ԱՂԱՍԻԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Աղասի (Պօղոս Թասլաքեան) արդէն իսկ իր արուեստով սկսած է յաջողութիւններ արձանագրել միջազգային ցուցահանդէսներու ընթացքին։ Ան նաեւ ստացած է հայկական եւ ապա իտալական գեղանկարչական կրթութիւն։ Շուրջ տասնեակ մը տարիներ Վենետիկի մէջ ուսանելով եւ ստեղծագործելով ստեղծած է ոճ մը, վերածնունդէն բխած ոճ, որ իրն է արդէն։ Աղասիի նման դասական ստեղծագործողները, յատկապէս քանդակի պարագային, դժբախտաբար քիչ են աշխարհի մէջ։
Ան խաչքարային արուեստի մէջ եւս բաւական մեծ ճամբայ կտրած է։ Գործեր ունի Անթիլիասի, Կիպրոսի եւ Այնճարի մէջ, որոնք առանց աւանդականէն կտրուելու ստացած են նոր բովանդակութիւն եւ խորք։
Աղասի իբրեւ գեղանկարիչ առաւելաբար կը պատկերէ իր կինն ու երեխաները։ Ան երեխաներու շարքէն գեղեցիկ կտաւ մը կը նուիրէ «Ազդակ»ին, որուն համար մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք։
http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15558
![]()



Մեջբերել