ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ Է
Սպանացի արուեստագէտ
Էօժենիօ (Եւգենի) Մերինոյի «4 դը
լավ աֆ Գո(լ)դ» քանդակը,
զոր ան ստեղծած է 2009-ին,
կը ձաղկէ Damien Hirstը եւ
անոր գործերուն համար
պահանջուած հսկայական
գումարները։
ՍՐԱԹՌԻՉ ԱՐԱԳՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱԳԼՑՈՂ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԳԻՆԵՐԸ ԵՒ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ՝ ԱՆՈՆՑ ԱՆԿՈՒՄԸ ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԲԱՒԱՐԱՐ ՓԱՍՏԵՐ ԵՆ, ԹԷ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՈՐՈՇ ԳԻՆ ՄԸ ՈՒՆԷԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ՝ ԳՐԵԹԷ ՈՉ ՄԷԿ ԱՐԺԷՔ։ «ԴԻ ԻՆԴԻՊԵՆԴԸՆՏ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀՌՉԱԿ ՎԱՅԵԼՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆԻ ՄԸ ՎՃԻՌԸ.
Աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր արուեստի վաճառականներէն Դեյվիդ Նահմադ 2 շաբաթ առաջ զարմանք պատճառեց ժամանակակից արուեստի շուկային դէմ իր քննադատութեամբ, երբ «գրեթէ խաբէութիւն» որակեց ժամանակակից արուեստի կարգ մը գործերու համար պահանջուած միլիոնաւոր տոլարի գումարները։
Մոնակոյի մէջ հաստատուած արուեստի գործերու այս վաճառականը աշխարհի մէջ մեծագոյնը կը նկատուի։ Անոր յայտարարութիւնը կը կատարուի այն օրերուն, երբ արուեստի գնորդներ կը փորձեն դիմագրաւել արուեստի շուկային ժամանակակից անկումը։
Անոնք կ՚արձագանգեն բրիտանացի քանդակագործ տիար Անտոնի Կարոյի այն ակնարկութիւններուն, զորս ան կատարած էր քանի մը օր առաջ, երբ ըսած էր, թէ այս օրերուն «անմիտ եւ զայրոյթ պատճառող գիներ» աւելի կարեւորութիւն սկսած են ներկայացնել, քան՝ ինքնին արուեստի գործ մը։
Նահմադ սեփականատէր է շուրջ 2 միլիառ Պաունդ արժողութեամբ հաւաքածոյի մը, որ կը բաղկանայ շուրջ 5 հազար գեղանկարներէ, որոնց շարքին՝ 300 պիկասոներ։ Ան կ՚ըսէ. «Արուեստի գնորդներէն շատերը այսօր ամօթ կը զգան, որովհետեւ իրենց գնած գործերը այլեւս չեն արժեր այն գումարները, զորս իրենք վճարած են։ Վերջին 3 կամ 4 տարիներուն ժամանակակից արուեստի շուկան շատ նեղ շուկայ մըն էր, ուր 2 կամ 3 գնորդներ գիները կը բարձրացնէին՝ իրարու դէմ մրցելով»։
«Դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար՝ շատեր ծանօթ էին խաղին։ Իսկ անոնք, որոնք ծանօթ չէին, այժմ սկսած են անդրադառնալ։ Գրեթէ խաբէութիւն է ասիկա։ Յաճախորդներուս երբեք խորհուրդ պիտի չտայի գնել ժամանակակից արուեստի գործեր», կ՚ըսէ Նահմադ։
Նահմադ եւ անոր ընտանիքը միլիառաւոր տոլար շահած են արուեստի գործերու առեւտուրով։ Անոնց մասնագիտութիւնն է արդի մեծ արուեստագէտներու, ինչպէս՝ Պիկասոյի, Մաթիսի եւ Ռոթկոյի գործերուն վաճառքը։ Նահմադ կ՚աւելցնէ, թէ իր կարծիքով, Ֆրանսիս Բեյքընէն ետք ոչ մէկ արուեստագէտ արուեստը յառաջ մղած է։ Յիշատակութեան արժանի վերջին արուեստագէտները Լուչիօ Ֆոնտանան եւ Իվ Կլայնն են, կ՚ըսէ ան։ «Գոյութիւն ունի արուեստի իրական շուկան՝ իրական արուեստագէտներով, նաեւ գոյութիւն ունի անմիտ արուեստի շուկան, որ քարոզչութեան ճամբով շատ սուղ գիներ կ՚ապահովէ կարգ մը արուեստագէտներու։ Ասիկա չի նշանակեր, թէ այս արուեստագէտները լաւ են։ Damien Hirstի ադամանդակուռ գանկին 10 միլիոն դոլարի վաճառքը անմտութիւն էր. 100 միլիոն դոլարի գին որոշելը յանցագործութիւն է։ Հըրստ սկիզբը 10 հազար դոլար կը պահանջէր. ասիկա լաւ գին է։ Սակայն 10 միլիոն դոլա՞ր. ասիկա ծիծաղելի է»։
Անտոնի Կարո, որ 84 տարեկանին Բրիտանիոյ մեծագոյն ապրող արուեստագէտներէն է, ցաւ կը յայտնէ, թէ այսօր գեղանկարներու շուկայի գինը աւելի իմաստ ունի արուեստագէտներու համար, քան՝ գեղեցիկ գործ մը ստեղծելը։ «Արուեստի կարգ մը գործերու գինը զայրոյթ կը պատճառէ եւ անմիտ է, շատ ցաւալի է տեսնել, թէ դրամը դարձած է արուեստի աշխարհին խիստ կարեւոր մէկ մասը», կ՚ըսէ ան։
«Այս տագնապին պատճառով է, որ բան մը պիտի փոխուի արուեստի մէջ եւ թերեւս վերատեսութեան պիտի ենթարկուին արժէքները։ Իմ ժամանակներուս արուեստը երբեք դրամի չէր վերաբերեր։ Ես միլիոնատէր մը չեմ, փորձած եմ լաւ արուեստ ստեղծել», կ՚աւելցնէ Կարօ, որ քանի մը շաբաթ առաջ Մոնտէ ռէյի մէջ (Մեքսիքա) բացումը կատարեց քանդակներու նոր ցուցահանդէսի մը։
«The Art Newspaper» թերթի յօդուածագիր Լուիզա Բաք տարակարծիք է. «Կասկած չկայ, թէ Ռոթկոյի, Պիկասոյի եւ Մաթիսի նման արուեստագէտներ վեհապանծ կերպարներ են,- կ՚ըսէ ան,- սակայն արուեստի աշխարհը յառաջ գացած է, եւ լրիւ սխալ է անտեսել այն, ինչ որ իրագործուած է Բեյքընէն ետք։ Ժամանակակից արուեստի շուկան ենթակայ է ծայրայեղ ենթադրութիւններու, սակայն տարբերութիւն կայ ենթադրութեան եւ խաբէութեան միջեւ։ Տնտեսական անկումի ընթացքը պիտի չափաւորէ ենթադրութիւններու հետզհետէ ուռճացող պատկերը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կը տեսնենք, թէ կարգ մը ոչ այնքան արժանի արուեստագէտներ կը պահանջեն չափազանց բարձր գիներ»։
http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=19354



Մեջբերել