Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 2 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 2 հատից

Թեմա: ՈՉՆՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՈՉՆՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

    Ռոման Օնդաքի «Աւելի լուռ,
    քան երբեւիցէ» վերնագիրով
    «զետեղման արուեստի» գործը
    այս օրերուն կը ցուցադրուի
    Պարիզի «Պոմպիդու» կեդրոնին
    դիտումնաւոր կերպով դատարկ
    պատկերասրահին մէջ։

    Ո՞ՒՐ ԿՐՆԱՅ ՀԱՍՆԻԼ ԱՆՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ։ ԿԱՐԵԼԻ Է ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ ՄԸ ՊԱՐԱՊ ՁԳԵԼ ԱՆԳԱՄՈՒԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ՝ ԴԱՏԱՐԿ ԵՒ ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԸ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՇԵՇՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ ՍԱԿԱՅՆ ՀԻ՞ՆԳ ԴԱՏԱՐԿ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ։ «ՊՈՄՊԻԴՈՒ» ԿԵԴՐՈՆԸ ԱՅՍ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՆՇԷ ՆՈՒԱԶԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԿԷՍ ԴԱՐԸ։ «ԴԻ ԻՆԴԻՊԵՆԴԸՆՏ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

    Առանց ցուցանմուշի արուեստի ցուցահանդէսները նորութիւն չեն։ Կէս դարէ ի վեր ոչնչութիւնը ընդունուած է իբրեւ արուեստի ձեւ մը։ Սակայն Փարիզի «Ժորժ Պոմպիդու» կեդրոնը մշակութային աննախընթաց իրադարձութեամբ մը կրնայ հպարտանալ այս օրերուն. անիկա կը հիւրընկալէ յետահայեաց ցուցահանդէս մը՝ ցուցանմուշներէ զերծ 51 տարուան ցուցահանդէսներու վրայ, որոնք կը պատկանին 9 տարբեր արուեստագէտներու։ Թանգարան մը ինչպէ՞ս կրնայ յետահայեաց ցուցահանդէս մը նուիրել ոչնչութեան։ Պէտք է ըսել՝ մեծ բծախնդրութեամբ։ Այս առիթով հրատարակուած է պատկերագիրք մը, որ կ՚արժէ 39 եւրօ։
    Ցուցահանդէսը, որ կը կոչուի «Դատարկութիւններ», կը լեցնէ կամ աւելի ճիշդ՝ չի յաջողիր լեցնել 5 ցուցասրահներ՝ Ֆրանսայի Արդի արուեստի ազգային թանգարանին՝ «Պոմպիդու» կեդրոնին չորրորդ յարկին վրայ։ Բոլոր ցուցասրահները ամբողջութեամբ դատարկ են։ Պատերը սպիտակ ներկուած են, գետինները մերկ են։ Լուսաւորումը այնքան բծախնդիր կերպով իրագործուած է, ինչպէս՝ ժամանակաւոր որեւէ այլ ցուցահանդէսի պարագային։ Պահակները կասկածով կը հսկեն, որպէսզի այցելուներ չդպնան որեւէ բանի, կամ այս պարագային՝ դպնան ոչինչի։
    Յետահայեաց այս ցուցահանդէսը մերժուած է այլ երկիրներու գլխաւոր թանգարաններուն կողմէ։ Անոր նպատակն է ոգեկոչել եւ հետազօտել այն շարժումը, որ Պարիզի մէջ սկիզբ առաւ նուազապաշտ արուեստագէտ Իվ Կլայնի կողմէ։ Կլայն կը կրէր զեն բուդդայականութեան ազդեցութիւնը եւ առաջին արուեստագէտն էր, որ դատարկ պատերով ցուցահանդէս մը տուած էր 1958-ին՝ Պարիզի Գալերի Իրիս Քլերի մէջ։
    Կլայնի ոչնչութեան ցուցահանդէսը վերակենդանացած է Պոմպիդուի ցուցահանդէսին համար, զոր կարելի է տեսնել կամ աւելի ճիշդ՝ չտեսնել մինչեւ 23 մարտ։ Տեսականօրէն «Պոմպիդու» կեդրոնը նոյն ոչնչութիւնը չէ, որ կը ներկայացնէ, որովհետեւ անոր դատարկ պատերը նոյն պատերը չեն։ Սակայն բացատրութիւններ կրող ցուցատախտակները նոյնն են։
    Կլայնի դատարկ պատերը «հում նիւթերու նկատմամբ զգաստ վերաբերմունքի մասնագիտութիւնը կ՚արտացոլեն՝ ընդհանուր պատկերի աներեր գիտակցութեամբ», կը գրէ պատկերագիրքը։ Այլ խօսքով, ոչինչ տեսնելով՝ կը քաջալերուինք ամէն ինչ աւելի յստակօրէն տեսնելու։
    «Պոմպիդու» կեդրոնին յետահայեաց ցուցահանդէսը նաեւ կը վերակենդանացնէ որոշ ժամանակ մը փառաբանուած «Օդափոխիչ դրութեան ցուցահանդէսը», որ սարքուած էր կամ աւելի ճիշդ՝ չէր սարքուած 1967-ին՝ բրիտանացի արուեստագէտներու խումբի մը կողմէ, որ կը կոչուէր «Արտ էնդ լենգուէջ»։ Այս ցուցահանդէսը կը պարունակէր օդափոխիչ դրութեամբ զովացուած սրահ մը՝ սպիտակ պատերով դատարկ պատկերասրահի մը մէջ։ Ցուցահանդէսներ կազմակերպող 5 մասնագէտներ աշխատած են «Պոմպիդու» կեդրոնին ոչնչութեան յետահայեաց ցուցահանդէսին համար, որ կը պարունակէ գործեր կամ աւելի ճիշդ՝ «ոչ գործեր»՝ 7 արուեստագէտներէ. Ռոբըրտ Բերի, Ստանլի Բրաուն, Մարիա Այխհորն, Բեթան Հիուս, Ռոբըրտ Այրուին, Ռոման Օնդաք եւ Լորի Պարսընզ։
    Ցուցահանդէսին կազմակերպիչներէն՝ Մաթիւ Կոպլենդ կ՚ըսէ, թէ ցուցահանդէսը մասամբ արուեստը մերժող արուեստի հետազօտութիւնն է. մերժումը՝ բան մը աւելցնելու այս աշխարհին վրայ, որ արդէն խճողուած է պատկերներով։ «Սակայն անիկա պարզապէս արմատական կամ յղացքային արուեստ չէ։ Անիկա կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր տարբեր տարածքը, տարբեր հիւսուածքով տարածքը հետազօտելու՝ զուտ ֆիզիքական միջոցներով։ Ճշմարիտ փորձառութիւն մըն է»։
    Հինգ տարածքներէն մէկը նուիրուած է Ռոման Օնդաքի «Աւելի լուռ, քան՝ երբեւիցէ» գործին, որ առաջին անգամ ցուցադրուած է Փարիզի մէջ՝ 3 տարի առաջ։ Ցուցասրահը դատարկ է, ինչպէս՝ բոլոր միւս սրահները, սակայն ցուցատախտակ մը այցելուին կը բացատրէ, թէ սրահին մէջ տեղ մը թերեւս պահուած է լսողական գործիք մը։ Նպատակը հաւանաբար այցելուներուն մղել է, որ շատ ուշադիր քննեն ոչնչութիւնը։
    Ուսուցիչ մը 20 պատանի աշակերտներէ բաղկացած խումբ մը կը պտտցնէր «Պոմպիդու» կեդրոնին կազմակերպած յետահայեաց ցուցահանդէսին մէջ։ Գրեթէ բոլորը, ներառեալ՝ ուսուցիչը, սեւեր հագած էին։ Սպիտակ պատերուն դիմաց անոնք կը նմանէին ճատրակի խաղի քարերու։ Ուսուցիչը բաւական համոզիչ կերպով կը դրուատէր ցուցահանդէսը, մինչ պատանիները կը փորձէին մէկզմէկու ոտքերուն վրայ կանգնիլ կամ զիրար գետին փռել։
    ՔՆՆԱԴԱՏԻ ՄԸ ԿԱՐԾԻՔԸ
    Դատա՞րկ. նայած՝ թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէք։ Ոչնչութեան առաջին ցուցադրութիւնը ոչ թէ ցուցասրահի մը մէջ էր, այլ՝ երաժշտութեան. Ջոն Կէջի «4։33» գործին մէջ դաշնակահարը 4 վայրկեան եւ 33 երկվայրկեան կը նստի՝ առանց նուագելու որեւէ խազ։ Շատեր կ՚ըսեն, թէ շատ բան կարելի է լսել լռութեան մէջ։
    Մարտին Կրիդ՝ 2001-ի Թըռնըր մրցանակի դափնեկիրը դատարկ ցուցասրահ մը ցուցադրած էր Լոնդոնի Թէյթ Բրիտըն պատկերասրահին մէջ։ Սակայն արդեօք անիկա իրապէ՞ս դատարկ էր։ Լոյսերը կը վառէին ու կը մարէին իւրաքանչիւր 5 երկվայրկեանը անգամ մը։ Ասիկա զայն կը վերածէր բաւական լեցուն եւ իրադարձութիւններով հարուստ սրահի մը։ Այնպէս չէ՞։
    Այս գործերը կը հետեւին արդի արուեստի յատուկ ընթացքի մը։ Քայլ առ քայլ, նուազագոյնէ նուազագոյն երթալով, կը մաքրենք ու կը սրբենք ամէն ինչ, կերպարուեստն ու վերացապաշտութիւնը, եւ զանոնք կը միաձուլենք միակտուր պաստառի մը վրայ, կը վերածենք դատարկ պաստառի, ապա՝ դատարկ պատի։
    Իսկ երբ կը հասնինք դատարկութեան, զայն դարձեալ կը լեցնենք իմաստներով։ Երբեմն շեշտը կը դնենք բացակայութեան վրայ, ոչնչութեան մասին խորհրդածելու վրայ։ Երբեմն ասիկա կը նշանակէ նկատել բան մը, որ վրիպած էր մեր ուշադրութենէն։
    Թերեւս պէտք է նկատել ցուցասրահին խորքին լսուող ձայները, զորս կ՚անտեսենք։ Թերեւս պէտք է տեսնենք, թէ արուեստը ունի իր միջավայրը, որ կենսական դեր ունի հոն ապրած մեր փորձառութիւնը պայմանաւորելու մէջ։ Կամ թերեւս պէտք է դիտել դատարկ ցուցասրահի մը մէջ մնացած միակ բանը՝ մենք զմեզ։
    Դատարկութիւնները միշտ ալ բանով մը լեցուն են։ Արուեստին կը մնայ գտնել, թէ ինչո՛վ։
    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=19352
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. ՈՉՆՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

    Քանիցս արտայայտած ենք մեր տեսակէտը, ինքնասպառ Եւրոպայի վերաբերեալ: Ա'յս Եւրոպան է, որ կը կազմակերպէ եւրատեսիլները, ու մենք՝ հեւ ի հեւ կը փութանք մրցելու: Այս Եւրոպան բան չարժէր: Ա'յդ Եւրոպան է, որ բարձր կը գնահատենք: –ž—
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Հոդված. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ Է
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, վերլուծություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 06.03.2009, 21:01
  2. Գարեգին Նժդեհի Ճարտասանական արուեստը
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Փիլիսոփայություն
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 09.12.2008, 23:45

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •