ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԿԵԱՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԵԱԼՆԵՐԸ
Այս օրերուն գրեթէ անկարելի է անտեղեակ մնալ Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարի ընթացքէն, որ լեցուն է անակնկալներով, գովերգութեամբ, գզուըռտուքով, տեղի թէ անտեղի զրպարտութիւններով, արդար թէ անարդար որակաւորումներով: Եւ այս բոլորը տեւականօրէն կը սփռուին բոլոր հաղորդամիջոցներու կողմէ՝ յանկերգային ոճով:
Այս պայքարի ազդու եւ գլխաւոր դերակատարներէն է, այսպէս կոչուած, Ամերիկայի «քրիստոնեայ աջը». կրօնամոլ համախոհներու ճակատ մը, որ կրօնական տարազով եւ մոլեռանդ պայքարով նետուած է կրկէս՝ իրագործելու համար իր քաղաքական ծրագիրը: Այս մոլեռանդ քրիստոնեաները, ինչպէս՝ Հարաւի Մկրտչականները, Պենտեկոստականները, «Fundamentalist»ները, Աւետարանականներն ու բազմաթիւ եւ բազմերանգ եկեղեցական եւ աղանդանման այլ ճիւղաւորումներ մշտատեւ մրցակցութեան մէջ են զիրար գերազանցելու, բայց նաեւ կը գործակցին երբեմն. օրինակ, նախագահական ընտրապայքարին մասնակցելով՝ ճիգ չեն խնայեր, որ թեկնածուն իրենց կրօնական վարդապետութեան ենթարկուող մը ըլլայ: Անշուշտ այս սկզբունքային գործելակերպը ի զօրու է ոչ միայն նախագահական, այլ նաեւ բոլոր ընտրութիւններու թեկնածուներու պարագային:
Քրիստոսի այս ինքնակոչ զինուորներուն զօրակցութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է իրենց չափանիշները գոհացնել. օրինակ, որքանո՞վ աջակողմեան է թեկնածուն, նուիրեալ քրիստոնեա՞յ է, թէ՞ ոչ, որպէս քրիստոնեայ, վերստին ծնա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Իսկ վճիռ կայացնող պատասխաններէն մէկն ալ՝ ի՞նչ է թեկնածուին կեցուածքը կեանքի սկզբնաւորութեան եւ սաղմի վիժումի նկատմամբ հարցումին տրուած պատասխանն է։
Ի՞նչն է, որ այսքան բռնկում եւ մղում կու տայ կրօնի եւ բարոյականութեան այս անդուլ պահակներուն, որոնց գոյութեան նպատակն է՝ հոգիներու փրկութիւն, հոգեկան սնունդի հայթայթում եւ իրենց հօտին համար բարօր կեանքի տնօրինում: Եւ, բնականաբար, այդ տնօրինման իրականացման համար տնտեսական, կազմակերպական, դիւանակալական եւ ենթակառուցային բոլոր հարկ եղած միջոցներու ստեղծում եւ գործադրութիւն: Սակայն այն, ինչ որ կը տեսնենք եւ կը լսենք, ինչ որ կը հրատարակուի եւ կը սփռուի հաղորդամիջոցներու կողմէ, նոյնիսկ՝ ակնահաճոյ բեմադրութիւններով երբեմն, խոտոր կը համեմատի իրենց նուիրական կոչումին:
Փառատենչութիւնը մարդկային ամէնէն բուռն կիրքերէն մէկն է, մանաւանդ երբ այդ կիրքերը գերազանցող կամ գէթ հաւասարակշռող առաքինութիւններ չեն զարգացած անձի մը մէջ: Փաստօրէն հաւատացեալներու այս բանակը զերծ չէ այս մարդկային մեղքէն եւ չի վարանիր իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները գործածելու՝ երկրային եւ անցաւոր թիրախներու հասնելու անզսպելի փառասիրութեամբ:
Բուռն է մրցակցութիւնը այս բոլոր քարոզիչ-առաջնորդներուն միջեւ, որ ցածորակ հռետորութեամբ, կաղապարատիպ նախադասութիւններով, նաեւ երբեմն անձնական գրաւչութեամբ իրենց անդամներուն կամ հետեւորդներուն շարքերը կը բազմապատկեն՝ հիացիկ ապշութեամբ կլանուած միամիտներով եւ երբեմն շահադիտական նպատակներ հետապնդող «գործակիցներով»: Վստահաբար տեսած ըլլալու էք հեռատեսիլով սփռուած «հրաշագործներու» արարքները. հպումով մը եւ երկնաթռիչ մրմունջով մը (աղօթք չըսենք) հիւանդներ եւ հաշմանդամներ կը բուժեն, կամ մեղաւորներ մեղքի ճիրաններէն փրկելով՝ երկնային թագաւորութեան դուռը կը բանան անոնց առջեւ: Հարցազրոյցի մը առիթով այս «հրաշագործներէն» մէկուն հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կը բացատրէ իրեն նման հոգեւոր անձի մը բարձրորակ եւ սուղ տարազներն ու զարդեղէնները: Պատասխան. «Կարելի՞ է ցոյց տալ ինծի տող մը կամ բառ մը Սուրբ գիրքին մէջ, որ կ՚արգիլէ նման տարազ կամ զարդեղէն»: Այս տրամաբանութեամբ, հարիւրաւոր մեղքեր, մոլութիւններ կամ անբարոյութիւններ, որոնք չեն ցանկագրուած Սուրբ Գիրքին մէջ, արտօնելի են: Ինչպէ՞ս բացատրել այս տրամաբանութիւնը:
Այս գրութեամբ նպատակ չունինք լուսարձակի տակ առնելու այս կարծեցեալ նուիրեալներուն այն բոլոր անբարոյ արկածախնդրութիւնները, որոնք յաճախակի կերպով հրապարակուած են հաղորդամիջոցներու կողմէ, եւ որ երբեմն նոյնիսկ բանտարկութեան դատապարտուած են այս հնարամիտները՝ իրենց արարքներու անբարոյ բնոյթով: Բայց այն, ինչ որ հարցականի տակ կը դնէ այս կրօնաւորներուն եւ իրենց դաւանակից հաւատացեալներու վարկը, անոնց ամբարտաւան եւ ինքնագոհ կեցուածքն է եւ, մանաւանդ, այն քարացած համոզումը, թէ իրենց, եւ միայն իրե՛նց կրօնը, իրե՛նց դաւանանքն ու համոզումն է, որ ստոյգ է եւ ճշմարիտ, իսկ միւս բոլորը՝ սխալ են. ահաւասիկ աններող եւ անողոք համոզում մը, ո՛ր կրօնի ալ պատկանի ատիկա, որ շատ մը կռիւներու, պատերազմներու եւ չարեաց աղբիւրը եղած է եւ կը շարունակէ իր այլամերժութեամբ, նոյնիսկ այլատեացութեամբ, իր աւերիչ դերը:
Յատկանշական է Ամերիկայի «քրիստոնեայ աջ»ի ամէնէն կարկառուն եւ նշանաւոր ղեկավարներէն վերապատուելիի մը արտայայտութիւնը 2003-ի հոկտեմբերին, Լիպերիոյ նախագահական փոփոխութեան նկատմամբ, որ գաղափար մը կու տայ իրենց կրօնախեթ մտայնութեան եւ անհանդուրժողութեան մասին: Խօսքը Լիպերիոյ այն օրերու նախագահ Չարլզ Թէյլըրի մասին է, որ փախուստ տուաւ երկրէն՝ միլիոններ կորզելէ ետք. զազրելի եւ աննկարագիր անձ մը, որուն իշխանութեան ժամանակաշրջանը սեւ էջ մըն է իր երկրի պատմութեան մէջ: Ուրեմն, արդարախոհ եւ ճշմարտադատ վերապատուելին իր արտայայտութեամբ կը բացայայտէ, թէ իրեն համար առաջնահերթութիւնը (եւ իր մտահոգութիւնը) երկրին բարօրութիւնը չէ, այլ ուրիշ բան է. ան կ՚ըսէ. «Ուրեմն մենք պաշտօնազրկեցինք քրիստոնեայ մկրտական նախագահ մը, որպէսզի իսլամ ապստամբնե՞ր երկրին տիրանան»: «Նոյն շրջանին, այլ առիթով մը, նոյն վերապատուելին իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ, երբ «քրիստոնեայ աջի» գլխաւոր թիրախներէն Ամերիկայի գերագոյն ատեանին նկատմամբ իր մտածումները կը դրսեւորէ՝ ազատական դատաւորներէն ձերբազատելու մասին. «Դատաւորներէն մէկը 83 տարեկան է, ուրիշ մը քաղցկեղէ կը տառապի եւ երրորդ մը սրտի տկարութիւն ունի: Կարելի չէ՞ արդեօք, որ Աստուած այս երեքին մտքին մէջ մտածում մը տեղաւորէ, թէ ժամանակը եկած է արդէն, որպէսզի իրենք զիրենք հանգստեան կոչեն»։
Ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութիւն ստեղծել ծայրայեղօրէն մոլեռանդ անձերու հետ, որոնք անդրդուելի են իրենց քարացած համոզումին մէջ, թէ՝ իրենք բանիւ եւ գործով Աստուծոյ կամքն է, որ կը գործադրեն այս երկրի վրայ, եւ թէ՝ իրենց բոլոր արարքները ուղղութիւն կը ստանան Աստուծմէ: Այլ խօսքով, Աստուծոյ բանբերներն են իրենք եւ, հետեւաբար, անսխալական: Դիրքորոշում մը՝ որ ոչ միայն անընդունելի է, այլեւ՝ վտանգաւոր։
Ինչպէ՞ս կրնան քննադատել այլ կրօններու ծայրայեղականները, երբ իրենք եւս ծայրայեղականութեան բոլոր չափանիշները կը լրացնեն: Ընդունելով հանդերձ, թէ կարգ մը կրօնամոլներ իրենց նպատակակէտին հասնելու համար բիրտ կամ մահացու միջոցներու կը դիմեն յաճախ, ժխտական ախտանիշները չեն տարբերիր այդ կրօնամոլներու եւ «քրիստոնեայ աջի» ծայրայեղականներուն միջեւ:
Իսկ այս բոլորին վերջին արարը, ըստ մոլեռանդներու, «Արմակեթոնն» է. այն վայրը, ուր Բարին եւ Չարը վերջին ճակատամարտը պիտի մղեն եւ, ըստ իրենց՝ մօտալուտ է այդ օրը: Անոնք աներկբայօրէն համոզուած են, թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները, որ տառացիօրէն կը մեկնաբանուին իրենց կողմէ, իրականանալու վրայ են արդէն: Երուսաղէմ քաղաքը թատերավայրը պիտի ըլլայ այս յայտնութիւններուն: Իսկ Իսրայէլ եւ իսրայէլացիք, որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը, «քրիստոնեայ աջի» անսակարկ եւ թունդ զօրակցութիւնը կը վայելեն: Իրենց համար Պաղեստինի հարցը լուծուած է: Աստուած արդէն տնօրինած է ամէն ինչ: Անվերապահօրէն կےաջակցին Իսրայէլի եւ կը պնդեն, թէ ինչ որ եղած է ցարդ, եւ այն, ինչ որ պիտի պատահի մօտ ապագային, Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններուն մէջ նախատեսուած է արդէն, եւ իրենց սրբազան պարտականութիւնն է Իսրայէլի ջանքերուն ջուր հայթայթել: Առաւել եւս, կարելին եւ անկարելին պէտք է ընել, որպէսզի դէպքերը սահուն եւ անարգել ընթանան մարգարէութեանց իրականացման հասնելու համար: Նոյնիսկ, առօրեայի եւ գալիքի ծրագրումը պէտք է այնպէս մը դասաւորել, որ մարգարէութեան իրականացման սատարէ անիկա: Այլ խօսքով, մասնակցութիւն բերել մարգարէութեան իրականացման եւ անոր բեմադրութեան մէջ: Բան մը, որ բոլորովին կ՚անտեսէ եւ կը խեղաթիւրէ մարգարէութեան ըմբռնումն ու գոյաւորումը:
Վերջացնենք՝ Պեռնարտ Շոյէն մէջբերումով մը. «Միայն մէկ կրօն կայ, թէեւ հարիւր մեկնութիւններ ունի ան»:
ՊՕՂՈՍ ՏՈՒԶՃԵԱՆ
Օթթաուա
http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=15655


Մեջբերել