«ԵՍ ՄԻԱՅՆ ԵՐԳԻՆ ՄԷՋ ԵՐՋԱՆԻԿ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԱԾ ԿԸ ԶԳԱՄ»,- «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՚ԸՍԷ ՆԱԶԵԼԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Երգչուհի եւ երգահան Նազելի Գրիգորեան այն հայաստանցիներէն է, որոնք երբ համալսարանը աւարտեցին եւ պէտք էր աշխատէին, սակայն ցուրտ ու մութ տարիները, աղքատութիւնը, եւ այդ սերունդը, երբ նորէն աչք բացաւ, տեսաւ, որ տասը տարի մը ուշացած է, եւ այդ սերունդէն շատ քիչերն են, որ ապագային կրցան ետ բերել անցած տարիները, իսկ եթէ ետ բերին, ապա՝ տառապանքէն իմաստնացած...
Նազելին լոռեցի է. ծնած է Լոռիի Բաղանիս գիւղը։ Փոքր տարիքէն սարի եղնիկի նման աշխուժ, երգող, պարող աղջիկ եղած է եւ այսօր ալ, քառասունն անց, դարձեալ շարժուն եւ չյոգնող կին է։ Ան կ՚երգէ հոգիի ելեւէջներով, ձայնը դասական հնչեղութիւն ունի։ Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրական բաժանմունքին մէջ ուսանելու ժամանակ բախտը ունեցած է ուսանողուհին ըլլալու Խորէն Պալեանի։ Մտերիմ եղած է նաեւ Խորէն Պալեանի կնոջ՝ անկրկնելի Լուսինէ Զաքարեանին հետ, եւ այդ յուշերը եղած են եւ կը մնան Նազելիի կեանքին գանձերը, որոնց մասին ան այսօր ալ ներշնչանքով կը պատմէ։
Նազելին կ՚աշխատի դպրոցի մէջ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ, հանրային ձայնասփիւռին մէջ կը վարէ «Մերօրեայ աշուղներ եւ գուսաններ» հաղորդումը, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամերուն կ՚երգէ «Մեր գիւղը» ճաշարանին մէջ՝ այնտեղ գործող «Մասիս» նուագախումբին հետ։ Թէեւ «Մեր գիւղը» ճաշարանը արուեստի կեդրոն մը չէ, սակայն «Մասիս» երաժշտական խումբին (որուն մէջ միայն արհեստավարժ երաժիշտներ են) յաջողած է արուեստի շունչ հաղորդել պանդոկին։ Խումբը այնտեղ միայն ազգային եւ հոգեւոր երգեր կը կատարէ։ Նազելի Գրիգորեան արդէն մէկ ձայնասկաւառակ ունի, տպագրած է նաեւ բանաստեղծութիւններու մէկ գրքոյկ, որուն մէջ ընդգրկուած ստեղծագործութիւնները կենսախինդ, ժողովրդական շունչի երգեր կը դառնան... «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Նազելի Գրիգորեանին հետ։
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս սկսաւ քու երաժշտական գործունէութիւնդ։
ՆԱԶԵԼԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Համալսարանական տարիներուն ես երգած եմ համալսարանի «Տոհմիկ» երգչախումբին մէջ, որ կազմուած էր ուսանողներէ... Եւ լաւագոյն բաները, զորս ես իբրեւ երգչուհի ունիմ, այդտեղէն բերած եմ։ Եթէ իմ մէջս ճիշդ, արհեստավարժ բան մը կայ, կու գայ լուսահոգի Խորէն Պալեանի դպրոցէն։ Լուսինէ Զաքարեանը անձամբ ինծի չէ դասաւանդած, բայց երբեմն ինծի խորհուրդներ տուած է կամ ուղղումներ ըրած է։ Ես իմ սխալներս անոր խորհուրդներէն ետք անմիջապէս կ՚ուղղէի եւ կը ջանայի միշտ յիշել։ Խորէն Պալեանը երբ ինծի կ՚ըսէր. «Աղջի՛կս, շրթներով մի՛ երգեր, հոգիո՛վ երգէ», կամ երբ ինծի քիչ մը առանձնացնելով խումբէն՝ քնքշանքով կ՚ըսէր՝ «աւազակ», ես սէր ու ոգեւորութիւն կը ստանայի, ոտքերս «կը կտրուէին» գետնէն։ Ան անդադար կ՚ըսէր ինծի. «Աղջի՛կս, դուն պէտք է անպայման ուսումդ շարունակես երգարուեստին մէջ, դուն լաւ երգչուհի կրնաս դառնալ»։
«Ա.».- Իսկ ինչո՞ւ նախապէս հայագիտական գացիր, երբ երաժշտական հակումներ ունէիր։
Ն. Գ.- Հայրս, որ գիւղացի, պարկեշտ ու աւանդապահ մարդ է, մանկութենէս միշտ այսպիսի դաստիարակութիւն դրած է իմ մէջս, որ կ՚երգեն բոլորը, բայց մասնագիտութիւն ունենալ անհրաժեշտ է, որ՝ երգչուհիները անձնական կեանք չեն ունենար, իսկ ամէն հայր կ՚ուզէ, որ իր աղջիկը ընտանիք ունենայ, երջանիկ ըլլայ... Բայց ինծի համար երջանկութիւն՝ առանց երգի, ես ինչպէ՞ս կրնայի չերգել ու երջանիկ ըլլալ։ Եւ հայագիտականի առաջին օրէն ես արդէն Պալեանի երգչախումբին մէջ էի։ Երգահանդէս տալու համար հիւանդանոցներ, ծերանոցներ, այլ վայրեր կ՚երթայինք, ատկէ զատ՝ երջանկութիւնը կ՚ապրէինք Լուսինէ Զաքարեանի երգահանդէսներուն երկրորդ բաժինին մէջ մեր երգչախումբով երգելու, իսկ բեմին ետեւը Լուսինէին քով կը հագնէինք, երջանիկ էինք, որ կը վայելէինք այդ չքնաղ կնոջ ներկայութիւնը։
Բազմաթիւ անգամներ գտնուած եմ Խորէն Պալեանի եւ Լուսինէ Զաքարեանի տունը, ճաշ կ՚եփէինք, կ՚ուտէինք, կը խնդրէինք, որ Լուսինէն արտօնէ, ըսենք, իր եղունգները յարդարել... Եւ երբ Պալեանին հետ կ՚երթայինք Հայաստանի շրջանները հիւրախաղերու կամ պտոյտներու, Լուսինէն անպայման կը տանէինք մեզի հետ։ Այդ պտոյտներուն ընթացքին Լուսինէն կ՚երգեր եկեղեցիներու մէջ. ան նախ կը մտնէր եկեղեցի, ծնրադրած՝ մրմնջալով կ՚աղօթէր, այնուհետեւ կը կանգնէր ու կ՚երգէր... Մենք ալ ամէն մէկս մէկ կողմէն կը խնդրէինք՝ «Մէկ անգամ ալ՝ «Սուրբ-սուրբ», կամ «Չինար ես», յետոյ՝ Կոմիտաս, յետոյ՝ միջնադարեան տաղերգութիւն...
Եւ Լուսինէն երբ մահացաւ, ես ցանկութիւն ունէի երգ մը, բանաստեղծութիւն մը գրել անոր յիշատակին, բայց կը զգայի, որ անոր կերպարին, անոր գործին առջեւ ես պարզապէս չեմ կրնար արժանի բան մը գրել, զգացածս աւելի մեծ էր, քան կրնայի գրել...
«Ա.».- Նազելի՛, իսկ ինչպէ՞ս կ՚ընկալէիք գրաբարը, գրաբարով կատարուող ժամերգութիւնները։
Ն. Գ.- Մենք հաւանաբար չէինք կրնար ընկալել խորապէս, եթէ չըլլար այդ երգչախումբը։ Կը յիշեմ՝ գրաբարի առաջին դասին՝ խորէն Պալեանը մտաւ լսարան ու ըսաւ. «Մենք պէտք է ուսումնասիրենք մեռած լեզուներէն ամէնէն կենդանին՝ գրաբարը»։ Եւ մենք գրաբարը կը հասկնայինք ոչ թէ հայոց պատմութենէն հատուածներ գոց սորվելով այլ՝ պատարագներ երգելով ու հասկնալով։ Առանց հասկնալու՝ չես կրնար պատարագ երգել։ Եւ այդ սէրն էր, որ ես իմ մէջս պահելով՝ 10 տարի երգեցի Եղուարդի եկեղեցիին մէջ, գոց սորվեցայ պատարագը, խազեր չէի գիտեր, անգիր կը սորվէի։
«Ա.».- Իսկ ինչո՞ւ չհետեւեցար Խորէն Պալեանի եւ Լուսինէ Զաքարեանի խորհուրդին՝ երաժշտանոց չընդունուեցար։
Ն. Գ.- Հայագիտականը աւարտելէ ետք ես ամուսնացայ, զաւակներ ունեցայ եւ չկրցայ ընել այդ մէկը, որ նաեւ ի՛մ երազանքս էր։ Այնուհետեւ եկան ցուրտ ու մութ տարիները, եւ ես ու ամուսինս կտոր մը հաց գտնելու համար սկսանք վազվզել։ Ամուսինս անգործ մնաց, յետոյ Եղուարդ գործ գտանք , եւ Երեւան երթալ-գալը մեծ խնդիր էր։ Բայց ինծի համար, ի հարկէ, մեծ մխիթարութիւն էր, որ Եղուարդի եկեղեցիին մէջ պատարագի երգեցողութեան համար երգչուհիի մրցոյթ եղաւ, ես մասնակցեցայ, Երաժշտանոց աւարտածները չյաջողեցան, ես յաջողեցայ, եւ այդպէս կ՚առնչուէի երգին հետ: Զաւակներս ալ կը տանէի հետս, պահող չունէի: Ամէն կիրակի անոնք եկեղեցիին բակը կը խաղային, ես կ՚երգէի, յետոյ քալելով տուն կ՚երթայինք: Երբեմն եկեղեցիին բակէն բանջար կը հաւաքէինք, կը տանէի ճաշ կ՚եփէի: Եւ այդ ճաշն ալ շատ համեղ էր: Հիմա որ շուկայէն կ՚առնեմ բանջարը, կ՚եփեմ, նոյն համն ու հոտը չունի: Զաւակներս մինչեւ հիմա կը յիշեն եկեղեցիէն եկած խունկ եւ մոմի հոտերը:
... Ես շատ կը կարօտնայի Երեւանը, կը փափաքէի երթալ՝ Խորէն Պալեանը, Լուսինէն տեսնել, շատերն ալ կը հրաւիրէին, բայց Երեւան ո՛չ տուն ունէինք, ո՛չ աշխատանք, ո՛չ դրամ...
Քանի մը տարի է՝ մենք փոքրիկ տարածք մը առած ենք հին արտադրամասի մը մէջ եւ կամաց-կամաց կրցանք բնակարանի նման բան մը ձեւաւորել... Ես բոլոր դժուարութիւններուն մէջէն անցած եմ, մեծ յուսահատութիւններ ապրած եմ, եւ գիտեմ, որ մայրը, որուն զաւակները կուշտ չեն, չի կրնար հոգեւորի յետեւիլ: Եւ երգ երգելուն դիմաց ոչ միայն դրամ չեն տար, այլ դո՛ւն պիտի այնքան հարուստ ըլլաս, որ վճարես քու երգիդ ձայնագրման-տեսագրման եւ այլեւի համար: Համերգասրահ վարձելն ալ մեծ գումարներու հետ կապուած է: Եւ զաւեշտականը այն է, որ կու տաս այդ դրամը, որ ապացուցես, թէ երգել գիտես, երգեր կը գրես...
«Ա.».- Պետական որեւէ հոգածութիւն չունի՞ս:
Ն. Գ.- Ո՛չ: Երգի ասպարէզին մէջ հիմա պետութիւն չկայ. կայ show-business, որուն մէջ ես չկամ: Բայց այսօր , երբ զաւակներս ուսանող են, մէկն ալ արդէն կ՚աշխատի, ամուսինս կ՚աշխատի, ես կրնամ ինքզինքիս արտօնել՝ անվճար երգել «Ակունք» խումբին մէջ, ուր բոլորն ալ անվճար կ՚երգեն, պարզապէս նուիրեալներ են: Եւ քանի մը տարի է՝ ես ընդգրկուած եմ արհեստավարժներու խումբի մը մէջ, որ կրնայ ե՛ւ երգել, ե՛ւ դրամ շահիլ:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս ընդգրկուեցար «Մասիս» խումբին մէջ:
Ն. Գ.- Ես հանդիպեցայ երաժշտանոցի պորֆեսոր քանոնահար Ալվարդ Միրզոյեանին, որ իրաւ լաւ մարդ մըն է, եւ որ լսած էր իմ կատարումս, հաւնած էր եւ ընդունեց զիս իր խումբին մէջ: Այդ զուտ ազգային նուագարաններէն նուագող արհեստավարժ երաժիշտներու խումբ է: Մենք երեկոյեան, ժամը 8-11 ելոյթ կ՚ունենանք «Մեր գիւղը» ճաշարանին մէջ եւ ազգային երգեր կը մատուցենք: Մեզի հիմնականը լսելու կու գան սփիւռքահայերը: Իմ այնտեղ շահած դրամով ես կը ձայնագրեմ իմ երգերս, կը գործիքաւորեմ: Կ՚երգեմ ե՛ւ իմ երգերս, ե՛ւ գուսանական, ե՛ւ հոգեւոր ու ազգային երգեր: Իւրայատուկ մարդիկ կու գան մեզ լսելու: Ամէն մարդ չէ, որ ճաշարան կու գայ նման երգեր լսելու համար:
«Ա.».- Հրաւէրներ եղա՞ծ են արտասահման երթալու:
Ն. Գ.- Մեր այցելուներէն մէկը՝ իտալացի կին մը, մօր կողմէն հայ, երբ լսեց մեզ, հրաւիրեց Իտալիա: Այդ կնոջ անուն-մականունը Ռուզաննա Ջորջ-Մանուկեան էր, 40-ի մօտ, շատ հաճելի, կիրթ, լաւ ընտանիքէ... Անոր պապերը ազնուական ու հարուստ ընտանիք եղած են , Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի երգեհոնը իրենք նուիրած են: Ռուզաննան Ցեղասպանութեան թեմայով հետաքրքրական ձեռնարկ կազմակերպած էր, որուն ընթացքին նաեւ մենք երգեցինք: Իտալացի ուսանողներ կային հոն, որ հայոց պատմութիւն կ՚ուսումնասիրէին եւ շատ հետաքրքրուած էին մեր երգով:
Իմ՝ Իտալիա երթալովս կատարուեցաւ բան մը, որ ես չէի կրնար երազել, այցելեցի եւ երգեցի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզի, Վենետիկ... Մենք Իտալիա երգահանդէսներ կ՚ունենայինք եկեղեցիներու մէջ, մեր հանդիսատեսները հիմնականին մէջ իտալացիներ էին: Կային նաեւ հայեր, որոնք չէին գիտեր հայերէն, բայց մեզի հետ կ՚երգէին «Դլէ եաման», «Հորովել», մեծ հայրերէն սորված այլ երգեր: Շատ յուզիչ հանդիպումներ էին: Զուտ հայ հանդիսատես միայն Վենետիկի մէջ ունէինք, մնացեալ բոլոր քաղաքներուն մէջ իտալացիներ էին: Թարգմանիչը կը փորձէր թարգմանել մեր երգերը, իտալացիները կ՚ըսէին՝ կարիքը չկայ, մենք կը հասկնանք... Իտալական թերթերը կը գրէին մեր մասին:
«Ա.».- Նազելի՛, ուրեմն ի՞նչ է երգը քեզի համար:
Ն. Գ.- Երգը մեծագոյն սէրն է, որ ես երբեւիցէ ունեցած եմ: Երբ աչքերդ կը գոցես, որ զգաս երգին էութիւնը, այդ պահին առջեւ բոլոր հաճոյքները կը նսեմանան: Սիրոյն հաւասար է երգը: Տղամարդու սէրը միայն մէկ տղամարդու սէր է, իսկ երգին սէրը այնքա՜ն բան ունի իր մէջ... Ես երգին մէջ միայն կատարեալ երջանիկ ու պաշտպանուած կը զգամ:
«Ա.».- Իբրեւ երգչուհիի՝ քեզ գիտեն «Մասիս» խումբէն, իսկ իբրեւ երգերու հեղինակ՝ ճանչցուա՞ծ ես:
Ն. Գ.- Ո՛չ: Շատ քիչերը գիտեն զիս իբրեւ երգահան: Այդ հարցին մէջ ինծի շատ կ՚օգնէ Թովմաս Պօղոսեանը, որ Ջիվանիի անուան երգի դպրոցի տնօրէնն է եւ այդ դպրոցին մէջ իր սաներուն կը սորվեցնէ իմ երգերս, զիս ալ կը հրաւիրէ, որ երգեմ, կ՚ոգեւորէ, որ շարունակեմ ստեղծագործել, լաւ գիտնալով, որ իմ նմաններս չեն կրնար իրենց ստեղծագործութիւնները հեռատեսիլով հնչեցնել կամ տեսահոլովակ նկարահանել:
«Ա.».- Խօսեցար Լուսինէ Զաքարեանին մասին: Ինչպէ՞ս կը վերաբերէր Խորէն Պալեանը անոր հետ:
Ն. Գ. - Խորէնը կը սիրէր Լուսինէն իբրեւ կին, իբրեւ երեխայ եւ կ՚երկրպագէր իբրեւ աստուածային մեծութիւն: Անոր արուեստին առջեւ կը խոնարհէր, բայց կը համարէր, որ իրենք արժէքներ կը ստեղծեն միասին: Լուսինէն շատ քիչ մենահամերգներ կու տար, անոնք յաճախ միասին կ՚երգէին... Անընդհատ հիւանդ էր Լուսինէն, արեան բարձր ճնշում ունէր, շաքարախտ, բայց երբ բեմ կ՚ելլէր, բոլոր ցաւերը կը մոռնար, կ՚երգէր անվերջ: Այսօր կը մտածեմ, որ համերգի մը ընթացքին ես 10-15 երգ կ՚երգեմ եւ ինքզինքս յոգնած-դատարկուած կը զգամ, իսկ Լուսինէն չէր ուզեր բեմին վրայ դադար ունենալ: Օր մը ըսաւ. «Ես կը վախնամ երգահանդէսի աւարտէն: Երբ երգահանդէսը աւարտի, ես կը հիւանդանամ»: Անգամ մը ան ոտքը կոտրած էր, հիւանդանոցն էր, եւ կոտրուածքը չլաւացած՝ երգահանդէս ունեցաւ Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, բերած էին, եւ ինք ժամերով երգեց: Եւ այդպիսի երգ, որ մարդուն թռիչք կու տայ, կը բարձրացնէ, ես կեանքիս մէջ ալ երբեք չեմ լսած: Եւ կեանքիս մէջ չեմ տեսած այնպիսի սէր ու մեծարում, որ Խորէն Պալեանն ունէր Լուսինէ Զաքարեանին հանդէպ: Լուսինէի համերգներուն կը նստէր վերջին նստարանին, աչքերը գոցուած, վերացած... Մեր գրաբարի դասերն ալ յաճախ կը վերածուէին Լուսինէ Զաքարեանի մասին հարց ու պատասխանի: Ես իմ կեանքիս մէջ մեծապէս պարտական եմ Խորէն Պալեանին, որովհետեւ ան մեզի տուած է 17-20 տարեկանին կապի մէջ մտնել Լուսինէին պէս հրաշքի հետ:
«Ազդակ»



Մեջբերել