Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 1 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 1 հատից

Թեմա: Ծաղիկը՝ Իբրեւ Գեղանկարչական Կերպար

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Ծաղիկը՝ Իբրեւ Գեղանկարչական Կերպար

    ԾԱՂԻԿԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐ

    «Արեւածաղիկներ»
    Գործ՝ Վան Գոգի

    Արտաքնապէս ծաղիկները բնութեան զարդը կը թուին ըլլալ, իսկ կիները՝ կեանքի։ Խորքին մէջ, սակայն, անոնք՝ երկուքն ալ ինքնանպատակ չեն, այլ ստեղծուած են ոչ միայն բնութիւնն ու կեանքը գեղեցկացնելու, այլ նաեւ անոնց գոյատեւումը ապահովելու համար։
    Եթէ կենդանական աշխարհի մէջ ՄԱՐԴԸ, իբրեւ բանական էակ, ունի անուրանալի եւ անձեռնմխելի արժէք մը, ապա ծաղիկը, իբրեւ գերզգայուն եւ գեղեցկագոյն ապրող գոյ իր հերթին ունի իւրայատուկ եւ անփոխարինելի արժէք մը՝ ողջ բնութեան տարածքին։
    Կեանքի գոյատեւման պայքարը գեղեցկութեան հասնելու, զայն դրսեւորելու եւ ըմբոշխնելու ձգտումն է, որուն ընթացքին գեղեցկօրէն ապրելու համար կենսական նշանակութիւն ունին կինն ու ծաղիկը։ Ի զուր չէ, որ երկուքն ալ՝ թէ՛ կինը եւ թէ՛ ծաղիկը պաշտուած են իբրեւ գեղեցկութեան խորհրդանիշ եւ կեանքի աղբիւր։
    Ծաղիկին դերը բնութեան մէջ հունտի ձեւաւորումն ու պտղաւորումն է, իսկ կնոջ դերը բեղմնաւորումն ու ծննդաբերութիւնը։ Ծաղիկները՝ մեծ մասամբ իրենք իրենց մէջ կը կրեն էգն (վարսանդը) ու արուն (առէջը) միասնաբար։ Վարսանդը կը համապատասխանէ հեշտոցին ու արգանդին, իսկ առէջը՝ առնանդամին եւ սերմնարանին։ Առէջի վրայ է, որ կը կազմաւորուի բեղմնափոշին, եւ ապա միջատներու եւ կամ հովի շարժումներու միջոցով կ՚իյնայ վարսանդին մէջ, ուր կը ծոցուորի հունտը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կենդանական աշխարհին մէջ տեղի կ՚ունենայ կեանքի բեղմնաւորումը։
    Բուսական աշխարհին մէջ կան նաեւ առանձին միասեռ (միայն էգ ու միայն արու) ծառեր, որոնց ծաղիկները պէտք է որ իրարու հանդիպին եւ կամ մօտիկ ըլլան, որպէսզի բեղմնափոշին կարենայ փոխանցուիլ վարսանդին, (ինչպէս՝ ուռենի, կանեփ, արմաւենի եւ այլն)։ Հին աշխարհի մէջ գիտէին այս մասին։ Հերոդոտոս կը վկայէ, որ փիւնիկեցիները արու արմաւենիէն ծաղկած ճիւղեր կը կտրէին եւ կը կախէին էգ արմաւենիներու վրայ եւ արդիւնքը կ՚ըլլար արդիւնաւէտ։ Նոյնը կ՚ընէին, նաեւ քաղդէացիները, հնդիկները եւ կամ հին եգիպտացիները։
    Առէջը իր ձեւով կը նմանի առնանդամին, իսկ վարսանդը` հեշտոցին։ Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ծաղիկն ու կինը նոյնացուած են յաճախ եւ պաշտուած՝ իբրեւ գեղեցկութեան ու կեանքի աղբիւր։
    Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ սկսեալ նախնադարէն, հեթանոսական ժամանակաշրջաններուն ծաղիկը պատկերուած է բոլոր մշակոյթներուն մէջ՝ իբրեւ պտղաբերութեան, արեւու եւ անմահութեան խորհրդանիշ։ Քրիստոնէութեան շրջանին, յատկապէս Վերածնունդին ու անկէ ետք, գեղանկարիչներէն շատեր աւետման տեսարանին եւ կամ Տիրամօր զուգահեռ պատկերած են նաեւ շուշանածաղիկը։ Ինչպէս... Լէոնարդո տա Վինչի, Ջիովանո Բերլինի, Ֆիլիփփօ Լիփփի, եւ այլն։ Հին Հռոմի մէջ պտղաբերութեան, պատանեկութեան եւ զարթօնքի դիցուհին կը կոչուէր Ֆլորա՝ այսինքն՝ ծաղիկ, եւ կը պաշտուէր գարնան։
    Վերածնունդի վարպետներէն շատեր, ինչպէս Թիցիանո, Ռեմբրանդ, Փուսէն կերտեցին ֆլորայի գեղեցիկ կերպարներ, որոնք առհասարակ կը խորհրդանշեն գարնան զարթօնքն ու կեանքի բեղմնաւորումը։ Գարնան զարթօնքի տօնակատարութիւններու ընթացքին, ինչպէս, Հռոմի, այնպէս ալ Հայաստանի, Բաբելոնի, Փիւնիկէի, Հին Եգիպտոսի եւ առհասարակ հին աշխարհի մէջ տեղի կ՚ունենային սիրոյ եւ սեռային սանձարձակ «խաղեր», որպէսզի հողը՝ մայր բնութիւնը արգասաւորուէր եւ տարին ըլլար բերքառատ։ Ֆլորայի կերպարին մէջ ծաղիկն ու կինը կը պատկերուէին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։ ԺԸ. դարու վերջաւորութեան եւ յատկապէս ԺԹ. դարուն ծաղիկը կը դադրի խորհրդանշան ըլլալէ եւ կը պատկերուի յարդարային՝ դեկորատիւ նպատակներով։ Ծաղկած դաշտեր, ծաղկամաններ, ծաղկեփունջեր կ՚ողողեն եւրոպական նկարչութիւնը, որուն պահանջարկը կար յատկապէս պալատները զարդարելու համար։
    Այնուհետեւ ծաղիկներուն մեծ կարեւորութիւն ընծայեցին, տպաւորապաշտներն ու յատկապէս յետտպաւորապաշտները, որոնք ոչ միայն փորձեցին դուրս բերել զանոնք յարդարային վիճակներէ, այլ նաեւ փորձեցին անձնաւորել ու ընդելուզուիլ անոնց հետ: Անոնք ծաղիկներու միջոցով արտայայտեցին իրենց սեփական զգացումները, յոյզերը, տագնապներն ու անհատականութիւնը: Ասոնց մէջ միւսներէն կը տարբերի Վան Գոգը, որուն գործերէն ոմանք (արեւածաղիկները) այնքան ուժեղ են եւ անհատականացած, որ նոյնիսկ կրնանք զանոնք ինքնանկարի փոխարէն ընդունիլ, ինչպէս՝ երկու կողմէ պատկերուած արեւածաղիկը: Հոս պատկերուած է կրքոտ ուժականութեամբ յագեցած առնականութիւն մը, ուր ներքին եռեւեփումը կ՚արտայայտուի գալարուող եւ ճմռթկուած կեղեւներու միջոցով: Ճենճերացող տառապանքի բոց կայ անոր ներսը, կրակ մը, որ տաղուած ինքնասիրութեան, փշրուած մարդկային երազներու եւ ջրդեղուած յոյզերու դրսեւորումը կը թուի ըլլալ: Վան Գոգի ներքին կրակը կ՚այրէ իր էութիւնն ու կը մխայ «Արեւածաղիկներ» գործին մէջ:
    Անոնց արտայայտչականութիւնը այնքան ուժեղ է եւ ներազդեցիկ, որ այդ մէկը կը փոխանցուի մեզի ու կ՚այրէ նաեւ մեր խիղճն ու կը դնէ մեզ մեր մարդկային պարտաւորութիւններուն դիմաց:
    Այս մէկը Վան Գոգի մեծութեան գրաւականն է ու չափանիշը արուեստին:
    Այս բոլորով հանդերձ Վան Գոգ յատկապէս ծաղիկ պատկերելուն եւ անոր հմայքը բացայայտելու խնդիր չունէր: Այլ ան տարերայնօրէն կը ստեղծագործէր եւ ամէն ինչ բնազդաբար կը ծնէր իր մէջ:
    Վան Գոգէն ու իր սերունդէն ետք ծաղիկներու պատկերումը շարունակուեցաւ արուեստի մէջ, սակայն քիչեր միայն կարեւորութիւն տուին ծաղիկներուն եւ մեծ քանակութեամբ ու բարձր որակով դրսեւորեցին անոնց հմայքն ու գեղեցկութիւնը: Մեզի ծանօթ գեղանկարիչներէն երկուքը (երկուքն ալ կին են եւ զարմանալի չէ այս մէկը) յատուկ խնամքով, յաջողութեամբ եւ մեծ ծաւալով պատկերեցին ծաղիկներ, որոնք նոյնպէս, գրեթէ ինքնադիմանկարի արժէք ունին: Առաջինը ամերիկացի գեղանկարչուհի Ջիորջիա Օ-Քիֆն է: Ան պատկերեց բազմաթիւ ծաղիկներ, ինչպէս՝ «Կարմիր կակաչ»ը, «Շուշան»ը, «Մանուշակ»ը եւ այլն, որոնք էրոտիկ բնոյթ ունին եւ տեղ մը կը յիշեցնեն կնոջ կամ տղամարդու սեռային անդամները ու մարմնի զգայուն մասերը:
    Ջիորջիա Օ-Քիֆի մօտ սեռային կիրքը կը միախառնուի սիրոյ հեշտանքին, եւ ծաղիկը իր գեղեցկութեամբ կը դրսեւորէ էրոտիկ զգացողութիւններ:
    Երկրորդը, Ջեյն Սեյմուրն է: Ան պատկերած է բազմաթիւ ծաղիկներ, (ինչպէս՝ Արեւածաղիկ, վարդ, մանուշակ, իրիս, շուշան եւ այլն), որոնք կը տարբերուին բոլորէն: Քնքուշ, կանացի գեղեցիկ այս ծաղիկները կեանքի հրապոյրը՝ վայելքը կ՚աւետեն եւ մեզ կը փոխադրեն տարբեր աշխարհներ:
    Գարնան զարթօնքն ու կեանքի վերածնունդը յատկանշուած են ծաղիկներով, որոնք իբրեւ կերպար՝ կարեւոր տարածք կը զբաղեցնեն արուեստի պատմութեան մէջ:


    Նմուշներ Ջեյն Սեյմուրի
    ստեղծագործութիւններէն


    ԴՈԿՏ. Մ. Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
    «Ազդակ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. Շնորհակալություն Tigris-ին այս գրառման համար:

    Առողջագետ (08.07.2009)

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •