ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ «ՔԱՅԼՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ»Ը
«Ես նաեւ քայլող յիշողութիւն եմ`
Ապրո՛ղ պատմութիւն»:
Պ. ՍԵՒԱԿ
Ուղիղ քառասուն տարիներ մեզ կը բաժնեն այն դժոխք օրէն, երբ 17 յունիս 1971-ին, մութ ու կասկածելի ուրուներ վերստին յայտնուեցան Հայաստան աշխարհի երկնակամարին վրայ` ինքնաշարժի առեղծուածային արկածով մը հայ ժողովուրդէն առեւանգելու համար իր արիւնազանգ անցեալին, սեւ ու սպիտակ ներկային եւ ապագայի «անկատար տենչեր»ուն «քայլող յիշողութիւն»ը` Պարոյր Սեւակ:
Օրին` լուրը տարածուեցաւ կայծակի արագութեամբ եւ անփոխարինելի կորուստին առաջացուցած վիշտը փոթորկեց սրտերը հազար հազարաւոր հայորդիներու` Հայաստանի ամենախուլ գիւղէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւորագոյն անկիւնը: Ուշ-ուշ եկող բացառիկներու տոհմին այս արժանաւոր ժառանգորդը, յանկարծ, դարձաւ ո՛չ միայն «ապրող պատմութիւն», այլեւ` հայ էութեան եւ ապագային անշեղ ուղին լուսաւորող յաւերժալոյս արիւն: Եւ եղաւ սուգ ու կսկիծ ահասարսուռ, բայց եւ եղաւ լոյս համայնատարած:
Ճակատագրի դառն հեգնանքով` «եղիցի լոյս» աղերսած տագնապահար բանաստեղծը, նոյնինքն «անտառի կանաչ շանթարգել կաղնին» դարձաւ զոհն ու զոհաբերը իր ժամանակաշրջանի հաւաքական ազնուագոյն ապրումներուն` իբրեւ անձնամոռ պատարագիչ եւ պատարագեալ սրբազնահունչ աւանդ, խորհուրդ ու պատգամ, կտակ ու գերագոյն նուիրումի եւ ծառայութեան կենդանի վկայութիւն:
Վասնզի`
արեւելահայ, դուք հասկցէք` Հա՛յ բանաստեղծութեան անցանկապատ անդաստանէն ներս, Եղիշէ Չարենցէն ետք նոր մայրուղի եւ իր անձնադրոշմ աշխարհին հորիզոնները լայն բացած արտակարգ բանաստեղծը, շնորհիւ իր գոյութենական արժէքին ու առաքելական կոչումին խոր գիտակցութեան, աներեր հաւատքին եւ անմնացորդ նուիրումին` յաջողած էր նաեւ եզակի ներկայութիւն դառնալ հայ ժողովուրդի փոթորկայոյզ կեանքին մէջ` իբրեւ հայ հողի, լեզուի, արեան ու ապագայի ջերմեռանդ սիրահար, ծառայ ու տէր, տիպար ու մարտունակ քաղաքացի եւ գաղափարապաշտ մտաւորական, կարճ ըսած` Աբովեաններու եւ Նալբանդեաններու, Րաֆֆիներու եւ Բակունցներու, Տէրեաններու եւ Չարենցներու, Ահարոնեաններու եւ Զարդարեաններու, Վարուժաններու եւ Սիամանթոներու հայրենակերտ ու հայակերտ աւանդի արժանաւոր ժառանգորդ եւ իր սերունդին քայլերը ուղեւորած խիզախ ջահակիր:
Որովհետեւ`
տենդով, կիրքով, արբեցումով, պատշամունքով, յափշտակութեամբ եւ անզուսպ պայքարի հրաշունչ փոթորիկներով ահագնացած, «իմ տառապած, իմ փառապանծ» Հայաստանի աղիքներէն ժայթքած այս գաղափարապաշտ լաւան, որ «ճառագայթային ախտ»է վարակուած մարդկութեան հսկաներուն հետ սեղան նստած էր հաւասարէ-հաւասար, ո՛չ միայն քանդած ու ջարդուփուշուր էր ըրած հինցած դուռները հայ քերթողութեան, այլեւ` գրաւած սրտերը հայ ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն` պատանիին ու համալսարանականին, մտաւորականին ու բանուորին, գիտնականին ու արուեստագէտին, գեղջուկին ու նոյնիսկ վերնախաւի հայրենասէր ներկայացուցիչներուն: Եւ ճիշդ այս իսկ պատճառով արժանացած էր բոլորին ամբողջական սիրոյն, յարգանքին ու պաշտամունքին: Ահա թէ ինչու, իր կեանքի վերջին օրերուն, «Եղիցի լոյս»ի լոյս ընծայումը խոչընդոտած պետական խաչակրութեան անդարմանելի ցաւէն շանթահար կենդանի նահատակին վաղաժամ մահը արտակարգ ցնցում առաջացուց հայ ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներու սրտերուն մէջ` բանաստեղծին մահուան թնճուկը վերածելով ազգային կորուստի:
Կորուստ մը տակաւին, որ իբրեւ «քայլող յիշողութիւն» եւ «ապրող պատմութիւն»` կը քալէ մեր կողքին, պիտի ընթանայ հաստատաքայլ` դարեր շարունակ, ինչպէս վայել է իրենց կեանքի ուսանելի օրինակով առասպել դարձած եւ պատմութեան յաւերժագնաց ուղին լուսաւորած հսկաներուն, Պարոյր Սեւակներուն: