Գաբրիէլ արքեպս Այվազեան


Ծն. Թէոդոսիա` 10 մյս. 1812, կաթոլիկ հօրմէ եւ հայ մօրմէ: Եղբայր աշխարհահռչակ Այվազովսկիի: Աշխարհականութեան անունն էր Աղեքսանդր: Ուսման համար 1826 թ. Վենետիկ ղրկուած եւ 1834 թ. Վարդապետ ձեռնադրուած: Հիﬓադիր «Բազմավէպ» ամսագրի՝ զոր հրատարակեց 1842-48՝ Ալիշանի եւ Սօրկուճեանի հետ, միաժամանակ ատենադպիր միաբանութեան: Յետոյ Պարիզ ղրկուած՝ Մուրատեան վրժրն.ի իբր տեսուչ եւ դաստիարակ: 1852 թ. Միաբանութեան եւ դպրոցին վարչութեան միջեւ գժտութիւն ծագելով՝ ինք, Ս. Թէոդոսեան եւ Ա. Գալֆայեան (Իշխան Գուիդոն Լուսինեան) Մխիթարեանէ Հայ եկեղեցւոյ գիրկը դարձան 1855 թ. եւ ’ի Պարիզ հիﬓեցին «Հայկազեան» ուսումնարանն որ քանի մը տարուան կեանք ունեցաւ: Այվազեան նախ Պոլիս, յետոյ Ռուսաստան անցնելով կ’ընտրուի առաջնորդ Բեսարաբիոյ՝ ուր Յր. Խալիպեանի օժանդակութեամբ համանուն ուսումնարանը կը հիմնէ, տպարան մըն ալ բանալով: 1871 թ. Ուսումնարանը Ն. Նախիջեւան կը փոխադրուի:

1874 թ. Գէորգ Դ. Կաթողիկոսէն եպիսլոպոս ձեռնադրուելով ճեմարանի տեսուչ կը կարգուի եւ 1879 թ. Վրաստանի եւ Իմերեթի առաջնորդ: Կը վախճանի 8 ապր. 1880 թ., թաղուելով վանքին մայր եկեղեցւոյ բակը: – Հրատարակած է «Մասեաց Աղաւնի» հայ.-ֆրնս. Ամսագիրն ի Պարիզ (1855) զոր 1860 թ. Թէոդոսիա փոխադրելով՝ շարունակեց իբր կիսամսեայ հայեւռուս բարբառով, մինչեւ 1865: Երկերը.– Պատմութիւն, 1. Ռուսաց, 2. Օսմանցւոց, 3. Մխ. Միաբանութեան, 4. Խալիպեան Ուսումնարանի. Առումն 1. Երուսաղէմի, 2. Կ. Պոլսոյ. Յանոսի յաղագս Պապին, Հռովմայ Եկեղեցին, Նիկոլ Եպս., Հռիփսիմեանք, Ներսէս Պարթեւ, Հնչում Ղ եւ Լ տառից, Խանգարմունք հայկաբանութեան, Ուղղագրութիւն, Նախակրթարանք հայ լեզուի, Քրիստոնէական մը, Վարդապետարան ուղղափառ հաւատոյ, Վարք Յս.ի, Լսարան 1. Հոգեշահ պատմութեանց, 2. Կենցաղօգուտ գիտելեաց, Օրէնք վայելուչ կենցաղավարութեան, Յաղագս մարդկային պարտուց (թարգ.), Եօթն խօսք առ տղայս (թարգ.), Ընթերցարան (ռուսերէնէ), Արեւն ու մոլորակները, Առակներ՝ Խրիմու հայոց լեզուով, 1001 առակաւոր բանք, Առակք Քռիլովի, ևն: Թողած է շատ մը անտիպ գործեր. երկհատոր Հայկազեան բառարանի յօրինման ատեն՝ օգնած Աւգերեանի, նաեւ Էջմիածնի ծածկագրութիւնները մեկնած:

Առակաւոր խօսքեր ամէն ժամանակ եւ ամէն ազգերու մէջ գործածուած են իբրեւ մեյմեկ բարոյական վճիռ, պտուղ փորձառութեան եւ ուղիղ դատողութեան. համառօտութիւն ռամկական իմաստասիրութեան, ազդու խրատ առաքինութեան, եւ զօրաւոր յանդիմանութիւն զանազան մոլութեանց:
Գաբրիէլ Այվազեան
ԱՌԱԿԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐ
Չուտողին հացն ու դրամ
Ուտողին անուշ լինի.
Անկարօտ մարդուն հարա՛մ
Կարօտին ջուրն ու գինի:
***
Որքան ուժով կոխես վըրան՝
Այնքան վեր ցատքէ շատըրուան.
Ո՛րքան ոյժ տաս անգթութեան, բռնութեան՝
Այնքան սաստիկ գրգռէ սէրն ազատութեան:
***
Աղքատ եղիր,
Ազատ եղիր.
Ի՞նչ ընեմ ոսկի արծաթ,
Սրտո՛վդ ազատ եղիր:
***
Կին մի՛ առնուր՝ օգնական առ.
Տուն մի՛ առնուր՝ հարեւան առ,
Բաղ ու բոստան միյ առնուր,
Օդը, ջուրն ու ջաղացն առ:
***
Ընկերդ առնուս դաշտէն,
Հացիկդ առնուս տաշտէն
Վա՛յ ըսէ գեղի կտրիճին
Որ հարսն առնու քաղաքէն:
***
Հոռոմին հի՛նը սիրեմ.
Հըռոմին նո՛րը սիրեմ.
Հայն իմս է՝ թէ՛ հին թէ նոր,
Ի՞նչ ասեմ ու չը սիրեմ:
***
Ֆըռէնկին խելքին մեռնիմ
Արաբին ձիուն մեռնիմ.
Հային ինչի՛ն կ’ուզես մեռիր,
Ես լոյս հաւատքին մեռնիմ:
***
Ձիու բնութիւնը չը սորված՝
Ձիուն ետեւէն մի՛ երթար.
Ազգի բնութիւնը չը սորված՝
Ազգի առջեւէն մի՛ երթար:
***
Տէրն Ադամայ հետն է խօսել Արբերէն,
Օձն Եւայի հետն է խօսել պարսկերէն.
Տէրն է զԱդամ յանդիմանել թուրքերէն,
Ադամ Եւա լաց են եղել Հայերէն:
***
Մեր կանանչը լաւ աղցան մը կ’ըլլար
Թէ Հայըն՝ աղ,
Քուրդը՝ քացախ,
Հոռոմը՝ եղ չըլլար:
***
Մինչեւ հաստը լըղարի՝
Լըղարի հոգին կը քաղուի.
Մինչեւ որ չարը չարչարուի՝
Արդարն ի հող կը թաղուի:
***
Հացին կապածը թուրով չի՛ կտրիր,
Սիրոյ կապածը ջուրով չի՛ կտրիր.
Տարիներու կապածը
Երկու օրով չի՛ կտրիր:
***
Թող ինձմէ հեռի լինի,
Թող քուրդ բեկին քեռի լինի.
Դռնէս դուրս թէք կորընչի,
Թող դըժոխքին վեզիր լինի:
***
Ծառին ճըճին ծառէն է,
Չար թշնամին տունէն է.
Վա՛յ այն տոհմին, այն ազգին,
Որու մատնիչն ազգէն է:
***
Ամէն հատիկ մարգարիտ չէ,
Ամէն խաբրիկ ճշմարիտ չէ.
Ամէն առջեւ նայող մարդը
Կարծածիդ պէս միամիտ չէ:
***
Տեսա՞ր մի դուն ծեծն ու ահը,
Էշը ձիէն վազուկ կ’ընեն.
Թէ չը լինի օրհնեալ մահը՝
Մարդիկ միմեանց ինչե՞ր կ’ընեն:
***
Խաղաղութիւն ընտանի
Երջանկութեան սկիզբ է,
Երկու սիրտ մե՛կ որ լինի՝
Յարդանոցը պարիսպ է:
***
Օտար բըռունցք չուտողը
Իր բռունցքը տանձ կը կարծէ.
Փողի երես չտեսնողը
Ծոցին փողը գանձ կը կարծէ:
***
Ամէն բան իր ատենին,
Թէ ոչ՝ լեզուդ թող կտրեն.
Անժամ խօսող աքլորին
Գլուխն իրա՛ւ կը կտրեն:
***
Դերձանը բռնէ գնա,
Կը հասնիս կըծիկին մօտ.
Խօսքին ծայրը առ գնա,
Կը հասնիս սրտիկին մօտ:
***
Վախցի՛ր վար նայող մարդէն,
Կնկան աւելորդ զարդէն,
Անոնցմէ որ գործ չեն տեսներ
Ու խօսքով մեծ մեծ կը ջարդեն:
***
Հալածանք ու նեղութիւն
Խարտոց են մարդու հոգուն.
Կը հանեն ախտից աղտը,
Կ’ընեն ցոլուն ու սիրուն:
***
Կատուի շուքին մի՛ պառկիր,
Թո՛ղ որ առիւծը քեզ տանի.
նամարդ կամուրջէն մի՛ անցնիր.,
Թող ջուրը քեզ առնէ տանի:
***
Ագռաւը մեր գոմէշին
Կռնակը կը կթուըտէ.
Երնէկ չը տա՛ս կըտուցին,
Միտքն ա՛ս է որ տիզ ուտէ:
***
Կաշառքը սուտ կըշառք է,
Ծանրը թեթեւ ցոյց կուտայ.
Առնողին ձեռքը ճրագ է,
Մութ տեղը լոյս կուտայ:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ