան ամէնէն հրատապ հարցը դրամի արժէզրկումն է՝ դոլարի դիմաց։ Մէկ օրուան մէջ, կառավարական որոշումով, մէկ տոլարի արժէքը 307-էն բարձրացած է 370 դրամի։ Անոնք, որոնք դոլարով վարկ վերցուցած են, բաւական մտահոգ են, մինչ դուրսէն օգնութիւն ստացողները՝ աւելի ուրախ։ Ներկրուած ապրանքներու սղաճ կը կանխատեսուի:
    Այս գիշեր կանուխ կը մտնեմ անկողին, բոլորովին սպառած։ Մարգարը ստիպուած՝ առանձին կ՚ընդունի երեկոյեան հիւրերն ու հեռաձայնները։

    Ուրբաթ, 6 մարտ, 2009
    Այսօր Կաղանդ պապայի օրն է, այսինքն՝ մեզի հետ ղրկուած ծրարները իրենց տէրերուն յանձնելու օրը։ Մէկ օր առաջ հեռաձայնած ենք բոլորին եւ Երեւան կ՚իջնենք այս պարտականութիւնը ամբողջացնելու յոյսով։ Ճամբայ չելած՝ լուր կու տանք մեր հարեւաններուն, որ Երեւան կ՚երթանք եւ պիտի ջանանք շուտ վերադառնալ՝ մեր ջուրի խողովակներէն մէկուն հարցը լուծելու եւ մեր դատարկուած ջրամբարները լեցնելու համար։ Ճամբուն վրայ մէկ ծրարը կը հասցնենք, ապա կ՚երթանք մեր երեւանեան յարկաբաժինը՝ սպասելով այցելուներուն, որոնք ընդհանրապէս անծանօթներ են։
    Այսօր ծրարներէն մէկուն յաձնողը անծանօթ է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ ստացողին։ Բարեկամի մը բարեկամը, լսելով, որ Հայաստան կու գանք, իր մէկ ուրիշ բարեկամին համար մեզի յանձնած է իրեն ալ անծանօթին ղրկուելիք գումարը։ Քիչ մը կը խնդանք ցուցաբերուած վստահութեան վրայ եւ մեր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ, փոքր գնումներ ընելէ ետք, կը վերադառնանք Ուշի։
    Տակաւին երեք ծրար ունինք, որոնց տէրերուն հետ կապ չենք կրցած հաստատել։ Այս երեքն ալ կ՚որոշենք յետաձգել յաջորդ շաբթուան, Տորոնտոյի առաքողներուն հետ կապ հաստատելով հեռախօսի թիւերը կրկին ճշտելէ ետք։ Ճամբան ծրագիրներ կը մշակենք, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի յաջողինք լեցնել ջրամբարները։
    Տան դարպասին չհասած՝ կը նշմարենք, որ Կորիւն դուրս կ՚ելլէ կառատունէն, որուն ետին է կաթսայատունը, ձեռքին՝ ջուրի երկար խողովակը։ Հակառակ իր սահմանափակ տեսողութեան, ան իրենց տունէն խողովակ մը նետելով՝ լեցուցած է մեր երկու ջրամբարները։ Մեր ուրախութեան չափ չկայ։ 1500 լիտր ջուր ունինք հիմա եւ քանի մը օր ժամանակ՝ լուծելու խողովակի հարցը։ Տարիներ առաջ, Տորոնտոյի մէջ, կը յիշեմ 90-ական թուականներու մութ ու ցուրտ տարիներուն արդէն Տորոնտոյէն Հայաստան հաստատուած Նիկոլին մէկ արտայայտութիւնը։ «Երջանկութիւնը, զուգարանի կոճակը սեղմելէ ետք, ջուրի հոսքին ականատես ըլլալն է» ըսաւ ան, բացատրելու համար, որ այն բաները, որոնք շատ բնական են մեզի համար, կրնան երջանկութեան աղբիւր դառնալ աւելի պարզ եւ ժուժկալ պայմաններու պարագային։ Այսօր Կորիւնին այս անակնկալը իսկապէս կը յուզէ մեզ։
    Վաղը հարսանիքի հրաւիրուած ենք։ Գեղեցիկին թոռը կ՚ամուսնանայ։ Շատ հետաքրքրուած եմ, որ հայկական հարսանիքը ի՛նչ ձեւով պիտի կայանայ գիւղական սովորութիւններով։

    ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

    ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ՈՒ ՎԵՐՋ

    ,,,Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները աւարտեցան իշխող կուսակցութեան «փայլուն» յաղթանակով։ Պետական բոլոր կառոյցները, դաշնակից ունենալով Հայաստանի նորելուկ միլիոնատէրերու փոքրաթիւ, բայց ազդեցիկ խմբակն ու փողոցային «հեղինակութիւնները», ամիսներ շարունակ գերագոյն լարուածութեամբ աշխատելէ ետք, անգամ մը եւս կրցան իրենց կամքը պարտադրել եւ ստանալ պէտք եղած արդիւնքը։ Զարմանալի ոչինչ կայ այս բոլորին մէջ։ Անցնող 15 տարիներուն Հայաստանի բոլոր ընտրութիւնները խարդախ ու անարդար եղած են։ Տարբեր չէին կրնար ըլլալ նաեւ ա՛յս ընտրութիւնները։
    ,,,Այսօր, դժբախտաբար, պետական վարչամեքենայի, նորելուկ միլիոնատէրերու եւ փողոցային հեղինակութիւններու շահերը նոյնացած են իրարու հետ եւ ստեղծած են տնտեսական փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած անպաշտօն համակարգ մը, որ ի գին ամէն ինչի, նոյնիսկ ի գին ազգային գերագոյն շահերու, կ՚ուզէ պահել ու շարունակել իր գոյութիւնը։ Հայաստանի իշխանաւորներու եւ այսպէս կոչուած գործարարներու վերնախաւի շահերը անքա՜ն միաձուլուած են, որ կողմերէն ոեւէ մէկու դիրքին, պաշտօնին կամ գործունէութեան սպառնացող որեւէ վտանգ՝ սպառնալիք է նաեւ միւսին համար։ Ամէն տեսակ մենաշնորհներ վայելող գործարար միլիոնատէրերու ակումբին համար իշխանութիւններու փոփոխութիւն՝ կը նշանակէ բոլոր տեսակի առանձնաշնորհումներու կորուստ, իսկ իշխանութիւններուն համար միլիոնատէրերու այս խմբակին հասցուած որեւէ վնաս համազօր է նիւթական ու տնտեսական լծակներու փոշիացում, ուրեմն նաեւ՝ վերընտրուելու հնարաւորութեան նսեմացում։
    ,,,Անցեալին, համակարգէն դուրս գտնուող քաղաքական ուժերը, որոնք զրկուած եղած են ընտրազանգուածին վրայ ազդելու վարչական եւ նիւթական լծակներէն, լուսանցքայնացումէ խուսափելու համար կա՛մ համակերպած են գոյութիւն ունեցող իրավիճակին եւ որպէս վարձատրութիւն անոնց տրուած է սահմանափակ ներկայութիւն՝ իշխանութեան մէջ, կամ ալ (եւ յաճախ արտաքին կասկածելի կողմերու օժանդակութեամբ) փորձած են ժողովուրդի դժգոհ խաւը զօրաշարժի ենթարկելով՝ իշխանափոխութիւն իրականացնել։
    ,,,Քաղաքապետական ընտրութիւնները, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ ցարդ որդեգրուած մարտավարութիւններով կարելի չէ եղած խախտել գոյութիւն ունեցող համակարգին հիմերը։ Ընդհակառակը, համակարգը աւելի ամրացուցած է իր դիրքերը եւ գագաթնակէտի հասցուցած՝ ընտրամեքանայի հակաժողովրդավարական, բայց ազդու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։
    ,,,Յստակ է, որ առանց այս համակարգի չէզոքացումին՝ կարելի պիտի չըլլայ արդար եւ ազատ, ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարել Հայաստանի մէջ։
    Քաղաքական ուժերուն կը մնայ իրենց ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկել եւ հաշուի նստիլ անցեալի փորձառութիւններուն հետ, եթէ անշուշտ անոնք իսկապէս շահագրգռուած են իրերու դրութեան փոփոխութիւնով եւ ազգային շահերու գերակայութիւնը կը համատեղեն իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման հետ։

    ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

    ԶԻՄ ՊԱՏԿԵՐ ՆԿԱՐԵԼ

    Կեդրոնականցի Արմենակ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ կրկին այցելութեան գացած էր, յուլիսին: Էլպիս հեռաձայնեց եւ յայտնեց, որ Արմենակ, Ստեփանակերտի մէջ շնչարգելութիւն ունեցած է տօթին պատճառով: Բժիշկը յանձնարարած է տունը մնալ շաբաթ մը, քանի որ Փարիզ եւս օդը ե՛ւ տաք էր, ե՛ւ ապականած: Մակարուհիին հետ այցելութեան գացինք, ճամբան կանգ առինք քաղաքի Սեն Լուի կղզին, խոշոր տուփ մը պտուղներու հիւթով պատրաստուած պաղպաղակ գնեցինք հռչակաւոր «Պերթիյոն» խանութէն, «սորպէ», որ իբրեւ թէ չի գիրցներ...
    Ողջագուրուեցանք: Արմենակ անհանգիստ անձի երեւոյթ չունէր: Էլպիս սուրճ պատրաստեց: Ոչ քաղաքական պատճառով տնարգելութեան դատապարտուած Արմենակ լսող ականջ կը սպասէր:
    Օդի եւ ջուրի մասին խօսելէ ետք`
    - Մակա՛ր, սիրելիս, Սփիւռքի հայերս պատկերի խենթ ենք, աժան անմահութեան արագ ճամբան: Մեծ ու պզտիկ Երեւան կը հասնինք մեր ուսին, կուրծքին, կռնակին բեռցուած գործիքներով: Ազգովին նկարահանող դարձած ենք: Կը զարմանամ որ դեռ չմտածեցին նկարահանման ամառնային դասընթացք կազմակերպելու մասին:
    - Գէշ գաղափար չէ: Նոր տեսակի «տուրիզմ»ի առիթ կը ստեղծուի: Նախարարին չըսի՞ր: Թոշակառուներու համար նոր ասպարէզ կը գտնեն, ձանձրոյթի դէմ դարման:
    - Նոր ախտէ մը վարակուած են Սփիւռքի հայերը: Պանդոկին մէջ կը լսես, թէ հայերէն գիրք չկարդացողները լուսանկարուած կամ նկարահանուած են գրողի եւ բանաստեղծի հետ, ազգային կեանքին չմասնակցողներ՝ նախարարի եւ վարչապետի հետ: Հեռատեսիլն ալ անմասն չի մնար եւ այս ախտին կեր կը հայթայթէ, պատկերներ ցոյց կու տայ, եւ «տուրիստ»ները գոհունակ սրտով կրնան վերադառնալ եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն ցոյց տալ, թէ որքա՜ն կարեւոր անձնաւորութիւններ են:
    - Կը զարմանա՞ս: Ինչո՞ւ չես խօսիր անվեղար եւ վեղարաւոր եկող-գացողներու մասին, որոնք այս անգամ գրող, բանաստեղծ եւ մտահոգ ազգային չեն տեսներ, անոնց հետ չեն լուսանկարուիր, այլ՝ պարարտ քսակ ունեցողի: Այդպէս էր անցեալին եւ է այսօր:
    - Մակա՛ր, լսա՞ծ ես պատրիարքի մը պատմութիւնը: Ըստ մեր ազգային բարի սովորութեան, վէճ եւ կռիւ անպակաս եղած են նաեւ անցեալին: Դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ զբօսանքի վերածուած էր պատրիարք ընտրելու եւ հրաժարեցնելու խաղը: Կը պատմեն, որ թեկնածու եպիսկոպոս չէ մնացած եւ գաւառէն վարդապետ մը ընտրած են: Գաւառական քաղաքի երեւելիները, խմբովին, ինչպէս կարգն է, գացած են շնորհաւորելու նորընտիրը:
    - Ինչո՞ւ գաւառի վարդապետը պատրիարք պիտի չըլլայ:
    - Ինչո՞ւ ոչ: Այցելուներէն մին, բան մը ըսած ըլլալու համար, ինչպէս սովորութիւնն է երեւելիներուն, հարց տուած է, թէ՝ «Հա՛յր սուրբ, հիմա որ Պոլիս պիտի երթաք, պատրիարք պիտի ըլլաք, ի՞նչ պիտի ընէք»:
    - Լա՛ւ է, որ նման հարցում ուղղող եղած է, հիմա նման անձի չենք հանդիպիր:
    Արմենակ շունչ առաւ: Էլպիս պաղպաղակի բաժակները բերաւ, ինք շարունակեց.
    - Գիտես, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ դահլիճ մը կայ, որ կը կոչուի «Ծաղկեայ դահլիճ», ուր կը գտնուին բոլոր պատրիարքներուն իւղաներկ պատկերները, գործ` իտալացի նկարիչներու:
    - Ի՜նչ լաւ, սերունդները առանց յոգնութեան պատմութիւն կը սորվին:
    - Նորընտիրը, արդէն իմաստուն դարձած, իր նոր հանգամանքին բերումով, հանդիսաւոր կերպով պատասխանած է. «Երթամ զիմ պատկեր նկարել»... Այդպէս ալ, Սփիւռքէն ժամանող մեծ ու պզտիկ կարեւոր անձնաւորութիւններ կը փնտռեն եւ կը գտնեն կարեւոր եւ հանգամանաւոր անձերը ու կը լուսանկարուին, իսկ փառքի գագաթնակէտին կը հասնին, երբ հայաստանեան կամ սփիւռքեան թերթի մը մէջ բարեկամ մը ունենան, այդ լուսանկարը տպագրուի, նոյնիսկ առաջին էջով, մանաւանդ եթէ բաժանորդ եւ նուիրատու է կամ հանգամանք ունի:
    - Գէշ բան չէ: Վերադարձին փոխանակ միայն պատմելու, որ լաւ կերանք եւ խմեցինք, կրնայ պատմել, որ անմահութեան հասայ «զիմ պատկեր նկարելով»:
    - Բայց պատմութեան մէջ այդքան տեղ չկայ բոլոր «զիմ պատկեր»ներուն համար..., փոխանակ նկարուելու, եթէ հայելիին նայէին,- տրտմօրէն եզրակացուց Արմենակ:
    Էլպիս արդէն պոլսական աղանդերներ սկսած էր շարել սեղանին վրայ...

    ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա, 26 Յուլիս 2009
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. #7
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

    ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ

    Հիմա արդէն խո՜ր աշունը իր տիրական ներկայութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ, եւ մարդիկ կը պատրաստուին Ամանորին ու ձմրան։ Շուկաները սկսած են խճողուիլ հազար ու մէկ գնումներու ելած քաղաքացիներով։ Այս օրերուն հասարակ ժողովուրդը այդքան ալ քաղաքականութեամբ հետաքրքրուած չի թուիր ըլլալ։ Ամանորը ուր որ է, պիտի հասնի եւ բոլորին մտահոգութիւնը անհրաժեշտ գումարը գոյացնել է, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ Նոր տարին դիմաւորել ճոխ սեղաններով ու նուէրներով։
    Անցեալ շաբաթավերջին արտասահմանէն ժամանած խումբ մը ընկերներ ուզեցին քանի մը յուշանուէրներ գնել՝ Նոր տարուան առիթով արտերկրի իրենց ծանօթներուն նուիրելու համար։ Գացինք Երեւանի հանրածանօթ վերնիսաժ կոչուող բացօթեայ շուկան, ուր կարելի է գտնել գրեթէ ամէն ինչ։ Մանր-մունր գնումներ կատարելէ ետք, որոշեցինք ընթրել շուկայի ճիշդ կողքին գտնուող եւ վերջերս բացուած «Օրեգանօ» ճաշարանին մէջ, որուն տէրերէն մէկը քանատահայ բարեկամ մըն է։ Ընկերներս երեւի յոգնած էին ամէն օր խորոված ուտելէ եւ յայտնապէս կարօտցած էին միջերկրականեան երկիրներու յատուկ ճաշերը։
    Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթը, բնականաբար, հայ-թուրքական յարաբերութիւններէն զատ այլ բան չէր կրնար ըլլալ։ Բարձրաձայն կը վիճէինք եւ ճիշդ ու սխալ վերլուծումներ կ՚ընէինք՝ առանց անդրադառնալու, որ արդէն սկսած ենք խանգարել պատառ մը համեղ ճաշ ուտելու եկած՝ բաւական լուրջ այդ ճաշարանի յաճախորդները։ Տաք վիճաբանութեան մէջ էինք, երբ մեզի մօտեցաւ տարիներ առաջ Լիբանանէն Հայաստան տեղափոխուած ծանօթներէս մէկը՝ Ֆատին։ «Յայտնի է որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին կը խօսիք։ Ամէն անգամ որ դուրսէն եկած հայերու հանդիպիմ, ուրիշ նիւթ չունին», ըսաւ ան կատակով։ Ֆատին, հայաստանցի իր գործընկերոջ հետ, կը զբաղի Հայաստանի մէջ չգտնուող միրգերու ներածումով։ Ծանօթացուցի ընկերներուս եւ հարցուցի գործերուն մասին։
    «Շուտով Լիբանան պիտի վերադառնամ», ըսաւ ան։ «Ընկերութիւնը, որ վեց տարի առաջ հիմնադրած էինք, կը փակենք արդէն»։
    «Գործերը վա՞տ են», հարց տուաւ սեղանակիցներէս մէկը։
    Ֆատին բացատրեց, որ իր գործերը երբեք ալ վատ չեն եղած։ Ընդհակառակը, տարուէ տարի ներածումները աւելցած են, նոյնպէս եւ՝ շահոյթը։ Անշուշտ, ինչպէս ոեւէ այլ գործարար, լուրջ խնդիրներ ունեցած է հարկային եւ մաքսային վարչութիւններուն հետ, բայց գտած է անոնց հետ «եոլա երթալու» ձեւը։ Մրցակցութիւնն ալ օգտակար եղած է, քանի որ ստիպուած՝ մտածած են յաճախորդները գոհ պահելու մասին։ «Իսկ ինչո՞ւ կը մեկնիք» մեր հարցումին չուզեց պատասխանել, աւելի ճիշդը՝ խուսափեցաւ պատասխանելէ եւ սկսաւ աւելի ցած, գրեթէ շշնչալով խօսիլ։
    Բնականաբար իր խուսափողական պատասխանները մեր հետաքրքրութիւնը ա՛լ աւելի սրեցին։ «Տէ լա՛ւ, համը մի հանի, հէնց ընենց մարդիկ էս երկրից չեն գնում, մանաւանդ՝ փող աշխատող մարդիկ։ Ասա՝ ի՛նչ ա եղել, ինչի՛ ես մեկնում», գրեթէ հրամայական շեշտով հարցուց մեզի ընկերակցող Երեւանցի Դաւիթը։
    «Հայաստանի թշնամիները չեն թողնում աշխատեմ», արեւելահայերէնով պատասխանեց Ֆատին։
    «Թուրքե՞րը», միաբերան հարցուցինք մենք։
    «Ո՛չ, միւս թշնամիները», ըսաւ ան եւ սկսաւ պատմել իր գլուխէն անցած դարձածը։
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  8. #8
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,051
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԻ ԱՉՔՈՎ

    Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու՝ վարչական ծախսերու համար, սփիւռքահայեր յետայսու պիտի վճարեն 25 դոլար, նախկին 155 դոլարի փոխարէն:
    Անուշ արա՛ պետութիւն, 155 ալ, 25 ալ:
    Միջին դասակարգի պատկանողի համար, արդէն, օդանաւի ծախսը ահագին գումար է՝ 4 - 5 հոգինոց ընտանիքի համար...
    Եւ՝ առանց անցագիրի (վիզա), սփիւռքահայը կրնայ 180 օր կենալ ՀՀ-ի մէջ:

    Վերջապէս հայկական պետութիւնը կրցաւ գիտնալ շրջափակումէն դուրս գալու միջոցը: Ապրի սփիւռքը՝ Հայաստանի համար: Ապրի՛ Հայաստանը՝ սփիւռքացած հայութեան համար:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Հայաստանը և համաշխարհային կարգը
    Հեղինակ՝ Հեղինակ, բաժին` Բլոգեր
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 02.05.2008, 22:41

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •