ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒՅԹ ԱՆ ԻՄԱՍՏԱՍԷՐ ԷՐ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ, ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ, ԱՆՍՈՎՈՐ ՄԱՐԴ ԵՒ ԿԻՍՈՎ ՉԱՓ՝ ՀԱՅ
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի մեծ քաղաքներու մէջ կարելի է հանդիպիլ մարդոց խումբերու, որոնք կ՚ուսումնասիրե նԳէորգի Գիւրջիեվ գաղափարներն ու գործնական թեքնիքը։ Կիւրճիեւեան խումբերը սովորաբար կը խուսափին հրապարակայնութենէ, չեն ջանար ոեւէ մէկը դարձնել իրենց ուսմունքին ջատագովը եւ սովորական կեանք կը վարեն՝ զբաղելով ներքին լարուած աշխատանքով։
«Խորամանկ իմաստուն». այսպէս անուանած են Գէորգի Գիւրջիեվը, մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է արեւելեան տարաշխարհիկ ուսմունքներու ուսումնասիրութեան, եւ այդ գիտելիքները արեւմտեան մարդու մտածելակերպին համար մատչելի դարձնելուն։ Ի դէպ, անոր կեանքը պարուրուած եղած է խորհրդաւորութեամբ եւ գաղտնիքներով։ Մինչեւ իսկ այսօր, անոր ծնունդէն 135 տարի եւ մահէն 60 տարի ետք ալ, շատ քիչ բան յայտնի է իր կեանքին մասին։ Բայց այն, ինչ որ յայտնի է, արժանի է միայն ու միայն մեծ հետաքրքրութեան...
Գէորգի Գիւրջիեվ ծնած է 1873 թուականին, Ալեքսանդրապոլ։ Հայրը ազգութեամբ յոյն էր, մայրը՝ հայ։ Փոքր տարիքին ան դարձած է ռուսական մայր տաճարի աւագ քահանայի աշակերտը։ Գիւրջիեվի խօսքերով, հարազատ ծնողքն ու հոգեւոր հայրը՝ աւագ քահանան, իր մէջ սերմանած են երկրին վրայ տեղի ունեցող կենսական երեւոյթներն ու մարդկային կեանքը բացայայտելու ցանկութիւնը...
Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները ան անցուցած է Կարս, որ տասնեակ ժողովուրդներու, հաւատքներու եւ մշակոյթներու օրրան էր։ Կարսին մէջ կ՚ապրէին քրիստոնէական, ասորական, իսլամական եւ անգամ՝ զրադաշտական կրօնի հետեւորդներ։ Պատանի Գիւրջիեվը, ընկղմելով մշակութային այս խառնարանին մէջ, ծանօթացած է գրեթէ բոլոր գաղտնի իմաստասիրական, գերբնական, խորհրդապաշտական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն։ Շատ գիտելիքներ ան ձեռք բերած է քրիստոնեայ վանականութեան աղբիւրներէ։ Հետագային ան մշտապէս ընդգծած է տարաշխարհիկ քրիստոնէութեան նշանակութիւնը։ Գիւրջիեվ քաջատեղեակ էր կշռութաւոր շնչառութեան թեքնիքին եւ գիտէր բազմաթիւ աղօթքներ...
16 տարեկանին խումբ մը ընկերներու հետ (որոնք իրենք զիրենք կը կոչէին «Ճշմարտութեան որոնողներ»), Կիւրճիեւ ճանապարհորդութեան կը մեկնի Արեւելք՝ Կեդրոնական Ասիա, կ՚այցելէ Աֆղանիստան, Մոնկոլիա, Տիբետ, Հնդկաստան, Պաղեստին, Սուրիա, Եթովպիա, Սուտան, Եգիպտոս, Թուրքիա, Յունաստան, Սողոմոնեան կղզիներ, նաեւ՝ Գերմանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւ Մեծն Բրիտանիա։
Միայն Արեւելքի երկիրներ անոր ճանապարհորդութիւնը տեւած է երեք տարի, որուն ընթացքին ան ծանօթացած է բազմաթիւ ուսմունքներու։ Սակայն այդ բոլոր կրօնական ուսմունքներուն մէջ միշտ անոր համար հարցումներ անպատասխան կը մնային, ան չէր գտներ զինք յուզող հարցերուն պատասխանները։ Գիւրջիեվի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած են տարաշխարհիկ իսլամի վարպետները։ Եւ սուֆիական ուսմունքներու հիման վրայ ալ ան ստեղծած է իր սեփական ուսմունքը։
ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՀԱՆԴԷՊ ՄԱՐԴՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ
Գիւրջիեվեան ուսմունքին կեդրոնական խորհրդանիշը սուֆիական ծագում ունեցող էնէոկրաման է։ Բազմաթիւ սուֆիական պարեր, որպէս բարձր մտախոհութիւն կը կատարուին նոյնինքն Գիւրջիեվեան դպրոցներուն մէջ։
Անոր ուսմունքին մէջ առկայ է նաեւ այլ տարաշխարհիկ տարր մը՝ տիբետեան բուդդայականութիւնը։ Աւելի քան տասը տարի Գիւրջիեվ ապրած է Տիբետ, որոշ տուեալներով, ան եղած է փոքրիկ տալայ-լամայի դաստիարակը եւ կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած է Տիբետի մէջ։ Շատ քիչ տեղեկութիւններ կան Տիբետի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ապրած անոր տարիներուն մասին (1890 - 1910 թուականներ)։ Յայտնի է, որ այդ տարիներուն ան կատարած է կարգ մը հետազօտութիւններ, ուսումնասիրած է վանքերու մէջ պահպանուած հնագոյն գրութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ սիպերեան շամանականութիւնը։ Հաւանաբար այս որոնումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն ալ իբրեւ արդիւնք՝ ձեւաւորուած է աշխարհի եւ գիտելիքներու հանդէպ բոլորովին նոր հայեացք։ Աստիճանաբար ան սկսած է գիտակցիլ, թէ ո՛րն է իր առաքելութիւնը։ Ան կ՚ըսէ. «Արեւմտեան աշխարհ բերել իրավիճակի սարսափը եւ ատկէ ազատագրուելու մասին գիտելիքները»։
Գիւրջիեվի կեանքի յաջորդ կարեւոր փուլը սկսած է 1915 թուականին, երբ առաջին անգամ իբրեւ ուսուցիչ յայտնուած է Ռուսիոյ մէջ։ Ս. Պետերսբուրգի մէջ ան հանդիպած է Պէոտր Տեմեանովիչ Ուսփենսքիին, որ այդ ժամանակ նոր վերադարձած էր ճանապարհորդութենէն եւ նպատակ ունէր տարաշխարհիկ գիտելիքներ գտնել։ Գիւրջիեվին հետ առաջին հանդիպումը Ուսփենսքին նկարագրած է իր «Հրաշքը փնտռելիս» գիրքին մէջ. «Ես տեսայ այդ ոչ այնքան երիտասարդ, արեւելեան դիմագիծներով, սեւ պեխերով եւ խորաթափանց աչքերով մարդը։ Ան նման էր հնդիկ ռաջայի, կամ ալ՝ արաբ շէյխի։ Ռուսերէն շատ վատ կը խօսէր բազմաթիւ սխալներով եւ կովկասեան առոգանութեամբ»։ Ուսփենսքին Գիւրջիեվեան ուսմունքի հետեւորդներու խումբ մը հաւաքած է, որոնք վերջինիս հետ աշխատած են մինչեւ յեղափոխութիւն։
Գիւրջիեվ իր աշակերտներուն հետ կը խօսէր տիեզերքի հանդէպ մարդու վերաբերմունքի, գիտակցական ոլորտներու, մահուան եւ անմահութեան մասին։ Անոր առաջին աշակերտներէն մէկը այսպէս կը նկարագրէր այդ շրջանը. «1917 թուականին Ռուսիան քայքայուած էր յեղափոխութենէն եւ պատերազմէն։ Գիւրջիեվ այդ տարիներուն անյայտ «մարդ-գաղտնիք» էր։ Ոչ-ոք ոչինչ գիտէր անոր ծագման մասին, նաեւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս յայտնուած էր Մոսկուայի եւ Ս. Պետերսբուրգի մէջ։ Սակայն ան, որ մէկ անգամ կը յարաբերէր անոր հետ, կը դառնար անոր հետեւորդը»։
Կարճ ժամանակ անց ան իր աշակերտներուն հետ կը լքէ Ռուսիան եւ խճողուած ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ Թիֆլիսի լեռներով։ Այստեղ ան նոր խումբ մը կը հաւաքէ եւ քանի մը տարի կ՚աշխատի նոր խումբի անդամներուն հետ։ Սակայն շուտով կը սկսի յեղափոխութիւնը, եւ անոնք կը հեռանան Վրաստանէն, կը հասնին Կոստանդնուպոլիս, այնուհետեւ կը մեկնին Բերլին։ Քանի մը տարուան զրկանքներէն ետք Գիւրջիեվ կը հասնի Պարիզ եւ կ՚որոշէ հաստատուիլ հոն։ Մէկ տարուան ընթացքին ան գումար կը հաւաքէ՝ Ֆոնթենպլոյի քով գտնուող ամրոցը ձեռք բերելու համար եւ այդտեղ ալ կը հիմնէ Մարդու ներդաշնակ զարգացման հիմնարկը։ Շուրջ տասը տարի ան լարուած կ՚աշխատի իր աշակերտներուն հետ։ Այդ ժամանակ Գիւրջիեվ կը ստուգէր ինքնազննման գործնական վարժութիւններու համակարգը։ «Փրիերէյ»ի (այդպէս կը կոչուէր ամրոցը) մէջ անցուցած ժամանակը ան կը նկատէր ինքնագիտակցութեան զարգացման հնարաւորութիւն։ Ասիկա լարուած շրջան մըն էր, որուն ընթացքին Գիւրջիեվ կազմակերպեց բազմաթիւ ցուցադրանք-ապացոյցներ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ կարդաց Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Այդ դասախօսութիւններն ու ցուցադրութիւնները, սակայն, ընդհատուեցան ինքնաշարժի արկածի պատճառով. ան ենթարկուեցաւ արկածի, սակայն հրաշքով ողջ մնաց։ Այս իրադարձութիւնը նոր ուղղութիւն մը մտցուց անոր գործունէութեան մէջ։ Ան երեք գիրք գրեց, որոնք կը հանգուցալուծէին մարդկութեան առջեւ դրուած խնդիրները։ Այդ խնդիրները իմաստասէրը դասակարգած էր հետեւեալ կերպ.
1.- Քանդել մեր գիտակցութեան մէջ հարիւրամեակներ շարունակ քարացած հայեացքները։
2.- Ընթերցողներուն ծանօթացնել նոր ստեղծագործութեան համար անհրաժեշտ նիւթերու հետ։
3.- Ստեղծել աշխարհի մասին նոր պատկերացում մը, վերացնել այն երեւակայականն ու վերացականը, որոնք մինչեւ այժմ եղած են։ Պատկերացում տալ իրական աշխարհի մասին։
Գէորգի Գիւրջիեվի երեք գիրքերն էին՝ «Բոլորն ու ամէն ինչը», «Հանդիպում հրաշալի մարդոց հետ» եւ «Կեանքը ճշմարիտ է, երբ ես կամ»։
Իր առաջին գիրքին մէջ Գիւրջիեվ կը մեկնաբանէ ժամանակակից մարդու կեանքը՝ երկիր մոլորակ եկած արարածի մը միջոցով։ Այս աշխատանքը հանրագիտարանային մեկնաբանութիւն է, որ կը պատասխանէ մարդկութեան առջեւ դրուած կարեւորագոյն բազմաթիւ հարցերու։
Երկրորդ գիրքին մէջ ան կը պատմէ ճշմարտութիւնը որոնելու իր ոդիսականին մասին, կը յիշէ իր ուսուցիչները եւ իւրօրինակ մարդիկը, որոնց հանդիպած է շրջագայութիւններու ընթացքին։
Իսկ երրորդ գիրքը տեսակ մը հաշուետուութիւն է՝ ներքին զարգացումի մասին, կը տրուին յատուկ վարժութիւններ, որոնք կը զարգացնեն եսի գիտակցումը։
1933 թուականին Գիւրջիեվ գրեց ուրիշ գիրք մը՝ «Աւետիս» խորագիրով։ Գիրքը կը ներկայացնէ այն միտքերը, որոնց վրայ հիմնուած է Գիւրջիեվի ուսմունքը եւ կը նկարագրէ Մարդու ներդաշնակ զարգացման հիմնարկին աշխատանքը։ 1933-1934-ը նոր շրջան մըն էր՝ այս հոգեբանի, իմաստասէրի, միաժամանակ նաեւ՝ ուսուցիչի եւ անսովոր մարդու կեանքին մէջ։ Ան կը դադրեցնէ հիմնարկին աշխատանքը եւ կրկին կը ճանապարհորդէ տարբեր երկիրներ, կը ստեղծէ նոր խումբեր՝ Միացեալ Նահանգներու շատ մը քաղաքներու մէջ։ Անոր աշակերտներուն թիւը Նիւ Եորքի եւ Պարիզի մէջ կը հասնէր հարիւրներու, իսկ մեր օրերուն անոր հետեւորդներուն թիւը կը հասնի հազարներու։
Շատ մը մարդիկ այսօր կարիք ունին նայելու ոչ թէ դուրսը, այլ՝ իրենք իրենց ներսը։ Իսկ ներսը նայելու եւ քննելու, ինքնամփոփուելու, արտաքին աշխարհի անպատեհ ազդեցութիւններէն կտրուելու համար մարդիկ պէտք ունին խորհուրդներու, գիտելիքներու, հաստատուած ճշմարտութիւններու։ Գիւրջիեվ իր ապրած կեանքով, իր իմաստասիրութեամբ եւ գրած գիրքերով ուղեցոյց կը հանդիսանայ այդ մարդոց համար։
Գիւրջիեվի տարաշխարհիկ ուսմունքը իր մէջ կը պարունակէ դասական տարաշխարհիկ միտքեր, սակայն անոր սեփական գաղափարները կ՚առանձնանան իրենց իւրօրինակութեամբ։ Ատոնք են.
- Սովորական կեանքի վերացական ըլլալու զաղափարը։
- Մանրտիեզերական ծրագրի համամասնութիւնը՝ մեծտիեզերականին։
- Մարդու բաժանումը՝ չորս մարմնի։
- Սեփական անձին վրայ կատարուող աշխատանքի առանձնայատկութիւնները։
- «Արարման շող»ի գաղափարը։
Ըստ Գիւրջիեվի, մարդը կ՚ապրի տիեզերքի ամէնէն անպէտք վայրին մէջ։ Մոլորակը, ըստ այս ուսումնասիրողին, կը ղեկավարեն բազմաթիւ մեքենայացած օրէնքներ, որոնք կը դժուարացնեն մարդու ինքնաիրականացումը։ Հոգեւոր աճը, ինչպէս Գիւրջիեվ կ՚ըսէ, կ՚իրականանայ դժուարութեամբ, մարդոցմէ կը պահանջուի մեծ ուշադրութիւն, կամք, ջանք, իսկ ատոնք միայնակ ընելը շատ բարդ է։
Գիւրջիեվ խօսած է նաեւ չորրորդ ուղիի մասին. չորրորդ ուղի հասնելով մարդը պէտք է ինքնահաստատուի առանց կողմնակի օգնութեան։ Մարդու զարգացման խոչընդոտող օրէնքներու ծանրութենէն ազատագրումը կը կոչուի ինքնազարգացման մեթոտ։ «Մարդը չի կրնար գիտելիք ստանալ՝ առանց սեփական ջանքի,- գրած է Գիւրջիեվ։ - Անհրաժեշտ է կազմակերպուածութիւն, պէտք է աշխատիլ խումբի մէջ, այն մարդու օգնութեամբ, որ աւելի կանուխ ազատագրուած է։ Միայն այդպիսի մարդը կրնայ յուշել, թէ որ մէկն է ազատագրման ուղին։ Անհրաժեշտ են այն մարդոց գիտելիքներն ու ցուցմունքները, որոնք արդէն անցած են այդ ճանապարհով։
Գիւրջիեվի տարաշխարհիկ ճշմարտութեան ուսմունքը ամէնէն առաջ հասցէագրուած է մարդուն եւ միայն անոր միջոցով՝ արտաքին աշխարհին։ Այդ ուսմունքը թոյլ կու տայ քննադատաբար նայիլ սեփական անձին եւ աշխարհին, փորձել հասկնալ ուրիշ մարդու մը աշխարհազգացումը, մտածել գոյութեան հիմնական խնդիրներու մասին...
Պարիզի մէջ տարիներ առաջ վերսկսած է Մարդու ներդաշնակ զարգացման հիմնարկին աշխատանքը։ Հիմնարկին մէջ աշխատող գիտնականները ջանադրաբար կը գործադրեն Գիւրջիեվ ուսումնասիրողին եւ գիտնականին ուսմունքները՝ փոխանցելով զանոնք բոլոր հետաքրքրուողներուն։ Հիմնարկի պատին վրայ իւրայատուկ ձեռագիրով գրուած են Գիւրջիեվի հետեւեալ խօսքերը.
- Յիշէ դուն քեզ՝ միշտ եւ ամէնուր։
- Եթէ դուք գիտէք, որ այդ մէկը վատ է, սակայն կը շարունակէք ընել, իմացէ՛ք, որ դուք անուղղելի մեղք կը գործէք։
- Օգնէ անոր, որ ծոյլ չէ։
- Յարգէ բոլոր կրօնները։
- Ես կը սիրեմ այն մարդը, որ կը սիրէ աշխատանքը։
- Նկատի առ այն, թէ մարդիկ ի՛նչ կը մտածեն քու մասիդ, եւ ոչ թէ այն, թէ ի՛նչ կը խօսին։
- Գիտակցուած հաւատքը ազատութիւն է, զգացական հաւատքը՝ ստրկութիւն, կուրօրէն հաւատալը՝ յիմարութիւն։
... Գէորգի Գիւրջիեվ մահացած է 29 հոկտեմբեր 1949-ին, Պարիզ։
http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15633



Մեջբերել