ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ՝ ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆ
(«ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ)



Համաշխարհային շարժանկարի պատմութեան մէջ հայ տաղանդաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան յայտնի է իբրեւ աշխարհի առաջին գունաւոր շարժանկարի՝ «Բեքի Շարփ»ի (ըստ «Սնափառութեան տօնավաճառ» վէպի) հիմնադիր։ Այդ ժապաւէնը պաստառ բարձրացաւ 1935 թուականին, սակայն մինչ այդ Մամուլեանը արդէն ամերիկեան շարժապատկերային արուեստ ներմուծած էր բազմաթիւ նորարարութիւններ։
1929 թուականին ան նկարահանած է իր առաջին շարժանկարը (մինչ այդ ստեղծագործած է օփերային եւ օփերէթային սեռերու մէջ)՝ «Ծափահարութիւնները»։
«Paramount Pictures» սթիւդիոյին մէջ նկարահանած այդ շարժապատկերը համաշխարհային ճանաչում եւ ընդունելութիւն բերած է ոչ միայն Մամուլեանին, այլ՝ (առաջին կարգին) ամերիկեան շարժանկարին։ Մինչ այդ ամերիկեան ժապաւէնները շատ միօրինակ էին, ձանձրալի եւ՝ զուրկ թեքնիկ միջոցներէն ու արուեստի հմտութենէն։
Շարժանկարի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ռուբէն Մամուլեանը «Ծափահարութիւններ»ի մէջ՝
1.- Հանած է հաստատուն տեղ մը ամրացուած նկարահանման խցիկը եւ դրած՝ անիւներու վրայ, հասնելով զարմանալի ու անսովոր արտայայտչականութեան։
Բ.- Նկարահանումները իրականացուցած է երեք խցիկներով, ինչ որ արդէն դարձած է նկարահանման աշխատանքի դասական նմուշ։
3.- Ձայնագրութիւնները կատարած է երկու խօսափողներով, իսկ այնուհետեւ տեղադրած է ձայնը։
4.- Շարժանկարի որոշ տեսարաններ նկարահանած է սթիւդիոյէն դուրս՝ երկաթուղիի կայարանին մէջ, երկնաքերերու տանիքին (խախտելով քաղաքապետարանին որոշումը), մետրոյին մէջ ու Բրուքլինեան կամուրջին վրայ... «Ծափահարութիւններ» ամերիկեան շարժանկարը ունի բաւական պարզունակ նիւթ մը. հերոսուհին չի ցանկար, որ իր դուստրը մեծնայ պարուհիներու, խաղամոլներու, մաքսանենգներու միջավայրին մէջ եւ զայն կ՚ուղարկէ մենաստանին կից գործող դպրոց մը՝ իր երջանկութիւնը զոհելով յանուն անոր։ Հակառակ պարզունակ նիւթին՝ քննադատներն ու տեսաբանները այս շարժանկարը գնահատած են իբրեւ բացարձակ նորարարութիւն՝ նկատելով զայն կատարելութիւն եւ շարժապատկերային արուեստի զարգացման նոր փուլ։

ԹԻՖԼԻՍԷՆ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Ռուբէն Մամուլեան ծնած է 1897 թուականի 8 հոկտեմբերին, Թիֆլիս։ Անոր արմատները կը սերին Լոռիէն եւ Գողթն գաւառէն։ Մայրը (Վերժինէ Մամուլեան-Քալանթարեան) եղած է Թիֆլիսի հայկական Դրամատիկ ընկերութեան նախագահը, միաժամանակ՝ հայ թատրոնի դերասանուհի (սիրողական), իսկ հայրը՝ Զաքարիա Մամուլեան ռազմական գործիչ էր, ապա՝ մեծ դրամատնատէր։ Հակառակ անոր որ ծնողները ռուսախօս էին, Ռուբէն Մամուլեան մանկութենէն սորված է հայերէն գրել, կարդալ եւ, ապրելով մշակութային տարբեր շփումներու եւ ազդեցութիւններու տակ, հաղորդակցուած է նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութեան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պարիզի Մոնտենիը լիսէին մէջ, ապա յաճախած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը՝ միաժամանակ հետեւելով Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոնին կից սթիւտիոյի մէջ Եւգենի Վախթանգովի թատերական դասընթացքներուն։ Թիֆլիս վերադառնալով՝ 1918-ին Լեւոն Քալանթարի եւ Սուրէն Խաչատրեանի հետ հիմնած է թատերական սթիւդիօ, թատերախօսականներով հանդէս եկած է «Սլովօ» ռուսերէն եւ «Մշակ» հայերէն թերթերուն մէջ, գրած է ռուսերէն բանաստեղծութիւններ։
Դիպուածը 1920 թուականին Ռ. Մամուլեանը նետած է Անգլիա, ուր կը բնակէր անոր քոյրը՝ Սվետլանա Մամուլեանը (ամուսնացած՝ սկովտիացի զինուորականի մը հետ)։ Այստեղ է, որ բախտը ժպտացած է Ռուբէնին. պիեսի մը բեմադրիչը հարկ եղած է փոխել եւ գործը աւարտելու համար հրաւիրած են Մամուլեանը։ Լոնդոնեան մամուլը դրականօրէն արձագանգած է բեմադրութեան՝ երիտասարդ ու անծանօթ բեմադրիչին անունը յայտնի դարձնելով նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մամուլեան աշխատելու հրաւէր կը ստանայ Պարիզէն, սակայն կը մերժէ եւ կ՚ընդունի ուրիշ գրաւիչ առաջարկ մը, որ անոր կ՚ընէ Kodak ընկերութեան տնօրէն, Kodak տեսախցիկի յօրինող, մեծ մարդասէր եւ մեկենաս Ջորջ Իստմընը։ Մամուլեան տեղափոխուեցաւ Նիւ Յորքի մօտ գտնուող Ռոչեստրի երաժշտութեան եւ դրամայի նշանաւոր «Իստմըն» սթիւդիօ։
1924-1926 թուականներուն Ռուբէն Մամուլեան նշուած սթիւդիոյին մէջ բեմադրած է բազմաթիւ օփերաներ, երաժշտական ներկայացումներ («Ֆաուսթ», «Կարմեն», «Ռոմէօ եւ Ջուլիետ»։ «Սեւիլեան սափրիչ» եւ այլն)։
«Կոդակ»ի տիրոջ հովանիին տակ անցուցած երեք տարիները Մամուլեանին հռչակ բերած են եւ իր սեփական ժանրը մշակելու մեծ փորձ։ Սակայն աւելի մեծ ճանաչման մեր հայրենակիցը արժանացած է «Պորգի» պիեսի բեմադրութենէն ետք։ Ըստ արուեստաբան-շարժանկարագէտ Արծուի Բախչինեանի, 1920-ականներուն Ամերիկան տակաւին չէր ունեցած սեփական օպերա, տարածուած էր «պուռլեսքը» (պարզունակ դիպաշարով երաժշտախառն թատերախաղ)։ Ինչպէս կը նշէ Ա. Բախչինեան Մամուլեանը առաջինը եղած է, որ բեմադրած է այնպիսի ներկայացումներ, որոնց մէջ փորձած է համադրել կշռոյթով ոճաւորուած երգը, պարը, երաժշտութիւնն ու երկխօսութիւնը։ Եւ այդ բոլորը առաջին անգամ ըրած է «Պորգի»ի մէջ, որ կը պատմէ Ամերիկայի հարաւի գաղութային կեանքի մասին։ Այս գործը բեմադրելէ հրաժարած էին բոլոր բեմադրիչները (որուն որ առաջարկուած էր, քանի որ չէին պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աշխատիլ սեւամորթ դերասաններու հետ։ Իսկ Մամուլեանը (գործը սկսելէն առաջ) անձամբ ուսումնասիրած է սեւամորթ գաղութաբնակներուն կեանքը Հարաւային Կարոլայնայի մէջ եւ (առաջին անգամ ամերիկեան թատրոնի պատմութեան մէջ) բեմ հանած է ոչ արհեստավարժ դերասաններ՝ պարզ սեւամորթներ։ Առաջին անգամ բարձր արուեստի միջոցով ցոյց տրուած է սեւամորթներուն կեանքը, ինչ որ (ժամանակի մամուլի վկայութեամբ) նպաստած է, որ ամերիկեան մտայնութեան մէջ որոշ դրական յեղաշրջում կատարուի սեւամորթներուն նկատմամբ։

ԿՐԿԻՆ՝ ԱՌԱՋԻՆԸ
Ինչպէս նկատեցիք, Մամուլեանի պարագային քանի մը անգամ գործածեցինք «առաջինը», «առաջին անգամ» բառերը։ Հայ բեմադրիչը նկարահանած է ամերիկեան շարժանկարային musical-ի առաջին լաւագոյն գործերէն մէկը՝ «Սիրէ զիս այս գիշեր» (1932 թ.) առաջիններէն մէկը ըլլալով, որ շարժանկարի լեզուն օժտած է խորհրդապաշտութեամբ։
Ռ. Մամուլեան առաջինն է, որ բեմադրած է ամերիկեան առաջին ազգային օպերան՝ Ջորջ Քերշվինի «Պորգի էնդ Բես»ը (1935 թ.)։ Ի դէպ, երաժշտահանը՝ Քերշվինը, յայտարարած է, որ օպերայի յաջողութեան համար նախ եւ առաջ պարտական է Մամուլեանին։
Թէ՛ շարժանկարներու նկարահանման ժամանակ եւ թէ՛ օփերաներու եւ ներկայացումներու բեմադրութիւններու ընթացքին գործածած բազում հնարքներ (որոնք ան ի գործի դրած է 20-30-ական թուականներուն) ու գաղտնիքներ Մամուլեանը բացայայտած է միայն 60-ականներու վերջերուն... Եւ նոյնինքն մամուլեանական ձեռքբերումներուն շնորհիւ շարժանկարային արուեստը դարձաւ արուեստ եւ ոչ թէ մնաց սոսկ մեքենական խաղալիք (մասնագէտներու տեսակէտն է)։

«ՔՐԻՍՏԻՆԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ»
Աշխարհահռչակ «Քրիստինա թագուհին» շարժանկարի բեմադրիչը (որ նկարահանած է առասպելական Գրեթթա Գարբոն) Ռուբէն Մամուլեանն է։ 1933-ին նկարահանուած այդ շարժանկարը (յուզիչ եւ խոր հոգեբանական դրուագներու շնորհիւ) երբեք չի կորսնցներ իր գեղարուեստական արժէքը։ Շարժանկարի մասնագէտներու համար ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են «Քրիստինա թագուհի»ի մէջ գործածուած երկու հնարք. Քրիստինան (Գրեթթա Գարբօ) սիրոյ առաջին գիշերէն ետք կը զննէ սենեակը՝ լաւ մտապահելու համար, բոլոր իրերը, որոնք նոր գոյն եւ երանգ, նոր շունչ եւ հոգի ստացած, վերաիմաստաւորուած են եւ կը շնչեն սիրով... Երկրորդ նշանակալի տեսարանը շարժանկարի վերջաբանն է, երբ Քրիստինան սիրեցեալի սպանութենէն ետք նաւ կը նստի, եւ բեմադրիչը պաստառով մէկ կը ցուցադրէ անոր դէմքը, որուն իւրաքանչիւր հատուածը դիտողը կրնայ մանրազնին, քննարկման ենթակել եւ տեսնել, թէ ի՛նչ խռովք, ի՛նչ փոթորիկներ ու հրաբուխներ կ՚եռան այդ նայուածքին տակ... կէս դարէն աւելի է, որ Գարբոյի՝ ողբերգական սիրով ողղուոած եւ հեռուներուն գամուած այդ նայուածքը դարձած է ինքնատիպ շարժանկարային լեզուի, հմուտ նկարահանման վառ օրինակ մը։ Ըստ տեսաբաններու, Գրեթթա Գարբոի՝ հեռուները ողողուած այդ նշանաւոր նայուածքին համար հիմք ծառայած է Մամուլեանի Գաթօ պապոյի (մեծ մօր) մէկ լուսանկարը, որուն մէջ նոյնպէս բեմադրիչին մեծ մայրը տպաւորիչ կերպով կը դիտէ հեռուները։ Ինք՝ Մամուլեան, թէեւ չէ դիմած հայկական նիւթերուն, սակայն խորապէս կառչած եղած է իր արմատներուն եւ հայկականութեան։
1994-ին Ռուբէն Մամուլեանի նկարահանած «Քրիստինա թագուհին» շարժանկարը ցուցադրուած է Պոլսոյ մէջ. ցուցադրութենէն ետք թուրք ոստիկանները Մամուլեանին ծափահարող հայ երիտասարդները սկսած են հալածել։ Հանդիսական մը (x ստորագրութեամբ) ֆրանսերէնով հեռագրած է. «Արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ ձեզի ծափահարել, որովհետեւ դուք հարիւր տոկոսով հայ էք»։ Մամուլեանը պատասխանած է. «Շա՛տ լաւ, ծերո՛ւկ։ Կը գերադասեմ հարիւր տոկոսով հայ մնալ։ Ռուբէն»։

ԿԱՊԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Ամբողջ կեանքի ընթացքին Ռուբէն Մամուլեան փայփայած է հայկական շարժանկար ստեղծելու երազանքը։ 1930-ականներու սկզբին «Հայֆիլմը» բանակցած է անոր հետ՝ Հայաստանի մէջ շարժանկար ստեղծելու նպատակով, սակայն զանազան պատճառներով գործը գլուխ չէ եկած (առաջարկուած աշխատանքը եղած է «Սասունցի Դաւիթ»ը, ապա՝ Մկրտիչ Ջանանի «Շահնամէ»ն։ Իսկ 1935-ին «Մետրէ Գոլդուին Մայէր» (MGM» շարժանկարային սթիւդիոն Մամուլեանին վստահած է Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը շարժանկարի վերածելու գործը, ինչ որ կասեցուած է թուրք կառավարութեան միջամտութեան պատճառով։ Կարելի չէ եղած իրականացնել նաեւ Մամուլեանի սկսած «Կլէոպատրա» շարժանկարին մէջ գերեալ Արտաւազդ արքային հետ կապուած դրուագը, քանի որ սթիւդիոյի ղեկավարութեան հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով բեմադրիչը ստիպուած եղած է ձգել գործը... 1971-ի ամրան Մամուլեանը քանի մը օրով հիւրընկալուած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, որ սակայն չէ արժանացած պատշաճ ուշադրութեան։ Թէեւ զայն տարած են տեսարժան վայրեր, սակայն չէ եղած ոչ մէկ պաշտօնական ընդունելութիւն, լրագրողներուն արգիլած են կապուիլ իրենց հռչակաւոր հայրենակիցին հետ։ Պատճառը շատ անհեթեթ էր. խորհրդային իշխանութիւններուն վշտացուցած էր Մամուլեանի «Մետաքսեայ գուլպան» շարժանկարը, որ կը պատմէր KGB-ի լրտեսուհի Նինոչկայի մասին, ի վերջոյ չէր վերադառնար Խորհրդային Միութիւն։ Այդ շարժանկարը սահմանափակ դատողութեամբ որոշ իշխանաւորներ բնորոշած են իբրեւ հակախորհրդային եւ պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանացուցած բեմադրիչը։ Հակառակ անոր որ Մամուլեան խորապէս վշտացած էր, սակայն, իբրեւ ճշմարիտ հայրենասէր, բարձրացած է անձնասիրական զգացումներէն, հետագային երբեք իր դառնութիւնը չէ արտայայտած եւ մեկնումէն առաջ ըսած է. «Կը մեկնիմ՝՝ Արարատը հոգւոյս եւ աչքերուս մէջ եւ հայոց լեզուն՝ շուրթերուս»։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մամուլեան թէեւ կտրուած եղած է հայ կեանքէն եւ մշակոյթէն, սակայն հայ եւ օտար միջավայրերու մէջ մշտապէս նշած է. «Եթէ ունիմ արժանիք մը, ապա ատոր համար պարտական եմ նախ եւ առաջ զիս ծնող ազնուական հայ ժողովուրդին» («Ասպարէզ» օրաթերթ, 30. 08. 1966 թ.)։
Երբ անոր առաջարկած են հրաժարիլ Մամուլեան ազգանունէն եւ ընդունիլ անգլիախօսի ականջին սովոր Մարմըն, Մեմըլ կամ Լինոյլում ազգանուններէն որեւէ մէկը, բեմադրիչը միշտ հակառակած է՝ ըսելով, որ եթէ ինք արժէք ունի, ապա հասարակութիւնը կը մտապահէ իր ազգանունը։
Ռուբէն Մամուլեան նաեւ հրապարակագիր եղած է, տպագրած է յօդուածներ, պատմուածքներ, հեղինակն է «Աբիգեյլ» գիրքին (1969 թ.)։ Ան Շէյքըսպիրի «Համլետ»ը փոխադրած է ժամանակակից անգլերէնի, որով անիկա աւելի մատչելի դարձած է արդի անգլիախօսներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Կեանքի վերջին տարիներուն Ռուբէն Մամուլեան բնակած է Բեվըրլի Հիլզի իր առանձնատան մէջ, կնոջ՝ նկարչուհի Ազատիա Նիւմանի հետ (որուն հետ ապերջանիկ ամուսնութիւն կնքած էր 1945ին) եւ բազմաթիւ կատուներու ընկերակցութեամբ։ Ան եղած է ծայր աստիճան բծախնդիր, ճշտապահ, շիտակ, սրամիտ եւ համարձակ անձ մը։ Սահուն տիրապետած է հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, վրաց լեզուներուն, մասամբ նաեւ՝ սպաներէն եւ լատիներէն։ Վերջին տարիներուն զբաղած է ընթերցանութեամբ, կոլաժներ պատրաստելով, նկարներու, չորցուած ծաղիկներու, հին դրամներու, գեղեցիկ քարերու հաւաքածոներ կազմելով։
Մեր անուանի հայրենակիցը մահացած է 5 դեկտեմբեր 1987ին, Վուդլընդ Հիլզի մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Գլենդեյլի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Մարմինը ամփոփուած է Գլենդեյլի «Ֆորիստ Լոն» յիշատակի զբօսայգիին մէջ։
Յ.Գ.- Այս նիւթին պատրաստման առիթը «Ծափահարութիւններ» նորարարութեամբ յագեցած Մամուլեանի շարժանկարի 80-ամեակն է, որ այս տարի կը նշուի ամերիկեան կարգ մը շրջանակներու մէջ։ Սակայն պէտք է ըսել, որ Ռուբէն Մամուլեան տակաւին իր արժեւորումը չէ ստացած թէ՛ Միացեալ Նահանգներու (որուն շարժանկարային արուեստի ակունքներուն կանգնած է ինք), թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ առհասարակ միջազգային ասպարէզի մէջ։


http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=19652