Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 6 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 6 հատից

Թեմա: Կոմիտաս Վարդապետ

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Կոմիտաս Վարդապետ

    ԱՇՈՒՆ ՕՐ
    Սեւուկ ամպեր վար եկան
    Օրան, օրան,
    Սարի վերայ շար եկան:
    Ծագեց առաւօտ,
    Պաղեց, սառաւ օդ:
    Գոռաց երկինք. բուք արաւ.
    Հեւաց, հեւաց.
    Ծերուկ երկիր սուգ արաւ:
    Ճաքեց հեռուն ամպ,
    Երկիր դողաց ― բա'մբ:
    Բողբոջ արեւ շող կապեց,
    Դողաց, սողաց,
    Արիւն ամպից քող կապեց:
    Վառեց լեռան լանջ,
    Լեռան ցաւատանջ:
    Տեղաց անձրեւ մաղ տալով,
    Մարմանդ-մարմանդ,
    Յոգնած տերեւ շաղ տալով:
    Երկիր քուն դրաւ.
    Եւ թռչուն թըռաւ:
    Յուզուած առուն փախ տուաւ
    Սողուն-սողուն
    Ձորում մըշուշ կախ տուաւ:
    Քամին ելաւ վեր,
    Արաւ տարուբեր:
    Մոխիր ամպեր ծիր եկան
    Դալուկ-դալուկ,
    Սարի վերայ ցիր եկան:
    Հալեց աշուն օր
    Կեանքիս սեւակոր:
    Թիֆլիզ, 26 Հոկտ. 1905
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Re. Կոմիտաս Վարդապետ

    ԿՈՄԻՏԱՍԸ՝ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ


    Մեծն Կոմիտասի՝ մեզի հասած ժառանգութեան կարեւոր մէկ մասն են անոր նամակները։ Ատոնք ոչ միայն մեծ երաժիշտի կեանքին ու գործունէութեան, այլեւ իր ապրած ժամանակի խօսուն վկաներն են։
    Կոմիտաս նամակագրական կապի մէջ եղած է հայ մտաւորականութեան եւ հոգեւորականութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու հետ։
    Նամակներուն մէջ կը տեսնենք Կոմիտասը՝ երբեմն յոռետես եւ իբրեւ անաչառ քննադատ, երբեմն՝ լաւատես։ Կոմիտասէն մեզի հասած են հարիւրաւոր նամակներ, որոնք կարելիութիւն կ՚ընձեռեն աւելի լաւ ճանչնալու հանճարեղ երաժիշտը՝ խորաթափանց միտքով եւ սրամտութեամբ օժտուած Կոմիտասը։
    Կը ներկայացնենք քանի մը ուշագրաւ նամակ (յապաւումներով)։

    ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԲԱԲԱՅԵԱՆԻՆ
    1906, 8 դեկտեմբեր, Փարիզ
    Սիրելի՛ օրիորդ Մարգարիտ,
    Ձեր նամակն ինծի շատ մխիթարեց, բայց եւ այնպէս, մարդիկ կը հաւատան աւելի վատ լուրերուն, քան՝ լաւերուն։ Եւ անուանարկուածը երկար ջանք պէտք է գործ դնէ, որ կարողանայ անպիտաններու միտքն ալ մաքրել։ Բայց կ՚ըսէք՝ ի՞նչ փոյթ, թող չարն իր չարութեան մէջ խեղդուի։ Իրաւ է, ես ալ կը կրկնեմ ժողովուրդի հետ այն վեհ միտքը, թէ՝ «գէշ մարդու օր արեւը սեւ հողի տակով ըրէք»։
    Միեւնոյն ժամանակ աջ ու ձախ կը նայիմ, կը տեսնեմ, որ մարդիկ առաւել վատահոգի են, քան՝ բարեհոգի։ Չկան, եթէ կան չեն երեւիր այնպիսիները, որոնք չարերուն վրայ արհամարհանք տածեն. ընդհակառակը, մարդկային թոյլ եւ շատ տկար կողմերէն մէկն ալ այն է, որ լսածին հաւատալ կ՚ուզեն առանց ճշմարտութեան կշիռ ունենալու, այո՛, շատ հեշտ է դատելը, մանաւանդ՝ ուրիշը, բայց դատուիլ ո՞վ կը ցանկանայ։ Մարդասպանը նոյնիսկ դատէն կը խուսափի, ո՜ւր մնաց անմեղն ու անպարտը։ Ես ալ, թէեւ ներսս բոլորովին մաքուր ու ջինջ է, ինչպէս պայծառ ու յստակ վտակ, բայց չար մարդիկ քար կը ձգեն ու կը պղտորեն։ Անշուշտ, կ՚անցնի պղտորումը, նորէն վճիտ կ՚ըլլայ, բայց եւ այնպէս՝ պղտորելէն ետք։
    Գէթ այնպիսի չար բան ըրած ըլլայի, որ անպատուաբեր ըլլար իմ կոչման, սիրտս չէր ցաւեր, կ՚ըսէի՝ «հնձէ քու ցանածդ»։ Բայց չարի բերանը չոփ լեցուած է։ Նորէն մոռցած եմ բոլոր բաները, իմ ազնիւ, հաւատարիմ նուագարանս, որ պարզ սնտուկ մըն է՝ մետաղեայ թելով, այն անգամ ինծի կը հասկնայ, եւ ես իմ սիրտս կը բանամ անոր առջեւ, այն ինծի կը կարեկցի, ինչպէս ինքս կը փափաքէի, այն ինծի կը մխիթարէ՝ իմ սիրտէն բխած հեծկլտանքներու արձագանգը ինծի անդրադարձնելով, եւ ես նորէն ինքզինքս կը մխիթարեմ՝ ըսելով, կայ բնութեան մէջ ազնիւ բան մը՝ գեղարուեստ, որուն ամէնքը մատչելի չեն, եւ հոն կը գտնեմ իմ անդորրութիւնս եւ հանգստութիւնս, եւ կը զգամ, որ մէկ վայրկեան հեռու սլացած եմ աշխարհի անօրէնութիւններէն։ Ցաւը անցաւ, սպին մնաց։ Աստուած իրենց բարին տայ։ Վաղը կու գամ եւ տետրակներն ալ ինծի հետ կը բերեմ։
    Շատ ու շատ բարեւ ամէնքիդ։
    Ձեր անձնուէր`
    Կոմիտաս։

    ***********
    ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԲԱԲԱՅԵԱՆԻՆ
    1907, Բերլին
    Սիրելի՛ Մարգարիտ,
    Ձեր նամակը ինծի շատ ուրախացուց։ Շուշիկն իր «Րանգին ու հէքիարին» կը ստանայ հոստեղէն, իսկ «Շորոտը»՝ հոնտեղէն։ Երկրորդ եւ աւելի կարեւորն է ասիկա։ Հայ եղանակները, ինչպէս նոցա ոգին կը պահանջէ, ներդաշնակելը որքան պարզ է, նոյնքան աւելի դժուար է, յետոյ, տակաւին մենք՝ հայերս՝ պէտք է մեզի համար ոճ ստեղծենք ու ապա թէ՝ համարձակ առջեւ երթանք։ Ես տակաւին ստացած եմ ուրիշներէ եւ այժմ նոր կը սկսիմ (ըստ իմ հասկացողութեան եւ ճաշակի, նախապատրաստութեան ու պաշարի), հայ եղանակներուն համաձայն ոճով դաշնակել ժամանակ կ՚ըլլայ, որ ես ընկղմած եմ կատարելապէս միայն հայ երաժշտութեան մէջ եւ ահա այն ժամանակ ես կը գրեմ, կը ստեղծեմ այնպիսի բան մը, ինչպիսին յարմար է մեր երաժշտութեան ոգիին, բայց կ՚ըլլայ եւ ժամանակ, որ առանց իմ կամքի, կ՚իյնամ այնպիսի մը երեւակայութեան շաւղի վերայ, որ կա՛մ հայկական չէ, կա՛մ նորա քովէն կ՚անցնի։ Բայցեւայնպէս, ես պիտի հասնիմ իմ նպատակիս, նոյնիսկ, եթէ ամբողջ իմ կեանքս իսկ վրայ դնեմ։
    Ատոր համար շատ թանկ են իմ սրտակից բարեկամներուս իւրաքանչիւր, նոյնիսկ չնչին համարած կամ բծախնդիր նկատողութիւնները, սիրելի Մարգարիտ։
    Ես կատարեալ չեմ, ինչպէս բոլոր մարդիկ, բայց կատարելութեան ձգտող, նոյնիսկ այն պարագային, երբ ես կը մերժեմ մէկի կարծիքը, թէեւ կը մերժեմ առժամանակ, բայց այդ մէկը ինծի մտածել կու տայ, թէ ինչո՞ւ այս կամ այն կտորը դուր չէ եկած մէկին կամ միւսին, եւ ես կ՚աշխատիմ հարցը լուծել։ Ալ տեղ չկայ։ Շատ ու շատ սիրալիր բարեւներ քեզ, Շուշիկին, Լուսիկին ու անոր մօրն ու հօրը, մայրիկին ու թոռնիկին, Արմենուհիին ու բժիշկին։
    Ողջ ըլլաք ամէնքդ ալ։
    Շատ կը փափաքէի գիտնալ, թէ յատկապէս ո՞ր կտորները, ըստ Լուսիկի, անյաջող ու թոյլ կամ օտար են։
    Ես կ՚երթամ հոկտեմբերի 1-ին այստեղից։
    Ձեր՝ Կոմիտաս։

    ************
    ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻՆ
    1908, 8 յունիս, Ս. Էջմիածին
    Սիրելի՛ Յովհաննէս,
    Էջմիածին չեկար, մոծակէն վախցար։ Էտ պիծի մոծակն ի՞նչ է, որ մարդս անորմէ վախնայ, ես քեզի այնպիսի տեղ տայի, որ մոծակ չէ, մոծակի աղբէրն իր ճտերով չէր կարող մուտք գործել։
    Բան չունեմ ըսելիք։ Կ՚ուզես՝ Դիլիջան, բարի՛։ Դաշնամուրի հոգ մի՛ ըներ, իմ գալու կամ քու գալուդ նպատակը ըլլալու է միայն եւեթ բառերը՝ բանաստեղծութիւնը լրացնել դերակատարներով եւ երգերով, մէկ խօսքով՝ կազմել լիպրէթթօն։ Իսկ միւս բաները՝ երաժշտականը, կը կազմեմ ես միայն Էջմիածին, ուր իմ սենեակիս մէջ հարկաւոր յարմարութիւններն ալ կան ինծի համար։
    Մանրամասն իմ ծրագիրներս կը պատմեմ, երբ տեսնենք, շատ դժուար է երաժշտութեան մասին գրով խօսել-բացատրուիլը։
    Առայժմ ես ալ զբաղուած եմ. մինչեւ ամսուս վերջը շտապ գործեր ունիմ հասցնելու եւրոպական թերթերու համար, յետոյ մասամբ ազատ եմ։ Ես որոշած եմ այս ամառը անցկացնել Էջմիածին, բայց տասը օրով մը կու գամ Դիլիջան, մինչեւ «Անուշը» լրացնենք։ Իշխանուհի Թումանեանին յատկապէս բարեւներս յիշէ։ Քեզ, տիկնոջ, ճուտիկներիդ ալ բոլ գնացքով մը սիրալիր ողջոյններս։
    Համբոյրներով՝
    Քո Կոմիտաս։
    *********
    ՄԱՏԹԷՈՍ ԻԶՄԻՐԵԱՆԻՆ
    1910, 12 յունուար, Ս. Էջմիածին
    Ձերդ վեհափառութեան բանաւոր բարձր հրամանի համաձայն կը ներկայացնեմ հետեւեալները ի բարեհայեցողութեան.
    Ա. վերջին 20-30 տարիները կը պատկերացնեմ մեր հոգեւոր երաժշտութեան աստիճանական անկումը՝ ընդհանուր հայ եկեղեցիներու մէջ։ Կ՚իյնան եւ կ՚անհետանան իսկական հայ հոգեւոր երաժշտութեան ստեղծագործութիւնները՝ շարականները եւ տեղի կու տան պատարագի երգեցողութեանց։
    Պատարագի երգերը գրեթէ անխտիր օտարամուտ եւ անճաշակ եղանակներ են։ Տաճկաստանի մէջ՝ տաճիկ-արաբ-յոյն, Պարսկաստան՝ պարսիկ-արաբ, Ռուսաստանի մէջ՝ եւրոպական, մասնաւորապէս՝ ռուսակայն, մայր երկրի մէջ՝ այս բոլորի գումարը, իսկ գաղթավայրերը, բացի հին հին Ջուղայէն, աներեւակայելի այլանդակութիւն, այսինքն, ամէն տեսակ անշնորհք երաժշտութիւն եւ ոչ մէկ ընդհանուր աղբիւր կամ ոճ՝ երգելու։
    Ազգային ճաշակը օտարացած եւ խորթացած, աւելին ըսենք՝ ծաղրի առարկայ դարձած՝ յանձին տգէտ եւ անձնապաստան դպրապետներու, որոնք չգիտեն իրենցը, չեն ալ ուզեր որոնել, սորվիլ եւ, արհամարհելով ամէն ինչ՝ կը բերեն գեղեցիկ, ընտիր, բայց իրօք կործանարար երաժշտութիւն։ Ուստիեւ զարմանալի չէ այն ամայութիւնը, որ կը տիրէ հոգեւոր երաժշտութեան մէջ։
    Բուն ազգային եղանակները՝ հոգեշունչ, պարզ ու վսեմ շարականի երաժշտութիւնը, որ մեր նախնեաց նախանձելի հոգիի պատկերներն ու հայելիներն են, որոնք մշտամրմունջ էին, այժմ դատապարտուած են արհամարհանքի, կորուստի եւ նախատինքի, աւելին ըսեմ՝ կը տանեն մեր սիրտն ու հոգին դէպի խեղդող, օտարական ճանապարհները։ Եթէ վերջին նշոյլն ալ, որ մնացած է, մենք փչենք ու հանգցնենք, այն ժամանակ մեր աչքով կը տեսնենք մեր սրտի թաղումը, ապա ուրեմն եւ մեր կեանքի գոյութեան վառարանի հանգչելը։
    Շարականի երգեցողութեան անկման շատ նպաստած են երկար ու ձիգ, անմիտ ձգձգումները (անյարիր նախատօնակները, հանգստեան շարը, քաղուածոյ շարը, անտեղի ճոխացումները), որոնք փոխանակ ոգեւորութիւն առաջ բերելու, խեղդած են մաքուրն ու պարզը. հասարակութիւնն այլեւս ձանձրացած է երկարաբանութիւններէն, որոնք միայն եւ միայն վերջին տարիներու անճաշակ նորամուծութիւններն են։
    Մեղրը քաղցր բան է, բայց շատ ուտել չի կարելի։ Իւրաքանչիւր մարդ, որքան ալ ջերմեռանդ, որքան ալ բարի քրիստոնեայ ըլլայ, անկարող է մարսել մէկ անգամէն այդքան խառնաշփոթ կերակուր։ Եթէ երաժշտութիւնը, որու դերն է կրթել եւ ազնուացնել հոգեւոր երաժշտական զգացմունք՝ փչելով հաւատացեալի հոգիի եւ սրտի վրայ, աննպատակայարմար մատակարարութեամբ բաշխուի, անշուշտ անգամ կը պատրաստէ եւ կը խորտակէ սրտի քնքուշ լարերը եւ ապա կը կտրէ, կ՚անջատէ սիրտն ու հոգին, որոնք անբաժան գործօն եղբայրներ են երաժշտութեան միջոցով՝ մեր կեանքի մէջ։
    Քանի ուշ չէ, պէտք է ձեռք զարնել՝ վէրքը բուժելու, ինչքան ալ որ թանկ նստի մեր վերայ, թէ չէ՝ վերջնական կորուստն աներկբայ է...
    Ձերդ վեհափառութիւնը կարող է ամէն միջոց գտնել՝ այս հիմնական ցաւը բուժելու։
    Ակնածութեամբ մատուցանելով այս երկտող հիմնական դիտողութիւնները՝ ի համբոյր մերձենամ ձերդ վեհափառութեան օծեալ աջոյն։
    *************

    Պատրաստեց՝
    ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  3. #3
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Կոմիտաս Վարդապետ

    ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱ՛Ր,
    ԳՈՒՐԳԷՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ











    ,,,Երկուշաբթի, 5 յուլիս 2010-ի յետ միջօրէին, Սարգիս Խաչենց հրատարակչատան սիրելի անձնակազմին հրաժեշտ տալէ ետք, մինչեւ օրս մեր սեղանին վրայ մնացին եւ կը շարունակեն մնալ բառին ամբողջական առումով թանկարժէք հինգ հատորներ, որոնց երկուքը կոմիտասագէտ Գուրգէն Գասպարեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած «Կոմիտաս Վարդապետ» անուն լուսանկարներու գեղատիպ, մեծածաւալ եւ շքեղ հրատարակութիւնը (248 էջ) եւ հայ երաժշտութեան անկրկնելի քուրմին «Նամականի»ն են (550 էջ)։ Լաթակազմ, գեղատես եւ ամենայն բծախնդրութեամբ մարմին ու ոգի ստացած երկու արմաղաններ, որոնց առաջինը՝ իր ծանօթ եւ անծանօթ լուսանկարներով, բայց յատկապէս պատկերներուն կողքին տեղ գրաւած հայերէն ու անգլերէն պատմական տեղեկութիւններով, կը ներկայացնէ ամբողջական ժապաւէնը Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան։ Ժամանակագրական կարգով եւ եօթը մասերէ բաղկացած բազմաթիւ վաւերաթուղթեր, համերգներու ազդագիրներ եւ ծրագիրներ, մտերիմներու եւ տեղավայրերու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ անձնական իրերու գունաւոր ու միագոյն պատկերներ, փաստօրէն, մեծաւ մասամբ առաջին անգամն է որ լոյս կը տեսնեն։
    ,,,Եւ որովհետեւ «Ի՛նքը՝ Կոմիտասը յատուկ ուշադրութիւն էր դարձնում իր լուսանկարների որակին, պատկերի կառուցուածքային եւ ոճական յատկանիշներին, կերպարի արտայայտչականութեանը», ինչպէս կը գրէ Գուրգէն Գասպարեան իր կարճ, բայց բովանդակալից ներածականին մէջ, «Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ» հրատարակչատունը ոչինչ խնայած է, որպէսզի անմահանուն վարդապետին կեանքին, վաստակին ու յիշատակին նուիրուած այս շքեղատիպ հատորը ընթերցողին հասնի տպագրական կատարելագոյն որակով։
    ,,,Նոյնը կարելի է ըսել ամենայն պատասխանատուութեամբ ու գիտական ճշգրտութեամբ հրատարակուած երկրորդ հատորին՝ «Նամականի»ին առիթով։
    ,,,Կոմիտաս Վարդապետի նամակագրական ժառանգութիւնը ուսումնասիրած մասնագէտները նշած են բազմիցս, որ Թորոս Ազատեան եղած է անմահանուն հսկային նամակներէն նիհար փունջ մը հատորով հրատարակած առաջին մտաւորականը, երբ 1931-ին Կ. Պոլսոյ մէջ լոյսին եկած «Կոմիտաս Վարդապետ, իր կեանքն ու գործունէութիւնը» խորագրեալ իր մենագրութեան էջերուն տեղ յատկացուցած է իր ձեռքին տակ գտնուած 6 նամակներու, որոնք, պէտք է դիտել տալ, մինչ այդ մամուլի էջերուն հրապարակուած Կոմիտասի նամակներուն մէկ մասը կը կազմէին։ 1935-ին, «Մշակոյթ»ի մէջ, «Կոմիտաս Վարդապետ իր նամակների միջով» խորագիրին տակ Մարգարիտ Բաբայեան հատուածաբար կամ ամբողջութեամբ ընթերցողին կը հրամցնէր 11 նոր նամակներ, որոնք կ՚ըլլային մինչեւ այդ թուականը լոյս տեսած ամենածաւալուն ու ամենաթանկարժէք հրապարակումները։ 1935-էն սկսեալ, սփիւռքահայ ու խորհրդահայ մամուլի էջերուն եւ զանազան ժողովածուներու եւ հատորներու մէջ յաջորդաբար կը հրատարակուէին նոյնքան թանկարժէք եւ աւելի մեծաթիւ նամակներ, որոնց ընդհանուր թիւը 1981-ին 96-ի կը բարձրանար։ Այս խոր հետաքրքրութիւնն ու երկիւղած յարգանքը իր գագաթնակէտին կը հասնէր 2000 թուին, երբ Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանը կը հրատարակէր Ց. Բեքարեանի կազմած եւ ծանօթագրած Կոմիտասի «Նամակներ» անուն հատորը (153 նամակ), որուն եօթը տարի ետք կը յաջորդէր «երկրորդ. լրացուած տպագրութիւն»ը (160 նամակ) Կոմիտասի նամականիին՝ 224-ի փոխարէն 272-ի բարձրացնելով Բ. հրատարակութեան էջերուն գումարը եւ զայն հարստացնելով Հենրիկ Բախչինեանի կողմէ նոր փաստերով համալրուած աւելի ընդարձակ ծանօթագրութիւններով։
    ,,,Անշուշտ, Կոմիտասի նամակագրական ժառանգութեան պեղումը սպառած կարելի չէր նկատել։ Բազմաթիւ փաստեր կը հաստատեն, որ՝
    «Մեր տաղի քուրմ,
    Մեր խաղի մոգ,
    Մեր մշտահունչ ու մշտարթուն
    Անլռելի զանգակատո՜ւն...
    »ին գրած նամակներուն մէկ չնչին մասը միայն հասած են մեզի։ Անդրադառնալով այս հարցին՝ անկրկնելի երգահանին մտերմութեան մէջ ապրած եւ անոր մեծ երկրպագուներէն հանդիսացած Մարգարիտ Բաբայեան կը վկայէ. «Ամէն շաբաթ Կոմիտաս Վարդապետը, արդէն Կովկաս մեկնած, լուր պիտի տար իր պատուական վարժապետին, եւ վայ թէ իր նամակը ուշանար, պ. Շմիտդը հեռագրով իր անհանդարտութիւնը կը յայտնէր Բեռլինէն»։
    ,,,Ո՛չ մէկ խօսք, որ իր ուսուցիչին՝ Ռիխարդ Շմիտդին «ամէն շաբաթ» անմահանուն երգահանին գրած նամակներուն ու հեռագիրներուն ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անորոշ, այդ սրբազան մասունքները չեն յայտնաբերուած եւ կոմիտասագիտութիւնը տակաւին չէ լծուած զանոնք լոյսին բերելու եւ հրապարակելու աշխատանքին։ Անկասկած, ինչպէս կ՚ընդգծէ Կոմիտասի նորագոյն նամականին խմբագրած Գուրգէն Գասպարեան, Բեռլինի Արքայական Համալսարանի արխիւներուն մէջ թաղուած կը մնայ հայ երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցին գերմանական թողօնը, այս պարագային՝ նաեւ քրտական երաժշտութեան նուիրուած Կոմիտասի աւարտաճառը։
    ,,,Հապա՞ անհետ կորսուած Կոմիտասի հայագիր միւս նամակները, որոնց մասին մէկէ աւելի ժամանակակիցներ արտայայտուած են ցաւով եւ այդ մասունքները ակամայ կորսնցուցած ըլլալու նուրբ ինքնամեղադրանքով։ Եւ ասիկա անոր համար նաեւ, որ Կոմիտասի նամակները իր բարեկամներուն ու համակիրներուն հասցէագրուած ընթացիկ շարադրանքներ, պաշտօնական խնդրագիրներ ու հաշուետուութիւններ չեն միայն, այլ իր կեանքին ու գործունէութեան կարեւորագոյն հանգրուաններուն, իրագործումներուն ու յաղթանակներուն վրայ պայծառ լոյսեր սփռող պատմական վաւերաթուղթեր են առաջին հերթին, ապա՝ իր կեանքի վերիվայրումներով հարուստ ժամանակաշրջանի անկիւնադարձային դէպքերն ու իրադարձութիւնները քննական ակնարկով դատող անկողմնակալ ու ազնուարիւն հայու եւ գլխագիր մարդու պատասխանատու դատումներ, որոնց ուսումնասիրումը, անկասկած, ա՛լ աւելի պիտի ամբողջացնէ Կոմիտաս Վարդապետի լուսապայծառ դիմագիծը։ Ահա թէ ինչու, իւրաքանչիւր նոր նամակ կրկնարժէք յաւելում մըն է այս ուղղութեամբ եւ վաւերական եզակի վկայութիւն՝ թէ՛ պատմական եւ թէ մշակութային առումով։
    ,,,Այս իսկ գիտակցութեամբ եւ հոգեկան անհուն ցնծութեամբ մենք բացինք Գուրգէն Գասպարեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած Կոմիտաս Վարդապետի «Նամականի»ն, երբ առաջին իսկ ակնարկով նկատեցինք, որ ան Կոմիտասի գրած նամակներուն թիւը բարձրացուցած է 184-ի եւ անոնց կցած լուսայիշատակ սուրբին ստացած 37 նամակներ «Ծանօթագրութիւններ» անուն ընդարձակ բաժինը (216 էջ), նամակներուն այբբենական ցանկերը եւ անուանացանկը։
    ,,,Աւելի՛ն. նախորդ հրատարակութիւններուն առիթով խմբագիրներուն որդեգրած կամայական սկզբունքները, ինչպէս նաեւ կատարած անտեղի յաւելումները, զեղչերը, պատմական անճշդութիւնները, ուղղագրական ու կէտադրական փոփոխութիւնները եւ տպագրական վրիպակները սրբագրելու առաջադրանքով՝ Գուրգէն Գասպարեան հիմնուած է ակադեմական անվիճելի սկզբունքներու վրայ եւ կատարած բազմաթիւ սրբագրութիւններ։ Կարճ ըսած՝ Գուրգէն Գասպարեան նախապէս հրատարակուած 160 նամակներուն մէջ նկատած ու սրբագրած է կամայ եւ ակամայ կատարուած բնագրային 2700 շեղում, որոնք, փաստօրէն, խաթարած էին Կոմիտասի լեզուն ու ոճը, դուռ բացած ահաւոր թիւրիմացութիւններու, բացթողումներու եւ անբացատրելի շփոթներու։
    ,,,Խօսքը տանք Գուրգէն Գասպարեանին.
    ,,,«... Կոմիտասը, ներկայացնելով եկեղեցական երգեցողութեան բարեփոխումների իր ծրագիրը, գրում է. «Սկսել այս բոլորը նախ եւ առաջ եւ հիմնաւորապէս Մայր Աթոռի Մայր Տաճարի Մայր դպրաց դասից»։ ԿՆ 2000-ում եւ 2007-ում այս շարոյթը ստորակէտներով տրոհուած է հետեւեալ կերպ՝ «Մայր Աթոռի, Մայր Տաճարի, Մայր դպրաց դասից», ինչը անիմաստ է դարձրել բնագիրը, քանի որ Մայր Աթոռն ու Մայր Տաճարը առանձին դպրաց դասեր չեն ունեցել. այստեղ յատկացուցիչների շար է, ոչ թէ թուարկում։ Կոմիտասը բառային յարակրկնութեան ոճական հնարանքով ուժգնացրել է շարոյթի իմաստային դաշտի կարեւորութիւնը։ Ակնյայտ է, որ այստեղ գործ ունենք ոչ թէ «կէտադրութեան արդիականացման», այլ բնագրային իմաստների թիւրըմբռնման հետ, ինչը սխալ տրոհումների պատճառ է դարձել»։
    ,,,Կարելի է շարունակել մինչեւ 2007 հրատարակուած հատորներուն մէջ կատարուած «սրբագրութիւն»ներուն մանրամասն նշումը, կանգ առնել միօրինակութիւն ստեղծելու նպատակով կատարուած քերականական, ուղղագրական եւ յարակից միջամտութիւններու փաստերուն վրայ, որոնց հետեւանքով զոհ գացած են արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը հաւասարապէս գործածող Կոմիտասի լեզուամտածողութիւնն ու ոճային հնչերանգները։ Յետոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ «նա նամակ գրելիս հաշուի էր առնում հասցէատիրոջ անձն ու լեզուամտածողութիւնը», ինչպէս արդարօրէն կը հաստատէ այս նրբաճաշակ մտաւորականը։
    ,,,Եւ որովհետեւ «բնագիրը հարազատօրէն վերարտադրելու եւ բնագրագիտութեան հիմնարար սկզբունքներից ելնելով՝ մերժելի են նման յետադարձ խմբագրումները», Գուրգէն Գասպարեան ամենայն հարազատութեամբ վերակենդանացուցած է Կոմիտասի նամակներուն լեզուամտածողութիւնն ու ոճային առանձնայատկութիւնները, կատարած յստակ ու մեկին ընդգծումներ եւ իր խմբագրած «Նամականի»ն հարստացուցած 216 էջերու վրայ երկարող, աւելի ճիշդ՝ բացառիկ արժէք ներկայացնող «Ծանօթագրութիւններ» գլուխով, որպէսզի կոմիտասագէտները իրենց ձեռքին տակ ունենան վաւերական փաստաթուղթեր, ակամայ թիւրիմացութիւններու զոհ չերթան եւ կատարեն գիտական ճշգրիտ դատումներ։
    ,,,Ճանչնա՛ն Կոմիտաս արուեստագէտն ու մտածող հայ մարդը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս որ է, իր իսկական էութեամբ, ամբողջական դիմագիծով, ապրումներով ու խոհերով, վիշտերով ու երազներով, այսինքն՝ ապրին ճշմարիտ Կոմիտասով, հարստանան եւ, իրենց կարգին, նոր յաւելումներով հարստացնեն հայ մշակոյթը։ Անհերքելի իրողութիւն մը՝ որուն համար կ՚արժէ ըսել.
    - Վարձքդ կատա՛ր, Գուրգէն Գասպարեան։

    Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  4. #4
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Կոմիտաս Վարդապետ

    ՄԱՏԹԷՈՍ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻՆ

    ,,,1910. Մայիս 10. Ս. Էջմիածին.
    ,,,Նորին Վեհափառութեան
    ,,,Սրբազնագոյն Հայրապետի Ամենայն Հայոց
    ,,,Տ. Տ. Մատթէոսի Բ.

    ,,,Վեհափառ Տէր,
    ,,,Հայ եկեղեցական երաժշտութիւնն անցեալ ԺԹ եւ մանաւանդ Ի դարում դէպի անկումն է դիմում։ Ի միջի այլ հզօր պատճառների, դէպի անկումն է դիմում, զի եկեղեցիներում առաւելապէս ուշք են դարձնում լոկ Ս. Պատարագի եւ այն աղաւաղուած երգեցողութեան, որ հիմն ի վեր կորցրել է իր պարզ ու վսեմ, անպաճոյճ ու մանկական միամտութեամբ համեմուած, անմեղ ու հաւատով ներկուած եղանակները եւ տեղի տուել խառնաշփոթ, անյարիր, անպատշաճ, մուրացածոյ եւ մեղկիչ երգեցողութեան։ Մեր նախնեաց արեւի պէս ջերմ, օդի պէս ջինջ ու ջրի պէս կայտառ շարականները բոլորովին երկրորդական, նոյնիսկ, յետին տեղն են անցել, մոռացութեան մատնուել, որով մեր հոգեւոր երաժշտութեան զարկերակն է կտրուել։ Արդ, շարականագէտներն օր աւուր նուազում են, շարականներն անարգութեամբ նսեմանում են եւ փոխարէնն աճում են թերուս ու տգէտ, անփորձ ու անշնորհք դպիրներ ու դպրապետներ, որոնք նախքան զտեսութիւնն երաժիշտք են եւ որոնց անսանձ ու շահատակ կամայականութեանն է յանձնուած հայ ժողովրդի հոգեւոր եւ պատասխանատու դաստիարակութեան գեղարուեստականը։ Չեմ խօսում հոգեւոր երաժշտութեան վեհ ու կրթիչ դերի մասին, այլ ամենաէական ուրուագծերով ստորեւ շեշտում եմ, թէ ինչպէս կարելի է վառել, ազգային հոգեւոր երաժշտութեան վերակենդանութեան միջոցաւ, հայ-քրիստոնէի սառած սիրտը եւ վերստին բորբոքել ջերմեռանդութեան թագնուած հուրը։
    ,,,Ա. Բանալ հայ հոգեւոր երաժշտարան, վարժապետ, երգիչ, դպիր, դպրապետ, երաժիշտ ու առհասարակ հոգեւոր պաշտօնէութիւն զինել. կորստից փրկել մեր նախնի երաժշտութեան բեկորները, զարգացնել ազգային գեղարուեստ եւ մեր երաժշտական ճոխ գրականութիւնը ծանօթացնել օտարներին՝ ուսումնասիրութիւններ անելով եւ համերգներ տալով։
    ,,,Բ. Հաստատել Մայր Աթոռի տպարանում երաժշտական տպագրական բաժանմունք եւ հրատարակել, մի ձեռնհաս քննիչ մարմնի հսկողութեամբ, հոգեւոր երգեցողութեան ամենատեսակ գրքեր ու տետրեր։
    ,,,Գ. Ընդհանուր հայ եկեղեցիներում պարտադիր անել միօրինակ հոգեւոր երգեցողութիւն։
    ,,,Դ. Հայ եկեղեցիներում հանապազօրեայ դպրաց դաս սահմանել։
    ,,,Ե. Դպիրներին ընդունել խիստ ընտրութեամբ, իսկ դպրապետներից պահանջել անթերի պատրաստութիւն եկեղեցական գիտելիքների, երաժշտութեան եւ հաստատել պաշտօնի մէջ մերձաւոր հոգեւոր բարձր իշխանութեան միջոցաւ եւ յանձնել նորա յատուկ հսկողութեանն ու խնամքին։
    ,,,Զ. Հայ դպրոցներում հաստատել կանոնաւոր եւ ծրագրուած երգեցողութիւն եւ տարրական երաժշտութիւն՝ վկայուած ուսուցիչների ձեռքով։
    ,,,Անդրանիկ օրինակ տուող պիտի հանդիսանայ Մայր Աթոռը, որ պարտաւոր է, այժմէն իսկ, մշտական եւ օրինակելի դպրաց դասի հիմը դնելու այսպէս.
    ,,,ա. Բազմաձայն երգեցողութեան համար, Մայր Աթոռի անուան ու դիրքին վայել, դպրաց դասն ունենալու է առնուազն քառասուն ընտիր երգիչ։
    ,,,բ. Միաձայն երգեցողութեան համար՝ քսան եւ չորս։
    ,,,գ. Խումբը պէտք է անկախ լինի Ճեմարանի աշակերտութիւնից, որի ձայնեղ սաներից կարելի է օգտուել տօներին՝ երգեցողութեան հանդիսաւորութիւն տալու նպատակաւ։
    ,,,Ես պատրաստ եմ, որպէս ցայսօր, իմ բոլոր ջանքերս ու ճիգս նուիրել մի այսպիսի սուրբ գործին. սուրբ գործին, որ ինձ ոգեւորել է դեռ տղայ տիոցս. սուրբ գործին, որ ինձ քաշել ու կապել է Մայր Աթոռին. սուրբ գործին, որ ինձ ուղիղ քսան տարի յոյս է ներշնչել եւ սակայն սուրբ գործին, որ ինձ արծաթ յուսով օրօրել, տոգորել ու մեծցրել է՝ առանց իրականանալու։ Եւ արդ, ինձ մնացել է նոյն յուսով այրուել, ծերանալ ու հեռանալ անցաւոր կեանքից, որպէս մի ազազուն հասկ, որ հողմահար ու ծարաւ կորանում ու չորանում է։
    ,,,Վեհափառ Տէր,
    ,,,Ոտս դրել եմ կեանքիս երկրորդ շեմքին, բայց դարձեալ նոյն աննկուն յուսով։ Թէպէտ պատանի աշխոյժս լրջացաւ, երիտասարդ թափս նրբացաւ, սակայն եւ այնպէս, այրական եռանդս, մշտաշող յուսով, դեռ նոր է եփ ու եռ գալիս։
    ,,,Երկտողս մատուցանելով Վեհափառութեանդ՝ անսպառ յուսով մնամ
    ,,,Ձերդ Ս. Օծութեան խ<ոնարհ> ծ<առայ> եւ միաբան Մայր Աթոռ
    ,,,Սուրբ Էջմիածնի
    Կոմիտաս Վարդապետ
    «Ազդակ»


    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  5. #5
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Կոմիտաս Վարդապետ

    ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ


    ,,,1912. 25/ԺԲ. Կ. Պոլիս
    ,,,Pangaldi, N 83 (47)
    ,,,Սիրելի Արշակ,
    ,,,Երկար ժամանակ է, ուզում եմ քեզ նամակ գրել, բայց այսօր վաղն ասելով ցարդ ուշացաւ։
    ,,,Արդէն մասնակի տեղեկանում եմ եւ գիտեմ, թէ այժմ ո՜րքան սուրբ ու ազնիւ, քո սիրած ու պաշտած, կշռած ու մարսած գործն ես մշակում՝ հայուն ապագան է արդ քու հոգածութեանդ առարկան, ուստի բոլոր ուժդ, իրաւամբ, դէպի գերագոյն նպատակն ես ուղղած։ Արդէն հայ ազգը քեզ շա՜տ բան է պարտական. դո՛ւն էիր առաջինը, որ լաւ ըմբռնեցիր, թէ մեր ապագան հարթելու համար պէտք էր, նախ մեզ օտարներին ծանօթացնել. ցոյց տալ, որ մենք կենսունակ ենք, լուսոյ որդեգիր ու կարապետ ենք խաւար վայրերում, շինարար ենք... եթէ մեր մէջ տեւականութիւնն ու միութիւնը պակաս է եղած, պատճառն այն է, որ ազատ շունչ չենք քաշել, նոյնիսկ մեր իբր-անկախութեան օրերումն իսկ՝ հալածուելով տգիտութենէն ու խաւարէն, աւերակէն ու աւարէն, սրէն ու հրէն... Բայց աննկուն բան ունենք մեր մէջ, մի անմար յոյս՝ դէպի ապագայ լուսոյ կանթեղը յառած են մեր հայեացքները, դէպի այն կանթեղը, որ հայ ժողովուրդը, իր թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը կորցնելէն յետոյ, տարել ու կախել է բազմաբեղուն ու երկնագէտ Արագածի գագաթը՝ երկնքի անտես առաստաղէն անթել կապով, որ մարդիկ՝ խաւար ու աւարառու ձեռք տալ չը կարողանան եւ գոնէ նորա լուսոյ նշոյլը ցայտէ մեր վերայ եւ մեր ապագայ կեանքը երազենք։ Դուն էիր, առաջինը, որ մեր նախնեաց ստեղծագործ հոգին թղթերով ու գրքերով նկարեցիր ու ցուցադրեցիր օտար աշխարհի մէջ քաղաքակրթութեան հարազատ զաւակներին, որ մե՛նք եւս իրենց շաւիղն ենք բռնել, մե՛նք եւս իրենց ճամբան ենք քայլել, մե՛նք եւս մեր ձեռքին լոյս բռնել, եւ, թէպէտ ջանացել են դեւերը փչել ու մարել մեր կեանքը, բայց փչողներն են խորտակուել եւ մենք դեռ մոխիրների տակ առկայծել ենք՝ ապաւինելով գիտութեան ու կրթութեան, որ թէեւ մերն է եղել՝ իբր արեւելքի զաւակներ, բայց մեր ձեռքէն դուրս է ելել ու Եւրոպան լուսաւորել. արդ, քանի որ մեզ համար անծանօթ չէ մեր մտքի նախատիպը եւ կարողութիւնը, որ այժմ Եւրոպայէն է, որ մեզ լուսաւորում է, ինչո՞ւ չունենանք մեր իսկ լուսոյ ջահը՝ մեր ձեռքին։ Դո՛ւն էիր առաջինը, որ հրաւիրեց հայի գեղարուեստական ստեղծագործութեանց ծանօթացնելու քաղաքակիրթ աշխարհին... Արդ, հանգիստ վայելի՛ր եւ ուրախացի՛ր, ո՛ւժ առ եւ ո՛ւժ տուր, պի՛նդ կեցիր, որ բարձրացած դարաւոր ազատութեան ձգտող գոհակներն ու ալիքները չը զարնուեն ժայռին ու այս անգամ այլ փշրուեն, որի վերջը թերեւս կորստաբեր լինի մեզ համար։
    ,,,Ծալենք այժմ զգացումներն ու դատենք իրողութիւնը։
    ,,,Ինձ այնպէս է թուում, թէ մենք մինչեւ նուազագոյնով առաջին ու դրական քայլը չանենք, երբեք չենք կարող երկրորդի մասին մտածել կամ մեծամեծս ձգտել։ Արդ, մեր երկիրն սկզբէն եղել է կռուախնձոր արշաւող եւ շրջակայ հզօր պետութեանց աշխարհակալութեան ճանապարհի վերայ եւ պահել է ցարդ նոյն վիճակը։ Մենք այժմ իրապէս Ռուսաց շահի առարկան ենք. մեր երկիրն արդէն որոշուած է, այսօր կամ վաղը ռուս պետութեան բաժին դառնալու։ Ուրեմն պիտի ձգտենք մեզ ազատագրել երկու կերպ. թէպէտ եւ երկուքի վերջակէտն էլ նոյնն է, տարբեր ուղիով միայն։ Առաջինն է առաւելագոյնը՝ ինքնուրոյն ու անկախ լինելով իբր պատուար ցցուել ռուս դիւանագիտութեան առաջեւ եւ երկրորդը՝ նուազագոյնը ապաւինել Քեռի-Ռուսին եւ միաձոյլ Հայութիւն սահմանել։ Երկուքն էլ նոյն է, բայց երկրորդն իրագործելի՝ շահերի նոյնութեան վերայ յենուելով, իսկ առաջինը՝ անիրագործելի։ Ռուս կառավարութիւնը ծայրագոյն արեւելքէն տուժեց. ուրեմն ընդարձակման ճանապարհը այս կողմը մնաց. արդէն Պարսկաստանը բաժնուած է իրապէս Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ. այսպէս հայերը պարսկական լծէն պիտի ազատեն եւ միանան Ռուսահայոց եւ փոխադարձաբար ուժովնան. արդ հերթն եկել է մեզ՝ տաճկահայերիս։ Ես չե՛մ կարող մտքէս անցնել, որ Ռուս կառավարութիւնը իր շահերը զոհէ մեզ, զի նա չէ՛ կարող թոյլ տալ, որ այս բաժինն աւելի լաւ վիճակ ունենայ, քան իր երկրի հայերը. ուրեմն մի՜շտ ձգտելու է պահել մեզ (եթէ իրանը չը միանանք) իրեն կարօտ վիճակի մէջ, որպէսզի ապագայ գրաւման ձեռնտու տարր հանդիսանանք. արդէն մեր մեծ ջարդերն ապացոյց են ասածներիս։ Ռուս թերթերն էլ ճիշտ այս կէտն է, որ շարունակ շեշտում են, թէ մեր փրկութիւնը կռելու եւ կոփելու ենք Փերպուրկի պարիսպներու դռներուն առջեւ, ա՛յս էր պնդել ժամանակին Լոռիս Մելիքով Գէորգ Դ. կաթուղիկոսին զգուշացնելով (երբ սա ռուս-տաճկական պատերազմի ժամանակ, փրկութիւնը տեսնելով ու յուսալով տաճիկներէն, գրեթէ բացարձակապէս սպասելիս է եղել տաճիկներին Էջմիածնի մէջ)։ Արդէն քաջ գիտես, որ Անգլիոյ, Ֆրանսիոյ եւ Ռուսիոյ միութեան գլխաւոր նպատակն էլ այս էր։ Ուրեմն չի՛ք փրկութիւն արտաքոյ Ռուսիոյ։ Պէտք է նախ բոլոր հայերը խմբուեն մէկ տէրութեան, մէկ օրէնքի տակ, աճեն ու զարգանան բարոյապէս եւ նիւթապէս եւ ապա ժամանակն ինքն է, որ պիտի բերէ մեզ մեծ ազատութիւնը. շտապելով, առաջինը չառած երկրորդ քայլի դիմելով բոլորովին պիտի կորչենք. տաճիկէն ո՛չ մի յոյս մի՛ ունենաք, մի սպասէք. նորա ուղեղը քարէ ժայռից են, զարգացման անընդունակ, լոկ փշրուելու համար պիտանի եւ ոտքի տակը սալայատակելուն յարմար։
    ,,,Չը պէ՛տք է բաժնուենք. չը պէ՛տք է խաբուենք Եւրոպայի զանազան խոստումնալից խաբկանքներէն. միանալու ենք եւ գործնական ճամբան բռնելու. ըստ իս, առաջին քայլն է բոլոր հայութիւնն ամփոփել Ռուսի իշխանութեան տակ, երկրորդ քայլն է տնտեսապէս ու բարոյապէս, զուտ ազգային, առանց օտարին ու մեզ անմարս գաղափարներով առաջնորդուելու՝ զարգանալ. երրորդ քայլն արդէն ինքը՝ ռուս յեղափոխութիւնն է, որ պիտի անէ, ո՛չ թէ մենք. իսկ մենք օգտուելու ենք այդ քայլէն, սակայն պատրաստուելով լեհերու պէս զուտ-ազգային շաւիղը բռնելով. եւրոպական մարդկային գաղափարները որքան որ ընտիր են ու փափաքելի, բայց մեզ անպէտք են. պաղ երկրի բոյսերը մեր ջերմ արեւին տակ կը կիզուեն։
    ,,,Ես վախ չունեմ, թէ ռուս կառավարութեան մէջ կը հալենք, որքան ալ որ հալենք, այնուամենայնիւ մեր ինքնագիտակցութիւնը զարթնած է եւ եթէ խելօք շարժուենք կը վաստկենք. ես այս կարծիքն ունեմ։
    Ցանկալով քեզ սրտագինս եռանդ, ոյժ ու քաջութիւն մաղթեմ, որ մեզի նոր տարուան բերելիք նուէրդ լինի համեստ ու համեղ բան։
    Համբոյրիւ եւ կարօտով՝

    Քոյդ Կոմիտաս Վարդապետ


    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  6. #6
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Կոմիտաս Վարդապետ

    ...Սոյն գրութիւնը կը պատկանի Կոմիտաս վարդապետի գրիչին եւ տպուած է Պոլսոյ «Ազատամարտ» 18 սեպտեմբեր 1913-ի թիւին մէջ: Պատմական իր շահեկանութեան համար, զայն կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան: Գրութիւնը կը հրատարակենք ինչպէս որ է, առանց լեզուական միջամտութեան որպէսզի պահպանուի Կոմիտաս վարդապետի ոճն ու լեզուն:
    «Ազդակ»


    ՀԱՅԸ ՈՒՆԻ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

    ...Այս էջերուն մէջ տպուեցին մի շարք թղթակցութիւններ, որոնց նիւթն էր Փարիզ հրատարակուող երաժշտական համայնագիտարանն ու Հայ Երաժշտութիւնը: Բոլոր յօդուածագրերն անխտիր պատասխանի կը գոչեն Կոմիտաս վարդապետը:
    Պրն. Լեւոն Համբարձումեան, նախանձելի զայրոյթով, կը գրէ թէ յանիրաւի անտեսուած է հայ երաժշտութիւնը Համայնագիտարանի էջերում:
    ...Համայնագիտարան խմբագրող մասնագէտներու մեր ազգի երաժշտութիւնն անտեսելը ոչ իրաւունքի ոչ անիրաւութեան խնդիր է, այլ՝ լոկ չգիտութեան. զի մեր երաժշտութեան (յատկապէս հնի) նիւթերն անմշակ են. ի մի ժողովուած, ուսումնասիրուած եւ քննադատուած չեն, որովհետեւ միջոցներու մասնագէտներ կը պակսին: Օտար երաժիշտներէն ուսումնասիրել են մերը՝ ch. Villoteau, Fetis O. Fleischer եւ ուրիշներ, բայց նիւթի պակասութեան պատճառաւ դրական արդիւնքներ չեն տուել, թէեւ, իրաւամբ, բոլորը նկատել են, որ մեր երաժշտութիւնն ինքնուրոյն է, բայց երաժշտական օրէնքներով փաստել չեն կարողացել:
    ...Իսկ ես, օտար եւ ազգային (մանաւանդ հայ ձեռագրերու) աղբիւրներէն ձեռս ընկած պատմական նիւթերն արտագրել եմ, բայց ոչ դասաւորել եմ, ոչ ուսումնասիրել եւ ոչ քննադատել, այլ միայն, իբր հում նիւթ, ուրիշ մասնագէտներու օգտակար լինելու դիտաւորութեամբ, ժողուել եմ: Առանձնապէս ուսումնասիրութեանս առարկան եղել են հին հայ խազերը, որոնց մասին, ի միջի այլոց ստիպողական եւ մասնագիտութեանս վերաբերեալ պարապմանց, քսան տարուան ընթացքում, հազիւ կարողացել եմ բաւականաչափ նիւթեր հաւաքելով, դասաւորելով որոշ գաղափար կազմել՝ թէ ինչ ծագում, զարգացում ու անկում են ունեցել, հազիւ, որովհետեւ հաւաքողը, եւ ստուգողը, եւ ուսումնասիրողը միայնակս եմ եղել:
    ...Այս աշխատութիւնն իսկ կատարել եմ լոկ այն նպատակով, որ խազերու նշանակութեան թափանցելով կարողանամ մեր նախնի եղանակները ձեռագրերի մէջէն հանել ու արդի պահանջներուն յարմարցնելով եկեղեցական երաժշտութիւնը ոտքի կեցնել. իսկ աշխարհիկ երաժշտութիւնն արդէն կ՚ապրի հայ գեղջուկի շնորհիւ: Եկեղեցականն ու աշխարհիկը ունենալով՝ մեր ազգային ամբողջական երաժշտութեան մասին ստոյգ գաղափար կ՚ունենանք:
    Ահա այս մտքով մղուեցայ խազերու մասնակի ուսումնասիրութեանը ձեռնարկած պահուս:
    Այսպիսի աշխատանքներն անթերի եւ խղճմտօրէն կատարելու համար մէկ մարդու կեանքը հերիք չէ:
    Եւրոպական որեւէ ազգի երաժշտութեան պատմութիւնն ուսումնասիրելու համար՝ հարիւրաւոր մասնագէտներ են աշխատել, դարերով են քննադատել, տասնեակ ընկերութիւններ են օժանդակել եւ հարիւրաւոր հատորներ են հրատարակուել: Բարի-բարի ցանկութիւններով ազգային երաժշտութեան պատմութիւն չի գրուիր, մանաւանդ հայ երաժշտութեան:
    ...Երաժշտական համայնագիտարանը մի բառարան է, որ դեռ, սրբագրուելով, կարող է նորէն տպագրուել: Եթէ, այս անգամ, անոր էջերում չերեւայ հայ երաժշտութեան պատմութիւնը, պատրաստուինք, դպրոց հիմնելով, մասնագէտներ հասցնելով երկրորդի համար: Շատերն ըսին մեզի թէ գոնէ մէկ համառօտութիւնը գրուի. շատ լաւ. բայց չէ՞ որ համառօտը կը կազմուի ամբողջութենէն: Ո՞ւր է ամբողջութիւնը: Փոխանակ մուրացածոյ ու անհիմն կարծիքներով ու պատմութիւններով զբաղուելու, նախ ուսումնասիրենք ու մեր եզրակացութիւնները փաստենք՝ յենուելով ճշմարտութիւններու եւ երաժշտական ընդհանուր օրէնքներու վրայ, ապա խօսինք:
    ...Անցեալ դարու վերջերում, յայտնի քարոզիչ, գիտնական եւ խմբագիր, հանգուցեալ Խորէն Եպիսկոպոս Ստեփանէն, տգիտաբար, հրապարակ նետեց այն կարծիքը թէ հայ գեղջուկն անգիր բանահիւսութիւն չունի, այն ինչ, օրինակ, ռուս մուժիկն ունի. ուրեմն մեր ժողովուրդը բանաստեղծական շնորհք չունի, պատմական դէպքերն ու կեանքի երեւոյթներն անզգայ կը թողուն զինք: Շատ չանցաւ, ելան մի շարք թանկագին հրատարակութիւններ եւ ապացուցեցին ընդհակառակը՝ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանց, Գարեգին վարդապետ Յովսէփեան, Մանուկ Աբեղեան, Սարգիս Հայկունի, Չօպանեան, Ճանիկեան, Լալայեան, Կանայեան, Չիթունի... թէ՝ ունինք եւ այնքան ճոխ ու բազմաբովանդակ, որ գրի առնողներ կը պակսին:
    ...Արդ, այս դրութեան անդրադարձումը կը տեսնենք՝ հայ երաժշտութեան նկատմամբ: Իմ յարգելի բարեկամս՝ բժշկապետ եւ բանասէր Յ. Թիրեաքեան Խան, իր երկտող գրութեամբը կը յայտնէ սա ընդարձակ մտքերը. «ԸՍՏ ԻՍ (մենք ընդգծեցինք) հայկական երաժշտութիւն ըսուած բան մը գոյութիւն չունի, բառին ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ (մենք ընդգծեցինք)... կը տեսնեմ որ Փարիզի երաժշտագէտ վարպետներն ալ կը հաստատեն: ... Եղածներն ալ Ասորա-Բիւզանդական կամ Հնդկա-Պարսկական ազդեցութիւնը կը կրեն»:
    ...Այսպէս թէ կը հերքէ եւ թէ կը հաստատէ՝ չեղածն ու եղածը: Ինքը կը սիրէ կարծել եւ իր սիրածը հաստատուած տեսնել Փարիզի երաժշտագէտ վարպետներու բերանով: Ո՞ւր, ե՞րբ, ո՞ր գրուածքով, ի՞նչ ճշմարտութիւններու վրայ յենուելով... այդ ոչ ինքը կարող է ցուցնել եւ ոչ ես գիտեմ: Փարիզի վարպետը պարտաւոր չէ, անպատճառ, իմանալու թէ Հայը երաժշտութիւն ունի կամ չունի, եւ տեսակցութեան ժամանակ, կարող է ասել թէ անծանօթ է, կամ՝ Հայը երաժշտութիւն չունի, կամ՝ ունեցածը խառնուրդ է... (բայց, աշխարհի վրայ ո՞ր երաժշտութիւնն անխառն ու անապակ է, մեր գիտցածով, միայն անասուններունը, որոնք նոյն ձայնն ու նոյն ելեւէջը կ՚երգեն, զի փոխառութեան շնորհք չունին) բայց մենք, հայերս, իրաւունք չունինք մէկ ու կէս կարծիքով կամ պատմութիւնով, լսուածն ստրկաբար արձանագրել, գրիչ շարժել եւ դատել մի պատմական ազգ, որ դեր է կատարել անցեալում, կատարում է ներկայում եւ դեռ պիտի կատարէ ապագայում, քանի շունչ կայ բերանում:
    ...Ըստ իս, առնուազն անխղճմտութիւն է գիտականօրէն չքննուածն ու չապացուցածը հասարակութեան իբր ճշմարտութիւն հրամցնելը: Բժշկապետ Թիրեաքեանը գտել է, որ «եղածներն ալ (հայ եղանակներէն) Ասորա-Բիւզանդական, կամ Հնդկա-Պարսկական ազդեցութիւնը կը կրեն»: ...Չենք գիտեր ոչ այն աղբիւրները եւ ոչ ալ պատմական «Ասորա-Բիւզանդական եւ Հնդկա-Պարսկական» այն եղանակները, որոնցմէ առաջիններէն քաղելով եւ երկրորդներու վրայ յենուելով, յարգելի բժշկապետը իր կողմէն «բառին գիտական առումովը» այսպիսի դրական եզրակացութեանց է հասել՝ Հայու չունեցած երաժշտութեան մասին: Իսկ եթէ ինքնուրոյն ուսումնասիրութեանց արդիւնք է այդ կարծուած ճշմարտութիւնը, այլեւս ինձ դիմելու կարիք չկայ. պէտք է գրել Փարիզ հրատարկուող Երաժշտական Համայնագիտարանի խմբագիրներուն, եւ խնդիրը անուշիկ մը կը գոցուի:
    ...Ապա թէ ոչ ուռուցիկ բարդութիւններ, առագաստաւոր ենթադրութիւններ, իրաւամբ մենք եւս կարող ենք շարել. այսպէս՝ Արաբա-Տաճկական, Թաթարա-Չինական, Մետա-Քրդական, Աղուանու-Վրացական, Լատինա-Սլաւական... եւ ինչո՞ւ չկազմենք, քանի պատմութենէն գիտենք, թէ ասոնցմէ ոմանք դիտելով մեզ կամ կողմնակի ազդել են եւ ոմանք կ՚ազդեն տակաւին մեր վրայ: Ազգերու փոխադարձ ազդեցութիւնն անուրանալի եւ անհերքելի փաստ է, որովհետեւ անազդեցիկ մնացած ազգ չկայ. իւրաքանչիւր ազգ, ինչ որ չունի, ունեցողէն, պէտք է զգացած ժամանակ, փոխ կ՚առնէ եւ կ՚ազգայնացնէ:
    ...Բժշկապետ Թիրաքեանին համակարծիք, կը գրէ նաեւ Սերովբէ քհնյ. Պուրմաեան, միայն թէ, իր կարծիքը ազգաց պատմութեան, քաղաքակրթութեան եւ տիրող ազգերի ազդեցութեան վրայ կը հիմնէ, ասելով
    ...1- «Հայ լեզուն ու գրականութիւնը ասորական եւ յունական լեզուներու կազմական կաղապարին վրայ ձեւափոխուեցան՝ իր տառերէն սկսելով»:
    ...2- «Երբ հայկական ուրոյն քաղաքակրթութիւն մը գոյութիւն չունի, բնականաբար գոյութիւն չունի նաեւ հայկական երաժշտութիւն մը»:
    ...Գրած պատմութիւնները ճիշդ են, բայց եզրակացութիւնները սխալ: Ազգի մը լեզուն ու գրականութիւնը կարող են ձեւափոխուիլ ու զարգանալ՝ օրինակ առնելով ուրիշ ազգերէն, բայց երբ ան ինքնայատուկ լեզու եւ գրականութիւն ունի, ունի եւ ինքնուրոյն երաժշտութիւն: Ամբողջ արեւմտեան ազգերը զարգացան՝ սնունդ առնելով հին յունական քաղաքակրթութեան բեկորներէն՝ լատինականի միջոցաւ, բայց եւ այնպէս, իւրաքանչիւր արեւմտեան ազգ ունի ուրոյն երաժշտութիւն, որ ոչ յոյն է եւ ոչ ալ լատին: Ռուսաց արդի լեզուն ունի մօտ 60.000 օտարազգի բառ, որ ազգայնացուցել է եւ ռուսը զարգացել է օտար քաղաքակրթութեամբ, նոյնիսկ իր տառերը յունականի վրայ են կաղապարուած, սակայն եւ այնպէս ունի եւ ինքնուրոյն լեզու եւ ինքնատիպ երաժշտութիւն:
    Ճիշդ նոյն ճանապարհն են անցել մեր Ե. դարու սրբազան վերանորոգիչները: Անոնք կրթուեցան Աթէնք եւ Աղեքսանդրիա՝ այդ ժամանակների լուսաւորութեանց կեդրոններում, որպէս մենք այժմ՝ Եւրոպայում, ապա, հայրենիք վերադառնալով՝ կերտեցին ու վերակազմեցին, ըստ օրինակի յոյն եւ ասորի լեզուներու, մեր գրաբարը եւ մեզ աւանդեցին ոսկեդարու մատենադրութիւնը: Եթէ ճշմարտութիւն են այս բոլորը, ապա ուրեմն ճշմարտութիւն է եւ այն, որ մեզ տուին նոյնպէս եւ երաժշտութիւն, որ այնքան հարազատ է ու ազգային եւ այնքան ինքնուրոյն է ու ինքնատիպ, որքան իր լեզուն ու գրականութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգի երաժշտութիւնն իր ազգի հնչական ելեւէջներէն կը ծնի ու կը ծաւալի: Հայ լեզուն ունի իր յատուկ հնչաւորութիւնը, ուրեմն եւ համապատասխանող երաժշտութիւնը:
    ...Գալով ինձ, մօտաւորապէս, ոչ ոք ինձմէ պահանջելու իրաւունք ունի, որ ես հայ երաժշտութիւնն իր բոլոր ճիւղերովն իմանալ պարտաւոր եմ. ես իմ մասնագիտութիւնն ունիմ. հազիւ կարող եմ անով օգտակար լինել եւ ամենեւին միտք չունիմ հազար բանի ծառայել. մէկ բան կարող եմ անել՝ եւ լաւ անել է իմ պատրաստութեան չափով. ուստի, օրաթերթերու մէջ, աննպատակ յօդուածներով զբաղելու ոչ ժամանակ եւ ոչ շահ ունիմ: Կ՚ուզեմ հանգիստ մնալ, որ գործել կարենամ: Այնուհետեւ չենք գրելու:
    ...Խեղճ հայ ժողովուրդ, ազգ ես ինքնուրոյն այնքան, որքան միւսները, այդ ոչ ոք կարող է հերքել: Ունիս յատուկ լեզու՝ կը խօսիս: Ունիս յատուկ ուղեղ՝ կը դատես: Ունիս յատուկ մարդաբանական կազմ, որով կը զատուիս այլ ազգերէն ու անոնց կազմէն: Սակայն սիրտդ, որ զգացմանցդ աղբիւրն է, քուկդ չէ եղել. այլ մի ինչ որ Ասորա-Բիւզանդական եւ Հնդկա-Պարսկական է եղել:
    Ճանապարհ կայ, ճանապարհ կայ: Բերնէն ականջ շատ կարճ է, բանէն փաստ՝ շատ երկար:

    ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
    «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  7. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Black Orchid (26.10.2010)

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Բեռնում. Հայր Մինաս Վարդապետ Բժշկեան
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Գիտություն
    Գրառումներ: 0
    Վերջինը: 09.09.2009, 21:07

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •