Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 2 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 2 հատից

Թեմա: Երուանդ Օտեան (1869- 1926)

  1. #1
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Երուանդ Օտեան (1869- 1926)

    Երուանդ Խաչիկի Օտեան (1869- 1926)

    (Նուիրուած ծննդեան 140-ամեակին)

    Տաղանդաւոր եւ բազմարդիւն երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարակագիր։ Ծնած է Պոլիս, սերելով Օտեաններու յայտնի գերդաստանէն։ նախնական ուսումը ստացած է տեղական վարժարաններու մէջ, սակայն մտաւոր բարձր ուսումի հասած է ինքնաշխատութեամբ։ Պատանի հասակէն սորված է լեզուներ, կարդացած է ընտանեկան հարուստ գրադարանի հայերէն եւ Ֆրանսերէն գիրքերը, համակուած է ընտանիքէն ներս տիրող գիտութեան, արուեստի եւ գրականութեան պաշտամունքով։ Աշխատակցած է շատ մը հայ պարբերականներու, առաւել՝ յարատեւօրէն Արփիարեանի «Հայրենիք»ին։ Ինք եւս հիմնած եւ խմբագրած է շատ մը թերթեր, որոնց մէջ մասնաւոր տեղ կը գրաւեն «Ազատ Խօսք»ը, «Պարսաւատետր»ը։

    Օտեանի անունը թուրք իշխանութիւններու համար « անբարեյոյս անձեր»ու ցանկին մէջ էր։ 1896-ի Օգոստոսին, երբ Կ.Պոլսոյ մէջ սկսած են հայկական ջարդերը, գաղտնի կերպով հեռացած է անկէ. եղած է Աթէնք, Կահիրէ, Փարիզ, Վիեննա, Լոնդոն, Բոմբեյ։ 1908-ի երիտ-թրքական յեղափոխութենէն ետք Օտեան վերադարձած է Կ.Պոլիս։ 1915-ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ աքսորուած է Տէր Զօր։ Հրաշքով փրկուելով, 1918-ին կըրկին դարձած է Կ.Պոլիս, 1922-ին տեղափոխուած է Բուդապեշտ, 1924-ին Տրիպոլիս, 1925-ին Կահիրէ, ուր մահացած է քաղցկեղէ։

    Օտեան տպուիլ կը սկսի 1901-ին «Հայրենիք»ի մէջ, առաջին գործերը ըլլալով «Բերայի մէջ» նորավէպերու եւ թերթօններու շարքը։ Շատ չանցած կը ճանչցուի իբր իրապաշտ արձակի մեծագոյն դէմքերէն մէկը։ Կը փորձէ գրական շատ սեռեր՝ նորավէպ, պատմուածք, վէպ, թատերախաղ, յուշագրութիւն, գերազանցապէս երգիծական։ Իր գրիչը բեղմնաւոր կը դառնայ յատկապէս 1909-1915-ի ողբերգական շրջանին, Պոլսոյ ընկերային բուռն կեանքի մթնոլորտին մէջ։ Յետ եղեռնեան տարիներուն կ՛անդրադառնայ նաեւ սփիւռքահայ կեանքին։

    Իր գործերուն մէջ Օտեան կը ներկայանայ իբր սրամիտ ծաղրող, մարդկային թերութիւնները ձաղկող անզուգական հեղինակ։ Իր ստեղծագործութիւններէն նշանաւոր են «Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս», «Ընտանիք, Պատիւ, Բարոյական», «Միջնորդ Տէր Պապան», «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս», մանաւանդ երեք մասերէ բաղկացած «Ընկեր Փանջունի» երգիծավէպը, «Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար»ը։

    Օտեան երգիծանքի հզօր զէնքով ծաղրած եւ ձաղկած է ազգային այն գործիչները, որոնք երեւութապէս «յեղափոխական», «հայրենասէր», «ազգային հերոս» են, մինչդեռ գործնականօրէն կ՛ոտնահարեն, կ՛արատաւորեն իւրաքանչիւր սուրբ գաղափար։

    Որպէս իրապաշտ, ստեղծած է երգիծական տիպարներու եւ բնաւորութիւններու ամբողջ պատկերասրահ մը, ծաղրած է աշխարհիկ եւ հոգեւոր հարստահարիչները, յղփացած դրամատէրերը եւ կեղծ բարերարները, ազգային անփառունակ գործիչները, նորաձեւութեան հետեւող մանրահոգի կիները։

    Ընտանիքի կենցաղէն զաւեշտական պատկեր մըն է « Արագ դարմանում մը» երգիծական պատմուածքը, ուր կը ծաղրուի քաղքենի կինը, որուն գլխաւոր մտահոգութիւնը վայելքն է։ Հեղինակը կը հեգնէ նաեւ Սերովբէ աղային կակուղ, վեհերոտ բնաւորութիւնը, թուլամորթութիւնը։

    «Ընկեր Փանջունի» երգիծավէպը ծաղրի կ՛ենթարկէ Փանջունին, որ նախաեղեռնեան շրջանին Արեւմտեան Հայաստանին մէջ վխտացող կեղծ յեղափոխական մակաբոյծներու իսկական տիպարն է։ Օտեան ծիծաղելի դրութիւններ եւ բանաձեւ ունէր, ստեղծելու մեծ վարպետ է եւ զանազան ծիծաղաշարժ եւ ողբերգական պարագաներու մէջ կը ներկայացնէ իր հերոսը։

    Ճանաչողական եւ գեղարուեստական արժանիքներ ունին անոր «թերթօնային» վէպերը եւ վէպ ժամանակագրութիւնները, ինչպէս՝ «Նոր հարուստներ», «Կաւէ հերոսներ կամ մեր ազգայիններու», «Կանաչ հովանոցով կինը», «Հայ Տիասբորան»։ Ականատես եւ դէպքերու մասնակից գրողը անդրադարձած է առաջին աշխարհամարտի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներու իրադարձութեան, հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրին, իսկ նորաստեղծ հայ Սփիւռքին նուիրած «Հայ Տիասբորան» վէպին մէջ գեղարուեստօրէն կը համոզէ, որ հայապահպանութեան երաշխիքը հայրենադարձութիւնն է դէպի վերածնուած Մայր Հայրենիքը։

    Վ.Թոթովենց իրաւամբ կը նկատէ, թէ Օտեան «ունի երգիծանքի ամենամեծ տուեալը՝ ճըշմարտախօսութիւն»։ Այս մարզին մէջ ան արժանի յաջորդը կ՛ըլլայ մեծահռչակ Պարոնեանի։ Օտեանի «Մեր երեսփոխանները»ին շարքը տեսակ մը շարունակութիւնը կը կազմէ «Ազգային Ջոջեր»ուն։ Սեղմ ու ծաղրական դիպուկ բնութագըրութիւններով հարուստ են իր «կենսագրական»ները, որոնք կը ներկայացնեն հեղինակին ժամանակակից ազգային գործիչները։ Օրինակ՝ Գաբրիէլ Նորատունկեանի ազգին օգուտ չբերող գործունէութեան մասին հեգնօրէն կ՛ըսէ.-
    «Գաբրիէլ Նորատունկեան երկու անգամ Ազգային ժողովի ատենապետութիւնը վարած է, ամիս մը Պոլսէն եւ քսաներեք ամիս Փարիզէն։
    Աստուած զինք ստեղծած ատեն վճռած է.-
    -Գաբրիէ՜լ, դուն բացակայ ատենապետ մը պիտի ըլլաս քու ազգիդ համար»։

    Լ.Բաշալեան այսպէս կը գնահատէ Օտեանին արուեստը.
    «Իր վճիտ ոճը, բառերուն իրական արժէքն ու անոնց տեղաւորման գիտութիւնը, իր արտայայտութեան կարողութիւնը, իր պատմելու եւ խօսեցնելու ճարտարութիւնը յատկութիւններ են, որոնց հազուադէպօրէն կը հանդիպինք մեր մատենագրութեան մէջ…»։

    Օտեան ստեղծած է ընկերային ու քաղաքական երգիծանքի փայլուն երկեր, մեծապէս առաջ մղած է քննադատական իրապաշտութեան հայ վիպագրութիւնը եւ լիակատար իրաւունք ձեռք բերած է Յ.Պարոնեանէն յետոյ կոչուելու «Ծիծաղի համար ծնած հայ մեծագոյն երգիծաբանը»։

    Օտեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ռուսերէնի, Ֆրանսերէնի, յունարէնի, բուլղարերէնի, թուրքերէնի, ալբաներէնի։ Անոր երկերը բեմականացուած են, իսկ ժապաւէնի առնուած է «Կեղծ լրտեսը» պատմուածքը։
    Օտեանի ստեղծագործութիւնը իր ժամանակաշրջանի արեւմտահայ կեանքին հարազատ հայելին է։

    Օտեան որպէս ծածկանուն օգտագործած է Ս.Ժիրայր, Երօտ, Վահրամ, Դերկոմս։ Երեւանի մէջ ծանօթ է Օտեանի անուան փողոցը։ Իր դամբարանը կը գտնուի Մարմինա գերեզմանատան մէջ, Կահիրէ։

    Հաւանաբար, այս առթիւ կարելի է յիշատակել սփիւռքահայ յայտնի արձակագիր ու քերթողագիր Ա.Ծառուկեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» վիպակը, ուր գրագէտը լայնօրէն անդրադարձած է որբացած սերունդի կեանքին։ Պատմուածքներու շարքին ուշագրաւ էր «Կաղանդը», «իր տարօրինակ այցելուով եկած՝ որբերը տեսնելու եւ ուրախացընելու, սակայն լացած էր ինք եւ լացուցած ամբողջ սրահի մեծերն ու փոքրերը։ Արդարեւ, ի՞նչ կրնար խօսիլ այդ մարդը, որ կու գար Տէր Զօրէն, ուր տեսած էր այդ որբերուն ծնողներուն աճիւնները, զորս վարար Եփրատը կը նետէր աւազին վրայ կրցած էր ըսել.- Ո՜րբեր, ես ձեզ շատ կը սիրեմ…Այսքան…»։

    Տարիներ ետք, երբ Ա.Ծառուկեան կը թերթատէր հատընտիր մը, անակնկալի եկած էր տեսնելով գրագէտի մը նկարը.
    «Այո՛, ան էր, այդ անծանօթ հիւրը, որ եկած էր զիրենք ուրախացնելու եւ սակայն լացած եւ լացուցած էր բոլորը…
    Նկարին տակ գրուած էր՝ Երուանդ Օտեան»։

    Կցված նկարներ Կցված նկարներ
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

  2. #2
    . Tigris-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    16.10.2007
    Հասցե
    Սպաղանք
    Գրառումներ
    2,052
    Բլոգի գրառումներ
    7

    Լռելյայն արժեք Պատ. Երուանդ Օտեան (1869- 1926)

    ԱՂԱՆԴԱՒՈՐՆԵՐԸ ԵՐ. ՕՏԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ՏԱԿ

    Հատուած «Հայ Տիասպորա» գրքից

    Եթէ աղանդաւորական երեւոյթները յետխորհրդային Հայաստանում նոր են, ապա սփիւռքում դրանք եղել են սկզբից եւեթ, անգամ Մեծ եղեռնից առաջՙ Կիլիկիայի ու Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերում: Դրանց անդրադարձել են մեր գրողներից շատերը, տարբեր յօդուածներում եւ հրապարակումներում ձաղկելով օտարամուտ այդ «վարդապետութիւններն» ու դրանց քարոզիչներին, որոնց զոհերից մեկն էլ հայ գրականութեան ամենաինքնատիպ ներկայացուցիչ Ինտրան էրՙ իր տխուր վախճանով: Գրողներից մի քանիսն էլ քարոզիչներին ու ժողովրդի մեջ նրանց թողած աւերներին անդրադարձել են գեղարուեստական երկերումՙ առաւելաբար կոմիկական իրավիճակներում, ինչպէս «սուրբ հոգով փրկուածները» Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ» անմահ յուշագրութեան մեջ: Թեմային անդրադարձել է նաեւ մեր մեծ երգիծաբան Երուանդ Օտեանը 1924-1925 թթ.-ին Կահիրէի ռամկավարական «Արեւ» օրաթերթում որպէս թերթօն հրատարակած իր «Հայ տիասպորան» վէպում (առանձին գրքով հրատարակուել է 1999-ինՙ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի կողմից, խմբագրութեամբ Հենրիկ Բախչինեանի) :

    Ստորեւՙ մի հատուած շուրջ 85 տարուայ վաղեմութեամբ այդ ստեղծագործութիւնից: Դէպքը տեղի է ունենում Բեյրութում, որն այդ ժամանակ մաս էր կազմում Մեծ Սիրիային: Օգտուելով նաւահանգստային այդ քաղաք ապաստանած Եղեռնից մազապուրծ հայերի աղքատ եւ անպաշտպան վիճակից, Օտեանի հերոսներից Եղբայր Բառնաբասը «աշխարհի վէրջի» սպառնալիքով փորձում է նրանց «դարձի» բերել, «Տէրոջ խօսքն» է քարոզում եւ... դրամ վաստակում, նախանձը շարժելով այս վէպում Օտեանի միւս հերոսներիՙ Սեւ Կարոյի, Թոմիի եւ Թաթուլի, որոնք կեղծ տեռորիստներ են, կեղծ ֆիդայիներ, պարզապես շուլլերներ:

    «ԱԶԳ»


    - Ասիկա իմ ընկերս է, Ռումանիայէն միասին եկած ենք... Սեւ Կարօ է անունը, թերեւս լսած ես:
    - Կարծեմ թէ այդ անունը լսած եմ,- ըսաւ Թօմի բարեւելով:
    - Իսկ միւս պարոնը հոս ճանչցանք,- շարունակեց Թաթուլ,- ի՞նչպէս է ձեր անունը:
    - Եղբայր Բառնաբաս,- պատասխանեց անծանօթ երիտասարդը:
    - Այո, հիմա յիշեցի,- գոչեց Թաթուլ ժպտելով,- եղբայր Բառնաբաս:
    Այն, որ ինքզինք եղբայր Բառնաբաս կանուանէր, հազիւ 30-32 տարեկան, համակրելի դէմքով, խելացի աչքերով, խարտեաշ երիտասարդ մըն էր:
    - Եղբայր Բառնաբասը,- շարունակեց Թաթուլ,- քարոզիչ է, Քրիստոսի մօտալուտ գալուստը կը պատմէ կոր եւ միեւնոյն ատեն աշխարհ ալ մօտ օրէն պիտի կործանիՙ կըսէ կոր...
    - Ո՞ւր է ձեր բուն տեղը,- հարցուց Թօմիՙ երիտասարդին դառնալով:
    - Մեր բուն տեղը յայտնի չէ,- պատասխանեց երիտասարդը,- մեր գործերուն համեմատ կա՛մ երկինքի արքայութիւնը պիտի վայելենք եւ կա՛մ դժոխքի կրակին մէջ պիտի այրինք:
    - Իմ հարցուցածս այդ չէ, հոս, Սուրիոյ մէջ ո՞ւր կը բնակիս, եղբայր Բառնաբաս:
    - Որոշ տեղ մը չունիմ, կը պտտիմ, կը քարոզեմ, որովհետեւ ժամանակ պէտք չէ կորսնցել, նշանները մէջտեղ են, Քրիստոսի գալուստը մօտ է... պէտք է ամէնքս ալ պատրաստ ըլլանք, մեղքի մարդը մեր վրայէն թօթափենք:
    - Եղբայր Բառնաբաս, ո՞ւրկէ եկար Բեյրութ,- հարցուց Թօմի:
    - Հալէպէն կուգամ եւ Զահլէ կերթամ եղբայրներուն եւ քոյրերուն քարոզելու:
    - Գիրքեր, տետրակներ ալ ունի պայուսակին մէջ, մեզի տուաւ,- միջամտեց Թաթուլ:
    Յետոյ երիտասարդին դառնալովՙ աւելցուց:
    - Այս մեր բարեկամին ալ տուր, ան ալ իր մեղքերը քաւելու պէտք ունի:
    - Չէ՛, չէ՛,- գոչեց Թօմի,- թող մնայ, ես գիրքի ու տետրակի տալիք դրամ չունիմ:
    - Մենք Տէրոջ խօսքը դրամով չենք տար,- ըսավ երիտասարդը,- ձրի կը բաժնենք:
    - Այդ տարբեր:
    Եվ ծրար մը գիրք, տետր, ամսաթերթ թխմեց Թօմիի ձեռքը:
    Թօմի շնորհակալութեամբ առաւ ծրարը:
    - Երբ դուք կարդաք, լմցունէք, ձեր բարեկամներուն տուէք, որ անոնք ալ կարդան ու փրկուին,- ըսաւ եղբայր Բառնաբաս:
    - Այնպէ՛ս կընեմ,- խոստացաւ Թօմի:
    Բառնաբաս, որ արդէն մեկնելու պատրաստութիւնը տեսած էր, ծառան կանչեց, հաշիւը տեսաւ ու «մնաք բարով» ըսելովՙ մեկնեցաւ ընկերակցութեամբ ծառային, որուն հետ սիրալիր խօսակցութեան մը բռնուեցաւ:
    Վայրկեան մը ետքը ծառան վերադարձաւ սուրճ բերելու համար Թօմիի:
    - Կ՛երեւայ, որ այդ եղբայր Բառնաբասը առաջուց կը ճանչնաս,- ըսաւ Թաթուլ ծառային:
    - Անշուշտ, հին ընկերներ ենք,- պատասխանեց ծառան,- միասին կամաւոր լեգէոնական եղած ենք:
    - Վա՛յ,- գոչեց Թօմի,- ես ալ լեգէոնական եմ:
    - Խաթրդ չի մնայ, բայց փախուկին մէկը կերեւայ կոր,- ըսաւ Թաթուլ:
    - Կատարեալ շոշորդ մը,- աւելցուց Թօմի:
    - Փախո՞ւկ մի, շոշո՞րդ մի... ի՛նչ կըսէք, շունշանորդի հանած-վարածին մէկն է:
    - Հապա այդ վերջնաշխարհի, Քրիստոսի գալուստին քարոզութիւննե՞րը...
    - Ատոնք բոլոր խաղ են... ինք ամենէն աւելի կը խնդայ իր ըսածներուն վրայ:
    - Այն ատեն ինչո՞ւ այդ քարոզութիւնը կ՛ընէ:
    - Ի՞նչ ընէ խեղճը, շատ աշխատեցաւ, ասդին-անդին ինկաւ գործ մը գտնելու համար, կարելի չեղաւ, վերջապէս գնաց այդ ամերիկացիներուն դիմեց, ինքզինք ջերմ հաւատացեալ ցոյց տուաւ եւ յաջողեցաւ այդ քարոզիչի պաշտօնը ձեռք ձգել, հիմա հանգիստ կապրի:
    - Ուրեմն ամսականով վերջնաշխարհ կը քարոզէ, ըսաւ Թօմի:
    - Հարկաւ, պատասխանեց ծառան, ամիսը 40 դոլար կառնէ, ճամբու ծախքերն ալ զատ... այդ ծախքերու հաշիւէն ալ ամիսը 20 սուրիական մը կը շինէ:
    - Ծօ, ի՛նչ աղէկ գործ,- գոչեց Սեւ Կարօ,- ես այդչափ ամսականի փոխարէն մինակ Քրիստոսը չէՙ Աստուածածինը ու Առաքեալնե՛րն ալ կը բերեմ աշխարհ:
    - Եթէ յաջողի իր քարոզներով մէկը համոզել ու իրենց դարձնել, ատոր համար ալ զատ նուէր կը ստանայ,- բացատրեց ծառան:
    - Համոզուող կըլլա՞յ:
    - Շատ, մանաւանդ երբ իր ստանալիք նուէրին կէսն ալ անոր խոստանայ:
    - Ի՜նչ գործեր կան աշխարհի մէջ, որմէ տեղեկութիւն չունինք,- ըսաւ Թօմի:
    - Մենք ալ զինքը պակասամիտ փախուկի մը տեղը դրինք:
    - Մինչ խելացին ինք է, եւ ապուշը մենք ենք եղեր, իրեն պէս ուրիշ քարոզիչներ ալ կա՞ն:
    - Շա՜տ,- պատասխանեց ծառան,- ութը-տասը հատ ես միայն կը ճանչնամ... բայց ամենէն վարպետորդին այս եղբայր Բառնաբասն է:
    Ծառան դուրս ելաւ սենեակէն:
    ԵՐՎԱՆԴ ՕՏՅԱՆ
    «ԱԶԳ»
    Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից:

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Երուանդ Հ. Քասունի
    Հեղինակ՝ Tigris, բաժին` Վերլուծություններ, հոդվածներ, լուրեր
    Գրառումներ: 3
    Վերջինը: 23.06.2010, 11:19

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •