Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 6 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 6 հատից

Թեմա: ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

    ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՀԵՏ
    Խուցիս ճերմակ վարագոյրները կը սարսռան. գետընթաց հո՜վն է դարձեալ, որ ապակիները կ՚ալեկոծէ ու կը փռուի մինչեւ բաղձանքիս աւազներուն վրայ։
    Հո՜վն է դարձեալ. խուցիս աշունը՝ դեղին ու կարմրորակ տերեւի անդրադարձ խոշոր կայլակներով արցունքոտած՝ իղձի ու թախծութեան ամպոտ վայրկեանի մը մէջ՝ կը սպասէ աղօթքին։ Նախնականութեան բաղձանք մը՝ երկիւղով մակարդուած, առհաւութեան հեռալուր ձայն մը՝ կարծես հովին արհաւրոտ ձայնին ընդխառնուած՝ յետոյ անկէ տարանջատ՝ կը կոթողուի մէկէն հոգիիս մէջ։ Ու բոլոր ուրուագիրներուն ու պատկերներուն մէջէն, որոնք անոր շրջանը կ՚ընեն հիմակ, բոցով շրջանակուած դիմագիծ մը, հայեցողի միստիք, մշուշոտ, աղօթաւոր կենդանագիր մը կ՚որոշագծուի հոն մինչեւ ճակատին ակօսները՝ զորս Մեղքի գաղափարին արօրն է քաշած. մինչեւ աղերսարկու աչքերուն թախծոտ նայուածքը՝ աստուածեան հուրով մը տոգորուած. ու մինչեւ շուրթերուն աղօթկեր երերումն ալ։ Նարեկացի՜ն է. սրբութեան իղձին կրակովը վառուած անշէջ մորենին, մեծ աղօթասաց բանաստեղծը՝ որ կը հառաչէ.
    «Մատուցեալ եդեալ ի հուր թախծութեան անձին տոչորման՝ զպտուղ ըղձից ճենճերոյ սասանեալ մտացս, բուրվառով կամացս առաքել առ քեզ...»։
    Հո՜վն է դարձեալ. եւ անոր հեւքին հետ, իրար բախող ձայներու մակընթացութեան մէջէ՝ն անտես ու զգալի աստուածն է, որ կ՚անցնի, եւ հոգին կը տարուի յորձանքներէն, երկիւղի խորանին առջեւ իր աղօթքը աղաղակելու.
    «Ընկա՛լ քաղցրութեամբ, Տէ՜ր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս, բացադրեա՛ վերնային, զմոլելոյն մառախուղ. պարփակեա՛ քո ձեռամբդ զառաստաղ տաճարիս. գծագրեա՛ քո արեամբդ զմուտ սեմոց սենեկիս. տո՛ւր հանգիստ բերկրութեան մահահանգոյնս նիրհման...»։
    Որքա՜ն քաղցր պիտի ըլլար այս ամպամած գիշերոտ տիւին մէջէն ընդնշմարել յանկարծ կապոյտ բարութիւնը՝ որ ճառագայթով մը ժպտէր հոգիի սրահակներուն մէկ ծերպէն՝ եւ աղերսագին կանչե՛լ.
    «Պաղատիմ առ քեզ լուսոյ ճառագայթ...»։
    Բայց, ահա՛ ճառագայթն է. «ամենափայլ ճառագայթը», «խոստովանեալ լոյսը», «արփիացնցուղ ցօղը», «տօնելի խոնարհութիւնը», «փրկական համբոյրն» է այդ ոսկեթել նուրբ շառայլը՝ որ կը սահի հոգիին խորը՝ քայքայուած երազներու տրցակը ժապաւինելու։
    *
    * *
    Նարեկը ալեկոծութիւն մըն է. հոգեկան վրդով մրրիկ մը եւ ալեկոծութիւն մը՝ ուր բառերն ու կշռութիւնները ալիքներու բախումին չափակցութիւնը՝ անոնց ինքնակործանման շաչումները՝ անոնց իրարահալած խաղացքն ու անկումները ունին։
    Եւ այս ալեկոծութիւններուն մէջ, յորձանքներու ափը ընկած պզտիկ նաւակ մը կայ, զոր կոհակները ոչինչի մը պէս ձեռքէ ձեռք կը նետեն, մինչեւ խորտակում.
    «... Ուստի նաւն ի բախմանէ վայրենի ալեացն խորտակեցաւ»։
    Հոս պատկերի խիստ ու նկարչական ճշգրտութիւն մը կայ, իր մանրամասնութիւններուն ու ամբողջական ներկայացումին մէջ ալ՝ այնքան հուժկու ու իրախնդիր՝ որ նմանութիւնը հրաշալի կերպով կ՚անձնացնէ.
    «Թեւնոց ձեռնարկութիւն քայքայեցաւ, կայմն ամբարձման՝ ի կայից իւրոց խլեցաւ, առագաստին թռչարան յանկարկատելի ծուէնս պատառեցաւ, շինուածոյն շուք անզարդեցաւ, առասանք ձգողականացն խզեցաւ, տեսարան գլխոյն դիտակի խոնարհեցաւ, ապավանդակին պարան կտրեցաւ, ապաւինութիւն խարսխին լուծաւ, սամիք ուղղչացն յետոց գալարեցան, ղեկացն կառուցմունք անդրէն սուզան, գոգք ամփոփման ծոցոյն կազմածոյ անարգեցան, խելք շրթանցն եզերաց խախտեալ ոստեաւ...»։
    Բայց դեռ չէ՛ վերջացած նկարագրութիւնը այս նաւաբեկութեան. հապա նաւուղիղն անձկութի՜ւնը.
    «Նաւուղիղն հանդէպ նաւին դեգերեալ ողբայ. ձեռն ի ծնօտի եդեալ՝ արտասուաց գետս իջեցուցանէ»։
    Եւ հուսկ ապա խլեակներու թախծագին երերումը ջուրերուն վրայ...
    «Նշմարք սակաւ մնացուածոցն՝ ի ծայրից ծփմանց ազդելոյ ծովուն, իբր խողխողեալ բանաւոր, ողորմագին թախծանօք հեծէ»։
    Նմանութիւնը հոս կը վերջանայ՝ բայց անդին հոգեկան վերականգնումին յոյսը կայ՝ թէեւ քիչ մը երկուական՝ ինչպէս ճառագայթ մը մշուշի մէջ նշուլացած.
    «Իցէ՞ արդեօք տեսանել զփշրեալս նաւ ողբալի հոգոյս ողջացեալ. արդեօք մտի՞ց ի խրախճանութիւն խորանին լուսոյ՝ քեւ առաջնորդեալ...»։
    Բայց վերջապէս մշուշը կը փարատի, ու ոսկի ճառագայթը կը փայլփլի յստակ.
    «Իսկ եթէ լոյս ողորմութեան բարերար կամաց քոց ցուցցի, գթութեան քո դուռն բացցի, ճառագայթ փառաց քոց ծաւալեսցի, առաւօտիդ ըղձալի տեսիլ մերկասցի, առատութիւն քաղցրութեան քո աղբերասցի...»։
    Ու հոգին ցանկալի ցոլարձակ Վաղորդայնը...
    Ահաւասիկ ուրիշ նմանութիւն մըն ալ՝ խեղդուողին նմանութիւնը՝ ուր բառերը պատկերին տեսողական ու ձայնագրական ճշդութիւնները միայն կը ցոլացնեն.
    «Եւ քանզի ի ծուփս բացմավտանս ալետանջ հողմոյ սաստկապէս զզուեալ ուժգին լալկանօք իսպառ տագնապմամբ ի ծովին, փոխեալ ընկեցեալ ի վտակն վայրենական ողողիչ. առ որս զմատունս ձեռացս այսր անդր տարբերեալ, իբր ի յուսանաց գետոց գարնանազայր գետոց, արտաձգեալ յակամայ ընթացս ողորմագին գլորման, ջրակուլ ոգեսպառ պղտորարբութեամբ, դաժանահոտ սկախառն մամռարմատ խառնախռիւ մահաբեր երկամբք վանեալ, ըստ որոց յուղխիցն հեղեղիցն հեղձուցեալ...»:
    Եւ այս ալեկոծումներուն ու ծփծփանքներուն վերեւ միշտ կը փթթի փրփուրներուն շուշան ծաղիկին պէս՝ «լոյսի հարս» Աստուածամարին՝ ցնծութեան ու կուսութեան ճերմակ գաղափարը.
    «... Անխառն իբրեւ զօդ, մաքուր որպէս լոյս, անշաղախ՝ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեկին բարձրութեան, գերազանց քան զբնակութիւն անկոխելին սրբութեանց, երանաւոր խոստմանն տեղի, եդեմ շնչական, ծառ կենացն անմահից՝ բոցեղէն սրովն պարունակեալ...»:
    Եւ ի՜նչ աւելի տօնելի ու ցանկալի է, քան այս խաւարամած հոգիին մէջ կայլակող կուսութեան ձիւնաթոյր շիթը.
    «Ահա՜ կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ՝ կենաց ինձ զօրէ...»:
    Բայց պահեր կան, ուր վերստին կը բարձրանայ, կը շրջշրջի հոգիին մէջ Մեղքի գաղափարին միահեծան մրրիկը՝ խուռնամբոխ անթուելի տարրերով լեցուն.
    «Իսկ մեղանք իմոցս յանցանաց՝ անթիւք. ոմն եւ բիծք իւր, ոմն եւ փուլք իւր, ոմն եւ արմատք իւր, ոմն եւ ճիրանք իւր, ոմն եւ շանթք իւր, ոմն եւ հրդեհմունք իւր, ոմն եւ վիհք իւր...»:
    Եւ դեռ անհամա՜ր, անհամա՜ր...
    Ուրեմն պէտք է աղաղակե՜լ դարձեալ, իղձի կրակին մէջ աղօթքի խունկովը բուրվառանալ՝ եւ հառաչել թախծութեան երգը.
    «Ընդ աղաչուացն նեղելոյ մշտագիշերն խարխափանօք՝ մեծակական ձայնիւ հառաչեմ»:
    «Ահա կարկառեմ զկարկամեալ բազուկս հոգւոյս յանուն քո, հզօր...»:
    «Լուռ լռութեան սրտիս, Տէ՛ր Յիսուս, որ հնչումն է առ քեզ մեծութեան ձայնի երկար գոչելոյ»:
    Թշուառացեալ կիսամեռութեամբ, դիմօք այլայլութեան, տատանմամբ մատանցս, կարկամ հառաչմամբ, նուաղ հեծութեամբ, նրբական ձայիւ, հոգի թախծութեան յոգնամասնեայ տարակուսանաց՝ ողբալով հառաչեմ»:
    «Եւ այդ ջուր կամաց եւ կաթ արտասուաց՝ բեկութեամբ հոգոյս մտացս լքմամբ՝ խորտակմամբ սրտիս հեղեալ առաջի...»:
    Եւ սակայն այս աղջութիւններուն մէջէն նորէն պիտի ծագի արեւը. լուսաշող այն արեւը՝ որուն առջեւ աղերսագին կը հեծեծէ աղօթողը.
    «Միասցի կնիքդ լուսոյ ի գեղ տեսակիս, ամրութեանդ նշան հաստատեսցի ի տիպ դիտակիս, երեւակ կենացդ փայտի ձեւասցի ի պատկեր այտիս, արուեստդ հրաշից ի ճակատիս շուք նշանակեսցի: Մի՛ այլայլեսցէ յինէն դրոշմդ լուսապաճոյճ, մի՛ բարձցի ի տեսանելեացս բբաց ճաճանչդ օրհնութեան...»:
    Կամ սա լուսախնդիր աղաղա՜կը կ՚երկնէ.
    «Ընդ սկզբան սերմաս լուսոյ զողորմութիւն քո ծագեա՛, ընդ ելից արեւուն՝ արդարութեան արեգակնդ ի յանձկութիւն սրտիս մտցէ ճառագայթ քո փառացդ ի յիմաստիցս խորհրդանոց ջահեսցի»:
    «Ամպով կամաց քոց հովանացիր հրաշապէս, հանդարտեցո՛ փայտիւդ կենաց զծովուս մրրիկ...»:
    Եւ այդ արեգակը, «անբաւութեան այդ ձայնը», անմատչելի հեռաւոր եւ անընդմիջելի մերձաւոր այնքա՛ն պայծառ, այնքա՛ն բարի է որ...
    «Ոչ կիզեր զբերանս լցեալ նանրութեամբ, ոչ ստուերացուցեր զտեսիլ աչացս ի քումդ ակնարկութեան, ոչ խորտակեցեր զդաստակ բազկիս որ անմաքրապէս առ քեզ համբառնայր, ոչ մանրեցեր զոստս իմոց մատանցս ի շօշափելն զբանդ կենաց...»:
    Եւ իր ինքնութեանը մէջ լոկ որքա՜ն բաղձալի է այդ «անմուտ արեգակը», որուն կը վազէ մեծ աղօթողին հոգին՝ ինչպէս մարած մոլորակ մը իր մայր արեւին.
    «Ոչ փառք են ինձ անձկալի, այլ փառաւորեալն է համբուրելի.՛ ոչ կենացն փափաքանօք, այլ կենարարին յիշատակաւն միշտ ճենճերիմ. ոչ հարսնարանին խնճոյիւք, այլ փեսային անձկութեամբ մաշիմ...»:
    *
    * *
    Իր մեծ ու քայքայիչ տխրութիւններէն զատ Նարեկցին ունի նաեւ հիւանդագին մելամաղձութիւններ. աղերսարկու, միջանկեալ բացասականներու թախծութիւնը՝ որ հոս-հոն մանիշակի պէս կը նշուլէ.
    «Մի՛ լիցի ինձ երկնել եւ ոչ ծնանել, ընթանալ եւ ոչ հասանել, ինձ ձայնել եւ քեզ ոչ լսել, զոհել եւ ոչ ճենճերել...»:
    Եւ կամ՝ լուսեղէն վայրկեաններուն մէջ իսկ՝ մեղքի նախազգացման տրտմութիւնը.
    «Մի ընձիւղեր զծաղիկ մեղացս...»:
    Ու վերջապէս հետեւեալ աղաչանքը.
    «Մի՛ մատուցաներ բաժակ դառնութեան ի ժամ ծարաւումի՛ իբր յանկարծադէպս յինից ասպատակ գիշեր մահուն ինձ պատահեսցէ. մի՛ տապ տօթոյն յանպատրաստ պահուն զարմատս հատեալ ցամաքեցուսցէ. մի՛ պահեսցի ինձ սառն մեղացս, եւ մի՛ հոսանք ուղխից կենցաղոյս զիս ողողեսցեն...»:
    Բայց բոլոր այս խաւարներուն ու մշուշներուն, ծփծփումներուն ու յորձանքներուն ետին, յաւիտենական, երջանիկ, անշիջանելի գաղափարը կայ պահուած. եւ կու գայ կամքի ու գիտակցութեան արեւոտ այն վայրկեանն ալ՝ ուր երջանիկ ձայնարձակութիւնը կը լսուի.
    «Տօնեա՛ զկեալս կորուսեսլոյս վերնականացն պարերգութեամբ»:
    Եւ այս վայրկեա՜նը...
    ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

    ՏԿՃՈՐԻՆ ԵՐԳԸ
    Իրիկնալոյսին ծիրանի ծովուն մէջ կղզիացած արտասուող ուռիներու շուքին տակ, հովիտին խորը, ահա՛ւասիկ իմ երգս, արօտներուն շունչովը լեցուն. ահա՛ւասիկ իմ երգս, առուեզերքի անուխին ու ռեհանին խունկովը օծուն. ահա՛ւասիկ իմ երգս, հնձուած արտերուն ու հերկուած հողերուն բոյրովը, արեւեփ խաղողներուն ու մեղրացած թուզերուն անուշոյքովը ակաղձուն. իմ երգս՝ իղձի պէս, արցունքի մը պէս պարզ ու վճիտ՝ որ իրիկուան ոսկի հրեշտակին հետ թեւ առած կը թռչի, սարերն ի վեր, կապո՜յտն ի վեր։
    Աւանները, անշարժ անդորրիկ իրիկուան մէջ, իրենց ծխնելոյզներէն փթթող ծուխի մանիշակները կ՚ոսկեջրեն. տարածուն ու դաշնաւոր քաղցրութիւն մը կը մշշանայ անդաստաններուն վրայ, ջուրերուն վրայ, գիւղակներուն վրայ։ Իրիկունը շէկլիկ հերարձակ, առոյգ արքենի իրիկունը շահասպրամներով, մանիշակներով, վարդերով զարդարուած, իրիկունը, ոստոստուն, կը սահի-կ՚անցնի քովէս։ Ես իրիկուան տարփաւորն եմ, ու իմ երգս, պարզ, պարզ իմ երգս, անանուն դողերով, անհամար թրթռումներով լեցուն է հիմակ, ուռիներու շուքին տակ, հովիտին խորը։
    Ցերեկուան արեւին հուրքովը գինովցած պարտասուն հոգիներ,ճերմակ լաթերով դաշտի՜ մշակներ, եկէք ունկնդրել իմ երգիս. իմ երգիս, որ բիւրազան բուրմունքներու խուրձ մըն է, իմ երգիս, ուր ձեր քրտինքին, ձեր երանութեանց ու ցաւերուն աղաղակը, ձեր սիրական հովերուն, ձեր սիրական ջուրերուն, ձեր սիրական մտերիմ, դրացի արագիլներուն ու թռչուններուն համերգութիւնը կայ թառած։ Ահա՜ կ՚անցնի իրիկուան բամբիշը. ահա անցան իրիկուան օդանոյշները, ջրանոյշները. ա՜լ թողէք բահը. հերի՛ք հերկեցիք, հերի՛ք հողին նայեցաք, հերի՜ք անոր հակեցաք այսքա՜ն ատեն. ստուերները կը լճանան տակաւ. իրիկուն է. անգամ մըն ալ վե՜ր նայեցէք, դէպի կապոյտին փառքը, ու ձեր մտածումը, հողին գորշութենէն յափրացած, թող սաւառնի հոն. եկէք շարուիլ ծառերու շուքին տակ. թող երազնիդ վազէ՜՝ անծանօթ նազելի հուրիներուն ետեւէն, դէպի անտես նիմփարաններ. նայեցէք անծայր, անծիր դաշտերուն, ծաւալական ջուրերուն, մինչեւ որ հեռապատկերներուն յոգնութենէն ձեր կոպերը խտղտին, պրկուին, փակուին. ու փակաչք՝ ունկնդրեցէք իմ երգիս։ Ո՜վ բարի մշակներ, ականջ դրէք իմ երգիս, ուռիներու շուքին տակ, հովտին խորը։
    Ահա՛ ծիծեռնակներու պարը. եթերէն վար իջնող ստուերի փերթերուն հետ, ծիծեռնակները՝ իրենք ալ թանձրացած-մարմնացած ստուերները՝ խուսափական լոյսերուն հետ գրկուած կը պարեն իրենց իրիկնային պարը. կը դառնան, կը դառնան, եւ իրենց շրջշրջումին մէջ երբեմն ա՜յնքան կը մօտենան, կը հպաւորին իմ կուրծքիս, ա՜յնքան, ա՜յնքան որ՝ նոր անծանօթ յորձանք մը իմ երգս կ՚ալեկոծէ եւ անոնց թռիչքին երգը, պլլըուած իմ նուագիս, իրիկնավերջի սղոխին փայլուն դաշնակութեան հետ, վիտակ-վիտակ կը գծգծուի ասմազուն միջոցին մէջ՝ որ հետզհետէ կ՚ամպարծաթի: Ես պիտի թրթռամ, տերեւներուն հետ, թռչուններուն հետ, հովին հետ. բոլոր ձայներուն, բոլոր երանգներուն, բոլոր բուրումներուն հետ, ես տակաւին պիտի սարսռամ հոս իմ երգս, ուռիներու շուքին տակ, դալարաստուեր հովտին ծոցը:
    Դարձէ՛ք ձեր օրուան աշխատութենէն, դարձէ՛ք, բարի մշակներ. գիշե՛ր կիսալուսինը ոսկեզօծ. ձեր միգապատ տուներուն ծիրանացոլ բիբերը կը փթթին բլուրին կատարէն. ձե՛զ կը կանչեն. դարձէ՛ք, դարձէ՛ք. եւ ահա՛ տանիքներուն վրայ ձերինները կը պարեն, ձեռքերնին իրենց ճակտին քիւ ըրած, հորիզոնին լուսալիճ անդորրին մէջ երազուն ձեր սիլուէթներուն ետեւէն թափառելով. ամբողջ տունը թեւաբաց կը սպասէ ձեզի, դարձէ՛ք, դարձէ՛ք: Երդիքին ետին, արուսեակը մշտածիծաղ կը թարթափի, հեռաւո՜ր, պայծառ ու լուսարձակ՝ ինչպէս ձեր խղճին ձայնը՝ որ ձեր աշխատանքին արեւոտ տիւէն վերջ, ձեր գոհունակ հոգիներուն զովասուն երջանիկ գիշերին մէջ կը ճառագայթէ: Օ՜ն, դարձէ՛ք, ձեր օրուան աշխատութենէն դարձէ՛ք: Տունը դեռ գրկաբաց կը սպասէ ձեզի: Տունը՝ որ գիտէ ձեր յոգնութիւնները, ամբողջ օրուան մը ձեր չարքաշութիւնները, ձեր բովանդակ հոգերն ու հոգին. եւ ինչպէ՜ս գիտէ ժպտիլ, ամոքել, սիրե՛լ: Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք, ու երբ տանիքներու վրայ փռուած ձեր անկողիններուն մէջ, լուսաւորներու աննիւթ անձրեւումին տակ անդորրաւէտ քնանաք, կիսալուսնին ոսկելոյս համայիլն ալ պիտի առկախուի, մնայ հոն՝ ձեր երդիքներուն վրայ: Օ՜ն, դարձէ՛ք ձեր օրուան աշխատութենէն, դարձէ՛ք. որովհետեւ իմ երգս ալ ահա՜ գիշերուան մէջ կը հալի՜, կը հատնի. որովհետեւ չեմ ուզեր ա՜լ փեթռտել երջանիկ լռութիւններուն ծաղիկ ցայգերգը՝ որ թօ՛շ կը բացուի հովտին խորը, ուռիներու շուքին տակ:
    Մ. ՄԵԾԱՐԵՆՑ
    http://www.aztagdaily.com/DisplayPage.php?page=5
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

    ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ


    Վերջերս մի բարեկամ բողոքում էր, որ հայկական դպրոց աւարտած իր զարմիկներին Մեծարենց էր կարդացել, իսկ նրանք արհամարհանքով հեռացել էին` ասելով, որ չեն հասկանում, ինչո՞ւ ժամանակ վատնել: Պիտի ընդունենք, որ սփիւռքի իրական պատկերն այս է` հայկական դպրոց աւարտածներին դժուար ընկալելի է հայ լեզուն, իսկ մեր հարուստ գրականութիւնը անհետաքրքիր` օտարի աղքատ թափթփուկներով սնուող իրենց հոգիների համար: Բայց արդեօ՞ք դա մեզ իրաւունք է տալիս ձեռնածալ նստել ու դիտել մեր լեզուի, մեր հոգեւոր սնունդի կորուստը:
    Ոչ մէկս կարող ենք գուշակել թէ ի՞նչ են բերելու հետագայ ժամանակները, ինչո՞վ են սնուելու մեր սերունդները, ի՞նչ ճանապարհ է անցնելու մեր լեզուն, ի՞նչ նժարի վրայ են դրուելու մեր ունեցած հարստութիւնները:
    Մեր` ստեղծագործողներիս, պարտքն է հրամցնել մեր հարստութիւնները, յատկապէս երբ դրանք հարիւրամեակի խորքից են գալիս, յատկապէս դրանց ստեղծողը ոչ թէ այսօրուայ հայ լեզուն ոտնատակ անող երիտասարդ է, այլ իր տառապանքի գնով մեր լեզուն ու զգացումները մի այլ ոլորտով հարստացրած պատանի: Այս ամէնի մղումով է, որ իմ պարտքը համարեցի յատուկ յօդուածով մէկ անգամ եւս յիշեցնելու, որ սփիւռքահայ նոր սերունդին ամէն գնով, առանց զիջումների պարտադրուելու է մեր լեզուն ու նրանից եկող հարստութիւնները, քանի դեռ մեր եզակի տաղանդները հարիւրամեայ երթի մէջ են:

    ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱԽՕՍԸ
    «Աշխարհից հեռու մի գիւղում, եղէգնեայ մի սրինգ կտրած,
    Արեւ է երգել ու գարուն այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին»:
    ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

    Այսպէս է մեծարել արեւելահայ մեծ բանաստեղծ Ե. Չարենցը արեւմտահայ իր մեծ գրչակից ընկերոջը` Միսաք Մեծարենցին:
    Չարենցի բնորոշմամբ, «արեւ ու գարուն» երգած այս պատանին մեր գրականութեան մէջ իր մնայուն տեղն է գրաւել որպէս սիրոյ եւ բնութեան իւրայատուկ երգիչ, ստեղծելով իր` մեծարենցեան աշխարհը:
    125 տարի է անցել նրա ծննդեան օրից եւ իւրաքանչիւր տարի սիրոյ եւ բնութեան իմաստն ու գեղեցկութիւնը, մարդկային հոգու նրբութիւնն ու խորութիւնը գնահատողները հրճուանքով են ընդունում նրա ծննդեան յիշատակումը, քանի որ այդ ծնունդով հարստացաւ ոչ միայն մեր բանաստեղծութեան պատմութիւնը, այլ` այն ըմբոշխնող սերունդների մի անհաշուելի թիւ:
    Թէեւ նրա կեանքը ամենեւին էլ արեւով ու գարնան բոյրերով ողողուած չի եղել, թէեւ շատ կարճ, մահուան հալածանքով լեցուած կեանք է ունեցել, թէեւ իր բարձրարուեստ մուտքը գրականութեան մէջ ծնծղաներով ու շեփորներով չի ընդառաջուել, բայց նա հաստատ հաւատով թղթին է յանձնել իր աներեւակայելիօրէն հարուստ, խորը մտածումների ու զգացումների աշխարհը:
    Սքանչելիօրէն հարուստ արեւմտահայ քնարերգութեան տաղանդաւոր փաղանգի իւրաքանչիւր անուն` Պ. Դուրեան, Դ. Վարուժան, Ռ. Սեւակ, Սիամանթօ, Զարիֆեան, ովքեր իրենց դրոշմը թողեցին մեր գրականութեան մէջ, միշտ էլ ապրել են երկու հրէշաւոր ճնշումի տակ` թուրքի եւ թոքախտի: Երկուսն էլ հաւասարապէս իրենց աւերն են գործել մեր երիտասարդ տաղանդների կեանքում: Մեծարենցից առաջ մէկ այլ տաղանդ` Պետրոս Դուրեան անունով, իր դրոշմը թողել ու հազիւ 21 տարին բոլորած` թոքախտից տառապելով հեռացել էր կեանքից: Մեծարենցից ութ տարի յետոյ ծնուած մէկ այլ գողտրիկ բանաստեղծ` Մ. Զարիֆեանը, թուրքի նոյն հարուածով հիւանդացած, իր հոգին աւանդել է թոքախտով` 30 տարին նոր բոլորած:
    Նրանից երկու տարով մեծ Վարուժանի եւ նրանից մէկ տարով փոքր Սիամանթոյի եւ Ռ. Սեւակի կեանքը ընդհատուել է թուրքի բարբարոս սպանդով: Կեանքի անարդար հարուածով` բոլորն էլ կարճ ապրած, ստեղծագործական թափով ու տաղանդով` բոլորն էլ հսկայ, իւրայատուկ, եկան յղկելու, լոյսով ու սիրով լեցնելու, հարստացնելու մեր լեզուն, մեր միտքն ու հոգիները, մեր ներաշխարհը:
    Մեծարենցի կեանքը, թէեւ ճակատագրով կապուած է նրանց, բայց իր տաղանդի փայլատակումով բոլորովին տարբեր է նրանցից:
    Եփրատի ձախ ափին փռուած Ակնի Բինկեան գիւղում 1886թ. յունուարին ծնւում է Մեծատուրեան ընտանիքի չորրորդ զաւակը` Միսաքը: Մեծատուրեան զոյգն արդէն երջանկացած էր երեք զաւակով, ունէին մէկ աղջիկ, երկու տղայ եւ անշուշտ սիրով են ընդունում ընտանիքի նորածին մանչուկին, անտեղեակ, որ ծնունդ են տուել մի բացառիկ տաղանդի:
    Արածանիի ժայռերի վրայ ծուարած նրա ծննդավայրը` Բինկեան, այնքան գեղեցիկ բնութիւն է ունեցել, հարուստ ծառաստաններով ու ժայռոտ կիրճերով, որ կարծես մօր կաթի հետ իր էութեան մէջ ներծծել է նաեւ այդ ամբողջ գեղեցկութիւնը, նրա գոյներով լեցուած աչք բացել, դրանով սնուել ու մեծացել եւ այդ գեղեցկութեամբ էլ մանկութիւնից ընկալել է շրջապատը, աշխարհը, մարդկային զգացումները:
    Այդ փարթամ բնութեան նրբահիւս աւիշով էլ ձեւաւորուել է մանուկ Մեծարենցի հոգին ու միտքը: Թէեւ նա միայն ինը տարի է ապրել այդ գիւղում, դեռ գիտակցական կեանքին նոր ոտք դրած` հեռացել է այնտեղից, բայց մանկութեան ամենաջինջ զգացումներով վայելել է նրա անկրկնելի գեղեցկութիւնն ու խորհուրդը, որին կապուած է եղել տենդօրէն, եւ որն անջնջելիօրէն դրոշմուել է իր հոգու մէջ, դարձել իր արեան բաղադրիչ մասը: Մի քանի տարի անց, հեռաւոր Պոլսում իր բանաստեղծութիւնները նա շաղախելու է իր յիշողութեան մէջ բոյն դրած այդ բնապատկերի գոյներով:
    «Ու կ՛երկարի՜, կ՛երկարի՜
    Խմբանկարը տուներուն
    Տարտամօրէն փաթթըւած
    Մէջն ապրշում մըշուշին
    »:
    Բնութիւնից իր մէջ դրոշմուածը նա դարձրել է ոչ միայն իր բանաստեղծութիւնների հենքը, այլ այդ գեղեցկութեան վրայ է կառուցել իր ստեղծագործութիւնների փիլիսոփայութիւնը.
    «Ամէն ծաղիկ խամրում մ՛ունի իրեն մօտ,
    Ու ամէն կեանք` մութ ստուեր մը իր ետին.
    Ծաղիկներու բուրումին պէս խնկահոտ`
    Ամէն յոյսեր դեռ չըծըլած կ՛անհետին
    »:
    Իր նախնական կրթութիւնը նա սկսում է իր ծննդավայրում, վեց տարեկանին, բայց միայն երկու տարի է յաճախում տեղի Մեսրոպեան վարժարանը, ուր առանձնապէս աչքի չի ընկնում իր ընդունակութիւններով:
    Ինը տարեկանին ընտանիքը տեղափոխւում է Սվազ եւ պատանի Միսաքը իր ուսումը շարունակում է Սվազի (Սեբաստիա) Արամեան վարժարանում, ուր եւ ի յայտ է գալիս բնածին կարողութիւնը շարադրութեան մէջ:
    Սկսւում են 1896 թուականի հայկական ջարդերը, որի աւարտից յետոյ, հինգ տարի նրան ուղարկում են Մարզուանի գիշերօթիկ «Անատոլիա» կոլեջը: 1901թ. ամառային արձակուրդին նա Մարզուանից վերադառնում է Սվազ եւ այլեւս ետ` գիշերօթիկ չի մեկնում: Սկսում է ինքնակրթութեամբ լրացնել գիտելիքների պակասը եւ ընդամէնը մէկ տարում միայնակ սովորում, հրաշալի տիրապետում է ֆրանսերէնին, հարստացնում իր հայերէնը եւ միաժամանակ իր առաջին գրական փորձերն սկսում:
    Այդ նոյն տարի Սվազում Մարզուանի գիշերօթիկից նոր վերադարձած այս նուրբ, չափից դուրս կիրթ, փխրուն, շրջապատին դեռ անծանօթ պատանու կեանքում մի ճակատագրական դէպք է պատահում: Իր կենսագիրներից Թորոս Ազատեանի մեզ տուած տեղեկութիւնից հետեւեալն ենք կարդում. «Մեծարենցի ազգականներէն Վահան Մեծատուրեան կռիւ մը կ՛ունենայ թուրք մսագործներու տղոց հետ: Ասոնք ոխ կը պահեն ու նմանութէամբ կը յարձակին Միսաքի վրայ, զայն սաստիկ կը ծեծեն ու կը վիրաւորեն թեւը զմելիով» (Թ. Ազատեան, Մ. Մեծարենց, էջ 13):
    Պատկերացրէք, թէ ի՛նչ մեծ հարուած է եղել 15-ամեայ քնքուշ, նուրբ հոգու եւ մարմնի տէր անհատականութեան համար, այդ գազանային յարձակումը, ստորացնող ծեծը: Արդեօք վախի՞ց, ապրած հոգեկան ցնցումի՞ց, թեւի ստացած վարակուած ածելիի վէրքի՞ց նրա մէջ բոյն է դնում թոքախտը:
    Այդ պատահարից յետոյ նա անկողին է ընկնում եւ որոշ ժամանակ անց սկսում է արիւն թքել:
    Դէպքից մէկ տարի անց ընտանիքը տեղափոխւում է Պոլիս, եւ Միսաքը իր ուսումը շարունակում է տեղի Կեդրոնական վարժարանում` աշակերտելով Հրանդ Ասատուրին, որը նկատելով պատանի Միսաքի գրական իւրայատուկ ձիրքը` յատուկ ուշադրութիւն ու հոգատարութիւն է ցուցաբերում նրա հանդէպ: Հետագայում` Մեծարենցը, իբրեւ երախտագիտութիւն իր ուսուցչի ցուցաբերած ուշադրութեան, իր բանաստեղծութիւնների «Բաբախումներ» շարքը նուիրում է նրան:
    Հիւանդութեան սրութեան պատճառով երրորդ դասարանը չաւարտած` նա հեռանում է դպրոցից:
    Նրա առողջութեամբ մտահոգ բժիշկների խորհրդով Պոլսում ընտանիքը հաստատւում է Թոփ-Գափուում, ուր եւ սկսում է իր գրական առաջին փորձերը:
    Նուրբ մարմնով ու հոգով նա փորձում է յաղթահարել իրեն մաշող, արագօրէն իր մէջ աճող մահացու հիւանդութիւնը` թոքախտը: Հակառակ իր հերոսական մաքառումին եւ բժիշկների հոգատար բոլոր ջանքերին` հիւանդութիւնը արագօրէն զարգանում է:
    Եօթ տարի այդ անբուժելի հիւանդութեան դէմ յամառ պայքարից, երկար ու ծանր տառապանքից յետոյ, 22 տարին նոր բոլորած այս զարմանահրաշ տաղանդը կեանքից հեռանում է 1908թ., իր ուժերի ամենածաղկուն շրջանում, թուրքի հարուածից ստացած թոքախտից:
    Յաճախ կեանքը իր բաշխած շռայլ տաղանդներին դաժանօրէն պատժում է մի անարդար հարուածով: Կեանքի նախանձի զոհերն են դառնում նրանք: Սակայն այդ հարուածը կրողները, երբեմն անբացատրելի խորհրդով, ելք են գտնում չէզոքացնելու, կամ աւելի ճիշդ, իրենց մէջ կրում են արտասովոր ուժ այդ պատժի դէմ պայքարելու, յաղթահարելու, աւելի յաճախ էլ այդ պատիժը լուսաւոր յաւիտենութեամբ են փոխարինում:
    Շրջապատի համար անյայտ ու անտեսանելի կեանքի սահմանը, որը տրուած է ամէնքին, սովորական մահկանացուներս ապրում ենք ծուլօրէն ու դանդաղ, մինչդեռ նրանք` այդ բացառիկ տաղանդները, այդ «պատժուածները» ապրում են հազարապատիկ արագ ու յագեցած կեանքով, ժամանակից առաջ տեսնելով, զգալով ու ապրելով կեանքը: Իրենց ապրած կարճ կեանքը տենդագին արագութեամբ նրանք հարստացնում, լեցնում, իմաստաւորում են ի վերուստ իրենց տրուածով` այդ ձեւով յաղթելով կեանքի իրենց դէմ գործած անարդարութեանը:
    Մեծարենցի կեանքը դրա փայլուն օրինակն է: Իր կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը, իր երիտասարդ հոգու անասելի տառապանքը նա վերածել է սիրոյ ու գեղեցկութեան հնչիւնների մի զարմանահրաշ աշխարհի, որին շփուողը, այդ աշխարհը մուտք գործողը բաժանւում է լիացած, հարստացած, բարիացած:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

    Բանաստեղծութիւններից զատ, Մեծարենցը գրել է նաեւ արձակ էջեր, փոքրիկ, սրտառուչ պատմուածքներ, վերլուծական յօդուածներ` Գ. Զոհրապի, Նարեկացու մասին, ինքնաքննադատութիւն, չափածոյ քննադատութիւն, նամակներ, մինչեւ իսկ թարգմանութիւններ` Օսկար Ուայլտից, Մամին Սիփիրեաքից: Թէ ինչպէ՛ս է այդ ամէնը նա հասցրել իր կարճ կեանքում, ընդամէնը եօթ տարում, սովորական մահկանացուներիս անծանօթ է, դա միայն անսովոր տաղանդներին է յայտնի:
    Երբ ծանօթանում ենք իր կենսագրութեանը, է՛լ աւելի ենք գնահատում մեզ թողած իր ոչ ծաւալուն, բայց անկշռելի հարստութիւնը, հիանում ու ապշում ենք նրա հոգու, կամքի ամրութեամբ:
    Ինչպէ՞ս կարող էր իր մօտալուտ մահը իմացող 15-ամեայ մի պատանի, թաքցնելով իր ցաւը, տառապանքը, անխուսափելի մահուան ներկայութիւնը, այդքան հմայուած ու հաւատով, առանց չարանալու, երազել, հաւատալ, երգել կեանքն ու նրա գեղեցկութիւնը:
    Դեռ սիրոյ զգացումը չվայելած, յատկապէս գիտենալով, որ երբեք չի վայելելու, երբեք չի հասցնելու սիրել ու սիրուել, երգել սէրը եւ դեռ չապրած սիրոյ ամենազօր տառապանքը` հասկանալ նրա ազդեցութիւնը:
    Իրապէս, միայն բնութիւնից օժտուած անսովոր տաղանդը կարող էր այդ ամէնը այդքան բնականօրէն, խորը ու բարձրագոյն արուեստով մատուցել, ինչպէս Մեծարենցն է մատուցել:
    Ընդամէնը եօթ տարի է ստեղծագործել այս իւրայատուկ տաղանդը, այն էլ` դեռ պատանի, եւ այդ եօթ տարում ստեղծել է այնպիսի գործեր, որոնք մինչեւ օրս միայն հիացում, զարմանք ու խորը յուզում են պատճառում ընթերցողին:
    Մեծարենցը իր գրական առաջին փորձերը սկսել է 15 տարեկանին` իր ոտանաւորները գրելով աշակերտական տետրում, որի առաջին էջում մուգ տառերով գրուած է եղել` աշակերտ Միսաք Մեծատուրեան:
    Այդ տարիներին բանաստեղծութիւն գրելը կարծես մի տեսակ նորոյթ ձգտում է եղել: Բանաստեղծութիւն են գրել բոլորը` իրական գրողներից մինչեւ քիչ թէ շատ գրականութիւն սիրողները: Նոյնիսկ նորավէպերի եւ վէպերի հետագայ մեծութիւնները` Գ. Զոհրապ, Յ. Օշական, իրենց գրական քայլերն սկսել են բանաստեղծութեամբ:
    Ժամանակաշրջանի պարտադրա՞նքն է եղել, թէ՞ աւելի հեշտ է եղել այդ ժանրով իրենց գրելու ընդունակութիւնը ճշդելը կամ գրականութիւն իրենց մուտքը յայտարարելը, ամէն դէպքում, այդ շրջանի իւրաքանչիւր գրող բանաստեղծութեամբ է յայտարարել իր մուտքը գրական ասպարէզ: Թէեւ նրանցից շատ քչերին է յաջողուել մեծ բանաստեղծ դառնալ, որովհետեւ ի վերջոյ բանաստեղծներին կարգում են բնութեան ամենազօր ուժերը: Այդ ուժերը արդէն Միսաքին բանաստեղծ էին ծնել, եւ նա աւելորդ ջանքի կարիքը չունէր հաստատելու իրեն որպէս բանաստեղծի:
    Յիշեցնեմ, որ իր ծնուած ժամանակաշրջանը ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ստեղծագործելու առումով բոլորովին նպաստաւոր չէր բանաստեղծ դառնալու համար, հայի կեանքը ամբողջովին անհանգիստ փոթորկումների, ամէն վայրկեան սպառնացող վտանգի մէջ է եղել:
    Թուրքական ճնշումների ամենադժոխային տարիներն էին դրանք: Հայի հանդէպ գործադրուող սպանդն ու ճնշումը նոր թափ ու ձեւ էին ստացել: Հային միայն ֆիզիքական ոչնչացման ենթարկելը չէր բաւարարում Համիտին, նա ձգտում էր նրա զանգուածային ոչնչացմանը: Իրագործում է նրա ստեղծագործ մտքի սպանդը` արգելք դնելով գրչի, խօսքի ազատութեան վրայ, քողարկելու համար համատարած սպանդը:
    Սկսւում են համիտեան տխրահռչակ գրաքննութեան ամենադժոխային տարիները, երբ նոյնիսկ կէտադրական նշաններն են քննութեան ենթարկւում, կասկածանքով արգելքի տակ առնւում: Համիտը կարծես հասնում էր իր նպատակին, հայ միտքը` գիրն ու գրականութիւնը լրիւ անդամալուծւում է:
    Ջարդերը գաւառներից ու գիւղերից տարածւում էին նաեւ մեծ քաղաքների մէջ: Պոլսի փողոցները ներկւում էին հայերի արիւնով: Եւ հայը պայքարի միջոց չունենալով` լռութեամբ ու հեզութեամբ էր տանում իր բնաջնջումը:
    Այս անելանելի միջավայրում հայ մտքի ու արուեստի գործիչները իրենց գլուխը, իրենց կեանքը եաթաղանից փրկելու համար ստիպուած փախչում, պանդխտութեան ճանապարհն էին բռնում: Հեռանում էին Պոլսից, հաստատւում Եւրոպայում` Երուանդ Օտեան, Արփիար Արփիարեան, Արշակ Չոպանեան, Գ. Զոհրապ, Տիգրան Կամսարական, Վահան Թէքէեան, Սիամանթօ, Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ եւ շատ ուրիշներ: Այդպիսի պայմաններում բնական էր, որ մամուլն ու գրական միտքը կաթուածահար էր լինելու: Երկրում մնացած հազիւ շնչող գրական կեանքը անցեալի յիշատակներով էր ապրում` Դուրեանով, Պեշիկթաշլեանով, Ալիշանով: Մամուլն ամբողջովին լեցւում էր միայն թեթեւ երգիծական էջերով կամ ֆրանսական պարզամիտ նորավէպերի թարգմանութիւններով: Ոչ մէկ տող` ազգի վիճակի մասին, տեղի ունեցող սպանդներից` ոչ մէկ տեղեկութիւն, ոչ մէկ ըմբոստ խօսք, ոչ մէկ հոգի գրաւող ստեղծագործութիւն: Խստագոյն գրաքննութիւնն ու գործադրուող սպանդը նաեւ հայ միտքն էր կացնահարել:
    Ահա այդ նոյն ժամանակաշրջանում էր, որ թրքական ճնշումի տակ ծնուած, աչք բացած ու հասակ առած Մեծարենցը սկսում է թղթին յանձնել իր մանուկ, անաղարտ ու ջինջ հոգու ապրումները, բացում իր սրտի տուայտանքները մեր առաջ:
    Դեռ Պոլիս նոր ոտք դրած, նրա եռուզեռին անծանօթ, մեծ քաղաքի խայտաբղէտ կշռոյթին չընտելացած պատանին, նոյնիսկ չըմբռնած քաղաքականութեան եւ գրականութեան մէջ կատարուող ահռելի բախում-փոփոխութիւնները, դժոխային արգելքները` սկսում է գրել:
    Դեռ աշակերտ է, 15 տարեկան, մտքով, ապրումներով մաքուր, զուլալ: Արտաքինը, հագ ու կապը, պահուածքը «խունկի պէս տղայ, վերերկրային հով ունէր կարծես վրան»: «Հելլէն դասական ձուլուածք մը` հայեցի արտայայտութեամբ: Նիհարակազմ, լայն ճակատը մտածումներու հոծ ցայտքեր կը կրէր վրան: Փողոցին մէջ իր սիլուէթը կը յիշեցնէր խոշոր դաշտաշուշան մը», այսպէս են նրան ներկայացրել ժամանակակիցները (Թ. Ազատեան, էջ 52):
    Եւ այս «խունկի պէս» տղան, 15 տարին դեռ նոր բոլորած, աշխարհի ու մարդկանց վայրագութիւններից անտեղեակ, մինչեւ իսկ իր տարեկից ընկերների շրջանակի մէջ չմտած, կեանքի հոսանքի բիրտ ոլորտի մէջ իր ուժերը չչափած` սկսում է բանաստեղծութիւններ գրել
    սիրոյ, բնութեան, բարութեան, մարդու զգացումների եւ կեանքի մասին: Նոյն այն կեանքի, որի անողոք հարուածը իր ֆիզիքականի վրայ էր նա դաժանօրէն կրում, վճարում իր ամէնօրեայ մահուան սարսափով:
    «Վանդակին մէջ փակուած հէք
    Թռչնիկին պէս մենաւոր,
    Բանտըւեցան սրտիս սէգ
    Վարդ բաղձանքները բոլոր…»:
    Այո, բնութիւնը մի կողմից դաժան, բայց միւս կողմից հրաշագործ հատուցում էր արել. խլել էր այս երիտասարդից ապրելու իրաւունքը եւ փոխարէնը բանաստեղծական շռայլ տաղանդ պարգեւել: Աւելի՛ն. նրան օժտել էր բառերով երաժշտութիւն ստեղծելու անսովոր տաղանդով: Եւ բառերի այս երաժշտահանը մարդկային հոգու ողջ գեղեցկութիւնն ու մաքրութիւնն էր հրամցնում մեզ իր իւրայատուկ տողերով:
    «Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն,
    Հաշիշով օծուն ու բալասանով.
    Լուսեղէն ճամբէն ես կ՛անցնիմ գինով`
    Գշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն»:
    Ո՞վ է այսքան երաժշտական հնչեցրել գիշերուայ խորութիւնը, նրա թանձր պարունակութիւնը օծել արբեցումի այսքան շօշափելի խորհուրդով, այսքան լոյս տեսել գիշերուայ մթութեան մէջ:
    Հոգու նրբագին զգացումները ո՞վ է կարողացել այսպէս միահիւսել գիշերուայ խորհրդին, պարզ բառերը հնչիւնների վերածելով երգել ներաշխարհի տուայտանքներից:
    Իրապէս ճիշդ է բնորոշել մեծ քննադատ Յակոբ Օշականը` «խորհրդաւոր երեւոյթ» անուանելով Մեծարենցին:
    Գիշերը հիւանդների ե՛ւ թշնամին է, ե՛ւ նրանց միակ զրուցակից, սփոփիչ ընկերը: Մեծարենցի համար այն նաեւ ներշնչանքի հոսք է, որով լեցւում, ստեղծում ու դրանով մխիթարւում է:
    «Կսկիծ կայ սրտիս մէջը վիրաւոր`
    Զոր արեւին լո՜յսն անգամ չի բուժեր.
    Խորունկ ու ցաւոտ մորմոքում մը որ`
    Ահ՜, պիտի լայննա՜յ, երբ իջնէ գիշեր»:
    Այդ փրկարար գիշերներում է նա արարում, իր ապրումներին լեզու ու շունչ տալիս, ստեղծում բանաստեղծութիւնների մի ամբողջ շարք «Ծիածան» խորագրի տակ ամփոփուած: Այս շարքը դեռ զգուշ է, տարտամ, դեռ նոր իր ուժերը փորձող, բայց գեղեցկագոյն նրբութեամբ ու խորութեամբ լեցուն:
    Ինքը` Մեծարենցը, իր «Ինքնաքննադատութեան» մէջ այդ մասին հետեւեալն է գրում` «Արդեօք կանուխ հրապարակ ելած չէ՞ Մեծարենց, եւ կամ պիտի չշահէ՞ր սպասելով, որ հակումները զարգանային իր մէջ, ու ուժի կատարեալ գիտակցութիւնով սկսէր իր բանաստեղծութիւններուն վերթեւումներուն»: Եւ անմիջական հետեւութիւնն այն է, որ այդ դէպքում, այսինքն` «սանձելով ստեղծագործելու իր պահանջը», գուցէ եւ չգտնէր իր լուսաւոր ճամբան: Իսկ մենք մեր կողմից կարող ենք աւելացնել, որ իր նշած «հակումները եւ ուժի կատարեալ գիտակցութիւնը» բնութեան պարգեւն էին իրեն, եւ այդ պարգեւով նա ստեղծում է գիշերների մի անկրկնելի շարք:
    Գիշերում նրա միտքը թեւածում է իր տարիքից վեր այլ ոլորտներում, իսկ հոգին, նրա նուրբ ու գերզգայուն հոգին, հիւանդ մարմնից պոկուելով, կարծես առանձնանում ու ապրում է այլ կեանքով, սիրոյ, տառապանքի միջավայրում, ըմբոշխնում բոլորովին այլ զգացումներով փոթորկուող բոյրեր:
    Գիշերը իր ցնորաբեր, լուսածածան դիւթանքով նրան բերում է իր տենչացող հոգու այն համբոյրը, որը այդպէս էլ չըմբոշխնած` հեռանալու է կեանքից:
    Զգացումներով, մտքով, ստեղծագործ երեւակայութեամբ արարում է ցանկութեան, ներաշխարհի ալեկոծումների, տարփանքի, մի անկրկնելի հոգի տեղաշարժող պատկեր` լեցուած բնութեան ու մարդկային կախարդիչ հնչիւնների զարկով.
    «Համբոյրիդ գիշե՜ր, պատուհանս է բաց,
    Թո՛ղ որ լիառատ ծծեմ` հեշտագին
    Կաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին`
    Ու զով շաղերուդ կախարդանքը թաց:
    Պարզ, լուսածածան, հրաշալի՜ գիշեր,
    Հոսէ՛ սրտիս մէջ դիւթանքիդ ալիք.
    Ճերմակ երազիդ ցայտքերէն մեղրիկ
    Պուտ-պուտ կաթեցո՛ւր հոգւոյս սիրաջեր»:
    Գիշերուայ մթութեան մէջ նա փնտռում է ըղձանուշի այն փափուկ ձեռքը, որը սփոփանքի ծաղկով պիտի վանի, սրբի, տանի «վարանք ու կասկած»: Նա անվերջ սպասում է, փնտռում այն զոյգ աչքերին, այն յորդ ու վճիտ լոյսերին, որոնք ցոլալու են իր անծիր հոգում:
    Ցաւալին այն է, որ նա երբեւէ չի ապրելու այն ամէնը, ինչ տենչանքով արարում, թղթին է յանձնում: Իր երազանքը իրականացնելու փոխարէն` անսիրտ իրիկնամութը արագօրէն իջնում իր մութ սենեակում, փարւում է լռութեան ստուերներին ու առաջին համբոյրի անրջանքով կրկին չարչարում իրեն:
    Նա միաժամանակ զգում, ապրում է օրէ օր մաշուող, հիւծուող իր վիճակը եւ իր գիշերային տենչանքին, իր վերացական ապրումին, մի նուրբ թեթեւութեամբ, միախառնում է իրականութիւնը արձանագրող տխրութեան մի երանգ.
    «Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ-քիչ կը մաշի՜,
    Շրթունքս են ծարաւ միակ համբոյրին…:
    Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին`
    Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ-քիչ կը մաշի…»:
    Այնքա՛ն նուրբ է կեանքից հեռացումի ցաւը ապրող այս տխուր երանգը, այնքա՛ն զգացումներով խտացուած, որ մի պահ վերանում է տառապանք լինելուց, դառնում` հոգի ալեկոծող զգացում, դառնում` բանաստեղծութեան հրաշալի պատկեր: Այս չորս տողերում նա կարողացել է տեղադրել մի խարխլուած ճակատագրի պատմութիւն, սիրոյ կարօտ ու խորը ցաւ, սիրոյ էակին երբեք չունենալու, չվայելելու համար եւ հրաժեշտ կեանքին: Ցաւ, իր մարմինը քայքայող այն սեւ թաթի համար, որը տնօրինում է իր կեանքը, իր ճակատագիրը: Այդ ամէնով հանդերձ, նա թոյլ չի տալիս, որ մահը տիրի իր հոգւոյն, իր մտքին, իր փխրուն էութեանը:
    Իր ցաւի համար որեւէ տեղ սփոփանք չգտնելով` նա փարւում է բնութեան ամենակարող ուժին` արեւին.
    «Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՜…:
    Հոգիս թռչնիկ մըն է,
    Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ…»:
    Փարւում է հողին, ծաղկած ծառերին, ծաղիկներին, կենդանիներին, գետին, բնութեան գեղեցկութիւնն ամբողջացնող ամէն ինչին:
    «Օ՜հ, աս ի՜նչ գրգանք, օ՜հ, աս ի՜նչ անուրջ
    Կու տաս դուն ինծի, անձրեւո՜տ գիշեր»:
    ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
    Սան Ֆրանսիսկո
    (Շար. 1)
    «ԱԶԴԱԿ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

    Սիրոյ ընկեր չունի, հիւանդ է, ուստի եւ շփուելու մեծ շրջանակ չունի, հասակակից ընկերների շրջանակ չունի: Մեծ քաղաքում է, Պոլսոյ անսիրտ եռուզեռի մէջ, եւ իրեն ներշնչող միակ աղբիւրը դառնում է մանկութիւնից իր մէջ բոյն դրած բնութիւնը: Նա այնպէս է կապւում բնութեանը, որ այն դարձնում է իր մտքի ու զգացումների բանալին, դրա միջոցով է բացում իր ներաշխարհի հարստութիւնը, այն օգտագործում է փոխաբերութեան ընդգրկուն ալիքով ասելիք ու միտք ստեղծելու եւ դրանով պարուրուած իր մտքերը վերածում է գոյնի, երգի, պատկերի, դարձնում իր` մեծարենցեան, աշխարհի մթնոլորտը:
    «Գիտե՜ս, ծաղի՜կ, անունն ի՞նչ է
    դողին` զոր քեզ տըւաւ հովիկ…»
    Ո՞վ է կարողացել այս նրբութեամբ, այս այլակերպումով ներկայացնել ցաւը, կեանքի հարուածը, մահուան սարսափը, կամ նաւերի պարզ երթի մէջ տեղադրել մի ամբողջ փշրուած բոյլ երազների այլաբանութիւն:
    «Նաւակները մեկնեցան, ամէնն ալ, բաղձանքով ակաղձուն (լեցուն),
    Հեռացան ամէնն ալ` ծըփանուտ Երազիս ափունքէն»
    Իր այս խորտակուած, փշրուած երազները, իր անկատար մնացած տենչանքները իմաստուն փոխաբերութեամբ նա տեղադրել է նաեւ «Մեղուները» անչափ խորը բանաստեղծութեան մէջ: Երբ կարդում ես, առաջին տպաւորութիւնը զարմանքն է, թէ ինչպէ՞ս է այդ տարիքին այդքան իմաստութիւն ձեռք բերել այս փորձառութիւն չունեցող, կեանքի հետ դեռ չշփուած երիտասարդը, որ այս անգամ էլ բնութեան ամենաժրաջան եւ ամենաքաղցր բերք պարգեւող մեղուին իր կեանքի, իր ճակատագրի այլակերպումը դարձրել:
    «Տենչանքներըս, տարագնացի՜կ մեղուներ,
    Ոսկի երիզ մը բանալով
    Ու զանակներ (ոսկի փոշի) անձրեւելէն
    Թըռան գացին երամ-երամ
    Անցան-գացին դարուղիէն (վերելքէն)»
    Նկարագրում է, իր վաղեմի արեւավառ երազանքների ու ծրագրերի փլուզումը, որոնց դարձին դեռ սպասում է ինքը: Թէեւ մահուան շեմին է, բայց դեռ յոյս ունի, սպասում է.
    Ահա՜ օրն ալ մըթագնեցաւ,
    Եւ ես ի զո՜ւր տարաժամ
    Դեռ կ’ըսպասեմ անոնց հեւքոտ ու մեղրազօծ վերադարձին»:
    Օրէ օր մաշւում է, դէպի առողջ կեանք վերադառնալու իր յոյսերը ի չիք են դառնում, յոգնած է այդ սրտամաշ սպասումներից, բայց չի յուսահատւում, համաձայն է կեանքի բոլոր դժուարութիւններին, միայն թէ ապրի՜, ապրի՛: Ներքին բոլոր զգայարանները լոյս ու յոյս են արձակում:
    «Ա՛լ յոգնա՜ծ եմ
    Ըսպասելէն տենչանքներուս մեղրին անուշ,
    Ու տարաժամ այս յածումին մէջ երջանի՜կ պիտի ըլլամ,
    Եթէ թունեղ խա՜յթ իսկ բերեն
    Ուղեմոլար մեղուներն իմ տենչանքներուս»:
    Նա չի յանձնւում մահին, ինչպէս իր նախորդ բախտակիցը` Պետրոս Դուրեանը, որին զարմանալիօրէն բոլորովին չի կրկնել, ինչպէս տարածուած էր այդ ժամանակ: Բայց իր նուրբ հոգով զգացել է նրա տառապանքը, բարձրարժէք գնահատական տուել ճակատագրերով իրար կապուած բանաստեղծին գրելով`
    «Յոյզով մեռա՛ւ ան, յուշքով` կ՛ապրի դեռ,
    ծառերուն նըման, որ թարմ ու դալար,
    իր գերեզմանին կ՛ելլեն հովն ի վեր»:
    Մեծարենցի ձգտումը ոչ թէ մահն է, ինչպէս Դուրեանինը, այլ` մահին յաղթահարելը, կեանքի աւելի պայծառ եզերքներին տիրելը: Նա ամէնուրեք ապրելու տենչով է պարուրում իր ընկալումների տեսադաշտը:
    «Թոյլ շրշիւն մը, յետոյ բոյր մը մշկենի,
    եւ յամրագին գիրքը ձեռքէս կ՛իյնայ վար,
    երազներու պերճուհին է, որ կ՛անցնի,
    ու կը փրթի ծովակն հոգւոյս մեղմավար»:
    Անվերջ սիրոյ կարօտով, սիրոյ երազանքով ու տենչանքով է ապրում այս զարմանահրաշ տաղանդը: Նրա սէրը տարբեր է, երազային եւ միեւնոյն ժամանակ այնքա՛ն իրական, այնքա՛ն շօշափելի, որ այդ անբացատրելի զգացումը կերպարանք ու բոյր, տեսք է ստանում, հրդեհում ընթերցողին նոյն ուժով, ինչ ուժով հրդեհել է ստեղծող բանաստեղծին:
    Նա սէրը կերպարանաւորում է բնութեան տարբեր պատկերներով, երեւոյթներով: Յաճախ արեւի, լոյսի շող է` ուռենիների ծփանքի մէջ խաղացող, յաճախ ծաղկի թերթիկ է հոլանի աղջկայ տեսքով, երբեմն ծառերի բոյր է, երբեմն` մշուշի մէջ լողացող նաւակ, բայց ամէնուրեք գեղեցիկն է իշխում եւ միշտ էլ գեղեցիկը յայտնւում է իր երազած կնոջ տեսքով:
    «Աղջիկ մըն է կարծես հովը` գինով մուրտի բուրումէն»:
    Բնապատկերով իր հոգին, իր զգացումները հրամցնելը բոլորովին նոր փայլ, նոր շունչ էր տալիս Մեծարենցի ստեղծագործութիւններին, այն դարձնում առանձնայատուկ:
    «Կու գան կոյսերն իմ անուրջիս, հերարձակ,
    Մանիշակէ բըլուրներէն ու դաշտէն,
    Ես կ՛ունկնդրեմ հապըշտապ ու համարձակ
    Քայլերուն` որ լուռն ուժգնօրէն կը շեշտեն»:
    Նրա ստեղծած պատկերների գերիշխող շեշտը, ինչպէս վերը նշեցի, կախարդիչ երաժշտականութիւնն է, որը նա ապշեցուցիչ արուեստով տեղադրել է բառերի մէջ, բառերի արանքում, այն լուծել, դարձրել է միջավայր, որը լսելի է ընթերցողին: Երաժշտականութիւն հաղորդող ամենացայտուն բանաստեղծութիւնը «Աքասիաներու շուքին տակ»ն է, ուր ոչ միայն տեսանելի է հովի, տերեւների շարժումը, սատափէ մթնշաղի գոյնը, այլ զգայութուններով լեցուած տողերի փափուկ, շոյող կշռոյթը, երաժշտական, հնչիւնների է վերածւում:
    «Ծաղիկներէն յուշիկ թերթեր կը թափէ
    Բուրումներով օծուն հովիկն իրիկուան,
    Հոգիներուն կ՛իջնէ երազ մը բուրեան,
    Ի՜նչ հեշտին է մըթնշաղն այս սատափէ:
    Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ,
    Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան.
    Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հետեւան`
    Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ»:
    Իրենից ընդամէնը մէկ տարի առաջ արեւելահայաստանում ծնուած, մէկ այլ բախտակից քնքուշ բանաստեղծ, Վ. Տէրեան անունով, շարունակելու է հնչիւնների երաժշտութեան բանաստեղծութիւնը:
    «Աշնան մշուշում շշուկ ու շրշիւն,
    բարդիներն են բաց պատուհանիս տակ…»:
    Եւ բացատրելու է այդ երաժշտականութեան իմաստը` «երաժշտութիւնը հոգու ձայնն է, որը դառնում է բանաստեղծութիւն: Երաժշտութիւնը իմ հոգին է, որին ինչ-որ հրաշքով լսում եմ ես» (Վ. Տէրեան, հ. 4)
    Եւ բնականաբար Մեծարենցն էլ լսում ու վերարտադրում էր իր երաժշտական հոգին: Աւելի՛ն. նա գտնում էր, որ` «Քերթուածները իբրեւ բառ պիտի ունենան տերեւի թրթռումը, թռչունին դայլայլը…»: Եւ իսկապէս իր քերթուածների իւրաքանչիւր բառը խօսուն պատկեր է, ձայն ու շարժում:
    «Ջուրը ցայտքէն ծաղիկ-ծաղիկ կը կաթէ.
    Վըճիտ, ինչպէս լոյսէ արցունքը մանկան»
    կամ`
    «Ծաղիկներէն հովը թերթեր կը թափէ…»
    Վերանալով անձնական դժբախտութիւնից, իր ցաւերից` նա ստեղծում է քնարերգութեան բարձրագոյն որակ, ուր զգացումը դարձնում է իմաստնութիւն` հոգու, սիրոյ, բնութեան, գեղեցկութեան:
    1903թ վերջաւորութեան, «Ծիածան»ի հրատարակութիւնից ընդամէնը երեք ամիս անց, տպագրում է իր բանաստեղծութիւնների երկրորդ գիրքը` «Նոր տաղեր» խորագրով: Այս շարքում մենք արդէն հանդիպում ենք աւելի հաստատուն բանաստեղծին: Թէեւ դարձեալ բնութիւնն է նրա փոխաբերութեան առանցքը, թէեւ սէրն է նրա հոգու զարկը, բայց խոհերի, պատկերների աշխարհը է՛լ աւելի գունեղ ու ընդգրկուն է, զգացումներով աւելի հասուն: Ընդամէնը 17 տարեկան է դեռ, բայց նրա զգայարանները իւրացրել են բնութեան իւրաքանչիւր շարժում, փոփոխութիւն: Այդ տարիքին նրա աչքը զարմանալի ընդգրկունութիւն ունի, նա տեսնում է ոչ միայն տեսանելին, այլ` անտեսանելի երեւոյթներ, շարժումներ է նկատում, զգում, վերծանում: Բնութեան ամենանրբագոյն շարժումները վերլուծելով` դրանք համեմատական իմաստուն կամուրջ է դարձնում իր ասելիքի համար: «Ըլլայի, ըլլայի» շարքը դրա վառ ապացոյցն է: Պարզ իրիկունը նա դարձնում է բնութեան իւրաքանչիւր շնչող արարածին ուղղուած ուղերձ, պարուրուած` անսահման մարդկային հոգատարութեամբ, ուշադրութեամբ, նրբութեամբ, այլոց տխրութիւնը, սուգը լուսագեղ քաղցրութեան վերածելու տենչ:
    Հայ քննարերգութեան մէջ իր նրբութեամբ ու խորութեամբ նմանը չունեցող այս բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տողը խորը իմաստից զատ նաեւ շոյող երաժշտական մի սքանչելի կտոր է: Ինքը մահուան ճիրաններում սեղմուած, մտածում է բնութեան մաքրութեամբ` նրա տրոփիւնով, թռչունների երգով մարդ-անցորդի, կեանք մտած ու հեռացող ճամփորդի տխրութիւնը փարատելու մասին: Ի՜նչ նազանքով ու փափկութեամբ է նա մօտենում մարդու հոգուն: Շռայլաբար իր կարճ կեանքը պատրաստ է նուիրաբերելու մինչեւ անգամ հոգեվարքի շեմին գտնուող երիտասարդ աղջկան` նրա մարող ճրագը բոցավառելու իր ցոլքով:
    «Սա իրիկունն ըլլայի ես,
    եւ հըպէի ճակտին ամէն անցորդի.
    չքնաղագեղ ու նըւաղուն եամուրդի (ուշացումով)
    սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես:
    Սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես,
    թոյլ, նազենի, շղարշային, վարդաբոյր,
    ու ծըփայի զերթ ոսկեսար վարագոյր
    վըրան ամէն հոգիի:
    Սա իրիկունն ըլլայի ես,
    իմ անդորրիս մէջ ոգեվար աղջըկան
    մարող ճրագին բոցեր տալու իմ ցոլքէս.
    սա իրիկո՜ւն ըլլայի ես»:
    Իր իղձերի ուղերձը նա աւարտում է համամարդկային, մեծ մարդասերի ցանկութեամբ.
    «Սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես,
    համայնական, չքնաղ, քաղցրիկ, լուսագէս.
    եւ ամէնուն տայի հուրքէս, ոսկիէս:
    Սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես»:
    «Իրիկունների» շարքը շարունակւում է` «Իրիկնային», «Իրիկուան իղձ», «Իրիկունս», եւ ամէն անգամ իրիկունը ներկայանում է տարբեր տարազներով, տարբեր խորհրդածութիւնների ու զգացումների դուռ բացելով:
    Մի տեղ երազում է` «Իրիկուան մէջ անհետելու յոյսն ունենալ». մէկ այլ տեղում իրիկունը կամուրջ է դարձնում գիշերուան համար եւ, ինչպէս միշտ, միակ մխիթարողը կրկին մնում է բնութեան սփոփանքը, այս անգամ էլ` իրիկունը, քանի որ`
    «Շատ էր լեցուն հոգւոյս, ո՛վ Տէր, բազմազեղումն այս շրջասփիւռ»
    Ցաւօք, նա այդպէս էլ չիմացաւ, որ իր ներքին, բազմազեղուն հուրքն ու ոսկին, որն անմնացորդ նուիրաբերեց, մէկ դար անց դեռ շարունակում է լուսաւորել ընթերցողների հոգին:
    Իր բանաստեղծութիւններից ոչ մէկում չենք հանդիպում տողը լրացնելու համար հէնց այնպէս նետուած բառի, կամ` սուտ միջավայր ստեղծող, անխորք բառակոյտի:
    Եւ բոլորովին պատահական չեն իր մտածումները` տիրող գրական որակի վերաբերեալ: Արտաշէս Յարութիւնեանին գրած նամակում կարդում ենք հետեւեալը. «Իմ մեծ ծարաւս իսկատիպ գրականութեան մը իրականցումն է: Եւ ասոր համար անհրաժեշտութիւնը կը զգամ հողին ու ջուրին ու քարին հետ ապրելու»:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

    Ո՞րն էր այդ «իսկատիպ» գրականութիւնը:
    Ողջ էութեամբ դէմ լինելով արեւմտահայ գրականութեան մէջ այնքան ընդունուած մարմնապատկերներով հեշտանքի միջավայրի ստեղծման` կարողացաւ իր պատկերները, իր գոյները տանել ուրիշ ուղղութեամբ, մակերեսից անցաւ խորքին: Իր «իսկատիպ»ը, այդ պայքարն էր: Նա բնութիւնը դարձրեց իր ասելիքի հիմնական բանալին եւ իր իմաստուն բնազդով վերլուծեց երեւոյթները: Այն հարցին, թէ ստեղծե՞ց նա «իսկատիպ» գրականութիւն, առանց տարակուսանքի կարող ենք ասել` այո՛:
    Այսօր մենք ունենք մեծարենցեան քնարերգութիւն` իր նրբագոյն երաժշտականութեամբ, իր պատկերաւոր հարուստ բառաբաշարով, իր իւրայատուկ խորը փոխաբերութեան իմաստնութեամբ:
    Բնութիւնը առողջութիւն է բաշխում, Մեծարենցի` «հողին ու ջուրին, քարին հետ ապրելու» տենչը այդ առողջ ոգու ու զգացումի խորհուրդն ու իմաստութիւնն է փոխանցում մեզ:
    Թէեւ նա բաւական քարկոծուել է իր այս նորարարութեան համար, մինչեւ իսկ` բանաստեղծութեան մէջ նոր տողերը փոքրատառով սկսելու համար, իր գունեղ ու պատկերաւոր բառապաշարը` «հերաձակ աշուն», «հոգիներու երազ», «ծաղիկներու յուշիկ թերթերը», անճաշակ ու անճոռնի պատկերներ համարելով: 17-ամեայ տաղանդի հանդէպ այնպիսի յարձակում է եղել, որ նոյնիսկ Սիպիլը (Զապէլ Ասատուր) մերժել է նրա «Ծիածան»ի առաջաբանը գրել: Նրա միակ պաշտպանը եղել է Արամ Անտոնեանը: Ինքը` Մեծարենցը, նոյնպէս համարձակօրէն հակադարձել է իրեն ուղղուած միջակութեան թունոտ սլաքներին, եւ, համոզուած իր ստեղծածի լրջութիւնով շարունակել է գրել:
    Միեւնոյն ժամանակ մեծ էր նրա ազդեցութիւնը իրենց բանաստեղծական քայլերը սկսողների վրայ: Մեծարենցեան շնչով է սկսել մինչեւ անգամ Վ. Թէքէեանը, Յ. Օշականը իր առաջին բանաստեղծական քայլերն է արել այդ ազդեցութեամբ, Ա. Յարութիւնեան եւ շատ շատերը:
    Ինչպէս նշեցի, առանց կեանքի փորձառութեան, առանց լուրջ, բարձրագոյն կրթութեան, աշխարհաճանաչում իսկ չունենալով, գիւղից միանգամից մեծ քաղաք ընկած` իր մտահորիզոնը ապշեցուցիչ ընդգրկում ունի: 20-ամեայ երիտասարդ է, ընդամէնը դեռ հինգ տարի է ստեղծագործել, բայց գիտէ, թէ ի՞նչ է տալու, գիտէ, թէ ընդունուած չափանիշները ինչպէ՛ս է խորտակելու, ինչպէս է արհամարելու իր դէմ ուղղուած նախանձախոտ սլաքները, գիտէ ինչպէս հասնել համամարդկայինին: Որովհետեւ իր լայն մտահորիզոնը հետեւեալ նպատակն ունի. «Բանաստեղծին ձայնը տիեզերական յարաբերականութեան մը լարը պիտի ըլլայ, բոլոր գոյութիւններուն համադրական թրթռումովը տրոփուն»:
    Տիեզերական այդ տրոփիւնով էլ ստեղծել է «Արդի մարդուն Հայր մերը», որը գրել է մահուան անկողնուն գամուած, եւ որը տպագրուել է իր մահից վեց ամիս առաջ, 1908 թ յունուար 1-ին, նոյն խորագրով, բայց աւելի ուշ հրատարակիչները զգուշութեան համար վերնագիրը դարձրել են բանաստեղծութեան առաջին տողը` «Տո՛ւր ինծի տէր…»:
    Սա կարծես բանաստեղծի հրաժեշտն ու միաժամանակ պատգամն է կեանքին, մարդկանց, բոլոր շնչաւոր էակներին եւ բնութեանը:
    Ըստ ականատեսների, կեանքի վերջին ամիսներին Մեծարենցը ահաւոր հիւծուել, նիհարել, ամբողջովին կերպարանափոխուել է: Նախկին սլացիկ, խունկի պէս պսպղուն երիտասարդի միայն ուրուականն է մնացել, որի համար էլ նա խուսափել է մարդկանց հանդիպումից, նոյնիսկ` մտերիմներից: Մարմինը քայքայւում էր, իսկ հոգին, միտքը նոր եզերքներ էին որոնում, եւ բոլորովին պատահական չէ, որ այս բանաստեղծութեան հետ միաժամանակ նա գրում է «Նարեկացիին հետ» յօդուածը, որը լոյս է տեսնում բանաստեղծութիւնից մի քանի օր յետոյ: Նա ելք էր փնտռում իր ծանր վիճակից դուրս գալու եւ բոլոր ժամանակների համար մեծ մտածողը` Նարեկացին, որն իր պաշտամունքն է եղել, իր սեղանի վրայ միշտ մնայուն տեղ է գրաւել «Նարեկը», դարձել է իր միակ զրուցակիցը: Նարեկը իր բնորոշմամբ` «ալեկոծութիւն մըն է. հոգեկան վրդով մրրիկ մը», որն իր բոլոր «ծփծփումներուն ու յորձանքներուն ետին, յաւիտենական, երջանիկ, անշիջանելի գաղափարը ունի պահած»: Եւ ինքն էլ հետեւում է այդ մեծ մտածողին` իր կեանքի վերջին պահերը դարձնելով բարութեան ու իմաստութեան լուսաւոր մի պատգամ:
    «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
    ծաղիկներու պէս զայն ժողուեմ ճամբուս վրան`
    նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր»:
    Նրա ցանկութիւնները ներանձնականից վերածւում են համամարդկայինի.
    Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
    զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան`
    ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ»:
    Այն մի մեծ օրհներգ է բնութեան, մարդկութեան բոլոր արարածների, նրանց կեանքի, նրանց ճակատագրի հանդէպ:
    «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
    ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան`
    խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու»:
    Իր ստեղծած հսկայ կտաւի օրհներգում ընդգրկում է մանուկներին, երիտասարդներին, ծերերին, կոյսերին, հիւանդներին, ճամբորդներին, խաւարում խարխափողներին, գեղջուկներին, բանուորներին, երկրագնդի բոլոր արարածներին:
    «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր ուրախութիւնն անանձնական.
    ժողուել` հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,
    պարզ մարդերուն` գեղջուկներուն ու բանուորին»:
    Իր մաղթանք-աղօթքում շեշտում է նաեւ, որ մարդկային յոռի ախտերը չխանգարեն իրեն ուրախութիւն բաժանելիս, որ չլինի յանկարծ, նիւթապաշտութեամբ տարուելով` արհամարհի այլոց վիշտը, կարծրանայ սիրտը ուրիշների կորստի հանդէպ:
    «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
    ու չըլլա՜յ որ ուրիշներու կոծն ու կական
    խեղդել ուզեմ ջըրվէժին մէջ դափիս ձայնին»:
    Այսպէս միայն Նարեկացին է մտածել`թողութիւն խնդրելով մարդկային բոլոր մեղքերին` «Սուգը փարատուի, խաւարն հալածուի»:
    20 ամեայ երիտասարդի բովանդակութեան ընդգրկունութիւնը` լոյս ու խաւար, ծովից դաշտ, ակօս ու ժայռ, ապշեցնում է իր խորութեամբ ու տարածութեամբ: Եւ իր օրհներգ-աղօթքը աւարտում է համամարդկային մեծ ընդհանրացումով.
    «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
    ժողուել` հոգւոյն մէջ ամէնուն, համայնական
    հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ` ամէն ժամ:
    Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն,
    անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն,
    տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէն`
    Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական»:
    Այս եզակի, ինքնատիպ բանաստեղծը ոչ միայն իր հետքը թողեց մեր քնարերգութեան մէջ, այլ շատերը ընդօրինակեցին նրան, համեմատուեցին, չափուեցին, բայց պարտուած ու լուռ հեռացան` խոնարհուելով նրա թողած հարստութեան առջեւ: Այսօր այդ հարստութիւնը մեզ է պատկանում, եւ ուրախալի է, որ այն միայն արեւմտահայութեան սեփականութիւնը չմնաց, այլ առաջին իսկ պահից նրան ընդունեցին մեր արեւելահայ մեծութիւնները` Տէրեան, Չարենց, Թումանեան, Իսահակեան եւ բոլոր եկող մեծութիւնները ու մինչեւ այսօր իւրաքանչիւր եկող սերունդ իր կեանքի ամենանուրբ` սիրոյ տենչանքից ու երազանքից ծնուած ապրումները սփոփում է նրա «հեշտագին գիշերների», «լուսեղէն գինով օծուած դիւթանքի ալիքներով»:
    Անանձնական ուրախութեան պատգամախօսները երբեք չեն մեռնում, նրանց երթը յաւէտ է եւ այդ յաւէտ երթը մեր գալիք սերունդների համար է: Մնում է մեր ներաշխարհը հարստացնենք նրանց տուածով:
    ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
    (Շար. 3 եւ վերջ)
    Սան Ֆրանսիսկո
    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 07.09.2011, 02:10:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •