Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 10 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 10 հատից

Թեմա: Գրիգոր Զօհրապ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Գրիգոր Զօհրապ

    Գ.Զօհրապը ծնած է 1861-ին Կ.Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղամասը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարանին մէջ։
    1876-ին ան կ՚ընդունուի Թուրքիոյ միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը՝ Կալաթասարայ համալսարանի իրաւաբանական բաժինը։
    1884-ին կը վկայուի որպէս իրաւաբան։
    1878-ին կը մտնէ գրական ասպարէզ եւ կը դառնայ Ն.Թուլպէնճեանի հրատարակած «Լրագիր» օրաթերթի աշխատակից։

    1883-ին Գ.Զօհրապ կը հրատարակէ «Երկրագունդ» հանդէսը, Յ.Պարոնեանի խմբագրութեամբ, ուր կը սկսի հրատարակել իր անդրանիկ վէպը «Անհետացած սերունդ մը» վերնագրով։ 1887-ին վէպը կը հրատարակուի առանձին գըրքով։
    1892-ին, Զօհրապի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի «Մասիս» ազգային, գրական, քաղաքական հանդէսը։

    Զօհրապի գրական ստեղծագործութիւնը բուռն վերելք կ՚ապրի 1880-ական թուականի վերջերը եւ 1890-ականներու սկիզբները։«Արեւելք» եւ «Մասիս» հանդէսներուն մէջ կը հրատարակուին իր առաջին նորավէպերը։ Այս շրջանին ան կը գրէ իր երկրորդ անաւարտ վէպը «Նարդիկ»ը, նորավեպէրու մեծ մասն ու հրապարակախօսական յօդուածները, ճանչցուելով իբրեւ գրող եւ հրապարակախօս։
    1894-96 տարիներուն ան կը սկսի գործել, որպէս իրաւաբան-փաստաբան, վարելով զանազան դատեր։
    1908-ին կ՚ընտրուի թրքական խորհրդարանի պատգամաւոր, ակտիւ մասնակցութիւն բերելով խորհրդարանական բոլոր քննարկումներուն։
    Զօհրապ նաեւ ազգային ժողովի երեսփոխան էր, որ 1914-ին Թուրքիոյ մէջ բարձրացուց հայկական բարենորոգումներու հարցը։

    Երբ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ հայկական բարեփոխումներու վերաբերող համաձայնագիրը, Զօհրապ վճռական մասնակցութիւն բերաւ անոր գործնականացման։ Սակայն սկսաւ Համաշխարհային առաջին պատերազմը եւ Թուրքիոյ համար պատեհ առիթ ստեղծուեցաւ գործադրելու հայոց ցեղասպանութիւնը։ Զօհրապ ամէն ջանք ի գործ դրաւ փրկելու իր ազգակիցները, սակայն շուտով ինք եւս ձերբակալուեցաւ եւ 1915 թուականի Յուլիսին աքսորի ճանապարհին դաժանօրէն սպաննուեցաւ։
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Գրիգոր Զօհրապ

    «ԵՐԿԵՐԻ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ»

    ՓՈԽԱՆ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ

    Երեւանի «Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարան»ի հրատարակչատունէն այս դարասկիզբին լոյս աշխարհ եկած Գրիգոր Զօհրապի քառահատոր «Երկերի ժողովածու»ն եւ անոր կցուած յաւելեալ զոյգ հատորները («Գիրք առաջին» եւ «Գիրք երկրորդ»), որոնք դեռ քանի մը օր առաջ մեր տրամադրութեան տակ դրաւ հայ գիր ու գրականութեան մոլի ընթերցող եւ թանկարժէք հրատարակութիւնները փուռէն նոր դուրս ելած բուրումնաւէտ տաք հացի պէս կրնկակոխ հետապնդող մեր սիրելի բարեկամն ու գրչեղբայրը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մտաւորական սրբազաններէն Տ. Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան, բառին ամբողջական առումով տօն է եւ տօնահանդէս։ Շուրջ 3500 էջեր հաշուող իրերայաջորդ վեց հատորներ, որոնց հետ պիտի ժամադրուինք պարբերաբար՝ «Ազդակ»ի ընթերցողներուն ներկայացնելու համար շատ քիչ կամ հազիւ ծանօթ միւս Գրիգոր Զօհրապը, այսինքն՝ ազգային եւ պետական գործիչը, հրապարակագիրը, մտաւորականը, գրականագէտը եւ նամակներու ջերմ մտերմութեան ընդմէջէն վեր բարձրացող Գրիգոր Զօհրապ ամուսինին, հօր, ազնիւ մարդուն եւ անշահախնդիր բարեկամին ոսկի կերպարը։ Մէկ խօսքով՝ Գրիգոր Զօհրապի ամբողջական դէմքն ու վաստակը։
    Հայրենի յարգելի մտաւորական Ալբերտ Շարուրեանի աշխատասիրութեամբ եւ վաղամեռիկ երիտասարդ գրականագէտ Գրիգոր Յակոբեանի խմբագրութեամբ ձեւ ու մարմին ստացած այս բարեխիղճ, ակադեմական եւ կոթողական վեցհատորեակին հրատարակութիւնը կրնայ ճշգրիտ ուղեցոյց հանդիսանալ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային օգտաշատ գործակցութեան։ Անուանաթերթէն անմիջապէս ետք, յաջորդող էջին վրայ ուրախութեամբ կը կարդանք.
    «Գիրքը տպագրւում է հոգողութեամբ ԱՄՆ-ի
    Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ
    Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդարանի,
    Դոլորէս Լիպմըն-Զօհրապի կտակի հիման վրայ»։
    Սրտապնդիչ երեւոյթ մը, որ նահատակ անմահանուն գրագէտին հայրենի եւ սփիւռքահայ ընթերցողները կը մղէ երիցս շնորհակալութիւն յայտնելու ե՛ւ ակադեմական հրատարակութեան գաղափարը յղացած «Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան»ի պատասխանատուներուն, ե՛ւ ամբողջական երկերը աշխատասիրած ու խմբագրած յարգելի զոյգ մտաւորականներուն, ե՛ւ «Դոլորէս-Լիպմըն կտակ»ի բծախնդիր գործադրումին վրայ աչքի լոյսի պէս գուրգուրացող ժառանգորդներուն։ Սերտ, պատասխանատու եւ ընդօրինակութեան արժանի այս եռակողմ գործակցութիւնը պէտք է բարի օրինակ դառնայ եւ գրգռէ նախանձը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած հայ գրականութեան մնացեալ հսկաներու ժառանգորդներուն, որպէսզի արեւմտտահայ գրականութեան անկրկնելիներուն յաւերժահունչ գործերը դրուին մեր սեղաններուն վրայ՝ իրենց հարազատ բնագիրներով եւ ակադեմական թանկարժէք լրացումներով։
    Հայ մամուլի հաւաքածոներուն մէջ թաղուելու դատապարտուած զանազան բնոյթի բազմատասնեակ «անտիպներ» եւ «Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարան»ին արխիւներէն ու հարազատ ժառանգորդներու թղթապանակներէն առաջին անգամ ըլլալով դուրս բերուած անտիպ նամակները առաջին հերթին առատ եւ ամբողջական նիւթեր կը հայթայթեն հայրենի եւ սփիւռքահայ գրականագէտներուն՝ նորովի եւ համապարփակ մօտեցումով ընթերցելու համար գործն ու վաստակը արեւմտահայ արձակի այս մեծանուն վարպետին։ Մա՛նաւանդ գրութիւններուն յաջորդող «Ծանօթագրութիւններ» խորագրեալ հարուստ եւ բազմաբովանդակ բաժինը, որ անկախ մատենագիտական ճշգրիտ տեղեկութիւններէն՝ լակոնական ծանօթագրութիւններու նեղ սահմանէն անդին կ՚անցնի եւ կը կատարէ փաստացի տուեալներու վրայ հիմնուած խիստ արժէքաւոր եւ ճշգրիտ յաւելումներ։
    Աւելցնենք անմիջապէս, որ եթէ այլաբնոյթ հատորներուն ընթերցումը նախապատրաստող Ալբերտ Շարուրեանի բարեխիղճ, համապարփակ, խորաթափանց եւ ծաւալուն յառաջաբան-ուսումնասիրութիւնները մեծապէս կ՚օգնեն ընթերցողին՝ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ անսխալ կողմնացոյցի մը ճշգրիտ ցուցմունքներով խորասուզուելու Գրիգոր Զօհրապի ծով գրականութեան մէջ, միւս կողմէ՝ «Ծանօթագրութիւններ»ուն յաջորդած «Անձնանուններու բառարան - անուանացանկ»ը, «Տեղանուններու բառարան - անուանացանկ»ը եւ այս բաժինը եզրափակող «Բառարան»ը ո՛չ միայն կը նպաստեն հեզասահ ընթերցումին, այլեւ յստակ եւ ճշգրիտ պատասխաններ կու տան ընթերցողին միտքը չարչրկող բազմատասնեակ հարցումներուն։ Արժանիքներ՝ որոնք գործը կը կնքեն գիտական եւ վաւերական աշխատասիրութեան մը պատիւ բերող դրոշմով։
    Եզրակացնելով իբրեւ անաւարտ յառաջաբան գրուած այս թռուցիկ ակնարկը՝ յայտնենք, որ մեր այս եւ յառաջիկայ էջերով հիւրընկալուած ու կարգի սպասող ծաղկաքաղերը պիտի հրամցնենք իրենց ուղղագրական, կէտադրական, քերականական եւ շարահիւսական բնագրային ճշգրտութեամբ՝ նախ յարգելու համար հանճարեղ նահատակին հարուստ վաստակը, ապա՝ ժամանակաշրջանի եւ յատկապէս Գրիգոր Զօհրապի լեզուին ու ոճին մասին յստակ եւ անխաթար գաղափար մը փոխանցելու նախանձախնդրութեամբ։

    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Գրիգոր Զօհրապ

    «ԹՈՒՂԹԻ ՓԱՌՔ»

    Գործ՝ ՓԱՆՈՍ ԹԷՐԼԷՄԷԶԵԱՆի


    Թուղթի փառք, բայց ոչ թուղթէ փառք։
    Փառքերուն ամենէն անկապտելին, ամենէն տոկունը՝ ամենէն վերացականը ըլլալուն համար. անօգուտ ու սին, մահարձանի մը պէս իր տիրոջ վրայ ձգած շուքին պէս ճնշող բան մը։
    Ի՜նչ փոյթ, կը սիրեմ ես այս շուքը ու Չօպանեան ինծի չափ կը սիրէ զայն՝ իր անօգուտ ու պարապ հրապոյրին համար։
    Ու երբ աղջիկները նախընտրեն տղու մը բարեձեւ հագուստը ու շնորհալի դէմքը քերթողի մը սիրուն գրուածքէն, կը բերկրիմ, կը ծափահարեմ, աղջիկները իրենց դերին մէջ տեսնելով. Բնազդի հնազանդող, Նիւթին կապուած անխորհուրդ, անմիտ, խանդավառ ու զմայլելի էակներ, որոնց յիմար տարփանքը, խօլ անձնատուութիւնները պիտի բացատրէ քերթողը միայն. ինքը այն դերձակն է որ պիտի հագուեցնէ հարսը, գեղեցիկ ընծայելու համար զայն դիմացի երջանիկ տղուն։
    * * *
    Քար դնել իր սրտին վրայ. այս է գրագէտին պարտքը, անզգայ գործիք որ պիտի ջանայ ոչ թէ իր զգացումը բացատրելու, այլ Զգացումը, այնպէս որ ամենքը ինքզինքին ճանչնան հոն, իրենց սրտին բաբախումները կարդան ու արտասուեն։
    Բայց դիւրին չէ այս. յոյսի, երազի աշխարհներու փլատակաց մէջէն կը հասնուի հոդ, այդ բարձունքին վրայ. ու Պ. Չօպանեան, իր վիպակին մէջ, այդ ուղեւորութեան նկարագիրը կ՚ընէ մեզի, ու սրտաբեկ կը հետեւինք իրեն քայլ առ քայլ, վերյիշելով ամենքնիս այդ ծանօթ ճամբան. վարուն արահետ ուրկէ ամենքս, ամենքս անցած ենք մէկիկ մէկիկ. ու երիտասարդութեան նոր բողբոջում մը կ՚զգամ սրտիս մէջ հին կսկիծներուն քով։
    * * *
    Պ. Չօպանեան հոգեբանական ուսումնասիրութիւն մը անուանելով իր վիպակը սխալած չէ. պատմութիւնը՝ ամեն յուսախաբութեան մատնուած սիրոյ պատմութեան պէս պարզ ու յանկուցիչ է. բայց այդ պատմութեան հետ ընդելուզեալ՝ մէկ ծայրէն միւսը վերծանում մը կայ զգացումներու. օրը օրին հոգիներու խորը կատարուած շարժումներու ստորերկրեայ խուլ ու աննշմարելի փոփոխութեանց։
    Այս ամենը ճշդութեամբ ի յայտ բերուած է ու հեղինակը հաճոյք զգացած է կարծես այս անագորոյն աշխատութեան մէջ, ախտաբանութեան ուսուցիչի մը պէս որ քլինիքի դասին հիւանդին մերկ կուրծքը ծեծելով, անոր թաքուն գաղտնիքները եւ անտես վարակումները պարզելով կը բերկրի։
    * * *
    Վիպագրին ոճը ծանօթ է իբրեւ ամենէն նկարագեղ ու ներդաշնակներէն մին. բայց հոս խորունկ թախծութիւն մը, ալ աւելի շեշտուած, վերջի մասերուն մէջ, պատանութեան յատուկ միամտութեամբ խառնուած, այս վիպակին խանդաղատանքի կնիք մը կ՚ուտայ ծայրէ ծայր։
    Վահանին մերժուած սիրոյն դառնութիւնը, իր քայքայուած կեանքի տեսիլները, իր ատելութիւնը՝ ամեն բան խոստացող ու բան մը, իրական բան մը, չի շնորհող աստուածուհւոյն դէմ որ Գրագիտութիւն կը կոչուի, վէպին գեղեցկագոյն էջերը կը կազմեն։
    Բայց կը մերժեմ, բոլոր ուժովս կը մերժեմ, իր եզրակացութիւնը, որ բարոյական կործանումի եզրակացութիւն մըն է։
    Լուցկին երկվայրկեանի մէջ թուղթը պիտի ոչնչացնէ. բայց ոչ անոր փառքը։
    Գրիգոր Զօհրապ
    Վերջին խմբագրող՝ Tigris: 15.06.2009, 23:23:
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Գրիգոր Զօհրապ

    ԵՐԳԸ


    Մարդիկ կան որ կը կարծեն թէ՝ խօսելնուն քով՝ երգելը աւելորդ բան մըն է։
    Երբ քաղաքակրթութիւնը կը տանի զմեզ դէպի ամեն բան շուտափոյթ ու համառօտ տնօրինելու, երբ ճամբայները կը կարճեցնենք եւ հեռաւորութիւնները կը բառնանք. երբ երիտասարդութիւնը՝ իր կանխահաս զարգացումովը ու ճերմակ մազերովը՝ ծերութեան հետ կը շփոթուի, եւ գլուխը ետին դարձնելու ատեն չունեցողի պէս կը վազէ մարդկութիւնը, այս ընդհանուր արշաւին մէջ ո՞վ կրնայ երգի մտածել։
    Եւ սակայն ճիշդ այս ճեպընթաց սուրացումին, այս վաղվաղակի հասունցող ու մաշուող հոգիներուն համար աւելի եւս անհրաժեշտ չի՞ դառնար կազդուրուելու պէտքը։
    Այս գաղափարը ունեցած է այն մարդը որ վերջերս տասը հազար ֆրանք կտակեց Ֆրանսական Ակադեմիային, երկու տարին հեղ մը մրցանակ մը տալու համար լաւագոյն երգի հեղինակին։
    * * *
    Վասն զի երգը այն հանգրուաններէն է ուր ամեն ոք կանգ կ՚առնէ, իր յոգնութիւնը կը մոռնայ կը կազդուրուի ու յաջորդ օրուան կը պատրաստուի, ուրախ դէմքով դիմագրաւելով բաղդին ձախորդութեանց։
    Յետոյ, երգը այն միակ բանն է որ մարդերը կը մօտեցնէ ու կը միացնէ իրարու, աղօթքին պէս ու արցունքին պէս, որոնք երգեր են անշուշտ, երգերուն գերագոյնները։
    Ու անկից վերսկսելով, շարունակելով ճամբան որ վերջ չունի, որ ծայր չունի, այս անդուլ ուղեւորութիւնը կեանքին՝ նուազ դժնդակ ու աւելի տանելի բան մը կ՚ըլլայ ա՛լ։
    * * *
    Խոժոռ ճակատներու, մռայլամած դէմքերու, հաստ ու թաւ ձայներու լրջութիւնը՝ ճշմարիտ լրջութիւնը չէ։
    Պարզ ու վճիտ ձայն մը, խնդուն երես մը միշտ աւելի հասկնալի, հետեւապէս աւելի օգտակար է. իր զուարթ երեւոյթն իսկ օգուտ մըն է ինքնին։
    Ուրախութիւնը հիմա այն կաթն է ուսկից շատ կանուխ կը կտրուի մարդկութիւնը՝ իր առօրեայ հոգսերովն ու մտմտուքներովը, եւ երգն է միայն որ մանկութեան, անմեղութեան պատրանքը կուտայ մեզի, որքան ալ վաղանցուկ ըլլայ այդ պատրանքը։
    Եւ ո՜րքան պէտք ունինք վերադառնալու հոն ուսկից ուղի ինկած ենք. ի՜նչ խրատներով ու խորհուրդներով լեցուն պէտք է ըլլայ մեզի համար այն ճամբան որուն շուրջը նայելու ատեն ունեցած չենք մեր արշաւասոյր ընթացքին մէջ, եւ ամեն բանի վրայ սխալ գաղափարներով ու սխալ համոզումով եկած հասած ենք հոս, այն կառախումբի մեծ վազքովը ճամբորդող ուղեւորներուն պէս որոնց վրայ հեռագրի ցիցերը՝ շարունակուող պատի տպաւորութիւնը կը թողուն։
    * * *
    Երգը անհրաժեշտ աւելորդն է. ո՛չ այն աւելորդներէն մին զոր յափրացած քաղաքակրթութիւնը նորէ նոր կ՚ստեղծէ, այլ այն զոր բնութիւնը տուած է մեզի իր անյեղլի օրէնքներով, երկու նուագի մէջ ամփոփելով մեր կեանքին երկու ծայրերը, - նորածինի մը լացը ու ոգեւարին հռնդիւնը։
    * * *
    Մեր ժողովուրդը արեւելքցի բանաստեղծ ժողովուրդներուն պէս սիրած է երգը միշտ. գաւառները, գիւղերը ամեն տեղ, երգը ամենուն բերանն է. մշակը անով կը հերկէ իր արտը, հովիւը անով կ՚արածէ իր ոչխարները. անով կը տօնեն նորածինին գալուստը եւ հարսին նարօտը անով կը կապեն։
    Հոս, այս մեծ ոստանին մէջ է, որ, սխալ ըմբռնուած ծանրութեան մը հետամտելով, երգելու սովորութիւնը ծիծաղելի կամ ամօթալի բանի մը պէս վերնալու վրայ է Հայոց մէջ քիչ քիչ։ Մեր տղաքը, պատանիները, կորաքամակ ծերուկներու պէս ծալլապատիկ նստած, խօսելով կ՚անցընեն ատեննին։ Ժպիտ չի կայ երեսնին, տղայ երեւնալու վախով։
    Այս պատանութիւնը, որ թուականի սխալ մը ըլլալու կը միտի, թող վերադառնայ ուրախութեան, զուարթութեան կանոններուն, որք իր տարիքին կանոններն են, գրեթէ պարտականութիւնները։
    Գրիգոր Զօհրապ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Գրիգոր Զօհրապ


    ԽԻԶԱԽ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ

    «Կեղծիքի մարդ չեմ. համաձարկութիւնը միակ
    փառասիրութիւնս է, եւ ոչ ոք կրնայ զայն ինէ կապտել»։
    ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

    ,,,Նախանցեալ դարաշրջանը եզրափակած վերջին երկու-երեք տասնամեակներուն եւ անոնց յաջորդած 1900-1915 ժամանակահատուածի ընթացքին Պոլսոյ ազգային ու պետական կեանքին, մամլոյ եւ գրականութեան շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ քաղքենի դասակարգին պերճ ու հաճոյամոլ դահլիճներուն մէջ շռայլօրէն փայլած Գրիգոր Զօհրապի անուան շուրջ յաճախ հիւսուած են այնպիսի ապակողմնորոշող առասպելներ, որոնց հետեւանքով «հայ նորավէպի իշխանը» ներկայացուած է իբրեւ պահպանողական ու կենսասէր նկարագրի տէր անձնաւորութիւն մը։ Հակառակ Գրիգոր Զօհրապի հրապարակագրական հարուստ վաստակին, որուն մէկ կարեւոր մասը առաջին անգամ ամփոփուեցաւ 1945-ին Կահիրէի մէջ լոյս տեսած «Մեր կեանքէն...» ժողովածուի էջերուն, իսկ այլ բնորոշ նմոյշներ՝ Երեւանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարաններէն յաջորդաբար լոյսին եկած «Երկերի ժողովածու» (1962), «Գրականութեան մասին» (1973) եւ «Երկեր» (1988՝ Անթիլիաս, 1989՝ Երեւան) հատորներուն մէջ, եռապատկուելով 64-ի բարձրացած յօդուածներուն պատկառելի կշիռին բարերար անդրադարձը դուրս չեկաւ մտաւորական նեղ շրջանակներէ եւ Գրիգոր Զօհրապ անարդարօրէն շարունակեց մնալ չըսելու համար յետադիմական, առնուազն պահպանողական մտածող մը։ Եւ ասիկա՝ նոյնիսկ Մարսէլ Լէար գրչանունով 1913-ին հրատարակուած «La Question Armռnienne E La Lumiere Des Documents» ուսումնասիրութեան հայերէն թարգմանութեան հրապարակումէն ետք, որ առաջին անգամ ըլլալով իր ամբողջական բնագիրով նախ լոյս տեսաւ «Նայիրի» շաբաթաթերթի 1972 տարուան 24 նոյեմբերէն 28 դեկտեմբեր երկարող թիւերուն մէջ, ապա՝ առանձին հատորով, 1973-ին։
    Գր. Զօհրապ հրապարակագիրին եւ մտաւորականին անուան շուրջ յաճախ անգիտակցաբար ստեղծուած թիւրիմացութեան պարզաբանումը կարելի է սպառել միայն ծաւալուն եւ համապարփակ ուսումնասիրութեամբ մը։ Հետեւաբար, կ՚արձանագրենք փաստը եւ կը փութանք աւելցնելու, որ «Երկերի ժողովածու»ն հրատարակութեան պատրաստած Ալբերտ Շարուրեան անմահանուն գրագէտին յօդուածներուն թիւը բարձրացուցած է 121-ի, որ սակայն, հակառակ պատկառելի թիւ մը ըլլալուն, «չի արտացոլում Զօհրապի հրապարակագրական ամբողջ ժառանգութիւնը», որովհետեւ Գ. Զօհրապի գրչին կը պատկանին ե՛ւ անստորագիր հայերէն գրութիւններ, ե՛ւ հայկական, թրքական ու օտար մամուլի հաւաքածոներուն մէջ ցրուած անհասանելի յօդուածներ, «որոնք մեզ յայտնի չեն», ինչպէս ամենայն բարեխղճութեամբ կը խոստովանի վեցհատորեակը աշխատակցած Ալբերտ Շարուրեան։
    Այս ճշդումները կատարելէ ետք, առաջին հերթին պէտք է աւելցնել, որ պատանի տարիքէն քաղաքական լուրջ հակումներ ունեցած «Թոփուզ Գրիգորիկը» (այսպէս կ՚անուանէին զինք իր «կլոր ու մանրիկ կազուածք»ին համար) առաջին անգամ հանդէս կու գայ 15 տարեկանին, երբ քանի մը հարիւր մտահոգ հայորդիներու հետ 1876-ի յուլիսին կը խուժէ Ղալաթիոյ խորհրդարան՝ «պահանջելով հաստատել կամ հերքել «կովկասեան գաւառին մէջ ռուսաց կառավարութեան դէմ» բռնկուած «ապստամբութեան» մասին թերթերում երեւացած լուրերը»։ Անշուշտ, իր այս կանխահաս ու խիզախ կեցուածքը տղայական հետաքրքրութեան մը արդիւնքը չէր, որովհետեւ Բեռլինի վեհաժողովէն ետք, երբ Մինաս Չերազ կը հրատարակէր «Ի՞նչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն» խորագրեալ տետրակը, «Լրագիր»ի 26 հոկտեմբեր 1878-ի թիւին մէջ, Հ. ստորագրութեամբ Գրիգոր Զօհրապ անմիջապէս կը հրատարակէր կրքոտ, խիզախ եւ ծաւալուն նոյնանուն իր յօդուածը, դատապարտելով թէ՛ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքը եւ թէ պատրիարքարանի կիսապաշտօն բանբեր Մինաս Չերազը, ինք պիտի ըսէր՝ «նորահաս տիբլօմաթի» հակասական, ծիծաղելի եւ սխալ փաստարկումները։
    Գրիգոր Զօհրապի այս անդրանիկ ելոյթը պիտի ըլլար ազդանշանը յանդուգն, աննախապաշար եւ կուռ տրամանութեան վէմին վրայ բարձրանալու կոչուած այն բազմերագ ու բազմաբնոյթ հրապարակագրութեան, որուն հարուածներուն տակ իրենց գահերէն վար պիտի գլորէին ո՛չ միայն Ստեփանոս Փափազեանի եւ Քրիստոստուր Ղազարոսեանի նման յարգուած ազգային «ջոջեր»,այլեւ իր արձակած սուր նետերէն խոր վէրքեր պիտի ստանային Վարժապետեան Պատրիարքն ու Արշակ Չօպանեանը, Բիւզանդ Քէչեանն ու Ռեթէոս Պէրպէրեանը, Յովհաննէս քհն. Մկրեանը եւ նոյնիսկ իր մտերիմ բարեկամներէն հանդիսացող Արփիար Արփիարեանը:
    Պէտք է խոր կեդրոնացումով եւ բառ առ բառ կարդալ, օրինակ, Արփիար Արփիարեանի դէմ Գ. Զօհրապի ստորագրած «Ճամբէն շեղած» եւ «Պարպուած օդապարիկ» խորագրեալ կրքոտ, յանդուգն եւ աղմկայարոյց յօդուածները, հասկնալու համար, որ Արշակ Չօպանեանը «յանկարծ» զարմացուցած այդ յօդուածները պարզ «անհամաձայնութեան» մը արդիւնքը չէին, այլ՝ անսակարկելի սկզբունքներէ թափ ու թռիչք ստացած անհանգիստ, տագնապահար եւ յանձնառու հայ մտաւորականի արդար պոռթկումներ: Զօհրապ իր այդ կտրիճ յօդուածներով կը հաստատէր, որ Ա. Արփիարեանի «Հայրենիք»ը շեղած է իր անցեալի վեհ ու նուիրական սկզբունքներէն եւ վերածուած՝ հարուստներուն, «ազնուաշուքներ»ուն, «երեւելիներ»ուն ու «ջոջեր»ուն խնկարկող աժան ու շահադիտական բեմի մը, մինչդեռ ինք, իր իսկ բառերով՝ միայն «ատելութիւն» ու «արհամարհանք» կը տածէ պոլսահայ ազգային կեանքը թունաւորող «կեղծ հանճարներ»ուն դէմ:
    «Հարուստին եւ աղքատին մշտնջենական կռիւը» ան պիտի տեսնէր նոյնիսկ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, եւ իրաւազրկուածներուն, անիրաւուածներուն, «փոքրեր»ուն «նահատակներ»ուն հանդէպ տածած իր խոր համակրանքն ու դիրքորոշումը անվախօրէն պիտի աղաղակէր երիտասարդ տարիքէն՝ թէ՛ իր գեղարուեստական ստեղծումներով, թէ հրապարակագրական յօդուածներով, թէ՛ Ազգային ժողովներու ընթացքին ունեցած ելոյթներով եւ թէ Օսմանեան խորհրդարանի բեմերէն արտասանած ճառերով:
    Կը բաւէ կարդալ մեծանուն նահատակին ստեղծագործական ու հրապարակագրական վաստակէն գէթ քանի մը նմոյշ, ինչպէս «Հանրային գործի հոգածութիւն», «Խարոյկի մը պէտք կայ», «Պարպուած օդապարիկ», «Կենդանի մեռեալներ», «Հայ եմ եւ հայ պիտի մնամ», «Յիսուն տարի առաջ», «Ցաւեր, դարմաններ. Ատանա», «Այսօրուան հայ կեանքը. Ցաւեր, դարմաններ», «Հինը ու նորը», «Քաղաքական քմայք. Զանգակի մը տպաւորութիւնները», «Վարժարանաց շուրջ», «Կրթական կանոնագիրը» եւ այլ խորագիրներ կրող տաք ու ջղուտ յօդուածները, «Սամուէլ Մուրատեանի կտակն ու...», «Սեբաստիայի նահանգը...», «Հայկական հարցը...» անուն ուսումնասիրութիւնները կամ «Վերջին արեւագալը», «Նահատակք ճշմարիտք», «Փոստալը» եւ հանրածանօթ միւս արձակ ստեղծումները, որպէսզի յստակ ըլլայ միանգամընդմիշտ, որ ամենայն հպարտութեամբ «յեղափոխական մտաւորական մըն եմ...» յայտարարած Գրիգոր Զօհրապը բառին ազնուագոյն առումով ե՛ւ յեղափոխական, ե՛ւ ազնիւ մտաւորական մըն է, մարդկային արդար իրաւունքներու հաւատաւոր պաշտպան եւ ժողովրդավարութեան ջատագով խիզախ հրապարակագիր մը, բարոյական անսակարկելի արժէքներու, սկզբունքներու եւ սրբութիւններու տէր ազգանուէր գործիչ մը եւ նոյնքան քաջակորով պետական երեսփոխան մը, որ 1910ին, նոյնինքն Օսմանեան խորհրդարանի ամբիոնէն բարձրագոռ պիտի յայտարարէր, որ հետեւորդն է «ընկերվարական դպրոցին» եւ պաշտպանը բոլո՛ր անիրաւուածներուն: Գաղափարի անկեղծ, արի եւ հպարտ զինուոր մը տակաւին, որովհետեւ, իր իսկ բառերով՝ «Զինուորը միայն անոնք չեն, որ համազգեստ կը կրեն»: Զինուոր մըն էր նաեւ ինք, իրաւա՛մբ, որ միշտ մնաց ծառայութեան ու պայքարի պատնէշին վրայ, կեա՛նք մը ամբողջ, եւ նահատակուեցաւ հայ զինուոր գրողին ամբողջական վայել յանձնառութեամբ, արժանապատիւ գիտակցութեամբ, պաշտելի խիզախութեամբ եւ ճշմարիտ խօսքի ու գործի կենդանի օրինակով...

    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Գրիգոր Զօհրապ

    ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՄԱՅՔ.
    ԶԱՆԳԱԿԻ ՄԸ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

    Ա.
    Մեր ժողովին նախագահական զանգակը արծաթախառն պղինձէ ձուլուած, սովորական, պարկեշտ ու քիչ մը զուարթախոհ ամենուս գիտցած զանգակն է որ ատեն ատեն կը հաճի իր խորհրդածութիւնները, իր հոգեկան տագնապները ինծի հաղորդեր:
    Վասն զի պէտք է գիտնալ որ մեր յարգելի Ահմէտ Րիզա պէյի զանգակը ոչ միայն լեզու մը, այլ ինչ որ հազուագիւտ է նոյն իսկ Օսմ. երեսփոխաններուն մէջ, հոգի մը ունի, ստոյիկ հոգի՝ որ ամէնէն մեծ պատահարներուն առջեւ աննկուն կը մնայ, բանաստեղծի հոգի՝ որ բոլոր Օսմ. ցեղերու խուլ տրտունջներէն, դիւային ծիծաղներէն կամ զայրոյթի աղաղակներէն ամէն օր նոր երգ մը, նոր եղանակ մը <կը> յօրինէ:
    Նախագահական զանգակը ամեն ոք չընդունիր իր մտերմիներուն անձուկ շրջանակին մէջ, բայց ժամանակ է ի վեր մասնաւոր համակրթութիւն մը կը ցուցնէ դէպի ինծի: Նոյնիսկ այն պահուն ուր խօսքս խափանելու համար կը պնդէ, քաղաքավար ու քաղցր ձայնով մը զիս համոզելու փորձեր կ՚ընէ կարծես.
    - Կը խնդրեմ Պ. երեսփոխան, մի՛ նեղանաք, խօսք չունիք, ի՞նչ օգուտ արդէն...
    Չեմ համոզուիր, բայց կ՚ամփոփուիմ:
    Նիստը վերջանալուն, երբեմն կը խօսակցինք. տպաւորութիւններ կը փոխանակենք. հինգ ամսուան դաստիարակութենէ մը վերջը կատարեալ խորհրդարանական զանգակ մը դարձած է այլեւս: Մեր առեղծուածային կեանքին ամենէն թաքուն գաղտնիքներուն թափանցող մըն է: Ցեղային, կուսակցային կռիւներու հետամուտ մը, փորձ ռազմագէտ որ իր ենթադրական չէզոքութեանը մէջ ամեն պայքարի ելքը իսկոյն կը գուշակէ: Երբեմն խրատներ կու տայ որոնք հասուն դատողութեան մը դրոշմը կը կրեն: Երբեմն կատակներ կ՚ընէ:
    - Միութեան եւ Յառաջադիմութեան կուսակցութեան դէմ պայքարնիդ դադրեցուցէք, ըսաւ ինծի առջի օրը: Զինադադա՞ր թէ Պատուաւոր հաշտութիւն, այն հաշտութեան պէս որ ասկէ մօտ 35 տարի առաջ այնքան նիւթ եղան Մասիսի եւ Մանզումէի էֆքեարի մէջ:
    Տարօրինակ զանգա՜կ որ Պոլսի հայ օրագրութեան պատմութիւնը այսօրուան շատ մը խմբագիրներէն աւելի աղէկ սորված է:
    - Պարոն զանգա՛կ, պատասխանեցի իրեն, դուք ձեր բարձր դիրքին բերմունքովը, վասն զի միշտ նախագահական սեղանին վրայ էք, շատ լաւ գիտնալու էք որ այդ կուսակցութիւնը բարեշրջման մէջ է այս պահուս. իր նախկին սխալներուն, եթէ ոչ բոլորը գէթ մէկ քանին ճանչցած է արդէն:
    Օսմ. զանազան տարրերուն ինքնորոյն գոյութիւննին պահելու ու զարգացնելու իրաւունքը վերջապէս հասկցած է: Պզտիկ յաջողութիւն մը չէ առ մեզի համար: Հարկաւ դեռ շատ մը հարցեր կան որոնց մասին հայեացքի հիմնական տարբերութիւններ ունինք, կարգ մը շարժ ու ձեւեր ունի որոնք քաղաքական վայելուչ վարմունքի գերագոյն ձեւը չեն կրնար սեպուիլ: Բայց Օսմ. հայրենիքը այսօր տագնապալի օրերուն մէջն է: Մեզի համար պարտականութիւնը՝ բոլոր ազատական ոյժերը միացնելն է մինչեւ որ վտանգը անհետի:
    Յետոյ այս ամէնը չարգիլեր որ այդ կուսակցութիւնը իր մէջ մեծ արժանիքի ու սրտի տէր անձնաւորութիւններ պարունակէ: Սելանիկի երեսփոխան Ճաւիտ պէյին պէս, որուն նախարար անուանելուն ամենքս ալ կը ծափահարենք:
    Նախագահական զանգակը շարժում մը ըրաւ, որ մեղմ ու փայփայիչ ճնշումով մը թարգմանուած, համամտութիւն մը կը նշանակէր:
    - Ոչ-իսլամներու զինուորագրութիւնն այս տարիէն սկսելը որոշուեցաւ ահաւասիկ. ձեր Դաշնակցութիւնը պէտք է գոհ ըլլայ իր ջանքերուն պսակումը տեսնելով:
    - Ճշմարիտ է, պատասխանեցի զանգակին այս դիտողութեանը: Ուրախալի է որ Հիլմի փաշայի դահլիճը վերջապէս անսաց մեր դիմումներուն: Աղէկ միտքս ինկաւ, երկուշաբթի խօսք պիտի ուզեմ այս նիւթին վրայ. կը խնդրեմ որ թոյլ տաք կարծիքս ազատօրէն յայտնելու:
    Զանգակը ժպտեցաւ, այնպէս ինչպէս զանգակները կը ժպտին:
    - Դուք, Պ. երեսփոխան, հակառակ կուսակցութեան մը կը պատկանիք, աւելցուց անիկա: Բաւական նրբամիտ էք հասկնալու համար որ ես, իմ բնական կոչումովս, իբրեւ յարգելի Ահմէտ Րիզա պէյի ամուր ափին մէջ սեղմուած ոք, աւելի Միութեան եւ Յառաջադիմութեան երեսփոխաններուն զանգակն եմ քան թէ ձերինը. ասով հանդերձ պիտի ջանամ, ձեռքէս եկածը ընելու որպէսզի ձեզի ալ հաճելի ըլլամ. վասն զի ով գիտէ վաղը ինչեր կրնան պատահիլ եւ բարեկամ վաստկիլը անօգուտ չէ երբեք:
    Այս լուրջ կարծիքէն վերջը զանգակը խոնարհութիւն մը ըրաւ ինծի, այս հնչիւնը հրաժեշտ կը նշանակէր ու բաժնուեցանք իրարմէ:
    Նախագահական զանգակին երեսը, մետաղէ երես մը, կարգ մը երեսփոխաններու երեսին պէս, կը ժպտէր. հազուագիւտ ու խաբուսիկ ժպիտ զոր կարելի էր չողջունել։ Շատ մը ըսելիքներ կային իր փոքրիկ սեւուկ լեզուին ծայրը։ Անհամբերութեան նշաններ ցոյց կու տար, ընդհատուած թրթռումներով։
    Յարգանքով մօտեցայ իրեն.
    - Պարո՛ն երեսփոխան, ըսաւ ինծի դաշն ձայնով որ իր սովորական խրոխտ շեշտին բոլորովին հակառակն էր, տասը օրէ ի վեր որքա՜ն նորութիւններ, չէ՞...
    Զանգակը Մօնմառթռական ոճեր, պչրանքներ կը դնէր իր ասացուածքին մէջ։
    - Հայերդ, աւելցուց, մեծ յաջողութիւնններ ունեցաք ու կարեւոր ձախողումները կրեցիք։ Եղիշէին հետ կրնաք ըսել.
    «Է ուրեք զի քաջապէս յաղթեցանք թշնամեացն եւ է ուրեք զի նոքա մեզ յաղթեցին»,
    Միայն թէ չպիտի կրնաք աւարտել պարբերութիւնը։
    «Բայց բազում այն է զի յաղթող գտաք եւ ոչ պարտեալ»։
    Զինուորագրութիւնը վաստկեցաք, բայց Սէնտիքաները կորսնցուցիք։
    Յետոյ. դիւանագէտի հովեր առնելով.
    - Վարդգէսն ու դուք կ՚ելլէք ընկերվարական կը հռչակէք ինքզինքնիդ. ի՜նչ անխոհեմութիւն. հրաժարա՞ծ էք նախարար ըլլալու ամեն փառասիրութենէ, ինչ որ ըլլայ. կանխահաս պահանջումներով կը վրդովէք մեր Ժողովին պարկեշտ ու անքոյթ մթնոլորտը. մեր երկրին արդի վիճակը չի հանդուրժեր այս տեսակ խիզախումներու։ Մենք հեռատես, շրջահայեաց հանդիսացանք մերժելով զանոնք։
    Զանգակը ակներեւ կերպով մեր նախագահին՝ Ահմէտ Րիզա պէյին զգացումները կը թարգմանէր այսպէս խօսելով ու ձեռք բերուած յաղթանակին վրայ կը հպարտանար։
    - Սիրելի նախագահական զանգակ, պատասխանեցի իրեն, խոստովանեցէք որ Գործադուլի օրէնքին վիճաբանութեան միջոցին շատ մը խաղեր խաղացիք մեզի դէմ։ Սէնտիքա կազմելու իրաւունքը ընդունուած էր մեծամասնութեամբ՝ երբ մեր յարգելի նախագահը կրկին քուէի ենթարկեց զայն եւ այս անգամ փոքրամասնութեան մէջ ձգեց զմեզ. իրաւունք չունէր վճռուած խնդիր մը նորէն վէճի տակ ձգելու. դուք ալ անձնապէս ամեն ջանք ի գործ դրիք ձեր անդուլ միջամտութեամբը մեր ձայնը խափանելու համար. մէկ բառով՝ անկողմնակալ կերպով չի վարուեցաք։
    - Կուսակցական զանգակի պարտքս միայն կատարեցի։
    Այս անկեղծութիւնը հիացուց ու յուզեց զիս. ասպետական բան մը կար այս յայտարարութեան մէջ. որքան մարդիկ կը ճանչնամ որ այդ մետաղի կտորին չափ իրենց տկարութիւնները խոստովանելու արիութիւնը չունին։
    - Շատ լաւ, միայն թէ դիտել տուի իրեն, քիչ մը աճապարեցիք՝ յայտարարելով որ Սէնտիքաները արգիլուած են եւ մենք՝ պարտուած։ Գիտցէք ուրեմն որ Սէնտիքաները պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ ըստ առաջնոյն. վասն զի անունը արգիլուեցաւ, այո՛, բայց գործը ո՛չ։
    Զանգակը թերահաւատի պզտիկ հնչիւն մը արձակեց։
    - Շուտով կարող եմ զձեզ համոզել, Գործադուլի օրէնքին 7-րդ յօդուածին վերջին պարբերութիւնը անխտիր իրաւունք կու տայ ամեն գործաւորներու Խնայողութեան սնտուկ հաստատել. արդ, բովանդակ Սէնտիքան ասոր մէջն է։ Վիճաբանութեան ջերմութենէն յառաջ եկած շփոփութեան մէջ այդ հատուածը փրկեցինք ընդհանուր կոտորածէն, որ ինչպէս գիտէք, կառավարական մեթոտ մըն է այս երկրին մէջ։ Փրկեցինք այդ համեստ պարբերութիւնը եւ դիտաւորութիւն չունինք Մերսինի անգլիական Հիւպատոսին պէս ձեզի վերադարձնելու զայն՝ որպէսզի փճացումի գործերնիդ լրացնէք։
    Նախագահական զանգակը իր ապշութիւնը չծածկեց.
    - Կը զարմանամ թէ ինչպէս իմ յարգելի տէրոջս հետախոյզ ակնարկէն վրիպեր է այդ վնասակար ու յեղափոխական հատուածը. կարելի չէ՞ միթէ Ատանայի Զինուորական Ատեանին ղրկել զայն իր խռովարար նշանակութեանը համար. ո՛չ, կատակը մէկդի, տեսնենք ինչպէ՛ս պիտի մեկնէ Կառավարութիւնն այդ հակասութիւնը։ Ահաւասիկ Գործադուլի օրէնք մը որուն մէկ տրամադրութիւնը՝ Սենտիքան կ՚արգիլէ եւ միւսը գործաւորներու թոյլ կու տայ Խնայողութեան Սնտուկ հաստատելու։ Ես, հաւատացէք, Պարո՛ն երեսփոխան, իմ անձնական համոզումս եթէ կ՚ուզէք, Սէնտիքաներու թոյլատրելու կողմն եմ. բայց ինչ կ՚արժէ զանգակի մը անձնական համոզումը. բայց անցնինք ուրիշ նիւթի, ի՞նչ է հայ երեսփոխաններու կարծիքը, Ատանայի համար մտածուած ընդհանուր ներումի մասին։
    - Ներում կայ եւ ներում ալ կայ, սիրելի զանգակ. գիտեմ որ մաս մը իսլամներ ջարդէ, կուսապղծութիւններէ, բռնի կրօնափոխութիւններէ, հրձիգութիւններէ, թալանէ ձեւացած կրակի ու արիւնի հորիզոնին վրայ անպատճառ հաշտութեան ծիածանը տեսնել կ՚ուզեն։ Ոմանք, եղբայրութեան զգացումը ծայրագոյն իր սահմանին տանելով, կը սպառնան մնացորդ Հայերը երկրորդ ջարդի մը ենթարկել՝ եթէ չփութան իրենց մտքէն ջնջել գործուած ահաւոր ոճիրը։
    - Երկրորդ ջարդէ՞ մը կը վախնաք ուրեմն, հարցուց զանգակը տրտում ձայնով մը։
    - Ափսո՜ս, երկրորդէն ալ կը վախնանք, երրորդէն ալ, չորրորդէն ալ։ Եւ որպէսզի ցոյց տամ որ ես ալ իրեն չափ գրական պաշար ունիմ՝ Պէշիկթաշլեանը հանեցի Եղիշէին դէմ.- Մոլեռանդութիւնը ցորչափ մնայ այս երկրին մէջ, զանգա՛կդ իմ սիրելի, երբեք ապահովութիւն չի կրնար ըլլալ Հայերուն համար. Աղէտը պիտի ուշանայ, մութին մէջ պիտի սպասէ, ակնդէտ պիտի սպասէ իր յաւիտենապէս արիւնաներկ դաշոյնը երերցնելով՝
    Թուէր ոգւոյն ամպրոպաց՝ զ՚սրանշոյլ սուր իւր ճօճել։
    Գրիգոր Զօհրապ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. #7
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Գրիգոր Զօհրապ

    ԱՐՄԵՆԻՍԱ
    Ա
    .....Հալքին յունաբնակ կղզի մըն է: Հոն ճանչցայ զինքը. Անասթաշի կազինոն կու գար իրիկուները՝ շոգենաւէն դիմաւորելու իր ամուսինը, վասն զի իր ամուսինը պիտի ըլլար այն գէր, կարճահասակ, յիսուննոց մարդուկը զոր կ’առնէր միասին՝ պանդոկ վերադառնալու համար:
    ....Մինակ դուրս կ’ելլէր ամէն ատեն. երբեմն հետը կը բերէր վեց տարեկան փոքրիկ տղեկ մը, որ իր զաւակն էր անշուշտ եւ որուն հետ մեծ մարդու մը պէս կը խօսակցէր մինչեւ վերջը:
    ....Ոչ մեկու հետ յարաբերութիւն կամ տեսութիւն հաստատած էր: Երիտասարդներ, ամէն ազգէ, միշտ հետաքրքիր երբ կին մը ճանչնալու վրայ է խնդիրը, ի զուր իր շուրջը դեգերած կամ իր ակնարկը ակնկալած էին. երբէք չէր դարձած զանոնք դիտելու:
    ....Կազինոն, ծովուն վրայ երկնցած տախտակէ դարատափին եզերքը, անկիւն մը ունէր, ուր ամէն իրիկուն կու գար առանձին նստելու. այդ անկիւնը իրն էր. գէթ այդպէս նկատուած էր կազինոյին յաճախորդներէն, որոնք՝ իբր բարեկիրթ մարդիկ՝ այս անծանօթ օտարուհին մեծարել կը սիրէին:
    ....Քանիցս հանդիպեցայ իրեն ու անունը հարցուցի յոյն ծանօթներուս:
    ....Ի արմենիսա ինէ, արմենուհին է, կը պատասխանէին ամէնքը. այս էր միակ անունը որով կղզիին մէջ ճանցուած էր հոն գալէն ի վեր:
    ....Կազինոյին սպասաւորներուն ըրած հարցուփորձս աւելի արդիւնաւոր չեղաւ, մինչդեռ օտարազգիներն ալ ինծի կը դիմէին, իբր ազգակից, իր վրայ տեղեկութիւն ուզելու համար:

    ....Ամուսինը, որ շաբաթը երկու անգամ միայն կու գար, կնոջմէն աւելի մարդախոյս կ’երեւար. մեկուն հետ բարեւ մը փոխանակած չէր ամիս ու կէսէն ի վեր, յորմհետէ կղզին Պելվիւ պանդոկը եկած էին: Երիտասարդները՝ անոր նախանձոտ բնաւորութեանը կը վերագրէին այս տարօրինակ մենակեցութիւնը, ու կինը ամուսնին բռնութեան զոհը համարած էին:
    ....Եւ իրաւ ալ այս կնոջ դէմքին վրայ չեմ գիտեր ինչ տրտմութեան անբացատրելի երեւոյթ մը կար որ այս ենթադրութիւնը կը հաստատէր:
    ....Վեհերոտ մեկը չէր թուէր. վայելուչ ձեւերն ու համարձակ քալուածքը այնքա՜ն կը վայլէին իր մատղաշ ու աղուոր հասակին: Առանց քաշուելու, բարձր ձայնով, պանդոկներու մէջ կեանք վարող անձի մը վարժութեամբ, սպասաւորները կը կանչէր եւ ուզածը կ’ապսպրէր:
    ....Առջի բերան կարծեր էի որ մինչեւ այն օր այս տիկնոջ հետեւող երիտասարդներէն աւելի բախտաւոր պիտի ըլլամ ես իրեն հետ ծանօթանալով:
    ....– Ո՜հ, դուն կարող ես, կ’ըսէին յոյն բարեկամներս՝ ազգութեանս վրայ նախնաձելով. իր լեզուն կը հասկնաս ու հետը խօսելու դիւրութիւն ունիս:
    ....Առջի անգամն էր աշխարհիս վրայ հայ ըլլալու մէջ առաւելութիւն մը կը գտնէի: Այսպէս իմ օտարազգի ընկերներէս քաջալերուած՝ տեսութիւն մը հաստատելու փորձեր սկսայ:
    ....Շատ հեղ գացի իր մօտը նստելու եւ ուշադրութիւնը հրաւիրելու չափ բարձրաձայն խօսելով՝ ներկայութիւնս զգացնելու: Մաքուր հայերէն խօսեցայ նախ, բառերս ու բացատրութիւններս զատելով, խնամելով, յետոյ ֆրանսերէն ու թուրքերէն, հասկցնելու համար որ բոլորովին արհամարհելի անձ մը չէի:
    ....Յետոյ հագուստիս սկսայ խնամք տանիլ. դերձակս, որ զիս միշտ խնայող ճանչցած էր, զարմացաւ հինգ ձեռք զգեստ մեկէն շինել տալուս. փողկապներու ահագին պաշար մը ամբարեցի ու վերջին նորաձեւութեան պահանջումներուն եւ ոչ մեկէն փախուտ տուի: Շապիկներուս օձիքը, ձիւնաթիւր, նեղ ու բարձր, որ մինչեւ թուշս կը հասնէր եւ զիս շնչահեղձ ընել կը սպառնար, թաշկինակներս, նուրբ, մանուշաբոյր, շքեղ սկզբնատառերով զարդարուած, կը բաւէին արդուզարդի արժէք ճանչցող կին մը հրապուրելու:
    ....Ինքն ալ շատ աղուոր ու շատ մաքուր կը հագուէր. ամէն օր կը փոխէր իր շրջազգեստները, որոնք իրարմէ գերազանց կերպով վայելչաձեւ ու ճաշակաւոր էին, եւ որոնք Տըմիլվիլի կամ Թրիքոթեոզի խանութներուն մէջ պատրաստուած կը թուէին: Իր կամարաձեւ փոքրիկ ոտքերը, զորս հաճոյք կը զգար անշուշտ ցոյց տալու շրջազգեստին ծայրէն, միշտ մետաքսեայ սեւ գուլպաներով ու Փերայի ամէնէն ճարտար արհեստաւորէն շինուած կօշիկներով ամփոփուած էին:
    ....Ի՜նչ օգուտ սակայն որ իրեն ծանօթանալու ամէն ջանքերս անտես մնացին. համբակ սիրահար մըն էի. ոչ բարձրաձայն խօսակցութիւնս՝ որուն ակամայ ունկնդիրն էր, ոչ վրդովեալ շարժուձեւերս, ոչ իրեն ուղղուած յամառ ու բոցավառ նայուածքս, ասոնց եւ ոչ մեկը կրցաւ իր գեղեցիկ մարմարէ արձանի վայելուչ անտարբերութեանը յաղթել. եւ ոչ իսկ նայեցաւ երեսս:
    ....Այն ատեն անյաջողութիւնս, յունաց քով պզտիկ մնալու ամօթս, բուռն հակառակութեան մը փոխուեցաւ այս կնոջ դէմ: Իր հպարտ ձեւերը անկրթութեանը տուի եւ իր մեկուսեալ կեանքը՝ ընտանիքի մէջ երեւալու համար ունեցած գաղտնի պակասութեանցը: Ամէն կողմ սկսայ չարախօսել իր վրայ. որոշ ամբաստանութիւն մը ընելու անկարող էի, բայց անանկ կասկածներ կը յայտնէի որոնց ոյժ ու հաստատութիւն կու տար այդ գաղտնածածուկ կենցաղը:
    ....– Պոլսոյ ծանօթ ընտանիքներէն չէ այս կինը, կ’ըսէի դէմս ելլողին, եւ իր ծերունի սիրահարը աւելի հոմանին կ’երեւայ, քան թէ օրինաւոր էրիկը:
    ....Ու բարեկամներս, ինծի պէս դառնացած, իմ խօսքս ամէն կողմ կը տարածէին:
    ....Բարեբախտաբար իրեն չէր հասնէր այս բամբասանքներուն արձագանգը: Կղզեցիներուն ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը չէր դադրեր. հելլենուհիները, ամէն ատեն աղեկ հագուելու հետամուտ, իր զգեստներուն տարազը օրինակել կը ջանային, առանց ձեռք բերելու անոր կատարելութիւնը. և երբ անցնէր Լիվատիայէն, իր փոքրիկ տղուն ձեռքէն բռնած, նազելաճեմ, դիցուհիի մը պէս հանդարտաքայլ, զմայլանքով ու գովեստով խառն մրմունջ մը կը լսուէր ամէնուն բերնէն, մրմունջ մը որ զիս ցասմամբ կը լեցնէր.
    ....Ի արմենիսա ինէ, ի արմենիսա:
    .... ....
    ....
    Բ
    ....Արմենիսա շնորհալի ու հրապուրիչ էակ մըն էր. ատողներ ու պաշտողներ միայն կային շուրջը. անտարբերներու հանդիպած ըլլալու չէր: Իր վրայ ամէն բան յատուկ դրոշմ ունէր, շարժուածքը, նայուածքը, խօսուածքը:
    ....Բնաւ հետաքրքիր չէր. զարմանալու սովորութիւնը չունէր կարծես. ի՞նչ բանէ կ’ախորժէր արդեօք, ինչո՞վ կարելի էր հաճելի դառնալ իրեն. դժուարի՜ն հանելուկ, զոր լուծողին՝ այս հեշտաբոյր ու գեղանի կինն էր խոստացուած պարգեւը:
    ....Իր լանջաբերձ ու խրոխտ կուրծքին մէջ կը մնար թաքուն ու գաղտնի, անհպելի գանձի մը պէս, որուն «Բացուէ՛, ո՜վ Սեզամ»-ը կը փնտռուէր ու չէր գտնուէր:
    ....Արմենիսայի մեծագոյն զբօսանքը պտոյտն էր, լայնեզր յարդէ գլխարկի մը տակ ամփոփելով առատ մազերը, որոնք դէպի վեր առնուած, իր ծոծրակին աննման ու անբիծ սպիտակութիւնը ցոյց կու տային, մեկ ձեռքով իր շրջազգեստը ժողուելով շնորհալի ձեւով մը եւ միւսով իր կարմիր հովանոցը բացած, որուն արեւին տակ ցոլացումը իր դէմքին վարդի երանգները կը շեշտէր:
    ....Պաշտելի ու հրաշագեղ էր այսպէս. կիրակի առտուները անպատճառ Մեծ Կղզի պիտի երթար. ես ալ հոն պատահեցայ օր մը իրեն:
    ....Այն մաքուր, աւլուած ու ծառազարդ ուղիէն կ’երթայի, որ նաւամատոյցէն դէպի Ջակոմոյի պանդոկը կը տանի:
    ....Երկու կողմէ, խնամուած ծաղկած պարտէզներու մէջ, ամէն մէկ քայլին սիրուն տուներ, վիլլաներ երբեմն, ապարանքներ, որոնց բաց դռներէն ներս կահաւորման ճոխութիւնն ու շռայլութիւնը աչքի կը զարնէ, սեւ հագուստներով եւ ճերմակ փողկապով սպասաւորներ, տիրուհինն չափ զարդարուած սպասուհիներ, ստնտուներ՝ ճերմակ ու բարակ կտաւէ գոգնոցով՝ դրան մօտ սպասելու կեցած:
    ....Տարբեր տարբեր ճաշակով կառուցուած այս քեոշկերուն մէջ քարուկիր ու անպաճոյճ շէնք մը իր պարզութեամբը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, իբր միակ լուրջ դէմքը այս բոլոր զուարթ ու խնդացող պատկերներուն մէջ:
    ....Ամէնքը հոն կը դիմեն, ես ալ կը հետեւիմ իրենց ու հայ-հռոմէական մատուռին մէջ կը գտնեմ ինքզինքս:
    ....Իրաւ հայո՞ցն է այս եկեղեցին. տաճկերէն կը խօսին, ֆրանսերէն կը բարեւեն իրար. եւրոպացիներ կը տեսնեմ միայն շուրջս, ձեռնոցը ձեռւընին, գլուխնին բաց, Շթայնի խանութին հագուած արձաններուն պէս անշարժ ու կանգուն. ոչ ոք կ’աղօթէ. սեղանին վրայ քահանայ մը ցած ձայնով ու անհասկանալի բարբառով ինքիրեն բան մը կը մրմնջէ. լռութիւն կը տիրէ ամէն կողմ. թիւ պատարագն է այս. կիները իրենց փղոսկրէ ծածկոյթով աղօթագիրքնին կը թղթատեն եւ երբեմն սեղանին խոնարհութիւն մը կ’ընեն, չկրնալով չփակին տակէն քոռսէին երկաթներուն մէջ ամփոփուած ճմլուած լանջերնին ծռել. այրերը՝ իրենց հագուստին ծալքերը շտկելով, ատեն ատեն ձախ ծունկերնին առջեւի նստարանին կռթնեցնելու չափ կոտրելով, իբր ծնրադրելու փորձ մը, ամէնքը լուրջ ու ծանր կերպարանք մը առած, ներկայացման մը եկածի պէս հանդիսաւոր:
    ....Արմենիսային կը հանդիպի ակնարկս. ալ աւելի գեղեցկացած կը տեսնեմ զինքը այս սրբավայրին մէջ. բոլոր այս դիմակաւոր դէմքերուն մէջ իրենը միայն անկեղծ ու ջերմեռանդ երեւոյթ մը ունի, որ մանկական անմեղութիւն մը կ’ընծայէ իրեն: Ակամայ սակայն այս հիացումս կը թողում. կը վախնամ, իրեն նայիլս ուշադրութիւն չհրաւիրէ. ի՞նչ ընելու եմ սակայն. այս մաքուր ու բարձր ընկերութեան մէջ կորսուած, շուարած, տիկիններու վրայէն բուրող անուշ հոտերուն անձնատուր, բոլոր ճիգս կը թափեմ գոնէ անպատշաճ շարժում մը չընելու համար:
    ....Նեղուելով, դողալով որ վրաս չխնդացնեմ այս հեգնող ու կարծես իբր օտարոտի զիս միայն դիտող բազմութիւնը, չհամարձակելով տեղ մը նստիլ, չհամարձակելով դուրս ելլել, ի զուր մանկական յիշատակներուս կոչում կ’ընեմ ժամերգութեան սկիզբը թէ վերջը ըլլալնիս հասկնալու համար. չեմ յաջողիր. յուսահատելու մօտ եմ. քրտինքի խոշոր կաթիլններ ճակտէս վար կը սահին. յանկարծ մեկ քանի անձերու մեկնիլը կը նշմարեմ. փրկութի՜ւն. Առիթը փախցնելու չգար. բոլոր քաջութիւնս կը ժողուեմ ու դուրս կը նետուիմ շուտափոյթ ու սրտատրոփ, այո՛, սրտատրո՛փ, վասն զի ահա Արմենիսայի ճիշտ մօտն եմ. ան ալ կը մեկնի. դրան մէջ քով քովի ենք. մեկնելէ առաջ մարմարէ աւազանի մը մէջէն ջուր կ’առնէ եւ երեսը կը խաչակնքէ. չեմ գիտէր այս ջուրին ինչ ըլլալը, բայց ես ալ Արմենիսայի պէս այդ ջուրով կը խաչակնքեմ երեսս. Ջուրէ՞ն թէ իրմէ երանութեան խոստում մը կը ծաւալի ու հոգիիս կը թափանցէ. Արմենիսա ինծի կը նայի, եւ ժպիտ մը, մթամած հորիզոնի մը վրայ ծագող ճառագայթի մը պէս, իր գեղեցիկ կարմիր շրթունքին վրայ կը գծագրուի:
    ....Ահա այս եղաւ մեր բարեկամութեան սկիզբը. այդ աւազանը մեր ճակատները միացուց, ու կաթիլ մը ջուրը հալեցուց մեզ իրարմէ բաժնող սառոյցէ պատնէշը:
    ....Հալքի վերադարձին՝ շոգենաւին մէջ միասին գտնուեցանք դարձեալ. Արմենիսա խօսեցաւ հետս, օդին գեղեցկութեան, ջերմութեան, Հալքիի զբօսանքներուն վրայ, մինչդեռ ես, ամէն մեկ բառս կշռելով, անմիտ ու ապուշ համարուելու աստիճան խոհեմութեամբ կուտայի պատասխանս, որպէսզի այս անյուսալի դիպուածով ձեռք բերած մտերմութիւնս չկորսնցնեմ:
    ....Ապաքէն հինաւուրց բարեկամի մը պէս մտերմութիւն ցոյց կուտար հիմակ: Հալքիի երիտասարդներուն վրայ կը խնդար, ազատ ու համարձակ ծիծաղներով. կը զգամ որ այս խնդուքներուն մեկ մասը ինծի կը պատկանէր, մինչդեռ ինք՝ յանկարծ ուղղակի ինծի նայելով՝
    ....– Կաթոլիկ էք, այնպէս չէ՞, հարցուց:
    ....Այս անակնկալ հարցման վրայ չշուարելու խելացութիւնը ունեցայ:
    ....–Այո՛, ըսի իրեն՝ ատիկա հարցնելն իսկ աւելորդ դատող եղանակով մը:
    ....Ես իսկ զարմացայ այս յայտնի ստախօսութեանս վրայ պզտիկ մը չվարանելուս: Այս հաստատ պատասխանս զինքը համոզեց, գրեթէ զուարթացուց:
    ....– Խօսուածքնուդ կ’երեւայ արդէն. հայերը – եւ նախատական ու արհամարհող բան մը ունէր ձայնին մէջ՝ այս բառը արտասանած ատեն – երբէք ձեզի պէս տաճկերէն չեն կրնար խօսիլ:
    ....Տաճկերէն խօսեր էինք միշտ:
    ....Արմենիսա, ճշմարիտ կաթոլիկ մը, մոլեռանդ բայց պաշտելի հայատեաց մը կը թուէր:
    Գրիգոր Զոհրապ
    (շարունակելի)
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  8. #8
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Գրիգոր Զօհրապ

    ԱՐՄԵՆԻՍԱ
    Գ
    ....Արմենիսան կը սիրէի ու երջանիկ կրօնափոխ մը եղայ:
    ....«Կաթոլի՞կ էք» հարցումը անդիմադրելի ու աննահանջելի բան մը ունէր իր մէջը, զոր սիրահարի մը սիրտը միայն կ’ըմբռնէ. առանց խղճահարութեան, առանց երկմտելու, այո՛ մը ըսելով կրօնքս գաղտնի պահեր էի, ինչպէս հարուստի մը քով չքաւորութիւնս չպիտի ծածկէի:
    ....Ի՜նչ դիւրաւ կ’ըսուի «այո»-ն. երկու վանկէ եւ երեք գիրէ կը բաղկանայ այս փոքրիկ բառը եւ բովանդակ տիեզերքին կէսը կը նշանակէ, վասնզի «այո»-ն եւ «ոչ»-ը բոլոր տիեզերքը կը ներկայացնեն: Մեկ բառով, ուրեմն, անցեր էի Ռուբիկոնէն եւ գոհ էի անցած ըլլալուս համար: Ինչպէս որ գուշակեր էի, պարզ կաթոլիկուհի մը չէր, այլ հայութեան ոխերիմ թշնամի մը. մեր ազգին պէս խեղճ ու ողորմելի զարմէ մը սերած ըլլալուն նախատինքը մեր ազգին դէմ անհաշտ ու վայրենի ատելութիւն մը առաջ բերեր էր իր մէջ. կաթոլիկութիւնը անո՛ր համար գոհացում տուած էր ի սրտին, որովհետեւ ատով՝ օտար կրօնքէ աւելի օտար ազգութեան մը կը պատկանէր ու հայութեան աղտը միանգամ ընդմիշտ կը թօթափէր իր վրայէն: Արմենիսա անոնցմէ էր, որոնք ի՛նչ ազգէ ըլլալնուն հարցման անվեհեր կը պատասխանեն.
    ....Կաթոլիկ եմ:
    ....Բնաւ հայերէն բառ մը արտասանելը լսած չէի. հասունիստի եւ անհասունիստի կռուին տաքութեան մէջ, ծայրայեղ ու կատաղի հասունիստ մը եղած էր, անկատար հայ մը ըլլալէն կատարեալ լատին մը ըլլալը նախամեծար համարելով:
    ....Բայց հասունիստէ աւելի կաթոլիկ եւ կաթիլիկէ աւելի պապական էր. հռոմէականներու եկեղեցին այն ատեն միայն կ’երթար երբ լատին եկեղեցի մը չգտնուէր. իր ընտանիքը Էնկիւրիէն (Անկարա) Պրուսա եւ Պրուսայէն հոս հաստատուեր էին, միասին բերելով այս հաւատքը:
    ....Իր համոզումները՝ գեղեցկութեանը պէս իշխող ու նուաճող էին. իր փաստերուն անձնատուր ըլլալը ճշմարիտ հաճոյք մը պիտի ըլլար ինծի, եթէ արդէն կաթոլիկ եղած չըլլայի իր աչքին:
    ....Հիմա որ մոլեգին կը սիրէի զինքը, կեղծիքս ճշմարիտ ուրացումէ աւելի առաջ երթալ կը սպառնար. իր բոլոր կատաղութեանը համամիտ կը թուէի. անհաւատալի գաղափարներ ունէր աշխարհիս վրայ, զորս հերքելէ կը զգուշանայի. այդ փոքրիկ ու սիրեցեալ գլխուն մէջ՝ երկրիս ամէնէն մեծ իշխանութիւնը պապական զօրութիւնն էր:
    ....Ու ես այս տգէտ, գեղանի, կրօնամոլ կնոջ դէմ երկչոտ ու միշտ պարտուած, սրտիս մէջ կը զգայի սակայն ազգիս ու կրօնքիս դէմ ուղղուած այս անիրաւ նախատինքները, զորս Արմենիսա մեկ գգուանքով, առանց գիտնալու, մոռցնել կուտար ինծի:
    ....Այսպէս շարունակ յագեցած ու շարունակ անյագ իղձերէ տոչորուած, իր իմ յանցանքս ու արդարացումս է միանգամայն, սիրոյս ու խղճմտանքիս մէջ երերածուփ, սարսափով միտքս կը բերէի իմ յանդուգն ստախօսութիւնս եւ օր մը յանկարծ երեւան ելլելու հաւանականութիւնը:
    ....Արմենիսայի սէրը՝ ատելութեանը պէս բուռն ու զայրացած բան մըն էր. այն սովորական կիներէն չէր, որոնք մեկ անկումով բոլորովին կը նուաստանան: Արմենիսա, ընդհակառակը, իր անկումով բարձրացեր էր: Իր անփորձ օրերուն մէջ խաբէութեան մը զոհ գացած ըլլալով, իր տարիքէն աւելի լուրջ ու ծանրախոհ դէմք մը ունէր:
    ....Պարզապէս պահծու կին մը ըլլալով հանդերձ, միշտ պատկառանք ազդած էր ամէնուն:
    ....Ինչպէ՞ս համակրեցաւ ինծի, չեմ գիտեր, բայց գիտեմ թէ իր ամէնէն երջանիկ սիրահարը եղայ:
    ....Երկինքը աւելի ջինջ ու կապոյտ երեւցաւ ինծի, ծովը աւելի հեզ ու իր ալիքը քաղցրամրմունջ ու խորհրդաւոր, ծաղիկները, ծառերը, լեռներն ու առանձնութիւնը սիրեցի, գիշերուան աստղերը մտերիմ ու բարեկամ եղան ինծի, բարեսիրտ ու հեզահամբոյր դարձայ, առաջին անգամը ըլլալով տիեզերքը իր վեհութեան մէջ դիտեցի, զմայլեցայ, ոտանաւորներ գրեցի. սիրահար էի:
    ....Հրաշալի տեսիլ մըն է կեանքը երբոր դիտուի այն վարագոյրին պատռուածքէն զոր պատանեկութիւն կ’անուանեն:
    ....Ասկէ վերջը ա՛լ չպիտի տեսնեմ ո՛չ այն երանութեան եւ ոչ այն խղճի տանջանքին օրերը:
    ....Արմենիսա անսահման գորով մը ցոյց կուտար ինծի. իմ շփոթած ու երկչոտ դիրքս նախամեծար թուեցաւ իրեն՝ գործօն ու ձեռներէց մարդու մը համարձակութենէն. կիները այսպէս են. մայրական հոգածութիւն մը ունենալ կ’ուզեն իրենց մտերիմներուն վրայ, հոգածութիւն՝ որ տեսակ մը իշխանութիւն կ’ենթադրէ. ամօթխած ու դողդոջուն պատանի մը, որ առաջին անգամը ըլլալով կնոջ մը ձեռքը կը սեղմէ, փորձ ու յանդուգն երիտասարդէ մը աւելի կը սիրուի:
    ....Անկարելի բան մը պատահեցաւ մեզի. երկուքնիս փոխադարձապէս երջանիկ եղանք. անկարելի ըսի, որովհետեւ սիրոյ մէջ մեկուն երջանկութիւնը միւսին տառապանքէն կը բաղկանայ:
    ....Ա'լ իր յայտնի մտերիմն ու ընկերն էի. ամէնքը զարմացան ու նախանձեցան վրաս. ի՞նչ կերպով յաջողեր էի այս բախտը վայելելու. չգիտցան երբէք:
    ....Ու այնուհետեւ միասին կ’երթայինք պտտիլ կղզիին շուրջը եւ վայրի ելակ քաղել ճամփուն վրայ: Վերջալոյսին, Մանաստըրի փոքրիկ անտառակին մէջ, հետաքրքիր ու չար ակնարկներէ հեռու, ձեռք ձեռքի մէջ, ծառի մը տակ կը նստէինք մինակ, բոլորովին մինակ, Մարմարայի կապոյտ երեսին դէմ: Գիշերները, Ահիլիան, մեր երիտասարդ նաւավարը, իր եռազոյգ թիով նաւակը պատրաստ կը պահէր մեզի համար, եւ լուսնին, ծովուն մեղմ ու հանդարտ ալիքներուն վրայէն կը թռցնէր մեզ Փրինքիփոյի գաղտնապահ ու ամայի եզերքները:
    ....Արմենիսա գեղեցիկ ձայն ունէր. իր երգերուն ոչ ոք գիտէ տալ այն երկնային ու աննման շեշտը, որ մարդուս հոգին հեշտութեամբ եւ աչքը արցունքով կը լեցնէ: Սիրոյ ու դժբախտութեան վրայ կը դառնային միշտ իր երգերուն տուները:
    ....Ինծի այնչափ համակրելուն դժկամած կ’երեւար:
    ....– Մենք իրարու համար չենք, կ’ըսէր երբեմն՝ տրտմութեամբ գլուխը երերցնելով:
    ....Բնաւ չհարցուց ո՞ւր տեղացի, որո՞ւ զաւակ ըլլալս. կաթոլիկ էի, ու այս կը բաւէր իրեն. ես ալ հարեւանցի տեղեկութիւններ միայն ունէի իր վրայօք, որոնք աւելի ենթադրութիւններ էին, քան ստուգութիւններ:
    ....«Մադամ» կ’ըսէի սկիզբները. երբ յարաբերութիւննիս աւելցաւ՝ Մարի կը կոչէի զինքը պարզապէս: Օր մը ըսի իրեն թէ նախ Արմենիսա անունով ճանչցեր էի զինքը, եւ թէ այսպէս կը կոչէին միշտ բոլոր կղզեցիք:
    ....Իր զայրոյթը չեմ կրնար բացատրել:
    ....– Ես կաթոլիկ եմ, ըսաւ ցամաք կերպով:
    ....Իր ծեր բարեկամը կու գար դարձեալ որոշեալ իրիկուները: Ֆրանսացի դրամատէր մըն էր. տարիներէ ի վեր միասին գտնուած էին. հետզհետէ համոզուած էի որ իր հոմանին էր եւ ինքը կը հոգար անոր բոլոր շռայլութիւնները: Քաշուելու մարդ չէր. հլու հնազանդ կ’երեւար միշտ. այն ոսկեբարձ աւանակներէն մեկը, որոնց ամէն կողմ կը հանդիպինք:
    ....Շատ կ’ուտէր ու քիչ կը խօսէր, շատ կը վճարէր ու քիչ կը ստանար, առանց մռլտալու. իր առաջին հաճոյքը Արմենիսան գոհացնելն էր. զաւակ ու ազգական չունենալով, ամէն բան զոհելու պատրաստ էր անոր համար. ամուսնանալ ուզած էր հետը, բայց նորատիկինը իր ազատութիւնը դիւրաւ չէր ծախած:
    ....Սիրով ու միաբանութեամբ կը սահէր, ուրեմն, մեր կեանքը. Արմենիսա լուսաւորչական ըլլալուս կասկածն անգամ չունէր. բայց ես՝ շիտակը կը տառապէի իմ ակամայ հաւատուրացութեանս համար: Հայերը իր գլխաւոր ծաղրանքի նիւթերն էին. մեր լեզուն՝ զոր չէր հասկնար, մեր եկեղեցին՝ ուր ոտք կոխած չէր հերետիկոս ըլլալու վախով, իր յարձակումներուն ենթակայ էին: Կրցածիս չափ կը ջանայի իր սխալ ու յոռի դատողութիւնները ուղղել, առանց կասկած հրաւիրելու վրաս:
    ....Իրաւ ալ ամէնէն նուաստ արարածը եղած էի. խիղճս կ’ըմբոստանար վերջապէս, ու ես առաջինն էի անկմանս բոլոր ամօթն ու բոլոր խորութիւնը ճանչնալու, բայց Արմենիսան կորսնցնելը՝ կեանքը կորսնցնելէն աւելի դժնդակ ու մահացու չէ՞ր:
    ....Որքա՞ն պիտի տեւէր իմ սրբապիղծ խաբէութիւնս. ոեւէ դիպուած չպիտի՞ գար ճշմարտութիւնը երեւան հանելու. եւ ամէն վայրկեան՝ ձեռքէ հանելու ահուդողով՝ իմ երջանկութիւնս դառն ու պաշտելի տառապանք մը կ’ըլլար միշտ:
    Գրիգոր Զոհրապ
    (շարունակելի)
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  9. #9
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Գրիգոր Զօհրապ

    ԱՐՄԵՆԻՍԱ
    Դ
    ,,,,Խաչի կիրակի առտու մը, սեպտեմբերի գեղեցիկ առտու մը, նստեր էինք ծովեզերքի կազինոն:
    ,,,,Կիները հագուած, շքուած, էրիկ մարդիկ՝ մաքուր, նոր, կիրակնաւուր հագուստներով, բոլորն ալ յոյներ, հետզհետէ կը լեցուէին. մեկ ծայրը երաժշտական խումբ մը կը նուագէր, ու կամուրջէն մեկնող շոգենաւը Հալքիի նաւամատոյցը կը բերէր այցելու ու շրջուն բազմութիւն մը: Ելլողները կը դիտէինք. ընդհանուր զուարթութիւն կար. ես ալ սովորականէն աւելի ուրախ Արմենիսայի կատակներուն վրայ կը խնդայի: Յանկարծ, բարձր հասակ մը, ալեխառն երկայն մօրուք մը, սեւ վերարկու մը եւ չուխայէ փակեղ մը հեռուէն որոշեց զիս, բարեւեց ու դէպի ինծի շտկուեցաւ. այս սեւ վերարկուն, այս երկար մօրուքը անմիջապէս ճանչցայ. ինծի Պանքոյի ստուերէն հազար անգամ աւելի ահարկու այս մարդը՝ որ իր անոյշ ժպիտովն ու բարի դէմքովը կը մօտենար, մեր խոստովանահայր քահանան էր: Առաքինի, մաքրակրօն, շատախօս ու ներողամիտ մարդ մըն էր. երբէք տաղաւարի մը պարապ չէր թողուր մեզ. ինք կնքեր էր ու զաւկին պէս կը սիրէր զիս. զգացի փոթորիկին գալուստը եւ ի զուր խոյս տալ ուզեցի կամ ծակ մը փնտռեցի՝ ոտքով գլխով անհետ ու անտես ըլլալու համար:
    ,,,,– Ողջոյն, տղաս, ըսաւ տէր հայրը, որ քովերնիս հասած էր ու շփոթութիւնս չէր տեսներ, ահա եկայ գտայ քեզի. ո՞ւր կը նստիք. անցեալ տարիէն ի վեր խոստովանած չես. այսօր տունով տեղով պիտի խոստովանիք ու գալ կիրակի Կընալը պիտի երթաք սուրբ հաղորդութիւն առնելու համար. տիկինը ո՞վ է, չեմ ճանչնար:
    ,,,,Տիկի՞նը. երեսն անգամ նայելու քաջութիւն չունէի. բերանս չէր բացուեր. Լիվատիայի կողմը ցոյց տուի քահանային, իբր թէ մեր տունը ցոյց տալու համար:
    ,,,,– Հայրդ տո՞ւնն է:
    ,,,,Գլուխս երերցուցի՝ «այո»-ի մը փոխարէն:
    ,,,,Այս համր ու պապանձած վիճակէս բան մը գուշակե՞ց արդեօք. չեմ գիտեր. միայն թէ տանջանքս չերկարեց ալ:
    ,,,,– Ուշ մի՛ մնար, ըսաւ ինծի հրամայական կերպով ու ճամփան շարունակեց:
    ,,,,Արմենիսա բառ մը չէր արտասանած բոլոր այս խօսակցութեան միջոցին: Տէրտէրը մօտենալուն, չգուշակելով դէպի ինծի գալը, խնդալու ու ծաղրելու վրայ էր. քահանային ուղղակի ինծի դիմելը, մտերմութիւնը, ծանօթութիւնը զինքը ապշեցուց. լսած խօսքերը անհաւատալի բաներ էին. ու ամէն բան գուշակեց:
    ,,,,Երբոր քահանան հեռացաւ, երեսս նայեցաւ աղեկ մը. զգացի որ այս նայուածքը՝ դաշոյնի մը պէս պաղ ու սուր մինչեւ սիրտս կը մխուէր. Ճակատս քրտնաթոր ու վայրահակ էր:
    ,,,,– Կաթոլիկ եմ ըսելով խաբեցի՞ր զիս մինչեւ հիմա, հարցուց այնպիսի ձայնով մը որ բարկութենէն կը դողար:
    ,,,,Երեսիս գոյնը՝ բերնէս աւելի բացայայտ կերպով խոստովանեցաւ յանցանքս:
    ,,,,– Պատասխան չտա՞ս, խաբեցի՞ր զիս, գոչեց զայրագին, մեզ շրջապատող բազմութիւնը բոլորովին մոռնալով:
    ,,,,Պատասխան չունէի տալիք:
    ,,,,–Ըսէ՛ տեսնեմ, կը կրկնէր՝ գունաթափ ու բարկաճայթ:
    ,,,,Մօտերնիս նստողները մեզի ուշադրութիւն ընել սկսան:
    ,,,,– Հոս տեղը չէ ասանկ խօսքերու, ամէնքը մեզ կը դիտեն, վերջը կը հասկցնեմ խնդիրը, ըսի իրեն՝ փախուստի դուռ մը գտնելու յոյսով:
    ,,,,– Ո՞ւր է տեղը, չըսե՞ս:
    ,,,,– Պանդոկ երթանք:
    ,,,,– Քալէ՛:
    ,,,,Ու բացատրութիւնս, թերեւս արդարացումս լսելու անհամբեր, Արմենիսա ոտքի ելաւ. ես կալանաւորի մը պէս իրեն հետեւցայ, ըսելիքս փնտռելով, չգտնելով շուարած մտքիս մէջ. կը զգայի, որ ժամը եկած էր հրաժեշտ տալու վաղանցիկ երջանկութեանս. Արմենիսան կը ճանչնայի յամառ ու ոխերիմ. ոեւէ գթութւն չէի ակնկալեր իրմէ. Կորուստս անդարման ու բաժանումիս վերջնական պիտի ըլլար:
    ,,,,Տուն հասանք. որչա՜փ կ’ուզէի որ ճամփան անհատնում երկարեր ու բնաւ չհասնէինք. սենեակը ուր ամբաստանեալի մը պէս կը մտնէի, եւ ուրկէ դատապարտեալի մը պէս դուրս պիտի ելլէի վայրկեան մը վերջը:
    ,,,,Յիշատակներով լեցուն էր այս սենեակը. բայց կեղծիքս շարունակել մտքէս չանցուցի. մեկ բառով տիրացեր էի երջանկութեան ու մեկ բառով որոշեցի խոյս տալ մեղապարտ ու յանցաւոր երանութենէս. բայց չկրցայ անտարբեր զատուիլ ու հեռանալ. սիրտս փղձկեցաւ. այն ատեն դուրս թափեցի հոգիիս բոլոր տառապանքը, սիրոյս ու յանցանքիս մեծութիւնը. ի՞նչ ըսի արդեօք. չեմ գիտեր ու չեմ յիշեր. Արմենիսա ապշած, զարմացած, մտիկ կ’ընէր առանց ընդմիջելու ու թող կուտար, որ ուզածս ըսեմ: Ինքզինքս պաշտպանեցի յուսահատ քաջութեամբ. երկու ամսուան կեղծաւորութեանս վրէժը Արմենիսայի կրօնական սկզբունքներէն լուծեցի. իր ամէնէն նուիրական գաղափարներուն զարնելով գիտէի որ անդարձ կ’ըլլար իմ հեռացումս:
    ,,,,– Պիտի սիրեմ քեզ, որքան ալ ատելի ըլլամ ասկէ ետքը. իմ սէրս քուկինէդ աւելի անկեղծ ու մաքուր է, ըսի անոր, անիկա իմ յանցանքս պիտի քաւէ, բայց քուկդ միայն մոլեռանդ գաղափար մըն է եւ ոչ թէ ճշմարիտ սէր մը:
    ,,,,Արմենիսա համարձակութեանս վրայ կը զարմանար. երբէք զիս այսքան անվեհեր ենթադրած ըլլալու չէր. պահ մը իմ յուզումս իր սիրտն ալ շարժեց, բայց այսքան ատեն քիթին խնդացած ըլլալուս գաղափարը իր վիրաւորուած կրօնասիրութիւնը արթնցուց:
    ,,,,– Շատ լաւ, շատ լաւ, պատասխանեց, չերկնցնենք, հերետիկոս մըն ես եւ ուղղափառ ձեւացուցիր ինքզինքդ, հոգ չէ. բայց ասկէ ետքը մեր տեսակցութիւնը վերջացած է. գնա՛ մեղքերդ քահանայիդ խոստովանելու, խեղճ մարդը քեզի կը սպասէ:
    ,,,,– Թող այդպէս ըլլայ:
    ,,,,Մեկնեցայ, աւերակներու մէջէն խոյս տալու պէս, վախնալով որ պատերը վրաս չփլչին յանկարծ. Հեռացայ պանդոկէն, ու հոն թողուցի փշրուած յոյսերս ու երազներս. ետիս չդարձայ. ճամփան՝ մեր խոհարարին հանդիպեցայ, որ զիս կը փնտռէր ամէն կողմ. տէր հայրը դեռ զիս խոստովանեցնելու կը սպասէր մեր տունը:
    ,,,,Քաւելու մեղքս մնացե՞ր էր:
    ,,,, – Թող սպասէ, պոռացի ծառային, ու յիմարի մը պէս, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր եւ որ կողմ կ’երթամ, ճամփաս շարունակեցի:
    ,,,,
    ,,,,Արմենիսա ութը օր հիւանդացաւ. այս սաստիկ յուզման չէր դիմացեր. անկեղծապէս կը սիրէր զիս, եւ բաժանումը իրեն ալ դժնդակ երեւցաւ: Սպասաւորներէն իմացայ որ իմ երթալէս վերջը ինքն ալ շատ լացեր էր. ամէն առտու գացի գողտուկ լուր առնելու իր առողջութեան վրայ:
    ,,,,Քիչ մը շտկուեցաւ, վրդովումը անցաւ, հիւանդութեան ջերմը իր զայրոյթը, առաւ տարաւ, բարկութիւնը հանդարտութեան ու հանդարտութիւնը խորհրդածութեան տեղի տուաւ:
    ,,,,Այս ցնցումը իր մտքին մէջ մանկութենէ ի վեր հաստատուած նախապաշարումներուն շէնքը կործանեց. խելացի ու դատողութեան տէր կին էր, զիս մօտէն ճանչցեր ու սիրեր էր. մտածեց որ լուսաւորչական ըլլալովս միեւնոյն անձը ըլլալէ դադրած չէի: Հայերը բիրտ ու վայրենի մարդիկ ենթադրելուն ձրի զրպարտութիւն մը ըլլալը խոստովանելու պարտաւոր էր: Ճշմարիտ ու հաստատուն համակրանք մը ունեցած էր ինծի. իմ խաբէութիւնս սիրոյս մեծութեամբը բացատրեց, հասկցաւ ու առաքինութիւն համարեց: Հաշտուեցաւ հետս, եւ զոհողութեանս մեծութիւնը ճանչնալով՝ աւելի մեծ զոհողութեամբ մը փոխարէնը հատոյց. ես կաթոլիկութիւն կեղծեր էի, ինքը լուսաւորչականութիւնը իրապէս ընդունեց. քանի որ միեւնոյն աստուածը կը պաշտէինք, կրօնքի տեսակէտով հիմնական տարբերութիւններ չկային, այլ լոկ նախապաշարումներ. սէրը այս նախապաշարումներուն յաղթեց, ինչպէս վայրկեան մը խղճիս ու համոզմանս յաղթած էր:
    ,,,,Բայց ա՛լ երկար չտեւեց մեր սէրն ու մտերմութիւնը. այս անձնուիրութիւնը կարծես թէ խանդաղատանքը սպառեց, իմ սիրոյս փոխարէնը վճարեց ու պարտաւոր չմնաց. անկէ վերջը մեր առջի օրերը չգտանք մեյ մըն ալ. բարեկամներ մնացինք միշտ, բայց ոչ առջի սիրահարները:
    ,,,,Իր նախապաշարումները կորսնցնելով՝ այս կինը իր հրապոյրներէն գլխաւորը կորսնցուց. տարօրինակ ու սովորականէն տարբեր հանգամանքը նուազեցաւ:
    ,,,,Հիմա կը զգամ, որ պէտք է թողուլ կիներուն միշտ իրենց նախապաշարումները, սխալ համոզումները, մինչեւ անգամ յոռի կողմերնին:
    ,,,,Կանացի գոյութիւնը այնպիսի ամբողջութիւն մըն է, որուն մեկ քարը խախտելու չգար:
    ,,,,Արմենիսա՝ ուղղամիտ կին մը ըլլալով՝ հետաքրքրական ու շահագրգիռ ըլլալէ դադրեցաւ. թերեւս ժամանակ անցնելով, ես իմ հետաքրքրութիւնս կորսնցուցի:
    ,,,,Ա՛լ չէր բարկանար, երբ Արմենիսա կոչէին զինքը. մեր բոլոր սէրէն այս միայն յիշատակ մնաց իրեն. յետոյ դէպքերը մեզ բաժնեցին ու տարիներ անցան վրայէն. վերջէն իմացայ Արմենիսա իր ծերունի բարեկամին հետ ամուսնացեր է:
    Գրիգոր Զոհրապ
    1889
    Վերջ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  10. #10
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Գրիգոր Զօհրապ

    Այս պատմուածքը արդէն քանիերորդ անգամ կարդալէ ետք որոշեցի արտագրել ԴՆֆորումի մէջ:
    Գեղեցիկ են պատկերները:

    Սիրելի է այն բազմազգ միջավայրը, որ կը նկարագրէ հեղինակը: Կիրակի օրերը, յունական սրճարանները, քրիստոնէական մաքուր բնակավայրերը: Ու թէեւ հնութեանց կը պատկանի կաթոլիկ-լուսաւորչական հակակրանքը, այսուհանդերձ անպէտք չեմ համարեր անգամ մը եւս այս նորավէպով յիշեցնել սին համոզումները, եւ ատոնց ժամանակավրէպ ըլլալը. համոզումներ՝ որոնց պատճառով անտեղիօրէն տառապած են մարդիկ անցեալին:

    Ըստ գրականագէտի մը, կախաղան բարձրացնելու դատավճիռին «Մինչեւ մահ» պարբերութիւնն աւելնալը Զօհրապի շնորհիւ է: Արդարեւ ան կախաղանէն վար առած է անմեղ հայ մը, որ թուրքերու զրպարտութեանց զոհ պիտի դառնար, կախուելով, եթէ փաստաբան Զոհրապ դանակով մը չկտրէր կախաղանի պարանը՝ դատապարտեալի բառացիօրէն միայն կախուելէն ետք: «Վճիռը կախուիլն էր եւ ան կախուեցաւ. դեռ ի՞նչ կուզէք» ըսելով՝ իր պաշտպանութեան տակ առած է մահէն նոր ազատածը:
    Տիգրիս
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Վերլուծություն. Գրիգոր Նարեկացին եւ Կիլիկիայի բանաստեղծական արուեստի դպրոցը
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Լուրեր, տեղեկություններ, հոդվածներ
    Գրառումներ: 1
    Վերջինը: 30.01.2010, 21:31
  2. Հոդված. Գրիգոր Տալեան – Շերամ
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Երաժշտություն
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 14.07.2009, 21:47

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •