Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 4 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 4 հատից

Թեմա: ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

    ԳԱՐՆԱՆ ԴԷՄ

    Բնութեան փառքն է ահա, արքայօրէն շողշողուն,
    Ահա արե՜ւն է արբշռուն, լո՜յսը, լո՜յսը հեթանոս,
    Որ հեւ ի հեւ, յորդահոս, կապոյտն ի վար կը թափի,
    Վերազարթնած հողին տալու անուշ յոյզերն աւիշին...
    Միջօրէ է. Գարնան հեշտի՜ն միջօրէ.
    Սեւ տատասկէն մինչեւ լէյլան, մինչեւ վարդերն հրագեղ,
    Խօլ հեշտանքով մ՚ահա գինով՝ արե՜ւ, արե՜ւ կը խմեն...

    Ամէն կողմ դող, ամէն կողմ յոյզ, ամէն կողմ երգ,
    Հոս կը սողան, հոն կը ծաղկին, հոն կը թռչին,
    Ամէն կողմ բոյր, թոյր ու համբոյր,
    Հոս կը ծնին, հոն կը ծլին, հոն կը սիրե՜ն...

    Ահա տարմերն են ասոնք կեանքով արբշիռ թռչուններուն,
    Որ, ալեւոր - բայց ի՜նչ հզօր - ծառերուն մէջ թաքնուած,
    Սիրոյ տօնը կը տօնեն...
    Իրենց գոյն-գոյն փետուրներուն սարսուռն ահա կը տեսնեմ,
    Մինչ, գաղջ սիւքին հմայքին տակ, լանջքերն իրենց սպիտակ
    Կը յորդին լուռ հեշտանքով, այնպէ՜ս, այնպէ՜ս կը հեւան...

    Օ՜ քերթուածը իրենց երգին...
    Ահա շիւղերն աւշայեղց՝ մեղմ Օրրումով կը կքին,
    Երբ սիրահար զոյգերն անոնց, թռիչքներով խօլական,
    Սիրոյ ցաւը հեշտանքի վերածելու կը ճգնին...
    Ու կը հեւա՜ն, ու կը հեւա՜ն, լանջքերն իրենց սպիտակ
    Այնքան անզօր են՝ հզօր ցաւին համար վայելքին...

    Սո՜ւրբ բնութիւն...
    Մեռելներն իսկ պէտք է զգան, կը խորհիմ,
    Լքումին մէջ իրենց տրտում գիշերին,
    Ողջ տարրերուն այս պոռթկումը խելայեղ,
    Այս լոյս համբո՜յրը երկնքին ու կեանքին...
    Աստուածայի՜ն բնութիւն,
    Կ՚ուզեմ ըլլալ ես գերին քու հեթանոս քմայքին...

    Քու բոյրերուդ, քու թոյրերուդ ծովին մէջ
    Լողա՜լ, լողա՜լ, նոյնիսկ խեղդուիլ կը տենչամ.
    Ա՛ռ զիս, ա՛ռ զիս.
    Ահա քեզի կը յանձնեմ, քու սէրերուդ, սարսուռներուդ
    Կեանքի տրտում գիշերներէն դատարկացած իմ հոգին...
    Ա՜հ, թող նորէ՛ն, ինչպէս հին-հին օրերուն,
    Լոյսով, Յոյսով յորդի ան...։

    ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
    1920
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

    ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ (1894-1924) ՄԱՀԱՄԵՐՁ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԱՆՄԱՀ ՍԷՐԸ ԳԵՂԵՑԻԿԻՆ ՈՒ... ԿԵԱՆՔԻՆ



    16 յունուարին ամբողջացաւ ծննդեան 116-րդ տարեդարձը հայ գրականութեան անմահներէն՝ Մատթէոս Զարիֆեանի, որ իր ինքնատիպ քնարերգութեամբ մինչեւ այսօր կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը ընթերցողին, ի՛նչ տարիքի տէր ալ ըլլայ Զարիֆեան կարդացողը։
    Մատթէոս Զարիֆեան միայն երեսուն տարի ապրեցաւ։ Թոքախտը արագօրէն հիւծեց մարմինը մարզիկի կենսունակութեամբ օժտուած երիտասարդին, որ նաեւ յաւակնորդ էր ողիմպիական մրցանակի։
    19 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ զգաց թոքախտին պատճառած ցաւը կրծքավանդակին տակ։ Տասնմէկ տարի պայքարեցաւ հիւանդութեան դէմ, դարմանումի համար առողջարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ մաշեցան երիտասարդ իր տարիները, բայց Զարիֆեան բնաւ չկորսնցուց գեղեցիկը սիրելու եւ կեանքին փարելու իր հոգեկան անհուն քնքշութիւնը։
    Թէեւ մահը վաղաժամ առաւ ու տարաւ հայ քնարերգութեան տաղանդաւոր այս ներկայացուցիչը, բայց Մատթէոս Զարիֆեան գիտցաւ ու կրցաւ բանաստեղծականօրէն շնչաւորել իր ճակտին գրուած կեանքի կարճատեւ ժամանակը։
    Եւ մահամերձ բանաստեղծի իր գողտրիկ ստեղծագործութիւններով արժանաւորապէս յաւերժացաւ իբրեւ հայ հոգիին սիրոյ ու քնքշանքի շնորհալի երգիչը («Ազատ Օր»ի Յուշատետրի 9 ապրիլ 2009-ի էջը նուիրուած է Զարիֆեանի մահուան տարելիցին)։
    Կեանքի ու Մահուան միջեւ տառապալի ու ծանր պայքարի իր ճակատագիրը վստահաբար մեծ դեր ունեցաւ Զարիֆեանի բանաստեղծական յապաղած բոցավառումին, այլեւ արագընթաց փթթումին մէջ։
    Յատկապէս 27 տարեկանէն ետք սկսաւ թափով ստեղծագործել եւ իր կեանքի վերջալոյսին, երեք տարիներու ընթացքին, լոյս ընծայեց իր «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ն (1921) ու «Կեանքի ու մահուան երգեր»ը (1922), որոնք մնայուն պատուանդանը դարձան մեծ բանաստեղծին։
    Ծնած էր 1894-ին, Կէտիկ—Փաշա (Պոլիս)։ Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած էր Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ «Robert College» եւ, ապա, վերստին Պէրպէրեան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1912-ին՝ մեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրով:
    Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած՝ Զարիֆեան մասնակցած էր ողիմպիական մրցախաղերու եւ՝ մրցանակներու տիրացած։ Այդ մրցապայքարներէն մէկուն ընթացքին, երեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913-ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած էր Ադանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգաց։ Թոքախտի առաջին այդ ազդանշանը ստիպեց 19-ամեայ երիտասարդին, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան՝ բուժուելու համար։
    1914-ին բանակ զօրակոչուեցաւ, եւ օսմանեան բանակի մէջ հայ զօրակոչիկներուն վերապահուած տաժանակիր աշխատանքը արագացուց արդէն քայքայման ընթացքի մէջ գտնուող անոր առողջութիւնը։ Տեղափոխուեցաւ զինուորական հիւանդանոց, բայց առողջութիւնը բնաւ չվերականգնեցաւ։
    1918-ի զօրացրուումէն ետք, հակառակ թոքախտին պատճառած ցաւերուն ու հիւծումին, Զարիֆեան կը վերադառնայ կրթական ասպարէզ եւ նոյնինքն Պէրպէրեան վարժարանի մէջ անգլերէնի եւ մարմնակրթանքի ուսուցիչ կը դառնայ։ Փաստօրէն այդ շրջանին էր, 1919-էն սկսեալ, որ Զարիֆեան մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
    Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում յառաջացուցին Մ. Զարիֆեանի մէջ։ Անսպառ եռանդով փարեցաւ ե՛ւ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, ե՛ւ յատկապէս գրական—ստեղծագործական աշխատանքին՝ իր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով ինչպէս «Նաւասարդ» գրական հանդէսի, նոյնպէս եւ Պոլսոյ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»ի էջերուն:
    Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին։
    Պատճառը կամ բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հաւասարապէս թէ՛ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին, թէ՛ կեանքի անողոք հարուածին գործած ազդեցութեան մէջ։
    Սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Մ. Զարիֆեանի գրչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը, ուր Դուրեանի ցասումն ու քէնը չկայ, եւ ուրկէ կը բացակայի Մեծարենցի յուսահատութիւնը։ Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց որ բնաւ պատճառ չեղաւ, որպէսզի Զարիֆեան կորսնցնէ իր դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը։
    «Հեգնանք» խորագրուած իր երկու տուն քերթուածը այնքա՜ն հարազատօրէն եւ քնարական շունչով կը բանայ ինքնատիպ այս յուզաշխարհը Զարիֆեանի.
    «Քանի՜ կ՚աճի ցաւը մարմնիս,
    Ժպիտն աչքիս վարդ կ՚ըլլայ.
    Ցուրտ հոգիէս կ՚անցնի Մայիս,
    Ու լոյս կ՚իյնայ ճակտիս վրայ...

    Եւ այս վարդով, այս գարունով,
    Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ,
    Ան որ կու գայ՝ հողին քունով
    Քնացընել Ցաւն հսկայ...։

    Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական՝ թէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով։ Վճիտ ու զուլալ առուակի պէս հոսեցաւ եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ, որովհետեւ դիպուկ է Մ. Իշխանի այն ընդգծումը, թէ՝ «Զարիֆեան «փոքրիկ երգերով մեծ վիշտեր կ՚երգէ», ինչպէս կ՚ըսէր Հայնրիխ Հայնէ»։
    Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ կեանքին հանդէպ միայն սէր ու պաշտամունք ունէր եւ սիրոյ մէջ միայն քնքշանք կար Զարիֆեան Մատթէոսի ներաշխարհէն ներս։
    Եւ մինչեւ վերջին շունչ կեանքն ու սէրը, գեղեցիկն ու մարդկայինը անյագ ծարաւի աղբիւր դարձուցած մահամերձ բանաստեղծի զարիֆեանական մեծութիւնը կրնար աւաղել՝
    «Ա՜հ, հոյակապ քերթուածը իմ հոգիիս,
    Իմ աւերակ, իմ քարուքանդ հոգիիս...»։


  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

    ՀՍԿՈՒՄ

    Քի՛չ մըն ալ հսկեմ, գիտեմ, կը լուսնայ.
    - Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ -
    Ճրագիս բոցը շուտ-շուտ կը ցածնայ,
    Քի՛չ մըն ալ հսկեմ, գիտեմ, կը լուսնայ…

    Ինչո՞ւ այս գիշեր հսկումն այս յամառ.
    - Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ -
    Աչքերըս կ՛այրին, միտքըս չի կենար,
    Ինչո՞ւ այս գիշեր հսկումն այս յամառ…

    Բիւր անգամ չըսի՞ թէ ա՛լ չեմ սիրեր.
    - Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ -
    Հոգիիս վրայ սեւ քօղ եմ ձգեր,
    Բիւր անգամ չըսի՞ թէ ալ չեմ սիրեր…

    Բայց ամէն անգամ որ այսպէս լռին
    - Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ`
    Միտքըս չի՛ կենար, աչքերըս կ՛այրին,
    - Ահ, յիշատակը այն խոշոր ժայռին…:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

    Ծառը

    Ձմեռ օրեր,
    Երբ փոթորիկն ըլլար մռայլ,
    Ես կ՛երթայի խորն ամայի դաշտերուն,
    Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:

    Սլա՞ցքն անոր…
    Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
    Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն
    Բազուկներն իր հոլանի,
    Զերթ պարմանի մ՛իր հարսին,
    Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ
    Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…

    Ինծի համար
    Խորհրդանիշն էր ան Ոյժին ու Կեանքին…
    Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
    Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով
    Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…:

    *

    Անցեալ աշնան,
    Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
    Խորն ամայի այն դաշտերուն,
    Կացիններով, պարաններով…
    Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.-
    Կը խնդային վհուկի պէս…:

    Հսկայ մուրճովն իր արեւուն
    Աստուած դարե՜ր աշխատեր էր անոր համար:
    Այդ մարդերուն
    Քանի մը ժամը բաւեց
    Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն….

    Իր մահէն ետք
    Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայ,
    Խորն ամայի դաշտերուն.
    Մտածումըս իջեր էր վա՜ր Լեռներէն…

    *

    Հիմա աղուոր գարուն է.
    Եւ անցեալ օր,
    Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
    Խորն ամայի այն դաշտերուն.
    Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…

    Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
    - Սեւ գերեզման մը խոժոռ,-
    Բայց իր կողէն`
    Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
    Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:

    Անոնց մէջէն
    Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…:
    ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •