Ո՞Վ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐԸ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ՎՏԱՆԳԷՐ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ։ ՍԱԿԱՅՆ ԱՍԻԿԱ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵՆԷ ԱՒԵԼԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է ԳԱՂՏՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆ ՌՈՊԸՐԹ ՈՒԻԹՄԱՆԻ ՀԱՄԱՐ, ՈՐ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼ։ ՍԱՅՄԸՆ ՈՒՈՐԸԼ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՆՈՐ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ԳԱՂՏՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆԻՆ ԱՍՊԱՐԷԶՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՏԻՊԱՐԸ։
Շուրջ 100 հոգի խռնուած ենք Ֆիլատելֆիոյ Ափըր Հոլմսպըրկ շրջանին մէկ ճաշարանին մէջ. արուեստի մասնագէտներ, ցուցահանդէսներ կազմակերպող մասնագէտներ, թանգարաններու ապահովութեան պատասխանատուներ եւ «Էֆ. Պի. Այ.»ի գործիչներու փաղանգ մը՝ 9 մմ «Կլոք» ատրճանակներ պահած պետական պաշտօնական տարազի տակ։
Հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մարդու մը, որուն մասին քիչեր լսած են, եւ զոր շատ աւելի քիչեր պիտի կարենային ճանչնալ կամ՝ նկարագրել զայն։
Այսպէս կը նախընտրէ «Էֆ. Պի. Այ.»ի յատուկ գործիչ Ռոպըրթ «Պոպ»։
Շուրջ երկու տասնամեակ սովորաբար ծպտուած իբրեւ արուեստի գործերու զարտուղի վաճառական, որ իր կապերը ունէր մաֆիաներու կամ Քոլոմպիոյ թմրեցուցիչ արտադրող եւ տարածող կազմակերպութիւններուն հետ, ան ընդյատակեայ գործունէութիւն կը տանէր՝ վաճառելով արուեստի կեղծ գործեր, միաժամանակ տարհամոզելով յանցագործները, որպէսզի իրեն վաճառեն իրենց գողցած արուեստի գործերը։
Ինքնութիւնը գաղտնի պահելը մահ ու կենաց հարց է իրեն համար։
Գաղտնի գործողութեան մը ընթացքին ան պանդոկի մը բաղնիքին մէջ պահուըտած է՝ Ռամպրանթի մէկ գեղանկարը սեղմած իր կուրծքին, մինչ դանիական Յատուկ զէնքերու եւ մարտավարութիւններու մէկ ջոկատը խուժած է իր սենեակը՝ ձերբակալելու համար Իրաք ծնած Պահա Քատհում անունով բիրտ ոճրագործ մը, որ կը փորձէր իրեն վաճառել Ռամպրանթի 1630-ի մէկ ինքնանկարը։
Թղթակազմ գիրքի մը մեծութեամբ պղինձի շերտի մը վրայ իրագործուած ինքնանկարը կ՚արժէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլար։ Անիկա գողցուած էր Շուէտի Ազգային թանգարանէն՝ արդի ժամանակներու ամէնէն յանդուգն մէկ գողութեամբ։
Թերակղզիի մը ծայրամասին, Վերածնունդի ժամանակներու պալատի մը մէջ ամփոփուած թանգարանը ամէն կողմէ շրջապատուած է ջուրով։
Մինչ քանի մը տարի առաջ ընտանիքներ կը քալէին Սթոքհոլմի Կաղանդի շուկաներուն մէջ եւ կը չմշկէին սառցակալած լիճերու վրայ, Քատհում եւ անոր աւազակախումբը հրկիզած էին այն միակ ինքնաշարժը, որ փակած էր իրենց ճամբան։
Ապա անոնք դահուկելու յատուկ դիմակներով եւ զէնքերով խուժած էին թանգարան, իրենց շրջանակներէն կտրած էին Ռամպրանթի ինքնանկարը, ինչպէս նաեւ՝ Ռընուարէն երկու գործեր, եւ խոյս տուած էին արագ սուրացող նաւակով մը։
ԱՌԱՆՁԻՆ ԳՈՐԾԻՉԸ
Արուեստի ոճիրները շահաբեր ձեռնարկութիւններ են։ Անոնց տարողութիւնը կը գնահատուի տարեկան 1.5 միլիառէն 6 միլիառ տոլարով, եւ այժմ աշխարհի ամէնէն հսկայական չորրորդ միջազգային ոճիրը կը նկատուին թմրեցուցիչի առուծախէն, զէնքի մաքսանենգութենէն եւ դրամ լուացումէն ետք։
Արուեստի գործերու գողութիւնը ամբողջութեամբ համաշխարհայնացած ճարտարարուեստ մըն է։ Եւրոպայի մէջ գողցուած գեղանկարներ ի յայտ կու գան Ճափոնի կամ Ամերիկայի տարածքին։
Արուեստի գործեր տեղափոխելը դիւրին է եւ դժուար է ճանչնալ զանոնք։ Մաքսատան մը պաշտօնեային մարտահրաւէրը դիմագրաւելու պարագային՝ գող մը միշտ կրնայ ըսել, թէ խնդրոյ առարկայ արուեստի գործը գնած է հնավաճառներու շուկայէն՝ իր կնոջ համար։
Այսուհանդերձ, ոչ մէկ շուն մարզուած է՝ հին վարպետներու գործերուն հոտը առնելու համար։
Պոպ Ուիթման 1989-էն ի վեր կը գտնուի արուեստի ոճիրի դէմ պայքարին յառաջապահ գիծերուն վրայ։
Իր բեղուն ասպարէզին ընթացքին ան վերագտած է միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ արուեստի գողցուած գործեր՝ աւելի քան տասը երկիրներու տարածքին։
Ռամպրանթէն, Կոյայէն, Պրոյկըլէն եւ Ռոթքոյէն գեղանկարներ, Ճերոնիմոյի արծիւի փետուրներով պատերազմի սաղաւարտը, ինքաներու ոսկեայ մէկ զրահանդերձը պարզապէս քանի մը օրինակներ են անոր որսացած արուեստի գործերուն։
Անոր վերջին գործուղղումներէն մէկը կը վերաբերէր Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն գողցուած արուեստի գործերու եւ իսլամական ահաբեկչութեան միջեւ կապերու հետաքննութեան։
Իր ասպարէզին գրեթէ ամբողջ ընթացքին ան առանձինն աշխատած գործիչ մըն էր։ Այսօր «Էֆ. Պի. Այ.»ի արուեստի ոճիրներ հետապնդող խմբակը կը հաշուէ 12 գործիչ, որոնք կը գործեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Բրիտանիոյ «Սքոթլընտ Եարտ»ը ունի այս գործը հետապնդող 4 գաղտնի ոստիկան,
Ֆրանսա՝ 30։
Նկատի ունենալով մշակութային իր հսկայական ժառանգութիւնը՝ Իտալիա կը հպարտանայ ամէնէն մեծ թիւով գաղտնի ոստիկաններու իր խումբով, արուեստի գողցուած գործերու հետքը փնտռող 300 քարապինիերիներ, ներառեալ՝ գործիչներ, որոնք ուղղաթիռներով հսկողութիւն կը կատարեն երկրին հնագիտական անթիւ վայրերուն վերեւ։
ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՄԱՐԴ ՄԸ
Ինչպէս ոեւէ լրտեսի պարագային, Ուիթմանի գործը կը պահանջէ բարեկամանալ եւ դաւաճանել։
Աղուէսի նման խորամանկ, պողպատեայ ջիղերով, պերճախօս եւ ինքզինք իբրեւ ուրիշ մէկը ձեւացնող անձ մը ըլլալը անհրաժեշտ է այս ասպարէզին համար։
Նաեւ՝ ունենալ աննշան դիմագիծ մը, որ դիւրին կարելի է մոռնալ. ոչ մէկ սպի, ոչ ծաղկակաղամբի նման բացուած ականջներ, այլ՝ միջին հասակ եւ միջին կազմուածք։
Այլ խօսքով՝ պէտք է ըլլալ ինչ որ ամերիկացիք կը կոչեն «սովորական Ճօ» մը։ Զայն դրէք խճողուած սենեակի մը մէջ, եւ ան շուտով կը միաձուլուի անոր մէջ, ծառի մը բունին վրայ թառած եւ մարմնին գոյնը փոխած ցեցի մը պէս։
Այժմ՝ 53 տարեկանին գողութիւններու հետաքննութեան թագաւորը իր արծաթէ զինանշանն ու զէնքը կը յանձնէ ՝ գիրք մը գրելու եւ աւելի երկար ժամանակ անցընելու համար իր կնոջ ու զաւակներուն հետ։
Նոյնիսկ հանգստեան կոչուելէ ետք ան թոյլ չի տար, որ լուսանկարեն զինք։
Ան այժմ կը դարբնէ նոր ասպարէզ մը՝ իբրեւ արուեստի գործերու ապահովութեան գաղտնի խորհրդական, հետեւաբար թերեւս տակաւին կարիքը ունի ծածուկ գործելու։
Աւելի՛ն. մեծ է թիւը այն ոճրագործներուն, որոնք պիտի փափաքէին գիտնալ ինքնութիւնը հաճելի ոճով խօսող «Էֆ. Պի. Այ.»ի այս գործիչին, որուն պատճառով այժմ բանտ կը գտնուին։
«Ասիկա կը վերաբերի մարդկութեան սեփականութիւնը փրկելու», կ՚ըսէ Ուիթման, երբ հարց կու տամ, թէ ինչո՛ւ ընտրած է նման վտանգաւոր գործ մը։
«Իւրաքանչիւր երկիր տէր է մշակութային տարբեր ժառանգութեան, եւ զանոնք փրկելը մեզի աւելի իրարու կը մօտեցնէ իբրեւ մարդ արարած։ Երբ հարցը կը վերաբերի արուեստի, ասիկա տրամաբանութենէ աւելի բնազդի խնդիր է։ Մեր վրայ իր ազդեցութիւնը կը գործէ շատ խոր եւ զգացական ձեւով»։
http://www.aztagdaily.com/DisplayPage.php?page=7