ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ (1875 – 1957)
Գրագէտի մը արուեստը գնահատող մեծագոյն դատաւորը ժողովուրդը ինքն է, որ իրեն հրամցուած գրականութիւնը կ’ընթերցէ, ապա՝ զայն իր յոյզերուն, աշխարհհայեացքին, մտաւոր ու հոգեկան գանձերուն, աւանդութիւններուն ու որոնումներուն պրիսմակէն անցնելէ ետք միայն կը ճշտէ գրողին վաւերականութիւնը, արժէ՛քը:
Ժողովուրդին ընդունածը անմահական փայլով կ’օծուի, իսկ մերժածը՝ ուշ կամ կանուխ, ժամանակի թաւալումին հետ մոռացութեան կը մատնուի:
Մեր գրականութան պատմութեան մէջ, մեծերու կողքին մի՛շտ ալ գտնուած են գրիչ շարժողներ, որոնք, ժողովուրդին իսկ գնահատումով, դուրս մնացած են անոր առօրեայէն, անոնց գրութիւնները չեն վերածուած երգի, ոչ ալ սերունդներ հրահրող կենդանի ապրումի:
Մեծերը՝ Նարեկացին, Սայաթ Նովան, Աբովեանը, Վարուժանը, Մեծարենցը, Սիամանթոն, Աղայեանը, Թումանեանը, Շանթը, Ահարոնեանն ու ուրիշներ, նոնի՛սկ իրենց անհատական խռովքներուն ընդմէջէն լոյսի շերտեր, ճառագայթներ բաժնած են ժողովուրդին, իրենց եսը միախառնելով՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԵՍին: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր դասագիրքերուն, կենցաղին ու առօրեային մէջ տեղ ունին անոնք՝ իրենց արձակ թէ չափածոյ գործերով թատրերգութիւններով ու փիլիսոփայական նայուածքով:
Այս մեծութիւններուն շարքին դասուած է նաեւ այլ մեծութիւն մը՝ Աւետիք Իսահակեան, որ իր քնարական, ազգային քերթուածներով ու փիլիսոփայական խոհերով կը ձայնակցի մեզի, երբ կ’երգենք «Սիրեցի եարս տարան», «Սեւ աչեր», «Հայրենիքէս հեռացել եմ», «Որսկան ախպեր», «Բինգեոլ» եւայլն: Յաճախ մինչեւ իսկ կ’անգիտանանք, որ այդ երգերուն ետին անհատական կեանք մը կայ: Իսահակեանի երգերը մեր ժողովուրդին ակունքներէն հոսող թախիծ ու խինդ կը բովանդակեն, ապրումներ հարազատ ու ջինջ, եւ այնպէս կը թւի մեզի, թէ այդ երգերը («Դարդս լացէք», «Օտար, ամայի», «Մաճկալ», «Ասում են թէ», «Ուռին» եւայլն) դարերու խորքէն մեզի հասած մրմունջներ են, որոնք գոյացած են մեր պատմութեան արշալոյսէն ի վեր ու կը տարածուին բոլո՛ր ժամանակներու վրայ, եւ իւրաքանչիւր սերունդ կը կարծէ, թէ ի՛նքն է տէրը այդ երգերուն:
Բանաստեղծ, հեքիաթագիր, վիպագիր, առակագիր եւ հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեան ամէն բանէ առաջ բանաստեղծ է: Իսկ անոր բանաստեղծական հմայքը, ի վերուստ տրուած կարողութեանց առընթեր, մթնոլորտի մը կնիքը կը կրէ: Եթէ Աւետիս Ահարոնեան, իբրեւ իր առաջին ուսուցիչը կ’ընդունի Մասիսը, Աւետիք Իսահակեան, 1938ին իր ծննդավայրը՝ Գիւմրի այցելութեան ընթացքին հետեւեալը կը հաստատէ.
«Այստեղ է, որ աչքս բացել եմ աշխարհի վրայ, առաջին անգամ տեսել եմ մեր չքնաղ կապոյտ երկինքը, մեր ճերմակ լեռները, մայրական բարի Արագածը եւ քնարական Մանթաշը, մեր Շիրակի ցորենի կանաչ արտերը, այստեղ է, որ լսել եմ մեր աշխատաւոր ժողովրդի ներշնչող երգերը եւ մեր աշուղների սրտագին նուագը: Օտարութեան մէջ սիրտս բռնկուել է ու տոգորուել անթառամ, մշտավառ սիրով դէպի իմ թանկագին հայրենիքը, դէպի իմ աշխատաւոր, ազնիւ ժողովուրդը...»:
Ծնած՝ 1875ին, Իսահակեանի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ’անցնին Գիւմրիի հեքիաթանման մթնոլորտին մէջ, որ աշուղներու սրտառուչ երգերով ու հայրենական սիրով կը վառէ ապագայ բանաստեղծին թաքուն զգայնութիւնները, որոնք, պատանիի հոգիին մէջ կը փոխակերպուին հնչիւնի, բառի: Անոնք նախակրթարանի աշակերտ Իսահակեանը կը մղեն՝ գրական իր առաջին փորձերու հիւսելու:
1889ին, ան մուտք կը գործէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը եւ գուրգուրանքին առարկան կը դառնայ իր ուսուցիչներէն՝ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննէսեանի, որ հայ բանաստեղծութեան ներարկած իր թարմ շունչով, մեծ ազդեցութիւն կը գործէ Իսահակեանի վրայ:
Խօսելով իր ուսուցիչին մասին, Իսահակեան «Իմ յուշերից» հատորին մէջ հետեւեալը կ’ըսէ.
«Յաւերժ երախտապարտ եմ եւ յաւերժ շնորհակալ՝ բանաստեղծութեան այդ մեծ մոգպետին, իմ կախարդ ուղեցոյցին: Եւ ես բոլոր անկեղծութեամբ գլուխս խոնարհում եմ նրա սրբազան յիշատակի առաջ, նրա անմահ երգի առաջ»:
Գրականութեան սէրը կանուխէն բոցավառած ըլլալով իր հոգիին մէջ, Իսահակեան անյագօրէն կ’ընթերցէ ժամանակակից գրողներուն գործերը: Կը գրաւուի Աղայեանի հեքիաթներով, Պռոշեանի «Սօս եւ Վարդիթեր»ով, հաղորդ կը դառնայ Գամար Քաթիպայի, Մ. Նալբանդեանի ռազմաշունչ քերթուածներուն ոգիին եւ խորապէս կը հմայուի Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ով, որ մինչեւ վերջ ալ կը մնայ ապագայ բանաստեղծին յոյզերուն ներշնչարանը:
Իսահակեանի վրայ մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ Թիֆլիսը, ուր կը գտնուէին գաղափարական տղաք, որոնք ազգային ցաւերով կը տագնապէին եւ մամուլի միջոցով իրենց տեսակէտները կը պարզէին: Անոնց հետ շփումը առիթ կ’ըլլայ, որ Իսահակեան մօտէն հետեւի ազգային հրատապ խնդիրներուն: Յ. Թումանեանի «Վերնատուն»ը իդեալ վայրն էր մտաւորականներու հանդիպման: Աւելի ուշ, Իսահակեան կը դառնայ «Վերնատան» գրական խմբակի անդամներէն մեկը, Լեւոն Շանթի, Ղազարոս Աղայեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի կողքին, որոնց հետ զրոյցներ կ’ունենայ ազգային ցաւերու եւ գրականութիւնը յուզող հարցերուն մասին:
Հայրենական մթնոլորտը, սակայն, նեղ կու գար Իսահակեանի, իր մտային հորիզոնները ընդլայնելու իմաստով: Ան պահանջն ունէր միջազգային գրականութեան վարպետներու գործերուն ծանօթացման, ինչպէս նաեւ՝ այլ ժողովուրդներու աշխարհահայեացքին ընկալման, որոնք իր անհատական երգերը համամարդկային շունչով պիտի օծէին:
18 տարեկանին, Իսահակեան կ’անցնի Եւրոպա, ուսումը շարունակելու համար: Յաջորդաբար Վիեննայի եւ Գերմանիոյ Լայպցիգ քաղաքի համալսարաններուն մէջ իբրեւ ազատ ունկնդիր, կը հետեւի գրականութեան, պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ ընկերային գիտութեանց դասընթացքներուն, միեւնոյն ատեն, իր գրական շնորհները թուղթին յանձնելով, թիֆլիսահայ մամուլին մէջ կը ստորագրէ գրական էջեր:
19րդ դարու վերջերուն, մեր ազգային կեանքին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ընկերային անցուդարձերը կը յուզեն նաե՛ւ Իսահակեանը, որ Եւրոպա գտնուելով հանդերձ, ազգային հոգերով կը «վարակուի»: Արեւմտահայաստանի իրավիճակը, հայ ժողովուրդին թշուառութիւնն ու հզօր կայսրութիւններու քմահաճոյքին ենթարկուած հայրենի՛ հողը տագնապող հոգիի մը կը վերածեն զինք, որ տիրող կարգերուն դէմ իր ընդվզումը կ’արտայայտէ ազատութիւն շեփորելով, որ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ «Կեանքից թանկ բանը» այլաբանական առակով:
Երկու տարի ետք, հայրենիք վերադառնալով, Իսահակեանի անհատական կեանքը տարբեր չ’ըլլար իր ժողովուրդին ճակատագիրէն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհն ու գործելաձեւը համակած ըլլալով երիտասարդ գրողին փայփայած երազները, զայն կը մղեն գործի՝ հայրենի ժողովուրդին մէջ յեղափոխութեան սերմեր ցանելու: Աւելի ուշ, Իսահակեան կ’աշխատակցի «Դրօշակ»ի ու Հայ Գուսան ծածկանունով կը ստորագրէ բանաստեղծութիւններ եւ նահատակ ֆեդայիներու կեանքն ու գործը ներկայացնող արձակ էջեր:
Իբրեւ դաշնակցական գործիչ, Իսահակեան կը մասնակցի Դ. Ընդհանուր Ժողովին, որ կը գումարուէր Վիեննայի մէջ, 1907ին: Ժողովը կ’արծարծէր ընկերվարութիւնը իբրեւ գաղափարախօսութիւն որդեգրելու հարցը, որ վէճի դուռ կը բանայ ներկաներուն միջեւ: Այս մասին, Ս. Վրացեանի «Կեանքի Ուղիներով» հատորին մէջ հետեւեալը կը կարդանք.
«Ընկերվարութեան հարցի քննութիւնը, վերջապէս, հասաւ իր վախճանին. բոլոր ճառերը խօսուած էին, եւ ժամանակն էր բանաձեւելու.– մերժել կամ ընդունել ընկերվարութիւնը: Մի քանի հոգի միայն հակառակ քուէ տուին – Ճէլալեանը, Արամ Աշոտը, Աւետիք Իսահակեանը: Եւ, կարծեմ, Ջամալեանն էր, որ պոռաց Իսահակեանի հասցէին.
– Աւետի՛ք, քանի որ ընկերվարութեան հակառակ քուէարկեցիր, դու այժմ պէտք է հեռանաս Դաշնակցութիւնից:
– Ա՛յ, շան տղայ, բոլոր լաւ տղերքը Դաշնակցութեան մէջ են, ես ո՞նց հեռանամ»:
Գրական հրապարակի վրայ, Իսահակեանի յայտնութիւնը տեղի կ’ունենայ 1897ին, ցարական կառավարութեան կողմէ ձերբակալուելէ տարի մը ետք, երբ ան 22 տարեկանին լոյս կ’ընծայէ քերթուածներու իր առաջին հատորը՝ «Երգեր ու Վէրքեր» խորագիրով, որ կ’արժանանայ բոլորին գնահատանքին: Այս գործով, բանաստեղծը նոր խօսք կը բերէր հայ գրականութեան, համեմուած՝ ազգային գոյներով եւ քնարական շունչով:
«Երգեր ու Վէրքեր» հատորը մեր դիմաց կը բանայ Իսահակեանի ներքին աշխարհը, ուր անհատական յոյզերու կողքին, տեղ գտած են նաեւ մօր տիպարը, պանդուխտի տառապանքն ու հայրենիքի կարօտը, բոլորն ալ ապրուած, իրակա՛ն զգայնութիւններ, որոնք աւելի ուշ կ’ամփոփուին «Հին Նոր Երգեր ու Վէրքեր» խորագրեալ հատորի մը մէջ, ուր այս թեմաներուն վրայ կ’աւելան նաեւ համամարդկայինբնոյթով երգեր, որոնք մեզի կը ներկայացնեն խոկացող բանաստեղծը, որ համայն մարդկութեան ուղղելով իր խօսքը, քառեակով մը հետեւեալը կը թելադրէ.
Սիրտդ մաքուր պահիր ու բարի արա՛,
Որ ամպ չընստի յուշերիդ վրայ:
Մի՛ վրազիր... մահին կը հասնիս վաղ, ուշ,
Չեղածի պէս կ’անցնին ե՛ւ երազ ե՛ւ յուշ...
Իսահակեանի անհատական ապրումները՝ նոր օրերու աշուղի մը դէմ հանդիման կը դնեն ընթերցողը: Աշուղ մը, որ ո՛չ միայն կ’երգէ անհասանելի սիրոյ տառապանքը, այլեւ իր կեանքով կ’ապրի անյոյս սիրոյ վիշտը, ճի՛շտ Սայաթ Նովայի պէս, որ իր արեան կաթիլներով իր երգերը կը յօրինէր:
Իսահակեանի քնարական քերթուածներուն հերոսուհին Շուշանիկն է, բանաստեղծին մանկութեան ընկերուհին, որ պայմաններու բերումով կ’ամուսնանայ Իսահակեանի ընկերներէն մեկուն հետ: Այս դէպքը պատճառ կը դառնայ, որ բանաստեղծին երգերը վիրաւոր սրտի մրմունջներով հիւսուին, ժողովրդական խորհերու հարուստ օգտագործմամբ, ինչպէս է պարագան մեր բոլորին ծանօթ՝ երգի վերածուած այս բանաստեղծութեան.
Սիրեցի, եարս տարան,
Եարա տուին ու տարան.
– Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սիրտս պոկեցին, տարան:
Ուրիշ քերթուածներու մէջ, աշուղը չի վարանիր նաեւ յիշատակելու իր սիրածին անունը.
Էս ճամբէն ոլոր–մոլոր,
Սեւ ծովի բոլոր կ’երթայ.-
Շուշան եարս ինծի թողել՝
Էն տղի հետ ո՞ւր կ’երթայ:
(Շարունակելի)
Ս. Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ», 2 Ապրիլ, 1992