Աւազանի անունով՝ Ատոմ Եարճանեան, ծնած է 1878-ին վաճառականի ընտանիքէ ներս։ 1891-ին հօրը հետ տեղափոխուած է Կ. Պոլիս եւ ուսանած Գում Գաբուի Միրիճանեան, ապա Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանին մէջ։ 1895-ի ջարդերուն հետեւանքով պատանի Ատոմ նետուած է օտար հորիզոններ, նախ Կահիրէ, Ժընեւ ապա Փարիզ, ուր հետեւած է Սորբոնի գրական բաժնին, որպէս ազատ ունկնդիր։ Եւրոպայի մէջ սերտ կապեր հաստատած է «Եւրոպայի Հայ Ուսանողներու Միութեան» եւ հայկական կուսակցութիւններու հետ։ Այս մթնոլորին մէջ կազմաւորուած են անոր աշխարհայեացքային եւ գրական-գեղարուեստական հակումները։
Գրական իր ստեղծագործութիւններէն «Հայորդիներ»ու հերոսը նորօրեայ հայորդին կը մարմնացնէ գաղափարի եւ կամքի հզօր անձնաւորութիւն մը, որուն անունը Պայքար է, իսկ վախճանը՝ Յաղթանակ։
Տարիներու ապարդիւն սպասումներուն հետ՝ վիպական ոգեւորութիւնը տեղի տուած էր հոգեվարքի գալարումներուն։ Այդ տրամադրութիւններու արտայայտութիւնն է «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» քնարական մատեանը։
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Սիամանթօ կը վերադառնայ Պոլիս, կը գուշակէ հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագիրը եւ կը ստեղծէ «կարմիր լուրեր բարեկամէս» շարքը, ուր նկարագրուած են արեան նախճիրներու դժոխային տեսարանները։
Հայ գաղթականներու կեանքն ու առօրեան ուսումնասիրելու առաքելութեամբ Սիամանթօ 1909-ին կը մեկնի Ամերիկա, իրողութիւնը իրեն կը յուշէր ազգին սպառնացող աղէտը, զանգուածային արտագաղթէն կ՚ամայանար Հայաստանը, պէտք էր փրկել ազգը, կապել զայն հայրենի հողին։ Հայրենականչի այս գաղափարով Սիամանթօ կառուցած է «Հայրենի Հրաւէր», նամակաշարը։ Տարագիր հայութեան ուղղուած կոչերուն մէջ կ՚արտացոլան հայրենիքի մորմոքն ու տուայտանքը։
Հայ գիրերու գիւտի համազգային տօնին լոյս տեսած է «Սուրբ Մեսրոպ»ը, որ հերոսական հիմքն է մեծ գիւտարարին։
Սիամանթօ հայկական բանաստեղծութեան ամենաինքնատիպ դէմքերէն է, համալրած է զայն նոր բառերով։ Իր բանաստեղծութիւններէն շարք մը թարգմանուած են ռուսերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի։



Մեջբերել