ՀԱՅՐ ՄԻՆԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԺՇԿԵԱՆ
Անուանի բանասէր, մանկավարժ, պատմաբան, ազգագրագէտ եւ ճանապարհորդ, Վենետիկի Մխիթարեան ուխտի միաբան հայր Մինաս վարդապետ Բժշկեան ծնած է 15 հոկտեմբեր 1777-ին, Տրապիզոն։
Ի ծնէ ուշիմ, մտացի եւ եռանդուն, Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքին մէջ ուսում ստացաւ եւ կուսակրօն հոգեւորական ձեռնադրուելէն ետք վանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց։ Ժամանակ մը ետք աբբահօր կարգադրութեամբ Ղարասուպազար փոխադրուեցաւ եւ քաղաքին Մխիթարեան վարժարանին տեսուչը եղաւ։ Միաժամանակ կրթական գործունէութիւն ծաւալեց նաեւ Պոլսոյ մէջ, եւ 1808-ին իր ջանքերով բացուեցաւ Բերայի Մխիթարեան վարժարանը, հոգեւորականներու պատրաստութեան առաջադրանքով։ 1814-ին մնայուն կերպով փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր այնուհետեւ կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց։
Պարզ, համեստ, առաքինի ու սրբակենցաղ, եւ շատ լայն ընդհանուր գիտելիքներով զինուած Մինաս վարդապետ հմուտ դաստիարակ էր, եւ իր հաղորդական բնաւորութեան շնորհիւ իր աշակերտներուն կուռքը դարձաւ։ Հայեցի տոհմիկ եւ կրօնական դաստիարակութեան եւ գիտութեան կողքին ան կը հաւատար թատրոնի դաստիարակիչ դերին եւ այդ պատճառով ալ թատերական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց։ Հայոց պատմութեան յիշատակելի ժամանակաշրջաններու, անուանի դէմքերու եւ անկիւնադարձային դէպքերու ու իրադարձութիւններու վերաբերեալ թատերախաղեր գրեց եւ անձնապէս զանոնք իր աշակերտներուն սորվեցնելով հանրութեան ներկայացուց զանոնք։ Անոնք Պոլսոյ մէջ թատերական առաջին ներկայացումները կը նկատուին։
Միաբանութեան որոշումով Մինաս վարդապետ 1817-ին փոխադրուեցաւ Տրապիզոն, ուր եւս կրթական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց։
Անխոնջ պրպտող եւ ուսումնասիրող, Մինաս վարդապետ հեղինակ է շարք մը աշխատութիւններու. 1815-ին լոյս ընծայեց «Ճեմարան գիտելեաց»ը, 1819-ին՝ «Պատմութիւն Պոնտոսի, որ է Սեաւ ծով»ը, իսկ 1828-ին՝ «Քերականութիւն ռուսերէն-հայերէն»ը։ Անոր գիտական հետաքրքրութիւններուն մաս կը կազմէին նաեւ ազգային երգարուեստի, միջնադարեան խազերու եւ հայկական ձայնագրութեան նոր համակարգի խնդիրները։ Մօտիկ էր իրեն ժամանակակից երաժշտագէտ պապա Համբարձում Լիմոնճեանին, եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ աւանդ ձգեց անոր կեանքին ու գործունէութեան մասին. նաեւ՝ անոր խորհուրդով եւ օգնութեամբ նոտեր շարադրեց հայ երաժշտութեան վերաբերեալ։ Մինաս վարդապետ նաեւ հեղինակ է երաժշտագիտական անտիպ աշխատութեան մը՝ «Երաժշտութիւն, որ է համառօտ տեղեկութիւն երաժշտական սկզբանց եւ ելեւէջութեանց եղանակաց եւ նշանագրաց խազից»։
Մինաս վարդապետ իր ժամանակի պայմաններուն համար բաւական տաժանելի ճանապարհորդութեան մը ձեռնարկեց դէպի Լեհաստան, ճամբուն վրայ այցելելով նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի երբեմնի հայաշատ տարբեր բնակավայրեր։ Այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին ան պատմական, ազգագրական ու վիճակագրական լայն տեղեկութիւններ հաւաքեց հայկական այդ հին գաղութներուն մասին. ան հասաւ ճիշդ այն ժամանակաշրջանին, երբ երբեմնի ծաղկուն գաղթավայրերէն շատ բան կորսուած, շատ բան սկսած էր անշքանալ ու մոռցուիլ։ Ճանապարհորդական այդ ուղեգրութիւնները 1830-ին ան լոյս ընծայեց «ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան», խորագիրով, ուր կ՚արձանագրէ պատմիչներուն աւանդած տեղեկութիւնները Անիի եւ դէպի Լեհաստան տեղի ունեցած գաղթերու մասին, եւ միաժամանակ օգտագործելով Անիի եւ Շիրակի պատմական յուշարձաններու արձանագրութիւնները, հնագիտական եւ ազգագրական տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Լեհաստանի, Մոլդավիոյ, Բեսարաբիոյ, Վալախիոյ եւ Բուլգարիոյ հայաբնակ վայրերուն, հայերու կենցաղային առանձնայատկութիւններուն, բարքերուն, սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ այլ յուշարձաններու մասին։
Մինաս վարդապետ մահացաւ 26 նոյեմբեր 1851-ին, Վենետիկի մէջ։
«Ազդակ»



Մեջբերել