Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 4 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 4 հատից

Թեմա: Դանիէլ Վարուժան

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Դանիէլ Վարուժան

    ՀՈՒՆՁՔ
    Կը սոթտուին թեզանիքներ, գերանդիներ թող յեսանուին.
    Այսօր երկու հազար մըշակ կը հնձեն ցորե՛նը եւ գարին:

    Քա՜ղցր է թեղուիլ հասկերուն մեջ` որոնց քիստերը խարշափուն
    Կը խառնուին բաց կուրծքերու անտառացած թուխ մազերուն:

    Քա՜ղցր է լողալ յամառօրեն որաներուն մէջէն հեղեղ.
    Ըզգալ ուռիլը բազուկին երակներուն արեւազեղ:

    Ահաւասիկ գերանդիներ, կատաղութի՛ւն փայլատակի,
    Ցորեններուն մէջ իբր արծաթ կ'ընկղմուին, դուրս կ'ելլեն` ոսկի:

    Հասկեր կ'իյնան շարուէշարան, եւ կ'արիւնին կակաչներ լուռ.
    Բըլուրներուն քողը խարտեաշ կը ծալլուի լայնասարսուռ:

    Ծըփանքներ նո՛ր ծըփանքներու ներքեւ ընդմիշտ կը փըլուզին.
    Ալիք կ'ըլլան ակօսին մէջ ծովե՛ր, ծովե՛ր, ծովե՛ր դեղին:

    Ու կ'ընդլայնին դաշտեր, սարեր, խոզաններով միշտ քըստմընած.
    Հովիտին մէջ հեղեղներ կան` որ կը ցամքին կամաց կամաց:

    Յանկարծ թուփեր կը հատնուին, կամ կը ցըցուի քար մը ճերմակ.
    Առուակ մ'հեռուն կը փալփլի, որ կը նիրհեր վարսակին տակ:

    Մըշակներ կան` որ փարչն իրենց բերնին դըրած, Արեւ՜ն ի վեր,
    Կ'ըմպեն երկա՜ր ջուրը գըլգլուն` զոր աղբիւրէն հարսն է բերեր:

    Ոմանք իրենց ափերուն մեջ` մերթ կը փըշրեն հասկ մը ատոք,
    Եւ կ'օրհնեն թիւն հատիկներուն, ու կը ծամեն յետոյ զանոնք:

    Հօտաղներ կան արտերէ արտ` որ ժիրաժիր կը յեսանեն
    Աղոտ մահիկը մանգաղին, աղմըկելով լուռ միջօրէն:

    Եւ կը հնձե՜ն, միշտ կը հնձե՜ն. թեւի ամեն լայն շարժումի
    Ամառներու բերկրութիւնն է` որ քիստէ քիստ կը ծաւալի:

    Ո՜, ի՜նչ կոծեր, հորիզոնէ հորիզոն ի՜նչ նուաճումներ,
    Ի՜նչ հեծկըլտանք հանճարներու, ի՜նչ փըլուզուող ովկիաններ:

    Ու կը հնձեն, դեռ կը հնձե՜ն. մինչեւ շուքերը երկարին
    Եւ շըփոթուին իրարու հետ ա՛լ սահմաններն անդաստանին:

    Այն ատեն լուռ ճամբուն վըրայ կը տեսնուին շարան շարան,
    Հընձուորները որ դէպ իրենց տընակներուն ճրագը կ'երթան:

    Գերանդիներն անոնց ուսին կը ցոլցոլան լուսնկայէն,
    Կը հովանան անոնց քըրտնած կուրծքերն անուշ ծըմակներէն:

    Իսկ անդորրին մեջ դաշտերուն ահա ծըղրիդ մը արթընցած
    Կը լեցընէ իր երգերով ամբողջ Անհունն աստեղամած

    Դանիէլ Վարուժան
    Բառամեկնում
    ա- սոթտուին, ամփոփուին:
    բ- թեզանիքներ, հագուստի երկար թեւ:
    գ- յեսանուին, սրուին:
    դ- քիստ, ցորենի հասկը պատող փշոտ մազերը:
    ե- որայ, խուրձ
    զ- արեւազեղ, արեւալից
    է- խոզան, հնձած հասկերի ծղօտիք
    ը- քըստմընած, փշաքաշուած
    թ- ատոք, լաւ հասած (ցորեն, սերմ)
    ժ- Հoտաղ, հովիւ, բայց այստեղ «հնձող, հնձաւոր»
    ի- անդաստան, արտ
    լ- ծըղրիդ, ճպուռ
    խ- ծըմակ, արեւ չտեսած՝ շուք տեղ ձորի մէջ

    Սոթոթ., «ամփոփ», սոթոթ. մէկ անգամ ունի Վստկ. 199., որ նկարագրելով լաւ ձիու արտաքինը, ասում է. «Ձուքն (ամորձեաց պարկը) սոթոթ եւ հաւկիթն մեծ եւ պինդ, եւ հաւկիթին բնաջեղքն հաստ եւ ուժով».: Սրա բայական ձեւն է սոթոթել «ամփոփել», որ հնից աւանդուած չէ, բայց միջին ձայնաւորի անկումով տուած է մհյ. սոթթել «ամփոփել, վերեւ քաշել, հանգրիճել» Վստկ. 200. «Զներքին շուրթն կալ եւ ձիգ ի դուրս քարշեա եւ պահ մի ի պինտ կալ եւ փրթո՛. եթէ շոյտ բարշէ ի վեր զշուրթն եւ սոթթէ յիւր տեղն..»: Շատ սովորական է նոր գաւառականներում: Ունինք նաեւ սոթոթ՝ անձի համար իբրեւ ածական գործածուած. «Երկու սեւ արք երկայնք եւ սոթոթք եւ ահաւորք» (սատանայի համար ասուած):

    Թեզան «կտաւի լայնքի թելերը», «հագուստի երկար թեւ»: Թեզան. որից թեզանիք «հագուստի երկար թեւ», (=միջ. հյ. թեզնիք), ոսկեթեզան (նորագիւտ բառ), թեզանատ «թեւը կարճ» «առանց թեւի» (վերարկու), թեզանաւոր, թեզանեայ, թեզնեբերան «թեզանիցիճ թեւերի բերանը կամ ծայրերը»:

    ՅԵՍ «սրոց, դանակ սրելու քար», յեսան. որից յեսանասուր «յեսանով սրուած»: յեսանել, ունի նաեւ եսան, եսանել ձեւերը. եւ իրօք կայ գրուած եսան ձեւով:

    Քիստ «ցորենի հասկը պատող փշոտ մազերը», քիստ, գրուած է քիս, քիզ, որից մանրաքիստ, քստումն «փշաքաղումն, մազերը փուշի պէս տնկուիլը», քստմնիլ (կամ կրճատ քսմնիլ) «մազերը փուշ փուշ լինել, սոսկալ» քստմնելի (գրուած քսմնելի), քստմնածածան (ջրերի վէտվէտման համար ասուած):

    Որայ «ցորենի կամ գարու խուրձ», որայ. որից որայիկ «կտրած ցորենի կապոցներից մի քանիսը» որային «որայի ցօղունը»:

    Զեղում. ԶԵՂՈՒԼ տես հեղ: Զ նախդիրով կազմուած է հեղուլ ձեւից.

    Հեղ արմատ՝ որ առանձին գործածական է միայն իբր հեղում բայի հրամայականն ու կտր. եզ. գ. դէմքը. սրանից են հեղուլ «թափել, լցնել, նմանութեամբ՝ վրան թափուիլ, խռնուիլ, լցուիլ», հեղանիլ, հեղուած, հեղուկ, հեղումն, մշտահեղ, բազմահեղ, արիւնահեղ, դիւրահեղ, զուգահեղումն, խաղաղահեղ, հեղուկաչափ (նոր բառ): Այս արմատի ստացած զանազան ձեւերն են՝ - հեղեղ (իբր *հեղհեղ կրկնուած առաջին ձեւից), ի-ա հլ. (յետնաբար նաեւ ո հլ.) «ուղխ, ջուրի յորդ հոսանք», որից հեղեղել, ջրհեղեղ, հեղեղամած, հեղեղասաստ, հեղեղատ, հեղեղատել, ջրհեղեղակուլ կամ ջրհեղեղակուր, յորդահեղեղ, հեղեղաջուր, հեղեղանման (նոր բառ): ԶԵՂ. կազմուած զ սաստկականով՝ առաջին ձեւից. որից՝ զեղուլ, զեղանիլ «թափուելու չափ լցուիլ», զեղումն, զեղուցանել, զեղուն «լիուլի»: Բազմազեղ, բազմազեղուն, յանկարծազեղ -- ՈՂ առաջին ձեւի միջին աստիճանի ձայնդարձն է. առանձին անգործածական. բայց սրանից է կազմուած՝ ողող (որ նախորդի կրկնական ձեւն է) «հեղեղ», որից՝ ողողել «հեղեղել, յորդել», «ցօղուել, ջրով թեթեւակի լուալ, rincer», ողողանել, ողողիչ, ջրողող, ողողեալ «պոռնիկ, լրբացած», ողողոթիք «ուղխ, հեղել»,

    ՀԱԼ որից՝ հալել «հալեցնել». առանձին ձեւի ստորին աստիճանի ձայնդարձն է (տես առանձին):

    Խոզան «հնձուած հասկերի մնացորդ ծղօտիները»

    խոզան, որից խոզանացեալ, խոզանեալ, խոզանստեւ, (բոլորն էլ խոզանի պէս ցցուած մազերի համար ասուած): Նոր գրականում խոզանակ խոզանակաձեւ:

    Ատոք «լիքը, լաւ հասած (ցորեն, սերմԱտոք, որից ատոքութիւն, ատոքանալ, ատոքատեսիլ, ատոքահատ:

    ՀՕՏ «ոչխարի նաեւ ուրիշ չորքոտանիների, փխբ. մարդոց խումբ», հօտ., որից հօտապետութիւն, հօտարած «հովիւ», հօտերէց «հովիւ», հօտաժողով, հօտարան «փարախ» եւայլն:

    Անդ, «արտ» անդ, յանդի, որից անդաստան, անդապահ «արտի պահապան», անդել «մշակել», գրուած է նաեւ հանդ:

    ԾՂՐԻԴ, «աշնանային գիշերախօս ճպուռ», ծղրիդ կամ ծղրիթ, արդի գրականում գործածական է ծղրիտ ձեւով (արեւմ.գրական):

    ԾՄԱԿ, «արեւ չտեսած՝ շուք տեղ ձորի մէջ», ծմակ, որից ծմակային «ձորային անարեւ տեղ», «հիւսիսային (կողմը)», ծմականիստ , ծմակացեալ, ծմակին «արեւելեան քամին փչած տեղը», ծմակեցուցանել «մթագնել», ծմակեցուցիչ, անծմակ:

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Black Orchid (27.02.2009)

  3. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԳԵՂՕՆ

    ™ԳԵՂՕՆ˜
    «...Ամենաբեր նորոց պտղոց տօնից
    հիւրընկալ դիցն Վանատրի.»
    ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ
    Նըստած պարարտ եզիդ վրայ, ո՛ Վանատուր,
    Մեկ ծագէն միւսը կանցնիս
    Հայրենական դաշտերուն:
    Մեռան բոլոր մեծ աստուածները. իրենց
    Բագիններուն վըրայ մամուռը կաճի:
    Անմահ եղար դու միայն
    Նըման հողին եւ կըրակին, ու նըման
    Ովկիանոսի աղերուն:
    Ուսերուդ հետ պատմուճանէն դեռ կու գայ
    Գինիի հոտն Ամանորի տօներուն:
    Հակառակ այնքա՜ն դարերու աւերին
    Բիբերըդ դեռ զըւարթութիւն կը բղխեն.
    Ու կնեղուտ դէմքիդ վրայ
    Արբեցողի կարմիր ծիծաղն է ծեփուած:
    Ու երբ պարարտ եզիդ վըրայ կայցելես՝
    Ծաղկամիսէն Միգաբեր՝
    Անեզրութիւնն հայրենական դաշտերուն՝
    Կհոսի ալիքը կեանքին
    Ակօսներէն հայրենակա՜ն դաշտերուն:

    Ահա գարունն ու զարթումներն իր առոյգ.
    Հիրիկներո՜վ պըսակուէ, ո՛Վանատուր:
    Ճամբուդ վըրայ ճառագայթներ կը հոսին.
    Երակներուդ պէս զեղուն
    Եւ ցօղաթուրմ կանանչին մէջ կը թաղուին
    Շիրմաքարերն ըսպիտակ:
    Կըտուրներէն գեղջկական
    Կը բարձրանայ ծուխը խունկի պէս խաղաղ:
    Թող ես վարդով եւ ուլունքով գեղաշար
    Քառամանեակս կախեմ
    Պարանոցէն քու եզիդ,
    Հըլու եզիդ՝ որ դարձած
    Մերթ կը լիզէ բոպիկ ոտքերդ աստուածի:
    Օ՜ իր պոչիւնը գերազօր՝ որ ահա
    Քարանձաւէ քարանձաւ
    Կարթընցընէ թըմրած օձերն ու արջերն.
    Ու խաղաղ կեանքն արեւուն տակ կը պոռթկայ:
    Աստղերը մե'ղր կը ծորեն երկընքէն
    Նայադներու սափորներուն մէջ մարմար.
    Արշալուսուած աղբիւրներուն եզերքին
    Աղաւնիներ կը լոգնան
    Իրենց կտուցէն մարգարիտներ սըրսկելով:
    Ծիծաղէ՛, ո՛ Վանատուր,
    Քու հեթանոս ծիծաղներովըդ վըճիտ,
    Զի Բընութիւնն արթընցաւ իր քօղերէն.
    Եւ Բերկրութիւնն արգասաւոր եւ անհուն
    Օդին մէջէ կանցնի կերթայ, ու նըման
    Մեծ կարապի մը վայրի
    Քու յաղթանակըդ կերգէ:

    Ահա ամառն ու իր անդերը խարտեաշ.
    Որաններով պըսակուէ, ո՛ Վանատուր:
    Պըճեղներուն տակ եզիդ
    Մատղաշ ցորեանն անտառացաւ. այժըմ իր
    Ծովերուն մէջ ոսկեայ լոգանքըդ ըրէ:
    Թուփերուն տակ ծաղկայեղց
    Բոյներն են լի օրհնութեամբ.
    Եւ արտոյտին երգն արեւէն մեզ կու գայ:
    Քու արգաւանդ անուշ շունչդ է՝ որ կանցնի
    Դալարաւէտ բըլուրներուն կողն ի վար:
    Երդիքին վրայ քընացող
    Գեղջուկին աչքն ա'լ կը բանայ արշալոյսն
    Եւ կը փակէ լուսընկան:
    Հիւղերն են լի համեմներու բոյրերով.
    Աւերակներն իսկ մոխրապատ են զեղուն
    Եղիճներու, մոլոշներու հունձքերով:
    Զով ուռենւոյն տակ, Վանատո՛ւր, կը զոհեմ
    Նոխազը քեզ նըւիրուած,
    Նոխա՛զն, որուն լուսեղէն մազերն յորդառատ
    Քամակին վրայ ակօսի պէս կը բացուին.
    Նոխա՛զն, որ միշտ կը կըրծէր
    Սուրբ շերտափակն այգիին:
    Արի՛ւն խըմէ ու մի՛ս կեր, ո՛ Վանատուր,
    Քու հինօրեայ խըրախներովդ հեթանոս,
    Զի հասկաթուռ ցորեանին մէջ փայլակող
    Գերանդիներ քե՛զ կերգեն:

    Ահա աշունն ու արիւններն իր յուռթի.
    Որթատունկո՜վ պըսակուէ, ո՛ Վանատուր:
    Նիզակըդ ա՛ռ, որուն վըրայ ոլորուն
    Բարունակներ կը փըթթին.
    Թող ես եզիդ եղջիւրներն
    Ողկոյզներով զարդարեմ:
    Մըրգածառերն յըղի կընոջ մը նըման
    Կհեւան իրենց բեռին տակ.
    Բուներն համակ կըպչուն են քաղցր հոյզով.
    Կորիզն ամէն պըտուղի
    Քու սերմովդ է պընդացած.
    Եւ քու եզիդ շողիքով
    Օծուած է հողը բեղուն:
    Ամբարներն ողջ խաղաղութեամբ կը լեցուին:
    Եւ կարասներ՝ ցընծութեամբ...
    Թող թեղերուն մէջ ուտէ եզըդ գարի'ն
    Աստղերու պէս: Իսկ դու, Աստուա՛ծըդ զըւարթ,
    Աստուածըդ գեր, վարդերես,
    Ա՛ռ դաշխուրանդ, ըմպէ՛ արիւնը աշնան...
    Աղբիւրին քով ես քեզի
    Մատըռուակեմ թող գինի,
    Մատըռուակեմ թող բոցեր...
    Ծիծաղէ՛, ո՛ Վանատուր,
    Ո՛ Վանատուր, կաքաւէ՛.
    Զի այգիէն տերեւաթափ՝ կերեւան
    Յաւերժհարսերն երկայնքն ի վեր ցանկերուն.
    Եւ աղջիկներ, նուռ լեցուցած գոգերնին
    Դէպ ի մեհեանըդ կերթան.
    Զի դու անմահ ես դիքերէն վերջ մեռած
    Ովկեաններու աղին պէս,
    Եւ զի տաղտուկ ձըմրան մէջ
    Ընտանեկան ակութներուն քով անքոյթ
    Ամէն կիթառ քե՛զ կերգէ:

    Սեբաստիա, 1911 Դանիէլ Վարուժան


    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Դանիէլ Վարուժան

    Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքքեարեան)

    20-րդ դարու արեւմտահայ բանաստեղծ։ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը եղաւ գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի տարերքը։
    Վարուժանին կեանքը թէեւ ընդհատուեցաւ երիտասարդ հասակին, բայց ան ստեղծեց հասարակական մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ, ամբողջական բանաստեղծութիւններ։ Ան հոգեկան մերձեցումներ ունեցաւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծ դէմքերու հետ, պահպանելով, սակայն, իր ստեղծագործութեան ազգային ոճն ու դրոշմը։

    Վարուժանի Կեանքը
    Դ.Վարուժան ծնած է 1884-ին Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղին մէջ։ Վարուժանը գրաճանաչ դարձած է գիւղի վարժարանին մէջ, իսկ 1896-էն ուսումը շարունակած է Պոլսոյ Սագըզ Աղաջիի Մխիթարեան դպրոցին, ապա Քաղկեդոնի վարժարանին մէջ։
    Պոլիսը պատանի Վարուժանին վրայ ծանր տպաւորութիւն կը ձգէ։ Ան կը տեսնէ սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդի հետքերը։ Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ բանաստեղծին հայրը, որուն հարազատները երկար ժամանակ կ՚որոնեն եւ վերջապէս կը գտնեն բանտին մէջ՝ շղթայակապ։ 1902 թուականին Վարուժան կը փոխադրուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան դպրոցը։ Բանաստեղծին կը գերեն Վերածնութեան շրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց առողջ եւ հիւթեղ իրապաշտութեամբ։ Ան յափշտակութեամբ կ՚ընթերցէ նշանաւոր գրողներու երկերը, յատկապէս կը տարուի ռուս հանճարեղ գրող Տոլստոյի եւ ֆրանսացի մեծ մտածող Ժան Ժակ Ռուսոյի գաղափարներով։
    Վարուժան առանձին սիրով կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը։ Վենետիկի մէջ կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները՝ պանդուխտներու կեանքի եւ 1896թ.-ի ջարդերու թեմաներով։
    1905-ին կ՚ընդունուի Բելգիայի Գանդի համալսարանը։ Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան. ան կը սորվի հասարակական եւ քաղաքական գիտութիւններ, կ՚ուսումնասիրէ գրականութիւն եւ ընկերային գիտութիւններ։
    1909-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ, ապա 1911-ին կը տեղափոխուի Եւդոկիայի (Թոքաթ) Ազգային ճեմարանը։ 1912-ին Վարուժանը կը հրաւիրուի Պոլսոյ Բերայի վարժարանը տեսուչի պաշտօնով։

    Այդ տարիներուն Վարուժանի բանաստեղծութիւնները լայն ճանաչում կը գտնեն։ Ան կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին։ Տասը տարուայ ընթացքին, բանաստեղծը կը գրէ չորս գիրք՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հացին երգը» եւ «Հեթանոս երգեր»։ Կը գրէ նաեւ նոթեր, յօդուածներ եւ կը կատարէ թարգմանութիւններ։

    1915 թուականն էր եւ Վարուժանը կը շարունակէր լրացնել գիւղի չքնաղ երգերու՝ «Հացին երգի» շարքը, կը պատրաստուէր գրել «Հայկական հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պէտք է տեղաւորէր հին հայկական առասպելներու ու աւանդութիւններու մշակումները, կ՚երազէր ամբողջովին մշակել «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական էպոսը։ Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին երգը» քերթողական հատորը։
    1914-ին հինգ հիմնադիրներէն մէկն էր «Մեհեան» ամսաթերթին։ Խմբագրած է նաեւ «Նաւասարդ» գրական պարբերականը։
    Սակայն վրայ հասաւ արիւնալի աղէտը։ Թուրք մարդասպանները աքսորի ճանապարհին, Չանղըրի քաղաքի մօտ ձորի մը մէջ յօշոտեցին 31-ամեայ բանաստեղծը։
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Դանիէլ Վարուժան

    ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ

    Դաստիարակն է:-Կը խօսի ծանր, յըստակ.
    Ձայնն աստղերէն, լոյսին կուգայ
    ,
    Բառը կ՛ելլէ, թըռիչներուն վրայ հուր կայ
    .
    Զայն կ՛արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք:

    Թոք կըսպառէ, միտք կը լըլկէ, շունչ կուտայ,
    Եւ չի խորհիր իր վէրքերուն
    ,
    Մանկութեան դէմ դըրած ամբողջ ծերութիւնն
    `
    Կը բաժնէ իր ծովը բազում լըճի վրայ

    Վըսե՜մ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,
    Ըզգուշաւոր հըպումներով
    `
    Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով
    .
    Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու:

    Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց
    Կը զետեղէ ճառագայթներ
    ,
    Եւ կը լեցնէ խաւերն անոր`
    բարեբեր
    Իր գիտութիւնն Աստուծոյ մէ՜ջ ամփոփած
    :

    Եւ հաւաքած ամանին շուրջն իր սըրտին
    Մանկան շըրթներ
    ` որք կը ծըծեն
    ,
    Կը բաշխէ, հեզ, անոնց արիւն արիւնէն
    .-
    Այդ իր կեանքն է` որ կ՛անցընէ ուրիշին:

    Եւ այսպէս օր մ՛երբ որ ըլլայ զոհ մը ծեր,
    Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք
    :
    Պիտ՛ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք
    `
    Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ՛ապրի՜ դեռ:
    ԴԱՆԻԷԼՎԱՐՈՒԺԱՆ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Վարուժան Ոսկանեան - «Շշուկներու Գիրք»
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Վերլուծություններ, հոդվածներ, լուրեր
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 30.04.2010, 19:53
  2. Վերլուծություն. Գենտեան տարիներ. Վերհարն եւ վարուժան
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Վերլուծություններ, հոդվածներ, լուրեր
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 22.08.2009, 19:41
  3. Դանիէլ Վարուժան-Հունձք
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Բլոգեր
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 30.01.2008, 17:51

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •