ԿԱՊԻԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՀԱՆՈՒՄ ԸՆԵԼ...
Փետրուարի կէսերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը առաջին անգամ ըլլալով ցոյց տուած է, որ կապիկները կրնան շատ կարճ ժամանակի մէջ եւ անսխալ կերպով հանում կատարել։
Այսուհանդերձ, ամերիկացի մասնագէտներ յայտնած են, որ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած կապիկներէն իւրաքանչիւրը գտնուած է պաստառի մը առջեւ, որուն միջոցով անոր ներկայացուած է որոշ թիւով կէտեր։ Ապա մեծ քառակուսի մը յայտնուած է եւ ծածկած է այդ կէտերը, որմէ ետք այս վերջիններէն մաս մը դուրս եկած է քառակուսիին ետեւէն եւ շատ արագ անհետացած է, իսկ մնացեալ կէտերը ծածկուած մնացած են անոր ետեւ։
Փորձարկման վերջաւորութեան տարբեր թիւով կէտերու երկու խումբ յայտնուած է պաստառին վրայ։ Անոնցմէ մէկը պարունակած է մեծ քառակուսիին ետեւ մնացած կէտերուն ճշգրիտ թիւը։ Հետեւաբար կապիկը ընտրած է այդ խումբերէն մէկը՝ դպչելով պաստառին այն բաժինին, որ ներկայացուցած է իր ընտրած կէտերու խումբը։
Իւրաքանչիւր ճիշդ պատասխանէ ետք անիկա ստացած է իր նախասիրած մէկ ուտելիքը։
Վերոնշեալ ամբողջ գործընթացը տեղի ունեցած է միայն երկու երկվայրկեանի մէջ։
Մասնագէտները նշեալ կապիկները բազմաթիւ նմանօրինակ փորձարկումներու ենթարկելէ ետք գտած են, որ անոնք գրեթէ միշտ ալ ճիշդ պատասխան ընտրած են։
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնները գլխաւորող ամերիկացի հոգեբան Ճեսիքա Քանթլոն ըսած է, որ կապիկները չեն համրած այս կէտերը եւ ոչ ալ՝ ընդհանուր թիւէն պակսած կէտերը, այլ անոնք գործածած են շատ աւելի անմիջական ձեւ մը, որ մասնագէտները զայն կոչած են «թիւի նշանակութիւն»։
Մասնագէտ Քանթլոն բացատրած է, որ կապիկները արագ ակնարկով մը կրցած են ճշդել կէտերուն մօտաւոր թիւը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց պակսելէն ետք մնացող կէտերուն մօտաւոր թիւը եւ, այդպիսով, ընտրած են ճիշդ պատասխանը։
Երբ մասնագէտները նմանօրինակ փորձարկումներ կիրարկած են դպրոցական բարձրագոյն կարգերու աշակերտներու վրայ, անոնք եւս կրցած են երկու երկվայրկեանի մէջ ճշգրիտ պատասխաններ ընտրել պաստառին վրայ։
Մասնագէտ Քանթլոն ըսած է, որ վերոնշեալ փորձարկումներուն մէջ մարդուն ու կապիկին խնդիր լուծած ձեւին մէջ յայտնուած նմանութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոնց նշեալ կարողութիւնը մաս կը կազմէ թիւերու կապակցաբար անոնց ունեցած տրամաբանութեան նախնական համակարգի մը, որ միլիոնաւոր տարիներու եղափոխութիւն ապրած է։
Նախապէս տարբեր անասուններու վրայ կիրարկուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ անոնք սահմանափակ կարողութիւն ունին հանում կատարելու։ Սակայն կապիկներուն վրայ կիրարկուած նորագոյն ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք մեծ յաջողութեամբ կրնան հանում ընել եւ միայն մարդը չէ, որ կրնայ նմանօրինակ մտային աշխատանք կատարել։
Մասնագէտ Քանթլոն յայտնած է, որ կապիկները հանում կատարելու այդ բնատուր ճարպիկութիւնը կը գործածեն, որպէսզի կարենան արագ ակնարկով մը ճշդել, թէ մօտաւորապէս որքա՛ն ուտելիք կը գտնուի տուեալ միջավայրի մը մէջ եւ ըստ այնմ որոշեն, թէ պիտի մնա՞ն այնտեղ, թէ՞ այլ վայրեր պիտի փոխադրուին։
Այլ խօսքով անոնց նշեալ կարողութիւնը կը նպաստէ, որպէսզի անոնք կարենան գոյատեւել տարբեր միջավայրերու մէջ։
«Ազդակ»



Մեջբերել