Ունեցանք երկրորդ հայկական ու հայաստանեան հեռուստաալիք մը, որն ակնյայտօրէն շիրակակեդրոն է: Միշտ ըսած եմ. Հայաստանը միայն Երեւանը չէ:
Սայեաթ Նովան է, որ ըսած է. աղքատ սիրէ, գիր սիրէ, գրիչ սիրէ: Յուզիչ է աղքատի հետ ըլլալ, անոր ուրախութիւնը տեսնել, բաժնեկցիլ: Մարդիկ դժբախտ դիպուածի բերումով, ո'չ իրենց մեղքով, բարձրէն իջած են ցած՝ յարկաբաժինէն խրճիթ, ու ահա նոյն ժողովուրդէն հայրենադարձ վեհանձն զաւակ մը, անոնց կ’ուրախացնէ: Ստուգեցի ազգանունը, թէ ո՞րքանով ճիշտ եմ՝ յիրիկ նշանակէ ճեղք: Յուսամ ան իր օրինակով եւ 2009 տարին օգտաշատ աշխատանքով , ճեղք կու տան, ճաք կը բերին, քարեսիրտ մարդոց սրտերուն մէջ, որպէսզի կարելի եղածին չափ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ եղած վիհը նսեմանայ, փոքրանայ:
Հաճելի է լսել նաեւ տարբեր հայերէն մը: Թող Շիրակը ապրի, եւ լաւ ապրի:



Մեջբերել