Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 3 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 3 հատից

Թեմա: Հրաչեայ Աճառեան

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Սեր Հրաչեայ Աճառեան

    Հրաչեայ Աճառեան գիտնականն ու հալածեալը

    1923-ին, երբ Երեւանի մէջ արդէն կը գործէր Պետական համալսարանը, Աճառեանն այդ ժամանակ կը պաշտօնավարէր Թաւրիզ: Ան Թաւրիզէն կը դիմէ Ալեքսանդր Միասնիկեանին՝ «Ինձպէսներու համար կա՞յ գործ աշխատելու», եւ անմիջապէս կը հրաւիրուի Հայաստան՝ դասաւանդելու Պետական համալսարաանին մէջ: Համալսարանը կը դառնայ մեծ գիտնականի կեանքին հետագայ 30 տարիներու արգասաբեր օրրանը...

    Զրպարտուած գիտնականը

    Խորհրդային տարիներու լօյս տեսած գիրքերը, հանրագիտարանները (որոնց մէջ կը նշուի Աճառեանի գիտական գործունէութեան մասին) իբրեւ կանոն, լռութիւն պահպանած են բոլոր այն հալածանքին եւ զրկանքնին մասին, զորս ստալինեան իրականութեան մղձաւանջային տարիներուն կրած է գիտունը...

    Աճառեան 1923-ին Հայաստան եկած է կնոջ՝ Արուսեակին հետ (որուն ան ծանօթացած էր տակաւին Շուշիի մէջ ուսուցիչ աշխատելու տարիներուն):

    Երկու տարի ետք Երեւանի մէջ Արուսեակը կը մահանայ: Աճառեանի նամակներուն մէջ կայ մեկը, որ հասցէագրուած է կնոջ Իրան բնակող հարազատներէն մեկուն. «Եւ այսպէս, խեղճ Արուսեակս մահացաւ՝ իւրայիններէն հեռու, նոյնիսկ չարժանացաւ անոնց կարեկցանքին: Գիշեր-ցերեկ անդադար զայն կը յիշեմ, կողբամ եւ կը ցաւիմ: Այսօր յատկապէս շատ դառը յուշերու մէջ էի, կը վախնամ, որ խելագարիմ, տունը բոլորովին առանձին եմ, մեկը չկայ, եթէ արկած մը պատահի ինձի, փողոցի շան վիճակէն ալ վատթար կըլլայ դրութիւնս»:

    Աճառեան շատ կապուած եղած է կնոջը, շատ սիրած է զայն, ուստի շատ ծանր տարած է կորուստը: Ան կնոջ ամենէն սիրած շրջազգեստը կախած էր պատէն եւ ամեն օր, համալսարանէն վերադառնալէ ետք, կը զրուցէր հագուստին հետ: Անգամ մը գողերը, մտնելով իր տուն, գիրքերէն եւ ձեռագրերէն զատ ոչինչ գտնելով, կը գողնան պատէն կախուած զգեստը: Գիտնականը կը վշտանայ, հոգեկան ծանր ապրումներ կ'ունենայ: Օր մը Աբովեան փողոցը անցնելու պահուն կը տեսնէ Արուսեակին զգեստը, զոր կին մը կը կրէր: Անմիջապէս կը կեցնէ զայն, հարցուփորձ ընելով կը գիտնայ, որ կինը զայն գնած է անծանօթ երիտասարդէ մը: Աճառեան կը պահանջէ անմիջապէս հանել զգեստն ու վերադարձնել իրեն: Վիճաբանութիւն տեղի կ'ունենայ, եւ միայն ոստիկանական միջամտութենէն ետք, երբ գիտնականը կը վճարէ հագուստին համար, կնոջ թանկագին յիշատակը տուն կը բերէ, կը կախէ նախկին տեղը, միայն այն ատեն կը վերագտնէ հոգեկան անդորրը:

    Բայց զգեստը այլեւս օտարացած էր, դարձած էր անհարազատ, եւ Աճառեան զայն կիջեցնէ, փոխարէնը կը կախէ կնոջ իւղաներկով դիմանկարը, եւ այնուհետեւ կը հաղորդակցէր նկարին հետ:

    Արուսեակէն ետք մինակ ապրիլը բոլորովին փոխած էր Աճառեանի կենցաղն ու բնաւորութիւնը, բան մը, որ կը մտահոգէր անոր մտերիմները ու գործընկերները: Անոնք կորոշեն, որ իրենց ընկերոջը կը փրկէ միայն նոր ամուսնութիւնը: Աճառեան սկիզբը այդ մասին լսեր իսկ չէր ուզեր, սակայն կամաց-կամաց կը համոզուի եւ կը խնդրէ, որ կինը, որուն պիտի ծանօթացնեն, պոլսեցի ըլլայ (ինչպէս ինքը), որ գիտնայ պոլսական կենցաղը, սովորութիւնները, խոհանոցը...

    Աճառեանին կը ծանօթացնեն Սոփիկ անունով կնոջ մը, որ հետագային պէտք է կարեւոր դեր խաղար մեծ գիտունի կեանքին մէջ՝ անոր հետ հաւասարապէս կրելով ամուսինին բաժին հասած դառնութիւններն ու դժուարութիւնները՝ ուղիղ 18 տարի ըլլալով անոր հաւատարիմ ընկերն ու բարեկամը: Տակաւին նոր կանոնաւորուած էր Աճառեանի կեանքն ու հոգեկան ներաշխարհը, երբ հերթական փորձութիւնը (որուն շատերը պէտք է ենթարկուէին) կը թակէ անոր դուռը: 1937 թուականն էր... Ստալինեան մղձաւանջը՝ անտարբեր չանցաւ նաեւ քաղաքականութեան հետ ոչ մեկ աղերս ունեցող, ոչ մեկ կուսակցութեան պատկանող եւ միայն գիտութեան նուիրուած Աճառեանի քովէն: Անոր կը սպասէին 800-էն աւելի դաժան ու տառապալի օրեր՝ Երեւանի բանտերուն մէջ:

    Մեծ գիտունին կալանաւորեցին 29 սեպտեմբեր 1937-ին՝ բռնագրաւելով գրամեքենան եւ ձեռագիրները, միեւնոյն ժամանակ գոցելով եւ կնքելով սենեակին դուռը: Կնոջը՝ Սոփիկին եւ տան ծառայող Պոլինային ձգեցին միայն խոհանոցը: Ամբողջ գիշեր Սոփիկն ու Պոլինան կը մտածեն, թէ ինչպէս փրկեն իրենց հարազատին տասնեակ տարիներով կատարած աշխատանքը: Բարեբախտաբար սենեակէն խոհանոց բացուող պատուհան մը կար. Սոփիկը (որ մարմնով աւելի բարեկազմ էր), ձեւով մը ներս կը սողոսկի այդ լուսամուտի օդանցքէն եւ կը կարողանայ դուրս հանել ձեռագիրներէն մաս մը: Քեռիին օգնութեամբ Սոփիկը զանոնք կը տեղափոխէ Նոր Բութանիա եւ երկաթեայ արկղի մէջ դնելով կը թաղէ քեռիի պարտէզին մէջ, փոքրիկ առուէն հեռու ծառի մը տակ: Երկու տարի այդ ծառը չեն ջրեր, որպէսզի ձեռագիրները չխոնաւնան:

    Իսկ ինչի՞ մէջ կը մեղադրուէր պրոփեսորը: Զարմանալի է, բայց ան կը մեղադրուէր իբրեւ անգլիացիներու կողմէ ատրպայճանի մէջ նշանակուած գործակալ եւ երեւանի համալսարանի մէջ իբրեւ թէ գործող պրոփեսորներու հակայեղափոխական-ֆաշիստական խումբի անդամ: Երեք անգամ ան կը տարուի հարցաքննութեան՝ ենթարկուելով ծեծի եւ հայհոյանքի: Աճառեանին կը խոստանան «յանցանքը» խոստովանելու եւ մեղայական խոստովանութիւն գրելու պարագային քանի մը օրէն ազատ արձակել: Եւ 61-ամեայ հիւծուած, ահաբեկուած եւ անօգնական գիտնականը, ստոր եւ դաժան քննիչի հարկադրանքով եւ թելադրանքով, իր ձեռքով դիմում կը գրէ ներքին գործոց ժողովրդական կոմիտէին՝ «խոստովանելով» իր գլխուն բարդած յանցանքը: Թէ ինչպէ՜ս եւ ի՛նչ տանջանքի գնով: Աճառեանէն կորզած են այդ ստորագրութիւնը, հետագային պատմած են անոր ընկերները: Հարցաքննութիւններէն մեկուն ընթացքին, քննիչի այն մեղադրանքին, թէ Աճառեանը իբրեւ գերմանական, ֆրանսական, անգլիական, ճափոնական եւ տաճկական լրտես է, Աճառեան սրամիտ պատասխան տուած է. «Եթէ կան յիմար մարդիկ, որոնք կը հաւատան, թէ հայ գիտնականը, հայ լեզուաբանը կրնայ լրտես ըլլալ, եւ եթէ այդպիսի սուտը շատ անհրաժեշտ է ձեր գործունէութեան համար գրեցէք, եւ ես կը ստորագրեմ: Բայց որ ես՝ հայ գիտնական Աճառեանս, տաճկական լրտես եմ, այդ մեկը զառանցանք է, չտեսնուած վիրաւորանք, եւ եթէ զիս կտոր-կտոր ալ ընեն, ես այդպիսի զրպարտանք հանդուրժել չեմ կրնար եւ, հաւատացած եմ, որ իր արժանապպատւութիւնը չկորսնցուցած ամեն մեկ հայ նոյնը կըսէ ձեզի»:

    Այս համարձակ պատասխանին համար քննիչը անասնաբար, իր ամբողջ ուժովը ապտակած է թոյլ եւ տկար ծերունին: Բայց Աճառեան ինքզինք չէ կորսնցուցած եւ աւելի մեծ «ապտակ» հասցուցած է քննիչին՝ արհամարհական ոճով ըսելով. «Ինչ մեծ հերոսութիւն է քեզի՝ նման ուժեղ երիտասարդի մը, ձեռք բարձրացնել ինծի նման հիւանդ ծերունիի մը վրայ»:

    Այլ հարցաքննութեան մը ժամանակ, չկարենալով բռնութեամբ խոստովանեցնել խեղճ ծերունին, քննիչը, բերանէն հանելով վառած ծխախոտը, զայն ուղղակի մարած է Աճառեանի ճակատին եւ այնքան ծեծած է զայն, որ ուժասպառ եւ յուսահատ գիտնականը, երկու անգամ իյնալով աստիճաններուն վրայ, հազիւ հասած է նատի իր խցիկը: Ատկէ ետք միայն Աճառեան պիտի զրպարտէր ինքզինք եւ գրէր դիմում՝ «խոստովանելով», իբրեւ ինք, յիրաւի 1915-ի օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն ծառայած է Բագուի տեղական յեղափոխական իշխանութեան քով՝ «իբրեւ հետախոյզ մարմնի գործակալ»: Ան գրած է նաեւ, որ ինք, համալսարանի մէջ՝ մերձաւորներու շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ դասախօսներու հետ խօսակցութեան միջոցով թոյլ տուած է ազգայնականութիւնը եւ անգլոփիլիական արտայայտութիւններ:

    Սակայն, այս «մեղայականէն» ետք ոչ թէ քանի մը օր, այլ աւելի քան մեկ ու կէս տարի կանցնի, մինչեւ վերջնական քննութեան կը դրուի Աճառեանի գործը: Աճառեանին կը վերագրեն հետեւեալ մեղադրանքը՝ ազգայնականութիւն, անգլամոլութիւն, լրտեսութիւն, համալսարանին մէջ դաշնակցական խմբակի ղեկավարում, Հայաստանը Ռուսիայէն զատելու եւ միեւնոյն ժամանակ Արցախը Հայաստանին միացնելու կողմնակից, լեզուաբանութենէն մարքսական ուսմունքը դուրս հանելու գաղափարախօս եւ այլն: Զայն կը դատապարտեն վեց տարուան ազատազկրման:

    Բայց 1939 թուականին 19 դեկտեմբերին, շուրջ երկու տարի երեք ամիս կալանքի մէջ գտնուելէն ետք, Աճառեան կազատի բանտէն: Անմիջապէս, չես գիտեր ինչ հրաշքով, կը վերականգնին անոր դասախօսական իրաւունքը: Հասնելով համալսարանի շէնք՝ ան լացակումած կը համբուրէ համալսարանի շէնքին պատերը:
    (Հատուած)
    «Ազդակ» օրաթերթ, 9 Օգոստոս 2008
    Անուշ Թրուանց
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Հրաչեայ Աճառեան

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Հրաչեայ Աճառեան

    ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
    ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ 135-ԱՄԵԱԿԻՆ
    Հայաստանի ազգային գրադարանի «Վերնատուն» սրահին մէջ բացումը կատարուած է անուանի լեզուաբան, բանասէր, Հրաչեայ Աճառեանի 135-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են աւելի քան 70 միաւոր գիրքեր եւ հանդէսներ: Նիւթերը ներկայացուած են երեք խորագիրներու տակ` «Հրաչեայ Աճառեանի հեղինակած գիրքերը», «Հրաչեայ Աճառեանի կատարած թարգմանութիւնները» եւ «Հրաչեայ Աճառեանի մասին»: Այս մասին յայտնած են Ազգային գրադարանի հանրութեան հետ կապերու եւ միջոցառումներ կազմակերպող բաժինէն:
    Ցուցահանդէսին Հրաչեայ Աճառեանի հեղինակած գիրքերուն շարքին մէջ ուշագրաւ են 1902 թուականին լոյս տեսած գիրքերը, ինչպէս` «Թրքերէնէ փոխառեալ բառերը Պոլսոյ հայ ժողովուրդի լեզուին մէջ», «Երուանդ Շահազիզ», «Հայոց լեզուի պատմութիւն», «Քննութիւն պոլսահայ բարբառի», «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» եւ այլն: Իսկ թարգմանութիւններու բաժինին մէջ ներկայացուած են յունարէնէ, արաբերէնէ, հնդկերէնէ եւ պարսկերէնէ Հրաչեայ Աճառեանին կատարած թարգմանութիւնները:
    Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած հանդէսները տպագրուած են Հայաստանի եւ սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ մարտ 20:

    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Հրաչեայ Յովհաննիսեան
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Հայ գրականություն. գործեր, քննարկումներ, վերլուծություններ
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 23.09.2010, 20:07

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •