Պարոյր, մանչս, երկուքս ալ
Նոյն տարիքը ունէինք.
Հիմա ես կամ, դուն չկաս-
Եղա՞ւ ասիկա:
Թէ բարիք է տաղ ըսել,
Պարոյր, մանչս, երկուքս ալ
Նոյն բարիքը ունէինք.
Հիմա ես կամ իբր թէ-
Իսկ դուն կաս ու կմնաս-
Քանի՞ հոգի մահէն վերջ
Տեսաւ ասիկա:
Սիրելի մարդիկը բոլոր
Թէ կարիք է անկորուստ,
Պարոյր, մանչս, երկուքս ալ՝
Նոյն կարիքը ունէինք.
Հիմա տխուր-առանձին-
Կը վերյիշեմ քաղցրօրէն
Թէ Պարոյրը բանաստեղծ
Ըսաւ ասիկա:
Պարոյր, մանչս, քանի որ
Նոյն տարիքը ունէինք-
Մանուկ էինք երկուքս ալ-
Խաղը կիսատ թողուցիր.
Չ’եղաւ ասիկա:ԶԱՀՐԱՏ



Մեջբերել