Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 2 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 2 հատից

Թեմա: ԻՐԱՔ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԻՐԱՔ

    ՔԵՐՔՈՒՔԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ

    Քերքուք ներկայ Իրաքի հիւսիսային նահանգներէն մէկն է, բլուրներով շրջապատուած, պատմական քաղաք մը։
    Քրիստոնէութեան ծագումէն ետք, Եդեսիոյ եկեղեցիէն ղրկուած քարոզիչներ եռանդով տարածած են քրիստոնէութիւնը՝ ըստ Վարդան Մելքոնեանի («Գաղութահայ տարեգիրք», 1940)։ 409-ին, 12-16 հազար քրիստոնեաներ «վասն հաւատոյ» նահատակուած են Առաֆայի մէջ։ 470-ին այդ նահատակներուն ի յիշատակ վանք մը կը շինուի Մար Թահմազկերտ անունով։ Դարերու ընթացքին այս բլուրի վրայ եկեղեցին հողին տակ կը թաղուի, հաւանաբար երկրաշարժի մը պատճառով։ Հետագային նոյն տեղը նոր եկեղեցի մը կը կառուցուի։
    Լենկ Թիմուրի արշաւանքներու ատեն (1336-1405) շրջանը հրոյ ճարակ եղած է, մէջը ըլլալով եկեղեցին։ Դարձեալ նոր մը կառուցուած է տեղը, որ ժամանակի ընթացքին զանազան նորոգութիւններու ենթարկուած է եւ ցայսօր կանգուն կը մնայ, կը գտնուի Քերքուքի հիւսիսային կողմը, մօտ 5 կիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Շրջանը կը կոչուի Ղըրմըզը քիլիսէ (Կարմիր եկեղեցի), հոն տեղի ունեցած ջարդի յիշատակին։
    Քաղդէացիներու գերեզմանատունն ալ այս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս է։ Առաջին պատերազմի գաղթականութեան ընթացքին Քերքուք մահացած հայերէն ոմանք թաղուած են այս գերեզմանատան մէջ։
    Քերքուք քաղաքը բաժնուած է երկու մասերու, Քալաա (բերդ) եւ Ղորեա՝ դաշտային թաղամաս մը։ Աւանդութեան մը համաձայն, Դանիէլ մարգարէի գերեզմանը կը գտնուի Քալաայի մզկիթի մը մէջ, որ տեղացիներու բացառիկ յարգանքի առարկան եւ ուխտատեղին է։
    Քերքուք միատարր բնակչութիւն մը չունի, 20-րդ դարի սկիզբը հոն կային քիւրդեր, արաբներ, թիւրքմեններ, քրիստոնեայ քաղդէացիներ, հրեաներ, ասորիներ եւ հայեր։ Թիւրքմէնները՝ Լենկ Թիմուրի շառաւիղի յետնորդներն են, որոնք չորս դարեր առաջ թրքական կառավարութեան կողմէ բերուած են Քերքուք եւ Իրաքի ուրիշ քանի մը գիւղաքաղաքներ, ուր բնակութիւն հաստատած ու տակաւին հոն են, կը պահեն իրենց յատուկ լեզուն։ Քաղդէացիները վերոյիշեալ քրիստոնեաներու մնացորդներն են. Լենկ Թիմուր՝ Միջագետքը գրաւած ատեն վանքն ու թաղամասը՝ Առաֆա, հրոյ ճարակ կ՚ընէ։ Ազատողներ կը փախին Քերքուք, նախ կայք կը հաստատեն Ղորեայի դաշտային մասին մէջ, ապա կը տեղաւորուին Քալաա, ուր եկեղեցի եւ եպիսկոպոսական աթոռ կ՚ունենան մինչեւ 1950 թուականները։ Երբ Ղորեայի մասը աւելի կը զարգանայ, հոն նոր եկեղեցի մը կը կառուցեն եւ եպիսկոպոսական աթոռն ալ կը փոխադրուի։
    Հին ժամանակներէ ի վեր Քերքուքի մէջ հայ գաղութ մը ունեցած ըլլալը հաստատող տուեալներ գրեթէ չկան, միայն թէ 1847-ին սուլթան Աբդուլ Մեջիդ իր երրորդ սենեկապետը Բաղդադ ղրկած ատեն անոր կ՚ընկերանայ հայ բժիշկ Բարունակ բեյ Ֆերուհխան, որպէսզի ճամբու վրայի քաղաքներու եւ գիւղերու հիւանդները դարմանէ եւ պատուաստէ։ Բարունակ բեյ այս առթիւ գրի առած է «Ճամբորդութիւն ի Բաբելոն ընդ Հայաստան» անուն գիրք մը՝ տպուած Արմաշ, 1876-ին։ Արշակ Ալպոյաճեան իր «Իրաքի հայերը» գիրքին մէջ յիշատակելով զայն՝ կը գրէ, թէ 1847-ին Քերքուք ունէր մօտ 8000 տունի չափ բնակիչ քիւրդ, թուրք, հայ, քաղդէացի, հրեայ եւ արաբ։ Քաղաքը ունէր 10 մզկիթներ եւ իւրաքանչիւր ազգ ունէր եկեղեցի մը. հայերն ալ ունէին եկեղեցի, թէեւ Բարունակ բեյ բացորոշ չէ յիշած, սակայն հայոց եկեղեցին կա՛մ լքուած կա՛մ գրաւուած պէտք է ըլլայ 1847-էն ետք։
    Նաեւ հետեւեալ երեք անգլիացի ուղեւորներու հրատարակութիւններու մէջ մեր մասին յիշատակութիւններ կան. J. S. Buckingham` «Travels in Assyria, Media and Persia» գիրքին մէջ, հրատարակուած Լոնդոն՝ 1830-ին, A. Locher` «With star and crescent journey from Bombay to Constantinople» գիրքին մէջ, հրատարակուած Լոնդոն՝ 1868-ին եւ Sir Robert G. Porter (1775-1841)՝ յայտնի անգլիացի նկարիչ ու հնագէտ 19-րդ դարու սկիզբը, իր նշանաւոր ճամբորդութիւններով։ Ան այցելած է Անդրկովկաս, Պարսկաստան, Միջագետք եւ Թուրքիա՝ 1817-1820-ին, իր ուղեւորութիւնը հրատարակած է Լոնդոն, 1822-ին, երկու ստուար հատորներով։
    Ըստ մեր ուսումնասիրութեան, օսմանեան տիրապետութեան շրջանին 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ հայ երիտասարդներ, որպէս պետական կարեւոր պաշտօնեաներ, ղրկուած են Քերքուք՝ Կեսարիայէն, Անկարայէն եւ այլ վայրերէ՝ իբրեւ դարմանատան եւ նամակատան տնօրէններ, նաեւ՝ հաշուապահական պաշտօնեաներ։
    Այս հայ երիտասարդները, կտրուած ըլլալով հայկական այլ համայնքներէն, Քերքուք մնալով, ամուսնացած են տեղացի քրիստոնեայ աղջիկներու հետ, հաստատուած են հոն եւ՝ ձուլուած։ Ասոնց շառաւիղներէն մինչեւ այսօր կը յիշուին Սարաֆեան, Մինաս եւ պոստաջի Յուսուփ ընտանիքները, սակայն՝ որպէս տեղացի քրիստոնեաներ, որոնք գիտեն, թէ ծագումով հայ են։
    Առաջին համաշխարհային պատերազմին հայ աքսորեալներ կը սկսին հասնիլ Քերքուք։ Զաւէն արք. Տէր Եղիայեան իր «Պատրիարքական յուշերս» գիրքին մէջ կը յիշէ, որ նախքան Տէր Զօրի կոտորածը սկսիլը, այդ ճամբով երկու խումբեր հասած են Մուսուլ, եւ վերջը՝ Քերքուք ղրկուած։ Այս խումբը եւ աւելի ուշ սահմանափակ թիւով հայ ընտանիքներ կը մնան Քերքուք, պատերազմի տեւողութեան։ Մաս մը տեղացի քաղդէացի ընտանիքներ այս հայերուն օգտակար կը հանդիսանան, երբ օսմանեան ոստիկաններ տունէ տուն հայեր փնտռելով՝ ձերբակալել փորձած են։
    Բաղդադ անգլիացիներու կողմէ գրաւուելէ ետք, հայ ընտանիքներ մեծ մասամբ կը մեկնին Քերքուքէն Բաղդադ։ Այսպէս, 1920-1926 ժամանակամիջոցին հազիւ քանի մը ընտանիքներ կը մնան, որոնցմէ մէկ մասը կառապաններ իրենց արհեստին բերումով կը հաստատուին։ Նաեւ աւելի ուշ, հոն կային հայ 6 խանութպաններ, 2 լուսանկարիչներ, 2 ատամնաբուժներ, մէկ բժիշկ, մէկ դեղագործ եւ 6 սափրիչներ, մաս մըն ալ արհեստաւորներ եւ մանր առեւտրականներ, ամէնքն ալ քիչ շատ բարեկեցիկ։
    1927-ին, Քերքուքի մէջ նաւթահորեր պեղելու գործողութիւնները երբ սկսան եւ փաստուեցաւ քարիւղի գոյութիւնը, Iraqi Petrolium Company (I.P.C.) ընկերութիւնը կեդրոնատեղին կը հաստատէ Քերքուք՝ աստիճանաբար շատցող պաշտօնեաներու եւ որակաւոր արհեստաւորներու մէջ զգալի թիւով հայեր կային: Իրաքի զանազան քաղաքներէն հայեր կը փոխադրուին այստեղ, ուր նոր համայնք մը կը ստեղծուի, որուն ամենաշատ եղած ատենը 160 ընտանիք, 1000 անձ եղած է: Զանազան ճիւղերու մէջ կարեւոր եւ պատասխանատու պաշտօններու տիրացող շատ մը հայեր եղան, որոնք մնացին մինչեւ քարիւղի պետականացումը Իրաքի կառավարութեան կողմէ 1973-ին եւ մաս մը անկէ վերջ ալ: Յիշատակութեան արժանի է, որ տարիքի բերումով գործէ արձակուողներ կը հեռանան Քերքուքէն, Բաղդադ կամ այլուր գործ փնտռելու:
    Հայ գաղութի բազմանալ սկսելէ ետք, Քերքուք ճանչցուած է որպէս հայաշատ շրջան մը Բաղդադի Առաջնորդարանի կողմէ: Առաջին առիթով դպրոց մը բանալու ձեռնարկներ կ՚ըլլան 1929-1930 թուականներուն, Բաղդադի Ազգային իշխանութեան օժանդակութեամբ, որպէս ուսուցիչ կը նշանակուի զէթունցի Համբարձում անունով երիտասարդ մը: Կ՚ունենան 17 աշակերտներ, սակայն հազիւ 5-6 ամսուան կեանք կ՚ունենայ դպրոցը:
    1931-ի վերջերը, օրուան առաջնորդ Ռուբէն եպս. Մանասեանի եւ Ազգային իշխանութեան կարգադրութեամբ. Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեան կը նշանակուի հովիւ Քերքուքի: Տէր հօր առաջին գործերէն մէկը կ՚ըլլայ հոգաբարձութիւն մը նշանակել տալ ազգային գործերը վարելու իր նախագահութեան ներքոյ:
    Բաղդադի Ազգային իշխանութիւնը կը նշանակէ հետեւեալ երեք անձերը՝ Յովհաննէս Ս. Յովհաննէսեան, Տիգրան Գասպարեան եւ Գրիգոր Փորթոյեանը:
    Տուն մը կը վարձուի, սենեակներէն մէկը աղօթատեղիի կը վերածուի, ուր պաշտամունք կը կատարուի: Մնացեալներուն մէջ Տէր հայրը կը սկսի հայերէն դասաւանդելու: Աշակերտութեան թիւը բարձրանալով, քանի մը դասաւանդելու յատկութիւն ունեցող երիտասարդուհիներ օգնութեան կը կանչուին:
    1932-ին աւելի մեծ շէնք մը կը վարձուի որպէս դպրոց, մանկապարտէզ եւ նախակրթարանի չորս դասարաններով, Տէր Մեսրոպ կը նշանակուի որպէս տնօրէն դպրոցին: Նոյն տարին դպրոցի շրջափակէն ներս՝ առաջին հողաշէն աղօթատեղին կը կառուցուի:
    1948-ին այս շէնքը ազգապատկան կը դառնայ, դպրոցը կը կոչուի Խրիմեան վարժարան, հինգ դասարաններով: Իսկ եկեղեցւոյ կառուցման համար՝ կցուած հողամաս մը ծախու առնելով 1948-ին, նոր եկեղեցիի մը հիմնարկէքը կը կատարուի 1952-ին ձեռամբ Արշաւիր քհնյ. Սեվդալեանի: Ապագայ եկեղեցիի գաւիթին մէջ պիտի զետեղուի Երուսաղէմէն յատկապէս բերուած օծուած քարը եւ քարին վրայ փորագրուած եկեղեցիի անունը, Ս. Աստուածածին: 1956-ին վէմ քարը կ՚օծուի ձեռամբ գերպ. Տ. Զգօն վրդ. Տէր Յակոբեանի ու պաշտամունքը կը սկսի այս եկեղեցւոյ մէջ:
    1990-ական թուականներէն եկեղեցւոյ կառոյցը կը կարօտէր հիմնական նորոգութիւններու, զոր իրականացաւ համայնքի զաւակներու եւ Ազգային իշխանութեան օժանդակութեամբ, որոնք լրացան 1997-1998-ին: Իրաքի թեմի առաջնորդ գերպ. Աւագ արք. Ասատուրեանի Քերքուք տուած հովուական այցելութեան ընթացքին 1998-ին, նկատի ունենալով, որ միայն եկեղեցւոյ վէմ քարը օծուած էր, կատարեց եկեղեցւոյ եւ նորակառոյց սեղանի օծումը:
    1932-ին վարձուած ու 1942-ին ազգապատկան դարձած դպրոցի շէնքը հայաշատ կեդրոնի մէջ էր: Ժամանակի ընթացքին հայեր կը հեռանան այս թաղամասէն սեփական բնակարաններ կառուցանելով, նաեւ օգտուելով քարիւղի ընկերութեան ընծայած բնակարաններ տրամադրելու ծրագրէն: Քերքուքի Թաղական խորհուրդը ազգային դպրոցի թաղային դրութեան վիճակը կը ներկայացնէ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան, որ տեղւոյն քարիւղային ընկերութեան բաժնետէրերէն մէկն էր, խնդրելով իր օժանդակութեան հարցը լուծելու: Հաստատութիւնը 1962-ին կ՚ընդառաջէ դիմումին, քաղաքին նորաճ ու արդիական թաղի մը մէջ հողամաս մը ծախու առնելով:
    Հաստատութեան ծախսով, անմիջապէս կը կառուցուին.-
    1) Արդիական նախակրթարանի համար 12 դասարաննոց շէնք մը՝ յարակից բաժիններով ու դպրոցը կը կահաւորուի: Դպրոցը՝ նոր շէնքը կը փոխադրուի 1965-ին 100 աշակերտներով, հինգ դասարաններու բաժնուած: Աշակերտութեան թիւը վերջէն կը հասնի 165-ի: Այս դրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ համայնքային վարժարաններու պետականացումը 1975-ին:
    2) Տեղւոյն հոգեւոր հովիւին համար բնակարան մը:
    3) Համայնքի համար սրահ մը բեմով եւ մարզական դաշտերով:
    4) Թաղական գործածութեան համար գրասենեակներ:
    Կը մնայ հողաշերտ մը՝ վերապահուած ապագայ եկեղեցիի կառուցման համար:
    Քերքուքի գաղութը 1931 թուականէն սկսեալ, յաջորդապէս հովուած են Տ. Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեան, Տ. Ղուկաս քհնյ. Ղազարեան, Տ. Արշաւիր քհնյ. Սեվդալեան, Տ. Վարդան քհնյ. Առաքելեան, Տ. Օշական քհնյ. (հետագային Աւագ քհնյ.) Գլըճեան, Տ. Նարեկ քհնյ. Թընկրեան, Տ. Վազգէն քհնյ. Ազիզեան (այժմ կարգալոյծ) եւ Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան: Այժմու հոգեւոր հովիւն է Տ. Աւետիք քհնյ. Մարտիրոսեան:
    Գալով համայնքային կեանքին, Քերքուքի գաղութի կազմութեան սկզբնական շրջանին եղած են մաս մը կազմակերպութիւններ, որոնք կարճ կեանք մը ունեցած են, եւ յիշատակելի գործունէութիւն չեն ձգած:
    Իրաքի Հայ Կարօտելոց խնամակալութեան 1932 թուականին կազմուած Քերքուքի մասնաճիւղը միայն փայլած է իր գործունէութեամբ: Ան պահած է նուագախումբ եւ երգչախումբ, որոնք զանազան առիթներով ելոյթներ ունեցած են: Իր երկսեռ անդամներու թիւը հասած է 150-ի: 1959-ի պետական հրամանով, Խնամակալութիւնը դադրեցուց իր գործունէութիւնը:
    Ներկայիս, Քերքուքի մէջ կը գործէ ՀՄԸՄ-ը 1959-էն սկսեալ (այժմ «Նահատակ Մասիս Մարզական Ակումբ» անուան տակ) որուն երկսեռ անդամներու թիւը 2000-ին՝ 160 էր:
    Այսօր Քերքուքի մէջ 72 տուն հայ կը բնակին:
    Պատրաստեց՝
    ԴՈԿՏ. ՎԵՀ. Ս. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

    http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=19350
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ԻՐԱՔ

    Հայերն ապահով են զգում քրդաբնակ շրջաններում.
    իրաքահայ համայնքի առաջնորդ

    ...Իրաքից ամերիկեան զինուժի դուրսբերումից յետոյ այնտեղ ապրող հայերն սպասում են վերջնական խաղաղութեան հաստատման: Իրաքահայ համայնքի Ազգային կենտրոնական վարչության ատենապետ Պարոյր Յակոբեանը «Կապիտալի» հետ զրոյցում ներկայացրել է համայնքի խնդիրները:
    «թերթ.ամ»

    ...-Պրն Յակոբեան, ի՞նչ իրավիճակ է այսօր իրաքահայ համայնքում երկրից ամերիկեան մարտական ուժերի դուրս գալուց յետոյ:
    ...-Ամերիկեան զօրքերի մի մասը միայն վերջերս լքեց երկիրը, և դեռ շատ վաղ է կանխատեսումներ անել: Հայերը, ինչպէս Իրաքի մնացած քաղաքացիները, սպասում են երկրում վերջնական կայունութեան և խաղաղութեան հաստատմանը, ինչպէս նաև առաջիկայում Իրաքում կառավարութեան ձևաւորմանը: Յայտնի է, որ Իրաքում խորհրդարանական ընտրութիւնը տեղի են ունեցել մարտին, սակայն մինչ օրս համապատասխան ձայներ հաւաքած քաղաքական դաշինքներին չի յաջողւում ձևաւորել կոալիցիոն կառավարութիւն։ Իրաքում ներկայում բաւականին լարուած իրավիճակ է սուննի և շիա քաղաքական խմբաւորումների միջև, որոնցից իւրաքանչիւրը ցանկանում է աւելի մեծ լծակներ ունենալ իշխանութեան մէջ:
    ...-Ի՞նչ փոփոխութիւններ կրեց համայնքը պատերազմի տարիներին:
    ...-Իրաքահայ համայնքը բաւական բարգաւաճ համայնք էր՝ ամէն իմաստով, այդ թւում` մշակութային, սակայն պատերազմի տարիներին մեծ վնասներ կրեց, ամէն ինչ կարծես տակնուվրայ եղաւ, զգալիօրէն կրճատուեց հայերի թւաքանակը, համայնքը կորցրեց իր նախկին դիրքերը: ...Անվտանգութեան երաշխիքի բացակայութեան և երկրում սկիզբ առած քաղաքական ու ընկերատնտեսական ճգնաժամի հետևանքով հարիւրաւոր իրաքահայեր հեռացան երկրից` հաստատուելով Ամերիկայում, Եւրոպայում, Միջին Արևելքում, հիմնականում` Սիրիայում, Յորդանանում, Լիբանանում: Ցաւօք, հայերի արտագաղթը շարունակւում է նաև հիմա: Ներկայում հայերի թիւը Իրաքում մօտ 12 հազար է:
    ...-Արդեօք Իրաքի հայ համայնքին յաջողուե՞լ է պատերազմի ընթացքում պահպանել իր հիմնական ազգային կառոյցները:
    ...-Պատերազմի շրջանում համայնքը ստիպուած էր յաղթահարել բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն ազգային կառոյցները հիմնականում պահպանուած են: Իրաքի հայ համայնքի գործերը յաջողութԵամբ ընթանում են իրաքահայ թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի գլխաւորութեամբ: Համայնքը գործում է ըստ Կանոնադրութեան (կամ Ազգային սահմանադրութեան), որը վաւերացուած է պետութիւնից: Համայնքի բարձրագոյն իշխանութիւնն Ազգային կենտրոնական վարչութիւնն է, որն ընտրւում է չորս տարին մեկ և ունի իր ատենապետը: ...Վերջին ընտրութիւնը տեղի է ունեցել 2010թ. մայիս-յունիս ամիսներին: Այժմ իրաքահայերը հիմնականում կենտրոնացած են Բաղդադում, որտեղ գործում են հայկական չորս եկեղեցի և ազգային հինգ միութիւն՝ Բաղդադի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը (գործում է 1926-ից), Իրաքի հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, որն ունի առանձին մարզական ակումբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ն, Իրաքի հայ տիկնանց մշակութային միութիւնը:
    ...-Յայտնի է, որ իրաքահայերը եկեղեցիներ, դպրոցներ, կրթական, մարզական և ազգային այլ միութիւններ ունեն նաև Բաղդադից դուրս:
    ...-Այո, դրանք հիմնականում գտնւում են Բասրայում, Քիրքուքում, Էրբիլում (Արբելա), Մոսուլում, Դոհուքում, Զախոյում, Աւզրուկում, Հաւրեզքում: Մեկական հայկական եկեղեցի կայ Բասրայում, Քիրքուքում, Զախոյում, Մոսուլում, Աւզրուկում: Երկու տարի առաջ, 2008թ., եկեղեցի հիմնուեց Դոհուքում (Ս.Ներսես Շնորհալի), ծրագրւում է նոր եկեղեցիներ կառուցել Էրբիլում և Հաւրեզքում: ...Անմխիթար է վիճակը Մոսուլում: Այնտեղ կար երկու հայկական եկեղեցի, որոնցից մեկը կառուցուել է 1857թ., իսկ միւսը նորակառոյց էր, որը նախքան օծուելն ու բացուելը 2004թ. աւերուեց։ Սկսել է հայերի հոսքը դեպի Էրբիլ: Այնտեղ, ճիշտ է, հայութիւնը քիչ է, սակայն ստուարանալու միտում ունի: Ի դեպ, ծրագրւում է թէ՛ Էրբիլում, թե՛ Հաւզրեքում եկեղեցիներ կառուցել: Հայերով է սկսել բնակեցուել Մոսուլի մօտ գտնուող Ալ Կոուշ բնակավայրը, որի հարևանութեամբ վերջերս Քուրդիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, ժամանակին իրաքեան Քուրդիստանի ֆինանսների նախարար Սարգիս Աղաջանը կառուցեց փոքրիկ մի գյուղ՝ մօտ 24 բնակարանով՝ Մոսուլից գաղթած հայ ընտանիքների համար, որը կոչուեց Աղաջանեան: Իրաքի հայաբնակ գյուղական բնակավայրերի մեջ առանձնանում է քրդախոս հայերով բնակեցված Ավզրուկը, որ փաստորեն գտնվում է Զախոյի և Դոհուքի միջև: Գյուղն ունի եկեղեցի, դպրոց, թաղական խորհուրդ։ Հատկանշական է, որ Ավզրուկում ապրող հայերը թեև իրենց կենցաղավարությամբ ու մշակույթով ավելի մոտ են քրդերին, սակայն աչքի են ընկնում հայկական բարձր ինքնագիտակցությամբ, ամուր կառչած են ազգային և կրոնական ավանդույթներին: ...Աւզրուկում հիմնականում զբաղւում են հողագործութեամբ, սակայն երիտասարդները Զախո և շրջակայքի այլ քաղաքներ են գնում՝ աշխատելու, այնպէս որ՝ բոլորը չէ, որ հողագործութեամբ են զբաղում: Աւզրուկի հարևանությամբ են գտնվում Սումայլ գյուղաքաղաքը և Շիքանդալ փոքրիկ գիւղը, որտեղ ասորիների կողքին ապրում են հայեր: Ի դեպ՝ քրդախօս են նաև Զախո քաղաքի հայերը, որոնք այս շրջանը բնակեցրել են 1930-ականներից: Այստեղ հայերն ունեն թաղական խորհուրդ։ ...Հայերը սկսում են աշխուժանալ նաև Դոհուքում: Այս շրջանի հայերը բոլորը եկեղեցապաշտ են, ձգտում են հայ մնալ:
    ...-Փաստօրէն, հայաբնակ նոր բնակավայրերի ձևաւորման գործընթաց է սկսուել քրդաբնակ շրջաններում, որոնք հայապահպանութեան տեսանկյիւնից նոր նշանակութիւն են ձեռք բերել:
    ...-Այո, համայնքում ներքին տեղաշարժեր եղան: Այսօր, կարելի է ասել, տեղի է ունենում հայկական նոր համայնքների ձևաւորման և ամրապնդման գործընթաց: Այս տեսանկիւնից հետաքրքրութիւն է ներկայացնում Հաւրեզքը, որ վերահիմնուել է 2005թ.: Այնտեղ ապրում են Բաղդադից, Բասրայից, Մոսուլից տեղափոխուած քաղաքաբնակ և հայախօս իրաքահայեր: Հաւրեզքում կայ դպրոց, թաղական վարչութիւն: Նշենք, որ Հաւրեզքը 1920-ականներին հիմնել է Վասպուրականի հերոսամարտի մասնակից Լեւոն Շաղոյեանը։ 1970-ականների վերջերին Սադամ Հուսեյնի օրօք պետական և քրդական զօրամիաւորումների միջև բախումների հետևանքով գիւղից հայ բնակչութիւնը դուրս է բերուել: Ընդհանրապէս՝ հիւսիսային` սահմանամերձ շրջանում գտնուող շատուշատ բնակավայրեր դատարկուել են: Հաւրեզքի վերահիմնմանը որոշակիօրէն աջակցել է քրդական իշխանութիւնը։ Մասնաւորապէս՝ ասորական ծագում ունեցող Սարգիս Աղաջանի ջանքերով՝ 2005թ. Հաւրեզքում կառուցուել են տասնեակ տուներ: Վերաբնակողները հիմնականում քաղաքաբնակներ են` Բաղդադից, Բասրայից, Մոսուլից: Նշեմ, որ իրաքահայ թեմի առաջնորդը և Ազգային կենտրոնական վարչութեան անդամները ժամանակ առ ժամանակ այցելում են Իրաքի հայկական համայքներ, այդ թւում՝ Հաւրեզք, ուշադրութիւն դարձնելով տեղերում ընթացող գործընթացներին։
    ...-Փաստօրէն, հայերի և քրդերի միջև որոշ համագործակցութիւն կայ:
    ...-Այո, հայերն ապահով են զգում քրդաբնակ շրջաններում, որտեղ բնակում են մօտ երկու հազար հայեր։ Յատկանշական է, որ իրաքեան Քուրդիստանի տարածաշրջանային` 111-տեղանոց խորհրդարանի անդամ է (2009-ից) հայազգի Արամ Շահեն Բաքոյեանը, որը երկար տարիներ է, ինչ անդամագրուած է Քուրդիստանի դեմոկրատական կուսակցութեանը, որի ներկայիս առաջնորդը Մասուդ Բարզանին է: Ի դեպ՝ Արամ Բաքոյեանը ժամանակին Զախոյի հայկական թաղական խորհրդի անդամ էր։
    ...-Ի՞նչ վիճակում է ազգային կրթութեան հարցն Իրաքում:
    ...-1970-ականների առաջին կէսին հայկական ազգային վարժարանները (ինչպես մնացած ազգային կրթական հաստատութիւնները) Իրաքում պետականացուեցին: Այն ժամանակ մեծ ջանքեր պահանջուեցին, որ գոնէ հնարաւոր դառնայ հայերենի և կրօնի ուսուցումն արդէն պետական դպրոցներում: Եւ ահա 2003-ից յետոյ, երբ որոշակի հնարաւորութիւններ ընձեռուեցին փոքրամասնութիւններին, հայերն Իրաքում փորձեցին վերականգնել ազգային վարժարանի հաստատութիւնը: 2004-2005-ից վերաբացուեց Բաղդադի միակ հայկական ազգային վարժարանը, որը ներկայում մօտ 130 աշակերտ ունի: Վարժարանը կից է մայր եկեղեցուն: Այս տարի մի շարք իրաքահայ ուսուցչուհիներ վերապատրաստուել են Հայաստանում: Ի դեպ՝ Իրաքի քրիստոնեաների մէջ հայերն առաջինն էին, որ ձեռնամուխ եղան ազգային վարժարանի բացմանը:
    ...-Ինչպիսի՞ն է իրաքահայ համայնքի յարաբերութիւնը պետութեան հետ:
    ...-Իրաքահայերը Իրաքի լիիրաւ քաղաքացիներ են, ունեն նոյն իրաւունքն ու պարտականութիւնները, ինչ Իրաքի միւս ժողովուրդները: Ներկայում իրաքահայ համայնքն աշխուժօրէն գործակցում է կրօնի հարցերով զբաղող պետական մարմնի հետ: Բացի այդ՝ հայ համայնքը ունի բաւական լաւ յարաբերութիւն թէ՛ սուննի, թէ՛ շիի համայնքների և նրանց ղեկավարների հետ: Բարիդրացիական են յարաբերութիւններն էթնիկ այլ խմբերի, այդ թւում` քրդերի և թուրքմենների հետ: Յատկանշական է, որ չնայած Իրաքում հայերը քրիստոնեաների մէջ թերևս ամենափոքր թիւն են կազմում, Քրիստոնեայ համայնքների համայնքապետերի խորհրդի քարտուղարը Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանն է: Այս իրողութիւնն ի ցույց է դնում Աւագ սրբազանի կարողութիւնները:
    ...-Ինչպէ՞ս եք տեսնում իրաքահայ համայնքի հեռանկարը:
    ...-Միջին Արևելքի, այդ թւում՝ իրաքահայ համայնքի համար հետզհետէ աւելի ու աւելի դժվար է դառնում ազգային գոյապահպանութեան հեռանկարը: Ինչ վերաբերում է իրաքահայերին, ապա մենք, ինչպես Իրաքի միւս քաղաքացիները, պէտք է յուսանք, որ երկրում կհաստատուի վերջնական կայունութիւն:

    «ԿԱՊԻՏԱԼ»
    29-10-2010
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •