1874-ին Տիգրանակերտի գիւղերէն Սեւերեկի մէջ ծնած Ռուբէն Զարդարեան, 2 տարեկանին կը փոխադրուի Խարբերդ, կ՚աշակերտէ Թլկատինցիին, անոր սեփական վարժարանին մէջ։ 1892-ին կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին, նախ ֆրանսական վարժարանին, ապա Մեզրէի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ, դասաւանդելով ֆրանսերէն, Ազգ. Պատմութիւն եւ հայ գրականութիւն։ Մինչեւ 1903 թուականը ուսուցչական բեղուն գործունէութիւն ունենալէ ետք բռնակալ թրքական տիրապետութեան կասկածանքով, կը ձերբակալուի իբրեւ յեղափոխական գործիչ եւ տարուան մը բանտարկութենէն ետք ազատ կ՚արձակուի։ 1905-ին Սուլթան Համիտի դէմ կատարուած մահափորձի օրերուն դարձեալ կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի. ապա փախուստ տալով ընտանեօք կ՚ապաստանի Բուլղարիա, Ֆիլիպէ քաղաքը։ Տարի մը անց կը ձեռնարկէ «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթի հրատարակութեան մինչեւ 1908։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս։ Շահրիկեանի, Ակնունիի եւ Սիրունիի հետ կը հիմնէ «Ազատամարտ» օրաթերթը, որուն խմբագրութիւնը կը վարէ, միեւնոյն ատեն դասաւանդութիւններ կը ստանձնէ Պոլսոյ Կեդրոնականին մէջ, նաեւ կուսակցական պաշտօններ, ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրելով ազգի ծառայութեան մինչեւ 1915, երբ այլ մտաւորականներու շարքին կալանաւորուած, կը նահատակուի աքսորի ճամբաներուն վրայ։
Իր հեքիաթներուն մէջ Զարդարեան կը յայտնուի իբրեւ արուեստագէտ-գաւառագէտ, մարդկային զգացումները ազնուացնող ու վսեմացնող նուրբ բանաստեղծ եւ գաղափարական ձգտումներու սեւեռող անգերազանցելի հռետոր։ Յեղափոխական խառնուածքով, մոլեռանդօրէն ազգայնական գիծերով ու ջիղերով, իր այլաբանական խորքով հեքիաթներով, Զարդարեան կը հասնի արուեստի մեծ նուաճումներու։



Մեջբերել