ԴԱ ՎԻՆՉԻ ՇԱՏ ՉԷՐ ՍԻՐԵՐ ԻՐ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԱՄԷՆ ԻՆՉ։ ԻՍԿ ԻՆՉ ՈՐ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԿԸ ՄՆԱՅ ԴԻՏՈՂԻՆ՝ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ԽԹԱՆԷ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ։ ԴԺՈՒԱՐ Է ԳԻՏՆԱԼ, ԹԷ ԼԷՈՆԱՐՏՕ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷՐ ԳԾԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ։ ԵՆԹԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼԸ ԹԵՐԵՒՍ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ Է։ ՆՄԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ, ԵՐԲ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԷՆ ԵՐԵՔ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԻՆ՝ ԱՆՈՐ ԳԼՈՒԽ-ԳՈՐԾՈՑ ՄԷԿ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԵՏԻՆ։ «ՏԸ ԹԱՅՄԶ», «ԹԵԼԵԿՐԱՖ» ԵՒ «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԵՆ։
Խորհրդաւոր պատմութիւնը տեղադրուած է Լուվրի մէջ, իսկ գաղտնիքը պահուըտած է Լէոնարտօ Տա Վինչիի 16-րդ դարու մէկ գլուխ- գործոցին ետին։ Ասիկա բան մը կը յիշեցնէ՞ ձեզի։
Տեն Պրաունի վէպերուն սիրահարները պիտի հրճուին՝ ի տես նախապէս անծանօթ երեք գծանկարներու յայտնաբերումին՝ Լէոնարտոյի գլխաւոր մէկ գործին ետին։ Թանգարանի մէջ ցուցադրուող գործերու պատասխանատու մը նկատած էր ճեպանկարները «Մարիամ եւ Յիսուս մանուկը Ս. Աննային հետ» գեղանկարին ետին, որ անցեալ սեպտեմբերին թանգարանին պատէն վար առնուած էր՝ վերանորոգութեան համար։
Սիլվեն Լաւեսիեր մատնացոյց ըրած էր գորշ գիծեր, որոնք նախապէս անտեսուած էին իբրեւ արատներ, իսկ ինք կը մտածէր, թէ անոնք կը յիշեցնէին ձիու մը գլուխը եւ մարդկային գանկ մը։
Թանգարաններու մէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպող մասնագէտներ երբեք չէին նկատած գիծերը, երբ տարբեր առիթներով փոխադրած էին փայտի ուղղահայեաց չորս շերտերէ բաղկացած գեղանկարը, որ ամրապնդուած է խաչաձեւ փայտի զոյգ շերտերով։
Երբ գեղանկարը Ֆրանսայի թանգարաններուն ուսումնասիրութեան եւ վերանորոգութեան կեդրոնին մէջ նկարուած էր անդրկարմիր ճառագայթով լուսանկարչական գործիքով մը, Լաւեսիերի ենթադրութիւնը ճիշդ դուրս եկած է։ Փայտի շերտի մը վրայ գծուած էր 18 սմ երկայնքով եւ 10 սմ լայնքով ձիու գլուխ մը, ինչպէս նաեւ 10 սմ երկայնքով եւ 16.5 սմ բարձրութեամբ գանկի մը կէսը՝ աչքի եւ ռունգի խոռոչներով, ծնօտով եւ ակռաներով։ Լուսանկարչական գործիքը ցոյց տուած էր նաեւ երրորդ գծանկար մը՝ 15 սմ բարձրութեամբ մանուկ Յիսուսը՝ ոչխարի մը հետ խաղալու պահուն։ Այս վերջինին նշոյլները անկարելի էր տեսնել պարզ աչքով։ Լէոնարտօ հաւանաբար զայն գծած է իբրեւ պատրաստութիւն՝ փայտին միւս կողմը գծած իր գեղանկարին։
Անդրկարմիր ճառագայթով նկարելու թեքնիքը կ՚օգտագործուի գեղանկարի մը տեսանելի մակերեսին խորքը թափանցելու համար, օգտագործելով ելեկտրամագնիսական ալիքներ, որոնք տեսանելի լոյսէն քիչ մը աւելի երկար են։ Ասիկա կ՚օգնէ ի յայտ բերելու որոշ ներկերու գոյներ, ինչպէս՝ սեւ կաւիճ եւ ածխամատիտ։
Լուվրի մէկ բանբերին համաձայն, յայտնաբերումը «հետաքրքրական է եւ յուզիչ»։ Անիկա նաեւ կը պարունակէ խորհրդաւորութիւն մը, որովհետեւ յայտնապէս գծանկարները աննկատ կը մնային 500 տարիէ ի վեր։
«Ասիկա իւրայատուկ յայտնաբերում մըն է, որովհետեւ գեղանկարներու ետին ճեպանկարները շատ հազուագիւտ են, իսկ ցարդ Լէոնարտոյէն այլ օրինակի մը ծանօթ չենք», կ՚ըսէ ան։
«Անոնք պահպանուելու համար չէին գծուած,- կ՚ըսէ Լուվրի գիտաշխատանոցին մասնագէտներէն Պրունօ Մոթեն։- Ճեպանկարները մեծ մասամբ սրբուած են, եւ այս պատճառով է, որ ցարդ ոչ ոք տեսած էր զանոնք»։
Լուվրի մէկ բանբերին համաձայն, բաւարար ապացոյցներ մտածել կու տան, թէ սեւ քարով կամ ածուխով իրագործուած ճեպանկարները, իրօք, կը պատկանին մեծ վարպետին։ «Շատ ուշադիր ենք,- կ՚ըսէ Վենսեն Փոմարետ, որ Լուվրի գեղանկարներուն պատասխանատուն է։- Սակայն ինչ որ նման ենթադրութեան կը մղէ՝ անոնց նմանութիւնն է ցարդ արդէն ծանօթ գծանկարներու»։
Գանկը կը յիշեցնէ Լէոնարտոյի այլ գծանկարներու մէջ պատկերուած գանկերը, իսկ ձիուն գլուխը կը նմանի դիւցազներգական «Անկիարիի ճակատամարտը» որմնանկարին մէջ պատկերուած ձիու գլուխներուն՝ լայն դունչով եւ տարտղնուած բաշերով։ Այս որմնանկարը կորսուած գլուխ-գործոց մըն է, որ ծանօթ է միայն Ռուպընզի ընդօրինակութեան ճամբով։ Մանուկ Յիսուսի ճեպանկարը կը թուի նախագիծը ըլլալ «Մարիամ եւ Յիսուս մանուկը Ս. Աննային հետ» գեղանկարին մէջ պատկերուած մանուկին։
Փոմարետ կ՚ըսէ, թէ Լէոնարտօ հաւանաբար գեղանկարին թիկունքը գործածած է՝ ճեպանկարներ փորձելու համար։
Էտինպարայի համալսարանին մէջ իտալական Վերածնունդի մասնագէտ Ճիլ Պուրք կ՚ըսէ. «Լէոնարտոյի բնորոշ յատկանիշ էր իր միտքին մէջ ծագած գաղափարները արագ կերպով որեւէ թուղթի յանձնելը, կամ այս պարագային՝ փայտի շերտի մը, որ իր տրամադրութեան տակ էր»։
Ֆրանսայի թանգարաններուն ուսումնասիրութեան եւ վերանորոգութեան կեդրոնը ձեռնարկած է Լուվրի մէջ ցուցադրուող Լէոնարտոյի գործերուն կանոնաւոր եւ գիտական հետաքննութեան։ Ուսումնասիրութեան պատասխանատու մասնագէտներ վստահ են, թէ ճեպանկարները կը պատկանին արուեստագէտին։ Սակայն Լուվրի արուեստի գործերու պատասխանատուն՝ Վենսեն Տըլեվեն, որ կ՚ուսումնասիրէ զանոնք, ցարդ չէ բանաձեւած իր վերջնական եզրակացութիւնը։
Լուվրի պատասխանատուները կ՚ըսեն, թէ յաւելեալ քննութիւններ պիտի կատարեն՝ ստուգելու համար գծանկարներուն հեղինակին ինքնութիւնը։ Յառաջիկայ յունիսին խումբ մը մասնագէտներ պիտի մէկտեղուին Փարիզի մէջ՝ քննելու համար ճեպանկարներուն պատկանելիութիւնը։
Թէեւ արուեստի այլ մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ Լէոնարտոյի բազմաթիւ հետեւորդներէն մէկը հաւանաբար հեղինակն է նոր յայտնաբերուած գծանկարներուն, սակայն բոլորն ալ համաձայն են, թէ Տեն Պրաունի համար նոր վէպի մը նիւթը չեն հայթայթեր անոնք։ Արուեստի պատմաբան եւ Լէոնարտօ Տա Վինչի ընկերութեան փոխնախագահ Ֆրանսիս Ամէ-Լուիսի համաձայն, պարզապէս առասպել է, թէ արուեստագէտը գաղտնի պատգամներ թաքցուցած է իր գործերուն մէջ։
«Մարիամ եւ Յիսուս մանուկը Ս. Աննային հետ» գեղանկարը անցեալին եւս խորհրդաւորութեան մը կեդրոնն էր։ Լէոնարտօ զայն Ֆրանսա տարած էր Մոնա Լիզային հետ, երբ 1516-ին դարձած էր Ֆրանսիս Ա.ի պալատական գեղանկարիչը։
ԾԱԾՈՒԿ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԵՒ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Մարիամ եւ Յիսուս մանուկը Ս. Աննային հետ» գեղանկարին ետին թաքնուած ճեպանկարներուն յայտնաբերումը կրնայ պարարտ նիւթ հայթայթել անոնց, որոնք կը հաւատան, թէ Լէոնարտօ Տա Վինչի ծածուկ պատգամներ եւ կրօնական խորհրդանիշներ թաքցուցած է իր գեղանկարներէն շատերուն մէջ։
Տեն Պրաունի «Տը Տա Վինչի քոտ» վէպը հիմնուած է այն տեսութեան վրայ, թէ Լէոնարտոյի «Վերջին ընթրիքը» նկարին մէջ Քրիստոսի աջին նստած անձը ոչ թէ Յովհաննէս առաքեալն է, այլ՝ Մարիամ Մագթաղինացին։ Վէպին համաձայն, Յիսուս եւ Մարիամ ամուսնացած են, եւ անոնց ժառանգորդները կ՚ապրին մինչեւ այսօր։
Նոյն տեսութեան համաձայն, Ս. Սկիհը իրականութեան մէջ իր մը չէ, այլ նոյնինքն Մարիամ Մագթաղինացին է, «սրբազան էգը» եւ Քրիստոսի շառաւիղը ապահոված կինը։ Ս. Սկիհին վայրը ինքնին անոր գերեզմանն է։
Սիրողական մասնագէտ Սլաւիսա Փեսքի 2007-ին ըսած էր, թէ Լէոնարտոյի «Վերջին ընթրիքը» ձախէն աջ շրջելով կարելի է տեսնել այլ պատկեր մը, որ կը պարունակէ տաճարական ասպետի նմանող կերպար մը։ Տաճարական ասպետները կը կազմէին կրօնական զինուորական կարգ մը, որ հաստատուած էր 12-րդ դարուն՝ պաշտպանելու համար ուխտաւորները եւ Քրիստոսի թաղման վայրը։
Համակարգիչի մասնագէտ մը կ՚ըսէ, թէ յայտնաբերած է երաժշտական թաքուն խազեր՝ Լէոնարտոյի «Վերջին ընթրիքը» գեղանկարին մէջ։ Մասնագէտին համաձայն, անոր մէջ պատկերուած հացի իւրաքանչիւր կտորը կը ներկայացնէ խազ մը, իսկ խազերուն ամբողջութիւնը կը հնչէ 40 երկվայրկեան տեւողութեամբ հանգստեան պատարագի մը պէս։
(Համադրաբար)