ՔԱՂՑՐ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸ՝ «ԲԱՐԻ ԵՐԱԶԸՍ՝ ՁԵ՜Զ, ՍԻՐԵԼԻՆԵ՛Ր...»
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, Երեւան քաղաքամայրի հրատարակչատուներէն լոյսին եկան անմահանուն Պարոյր Սեւակի գրականութեան ու կեանքին նուիրուած շուրջ մէկուկէս տասնեակ գիրքեր՝ հատընտիրներ, յուշագրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ այլ բնոյթի հրատարակութիւններ՝ «զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմ»ի յստակ յանձնառութեամբ։ Պ. Սեւակի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը նոր տուեալներու լոյսին տակ եւ ամենայն ազատութեամբ ընթերցել փորձող աշխատասիրութիւնները յատկապէս յաւելեալ ուժականութեամբ ու գրաւչութեամբ օժտեցին նոյնիսկ Պ. Սեւակի ծանօթ բանաստեղծութիւններէն կազմուած ծաղկաքաղները՝ սեւակապաշտ գրասէրին դիմաց բանալով անմահանուն քերթողին գրականութիւնը նոր մօտեցումով ու հայեացքով ըմբոշխնելու բացառիկ պահեր։ Այս առումով մասնայատուկ գնահատանքի արժանի գործեր հանդիսացան հայրենի վաստակաշատ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի «Պ. Սեւակի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը», Յովիկ Չարխչեանի «Սեւակի մահուան առեղծուածը», Մարօ Աբրահամեան-Թաթիկեանի «Փառք եւ օրհնութիւն քո յիշատակին» խորագրեալ հրատարակութիւններն ու տարաբախտ բանաստեղծին մտերմութեան մէջ ապրելու բախտին արժանացած իր սերնդակիցներուն յուշագրութիւնները։
Պ. Սեւակի քերթողութիւնը ըստ արժանւոյն մեծարելու կոչուած իւրաքանչիւր հատոր եղաւ իւրայատուկ տօն, որպէսզի «Նորից չեն սիրում, սիրում են կրկին» սեւակեան ուսմունքին հաւատարիմ ընթերցողները նորից ու կրկին սիրեն մեծ մարդերգակն ու սիրերգակը, ամբողջական վերացումով վերավայելեն անկրկնելի բանաստեղծին տաղանդին մեծութիւնը, լեցուին բարութեան ու լոյսին շռայլ բարիքներով, ճանչնան իրենց ժամանակն ու մարդկային կոչումը եւ վերանորոգ վճռականութեամբ անհաշտ կռիւ մղեն տգիտութեան ու յետադիմութեան, խաւարամտութեան ու կեղծաւորութեան, չարին ու սուտին եւ «աշխարհի շալակը» ելած նենգ ու անարժան մարդոց դէմ։
«Պարոյր Սեւակ. բարի երազըս՝ ձե՜զ, սիրելինե՛ր...» անուն գեղատիպ ու գունազարդ հատորը, որուն անուանաթերթին վրայ, խորագիրին տակ կը կարդանք «Գրական ուղեցոյց-հանրագիտակ» յստակացումը, կը բացուի «Լոյսի պէս մաքուր» խորագրեալ անստորագիր կարճ ներածականով մը, որ կը յայտնէ, թէ յիշեալ հրատարակութիւնը կը ձգտի ներկայացնել իմաստուն ու իմաստասէր, արծուաթռիչ ու շանթաշառաչ, խոտի պէս խոնարհ եւ եղնիկի պէս սիրաթով «բիւր անգամ մե՛րը» հանդիսացող Պ. Սեւակ բանաստեղծին մարդկային ու ստեղծագործական նկարագիրը, գրական կենսափորձն ու կտրած ճանապարհը, յախուռն կեանքն ու երազները, խոհերն ու մտորումները, ինչպէս նաեւ՝ իր գրչեղբայրներուն ու մտերիմներուն սիրոյ ու բարձր գնահատանքի ջերմ խօսքերը։ Տակաւին՝ սեւակեան թանկարժէք մասունքներու, լուսանկարներու եւ վկայութիւններու միջոցաւ աւելի մտերմանալու Պարոյր Սեւակ երեւոյթին հետ եւ «մօտիկից ճանաչելու, մտերմանալու եւ շօշափելիօրէն զգալու Սեւակի առօրէական եւ աստուածային կերպարը»։
Յատուկ բծախնդրութեամբ եւ գուրգուրանքով ձեւաւորուած 192 մեծածաւալ էջեր հաշուող այս «գրական ուղեցոյց - հանրագիտակ»ը կազմուած է իրերայաջորդ տասը մասերէ, որոնք ընթերցողին կը ներկայանան հետեւեալ խորագիրներով.- «Լոյսի պէս մաքուր», «Ցայգերգ», «Հայրենիք», «Նորից չեն սիրում, սիրում են կրկին», «Մահերգ», «Վարք մեծաց», «Մտերիմները», «Գրականագիտութիւն, քննադատութիւն, մատենագիտութիւն», «Սեւակեան մասունքներ» եւ «Վերջերգ»։ Հատորը եզրափակող բացատրողական էջէն կ՚իմանանք, որ զայն կազմած է Յուրի Պետրոսեան, իսկ հրատարակութիւնը հովանաւորած է հանրածանօթ գործարար Խաչիկ Չինարիկի Գէորգեան, ազնուական երկու հայորդիներ՝ որոնք արժանի են ջերմ գնահատանքի եւ անվերապահ յարգանքի։
Յիրաւի՝ բազմաձայն, համապարփակ եւ բացառիկ տօն ու տօնահանդէս է «Բարի երազըս՝ ձե՜զ, սիրելինե՛ր...» թանկարժէք ու ամենայն բծախնդրութեամբ պատրաստուած հատորը։ Գնահատանքի արժանի ե՛ւ խմբագիրը, ե՛ւ մեկենասը, ե՛ւ հանրագիտակի կազմութեան նպաստած բոլոր գրագէտները, արուեստագէտներն ու մշակութասէրները։ Սակայն, կը կարծենք, հատորը շատ բան պիտի շահէր՝ եթէ ընթերցողին ներկայանար տպագրական անտեղի նուազագոյն սխալներով եւ համահայկակա՛ն մօտեցումով՝ իր էջերուն հիւրընկալելով նաեւ սփիւռքահայ գրողներու սեւակեան դատումներն ու արժեւորումները։ Վերջ ի վերջոյ, Պարոյր Սեւակ ժամանակակից հա՛յ գրականութեան բացառիկ երեւոյթներէն մէկն է եւ արժանի է ամբողջակա՛ն մեծարանքի։
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=18939



Մեջբերել