http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15535
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԸ ՇԱՏ ԲԱՐԴ ՀԱՐՑ Է։ ԱԽՏԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՃԱԽ ԶԻՐԱՐ ԿԸ ՀԱԿԱՍԵՆ ԵՒ ԿԸ ՇՈՒԱՐԻՆՔ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԿԱՏԱՐԵՆՔ ԱՌՈՂՋ ՄՆԱԼՈՒ ԵՒ ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ ՍՆՆԴԱԳԷՏ ԿԵՐԻ ԹՈՊԶ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ «ՆԻՈՒԶՎԱՅՆ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՇՓՈԹԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ՄԵԾ Է ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ, ՈՒՐ ԲԺԻՇԿՆԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆ ԿՇՌԵԼ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԱՆՁԻ ՊԱՐԱԳԱՆ ԵՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԻ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԲԽԱԾ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՏ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ՝ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼ։ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՆՔ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՆՈՐ ԼՈՒՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՄԱՐՄԱՋՈՎ՝ ՅԱՃԱԽ ԱՌԱՆՁԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԸ ՅԱՆԳԻՆ ԵՒ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՄՏՔԻՆ ՄԷՋ ՇՓՈԹ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ։ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԻՆԸ, ԶՈՐ ԿՈՒ ՏԱՆՔ ԱՅՍ ԷՋՈՎ, ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ՅԱՌԱՋԱԴԷՄ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒՆ ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼՈՒ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ՎՃՌՈՐՈՇ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ։ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԻՆԸ (ՏԵՍՆԵԼ՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՅՆ ԷՋՈՎ), ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ԳՏՆԵԼ ԱՅՆ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԻԼ ԵՒ Ի՛ՆՉ ԲԱՆԻ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱԼ ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽԱՌՆԱՓՆԹՈՐ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ։
Բազմաթիւ բացատրութիւններ տրուած են՝ հասկնալու համար բժշկագիտական իմաստութեան յարափոփոխ բնոյթը. ամբողջ տարի մը ամենայն ինքնավստահութեամբ մեզի տրուած բժշկագիտական խորհուրդ մը յանկարծ կը շրջուի յաջորդ տարի։ Պարզ կը թուի միայն գիտութեան բնական կշռոյթը. դիտարկումը կ՚առաջնորդէ վարկածի, վարկածը (այսինքն՝ անցեալ տարուան խորհուրդը) քննութեան կ՚ենթարկուի եւ այս անգամ կը ձախողի, ինչ որ ամէնէն հաւանական արդիւնքն է գիտական որեւէ փորձի կամ ճիգի։ Ի վերջոյ անթիւ սխալ վարկածներ կան իւրաքանչիւր ճիշդ վարկածի դիմաց։ Հետեւաբար միշտ ալ կարելի է գտնել վարկած մը, որ կը ջրէ այլ վարկածի մը ճշմարտութիւնը, որքան ալ ակներեւ կամ կենսական թուի անիկա։
Սննդականոնի, կենսաձեւի եւ հիւանդութիւններու պարագային՝ վարկածները հանրային առողջապահութեան յանձնարարականի կը վերածուին միայն, երբ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը կը վայելեն ուսումնասիրական մարզի մը, որ ծանօթ է իբրեւ հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու գիտութիւն (էփիտեմիոլոճի)։ Այս գիտութիւնը եղափոխուած է վերջին 250 տարիներուն՝ բացատրութիւն մը գտնելու համար տարածուած հիւանդութիւններու, վարակիչ ախտերու եւ համաճարակներու, ուրկէ կու գայ անունը։ 1950-ական տարիներէն ի վեր անիկա կ՚օգտագործուի բնորոշելու համար կամ գէթ՝ փնտռելու մարդկութիւնը յաճախ հարուածող հիւանդութիւններու, մասնաւորաբար՝ սրտի հիւանդութիւններու եւ քաղցկեղի պատճառները։ Այս գործընթացին մէջ հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեանց արդիւնքները իրականութենէն կը շեղին հանրութեան, մամուլին եւ հաւանաբար նոյնինքն տարածուած հիւանդութիւններու բազմաթիւ մասնագէտներու մօտեցումին պատճառով։ Դժուար է գիտական որեւէ մարզի մէջ հաստատել գիտելիքներ, որոնց կարելի է վստահիլ՝ օգտագործելով ուսումնասիրութեան այնպիսի միջոցներ, որոնք իրե՛նք անվստահելի են։
Մէկ բան անվիճելի է. ճշմարտութիւնը գտնելու անհրաժեշտ փորձարկութիւնը շատ սուղ կ՚արժէ եւ երկար ժամանակի կը կարօտի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ հաւանաբար տեղի չ՚ունենար։ Մինչ այդ, տարիներ շարունակ բժիշկներու կողմէ որոշ հիւանդութեան մը դէմ մարմինը պաշտպանելու համար յանձնարարուած դեղի մը գործածութիւնը կրնայ առաջնորդել սրտի տագնապի կամ քաղցկեղի եւ պատճառ դառնալ տասնեակ հազարաւոր անձերու մահուան։
ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԿՇՌՈՅԹԸ
Հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու գիտութիւնը կ՚ընդգրկէ ուսումնասիրութեան ձեւ մը, որ ծանօթ է իբրեւ հեռանկարային ուսումնասիրութիւն։ Այս ծիրին մէջ ամէնէն աւելի հռչակաւոր է Հիւանդապահներու առողջապահական ուսումնասիրութիւնը։ Անոր հեղինակները կը հետեւին մեծաթիւ հաւաքականութիւններու մէջ (ինչպէս՝ Հիւանդապահներու առողջապահական ուսումնասիրութեան մաս կազմող 122 հազար հիւանդապահները) հիւանդութիւններու համեմատութեան եւ կենցաղային ազդակներու (ինչպէս՝ սննդականոն, ֆիզիքական շարժում, յանձնարարուած դեղերու գործածութիւն, ապականող տարրերու ազդեցութիւն եւ այլն)։ Ապա անոնք կը յանգին եզրակացութիւններու, այսինքն՝ ուսումնասիրուած հիւանդութեան մը տարբերակներուն պատճառները փնտռող վարկածներու։ Նման ուսումնասիրութիւններ կրնան ծնունդ տալ անհամար ենթադրութիւններու՝ յաճախ կրկնուող հիւանդութիւններու պատճառներուն կամ զանոնք կանխարգիլելու միջոցներուն վերաբերեալ։ Անոնք կը հայթայթեն լրատուամիջոցներու առողջապահական բաժինի նիւթերը, որոնք կ՚ընդգրկեն եզրակացութիւններ՝ ձկան իւղի, պտուղներու եւ բանջարեղէնի օգտակարութենէն՝ մինչեւ նստակեաց կեանքի, ճարպի եւ ելեկտրամագնիսական հոսանքներու վտանգներուն մասին։ Եւ որովհետեւ նման ուսումնասիրութիւններ յաճախ կ՚ապահովեն մարդկային բարօրութեան հարցերուն առնչուող միակ ապացոյցը գիտաշխատանոցներէ դուրս, անոնք յատկանշական դեր սկսած են խաղալ հանրային առողջապահութեան խորհուրդներ տալու մէջ։
Այստեղ վտանգաւոր խաղը հիւանդութիւններ կանխարգիլող բժշկագիտութիւնը իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն կիրարկելն է։ Նպատակը առողջ անձերուն աւելի երկար ժամանակ առողջ մնալու մասին խորհուրդներ տալն է։ Սակայն նման խորհուրդներու կ՚ընկերակցի այն ակնկալութիւնը, թէ որեւէ յանձնարարական (սննդականոն, դեղ կամ կենցաղի փոփոխութիւն) իրականութեան մէջ պիտի կարենայ կանխարգիլել հիւանդութիւն մը եւ ոչ թէ առաջնորդել ֆիզիքական անկարողութեան կամ անժամանակ մահուան։ Այս նկատառումով, որքա՞ն աներկդիմի պէտք է ըլլայ ապացոյց մը, նախքան որեւէ խորհուրդ առաջարկելը։
Դիտարկումներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս՝ Հիւանդապահներու առողջապահական ուսումնասիրութեան պարագային, որքան ալ լաւ ծրագրուին անոնք եւ որքան ալ տասնեակ հազարաւոր անձեր ընդգրկեն, անպատեհութիւնը այն է, թէ անոնք հիմնական սահմանափակումներ ունին։ Անոնց ճամբով կարելի է զանազանել երկու տարբեր իրադարձութիւններ. օրինակ, այն կիները, որոնք որոշ տարիքի մը հասնելէ ետք գեղձերու արտադրութիւններ փոխարինող դեղեր կ՚առնեն, նուազ կը տառապին սրտի հիւանդութիւններէ, քան անոնք, որոնք նման դեղեր չեն առներ։ Սակայն այս ուսումնասիրութիւնները անկարող են գիտնալու պատճառները, թէ ինչո՛ւ գեղձերու արտադրութիւններ փոխարինող նման դեղեր մարմինը կը պաշտպանեն սրտի հիւանդութիւններու դէմ։ Հետեւաբար դիտարկումի վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններ կրնան ապահովել միայն վարկածներու վրայ հիմնուած ապացոյցներ, այսինքն՝ պարագայական ապացոյցներ։
Նման վարկածներ վճռական ձեւով քննութեան ենթարկելու համար անհրաժեշտ է կատարել պարագայական փորձարկումներ եւ ոչ թէ՝ դիտարկումի վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններ։ Ուղղակի հիւանդներու վրայ դեղերու ազդեցութիւնը քննելու այս մօտեցումը ինքնին կը պարզէ բժշկագիտական իմաստութեան յարափոփոխ կշռոյթը։ Օրինակ, երբ 1998-ին սրտի հիւանդութենէ տառապող 2700 կիներու եւ 16,500 առողջ կիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ գեղձերու արտադրութիւնը փոխարինող դեղերու ազդեցութիւնը աւելի վնաս կը պատճառէր, քան բարիք, բժշկագիտական մարզը անդրադարձաւ տկար ապացոյցներու աղէտալի անզօրութեան։ 2007-էն ի վեր այն վէճը, որ կ՚ըսէ, թէ գեղձերու արտադրութիւնը փոխարինող դեղերը արդիւնք կու տան, երբ կիներ զանոնք կը սկսին առնել դաշտանադադարի ժամանակ եւ ոչ՝ աւելի ուշ, ճիգ մըն է հաշտեցնելու դիտարկումի եւ փորձարկութեան վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններուն տարբերութիւնները։ Եզրակացութիւնը կրնայ ճիշդ ըլլալ կամ սխալ։ Իսկ վստահ ըլլալու համար հարկ է կատարել պարագայական այլ փորձ մը, որ կը կեդրոնանայ միայն այն կիներուն վրայ, որոնք դաշտանադադարի ժամանակ կը սկսին առնել գեղձերու արտադրութիւնը փոխարինող դեղերը։
ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Ոչ ոք հարցականի տակ կ՚առնէ հաւաքականութեան մէջ տարածուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեան արժէքը, երբ անիկա կ՚օգտագործուի բնորոշելու համար յանձնարարուած դեղերու անսպասելի կողմնակի ազդեցութիւնները, հետեւելու հիւանդութիւններու զարգացումին կամ անոնց տարածումին՝ հաւաքականութիւններու մէջ կամ անոնց միջեւ։ Ուսումնասիրողներ կը հաւատան, թէ սրտի հիւանդութիւններ եւ քաղցկեղի բազմաթիւ տեսակներ կարելի է կանխարգիլել՝ հիմնուելով դիտարկումի վրայ հիմնուած ապացոյցներու վրայ, որոնք ցոյց կու տան, թէ նման հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը երկար ժամանակի վրայ՝ մեծապէս կը տարբերի տարբեր հաւաքականութիւններու մէջ եւ երբեմն՝ նոյն հաւաքականութեան։ Այսպէս, կուրծքի քաղցկեղը ճափոնցի կիները չի պատուհասեր ամերիկացի կիներուն տարողութեամբ, սակայն Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող ճափոնցի-ամերիկացի կիներուն պարագային, երկու սերունդ ետք կուրծքի քաղցկեղի համեմատութիւնները կը հաւասարին երկրին տարածքին ազգային որեւէ այլ խմբաւորումի մէջ արձանագրուած համեմատութիւններուն։ Ասիկա մտածել կու տայ, թէ ամերիկեան կենցաղին կամ սննդականոնին մէջ բան մը կուրծքի քաղցկեղ կը պատճառէ։ Վերջին 20 տարիներուն աւելի քան քսան ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ չեն յաջողած գտնել պատճառը։ Թերեւս անոնք իրենց բնոյթով կարողութիւնը չունին գտնելու զայն։ Այսուհանդերձ գիտենք, թէ սննդականոնի, կենցաղի եւ քաղցկեղի միջեւ գոյութիւն ունի կապ մը, որ տակաւին չէ բնորոշուած։
Նման ուսումնասիրութիւններ նաեւ մեծ դեր ունին հիւանդութիւններ կանխատեսելու ազդակներ գտնելու մէջ։ Անոնք կը ծառայեն իբրեւ ուղեցոյց բժիշկներու, որպէսզի կշռեն հիւանդի մը դեղ մը յանձնարարելու վտանգներն ու բարիքները։ Ուսումնասիրութիւններ տեւաբար հաստատած են, թէ արեան բարձր գերճնշումը կ՚առնչուի սրտի հիւանդութիւններու յաւելեալ վտանգի հետ, եւ թէ՝ սոնքութիւնը կ՚առնչուի ամէնէն տարածուած հիւանդութիւններէն տառապելու յաւելեալ վտանգին։ Սակայն այս ուսումնասիրութիւնները չեն յաջողած ի յայտ բերել արեան բարձր գերճնշումի կամ սոնքութեան պատճառները։ Իրօք, եթէ հարց տանք հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու սկեպտիկ մասնագէտներու, թէ սննդականոնի եւ կենցաղի մէջ ո՞ր ազդակները բնորոշուած են իբրեւ հաւաքականութիւններու մէջ ամէնէն աւելի տարածուած հիւանդութիւններու պատճառներ՝ մեկնելով դիտարկումի վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններէ եւ ոչ՝ բժշկագիտական փորձարկումներէ, անոնք կը թուեն շատ կարճ ցանկ մը. ծխելը թոքի քաղցկեղ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններ կը պատճառէ, արեւուն տակ մնալը՝ մորթի քաղցկեղ, ոգելից ըմպելիները՝ տարբեր տեսակի քանի մը քաղցկեղներ։
Օքսֆորտի համալսարանէն բժշկագիտական վիճակագրութիւններու եւ հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու դասախօս Ռիչըրտ Փեթօ բախումը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութիւնը շատ գեղեցիկ է եւ շատ կենսական հայեցակէտ մը կ՚ընձեռէ մարդկային կեանքին եւ մահուան, սակայն անհաւատալի է հրատարակուած անպէտ նիւթերուն քանակը»։ Ան կ՚ակնարկէ դիտարկումի վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն, որոնք ամէն օր կը յայտնուին լրատուամիջոցներու մէջ եւ յաճախ հիմը կը կազմեն առողջ կեանք մը ապրելու հանրային առողջապահութեան յանձնարարականներու։
Հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու բրիտանացի մասնագէտներ Ճորճ Տեւէյ Սմիթ եւ Շահ Իպրահիմ 2001-ին իրենց խմբագրած «Տի Ինթըրնեշընըլ Ճըռնըլ աֆ Էփիտեմիոլոճի» թերթին մէջ կը նշէին, թէ այն հազուադէպ առիթներով, երբ պարագայական փորձարկումի մը համար նիւթական աղբիւրներ յատկացուած են, որպէսզի կարելի ըլլայ քննել դիտարկումի վրայ հիմնուած ուսումնասիրութենէ մը բխած վարկածները, այս վարկածները ձախող դուրս եկած են կամ քննութիւնները չեն յաջողած հաստատել զանոնք։ Օրինակ, ի յայտ եկած է, թէ Էօ. եւ Սէ. կենսանիւթերուն եւ պեթա քարոթենի նման նիւթեր անկարող են կանխարգիլելու սրտի հիւանդութիւնները, ոչ ալ բնաթելով հարուստ նիւթերը կրնան մարմինը պաշտպանել աղիքներու քաղցկեղի դէմ։
Այնուհետեւ նոր փորձարկումներ ցոյց տուած են, թէ գեղձերու արտադրութիւնները փոխարինող դեղերը չեն կրնար կանխարգիլել սրտի հիւանդութիւնները միջին տարիքը բոլորած կիներուն քով։ 49 հազար կիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը չէ յաջողած հաստատել այն վարկածը, թէ պտուղներն ու բանջարեղէնը կրնան մարմինը պաշտպանել սրտի հիւանդութիւններու դէմ։ 40 հազար կիներու վրայ կատարուած փորձարկութիւն մը չյաջողեցաւ հաստատել, թէ քիչ քանակութեամբ ասփիրինի օրական սպառումը կրնայ կանխարգիլել աղիքներու քաղցկեղը եւ 65 տարեկանէն վար կիներու սրտի կաթուածները։ Անցեալ տարուան յունիսին աղիքի քաղցկեղի վտանգը դիմագրաւող 1000 կիներու եւ տղամարդոց վրայ կատարուած փորձարկութիւն մը կը հակասէր Հիւանդապահներու առողջապահական ուսումնասիրութեան այն վարկածին, թէ ֆոլիք թթուի դեղահատերը կրնան նուազեցնել աղիքի քաղցկեղի վտանգը։ Ընդհակառակը, ի յայտ եկաւ, թէ անոնք նոյնիսկ կրնան աւելցնել հաւանականութիւնը։
Նման արդիւնքներու անդրադարձներէն խուսափիլը դժուար է։ «Նոյնիսկ կարելի չէ ապաւինիլ Հիւանդապահներու առողջապահական ուսումնասիրութեան, որ մեծագոյնը եւ լաւագոյնն է իր տեսակին մէջ, քննելու համար որոշ վտանգներու կամ բարիքներու առկայութիւնը, - կ՚ըսէ Հիւանդապահներու առողջապահական ուսումնասիրութեան գլխաւոր հետաքննիչներէն՝ Չարլզ Հեննեքընզ, որ զայն գլխաւորած է 1976-2001։ - Ոչ մէկուն կարելի է ապաւինիլ»։
Հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններ կանխարգիլելու միջոցներ փնտռող ուսումնասիրութիւններու կարեւորութեան ջատագովներ, ներառեալ՝ այն ախտաբանները, բժիշկները, սննդագէտները եւ հանրային առողջապահութեան պատասխանատուները, որոնք կ՚օգտագործեն նման ուսումնասիրութիւններու յայտնաբերումները կամ կը վիճին յատուկ ցուցմունքի մը առողջապահական վտանգներուն կամ բարիքներուն դէմ, կը շեշտեն, թէ իրենք երբեք չեն ապաւինիր միայն մէկ ուսումնասիրութեան։ Փոխարէնը՝ անոնք իրենց վերջնական դատումները կը հիմնեն «տեղեկութիւններու ամբողջութեան» մը վրայ, որ տեսականօրէն կ՚ընդգրկէ դիտարկումի վրայ հիմնուած բոլոր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ՝ բժշկագիտական փորձարկումներու, գիտաշխատանոցներու մէջ կատարուած աշխատանքներու ամբողջութիւնը, որ կրնայ կենսաբանական համակարգ մը ստեղծել՝ բացատրելու համար դիտարկումները։
Ասիկա իր կարգին կ՚առաջնորդէ այն վէճին, թէ սխալը պէտք է փնտռել լրատուամիջոցներու մէջ եւ ոչ՝ տարածուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեան։ «Հարցը ուսումնասիրութեան մէջ չի գտնուիր, այլ՝ զայն հանրութեան ներկայացնելու ձեւին, ինչպէս կը բացատրեն «Տը Նիւ Ինկլընտ Ճըռնըլ աֆ Մետըսին» թերթի խմբագիրներ Ճերոմ Քասիրըր եւ Մարսիա Անկել՝ 1994-ին լոյս տեսած խմբագրականի մը մէջ, որ կը քննէր, թէ ի՛նչ բանի պէտք է հաւատայ հանրութիւնը։ Անոնք կը բացատրեն, թէ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւն պարզապէս փազըլի մը կտորն է, հետեւաբար լրատուամիջոցներ աւելի բծախնդիր ձեւով պէտք է փոխանցեն առանձին ուսումնասիրութեան մը սահմանափակումներն ու ազդանշանները՝ ի մտի ունենալով այն հիմնական գաղափարը, թէ՝ «երկու դէպքերու միջեւ կապակցութիւնը անպայման պատճառահետեւանքային չի կրնար ըլլալ»։
Թաֆց համալսարանէն բժշկագիտութեան դասախօս Սթիֆըն Փոքըր, որ ռահվիրայ մըն է հիւանդներու դարմանումի առնչուող որոշումներ կայացնելու մարզին մէջ, կ՚ըսէ. «Հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս՝ ախտաբանական քննութիւններ, հաւանականութիւններու վրայ հիմնուած հաստատումներ են։ Անոնք չեն կրնար ճշմարտութիւնը յայտնաբերել», սակայն բժիշկներուն եւ հիւանդներուն առիթ կու տան «կշռելու ճշմարտութիւնը», որպէսզի անոնք կարենան լաւատեղեակ որոշումներ կայացնել, կ՚աւելցնէ ան։ Այսուհանդերձ սկեպտիկներ հարց կու տան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դատել նման ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները՝ առանց նկատի ունենալու անոնց երկար ժամանակի վրայ հաւաքուած արձանագրութիւնները։ Իսկ եթէ նկատի առնուին նման արձանագրութիւններ, ապա ասիկա համազօր է մետաղադրամ մը օդը նետելու եւ անոր ինկած կողմին հիմամբ որոշում կայացնելու։
«Նեշընըլ աքատըմի աֆ սայընս»ի կեդրոնէն հաւաքականութիւններու մէջ տարածուած հիւանդութիւններու մասնագէտ Ճոն Պայլար առիթով մը ըսած է. «Պատշաճ պիտի ըլլար ոչ թէ հարցնել, թէ արդեօք տարածուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեանց արդիւնքներուն մէջ անորոշութիւններ կա՞ն, այլ՝ այս անորոշութիւնները արդեօք այնքան մե՞ծ են, որ կարելի չէ պիտանի եզրակացութիւններ քաղել ուսումնասիրական տուեալներէ»։
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ - ՍՐԱՊԵԱՆ



Մեջբերել