ՏԱՊԱՐԻ ՀԱՐՈՒԱԾԷՆ ԵՏՔ
(Վերականգնելու համար Հայուն տապալած ծառը)
,,,,
,,,,1918-ի Զինադադարէն յամեցող քաղաքական ու ապահովական նոր պայմաններու մթնոլորտին մէջ (երբ օսմանեան մայրաքաղաքը ինկած էր յաղթական Դաշնակից Ուժերու հսկողութեան տակ), 1921-ի նախասեմին, Թէոդիկ Պոլսոյ «Մ. Յովակիմեան տպարան»էն հրապարակ կը հանէր իր Տարեցոյցին ԺԵ տարուան նորատիպ հատորը, շուրջ 400 էջերով ու 240 լուսանկարներով: «Ամէնուն Թէոդիկ»ը, այսպիսով, անգամ մը եւս կը յարգէր աւանդական դարձած իր այնքա՜ն ցանկալի ժամադրութիւնը հայ ընթերցողին հետ:
,,,,Զինադադարը կանխող երկու տարիներու ընթացքին, 1916-1917, ի հետեւումն Իթթիհատի հայահալած ու հայակործան քաղաքականութեան, հայ հրատարակչական կեանքը կատարելապէս ցամքեր էր թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ գաւառներու մէջ, ուր այլեւս հայութիւն ալ չէր մնացած: Ո՛չ մեկ գիրք տպագրուած էր այդ շրջանին, իսկ գոյութիւն ունեցող բազմատասնեակ թերթերէն դժուարաւ կրցեր էին վերապրիլ, շշնջել, քանի մը անուններ միայն:
,,,,1918-ի Նոյեմբերէն ետք պատկերը շուտով պիտի շրջափոխուէր սակայն: Պոլսահայ տպարաններու մամլոյ մեքենաները դա՛րձեալ պիտի ճռնչէին, հայերէն գիրքեր ու նորանոր թերթեր դա՛րձեալ պիտի ողողէին հրապարակը: Լոյսին պիտի գային նաեւ բազմագոյն տարեցոյցեր:
,,,,Արդարեւ, հետզհետէ շուկայի վրայ պիտի երեւէին Յ. Յ. Ամիրենցի «Անկուտիներու Տարեցոյցը» (1919, շարունակուած՝ մինչեւ 1927), Յարութիւն սարկաւագ Մանավեանի «Ազատութեան Տարեցոյցը» (1919, 1921), Սիմոն գափամաճեանի «Գրպանի Տարեցոյց»ը (1920–1934), լրագրող Մկրտիչ Կապրաշի «Երեւանի Տարեցոյցը» (1920), Միսաք Սուրեանի «Առաւօտին Տարեգիրքը» (1921), Երուանդ Օտեանի «Երգիծական Տարեցոյցը» (1921), Ակնունիի փոքրածաւալ «Սիրահարներուն Տարեցոյցը» (1921), երգիծագիր Երուանդ Թօլայեանի «Կավռօշի Տարեցոյցը» (որ կեանքի կոչուած էր 1910-ին, յետոյ պիտի վերերեւէր Զինադադարի վաղորդայնին ու շարունակուէր բաւական երկար տարիներ):
,,,,Վերոյիշեալ տարեցոյցերուն խայտաբղէտ խորագիրներէն դիւրաւ կարելի է ենթադրել արդէն, թէ անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կրէր թեթեւ ժամանցի բնոյթ՝ առաւելաբար հասցէագրուած ըլլալով ընթերցողներու զուարթասէր խաւին: Այս բոլորին մէջ, Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» կը մնար բացառապէս միա՛կ լուրջ ու ծանրակշիռ ժողովածուն, իբրեւ որակ ու ծաւալ հաւասարապէս:
,,,,Զինադադարէն ետք լոյսին բերուած իր այս երկրորդ տարեցոյցով (առաջինը՝ 1916-1920-ի միացեալ հատորն էր), Թէոդիկ դա՛րձեալ «բարձի գիրք» մը կը շնորհէր իր ընթերցողներուն, բայց այս անգամ այդ գիրքին առանցք կը դարձնէր երեք հիմնական նիւթեր.
,,,,1- Արարատի շուքին տակ 28 Մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անոր առթած յուսատու խանդավառութիւնը:
,,,,2- Մեծ Եղեռնի հետեւանքով ստացուած տապարի հարուածը, որուն ահաւորութիւնը չէր դադրէր յաճախանք մը ըլլալէ վերապրողներուն համար:
,,,,3- Պոլսոյ հայութեան վերապրումի ճիգերը, մեկ կողմէ փաթթելու համար իր վէրքերը ու միւս կողմէ շարունակելու՝ պահ մը կասած իր ազգային կեանքը:
,,,,Արդարեւ, Թէոդիկ խանդավառ եւ յուսալից կ’երեւի Հայ Հանրապետութեան ծնունդով: Ու ներկայ հատորին էջերուն մէջ՝ ան բազմիցս իր խանդավառութիւնը կը փոխանցէ ընթերցողին: Ան նորածիլ հանրապետութեան զինանշանը զետեղած է արդէն Տարեցոյցի անուանաթերթին վրայ: Իսկ ներքին էջերուն մէջ՝ լայն տեղ յատկացուցեր է հանրապետութեան քաղաքական ու կազմակերպչական կեանքին:
,,,,Հանրապետութեան ծնունդով նոյնքան խանդավառ եւ նաեւ աշխատակիցները: Զորօրինակ, քաղաքական վաղեմի գործիչ ու հրապարակագիր Մինաս Չերազ Մարսեյլէն կը գրէր. «Դադրինք թափած արիւնին վրայ ափսոսալէ, եւ առ այժմ Հայ Հանրապետութիւնը բալասան նկատենք մեր վէրքերուն» (էջ 5): Իսկ Նարոյեան Մեսրոպ եպս., Արմաշու քանդուած դպրեվանքին վերջին վերատեսուչը, սրտառուչ կոչով մը կը թելադրէր տարաբնակ հայութեան՝ համախմբուիլ հայրենի նորանկախ երկրին կտուրին տակ, համոզուած ըլլալով որ «ազգի մը բնականոն զարգացումը իր հայրենի անբռնաբարելի հողին վրայ միայն հնարաւոր է» (էջ 29):
,,,,Արարատեան Հանրապետութենէն հեռու, նոյն շրջանին, յարափոփոխ իրավիճակ մը կը տիրէր Կիլիկիոյ մէջ: Պահ մը, կը կարծուէր որ պատմական Սիւսուանը գիրկը պիտի վերադառնայ հայութեան...: Ու տխուր է անդրադառնալ, թէ քաղաքական այդ խառնակ պահերուն՝ մարդիկ երբեմն որքա՜ն միամիտ կամ անիրապաշտ ցանկութիւններով կ’օրօրէին ազգը: Զորօրինակ, Տարեցոյցի աշխատակիցներէն Պալաքեան վարդապետ (որ ցմրուր քամած էր Եղեռնի ու աքսորի դառնութիւնները), խօսելով Զինադադարէն ետք Կիլիկիա վերադարձած երկու հարիւր հազար հայերու վերաբնակումի ու վերաշինութեան տենդին մասին, կը կատարէր սա լաւատեսական եզրայանգումը.
,,,,- Հայ ժողովուրդը դեռ նո՜ր ապրիլ կը սկսի եւ հայ արեւը դեռ նո՜ր կը բարձրանայ Արարատի եւ Ամանոսի լերանց ձիւնափառ կատարներէն. մինչ մահկաձեւ լուսինը մթագնած՝ արագօրէն կը խորասուզուի անհետացող ազգերու պատմութեան յաւիտենական աղջամուղջին մէջ (տե՛ս էջ 387, Տարեցոյցին վերջին յօդուածը, ամենայն հաւանականութեամբ գրի առնուած՝ 1920-ի վերջերը):
,,,,Նոյն նիւթին շուրջ, այլ աշխատակից մըն ալ էջ 231-ի վրայ կը գրէր.
,,,,- Այսօր աւելի քան երբէք հայո՛ւն է Կիլիկիան եւ հոն հայեր միայն կ’ապրին. իսկ անոնք որ եկած էին խորթ Անատօլուէն՝ միանգամ ընդ միշտ հեռացած են հոնկէ, այլեւս չվերադառնալու համար:
,,,,Այս խօսքերէն հազիւ երկու տարի ետք՝ պատմութիւնը ցոյց պիտի տար թէ «մթագնած մահկաձեւ լուսին»ը ի՜նչ անակնկալներ վերապահած է հայութեան, որո՛ւն սեփականութիւնը դարձաւ Լեւոններու ու Հեթումներու Կիլիկիան եւ թէ որո՛նք միանգամընդմիշտ հեռացան հոնկէ...
,,,,1921-ի տարեցոյցին մէջ, վերապրող գրիչներ կը շարունակեն դրուագներ պատմել Մեծ Եղեռնի սարսափազդու տարիներէն: Մեկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնը թաց էր տակաւին ու կը մղկտացնէր սրտերը: Առանց ցնցումի կարելի չէ կարդալ Երուանդ Օտեանի «Սէպիլի վրաններուն տակ»ը (էջ 91), Թորոս Ազատեանի «Խորհրդաւոր նաւակը» (էջ 190) ազգային եռանդուն գործիչ Սարգիս Սուինի նահատակութեան քստմնելի դրուագը (էջ 158):
,,,,Արեւմտահայութեան հաւաքական խողխողումը իր հայրենի հողերուն վրայ, այնպիսի զայրոյթ մը յառաջացուցեր էր վերապրող խլեակներուն մօտ, որ անոնք ամէն առթիւ չէին վարաներ պոռթկալու Երկնքի Արքային դէմ, ընդվզելու՝ այն անասելի նախճիրներուն համար, որոնք իրագործուած էին անոր «անտարբեր» հայեացքին տակ: Զորօրինակ, Սարգիս Թիւթիւնճեան (Շարասան) կը նկարագրէ Բալուի աւերակ դարձած հայաբնակ երբեմնի գիւղերէն մեկուն եկեղեցիէն ներս իր մուտքը ու մոլեգին յանդըգնութիւնը՝ քարկոծելու գիւղին պաշտպան սուրբին՝ «Ս. Թորոս»ի ոսկետառ արձանագրութիւնը, մտածելով որ «այս սուրբը տակաւին ինչո՞ւ կը յամենար մնալ հո՛ն, վերը, երբ հոս, վարը մեռելութիւնը կը տիրապետէր այնքան բացարձակօրէն»...(էջ 101):
,,,,Եղեռնի պատմութեան հետ անմիջականօրէն կ’առնչուէին նաեւ հայ «խաֆիէ»ները, այսինքն հայածին տխրահռչակ այն դաւադիրները, որոնք 1915–1917-ի մռայլ տարիներուն՝ ամէնէն թանկագին գործակատար-լրտեսները հանդիսացան թուրք գաղտնի ոստիկանութեան ու Իթթիհատի կեդրոնին: Անոնց ցուցմունքներո՛վ է որ շարան-շարան կազմուեցան ցանկերը աքսորի ու մահուան դատապարտուած հայ երեւելի դէմքերուն ու մտաւորականներուն: Ի՜նչ ըսել: Այնքա՜ն շատ էին հայ «խաֆիէ»ները այդ օրերուն,– Արթին Մկրտիչեան (որուն սխրագործութիւններով հատորներ կարելի է լեցնել), Հիտայեթ անուանեալ հաւատուրաց նախկին կաթոլիկ վարդապետը, Արշաւիր Սահակեան, Հմայեակ Արամեանց (հրապարակագիրի անուն շինած կաչաղակ մը, որ իր գաղափարակից քսան ընկերներուն կախաղան բարձրացումի պատասխանատուն եղաւ), Նշան Սէթեան, Վահէ Իհսան (Եսայեան), Միհրան Եազըճեան, յիշելու համար մեկ քանին:
,,,,Զինադադարը առիթ մը եղաւ բարեբախտաբար, որ այդ եպերելիները քաւե՛ն իրենց մեղքերը: Մկրտիչեանն ու Արամեանցը դիտապաստ ինկեր էին արդէն 1919-ի սկիզբները: Աւելի ուշ կարգը եկաւ միւսներուն ալ, միշտ անծանօթի մը գնդակով: Թէոդիկ, որուն միամեայ բանտարկութիւնն ու աքսորը հայածին այն նո՛յն «խաֆիէ»ներուն ցուցմունքներով իրականացուէր էր, այս արդար հաշուեյարդարներուն առթիւ՝ լուռ գոհունակութեամբ նկատել կու տար, որ անոնց համար «ապրիլը նախատինքն մըն է եւ մեռնիլը պարտականութիւն մը»...(էջ 321):
,,,,«Ամէնուն Տարեցոյցը»ի այս թիւը բաւական ընդարձակ գլուխներ տրամադրած է նաեւ պոլսահայոց ազգային հաւաքական հեւքին՝ Զինադադարին յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին: Ծանօթ է որ դիմափոխուած ու վիրաւոր քաղաք մըն էր հայկական Պոլիսը այդ շրջանին, սգաւոր ու շուարուն: Վերապրողներու բազուկներով ամէն ճիգ կը փորձէր ան՝ ամոքելու համար Եղեռնի հետեւանքով իր ստացած վէրքերը, հաց ու հագուստ ապահովելու որբանոցները յորդեցնող հազարաւոր հայ ծնողազուրկ երեխաներուն, շնչաւորելու՝ ազգային, կրթական, ընկերային ու մշակութային մեր ամլացած կեանքը. միով բանիւ՝ վերականգնելու համար Հայուն տապալած ծառը:
,,,,Այս ծիրին մէջ կ’իյնան Նշան Պէշիկթաշլեանի ստորագրած «Թատերական տարին» (էջ 267–279), Պիմէն Զարդարեանի պատրաստած տեղեկատու ուսումնասիրութիւնը պոլսահայ միութիւններու վերաբերեալ (էջ 299–308), Թէոդիկի կազմած ցանկերը՝ Պոլիս հրատարակուած հայերէն նորատիպ գիրքերու կամ լոյս տեսնող հայատառ թերթերու մասին (էջ 309–315):
,,,,Ի դէպ, Տարեցոյցի նախորդ միացեալ թիւին նման, 1921-ի ներկայ հատորին պարունակութիւնը եւս, կարեւոր տոկոսով (աւելի քան մեկ երրորդ համեմատութեամբ), արգասիքն է Թէոդիկի գրչի սեփական աշխատանքին, պրպտումներուն, հետազօտիչ-բանահաւաքի ունակութեան: Ժողովածուին էջերուն սփռուած իր ստորագրեալ ու անստորագիր բազմաթիւ գրութիւններուն մէջ՝ պէտք է առանձնացնել սակայն այն երկու հիւթեղ մենագրութիւնները, որոնք անջատաբար կը խօսին Խորէն արք. Նար-Պէյի առասպելաշունչ ներքին կեանքին (էջ 203) ու օսմանեան դարաշրջանի արքունի ճարտարապետներու մեծահամբաւ Պալեան ընտանիքի շինարարական կոթողային ծառայութեանց մասին (էջ 265): Կասկած չունինք, որ մերօրեայ ընթերցողներն անգամ անյագ հաճոյքով պիտի վայելեն այդ էջերը:
,,,,Աւելորդ չէ կրկնել, որ նախորդ բոլոր հատորներուն նման, վերահրատարակեալ այս հատորը եւս օժտած ենք «Յաւելուած»ի խիստ օգտակար բաժնով մը, այնտեղ ցանկագրելով գիրքին մէջ յիշատակուած բոլոր անձնանունները, տեղանունները եւ հայ մամուլի օրգաններու անունները, այբբենական դասաւորումով ու հարկաւոր վերծանումներով կամ բացատրողական նշումներով: Ցանկագրած են նաեւ հատորին լուսանկարները, պատրաստած ենք բովանդակութեան առանձին ցուցակներ՝ ըստ յօդուածներու բնոյթին: Այս բոլորը գոյութիւն չունին Տարեցոյցի Պոլիս հրատարակուած մայր տպագրութեան մէջ:
,,,,Մեր այս աշխատանքը, անկասկած, Տարեցոյցը կը փրկէ իր գլխաւոր թերութենէն ու հեզասահ կը դարձնէ անոր պարունակութենէն օգտուելու մերօրեայ կամ ապագայ բանասէրներուն պրպտողական ճիգերը: Ճիշդ 90 տարի առաջ, պոլսահայ մամուլի երեւելի անուններէն գրագէտ Յովհաննէս Ասպետ (Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ) հրապարակաւ կը գանգատէր, թէ այս «տարեցոյցերուն մէջ որոնք ամէնունն են՝ ամէն բան կայ, բայց միայն կարգ չկայ: Ամբողջ հատորը հսկայ "դէս ու դէն" մըն է» (տե՛ս էջ 6):
,,,,Այդ իրաւացի գանգատը բարձած է այլեւս:
Հալէպ, Փետրուար 2010,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,,, ,,, ,,,, ,,,, ,,,,ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ