ՔԱՐԻՆ ՇՈՒՆՉ ՏԱԼՈՒ ՀՊՈՒՄԸ ԿԱՄ ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ ԹՌՉՈՂ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐԸ

«Բագին» ամսաթերթը վերջին տարիներուն սկսած է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել եւ լայն տեղ տրամադրել հայ կերպարուեստագէտներուն։ Ասկէ ետք «Բագին»ի ներկայացուցած արժանաւոր արուեստագէտներուն մենք եւս պիտի անդրադառնանք արտատպումներով։

Առաջին հերթին ստորեւ կու տանք զրոյց մը՝ կայացած Զաւէն Խտըշեանի եւ Յակոբ Պալեանի միջեւ։
Իտալիոյ Ֆիրենզէ-Ֆլորանս քաղաքը այցելելէ առաջ հոգեպէս կը տրամադրուիք, եթէ կարդացած ըլլաք Աւետիս Ահարոնեանի «Իտալիայում» գիրքը։ Հոն յատուկ գլխու մը տակ, Աւետիս Ահարոնեան կը նկարագրէ Միքէլ Անճելոյի «Մովսէս»ը, որուն համար կ՚ըսէ, թէ ան յանկարծ պիտի կանգնի եւ պիտի քալէ, պիտի առաջնորդէ իր ժողովուրդը։ Նիւթի մէջ ձուլուած կեանք եւ կամք՝ արուեստագէտի տաղանդով, խորապէս տարբեր տապանաքարերու պատկերներէն։ Մովսէսի արձանին առջեւ կանգնած՝ վերյիշեցի ընթերցումս եւ ապրեցայ Ահարոնեանի յոյզով եւ բաբախումով։
Զաւէն Խտըշեանի գործերը չեն գտնուիր Ֆիրենզէ։ Բայց Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի շրջափակին մէջ, Պիքֆայայի բարձունքին վրայ, կը գտնուի դէպի երկինք սլացող յուշակոթող մը՝ ինքնատիպ, հարազատ եւ թելադրական, իւրացուած հայերու կողմէ, ամէնուրեք։ Ան կը տպաւորէ իր մօտէն անցնողները։ Արուեստ՝ որ ընտրանիի չ՚ուղղուիր, համաժողովրդական է։ Ինչպէս Միքէլ Անճելոյի ստեղծած «Մովսէս»ին համար ըսուած է, որ ան պիտի կանգնի եւ քալէ, Զաւէն Խտըշեանի յղացած գաղափար-քանդակին դիմաց, ստորոտը, հեռուն, անմիջական զգացում մը կը յուշէ, որ բան մը կ՚անջատուի ժայռէն, զսպուած եւ ճնշուած ուժ մը ազատագրուելու երկունք կ՚ապրի։ Այդպէս է Զաւէն Խտըշեան. քարին, մետաղին կը դաջէ կեանք։
Ամրան տաքը նստած է քաղաքին վրայ, արեւը խտիղ կը պատճառէ աչքի։ Առանձին ենք Զաւէնի հետ, աւելի քան չորս տասնամեակներու ծանօթութիւն մը կ՚ամփոփենք, յուշեր, տարտղնում, բեկումներ։ Կեանքի վերիվայրումները ոչինչ փոխած են իր հաղորդակցելու կիրքէն։ Ակնթարթ մը եւ Զաւէն կը փոխադրուի իր աշխարհը, իր խօսակիցը կը քաշէ եւ կը տանի իրեն հետ։ Կեանք մը, աւելի քան կէս դարէ ի վեր, Զաւէն կը խօսի նիւթին հետ՝ կը փնտռէ pierre philosophale-ը, որպէսզի կեանք ստեղծէ, ինչպէս միջնադարուն կը փորձէին կապարը ոսկիի վերածել։ Զաւէն ի՞նչ բանի կը վերածէ քարը, մարմարը, մետաղը... Ինչպէս բրուտը՝ կաւը, ինչպէս Աստուած, որ կաւէն իր պատկերը ստեղծեց։ Արուեստասէրը ի՞նչ կ՚եզրակացնէ։
- Պիտի ուզէի տարածութիւն ունենալ, որպէսզի տեղադրեմ գործերս, որոնք կոթողական են։ Գործերս միշտ մեծ տեսած եմ, սահմանափակումը զիս կ՚անհանգստացնէ։ Ընդարձակ աշխատանոց ունիմ, բայց տարածութեան պահանջ ունիմ։ Մեծղի արձաններս փողոց կը դնեմ։
- Չե՞ն գողցուիր։
- Ինչպէ՞ս պիտի գողնան։ Թոներու ծանրութիւն ունին։
Ուզեցի, որ խօսինք իր անցած ուղիի, հոլովոյթի եւ շրջաններու մասին, այլապէս Զաւէն պիտի մեկնէր դէպի իր սիրոյ եւ հմայքի հորիզոնները։
- Առաջին տասնչորս տարիներու ստեղծագործութիւններուս տիրական գիծը եղաւ «ֆիկիւրաթիֆ» արուեստը, տեսանելի իրականութենէն մեկնող։ Առաջին ցուցահանդէսս տեղի ունեցաւ 1964-ին։ Այդ շրջանին, պատահական հանդիպում մը ինծի յայտնաբերեց շարժումները եւ ծաւալները տեսնելու եւ հասկնալու ինքնատիպ ըմբռնում մը։ Փողոցը մանչուկ մը պառկած էր, կծկուած, ծալուած, հողին կպած, բայց իր մարմնի մասերէն կը ժայթքէր հողէն անջատուելու տարերային շարժում մը, որ կեանքն էր, ապրելու պոռթկումը։ Այդ պատկերը ներշնչեց ոճս. կեանք դրոշմել, սաւառնելու ցանկութիւն։ Հոս կ՚ուզեմ նշել ուրիշ դէպք մը։ Հեռատեսիլէն ցոյց կու տային պեղումներ։ Հնախոյզները յայտնաբերեցին արձանիկ մը, որ յար եւ նման էր իմ մտապատկերներուս, քանդակներուս։ Գիւտ. գիտակցեցայ, որ ես կը գտնուէի ստեղծագործական շղթայի մը վրայ, արմատներու չսահմանուած ժառանգութեամբ։
Անբացատրելիին գիւտը, Զաւէնի եւ թերեւս ալ մարդու բնազանցական հակումը։
Հակառակ անոր որ շատ խօսուած եւ գրուած է Պիքֆայայի կոթողին մասին, Զաւէն կը պատմէ անոր ոդիսականը, բազմաթիւ դերակատարներով ներազգային թատրոն, որ տարբեր է յաջողութեան մը համար ըսուած ճառերէն։ Ան ինքնաբերաբար չէ կանգնած հոն, չտեղադրուած՝ տեսած է տաք ու պաղ.
- Մինչեւ 1964 ոչ մէկ տեղ Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշարձան կար։ Առաջինը եղայ, որ այս մասին մտածեցի։ Մեր սերունդը ապրած էր հոգեկան ճնշումի մթնոլորտի մէջ, մեր հայրերու, մայրերու, մեծ հօր եւ մեծ մօր պատումներուն որպէս հետեւանք։ Ընկճումի մթնոլորտի մէջ հասակ առած էինք։ Յիսուն տարի ետք կարելի չէր այդպէս շարունակել եւ հարկ էր վերականգնիլ։ Յաղթահարել աղէտը։ Միտքս այն էր, որ յուշարձանը այդ վերականգնումի խորհրդանիշը ըլլար, քանի որ հայկական ընկերութեան մէջ արդէն շատ բան փոխուած էր։ Այս կը մտածէի, ոչ ոք նման մտածում թելադրած էր։
Տեղի կ՚ունենան տեսակցութիւններ, հանդիպումներ, յանձնախումբ կեանքի կը կոչուի։ Զաւէն կը յիշէ անուններ, մարդիկ, որոնք կը խանդավառուին, կը վախնան, չեն հետեւիր։ Լիբանանի մէջ հսկայ արձան մը կանգնելու գաղափարը վերապահութիւններու դուռ կը բանայ, քանի որ միտքը աննախընթաց էր։ Մինչ այդ Զաւէն տարուած էր իր գաղափարով եւ կը փնտռէ այն շրջանակը, ուր կոթողը իր տեղը պիտի գտնէ հողէն երկինք իր ոգեկան թռիչքը առնելու համար։
- Տեղը կը փնտռէի։ Տեսայ Պիքֆայայի ճամբէն երեւցող հսկայ ժայռը, ժայռը իր կարգին՝ խորհրդանիշ։ Յուշարձանի առաջին ուրուագծումները դեռ կը հպատակէին տասնամեակի փորձիս, այսինքն՝ «ֆիկիւրաթիֆ» էին, բայց աստիճանաբար գիծերը եւ շարժումները բիւրեղացան, «սթրիլիզէ» եղան։ Ստեղծագործական թափը զիս տարաւ եւ նուաճեցի իմ իրաւ ոճս, իւրայատկութիւնս գտայ։ Շարժում եւ ծաւալներ, որոնք փոխառութիւն չէին։ Ստեղծագործական կեանքիս մէջ իսկական անկիւնադարձ մը եղաւ յուշարձանը։
Արուեստագէտները, բանաստեղծները, գրողները կը կրեն ազդեցութիւններ, որոնք կու գան իրենց ստացած կրթութենէն, ուսուցիչէն եւ վարպետէն կամ հիացումէն։ Սովորութիւն է, որ արուեստագէտ մը, երբ խօսի երկրորդի մը կամ երրորդի մը մասին, անոր գործին մէջ գտնէ մեծի մը գործերուն հետ նմանութիւններ։ Պատահած է, որ երկու գեղանկարիչներ իրարու մասին ըսեն, որ կայ... Ճիաքոմեթթիի ազդեցութիւնը։ Այս մասին Զաւէն կ՚ըսէ.
- Ստեղծուեցաւ իմ ոճս, նախորդներուս եւ ժամանակակիցներուս հետ նմանութիւն չունիմ։ Ինծի համար այս կամ այն դպրոցին պատկանելու խնդիր չկայ։ Իմ գործերուս մէջ դէպի վեր ձգտում կայ, թռիչք։ Մանկութեանս յաճախ երկինքը կը դիտէի, անհաս եւ անսահման տարածութիւնները, անջրպետը։ Աւելին ալ կայ. երազներուս մէջ կը թռչէի, աշխարհը վերէն կը դիտէի եւ կը խղճայի վարը մնացողներուն։
Ես ինծի թոյլ տուի նկատել տալ, որ այս դէպի վեր ձգտելու լարումը չէ՞ր յիշեցներ Լեւոն Շանթի գաղափարական մթնոլորտը։ Զաւէն պահ մը կանգ առաւ եւ ապա շարունակեց.
- Ո՛չ Լեւոն Շանթի, թերեւս՝ իպսենեան անտարազելի մօտիկութիւն մը, հոգեկցութիւն։
Նոյն Զաւէնն է հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, խօսելու, դրսեւորուելու նոյն կիրքը, արուեստի աշխարհին մէջ տեւաբար արշաւելով, գիտութիւն եւ պատկերներ փռելով: Ստեղծագործող լաւատես մըն է, կեանքը կ՚ընդունի այնպէս, ինչպէս որ է: Ներկայի մղձաւանջը չունի, նոյնիսկ եթէ ունի գոյութենական մղձաւանջ: Խօսեցաւ իր անցած ուղիին մասին: Յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տեղադրած է քառասունէ աւելի քանդակներ: Առանց դառնութեան՝ խօսեցաւ կարգ մը երեւոյթներու մասին.
- Հայ ըլլալուս համար տուժած եմ: Զանազան մրցանքներու մասնակցած եմ, առաջին մրցանակ երբեք չեն տուած, ստացած եմ երկրորդ եւ երրորդ մրցանակները: Բայց զարմանքով տեսայ, որ Լիբանանի քանդակագործներու մասին լոյս տեսած գեղարուեստական միակ ծաւալուն հրատարակութեան կողքին իմ քանդակս կար, ընտրուած էր որպէս ներկայացուցչական: Այս հակասութիւնները կան: Չնեղուեցայ, ուրախացայ եւ... հասկցայ: Հայ ըլլալուս համար կը տառապիմ, ոչ անոր համար, որ հայրենի հողի վրայ չեմ, որ մոլորակը փոքր է, փոքրացած է, ամէն տեղ նոյնն է, այլ անոր համար, որ հողը կարեւոր է ինծի համար որպէս տարածութիւն: Եթէ գեղանկարիչ ըլլայի, այդ պահանջը կրնայի չզգալ, քանի որ նկարիչը կրնայ թափառական ըլլալ, ան կրնայ ասդին-անդին երթալ, իր գործերով ճամբորդել: Քանդակագործը այս առաւելութիւնը չունի:
Զաւէնի գործերը չեն ցուցադրուած Հայաստանի մէջ, հակառակ քանի մը փորձերու, որոնք վիժած են: Հաւանօրէն այն պատճառով, որ ինք յօդուածի մը մէջ, լոյս տեսած «Բագին»ի մէջ, ըսած է, որ՝ «Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը մեծ արուեստագէտներ չէ տուած»: Հայաստանի մէջ ցուցահանդէսի մը իրականացման արգելքի պատճառ կրնայ ըլլալ նաեւ արձաններու փոխադրութիւնը, որ մեծածախս է, սակայն Պոթթերոյի քանդակները, որոնք նոյնքան եւ աւելի մեծղի են, փոխադրուեցան Փարիզ եւ ցուցադրուեցան աշխարհի գեղեցկագոյն պողոտային՝ Շանզ՚Էլիզէի երկու կողմերը: Հասկնալի է, միջոցի եւ նեցուկի հարց կայ: Այս ալ կրնանք աւելցնել հայ ըլլալու եւ տուժելու սիւնակին մէջ:
Զաւէն լիութեան հասած արուեստագէտ է, արուեստի աշխարհի իր ունեցած համայնագիտարանային ծանօթութեամբ, ինքնատիպ իմաստուն մըն է: Եւ զարմանալի չէ, որ քանդակողը գրելու, բանի զօրութեամբ պատգամ փոխանցելու փորձութիւն ունենայ:
- Քանդակելէ ետք կ՚ուզեմ գրել այժմ, խօսիլ հոգեվիճակներու մասին, յաճախ՝ բացառիկ կամ տարօրինակ, մերձեցումներ փնտռելով գեղարուեստական եւ իմաստասիրական գետնի վրայ: Արուեստի նիւթը սկսած է հիւծիլ, նիւթին մէջ նպատակ կար, այդ ալ սկսած է հիւծիլ: Արուեստագէտին համար էական է չկաշկանդուիլ, նոյնիսկ ձեւերու մէջ, ինք սկսաւ խօսիլ: Ինչպէս՝ երաժշտական ստեղծագործութեան պարագային:
Այս մտածումները կը վկայեն վերանորոգման ձգտող վաւերական արուեստագէտի մասին, որ նորի որոնման հետամուտ է, նոյնիսկ եթէ այսօր դեռ չէ յաջողած այդ նորը նուաճել: Արդեօ՞ք Բանի հզօրութեամբ կ՚ուզէ հասնիլ նորին, կեանքի եւ արուեստի յիսնամեայ փորձն ու փորձարկումը զինք հասցուցած են աստուածաշնչական իմաստութեան, ըստ որուն՝ «ի սկզբանէ էր Բանն»: Բայց արուեստագէտները յաճախ բացատրած են, եւ մենք հասկցած ենք, որքան որ կարելի է, որ նկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, բանաստեղծութիւնը, երաժշտութիւնը ունին «իրենց լեզուն»: Ի՞նչ պիտի բացատրէ Զաւէն: Պիտի գտնէ՞ աշխարհի եւ ինքն իրեն հետ խօսելու «լեզու»: Գրելու արկածախնդրութիւնը պիտի ըլլա՞յ նիւթը գերազանցելու իր նոր փորձը: Միօրինակ դարձող աշխարհին կը հակադրուի Զաւէն:
Ինքնատպութիւնները հարթող սպառողական քաղաքակրթութեան Զաւէն կը հակադրէ թռիչքը: Հող ենք, բայց մնայուն ձգտումը ունինք հողէն անջատուելու: Մեզ տեւաբար անհանգստացնող անկարելի փորձ մը, որուն ուռկանին մէջ են իրաւ մտածողները, իրաւ արուեստագէտները, մարդիկ, որոնք մակերեսայինէն անդին իրաւութեան հետամուտ են: Այս է նաեւ Զաւէնի կենսափորձը:
Զաւէն: Իր բոլոր բջիջներով իրաւ ստեղծագործող մը, որ ինքզինք եւ մարդը կը փնտռէ:
Զաւէնի գործե՞րը: Կ՚արժէ զանոնք աչքով շոյել եւ ափով շօշափել:
Որպէսզի թռիչքի հետ հաղորդութիւն կարելի ըլլայ...
Աշխատանոցի մը չորս պատերէն անդին՝ անջրպետային խորհուրդներ: Մեծղի, իր քանդակները, ձգողութեան զոհը չեն, Նեւտոնի խնձորին հակառակը կը փաստեն...
Սկսած եւ աւարտելու չկոչուած զրոյցի մը աւարտին, Զաւէն խօսեցաւ իր վառ երազներուն եւ արուեստագէտի փառասիրութիւններուն մասին:
- Զարմանալի թող չթուի, ներկայիս տարուած եմ Վակների երաժշտութեամբ, մասնաւորաբար՝ «Թռչող հոլանտացի»ով: Վակների երաժշտութիւնը ինծի համար ժայռերու քանդակ է, երկինք հասնող: Վակներ, որ մեկնելով իր ներաշխարհէն՝ կը նուաճէ այն, ինչ որ սովորական գործնապաշտութեամբ եւ տրամաբանութեամբ կարելի չէ ընել:
Յուշ մը:
- Տասնեօթը տարեկան էի, կ՚ունկնդրէի Վակների օփերաները՝ Լիբանանի հովոցներէն մէկուն տան առջեւ նստած: Այդ տան մէջ Լեւոն Շանթ ինք կ՚ունկնդրէր Վակների օփերաները եւ ես... անկոչ հիւր էի:
Ուզեց խօսիլ երկու հեռանկարներու մասին:
- Որպէս պսակումը ստեղծագործական ասպարէզիս, կը փափաքիմ, որ տասնամեակներու աշխատանքս պատմուի գեղարուեստական հրատարակութեամբ մը, գեղատիպ ալպոմով մը: Նաեւ ունիմ զգացական եւ գիտակցական պարտքի հեռանկար մը: Կ՚երազեմ Արցախի ազատագրութիւնը խորհրդանշող կոթող մը տեղադրել Արցախի մէջ, ձեւով մը զուգահեռը Ցեղասպանութեան յուշարձանին... եւ Երեւանի համար՝ Անկախութեան կոթող մը: Մանրատիպերը պատրաստ են արդէն:
Զաւէն կը շարունակէ անհասի եւ անսահմանի մատոյցներուն վրայ ապրիլ:








«Մերկուհի»
գծանկարը՝
Զ. Խտըշեանի


«Զոյգը», մարմար
գործ՝ Զաւէն Խտըշեանի
«Միութիւն»
60 սմ մարմար

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15348