ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐ ԱՔՍՈՐԷՆ
,,,1915-ի յունիսի վերջերը, մէկուկէս ամիսի չափ միասին ապրեցայ Սեւակին հետ: Ես ուրիշ վեց հոգիներու հետ միասին կ՚ապրէի: Բոլոր ընկերներս ալ, առանց բացառութեան, մաս կը կազմէին Պոլիս վերադառնալու արտօնուածներուն, Սեւակ ալ, այդ օրերուն նոր հասած էր Չանղըրը:
Պոլսէն ծանօթ էր ինծի իր դիւրահաղորդ եւ զուարթ հոգին: Տօնական զուարթախոհութեամբը լեցուցած էր տուներնիս: Այդ ատեններուն, յուլիսի սկիզբները, տակաւին չէինք գիտեր առաջին կարաւանին վիճակուած բախտը եւ անտեղեակ էինք տակաւին թուրքին եղեռնի կամքին:
Իսլամին ծոմապահութիւնը սկսած էր արդէն եւ ծայր տուած եղեռնի ապերասանութիւնը: Ջարդերու չարաշուք զրոյցներ սկսած էին մեր ականջը հասնիլ: Այդ միջոցներուն էր, օր մը մեծ իրարանցումի մէջ տեսայ զինքը: Այն տեսակ խօսք մը տարածուած էր աքսորականներուս մէջ, թէ մահմետականութիւն ընդունողը ազատ պիտի արձակուէր: Այդ ատենները, առաջին կարաւանը մեկնած էր արդէն եւ եօթանասուն հոգիի չափ մնացած էինք: Ամբողջ երկու օր խեղճը աշխատեցաւ համոզելու համար տկար հոգիները, որ մահը մահմետականացումէն աւելի աղէկ է, եւ զատ զատ երդում ընել տուաւ ամէն անոնց, որոնց հոգիին ուժին վրայ կասկած ունէր, թէ հաւատարիմ պիտի մնան իրենց լոյս-հաւատքին:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՇԱՄՏԱՆՃԵԱՆ
«Յուշարձան ապրիլի
տասնմէկի», 1919 թ., Կ.Պոլիս
,,,Չանղըրըի Արապաճի պաշին պզտիկ գեղին մենծ աղան էր: Անոր աղջիկը կը խնամէր Դոկտ. Բ. Տինանեան, որու մեկնումէն ետքը, Սեւակ էր որ ի գլուխ հանեց դարմանումը:
Գեղեցկադէմ երիտասարդ մ՚էր Սեւակ, եւ թրքուհին անոր սիրահարեցաւ: Հայրը հասկցուց բժիշկին թէ իր ազգակիցները ջնջելու հրաման կայ, բայց եթէ իսլամութիւն ընդունի եւ կարգուի այն աղջկան հետ, որուն կեանքը ազատած էր, ինք ալ կը խոստանար իր փեսան փրկել վերահաս աղէտէն:
Սեւակ խորհուրդ հարցուց իր ընկերներէն: Ամէնքն ալ զինք խրատեցին առժամապէս համակերպելու: Բայց Սեւակ «թըրքանալը նուաստանալ է» ըսելով մերժեց...
ԲԻՒԶԱՆԴ ՔԵՉԵԱՆ
«Բիւզանդիոն» թերթի խմբագիր
Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը»,
ԺԶ տարի, 1922թ., էջ 41
... Նոյն գիշերը Չիլինկիրեան զիս տեսնելու եկած էր: «Լա՛ւ մտիկ ըրէ, Վահա՛ն,- կ՚ըսէ ինձ թրթռուն ձայնով մը: -
Ես մահուան դատապարտուած եմ...»: Կը սարսռամ եւ կակազելով հազիւ «ի՞նչ կ՚ըսես, Դոկտո՛րս» միայն կրնամ ըսել: «Այո՛, - կը շարունակէ Սեւակ: - Կա՛մ պէտք է որ գրական անուանս պէս հոգիս ալ սեւցնեմ եւ կամ մեռնիմ: Ուխտած եմ մեռնիլ, բայց երբեք հոգիս չսեւցնել»:
ԲԺ. ՎԱՀԱՆ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
«Հայ բուժակ», 3-4, 1920 թ.
,,,Չանղըրըի հովիտը ոռոգող գետակին եզերքը՝ բարտիներու գծաւոր ստուերին տակ կը ճեմէինք յուլիսի առաւօտ մը Դոկտ. Ռուբէն Չիլինկիրեան (Սեւակ) ու ես:
,,,Մեր խօսակցութիւնը հասած էր այն կէտին, երբ դոկտորը յանկարծ լռեց: Հոգեկան խռովք մը նշմարեցի իր ընդհանուր արտայայտութեանը մէջ: Ի՞նչ էր այն մտածումը զոր կը վարանէր արտայայտել: Հարցուցի իր յուզման պատճառը: «Հայր սուրբ, - ըսաւ մեղմ ու խեղդուկ ձայնով: - Ինձ այնպէս կը թուի, թէ մահը հեռու չէ բնաւ մեզմէ»:
... Տոքթորը կացութեան ծանրութիւնը լրջօրէն ըմբռնած՝ չէր ուզեր բաժնուիլ մահուան տեսիլէն: «Թշուառականները մեզ պիտի սպաննեն, բայց մենք պիտի չի մեռնինք, քանզի մեր գաղափարականները մինչեւ վերջ պիտի ապրին: Կարելի չէ՛ ջնջել այն ոգին, որ մղեց մեզ Ամերիկայի կամ Զուիցերիոյ հանգիստէն հրաժարելով գալ ու օգնել մեր սիրեցեալ Ազգին»:
Այս բառերը արտասանուեցան ասպետական այնպիսի շեշտով մը որ յատկանշական էր Սեւակի մշտավառ կորովին:
Գաղափարապաշտութիւնը նոր յաղթանակ մը կը տանէր այդ պահուն: Մահ կամ կեանք- որոշած էինք հաւատարիմ մնալ մեր կոչման:
,,,Աքսորական կեանքը փորձաքար մըն էր արժանիքներու: Ամէն անձ ի յայտ կու գար իսկական իր գոյնով: Ոմանց համբաւին պատուանդանը կը գայթէր անդարձ, մինչ ուրիշներ նոր կը կերտէին կոթողները առինքնող հիացման:
ՀՈՎՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
«Էջ մը աքսորական յիշատակներէս»
«Հայաստանի կոչնակ», 7 յունուարի 1922 թ.