
«ԱՇՈՒՆ». ՍԻՐՈՅ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Ծագումով համշէնահայ երիտասարդ ու տաղանդաւոր բեմադրիչ Օզջան Ալպեր 2001 թուականին նկարահանած իր «Մոմի» (համշէնահայ բարբառով կը նշանակէ մայրիկ) շարժանկարին համար կանգնած է Թուրքիոյ զինուորական դատարանին դիմաց։ Այդ ժամանակ տակաւին չկար հռչակաւոր 301 յօդուածը, քանի որ Թուրքիա իր օրէնքները տակաւին չէր համապատասխանեցուցած եւրոպական օրէնքներուն։ Եւ Ալպեր դատուած է 8-րդ յօդուածով, որ պատիժ կը նախատեսէր երկրին ամբողջականութիւնը վտանգելու համար։ «Մոմի» շարժանկարը նկատուած է այդ ամբողջականութիւնը խարխլող ժապաւէն մը, եւ Ալպեր կրած է նիւթական պատիժ եւ մէկ տարի պայմանական ազատազրկում «Պայմանական ազատազրկումը հետեւեալն էր. ես կրնայի ազատութեան մէջ մնալ, մինչեւ երկրորդ անգամ նոյն յանցանքը գործելը։ Եթէ հինգ տարուան ընթացքին որեւէ սխալ ընէք, իմ պատիժս կը կրկնապատկուէր, եւ ես իրականութեան մէջ կը յայտնուէի բանտին մէջ», Երեւանի մէջ յայտարարած է Օզճան Ալփեր։ Համշէնահայ բեմադրիչը Հայաստան կը գտնուէր մասնակցելու «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարային փառատօնին։ Ան կը ներկայացնէր Թուրքիան եւ իրեն հետ Հայաստան տարած էր այլ ժապաւէն մը, զոր ան խորագրած էր «Աշուն» (թրքերէն «Սոնբահար»)։
Նկատելի է, որ վերջին տարիներու ընթացքին թրքական արուեստին մէջ (շարժանկար, գրականութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն) կը ստեղծուին համարձակ գործեր, որոնք ցոյց կու տան Թուրքիոյ այսօրուան կեանքը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, մարդկային հոգեբանական իրավիճակները, որոնց մէջ յայտնուած են թէ՛ Թուրքիոյ բնակիչները, թէ՛ այդ երկրին այս կամ այն կերպով առնչուողները։ Թրքական արուեստ մուտք գործած է նոր սերունդը, որ նոյն ձեւով չի մտածեր, ինչպէս կառավարութիւնը, եւ նոր սերնդին մտածողութիւնը դրական ազդեցութիւն ունեցած է այդ երկրի արուեստին վրայ. «Ինչ կը վերաբերի նոր ստեղծուող շարժանկարներուն, ատոնք ոչ թէ նոր թրքական շարժանկարներ են, այլ՝ նոր Թուրքիոյ շարժանկարներ։ Իսկ այդ երկուքին մէջ տարբերութիւն կայ», ըսած է Օզջան Ալպեր։ Ան նաեւ նշած է, թէ նոր Թուրքիոյ շարժանկարները կը փորձեն հակադրուիլ այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող միտումին՝ երիտասարդներ կա՛մ կը հետեւին Հոլիվուդի շարժանկարներու պատրաստման եղանակին, կա՛մ կը հիմնուին եւրոպական նոր ուղղութիւններու վրայ. «Սակայն մենք կը փորձենք յենիլ իտալական նէոռեալիզմի եւ ֆրանսական շարժանկարային արուեստին վրայ։ Այդպէս հակադրուելով հոսանքին եւ ընթանալով այլ ճանապարհով՝ մենք նպատակ ունինք Թուրքիոյ իրական կեանքը ցոյց տալ», աւելցուցած է Ալպեր։
«Աշուն» շարժանկարը իր մէջ կը կրէ հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ ընթանալու միտումներ, օրինակ՝ համշէնահայերէնի օգտագործումը շարժանկարին մէջ։ Ի հարկէ, այս ստեղծագործական հնարքները իրենց մէջ բացայայտօրէն քաղաքական բովանդակութիւն չունին, սակայն շատերու կողմէ կ՚ընկալուին իբրեւ քաղաքական քայլ։ «Աշուն»ը կապ չունի քաղաքականութեան հետ. անիկա մարդկային յոյսերու եւ ապարդիւն կորսնցուցած տարիներու մասին պատմող խաղաղ ու գեղեցիկ ժապաւէն մըն է։
Բեմադրիչ Օզջան Ալպերի «Աշուն» շարժանկարին հերոսը համշէնահայ է Սեւ ծովու ափերու բնակավայրերէն մէկուն մէջ ապրող եւ ծագումով հայ մահմեդական մը, անունը Յուսուֆ։ Յուսուֆը տասը տարուան բանտարկութենէ ետք կը վերադառնայ հայրենի գիւղ։ Ան Պոլսոյ մէջ հանրահաւաքներու եւ քաղաքական ցոյցերու մասնակից եղած է, ինչպէս կ՚ըսուի շարժանկարին մէջ՝ «ընկերվարութիւն պահանջած է» եւ բանտէն դուրս եկած է հիւանդ թոքերով ու խամրած հայեացքով։ Շարժանկարին մէջ բեմադրիչը գեղեցիկ պատկերներու միջոցով ցոյց տուած է, որ Յուսուֆ գիւղ վերադառնալէ ետք ինչպէ՛ս կ՚ըմբոշխնէ իր ազատութիւնը, հարազատ բնութիւնը, աշնանային գոյներով ողողուած անտառը։
Յուսուֆ ոչ մէկ տեղ կը շտապէ, ոչինչ կը փնտռէ... Բեմադրիչը իր հերոսին՝ հայրենի բնութեան, հողի հանդէպ տածած սիրոյ միջոցով ցոյց կու տայ, թէ ոչինչ մայր հողէն աւելի սուղ կրնայ ըլլալ։ Ծագումով համշէնահայ բեմադրիչը յաջողած է շարժանկարին մէջ ցոյց տալ իր հայրենիքին զուսպ բնութիւնը, Յուսուֆի մօր՝ լեռներու նման ամուր ու հաւատարիմ բնաւորութիւնը (մայրը զաւկին սպասելու ընթացքին նոյնիսկ թեյ չէ խմած, քանի որ թեյը առանձին չեն խմեր)։
Հայաստանի մէջ Օզջան Ալպեր յայտարարած է, թէ շատ ազդուած է Սերգեյ Փարաջանովէն, եւ «Աշուն» շարժանկարին մէջ կա՛յ այդ ազդեցութիւնը։
«Աշուն»ը եռալեզու շարժանկար է. թրքերէնէն, որ հերոսները կը խօսին, նաեւ՝ համշէնահայերէն եւ վրացերէն. «Թէեւ Հայաստանը ինծի համար օտար երկիր մըն է, բայց շատ կարեւոր է այստեղ՝ Հայաստանի մէջ ներկայացնել հայերէնի բարբառներէն մէկը, եւ ինծի համար շատ կարեւոր է հայերու կարծիքը», Երեւանի մէջ ըսած է Օզջան Ալպեր։
Շարժանկարին մէջ կը տեսնենք նաեւ փլուզուած Խորհրդային Միութեան հետքերը։ Ըստ բեմադրիչին, այդ փլուզումը ոչ միայն Խորհրդային Միութեան բնակիչներուն վրայ ազդած է, այլ նաեւ՝ շրջանի երկիրներուն. «Եւրոպայի եւ դրացի երկիրներուն մէջ տարբեր մարդկային պատմութիւններ գոյացած են։ Մարդիկ իրենք զիրենք աւելի ազատ ու անկախ զգացած են՝ ուշադրութիւն դարձնելով ընկերային հարցերու, ընկերային ապահովութեան եւ մարդու իրաւունքներու վրայ։ Եւ աւելի սրած են տարբերութիւնները՝ հարուստ եւ աղքատ մարդոց միջեւ», ըսած է բեմադրիչը։
Շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը բեմադրիչը միացուցած է իր անձնական հայեացքին հետ, եւ ան յառաջ մղած է մարդկային գործօնը։ Մարդը եւ իր ճակատագիրը մեծ դեր ունին շարժանկարին մէջ, ուստի կրնանք ըսել, որ «Աշունը դո՛ւրս է քաղաքականութենէն, անիկա սիրոյ եւ մահուան պատմութիւն մըն է։
ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՈՉ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ բան է քաղաքական հալածանքը։ Թէեւ իմ հերոսիս պէս բանտը չեմ նստած, սակայն բազմաթիւ ընկերներ ունիմ, որոնք նոյն ճակատագիրը ունեցած են, ինչ որ՝ Յուսուֆը։ Այս շարժանկարին մէջ քաղաքական ճնշումները չեն երեւիր, ես յատուկ չեմ ցանկացած այս մէկը ցոյց տալ», ըսած է Ալպեր։ Ան նպատակ չէ ունեցած քաղաքական սուր հնչողութեամբ շարժանկար ստեղծելու, այլ՝ գործ մը, որուն մէջ կ՚իշխէ արուեստը։ Եւ այդ մէկուն մէջ ան յաջողած է։
... Շարժանկարին մէջ Յուսուֆը գրեթէ միշտ լուռ է, բեմադրիչը այդ լռութեան միջոցով ցոյց կու տայ, որ բառերը արդէն արժեզրկուած են իր հերոսին համար։ Եւ երբ կը տեղայ առաջին ձիւնը, հասկնալի կը դառնայ, որ հերոսին կեանքը աւարտած է։ Աւարտած է, այդպէս ալ՝ չսկսելով...
Շարժանկարի աւարտին կը հնչէ թախծոտ եւ յոյսով լի երգ մը՝ համշէնահայերէնով. «Եթէ հնարաւորութիւն ունենայի կեանքս նորէն ապրիլ, նոյն ձեւով կ՚ապրէի, կ՚ըսէ մահուան շեմին կանգնած հերոսը։ Շարժանկարը կ՚աւարտի «Կը նուիրուի իրենց երազանքներուն հաւատարիմ մնացած մարդոց» ուղերձով։
ՆՈՐ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐՆԵՐ
Օզջան Ալպեր հայ-թրքական շարժանկարային բեմի անդամ է, եւ համոզուած է, որ երկու երկիրներու շարժանկարային գործիչներուն շփումները մօտ ժամանակներս արդիւնք կու տան։ Արդէն սկսած են քանի մը վաւերագրական շարժանկարներու նկարահանման աշխատանքները, որոնց մէջ անդրադարձ կ՚ըլլայ մեր պատմութեան, Եղեռնին եւ Կոմիտասի կերպարին. «Վստահ եմ, որ շփումները օգտակար կ՚ըլլան, քանի որ շարժանկարային արուեստը ազդեցիկ արուեստ է։ Բոլորիս դժբախտութիւնը չգիտնալու մէջ է։ Հայաստանի մէջ՝ չեմ գիտեր ինչպէս, բայց Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մտաւորականներ ու արուեստագէտներ կան, որոնք յստակ պատկերացում ունին՝ ինչ եղած է անցեալին, կ՚ընդունին «Ցեղասպանութիւնը», ըսած է Ալպեր։ Ան առաջի՛ն անգամ կը մասնակցէր «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին։
Ալպերը նշուած փառատօնին «Բեմադրիչներ՝ առանց սահմանի» ֆորումին մասնակից եղած է։ Ըսած է, որ հայկական «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը իրեն համար շատ կարեւոր է, քանի որ ոչ միայն եւրոպացի, այլեւ մեր շրջանի արուեստի գործիչներու հետ ծանօթանալու, մտայղացումներով կիսուելու հնարաւորութիւն կու տայ. «Հակառակ քաղաքական տարբերութիւններուն եւ բաժանումներուն՝ հետաքրքրակա՛ն է մարդոց միաւորման մասին պատկերացում կազմել», ըսած է Օզջան Ալպեր։
«Աշուն»ը անցեալ տարուան դեկտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Չորս ամսուան ընթացքին շարժանկարը արձանագրեց զգալի յաջողութիւն եւ շարք մը փառատօներու ընթացքին անիկա մրցանակներ խլեց։ Շարժանկարը ցուցադրուած է Թուրքիոյ 40 տարբեր քաղաքներու մէջ, ցուցադրութիւնները աւարտած են երկար ծափահարութիւններով։ Թուրքիոյ մէջ «Աշուն»ը դիտողներուն թիւը կը կազմէ աւելի քան չորս հարիւր հազար, որուն գերակշռող մասը թուրքեր եւ օտարներ են։ Ժապաւէնը ցուցադրուած է նաեւ Նիւ Յորկի եւ ամերիկեան քաղաքներուն մէջ, իսկ ամերիկեան մամուլը անոր ներկայացումէն ետք բազմիցս անդրադարձած է համշէնահայութեան հարցերուն եւ հայոց պատմութեան։
«
Ես համշէնահայ եմ եւ հպարտ եմ անով», ըսած է Օզջան Ալպերը՝ պատասխանելով թուրք լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ո՞ր ազգի զաւակն է ինք։

«ԱՇՈՒՆԸ»