ԱՊՐԻԼԻ 24 («ԼԱ ՄԻՆՈՐ»)Ի ՄԵԿՆԱԲԱՆ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
«ԱՐՈՒԵՍՏՈՎ ԵՒ ԵՐԳՈՎ ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԱԵՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՁԵՒՈՎ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐ ՏԱՆԻԼ»
Երգով բարձունքներ նուաճելը, սիրտեր գրաւելը, պատգամ ու աւանդ փոխանցելը, երգով պայքարիլն ու յաղթանակ ապահովելը նորութիւն չեն հայութեան համար յատկապէս, եւ մարդկութեան համար՝ ընդհանրապէս։ Երգ մը կրնայ արժել հազարաւոր բառեր, որոնցմով փոխանցուելիքը նոյն երգը կրնայ ակնթարթի մը եւ լոկ տողի մը մէջ հասցնել։ Արուեստը, երգն ու երաժշտութիւնը իրենց ուրոյն տեղը ունեցած են եւ ունին Հայ դատի պայքարին մէջ։
9 դեկտեմբեր 1948 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ ցեղասպանութիւնը դատապարտող հռչակագիրի 60-ամեակին առիթով Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իւրայատուկ տողեր՝ լիտվացի Էդուարդաս Մեժելայտիսի պատկանող, երգի վերածելու երկունքի ցաւերով սկսաւ տառապիլ «Շարական» խումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Դանիէլ Երաժիշտ նախորդ տարուան դեկտեմբերին, իսկ այս տարի արդէն ծնած է հայ ժողովուրդին «հարազատ մանուկը», որ «բարբառելու» սկսաւ Գէորգ Հաճեանի մեկնաբանութեամբ եւ ձայնով։ Հայոց ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ նոյն ատեն Հայ դատի պահանջատէրի վերածուած այդ մանուկը երգ մըն է՝ «Ապրիլի 24» («Լա մինոր»), որ կու գայ շատ բարձր կերպով լսելի դարձնելու հայութեան վիշտը, նաեւ՝ հաստատելու, որ տէրն է իր դատին ու կոչ ուղղելու համայն հայութեան՝ տէր կանգնելու իրենց իրաւունքներուն։
Երգին, անոր յատուկ գրքոյկին եւ ասոնց վերաբերող այլ նիւթերու մասին խօսելու պատեհ առիթ էր երգի առաջին մեկնաբան, Դանիէլ Երաժիշտի համաձայն՝ «հայոց ճակատագիրի երգիչ» Գէորգ Հաճեանի Լիբանան ներկայութիւնը։ «Ազդակ» «Ապրիլի 24»-ի մեկնաբանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին արուեստագէտը պատմեց, իր ապրումները փոխանցեց, պատգամեց՝ հայ արուեստի ու երգի ճամբով տէր կանգնելու Հայ դատին։ Ստորեւ՝ հարցազրոյցին ամբողջութիւնը։
«ԱԶԴԱԿ».- Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նուիրուած երգերը ընդհանրապէս սկսան նուազիլ, եթէ չըսենք՝ չքացան վերջին տարիներուն ընթացքին, իսկ այսօր անգամ մը եւս այդ բնագաւառին մէջ նոր շունչ մը կը փչէ «Ապրիլի 24» («Լա մինոր») երգով։ Երգը սովորական չէ, համազգային ու համամարդկային բնոյթ եւ խորք կը կրէ, խօսինք անոր մասին։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- «Շարական» խումբի խմբավարն ու գեղարուեստական ղեկավարը ամիսներ առաջ՝ դեկտեմբերի վերջերը, ինծի հեռաձայնեց եւ ուզեց, որ հանդիպինք, որովհետեւ նորութիւն ունէր։
Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ հանդիպեցանք։ Դաշնակին վրայ իր ձեռագիրով դրուած էր, «Ապրիլի 24» («Լա մինոր») երգին խազերը։ Ան սկսաւ խօսիլ երգին մասին, որուն մէջ իր կեանքին մեծագոյն ապրումները խտացուած են. երգին հանդիպած էր Վահագն Դաւթեանի կողմէ թարգմանուած «Քարէ գինի» գիրքին մէջ, անիկա կը պատկանի նշանաւոր Լիտվացի գրող Էդուարդաս Մեժելայտիսին, որ իր կեանքի մէկ հանգրուանին, երբ կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդ՝ Ցեղասպանութեան թանգարան, առանց զսպելու իր արուեստագէտի յուզումները, գրի կ՚առնէ «Լա մինոր» խորագիրով բանաստեղծութիւն մը, որ աւելի ուշ պիտի ըլլար այս նոր երգին ամբողջական գրութիւնը։ Դանիէլ Երաժիշտ ըսաւ. «Այս երգին տողերը կարդալէ ետք, իբրեւ երաժիշտ, իրաւունք չունէի չմտածել զանոնք երգի վերածելու մասին, մանաւանդ որ անոնք օտար հեղինակի մը զգացումներն էին՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ ապրուած ու գրուած»։ Ան արդէն հեղինակին հետ ապրած է, յուզուած է եւ ծնունդ տուած է այս երգի երաժշտութեան, բայց ան նաեւ նշեց, որ այս երգը պիտի մնար երգարանի մը մէջ, թուղթի վրայ, գրասեղանի մը դարակին մէջ, եթէ չերգուէր։ Մեր հանդիպման ընթացքին Դանիէլ Երաժիշտ սկսաւ նուագել եւ իւրաքանչիւր պարբերութեան մէջ երաժշտական իր արուեստագէտի գաղտնիքները բացատրեց ու
փոխանցեց ինծի, թէ մեղեդային ի՛նչ թռիչքներով, վերելքներով ու վայրէջքներով, ի՛նչ ապրումներով ստեղծած է երգին երաժշտութիւնը՝ բանաստեղծութեան խօսքերէն թելադրուելով ու անկէ ներշնչուելով։ Այդ պահուն վերացած վիճակ մը ունէի, կարծես ցեղասպանուած մէկուկէս միլիոնի այդ ներքին կանչն էր, որուն կ՚անսայի եւ պահ մը յուզուելով՝ նախ հրճուանքս յայտնեցի նման երգի մը ծնունդին համար եւ շնորհաւորելէ ետք նշեցի, որ ինծի համար մեծ պատիւ էր ընդառաջել Դանիէլ Երաժիշտի առաջարկին եւ առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանել երգը։ Ան ողջունեց եւ նշեց. «Դուն զաւակն ես այն վերապրողներուն, որոնք Ցեղասպանութիւնը ապրած ու անոր հետեւանքները կրած են։ Հետեւաբար, ըլլալով վերապրողներու շառաւիղ, դուն աւելի քան ուրիշ անձ իրաւունք ունիս այդ երգը մեկնաբանելու»։
Փորձերէ ետք, «Շարական» խումբին ընկերակցութեամբ տեղի ունեցաւ երգին ձայնագրութիւնը «Պրեւիս» սթիւդիոյին մէջ, հնչիւնային ճարտարագէտ Մադաթ Աւանեսովի։ Ապա երգի հրապարակումը կատարուեցաւ մամլոյ ասուլիսով մը, հարցազրոյցներ կատարուեցան հայրենի լրատուամիջոցներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ «Շողակաթ»ը նկարահանումներ կատարեց երգին ծննդոցին առնչուած։
«Ա.».- Ի՞նչ նուագարաններ կ՚ընկերանան քեզի։
Գ. Հ.- Ջութակ, թաւջութակ, փչողական գործիքներ, դաշնակ եւ այլն. այսինքն «Շարական» համոյթը ամբողջական կազմով կ՚ընկերակցի այս երգին։
«Ա.».- Ինչո՞ւ «Լա մինոր»։
Գ. Հ.- Լա մինոր հասկացութիւնը երաժշտական հնչիւնային տրամադրութիւն մըն է, ինչպէս գոյները՝ սեւ, կարմիր, կապոյտ, տրամադրութիւններ կը փոխանցեն, նոյն ձեւով ալ երաժշտութեան մէջ գոյութիւն ունին թոնայնութիւններ մաժորը եւ մինորը՝ տարբեր երագներ ու պատկերներ փոխանցող։ Այս հասկացողութեամբ ալ հեղինակը Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր զգացումներն ու ներաշխարհը «Լա մինոր»ով կ՚արտայայտէ։ Մինորային տրամադրութիւնը իր մէջ կ՚ամփոփէ յուզումներ, թախիծ, դառնութիւն, տառապանք, դժբախտութիւն, անտունիի հոգեվիճակ, երգերու, ապրումներու վիշտ ու ցաւ։
Ի դէպ, յայտնեմ, որ Դանիէլ երաժիշտ շատ յստակ կը բացատրէր այս երգին մասին՝ մամլոյ ասուլիսներուն ընթացքին եւ այլուր, երբ կ՚ըսէր, որ այս երգը կարելի է կոչել օրացուցային, ինչպէս Խանասորի արշաւանքի, Վարդանանքի եւ այլ ազգային դէպքերուն, օրերուն եւ խորհուրդներուն նուիրուած երգեր։
«Ա.».- Հետաքրքրական եւ իւրայատուկ երեւոյթ է, որ երգը միայն ձայնասկաւառակ իբրեւ չէ ներկայացուած ունկնդիրներուն, այլ այս առիթով հրատարակուած է բաւական ամբողջական գրքոյկ մը՝ իր ուրոյն կողքով եւ բովանդակութեամբ։ Ինչո՞ւ նման գրքոյկի մը հրապարակման նախաձեռնեցիք, երգին զուգահեռ՝ արդեօք անիկա անհրաժեշտութի՞ւն է։
Գ. Հ.- Այս երգը լոկ երգ մը ըլլալէ աւելին է, անոր առիթն ու բնոյթը կը մղեն մեզ նաեւ նպատակ ունենալու այդ երգն ու իրեն առնչուող ամէն տեսակի բացատրութիւն, մեկնաբանութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան խազեր ամբողջական կերպով ամփոփելու, որպէսզի անիկա զետեղուի թանգարաններու, դպրոցներու, գրադարաններու եւ դեսպանատուներու մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի մշակոյթին ու պատմութեան վերաբերեալ այլ գիրքերու շարքին։
Նկատի ունենալով, որ երգը կ՚աւարտի «հոգուս ջութակն է լալիս լա մինոր» տողով, գրքոյկի պատրաստութեան ընթացքին նկատի առինք այս միտքը. ֆրանսահայ մեծ գեղանկարիչ Ժանսեմի՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած գեղանկարներուն մէջ կայ նկար մը, ուր պաստառին աջ կողմը կմախք մը ոտքի կեցած ջութակ կը նուագէ, եւ ընտրեցինք ատիկա: Արդէն չորս տարբեր բնագաւառի արուեստագէտներու համախմբում մը տեղի ունեցաւ այդ պահուն՝ գեղանկարիչ, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ երգի մեկնաբան մեկտեղուեցան այս գիրքին մէջ՝ Ժանսեմ իր պատկերով, Էտուարտաս Մեժելայտիս իր բնագիրով՝ Ցեղասպանութեան նուիրած իր հոգիի արտացոլացումով, Դանիէլ Երաժիշտ իր ծնունդ տուած երաժշտութեամբ եւ մենակատարը (Գէորգ Հաճեան «Ա.») երգին շունչ փչելու եւ առաջին անգամ ըլլալով զայն կատարելու հանգամանքով։ Գիրքին մէջ իւրաքանչիւրը գրաւեց իր արժանի տեղը, անիկա հրատարակուեցաւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի հրատարակչատան կողմէ։ Գիրքը բաղկացած է 20 էջերէ, ունի իր ներածականը, ինչպէս նաեւ՝ երգին ստեղծագործական երկու ձեւեր՝ փարթիթուրա ե՛ւ ձայնի համար, ե՛ւ դաշնակի ու ձայնի համար: Ասիկա կը հետապնդէ նաեւ ուսուցողական նպատակ, որպէսզի դպրոցներուն մէջ նաեւ երգի ու երաժշտութեան ուսուցիչները, Ցեղասպանութեան նուիրուած այլ երգերու կարգին, նաեւ այս երգը սորվեցնեն մեր նորափթիթ սերունդներուն։
«Ա.».- Նկատի ունենալով, որ երգին մեկնարկը կատարուեցաւ Հայաստանէն, արդեօք հայրենի մասնագէտներն ու երաժիշտները ի՞նչ ձեւով գնահատեցին երգը։
Գ. Հ.- Նախ յայտնեմ, որ առաջին արձագանգողները եղան թերթեր, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններ՝ հրապարակային քննարկման ժամանակ, եւ բոլորին գնահատականներն ալ ողջունելի էին նորածին մանկան ծնունդին առիթով, այնուհետեւ գրքոյկի հրատարակութիւնը իր կարգին ամբողջացուց մասնագիտական այս աշխատանքը իր ձեւին մէջ իւրայատուկ մատուցմամբ, եւ շատ շատեր արտայայտուեցան ըսելով, այս ի՛նչ գեղեցիկ ու յաւերժ ապրող ձեռնարկ մըն է։ Իսկ հայրենի թերթերուն, լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողքին, Սփիւռքի մէջ երգին առաջին արձագանգողը եղաւ «Ազդակ» օրաթերթը, որուն «Ազդակ-մեդիա» կայքէջին վրայ եւս տեղադրուեցաւ երգը (
www.aztagmedia.com)։ Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ»ի տնօրէնութեան եւ խմբագրութեան։ Այս առիթով նաեւ «Վանայ ձայնէն» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցանք, եւ երգը լսելի դարձաւ լիբանանահայութեան եւ համասփիւռ հայութեան։
Արձագանգները ընդհանրապէս դրական են, մանաւանդ այն իմաստով, որ երգը յստակ նպատակ ունի, այսպիսով կարելի եղաւ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ամրագրելու եւ Հայ դատի արդար լուծման առնչուող աշխատանքային ծովուն մէջ մշակութային գործով կաթիլ մը ներդրում ունենալ։
«Ա.».- Ապրիլի 24 («Լա մինոր») երգը առաջին անգամ ըլլալով կենդանի կատարումով հնչեց Այնթապի հերոսամարտին։ Խօսինք այս մասին։ Արդեօք երգը Սփիւռքի մէջ եւս առիթով մը հնչե՞ց կամ պիտի հնչէ՞։
Գ. Հ.- Երգը ծանօթացնելու եւ տարածելու աշխատանքներու ծիրին մէջ մենք հասանք այն հանգրուանին, երբ մամլոյ միջոցով պէտք եղած քարոզչական աշխատանքը տարուեցաւ, գրքոյկը համապատասխան անձերու եւ հաստատութիւններու սեփականութիւնը դարձաւ, ալ պատճառ չկար, որ անիկա կենդանի կերպով չներկայացուէր։ Շատ յարմար առիթ էր, որ 1 ապրիլին Այնթապի հերոսամարտին նուիրուած, Այնթապի հայրենակցական միութեան կազմակերպութեամբ, եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, Նոր Այնթապի թիւ 1 վարժարանի «Գէորգ Գանտահարեան» դահլիճին մէջ հանդիսութեան ընթացքին երգը առաջին անգամ ըլլալով հնչեց, մանաւանդ որ ուղղակի կապ գոյութիւն ունի երգին եւ հերոսամարտի խորհուրդներուն միջեւ: Դանիել Երաժիշտի խօսքով՝ երգը մկրտուեց այս սուրբ յարկի ներքոյ։
Իսկ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երգը հնչեց Կիպրոսի մէջ, 15 ապրիլին, երբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Կիպրոսի հայոց առաջնորդարանին, Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած մենահամերգով մը հանդէս եկայ օտար եւ հայ հոծ բազմութեան մը դիմաց։
«Ա.».- Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ հայ արուեստն ու երաժշտութիւնը իրենց դերն ու ներդրումը ունին Հայ դատի պայքարին մէջ։ Այս երգը կու գայ միանալու այդ պայքարին, մանաւանդ՝ մեր դատը միջազգային մակարդակի վրայ լսելի դարձնելու իմաստով, որովհետեւ երաժշտութիւնը, առանց լեզուն գիտնալու կամ ոչ, կը թափանցէ հոգիներուն մէջ։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին եւ արդեօք ձեր աշխատանքները նաեւ այս իմաստո՞վ կատարուեցան։
Գ. Հ.- Հայ դատ, Հայոց ցեղասպանութիւն՝ նուիրական են իւրաքանչիւր հայու համար, այս պարագային երգով անոնց նպաստելու երեւոյթը ուշագրաւ է։ Որքան ալ դիւանագիտական ուղիներով պայքարինք մեր դատին ամբողջական լուծում մը տալու, վերատիրանալու մեր կորսնցուցածին, որուն իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է, այսօր ամէնէն մեծ հրամայականը նոր կորուստներ ունենալէն պաշտպանուիլն է, ինչպէս՝ հայ լեզուի մայրենի դիմագծի պահպանում, հայ ընտանիքի անաղարտութիւն, հայ մշակոյթի հազարամեայ ժառանգութեան պահպանում, Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական եւ աստուածաբանական իւրայատկութիւն, հայ դիւանագիտական յարաբերութեանց ամբողջական Հայաստանի ի նպաստ կեցուածք: Պայքարի ձեւերուն մէջ պակաս օղակներ կը նկատենք, որովհետեւ դիւանագիտական միջոցները որքան ալ ազդու ըլլան, չեն կրնար ամբողջական ըլլալ, մանաւանդ եթէ պայքարի այսքան մեծ թիւով ճակատներ գոյութիւն ունին։ Հարկ է, որ իւրաքանչիւր սերունդ Ցեղասպանութեան իրողութիւնն ու խորքը իմանայ ու իր կեանքը ապրի այդ իրողութեան համապատասխան։
Իբրեւ այդպիսին՝ կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր արուեստի գործ շատ աւելի արդար է եւ յստակ՝ իր ուղիին մէջ, քանզի արուեստագէտը համամարդակային ցաւով է, որ կը ստեղծագործէ, մինչդեռ դիւանագիտական աշխատանքները յարաբերական են։ Այլ խօսքով, արուեստագէտը իր ներքին ապրումներն ու զգացումները շատ աւելի անկեղծ ու ճիշդ ձեւով կը դրսեւորէ, քան՝ դիւանագիտական ծիրին մէջ եղած յայտարարութիւնները, որոնք կրնան պայմաններու բերումով փոփոխութիւն կրել։ Արուեստը չի փոխուիր, անիկա կ՚ամրագրէ իրողութիւն մը, կը ներկայացնէ աշխարհին եւ կը շարունակէ գոյատեւել այնպէս, ինչպէս ծնած է։ Նաեւ կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր արուեստի գործ, ինչպիսին է Ժանսեմի՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած գեղանկարը, ուր ալ դրուի, ի՛նչ ժամանակի ալ ցուցադրուի, աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կանգ պիտի առնեն ու հարց պիտի տան, որ անիկա ի՞նչ կը պատկերէ, ի՞նչ պատգամ կը բովանդակէ, իսկ եթէ նկարին տակ գրուի, թէ թուրք ոճրագործին ձեռքով գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ենթարկուածներն են նկարին մէջ, մէկ պատկերը արդէն պիտի ըլլայ մեծագոյն փաստը Հայոց ցեղասպանութեան եւ աշխարհի մէջ անոր տարածման հիմնական աղբիւրը։ Նոյնն է նաեւ երգը, անոր մէջ թաքնուած տխրութիւնն ու թախիծը անպայման պիտի թափանցէ մարդոց հոգիներուն մէջ, եւ անոնք հարց պիտի տան տուեալ երգին ու անոր առիթին մասին։ Սակայն նոյն ատեն պէտք է զգուշ ըլլալ հակառակ քարոզչութենէն, որովհետեւ այսօր մեր իրականութեան մէջ թրքաբարոյ երգերն ու աղաւաղուած «արուեստ»ը սկսած են տարածուիլ, ինչ որ դատապարտելի եւ նոյն ատեն ցաւալի է ինծի համար, որովհետեւ մենք չենք անդրադառնար այն իրողութեան, որ մեր պայքարի ուղիին վրայ մե՛նք խոչընդոտներ կը դնենք, մեր ճիշդ ճանապարհէն կը շեղենք մեր սերունդները, կը պղտորենք անոնց միտքը, եւ կը տկարանանք։ Թուրքին համար մեծ ուրախութիւն է այս մէկը, որովհետեւ Ցեղասպանութեան առաջին պահէն մինչեւ այսօր թուրքը լաւապէս գիտէ, որ մշակոյթով հայը ուժեղ է ու մշտագոյ, եւ ատոր համար ալ ի զուր չէր, որ ան ապրիլ 23-ի գիշերը նախ մտաւորականներն ու արուեստագէտները կոտորեց։
Մենք կը գոյատեւենք, այնքան ատեն որ կը ստեղծագործենք։ Մաքուր արուեստը, զուտ հայկականը իսկական բարիք ու հարազատ զաւակ է հայ ժողովուրդին, իսկ աղաւաղուածը վտանգ է ու խորթ։ Այս մէկուն պէտք է գիտակցին մեր միութիւնները, դպրոցները, մեր պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայանները, մամուլը, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած՝ նոյն ուղղութեամբ պէտք է յառաջանան, դուրս նետելով օտարամուտները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. գահակալ վեհափառը այս տարի՝ 2009 թուականը հռչակեց հայ երիտասարդութեան տարի, ես այս երգով կու գամ միանալու հայ երիտասարդին եւ կը խրախուսեմ զինք՝ թափանցելու սոյն երգին խորքը, զգալու անոր մէջ թաքնուած ներքին ուժը, ընկալելու թելադրանքն ու պատգամը եւ անով առաջնորդուելու, որովհետեւ արուեստը չի խաբեր, անիկա վեր է ամէն ինչէ ու համամարդկային է։ Համամարդկային արժէքներով է, որ պէտք է մեր պայքարը մղենք յաղթանակը տեսնելու համար։
Ուստի պայքարի լաւագոյն զէնքը հարազատին կառչածութիւնն է, հայկականը պահպանելը եւ զայն իբրեւ մոսին ունենալը։