Անցնող տարուան վերջաւորութեան, յատուկ արարողութեամբ գեղեցիկ սրբանկար մը զետեղուեցաւ Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Հայ հոգեւոր նորագոյն մշակոյթի պատմութեան մէջ ուշագրաւ երեւոյթ էր այս մէկը, որովհետեւ գեղանկարը իրագործուած է սովորականէն դուրս յղացքով, ժամանակակից լեզուամտածողութեամբ եւ ուրոյն արտայայտչաձեւերով: Նմանօրինակ արուեստի գործ մը բնական է, որ դիւրութեամբ եւ անմիջականօրէն պիտի չընդունուի աւանդապահ հաւատացեալներու եւ կամ կարգ մը հոգեւոր հայրերու կողմէ:
Հարցը այն է, որ մենք միջնադարէն ժառանգած ենք փառաւոր հոգեւոր բնոյթի մշակոյթ մը, զոր բաւարար կը համարենք իբրեւ հոգեւոր սնունդ, առանց անդրադառնալու, որ մեր նոր սերունդին համար այնքան ալ քաշողական եւ գրաւիչ չէ այս մէկը: Թէեւ ժառանգուած մշակոյթին մէկ կարեւոր բաժինը անժամանցելի է եւ արուեստի տեսակէտէն մնայուն արժէք կը ներկայացնէ, սակայն մեր արագավազ ու խիստ փոփոխական ժամանակներուն համար այդ մէկը կարիքը ունի վերաթարմացման ու աշխուժացման՝ համաձայն մեր երիտասարդ հաւատացեալներու ներքին թելադրականութեան:
Բուն խնդիրը այն է, որ ոչ միայն նորը ստեղծելու ճիգ չենք ըներ, այլեւ այդ հարցն իսկ գոյութիւն չունի սեղանի վրայ: Կը դժգոհինք եկեղեցիէն ու հոգեւոր ձեռնարկներէն խուսափող եւ հեռու մնացող երիտասարդութենէ, սակայն չենք մտածեր ու գործնապէս ծրագրեր, նոր սերունդի մտածողութեան, խառնուածքին ու գեղագիտական ճաշակին համապատասխան հոգեւոր մշակոյթ ստեղծելու մասին:
Պատուիրատու հոգեւոր հայրերն ու Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ պատկան մարմինները, նմանօրինակ ժամանակակից շունչով իրագործուած սրբանկար մը կախելով եկեղեցիին մէջ, գեղեցիկ եւ կարեւոր քայլ մը առած կ՚ըլլան ժամանակակից հոգեւոր մշակոյթ ստեղծելու առնչութեամբ:
Մեր խորին համոզմամբ, նմանօրինակ աստուածահաճոյ քայլեր պէտք է առնուին մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս՝ ե՛ւ երաժշտութեան, ե՛ւ գրականութեան, ե՛ւ միւս արուեստներու պարագային եւս: Առաւել, բոլոր անմակարդակ սրբանկարները պէտք է, որ վար առնուին ու փոխարինուին նրբաճաշակ եւ բարձրորակ հոգեւոր արուեստի գործերով։ Այնքան ատեն որ պիտի անտեսենք մեր երիտասարդութեան գեղագիտական ճաշակն ու հոգեմտաւոր պահանջները, անոնք խուսափողական կեցուածք պիտի ունենան եկեղեցւոյ հանդէպ: Եւ նոյնիսկ եթէ աղօթեն անոնք, ապա աղօթքը պիտի ըլլայ բռնազբօսիկ եւ, հետեւաբար, նաեւ՝... տհաճ իրենց համար:
Անցեալին աղօթքը գեղագիտական հաճոյք էր նաեւ...
Այսօր եւս նոյնը պէտք է ըլլայ...:
Շարժառիթը այս խորհրդածութեան Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած վերոյիշեալ սրբանկարն է, որուն հեղինակը նախկին եգիպտահայ, այժմ մոնրէալաբնակ գեղանկարիչ Պերճ Չաքըճեանը անծանօթ անուն մը չէ մեր ընթերցողներուն համար: Ան բոլորովին տարբեր եւ ինքնատիպ լուծում տուած է այս սրբանկարին: Առաջին հարթութեան վրայ պատկերուած է «Վերջին ընթրիք»ի սեղանը: Քրիստոսն ու առաքեալները կը բացակային։ Գոյութիւն չունին նաեւ անոնց աթոռները։ Սակայն անոնց փոխարէն սեղանին վրայ նկանակի եւ գինիի կողքին պատկերուած են մատնութեան եւ չարչարանքի խորհրդանշանները. Յուդայի արծաթադրամները, Քրիստոսի փշեպսակն ու խաչափայտի գամերը, որոնցմէ կաթկթող արիւնը տակաւին թարմ է եւ թելադրական։ Պատուհանի վարագուրուած բացուածքէն հեռուն, հորիզոնին վրայ կը բարձրանայ նորածագ Խաչ-Արեւը, ու իր աստուածային լոյսով կ՚ողողէ աշխարհն ու սուրբ սեղանը։ Սեղանին կեդրոնը դրուած է քրիստոնէութեան խորհրդանիշ ձուկը։ Այս մէկը եւս իւրայատուկ լուծում ունի եւ կը տարբերի միւսներէն։
Ձուկը (որուն գլուխն ու պոչը ողջ կը թուին ըլլալ տակաւին), կերուած ու բաշխուած Է մարդկութեան՝ իբրեւ հոգեւոր սնունդ, իբրեւ քրիստոնէական գաղափարախօսութիւն։
Ինչպէս կը նշմարէք, քանի մը առնչակից թեմաներ մէկտեղուած են նոյն ստեղծագործութեան մէջ, ուրկէ թէեւ կը բացակայի Յիսուսը մարմնապէս, սակայն ան ներկայ է հոն իբրեւ ոգեղէն գոյ, որ շատ աւելի յարիր է Քրիստոսի աստուածային բնոյթին, աւելի քան՝ մեզի ծանօթ շատ մը սրբանկարներ։
Մեր թելադրածը մշակութային յեղափոխութիւն չէ, այլ մեր միջնադարեան հոգեւոր մշակոյթի եղափոխութիւնն ու պատշաճեցումը՝ մեր նոր սերունդի գեղարուեստական ճաշակին։ Ի՞նչը մեզ կը խանգարէ, եթէ երբեք Մեծարենցի «Ուրախութիւն անանձնական» բանաստեղծութիւնը իբրեւ աղօթք մատուցուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Ի՞նչը մեզ կը խանգարէ, եթէ երբեք «Սիսթըմ աֆ է տաուն»ի «Տէր ողորմեա»ի երաժշտական պատշաճեցումը (որ մեր կարծիքով իր տեսակին մէջ գլուխ գործոց մըն է) իբրեւ շարական հնչեցուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Սակայն այս մէկը իրագործելու համար անհրաժեշտ է, որ որոշ թապուներէ հրաժարինք եւ հասկացողութիւն ու հանդուրժողականութիւն ցուցաբերենք՝ հանդէպ պատճառաբանուած նորարարութիւններու։
Ժամանակին լիբանանեան կարգ մը եկեղեցիներ սրբանկարներ պատուիրեցին Փոլ Կիրակոսեանին։ Անոր ստեղծագործութիւններէն շատեր բուռն ընդդիմութիւններու բախեցան, յատկապէս «Սենթ Անթուան տը Փատու» եկեղեցիի պարագային։ Հոգեւոր հայրերը, պատկան մարմիններն ու նոյնիսկ բարերարները երկու մասի բաժնուեցան։ Այսօր բոլորն ալ միահամուռ կերպով հպարտ են Փոլ Կիրակոսեանի թէ՛ ստեղծագործութիւններով եւ թէ՛ անոր բերած գեղարուեստական նորարարութեամբ։ Անկասկած որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ Պերճ Չաքըճեանի եւ նմանօրինակ այլ ստեղծագործութիւններու պարագային։
Փոլ Կիրակոսեանը մեր միակ նորարար սրբանկարիչը չէ մեր արդի եկեղեցական պատմութեան մէջ։ Եղած են մերժուածներ, ինչպէս՝ Հուրի Շիքերճեանի, Յակոբ Յակոբեանի եւ կամ Ժանսեմի պարագաներն են։ Անոնց կերտած Տիրամօր կերպարները չկախուեցան հայկական եկեղեցիներու մէջ, պարզապէս անոր համար, որ իրենց արտայայտչաձեւերով եւ մեկնաբանութեամբ կը խախտէին աւանդականը։
Վերածնունդի իտալացի սրբանկարիչները երբ կը պատկերէին Տիրամօր եւ կամ Յիսուսի կերպարը, անոնք իբրեւ բնորդ կը վերցնէին իրենց ժամանակակից մայրն ու այրը։ Իսկ երբ Յակոբ Յակոբեան կը պատկերէր հայ գեղջուկ մայրը իբրեւ Տիրամայր, կը մերժուէր Էջմիածնի կողմէ։
Այսօր Ափրիկէի մէջ Յիսուսն ու Տիրամայրը կը պատկերուին իբրեւ սեւամորթներ՝ առանց բարդոյթի։ Մենք եւս պէտք է հետեւինք նորարար սրբանկարիչներու եւ մեր եկեղեցիները օժտենք ժամանակակից հոգեւոր արուեստով։
Եթէ այցելելու ըլլաք Հռոմի կարգ մը եկեղեցիներ, ի մասնաւորի Պանթէոնը, պիտի նշմարէք, որ անոնց մէջ զետեղուած են նոյնիսկ տարօրինակ եւ արտակեդրոն բնոյթի սրբաքանդակներ եւ սրբանկարներ։ Սալվատոր Տալիի «Խաչելութիւն»ն ու Լեզալիտոյի «Վերջին ընթրիքը» այս իմաստով բացառիկ նմուշներ են։
Երբ Եթովպիոյ մէջ ծափով ու պարելով կ՚աղօթեն, ի՞նչը կը խանգարէ մեզ վերաթարմացնելու եւ վերաշխուժացնելու մեր հոգեւոր մշակոյթը... նոր ու ժամանակակից ոգիով իրագործուած ստեղծագործութիւններով։
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=18301