ԱՐՑԱԽԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԸ
«ՄԵ՛ՆՔ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆՔ ԱԼԻԵՎԻՆ», Կ՚ԸՍԷ՝ ՀՆԱԳԷՏ ՀԱՄԼԵՏ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ՄԵ՛ՆՔ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆՔ ԱԼԻԵՎԻՆ».- Կ՚ըսէ հնագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամբիոնի վարիչ, Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլետ Պետրոսեան, որ միշտ զբաղած է հայ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու հետազօտութեամբ։
«Ղարաբաղցիները եկուոր են եւ Ադրբեջանի ակադեմիայի պարտականութիւնն է այդ բոլորը ապացուցել եւ ներկայացնել աշխարհին»։ 2005 թուականին այսպիսի կոչով հանդէս եկաւ Ադրբեջանի նախագահը, եւ կարծես այս կոչը խթան հանդիսացաւ, որ Ք.Ա. առաջին դարուն հայոց արքայ Տիգրան Մեծի (95-55) կողմէ Արցախի մէջ հիմնադրուած Տիգրանակերտ քաղաքը յայտնաբերուի եւ արժանանայ հնագիտական հետազօտութիւններու։
«Երկիր» միութեան ղեկավար Սեւակ Արծրունի եւ դոկտոր Համլետ Պետրոսեան, իբրեւ նախկին ծանօթներ եւ ազատագրուած տարածքներու մշակութային հետազօտութիւններով շահագրգռուող անձեր, տեսնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԼՂՀ-ի իշխանութիւններու անտարբերութիւնը Ադրբեջանի նախագահի յայտարարութեան նկատմամբ, կը մտածեն անձամբ պատասխանել Ալիեվին. «Ես եւ Սեւակ Արծրունին մտածում էինք, որ մե՛նք Ալիեվին պիտի պատասխանենք, եթէ ոեւէ մէկը չի փորձում պատասխանել, անձամբ ե՛ս եմ պատասխանելու նրան։ Ի վերջոյ մեր նպատակն է՝ թէ՛ հայ, թէ՛ միջազգային հանրութեան տեղեկացնել, որ ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ յայտարարութիւնների, Աղդամը մօտաւորապէս մի քանի հազար տարի հայերի հայրենիքն է եւ դա ամենեւին չի նշանակում՝ ազերիների հետ անհաշտ լինել, կռուել, ժխտել մարդու երջանիկ լինելու իրաւունքը եւ այլն, դա այդ ամէնի հետ որեւէ առնչութիւն ունենալ չի կարող։ Թէ՛ հայ, թէ՛ ազերի մտաւորականը պարտաւոր են ասել ճշմարտութիւնը։ Սեւակը առաջարկեց յայտնաբերել Տիգրանակերտը, ես որոշ տեղեկութիւններ ունէի այս մասին, որ կան մի շարք աւանդազրոյցներ, որոնք ասում են, թէ Աղդամից ոչ հեռու, որտեղ Արքայական աղբիւրներ կոչուող վայր է, հսկայական լերան տակից գետի նման վարար մի աղբիւր է բխում եւ այդտեղ եղել է Տիգրանակերտը»։
2005 թուականի մարտին Համլետ Պետրոսեան կը կազմէ արշաւախումբ մը, որուն մէջ կ՚ընդգրկէ տարբեր ժամանակաշրջաններու մասնագէտներ, ապա, իբրեւ արշաւախումբի ղեկավար, կը ծանօթանայ համապատասխան գրականութեան աղբիւրներուն եւ կը համոզուի, որ այդ տուեալները այդքան ալ աղքատիկ չեն։
2005-2006 թուականի պեղումներու աշխատանքներուն ֆինանսաւորումը կ՚իրականացնէ «Երկիր» միութիւնը, որուն ղեկավար Սեւակ Արծրունին արշաւախումբին կազմած ծրագիրները կը ներկայացնէ տարբեր տեղեր՝ փորձելով գումար հայթայթել։ Աշխատակազմը աջակցութիւն ստացած է զուիցերիահայերու միութենէն, Ֆրանսայի «Երկիր» միութենէն, Լոս Անջելեսի Տիգրանակերտին աջակցողներու խումբէն։ Հաւաքուած համեստ գումարը հնարաւորութիւն չէ ստեղծած պեղումներու մեծ ծաւալներ ընդգրկելու։
2007 թուականին նիւթական դժուարութիւններու պատճառով պեղումները կը վտանգուին, արշաւախումբի ղեկավարը ստիպուած կը դիմէ Արցախի վարչապետին՝ յայտնելով, որ եթէ Արցախի կառավարութիւնը որեւէ կերպով չաջակցի պեղումներու աշխատանքին, վերոյիշեալ տարին Տիգրանակերտը չի հետազօտուիր։ Այդ ձեւով Արցախի կառավարութիւնը կը յատկացնէ մօտ տասը հազար տոլար, որ «Երկիր» միութեան ապահոված գումարին հետ միասին կը նպաստէ 2007 թուականին պեղումները իրականացնելու գործին։
«Թւում էր, թէ դա մեր վերջին յոյսն էր, եւ այլեւս պեղումները չեն կայանայ, սակայն շատ հետաքրքիր դէպք պատահեց։ Որովհետեւ ես ամրան Տիգրանակերտում չէի աշխատում, ինձ հրաւիրեցին Դադիվանք՝ պեղումներ կատարելու, այնտեղ ես հանդիպեցի Ղարաբաղի այսօրուայ նախագահ Բակո Սահակեանին, որ ընտրարշաւի համար քարոզարշաւ էր անում, ինձ ճանաչում էր դէմքով, ասեց՝ պր. Պետրոսեանը Տիգրանակերտում չէ՞, ասեցի՝ չէ, որովհետեւ Արցախի իշխանութիւնները չկարողացան գոնէ մէկ միլիոն դրամով օգնել, որ Տիգրանակերտը պեղենք, ինք ասեց՝ Տիգրանակերտին ոչ թէ մէկ միլիոն դրամ, այլ մէկ միլիոն դոլար է պէտք։ Աշնան նախագահը ինձ կանչեց՝ ասելու, որ իրենք որոշել են աջակցել պեղումներին, ես դիմումը ներկայացրեցի եւ Արցախի իշխանութիւնը 2008 թուականին պեղումների համար տրամադրեց երեսուն միլիոն դրամ (մօտ 100,000 $) Պեղումները երեք անգամ աւելի մեծ ծաւալ ընդգրկեցին, քան նախկինում։ Արդիւնքները շատ գոհացուցիչ են, բայց հիմա բազմաթիւ խնդիրներ կան, որ մենք չենք կարող լուծել։ Նիւթերը վերականգնելու, գրչանկարելու, լուսանկարելու, մաքրելու եւ արշաւախումբը պահելու համար մեծ գումարներ են պէտք, որովհետեւ ընդհանրապէս պեղումները շատ թանկ են, մենք այսօր օրական ծախսում ենք մօտաւորապէս հազար տոլար եւ դա այն դէպքում, երբ ունենք քառասունհինգ բանուոր եւ արշաւախմբի ութ անդամ։
«Այս տարի նոր դիմում եմ ներկայացրել Արցախի իշխանութիւններին, յոյս ունենք, որ գոնէ նոր տարուանից իրավիճակը կը փոխուի եւ արշաւախումբը լիարժէք կ՚աշխատի։ Մի բան է պեղելը, մի ուրիշ բան է ներկայացնելը. մենք չենք կարող միայն աւերակները ցոյց տալով բաւարարուել։ Մենք այդ ամբողջ նիւթը պիտի մշակենք, հասկանանք, դնենք պատմամշակութային այդ ընդհանուր համատեքստում ու յետոյ ներկայացնենք»։
«Գումար ապահովելու մեր փորձերը խիստ անբաւարար են ակադեմական մակարդակ ապահովելու համար, ի վերջոյ ես բոլոր ժամանակների բոլոր գործերի մասնագէտը չեմ, ես կարող եմ մի բան շատ լաւ անել, ուրիշը՝ մի ուրիշ բան։ Տիգրանակերտի հետազօտութիւնը պահանջում է ճարտարապետների, զանազան ժամանակաշրջանի հնագէտների համագործակցութիւն, այդ համագործակցութիւնը ես ստեղծել եմ պեղումների մակարդակով, բայց այսօր պէտք են միջոցներ, որպէսզի մենք կարողանանք կայանալ նաեւ որպէս գիտական օղակ, որը հետազօտում է Տիգրանակերտը»։
ՊԵՂՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ ՇԱՏ ԲԱՐԵՅԱՋՈՂ ԷՐ
«Մեր բախտը շատ բերեց, որովհետեւ պեղումների երրորդ կամ չորրորդ օրը մենք այնպիսի հզօր պարիսպներ յայտնաբերեցինք՝ հռոմէական ոճով կառուցուած յատուկ շրջանակներով տաշած քարեր, իրար միացուած ծիծեռնակապոչ կապերով, որ ամբողջ արեւելեան Անդրկովկասում այդպիսի պատեր չկան։ Մի քանի օրից մեզ համար պարզ էր, որ մեզ յաջողուել է յայտնաբերել Տիգրանի ժամանակ կառուցուած շատ հզօր մի բնակավայր եւ այդ բոլոր տուեալները համադրելով՝ մեզ համար կասկած չկար, որ դա իրօք Տիգրանակերտն է։
«Յայտնաբերելով կեդրոնական թաղամասը՝ հասկացանք, որ քաղաքը բաղկացած էր լերան լանջի վրայ ամրացուած մեծ թաղամասից, լերան ստորոտում՝ հարթավայրում փռուած է նրա կեդրոնական թաղամասը, իսկ կեդրոնական թաղամասից դէպի փոքր ինչ հարաւ-արեւելք փռուած են դամբարանադաշտերը։ Առ այժմ Տիգրանի ժամանակուայ դամբարանադաշտը չենք գտել, գտել ենք միայն վաղ քրիստոնէական շրջանինը, բայց յոյս ունենք, որ դա էլ կը գտնուի։ Մօտ յիսուն հեկտարանոց մի քաղաք է, հիմա բացում ենք հինգ-վեցերորդ դարի մի եկեղեցի լրիւ սրբատաշ, որ իր ժամանակի ամենամեծ միանաւ սրահներից մէկն է։ Ի լրումն այդ ամէնին՝ մենք այնտեղ շատ ուշագրաւ սկաւառակ գտանք, որի վրայ կայ հայերէն արձանագրութիւն։ Դա լիակատար ուշագրաւ էր այն առումով, որ ես միշտ համոզուած եմ եղել եւ կային բաւականին փաստեր, որ ամբողջ Խաչենագետի ներքնահովիտը լրիւ հայկական միջավայր է։ Սուտ է, այնտեղ որեւէ աղուանական կամ աղուանանման բաներ չեն կարող լինել, մեր պեղումները նոյնպէս դա հաւաստեցին։ Հիմա մեզ անընդհատ հարցնում են՝ է՛լ ի՞նչ ակնկալիք ունէք, ես ասում եմ թերահաւատների, կասկածողների, յատուկ Ադրբեջանի ակադեմիայի համար, մեզ մնում է ընդամէնը մի բան գտնել, որեւէ յունարէն, արամերէն կամ ինչ որ այլալեզու արձանագրութիւն Տիգրանի ժամանակի, կամ թէկուզ վաղ քրիստոնէական շրջանի որեւէ արձանագրութիւն, որտեղ յիշատակուած լինի թէ այդ եկեղեցին ի վերջոյ ո՞ր բնակավայրում է՝ դրանով ես իմ ամբողջ առաքելութիւնը կատարած կը լինեմ»։
Ի՞ՆՉ ԱՐԴԻՒՆՔ ՏՈՒԱԾ ԵՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐԸ 2008 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ
Ըստ արշաւախումբի ղեկավարին, պեղումներն ընթացած են վեց տեղամասերու մէջ։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այնպէս ալ այս տարի պեղումները երեւան բերած են հզօր, հարուստ եւ գեղեցիկ քաղաքի մը պատկերը։
Քաղաքի ամրացուած թաղամասի միջնաբերդի պեղումներու ամենամեծ յաջողութիւնը աւելի քան ինը մեթր տրամագիծով շրջանակաձեւ աշտարակի յայտնաբերումն է, որուն պատերը պահպանուած են մինչեւ հինգ շարք բարձրութեամբ։
Միջնաբերդի գագաթային մասին մէջ իրականացուած պեղումները ցոյց տուած են, որ 12-13-րդ դարերուն այս հատուածը վերածուած է խիտ բնակեցուած թաղամասի։ Թէ ինչպիսի՛ տեսք ունէր ան Տիգրան Մեծի ժամանակ, պարզ կը դառնայ հետագայ պեղումներու ընթացքին։
Գրեթէ ամբողջութեամբ կ՚ուրուագծուին ամրացուած թաղամասի հարաւային պարսպապատի ժայռափոր հիմքերը, որոնք ձգուած են 450 մեթր երկարութեան վրայ։ Բացուած է այս երկարութեան 320 մեթրը (միջին մակերեսը 2500 քառ. մ)։
Ամրացուած թաղամասին մէջ շինութիւնները տեղադրուած են քանի մը դարաւանդներու վրայ։ Պեղումներով բացուած է այդ դարաւանդներէն մէկուն յենապատը՝ աւելի քան 60 մեթր երկարութեամբ։
Վաղ քրիստոնէական միանաւ պազիլիքը բացուած է աւելի քան 21 մեթր երկարութեամբ։ Սրբատաշ խոշոր պլոքներով ու կրաշաղախով իրականացուած այս կառոյցը ունեցած է զոյգ հարաւային ու հիւսիսային շքեղ շքամուտքեր, ատամնազարդ քիւ։ Միանաւ այս սրահը Անդրկովկասի համանման կառոյցներու մէջ ակնառու է իր մեծ չափերով, իդեալական սրբատաշ պատերով ու սալայատակով, ճարտարապետական հարուստ ձեւաւորումով։
Ուշագրաւ է կաւէ փոքրիկ (տրամագիծը մօտաւորապէս 8 սմ) սկաւառակի գիւտը, որուն մէկ երեսին վրայ փորագրուած է շրջանակի մէջ ներառուած հաւասարաթեւ խաչ, իսկ միւս երեսին՝ մորթենիի գլխարկ կրող, բեղ-մօրուքով տղամարդու դիմապատկեր եւ խիստ ուշագրաւ հայերէն արձանագրութիւն՝ Վաչէի անունով։ Թէ ո՞վ է այս Վաչէն եւ ի՞նչ առնչութիւն ունի 5 - 7-րդ դարերուն գործած եւ Վաչէ անունը կրող քանի մը յայտնի գործիչներու հետ, ցոյց կու տայ հետագայ քննութիւնը։ Տիգրանակերտի այս գտածոն փաստօրէն Արցախի տարածքին յայտնաբերուած ամենահին հայերէն արձանագրութիւններէն մէկն է եւ լաւագոյն փաստարկը՝ Խաչենագետի ներքնահովիտի վաղ քրիստոնէական-հայկական դիմագիծին։
Պեղումները վաղ քրիստոնէական դամբարանադաշտի մէջ երեւան բերին կանոնաւոր շարքերով տեղադրուած թաղումներ, որոնք իրենց կառուցուածքով եւ թաղման ծէսով նման են Ստեփանակերտի արուարձան Արմենաւանի դամբարանադաշտին։
Պեղումներու յաջողութիւններէն մէկն ալ այս դամբարանադաշտի տարածքին բարձունքի մը վրայ յայտնաբերուած թեւաւոր խաչերու եւ խաչակալի քանդակազարդ մասերն են։
Պարզելու համար կեդրոնական թաղամասի ընդհանուր շերտագրական պատկերը, անոր բարձրադիր կէտերէն մէկուն մէջ պեղուեցաւ աւելի քան 50 քառ. մեթր մակերեսով փոսորակ մը։ Պարզուեցաւ, որ այնտեղ մշակութային շերտին խորութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս երեք մեթրի։ Առ այժմ պեղումները հասած են վաղ միջնադարեան շերտին։ Խիստ ուշագրաւ է վաղ միջնադարեան երեք անօթներու բեկորներու գիւտը, որովհետեւ անոնք կը կրեն հայերէն տառեր։
2008 թուականի պեղումներուն անմիջապէս յաջորդած են եկեղեցւոյ ջրահեռացման համակարգի ստեղծումը։ Պեղումներու արդիւնքով բացուած եկեղեցին կը գտնուի աւելի քան երեք մեթր խորութիւն ունեցող փոսի մէջ, եւ նոյնիսկ զօրաւոր հեղեղ մը կրնայ կործանարար ըլլալ անոր պատերու սալայատակին համար։ Այժմ ստեղծուած է ջրահեռացման մեծ համակարգ, որ յուշարձանը զերծ կը պահէ հեղեղումներէ։
Տիգրանակերտի պեղումներով յայտնաբերուած յուշարձանը բաց է այցելուներու համար, ԼՂՀ կառավարութեան յատուկ որոշումով արգիլուած է յուշարձանի տարածքին որեւէ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալել։ Զբօսաշրջութեան նորաստեղծ վարչութիւնը ծրագրեր է մշակել Վանքասարը, որուն ստորոտին կը գտնուի քաղաքը, վերածել պատմամշակութային արգելոցի եւ զբօսաշրջութեան կեդրոնի։
Տիգրանակերտը պեղող Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբը այսօր կայացած գիտական կազմակերպութիւն է, անոր մնայուն կազմին մէջ են Արցախի պետական համալսարանի դասախօս Վարդգէս Սաֆարեան, ճարտարապետութեան թեկնածու Լիուբա Կիրակոսեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածուներ Աղաւնի Ժամկոչեան, Ռուբէն Վարդանեան, Յասմիկ Մարգարեան, ԵՊՀ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնի հայցորդ Վրթանէսովան, Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի մագիստրանտ Դաւիթ Նահատակեան։ Արշաւախումբը այժմ կը մշակէ եւ կը վերականգնէ գտածոները, ընթացքի մէջ է Տիգրանակերտի յայտնաբերմանն ու հնագիտական առաջին հետազօտութիւններու արդիւնքներուն նուիրուած գրքին նախապատրաստումը։ Արդէն կը գործէ Տիգրանակերտին նուիրուած կայքը www..tigranakert.am։
Տիգրանակերտի պեղումներու արդիւնքները ներկայացուած են ս. թ. սեպտեմբեր 10-12-ին Փարիզի մէջ կայացած հայագէտներու միջազգային կոնգրեսին, ուր եւ ընդունուած են մեծ խանդավառութեամբ։
Չորրորդ տարին է, որ կ՚ընթանան Տիգրանակերտ քաղաքի հնագիտական հետազօտութիւնները, դեռ շատ ճամբայ կայ անցնելու, յուշարձանը շատ մեծ է, մասնագէտները քաղաքին մասին հիմնարար պատկերացում կրնան կազմել քանի մը շրջան պեղելէ ետք, այսինքն այս ընթացքով հազիւ հինգ-վեց տարուան ընթացքին առաւելագոյնը կարելի է պեղել ամբողջ քաղաքին քսան տոկոսը միայն։
![]()



Մեջբերել