ԱՌԱՆՁԻՆ՝ ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՀՐԱՆԴԻՍ ՀԵՏ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՄՕՏ
ԵԿԷՔ՝ ՆԱԽ ԵՒ ԱՌԱՋ ՅԱՐԳԱՆՔ ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ ԻՐԱՐՈՒ ՑԱՒԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Կը յիշեմ, որ Հրանդ Դինքը առիթով մը ըսաւ. «Եկէք՝ նախ եւ առաջ յարգանք ցոյց տանք իրարու ցաւին եւ տառապանքին»։ Թերեւս Հրանդին այս բառերը եւ անոր ապրած ցաւն էին, որ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով զիս բերին Հայաստան՝ արշալոյսին զգացումներու փոթորիկ մը ապրելու համար Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։
Արարատ լեռը կը յայտնուի եւ կ՚անհետանայ մշուշին մէջ։ Անիկա տխուր կ՚երեւի։ Որքան վեհանձն եւ քնքուշ կ՚երեւի անոր ձիւնածածկ գագաթը։ Այնպէս կը թուի, թէ կրնաս բռնել զայն, եթէ ձեռքդ երկարես։
Ես առանձին եմ Հրանդին հետ յուշարձանին առջեւ եւ կը մտածեմ ցաւի ու վիշտի մասին։
Ես կը մտածեմ այդ ցաւը յարգելու մասին։
Ուրիշին ցաւը հասկնալու մասին։
Եւ կը մտածեմ ցաւը բաժնեկցելու մասին։
Արշալոյսի տարօրինակ լռութեան մէջ ես առանձին եմ Հրանդին հետ։ Եւ Ռաքելին լացը ականջիս մէջն է …
Հայ ազգին եւ անձնապէս իր ապրած ցաւը հասուն դարձուցած էր Հրանդը։ Թերեւս այդ ցաւը օգնեց իրեն, որ խօսի եւ գրէ իր խղճին ձայնով։ Մարդ միշտ բան կը սորվի ուրիշներէն։ Եւ ես սորվեցայ Հրանդէն. անոր կեանքով եւ մահով։
Ես սորվեցայ, որ մարդ չի կրնար փախուստ տալ պատմութենէն։
Առաւօտեան բիւրեղեայ լռութեան մէջ ես անգամ մը եւս մտածեցի՝ Հրանդը ի մտի ունենալով, թէ որքան անհեթեթ է ուրանալ պատմութիւնը եւ միեւնոյն ատեն որքան վտանգաւոր է գերին մնալ պատմութեան եւ ցաւերու ու տառապանքի։
Իմ մօրեղբօրս ձայնը հեռուէն հնչեց ականջիս. «Արմատները չեն անհետանար, տղա՛ս»։
Ան չերքեզ մըն էր՝ Կապարտէյ ցեղախումբէն։
Բայց ան չէր նշեր իր չերքեզական ինքնութիւնը. ան յստակօրէն կ՚ըսէր, թէ չէր սիրեր «արմատներու» մասին խօսիլ։
Ասիկա մեր «պետութենէն վախն էր»։
Երբ կը պնդէի, որ խօսի, ան կ՚ըսէր, թէ՝ «այս բաներուն մասին մի՛ խօսիր»։ Բայց իր մահուան անկողինին մէջ ան իմ ականջիս փսփսաց, թէ՝ «տակաւին արմատները չեն անհետանար, Հասա՛ն, տղա՛ս»։
Մարդոց արմատները, այն հողը, ուր արմատ նետած են անոնք, շատ կարեւոր է։ Տրուած ըլլալով, որ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մը կը համարուի մարդիկ իրենց լեզուէն եւ ինքնութենէն հեռացնելը, նոյնքան մեծ ոճիր մըն է մարդիկ իրենց արմատներէն եւ հողէն հեռացնելը։ Եւ այդ ձեւի արարքներու համար պատրուակ կամ պատճառաբանութիւն գտնելը անբաժանելի մէկ մասն է ոճիրին։
Հայերը ապրեցան այդ մեծ ցաւը։
Անոնք այդ մէկը ապրեցան, երբ արմատախիլ եղան Անատոլուէն։ Անոնք այդ մէկը ապրեցան 1915-ին եւ 1916-ին։ Եւ Անատոլուի կարօտը երբեք չմարեցաւ անոնց հոգիներուն մէջ։
Թուրքերն ալ նոյն ցաւը ապրած էին։
Անոնք այդ ցաւը ապրեցան, երբ արմատախիլ եղան Պալքաններէն եւ Կովկասէն, ինչպէս նաեւ՝ Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին։
Քիւրտերը եւս այդ ցաւը ապրած են։
Անոնք այդ ցաւը ապրեցան: երբ իրենց լեզուն եւ ինքնութիւնը ուրացուեցան: եւ անոնք դուրս դրուեցան իրենց երկիրէն։
Ես ցաւն ու վիշտը չեմ բաղդատեր։
Այդ մէկը ընելը սխալ կ՚ըլլայ։
Ցաւն ու վիշտը կարելի չէ բաղդատել։
Հրանդին ձայնը կու գայ ականջիս. «Եկէք՝ նախ յարգանք ցոյց տանք իրարու ցաւին նկատմամբ»։
Հրանդ լուռօրէն (հանդարտօրէն, մեղմօրէն) կը խօսի իր ցաւին մասին. «Ես գիտեմ՝ ի՛նչ պատահեցաւ իմ նախահայրերուս։ Ձեզմէ ոմանք «ջարդ» կը կոչեն զայն, ոմանք՝ «բռնի տեղահանում» եւ տակաւին ուրիշներ՝ «ողբերգութիւն մը»։ Իմ նախահայրերս զայն կոչած են «սպանդ մը»՝ անատոլուական ոճով»։
«Եթէ պետութիւն մը իր սեփական քաղաքացիները արմատախիլ կ՚ընէ իրենց տուներէն եւ հողերէն, առանց զանազանելու անոնց ամէնէն անպաշտպանները՝ մանուկները, կիներն ու ծերերը, զանոնք կը վտարէ անծանօթ եւ անվերջ ճամբաներով, եւ ատոր իբրեւ հետեւանք, եթէ անոնց մեծ մասը անհետանայ, ինչպէ՛ս կրնանք որակել այդ դէպքը նկարագրող բառերուն միջեւ ընտրութիւն կատարելու մեր միտումները։ Արդեօք կա՞յ այդ մէկը բացատրելու մարդկային ձեւ մը։
«Եթէ մենք շարունակենք ձեռնածութիւն ընել հետեւեալ երկուքին միջեւ, թէ՝ «արդեօք ցեղասպանութի՞ւն պէտք է կոչենք, թէ՞ տեղահանութիւն», եւ եթէ չկարենանք հաւասարապէս դատապարտել երկուքը, «ցեղասպանութիւն» կամ «տեղահանում» նկարագրութիւններուն միջեւ զատելը ինչպէ՞ս պիտի նպաստէ մեր պատիւը փրկելուն» (Հրանդ Տինքի «Երկու մարդիկ մօտիկ, երկու դրացիներ հեռու» գիրքէն)։
Արդեօք անհրաժե՞շտ է ցաւը որակել կամ դասակարգել։
Անշուշտ այդ մէկը անկարեւոր կամ աննշան չէ։
Բայց չեմ կարծեր, որ անիկա անհրաժեշտութիւն մըն է։ Ցեղասպանութեան բանավէճը շատ բաներ անելի կը մատնէ, յատկապէս երբ ան մէկ մասը կը դառնայ թուրքերուն եւ հայերուն, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի եւ Հայկական սփիւռքի միջեւ հաւասարութեան։
Պատմութիւնը թնճուկի կը վերածուի։
Երկխօսութիւնը անելի կը մատնուի։
Եւ այդ թնճուկը շահ կը բերէ «ազգայնամոլներուն»։ Աւելի դիւրին կ՚ըլլայ ատելութիւն եւ թշնամութիւն արտադրել պատմութեան էջերէն։
Սակայն մենք պէտք է ջանանք ազգայնամոլներուն գործը դժուարացնել։ Մենք պէտք է ձեւ մը գտնենք սիրոյ եւ խաղաղութեան ճամբուն մէջ քալելու՝ առանց գերին դառնալու պատմութեան եւ առանց պատանդը դառնալու անցեալի ցաւերուն եւ վիշտին։
Մշուշոտ առաւօտ մը, Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց, ես կ՚ունկնդրեմ Հրանդ Տինքի ձայնը։ Ան հարց կու տայ. «Արդեօք մենք կը վարուինք իբրեւ անցեալին կատարուած այդ մեծ ողբերգութեան ծրագրողնե՞րը կամ մենք նոր էջեր պիտի գրե՞նք այնպէս, ինչպէս քաղաքակիրթ մարդիկ կ՚ընեն՝ դասեր քաղելով այդ սխալներէն»։
Եկէք նախ եւ առաջ հասկնանք իրարու ցաւը, բաժնեկցինք զայն եւ յարգանք ցոյց տանք անոր նկատմամբ։
Միւս բոլոր բաները կը հետեւին։
Համաձա՞յն ես, սիրելի Հրանդ։
Դուն միշտ կ՚ըսէիր. «Ո՛չ խոստովանութիւն, ո՛չ ուրացում. նախ եւ առաջ հասկացողութիւն»։ Եւ դուն գիտէիր, քու անունիդ պէս գիտէիր, թէ հասկացողութիւնը միայն կարելի է ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան միջոցով։
Սիրելի՛ եղբայր,
Արեւը կարմիր նարինջի մը նման կը ծագի Երեւանի մէջ։ Առաւօտեան գեղեցիկ լռութեան մէջ ես սպիտակ ծաղիկներ կը դնեմ յուշարձանին վրայ։ Դուն եւ քու ցաւդ ու վիշտդ զիս բերին աշխարհի այս բաժինը։
Այո, եկէք՝ նախ եւ առաջ յարգանք ցուցաբերենք իրարու ցաւին հանդէպ։
ՀԱՍԱՆ ՋԵՄԱԼ
«Միլլիյէթ»
http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15245



Մեջբերել
